Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Թուրքիոյ «Յեղաշրջում»-ը Եւ Քիւրտերը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Kurds_80816

Մինչ լրատուական գրեթէ բոլոր միջոցները կը խօսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած «ձախող յեղաշրջում»-ին մասին, անոնց մեծ մասը սակայն կ՛անտեսէ քրտական գործօնը եւ անոր դիրքորոշումը` այս իրադարձութեան նկատմամբ:

Հետաքրքրական է, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական ղեկավարութիւնը որոշ սառնութիւն ցուցաբերեց եւ հեռաւորութիւն մը պահեց այս յեղաշրջումէն: Շատեր կը կարծէին, որ քիւրտ ըմբոստ զինեալները իրենց կարգին պիտի հարուածէին կառավարական կեդրոնները Տիգրանակերտի մէջ: Բայց այդպէս չեղաւ: Այստեղ հարց կը յառաջանայ. ինչո՞ւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ԺԺԿ) դիտորդի դեր խաղցան: Այս հարցումին պատասխանելու համար պատմական որոշ ակնարկ մը պէտք է նետել:

Յուլիս 1908-ին երիտթուրքերու կազմակերպութիւնը զինեալ յեղաշրջում մը կատարեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ` տապալելու համար սուլթան Համիտի վարչակարգը: Բայց երիտթուրքերը առանձին չէին այս ծրագիրին մէջ: Հայերը, որոնք դարեր շարունակ ընկճուած էին սուլթանական վարչակարգին տիրապետութեան տակ, կը փորձէին ընկերային եւ տնտեսական բարեփոխումներ առաջարկել Արեւմտահայաստանի մէջ:

Սուլթանը կա՛մ կ՛անտեսէր այս առաջարկները, կա՛մ ալ սուրով կը պատասխանէր, երբեմն ալ քրտական աշիրեթները կը դրդէր հայ գիւղացիներուն դէմ: Այս բոլորը մղեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ մերձենայ աշխարհիկ երիտթուրքերու շարժումին: Դաշնակցութիւնը հաւատացած էր, որ նոր ու փայլուն էջ մը պիտի բացուէր հայ-թրքական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ, հետեւաբար Դաշնակցութիւնը ուրիշ ելք մը չգտնելով` դաշնակցեցաւ երիտթուրքերու շարժումին հետ` տապալելու համար «Կարմիր սուլթան»-ին վարչակարգը:

Յեղաշրջումը յաջողեցաւ, սակայն կրօնական ատելութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ «սիւննի թուրք»-ին եւ «կեաւուր հայ»-ուն միջեւ: Սուլթանին կողմնակիցները նոր կառավարութիւնը նկատեցին «անհաւատ պետութիւն մը, որ կ՛իշխէ իսլամական կայսրութեան մը»: Եւ ահաւասիկ, 1909-ին կատարուեցաւ հակայեղաշրջում մը, որուն նպատակն էր կասեցնել սահմանադրութիւնը եւ վերականգնել իսլամական օրէնքը:

Սուլթանին համակիրները վրէժ լուծեցին հայութենէն, եւ ասոր հետեւանքն էր Ատանայի կոտորածը: 1913-ին Ֆերիման Տուքէյթ հրատարակեց գիրք մը եւ նշեալ դէպքը անուանեց «Ատանայի ողջակիզումը»: Սակայն բարեբախտաբար հակայեղաշրջումը ձախողեցաւ… բայց հայերը ծանր գին վճարեցին իրենց արիւնով: Իսկ այս կոտորածէն ընդամէնը աւելի քան 5 տարի ետք երիտթուրքերը եւ սուլթանամէտ ուժերը համաձայնեցան արեան հեղման միջոցով վերջ տալ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայկական հարցին:

Եթէ ներկայիս քրտական ղեկավարութիւնը այս յեղաշրջումին կողքին ըլլար, կրնար ըլլալ, որ նոյնանման ճակատագիր մը ունենար: Եթէ «յեղաշրջում»-ը Էրտողանի գործը ըլլար, ապա քիւրտերը թակարդի մէջ իյնալով` պիտի ամբաստանուէին իբրեւ «օտար գործակալ» կամ «դաւադիր»:

Հետաքրքրական էր, որ եւրոպական լրատուական միջոցներ որոշ բաղդատական մը կատարեցին տեղի ունեցած իրադարձութեան եւ 1933-ին Պերլինի մէջ գերմանական խորհրդարանի հրկիզումին միջեւ: 1933-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին հրկիզումով այդ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը իր մահկանացուն կնքեց: Հիթլեր, առանց որեւէ քննութեան, ամբաստանեց համայնավարները եւ ձերբակալել տուաւ անոնց ղեկավարները: Միաժամանակ ան չեղեալ նկատեց բազմակուսակցական դրութիւնը, այսպիսով նացիները երկրին ղեկը ստանձնեցին: Ուրեմն այստեղ կարեւոր չէ, թէ ո՛վ կրակը վառեց, այլ` ի՞նչ էին անոր արդիւնքները…

Հետեւաբար, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սալահէտտին Տեմիրթաշ այս բոլորը գիտէր եւ շատ զգուշաւոր մօտեցում մը ցուցաբերեց: Ան յայտարարեց, որ քիւրտերը պատմականօրէն միշտ դէմ եղած են յեղաշրջումներուն, որովհետեւ այսպիսի դէպքեր չեն քաջալերեր ժողովրդավարական սկզբունքները: Այս կեցուածքին համար Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շնորհակալական ուղերձ մը յղեց Տեմիրթաշին, սակայն ճիշդ նոյն օրը քրտամէտ կուսակցութեան գրասենեակները հրկիզուեցան Էրտողանի համակիրներուն կողմէ` Օսմանիէի, Մալաթիոյ եւ Ալեքսանտրեթի մէջ:

Հակառակ անոր որ 17 տարիէ ի վեր ՔԱԿ-ի ղեկավար եւ հիմնադիր Ապտիւլլա Օճալան բանտարկուած է, սակայն ան միակ անձն էր, որ շեշտած է, որ միայն զինեալ յեղաշրջում մը կրնայ վերջ դնել Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին: Ըստ Օճալանի, «երբ անոնք (իշխանութիւնները) չկարենան խաղաղ ճամբով լուծել քրտական հարցը, ապա յեղաշրջում մը պիտի սադրեն, որպէսզի ձախողութեան ենթարկեն բանակցութիւնները»: Օճալան բաւականաչափ տեղեկութիւններ ունէր շրջանի իրադարձութիւններուն մասին: Իր անձնական կապերը պաղեստինեան, արաբական եւ հայկական մարքսական շարժումներուն հետ արդէն իսկ որոշ պատկերացում մը տուած էին շրջանի պայքարներուն մասին` տակաւին 1980-ական թուականներէն:

Միաժամանակ Թուրքիոյ մէջ Քիւրտիստանի միաւորում (Քէ. Ճէ. Քէ.) անունով խմբաւորում մը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուէր. «Ներկայիս զինեալ յեղաշրջում մը կատարուած է անծանօթներու կողմէ, որոնց նպատակը անյայտ կը մնայ: Յեղաշրջումը կատարուեցաւ ճիշդ ժամեր ետք այն բանէն, երբ նախագահ Էրտողան բանակի բարձրաստիճան սպաներու հետ կը խորհրդակցէր իրեն կոմնակից գնդապետներ նշանակելու գծով: Ուրիշ զուգադիպութիւն մըն ալ. յեղաշրջումը կատարուեցաւ, երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ֆաշական կառավարութիւնը իր շրջանային քաղաքականութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկէր»:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ պէտք չէ երբեք Էրտողանը դիտել իբրեւ պահապանը ժողովրդավարական կարգերու, այլ` այսօրուան պատահածը «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ֆաշական կառավարութեան հակաժողովրդավարական ծրագիրին շարունակութիւնն է»:

Հակառակ անոր որ բազմաթիւ քիւրտեր վստահութիւն չունին Էրտողանի կառավարութեան նկատմամբ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ որեւէ զինուորական կառավարութիւն աւելի դրական վերաբերում պիտի ցուցաբերէ քրտական հարցին նկատմամբ: Վերջին հաշուով, 1971 եւ 1980 թուականներու զինուորական յեղաշրջումներու օրերուն քիւրտերը եւ թրքական ձախակողմեան շարժումները ծանր հարուածներ ստացան:

Քիւրտերուն ապագան մշուշոտ է Թուրքիոյ մէջ` թէ՛ աշխարհիկ, թէ՛ իսլամամէտ կարգերու ներքեւ:

Թերեւս ալ քիւրտերը նոյն դաժան ճակատագիրը կ՛ունենան, ինչ որ ժամանակին ունեցան հայերը եւ ասորիները: Էրտողանի ղեկավարութեան ներքեւ Թուրքիա երբեք ի վիճակի չէ որեւէ քաղաքական զիջում կատարելու քիւրտերուն: Ընդհակառակն, Էրտողան պիտի լուսանցքայնացնէ քրտական չափաւորական ձայնը եւ ստիպէ քիւրտերուն, որ դէպի ծայրայեղականութիւն ուղղուին:

Ասիկա կրնայ ունենալ վտանգաւոր հետեւանքներ: Եթէ քիւրտերը ահազանգի կրակը նշմարեն, դարձեալ զէնքի պիտի դիմեն, եւ դարձեալ «արեւելեան Թուրքիա»-ն արեան ծովու մը պիտի վերածուի:

Յ. Գ.- Սոյն յօդուածը անգլերէնով լոյս տեսած է 18 յուլիս 2016-ին, Լոնտոնի «Նիւ Արապ» պարբերաթերթին մէջ: https://www.alaraby.co.uk/english/comment/2016/7/19/where-does-the-attempted-coup-leave-turkeys-kurds-

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>