Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Էքրեմ Պուղրա Էքքինճի Պալեաններու Մասին. «Վոսփորի Մզկիթներու Մէջ Նամազ Ընողներ Չեն Գիտեր, Որ Այդ Կառոյցներու Հեղինակները Պալեաններն Են»

$
0
0

Նուսրեթիէ մզկիթ

«Թիւրքիյէ» թերթի յօդուածագիր Էրքեմ Պուղրա Էքքինճի յօդուածով մը անդրադարձած է հռչակաւոր Պալեան ընտանիքի պատմութեան ու ստեղծագործութիւններուն, նշելով, որ Վոսփորի մզկիթներու մէջ նամազ ընողներուն մեծամասնութիւնը չի գիտեր, որ այդ կառոյցներուն հեղինակները Պալեան արքունի ճարտարապետներն են:

Պէյլերպէյի պալատ

«Ծագումով կեսարացի Պալեաններու ընտանիքը ինը սերունդ շարունակ ճարտարապետներ կրթած է: 18-19-րդ դարերուն Պոլսոյ եւ անոր շրջակայքը կառուցուած բոլոր պալատները, մզկիթները, եկեղեցիները, ամարանոցները, զօրանոցները, դպրոցները, հիւանդանոցները, աշտարակները, աղբիւրներն ու թատրոնները Պալեաններու ձեռքի աշխատութիւններն են: Անոնք միաւորած էին եւրոպական ճարտարապետութեան սկզբունքներն ու արեւելեան ձեւաւորման միտումները` ստեղծելով սեփական իւրօրինակ ոճ մը: Իրենց կուտակած գիտելիքներն ու փորձառութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելով` անոնք նաեւ շարունակաբար կը զարգանային  ու կը յիշեցնէին իրենց մասին», կը գրէ թերթը:

Տոլմապահչէի պալատ

Այնուհետեւ, անդրադառնալով Պալեան ընտանիքի պատմութեան, յօդուածագիրը կը գրէ. «Պալեան մականունը նախ ամէնէն առաջ գործածած է վարպետ Գրիգոր (1764 – 1831), որ Կեսարիայէն տեղափոխուած իր հօր` Մէրմէթճի Պալի Գալֆայի անունով ինքզինք կոչած է Պալեան: Գրիգոր եղած է Սելիմ Գ. սուլթանի պալատական ճարտարապետը: Ան մեծ հեղինակութիւն ու պատիւ կըը վայելէր թէ՛ հայերու եւ թէ՛ կայսրութեան միւս բնակիչներուն մօտ: Գրիգոր այնքան մտերմացած էր Սելիմին յաջորդող Մահմուտ Բ. սուլթանին հետ, որ այս վերջինը Գրիգորն ու անոր ընտանիքը ազատեց հարկերէն ու շնորհեց բազմաթիւ արտօնութիւններ: Գրիգոր Պալեանի ամենայայտնի գործերէն են Սելիմէ զօրանոցն ու Նուսրեթիէ մզկիթը»:

Էքրեմ Պուղրա Էքքինճի յօդուածի յաջորդ բաժնով մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ Պալեան գերդաստանի յաջորդ սերունդներուն մասին ու կը գրէ հետեւեալը.

Գրիգորի որդի Կարապետ Ամիրա (1800-1866) նոյնպէս պալատական ճարտարապետ դարձաւ: Ան իր փեսայ Յովհաննէսի ու որդւոյն` Նիկողոսի հետ միասին` 1853-ին կառուցեց Տոլմապահչէի պալատը: Իր երեսնամեայ մասնագիտական գործունէութեան ընթացքիւն Կարապետ Պալեան կառուցեց` 7 պալատ, 4 գործարան, 1 զօրանոց, 1 մզկիթ, 7 եկեղեցի, 2 հիւանդանոց, 3 դպրոց, 2 ջրամբար:

Տոլմապահչէի ժամացոյցով աշտարակ

Կարապետի որդի Նիկողոս Պալեան (1825-1858), որ կրթութիւն ստացած էր Փարիզի մէջ, իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին արժէքաւոր գործերու հեղինակ դարձաւ: Իր ստեղծագործութիւններն են` Օրթագիւղի մզկիթը, Տոլմապահչէի ժամացոյցի աշտարակը: Իր եղբայրը` Յակոբ Պալեան (1937-1975), նոյնպէս Փարիզի մէջ կրթութիւն ստացած էր: Յակոբ Պալեանի ամենայայտնի աշխատանքը 1864-ին կառուցուած Պէյլերպէյի պալատն է: Կարապետի` որդիներէն Սիմոն Պալեան (1846-1894) նոյնպէս արքունի ճարտարապետ էր: Իր ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւնը Մաչքայի զինանոցն է:

Պալեաններու ընտանիքի ամենաականաւոր ներկայացուցիչը Սարգիս Պալեանն է (1831-1899): Ան 12 տարեկանէն ուսանած էր Փարիզի մէջ: Վերականգնելով Պոլսոյ` երկրաշարժէն ու հրդեհէն աւերուած շրջանները, Սարգիս նուաճած էր Ապտիւլ Համիտ սուլթանին վստահութիւնը:

Սարգիս Պալեան հեղինակն է աւելի քան 50 կառոյցներու, որոնցմէ են Գանտիլլիի Ատիլէ սուլթան ապարանքը, Եըլտըզ պալատական համալիրը, Աքսարայի Վալիտէ մզկիթը, Պոլսոյ համալսարանի շէնքը, Կալաթասարայ լիսէն, Համիտիէ մզկիթը եւ ժամացոյցի աշտարակը, եւ այլն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>