ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մեր առաջին այցելութիւնը «Պատկեր» կեդրոն տեղի ունեցաւ վերջերս: Առիթը` երաժշտական խումբի մը ներկայացումն էր, որուն հրաւիրուած էին հայ թէ օտար փոքրաթիւ երաժշտասէրներ:
Ի դէպ, նուագախումբի կազմութիւնը նախաձեռնութիւնն էր արհեստավարժ, դասական երաժշտութեան հաւատաւոր ծառայող, հայրենասէր ու հայանուէր ամոլի մը` յանձինս Հրաչ եւ Իզապէլ Իսահակեաններու: Անոնք կրցած էին հաւաքագրել երիտասարդ տարիքի արհեստավարժ նուագողներ, փորձեր կատարած եւ պատրաստած էին պատշաճ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր միջազգային երաժշտագէտներու փունջ մը ստեղծագործութիւններ:
Իսկ նման հոգեգրաւ ելոյթի մը քաջալերանքին, օժանդակութեան եւ յարմար միջավայրի մը ստեղծման իր նպաստը բերած էր, թիկունք կանգնած ու այլապէս ալ կը շարունակէ մնալ կեդրոնի սեփականատէր ու տնօրէն Արփի Մանկասարեան:
Բարձրորակ արուեստի մթնոլորտի մը մէջ կայացած, ելոյթը ունէր իր եզակի ընկալչութիւնն ու խանդավառութիւնը, որովհետեւ յարաբերաբար փոքր տարածքի մը մէջ արուեստագէտներու փաղանգ մը, տարբեր գործիքներու ուղեկցութեամբ մատուցեցին առինքնող, ներդաշնակ, հոյակապ ու ոգեշունչ երաժշտութիւն, ղեկավարութեամբ դաշնակահար Իզապէլ Իսահակեանի:
Ժամ մը սենեկային երաժշտութիւն ունկնդրելէ ետք, բարձր տրամադրութեան եւ հիացմունքի ներքեւ նուագախումբը արժանացաւ ներկայ արուեստասէրներու խոր գնահատանքին եւ ջերմ ծափահարութեան:
Հետագայ օրերուն, ի մտի ունենալով նման ելոյթի մը կազմակերպումն ու յաջող մատուցումը, մեր հետաքրքրութեան առանցքը կազմեց յարաբերաբար նորակառոյց այս կեդրոնին գործունէութեան մասին ունենալ յաւելեալ տեղեկութիւն:
Այս կեդրոնը կը գտնուի Պուրճ Համուտի սրտին վրայ, խորքին մէջ հսկայ տարածութիւն մը չ՛ընդգրկեր, այլ անիկա երկյարկանի կառոյց մըն է, բարեզարդ ու շքեղ, ունի մօտաւորապէս երեք տարուան կեանք ու կը գործէ բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ:
Արդ, մեր հետաքրքրութեան ծիրը ընդլայնելու միտումով գողտրիկ ու մտերիմ հանդիպում մը` Արփիին, Ասպետին ու Ռուբինային հետ, բաւարար էր, որպէսզի լոյսին բերէինք գործադաշտի բազմերանգ պատկերներ եւ աշխատանքային ուղղութիւններ:
Հեզահամբոյր զրուցակիցներս զիս քայլ առ քայլ առաջնորդեցին դէպի աշխատանքային ոլորտներ, որոնք մատուցուած են ամբողջ շրջապատի մը, տարբեր առիթներու եւ բազում նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն:
Մեր այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ՊԱՏԿԵՐ անուանումը տրուած է այս կառոյցին, արդէն կը սկսէր միտքերու ճամբորդութիւնն ու երազներու բացատրութիւնը:
Փաստօրէն կեդրոնի սեփականատիրոջ մտորումներուն ճամբով դուռ կը բացուէր ամբողջ ներաշխարհի մը, որ ծնունդն էր իր անմիջական շրջապատին` մեծ հօր եւ մօր, ծնողքին ու հարազատներուն, որոնց իւրաքանչիւրին հետ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐ մը կը շարունակէ տողանցել, ձայնել իր հոգիէն ներս:
Խորքին մէջ հաւաքական մեր կեանքի յիշողութիւնն է անիկա, դառն եւ անասելի չարչարանքներու, տառապանքներու եւ արհաւիրքէ ծնած ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ են անոնք, որոնք Ցեղասպանութիւն ապրած են, մահուան դէմ պայքարած, գոյատեւած եւ նորահաս սերունդներ ծնած:
Այլապէս ալ, ՊԱՏԿԵՐ-ը խտացումն է հաւաքական մեր կեանքի կենսափորձին, պատկանելիութեան զգացումին, հոգեկերտուածքին, ցաւալի եւ տխուր առօրեային, ուրախութիւններուն եւ յաջողութիւններուն, բայց անպայման` վերականգնումին:
Այլ խօսքով, ՊԱՏԿԵՐ կեդրոնի ծնունդը թէեւ անհատական տեսլականի մը արդիւնքն է, սակայն իր մէջ կը պարփակէ հաւաքական կեանքի մը բոլոր տարրերը:
Այսինքն, այս կեդրոնի մտայղացումը այն էր, որ անով պիտի շնչեն ու ապրին հայ կեանքի արհեստները, արուեստները, գունագեղ ձեռարուեստը, ազգագրական երաժշտութիւնն ու մշակութային այլ հարստութիւններ, որոնք կը կազմեն մեր հաւաքական էութեան մասնիկները:
Փաստօրէն կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսներն ու տարբեր նախաձեռնութիւնները կը միտին մոռացութենէ փրկել ազգային ապրելակերպի, ինքնութեան թէ ջանասիրութեան առանձնայատկութիւններ:
Իրօք, նմանատիպ կեդրոնի մը հաստատումով զարկ կը տրուէր ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան իւրայատուկ պատկերներու ներկայացումին եւ առաւելաբար տեղացի թէ օտար շրջանակներու անոնց ծանօթացումին:
Այս հասկացողութենէ թելադրուած օրին կը մտածուի նաեւ հայկական ճաշերու պատրաստութեան մասին` հաստատելով խոհանոցի մը, որ իր կարգին պիտի նպաստէր տոհմիկ երեկոներու կազմակերպումին:
Յայտնապէս գեղեցիկ, վայելուչ եւ հայաբոյր տեսքով ճաշարանի մը մասին է խօսքը, ուր մատուցուած ուտելիքները հայու դարաւոր շունչին արտայայտութիւնն են` իր եզակի համով ու բոյրով:
Ի՛նչ խօսք կարելի է ըսել ի տես ճաշարանի կահաւորումին եւ բարեզարդ գեղեցկութեան, որուն որմերուն վրայ քեզ կը շլացնեն հայկական գորգերու ընտիր նմուշներ, գեղարուեստի թէ ձեռագործի իւրայատուկ իրեր եւ գեղանկարներ, որոնց ներկայութիւնը յափշտակիչ է ըստ ամենայնի:
Կեդրոնը նաեւ հարազատ ժամադրավայրն է եղած բազմաթիւ միութիւններու (հայրենակցական, բժիշկներու, ուսուցչակազմի, ուսանողական թէ աշակերտական), որոնց կը մատուցուին նաեւ ազգային-հայրենասիրական, աշուղական, գուսանական թէ ազգագրական երաժշտութիւն, պար ու եղանակ:
Հայաբոյր մթնոլորտին ակնարկելով դիպուկ էր Ասպետի այն հաստատումը, թէ ՊԱՏԿԵՐ կեդրոնը տեսակ մը ովասիս է հայերէնախօսութեան, արուեստի որակի ծանօթացման, մտաւորական շրջանակներու մէկտեղման, հանդարտութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման:
Վերոնշեալ ընդգծումներուն առընթեր ամէնէն ուշագրաւը կը մնայ այն, թէ տուեալ կեդրոնին տնօրէնը` յանձնուած իր անցեալի յիշատակներու եւ ապրումներու ՊԱՏԿԵՐ-ներուն, կը փորձէ իր ունկնդիրին փոխանցել հայ անհատի, ընտանիքի, ծնողքի թէ հաւաքական կեանքի շաղախը հանդիսացող հայասիրտ արժանիքներ:
Փաստօրէն, անոր համար ծնողական սիրոյ, գուրգուրանքի եւ նուիրումի արժանիքները կը մնան գերազանցապէս անփոխարինելի եւ խորախորհուրդ, այն առումով, որ Եղեռն ապրած հայութիւնը, գերմարդկային ճիգով ու հզօր կամքի մը ներկայութեան, ո՛չ միայն կը փորձէ վերականգնիլ, այլ նաեւ ծնունդ կու տայ ժառանգորդներու, անոնց ընծայելով բարեկիրթ ապրելու իրաւունքն ու հաճոյքը, ուսումն ու դաստիարակութիւնը, որոնցմէ զրկուած էին իրենց մանուկ հասակին:
Մանկամարդ Ռուբինայի իսկ վկայութեամբ այս կեդրոնը տեսակ մը զօդող միջավայր է եղած աւանդականի եւ նորարարի: Ան կ՛աւելցնէ, ըսելով, որ տոհմիկ ու աւանդական մթնոլորտին զուգահեռ ներկայ է նաեւ արդին ու նորարարը, բոլոր բնագաւառներու վերաբերող, յագեցնելու համար այցելուին ճաշակն ու ակնկալութիւնը:
Յայտնապէս, կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսները, զանազան տիպի արհեստներու եւ արուեստներու մասին ներկայացումներն ու կենդանի պատկերները արդէն բաւարար ապացոյց են, միանգամընդմիշտ հաստատելու իրողութիւն մը անսեթեւեթ, թէ հայ կեանքի ու ապրելակերպի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, խորքին մէջ ազգային արժէք է, զոր պէտք է պաշտպանել ու գուրգուրալ անոր, յանուն աւանդականին, տոհմիկին եւ պատկանելիութեան զգացողութեան:
Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ, մշակութասէր եւ ազգային արժէքներու ջատագով Արփի Մանկասարեանին հետաքրքրութիւնները անսահման են, երազները անվերջանալի, սակայն այս բոլորի իրագործման եւ յաջողութեան համար անոր ներաշխարհէն ներս կայք հաստատած մղիչ ուժը իր ծնողքն է եղած, ազգասէր մեծ մօր ուղղակի ազդեցութիւնն ու մեծ հօր անցեալի սխրանքները: Արփիին խօսակցութեան կիզակէտը իր նախնեաց ապրած կեանքն ու նուիրումն է առհասարակ. ըստ իրեն, անոնց ցուցաբերած անշահախնդիր ու անանձնական գուրգուրանքը աստուածատուր շնորհք մըն է մեզի` բոլորիս, իբրեւ կենդանի վկաները Հայոց ցեղասպանութեան եւ արհաւիրքին:
Ըսուածին ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը, նոյնինքն Արփիի 90-ամեայ հօր ամէնօրեայ ներկայութիւնն է կեդրոնին մէջ, անոր ասպետական ու խոնարհ դէմքէն ճառագայթող սէրն ու գուրգուրանքը հանդէպ բոլորին, արդէն ինքնին օրհնաբեր վկայութիւն մըն է անտարակոյս:
– Հայրս իմ ապրումներուս եւ երազներուս ոգին է,- կ՛ըսէ ան: Յիրաւի, ինչպէս կեդրոնի տնօրէնին, նոյնպէս ալ բոլորիս համար, մեր ծնողները մեր ամենաթանկ արժէքներն են, իբրեւ վկաները գոյութենական պայքարին:
Միւս կողմէ, կեդրոնի հետագայ ծրագիրները նոյնքան գրաւիչ են, եզակի ու քաջալերական: Պէտք է հետեւիլ եւ ըմբոշխնել:
Յայտնապէս նման կեդրոնի եւ նուիրական աշխատանքի մը մասին մեր տպաւորութիւնները սպիտակ թուղթին յանձնելու մղումը եթէ երբեք մէկ կողմէ երախտագիտութիւնն է, ապա միւս կողմէ անիկա կ՛ընդգրկէ յանձնառութիւն մը` այն առումով, որ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանումը (եթէ դեռ գոյութիւն ունի նման մտասեւեռում) կ՛ենթադրէ նաեւ անհատական ու հաւաքական ուժերու գերլարում, կորուստի, փճացումի եւ մոռացումի ճիրաններէն փրկելու այն, ինչ որ տակաւին հայաբոյր է եւ առհասարակ ազգային արժէք կը ներկայացնէ:
Մտածենք նաեւ այս ուղղութեամբ, եթէ ուշացած չենք:
Պէյրութ, 6 ապրիլ 2016