ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ֆրանսայի նախկին նախագահ Շարլ տը Կոլ 27 նոյեմբեր 1967-ին, շուրջ հազար ֆրանսացի դիւանագէտներու եւ պետական այրերու դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ զգուշացուց, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան «նախահայրը» եղող Եւրոպական հասարակաց շուկային անդամակցութիւնը պատճառ պիտի դառնայ վերջինիս քանդման: Այդ վտանգը Բրիտանիոյ անդամակցութեան մէջ չէ, այլ անդամակցութենէն հրաժարումին մէջ: Աւելի՛ն, այդ վտանգը միայն Եւրոպական Միութեան համար չէ, այլ նաեւ` Բրիտանիոյ համար:
23 յունիսին տեղի ունեցած Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէն ցոյց տուաւ, որ Բրիտանիան այլեւս Միացեալ Թագաւորութիւն չէ, այլ` պառակտուած թագաւորութիւն մը: Մինչ Կալեսն ու Անգլիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ին թեր քուէարկեցին` Սկովտիան քուէարկեց անդամակցութեան շարունակութեան օգտին: Վերջինս այժմ կը մերժէ հանրաքուէին արդիւնքը եւ, ինչպէս նախապէս զգուշացուցած էր, յառաջ կը մղէ Բրիտանիայէն իր անկախութեան վերաբերեալ 2-րդ հանրաքուէ մը կատարելու հաւանականութիւնը: Հանրաքուէն նաեւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ ԻՐԱ-ի (Իրլանտական յեղափոխական բանակ) քաղաքական թեւը եղող «Շին Ֆէյն»-ը մղեց շրջանառութեան մէջ դնելու երկու Իրլանտաներու վերամիացման վերաբերեալ հանրաքուէի գաղափարը:
Անգլիոյ մէջ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը մերժած միակ քաղաքին` Լոնտոնի մէջ այժմ կը հնչեն Բրիտանիայէն անկախութիւն հռչակելու անհեթեթ կոչեր: Աւելի՛ն, գոյութիւն ունի սերունդներու միջեւ պառակտում մը. 18-24 տարեկան քուէարկողներուն միայն 19 առ հարիւրը եւ Եւրոպական Միութեան կազմութենէն առաջ չափահաս դարձած եւ այժմ հանգստեան կոչուածներուն 59 առ հարիւրը աջակցեցան «Պրեքզիթ»-ին: Այլ խօսքով` հանրաքուէի արդիւնքին մէջ վճռորոշ դեր ունեցան «գերիշխան» Բրիտանիոյ մը կարօտախտը ունեցող տարեցները, որոնք իրենց տարիքին բերումով նուազագոյն ժամանակ պիտի վայելեն արդիւնքը կամ կրեն հետեւանքը «Պրեքզիթ»-ին: Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած պատմական հանրաքուէի արդիւնքը իր արձագանգը գտաւ նաեւ Եւրոպայի տարածքին տարբեր ազգայնական կամ ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու մօտ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ եւս նոյնպիսի հանրաքուէի մը կայացումը պահանջեցին:
Բրիտանիա այժմ կանգնած է իր օրէնսդրութեան ազգայնացման` Եւրոպական Միութեան կողմէ թելադրուած օրէնքներէն ձերբազատելու հսկայ աշխատանքին դիմաց, ինչպէս նաեւ «Պրեքզիթ»-էն ետք ինքզինք դրսեւորող այլատեացութեան երեւոյթը սանձելու հրամայականին առջեւ: Արդարեւ, հանրաքուէէն անմիջապէս ետք, Բրիտանիոյ մէջ աշխատող օտարահպատակներ եւ մասնաւորաբար լեհական ծագումով բրիտանացիներ սկսան ստանալ երկրէն հեռանալու պատգամներ: Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին կը կանգնի իր հիմնադիր անդամներէն Բրիտանիոյ հեռացումով ստեղծուած բացին յարմարելու եւ յաւելեալ «անջատողական» քայլերու առաջքը առնելու հրամայականին առջեւ:
Եւրոպական Միութեան, անոր դիւանակալութեան ու գործելաոճին նկատմամբ խոր դժգոհութիւններու գոյութեան եւ միութիւնը ընդհանրապէս մերժող աջակողմեան շարժումներու վերելքին լոյսին տակ, կը մնայ տեսնել, թէ «Պրեքզիթ»-ը միջազգային քաղաքականութեան ներկայ ուղղուածութենէն` համարկումի «կանոնէն» պատահական շեղո՞ւմ մըն է, թէ՞ համարկումի քաղաքականութենէն դէպի ազգային գերիշխանութեան ամրապնդման ժամանակաշրջան փոխանցման փուլի մը ազդանշանը: