Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Ուրֆայի Մէջ Յայտնաբերուած Է Եդեսիոյ Աբգար Թագաւորի Ընտանիքին Ժայռափոր Դամբարանը

$
0
0
Աբգար թագաւորի ընտանիքին դամբարանը

Աբգար թագաւորի ընտանիքին դամբարանը

Պատմական Ուրֆայի ամրոցի  տարածքին մէջ վերջերս յայտնաբերուած մեծաքանակ ժայռափոր  դամբարաններու շարքին յայտնաբերուած է նաեւ Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի ընտանիքին դամբարանը:

«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ հնագէտներու կարծիքով, յայտնաբերուած ժայռափոր դամբարանախումբը աշխարհին մէջ մեծագոյնը կրնայ ըլլալ:

45.000 քառ. մեթր տարածքի մը մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ` մօտ 80 դամբարան վերականգնուած է:

Թադէոս Առաքեալ Աբգար թագաւորին կը յանձնէ Ս. դաստառակը

Թադէոս Առաքեալ Աբգար թագաւորին կը յանձնէ Ս. դաստառակը

Նոր յայտնաբերուած դամբարաններէն մէկը տեղակայուած է բլուրի ամէնէն վերի մասին մէջ եւ միւս դամբարաններէն աւելի մեծ է: Կը նշուի, որ անիկա պատկանած է Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի ընտանիքին: Դամբարանը ունի 10 մարդու համար նախատեսուած  սենեակներ: Ի դէպ, դամբարաններէն մէկուն յատակին խճանկար յայտնաբերուած է:

Նշենք, որ հայոց Աբգար թագաւորին հետ կապուած շարք մը աւանդազրոյցներ կան: Ըստ այդ աւանդազրոյցներուն, Աբգար անբուժելի հիւանդացած է եւ նամակ ուղարկած է Յիսուս Քրիստոսին` խնդրելով գալ իր քաղաքը, բժշկել զինք եւ բնակիլ հոն: Յիսուս մերժած է անոր հրաւէրը, բայց Աբգարին ուղարկած է իր անձեռակերտ պատկերը, որ Յիսուս իր դէմքին հպումով պատճէնահանուած էր դաստառակի վրայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>