Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Իտալացի Ճարտարապետ Փաուլօ Վիթթին Տպաւորուած Է Անիի Գեղեցկութեամբ

$
0
0

Ani-1_80816

Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրի համակարգող Փաուլօ Վիթթին արտայայտած է այն տեսակէտը, որ Հայաստան դրական մեծ ազդեցութիւն ունի եւրոպական մշակոյթին վրայ:

«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ճարտարապետը նշեց. «Ես շատ տպաւորուած եմ Հայաստան կատարած այցելութեամբս, քանի որ ուսումնասիրութիւններ կատարելը տարբեր բան է, գալ եւ տեսնելը` ուրիշ: Ընտանիքիս անդամները Պոլիսէն իտալացիներ են, հոն բազմաթիւ ծանօթներ եւ բարեկամներ ունին. Հռոմի մէջ, ուր ես կ՛ապրիմ, նոյնպէս կը ճանչնամ հայեր, եւ կարելի է ըսել, որ ամբողջ կեանքս հայերով շրջապատուած եմ, Հայաստանը միշտ կեանքիս մէջ ներկայութիւն եղած է: Ես ահա կ՛այցելեմ Հայաստան` աւելի ներգրաւուած զգալով»:

Փաուլօ Վիթթին նաեւ «Եւրոպա նոսթրա» կազմակերպութեան 7 ամէնէն աւելի վտանգուած յուշարձաններու ծրագիրին գիտական խորհուրդի անդամ է: 42 երկիրներ ներառող «Եւրոպա նոսթրա» կազմակերպութեան Հայաստան կ՛անդամակցի 2012 թուականէն:

Իտալացի ճարտարապետը տեղեկացուց, որ այս տարի ծրագիրի շրջագիծին մէջ կ՛ուզեն ցուցաբերել աւելի ընդհանուր մօտեցում:

Ani-Kars-Turquía-Turkey-overivew-areminan-capital

«Այդ մօտեցումը կ՛ենթադրէ ո՛չ միայն պահպանել, այլեւ տարածքը աւելի տեսանելի դարձնելու համապատասխան ուղիներու տրամադրում, աշխատանք` հոն ապրող մարդոց հետ: Սակայն կ՛ուզէի նշել կարեւոր գործօն մը եւս, որ այդ պահպանման գործընթացը պէտք է կազմակերպուի առանց վնասներ հասցնելու տուեալ կառոյցին, քանի որ վերականգնողական աշխատանքներու ժամանակ շատ մեծ վտանգ կայ սխալելու. այդ պատճառով կեդրոնացած ենք համապատասխան մեթոտաբանութիւն ձեւաւորելու վրայ: Կ՛ակնկալենք, որ ասիկա դառնայ այդ ընդհանուր մօտեցման օրինակ մը Հայաստանի ժառանգութեան մէջ», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի տարբեր վայրեր կատարած այցելութեան` Փաուլօ Վիթթին նշեց, որ Գիւմրին լաւ նախագծուած քաղաքի տիպար օրինակ է: «Քաղաքը գեղեցիկ ճարտարապետութիւն ունի, եւ կարծեմ, որ պատշաճ վերականգնողական աշխատանքներ տանելու պարագային, եթէ նորոգութիւններ կատարուին առանց անցեալի ժառանգութեան դիպչելու, Հայաստան կ՛ունենայ շատ կարեւոր մեծ քաղաք մը: Անին տեսած եմ վերէն, կրնամ ըսել, որ տպաւորուած եմ գեղեցկութեամբ, այդ վայրին կարեւորութեամբ: Պարզապէս կ՛ուզեմ նշել, որ Անին պէտք է վերածուի առանց սահմաններու տարածքի», եզրափակեց Փաուլօ Վիթթին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>