Երբ տարբեր առիթներու, տարբեր շրջանակներու մէջ կը զրուցենք մամուլի մասին, անխուսափելիօրէն խօսակցութիւնը կը հասնի նաեւ խմբագրումին եւ խմբագրին, որոնց մասին ամէն մէկս բնականաբար ունինք մեր յարգելի տեսակէտը, որ սակայն կրնայ շատ թիւր կամ թերի ըլլալ, քանի որ խմբագրելը բարդ ու բազմաշերտ աշխատանք մըն է, որուն քիչերս ծանօթ ենք:
Այսօր, երբ ընկերային ցանցերու, օրինակ` Դիմատետրի, ճռուողարանի (Tweeter-ի նման) կամ անձնական կայքերու, օրինակ` սեփական ցանցատետրի (blog), վրայ նիւթեր կը զետեղենք, չափով մը խմբագիր դարձած կ՛ըլլանք, թերեւս նոյնիսկ` անգիտակցաբար:
Բայց խմբագրելը յատուկ չէ միայն մամուլին, անիկա կը կատարուի մեր կեանքին մէջ տարբեր մարզերու եւ մակարդակներու վրայ` սկսելով անձնական նամակագրութենէն, անցնելով մամուլի ու գրականութեան ոլորտներէն` հասնելու համար մինչեւ… Հայաստանի սահմանադրական փոփոխութիւնները:
Արդ, կ՛արժէ, որ նախ յամենանք սա բառերուն վրայ, տեսնենք` իրապէս ի՞նչ կը նշանակեն խմբագիր, խմբագրել, խմբագրութիւն ու մասամբ նորին, ապա աննկատ սողոսկինք հայերէն թերթի մը խմբագրատունէն ներս ու գաղտնաբար հետեւինք, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ խմբագիր մը, ինչպէ՛ս կը հրատարակուի հայ թերթ մը: Շեշտը կը դնեմ հայ բառին վրայ, քանի որ մեր գիտցած ոչ հայկական մամուլի պատրաստութեան հետ որեւէ նմանութիւն փնտռելը պարզապէս միամտութիւն պիտի ըլլայ` չգործածելու համար աւելի խիստ բառեր:
Առաջին հերթին դիմենք փրոֆեսէօր Ստեփան Մալխասեանին, որուն 1943-ին հրատարակուած «Հայերէն բացատրական բառարան»-ը կը մնայ անգերազանցելի (ամենայն յարգանքովս Աղայեանի երկհատոր ու ակադեմիայի քառահատոր բացատրական բառարաններուն նկատմամբ): Դժբախտաբար դեռ ԻԱ. դար չենք հասած այս (եւ ինչո՞ւ միայն այս) մարզին մէջ: Բայց արդէն սկսայ շեղիլ զիս տագնապեցնող այլ հարցի մը բաւիղներուն մէջ…
Քիչ մը ժամանակ պիտի անցընենք ականաւոր գիտնականին հետ, քանի որ ձեզի հետ ես ալ նոր բաներ կը սորվիմ իր բառարանէն:
Խմբագիր.
Առաջին իմաստը, որ կը տրուի այս բառին, որ հաւանաբար հազուադէպօրէն գործածուած է, ու ինքս ալ երբեք չեմ հանդիպած այդ առումով, է` «Գիրք, որի մէջ խմբուած են զանազան տեղերից հաւաքուած նիւթեր, պատմութիւններ»: Մեզի, սակայն, աւելի ծանօթ են այս բառին տրուած միւս երկու սահմանումները:
Ահա երկրորդ իմաստը` «Նա, որ զանազան տեղերից` աղբիւրներից գրական նիւթեր է խմբում, կարգի դնում, ձեւակերպում, խմբագրում»: Այդ սահմանումին մէջ ուշադրութիւնս կը գրաւէ յատկապէս «ձեւակերպում» բառը: Այսինքն խմբագիրն է, որ ձե՛ւ կու տայ գրութեան: Այդ ձեւակերպելը կրնայ բառերու շարահիւսութեան վերաբերիլ, պարբերութիւններու տեղադրման, նոյնիսկ` ընդհանուր լեզուական ոճի մը, որ խմբագրի պատասխանատուութեան տակ հրատարակուող թերթը կրնայ որդեգրած ըլլալ: Եւ հոս խօսքը անպայման չի վերաբերիր այնքան քերականական կամ լեզուական անճշդութիւններու սրբագրութեան, որքան` թերթի ընդհանուր լեզուին մէջ միօրինակութեան մը պահպանման:
Գալով երրորդ իմաստին, որ ամէնէն աւելի կը մտաբերենք, երբ բառը կը լսենք, սա է` «Լրագրի եւ առհասարակ պարբերական հրատարակութեան գլխաւոր վարիչը, որ ուղղութիւն է տալիս լրագրին, ընտրութիւն է անում տպագրուելիք նիւթերի մէջ, ուղղում է նրանց, եւն»: Հասկնալի է մեզի համար, որ խօսքը կը վերաբերի գլխաւոր խմբագրին: Այս սահմանումին մէջ ալ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք «ուղղութիւն տալ» եզրին վրայ: Խմբագիրը չէզոք անձ մը չէ, որ պարզապէս կը հաւաքէ ու կը հրատարակէ իրեն յանձնուող գրութիւնները: Ան ունի չափանիշներ կամ ձեւաչափեր, որոնց համաձայն պիտի խմբագրէ թերթը, անկախ անկէ, որ ասոնք կը վերաբերին լեզուական որակի՞ն, իմացական արժէքի՞ն, թէ՞ գաղափարական կողմնորոշման, որոնք կրնան իր կամ թերթը հրատարակող անձին, խումբին կամ կազմակերպութեան կողմէ դրուած ըլլալ:
Մալխասեան կանգ կ՛առնէ այս երեք սահմանումներուն վրայ: Մենք գիտենք սակայն, որ «խմբագիր» բառը ունի աւելի լայն առում ու կ՛ընդգրկէ ոչ միայն մամուլը, այլեւ` գրականութիւնը, ըլլայ այդ գեղարուեստական թէ ոչ գեղարուեստական (դասագիրք, տեղեկագիր, վաւերաթուղթ եւ այլն), նաեւ` տեղեկատուական, լրատուական, հաղորդակցական միջոցները ընդհանրապէս, ներառեալ` առցանց տարբերակները անոնց եւ ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը, ուր խմբագիր մը, խմբագիրնե՛ր խմբագրումի աշխատանք կը կատարեն, որպէսզի ընթերցողին, ունկնդիրին, «ակնդիր»-ին (սա ալ նոր բառ մըն է, հեռատեսիլ դիտողներուն համար…) թէ ցանցանաւորդին ներկայացուածը ներկայանալի՛ ըլլայ:
«Խմբագիր» եզրը, սակայն, պէտք չէ սահմանափակել «գլխաւոր խմբագիր» կամ «խմբագրապետ» հասկացողութեամբ: Երբ կը դիմենք ֆրանսերէն կամ անգլերէն բառարաններու, կը տեսնենք, որ տակաւին ա՛լ աւելի կ՛ընդարձակուի այդ բառին իմաստային դաշտը: Այսպէս, «rédacteur» ֆրանսերէնի մէջ կը տարբերի գլխաւոր խմբագիրէն, կրնայ ըլլալ բաժինի մը պատասխանատուն (մարզական խմբագիր, քաղաքական խմբագիր եւ այլն), կրնայ ըլլալ թերթի աշխատակից մը, որ քաղաքական, մշակութային կամ այլ նիւթերու մեկնաբան կը հանդիսանայ, կրնայ նոյնիսկ նշանակել գործավար` նախարարութեան մը մէջ: Անգլերէն բառը «editor»-ն է, որ վերեւի իմաստները կ՛արտայայտէ ընդհանրապէս, սակայն անիկա կը համապատասխանէ նաեւ ֆրանսերէն «directeur» բառին, որ «տնօրէն»-ն է (թերթի մը, յայտագրի մը եւ այլն): Նաեւ ունի «խմբագրիչ» իմաստը, որ Մալխասեանն ալ ներառած է` առանց յատկապէս տարբերակելու «խմբագիր» բառէն, մինչդեռ խմբագրիչը աւելի նեղ առումով կը գործէ` առանց անպայման ուղղութիւն տալու. ֆրանսերէն` «éditeur de textes», անգլերէն` «text editor»: Գալով ֆրանսերէն «éditeur» բառին, ան, առանձնաբար գործածուած, կը նշանակէ անգլերէն «publisher»` «հրատարակիչ»:
Երկու լեզուներն ալ ունին «éditorialiste», «editorialist», որուն հայերէն մէկ բառով համազօրը չեմ տեսած: Գրիգորեաններու «Անգլերէն-հայերէն արդի բառարան»-ը կու տայ որպէս «առաջնորդող յօդուածներու հեղինակ»: Նաեւ կը գործածուի խմբագրական գրողին համար:
Յաջորդիւ տեսնենք «խմբագրել» եւ «խմբագրութիւն» բառերուն իմաստները:
(շար.1)