Ն. Մ.
ՄԿՆԻԿ անունը կրող «Երկլեզու աշխատանոց»-ը (MGNIG. Atelier bilingue franco-arménien) 1990-ին հիմնուած է Փարիզի մէջ: Գործունէութեան սկզբնական շրջանին երեքէն չորս տարեկան երեխաներ քով քովի բերած է` անոնց տրամադրելու համար կենսունակ հայերէն խօսելու վայր մը, այն համոզումով, որ տարեկիցներու միջեւ հանդիպումը եւ փոխանակութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի երեխաներու բերնին մէջ հայերէնը զարգանայ, աճի ու բարգաւաճի ներդաշնակ կերպով, նաեւ` երկու հայերէններուն միջեւ փոխադարձ ճանաչումի ու յարգանքի մթնոլորտի մը մէջ:
Այդ երջանիկ ու պատմական օրերէն ի վեր քառորդ դար անցած է: Առաջին սերունդի երեխաները մեծցած են, ու անոնցմէ ոմանք դարձած են իրենց կարգին ՄԿՆԻԿ-ի աշխատակիցներ, վարիչներ, «ուսուցչական» կազմի գործօն անդամներ (աւելի ուշ ներկայ զեկոյցին մէջ յստակ պիտի դառնայ, թէ ինչո՛ւ «ուսուցչական» բառը կը չակերտենք): Ուրիշներ դարձած են արուեստագէտներ, երաժիշտներ, մտաւորականներ` ցուցաբերելով միշտ ստեղծագործական արտակարգ ձիրքեր ու իրենց գործունէութիւնը ծաւալելով հայկական աշխարհէն ներս թէ դուրս, սփիւռքէն Հայաստան ու մինչեւ Արցախ, բայց միշտ մնալով ՄԿՆԻԿ-ի պատերէն ներս իրենց պատրաստական տարիներու ոգիին հաւատարիմ: Անշուշտ այս յարատեւութիւնը որքան աշխատանոցի ներքին յարաբերութիւնները ղեկավարող սկզբունքներուն արդիւնքն է, նոյնքան ալ` այդ սկզբունքները գործադրող անձնակազմին յաջողութեան: Այնպէս որ, այս գործը տարիներէ ի վեր կանգուն պահող խմբակը ու անոնց աշխատանքին հաւատացած ծնողները միասնաբար իրաւունքն ունէին յետահայեաց ակնարկ մը նետելու եւ հպարտութեամբ (ու քիչ մըն ալ` յուզումով) դիտելու իրենց կտրած ճամբան, երբ ՄԿՆԻԿ-ի ծննդեան 25-ամեակը կը պատրաստուէին հանդիսութեամբ տօնելու, թէկուզ` մէկ տարի ուշացումով:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 4 յունիս 2016-ին, մօտ երկու հարիւր հանդիսատեսներու ու մասնակիցներու ներկայութեամբ, Փարիզի Սուրբ Եղիսաբէթ անուամբ ծանօթ կաթողիկէ դպրոցին պատերէն ներս, որոնք ՄԿՆԻԿ-ի վերջին շրջանի ապաստանը հանդիսացած են: Փութաջան ու մանրակրկիտ աշխատանքով մը դպրոցին պատերուն փակցուեր էին աշխատանոցի գոյութեան տարբեր շրջաններուն մասին վկայող բազմաթիւ լուսանկարներ, սրահները նախօրօք լեցուեր էին տարիներու ընթացքին ՄԿՆԻԿ-ի տղոց կատարած ձեռային աշխատանքներով (կաւէ եւ խաւաքարտէ արձանիկներ, ամէն տեսակի գծագրական եւ գեղանկարչական առարկաներ), ու սեղաններուն վրայ դիզուեր էին աշխատանոցի պատասխանատուներուն կողմէ աշխատուած, յօրինուած կամ թարգմանուած ու պատկերազարդուած մանկական գրականութեան նմուշներ առաջարկող գրքոյկները, նաեւ` մասնակից տղոց կողմէ պատրաստուած երկու պարբերաթերթերուն բոլոր տրամադրելի համարները:
Պէտք է խոստովանիլ, որ գլխապտոյտ պատճառող ճոխութիւն մը կար այս ամբողջին մէջ: Եւ ի դէպ, մարդ կը զարմանայ, երբ տուն վերադարձած` կը փորձէ ՄԿՆԻԿ-ի կայքէջը բանալ համացանցին վրայ այն յոյսով, որ այդ բոլորէն գոնէ հետք մը պիտի գտնէ հոն ու կ՛անդրադառնայ, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանք չէ տարուած բացարձակապէս: Մասնաւորաբար օգտակար պիտի ըլլար առցանց ունենալ ՄԿՆԻԿ-ի անուան տակ եղած հրատարակութիւններու ցանկ մը, որ սա պահուս դժբախտաբար գոյութիւն չունի: Բայց այս երեւոյթն ալ, մեր կարծիքով, ՄԿՆԻԿ-ը ղեկավարող խմբակին հոգեբանութեան խօսուն ցուցանիշն է: Անոնք պէտքը չեն զգացած տարիներու ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքը ծանուցելու, գովազդելու եւ հռչակելու: 25-ամեակի տօնակատարութիւնը բացառիկ առիթ մըն էր սրբագրելու այդ ցուցաբերուած չափազանցեալ համեստութիւնը, որ կը մօտենայ գրեթէ գաղտնապահութեան:
Հանդիսութիւնը ՄԿՆԻԿ-ի գործունէութեան տարբեր երես մըն ալ ցոյց կու տար, այս անգամ` թատերական եւ երաժշտական բնոյթի, աշխատանոցին տղոց կողմէ ներկայացուած փոքր տեսարաններով ու բազմաթիւ խմբային երգերով, որոնց խօսքերն ալ այդ օրը ներկաներուն բաշխուած էին գրքոյկի մը ձեւը ստացած յայտագիրով մը: Հանդիսաւոր յետմիջօրէն ունէր նաեւ տեղեկատուական բաժին մը, քանի որ մէջ ընդ մէջ խօսք առին աշխատանոցին հին ու նոր վարիչները, յաճախ յուզումնախառն եւ երբեմն ալ` զուարճալի ելոյթներով: Սկիզբը խօսեցաւ Անի Կարմիրեան, որ աշխատանոցի գաղափարը յղացողը կը նկատուի ու ՄԿՆԻԿ-ի գործունէութեան հետ կենդանի կապը երբեք չէ խզած: Յիշեցնենք, որ 1997-էն ետք, Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ Յովնանեան վարժարանին տնօրէնուհիի պաշտօնը վարելէ ետք, այսօր Ա. Կարմիրեան Լիզպոնի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին մէջ արեւմտահայերէնի տարածման աշխատանքներուն կը տնօրինէ: Խօսեցաւ աշխատանոցին սկզբնական օրերուն մասին:
Իրմէ ետք խօսք առին` Արամ Քերովբեան, Արմինէ Գրիգորեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Անահիտ Սարգիսեան, Վաչէ Տեմիրճեան, Թալին Քորթեան եւ Վահան Քերովբեան, որոնք յաջորդաբար ՄԿՆԻԿ-ի գործունէութեան տարբեր երեսները պարզեցին, այսինքն արագ թւումով մը` աշխատանոցին իմաստը ու լեզուական կիրարկումը ստեղծագործական մակարդակի բերելու անհրաժեշտութիւնը, աւանդական երգացանկ մը կազմելու եւ փոխանցելու միտող ծրագիրը, թատերական գործունէութիւնը, մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ ձեռային եւ նկարչական աշխատանքը: Անահիտը իսկական բեմադրութիւն մը հրամցուց հեքիաթ պատմելու եղանակով ու մանկապարտէզի տարիք ունեցող տղոց հետ իր գործելակերպէն հրապուրիչ նմուշ մը նուիրելով: Մասնաւորաբար տպաւորիչ էին աշխատանոցը յաճախածներու առաջին սերունդին պատկանողներուն վկայութիւնները, քանի որ անոնք չափահասութեան հասած` անոր աշխատանքներուն բերած են իրենց պատկառելի բաժինը:
Այս ամբողջը ցոյց կու տայ արդէն իսկ ՄԿՆԻԿ աշխատանոցին իւրայատկութիւններէն քանի մը հատը. սերունդներու հերթականութիւնը եւ հերթափոխութիւնը, երկու հայերէններու ներդաշնակ գոյակցութիւնը, ձեռային ու ձայնային արուեստներու միջամտութիւնը եւ առաջին հերթին թերեւս` ընտանեկան մթնոլորտը, ծնողներու ներդրումը եւ բոլորին կողմէ գովելի ու տպաւորիչ յանձնառութիւն մը: Անշուշտ այս կէտերէն մէկը կամ միւսը կրնայ խախտիլ, սերունդներու հերթափոխութիւնը կրնայ կաղալ, երկու հայերէններու ներդաշնակ գոյակցութիւնը կրնայ տեղի տալ անհաւասարակշիռ յարաբերութեան մը, վարիչները կրնան յոգնիլ, ներդրումը կրնայ նուազիլ: Կարեւորը այն է, որ վառ մնայ աշխատանոցի սկզբնական ոգին, ու յարգուին հոն գործադրուած սկզբունքները: Սկզբո՞ւնք, ոգի՞: Ասոնց ետին առաջին մէկ օրէն կար, ըստ երեւոյթին, պայման մը, ստիպողութիւն մը, կամ թերեւս նախընտրելի ըլլար ըսել` ցանկութիւն մը:
Խօսքը հայախօս տղաք քով քովի բերելու ցանկութեան մասին է, որպէսզի անոնք ո՛չ թէ հայերէն սորվին, այլ հայերէնով ապրին միասնաբար: 25-ամեակի հանդիսութեան օրը լսուած բոլոր ելոյթներէն կարելի էր եզրակացնել, որ այդ ցանկութիւնը աշխատանոցի գործունէութեան հիմքը հանդիսացած է, անոր սկզբնակէտը: Բայց պէտք ունէր նաեւ երեւան բերուելու, բացայայտուելու` որպէս հիմք ու սկզբնակէտ: Այդ էր կարծես նպատակը այդ օրուան ծրագրին մաս կազմող կլոր սեղանին, որուն վերնագիր մըն ալ տրուած էր, քանի որ կը կոչուէր` «Միւս լեզուն` առանց սահմանի»:
Կլոր սեղանին մասնակիցներն էին ՄԿՆԻԿ-ի գործօն անդամներէն` Մարալ եւ Վահան Քերովբեաններ, Թալին Քորթեան, Նայիրի Խաչատուրեան եւ Անի Կարմիրեան, առաւել` այս առիթով Լոնտոնէն մասնաւոր հրաւիրուած Փիթըր Ուըրլին, որ «The Philosophy Foundation» անունով հիմնարկութեան պատասխանատու վարիչն է, եւ դպրոցական տարիքի տղոց հետ մտածողական (ու մինչեւ իսկ` փիլիսոփայական) զբաղումներ վարելու գաղափարին ծանօթ ջատագովը: Անոր մասնակցութիւնը կը պահանջէր անշուշտ, որ փոխանակութիւնները տեղի ունենան անգլերէնով: Բայց ատկէ աւելի կարեւոր` կ՛ենթադրէր, որ ծաւալող խօսակցութիւնը փոխանակ անդրադառնալու, օրինակ, երկլեզւութեան յարուցած հարցերուն կամ բերած նպաստներուն, զուգահեռ մը ստեղծէր կամ բաղդատական մը առաջարկէր ՄԿՆԻԿ-ի աշխատանոցին մէջ կիրարկուած մեթոտներուն եւ Փիթըր Ուըրլիի հիմնարկութեան կողմէ առաջադրուածներուն: Երկուքն ալ միտք արթնցնելու եւ միտք աշխատցնելու յատուկ ձեւեր զարգացուցած ըլլալով` այդպիսի զուգահեռ մը եւ բաղդատական մը (որ կրնար մինչեւ իսկ երկխօսութեան ձեւը որդեգրել) ի հարկէ լուսաբանող հանգամանք ստանալու կոչուած էին:
Հասկնալի է հետեւաբար, թէ ինչո՛ւ կլոր սեղանի այս գաղափարը յղացողները շեշտը պիտի դնէին միտք արթնցնելու-աշխատցնելու մտահոգութեան վրայ: Առաւել եւս` հայկական աշխարհին մէջ մտածելու արարքը, քննական ոգին, հարցում ծագեցնելու եւ հաստատումներ խնդրականացնելու սովորութիւնը հեռու են ըլլալէ ընթացիկ յատկութիւններ: Փիթըր Ուըրլիին հետ հանդիպումով կարծես թէ ուրեմն ՄԿՆԻԿ-ի պատասխանատուները ուզեր էին իրենց գործունէութեան դաշտը ընդլայնել, իրենց կատարած աշխատանքին մէջ «քննական»-ի եւ «խնդրականացում»-ի բաժինը ընդարձակել, մինչեւ հիմա եղածէն անդին` նոր հորիզոն մը նուաճել: Եւ պէտք է իրօք խոստովանիլ, որ ՄԿՆԻԿ-ին ծնունդ տուող արմատական ոգին շատ մը հասարակաց կէտեր ունի միշտ հարցումներ հարցնող, երբեք պատասխաններով չգոհացող, ամէն ինչ վերստին քննարկումի ենթարկող եւ, ուրեմն, առանց քննարկելու հաւատալը ամբողջովին բացառող «փիլիսոփայական» կեցուածքին հետ: Իրարմէ սորվիլը հնարաւոր էր, որքան ալ հայ երեխաներու լիովին երկլեզու աշխարհը հեռու թուէր ըլլալ անգլիացի դաստիարակի մը եւ իր սաներուն շրջանակը կազմող աշխարհէն:
Ճիշդ է, որ երկու կողմերը բաւական ծանօթ չէին իրարու: Կլոր սեղանին մասնակցող ՄԿՆԻԿ-ի գործօն անդամները նոր պիտի ծանօթանային Փիթըր Ուըրլիի զարգացուցած հարցադրումի ձեւերուն: Իսկ Փիթըր Ուըրլին ալ, իր կարգին, նոր պիտի ծանօթանար աշխատանոցէն ներս ծաւալած կերպերուն, որոնք իրենց մարմնական-ձայնային-ձեռային եղանակներով նոյնպէս կը քակեն, կը կազմալուծեն հաւատքի վրայ հիմնուած կարծիքները ու կը հարցադրեն հին ու նոր համոզումները: Այո՛, ՄԿՆԻԿ-ի անդամները պէտք ունէին նախ գիտնալու, թէ ի՛նչ ձեւով կը գործադրուէր արմատական հարցադրումը` որպէս դաստիարակչական սկզբունք, եւ հակառակ ուղղութեամբ` այդ սկզբունքը գործադրողը պէտք ունէր գիտնալու, թէ իր խօսակիցները մարմնականի-ձայնայինի-ձեռայինի ճամբով ինչպէ՛ս կը հասնէին նոյն արդիւնքին ու այդպէսով իրենք զիրենք ազատ կը կացուցանէին եւ ձեւով մըն ալ իրենց լեզուն կ՛ազատագրէին հայկական աշխարհին յատուկ սահմանափակումներէն: Այդ սահմանափակումներուն ամէնէն ընթացիկը ըլլալով պարտադիր ինքնութեան մը եղանակներուն ենթարկուած ըլլալը, բան մը, որ անխուսափելի է կարծէք, երբ հաւատալու վրայ հիմնուած է սերունդներու դաստիարակութիւնը, եւ ոչ թէ` հարցադրող ուժին, հարցադրումի եւ բացայայտումի ոգիին վրայ:
«Միւս լեզուն` առանց սահմանի», «L՛autre langue sans frontières»: Ա. Կարմիրեան կլոր սեղանին շուրջ իր միջամտութեան սկիզբը այդ վերնագիրին իմաստը փորձեց քանի մը նախադասութեամբ բացատրել: Խօսքը անշուշտ ծայրագոյն ցրւումի օրէնքին տակ ապրող լեզուի մը մասին է, որ պէտք չունի այլեւս անուն ստանալու, քանի որ «միւս լեզուն» կրնայ այս իմաստով որեւէ լեզու ըլլալ: Բոլոր լեզուները կրնան օր մը դատապարտուիլ այդ վիճակին, ի դէպ` անգլերէնն ալ, ֆրանսերէնն ալ: Ահաւասիկ ուրեմն լեզու մը, որ սահման չունի, երկրի մը մէջ չ՛ապրիր, աներկիր է բացարձակապէս: Առաջին իմաստն էր վերնագիրին եւ առաջին նպատակը, ըստ Անի Կարմիրեանին, «աներկիր լեզու»-ի աներկրութիւնը հաստատել, փորձընկալել, որպէս այդ, ու այդ ձեւով նաեւ սկիզբէն մտածել մեր խօսած ու գրած լեզուներուն ճակատագիրին ու օրինավիճակին մասին:
Եւ ի վերջոյ, արեւմտահայերէնը նոյնքան «առանց սահմանի» էր իր ծննդեան տուայտանքներու օրերուն, Մխիթարեան հայրերու ճպոտին տակ իր հրաշալի յայտնութեամբ: Բայց վերնագիրը ունէր նաեւ երկրորդ իմաստ մը, այս մէկը` աւելի պարտաւորական բնոյթի, քան թէ` հաստատական, քանի որ մեր ուսերուն դրուած է այսօր մեր «միւս» լեզուն, մեր «աներկիր» լեզուն զարգացնելու պարտաւորութիւնը` առանց ազգայնական սահմանափակումի, զայն բանալու աշխարհին, զայն դարձնելու աշխարհընկալումի դաշտ մը եւ գործիք մը:
Անշուշտ, ինչպէս ըսինք ասկէ առաջ հիւրաբար խօսք առնող Փիթըր Ուըրլին այդ հարցերուն ուղղակի անդրադառնալու հնարաւորութիւնը չունէր, քանի որ անոնք նոր էին իրեն համար: Բայց շատ դիպուկ կերպով միջոցը գտած էր «Միւս լեզուն` առանց սահմանի» վերնագրին յարմարելու եւ խօսակցութեան մէջ իր լուման բերելու: Իր ստեղծած «Փիլիսոփայական հիմնարկութեան» գործունէութիւնը ներկայացնող կարճ յառաջաբանէ մը ետք, որոշած էր ի հարկէ փոքրերուն հետ ծաւալած խօսակցութիւններէն նմուշ մը ներկայացնել, եւ ուրեմն պատկերազարդ գիրքի մը էջերը դարձնելով` լեզուի չեկած եւ այդուհանդերձ իր միջոցներով արտայայտուող մանուկի մը պատմութիւնը պատմել, որպէսզի կարենար վերջաւորութեան հարցնել, թէ այդ արտայայտուիլը «խօսի՞լ» էր արդեօք: Այդ շատ պարզ հարցումով կլոր սեղանին շուրջ նստած մասնակիցները մտածելու եւ վիճարկելու կը մղէր, «ի՞նչ է խօսիլը» խնդրին շուրջ, որուն ետին ենթադրուած էին «ի՞նչ է լեզու մը», «ի՞նչ են լեզուական արտայայտութեան իւրայատկութիւնները» հարցումները:
Ինչպէ՞ս կը ծագի լեզուն երեխայի բերնին մէջ: Բանականութեան ճամբաներէ՞ն անցնելով: Յուզումներու դրսեւորումէ՞ն օգտուելով: Հանդիսատեսներն ալ իրենց կարծիքը ունէին եւ իրենց պատասխանները բերին այդ հարցումներուն, երբեմն` տեղին, երբեմն ալ, պարզ է, անտեղի: Ամէն պարագայի վստահ ենք` ՄԿՆԻԿ-ի գործօն անդամները ուրիշ առիթներ պիտի ունենան տղոց հարցադրումի եւ փաստարկումի կարողութիւնները հրահրող այդ մանկավարժական սկզբունքներուն հետ ընտելանալու եւ ի հարկին` Փիթըր Ուըրլիի հետ արդիւնաւէտ կերպով գաղափարներ փոխանակելու:
Մինչ այդ ներկայ զեկուցումը կ՛ուզենք վերջացնել Անի Կարմիրեանի ելոյթին աւելի հանգամանօրէն արձագանգելով: Իր ելոյթին երկրորդ բաժինով Ա. Կարմիրեան ամփոփեց ՄԿՆԻԿ աշխատանոցին գործունէութեան ուղղութիւն տուող սկզբունքները, ու կ՛արժէ անոնց անդրադառնալ անգամ մը եւս, քանի որ արեւմտահայերէնի ապագան է, որ խնդրոյ առարկայ է այդտեղ: Յարասական ձեւով պիտի կրկնենք այդ սկզբունքները, ինչպէս որ լսեցինք զանոնք իր բերնէն, անգլերէն լեզուով նախ, յետոյ իր իսկ կողմէ` հայերէն բանաձեւումով: Պարզուածը պիտի ըլլայ տասնաբանեայ մը, որ ունի ո՛չ թէ տասը, այլ տասնհինգ հրամայականներ, դուք ըսէք` պատուիրաններ:
1) Ամէնէն ուշը` երեք տարեկանին երեխաները պէտք ունին իրենց լեզուն խօսող ուրիշ տարեկիցներու կանոնաւոր կերպով հանդիպելու: 2) Անհրաժեշտ է անոնց համար ստեղծել բնական շրջանակ մը, եւ ուրեմն խորքին մէջ` ի չգոյէ ստեղծել (անգլերէն գործածուած բառն էր` in vitro) այդ բնականութիւնը: Ա՛յդ է ՄԿՆԻԿ-ին կատարածը Փարիզի մէջ: 3) Շրջապատին «պատեր»-ը նուազ կարեւոր են, քան միջուկը: Նոյն բանը տարբեր բառերով ըսուած` չի բաւեր դպրոցներ կառուցել: Պէտք է նաեւ խորհիլ մանկավարժական մօտեցում մը որդեգրելու եւ համապատասխան անձնակազմ մը պատրաստելու մասին: 4) Միշտ անկախ կազմակերպութիւն մը մնալ, հայկական համայնքէն ներս ուրիշ միաւորներու չկապուիլ, եւ անոնց մէկուն կամ միւսին անունին հետ առնչուած վայրեր չընտրել: 5) Այնպէս մը ընել, որ տղաքը լեզուն ընկալեն որպէս աշխարհին բացուող պատուհան մը: 6) Պահպանումի բոլոր նշաններէն ու խորհրդանիշներէն անպայման խուսափիլ: Կեդրոնանալ լեզուին վրայ եւ ո՛չ թէ «հայկականութեան» նախասահմանուած, ենթադրեալ եւ հինցած արժէքներուն: 7) Դիմագրաւել երկու հայերէններու համերաշխ գոյակցութեան մարտահրաւէրը: 8) Միշտ յարգել «մէկ անձ, մէկ լեզու» պարզ, բայց հիմնական ռազմավարութիւնը (իւրաքանչիւր չափահաս տղոց հետ կը հաղորդակցի մէկ ու միակ լեզուով մը): 9) Աշխատանոցէն դուրս տղոց ունեցած փորձառութիւնը յարգել եւ յարգելէն անդին` ներառել հայալեզու անոնց աշխարհէն ներս: Նկատի առնել անոնց տարիքին համաձայն ամբարուած գիտութիւնը, եւ ուրեմն միշտ աչք մը ունենալ ֆրանսական դպրոցին մէջ իրենց սորվածներուն վրայ: 10) Ըլլալ ուղեկից, ո՛չ թէ ուսուցիչ: ՄԿՆԻԿ-ը աշխատանոց մըն է, ո՛չ թէ դպրոց մը: Գործօն անդամները ուսուցչական պաշտօն չեն վարեր: Չունին տղոց փոխանցելիք նախագոյ գիտութիւն մը: Կը յարմարին սփիւռքի յարաշարժ ու յարափոփոխ վիճակին: 11) Սորվիլը կ՛ենթադրէ տարբեր տարիքներու միջեւ փոխներգործութիւն մը: Բոլորը կը սորվին միաժամանակ: Տղոց լեզուական ու դաստիարակչական կարիքներն են, որ կը ղեկավարեն լման գործողութիւնը: Չափահասներուն կը մնայ միայն օգնականի դեր կատարել` երիտասարդներուն աճումով մտահոգուած: 12) Զարգացնել տղոց մտածումի կարողութիւնները, երեւակայութիւնը, ստեղծագործական դրամագլուխը: 13) Լայն տեղ տալ ուրեմն արուեստներուն, թատրոնին, երաժշտութեան: 14) Ձեր առաջին մտահոգութիւնը թող ըլլայ ամէն վայրկեան եւ բոլոր պարագաներուն` տղոց ուրախութիւնը: 15) Լեզուն ապրեցնել հաւաքական մթնոլորտի մը մէջ: Միասնական յիշողութիւն մը ստեղծել` հինգ զգայարանքները օգնութեան կանչելով:
Ասո՛նք էին Ա. Կարմիրեանին զարգացուցած պատուիրանները: Որպէս յօդուածագիր` արտօնուած ենք աւելցնելու տասնվեցերորդ պատուիրան մը, որ Անի Կարմիրեանի թաքուն ուղեցոյցը կը թուի կազմել: Հետեւեալ ձեւով պիտի հնչէր ան. «Այնպէս մը ըրէ՛, որ միտքդ եւ մարմինդ երբեք չգտնուին նոյն երկրին մէջ, որպէսզի միւս լեզուդ դառնայ իրապէս աներկիր, այսինքն` անսահման»:
«Նոր Յառաջ» երկօրեայ