Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. …Որքա՜Ն Դիւրին Է Ամբաստանուիլն Ու Դատապարտուիլը

$
0
0

Թատրերգութիւն մըն է, որ պատահեցաւ փետրուար 8-9-ին, Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք` Մինսքի մէջ: Ողբերգութի՞ւն, եղերե՞րգ, թէ՞ ողբերգակատակերութիւն, այսինքն թրաժիքոմետի:

Եթէ հայոց բանաստեղծ եւ թատերագիր Մուշեղ Իշխանի համար «Մեռնիլը որքան դժուար է», ըստ երեւոյթին, շաբաթներէ ի վեր լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի առնչութեամբ, ստեղծուած թնճուկը տարբեր նիւթեր արծարծող թատրերգութիւններու դուռ կը բանայ` «Ամբաստանուիլը որքան հեշտ է», կամ «Դատապարտուիլն ալ` որքան դիւրին»:

Այսպէս, փետրուար 8-9-ի լուսցող գիշերուան ընթացքին Ազրպէյճանի մէկ պետական օդանաւը ժամանեց Մինսք եւ Պաքու փոխադրեց տեղւոյն ապահովութեան ուժերու կողմէ ձերբակալուած Լափշինը:

Ապշեցուցիչ եւ մտահոգիչ երեւոյթ: Պաշտօնապէս ազերի քարոզչական մեքենան ալ ներկայ էր, որ բազմաթիւ լուսանկարներով ցոյց տուաւ Ազրպէյճանի յաղթանակը:

Լափշին երեք քաղաքացիութեան տէր է. Ուքրանիա, Իսրայէլ եւ Ռուսիա: Նկատի ունենալով Ուքրանիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, վերջին երկու երկիրներու մասին անդրադառնալը աւելի կարեւոր եւ ազդեցիկ է:

Առաջին օրէն իսկ, Իսրայէլի պարագային, յստակ էր, որ «ձայն բարբառոյ յանապատի» դիրքորոշում մը որդեգրուած էր: Ոչ մէկ արտայայտութիւն, ոչ մէկ հետաքրքրութիւն, այլ` կրաւորականութիւն եւ անտարբերութիւն: Նոյնիսկ իր երկրին ծառայած անշունչ զինուորին դիակը ստանալու համար տասնեակ մը պաղեստինցի բանտարկեալներ կամ գերիներ վերադարձնող Իսրայէլին համար անկարեւոր եւ երկրորդական անձնաւորութիւն մըն էր Լափշինը: Ի վերջոյ նաեւ այլ կարեւոր կէտ մը` զինուորական եւ ռազմագիտական պիտոյքներու առուծախը` Պաքուի հետ, ի շարս այլոց` անօդաչու օդանաւեր, գերարդիական ռատարներ…

Քնեսեթի այս լռութեան դիմաց, Քրեմլինը տարբեր դիրքորոշում որդեգրեց` քանի մը անգամ հպանցիկ կարծիքներ արտայայտելով, մերթ քննադատական ոճով եւ մերթ լուսանցքային եւ անյստակ եզրակացութիւններով:

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով քննադատած էր Պաքուի որդեգրած քաղաքականութիւնը` յայտարարելով, որ այսպիսի թշնամական մօտեցում կրնար դժուարացնել Արցախի հիմնահարցի գծով տուած որոշումներուն գործադրութիւնը ու կիրարկուած քաղաքականութիւնը: Միեւնոյն նախարարութեան բանբերն ալ, յանձիս Մարիա Զախարովային, պաշտօնապէս արտայայտեց իր դժգոհութիւնը` նշելով, որ Ռուսիա պաշտօնապէս դէմ է իր երկրի քաղաքացի Լափշինը ձերբակալելու, արգելափակելու եւ Ազրպէյճան փոխադրելու Պիելոռուսիոյ որոշումին: Այս արտայայտութիւններէն քանի մը օր ետք, նոյնինքն Լաւրով այլ պղտոր եւ «լարախաղացի» արտայայտութիւն մը ունեցաւ` յայտնելով, թէ անցանկալի անձնաւորութիւններու ձերբակալութեանց եւ արտայանձնման բնագաւառէն ներս Մոսկուա եւ Մինսք համաձայնագիր ստորագրած են: Բնականաբար տնտեսական սերտ յարաբերութիւններն ալ ուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնը ունին այս «բարեկամ մնանք» գոյավիճակին վրայ:

Մինչ այդ, Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան, Լափշինի ձերբակալութեան եւ Պաքուի արտայանձնման վերաբերեալ հրապարակած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որ ձեւական բնոյթ ունի, նոյնքան ձեւական, որքան` Ազրպէյճանի մէջ շարունակուելիք ողբերգակատակերգութիւնը:

…Որքա՜ն դիւրին է ամբաստանուիլն ու դատապարտուիլը:

13 փետրուար  2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>