ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կեանքը հեւքո՛տ է: Մինչեւ գլուխ խեղդուած ենք գործի մէջ, շունչ առնելու ժամանակ չունինք:
Ամէն անգամ, երբ որեւէ բանի մէջ թերանանք, առաջին մեղաւորը մեր հեւքոտ կեանքն է, բազմազբաղութիւնը, ժամանակի անբաւարարութիւնը:
Ժողովի չենք երթար, ձեռնարկներու չենք ներկայանար, միութենական կեանքի չենք մասնակցիր, որովհետեւ մեր հեւքոտ առօրեան կը սպառէ մեզ, եւ հազիւ տուն հասած` մեզ, աշխարհէն կտրուելու տրամադրութեան մէջ կը նետէ:
Հեւքէն պարտուողներուն դժուար թէ կարենանք կատարել այնպիսի առաջարկներ, որոնք որոշ որ խանդավառութիւն մը կը ստեղծեն անոնց մէջ ու հաւաքական կեանքին միանալու կը մղեն զանոնք: Յամենայն դէպս շարունակ պէտք է փորձենք, պէտք է աշխատինք ու ճար մը գտնենք:
Բայց աւելի մեծ դժբախտութիւնը այն է, որ միութենական կեանքը, նոյնիսկ` ամէնէն սովորական, հանգիստ կշռոյթով ընթանալու համար, իր ղեկավարներէն բաւական հեւք ու վազվզուք կը պահանջէ: Իրենց այդ վազքին մէջ միութիւններու պատասխանատուները կ՛իյնան այնպիսի վայրագ շրջանակի մէջ, որ զիրենք կը զրկէ պահ մը կանգ առնելու ու հեռանկարային ծրագիրներու մասին մտածելու կարելիութենէն: Եւ կը սկսի անկումը, միութեան վայրընթացը, որուն մեղքը դարձեալ ու դարձեալ պիտի բեռցուի յանուն նոյն միութեան տարուած աշխատանքի հեւքին:
Իսկական մարտահրաւէրը հեւքը յաղթահարե՛լն է, ինչին համար թերեւս ամէնէն զօրաւոր միջոցը, ի գին ժամանակաւոր ձախողութեան, պահ մը կանգ առնելն է արժեւորելու համար հեւքով ընթացող աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը, նպատակայարմարութիւնը:
Ամէնէն կարեւորը` «հեւք»-ին վրայ չբարդենք մեղքը եւ ընդհանրապէս մեզմէ դուրս մեղաւորներ փնտռելու սովորութիւնը մոռնանք: