Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13577

«Ֆոնեթոն-2016»-ը 1,34 Միլիոն Եւրօ Գոյացուց Ի Նպաստ «Հայաստան» Հիմնադրամին

$
0
0

222222222

Նոյեմբեր 20-ին աւարտեցաւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ու Իրաքի աղէտեալ հայ բնակչութեան ի նպաստ` Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամին կազմակերպած «Ֆոնեթոն-2016»-ը:

Ըստ «Հայերն Այսօր»-ին, Փարիզի, Լիոնի, Թուլուզի եւ Մարսէյի հեռաձայնային կեդրոններէն մօտաւորապէս 700 կամաւորներ չորս օրերու ընթացքին հեռաձայնած են 46.000 ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու. կարելի եղած է 4 երկիրներէ` Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն եւ Զուիցերիայէն հանգանակել մօտաւորապէս 1,34 միլիոն եւրոյի հասնող նուիրատուութեանց խոստում, ինչ որ անցեալ տարուան հանգանակութենէն 1 տոկոս աւելի է:

Յատկանշական է, որ 1700 նոր անուններ աւելցած են նախորդ տարիներու նուիրատուներու ցանկին վրայ` նուիրատու ընտանիքներուն եւ ընկերութիւններուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 10.200-ի:

Հանգանակուած գումարները պիտի գործածուին գլխաւորաբար երեք ուղղութիւններով` Հայաստանի մէջ Տաւուշի սահմանամերձ շրջանի գիւղերուն, Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն տուժած շրջաններուն եւ Հալէպի ու Մուսուլի հայ բնակչութեան օգնելու:

Տակաւին կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել` այցելելով www.fondsarmenien.org կայքը, կամ մինչեւ յունուար 15 դիմելով 0810-24-24-24 թիւին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13577

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>