Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բացումին Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

mv-7_112316

Երէկ երեկոյեան յոբելենական համերգին առիթով պատրաստուած գրքոյկին մէջ տեղադրած էինք նկար մը, ուր օրին, քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, իբրեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Պուրճ Համուտի պատասխանատուներուն եւ պահակ տղոց ընկերակցութեամբ կը շրջագայէիք ռմբակոծումներու թիրախ դարձած հայկական թաղամասերը, իրազեկ դառնալու համար արձանագրուած մարդկային ու նիւթական կորուստներուն: Այսօր` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ, նոյն այդ թաղամասերու կողքին, մօտաւորապէս 30 տարիներ ետք, բացումը կը կատարէք հայկական սփիւռքի մէջ կրթական ամէնէն արդիական կառոյցին: Վստահաբար ապրումներն ու զգացումները կը հրմշտկեն զիրար, եւ այս պահուն ձեր մտապատկերին վրայ ամբողջ կեանք մը կը տողանցէ` սկսելով Քարանթինայի հայկական թաղամասերէն, անցնելով դպրեվանք, հասնելով Պուրճ Համուտ եւ ապա Անթիլիաս եւ այս բոլորին միացնող հիմնական օղակը, իբրեւ կազմաւորում, ներշնչում եւ ծառայութիւն, կեդրոնական այս գաղութն է` լիբանանահայ գաղութը, ուրկէ ճառագայթեց ու կը շարունակէ ճառագայթել ձեր առաքելութիւնը եւ ծառայութիւնը:

Վստահաբար այսօր ունի՛ք հնարաւորութիւնը` լիբանանահայ գաղութի դրսեւորած կենսունակութեան եւ վճռակամութեան նոր փաստի մը դիմաց դնելու ամբողջ հայաշխարհը, ինպէս նաեւ վկայելու անոր վերականգնումի, վերակերտումի, վերակազմաւորումի նուաճած հարուստ կենսափորձը:

Ահաւասիկ Ազգային Միացեալ վարժարանը կը սկսի այսօր դառնալ ապրող իրականութիւն: Մեր հաւաքական կեանքին մէջ մեծ ծրագիրներու, մեծ որոշումներու, մեծ նախաձեռնութիւններու երկունքը դիւրին չի կրնար ըլլալ: Այդ բոլորը կ՛ենթադրէ ջիղերու պրկում, տարակարծութիւններ, հակասող տեսակէտներ, անհանգիստ մօտեցումներ, անորոշութիւններ, մտահոգութիւններ եւ քննադատութիւններ: Վերջ ի վերջոյ այս բոլորին չգոյութիւնը անբնական հանգամանք է, սակայն մեծութիւններն են նաեւ,  որ կրնան այդ մեծ տեսիլքը ունենալ, ծրագիրները մշակել ու գործադրութեան դնել եւ անոնց բարեյաջող ընթացքը երաշխաւորել: Մեծութիւններն են միայն, որ կրնան ամուր կանգնած քաջ որոշում կայացնել, վստահելով առաջին հերթին Աստուծոյ, ապա իրենց կամքին, անշահախնդիր ու անմնացորդ աշխատանքին եւ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու ճկունութեան եւ ունակութեան: Կարճ` մեծութիւնները ազգի մը արժանապատուութիւնը եւ գոյերթը կը պահեն հարազատ պատուանդանին վրայ: Ահաւասիկ այս մօտեցումով եւ այս համապատկերին մէջ այսօր ծնունդ կ՛առնէ Ազգային միացեալ վարժարանը: Շնորհաւո՛ր ողջ լիբանանահայութեան իր տեսակին մէջ այս աննախընթաց ու աննախադէպ իրագործումը:

Ահաւասիկ Լիբանանի Հայոց ազգային առաջնորդարանը աւելի քան 30 միլիոն տոլար արժող այս շքեղ կառոյցը կը նուիրէ լիբանանահայութեան:Կը նուիրէ Լիբանանի հանդէպ իր ունեցած ամուր հաւատքով, լիբանանահայութեան յաւելեալ ճառագայթումի հաստատ տեսիլքով, նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան նոր ու անառիկ ամրոց մը ստեղծելու գիտակից յանձնառութեամբ եւ վերջապէս հայ կեանքէն ու մեր միջավայրէն հեռացած, տեղ մըն ալ օտարացած զաւակները հայկական տաք օճախի մէջ համախմբելու, հարազատ տուն կանչելու գեղեցիկ փափաքով: Այս կառոյցի հիմնումով հայերէն խօսելու, հայօրէն շնչելու, հայկականութեամբ լեցուելու ու հպարտանալու եւ միաժամանակ Լիբանանցի լաւ քաղաքացի դառնալու, եւ իբրեւ ուսումնատենչ ու ապագայատեսիլ երիտասարդ կազմաւորուելու հայավայել հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի ներկայ սերունդին: Այլ խօսքով, այսօր մենք մարդուժի պատրաստութեան նոր ու արդի պայմաններու համահունչ. չգործող կառոյց մըն է, որ կը դնենք մեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ` քաջ գիտակցելով որ այս բոլորին խիստ կարիքը ունի այսօր լիբանանահայ գաղութը, որպէսզի իր կեանքին տայ նոր որակ, վերաշխուժացման, վերաթարմացման ու վերաուժեղացման նոր սլացք ու մղում, որպէսզի կեդրոնական գաղութի դերն ու նշանակութիւնը աւելիով շեշտաւորուի եւ երբեք չխամրի:

Մեր յաղթանակի երգը կ՛ըսէ. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնարք…»: Այսօր փաստօրէն, այս մտածողութեան գերակշռող հանգամանքն է, որ ինքզինք կը դնէ մեր դիմաց ու կը պարտաւորեցնէ բոլորս դառնալու պատմութենէն եկող եւ ինքզինք մշտանորոգ կերպով կենսաւորող այս պատգամին:

Մենք անկեղծ ենք եւ կ՛ընդունինք, որ ասկէ ետք ալ մեր գործը դիւրին չէ, յաղթանակներն ու նուաճումները կերտելէն աւելի զանոնք պահելը,  եւ պահպանելը ու լիիրաւ կերպով կենսաւորելը հրամայական անհրաժեշտութիւններ են, եւ անոնք կ՛ենթադրեն նոյնքա՛ն աշխատանք, զոհողութիւն եւ հաւաքական ու միասնական ճիգ ու ներդրում:

Այս պատմական օրուան առիթով կու գանք մեր երախտագիտութիւնները յայտնելու Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան եւ Ռուբինեան վարժարաններու անցնող տասնամեակներուն ծառայած տնօրէնութիւներուն, խնամակալութիւններուն, Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբերուն, բարերարներուն, ուսուցիչներու եւ անձնակազմերուն, որոնց ճիգին ու վաստակին արգասիքն է  որ մենք կ՛ապրինք, եւ որով կը հպարտանանք այսօր: Վաստակաշատ այդ բոլոր սերունդներուն հանդէպ մեր մեծագոյն երախտապարտութեան դրսեւորումը այսօր պիտի ըլլայ իրենց սկսած առաքելութեան շարունակականութեան ապահովումը, որ փաստօրէն կարելիութիւն կը դառնայ շնորհիւ այս նոր կրթական կառոյցին:

Այո՛, իրենք պատրաստեցին այսօրուան մեր օրը,  իսկ այս կառոյցը պիտի գայ պատրաստելու մեր վաղուան օրը: Վայե՛լ է քեզ, լիբանանահայութիւն եւ մանաւա՛նդ Պուրճ Համուտ, այս կրթական համալիրը: Դուն անցնող 60-70 տարիներուն շատ բան տուիր մեր հայ կեանքին, մեր պահանջատիրական երթին, մեր հայրենիքին ու մեր ազգային մեծ տեսլականին: Ասկէ ետք ալ պիտի շարունակես տալ, որովհետեւ այսպիսի կառոյցներու մէջ քու զաւակներդ պիտի կազմաւորուին իրենց ճակատը բարձր ու հպարտ, ստանան իրենց ուսումը կատարեալ եւ նետուին կեանքի ասպարէզ` յաջողած մարդու եւ հայկական պատկանելիութեան հարուստ զինամթերքով:

Շնորհակալութիւն այս ծրագիրի իրականացման մէջ իրենց ներդրումը բերած առաջնորդ սրբազան հայրերուն, ազգային իրերայաջորդ վարչութիւններուն, ուսումնական խորհուրդներուն, շինարարական յանձնախումբերու մաս կազմած ազգայիններուն, կրթական խորհուրդներուն, պատկան մարմիններուն, հայկական երեսփոխանական գրասենեակին եւ վերջապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ կալուածի ապահովումէն եւ  այս ծրագրի մեկնարկէն ի վեր մինչեւ այսօր կը շարունակէ հիմնական ներդրում ունենալ աշխատանքային բոլոր հանգրուաններուն մէջ: Բոլորին վարձքը կատա՛ր: Տակաւի՛ն, երախտագիտութեան յատուկ խօսք ցարդ նիւթապէս սատարած բոլոր բարերարներուն, որոնց անունները այլ առիթով յիշատակելու առիթ պիտի ունենանք:

Վերջապէս այս պատմական օրուան առիթով,  յանուն Լիբանանի հայոց թեմի ազգային վարչութեան եւ առաջնորդարանի բոլոր կառոյցներուն, ձեր բոլորին դիմաց կու գանք խոստանալու, որ մենք ո՛չ մէկ ճիգ պիտի խնայենք հայեցի առողջ սերունդներու պատրաստութեան սրբազան ու ազգային առաքելութեան մէջ եւ մեր Ազգային միացեալ վարժարանով, Եղիշէ Մանուկեան եւ Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճներով, Խանամիրեան եւ Նուպարեան դպրոցներով մեր գաղութի կեանքին մէջ հայ դպրոցը պիտի վերածենք յաւելեալ ճառագայթող ներկայութեան, պիտի գուրգուրանք հայ կրթական մշակի  կոչումին վրայ, զայն պիտի դարձնենք մեր կեանքին մէջ մնայուն դերակատար, որովհետեւ ինքն է մեր վաղուան օրը պատրաստողը: Այո՛, մեր կեանքն խիստ կարիքն ունի մասնագէտ, վկայեալ եւ իր կոչումի կիրարկման մէջ գերագոյն հաճոյք ապրող, ազգի վաղուան ճակատամարտերուն մարդուժ պատրաստող կրթական մշակներու, որոնք շատ են մեր կեանքին մէջ սակայն կը մնայ զանոնք համախմբել ու արժեւորել, որպէսզի իրենց քրտինքը թափեն հայկական դաշտին մէջ: Կը խոստանանք ճիգ չխնայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ կասեցնելու հայկական արժէքներէ, աւանդութիւններէ եւ ապրումներէ ամէն տեսակի օտարացման փորձութիւն:

Այս առիթով կու գանք անգամ մը եւս յիշեցնելու եւ հաստատելու Ազգային երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային մարմիններու վճռական որոշումը` որ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական առաջին զանգէն առաջ Ազգային առաջնորդարանը փակած պիտի ըլլայ նախկին դպրոցներու առնչուած նիւթական բոլոր պարտաւորութիւնները:

Կը խոստանանք այս բոլորը, վստահելով ձեզի՛, բոլորի՛դ, հաւատալով, որ պիտի շարունակէք մնալ հայ դպրոցին կողքին, որովհետեւ առանց հայ դպրոցի մի՛ երեւակայէք նորահաս սերունդ եւ առանց նորահաս սերունդի կարելի չէ երաշխաւորել հայութեան երթը: Աշխատանքը կը սպասէ բոլորիս, եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ անպայման որ հաստատ քայլերով մեր սերունդները պիտի առաջնորդենք դէպի լուսաւոր ապագայ:

Կեցցէ՛ Ազգային Միացեալ վարժարանը:

Կեցցէ՛ լիբանանահայութիւնը…

23 նոյեմբեր 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>