Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13433

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» Կազմակերպութիւնը Կը Դատապարտէ Լրագրողներուն Նկատմամբ Թրքական Իշխանութիւններուն Ճնշումները

$
0
0

Journalists_80816

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է Թուրքիոյ լրագրողներուն մասին, որոնք վերջերս տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձի ընթացքին ճնշումներու եւ յարձակումներու ենթարկուած կամ սպաննուած են:

Կազմակերպութիւնը նշած է, որ թրքական իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները պէտք է գիտակցին մամուլի ժողովրդավարական դիրքորոշումին փաստը եւ վերջ տան քննադատող լրագրողները իբրեւ ազգի դաւաճաններ իրենց ընթացքին:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, թէ ինչպէ՛ս թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարուհիին ստիպած էին զինուորական յեղաշրջումին մասին յայտարարութիւնը կարդալ ուղիղ եթերով, ինչպէ՛ս գրաւած էին «Տողան» մամուլի կեդրոնը, «Սի.Էն.Էն Թուրք» եւ «Քանալ Տէ» պատկերասփիւռի կայանները:

Կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, որ ընկերային ցանցերը քննադատող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ իշխանութեան ներկայացուցիչները յեղաշրջումին դէմ դուրս գալու կոչերը ստիպուած էին ընկերային ցանցերուն միջոցով ուղղելու:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ «Ենի Շաֆաք» թերթի լուսանկարիչ-լրագրողին վրայ կրակած են յեղաշրջումի փորձ իրականացնող զինուորականները, մինչդեռ «Հիւրիյէթ»-էն Սելճուք Շամիլօղլուի եւ «Սի.Էն.Էն. Թուրք»-ի Անգարայի լրագրողին վրայ յարձակած են փողոց դուրս եկած կառավարամէտ քաղաքացիները:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի այն յայտարարութեան, որով ներողութիւն խնդրելով քաղաքացիներուն պահուածքին համար` նշած էր, որ անոնք լրագրողներուն վրայ յարձակած են ճնշուածութեան եւ զգացմունքայնութեան պատճառով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13433

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>