Հայոց պատմութեան մէջ գլխագիրով իրենց անունը փորագրած եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած անձնաւորութիւններ են Սիմոն Վրացեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Հայր Աբրահամ, Կարօ Սասունի, Վարվառա Սահակեան, Լոլա Սասունի, Սասունցի Մուշեղ, Արշակ Յովհաննիսեան, Մալխաս, Մուրատ Պետրոսեան, Վարդան Շահպազ, Հրաչ Փափազեան, Միսաք Կիրակոսեան եւ Վահան Փափազեան:
Վարդան Շահպազ
Վարդան Տօնիկեան ծնած է 1864-ին, Սեբաստիոյ Տիւրիկ գաւառի Օտուր գիւղը: 25 տարեկանին կ՛անցնի Պոլիս, 1890-ական թուականներուն կը միանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այնուհետեւ կը ճանչցուի իր յեղափոխական անունով` Վարդան Շահպազ: Կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման: Այնուհետեւ կ՛անցնի Մարսէյ, Պուէնոս Այրէս, յետոյ Լոնտոն եւ Պուլկարիա: Կը վերադառնայ Պարսկաստան եւ 1897-ին կը մասնակցի Խանասորայ արշաւանքին: Ապա կը գործուղուի Վասպուրական` շրջան մը կատարելով կուսակցութեան ներկայացուցիչի դերը: 1904-ին, իբրեւ պատգամաւոր, կը մասնակցի ՀՅԴ երրորդ Ընդհանուր ժողովին:
Շրջան մը, Վասպուրականին զէնք ապահովելու համար Վարդան Շահպազ կը մեկնի Կովկաս, ուր կը ճաշակէ ցարական բռնակալութեան բոլոր արհաւիրքները: Իբրեւ դաշնակցական գործիչ, ան կ՛աքսորուի Սիպերիա:
1909-ին Ատանայի ջարդէն ետք կը լծուի ժողովուրդի զինելու եւ զայն ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու գործին: 1918-ին կը մասնակցի Ղարաքիլիսէի կռիւներուն: Այնուհետեւ Նուրի փաշայի դէմ մղուած կռիւներուն: Ան եղած է զօր. Անդրանիկի խումբերու մատակարար: 1927-ին կ՛անցնի Սուրիա` զբաղելու քրտական շարժումներով: Ապա կը հաստատուի Քեսապ, հոնկէ` Պէյրութ:
1946-ին ներգաղթի աւետիսը կը փոթորկէ զայն, որովհետեւ կ՛ուզէ իր վերջին օրերը անցընել մայր հայրենիքին մէջ: Սակայն երբ կը լսէ, որ Հայաստան երթալու պայմանը Դաշնակցութենէն հրաժարիլն է, կը մերժէ, որովհետեւ այդ քայլը ինքնին մահ կը նշանակէր: Մեծ յուսախաբութիւն ապրելով կեանքը կը շարունակէ ճգնաւորի մը նման: Կը մահանայ 8 յունիս 1959-ին, Պէյրութի մէջ:
Լեւոն Շանթ
Բուն անունով` Լեւոն Սեղբոսեան, ծնած է Պոլիս 1869-ին: Կրթութիւնը ստացած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, իսկ համալսարանական ուսումը` Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Երկար տարիներ վարած է ուսուցչական պաշտօն, ունեցած է հանրային եւ քաղաքական գործունէութիւն Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ: Եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ, հիմնադիրներէն մէկը Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ գլխաւոր հիմնադիրը Համազգայինի Ճեմարանին, Պէյրութի մէջ: Լեւոն Շանթ եղաւ ամբողջական մանկավարժը Ճեմարանի տնօրէնութեան ամբողջ շրջանին եւ կրցաւ նորահաս սերունդին ներշնչել կրթութեան եւ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ազգապահպանման գործին մէջ:
Լեւոն Շանթ Ճեմարանի հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ լծուեցաւ դասագիրքեր պատրաստելու աշխատանքին եւ իրարու ետեւէ, տարուէ տարի, լոյս ընծայեց նախակրթարանի յատուկ դասագիրքերու շարք մը: Լեւոն Շանթ ժամանակ կը գտնէր գրական ստեղծագործութիւններու ալ պահեր յատկացնելու եւ զարկ տալու թատերական շարժումին:
Լ. Շանթ կը մահանայ 29 նոյեմբեր 1951-ին, Պէյրութի մէջ:
Նիկոլ Աղբալեան
Ծնած է Թիֆլիս 1875-ին: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին գրական-քննադատական յօդուածներով: Հետեւած է նաեւ համալսարանական կարգ մը դասընթացքներու Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի մէջ: 1909-1912 վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: Որպէս կուսակցական գործիչ մասնակցած է ՀՅԴ-ի ընդհանուր ժողովներու, եղած է Ազգային Խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմնի անդամ: Աւելի ուշ` 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն վերջ, ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: 1919-ին նշանակուած է լուսաւորութեան նախարար եւ իր ջանքերով 1920 յունուար 31-ին բացուած` Հայաստանի համալսարանը Ալեքսանդրապոլի մէջ, Գիւմրի:
1921-ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն վերջ Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է փետրուար 9-18, ուրկէ ազատած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ ու անցած Պարսկաստան, ապա` Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ:
1928-ին, հիմնադիրներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան եւ անմիջապէս յետոյ, Լեւոն Շանթի հետ, հիմնադիրը` Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին:
Նիկոլ Աղբալեան, մինչեւ իր մահը, կ՛ըլլայ անմիջական գործակիցը Լեւոն Շանթի, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցելով Հայ Մամուլին, բանասիրական եւ գրական-քննադատական յօդուածներով:
Ն. Աղբալեան կը մահանայ Պէյրութ, 15 օգոստոս 1947-ին:
Արշակ Յովհաննէսեան
Ծնած է 1883-ին, Նուխի մօտ, Չայքէնթ գիւղին մէջ (Գանձակի շրջան): Ապա կ՛անցնի Թիֆլիս` որպէս գիշերօթիկ աշակերտ Ներսէսեան վարժարանի: Կ՛աւարտէ 1904-ին եւ կը սկսի գործել կրթական ասպարէզին մէջ իբրեւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ` իբրեւ կուսակցական գործօն անդամ:
Կը պաշտօնավարէ նախ Թաւրիզ, յետոյ Թեհրան: Իբրեւ ուսուցիչ կը հրաւիրուի Երեւանի թեմական դպրոց: 1918-ին Պաքուի ինքնապաշտպանութենէն ետք Դաշնակցութեան հետ կ՛անցնի Պարսկաստան:
1919-ի գարնան Երեւան կ՛երթայ` իբրեւ ներկայացուցիչ մասնակցելու համար Անկախ Հայաստանի Ընդհանուր ժողովին: Կ՛ընտրուի խորհրդարանի անդամ: Ս. Վրացեանի վարչապետութեան օրով կը վարէ գիւղատնտեսական նախարարի պաշտօնը:
Խորհրդային իշխանութեան շրջանին Ա. Յովհաննէսեան կը մնայ թաքնուած: Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք մաս կը կազմէ Փրկութեան կոմիտէին եւ կը վարէ զինուորական բաժինը:
1924-ին կը հաստատուի Պէյրութ` իբրեւ կուսակցական գործիչ եւ խմբագիր «Փիւնիկ» թերթին:
1924-1935 կը զբաղի կուսակցական եւ հանրային աշխատանքներով:
1947-էն մինչեւ մահը կ՛ըլլայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նաեւ` ՀՅԴ Գերագոյն խորհուրդի անդամ:
Կը մահանայ 1 ապրիլ 1953-ին, Պէյրութի մէջ:
Ցնորքցի Մուրատ
Մուրատ Պետրոսեան ծնած է 7 ապրիլ 1884-ին, Մշոյ հիւսիսարեւելեան կողմը` Քոսուր լերան արեւմուտքը:
Սասունի 1894-ի դէպքերէն ետք մինչեւ 1896 քիւրտերը սկսած էին կողոպտել հայկական գիւղերը: Այդ օրերուն Ցնորք ունեցաւ իր կազմակերպչական խումբը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այդ շրջանին մեծ աշխատանքի լծուած էր, շուտով Ցնորք կ՛ուղարկէ զինական խումբեր:
1900 թուականին Մուրատ կ՛ընտրուի գիւղի խումբի խմբապետ եւ 1901-ին կը մասնակցի Առաքելոց վանքի պատմական մեծ կռիւին` Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ Կայծակ Վաղարշակի կողքին: 1902-ին Մուրատ կ՛ընտրուի ենթակոմիտէի անդամ, իսկ 1903-ի մայիսին Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ կը նշանակուի թռուցիկ խումբի խմբապետ: Վրայ կը հասնի Սասնոյ ապստամբութիւնը. Մուրատ` իր շուրջը հաւաքած մօտ 20-25 կտրիճներ, կը մեկնի Սասուն, Գէորգ Չաւուշին օգնելու: Ան կը մասնակցի 1909-ի Սուրբ Կարապետի Ռայոնական ժողովին, ապա կ՛անցնի Կարին, Կովկաս, Փարիզ, Լոնտոն ու Միացեալ Նահանգներ: Քանի մը տարի ետք ծայր կ՛առնէ Համաշխարհային Առաջին պատերազմը, Մուրատ կը դիմէ տեղւոյն ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին` զինք Կովկաս ուղարկելու: 1915-ի օգոստոսին շուրջ 300 հոգիով կը հասնին Կովկաս, ուր կը մասնակցի զանազան կռիւներու: Վիրաւորուելով` կը փոխադրուի Երեւան: Մասնակից կը դառնայ Մայիսեան կռիւներուն` զօրավար Սեպուհի կողքին:
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Մուրատ եւ իր զինակիցները ստոյգ մահէն կ՛ազատին, վիրաւոր Մուրատ 12 հազար տարագիրներու հետ կը հասնի Թաւրիզ, ապա` Հալէպ, ուր կը լծուի որբահաւաքի աշխատանքին: Թոքախտը բոյն կը դնէ կուրծքին մէջ, կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը մահանայ 16 յունիս 1927-ին:
Խմբապետ Մուշեղ
Մուշեղ Աւետիսեան ծնած է 1887-ին Սասնոյ Խիանք գաւառի Արսըրք գիւղին մէջ, քանի մը տարի ետք կը փոխադրուի Տիգրանակերտ: Ան մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերէն աչքը կը բանար Սասունի գոյամարտին մէջ: Ուսումը կը ստանայ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ. 1905-1907-ի դաժան տարիներուն ան իր վանքի տարազով լաւագոյն եւ ամէնէն վստահելի սուրհանդակը կը հանդիսանար: Աւելի ուշ կը գործակցի Ռուբէնի, Ս. Զաւարեանի հետ` Սասունի զանազան գաւառներուն մէջ: Դաշնակցութեան գաղափարները կը տարածէ իբրեւ գործիչ եւ կազմակերպող: 1913-ի աշնան Ռուբէն կը վերադառնայ Մուշ` Սասունցի Մուշեղը ունենալով իբրեւ աջ բազուկ. անոնք միասնաբար կը լծուին ինքնապաշտպանութեան գործին: Մասնակից կը դառնայ Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան` վարելով Տալւորիկի եւ Խիանքի ուժերը: Սասունի կրած պարտութենէն ետք Վ. Փափազեանի եւ Ռուբէնի հետ կ՛անցնի Կովկաս, ապա աշխատանք կը տանի Էրզրումի, Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ:
Հայկական բեկորներու հաւաքումը եւ պահպանումը, թշնամի տարրերէն երկրի մաքրագործումը, ժողովրդական վաշտերու կազմակերպումը կլանող գործեր էին, որոնց կը լծուէր Մուշեղ` բազմաթիւ այլ ղեկավարներու հետ: 1917-ին Խնուսի կամաւորական գունդերու հրամանատար կը նշանակուի: Խմբապետ Մուշեղ կարգապահութիւն կը ստեղծէ իր գունդին մէջ, որ կը դիմադրէ թրքական յառաջխաղացքին:
1918-ի ապրիլին, երբ Տարօնի զինուած ժողովուրդը Մասիսի բարձունքներէն վար կ՛իջնէր դէպի Արարատեան դաշտ, արդէն ցեղապետական բանակ մըն էր, որ բարձրացաւ դէպի Արագածի լանջերը, որոնք միայն այլազգի թշնամիներով բնակուած էին: 2-3 օրուան կռիւներուն շնորհիւ Արագածը մաքրուեցաւ եւ քառասուն գիւղեր հայ տեղաշարժուող ժողովուրդով բնակուեցան: Այս Հայաստանաշէն գործողութեանց գլխաւոր վարիչներէն մէկն ալ Մուշեղն էր:
Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն մասնակցելէ ետք կ՛անցնի Զանգեզուր` լծուելով անոր հայացման աշխատանքին:
Խմբապետ Մուշեղ Հայաստանի պետական կեանքին մէջ միշտ մնաց զինուորական: Նշանակուեցաւ Սահմանապահ ոստիկանութեան հրամանատար: 1921-ին մասնակից դարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան, ան եղաւ առաջինը, որ Չեկան գրաւեց, եւ հինգ հարիւր բանտարկեալ ազատ արձակեց: Հայաստանի մէջ խորհրդային լուծի ամբողջական հաստատումէն ետք, Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ու ապստամբ ժողովուրդին հետ, Խմբապետ Մուշեղ իր կարգին ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը: Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա` Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր մահացաւ 19 մարտ 1956-ին:
Հրաչ Փափազեան
Աւազանի անունով` Կարապետ-Կարպիս, Հրաչ Փափազեան ծնած է Եոզկատ, 19 յունիս 1892-ին:
Եօթը տարեկանին կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր հինգ տարի մնալէ ետք, 1904-ին կը ղրկուի Պոլիս իր ազգականներուն մօտ. հոն կը ստանայ իր կրթութիւնը եւ 1910-ին կը մտնէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:
Ա. Աշխարհամարտի անմիջական վաղորդայնին, երբ ՀՅ Դաշնակցութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պոլիսէն փախստական կամ Պոլիս պահուըտած եղեռնագործներուն հետքերը գտնելու եւ զանոնք պատժելու անհրաժեշտութեան վրայ, կը փնտռուէին նուիրեալներ, որոնց պիտի վստահուէին այդ հետապնդումները եւ անոնց յաջորդելիք ահաբեկումները: Ուրիշներու կարգին, Հրաչ Փափազեան եւս կ՛ըլլայ ընտրեալներէն մէկը:
Պատերազմի հռչակումէն ետք կը ղրկուի զինուորական վարժարան` պահեստի սպայ դառնալու համար: Հազիւ սպայի աստիճանը ստացած` կը փախչի եւ կը պահուըտի նախ` Պոլիս եւ ապա, պատերազմի վերջին տարին, թուրք սպայի մը ինքնութեան թուղթով կը յաջողի հասնիլ Հալէպ եւ դարձեալ կորսնցնել իր հետքը: Զինադադարին Հալէպ է եւ 1919-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Աչքերով կը տեսնէ Մեծ եղեռնը եւ սիրտը կը լեցուի արդարահատուցման տենչով:
Գործի մարդ էր Հրաչ Փափազեան, եւ օր մըն ալ, իր առաջարկով, իրեն կը վստահուի ամէնէն պատասխանատու աշխատանքներէն մէկը, Պերլինի մէջ:
Թալէաթի ահաբեկումէն ետք անցած էր շուրջ վեց ամիս: Պերլինի մէջ, ուր խմբուած էր ջարդարարներու խումբը, անկարելի կը դառնար գտնել հետքը տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրին:
Պերլին գտնուող հայ հետախոյզները կարողացած էին երեւան հանել հետքը Տրապիզոնի հայերու ջարդարար կուսակալ Ճեմալ Ազմիին, որ սիկարէթի խանութ մը բացած էր: Կարողացած էին գտնել նաեւ հետքերը Պոլսոյ ոստիկանութեան տնօրէն եւ ապա Պէյրութի կուսակալ Ազմիին եւ նաեւ ուրիշներու, բայց տակաւին անյայտ կը մնար Պեհաէտտինի թաքստոցը: Յապաղումը կրնար ձախողեցնել անոր դէմ արձակուած մահավճիռին գործադրութիւնը, որովհետեւ մէկ օրէն միւսը ան կրնար հեռանալ Պերլինէն: Ասկէ զատ, կարեւոր էր բուն իսկ ոճրագործներուն շրջապատէն իմանալ անոնց մշակած ծրագիրները եւ տեղեկանալ անոնց շարժումներուն, որպէսզի ըստ այնմ ձեռք առնուէին անհրաժեշտ միջոցները:
Եւ Հրաչն է, որ կ՛առաջարկէ Պոլսոյ պատասխանատու մարմինին. թուրքի ծպտումով երթալ Պերլին եւ հոն ստեղծել ջարդարարներու շրջանակին մօտենալու եւ անոնց հետ մտերմանալու պատեհութիւնը: Լաւ թրքագէտ եւ թրքախօս, մօտէն ծանօթ թրքական բարքերուն եւ կրօնական սովորութիւններուն, այլեւ` մեծապէս պաղարիւն եւ շրջահայեաց, ան կը ցուցաբերէ առաջադրուած գործը լաւագոյն արդիւնքով գլուխ հանելու ինքնավստահութիւնը: Առաջարկը կ՛ընդունուի:
Հրաչ Պոլիսէն կը մեկնի Պերլին, կը վերածուի «թուրք» Մեհմէտ Ալիի եւ թուրք ջարդարարներու շրջանակը թափանցելով իր մեծ ներդրումը կ՛ունենայ Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման: Փաստօրէն ան հող պատրաստեց այս վրիժառութեան:
Հրաչ 1922-ին կը հեռանայ Պոլիսէն եւ կ՛անցնի Յունաստան, ուր կը զբաղի ազգային, քաղաքական եւ կուսակցական աշխատանքներով:
Ընդմիջումներով կը մնայ Աթէնք եւ Սելանիկ, մինչեւ 1926-ի վերջերը եւ ապա կուսակցական գործով կը հաստատուի Հալէպ:
Շրջան մը, Յակոբ Սիմոնիի հետ, ան կը զբաղի Տերսիմի քրտական ապստամբութեամբ:
Սուրիոյ մէջ Հրաչ Փափազեան կ՛ապրի ամբողջ երեսնամեակ մը եւ կ՛ունենայ պատկառելի գործունէութիւն մը` քաղաքական, ազգային, կուսակցական եւ հասարակական բոլոր ճակատներուն վրայ:
1932-ին եւ 1943-ին ան կ՛ընտրուի երեսփոխան սուրիական խորհրդարանին:
Հրաչ Փափազեան կամքէ անկախ պատճառներով Պէյրութ կը փոխադրուի 1957-ին, երբ անողոք հիւանդութիւնը սկսած էր արդէն գործել իր աւերը: Ան իր աչքերը կը փակէ 16 օգոստոս 1960-ին, Շթորայի մէջ:
Սիմոն Վրացեան
Սիմոն Վրացեան ծնած է 1882-ին, Մեծ Սալա գիւղը, Նոր Նախիջեւան (հիւսիսային Կովկաս): Տեղւոյն հայկական եւ ռուսական վարժարաններուն մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք, 1900-ին ան ընդունուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, որուն փայլուն շրջանաւարտներէն հանդիսացաւ:
1907-ին Վիեննայի մէջ գումարուած ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին, Սիմոն Վրացեան մասնակցեցաւ իբրեւ ՀՅԴ Ուսանողական Միութեան պատգամաւոր:
Ընդհանուր ժողովէն ետք ան անցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, ուր հետեւեցաւ համալսարանական բարձրագոյն ուսման` իրաւագիտութեան, գիւղատնտեսութեան եւ մանկավարժութեան մէջ: 1910-ին, երբ ցարական հալածանքը իր գագաթնակէտին հասած էր դաշնակցական գործիչներու դէմ, Սիմոն Վրացեան անցաւ Կարին:
Տարի մը Կարնոյ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ը խմբագրելէ ետք, 1911-ին, Ռոստումի յանձնարարութեամբ, Սիմոն Վրացեան ղրկուեցաւ Պոսթըն, Մ. Նահանգներ, իբրեւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»-ի խմբագիր: 1914-ին, իբրեւ Ամերիկայի շրջանէն պատգամաւոր, Վրացեան վերադարձաւ Կարին, մասնակցելու համար ՀՅԴ Ութերորդ Ընդհանուր Ժողովին, որու աւարտին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ անցաւ Թիֆլիս: Ստանձնեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը` զուգահեռաբար Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին անդամ ընտրուելով եւ լծուելով Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին:
Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումէն ետք Վրացեան տեղափոխուեցաւ Երեւան: Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ խորհրդարանին` Հայաստանի խորհուրդի պատգամաւոր: Երբ մայիս 1920-ին կեանքի կոչուեցաւ Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութիւնը, Վրացեան ստանձնեց աշխատանքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը, մինչեւ որ հոկտեմբեր 1920-ին, Հայ-թրքական պատերազմի ծանր օրերուն, իր ուսերուն դրուեցաւ ծանր բեռը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի պատասխանատուութեան:
Վրացեան ինք եղաւ թէ՛ 2 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը Յեղկոմին զիջելու պայմանագիրը ստորագրող վարչապետը, թէ՛ փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութենէն ետք կազմուած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէին նախագահը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Սիմոն Վրացեան իր կարգին անցաւ Թաւրիզ, Պարսկաստան, ուրկէ մեկնեցաւ Փարիզ եւ ստանձնեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի վերահրատարակութեան խմբագրութիւնը:
Միեւնոյն այդ շրջանին Սիմոն Վրացեան գրեց նաեւ իր կոթողական գործը` «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը: «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան ընդհատումէն ետք, Վրացեան հաստատուեցաւ Պէյրութ, Լիբանան, ուր խմբագրեց Պատմութեան եւ Մշակոյթի հանդէս «Վէմ»-ը:
1952-ին, Լեւոն Շանթի մահէն ետք, Վրացեան նշանակուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն: Նաեւ հրատարակութեան պատրաստեց եւ լոյս ընծայեց իր յուշերը` «Կեանքի ուղիներով» վեց-հատորեակը: Մահացաւ 21 մայիս 1969-ին:
Լոլա Սասունի
(Հռիփսիմէ Մեծատուրեան)
Լոլա Սասունի, բուն անունով` Հռիփսիմէ Մեծատուրեան, ծնած է 1893-ին, Ակն: Ան զարմուհին է բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի: 1908-ին ընտանեօք հաստատուած են Պոլիս: Երիտասարդ տարիքէն ան մխրճուած է ազգային-հասարակական գործունէութեան մէջ` գործակցելով իր սերունդի հայուհիներու հետ: Մաս կազմած է Եղեռնի օրհասական պայմաններու հարկադրած ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերուն:
Հռիփսիմէ Մեծատուրեան, որ իր գաղափարակից ընկերոջ` Կարօ Սասունիի հետ 1917-ին ամուսնանալէ ետք կ՛ընտրէ Լոլա անունը կ՛անցնին Թիֆլիս: Ան մշտական ներկայութիւն է յետեղեռնեան հայութեան կազմակերպական աշխատանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Եղած է Մուշ, Վան, Խնուս, հոն, ուր գործը կը կանչէր, կազմակերպելով ու խնամելով Եղեռնէն ճողոպրած որբերն ու հիւանդները:
1918-ի մայիսեան անկախութեան նախօրեակին կը միանայ Համազասպի խումբին եւ կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին:
Առաջին զաւակը կը ծնի Երեւանի մէջ: Դժբախտաբար փոքրիկը մալարիայէ բռնուած` կը մահանայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Լոլա կը նուիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Կարմիր խաչի կազմակերպումին, եւ երբ 1920-ին ամուսինը Շիրակի նահանգապետ կը նշանակուի, ան հայկական որբանոցներու ընդհանուր վարիչին հետ կը գործակցի:
1920-ին կը բանտարկուի, բախտով կ՛ազատի եւ մօտ տաս հազար գործիչներու հետ կ՛անցնի Զանգեզուր, անկէ ալ` Պարսկաստան: Ապա պարբերաբար կը մնայ` Պոլիս, Սոֆիա, Վիեննա, Ժընեւ ու Փարիզ:
Փարիզէն ետք Գահիրէի, յետոյ Հալէպի եւ վերջապէս Պէյրութի մէջ միշտ Հայ օգնութեան միութեան աշխատանքները կազմակերպող գործիչը կ՛ըլլայ: Մահացած է 2 հոկտեմբեր 1969-ին:
Մալխաս
Աւազանի մկրտութեամբ Արտաշէս Յովսէփեանի յեղափոխական ծածկանունն ու հետագային նաեւ գրչանունն էր Մալխասը: Ան ծնած էր 1877-ին, Տրապիզոն: Ուսումը ստացած էր Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ: Ուսումը նոր աւարտած` հաստատուած էր Սամսոն քաղաքը: Իր սերնդակիցներէն շատերու պէս ինք եւս ստիպուեցաւ պանդխտութեան դիմելու: Քանի մը տարի մնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր նոր հիմնուած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»-ին կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ:
1900-ականներու սկզբնաւորութեան վերադարձաւ Երկիր ու իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ ուղարկուեցաւ յաջորդաբար Ուրմիոյ շրջանը եւ Վան: Իրեն վստահուեցաւ Խոյի եւ Ս. Թադէի վանքի զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստաւորման գործը: Մաս կազմեց նաեւ Սասնոյ օգնութեան փութացող զինատար խումբերուն:
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք հաստատուեցաւ իր ծննդավայրը` Տրապիզոն, ուր ձեռնարկեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Խարիսխ» թերթի հրատարակութեան: Իսկ երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Մալխաս ամբողջապէս նետուեցաւ Տրապիզոնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ:
Այնուհետեւ, Հայ Կամաւորական Շարժման միանալով` Մալխաս իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի դիւցազնական ճակատամարտներուն: Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան աւարտէն ետք, Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան:
Տարագրութեան մէջ եւս, աւելի քան քառասուն տարի, Մալխաս մնաց պատնէշի վրայ: Վերջնականապէս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխուժ եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան ինչպէս կազմակերպչական, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդներու գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ:
Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին: Այդ շրջանին ամբողջացուց իր կոթողական գործը` «Զարթօնք»-ը, ինչպէս նաեւ յուշագրական երկը` «Ապրումներ» խորագրով:
Մահացաւ 1962 յունուար 4-ին, Պէյրութի մէջ:
Միսաք Կիրակոսեան
Միսաք Կիրակոսեան ծնած է 1884-ին, Քեսապ: 1898-ին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ: 1915-ին միացած է կամաւորական շարժման եւ մասնակցած 1918-ի Արարայի ճակատամարտին, ապա` Կիլիկիոյ գրաւումին:
Միսաք, ծանօթ` Միսաքօ եւ Սագալլը ծածկանունով, իր զինակից Ովսիա Սաղտըճեանի հետ հեռացած է լեգէոնէն, օգնութեան հասնելու համար Քեսապի, ուր անապահով վիճակ կը տիրէր: Շուտով իրենց միացած են քեսապցի այլ լեգէոնականներ:
Տարագրութենէն վերադարձած քեսապցիները լեգէոնականներուն շնորհիւ պաշտպանած են իրենց կեանքն ու ինչքը շրջակայ թուրքմէններու յարձակումներէն:
Միսաք Կիրակոսեան մասնակցած է ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշած «Նեմեսիս»-ի աշխատանքներուն։
Միսաքօ մահացած է 1957-ին, Քեսապի մէջ:
Վահան Փափազեան (Կոմս)
Վահան Փափազեան ծնած է 1876-ին, Թաւրիզ: Ընտանիքին հետ փոխադրուած է Թիֆլիս եւ հոնկէ` Նոր Նախիջեւան: Ալեքսանդրապոլի մէջ ծանօթացած է հանդիպած է երկրէն եկած հայդուկներու եւ ծանօթացած կուսակցական մամուլին, որմէ ետք յարած է ՀՅ Դաշնակցութեան:
1902-ին Փեթերսպուրկի մէջ ուսանող Վահան Փափազեան խոյս տալով ձերբակալութենէն փախած է Ֆինլանտա, ապա անցած Ժընեւ:
Այնուհետեւ վերադարձած է Կովկաս եւ մեկնած Վան, իբրեւ կուսակցական գործիչ, 1908-ին ընտրուած է օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան:
Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը Կոմս Մուշ կը գտնուէր, եւ երեսփոխանի իր հանգամանքով թուրք պետական շրջանակներու հետ կապերը կը համակարգէր: Մեծ եղեռնի օրերուն տարօնցի գաղթականներուն հետ ճաշակեց բոլոր դառնութիւնները:
Ջարդէն ճողոպրած Կոմսի եւ Ռուբէնի խումբերը յաջողեցան անցնիլ ռուսական ճակատի գիծը եւ անցան Արարատեան դաշտ:
1919-ին մաս կը կազմէ Փարիզի Ազգային պատուիրակութեան: Կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. ընդհանուր ժողովին, Երեւան: Հետագային Դաշնակցութեան անունով կը գործակցի Թուրքիոյ քիւրտ ապստամբներու հետ:
1947-ին կը հաստատուի Լիբանան, գրի կ՛առնէ իր յուշերը եւ կը գրէ «Խոնարհ հերոսներ» շարքը: Մահացած է 1973-ին, Պէյրութ:
Վարվառա Սահակեան
«Վարվառա Սահակեան խորհրդարանի առաջին նախագահ Աւետիք Սահակեանի կինն էր: Ընտրուելով խորհրդարանի պատգամաւոր` կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական ծրագիրներու համակարգող: Այդ ժամանակ ալ ան ծանր կորուստ կրեց. դեղորայքի պակասի պատճառով մահացաւ զաւակը: Դեկտեմբեր 1920-ին ռուսական բանակի բռնագրաւումէն ետք` ամուսինը այլ ազգային գործիչներու հետ կը բանտարկուի Երեւանի մէջ: Իսկ 1921-ի Փետրուարեան յեղափոխութեան անկումէն ետք Վարվառան, ամուսինը եւ երկու զաւակները քալելով կ՛անցնին Թաւրիզ: Այստեղ վեց տարի ապրելէ ետք, Սահակեանները փոխադրուեցան հարաւային Իրան, այնուհետեւ Իրաք: Սակայն կլիման շատ վատ անդրադարձ ունեցաւ Վարվառայի առողջութեան վրայ, եւ ընտանիքը ստիպուած եղաւ տեղափոխուիլ Լիբանան: Պէյրութի մէջ Վարվառան դարձեալ աշխուժ կերպով ներգրաւուեցաւ հասարակական գործունէութեան մէջ` մասնակցելով Հայ օգնութեան խաչ կազմակերպութեան աշխատանքներուն: 1932-ին կորսնցուց միւս զաւակը, 1933-ին` ամուսինը: Այս հարուածները քայքայեցին առողջութիւնը: Մահացած է 1934-ին:
«Ի դէպ, այդ նոյն տարիներուն աշխարհի մէջ առաջին կին դեսպանը նոյնպէս հայ եղած է` Ճափոնի մէջ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դեսպան Տիանա Աբգարը (Անահիտ Աղաբեկեան), որուն ջանքերով 1920-ին Ճափոնը ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնը»:
Կարօ Սասունի
Կարօ Սասունի ծնած է 15 յուլիս 1888-ին, Սասունի Խուլբ գաւառակի Ահարոնք գիւղը: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Մուշի Մխիթարեան վարժարանին մէջ:
1906-ին փոխադրուած է Տիգրանակերտ, ուր ուսուցչութիւն ըրած է: 1908-ին Պոլիս փոխադրուած է, ուր 1909-էն 1912 իրաւաբանութեան դասընթացքներու հետեւած է:
Կամաւորական շարժման ժամանակ մաս կազմած է Բասենի վարչական կազմին եւ ազատագրուած Տարօնի վերակառուցման աշխատանքին:
Թիֆլիսի մէջ ընտրուած է Արեւմտահայոց Բիւրոյի անդամ:
1919-ին Հայաստանի խորհրդարանի անդամ ընտրուած է, իսկ 1920-ին Շիրակի նահանգապետ նշանակուած է: Մայիսեան բոլշեւիկեան խռովութիւններու զսպումին մէջ հիմնական դեր կատարած է Ալեքսանդրապոլի մէջ:
1921-ի փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն տարօնցի զինեալներ Կարօ Սասունիի առաջնորդութեամբ յառաջացան դէպի Էջմիածին եւ վտարեցին բոլշեւիկները: Եղաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի անդամ:
Կարօ Սասունի հեղինակն է «Տարօնի պատմութիւնը», «Սասունցի Դաւիթ» եւ այլ հատորներու:
Մահացած է 11 օգոստոս 1977-ին, Պէյրութ:
Հայր Աբրահամ
(Աւետիք Սահակեան)
Աւետիք Սահակեան ծնած է 1865-ին, Լոռիի Ջալալօղլի (ներկայիս` Ստեփանաւան) քաղաքը: Հետագային փոխադրուած է Թիֆլիս, ուր հիմնած է հայ գիւղատնտեսական ընկերութիւնը, միաժամանակ խմբագրած է «Գիւղատնտես» պարբերաթերթը:
Մասնակցած է ՀՅԴ երկրորդ ընդհանուր ժողովին եւ ընտրուած բիւրոյի անդամ: 1914-ին ընտրուած է Ազգային խորհուրդի անդամ:
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին եղած է խորհրդարանի առաջին նախագահ:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 դեկտեմբերին ձերբակալուեցաւ բոլշեւիկներուն կողմէ: Կ՛ազատի շնորհիւ 1921-ի փետրուարեան ապստամբութեան: Այնուհետեւ անցած է Պարսկաստան եւ ապա` Լիբանան, ուր մահացած է 1953-ին:
Ն.