ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Յաճախ մենք մեզի հարց տուած ենք, թէ նշեալ ապստամբութիւնը կանխող ժամանակահատուածին` Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ստեղծման օրերուն, արդեօք հայութիւնը ինքնաճանաչման գագաթ նուաճած չէ՞ր, եւ կամ ինչպէ՞ս կրցած էր ամրագրել քաղաքական ու պետական մտքի հասունութիւնը:
Անշուշտ որ նուաճած էր, եւ` արդարօրէ՛ն:
Ուրեմն ինչո՛ւ շեշտադրել տուեալ ապստամբութիւնը եւ ամէն պատեհ առիթի վերաջրդեղել անոր պատմաքաղաքական իմաստն ու խորհուրդը: Ինչո՛ւ վերյիշել եւ վերարժեւորել այսպէս ըսած «անցողակի զինեալ միջադէպ» մը, «եղբայրասպան» յորջորջուած արարք մը, կարմիր (պոլշեւիկ) հորդաներուն դէմ «անյոյս» մաքառում մը, կարճ ժամանակի (42 օր) մէջ կատարուած քաղաքական դիպաշար մը, որուն աւարտը «կ՛անխատեսելի» էր ըստ ամենայնի:
Եթէ երբեք ուզենք պատմական կշիռ ունեցող նմանօրինակ դիպաշարի մը հիմնաւորումը ներկայացնել, առանձնապէս կ՛ընդգծենք երկու հանգամանք: Նախ` անոր համաժողովրդային եւ ինքնեկ ըլլալու բնոյթն է, ապա` բռնութիւններու, ահաւոր սպանդի եւ անասելի ստորնութիւններու դէմ դնելու ուժեղ կամքի ու վառ սրտի արտայայտութիւնը:
Ապստամբութիւն` ընդդէմ այդ օրերու կարմրաշառայլ հրէշներու եւ անոնց կատարածուներու կողմէ գործադրուած բռնութիւններու, սպանդի, կացինահարումի, բանտարգելութեան, կողոպուտի, աւերի ու համատարած խոշտանգումի:
Իսկ ամէնէն նողկալին այն էր, երբ հարիւրաւոր ազգային գործիչներ, ականաւոր դէմքեր եւ նուիրեալ ֆետայիներ (մեծաւ մասամբ դաշնակցականներ), հայրենի հողի վրայ, Արարատի լուսաւոր հայեացքին ներքեւ, Երեւանի սրտին կ՛ենթարկուէին հալածանքի եւ բնաջնջումի` յանուն միջազգային «եղբայրութեան» եւ կարմիր պոլշեւիկութեան «յաղթանակ»-ին:
Եւ այս բոլորը կը կատարուէր Հայաստանի հանրապետութեան անկումին (2 դեկտեմբեր 1920) յաջորդող ամիսներուն, հակառակ համայնավար Լըքրաններու «հաւաստիացում»-ին, թէ տեղի պիտի ունենար իշխանութեան խաղաղ փոխանցում:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ Դրոյի հետ համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէր ազատ ու անկաշկանդ պահել հայրենի ժողովուրդը եւ առանց արիւնահեղութեան պետական կարգն ու սարքը յանձնել պոլշեւիկ Կասեաններու եւ Նուրիջանեաններու: Սակայն կը պատահէր աննախատեսելին, երբ Յեղկոմի Հայաստան մուտքով արդէն սկիզբ կ՛առնէին բարբարոսութիւններու կարմիր տարբերակը, որոնց զոհ կը դառնային հայ ժողովուրդի ընտիր զաւակները:
10 փետրուարին արդէն Երեւանի բանտերը դարձած էին սպանդանոց, ուր կացինահար կը սպաննուէին ազգի պաշտպան նուիրեալներ: Միւս կողմէ, նման տմարդի կացութեան զոհ պիտի դառնային հայ քաղաքական գործիչներու, երեւելիներու եւ մտաւորականներու փաղանգներ, եթէ երբեք չպայթէր ժողովրդային պոռթկումն ու ցասումը, եւ հայութիւնը տէր չկանգնէր իր սեփական ճակատագիրին:
Փաստօրէն, ազգի ըմբոստ ոգին կ՛արթննար, ազատատենչ հայութեան սիրտը կը բաբախէր պայքարի ու յաղթանակի գիտակցութեամբ, հայ արհեստաւորն ու մշակը, պաշտօնեան եւ ուսուցիչը, մէկ խօսքով` ժողովուրդ մը ամբողջ իր բոլոր շերտերով եւ քաղաքական ուղղուածութեամբ կը նետուէր պայքարի դաշտ` յանուն ազգային արժանապատուութեան, հայրենիքի եւ ազգի մնացորդացի փրկութեան:
18 փետրուար 1921:
Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ստեղծումով արդէն զարկ կը տրուէր համաժողովրդային ըմբոստացումի շարժումին: Փորձառու հայդուկ եւ հայրենասէր զինուորական Կուռօ Թարխանեան կը ստանձնէր ապստամբ ուժերու ղեկը եւ կը լծուէր համայնավար հորդաներու դէմ անհաւասար մաքառումին: Հայկական ուժերը կը յաջողին հասնիլ Երեւանի շրջան, մուտք գործել սպանդանոց-բանտերը, ազատել արգելափակեալ ազգայինները եւ հալածել պոլշեւիկ խուժանը:
Յեղկոմի դէպի Արտաշատ-Վեդիի շրջան փախուստէն ետք հայութիւնը կրկին Եռագոյնը կը պարզէր պետական կառոյցներու վրայ եւ կը հաստատէր իր տիրութիւնը` իբրեւ ինքնիշխան ու ազատ երկիր, որ սակայն տեւեց մինչեւ 1 ապրիլ:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ նոյն կիսանկախ վիճակը կը պարզուէր Երեւանէն դուրս այլ շրջաններու եւ գաւառներու մէջ: Հայութիւնը կրկին կը շնչէր ազատութիւնը:
Յայտնապէս, նման քաղաքական թէ զինուորական կացութիւններու դէմ յանդիման հայութիւնը կը միաւորուէր սրբազան արարքի, գաղափարի ու տեսլականի շուրջ: Ան բռունցք կը դառնար եւ ըստ էութեան կ՛արժեւորէր ժողովուրդի մէկութեան գաղափարականը: Իսկ ըմբոստութիւնը` ազգային ոգեկան հարստութիւններու եւ միասնակամութեան ամէնէն սրբազան ապրումն էր, որ ինքզինք կը դրսեւորէր եւ իր բարձրագոռ ձայնը լսելի կը դարձնէր ընդդէմ պոլշեւիկ-հայատեացներու, որոնք մտադրած էին շարունակել թրքութեան բնաջինջ քաղաքականութիւնը:
Իրօք Մայիսեան յաղթանակներէն ետք (1918), հայութիւնը կը նուաճէր ինքնաճանաչման նոր մակարդակ մը, որով պիտի կարենար ինքզինք պարտադրել իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն, որ տէր է հաւաքական արժանապատութեան եւ յիշողութեան: Եւ հետագայ տարիները ցոյց տուին, որ, թէկուզ կարմիր մականի ենթակայ երկիր մըն էր Հայաստան, այդուամենայնիւ տուեալ հողին վրայ ապրող բուռ մը հայութիւնը պահեց ու պահպանեց ազգային ոգեկան հարստութիւնները, յիշեց եւ յիշատակեց ամէն նուիրական արժէք ու արժանիք եւ հասաւ սրբազան այն օրուան, երբ կրկին ըմբոստացաւ թուրք-ազերի զազրութեան դէմ եւ կերտեց ներկայի իր յաղթանակը:
Միաւորուած ու ազատատենչ հայութիւնը ազատագրեց Արցախը եւ անոր խրոխտ լեռներու գագաթին խարսխեց Եռագոյն դրօշակը: Դրօշակ, որ խորքին մէջ կը մարմնաւորէ հայութեան ազատ ու ինքնիշխան ապրելու կամքը, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան շաղախը:
Ահաւասիկ պորտակապը, որ կը միաւորէ երէկն (1921) ու այսօրը (1988), որոնց հիմքը հայութեան ապստամբ ոգին է ընդդէմ բոլոր բռնութիւններու:
Միւս կողմէ, ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ նման պատմական դիպաշարի խորհուրդը ագուցելու մեր ներկային, այս պարագային` նորանկախ պետականութեան: Շատ պարզ է ու մէկին` հայութեան ներկան ու ապագան զերծ պահել ներքին ցնցումներէ եւ քաղաքական ապաշնորհ վարքագիծերէ:
Փաստօրէն, վերանկախ Հայաստանի վերջին 25 տարիները կը յուշեն, որ Արարատի հայեացքին ներքեւ նաեւ տեղի ունեցան դէպքեր (մարտ մէկեան), ցոյցեր, միթինկներ եւ զինեալ ըմբոստութիւն (ընդդէմ վարչակարգի), որոնք կը սպառնային հայ պետականութեան հիմերուն, եթէ երբեք հայութիւնը չսթափէր եւ համբերութեամբ չտանէր պարտադրուած կացութիւնը:
Հակառակ ժողովրդային պահանջներու արդարացիութեան, պոռթկումին ու ցասումին, այլապէս հայրենի վարչակարգին մէջ առկայ անմարսելի աստիճանի հասած փտածութեան, հովանաւորչութեան, երկրին մէջ տիրող աղքատութեան, անգործութեան, արտագաղթին եւ անհեռանկար կեանքին, հայը ուր ալ գտնուեցաւ, արձակեց նոյն կոչն ու ահազանգեց` հեռու մնալ ներազգային կեանքին մէջ որոմներ սերմանելէ եւ զոհ չդառնալ արդէն ծրագրուած մեծապետական որոգայթներու:
Այս օրերուն, մարդկութիւնը քաջածանօթ եւ ականատես է համաշխարհային խօլ մրցակցութիւններու եւ բնաջինջ քաղաքականութիւններու, որոնց մէկ դրսեւորումը միջարեւելեան երկիրներու իրավիճակն է: Եւ ճիշդ նման հրամայականէ թելադրուած, հայրենի պետական կարգն ու սարքը, քաղաքական միտքն ու ամբողջ վարչակարգը պարտաւոր է ինքնասրբագրութեան ճանապարհին մէջ գտնուելու եւ պատեհութիւններ ստեղծելու սեփական ժողովուրդին` ինքզինք արտայայտելու եւ իր խօսքը ըսելու: Ժողովուրդն է սեփականատէրը իր ճակատագիրին ու հայրենիքին:
Այս առումով իրերայաջորդ հայրենի վարչակարգ(եր) պարտաւոր են վառ պահել ժողովուրդին ապստամբական ոգին ու ազատատենչ ձգտումները, սակայն` յանուն օտարի բռնութիւններու դիմակայման եւ թշնամիներու բնաջնջման:
Այլապէս ալ այս օրերու «գարուն»-ները կը յատկանշուին իրենց քանդիչ փոթորիկներու եւ համայնակուլ տեսարաններու առկայութեամբ: