ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Կրթական ասպարէզի մէջ գտնուողներուն համար մի՛շտ ալ մտատանջութեան, սրտնեղութեան, երբեմն նոյնիսկ մղձաւանջի պատճառ է դասապահերու ընթացքին աշակերտին «անտարբերութիւն»-ը:
Ի՞նչ ընել, որպէսզի ամբողջ դասարանը լարուած ուշադրութեամբ հետեւի ուսուցիչի բացատրութիւններուն: Դասաւանդումի ինչպիսի՞ ոճ մը որդեգրել, որ հաճոյ ու հասանելի դառնայ բոլորին, հմայէ կամ շահագրգռէ հաւասարապէս թէ՛ «աշխատասէր»-ն ու «ծոյլ»-ը, թէ՛ ուշիմն ու մտացիրը, թէ՛ զարթունն ու քնատը…:
Ամէն ատեն ու ամէն առիթով ուսուցիչներ դառնութեամբ կը գանգատին նոր սերունդներու անտարբերութենէն, դասական արժէքներու նկատմամբ անոնց որդեգրած արհամարհանքէն, դասարանէն ներս անոնց ոչ տիպար կեցուածքէն:
Ընդունի՛նք, որ աշակերտութեան նկարագիրն ու «խմոր»-ը, տասնամեակէ տասնամեակ փոփոխութիւններու ենթակայ եղած է, յաճախ` դէպի աւելի յոռին, աւելի անհանդուրժելին, աւելի ընդվզեցուցիչը…
Սակայն շահեկան պիտի ըլլար հարց տալ, թէ անցեալի (քառասուն, յիսուն կամ եօթանասուն տարի առաջուան) աշակերտները արդեօ՞ք աւելի պիտանի տարրեր էին, աւելի շահագրգիռ, աւելի բարեկիրթ ու աւելի յարգալիր:
Թերեւս:
Բայց հարցում մըն է ասիկա, որ վէճի դուռ կրնայ բանալ, եթէ առարկայ դառնայ ակադեմական լուրջ քննարկումներու:
Ինծի կը թուի սակայն, որ «աշակերտ» կոչուած էակը, հին ու նոր բոլո՜ր ժամանակներուն, միեւնոյն «կտաւ»-էն ձեւուած տիպարն է, ընդհանրապէս` միեւնոյն հոգեվիճակն ու տրամադրութիւնը շալկող անհատը, որ առհասարակ չի կրնար կատարելապէս գոհացնել իր ուսուցիչը, ինչպէս որ ուսուցիչն ալ, իր կարգին, ընդհանրապէս չի յաջողիր գոհացնել բոլոր աշակերտները:
Այս մտորումները ունեցայ, երբ կը կարդայի բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի (1913-1990) յուշերը` իր համբաւաւոր ուսուցիչներուն մասին:
Օրինակ, խօսելով Յակոբ Օշականի մասին (որ իր ուսուցիչն եղած է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, 1928-30)` Մ. Իշխան կ՛ըսէ, որ իրենց դասարանը կը բաղկանար երեսուն աշակերտներէ, որոնցմէ հազիւ 3-4 հոգին անհամբերութեամբ կը սպասէին Օշականի դասարան մուտքին, մինչ աշակերտութեան «մեծ մասը առ ի պարտականութիւն կը հետեւէր դասին, շատ հեղ` առանց հասկնալու կամ առանց մասնաւոր հետաքրքրութեան»:
Տողերը ցնցիչ են:
Պատկերացուցէք հայերէնի դասապահ մը, ուր դասատուն մեծանուն Յակոբ Օշականն է, Մեծ եղեռնէն վերապրող գրաքննադատն ու վիպագիրը, իսկ գրասեղաններուն ետեւ նստող տղաքը անտարբեր են թէ՛ դասին, թէ՛ ուսուցիչին նկատմամբ…
Եթէ Օշական անկարելի հրաշքով մը անդենականէն երկիր վերադառնար ու մեր այսօրուան ճեմարաններուն մէջ դարձեալ կոչուէր ուսուցչական պաշտօնի, ինչպիսի՞ պատկեր մը պիտի ստեղծուէր արդեօք: Աշակերտները խանդաղատանքո՞վ պիտի շրջապատէին զինք ու ականջ տային իր գրական վերլուծումներուն, թէ՞ կռնակ պիտի դարձնէին անոր` ձանձրոյթով ու անտարբերութեամբ…
Օշականի հեղինակութեամբ պատկառելի ու մեծավաստակ ուսուցիչներ չմնացին, չկա՛ն մեր շուրջ այլեւս: Դարն ու դարուն զաւակներն ալ ատոր պահանջը չունին կարծէք, ափսո՜ս: Բայց «աշակերտ»-ին հոգեբարոյական կերպարին մէջ` անցեալ դարու 30-ական թուականներէն մինչեւ 2016 բան մը փոխուա՞ծ է արդեօք:
* * *
Հինէն ի վեր շեշտուած հակում մը ունեցած եմ կարդալու երեւելի դէմքերու յուշագրութիւնները, որովհետեւ հռչակաւոր անուններու (գրագէտ, եկեղեցական, թատերական գործիչ, քաղաքական ու ազգային դէմք) չոր ու ցամաք կենսագրութիւնները մի՛շտ ալ անբաւարար գտած եմ անոնց իսկական դիմագծութիւնը ճանչնալու տեսակէտէ: Հետեւաբար ճգնած եմ գիտնալ անոնց կեանքին քուլիսային մանրամասնութիւնները: Իսկ այդ մանրամասնութիւնները իմանալու ապահովագոյն ճամբան կ՛անցնի, անկասկա՛ծ, «յուշագրութիւններ»-ու ընդմէջէն: Յուշերն ու յուշագրութիւնները մեր առջեւ կը բանան… «անտառին գաղտնիքները»:
Անցեալները առիթն ունեցայ կարդալու 200 էջանի յուշագրական սքանչելի հատոր մը` տպուած Պէյրութ, 1984-ին: Գիրքը կը կոչուի «Իմ ուսուցիչներս»: Հեղինակ` Մուշեղ Իշխան, բոլորիս ծանօթ բանաստեղծը, տուներու ու տաքուկ երդիքներու անմոռանալի երգիչը:
Մ. Իշխան յուշեր եւ տպաւորութիւններ կը ներկայացնէ այստեղ` իր պատկառելի ուսուցիչներուն մասին: Ի՜նչ ուսուցիչներ…
Արդարեւ, ան նախ կը խօսի Յակոբ Օշականի մասին, որուն աշակերտելու բախտն ունեցեր է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, 1928-1930:
Յետոյ, շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններով կ՛ոգեկոչէ բարի յիշատակը ազնուական ուսուցչապետի մը` պատմագէտ ու հայագէտ փրոՖ. Նիկողայոս Ադոնցին, որուն աշակերտեր է ինք 30-ական թուականներու վերջերը` Պրիւքսէլի համալսարանը իր ուսանողութեան օրերուն:
Այնուհետեւ ալ, լայնօրէն դիմաստուերները կը գծէ թէ՛ Նիկոլ Աղբալեանին եւ թէ՛ Լեւոն Շանթին, որոնք իր ուսուցիչներն եղեր են Պէյրութի Հայ ճեմարանէն ներս:
Մ. Իշխան, ի՛նք ալ` հետագային ուսուցիչ եւ դասագիրքերու հեղինակ, կը մեծարէ իր ուսուցիչները հոյակապ հայերէնով մը: Իր գործածած զուլալ ու ջինջ հայերէնը խորապէս տպաւորիչ է եւ ուսանելի, ու կը խորհիմ, որ այդ հայերէնը այլեւս գոյութիւն չունի մեր շուրջ…
Բայց չերկարեմ: Տամ Լ. Շանթի մասին իր պատմածներէն քանի մը արագ նշումներ:
Ըստ Մ. Իշխանի, Շանթ (որ ճեմարանի տնօրէնն էր) տեւաբար իր աշակերտները կը խրատէր գրեթէ նոյն բառերով. «Աշխատեցէք մա՜րդ ըլլալ. մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»:
Օր մը, Ճեմարանի աւարտական հանդէսին, շրջանաւարտներուն վկայականները բաժնելէ առաջ, Լ. Շանթ յայտարարեր է.«Ամենանշանաւոր մարդէն իսկ մահը անուն մը կը ձգէ միայն. երկու խեղճ բառերու մէջ ամփոփուած անուն մը: Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին, ատիկա մարդուս գործն է»:
Մ. Իշխան կը վկայէ տակաւին, որ ամէն անգամ որ հանդիսաւոր առիթով մը Շանթի բարեկամները «երկար կեանք» կը մաղթէին իրեն, ան ժպտերես դէմքով կը պատասխանէր.
– Աշխատելու կարողութի՛ւն մաղթեցէք, աշխատանքէ զրկուած ապրիլը անիմաստ է: Կ՛ուզեմ մեռնիլ այն օրը, որ չկարենամ աշխատիլ:
Կա՞ն հիմա այս որակով ու նկարագրով ուսուցիչներ: Եւ կա՞ն այս որակով (իմա` Մ. Իշխանի որակով) աշակերտներ, որոնք կարենան երկու հարիւր էջերու երկայնքին պանծացնել իրենց երեւելի ուսուցիչները…
Որքա՜ն աղքատացած ենք հիմա…
Խունկ եւ ծաղիկներ` մեր մեծավաստակ ուսուցիչներու շիրիմներուն:
Հալէպ