Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Հայ Ճեմարանի Անդարձ Օրերէն Յամեցող Քաղցր Յուշեր

$
0
0

College_Armenien_Neshan_Pallanjian_--Beirut_Lebanon

Յ. Է.

Հայ ճեմարանի մեծ ընտանիքի յարկին տակ բոլորած եմ դպրոցական կեանքիս քաղցրագոյն վեց տարիները:

Բախտաւոր սերնդակիցներս եւ ես մօտէն եւ ամէնօրեայ շփումներով վայելած ենք անկրկնելի դէմքերու` Լեւոն Շանթի, Կարօ Սասունիի, Գառնիկ Գիւզալեանի, տիկին Գոհարի, տիկին Եոլանտի, պր. Սուրէն Շանթի, Սիմոն Վրացեանի, սըր Քէհէեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի մտերմութիւնը, ու երբեմն ալ` կրած` անոնց «կծու», այլ տեղին նշմարներու «խայթոց»-ները:

Այսօր, Ճեմարանի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով, կը փափաքիմ վկայել հոս այդ օրերէն մնացած փունջ մը յամեցող քաղցր ու զուարճալի յուշերու մասին:

1) Տիկին Եոլանտ Աճեմեանի նշմարներէն.-

1952 թուական, մայիս ամիս, ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան ընթացիկ դասապահը կը սկսի:

Ներս կը մտնէ, արագ քայլուածքով, կոկիկ ու մի՛շտ ճաշակաւոր հագուածքով, միշտ երիտասարդ տիկին Եոլանտը:

Ան որքան բծախնդիր` ֆրանսերէն լեզուի ուսուցման եւ մաքուր գործածութեան, միաժամանակ կը հետաքրքրուէր աշակերտներուս նիստ ու կացով, հանդերձանքի ընտրութեամբ, դէմքի եւ մազերու յարդարանքներով:

Ա՛յդ օրը ան արագ զննողական ակնարկով կը մաղէ մեզ ու յանկարծ քմծիծաղով մը կը գոչէ` հայեացքը ուղղութեամբս սեւեռելով. «Ի՞նչ կը տեսնեմ, հոն, հեռուն սեւութիւն մը կ՛ուրուագծուի դէմքիդ հորիզոնին վրայ», որ թարգմանի` ֆրանսերէնով… «Qu’est ce que je vois, là-bas au fond?, «Une noirceur s՛estompe à l՛horizon de votre visage».

Այդ օրերուն, որպէս դէմքի նորոյթ յարդարանք, պեխ եւ այծեմօրուք մը սկսեր էի աճեցնել` միամիտ սնափառութեամբ:

Ու դասարանին աղջիկ-տղայ, բոլոր ընկերներս,   կուշտ ու կուռ կը խնդան ի լուր տիկին Եոլանտի հաճելի նշմարին:

Կ՛որոշեմ առաջին առիթով իսկ ածիլել եւ անհետացնել դէմքիս ստուերացող պեխն ու մօրուքը` նմանօրինակ նշմարներու եւ հետագայ քաշքշուքներուն զոհը չդառնալու անմեղ մտահոգութեամբ:

2) Ճեմարանի առաւօտեան դասապահերը աղօթքով սկսելու անկիւնադարձային որոշումը.

Ճեմարանի հիմնադիր տնօրէն Լեւոն Շանթի մահէն ետք` 1950 թուականէն սկսեալ, նոր տնօրէնը` Սիմոն Վրացեան (1951-52 տարեշրջան), կ՛որոշէ դպրոցական աշխատանքները առաջին դասապահէն առաջ աղօթքով սկսիլ:

«Դպիրի» դերով աշակերտի մը փնտռտուքը եւ ձայնաւոր դպիր անձին նշանակումը կը յանգի, Գառնիկ Գիւզալեանի կողմէ տիտղոսուած`  «Դամասկոսի թեմին առաջնորդ» անձիս գիւտին:

Այնուհետեւ ես պիտի ըլլայի ճեմարանի առաւօտեան դասապահերը ծաղկեցնող  «տիրացուն»:

Սկիզբները տատամսումով ու երկչոտ վարանումով «Հայր Մեր»-ին կամ «Առաւօտ լուսոյ»-ին ինծի ձայնակցելու սկսան Նոր Սիսի Աքսոր Գասարճեան վարժարանէն, կամ Նոր Մարաշի Քառասնից Մանկանցէն, կամ «քաղաքի»  եւ Սուրբ Նշանէն Ճեմարան յաճախող  խայտաբղէտ «դպիրները», որոնք կրօնական աւանդութիւններու փորձ ունեցող ազգային հաստատութիւններէն Ճեմարան կու գային:

Ճեմարանի աննման հսկիչ տիկին Գոհարին տուած հինցած զանգին ազդանշանով եւ սրահին կատարեալ լռութիւն պարտադրելէ ետք, ես բարձրաձայն կը սկսէի «Հայր Մեր» կամ «Առաւօտ լուսոյ» շարականները երգել` ըստ մուսաներուս օրուան ներշնչումին: Ապա ինծի կը հետեւէին` Նահրէն` Պուրճ Համուտէն վկայեալ դպրաց դասի անդամները:

Ճեմարանէն ներս, 1951 թուականէն սկսեալ, պատանիի հպարտութեամբ, կրօնաբոյր մթնոլորտի տարածման առաջին տիրացուն դարձայ Լեւոն Շանթի կրօնական երաշտի ձիգ տարիներէն ետք…

3) Հայ ճեմարանի մշտարթուն եւ անկրկնելի հսկիչը` տիկին Գոհար Յովհաննէսեանը.

Երկա՜ր տարիներ ամբողջական նուիրումով եւ խստապահանջ հետեւողութեամբ, մնաց Ճեմարանի մշտարթուն ու ամենահաս ներկայութիւն հաստատող հսկիչը` հինցած, ծուռ կոթով զանգակը մի՛շտ աջ ձեռքին եւ հնամաշ կաշիէ պայուսակն ալ ձախ թեւին:

1951 թուականին, առաւօտ մը, ժամը` 8:05-ին, աշակերտները արդէն մտած են իրենց դասարանները: Գ. դասարանի արաբերէն լեզուի պահն է: Անթուան Պուսթանի հայասէր ուսուցիչը ներկայութիւն կը ստուգէ:

Հինգ վայրկեանի ուշացումով, հեւալով կը հասնիմ Ճեմարան: Պուրճ Համուտէն ամէն օր` հանրակառքով կը հասնիմ Սուրբ Նշանի վերելքը ու  գրեթէ վազելով կը մտնեմ դասարան: Մուտքին անակնկալօրէն տիկին Գոհարը արդէն դիմացս է եւ կ՛ըսէ.

– «Ա՛յ տղայ, ուշացել ես, շո՛ւտ մտիր դասարան». ու ես հապճեպով առաջ անցայ` ուշացումիս պատճառը մռլտալով.

«Տիկի՛ն, հանրակառքին անիւը պայթեցաւ անակնկալօրէն»:

Ու կը մտնեմ դասարան` կարծելով, որ հարցը փակուած է ընդմիշտ…

Հազիւ հինգ վայրկեան ետք տիկ. Գոհարը  դուռը կը բանայ ու բարկաճայթ… զիս դուրս կը «հրաւիրէ» եւ յանդիմանական շեշտով կ՛ըսէ.

«Ա՛յ տղայ, չե՞ս ամաչում, ինչպէ՞ս թէ հանրակառքի անիւը պայթել է: Չկրկնուի, տէ հիմա մտի՛ր դասարան».

Մինչեւ օրս զղջումի խորունկ զգացում մը կը պատէ հոգիս` ամէն անգամ անախորժ միջադէպը վերյիշելով:

Արշակ Յովհաննէսեան հանրային եւ կուսակցական գործիչին սքանչելի կեանքի ընկերոջ` տիկին Գոհարին հանդէպ պատանիի անպատասխանատուութեամբ, անյարգալից վերաբերմունքիս համար: Վստահ եմ, որ իր բարի հոգին երկինքներէն անպայման ներած է մանկամիտ կատակը: Թող իր յիշատակը վառ մնայ մեր հոգիներուն մէջ:

4) Կարօ Սասունիի գրականութեան դասապահէն առաջ.

1954 թուականին, ապրիլեան օր մը: Բ. լսարան:

Կը սպասենք, որ գրականութեան մեր ուսուցիչը` Կարօ Սասունին դասարան հասնի ծանրաքայլ:

Տակաւին չենք տեղաւորուած մեր գրասեղաններուն առջեւ, եւ սովորական իրարանցում մը կը յամենայ տակաւին:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Folk Dance Festival-ին մասնակցելիք Ճեմարանի պարի խումբին պարակից ընկերուհիս է` կլորիկ, ճերմակ դէմքով, կարմիր այտերով, միշտ ներողամիտ, բարի ժպիտով Մարօ Գալենտերեանը (ամուսնացած, այժմ բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզիի շրջան):

Մեր դասարանի մուտքի դռնէն սկսեալ մէջքէն գրկած եմ Մարոն, եւ կ՛ուղղուինք դէպի իր գրասեղանը:

Յանկարծ դասարանի դրան մօտ կը յայտնուի «ամենայն տեղ միշտ ներկայ» տիկին Գոհարը: Եկած է կարգի հրաւիրելու անկարգ տղաքը:

Զիս Մարոյին գրկած վիճակի մէջ տեսնելով` խոժոռադէմ կը գոչէ.

«Ա՛յ տղայ, չե՞ս ամաչում, ի՞նչ ես անում…»:

Ես առանց երկար-բարակ մտածելու` կը պատասխանեմ.

– Տիկի՛ն, Մարոյին ոտքը կը ցաւի, այդ պատճառով զինք գրկած իր տեղը կը հասցնեմ:

Անշուշտ գոհ չմնաց տուած պատասխանէս. մատը թափ տալով` հեռացաւ դասարանէն, Կարօ Սասունի ուսուցիչին ժամանումին սպասելու խիստ հրահանգով:

5) Լեւոնիկ Շանթ կը կարդայ ընդհանուր պատմութեան գիրքէն կատարած շրջանի մը ամփոփումը.

1953 թուական: Գառնիկ Գիւզալեանի պատմութեան դասապահն է:

Պր. Գիւզալեանը` պատմութեան հմուտ մասնագէտ, Փրակայի համալսարանէն ընթերցաւարտ, պատմաբան մեր ուսուցիչը ապարանցի է ծագումով, եւ հիմուրով լեցուն անձնաւորութիւն է, պատմութեան չոր ու ցամաք նիւթի կողքին: Ան իր նուրբ խայթոցներով, շատ յաճախ պատմութեան նիւթէն հեռու, աշակերտները կը քաշքշէր եւ իր զոհերը կը դարձնէր:

Ան պատկերաւոր հարուստ որակումներ «շնորհած» է իր «զոհ» աշակերտներուն, եւ ըստ իր հայեցողութեան կը գործածէ դասապահերուն:

Օրինակներ` իր «շնորհած որակումներէն». «Տիար եպիսկոպոս», «Աբեղայ», «Դերասանուհի օրիորդ», «Օրդ. ձնծաղիկ», «Ոսկեբերան» (երբ հակառակը պիտի ըսէր` լռակեաց, բայց սորվող աշակերտին), «Յիմարների իշխան», «Կռփամարտիկ», «Դերձիկ պարոն», անարժան նկատուած ճեմարանականին կը կոչէր` «Թեկնածու ապշարան»-ի, «Ապարանի գոմէշ», «Օրդ. Քրիզանթեմ», «Սեդա» («Հին աստուածներ»-ու հերոսուհի», «Դամասկոսի թեմի առաջնորդ» (անձիս տիտղոսը)` դամասկածին ըլլալուս իրողութեամբ:

Նոյն 1953 թ-ի օր մը: Միջնադարի պատմութեան դասապահն է, օրուան զոհը` Լեւոնիկ Շանթ, Ճեմարանի հիմնադիր` Լեւոն Շանթի թոռնիկը. պիտի ներկայացնէ ամփոփումը իրեն տրուած պարտականութեան` «Միջնադարի աւատապետական սիստեմը»:

Լեւոնիկը կը սկսի կարդալ իր գրածը, որ կարծես հապճեպով կատարուած թարգմանութիւնն է ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած դասագրքէն. այս գիրքը յանձնարարուած էր պարոն Գիւզալեանին կողմէ: Անմիջապէս աւելցնեմ, որ նոյնօրինակ գիրք մը հայերէնով հրապարակուած չէր տակաւին, եւ վերեւի յիշուած միջնադարի պատմութիւնը ֆրանսերէնով թելադրուած էր նոյն ինքն պարոն Գիւզալեանէն:

Գիւզալեանը երբեմն-երբեմն քաջալերական թոնով կ՛ըսէր Լեւոնիկին. «Շարունակիր նոյն ոգով». Լեւոնիկը կը շարունակէ կարդալ ու վերջապէս կ՛աւարտէ տկար հայերէն թարգմանութեամբ ներկայացուցած միջնադարեան ամփոփագիրը:

Գիւզալեան ակնարկելով ամփոփ ամփոփագրին` սրամտօրէն կ՛եզրակացնէ.

«Ձեր հայերէնի ուսուցիչը մի ոտքով է կաղում, իսկ էս հայերէնը երկու ոտով…»` ակնարկելով` Կ. Սասունիին, որուն անձին հանդէպ մեզի անծանօթ պատճառներով հակառակութիւններ կը դրսեւորուէին երբեմն:

6) Յակոբ Կիւրինեանի նշանաւոր «Doutez,  պապա՜, doutez…»-ն.

1953 Հայ ճեմարանէն ներս, Գ. լսարանի ուսանող Յակոբ Կիւրինեանն է տիկին Եոլանտի արդարամտօրէն «գնահատուած» օրուան հերոսը: Այս մանրանկար դէպքը բարձրագոյն դասարանին մէջ պատահած է, եւ սակայն կայծակի արագութեամբ շրջան ըրաւ Հայ ճեմարանէն ներս:

Նիւթը մաքուր ֆրանսերէնով Յակոբ Կիւրինեան ուսանողին ներկայացուցած ընթացիկ շարադրութիւնն է (dissertation), եւ տիկին Եոլանտը կը կասկածի տեղին, որ յիշեալ շարադրութիւնը Կիւրինեանի կողմէ շարադրուած է` նկատի ունենալով Յակոբին ֆրանսերէն լեզուի տկար ուսանող մը ըլլալուն նախընթացը:

Ուրեմն, տիկին Եոլանտը կը դժկամակի իր նշանակած գնահատական նիշը փոխելու եւ Կիւրինեանի ակնկալութիւնը` բարձր նիշ «շնորհելու» պահանջը, բառացի կերպով իր կասկածանքը ձեւակերպելու ֆրանսերէնով հետեւեալ բառերով.

«Je doute que cette dissertation est le fruit de ton honnête travail…»:

Տիկին Եոլանտի կասկածները կրնային հիմնաւորուած ըլլալ, որովհետեւ մենք յաճախ կ՛օգտագործէինք «dissertation» քլիշէ պատճէններու ֆրանսերէն հնատիպ գրքեր, զորս ճարպիկ ու հնարամիտ «գիտուն ուսանողներս» աժան գիներով կը գնէինք Պէյրութի «Կրան թէաթրի» շարքին կայք հաստատած հին եւ սպառած գիրքեր վաճառող պատահական գրատուներէն:

Խօսքի եւ քաշքշուքի նիւթ կը դառնայ այս փոխասացութիւնը` ստիպելով Յակոբ Կիւրինեանին ճարահատ բացագանչելու…

– «Doutez, պապա՜, doutez…»:

1952 տարեշրջանին Ճեմարանի գրեթէ բոլոր դասարաններէն ներս տիկին Եոլանտի այս դիպուկ նշմարը շրջան կ՛ընէր եւ ժպիտ կ՛առթէր:

Տեղին է հոս յիշատակել Յակոբ Կիւրինեանի դասընկերներէն Սարգիս Զէյթլեանը, Գրիգոր Նգրուրեանը, Քարմէն Պուտաքեան-Տէր Կարապետեանը, Ֆիմի Աղասարգիսեանը, Նազելի Մալխասեանը, Յակոբ Արթինեանը, Վարդիվառ Չոքաքլեանը, Մելինէ Չիլինկիրեանը եւ ապագայի յարգուած սրտաբան բժիշկ Զաքար Մկրեանը, որ դարձաւ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ:

Վերոյիշեալ դասարանի ընթերցաւարտներէն շատերուն վերապահուեցաւ դառնալու` ազգային-կուսակցական գործունէութիւն ծաւալող անձնաւորութիւններ` պատիւ բերելով զիրենք ծնող անկրկնելի 75-ամեայ Հայ ճեմարանին:

Պէյրութ` յունիս 2005


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>