«Ազդակ»-ի 90-ամեակի ծրագիրներու ընդհանուր ծիրին մէջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ «Ազդակ»-ի համագործակցութիւնը կը շարունակուի` հայ մամուլի թույանցման ծաւալային աշխատանքներ իրականացնելու ողղութեամբ:
10 փետրուարին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարքարեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Աղասի Ազիզեան, որ իր նպաստը կը բերէ յատկապէս դաշնակցական մամուլի նկարահանուած թիւերը «Ազդակ»-ին հասցնելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Հայկանուշ Ղազարեան:
Այս համագործակցութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ այն առումով, որ մամուլի եւ ընդհանրապէս հնատիպ հրատարակութիւններու հսկայական շտեմարան ունեցող Հայաստանի Ազգային գրադարանի նկարահանման եւ թուայնացման բաժանմունքը լիաժամ եւ արհեստավարժ աշխատանք կը կատարէ տպագիր ծաւալուն արխիւները թուայնացնելու եւ «Ազդակ»-ի հետ համագործակութեամբ այդ բոլորը նաեւ որակաւոր որոնման համակարգով օժտելու:
90-ամեակի ծրագիրներու շրջածիրին մէջ կայացաւ նաեւ նախնական համաձայնութիւն Ազգային գրադարանի դահլիճին մէջ Հայաստանի Ազգային գրադարանը գտնուող «Ազդակ»-ի թիւերու եւ հրատարակութիւններու ցուցահանդէս կազմակերպելու առնչութեամբ:
Այս հանդիպումին ընթացքին Շահան Գանտահարեան Տիգրան Զարքարեանին յանձնեց «Ազդակ»-ի յարկին տակ թուայնացուած «Գոյամարտ»-ի «տի. վի. տի.»-ներուն օրինակները:
Լուսանկարները՝
ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի