Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Ստացուած Գիրքեր. «Ճամբորդութիւն` Առանց Հասցէի» Հեղինակ` Շահանդուխտ

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն 2015-ին, լոյս տեսաւ Շահանդուխտի «Ճամբորդութիւն` առանց հասցէի» գիրքը, բաղկացած` 119 էջերէ: Խմբագիր` Կարօ Յովհաննէսեան: Գիրքին մեկենասութիւնը ստանձնած են հայ գիրքի բարեկամներ:

Գիրքին նիւթը` Պէյրութի «Միտք» գրախանութի պաշտօնեայ Սոնայի եւ Դամասկոսէն Պէյրութ ժամանած ուսանող Սուրէնի պատմութիւնն է:

Սուրէն, ընդհանուր զարգացման տէր երիտասարդ, կ՛այցելէ «Միտք» գրախանութ, գիրքեր կ՛առնէ, կը ծանօթանայ Սոնային եւ կը համակրին իրարու:

Յետոյ Սուրէն կ՛աներեւութանայ եւ հինգ տարի ետք կրկին կը վերադառնայ Պէյրութ: Կրկին կը տեսնուին, կը մտերմանան:

1975-ի քաղաքացիական պատերազմին Սուրէն կը հեռանայ, Սոնայէն հրաժեշտ առնելէ ետք: Եւրոպայի մէջ Սուրէն կը ծանօթանայ օտարազգի աղջիկներու, կը մտերմանայ անոնց հետ, կ՛ունենայ սիրուհիներ: Սոնա կը շարունակէ սիրել Սուրէնը: Տարիները ոչինչ կրնան փոխել: Նոյն սէրն է, անփոփոխ, առանց ուրիշ սէր մը փնտռելու: Յաճախ կը մտածէ Սուրէնի մասին, կը հաւատայ, որ օր մը անպայման պիտի յայտնուի:

Սուրէնին սանձարձակ կեանքը հոգեկան տագնապ կը ստեղծէ: Կը յիշէ Սոնան, նամակ կը գրէ անոր. Սոնա կը պատասխանէ:

Տարիները կ՛անցնին, Սոնա հասուն տարիքի աղջիկ է, կը մոռնայ Սուրէնը, բայց չի կրնար ուրիշ մը սիրել. չի հաւատար անոնց անկեղծութեան:

Պատերազմը դադրած է: Սուրէն, արկածէ մը ապաքինած, օր մըն ալ կը հեռաձայնէ Սոնային: Սոնա կը դիմէ անտարբերութեան եւ արհամարհանքի:

«Նարեկ»-ը փնտռելու պահուն գիրքերու սեղմ արանքէն կ՛իյնայ Սուրէնին նկարը. Սոնա կ՛որոշէ ղրկել զայն եթէ յարմար ձեւ մը ըլլայ:

Տարիներ ետք Սուրէն անակնկալօրէն կը բախէ Սոնային դուռը. կը յուզուին. Սոնա նկարը կը յանձնէ եւ հրաժեշտ կ՛առնեն:

Սուրէնի մեկնումէն ետք Սոնայի միտքը դարձեալ կ՛ողողեն յուշերը, անցած օրերու յիշատակները: Սոնա կը մտորէ. ճրագ է, լոյս է կինը: Հրաշալիք մըն է իգական սեռը, որուն շնորհուած է աշխարհի գոյատեւումը ապահովելու մեծագոյն կարողութիւնը. զաւկի մը ծնունդն է, որով կը ջերմանայ ընտանիքը եւ կեանք կու տայ ապագայ կենսաւորութեան, նոր թռիչքի:

Յետպատերազմի «Միտք» գրատան տնօրէնութիւնը Սոնան կ՛ուղարկէ Անգլիա եւ Ֆրանսա, այնտեղ ստեղծուած գրավաճառութեան եւ մշակութային նորութիւններուն ծանօթանալու: Այդ օրերուն Սուրէն Պէյրութ կ՛այցելէ, կը հանդիպի «Միտք» գրատուն, կը հարցնէ Սոնան, զոր չի գտներ եւ տրտում դուրս կ՛ելլէ:

Սոնա կը ջանայ մոռացութեան տալ Սուրէնին հետ եղած հանդիպումներն ու սրտամօտ խօսքերը: Կը յիշէ մօտէն եւ հեռուէն իր ճանչցած երիտասարդները: Կը խոկայ, օր մըն ալ Սուրէն պիտի ըլլայ յիշողութիւն կամ մոռացում: Ան եղած էր «կար» ու «չկար»-ի հեքիաթին առասպելական մէկ կերպարը:

Ո՞վ պիտի կրնար սահմանել սէր հասկացողութեան բաղադրիչները. զգացո՞ւմ, իմացական յայտնութի՞ւն, գո՞ւթ, կարեկցութի՞ւն թէ անծանօթին յանձնուելու երազանք:

«Աչքէ հեռու, սիրտէ հեռու» առածը ժողովրդային իմաստութիւն է, ճշմարտութեան ցուցանիշ:

Օր մըն ալ Սուրէն անսպասելիօրէն կը հեռաձայնէ Սոնային. փափաք կը յայտնէ այցելելու: Կը հանդիպին: Ի՞նչ կրնային ըսել իրարու: Բարեկամութեան սահմագիծը ջնջուած էր:

Յետոյ Սուրէն կը մեկնի հեռաւոր երկիրներ, առանց հասցէ տալու: Ժապաւէններ պատրաստելու նպատակով ովկիանոսներու վրայ նաւարկելէ եւ արկածախնդրութիւններէ ու նաւաբեկումէ ետք կրկին կը վերադառնայ:

Սոնա կ՛եզրափակէ յիշելով.

«Կեանքի նաւակն հետք չթողուց իր ետին,
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,
Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի մը նման…»:

Լաւ օրինակ մը մխիթարուելու, կ՛ըսէ Սուրէն, աւարտելով իր «Երգ»-ը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>