Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Դիւցազնաթռիչ Ուրֆան

$
0
0

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Ուրֆայի բերդը եւ քաղաքի համայնապատկերը

Ուրֆայի բերդը եւ քաղաքի համայնապատկերը

Ուրֆա…

Մտքիս տեսիլին մէջ կը պատկերազարդուի ան իբրեւ ցռկանաւ, հիմակ` խրած ու խորտակուած քարերու վրայ:

Ցռկանաւ մը` գիտութեան, արուեստի ու արութեան:

Փոթորիկի օր մը, բորբոքման եւ աստուածարժան բարկութեան, արմենական նաւազախումբը, անհնարին դիւցազնութեամբ, բացը այլազգիներու ծովուն, անօգնական, լծուեցաւ հերոսական մարտնչումի մը, որու նմանը, հաւատացէ՛ք, չէ արձանագրուած ո՛չ մէկ պատմութեան մէջ:

Ծովամարտը ունեցաւ իր հրեշտակապետը` իբրեւ նաւապետ,ու նաւազախումբին բոլոր անդամները, տղայ, տարիքաւոր, կոյս, կին, պայծառակերպուեցան քերովբէներու գունդի:

Կամքը եղաւ կայմ, կորովը` կամրջակ, դիւցազնութիւնը` դրօշ, արութիւնը` առագաստ ու մահը` մեծութիւն:

Այդ ծովամարտէն դիւցազուններ թեւեցին դէպի անմահութիւն, իսկ վերապրող հերոսները պատմեցին մեզի հոմերական դիւցազներգութեան դրուագները:

Լայնածաւալ ու աննախընթաց ողբերգութեան մը մէջ Ուրֆան կարկառեց արութեան ապառաժներ ու արձաններ: Ու ըսաւ.

– Միայն գառներու հօտ չենք մենք` հայերս, այլ` մարտիկներու մատեան գունդ:

Եւ Ուրֆան լեռ չէ: Լեռնացաւ ու գագաթնացաւ իր քաջութեամբ: Նաւը օտար ծովու մէջ առանձին էր, անօգնական:

Որով իր քաջութեան գագաթը կը մնայ անմրցելի եւ անմերձենալի:

Հայր Աբրահամու լճակը

Հայր Աբրահամու լճակը

Ուրֆացիք իրենց արութիւնը չստացան իրենց բնակավայրին բարձրութենէն, իրենց խիզախութիւնը չընդունեցին իրենց դիրքէն, այլ իրենց հոգիին քարայրներէն ու գագաթներէն քաղեցին: Եւ հերոսութիւնը ըլլալով հասարակաց` բոլորն ալ ապրեցան գուպարին գինովութիւնը: Զիրար ներշնչեցին` յանդգնութեամբ իրենց հոգեկան հուրերը ընծայելով իրարու, իբրեւ հաղորդութիւն:

Ուրեմն ծագեցաւ իրենց քաջութիւնը ներքին լեռներէ` ըլլալով ընդոծին ու անխառն դիւցազնութիւն: Անոնք հանդէս բերին գանձատունի մը հեքիաթական աւանդները, իրենց արիւնին մէջէն ու արմենութեան:

Անհաւասար մարտի ընթացքին Նաւը, ներկուած` արիւններով ու նորոգուած լոյսերով, խոյացաւ, խորտակեց եւ հուսկ ապա խրեցաւ պանթէոններու արժանի պարտութեամբ:

Մահացեալ մարտիկները մտան հայութեան բզկտուած հովանիներուն մէջ, իսկ վերապրողները մեծ ծովուն ալիքներէն քշուած, ժայռակերտ աշխարհի ափերուն վրայ ցրուեցան:

Պարծա՜նք մեկնողներուն, պատի՜ւ մնացողներուն:

Յիշատակաց գանձատունին մէջ կը ծխայ հսկայ խնկաման մը` անսպառ զմուռսներով, ու կը բարձրանան իրարու մէջ թաւալող ամպեր` աղաւնիներու սպիտակութեամբ:

Կը լսուի առասպելական երաժշտութիւն մը, որ կը տարածուի խորընթաց ու կը լեցնէ ծովերը եւ կը ծածկէ անապատներուն աւազները խորամտութեան փոթորիկով ու փրփուրներով:

Նաւը, իբրեւ Նոյեան Տապան, կը հանգչի արութեան Արարատի մը վրայ:

Արծիւ մը, կտուցին մէջ դափնետերեւ,կը ցցէ գլուխը` Հայոց պատմութեան մէկ էջին գագաթը, որուն ներքեւ կը վերածուի ինքնապաշտպանութիւնը իմաստասիրութեան: Ահա բանը, որ Ուրֆան մեզ արձակեց` փոթորիկի ու փայլակներու մէջէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>