Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13472

Ուխտագնացութիւն Դէպի Հարաւային Լիբանանի Ուխտավայրերը

$
0
0

Ա. ՄԻՍԻՍԵԱՆ

Lady of Mantara

30 մայիս 2016-ը յիշատակելի օր մը պիտի մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք մասնակից դարձան դէպի հարաւային Լիբանանի ուխտավայրեր կազմակերպուած պտոյտ-ուխտագնացութեան: Գաղափարը յղացած էր Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որուն ժրաջան գործունէութեան մաս կը հանդիսանան այս ուխտագնացութիւնները` արդէն տարիներէ ի վեր: Մեծ պահոց ամբողջ եօթը շաբաթներուն ընթացքին Ըրնեթ Շահուանի Սէյտեթ Նաժաթ եկեղեցւոյ մէջ արեւագալի արարողութիւնները հոգեպարար արարողութիւններու վայելքը հմայած էր բոլոր մասնակիցները: Այդ արարողութիւնները շարունակուեցան նաեւ մայիս ամսուան ընթացքին` շրջանի հայ բնակչութեան պարգեւելով հաճելին ու օգտակարը համատեղելու հրաշալի առիթը:

Մայիսի վերջաւորութեան այս գործունէութիւններու եզրափակումը կատարուեցաւ դէպի Ժեզզին կատարուած պտոյտով մը, որ ընդմիջուեցաւ Մաղտուշէի Սէյտեթ Մանթարա եւ Մաշմուշէ գիւղի Սէյտեթ Մաշմուշէ վանքեր տրուած այցելութեամբ եւ հոգեպարար աղօթքներու եւ երգեցողութիւններու մատուցումով: Առաւօտեան ժամը ութին ճամբայ կ՛ելլէ մեր հանրաշարժը եւ կ՛ուղղուի դէպի հարաւ: Պտոյտին կը մասնակցէին նաեւ Նաքքաշի շրջանի հոգեւոր ժամու տիկինները: Խաչիկ քահանայ լաւ ծանօթ է բոլորին, որովհետեւ լաւ ծանօթ է նաեւ Ժիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծուխերուն: Այս պտոյտը հիանալի առիթ մըն էր իրարու քով բերելու հսկայ տարածութեան մը մէջ ցրուած հայութիւնը: «Հայր մեր»-ով սկսաւ մեր ճանապարհը կը շարունակուի աղօթքներով: Տէր հայրը հոգեւոր ու լեզուական-ոճական գիտելիքներու ամբողջ հարցարան մը պատրաստած էր, որպէսզի հաճելի զբաղումով տարուած` զգալի չըլլար ճանապարհին երկարութիւնը: Արդարեւ, կը հասնինք Մաղտուշէ, Աստուածածնի ուխտավայրը, որ օր մը առաջ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած էր որպէս քրիստոնէական համաշխարհային ուխտավայր:

Այստեղ չափազանց հետաքրքրական ու տպաւորիչ է Աստուածամօր քարայրը, ուր ապրած է ան ու պարբերաբար հանդիպած` իր Որդիին: Այստեղէն` անունը վանքին, Սէյիտեթ Մանթարա: Հնավայրին մէջ թէեւ կան երկու նոր եկեղեցիներ, սակայն առաստաղէն լոյս ստացող քարայրը, իր պարզունակ յարդարանքով, տեսակ մը խռովք կը պատճառէ այցելուին, որովհետեւ ամէն քար, ամէն անկիւն դեռ կը պահէ շունչը սուրբերուն: Քարայրը վկայութիւն է առաջին դարերու քրիստոնեաներու ապրած կեանքի դժուար պայմաններուն մասին: Այստեղ, նորակառոյց եկեղեցիէն ներս կ՛երգենք մեր հայկական «Հայր Մերն» ու «Տէր, ողորմեա»-ն ու կ՛ունկնդրենք տէր հօր կարճ, սակայն ոգեշունչ դասախօսութիւնը հայ կնոջ դերին մասին:

Արդարեւ, մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին հայ կինը եղած է կողակիցը եւ գործակիցը իր ամուսինին: Դեռ առաջին դարէն իսկ ան որպէս նահատակ ամրագրած է իր անունը հայոց պատմութեան մէջ: Դարերու ընթացքին կը հանդիպինք հայ կնոջ` որպէս մշակոյթի հովանաւորի ու հայ գիրի նուիրեալի, որպէս դաստիարակի ու բարեկարգիչի, որպէս կազմակերպիչի ու զինեալ պայքարի մասնակիցի` իր ամուսինին կողքին: Տէր հայրը շեշտեց յատկապէս այս օրերուն Արցախի մէջ նահատակուած մեր լոյս զինուորներուն սխրագործութիւնները ու անոնց մայրերուն տոկուն հայրենասիրութիւնը: Մեր «Տէր, ողորմեա»-ն կը հնչէ շատ սրտալի ու յուզումնառատ, որովհետեւ դեռ արիւնը թաց  է մեր սահմաններուն վրայ, ուր հակաքրիստոնէական մոլուցքէ տարուած մեր հակառակորդը յագուրդ կու տայ իր գազանային կիրքերուն: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը մատուցուի նախաճաշ, հիւթ, սուրճ: Կ՛ըմբոշխնենք մեզի մատուցուած բարիքները ու ճամբայ կ՛ելլենք դէպի հարաւ:

Մեր վերջին հանգրուանը Ժեզզին գիւղաքաղաքն է, հոն է, որ պիտի մատուցուի մեզի կէսօրուան ճաշը, սակայն կայ այլ սրբավայր մը եւս` Սէյտեթ Մաշմուշէն, որ մեզմէ շատերուն անծանօթ է: Համեմատաբար աւելի նոր է այս վանքը, 18-րդ դարուն հիմնուած, բայց երկու տարբեր առիթներով միաբաններու նահատակութիւն տեղի ունեցած է այստեղ, որուն պատճառով ալ վանքը ստացած է սրբատեղիի արժէք: Այստեղ նահատակ հոգեւորականներու գերեզմանին վրայ յուշարձան մը կառուցուած է յաւերժացնելու համար անոնց յիշատակը: Եւ մտածել, թէ այս եղեռնագործութիւնները կատարուած են նորագոյն պատմութեան ընթացքին, գրեթէ մեր օրերուն, եւ մտածել, թէ այսօր եւս նոյն եղեռնածին միտքը կը գործէ դեռ ամէնուրեք` ոչնչացնելով անմեղներ, բայց մանաւանդ` քրիստոնեաներ:

Այստեղ եւս հայերէն մեր երգը կ՛արձագանգէ եկեղեցւոյ ամուր պատերէն ներս` «Տէր, ողորմեա, տուր աշխարհիս խաղաղութիւն եւ հիւանդաց բժշկութիւն»: Նահատակութեան այս վայրին մէջ մեր աղօթքները աւելի անկեղծ են ու կը բխին սրտի խորքերէն: Ճամբայ կ՛ելլենք դէպի Ժեզզին: Գիւղաքաղաքի մուտքին, «Շալլալ» ճաշարանին մէջ յարդարուած սեղանները մեզ կը սպասեն: Ցուրտ է դուրսը, սաստիկ հով մը կայ, բայց ջերմացած են մեր հոգիները` բարի գործ մը կատարողի գոհունակութեամբ: Ճաշը կը մատուցուի անթերի բծախնդրութեամբ ու արագութեամբ: Յոգնած են բոլորը, բայց ուրախ: Հաճոյքով կը ճաշենք Տիրոջ ողորմածութեամբ մեզի մատուցած բարիքները եւ փառք կու տանք: Տէր հայրը շուրջ ժամ մը ընդմիջում կը յայտարարէ եւ առիթ կու տայ մեզի, որ շրջինք Ժեզզինի կեդրոնական շուկան: Խումբ-խումբ դուրս կու գանք մեր «կարեւոր առաքելութեան»:

Յատկանշական ոչինչ ունի շուկան, բացի աւանդական արուեստով մը պատրաստուած դգալեղէններէն, որոնք յատուկ են Ժեզզինին: Խանութներուն շքեղութիւն հաղորդող միակ յիշատակելի ապրանքը հոյակապ յարդարանքներով երիզուած դգալ-պատառաքաղ-դանակներ են, եւ բարեբախտաբար այդ արհեստը կիրարկող երէցներ կան տակաւին այստեղ: Կը հարցնենք գիները յատուկ տուփերու մէջ շարուած այդ հոյակապ ձեռագործներուն. շատ սուղ են, թերեւս արդարօրէն, որովհետեւ աչքի լոյս, ձեռքի շնորհ, ժամանակ ու տքնութիւն թափած են անոնց վրայ: Ժամ մը ետք կը վերադառնանք ճաշարան, ուր մեզ կը սպասէր հանրաշարժը: Աւարտած էր մեր ուխտագնացութիւնը, պիտի վերադառնանք մեր տուները, բայց ճամբան կարճ դադար մը եւս ունինք` Սայտայի ծովեզերեայ բերդը: Ոմանք արդէն ծանօթ են բերդին, ուրիշներ` ոչ: Կը քալենք թարմանալու համար: Շատեր նկարուելով` կ՛անմահացնեն իրենց կարեւոր նկատած պահերը: Նոյնիսկ փոքր կրպակներէն գնում ընողներ կ՛ըլլան, կին են ի վերջոյ…

Վերջին հանգրուանն է վերադարձի. կը տեղաւորուինք մեր հանգստաւէտ հանրաշարժին մէջ ու կ՛ուղղուինք դէպի հիւսիս: Ուրախ ենք, որ մեր ճամբորդութիւնը եղած է հեզասահ, Տէրը առաջնորդած էր մեր քայլերը, ու ահաւասիկ անփորձանք կը վերադառնանք մեր տուները` մաղթելով, որ ամէն տարի շարունակուէր այս աւանդութիւնը: Այս առիթով մասնակից բոլոր տիկիններուն կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք տէր Խաչիկին, որ միշտ ծառայութեան պատրաստ ոգիով մը կը ջանայ իմաստ հաղորդել իր եկեղեցւոյ ծուխերը կազմող հաւատացեալ ընտանիքներու հոգեւոր ապրումներուն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13472

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>