Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հրատարակեց յաւելուած մը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան թեման շօշափող նիւթերու կողքին, թերթին խմբագիրներէն Ղասսան Սաուտ եւ Վիվիան Աքիքի երկու ուսումնասիրական յօդուածներով արծարծած էին հետաքրքրական թեմաներ` հայկական ակումբի եւ հայկական դպրոցի մասին եւ անոնց դերակատարութիւնը` նորահաս սերունդներու մէջ հայոց հաւաքական յիշողութեան դարբնումի ծիրէն ներս:
Օրին երկու յօդուածները խիստ օգտաշատ նկատելով եւ այնտեղ արծարծուած միտքերը մեր զրոյցներու ընթացքին քննարկելով` վերջերս նորէն կարդացի եւ յանգեցայ այն եզրակացութեան, որ յօդուածներու թարգմանաբար ներկայացումը քանի մը պատճառներով կրնայ օգտակար դառնալ: Դիմեցի Նարէ Գալեմքերեանին, որ կատարէ զոյգ յօդուածներուն եւ այս առիթով «Ախպար» օրաթերթի խմբագրական ակնարկի թարգմանական աշխատանքը:
Արծարծուած թեմաները եւ անոնց մէջ տեղ գտած արժեւորումները կրնան մեծ նորութիւն մը չըլլալ հայ ընթերցողին համար, սակայն տեղացի-լիբանանցիի կողմէ այդ թեմաներու ճշգրիտ ընկալումը եւ անոնց առարկայական ու խոր վերլուծումը անպայման որ ժամանակակից կարեւոր պատգամներ ունին փոխանցելիք մեզի` բոլորիս: Արդարեւ, երկու յօդուածագիրներուն կողմէ մեր հաւաքական յիշողութեան ըմբռնումը եւ հայ ազգային արժեհամակարգի շինիչ ներկայացումը` իր կենցաղային, նկարագրային եւ մշակութային զանազան երեսներով, անպայմա՛ն որ արժանի է գնահատանքի:
Երկու յօդուածագիրներն ալ գիտակից են այն իրողութեան, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տեղահան դարձած հայութեան բեկորները ի՜նչ կամքով, հմտութեամբ եւ վճռակամութեամբ փորձած են վերակերտել հաւաքականութեան մը մնացորդացը, հայրենիքէն դուրս ստեղծել ոգեղէն այնպիսի հայրենիք մը, որ կարողանայ ժամանակի մաշումին հետ մաշումի չենթարկել հայկական ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը: Այստեղ լուսարձակի տակ առնուած է հայ ակումբի եւ, աւելի՛ն, դաշնակցական ակումբի դերն ու նշանակութիւնը, եւ յօդուածագիր Ղասսան Սաուտ իւրայատուկ ոճով ներկայացուցած է դաշնակցական ակումբի ժողովրդային տուն ըլլալու հանգամանքը եւ անոր ստանձնած գաղափարական, դաստիարակչական, ընկերային, մարզական ու մշակութային դերակատարութիւնը մեր իրականութենէն ներս: Աւելի՛ն. տեղական ակումբներու հետ անոր կատարած առարկայական բաղդատականները պահ մը նոյնիսկ մեզի` հայ անհատին կ՛ընձեռէ յաւելեալ ինքնաճանաչողութեան առիթ, անշուշտ հեռու մնալով ինքնանպատակ ինքնագովութեան խաբուսիկ մթնոլորտէ:
Երկրորդ յօդուածով Վիվիան Աքիքի վեր կ՛առնէ հայկական վարժարանի ունեցած դերակատարութիւնը` հայկական ինքնութեան պահպանութեան առաքելութեան ծիրէն ներս եւ այս իմաստով կրթական պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումներով յաւելեալ հիմնաւորումներ կու տայ իր արծարծած շահեկան թեմաներուն` յանգելով հետաքրքրական ու տրամաբանական եզրակացութիւններու:
Այսօր մեր առօրեային մէջ, երբ հայ դպրոցն ու հայ ակումբը միշտ ալ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն ուշադրութեան առանցքն են, երբ անոնցմէ ակնկալելիքները օրէ օր կ՛աւելնան ու անոնք կը գտնուին նոր ժամանակներու պահանջած անհրաժեշտութիւններու դիմաց, տեղացի արաբ խմբագիրներու կողմէ այս թեմաներու արծարծումը, իբրեւ մեր հաւաքականութեան աշխատանքն ու կեանքը դիտողներ ու արժեւորողներ, անպայման որ մեր առջեւ կը բանայ մտածումի եւ քննարկման նոր հորիզոններ:
Կասկածէ վեր է, որ հայ դպրոցին եւ հայ ակումբին ստանձնած դերը անփոխարինելի են մեր կեանքին մէջ, եւ մենք հաւաքաբար կը գտնուինք ազգային այս զոյգ ամրոցները ամուր պահելու անհրաժեշտութեան դիմաց: Պատմական փորձառութիւնը մեր մէջ խորապէս դարբնած է այն համոզումը, որ եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ եռեակի արդիւնաւէտ գործունէութենէն ու առաքելութեան ճառագայթումէն կախեալ է գաղութի հաւաքական կեանքի բնականոն ընթացքը, նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորումը, ժամանակակից հայ անհատի զարգացումը, եւ վերջապէս համահայկական մեր առաջադրանքներուն համար մարդուժի յառաջացումը, մէկ խօսքով, այս բոլորէն կախեալ է մե՛ր հաւաքական ճակատագիրը, մե՛ր ապագան:
Արժէ՛ կարդալ յօդուածները, արժեւորել յօդուածագիրներուն տուեալ թեմաներու թափանցումի չափը ու մտածել նաեւ մեր ընելիքին` մեր հաւաքական ժամանակակից երթին մասին, որուն կարիքը օրէ օր աւելի կենսական եւ անհրաժեշտ կը դառնայ:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Խմբագրական Ակնարկ
Հայերը Ցեղասպանութեան Տարելիցին.
Լիբանանցիներ` Յիշողութեամբ Օժտուած
Լիբանանեան միայն մէկ հաւաքականութիւն կայ, որ փրկուած է Ալցայմըր հիւանդութենէն, որ կը սպաննէ լիբանանցի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը: Այն ժամանակ, երբ լիբանանցիներ մէկ գիշերէն միւսը կը մոռնան, թէ զիրենք ո՛վ հալածած է, ո՛վ սպաննած է, ո՛վ նուաստացուցած է, ո՛վ կողոպտած է իրենց երկիրը եւ` զիրենք աղքատացուցած եւ այլն, եւ այլն, հայերը կը շարունակեն հաւաքական յիշողութեան պահպանման դաս տալ:
10 տարեկան հայ մանուկը Արարատ լերան մասին նոյն ցաւով կ՛արտայայտուի, ինչպէս իր մեծ հայրը, կարծես` միայն քանի մը ամիս առաջ ստիպուած եղած է լքել իր տունը այնտեղ եւ գալ Լիբանան: Կայ գրուած պատմութիւն մը, որ կասկածի տակ չի դրուիր: Մանուկը կը զանազանէ թշնամին եւ ընկերը եւ կը սնանի հայկական դպրոցին, ընտանիքին, եկեղեցիին մէջ: Կը կրէ հայկական մականուն, կը սորվի փողոցներուն անունները եւ տուները, ուտելիքներուն տեսակները, անունները եւ խմիչքները: Այս յիշողութիւնը կը գերադասէ ընկերային, տնտեսական, կուսակցական խնդիրներէ եւ քաղաքական բաժանումներէ:
Եւ ահա անոնք տարուէ տարի աւելի մեծ համբաւ կը ստանան: Անոնց յիշողութիւնը զէնքի նման է, կարելի չէ կոտրել: Լիբանանցի հայերը իւրայատուկ դաս մը կու տան, ոչ միայն յարատեւ աշխատելու, այլեւ` իրենց յիշողութեան պահպանութեան, եւ օգտագործելով արհեստագիտութեան բոլոր նոր միջոցները, լրատու միջոցները եւ այլ ձեւեր` ծառայելու համար այս յիշողութեան:
Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերուն մեծամասնութիւնը չեն գաղթած ներկայի Հայաստանի սահմաններէն, այլ` այն շրջաններէն, որոնք այսօր կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ: Այդ պատճառով լիբանանահայերու եւ սուրիահայերու յիշողութիւնը տարբեր է Հայաստանի հայերու յիշողութենէն եւ անոնցմէ, որոնք աւելի ուշ Խորհրդային Հայաստանէն գաղթեցին դէպի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Հայաստանի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մեծամասնութեան հայերուն համար թուրքը նոյնը չէր, ինչպէս` Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերուն համար: Լիբանանահայերու եւ սուրիահայերու աշխուժութիւնը, ուժականութիւնը եւ Դաշնակցութեան բոլոր ջանքերը ի գործ դնելը անոնց առիթ տուաւ բարձրացնել իրենց ձայնը եւ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Հայոց ցեղասպանութեան վրայ: Լիբանանեան ցոյցերու եւ տարեկան յիշատակի ձեռնարկները Ցեղասպանութեան առթիւ` ազդեցին անոնց վրայ եւ առիթ ընձեռեցին հայկական յիշողութեան` տարուէ տարի աւելի տարածուելու աշխարհին մէջ:
«ԱԽՊԱՐ»
Ժողովուրդին Տունը`
Դաշնակցութեան Տան Փոխարէն
Ամէն օր, կէսօրէ ետք կը կրկնուի նոյն տեսարանը Զալքայի Զողպի փողոցին մէջ. 50-60 տարեկան կիներ, մէկը միւսին ետեւէն կ՛ուղղուին ակումբ, մեծամասնութիւնը` տանտիկիններ, տան հագուստը կը փոխարինեն այցելութեան հագուստներով, կը կոկեն իրենց մազերը, եւ սրճեփները բռնած` կ՛երթան ակումբ: Մէկ կամ երկու ժամ ետք երկու տղամարդիկ կ՛անցնին թաղէն, մին բռնած է ուտ մը, իսկ միւսը սրինգ մը: Կը հարցնես, թէ ո՞ւր կ՛ուղղուին, կը պատասխանեն` «Անշո՛ւշտ դէպի ակումբ»: Շուտով ակումբին լոյսերը կը վառին եւ երիտասարդ-երիտասարդուհիները կ՛ելլեն պատշգամ` շարունակելու համար իրենց զրոյցները, իսկ սալոնը կը լեցուի կիներով, տղամարդոցմով, մանուկներով, որոնք կը հետեւին պատկերասփիւռի յայտագիրի մը, կը զբաղին թղթախաղով, ճատրակով, նաեւ կը նուագեն: Ակումբի մուտքի դրան վրայ գրուած է «Ժողովրդային տուն»: Բաւական ժամանակ ետք միայն կը հասկնաս, թէ այս «ակումբը» ոչ այլ ինչ է, քան` Դաշնակցութեան կեդրոն մը:
Դրացիները իրենց կուսակցութիւններու տուներն ու կեդրոնները կը բաղդատեն Դաշնակցութեան տան հետ: Բայց գործնականօրէն կարիք չկայ բաղդատելու, որովհետեւ տարբերութիւնը մեծ է այն կեդրոններուն, ուր միայն կը յաճախեն մոլեռանդ կուսակցականներ` գումարելու համար լուրջ եւ ձանձրացուցիչ ժողովներ, եւ Դաշնակցութեան տան միջեւ, որ կը նմանի հանրային պարտէզի մը, ուր ժամանցի համար կը մտնէ` ո՛վ որ կ՛ուզէ, իսկ կուսակցականները իրենց հերթական ժողովները կը գումարեն քովի սենեակին մէջ: Դիւրութեամբ կարելի է վերագծել պատկերը առաջին հայերուն, որոնք առաջին քեմփերու իրենց տնակներէն կ՛ուղղուին կուսակցութեան կեդրոնը` փոխանակելու համար լուրեր, հանդիպելու բարեսիրական միութիւններու հետ, ունկնդրելու երաժշտութիւն կամ դիտելու փոքր մարզախաղեր: Երբ կացութիւնը բարելաւուեցաւ, հայերը պահեցին իրենց նմանօրինակ հանրային պարտէզները իւրաքանչիւր թաղի մէջ, ուր հաստատուեցան. Մեթնի, Պէյրութի, Միացեալ Նահանգներու, Յունաստանի եւ հայկական սփիւռքի բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր հայութիւնը տարածուած է: Իսկ Դաշնակցութեան ակումբներուն թիւը Լիբանանի մէջ հասաւ 50-ի: 50 կուսակցական կեդրոններ, որոնցմէ ոմանք մարզական ակումբներ են, ուրիշներ` մշակութային կամ ընկերային, ոմանք ունին սրճարան-ճաշարաններ, մեծ ընթրիք մը պատրաստելու, նշանտուք կամ տարեդարձի հաւաքոյթ մը կազմակերպելու համար անհրաժեշտ սարքեր եւ ձայնի սարքաւորում: Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ըմբռնումը կը տարբերի այլ կուսակցութիւններու ըմբռնումէն: Հարցը հոս կը վերաբերի քաղաքացիները տարտղնելու փոխարէն` զանոնք համախմբելու, գտնելու հասարակաց խնդիրները եւ ամրացնելու անոնց միջեւ կապերը:
Դաշնակցութեան պատասխանատուներէն մէկը կ՛ըսէ, որ Ցեղասպանութենէն վերապրողները նախ հիմնեցին դպրոցներ, ապա եկեղեցիներ եւ երրորդ` ակումբներ: Ակումբը եղած է դարմանատուն, մարզական ակումբ, պսակներու սրահ, սկաուտութեան կեդրոն եւ այլն, եւ այլն: ԼՕԽ-ը տակաւին կը գտնուի ակումբին մէջ: Պատասխանատուն կը շեշտէ ակումբի ընկերային կարեւորութեան վրայ` վստահեցնելով, որ կուսակցութեան ուժը կը գտնուի ընկերային գործակցութեան մէջ: Դաշնակցութիւնը յաջողած է պահել իր ազդեցութիւնը` կառավարելու հայերը իրարու միացնող ընտանեկան յարաբերութիւնները: Յատկանշական է, որ նոր սերունդի յարաբերութիւնը այս ակումբներուն հետ շատ լաւ է: Բաւարար է մուտք գործել որեւէ ակումբ` Մեթնի կամ Էշրեֆիէի մէջ, տեսնելու համար տասնեակ երիտասարդներ, որոնք հոն կ՛անցընեն իրենց գիշերը` փոխանակ կանգնելու փողոցներէն մէկուն մէջ: Ասիկա թոյլ կու տայ միաւորելու հայերը եւ զօրացնելու տարբեր տեսակի յարաբերութիւնները հայկական տարբեր սերունդներու միջեւ: Շատ տարօրինակ է այն փաստը, որ ակումբին ծախսը չի բաղդատուիր այլ կուսակցութիւններու ծախսերուն հետ: Բայց միւս կուսակցութիւնները չեն փորձեր, գաղտնի պատճառներով, ընդօրինակել Դաշնակցութեան փորձառութիւնը: Կասկած չկայ, որ ժողովրդային տուներու տեսքը եւ առօրեայ եռուզեռը առտուան 8-էն մինչեւ կէս գիշեր եւ շարժումին բնոյթը գութ կը շարժէ այլ կուսակցութիւններու կիսադատարկ տուներուն վրայ: Վերջաւորութեան յստակ է, որ Դաշնակցութիւնը յաջողած է հայկական հանրային կարծիքը համոզել, որ ինք անկուսակցականներու կուսակցութիւնն է, մինչ լիբանանեան այլ կուսակցութիւններ կը բաւարարուին ըլլալով միայն կուսակցականներու կուսակցութիւնները, որոնց գործունէութիւնը միայն քաղաքական կ՛ըլլայ, եւ անդամակցողները կուսակցական քարտեր կը կրեն:
ՂԱՍՍԱՆ ՍԱՈՒՏ
Հայկական Դպրոց. Ինքնութեան
Պահպանման Հիմնաքարը
Ո՛չ ցեղասպանութիւնը, ո՛չ սովը, ո՛չ ալ տեղահանումը խորտակումի եւ անկումի պատճառ դարձան: «Օսմանեան ոճրագործութիւնը» ամրապնդեց գոյատեւումի եւ ապրելու ոգին հայերուն մօտ, որոնք փախան ջարդերու սուրերէն: Լիբանանի մէջ հիմնեցին իրենց դպրոցները եւ կառուցեցին իրենց ապագան: Ազգ մըն է, որուն համար անցեալը կարեւոր է, կառչած է անոր եւ կը քալէ դէպի ապագայ` հաւատարիմ մնալով իր նահատակներուն եւ վէրքերուն:
Հայերը կը յիշեն իրենց անցեալը, գիտեն, որ ազգ մըն են, որ պահած է իր լեզուն եւ մշակոյթը, պահանջած է եւ տակաւին կը պահանջէ արդարութիւն եւ իրաւունքներ, որոնք բռնաբարուած էին օսմանեան թուրքերուն կողմէ: Չեն ամչնար իրենց տեղահանումէն, ոչ ալ` այն վարկաբեկումէն, որ ապրեցան: Այն ոճիրներուն, որոնց ենթարկուեցան, նկարներով փորագրուած են իրենց յիշողութեան մէջ: Տեսարաններ, որոնք կ՛անցնին իրենց առջեւէն այնպէս, կարծես իրապէս ապրած են ատոնք 101 տարիներ առաջ: Բռնաբարուած եւ խաչուած կիներ, մեռած մանուկներ` դիզուած ճամբաներու եզերքները, այն ժողովուրդը, որ սոված քալեց մղոններ դէպի աքսոր: Հայեր, անկախ իրենց սեռէն, տարիքէն անօթութիւնը զիրենք մղեց անասուններու աղտերու եւ աղբերու աւելցուքներու մէջ ուտելիք փնտռելու, կամ յանձնուելու մորթազերծութեան, չարչարանքներու եւ կոտորածի: Ոճրագործութեան նկարներ, որոնք չեն մոռցած, զանոնք դարձուցին Դատի հաւատարիմներ:
Հակառակ իրենց կրած ծանր տառապանքներուն` հայերը կը հպարտանան, որ իրենք ժողովուրդ մըն են, որ յիշատակի պահապաններ են եւ պահպանած են իրենց ինքնութիւնը եւ չեն լքած ատիկա` շնորհիւ իրենց նկարագիրին: 1915 թուականին եւ Լիբանան հասնելէն քանի մը ամիսներ ետք հաւաքեցին իրենց մնացորդները, սեղմեցին իրենց շրթունքները եւ վերականգնեցան: Հակառակ այն վայրագութիւններուն, որոնց զոհ գացին, որոշեցին գոյատեւել: Անոնք մերժեցին կորսնցնել յիշատակը: Շինեցին տուներ, ուր հաստատուեցան: Տուներուն շրջակայքը կառուցեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, որոնք պահպանեցին իրենց ինքնութիւնը:
Հայկական դպրոցներու բոլոր պատերուն վրայ, գրասեղաններու վերեւ եւ բակերուն մէջ կայ տարր մը, որ կը յիշեցնէ բռնութիւն եւ անարդարութիւնը: Քարերէն կը բուրէ դիակներու հոտը, կայ յարատեւ հայկական ոգի, հոն կայ տարր մը, որ կը յիշեցնէ իրենց ինքնութիւնը եւ զիրենք կը մղէ պահպանելու ատիկա: Դպրոցներուն մէջ ներկայ է նուռը, որ կը խորհրդանշէ անոնց վճռակամութիւնը, որ չի մեռնիր: Նուռը իր հունտերով սնուցած է իրենց պապերը, եւ հիւթովը` բարձրացուցած զանոնք` դէպի Տէր Զօրի անապատ գաղթի երկար ճամբուն վրայ: 1,5 միլիոն թիւը տեսանելի է ամէն տեղ, նահատակներուն կախուած նկարները կը պրկեն ջիղերը, տառապանքի զգացումները իրենց հողին կարեւորութեան յիշողութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն պահպանելու ատիկա, եթէ նոյնիսկ մահը ըլլայ գինը: Նոյնիսկ ցուցադրուող քանդակները կը հաստատեն, որ կարելի չէ յիշողութիւնը ջնջել: Ատոնց վրայ պատկերուած են յափշտակուած Արարատ լեռը, պապերուն դիակները, խոշտանգումներու, սովի, բռնաբարութեան, հետապնդումներու, հալածանքներու, կախաղաններու դիւցազներգութիւններ: Խորհրդանշական նկարներ, որոնք մանկապարտէզէն ի վեր կը փորեն ենթագիտակցութիւնը` ստեղծելով բարկացած հայկական ոգի եւ կը կերտեն տանջուող հաւաքական յիշողութիւն մը, որ չի մոռնար եւ չի ներեր: Ատիկա չ՛անտեսեր տարիներու ընթացքին կատարուած յանցագործութիւնները եւ երբեք չի հրաժարիր պահանջելէ արդարութիւնը, որ տակաւին կորսուած է:
Սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին միտքեր եւ թուականներ, որոնք կը տպագրուին հաւաքական յիշողութեան մէջ, եւ կը ծնի իւրայատուկ սէր մը` կտոր մը հողի հանդէպ, որ արիւնով ներկուեցաւ, եւ որ կը կոչուի Հայաստան: «Մեր զաւակները պէտք է Դատը ստանձնեն մեզմէ ետք, հայ սերունդները պէտք է պահպանեն ինքնութիւնը, փոխանցեն պատմութիւնը եւ յիշեցնեն Ցեղասպանութիւնը: Այս բոլորը կը սկսին դպրոցէն», կ՛ըսէ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան: Ան կ՛աւելցնէ. «Բոլոր հայկական դպրոցները կը հետեւին լիբանանեան ուսումնական ծրագիրին, որուն վրայ մանկապարտէզի դասարաններէն կ՛աւելնայ հայոց լեզուն, ապա` հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ` նախակրթարանի մէջ: Նաեւ կ՛աւելնան այն նիւթերը, որոնք կը յատկանշեն մեր ազգը, ինչպէս` պար, ճատրակ, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն: Մշակոյթը եւ պատմութիւնը ժողովուրդը միասնական կը դարձնեն, մասնաւորապէս` հայ ժողովուրդը, որ օսմանեան օրերէն կը վախնայ, որ իր ինքնութիւնը կորսուի: Աշակերտներուն հայկական գրականութիւնը, բանաստեղծները եւ հայ գրողները ծանօթացնելը նաեւ մաս կը կազմէ կրթական ծրագիրին: Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան կը նշէ. «Ապրիլ 24 1915-ին օսմանցիները հաւաքեցին 300 հայ գրողներ, մտաւորականներ եւ երեսփոխաններ եւ զանոնք ջարդեցին: Անոնք հարուածեցին հասարակութեան գլուխը` նախքան ամբողջ ազգ մը ջարդելը: Այս պատճառով մենք մեր աշակերտներուն կը սորվեցնենք գրականութիւն եւ մշակոյթ, որովհետեւ անոնք բաժին մըն են` պահպանելու ինքնութիւնը եւ մեր գոյութեան հիմքը: Իւրաքանչիւր հայ աշակերտ գիտէ, որ իր երկիրը առաջինն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը եւ անոր գոյութիւնը կ՛երթայ 4000 տարիներ առաջ, եւ թէ ինչո՛ւ ինք Լիբանան կը գտնուի: Ան նաեւ կը սորվի, որ իր նախնիները պայքարած են ազատութեան եւ արդարութեան համար»:
1998-ին բանաձեւի նախագիծ մը ներկայացուեցաւ հայ լեզուն կրթական ծրագիրներուն աւելցնելու համար, սակայն ատիկա չորդեգրուեցաւ:
Լիբանանի մէջ 25 հայկական դպրոցներ կան, մինչ պատերազմի ընթացքին աւելի քան 60 էին: Ճինպաշեան կ՛ըսէ. «Առաջին դպրոցը հիմնուեցաւ 1915 թուականին, Պէյրութի մէջ եւ կրեց «Սուրբ Նշան» անունը: Հայերը, Լիբանանի մէջ իրենց գոյութենէն` 19-րդ դարէն սկսեալ, օգնութիւններ սկսան ստանալ աւանդական հայկական կուսակցութիւններէն (Դաշնակցութիւն, Հնչակեան կուսակցութիւն, եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն): Տեղահանումէն եւ ցեղասպանութենէն ետք հիմնեցին դպրոցներ եւ կառուցեցին եկեղեցիներ` պահպանելու համար իրենց իւրայատկութիւնը: Այս ծիրին մէջ Ղազարեան կ՛ըսէ. «Մենք ունինք դպրոցներ, որոնք կը հետեւին յարանուանութիւններու. 9 դպրոցներ` առաքելական առաջնորդարանին, 5` կաթողիկէ, եւ 5 ուրիշներ` աւետարանական: Այս դպրոցները կը տարածուին Մեթնէն, Պէյրութ, Այնճար, Թրիփոլի, ուր որ հայութիւնը տարածուած է Լիբանանի մէջ: Կան նաեւ 3 այլ դպրոցներ, որոնք հաւասարապէս կը հետեւին կուսակցութիւններու մշակութային կառոյցներուն: Կան նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան պատկանող երեք դպրոցներ` Անթիլիասի, Տըպպայէի եւ Հըրշ Թապեթի մէջ»: Իսկ կուսակցութիւններու ազդեցութիւնը այդ դպրոցներուն մէջ կը դրսեւորուի տնօրէններու նշանակումով:
1998-ին հրապարակուեցաւ ուսումնական ծրագիրը փոխելու հրամանագիր, որ կը ներառէր յաւելեալ լեզուի ուսուցումը: Երրորդը` օտար, ֆրանսերէնին եւ անգլերէնին հետ: Այս ձեւով կարելի կ՛ըլլար պետական դպրոցներուն մէջ հայ աշակերտներուն դասաւանդել իրենց մայրենի լեզուն: Սակայն հրամանագիրը չգործադրուեցաւ: Պատճառը, ըստ Ճինպաշեանի, «պիւտճէի չգոյութիւնն է»: Ճինպաշեան կը շարունակէ. «Պետական 4 վարժարաններ կան Պուրճ Համուտի մէջ, ուր կը գտնուի հայկական ամէնէն խոշոր համախմբումը, սակայն աշակերտները չեն օգտուիր ուսումնական այս ծառայութիւններէն: Հիմնեցինք շաբաթօրեայ դպրոց մը, այն աշակերտներուն համար, որոնք պետական եւ ոչ հայկական սեփական վարժարաններ կը յաճախեն»: Ըստ Ղազարեանի, հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներուն թիւը շուրջ 5000 է, որուն վրայ կ՛աւելնան Լիբանան ապաստանած քանի մը հարիւր սուրիահայ աշակերտներ, որոնք հայկական բոլոր վարժարաններուն մէջ անվճար տարածուած են: Փոխարէնը` նոյն թիւով հայ աշակերտներ կը յաճախեն պետական եւ ոչ հայկական սեփական վարժարաններ, եւ ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, ոմանք կ՛ենթարկուին տնտեսական վատ պայմաններու ճնշումներուն: Հայկական դպրոցներու կրթաթոշակները կը տարուբերին 500-3500 ամերիկեան տոլարի միջեւ, կրթութեան նախարարութեան օժանդակութիւններէն կ՛օգտուին երեք վարժարաններ, իսկ մնացեալներէն ոմանք ինքնաբաւ են, իսկ ուրիշներ կ՛օգտուին հովանաւորներէ, առաջնորդարաններէն եւ կուսակցութիւններէն, կամ` տարեկան իրենց եկամտաբեր ձեռնարկներէն: Պէտք է նշել, որ մեր դպրոցներուն ուսումնական մակարդակը գերազանց է. պետական քննութիւններու մէջ մեր յաջողութիւնը 90 առ հարիւր համեմատութեամբ է: Մեր ինքնութեան պահպանումը չ՛ազդեր կրթութեան մակարդակին, կամ` Լիբանանի հասարակութեան մեր համարկման վրայ»:
Անկասկած միայն դպրոցը չէր, որ պահպանեց հայկական ինքնութիւնը: Եկեղեցին նաեւ նման դեր կատարեց, առաւել` կուսակցութիւնները, մարզական ակումբները, անոնց հետեւող մշակութային միութիւնները: Ճինպաշեան կը հաստատէ. «Դպրոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ հանդիպումները միշտ առկայ են` մնայուն զարգացնելու համար յայտագիրներ եւ հետեւելու արհեստագիտութեան եւ նիւթերու, որոնք կը վերաբերին Հայ դատին եւ քաղաքական զարգացումներուն, ինչպէս` Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն»: Ղազարեան կը վստահեցնէ, որ` «իւրաքանչիւր կուսակցութիւն, ակումբ եւ միութիւն ունի իր դերը` ժողովուրդին մօտ արթնցնելու ազգային զգացումները, բայց դպրոցը ամէնէն կարեւորն է, որովհետեւ հոնկէ կ՛աւարտեն քաղաքագէտներ, ապագայի վարդապետներ, որոնք պիտի մտնեն եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն մէջ»: Դպրոցին մէջ հայ աշակերտը կը սորվի լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ: 6 տարեկանին կը ներգրաւուի սկաուտութեան մէջ, ուր կը սորվի կանոն, օրէնքներ եւ ընկերային սկզբունքներ: 15 տարեկանին մաս կը կազմէ կուսակցութիւններու պատանեկան միութիւններու, ուր կը սորվի կուսակցական կրթութիւն, եւ անոր միտքը կը պատրաստուի պայքարի եւ հողի կարեւորութեան:
ՎԻՎԻԱՆ ԱՔԻՔԻ