Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13556

Նշմար. Խօսուն Լռութիւնը

$
0
0

vaho_10-03-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի բացման ընթացքին խօսք արտասանեցին բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց շարքին նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Պարաք Օպամա, Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Վլատիմիր Փութին: Վերջինս տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր նմանօրինակ նիստի մը. ներկայութիւն մը, որ հրամայական դարձաւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ ռուսական նախաձեռնութեան կարեւորութեան լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ կողմնակի հանդիպումներու կարելիութեան ստեղծման համար:

Հայկական տեսանկիւնէն, սակայն, ուշագրաւը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող վերոնշեալ երեք երկիրներու նախագահներուն խօսքերէն ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ ակնարկներու բացակայութիւնն էր: Իրողութիւն մը, որ բարացուցական է եւ կու գայ նախ եւ առաջ վկայելու, թէ այդ հարցը, հակառակ Հայաստան – Ազրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ազրպէյճան սահմանագիծերուն վրայ արձանագրուող միջադէպերու մագլցողական բնոյթին, գէթ ներկայ հանգրուանին այդ երկիրներուն համար առաջնահերթութիւն չէ: Վերջիններուս ուշադրութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է Սուրիոյ տագնապին, տեղահանուածներու հոսքին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրին, Եմէնի եւ Ուքրանիոյ հարցերուն վրայ: Իրողութիւն մը, որմէ երբեք պէտք չէ վիրաւորուած զգալ, այլ` գոհունակութեամբ ընկալել, որովհետեւ կու գայ վկայելու, թէ մասնաւորաբար Հայաստան – Ազրպէյճան ուղղակի հանդիպումներու նախօրեակին հայկական կողմին ու միջնորդներուն վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով հակառակորդ կողմին շեշտակի դարձող ոտնձգութիւնները առնուազն մօտիկ ապագային պիտի չվերածուին համապարփակ պատերազմի:

Այլ խօսքով` համանախագահող երկիրներու նախագահներուն լռութիւնը հայ-ազրպէյճանական մօտալուտ պատերազմի մը բացառման մասին խօսուն վկայութիւն մըն է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13556

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>