Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13596

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Նոյեմբեր Գ.- Դուն Ի՞նչ Ըրած Ես Ղարաբաղի Համար

$
0
0

forartsakh_111716

20-24 հոկտեմբերին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինին աջակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:

24 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դուն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» խորագրեալ շարժում մը` ամբողջ աշխարհի հայութիւնը մասնակից դարձնելու ԼՂՀ-ի օգնութեան, ներդրումներու խթանումին, ԼՂՀ-ի ընկերային-տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման:

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ զանազան հայ գաղութներ արդէն սկսած են արձագանգել սփիւռքի նախարարութեան այս կոչին:

Այսօր Սուրիան կ՛ապրի քաղաքական-տնտեսական անձուկ պայմաններու եւ համատարած անապահովութեան մէջ ու ազգային, համայնքային մարմիններու օրակարգերը կը ծանրաբեռնուին քաղաքացիական-հասարակական հրատապ հարցերով. այդուհանդերձ, այդ օրակարգերուն ու տրուելիք որոշումներուն մէջ անպայման տեղ կը գտնեն Արցախն ու արցախահայութիւնը` որպէս ազգային մեր տեսլականին, պահանջատիրական մեր երթին ու ազգային ինքնութեան պահպանման անքակտելի օղակներ:

Արցախի զօրակցութիւնը չի սահմանափակուիր լոկ նիւթական օժանդակութեամբ:

Արցախին կրնանք զօրակցիլ քարոզչական միջոցներով` նախ հայ ընթերցողը իրազեկ դարձնելով Արցախի քաղաքական եւ հասարակական իրադարձութիւններուն, ապա նաեւ` ձախողութեան մատնելով Արցախի գոյապայքարին գծով հակառակորդին ապատեղեկատուական արշաւը: Այս աշխատանքին կարելի է նպաստել սուրիական մեր միջավայրին մէջ Արցախի հարցին էութիւնը պարզող քարոզչական աշխատանքներով, ապա նաեւ տեղացի կամ արաբական լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներ ուղղելով Արցախ` ծանօթանալու Արցախին, անոր պայքարի էութեան եւ ճշմարտութիւնը ներկայացնելու Սուրիոյ արաբ հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն:

Արցախին կրնանք զօրակցիլ` սատարելով անոր միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխատանքներուն:

Արցախին կրնանք զօրակցիլ` մասնակցելով Արցախի մէջ կազմակերպուող համահայկական ձեռնարկներուն, սատարելով նաեւ Արցախի մէջ օրըստօրէ զարգացող զբօսաշրջութեան:

Արցախին կրնանք զօրակցիլ` գործակցելով արցախեան լրատուամիջոցներուն հետ եւ հայ մամուլին մնայուն մէկ բաժինը յատկացնելով Արցախին, արցախահայութեան:

Այստեղ առանձնապէս կ՛ուզենք շեշտել, որ սուրիական տագնապի օրերուն Արցախ հաստատուած սուրիահայերը, որոնք ապրիլեան պատերազմի օրերուն Արցախի սահմանները պաշտպանելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին ու յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները` կը շարունակեն ապրիլ հայկական Արցախի հողին վրայ, գեղեցկագոյն օրինակներն են Արցախի զօրակցութեան:

«Գանձասար»-ի յառաջիկայ թիւերով լոյս պիտի ընծայենք Արցախի զօրակցութեան եւ սփիւռքի Նախարարութեան կոչին արձագանգող հայ գաղութներու բազմաբնոյթ աշխատանքները, մեր կարգին կոչ ուղղելով սուրիահայ միութիւններուն` իրենց կարելին ընելով արձագանգելու այս շարժումին ու սուրիահայուն վայել հայրենասիրութեամբ զօրավիգ կանգնելու Արցախին:

Կեցցէ՛ հայ հերոսներու արեան ճանապարհով ազատագրուած Արցախ աշխարհը:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13596

Trending Articles

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>