ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Կարծէք թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի գլխացաւերը քիչ էին, հիմա ալ ան կանգնած է նոր մեղադրանքի մը առջեւ. հնարաւոր է, որ ան կեղծած է իր բարձրագոյն կրթութեան վկայականը: Եթէ սա ճիշդ ըլլայ, ապա ան ստիպուած պիտի ըլլայ հրաժարիլ իր նախագահական պաշտօնէն եւ կրնայ ըլլալ, որ բանտարկուի կամ աքսորուի:
Որոշ ժամանակ առաջ լուրեր կը շրջէին, որ Էրտողան բարձրագոյն կրթութիւն չունի, ինչ որ կրնայ զայն զրկել նախագահի պաշտօնէն, քանի որ Թուրքիոյ սահմանադրութեան 101-րդ յօդուածին համաձայն, կը պահանջուի, որ նախագահի թեկնածուները «աւարտած ըլլան ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւն»:
Լրագրող Ճենկիզ Չանտար Al-Monitor.com կայքի մէջ յունիս 15-ին տեղադրուած` «Արդեօք Էրտողանի համալսարանական վկայականը կեղծուա՞ծ է» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ լուրջ կասկածներ կը յարուցէ` Թուրքիոյ նախագահի բարձրագոյն կրթութեան վկայականի իսկութեան վերաբերեալ:
Ինչպէս կը բացատրէ Չանտար, «Էրտողան յաճախած է Իմամ Հաթիփ դպրոցը` միջնակարգ դպրոցի մակարդակի հաստատութիւն մը, որ կը պատրաստէ կրօնական քարոզիչներ: 1970-80-ական թուականներու շրջանաւարտները կրնային շարունակել իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը միայն աստուածաբանութեան բնագաւառէն ներս»: Այսուհանդերձ, երբ օգոստոս 2014-ին Էրտողան թեկնածու էր նախագահի պաշտօնին, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին ներկայացուցած է իր վկայականի լուսապատճէնը` պնդելով, որ ինք պսակաւոր արուեստից աստիճան ստացած է 1981 թուականին, Մարմարայի համալսարանի տնտեսագիտութեան եւ կառավարման բաժանմունքէն:
Խնդիրը այն է, որ Մարմարայի համալսարանը հիմնադրուած է միայն 1982 թուականին, ուստի անկարելի էր, որ Էրտողան համալսարանը աւարտած ըլլար անոր հիմնադրութենէն մէկ տարի առաջ: Քանի որ տնտեսագիտութեան բաժանմունքը հիմնադրուած է միայն 1983 թուականին, ապա Էրտողան չէր կրնար զայն աւարտել 1981-ին, ինչպէս որ ան կը պնդէ: Ցաւօք, այս կասկածելի մեղադրանքներէն ոչ մէկը Թուրքիոյ մէջ կրնայ մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուիլ լրատուական միջոցներու կամ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ` Էրտողանի վարչակարգի բռնատիրական բնոյթին պատճառով, որ սովորաբար կը փակէ թերթերը եւ կը հետապնդէ բոլոր ընդդիմախօսները:
Նախագահի օգնականները անդրդուելի են. անոնք Էրտողանի դէմ մեղադրանքները կը համարեն անհիմն, քանի որ զանոնք կը տարածեն ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: Առաջին բողոքը արձանագրեց նախկին դատաւոր Օմեր Ֆարուք Էմինաղաօղլու, որ իր կասկածները ներկայացուց Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին` Էրտողանի բարձրագոյն կրթութիւն չունենալուն կապուած անոր վկայականի լուսապատճէնին մէջ առկայ անճշդութիւններու պատճառով: Ընտրական խորհուրդը կտրականապէս մերժեց դատաւորին դիմումը:
Երկրորդ մարտահրաւէրը նետեց թուրք ծայրայեղ ազգայնական Կէօքչէ Ֆիրաթ, որ մանրամասն փաստարկներ ներկայացուց` պաշտպանելով այն պնդումը, որ Էրտողանի վկայականը կեղծ է: Ֆիրաթ պահանջեց նայիլ Էրտողանի վկայականի բնօրինակին, այլ ոչ թէ` պատճէնին, զոր ան ներկայացուցած էր Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին: Թուրք ազգայնականը մեղադրեց Մարմարայի համալսարանի ուսումնական բաժնի ղեկավարն ու փոխտնօրէնը` Էրտողանի վկայականը կեղծելու յանցագործութեան սատարելու մեղադրանքով: Ան պնդեց, որ Մարմարայի համալսարանի ուսումնական բաժնի ղեկավարի եւ փոխտնօրէնի ստորագրութիւնները չեն համապատասխաներ նոյն համալսարանէն իր ստացած վկայականին մէջ առկայ ստորագրութիւններուն: Ան նաեւ կասկածի տակ առաւ Էրտողանի վկայականին մէջ յայտնաբերուած յաջորդական թիւի վաւերականութիւնը: Վերջապէս, Ֆիրաթ պնդեց, որ Թուրքիոյ նախագահի վկայականին տեսքը կը տարբերի միւս շրջանաւարտներու ստացածներէն:
Այս ամսուան սկիզբը քրտամէտ ԺԺԿ կուսակցութիւնը խորհրդարանական պաշտօնական հարցով ներկայացուց կրթութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազը` պահանջելով «յստակացնել Էրտողանի համալսարանական վկայականին շուրջ ստեղծուած առեղծուածը»: Ի պատասխան Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդ ուղարկուած համանման հարցի մը` ԺԺԿ-ն ստացաւ Թուրքիոյ նախագահի նօտարական կարգով հաստատուած վկայականին պատճէնը: Սակայն ԺԺԿ-ն յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ վիճարկել այդ վկայականին վաւերականութիւնը:
Ճենկիզ Չանտար իր յօդուածով լուրջ մտահոգութիւններ կը յարուցէ Էրտողանի` իբրեւ Թուրքիոյ նախագահի օրինականութեան մասին, եթէ հաստատուի, որ անոր վկայականը կեղծուած է. «Եթէ հարցին լրջօրէն մօտենանք, ապա Թուրքիոյ մէջ այս հակասութեան կը հետեւին հսկայական իրաւական հարցեր: Եթէ պարզուի, որ Էրտողան երբեք նախագահ ընտրուելու իրաւունք չէ ունեցած, ապա այն ամէնը, ինչ որ ան ստորագրած կամ իրականացուցած է, կը համարուի անվաւեր` զուտ իրաւական տեսանկիւնէ: Քաղաքական տեսանկիւնէ, այդ մէկը ամբողջ զինանոց մը կ՛ապահովէ անոր քննադատներուն համար, որոնց թիւը արտերկրի մէջ արագօրէն կ՛աճի: Եւ եթէ Էրտողանի վկայականին կեղծ ըլլալը ապացուցուի, ապա ատիկա բնականաբար հնարաւորութիւն կու տայ Էրտողանի միջազգային հակառակորդներուն` յարուցելու անոր տիտղոսի օրինական ըլլալու հարցը»:
Մինչ նախագահ Էրտողան Տի.Էն.Էյ.-ի հետազօտութիւն կը պահանջէ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ քուէարկած Գերմանիոյ խորհրդարանի 11 թուրք պատգամաւորներու ազգային ծագումը ստուգելու համար, շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար քիմիական ստուգման ենթարկել իր վկայականը: Պէտք է նաեւ հոգեբանական հետազօտութեան ենթարկել Էրտողանը` անոր մշտապէս անհաւասարակշիռ հոգեվիճակը գնահատելու համար…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ