Ակա՛նջդ խօսի, պրն. Մուշեղ, յուսահատ շուրջդ կը նայէիր` հաւանաբար մտքէդ ըսելով, որ այս սերունդը ե՞րբ հայերէն լեզուին հանդէպ հետաքրքրութիւն պիտի ցուցաբերէ, ե՞րբ եւ ի՞նչպէս գրականութեան եւ քերականութեան պիտի տիրապետէ:
Վստահաբար կը մտածէիր. «Վնաս չունի, խարդախութեամբ ընդօրինակելով ալ կարելի է սորվիլ», ու կը մխիթարուէիր…
Աշակերտներէդ քիչեր հայերէնի դասաւանդութեան լուրջ կերպով կը հետեւէին, ամէն մէկ դասարանի մէջ հազիւ մէկ երկու հոգի գրոց բրոց ըլլալ կ՛աւետէին, մնացածին հետաքրքրութիւնը կը շեղէր քիչ մը ամէն տեղ:
Հայերէնի նկատմամբ ընդհանուր թուլութիւն կը տիրէր` նկատի առած ապագայի ասպարէզի մտահոգութիւնները:
Ծնողները, շրջապատը, մթնոլորտը կը մղէին աշակերտութիւնը գիտական ճիւղերու, ինչ որ օտար լեզուներով պիտի ըլլար: Ուրիշներ արուեստի (խումբ մը աղջիկներս) մարզանքի նկատմամբ աւելի հակում ունէինք:
Հակառակ Ճեմարանի համբաւին` հայերէնը «for granted» կ՛առնուէր եւ իր քերականութեամբ ու գրականութեամբ գրպաննիս ըլլալ կը թուէր:
Այսօր աշակերտներէդ ոմանք իրենց յառաջացած տարիքին ուղղագրութեան, քերականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, վերաքաղ կ՛ընեն, շատեր սկսած են նոյնիսկ գրել, սակայն տակաւին շատ մը պարզաբանութիւններու կարիք կը զգան:
Արեւելքէն արեւմուտք տոքթ. Արմենակ Եղիայեանին աններող նամակները կը շրջին ու կը քննարկուին:
Շատ մը քերականական օրէնքներ աղօտ կերպով կը յիշենք, կամ` նորութիւններ կը թուին ըլլալ, հայերէնի հանդէպ այս ուշացած սէրն ու հետաքրքրութիւնը կարօտի, զղջումի արդիւնք է, բայց դժբախտաբար այս տարիքին ուղեղները բթացած են, դժուար է ամէն բացատրութիւն յիշել ու գործադրել:
Տակաւին, եթէ Արմենակ Եղիայեան գիտնար ճեմարանականներու ընդհանուրին հայերէնի ուղղագրական մակարդակին մասին, անձնասպան կ՛ըլլար…
Ներող թող ըլլայ Արմենակը, իրմէ խնդրենք չսպասել սխալներու, այլ անմիջապէս եւ հետեւողական կերպով սկսիլ տարրական լեզուի եւ քերականական օրէնքներու մասին սիւնակի մը հրատարակութեան:
Գրել, կրկնել ու դարձեալ կրկնել անհրաժեշտ է, մանաւանդ որ որոշ օրէնքներ այնքան ալ դիւրին ընկալելի չեն… Գրականութեամբ զբաղողներուն կողքին, մենք եւս մեր ձեռքին տակ ունենանք լեզուական բացատրութիւններ, տեղեկութիւններ, որոնք տեղ մը կարելի ըլլայ փնտռել, նայիլ ու վերանայիլ:
Տակաւին քիչ թէ շատ մեր սերունդը կը կարդայ ու կը գրէ: Ի՞նչ ըսել նոր սերունդին, որ օրէ օր աւելի ցիրուցան ըլլալու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի:
Ապագային նկատմամբ մտահոգութեամբ, արեւմտահայերէնի գիտութեան զարկ պէտք է տալ ամէն բեմերէ ու բոլոր առիթներով: