7 դեկտեմբեր 1988-ի չարաբաստիկ օրէն անցած է 28 տարի: 28 տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդը անցաւ յաղթանակներու եւ տագնապներու ուղիով:
Երկրաշարժը աննախադէպ էր իր խլած մարդկային զոհերով ու համահայկական ցնցումով:
Աշխարհը ու մանաւանդ հայութիւնը զարհուրանքով հետեւեցաւ մեր հայրենիքի հիւսիսային շրջաններու փլուզումին, մեր հայրենակիցներու ողբերգութեան ու ձեռք երկարեց մեր ժողովուրդին` քաջ գիտնալով, որ ան պիտի կարենայ կրկին ոտքի կանգնիլ ու ծաղկեցնել իր հողն ու տունը:
Համայն հայութիւնը մէկ բռունցք դարձաւ ու իր կարելին ըրաւ ամոքելու մեր հայրենակիցներուն ցաւը, յոյս ներշնչելու աղէտահար մեր ժողովուրդին:
Միասնութեան այս երեւոյթը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք սոսկ մարդասիրական ոլորտին մէջ չսահմանափակուեցաւ, այլեւ ընդլայնեցաւ` ընդգրկելով ազգային մեր տեսլականներու իրագործման դաշտը:
Այնուհետեւ վրայ հասան Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի ազատագրական պայքարի տարիները, ու մեր ժողովուրդը իր միասնականութիւնը պսակեց գործով:
Դէպի Հայաստան եւ Արցախ ուղղուեցաւ հայկական կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն հայեացքը: Հայաստանի մէջ վերընձիւղուեցան հայկական կուսակցութիւններ, միութիւններ: Արցախի ազատագրումին մասնակցեցան աշխարհասփիւռ հայորդիներ ու տարուէ տարի ոչ միայն սպիանալ սկսան երկրաշարժի վէրքերը, այլեւ արդիւնաւորուիլ սկսաւ մեր ժողովուրդի հաւաքական ձգտումը յանուն մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի յառաջընթացին:
Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն զուգադիպեցաւ Սպիտակի ու Գիւմրիի երկրաշարժը, որուն յաջորդող տարիներուն մեր ժողովուրդը իր ցաւերը ամոքեց անկախութեան յաղթանակով` համայն աշխարհին որպէս ազատ ու անկախ պետականութիւն ունեցող ինքնիշխան երկիր ներկայանալով:
Սփիւռքը եւս գօտեպնդուեցաւ` ունենալով անկախ հայրենիք, ունենալով քաղաքական յենարան ու յաջորդող տարիներուն սփիւռքի դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստեց մեր անկախ հայրենիքը` իր պետութեամբ, իր դիւանագիտական տարողունակ աշխատանքով:
2011-ին ծայր առաւ սուրիական տագնապը, եւ անկախ մեր հայրենիքը այս անգամ փութաց աղէտահար սուրիահայութեան օգնութեան` իր գիրկը ընդունելով պատերազմի արհաւիրքէն յոգնաբեկ դարձած հայորդիները, հնարաւորինս օժանդակելով անոնց ու զօրավիգ կանգնելով սուրիահայ գոյատեւող համայնքին:
Միտք բանին. երկրաշարժի դառն օրերով ամրապնդուած մեր միասնութիւնը տարուէ տարի առաւել իմաստաւորուեցաւ ու համազգային զօրաշարժի վերածուեցաւ` ծառայելով ոչ միայն մեր ցաւերու ամոքման, այլեւ` մեր ձեռքբերումներու ամրագրման: