Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13596

«Վարձքդ Կատա՛ր, Լիբանանահայութիւն» Խորագրեալ Ժողովրդական Ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

May-20-(811)_52416

Սիրելի՛ պատանիներ, սիրելի՛ երիտասարդներ, սիրելի՛ քոյրեր ու եղբայրներ, սիրելի՛ հայրեր ու մայրեր, աննման ժողովո՛ւրդ հայոց, յաղթանակ կերտող սիրելի՛ հայեր,

Ինչպէ՞ս չյաղթել, երբ նման աննման ժողովուրդ ունինք մենք:

Ինչպէ՞ս չյաղթել, երբ մեր ժողովուրդը գիտէ իր կամքին արտայայտութիւնը եղող քուէն, արժէքաւոր քուէն տալ այն կուսակցութեան, որ ամբողջ 125 տարի կանգնած է իր ժողովուրդին կողքին, տուած է իր երիտասարդներէն լաւագոյնը ու յաղթած`  շնորհիւ այս ժողովուրդին:

Ինչպէ՞ս չյաղթել, երբ ունինք Լիբանանի ամբողջ տարածքին ապրող ժողովուրդ մը, որ գիտէ ոչ ըսել ամէն անգամ, երբ իր կամքը ուզեն ոտնակոխել, ամէն անգամ, երբ ուզեն  ազատ կարծիքը խլել իրմէ, ամէն անգամ, երբ ուզեն իր ինքնուրոյն դիմագիծը աղաւաղել:

Պատի՛ւ քեզի, հա՛յ ժողովուրդ, մենք այս յաղթանակը կը նուիրենք ձե՛զի, ասիկա Դաշնակցութեան յաղթանակը չէ, այլ մեր ժողովուրդին յաղթանակն է: 78 թեկնածուներէն 76-ին յաղթանակը չէ այս: Ճիշդ է, մենք կորսնցուցինք մէկ շրջանի մէջ, բայց հոն դարձեալ ընտրուեցաւ հայ թեկնածու մը, Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացնող թեկնածու մը, որ դարձեալ մեր յաղթանակն է, Լիբանանի հայութեան յաղթանակն է: Հոն, ուր հայ կայ, հոն, ուր հայ ընտրուած է, լիբանանահայութիւնը յաղթանակած է:

Ի՞նչ ըրինք մենք Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն. առաջին հերթին կատարեցինք մեր քաղաքացիական պարտականութիւնը, լիբանանցի քաղաքացիի պարտականութիւնը, այն քաղաքացիին, որ տարիներ ամբողջ մերժեց Լիբանանի մէջ զէնք վերցնել` չքանդելու համար Լիբանանը, որ մերժեց կրակին իւղ թափել, որ մերժեց դուրսէն եկող ամէն տեսակի փոթորիկները եւ բարձրաձայն ըսաւ, արեա՛ն գնով ըսաւ, կեա՛նքի գնով ըսաւ. «Հայաստանէն ետք Լիբանանը իմ  հայրենիքս է, կա՛մ` պիտի պաշտպանե՛մ ու մնա՛մ այս հայրենիքին մէջ»:

Անցնող երկու շաբաթներուն մենք անգամ մը եւս ցոյց տուինք մօտիկին ու հեռուին, մեր դաշնակիցին ու հակառակորդին, երէկուան հակառակորդին, վաղուան դաշնակիցին, երէկուան դաշնակիցին, այսօրուան հակառակորդին, անխտիր բոլորին, որ մենք` իբրեւ Լիբանանի եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը, մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք: Հարցը մէկ կամ երկու քուէի խնդիր չէ, հարցը մէկ կամ երկու ներկայացուցիչի խնդիր չէ, հարցը մեր համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրն է: Այնքան ատեն որ Լիբանան կը շարունակէ մնալ համայնքային երկիր,  մենք իբրեւ համայնք` այս համայնքային  երկրին մէջ ակռաներով պիտի պաշտպանենք մեր իրաւունքները, եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք, շնորհիւ ձեզի, սիրելի՛ ժողովուրդ, որ մեր իրաւունքները խլուին մեզմէ:

Մենք մեր ներկայացուցչութեամբ փաստեցինք, որ այս երկրին մէջ մեր ուժը որոշիչ, վճռական ուժ է: Սիրելինե՛ր, քաղաքապետական ընտրութիւնները, ճիշդ է, բարգաւաճման համար կատարուող ընտրութիւններ էին, գէթ այդպէս ըսին, սակայն, ըստ էութեան, բարգաւաճումը մաս կը կազմէ քաղաքականութեան: Քաղաքապետական ընտրութիւնները, սիրելինե՛ր, գեղեցկուհիի ընտրութեան հանդէս չեն, ոչ ալ` լաւագոյն դերասանի կամ թատրոնի վկայական տալու հանդէս: Քաղաքապետական-թաղապետական ընտրութիւնները իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի, իւրաքանչիւր համայնքի, իւրաքանչիւր կուսակցութեան, իւրաքանչիւր շրջանի լաւագոյններով ներկայանալու եւ իրենց տեսլականն ու ծրագիրները իրագործելու համար կատարուող ընտրութիւններ են: Ժողովրդավարական խորքով այն քուէն, որ դուք տուիք, եկաւ փաստելու, որ առանց այդ քուէին`  Պէյրութի ընտրութիւնները ձախողած էին, առանց այդ քուէին Պէյրութի քաղաքապետութիւնը կորսնցուցած էր քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարակշռութիւնը, առանց հայկական քուէներուն` Լիբանանի եւ Պէյրութի ազգային համերաշխութիւնը խանգարուած պիտի ըլլար: Դո՛ւք պաշտպանեցիք Պէյրութի հաւասարակշռութիւնը, դո՛ւք պաշտպանեցիք Պէյրութի ազգային համերաշխութիւնը:

Նոյն ծիրին մէջ, սիրելինե՛ր, շատեր ըսին, կ’ըսեն ու պիտի ըսեն, ի՜նչ փոյթ, որ Պէյրութի մէջ, Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կորսնցնենք կամ յաղթենք, ի՞նչ է շահը մեր ժողովուրդին, ի՞նչ է շահը Հայաստանին, ի՞նչ է շահը սփիւռքին, երբ անդին Արցախի մէջ մեր զինուորները, մեր ազատամարտիկները կը զոհուին, ի՞նչ է շահը Լիբանանի մէջ, դուք` Դաշնակցութիւն, ինչո՞ւ իրար անցած էք: Ո՛չ, սիրելինե՛ր, հազա՛ր անգամ ոչ:  Լիբանանի մէջ որեւէ յաղթանակ` յաղթանակ է սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր գաղութին համար, Լիբանանի մէջ որեւէ յաղթանակ, որեւէ նուաճում, որեւէ դերակատարութիւն ուժ է, պահեստի զէնք է Արցախի ու Հայաստանի համար: Այնպէս, ինչպէս մենք Արցախով ու Հայաստանով կը հպարտանանք ու կը զօրանանք, նոյն ձեւով համայն հայութիւնը հպարտ ու հզօր է մեզմով: Մենք պարտաւոր ենք այդ հպարտութիւնը տալ մեր ժողովուրդին, մենք պարտաւոր ենք միասնաբար, իբրեւ մէկ բռունցք, Հայաստանի ու համայն հայութեան կարենալ ըսել`  «Մենք ձեր կողքին ենք, մենք ձեզի համար նեցուկ ենք` արեամբ, կեանքով, քուէով եւ ուժով»:

Մեր յաղթանակը, սիրելինե՛ր, մեր բոլորին յաղթանակը նախանձը կը գրգռէ այլոց, կասկածամիտներ ալ կան այդ յաղթանակին մասին: Երբ օտարը կը յարգէ այդ յաղթանակը, երբ օտարը կը պարծենայ այդ յաղթանակով, շուարած մարդիկ, շահախնդիր մարդիկ, կասկածամիտ մարդիկ գինիին ջուր կ’ուզեն խառնել: Վասն ինչի՞, ինչո՞ւ, այս կամ այն թեկնածուն չեն հաւնիր, թող համբերեն, աշխատանքը թող տեսնեն, ժամանակը կու գայ, բոլորն ալ կը գիտնան, որ նման ժողովուրդ ունեցող կուսակցութիւնը չի՛ սխալիր, դաշնակցականները կրնան սխալիլ եւ սխալած են, բայց Դաշնակցութիւնը չի սխալիր եւ պիտի չսխալի: Մենք հայութենէն դուրս ոչ ոքի հաշիւ տալու պարտաւորութիւնը ունինք, մենք ձեզմէ բացի, սիրելի՛ ժողովուրդ,  ոչ մէկ տէր կը ճանչնանք, դո՛ւք էք մեր տէրը, մե՛նք ենք ձեր ծառաները, դո՛ւք էք մեր ժողովուրդը, մենք կ’աշխատինք, կը տքնինք ձեզի համար: Կասկածներ` այս կամ այն կողմէն, կասկածամտութիւններ` այս կամ այն կողմէն, պիտի չքանան, որովհետեւ մեր քուէները ոչ ոքի համար են, մեր քուէները մեզի համար են, մեր ժողովուրդին համար են, ո՛չ այս, ո՛չ այն քաղաքական կողմը յաջողցնելու համար են: Եթէ դաշինքներ կան, եղած են ու պիտի ըլլան տակաւին, որպէսզի մենք բոլորս կարենանք զօրակցիլ մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն, որպէսզի մենք բոլորս կարենանք միասնաբար ո՛չ ըսել, յիշեցէք անցեալը, երբ միասնաբար յաջողեցանք ո՛չ ըսել բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզէին չէզոքացնել հայու քուէն, որոնք կ՛ուզէին ստրկացնել հայու քուէն, որոնք կ՛ուզէին դրամով գնել հայու քուէն:  Այս անգամ ալ փորձեցին, տկար հայեր գտնուեցան, փա՛ռք Աստուծոյ, մատի վրայ հաշուըւող: Բայց մեր ժողովուրդը իր քուէն չծախեց, մեր ժողովուրդը իր քուէն չի ծախեր, որովհետեւ անոր քուէն սրտէն կու գայ, հոգիէն կու գայ, արդարութեան հաւատացող կամքէն կու գայ, ազատատենչութենէն կու գայ:

Ըսի, թէ մենք ոչ ոքի համարատու ենք, մենք միայն մեր խղճին, մեր ժողովուրդին հաշիւ կու տանք եւ մենք պատասխանատու չենք ուրիշներու ձախողութեան: Անոնք, որոնք կը ձախողին ընտրութիւններուն, սխալները պէտք է փնտռեն իրենց շրջանակին մէջ: Մենք յաղթեցինք, շնորհիւ ձե՛զի, ուրիշներ ալ, եթէ կ՛ուզեն յաղթել` պէտք է յաղթեն շնորհիւ իրենց ժողովուրդին: Մենք հաշիւ տալու ոչ մէկ տրամադրութիւն ունինք, ոչ ոքի: Մենք պարզապէս կ’ըսենք, որ մեր քուէով Պէյրութէն մինչեւ Ժիպէյլ, Պիքֆայայէն Տըպպայէ, Պէյթ Շաարէն մինչեւ Հազմիէ, Պսալիմ-Մըզհերէն մինչեւ Ժտէյտէ, Անթիլիաս, Պրումանա, Զալքա, Պուրճ Համուտ, Այնճար մենք փաստեցինք, որ հոն, ուր որ ենք, եւ հոն, ուր մեր դաշնակիցները մեզի հետ պարկեշտօրէն կը գործեն, մենք եւ իրենք միասնաբար յաջողութեան կը հասնինք: Իսկ հոն, ուր մարդիկ կը սխալին, մենք պատասխանատու չենք անոնց սխալներուն:

Այս առիթով, սիրելինե՛ր, ես, եւ հակառակ մեր սովորութեան, պարտաւորութիւնը կը զգամ, իբրեւ հայ մարդ, իբրեւ դաշնակցական մարդ, իբրեւ պատասխանատու մարդ` ձեր բոլորին կողմէ վարձքը կատար ըսել նախորդ վեց տարիներուն մեր բոլոր քաղաքապետութիւններուն մէջ մեր ունեցած հայ անդամներուն, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց կատարած աշխատանքին համար: Անոնցմէ շատեր այսօր պաշտօնի վրայ չեն, սակայն կը շարունակեն մնալ մեր ժողովուրդին ծառայութեան մէջ: Եւ անոնց առաջին շարքին վրայ ես կ՛ուզեմ ձեր բոլորին անունով, մանաւանդ Պուրճ Համուտի հայութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեմ մեր սիրելի  քաղաքապետ ընկեր Անդրանիկ Մսըրլեանին, որ 17 տարի անընդմէջ անշահախնդիր կերպով, առօրեայ ներկայութեամբ, իր հոգիէն ու սրտէն տալով` մնաց մեզի հետ, մնաց պուրճհամուտցիին հետ, սիրեց զանոնք, յարգեց զանոնք, լսեց անոնց մտահոգութիւնները, աշխատեցաւ, հանդուրժեց մեզ, քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ, բայց միշտ ալ մնաց ամուր պատուանդանին վրայ: Վարձքդ կատա՛ր, ընկեր Անդօ:

Հիմա, որ մենք ունեցանք քաղաքապետական նոր խորհուրդներ, նոր քաղաքապետներ, մեր ակնկալութիւնները շատ են անոնցմէ, մեր ակնկալութիւնները բազմապատկուած են, որովհետեւ մեր կարիքները բազմապատկուած են, պատասխանատուութիւնները մեծցած են: Բոլոր անոնք, որոնք ընտրուած են այս կամ այն քաղաքական  ուժին ներկայացուցիչները չեն մեր մէջ, այլ Դաշնակցութեան եւ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներն են, համարատու եւ հաշուետու են միա՛յն ձեզի, համարատու եւ հաշուետու են միա՛յն մեր ժողովուրդին, համարատու եւ հաշուետու են միա՛յն Դաշնակցութեան, եւ բոլորդ լաւ գիտէք` ի՛նչ կը նշանակէ Դաշնակցութեան հաշուետու ըլլալ, բոլորդ լաւ գիտէք` ի՛նչ կը նշանակէ Դաշնակցութեան մէջ սխալիլ: Բոլորը պէտք է գիտնան, որ արգիլուած է սխալիլ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը սխալներ չ՛արտօներ: Ես քաղաքապետական խորհուրդներու բոլոր անդամներուն եւ թաղապետերուն կողմէ կը խոստանամ, որ` անոնք պիտի ըլլան ծառաները մեր ժողովուրդին, որ անոնք պիտի ըլլան մեր ժողովուրդին կարիքներուն ունկնդիր ականջը, երկարող ձեռքը մեր ժողովուրդին, անոնք պիտի ըլլան թեւերը լայն բացողները մեր ժողովուրդին:  Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնները պիտի ըլլան ձեր բոլորին տուները: Մենք հսկայական մարտահրաւէրներ ունինք մեր դիմաց, Պուրճ Համուտը պիտի մնայ Պուրճ Համուտ, պիտի մնայ հայկական Պուրճ Համուտ, Պուրճ Համուտի մէջ ոչ հայու տուն, խանութ, կալուած, հող ծախելը պիտի դադրի , արեամբ շաղախուած այս հողերը դրամի փոխարէն պիտի չծախուին ուրիշներուն: Այնճարը պիտի մնայ Հայաստանէն դուրս սփիւռքի հայկական միակ գիւղը, Այնճարի մէջ հողի վաճառքը պիտի դադրի, այնճարցիները պիտի դադրեցնեն այդ հողի վաճառքը եւ պատասխանատու պիտի ըլլան ձեր առջեւ:

Սիրելինե՛ր, թերեւս դիւրին է խոստանալ, բայց շատ դժուար է ստել, կրնաս ստել մէկ անգամ, երկու անգամ, երեք անգամ, բայց սուտը չի պահուիր: Ձեր բոլորին ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ մեր քաղաքապետական խորհուրդները, քաղաքապետութիւններու մեր անդամները եւ թաղապետերը պիտի մնան ծառան մեր ժողովուրդին, պիտի մնան անշահախնդիր, պիտի մնան ժողովուրդի շահերուն պաշտպան, պիտի չունենան անձնական շահեր, պիտի չհետապնդեն անձնական շահեր, ու մենք պատասխանատու ենք մեր խոստումին, սպասեցէք ու պիտի տեսնէք:

Պատրաստուինք, սիրելի՛ներ, անպայման մինչեւ մէկ տարի Լիբանան պիտի ունենայ երեսփոխանական ընտրութիւններ, մեր այս հաւաքները պիտի բազմապատկուին, մեր քուէներուն թիւը պիտի բազմապատկուի, մեր ժողովուրդը դարձեալ մեզ քաղցր անակնկալներուն առջեւ պիտի դնէ, դարձեալ պիտի զարմացնէ մեզ, եւ դարձեալ մենք պիտի ըսենք.

«Մենք կը համբուրենք իւրաքանչիւր հայու ձեռք, որ քուէն բռնած` մեր ժողովուրդին շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր կը քուէարկէ»:

Վարձքը կատար ձեր բոլորի՛ն, երկա՛ր ապրիք, հա՛յ ապրիք, քա՛ջ ապրիք, Պուրճ Համուտի ու Այնճարի մէջ ապրիք, հայօրէ՛ն ապրիք:

20 մայիս 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13596

Trending Articles

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>