Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13520

Մայիս 28-Ի Առիթով. Անկախութիւն. Բան Մը, Որ Կը Մոռնանք…

$
0
0

MHM79613-copy

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Հայերս մեր նորագոյն պատմութեան ընթացքին առնուազն չորս անգամ ազգովին միացած, համակամ ոգիով, իրարու քով ու իրարու հետ գտնուած ենք մեր հաւաքական ճակատագրի թոհուբոհին մէջ. 1918-ին` մեր պատմութեան երկար ժամանակաշրջանի տիրացած ազգային յենակէտին առաջին անկախութեան, 1921-ին` երբ  «հայրենասէրներ» կը կռուէին «հակահայրենասէրներու» դէմ, Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութեան. 1989-ին, արցախեան վճռական պահանջատիրութեան եւ 1991-ին` յետխորհրդային Հայաստանի անկախացման ու սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէ¬հռչակագրի պատմական եղելութիւններու եւ ոգեւորութեան հրաշալի տարիներու օրինակներով:

Վերոյիշեալ չորս պարագաներու իրականացումը տեղի ունեցաւ համահայկական կուսակցութիւններու, թէ ժողովրդային շարժումներու ազատասէր կամքի դրդումով ու առաջնորդութեամբ, որ պսակուեցաւ պատմութեան մէջ հետք ու դրոշմ արձանագրած գաղափարական դիմագիծի մը նուաճումներով:

Չորսէն երեք պարագաներուն` հայ ժողովուրդը գտնուեցաւ սուլթանա-օսմանական, խորհրդա¬պոլշեւիկեան ու ազրպէյճանա¬թրքական բռնատիրական լուծին ենթակայ: Առաջին երեք պարագաներուն` հայ ժողովուրդը պատերազմեցաւ ու յաղթանակեց: Այդ յաղթանակներէն մինչեւ այսօր արեան հոտ կու գայ: Չորրորդի պարագային` հայրենի մեր հպարտ ժողովուրդը քաղաքականապէս ըմբոստացաւ, ազգովին ապստամբեցաւ, ու օրուան եղելութիւններու բարեպատեհ վերիվայրումներու պատճառով եւ անարիւն պատերազմի ճամբով Երկաթէ վարագոյրի 70 տարուան «սպիտակ երկար գիշերներու» ուրուականներու մղձաւանջէն ետք, տիրացաւ իր այնքան երազած ազատութեան ու անկախութեան` ծածանեցնելով մեր ազգային եռագոյն դրօշը, մեր ազգային խրոխտ քայլերգը հնչեցնելով եւ մեր պատմութեան արիւնոտ ու հերոսական էջերը խորհրդանշող զինանշանը հանդիսադրելով:

Այսպէս, մեր պատմութիւնը եղաւ եղելութիւններու անուրանալի վկայ եւ ժամանակի հոսքին հետ ապագայի զարթօնքի ու վերածնունդի երաշխիք:

Մեր ազգը միշտ գտնուեցաւ ռազմական մարտահրաւէրներու առջեւ եւ տիրացաւ իր անկախութեան, որովհետեւ անձնազոհ հերոսներ ունեցաւ, եւ որովհետեւ նուիրեալ այդ հերոսներուն կարեւորութիւն ու արժէք տալ գիտցաւ` անոնցմով դաստիարակելով նաեւ հետագայ սերունդները հայրենիքի ոգիով ու յեղափոխաշունչ պատգամներով:

Այսօր հարց կու տանք, թէ մեր անկախութեանց ամբողջական արժեւորումը կատարա՞ծ ենք: Արժեւորում ըսելով` ըսել չեմ ուզեր, թէ արիւն թափած հերոսներուն անունները հրատարակուա՞ծ, կամ թէ անոնք հրապարակային հանդիսութիւններու ընթացքին պարգեւատրուած կամ յուշամետալներու արժանացա՞ծ են:

Ես անոնց անունները պիտի չտամ: Անոնք պէտք չունին հապճեպ ու անցողակի ցուցադրութիւններու թէ հրապարակումներու: Այդ գործընթացը փափաքողներուն ձգենք:

Ուժին դիմաց ոեւէ թշնամի կը հպատակի: Թշնամին միայն դաւաճաններուն դիմաց չի հպատակիր: Ոեւէ թշնամի հերոսութեան զանազանութիւնը կրնայ ընել, երբ ուժի քաղաքականութիւնը հռետորական խօսքերով չ՛ըլլար:

Հիմա եկեր եմ, ի՜նչ բաներու մասին կը խօսիմ, ինչե՜ր կը յիշեմ, ինչե՜ր կը յիշեցնեմ ձեզի: Տեսաբանական մերձեցումներ, որոնք լուծում չեն տար, տեղ չեն հասցներ, քանի գաղափարները կը պատշաճեցուին ու կը վերապատշաճեցուին ժամանակին, ժամանակներուն մէջ:

Գիտակցաբար կ՛անդրադառնամ աշխարհաքաղաքական նպաստաւոր թէ աննպաստ պայմաններու հետեւանք եղող օրինակներու, լաւատես յոյսի այն ակնկալութեամբ, որ այսօր եւս մեր ժողովուրդը համակամօրէն միացած է հայրենիքի գաղափարին շուրջ: Միացած է յատկապէս անկախութեան գաղափարին շուրջ: Մէկ խօսքով, անկախութիւնը միացուցած է հայերու միջեւ գոյութիւն ունեցող կուսակցական թէ գաղափարական տարբեր հոսանքներն ու մտայնութիւնները: Կուսակցութիւնները հայ կեանքի երաշխիքն ու իրաւարարն են ազգային որեւէ շեղումի թէ այլասերումի դէմ:

Ազգային առողջ հասարակութեան մը համար գոյատեւող միացման գաղափարը գործնապէս աւելի արդիւնաւոր պիտի ըլլար անշուշտ, եթէ մեր ազգը նուազ, կամ նուազագոյն չափով յաջողէր դիմագրաւել մեր ժամանակներու ամէնէն ահաւոր մղձաւանջը հանդիսացող արտագաղթի լլկող ալիքը: Մանաւանդ` մեր ժամանակներուն:

Այսօր, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ ապրող հայերը, լրիւ հասկացողութեամբ, կը գտնուին մեր ազգային պահանջատիրութեան ու հողային վերատիրացման գերագոյն գաղափարին առջեւ: Յուշը չի դաւաճաներ, ազգային ո՛ր հարթակին վրայ ալ գտնուի ան:

***

Երբ ազգային հարցերու հայելիին մէջ կը նայինք, հոն կը տեսնենք պատմութեան փշուրներ, հողի բարձրացուցած փոշին, աւանդական հերոսութիւն դարձած անվեհեր զինուորներու լերդացած արեան գունդեր: Կը տեսնենք տակաւին` մեր պատմութիւնը, աւանդութիւնը, աշխարհագրութիւնը, նահատակներու գերեզմանները, յուշարձանները, մեսրոպեան գիրը, հասնող սերունդներուն ստանձնելիք դերակատարութիւնը եւ դեռ ուրիշ շատ բաներ:

Բարի լոյս ընկերնե՛ր. միայն հաճելի բաներ ըսելով չգոհանանք:

Գիտէ՞ք, որոշ լաւ եւ գէշ բառեր անհետացած են մեր բառամթերքէն: Բոլորս կը փորձենք պահել ու պահպանել հայութիւնը իրար զօդող ամուր օղակը, շղթան, մեր գոյութեան շարունակութիւնը այս աշխարհին մէջ, ուր որքան ալ փնտռենք, պիտի հաստատենք, թէ մարդիկ ու ազգեր բացարձակապէս իրարու չեն նմանիր, ներքնապէս թէ արտաքնապէս չեն նմանած երբեք:

Անցնող ամէն օրը մեր առջեւ քիչ մը աւելի յստակ կը պարզէ մեր ազգային ինքնութեան զուգահեռ` հայու դիմագիծի էութենէն բխող համեմատութիւններու տագնապը: Այս բնագաւառին մէջ կարծես թէ բաւական մարզուած ենք` անցեալին հետ բախում չունենալու համար:

Մեր լաւագոյն տղաքը ո՞ւր են: Մեր լաւագոյն մարտիկները հոս են եւ հոս չեն, ոմանք առեղծուածային հիասթափութեամբ մը կը դիտեն մեզ ուրի՜շ, հեռաւո՜ր, շա՜տ հեռաւոր տեղերէ: Անոնց մտքերէն հետզհետէ հիւծող` ոմանց յուշը մարմարապատ գերեզմաններու տակ է, երբ տարին օր մը, ճշդուած կամ պատահական առիթով մը կ՛այցելենք իրենց, յեղափոխաշունչ ոգեւորութեամբ երիտասարդական խումբեր ալ «Միացէք հայեր» կ՛երգեն Եռաբլուրի հողին տակ հանգչողներուն, լռակեաց ու խեղդող մղձաւանջով:

Ամէնքս գիտենք, որ հերոսութիւնը անմահ կը դարձնէ պարզ զինուորն ալ: Եռաբլուրի բարձունքին թաղուած մարտիկները, մեր բոլորիս վրայ դիցաբանական անդրադարձ ունին, քանի իրենց հերոսութիւնը առասպելականացաւ ու առասպելականացուց մեր պանծալի պատմագրութիւնը:

Չմոռնանք. մեր լաւագոյն դաշնակիցները մեր նահատակներն են: Անոնք պիտի չդաւաճանեն մեզի երբեք:

Բայց եթէ անոնց յուշը պակսի, ուրկէ՞ պիտի կառչինք, ինչի՞ պիտի ապաւինինք: Կարծես, քիչ մը աւելի, ամէն օր կը մոռնանք մեր գոյութեան հիմնաւոր բաղդատականները ազգային առճակատման մեր նորօրեայ թատերաբեմերուն վրայ:

Սերունդները կը կորսուին, հայութիւնը կը կորսուի, ազգերու մարդաշխարհագրութիւնը կը փոխուի, անոր հետ` ընկերային արդարութեան ըմբռնումն ալ: Մանաւանդ` հայրենազուրկ ժողովուրդներուն համար:

Ժամանակը կը սահի. աններդաշնակ սահանքին հետ կը փոխուի անկախութիւնը, եւ` անկախութեան հետ մեծցող ժողովուրդն ալ: Մեր փոքրիկ հողատարածքին մէջ դեռ քանի՜ քանիներ «մենք»-ը» «ես» կ՛անուանեն: Ի՞նչ կը պատահի, երբ ազգ մը կը բաժնուի «մենք»-ի եւ «անոնց-ի: Մեր ազգի ազնուագոյն առաքինութիւնները երբ թերութեան վերածուին` շփոթելով ազգային արժէքին հանգամանքը եւ հանգամանքին արժէքը, որակն ու անորակը իրար խառնելով, մնայունն ու գնայունը չհաւասարակշռելով, սուտ հռետորականութիւնն ու ցուցամոլութիւնը թիւր կերպով զանազանելով, կամ ալ չկարենալ զանազանելով: Ի՞նչ կացութիւն կը ստեղծուի…

Ինչ որ մակերեսի վրայ կրնայ ծփալ իր արժէքի ծանրութեամբ, չ՛ընկղմիր: Զարգացումները իրենց ուժականութիւնը ունին, որ երբեմն կը դրսեւորեն, երբեմն ալ լաւապէս քօղարկուած կը պահեն իրենց հանճարը:

Դիմագիծ ու անհատականութիւն ունեցող խորքային արժէքը անայլայլ կը պահպանուի կեանքին մէջ` անպայման այդ արժէքին գինը վճարելով, ուշ թէ կանուխ:

Կրնանք դարձեալ համրել, թէ քանի՛ հոգի մնացած ենք: Սկիզբը քիչ մը պիտի դժուարանանք. շա՜տ տարածուեցանք, վերջաւորութեան, սակայն, մօտաւոր թիւի մը պիտի յանգինք` համաձայնելու համար ճշդուած մեծամասնութեան, կամ` չճշդուած փոքրամասնութեան տոկոսային համեմատութեան շուրջ: Հաւատացէք, մեր դիրքերը անհասանելի չեն: Այդպէս եղած է միշտ…

***

Թերեւս ժամն է սորվելու, թէ ի՛նչ կ՛արժէ մինչեւ վերջ տանիլ անկախութեան հետ կապուած` ո՛չ միայն խոստումները, այլեւ յանձնառութիւնները, մեր դաւանած գաղափարախօսութիւնները:

Հայը իրեն ընձեռուած անկախութեան ի՞նչ չափով վարժուած է. ի՞նչ չափով չի կրնար վարժուիլ, ընտելանալ, իւրացնել, կիրարկել:

Այս հարցականները ընդհանրապէս կը ծագին, երբ փոքրիկ, ու ձեւով մը անպաշտպան երկիրներու հասուն թէ ոչ հասուն քաղաքագէտներ կը շփոթեն մեծ կայսրութեան մը իշխանաւորները ըլլալու խախուտ հանգամանքը` իրենց մեծահռչակ յաւակնութիւններուն հետ:

Ինչե՜ր տեսած է մեր ժողովուրդը. եւ դեռ ինչե՜ր տեսած չէ: Հի՞մա պիտի վախնայ. ո՞վ պիտի վախցնէ: Մեր ժողովուրդը «այսօր»-էն չի վախնար. հաշտուած է այդ գաղափարին հետ, բայց գուցէ պէտք է վախնայ «վաղուան» գալիքէն: Անորոշութիւնը վախի համ ու հոտ կու տայ…

Երբ Հայաստանի քաղաքացին Ամերիկա կ՛երթայ, Երեւանի բնակիչն ալ կ՛որբանայ: Երբ Քրասնոտարի եւ Իրքուցքի մեր հայրենակից հայ բանուորը լաւ չ՛ապրիր, Ջաւախքի, Արցախի, Զանգեզուրի հայն ալ լաւ չ՛ապրիր: Լաւ կամ գէշ ապրելու մտահոգութիւնը քիչ թէ շատ ամէն տեղ կայ, եւ ամէն տեղ նոյնն է:

Ո՞վ կը պաշտպանէ հայը, հայութիւնը… Ո՞վ կը բարձրացնէ իր մօտ անկախութեան ճաշակը, յաղթանակի խորհրդանիշները, սրբազան տիտաններու նմանելու դաստիարակութիւնը, հաւաքական ինքնութեան ազգային պատկանելիութեան վստահութիւնը:

***

1918-ին Թուրքիոյ ներխուժումին դիմադրող եւ խոշոր «ոչ» մը ըսող ժողովուրդը դաստիարակեց 1991-ի հռչակագիրներուն ու սահմանադրութեան «այո» ըսողները: Արդէն, տարբերութիւնը շատ մեծ չէ. երկու պարագային ալ մահու¬կենաց կորուստը  հերոսականօրէն ճակատագրական, հերոսականօրէն ճակատագրապաշտական էր:

Մեր ազգի որոշ ներկայացուցիչներ շատ քիչ բան կը ներկայացնեն մեր ազգին համար: Անոնց ներկայացուցչութեան ինքնակոչ կամ զարտուղի ծառայութենէն բան պիտի չմնայ այս ազգի պատմութեան մէջ, քանի անոնք մաս չեն կազմեր մեր ժողովուրդի մնայուն արժէքներու մակերեսին, որպէսզի կարենան կարեւոր կամ իւրայատուկ բան մը յիշեցնել: Երէկ` այսօրուան, եւ այսօր` վաղուան համար: Անոնք են ու պիտի մնան քաղաքական քուլիսներու անգոյն ու տժգոյն մարդիկ: Առանց ազգային կենսագրութեան մարդիկ:

Աւելի վեր կը գրէի` մեր ժողովուրդի արտասանած ճգնաժամային գլխագիր «ՈՉ»-երու մասին: Անոնք ազգի մը դիմադրութիւն պատգամող ցուցանիշ են եւ ազգի մը պատմութեան մէջ այնքան կ՛ազդեն, որքան` անոնց հետեւող անկախութիւնն ու անոր արժէքը իրենց ժողովուրդի ապագայի հաշուոյն:

Եկէ՛ք` օգնենք, որ անկախութեան տեսադաշտը միանգամընդմիշտ մաքրազտուի: Անկախութիւնը պէտք չէ անորոշ ու տխուր խաբկանքներ սնուցանէ: Անոր դերն է տեւաբար յուշել, լաւ ու կատարեալ յուշել, թէ պատմութեան մէջ ինքնաճանաչօրէն մինակ էինք, ինքնեկ վստահելիութեամբ, մինակ ենք նաեւ այսօ՛ր: Այդ մինակութեան պատասխանատուութիւնը լրիւ մեր ուսերուն ու միաւորուած ողնայարին վրայ բարդուած է քաղաքառազմական բնաշխարհիկ ընտրանքներով:

Անկախութիւնը մեր պայքարներու հատուցման յոյսի կնիքն է, որ մեզի հրամցուած է այն չափով, որ ներքնապէս թէ արտաքնապէս վտարանդի մեր զաւակներու թափառական վիճակը կը հաստատէ: Այս անկախութիւնը ակնթարթի մը մէջ կրնայ կորսուիլ, եթէ դիւրին չհասկնանք, թէ ամբողջապէս կը պատկանի իր իսկ իրական տիրոջ ու օտարի ծառային, որովհետեւ իւրայատկօրէն այդ կը թելադրէ հմուտ մարտավարութիւնը:

Անկախութեան տիրանալու, անոր ընդհանրական էութեան նուաճելու լուրջ հարց կը դիմագրաւենք: Մեր ժողովուրդը միշտ ունէր այդ խնդիրը, քանի դարերով ապրած է տիրութեան ու նուաճումի դրական թէ ժխտական երկմտող ինքնավստահութեան պակասով:

Ասկէ անկախ, սակայն, մեր անկախութեան հասկացողութիւնը քաղաքակրթութեան հիմնաւորեալ տուեալ ու չափանիշ կը պարունակէ իր մէջ: Քաղաքակրթութիւնը միայն գիր ու գրականութիւն, մշակոյթ ու արուեստ չէ: Քաղաքակրթութիւնը բացառապէս նաեւ անկախութեան չափանիշ ու դատանիշ է: Աւելի՛ն. միայն Հայկական Բարձրաւանդակի լեռնաշխարհ, գաղթող ու թափառական ազգ եւ ընկերային վերիվայրումներու ենթարկուող ժողովուրդ չէ: Կը հաւատամ, որ ուրիշ բաներ ալ պէտք է ըլլայ: Հայաստանն ու հայը բազմաթիւ երեսներ ունին:

***

Հինի ու նորի կամրջման փորձը խրախուսականօրէն կրնայ վերանորոգիչ ազդեցութիւն ունենալ մեր հաւաքական հասունացման համար, քանի ան օղակուած է մեր անհատական թէ հաւակական, ազգային ու քաղաքական ինքնութեան շաղկապումին հետ: Այդ շաղկապումը ստուգաբանելու հասունութեան հասա՞ծ ենք. անոր բովանդակային որակը վերլուծելու ժամանակ մասնագիտութիւն տրամադրա՞ծ ենք: Չենք կրնար տեւաբար պարապ օդին մէջ տուայտիլ: Մեր հարցերը դիմագրաւելու ձեւերը կրնանք փոխել:

Անկախութիւն եւ մշակոյթ` հաւաքական իմաստութեամբ եւ հոգեմտաւոր առաւելութիւններով հայրենական նոյն ճանապարհէն պիտի ընթանան ձեռք¬ձեռքի սեղմած: Հաւանական է, որ այս գիրկընդխառնումէն անկախութիւնը կարենայ օգտակար ու շինիչ դրոշմ ու նկարագիր տալ 21-րդ դարու հայ կեանքին, ամէնուրե՛ք:

Հայաստանը ամայի երկիր չի կրնար ըլլալ: Ամայութիւնը քաղաքաընկերային անհաւասար ազդակներ կը ստեղծէ: Շոգեկառքը կը սուրայ, եւ մեր ժողովուրդը այս կառարշաւէն դուրս չի կրնար մնալ` գանգատելով, որ անոր սուլոցը իր ականջները կը խլացնէ…

Մեր ազգային տագնապներուն ճշմարտութիւնները ամէն օր, ամէն ժամ անվախօրէն ու շեշտակիօրէն պէտք է հրապարակուին, լսուին, մինչեւ որ մեր ազգային ճանապարհի ուղեւորներու ընտրանքները բացայայտուին մեր ազգի անվիճելի ճշմարտութիւններու տեսադաշտին վրայ:

Ժամանակները մարտահրաւէրներ կը յղեն մեզի` մեր արժէքներուն հետ չափուելու համար:

Համոզուինք բոլորս. հայ մարդու պակաս չկայ. նուիրական յատկանիշներ հետապնդող իմացական գաղափարներ ալ չեն պակսիր: Եթէ անկախութիւնը չճնշէր, թերեւս ոմանք մտածած ալ չըլլային այդ մասին: Բայց, հիմա որ կայ, ի՞նչ կ՛ընենք: Քաղաքականապէս կը մտածե՞նք: Կը գոհանանք քարոզչական յաղթանակներո՞վ…

Հետեւաբար անկախութիւնը լաւ շարժառիթ է խղճմտօրէն յեղաշրջելու համար պատահականութեան ձգուած բաներ: Յեղաշրջումի գաղափարն ու զգացումը պէտք է ուռճանայ մեր մէջ:

Մեր անկախութիւնը մեր հայրենիքը կը պաշտպանէ, կ՛երաշխաւորէ: Երաշխաւորուածը շրջահայեաց թիրախով կ՛ըլլայ: Կա՞յ մէկը, որ անկախութենէն կը վախնայ…

Հայաստանն ու հայը պէտք եղած ձեւով հասկցա՞ծ են, թէ որքա՛ն կ՛արժէ ան Հայաստանի ու հայութեան համար: Հասկցա՞ծ են անոր իրական ուժն ու արժէքը, երբ խրամատներու պատերազմը կը շարունակուի հերոսական Արցախի մէջ:

Հայերը միշտ գիտէին, թէ ի՜նչ են, պարզապէս չէին գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի երթան: Այդքան ալ պատուաբեր երկընտրանք մը չէ: Յայտնաբերենք անորոշութեան դիմագիծը:

Հասկնանք. ոեւէ մէկը իր ազգային իրականութենէն չի կրնար փախչիլ: Վերջին  յոյսը դիւրին չի կորսուիր, քանի յոյսը աւարտի թուական չունի, որքան ալ ան ինքզինք կը պարտադրէ իր մաշեցնող անդոհանքով:

Անկախութեան երազին ու տեսլականին լիարժէքօրէն վերադառնալու կարօտ ունի՞նք: Պարզապէս` սովորական հարցում մը, եթէ անկախութիւնը իրապաշտութենէն եւ իրապաշտութիւնը անկախութենէն փոխադարձաբար չեն վնասուիր…

Իրականութենէն պէտք չէ վախնանք…

Աթէնք 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13520

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>