Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13596

Ֆիլիբ Զաքարեանի Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով (21 Յունիս 1916-21 Մարտ 1976). «Առաջին Ընթրիքս»

$
0
0

ՖԻԼԻԲ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

orphanage52516

Վեց տարի, փողոց նետուած անտէր գնդակի մը նման, որբանոցէ որբանոց գլորած են զիս:

Որբանոցները կը փոխուէին, նոր «հայրիկ»-ներ եւ «մայրիկ»-ներ կ՛ունենայինք, սակայն ամէն գիշեր նոյն մաշող եւ անվերջանալի երազը կը տեսնէի:

 

Կայնած կ՛ըլլայի բլուրի մը ստորոտը: Վերէն, բլուրի գագաթէն, ափի մեծութեամբ, մէկ երեսը ուռած, կլոր, թարմ ու քաղցրաբոյր հացեր թաւալգլոր եւ թեւերով կը սուրային վրաս: Աչքերս, բերանս եւ մատներս լայն բացած` կը խոյանայի անոնց վրայ: Հացերը, երբ մօտենային ինծի, կը սկսէին ոստոստել, կը զարնուէին ձեռքերուս, դէմքիս եւ աջ ու ձախ քսուելով կը փախչէին հեռուն: Գետին կը նետուէի, կը տապլտկէի հողերուն մէջ` գէթ մէկ հատին տիրանալու համար, անօգո՜ւտ, թռչուններէն աւելի անհպելի էին անոնք, ձուկերէն աւելի լպրծուն, նապաստակներէն աւելի արագաշարժ: Ընդոստ կը նստէի անկողնին մէջ, յուսաբեկ կը դիտէի շուրջս եւ կրկին գլուխս կը հանգչեցնէի բարձին, եւ ահա, նոյն արշաւը կը վերսկսէր` աւելի տաժանելի, աւելի խռովիչ:

Ես ամէնէն դժբախտ որբն էի ընթրիքներու ընթացքին: Շերտ մը հաց կու տային մեզի եւ երկու ընկոյզ: Եթէ երկուքն ալ փուճ եւ փտած ըլլային, կը վերադարձնէինք կեղեւները հսկիչ «մայրիկ»-ին եւ կը ստանայինք երրորդ մը, եթէ ան ալ փուճ ելլէր, ա՛լ անկէ ետք մեզի կը մնար մեր չար բախտը անիծել:

Տեւապէս կը գանգատէի «մայրիկ»-ներուն.

– Չե՛մ ուզեր, ինծի միշտ ֆըս ընկոյզ կը տաք, լաւերը ձեր սիրածներուն կը պահէք, դուք զիս չէք սիրեր:

«Մայրիկ»-ները այնքա՜ն անտէր «զաւակ»-ներ ունէին, որ իւրաքանչիւր որբի հազիւ թէ բրդուճ մը սէր բաժին կ՛իյնար, անբաւարար` պարապ ընկոյզ մը լեցնելու:

Վերէն, շա՜տ վերէն, որբախնամ Ամերիկայէն, օր մըն ալ, անօթի բերաններէն ձերբազատուելու հրահանգը եկաւ: Տնօրէնը, սնանկացած վաճառականի մը նման, սկսաւ հին տոմարներ թերթատել` ազգական ունեցող որբեր գտնելու եւ զանոնք տուն ճամբելու մտադրութեամբ:

Բոլոր անօթի բերաններէն նոյն աղօթքը կը բարձրանար Ամենակալին.

– Բարի՛ եւ ողորմած Աստուած, ինծի ազգական մը տուր:

Աստուած լսեց աղօթքս եւ ինծի ազգական մը շնորհեց, եւ ի՜նչ ազգական… հարազատ մա՜յր մը:

Շաբաթ մը ետք, երեկոյեան, կապոց մը նետած ուսիս` մտայ մօրս խրճիթը:

Չեմ գիտեր, թէ քանի՛ անգամ մայրս համբուրեց զիս: Չհասկցայ, թէ ինչո՞ւ այնքան պինդ ու երկարօրէն կը սեղմէր զիս կուրծքին, կու լար ցնցուելով եւ անվերջ կը կրկնէր.

– Տղա՛ս, տղա՛ս, տղա՛ս, տղա՛ս…

Յետոյ նստեցուց զիս տիվանին վրայ, ծունկի եկաւ առջեւս, ձեռքերս առաւ ափերուն մէջ եւ նայուածքը սեւեռեց դէմքիս. Կարծես աչքերովը զիս կը լափէր:

– Անօթի՞ ես, – հարցուց յանկարծ:

– Այո՛,- պատասխանեցի` մօրս վերջին բառին արձագանգը դեռ չցնդած օդին մէջ:

– Հաւկիթ մը տապկեմ, կ՛ուտե՞ս,- եղաւ երկրորդ հարցումը:

Չհասկցայ. կը կատակէ՞ր արդեօք, զի՞ս կը փորձէր, այդ ի՜նչ անտեղի հարցում էր:

– Չե՞ս սիրեր, ուրի՞շ բան մը կ՛ուզես:

– Կը սիրե՛մ, կը սիրե՛մ, շա՜տ կը սիրեմ,-աճապարեցի ըսել` ձեռքիս թռչունը փախցնելու վախէն լեղապատառ:

Ներսը լեցուեցաւ քարիւղի օճախին անախորժ ծուխովն ու հոտովը:

– Դուրս գնա՛, ես քեզ կը կանչեմ,- ըսաւ մայրս:

Դուրսը, քեմփի խրճիթները կարծես իրարու կռթնած էին` կարենալ ոտքի մնալու համար: Մթնշաղին մէջ աւելի լքուած կերպարանք մը ունէին, աւելի խարխլած: Մեր տնակը ամէնէն փոքրն էր եւ ամէնէն խեղճը, սակայն հաւկի՛թ կար ներսը, հաւանաբար հաց ալ գտնուէր, եւ թերեւս, երբեմն-երբեմն միս ալ կը մտնէր հոն: Լորձունքով լեցուեցաւ բերանս. իւղին եւ հաւկիթին բոյրը կը գրգռէր քիմքս:

Լուսաւորուեցաւ խրճիթը եւ ներս կանչուեցայ: Սենեակին կեդրոնը սփռոց մը փռուած էր, եւ անոր վրայ հաւկիթին դեղնուցը` ճերմակով շրջանակուած, նորածագ արեգակի մը նման կը շողար: Սփռոցին մէկ անկիւնը դրուած էին իմ երազներուս կախարդանքը եղող քանի մը անմատչելի հացեր: Սեւեռաբիբ սկսայ դիտել զանոնք:

– Նստէ՛, կե՛ր, – ըսաւ մայրս:

Ես մօրս հրամանին չէի սպասեր. շլմորուն կը դիտէի խելօք, անշարժ հացերը:

– Ինչո՞ւ չես նստիր:

Նստայ եւ տրամադրութիւնս րոպէապէս խանգարուեցաւ: Ինչպէ՞ս պիտի կարենայի ուտել այդ ամբողջ հաւկիթը, երբ առջեւս պզտիկ հացի կտոր մը դրուած էր միայն: Առի հացը եւ մատներուս օժանդակութեամբ յաջողեցայ հաւկիթին կէսը զետեղել վրան. ուշադրութեամբ բարձրացուցի ձեռքս, բերանս լայն բացի եւ հապճեպով թխմեցի ներս: Տէ՜ր Աստուած, ատ ի՜նչ  համով պատառ էր: Երբ բերանս պարպուեցաւ, նայուածքս յառեցի սփռոցին անկիւնը, ուր ախորժաբեր հացեր իրարու կը ժպտէին եւ սկսայ թախանձագին զանոնք դիտել:

– Կշտացա՞ր,- հարցուց մայրիկը:

– Ո՛չ,- պատասխանեցի` գլուխս ձախ ուսիս վրայ հանգչեցուցած:

– Ուրեմն ինչո՞ւ չես ուտեր,- զարմացաւ մայրս:

– Ես իմ բաժինս կերայ,- ըսի եւ մեծ դժուարութեամբ զսպեցի արցունքներս:

Մայրս կու լար իմ տեղս:

– Հո՛ս բաժին չկայ, տղա՛ս, մոռցի՛ր որբանոցը,- ըսաւ հեկեկալով,- այս բոլոր հացերը քուկդ են. եթէ չբաւեն ասոնք` նորերը կը բերեմ:

– Այդ հացե՞րն ալ կրնամ ուտել,- հարցուցի` առանց հաւատալու ականջներուս:

– Անշո՛ւշտ,- ըսաւ մայրս եւ բոլոր հացերը առջեւս դրաւ:

Կէս հաւկիթ մնացած էր պնակին մէջ: Այս անգամ հացի խոշոր շերտ մը առի, հազիւ

հազ դպցուցի հաւկիթին եւ բերանս մխրճեցի: Այնքա՜ն լեցուեցաւ բերանս, որ մեծ դժուարութեամբ կրնայի ծամել:

– Ինչո՞ւ այդպէս կ՛ուտես,- հարցուց մայրս շշմած:

Չէի կրնար պատասխանել, այտերս ուռած էին, կարծես ամէն մէկ կողմը ընկոյզ մը պահուած ըլլար. ձեռքովս ցոյց տուի հաւկիթն ու հինգ հացերը եւ հարցական զինք դիտեցի:

– Ուրիշ հաւկիթ ալ ունինք, տղա՛ս, հատ մըն ալ տապկե՞մ:

Արագցուցի ծամելու գործողութիւնը եւ գլխով կրկին ու կրկին «այո՛» ըսի:

Երկրորդ հաւկիթը «որբ» բառին վրայէն հաստ գիծ մը քաշեց:

– Կշտացա՞ր,- հարցուց մայրս, երբ նշմարեց, որ անշարժ կը շարունակէի նստիլ սփռոցին առջեւ:

– Ո՛չ – պատասխանեցի:

– Հաւկիթ մըն ալ տապկե՞մ,- հարցուց ժպիտով:

– Երկո՛ւ հատ,- պատասխանեցի` քաջալերուած մօրս ժպիտէն:

Հոյակապ էր տեսարանը: Հաւկիթները, երկու խոշոր ու բարի աչքերու պէս, աննախընթաց խնճոյքի կը հրաւիրէին զիս: Մեծ ախորժակով վերսկսայ ճաշել: Ստամոքսիս մէջէն բողոքի ձայներ կու գային. կատաղի եռուզեռ մը կար. ներս խուժող պատառները արգելքներու կը հանդիպէին: Երբեմն-երբեմն մօրս կը նայէի: Խոհուն եւ տրտում էր արտայայտութիւնը, աչքերը խոնաւ էին:

– Կշտացա՞ր,- հարցուց, երբ տեսաւ, թէ հացի կտորով մը պնակին յատակը կը փայլեցնէի,- հատ մըն ալ տապկե՞մ:

– Երե՛ք հատ,- պատասխանեցի:

Մայրս շարժեցաւ տեղէն. լսե՞ց զիս արդեօք:

– Երե՛ք հատ,- կրկնեցի` աւելի բարձր:

– Լսեցի,- ըսաւ մեղմօրէն,- եթէ երեք հարիւր հատ ալ եփեմ, պիտի չկշտանաս: Պիտի հիւանդանաս, սակայն պիտի չկշտանաս, որովհետեւ չես գիտեր, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «կշտանալ», որովհետեւ այդպէս կամեցան տնօրէնները: Այսօր անօթի պառկէ, տղա՛ս, բայց վստահ եղիր, առանց ուրիշի նպաստին, օր մը, ապայման, բոլորս ալ պիտի կշտանանք:

Ինչ որ հասկցայ մօրս խօսքերէն, այն էր, որ վերջին հաւկիթը կերած էի այդ օր:

Յաջորդ առտու երբ արթնցայ, շուարած չորս կողմս կը դիտէի… առաջին գիշերն էր, որ երազ չէի տեսած:

 

Քաղուած «Վերջին որբերուն հսկումը» գիրքէն
Պէյրութ, 1974

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13596

Latest Images

Trending Articles

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>