Քիչ քանակութեամբ եւ յաճախականութեամբ չէ, որ Արեւմտահայաստանի մէջ լքեալ վիճակի մէջ ձգուած կամ քանդուելու դանդաղ ուղին բռնած հայկական եկեղեցիներու կամ այլ կառոյցներու մասին լուրեր կը հաղորդուին:
Իրականութիւնը յստակ է. Թուրքիա կը շարունակէ իր սպանդի ու աւերի քաղաքականութիւնը` դիտումնաւոր եւ ծրագրուած կերպով բնաջնջելով հայկական ամէն հետք ու կոթող: Աւելի՛ն. ան կը միտի հայկականին տեղ կառուցել թրքականը եւ անոր տակ թաղել իսկականը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք վերջին հանգրուանին այդ քաղաքականութեան դրսեւորած վերջին արտայայտութիւններէն հանդիսացող կառոյցներու մասին լուրեր:
Կեաւուր Թաղին Մէջ Կեաւուր Չէր Մնացած, Հիմա Թաղամասն Ալ Չմնաց
«Ակունք» կը հաղորդէ, որ երբ 2 դեկտեմբեր 2015-ին Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ յայտարարուած զինադուլի դրութիւնը վերջերս որոշ չափով վերջ գտաւ, սկսաւ ի յայտ գալ Սուրի կրած վնասներուն տարողութիւնը:
Սուր թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները բացայայտեցին, որ վնասուած է հիմնականօրէն ներսի կողմը, եւ ոչ թէ` դուրսի: 6 ամիսէ ոչ ոք կրնար տեսնել եկեղեցին` բախումներու տարածքին մէջ գտնուելուն պատճառով:
Տիգրանակերտի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները եկեղեցին այցելելէ ետք յայտնած են, որ եկեղեցւոյ պատերը, տանիքն ու զանգակատունը լուրջ վնասներ չեն կրած:
Սակայն, միւս կողմէ, անոնք արձանագրած են, որ եկեղեցւոյ բոլոր ապակիները կոտրած են, անիկա օգտագործուած է որպէս ռազմակայան, նստարանները պատուհաններուն յենելով` պատնէշներ ստեղծած են, ներսը շինած են վառարան, որուն մէջ այրած են կարգ մը նստարաններ, իսկ եկեղեցւոյ ներսը աղբանոցի վերածած են:
Նշելով, որ յատկապէս մեծ աւերի ենթարկուած է Սուրբ Կիրակոսի այգիին մէջ գտնուող փոքր եկեղեցին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նաեւ յայտնած են. «Թալանուած է եկեղեցւոյ գրասենեակը, կողոպտուած` վաճառուելու նպատակով, այստեղ գտնուող գիրքերը, ինչպէս նաեւ` նուէրները: «Քահանայատուն» կոչուող ներքեւի յարկին վրայ բացուած է մեծ անցք մը, որուն միջոցով կապ հաստատուած է Սուրբ Կիրակոսի կողքին գտնուող քաղդէական եկեղեցւոյ հետ»:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նաեւ ընդգծած են, որ մեծ աւերի ենթարկուած է նաեւ փողոցը, ուր կը գտնուի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:
Յայտնելով, որ այստեղի բոլոր խանութներն ու տուները քանդուած են, անոնք դիտել տուած են, որ նախապէս նեղլիկ այդ փողոցը այժմ ամբողջովին դատարկ է եւ վերածուած է բաց տարածքի մը, նաեւ շեշտած են, թէ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ պատկանած շուրջ 25 խանութները եւս գետնին հաւասարած են:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները յայտարարած են. «Յատկապէս Մկրտիչ Մարկոսեանի փողոցը այլեւս հարթ տարածք է. հոնկէ նոյնիսկ Մարդինքափըն կ՛երեւի: Կեաւուր թաղը այլեւս ամբողջովին դատարկ եւ ընդարձակ տարածք մըն է: Խճաքարերը հաւաքուած են, բայց Եողուրթափազար փողոցի տուները տակաւին կանգուն են: Կեաւուր թաղին մէջ կեաւուր չէր մնացած, հիմա թաղամասն ալ չմնաց»:
Սիվրիհիսարի Հայկական Եկեղեցւոյ Բակին Մէջ Տեղադրուած Են Հայատեաց Թուրք Քաղաքական Գործիչներու Արձաններ
Թուրքիոյ Էսքիշեհիր նահանգի Սիվրիհիսար գաւառին մէջ գտնուող հին հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ թուրքերը հաստատած են յայտնի անձերու արձաններու թանգարան: «Ակունք»-ին համաձայն, այդ մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն, հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ այսպիսի թանգարան ստեղծելու գաղափարը ներկայացուած է 2011-էն, երբ Թուրքիոյ մշակոյթի օրուան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնալը յայտարարած է այդ նախագիծին մասին:
Աղբիւրը կը նշէ, թէ հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ, որ կարմիր քարերէ կառուցուած ըլլալուն պատճառով յայտնի է նաեւ Քըզըլ քիլիսէ (Կարմիր եկեղեցի) անունով, ներկայացուած են հայատեաց թուրք քաղաքական գործիչներ Աթաթուրքի եւ Քեազիմ Քարապեքիրի, ինչպէս նաեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու ստեղծագործած գրողներ Եաշար Քեմալի, Եունուս Էմերի, Քարաօղլանի եւ այլ մարդոց արձանները, որոնց թիւը կը հասնի 100-ի:
Աքշեհիրի Հայկական Եկեղեցին Եւ Պատմական Բաղնիքը Աւերակ Վիճակի Մէջ Են
Թուրքիոյ մէջ աւերուած վիճակի մէջ կը գտնուին Աքշեհիրի հայկական եկեղեցին եւ Կեաւուր անունը կրող պատմական բաղնիքը: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ին, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն, Կեաւուր անունով բաղնիքը արդէն քանդուելու վտանգի տակ է, իսկ պատմական եկեղեցւոյ պատերուն վրայ մեծ ճեղքեր յառաջացած են: Այս եկեղեցւոյ վերականգման ուղղութեամբ տարիներ շարունակ ոչ մէկ քայլ առնուած է, անոր սեփականութեան կալուածագիրը կը պատկանի Աքշեհիրի քաղաքապետարանին:
19-րդ դարուն Աքշեհիրի մէջ տեղւոյն հայկական համայնքին կողմէ կառուցուած եւ հետագային ժամանակ առ ժամանակ մշակութային նախաձեռնութիւններու գործադրութեան նպատակով օգտագործուած այս եկեղեցին այդպէս ալ չէ վերականգնուած թրքական իշխանութիւններուն կողմէ` հակառակ բազմիցս տրուած խոստումներուն:
Ինչպէս կ՛ընդգծուի հրապարակման մէջ, պատմական եկեղեցին եւ Կեաւուր կոչուող բաղնիքը անհետ կորսուելու եւ ոչնչանալու վտանգի տակ են:
Թրքական Թերթը Կը Յիշէ Հայկական Մոկսը
Վան նահանգի «Մերքուր հապեր» շաբաթաթերթը իր 10 յուլիսի թիւին մէջ յօդուած հրապարակած է Վանի Մոկս գաւառի հայերուն մասին: Հոն նշուած է, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Մոկսի շրջանի բոլոր հայկական բնակավայրերը 1923-էն ետք թրքական անուններով մկրտուած են, բայց եւ այնպէս շրջանի բնիկները, յատկապէս քիւրտերը, այդ գիւղերն ու աւանները կը յիշեն իրենց հայկական անուններով:
Արշակունիներու օրով Մոկսի մէջ կը գործէր Մոկաց նախարարութիւնը: Մոկսի իշխանը իր զօրագունդով մասնակցած է Աւարայրի ճակատամարտին:
16-րդ դարուն շրջանին կը տիրեն օսմանցի թուրքերը: Մոկսի 49 հայկական բնակավայրերու հայ բնակչութիւնը` աւելի քան 900 ընտանիք, 1915-ին տեղահանուեցաւ եւ զոհ գնաց բռնագաղթի ճամբուն վրայ: Փրկուածները անցան Արեւելեան Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատեցին Թալինի, Աշտարակի եւ Սեւանի շրջաններուն մէջ: