Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13633

Նամականի

$
0
0

Պատուարժան տնօրէնութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Սոյն նամակով մենք` Թէքէեան ընտանիքի անդամներս, կու գանք ձեր միջոցով շնորհակալութիւն յայտնելու ՀՅ Դաշնակցութեան` շատոնց սպասուած ձեռնարկին համար, որուն միջոցով Դաշնակցութիւնը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին 40-ամեակին առիթով պատուեց այդ պատերազմին ինկած նահատակներուն յիշատակը:

Վերջապէս հիմա է, որ հպարտութիւն կը զգանք, որ մեր ընտանիքին զաւակը` իր նահատակութեամբ, ինչպէս իր միւս ընկերները, յոյս եւ կայունութիւն ներշնչած է լիբանանահայ ամբողջ համայնքին, եւ թոյլ չէ տուած, որ հայ ժողովուրդը յուսալքուի:

Հպարտ ենք մեր զաւկին եւ իր ընկերներուն զոհաբերութեամբ, որոնց շնորհիւ լիբանանահայ համայնքը կայ ու կը գործէ ի փառս հայութեան:

Թող անոնց յիշատակը միշտ վառ մնայ մեր մէջ:

Լաւագոյն մաղթանքներով`
ԹԷՔԷԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13633

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>