Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Նոր Սերունդին Փոխանցուած Պատգամ Մայիս 28-ի 85-Ամեակի Ոգիով Զօրակոչելու

$
0
0

Ստորեւ կը հրատարակենք Յովսէփ Էսկիճեանի արխիւներէն «Ազդակ»-ին փոխանցուած յօդուած մը, որուն մէջ կան մերօրեայ կեանքին վերաբերող մտորումներ:

«Ա.»

85-րդ տարեդարձն է այսօր, հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն հերոսական սխրանքներէն,  պատմակերտ թուական դարձած եւ մայիս 28-ով խորհրդանշուող հերոսամարտին:

1915 թուականին թուրք ռազմամոլ եւ արիւնարբու գորշ գայլերու վոհմակը եւ Իթթիհատի ոճրագործները աշխարհի երեսէն հայութեան հետքը  ջնջելու եւ պատմութեան էջերէն ալ նենգափոխուած տուեալներ ներկայացնելու ոճրային որոշում տուին:

Հայոց ցեղասպանութիւնը յղացող ոճրածին ուղեղներէն` Թալէաթ, 1915 թ., թուրքի ամբարտաւանութեամբ եւ մութ բանդագուշանքով «կ՛աւետէր աշխարհին».

– Յաւէտ կորուստը` հազարամեակներու հայոց հայրենի հողին եւ հայատարածքներու աննախադէպ հայաթափումը,

– Հայ ազգի արմատական ոչնչացումը,

Եւ տակաւին, ան երդումով կը խոստանար մորթուած վերջին հայու գանկը իբրեւ թանգարանային իր ցուցադրել:

Մեծ եղեռնէն կարճ ժամանակ մը առաջ թուրք բանաստեղծ Զիա Կէօք Ալփ, իր կարգին, ոճրածին եւ արնածարաւ իր ցեղին ձայնին ունկնդիր` կը յոխորտար.

«Արդարութիւնը պիտի կախեմ եաթաղանիս ծայրը,
քաղաքակրթութիւնը` ձիուս պայտերուն,
Եւ պիտի կործանեմ ամէն բան…»:

Կը թուէր, թէ հայն ու Հայաստանը պատմութեան էջերուն անցան առ յաւէտ:

Արդարեւ, 1375 թուականին, իր ազգային ուրոյն պետականութեան կորուստէն դարեր անց, 1915 թուականին հայութիւնը կը դիմագրաւէր իր գոյութեան ամենաճակատագրական աղէտը:

Հայասպան եղեռնէն հազիւ 3 տարիներ անց, 1918 թուականին, վերապրող ճղակոտոր հայութեան կեանքը անձեւ քաոս էր, ապագան անստոյգ, հայաշխարհը հայաթափ, հարիւր հազարաւոր թշուառ որբեր, թափառական, անօթի եւ մահուան սեմին, հաւաքուած ու լեցուցած էին Արարատեան դաշտի մէկ պատառիկը, մահաստան դարձած Էջմիածնի մօտակայ շրջանները, եւ` ստոյգ մահուան անդունդի եզրին:

Մահու եւ կենաց պատմութեան անկարելի քննութիւն մը անցընելու պարտադրուած էր կոտորակուած եւ ջարդերէն մազապուրծ փրկուած բուռ մը հայութիւնը:

Եւ սակայն, հրաշքի նման, ճղակոտոր, տասնորդուած հայրենակորոյս հայութիւնը անգամ մը եւս առասպելական ուժ գտաւ ինքն իր մէջ` կրկին ոտքի կանգնելու, մահէն կեանք յաղթական երթալով, յաղթանակ տանելու անզսպելի վճռակամութեամբ, ազգովին ընդառաջեց ազգընտիր մենատէր Արամ Մանուկեանի վճռորոշ կոչին, թէ` մենք Երեւանը որեւէ գնով չենք յանձներ…

Արդարեւ, 28 մայիս 1918-ի թուականի արշալոյսին արդէն քանի մը օրերէ ի վեր Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ լինել-չլինելու հերոսական ճակատամարտեր մղող հայութիւնը Սասունցի Դաւիթներու առասպելական խոյանքներով կերտեց հայոց պատմութեան ամենավճռորոշ յաղթական հերոսամարտը:

Աշխարհի պատմութեան մէջ հերոսամարտերը միշտ չէ, որ յաղթական աւարտի կը հասնին:

Եւ սակայն մայիս 28-ով խորհրդանշուող Սարդարապատի հերոսամարտը հասաւ իր յաղթական աւարտին` ամրագրելով հայութեան յաւիտենական երթը, եւ` անկախ գոյութիւնը ազգերու ընտանիքին մէջ, վեց դարերու գերութեան խաւար շրջանէ մը ետք:

Մեզ նախորդող սերունդները մեր գոյութեան ամրակուռ ազգային սահմանագծումը կատարեցին, թէկուզ պատմական Հայաստանի մէկ բեկորին` Արեւելեան Հայաստանի, Արարատեան դաշտին մէջ կերտեցին առաջին հանրապետութիւնը` կորիզը ապագային անպայման ընդարձակուելիք Միացեալ Հայաստանին:

Ու թանգարանային նմուշի սահմանուած վերջին հայու գանկը դարձաւ խորհրդանիշը` հայ ազգի հրաշալի յարութեան, հայը դարձաւ դրօշի տէր ազգ` բանաստեղծին բառերով աւետելով աշխարհին.

«Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ
ԴՐՕՇ ԵՌԱԳՈՅՆ»:

Սարդարապատի հերոսամարտի անմեռ ոգին, հակառակ անկախ պետականութեան կարճատեւ շրջանին` 1918-էն մինչեւ 1920, եւ համայնավար ապազգային ամբողջատիրական կարգերու 70 տարիներ տեւող սարսափներուն եւ հալածանքներուն` 1920-էն մինչեւ 1990,

Այսօր, աւելի քան տասնամեակէ մը՛ի վեր, վերանկախացած Հայաստանի գոյառումէն եւ արցախեան հայատարածքներ ազատագրող երկրորդ հերոսամարտէն եւ հայաշէն Շուշիի ազատագրումէն ետք, Ազգակերտումի յաղթական երթը կը շարունակուի` հակառակ ազատութեան բագինին վառ պահպանման համար պահանջուող ազգին հաւաքական ծանրածանր զոհաբերող նահատակութեան, Ու անդարձօրէն յաղթական երթով կը շարունակուի սարդարապատեան ժողովրդային հերոսամարտի անմեռ ոգին:

Սարդարապատին մէջ տարուած տարերային յաղթանակը, մեր գոյութեան եւ տակաւին մեր լինելութեան կառչած մնալու` մեր  յանձնառու հաւատարմութիւնն է:

Սարդարապատը տակաւին, Մայիսեան իր հրաշալի խորհուրդով, հայութեան միասնութիւնը, հայու ազատասէր ոգին, մտքի հզօրութիւնը եւ բազուկի յաղթանակը կը խորհրդանշէ:

Հայու ազատատենչ անմեռ ոգին, որ դարերու խորքէն կու գայ մեզի մեր նախնիներէն, իր հզօրութիւնը փաստած է աշխարհին, քանի մը պատմակերտ հերոսամարտերով` Աւարայրէն սկիզբ առած, մայիսեան Սարդարապատի խոյանքով եւ Արցախի հողատարածքներու եւ Շուշիի անկարելի «թուացող» ազատագրումով:

Հայոց ռազմական ուժին յաղթական երթի կարմիր թելն է, եւ հայ ներկայ ու գալիք սերունդները կոչուած են անսակարկ ունկնդրելու հայոց պատմութեան ազատութեան խոյանքէն գոյառող անլռելի կոչին, եւ կատարելու հայու ինքնութեան եւ ազնուականութեան պահպանման իրենց յանձնառութիւնը:

Մայիս 28-ով խորհրդանշուող եւ հայութեան անկախ պետականութեան կերտումի 85-րդ տարեդարձին հայրենի հողին թէ հայասփիւռքի տարածքին ապրող հայութեան մէջ պիտի պահեն խանդն ու թռիչքը, հայութեան ազատատենչ ոգին, անսակարկ անձնազոհութիւնը, նահատակութեան կամաւոր պատրաստակամութիւնը, եւ` սքանչելի կարգապահութիւնը, այս բոլորը ի սպաս դնելու հայութեան կայացած պետականութեան հզօրացման:

Յանձնառու իւրաքանչիւր հայորդի հարկ է որ աչքի լոյսի պէս պահէ պատմութեան ակունքներէն ժառանգուած ազատատենչութեան ոգին եւ հայութիւնը յատկանշող աւանդները:

Մայիսեան խորհուրդէն իր էութեան մէջ պիտի պահէ հիւլէ մը Քրիստափորի պատգամած «Յարատեւ կռիւէն»,
Սուլթաններուն մահ սահմանող աննկուն կամքէն,
Պողպատեայ ջիղ մը` Արամի վճռակամութենէն,

Նշխար մը` մարդացեալ Յիսուս` Զաւարեանի բարոյական մաքրութենէն, առասպելական քաջութիւն` սարերու անպարտելի հերոս Գէորգ Չաւուշէն, հողատարածքներ հայացնող վճռակամութիւն` Ռուբէն փաշայի ռազմագէտ հանճարէն, «Դէպի Երկիր» հրաւէր աւետող մարգարէաշունչ Ակնունիէն, մայիս 28-ի խորհուրդով հարստացած մեր հայրենաբաղձ աչքերը պէտք է վերստին ուղղենք Արարատին, վերանկախացած Հայաստանին, հայադրոշմ Արցախին եւ ազատագրուած Շուշի ամրոցին,

Որպէսզի բոլորս պատրաստ ըլլանք «Դէպի Երկիր» վերադարձին, եւ մեր բոլոր կարողականութիւնները ի սպաս դնելու` կայացած Հայաստանի հզօրացման:

Յ. Է.

Պէյրութ
Հոկտեմբեր 2003

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>