Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Ստացուած Գիրքեր. Յուշագիրներ… (2007 – 2014) (Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն 2015-ին լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Յուշագիրներ… (2007-2014) հատորը, բաղկացած` 144 էջերէ: Գիրքը լոյս տեսած  է Սիտնի բնակութիւն հաստատած Հրաչ եւ Զոհրապ Գըւըրեան եղբայրներու մեկենասութեամբ, Պօղոս Սնապեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով:

«Յուշագիրներ»-ը կը կազմեն «Ազդակ»-ի գրական յաւելուած` Ազդակ գրական-Ազդակ արուեստ»-ի պարբերականի առաջին էջերուն լոյս տեսած խմբագրականները, 2007-էն 2014 թուականներուն վրայ երկարող:

«Ազդակ գրականը արդի մարտահրաւէրների խաչմերուկում» խօսքով հանդէս կու գայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Կարինէ Առաքելեան: Ան կ՛ըսէ, որ «Ազդակ գրական»-ը չափանիշ ընտրեց բարձր նշաձողը` թէ բովանդակութեան, թէ՛ ձեւի առումով, իսկ անսխալ եւ գեղեցիկ լեզուն անհրաժեշտ նախապայման տպագրութեան համար:

«Առ որ անկ է…» խորագիրով յօդուածով Սնապեան կը գրէ, որ ոչ երկար ժամանակ առաջ, հրատարակչական մեր հնարաւորութիւնները չափէն աւելի ժլատ էին ու մեծատաղանդ մեր գրագէտներուն տաղանդաւոր գործերուն ձեռագիրները կը մնային գզրոցներու մէջ կամ հանդէսներու էջերուն: Երէկ հարուստ էինք գրական մեծութիւններով, ու աղքատ հրատարակչական հնարաւորութիւններով: Այսօր ճիշդ հակառակ պատկերը կը ներկայացնէ գրական մեր կեանքը:

«Գրականութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ անցեալին, ասիական Պոլիս բնակող միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտ-աշակերտուհիները Վոսփորի նեղուցը կտրելով գիշերանց փութացած են Բերա, հոն տեղի ունեցող դասախօսութիւններուն ներկայ ըլլալու համար: Իսկ հիմա, գրական ձեռնարկներուն մեծ բացակաները այդ դեռատի հոգիներն են: Եթէ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչը պիտի չկարենայ նորերուն հոգին ձեւաւորել հայկական ժամանակին համապատասխան խմորումներով, ապա ուրեմն հայոց լեզուի ու գրականութեան ինչ ուսուցիչ:

«Վարձատրութիւնները սահմանող մարմիններուն» յօդուածին մէջ Սնապեան շեշտը կը դնէ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու տիպարներ ընտրելու կարեւորութեան եւ անոնց վարձատրութեան վրայ:

«Ընթերցողներուն» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան շեշտը կը դնէ ընթերցող գործօնին վրայ, ան` որ ընթերցումով պիտի լեցուի, ողողուի մէկուն խորհուրդով, միւսին լոյսով, երրորդին տարերքով, չորրորդին խոյանքով եւ միւսներուն կեցուցիչ ձայներով:

«Խմբագիրներուն» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ թերթը հետաքրքրութիւններ առաջացնելու պարտականութիւններ չունի միայն, հետաքրքրութիւններուն գոհացում տալու առաքելութիւնը նոյնպէս մաս կը կազմէ իր պարտականութեան:

«Օտարամոլներուն» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան շեշտը կը դնէ իրենց զաւակները կամովին առհաւական մեր յատկանիշներէն հեռու պահող եւ օտար վարժարան ուղարկող ծնողներուն վրայ:

«Համագումարներու կազմակերպիչներուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կը նշէ, որ համագումարներ սարքելու համաճարակ մը սկսած է հայ իրականութեան մէջ,

«Տնօրէններուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ ուրախալի է, որ ունինք ազգային հաստատութիւններու յանձանձման համար յատուկ օճախներ եւ անոնց գլուխը կանգնած տնօրէններ: Ուրախալի է նոյնպէս, որ անոնց շունչին տակ ունինք հոգի ձեւաւորող ուսուցիչներ, լրագրողներ, թարգմանիչներ, քարտուղարներ ու յարաբերական գործերը կարգաւորող պաշտօնեաներ, որոնք գլխահակ նուիրումով մը առաջ կը տանին իրենց վստահուած գործերը:

«Ճառախօսներուն…» գլուխով յօդուածին մէջ Սնապեան շեշտը կը դնէ ճառային մոլութեան վրայ:

«Քծնողներուն ու քծնուողներուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ աճած է թիւը հալածախտէ տառապող մեծաւորներուն ու դատարկութիւն մը պճնազարդելու մարմաջով տուայտող փոքրաւորներուն:

«Չենք գիտեր որու…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան շեշտը կը դնէ մտաւորական մարզին պարզած մտահոգիչ վիճակին վրայ:

«Կարծէք ձեւաւորելու կոչուած ուժերուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ ինչ որ կը պակսի մեզի հիմա` ընտրական մեր բնազդին առողջութիւնն է, որուն զուգահեռ յորդազեղ թուլութիւններուն հանդէպ ունինք հիւանդագին համակերպում մը:

«Մեծաւորներուն ու փոքրաւորներուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ կեանքը հաւասարութիւններու հիմամբ կազմուած երեւոյթ չէ, միշտ եղած են մեծաւորներ ու անոնց շուքին տակ անպակաս եղած են տարբեր աստիճանի փոքրաւորներ եւ այս երկու գործօններուն փոխյարաբերութենէն կախում ունի յաճախ կեանքի լուսաւոր թէ մթին իրադարձութիւններու ահագին քանակ մը:

«Յանձնարարողներուն ու յանձնարարուողներուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ յանձնարարողներն ու յանձնառուները երկու դասի կը բաժնուին, դրական եւ բացասական դերակատարութիւններով:

«Անինքնուրոյն – անդէմ, բոլորին, բոլորին» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կը գրէ, որ ինքնատպութիւնը միայն արուեստի աշխարհի յատուկ արժանիք չէ համարուած, անիկա պատկանած է ու կը պատկանի ամէնուրեք փնտռուած յատկանիշներու շարքին, կը փնտռուի նոյնիսկ  լեզուներու գործածութեան եղանակին մէջ, նոյնիսկ հագուստ-կապուստի պարագային, անգամ կենցաղայի դրսեւորումներու ընթացքին:

«Կ՛ուզէ կոր»-ին ընդառաջած կամակատարներուն» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ մշակութային մեր իրականութեան մէջ անընդհատ թոյլ ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան եւ անոնց ի գովք շնորհահանդէսներ կը սարքուին: «Ուզողները» հանգամանքներու տէր անձեր են, իսկ «կ՛ուզէ կոր»-ին ընդառաջացող թոյները կը դաւեն տղամարդկային կեցուածքներու:

«Շքանշաններ յանձանձողներուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ, որ խօսքը կը վերաբերի մտաւորական մարզերու մէջ շռայլուած շքանշաններուն, որոնք դժուարահաճ չափանիշներու հիմամբ շնորհուելու փոխարէն յաճախ կը զարդարեն ստրկամտութեան դրամագլուխով յարաբերութիւններ մշակող անարժաններուն կուրծքերը:

«Աղքատացման կուսակիցներուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան շեշտը կը դնէ աբեղեանական ուղղագրութենէն հրաժարելու անհրաժեշտութեան վրայ:

«Հասունութեան չհասածներուն…» խորագիրով յօդուածին մէջ Սնապեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ շռայլուող գովաբանական մրցավազքը եւ կ՛ըսէ, որ մանաւանդ գրողը պէտք է զգուշանայ չափազանցութիւններուն տուրք տալէ եւ պարտի յարգանք ունենալ բառերուն ճշմարտութեան հանդէպ, ըսել է` իր անձին հանդէպ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>