Վերոյիշեալ հաստատումը կատարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը չորեքշաբթի, 22 յունիս 2016-ի առաւօտուն` ընդունելով Հոլանտայի գլխաւոր թերթերու թղթակից Մարքոն Փոնթալը: Թղթակիցը Միջին Արեւելք ղրկուած է Հոլանտայի թերթերուն համար իր արժեւորումներն ու մեկնաբանութիւնները կատարելու Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն նկատմամբ, ու միաժամանակ զեկուցում մը պատրաստելու Հոլանտայի եկեղեցիներուն համար, այս պարագային շեշտելով քրիստոնէութեան ներկայութիւնը եւ մանաւանդ ապագան շրջանին մէջ:
Արամ Ա. կաթողիկոս նախ ընդհանուր ակնարկ մը նետելով Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան ըսաւ. «Պէտք չէ զարմանալ ի տես շրջանի անկայուն վիճակին: Միջին Արեւելքի պատմութեան ծանօթ ոեւէ մէկուն համար անբնական կամ տարօրինակ չէ շրջանին պարզած ներկայ կացութիւնը: Յետադարձ ակնարկով նայեցէք Միջին Արեւելքի պատմութեան: Արդարեւ, բախումներով, հակազդեցութիւններով, լարուածութիւններով, բեւեռացումներով ու նոյնիսկ արիւնալից պատմութիւններով լեցուն պատմութիւն մը ունեցած է Միջին Արեւելքը, որուն ընկերութիւնը միշտ եղած է բազմակրօն, բազմաձեւ ու բազմամշակոյթ: Սակայն ծայրայեղ իսլամական շարժումներու յառաջացումը շրջանը այսօր դրած է նոր վտանգներու դիմաց»:
Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը. «ա) Իսլամ ու քրիստոնեայ համայնքները երկար դարեր միասին ապրած են. ճիշդ է, երբեմն որոշ բախումներ ու դժուարութիւններ ունեցած են, սակայն փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ ամրացած գոյակցութիւնը, շրջանի պատմութեան ամէնէն դրական երեւոյթներէն մէկը եղած է եւ կը մնայ: բ) Ճիշդ չէ ներկայ ծայրայեղ կամ արմատական իսլամական շարժումները բնորոշել իբրեւ հակաքրիստոնէական երեւոյթներ: Անոնք դէմ են բոլոր անոնց (որեւէ կրօնի պատկանող, ներառեալ իսլամ), որոնք իրենց կրօնական գաղափարախօսութիւնները չեն բաժներ: գ) Ծայրայեղ այս շարժումները կը ներկայանան տարբեր անուններով, դիմակներով ու մեթոտներով. սակայն զանոնք միացնող հասարակաց յայտարարը իրենց գաղափարախօսութիւններն են` կրօնական քողին տակ ծածկուած: դ) Նոր ժամանակներու այս չարիքը միայն Միջին Արեւելքին յատուկ երեւոյթ մը չէ, այլ համամարդկային չարիք է, որ զանազան կերպերով ինքզինք կ՛արտայայտէ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ»:
Ապա վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ «համամարդկային բնոյթ ունեցող այս չարիքը համամարդկային ճիգով պէտք է դիմագրաւել: Այլ խօսքով` պետութիւններ, կրօններ, ընկերութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցներ իրենց բոլոր կարելիութիւնները` տնտեսական, կրօնական, քաղաքական ու ռազմական, ի գործ պէտք է դնեն արմատախիլ ընելու այս չարիքը ընկերութեան կեանքին մէջ: Նման աշխատանքի պէտք է շուտով լծուիլ, արդէն ուշ է: Այս աշխատանքին առաջին քայլը պէտք է ըլլայ չէզոքացնել այն աղբիւրները, որոնք զանազան ձեւերով նեցուկ կը կանգնին նման շարժումներու` ինչ-ինչ նպատակներէ մեկնելով»:
Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս միշտ պատասխանելով թղթակիցի հարցումներուն, իր խօսքը կեդրոնացուց նախ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ ապա հայ համայնքին շուրջ. «Միշտ յիշեցուցած ենք Արեւմուտքին, թէ քրիստոնեայ համայնքները կը պատկանին շրջանին, անոնք եկուոր չեն, գաղթական չեն` անոնք իրենց արմատները ունին շրջանին մէջ: Պատմութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է այս ուղղութեամբ: Քրիստոնէութեան ծննդավայրը հոս է, քրիստոնէութեան մեծագոյն իրագործումները այս շրջանին մէջ կատարուեցան: Հետեւաբար, մենք այս հայեցակէտով պէտք է մօտենանք քրիստոնէութեան ներկայութեան Միջին Արեւելքին մէջ: Ճիշդ է, ֆիզիքական ներկայութեան իմաստով քրիստոնէութիւնը մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ յատկապէս Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներու, իսրայէլեան-արաբական պատերազմներու եւ վերջին շրջանին Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի տագնապներուն հետեւանքով: Սակայն քրիստոնէութիւնը միշտ ներկայ է ու ամրօրէն կառչած իր իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ արեւմտեան երկիրները փոխանակ իրենց մտահոգութիւնը արտայայտելու, կամ օգտակար հանդիսանալու արտագաղթին, փորձեն զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսանալ, որ քրիստոնեայ համայնքները մնան շրջանին մէջ եւ իրենց գոյութիւնը աւելի ամրապնդող կարելիութիւններով օժտուին: Մեր սպասումն է, որ արեւմտեան երկիրներու պատասխանատուները յաճախակիօրէն յիշեցնեն իսլամ պետական պատասխանատուներուն, որ քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանին մէջ կենսական է քաղաքական, մշակութային, տնտեսական ու ապահովական իմաստով»:
Խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ հայ համայնքներու ներկայութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Յատկապէս կիլիկեան շրջանէն սկսեալ հայ համայնքներ ներկայ եղած են Լիբանանի, Երուսաղէմի, Դամասկոսի, Հալէպի, Գահիրէի եւ այլ շրջաններու մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայութեան մէկուկէս միլիոնը ջարդուեցաւ եւ մնացեալը հաստատուեցաւ յիշեալ շրջաններուն մէջ, եւ յառաջացան կազմակերպ գաղութներ: Այս ընթացքը դիւրին չեղաւ: Գաղթական եկանք արաբական աշխարհ, սակայն շնորհիւ մեր աշխատանքին, եւ արաբ ազնիւ ու խաղաղասէր ժողովուրդին ցուցաբերած սիրոյն ու եղբայրական ոգիին, դարձանք կազմակերպ համայնքներ: Միւս քրիստոնեայ համայնքներուն հետ ունեցանք սերտ գործակցութիւն, իսլամ համայնքներուն հետ եւս փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համակեցութիւն: Մենք պահեցինք մեր լեզուն, մշակոյթն ու հաւատքը: Արաբ պետութիւնները լայն կարելիութիւններ ընծայեցին մեզի այս իմաստով: Մենք նաեւ մեր ժողովուրդին դատը հետապնդեցինք` միշտ վայելելով զօրակցութիւնը արաբներուն` իսլամ թէ քրիստոնեայ: Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Լիբանանը եղաւ ծննդավայրը հայ ժողովուրդի վերածննդեան: Ահա թէ ինչու մենք Միջին Արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը, անոր առաւել հզօրացումը կը նկատենք հրամայական: Ճիշդ է, մենք դարձեալ ունեցանք անկախ Հայաստան, ան հայրենիքն է այս աշխարհի վրայ ապրող բոլոր հայերուն: Անոր հզօրացումը կարեւոր է մեզի համար, սակայն սփիւռքի հզօրացումը եւս կը նկատենք առաջնահերթ` միշտ մեկնելով մեր ժողովուրդի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն եւ ձգտումներէն»:
Շարունակելով Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն մասին իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «հակառակ այն իրողութեան, որ որոշ թիւով հայեր դժբախտ պայմաններու բերումով հեռացան շրջանէն, սակայն մենք մեր գերագոյն ճիգը պիտի թափենք, որպէսզի մեր համայնքները միշտ մնան կազմակերպ` կառչած իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն, իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ»:
Իբրեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահներէն մէկը, վեհափառ հայրապետը իր խօսքի աւարտին նաեւ անդրադարձաւ յիշեալ խորհուրդի գործունէութեան ու անոր կարեւոր առաքելութեան, իբրեւ եկեղեցիներու միջեւ քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդող կամուրջ, ինչպէս նաեւ կամուրջ` Արեւելքի ու Արեւմուտքի եկեղեցիներուն միջեւ: