Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Նշմար. Կրկնակիօրէն Իւրայատուկ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_52416

18 մայիսին Չիլիի խորհրդարանը որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի զինեալ յարձակումը դատապարտող Չիլիի խորհրդարանի բանաձեւի նախագիծը»: Բանաձեւը աննախադէպ է, որովհետեւ յստակ կերպով կը նշէ նախայարձակ կողմը: Իբրեւ յստակօրէն հասցէագրուած բանաձեւ, անիկա իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալու իրողութենէն անկախ` նաեւ ունի այլ իւրայատկութիւններ:

Բանաձեւին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» բառակապակցութիւնը նշուած է 4 անգամ: Ի տարբերութիւն հայերէն կարգ մը թերի թարգմանութիւններու, սպաներէն բնագիրին մէջ ոչ մէկ տեղ Լեռնային Ղարաբաղի անունին կը հանդիպինք առանց անոր կցուած «հանրապետութիւն» եզրին. իրողութիւն մը, որ կու գայ ընդգծելու «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» բառակապակցութեան օգտագործման ոչ պատահական-դիտաւորեալ բնոյթը: Այլ խօսքով` Չիլիի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը Ազրպէյճանի շղթայազերծած նախայարձակումը դատապարտող բանաձեւ մը չէ միայն, այլ նաեւ` Չիլիի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անուղղակի յայտարարութիւն մը:

Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը մեծ հանգոյց մըն է, իսկ այդ կծիկը քակելու թելը կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասին մէջ: Մարդկային իրաւանց եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին յանձնառու, յառաջադէմ գաղափարներու տէր Ուրուկուէյի, Պոլիվիոյ եւ Չիլիի նման երկիրներու ճամբով է, որ այդ ձիւնագնդակը պիտի սկսի գլորիլ եւ մեծնալ: Ուրուկուէյն էր այն առաջին երկիրը, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: 1965-էն 17 տարի ետք` 1982-ին էր, որ երկրորդ երկիր մը` Կիպրոսը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այսօր երկու տասնեակէ աւելի երկիրներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պատմութիւնը ինքզինք կրկնելու սովորութիւնը ունի եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ այդ սովորութիւնը շարունակուի: Մեր պարտականութիւնը ընդամէնը մեր ջանքերը Հարաւային Ամերիկայի վրայ կեդրոնացնելով` պատմութեան սովորամոլութիւնը խթանելն է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>