Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 13366 articles
Browse latest View live

Նեխած Բան Մը Սպիտակ Տան «Թագաւորութեան» Մէջ…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եթէ Ուիլիըմ Շէյքսփիր մեր օրերուն ապրէր, հաւանաբար իր տիպարներէն մէկուն բերնին մէջ պիտի դնէր հետեւեալ խօսքը. «Նեխած բան մը կայ Սպիտակ Տան թագաւորութեան մէջ…»:

Իսկապէ՛ս որ, ինչպէ՞ս կարելի է ըմբռնել այն դիպաշարը, որ կայծ առաւ 25 Մայիսին, Մինեսոթայի գլխաւոր քաղաք՝ Մինիափոլիսի Փաուտըրհորն թաղամասին մէջ, ոստիկաններու կողմէ սեւամորթի մը՝ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեամբ: (Անմիջապէս շեշտենք, որ այս տողերը ամբողջ ոստիկանութեան ուղղուած ամբաստանագիր չեն, որովհետեւ ոստիկանները ընդհանրապէս մեծ վտանգներ դիմագրաւող ասպարէզի մը կը ծառայեն՝ ի խնդիր քաղաքացիներու եւ անոնց կալուածներուն պաշտպանութեան, անվնաս պահպանումին, յաճախ իրենք ալ զոհ կ’երթան խելագար ոճրագործներու, կը վայելեն, պէ՛տք է վայելեն համապատասխան յարգանք): Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ ըստ էութեան մանր դէպք մը յանգի մարդասպանութեան, յետոյ, քանի մը օրուան մէջ վերածուի ամերիկեան աւելի քան 400 (թիւը օրէ օր կը բարձրանայ) քաղաքներ ու աւաններ փոթորկող, ծանր տագնապի մատնող կայծի, արձագանգները տարածուին աշխարհով մէկ, առ ի զօրակցութիւն սեւամորթներու եւ ի պաշտպանութիւն արդարութեան՝ ալիքներ բարձրանան ամէն տեղ, մարզիկներ եւս ցուցական քայլերով խարանեն ոճիրը, աչք առնելով պատժուիլ:

Դէպքը Եւ…

Փոթորիկին կայծը իսկապէս որ մանր դէպք մըն էր, ամբողջբւթեամբ նկարահանուած է եւ տեղադրուած: համացանցի վրայ: 46-ամեայ Ֆլոյտ ծխախոտ գնած է խանութէ մը, որուն տէրը կասկածած է, թէ անոր տուած 20 տոլարնոցը կեղծ է, լուր տուած է ոստիկանութեան: Երբ ոստիկաններ հասած են դէպքին վայրը, տեսած են, որ Ֆլոյտ կը մնայ իր ինքնաշարժին մէջ. ձեռքերը ետին կապելով՝ տարած են ոստիկանական ինքնաշարժ, վէճէ մը ետք, ոստիկանները գետին տապալած են կաշկանդուած եւ իրենց սպառնալիք չեղող «յանցապարտը», անոնցմէ մէկը՝ Տերէք Չովին, ծունկը կոխած է Ֆլոյտի ծոծրակին, զայն անշարժացուցած է ամբողջ 8 վայրկեան եւ 46 երկվայրկեան, ոստիկան ընկերներէն երկուքը փաստօրէն նստած են Ֆլոյտի վրայ, օգնելու համար իրենց ընկերոջ, իսկ չորրորդը մնացած է պարզ հանդիստես, առանց գետին տապալածը փրկելու դոյզն փորձի. Ֆլոյտ քանի մը անգամ բացագանչած է՝ «չեմ կրնար շնչել», արձակած է աղերսներ: Անոր դէմ ուժի բանեցումը շարունակուած է վերջին աւելի քան 2 վայրկեաններուն, երբ ան արդէն չէր շարժեր եւ անցորդներ կը բողոքէին ոստիկաններուն բրտութեան դէմ, կը խնդրէին, որ ականջ տրուէր Ֆլոյտի աղաչանքներուն: Ֆլոյտ հիւանդանոց փոխադրուած է ու ստուգուած է որ մահացած է:

…Փոթորիկը

Ֆլոյտի սպանութեան արարքը օրին զայրոյթի ալիք մը բարձրացուց Մինեսոթայի մէջ. ժողովուրդին համար, իսկապէս որ անըմբռնելի էր այն, որ մինչեւ իսկ եթէ Ֆլոյտ իսկապէս կեղծ դրամով ծխախոտ գնած էր, պէ՞տք էր այսպիսի տարողութեամբ բրտութեան ենթարկուէր եւ սպաննուէր: Ցուցարարները բողոքի ձայն բարձրացուցին՝ ի խնդիր ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, որքան ալ որ ընդվզած էին նոյնինքն սպանութեան ի տես: Ոստիկանատուն մը հրկիզուեցաւ, ոստիկանական ինքնաշարժներ խորտակուեցան (բոլորն ալ արդարացում չունեցող արարքներ, սակայն զայրոյթի բացատրելի արտայայտութիւն): Ոստիկանութեան հակազդեցութիւնը եղաւ բաւական բիրտ: Հազիւ օր մը ետք էր որ, այն ալ ստեղծուած ճնշումին տակ, յայտարարուեցաւ, թէ խնդրոյ առարկայ չորս ոստիկանները գործէ արձակուած են (կրկնենք. քանի մը ոստիկանի անուղղայ արարքներով՝ պէտք չէ դատել ու դատապարտել ամբողջ ոստիկանութիւնը):

Եթէ չորս ոստիկանները գործէ արձակուեցան, սա լռելեայն հաստատում մըն էր, որ յանցաւոր էին: Մարդիկ չկլլեցին այս «պատիժը», բողոքի ալիքը աւելի՛ բարձրացաւ, մէկ կողմէ՝ լիարժէք արդարութեան պահանջով, ու միւս կողմէ՝ լուսարձակի տակ բերելու համար ամբողջ պատմութիւն մը, թէ սեւամորթներու հանդէպ ինչպիսի՛ խտրականութիւն կը գործադրուի: Բազմաթիւ թղթածրարներ բացուեցան, յիշատակուեցաւ թէ 6 տարի առաջ, Նիւ Եորքի մէջ, Էրիք Կառնըր անունով այլ սեւամորթ մը սպաննուած էր ոստիկաններու կողմէ, գրեթէ նոյն պայմաններուն տակ, երբ կը բացագանչէր, որ չէր կրնար շնչել ոստիկանի մը ի գործ դրած ճնշումին տակ: Թղթածրարները գացին շատ աւելի ետ, յետոյ թուարկեցին քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցած նմանօրինակ՝ սեւամորթներու անտեղի ու անիմաստ սպանութեան բազմաթիւ դէպքեր: (Համացանցը բեռնաւորուած է նման պատահարներով, ցոյց տալով, որ ոստիկաններ ինչպիսի յաճախակիութեամբ բիրտ ուժի եւ սպանութեան կը դիմեն անհարկի կերպով, յետոյ ալ ազատ կը կացուցուին պատասխանատուութենէ, կամ լաւագոյն պարագայի՝ ո՛չ համոզիչ պատժամիջոցներու կ’ենթարկուին. Ուրեմն, կայ ամբողջ համակարգի մը, մտածելակերպի մը նեխածութեան երեսը):

Իշխանութիւնները, ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՃՆՇՈՒՄԻՆ պատճառով, միայն 5 օր ետք, 29 Մայիսին, յայտարարեցին, որ Ֆլոյտի ծոծրակին ճնշող ոստիկանը իբրեւ մարդասպան ամբաստանուած է, իսկ միւս երեքն ալ պատժելու պահանջը ստեղծեց ժողովրդային նոր ճնշում:

Մեղմ պատիժներէն յուսախաբ եւ արդար տնօրինումներու սպասող զանգուածները օր ըստ օրէ նոր ծաւալ տուին բողոքի ալիքին, որ տարածուեցաւ Մինեսոթայի սահմաններէն անդին: Բարձրացած գլխաւոր նշանախօսքերն են՝ «Արդարութիւն», «Սեւամորթներուն կեանքը կարեւոր է», «Վերջ՝ ցեղապաշտութեան, ցեղային խտրականութեան», «Չեմ կրնար շնչել…»:

«Թափօն»ներ

Բողոքի, արդարութեան պահանջի ալիքները նախ խաղաղ էին ըստ ամենայնի, սակայն բրտութիւնը շուտով «միջամուխ» եղաւ եւ ալիքը սկսաւ տարբեր ընթացքներ առնել, ստեղծեց «թափօն»ներ, որոնք ուղղակի կապ չունին պահանջներուն հետ:

Թափօններէն առաջինը՝ վայրագութեան եւ կողոպուտի, վաճառատուներու ցուցափեղկերուն ջարդն էր, նաեւ՝ յարձակումներ ոստիկանութեան վրայ (վերջինը կը բացատրուի իբրեւ ոստիկանութեան ու աւելի բարձրաստիճան պետական պատասխանատուներու բիրտ վարմունքին հակադարձութիւն): Նորութիւն չէ, որ նման կացութիւններէ միշտ ալ «կողմնակի օգտուողներ կ’ըլլան»: Լրագրողի մը ուշադրութենէն չէր վրիպած, որ կողոպտողպատանիներուն ձեռքին պաստառներ չկային, կամ՝ ցուցարարներ իսկ տեղ-տեղ փորձած են զսպել պատանի գողերը, շեշտեով, որ անոնց արարքները հարուած կու տայ իրենց շարժումին: Երկրորդ «թափօն»ն է տագնապին քաղաքականացումը, ընտրական եւ այլ հաշիւներու կառքին լծումը: Գաղտնիք չէ, թէ նախագահ Թրամփէն սկսեալ, մինչեւ կարգ մը քաղաքներու, նահանգներու վարիչներ, զինուորականներ, ընդդիմադիրներ եւ այլ դէմքեր ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութեան ձեռնարկած են, հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն իրենց վարմունքը օրէնքի վրայ հաստատելու պատճառաբանութիւններով: Իշխանութեան համակիրները հրապարակ կու գան յայտարարելով, որ նման խտրականութիւն նորութիւն չէ, Օպամայի օրով ալ նման դէպքեր պատահած են: Կարծէք թէ Օպամայի կամ նախընթացներու օրով արձանագրուած բրտութիւնները արդարացում կրնան գտնել: Անդին, թեկնածու Պայտըն կը փորձէ արդարամիտ ըլլալ, սակայն մարդիկ չեն մոռցած, որ Օպամայի օրով՝ փոխ նախագահ էր եւ գործնապէս շատ բան չէ ըրած ներխած վիճակը դարմանելու համար:

Կողմնակի «թափօն» մըն ալ կարելի է սեպել այն, որ այս տագնապին ծաւալն ու անկէ բխող արդար մտահոգութիւնները քանի մը օրուան մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւեցին լրատուութեան աշխարհին մէջ, եւ մոռացութեան մատնեցին այն՝ որ Պսակաւոր ժահրը կը շարունակէ իր առատ հունձքը, նոր նուաճումներ կ’արձանագրէ աշխարհի տարածքին: (Մինչեւ իսկ կէս-կատակ ըսուեցաւ, որ այս տագնապը հրահրուեցաւ՝ որպէսզի համաճարակին հանդէպ պետական մարդոց անփութութիւնը մոռցուի…):

Տեղ Մը Սխալ Բան Մը…

Արագօրէն զարգացող ու ծաւալ ստացող դէպքերուն հետեւողը բնականաբար կը մնայ անոնց տիրապետութեան տակ եւ հազիւ թէ կ’անդրադառնայ, թէ սխալ բան մը կայ քիչ մը ամէն տեղ, բազմաթիւ մակարդակներու վրայ, իսկ այս պատահածը միայն մէկ օղակն է սխալներու, նեխածութեան անծայրածիր շղթայի մը: Այսպէ՛ս է, որովհետեւ մամուլն ու քարոզչական մեքենան ալ առաւելաբար ուշադրութիւն կեդրոնացուցած են օրուան դէպքերուն վրայ, զանգուածները գամած են հաղորդակցութեան այլ միջոցներուն, իսկ մեկնաբանութիւնները առաւելաբար առանցք ունին սեւամորթներու հանդէպ անբարեխիղճ եւ խտրական վերաբերմունք(ներ)ը:

Չյայտարարուած բայց բացայայտ խտրականութիւնը անշո՛ւշտ որ ներկայ է գլխագիր տեսակէն. եղածը պէտք չէ դիտել Ճորճ Ֆլոյտի մը սպանութեան ծիրին մէջ, որովհետեւ կայ գլխագիր անարդարութեան իրականութիւն մը, որուն գլխաւոր զոհերը տարբեր գոյնի ցեղերու անդամներն են, խտրականութիւն՝ որ չի խնայեր նաեւ սպիտակամորթին, հակառակ անոր, որ այդ երեսները լուսարձակի տակ չեն բերուիր (պարզ օրինակ մըն է… տնազուրկերու տագնապը, որ թէեւ անմիջական աղերս չունի ներկայ տագնապին եւ զարգացումներուն հետ, սակայն իր կարեւոր տեղը ունի Անարդարութեան տարածքին մէջ. կան ուրիշ օրինակներ ալ): Ֆլոյտի սպանութեամբ ստեղծուած կացութենէն առաջ իսկ, Պսակաձեւին տարածման շրջանին, նկատուած էր որ սեւամորթներ նուազ հոգածութեան կ’արժանանան: Իսկ Ապրահամ Լինքըլնի օրերէն առաջ իսկ, սեւամորթները, յետոյ նաեւ լատինամերիկեան երկիրներէ եկողներ ընդհանդապէս ինկած են թշուառներու դասուն մէջ…:

Վերջին օրերու սխալ քայլերուն ցանկով՝ կարելի է սիւնակներ լեցնել, բաւականանանք քանի մը ուշագրաւներով:

Առաջին սխալը՝ դէպքէն ետք կտրուկ հակամիջոցներու որդեգրման ուշացումն էր: Կտրուկ միջոցներ ըսելով՝ ի մտի չունինք միայն նախագահ Թրամփի ու նմաններու ռազմունակ յայտարարութիւններն ու որդեգրած քայլերը: Երբ ժողովուրդիդ մէջ արդար ընդվզում մը կը ծաւալի, հակազդեցութիւնդ չի կրնար ըլլալ… բանակին ու բիրտ զսպամիջոցներու դիմելը, կրակոցը, սպառնալիքներ տեղացնելը: Երբ զանգուածը զայրացած է եւ բողոքի ելած, զայն հանդարտեցնելու եւ ողոքելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը կ’ըլլայ յանցաւորը անյապաղ պատասխանատուութեան բերելը, մինչդեռ գլխաւոր յանցապարտին դէմ համեմատաբար խիստ քայլեր որդեգրուեցան միայն 5 օր ետք, երբ արդէն գետը յորդած էր: Տակաւին, յաչս բողոքողներուն՝ մէկ ոստիկանի դէմ մեղմ պատիժը, հանդարտեցնելու փոխարէն, աւելի՛ եւս զայրացուց արդարութիւն պահանջողները: Ոստիկանութեան տրուած ցուցմունքներուն մէջ կարելի է տեսնել շատ սխալ բան: Նախ՝ խաղաղ ցուցարարները ամէն տեղ նոյն հանդուրժողութեամբ չդիմակալուեցան ոստիկանութեան կողմէ: Խաղաղ ցոյցերը տեղ-տեղ բախումի եւ բրտութեան հասան, որովհետեւ երկու կողմէն ալ՝ ծայրայեղական արարքները ջուր խմեցին նոյն՝ սխալ մթնոլորտի աղբիւրէն: Պետական եւ ոստիկանական պատասխանատուներ, որքան ալ որ հանդուրժողութիւն ցոյց տուին, նոյնքան ալ տեղ-տեղ գործեցին կատղած ցուլին դիմաց կարմիր լաթ ճօճելու «մարտավարութեամբ» (ճշդում. ցուցարարները մարդ են, ցուլ չեն): Ոեւէ մէկն ալ գիտէ, որ եթէ մանուկ կամ պատանի զաւակդ, որեւէ պատճառով զայրացած է եւ անուղղայ արարքներ կ’ընէ, հակազդեցութիւնդ չ’ըլլար, պէտք չէ՛ ըլլայ զայն ոտքիդ տակ առնել, ոսկորները ջարդ ու փշուր ընել, այլ պէտք է նախ զայն հանդարտեցնես, յետոյ կարգի բերես տրամաբանական վարմունքով, հասկացողութեամբ: Փաստօրէն, ինչի՞ կը ծառայէ հիմնականին մէջ խաղաղ կերպով ցոյցի ելած զանգուածներուն դէմ բանակ արձակելը, կամ՝ ոստիկանութեան հրահանգ տալը, որ արցունքաբեր կազերով եւ ձգախէժէ փամփուշտներով ցրուէ Սպիտակ տան դիմաց ցոյց ընողները, որովհետեւ նախագահը որոշեր է ցուցական արարողութիւն մը կատարել, իրեն նմաններու շքախումբով ուղղուիլ դիմացի եկեղեցին, լուսանկարուելու եւ Աւետարան մը ցուցադրելու համար (արդեօք իմաստուն խորհրդական մը խորհուրդ չտուա՞ւ, որ նախագահը աւելի տպաւորիչ կ’ըլլայ, եթէ ձիու մը վրայ բազմած արշաւէ դէպի աղօթատեղի…):

Նման բռնամիջոցներու ի տես, մարդ կը տարուի մտածելով, որ արդեօք բանակին վիեթնամեան, աֆղանական, իրաքեան եւ այլ ձախորդութիւններու թղթածրարը հարստացնելու միտո՞ւմ կայ, կամ արդեօք երկիրն ու ժողովուրդը ըստ բաւականին չե՞ն երկփեղկուած, «Ամերիկան վերստին մեծ դարձնել»ու համար, պէտք է քաղաքացիական մանր պատերա՞զմ ստեղծել…: Ոստիկանութիւնն ու բանակայիններ արդեօք չե՞ն անդրադառնար, որ իրենք կ’արձակուին իրե՛նց իսկ ժողովուրդին դէմ,  ցուցարարները պարզ, անզէն, արդարութիւն պահանջող քաղաքացիներ են, եւ ո՛չ թէ ոճրագործներ, աւազակներ կամ կէնկսթըրներ…:

Համբակներու Փաղանգ

Շարունակելով նկատողութիւնները, դժուար չէ տեսնելը, որ բազմաթիւ մակարդակներու վրայ երկրի կառավարումը ձեռք առած է համբակներու բանակ մը՝ բազմաթիւ փաղանգներով: Կացութիւնը ճիշդ կշռադատելու եւ համապատասխան վարմունք ցուցաբերելու կարողութիւնը կորսուած է կարծէք. Օրէնքին տառն է որ կը հետապնդուի, մոռնալով, որ օրէնքները ստեղծուած են ի շահ մարդկութեան, քաղաքացիին, եւ ո՛չ թէ հակառակը, ո՛չ՝ վասն անոր ստրկացման: Համբակներու եւ կարճատեսներու փաղանգին անդամ են նաեւ ոստիկանութեան եւ բժշկական ասպարէզի այն ներկայացուցիչները, որոնք կարծեցին, թէ խաղաղեցման պիտի նպաստեն, եթէ յայտարարեն, թէ Ֆլոյտի մահուան մէջ բաժին ունէին անոր առողջական առկայ հարցերը (սրտի հիւանդութիւն, ջղային համակարգի հարց եւ այլն): Երբ մարդիկ ականատես եղած են ամբողջ կատարուածին, ալ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կրնայ կուլ տալ նման բացատրութիւն: Սակայն չմոռնանք, որ համբակութիւնը միայն այս դէպքին մէջ ճակատաբաց չի ներկայանար: Չէ՞ որ աշխարհի այս կամ այն երկրին, ներառեալ մեր Հայաստանին մէջ վերջերս նորաձեւութիւն դարձած է, Պսակաձեւ ժահրի հետեւանք՝ մահերուն համար ըսել, թէ «մարդը թէեւ վարակուած էր, բայց մահը այլ պատճառով եղաւ»: Ուրեմն, եթէ Ֆլոյտի դէմ բոլորին տեսած բրտութիւնը տեղի ունեցած չըլլար, հաւատացէ՛ք, որ ան հիմա այլապէս մեռած պիտի ըլլար, նմանապէս անպայման մեռած պիտի ըլլային վարակէն բռնուած հարիւր-հազարաւորներ, եթէ վարակը զիրենք որսացած չըլլա՜ր իսկ…

Դրական Շողեր

25 Մայիսին ծայր տուած զարգացումները բնականաբար խոր մտահոգութեան, վախի տարածման պատճառ են, սակայն պէտք չէ անտեսել կարգ մը լուսաշող գիծեր, որոնք այս շարժումը կը տարբերեն նախընթաց նմանօրինակ խռովութիւններէ: Մեկնաբանութեանց մէջ յաճախ ակնարկութիւն կատարուեցաւ Ռատնի Քինկի դէմ ոստիկանութեան խժդժութեան, Մարթին Լութըր Քինկի օրերուն եւ անկէ շատ առաջ ալ՝ սեւամորթներու դէմ բիրտ ուժի դիմելու իրականութիւններուն, հակադարձութիւններուն: Սակայն ակներեւ է, որ բան մը փոխուած է դրական իմաստով: Օրինակի համար, ցուցարարներուն շարքին, նոյնքան սպիտակամորթ եւ այլ ցեղերու ներկայացուցիչներ կան, որքան սեւամորթ: Բազմաթիւ նահանգային եւ քաղաքային պատասխանատուներ գործնապէս կը ցուցաբերեն արդարամտութիւն, զայրացած զանգուածը հանդարտեցնելու ձգտող միջոցներու կը դիմեն: Կարգ մը քաղաքներու մէջ, ոստիկաններ եւ այլ պատասխանատուներ կը միանան ցուցարարներուն, յայտարարելով, որ անոնց ցասումը արդար կը նկատեն:

Յառաջիկայ օրերուն, յուսալի է, որ մթնոլորտը հանդարտեցնող խօսքն ու գործը աւելի՛ հնչեղ դառնան, եւ զանգուածին միացեալ ցաւը երկիրը առաջնորդէ միասնութեան, վերջ տրուի «կրակի վրայ իւղ թափելու» անհեռատես եւ անմիտ գործելակերպին: Նախանշանները կ’երեւին արդէն:

Իսկ թէ այս շարժումը ինչպիսի՞ վախճանական կէտերու կրնայ հասնիլ՝ դժուար չէ որոշ նախատեսութիւններ ընելը: Մէկ կողմէ, պետական ծանօթ պատասխանատուներու սխալ վարմունքը կրնայ պատճառ ըլլալ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ աւելի՛ եւս վարկաբեկման (սա նորութիւն չէ այս ու նախընթաց նախագահներու օրով): Միւս կողմէ, յստակ է, որ ժողովրդային շարժումը չունի առաջնորդ մը, որ զինք ուղղորդէր դէպի աւելի՛ դրական արդիւնքներու: Ինքնեկ, ինքնաբուխ շարժումը, որ Արդարութեան հետամուտ է, նոյնպիսի տրամաբանութեամբ ալ արձագանգներ կը գտնէ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ: Անիկա կը նմանի հեղեղատի մը, նման բազմաթիւն նախընթացներու:

Խորքին մէջ, «նեխած բան»ը հականեխելու եւ լաւով փոխարինելու համար, այս ու նմանօրնիակ շարժումներ պէտք է ունենան շատ աւելի լայն հորիզոն, հեռանկար, գաղափարական հիմունք: ՄՏԱՅՆՈՒԹԵԱՆ, եւ անոր հետքերով՝ ամբողջ գործելակերպի, վերաբերմունքի՛ բարեշրջում կը սպասուի, որպէսզի փակուին Լինքըլնի, հետնորդներուն, Մարթին Լութըր Քինկի, Մալքըլմ Էքս.ի եւ նմաններու հետապնդած մուրհակները, պետութիւնը ինքզինք նկատէ ժողովուրդին ներկայացուցիչն ու հովանաւորը, եւ ո՛չ թէ անոր բժնակալ-իշխողը:

«Հիմնական բարեփոխում, փոփոխութիւն կը պահանջենք»՝ կը կրկնեն ցուցարարները: Այս առաջադրանքը կ’իրականանայ, եթէ «նեխած բան»ները՝ պատասխանատու թէ ցեղապաշտ մտածողութիւն տարածող հատուածները գիտակցութեան բերուին, ամբողջ համակարգը բարեշրջուի, չսպասուի, որ բարեշրջումները անպայման ժողովրդային բիրտ շարժումներու ճնշումին տակ ըլլան: Սպիտակ տան «թագաւորութիւնը» պէտք է ախտահանուի վերէն մինչեւ վար ու նահանգներ: Նոյնը՝ ախտահանումի կարօտ այլ երկիրներու մէջ: Այլապէս, նոր Ֆլոյտներ կրնան պատճառ դառնալ մեծ ու փոքր յորձանքներու կրկնութեան:

3 Յունիս 2020


Արա Պօյմուշագեանի Յիշատակին

$
0
0

Տ. Ճ.

Կան մահեր, որոնք կը պատահին անակնկալօրէն ու իրենց անժամանակ բնոյթով ափսոսանքով կ՛ընկալուին ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն, կարճ` շրջապատին կողմէ:

Նման անժամանակ ու ափսոսանք առթող կորուստ մը եղաւ Արա Պօյմուշագեանին մահը: Հազիւ յիսնամեակ մը բոլորած, լի կեանքով ու կատարելապէս առողջ, ան նման վախճանի մը առաջնորդող ոչ մէկ նշան ցոյց տուած էր:

Զինք ճանչցողներուն համար, Արա հեզաբարոյ ու ազնիւ անձնաւորութիւն էր: Ընտանեկան շրջապատը, եկեղեցին, որուն կը ծառայէր եւ կուսակցութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն զինուորագրուած էր, զինք կը ճանչնային իբրեւ ծառայելու պատրաստակամ ու պարտաճանաչ անհատ մը: Նուիրեալ անձ մը, որ իր իսկ կողմէ ընտրուած պարտականութիւնները կը կատարէր հաւատքի ու պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ:

Հաւատաւոր մարդը ո՛չ ընկերային դիրքի, ո՛չ ալ պաշտօնի կը յաւակնի: Ան իրեն վստահուած գործը կը կատարէ խոնարհ հերոսի մը նման, որովհետեւ ճշմարիտ հաւատքը խոնարհութեան եւ գիտակից կարգապահութեան կ՛առաջնորդէ: Արա Պօյմուշագեանը ապրեցաւ ճշմարիտ հաւատքին ներգործութեամբ, հեռու ցուցադրական որեւէ յաւակնութենէ, սակայն համոզումով եւ ինքնակամ պարտականութեան գիտակցութեամբ:

Կարճատեւ, սակայն կարճ այս կեանքը բաժին դարձաւ անդենականին:

Թող յիշատակը անթառամ մնայ` իբրեւ կենարար օրինակ զինք ճանչցողներուն:

 

 

Ճեմարանի Քայլերգին Հետքերով

$
0
0

ԴՈԿՏ. ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ

Ճեմարանիս մասին երբեք չեմ գրած:

Ամբողջ կեանք մըն է, էութիւն մը, ներաշխարհ մը: Ի՞նչ գրել քանի մը տողի սահմաններուն մէջ:

Բայց յանկարծ անոր Հանրային կապերու գրասենեակէն կը ստանամ ե-նամակ մը, դիմուած ինծի` «Սիրելի ընկ. Խաժակ Գուլաճեան»-ով:

Հպարտացայ` Ճեմարանը կը յիշէ իր շրջանաւարտները:

Կը խնդրուէր 90-ամեակին առիթով խօսք մը:

Տնամեկուսացուած` արդէն խառն զգացումներով պարուրուած, յանցաւորի զգացում մըն ալ աւելցաւ վրան:

Փարատելը պիտի ըլլար միայն ու միայն ընդառաջելով:

Մղձաւանջ… Ուրկէ՞ սկսիմ, ո՞ր մէկը գրեմ:

Ճեմարա՛ն, կերտած ես զիս, այնպէս մը, որ քեզմէ իւրաքանչիւր յուշ, քու «հարազատ յարկիդ ներքեւ» լսած իւրաքանչիւր խորհուրդ ամէն օր մտապատկերիս վրայ կը տողանցեն:

«Գաղափարի տաճար անսասան» ես, ճեմարա՛ն: Դասարաններուդ մէջ պարզ դասաւանդութիւն չէր, որ տեղի կ՛ունենար: Հոն  «մեր կեանքն ուրախ եւ միշտ ազատ [ծաղկեցաւ]»: Հոն դաստիարակուեցանք իբրեւ ազատ կամքի տէր, կարծիք յայտնող եւ յարգող, իբրեւ ապագայ ղեկավարներ:

«Հայ դպրութեան դու  ջահակիր, Ճեմարա՛ն»:  Քեզմով սիրեցինք մեր մշակոյթը, եկեղեցին (Այո՛, եկեղեցին, իբրեւ հայ մշակոյթի մասնիկ, թէեւ միշտ այպանուեցանք որ կրօնագիտութիւն չէր աւանդուեր մեզի), մեր լեզուն` թէ՛ արեւմտահայերէնը եւ թէ՛ արեւելահայերէնը, շնորհիւ «քեզ [կերտող] առաքեալներ»-էն` Լեւոն Շանթի պատրաստած դասագիրքերուն: Դասական դասաւանդութենէն անկախ, մեզի սորվեցուցիր դաս սորվիլ, զարգացնել քննական միտք, քննել իւրաքանչիւր գաղափար եւ չընկալել այնպէս, ինչպէս որ է:

Եւ այսօր, 90 տարեկան երիտասարդ, դարձած ես «Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր»-ը:  Աշխարհացրիւ շրջանաւարտներդ, ամէն Լիբանան այցելութեան, ուխտի կու գան քովդ` մի՛շտ «ծարաւ լոյսիդ մայրենի:

Տակաւին այսօր, 90 տարեկան երիտասարդ, «Գրոհին դիմաց օտար ու ժանտ հովերուն», մեզմով պիտի շարունակես մնալ «Յաղթական բերդ, աւանդատուն հայկազեան», որովհետեւ առաքելութիւնդ չէ աւարտած տակաւին, որովհետեւ մե՛նք նիւթական ու բարոյական յենարանդ պիտի ըլլանք, թէեւ տակաւին պէտք ունինք քեզի` իբրեւ ներշնչարան, որովհետեւ մեր ՋԱՀԱԿԻ՛ՐՆ ես, Ճեմարա՛ն:

90-ամեակին առիթով, պարտք կը զգամ երախտագիտութեան ջերմ զգացումներս յայտնելու եւ խոնարհելու հետեւեալ հսկաներուն կամ անոնց յիշատակներուն առջեւ, որոնք Ճեմարանս դարձուցին «Գաղափարի տաճար անսասան», «Հայ դպրութեան ջահակիր» եւ «Մեր բոլորիս ուխտավայր»-ը` Սիլվա Գէորգեան, Լենա Տալկրանեան-Խորշիտեան, Հուրի Եղիայեան,  Գարմէն Տէր Կարապետեան, Լուսին Մալիքեան, Արփի Պէրպէրեան, Սեդա Ունճեան-Խտըշեան, Ռիթա Յովհաննէսեան-Պարսումեան, Աղաւնի Ֆստքճեան-Առաքելեան, Մարալ Մանճիկեան-Լոզոյեան, Սեդա Արզումանեան, Յասմիկ Սարգիսեան-Գէորգեան, Արաքս Շիմշիրեան-Գուլաճեան, Մարալ Ճամուսեան, Մարալ Խտրլարեան-Լատոյեան, Սիլվա Փանոյեան, Արփի Մինասեան-Կոստանեան, Վարդուկ Մարգարեան, Նորա Ռումեան, Մարիա Խաչատուրեան,  Թալին Սրուրեան-Գափլանեան, Թորգոմ Գալէմքերեան, Կասիկ Սարգիսեան-Խաչերեան, Ռոզին Գազանճեան, Մարօ Քիրիաքօ, Թալին Վարդեան-Հազարվարդեան, Լինա Շամի, Գէորգ Գանտահարեան, Եփրեմ Քէշիշեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Շուշիկ Տասնապետեան, Ժոզեֆ Գալուստեան, Սըր, Սուպհի Թահհան, Պերճ Փարմաքսըզեան, Ռիթա Գրիգորեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Հուրի Եափուճեան, Ժոզեֆ Տաու, Ֆիլիփ Էլիան, Նախլէ Նասրանի, մատամ Հանրիեթ, օրիորդ Ալիս, պարոն Յովհաննէս եւ պարոն Տասնապետեան, ինչպէս նաեւ բոլոր խնամատար «մայրիկ»-ներուն անհատաբար, պարոն Սերոբին ու տիկին Ռոզին, նըրս` Արուս Գալֆայեանին, քարտուղար Էլպիս Փափազեանին եւ գրադարանավարներ օրդ. Ազգոյին եւ օրդ. Ազնիւին:

Յարգա՛նք ձեզի:

 

 

Անդրադարձ. Նախագահը, Աստուածաշունչն Ու «Կռապաշտութեան Արարք»-ը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 1 յունիսին Սպիտակ տունէն քալելով մեկնեցաւ անկարգութիւններուն ընթացքին հրկիզուած մօտակայ Ս. Յովհաննէս եկեղեցի, որուն մուտքին յաչս լուսանկարիչներուն բարձրացուց Աստուածաշունչ մը` անոր կողքին ճիշդ կողմն ու ուղղութիւնը ճշդելու «դժուարութիւն»-ը յաղթահարելէ ետք: Դժուարութիւն մը, որ կու գայ մատնելու Աստուածաշունչին կամ որեւէ այլ գիրքի հետ Թրամփի «բարեկամութիւնը»:

Աստուածաշունչի ընկերակցութեան խմբագիրներէն պատուելի Մարք Վուտզ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ 2 յունիսին «Աստուածաշունչն ու նախագահը» խորագիրով իր գրութեան մէջ նշեց, որ իբրեւ Աստուածաշունչի տարածման ու ջատագովման նուիրուած կազմակերպութիւն, կրնար սպասուիլ, որ այդ լուսանկարին ամբողջ աշխարհի վրայ տարածուիլը զիրենք ուրախացնէ, «սակայն ուրախ չենք»:

Այլապէս ալ այդ արարքը ինչո՞ւ պէտք է ուրախացնէ, երբ իրականութեան մէջ կարեւորը Աստուածաշունչի լուսանկարի տարածումը չէ, այլ անոր պատգամին` այս պարագային մասնաւորաբար «Մի՛ սպաններ»-ին ու «Մի՛ գողնար»-ին տարածումը: Սակայն արդեօք Թրամփ այդպիսի պատգա՞մ մը կ՛ուզէր ուղղել:

Քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ հոգեւորականներ անմիջապէս սկսան քննարկել այդ արարքն ու անոր ետին թաքնուած պատգամը: Մարք Վուտզ իր գրութեան մէջ կը նշէ, թէ նախագահին նպատակը թերեւս յիշեցնելն էր Հռոմայեցիս 13.1-ը, որ կ՛ըսէ. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի, վասնզի չկայ իշխանութիւն մը, որ Աստուծմէ չըլլայ, եւ անոնք, որ կան` Աստուծմէ կարգուած են», եւ կը հակադարձէ յիշեցնելով այդ իշխանութեան սահմանը, զոր նշուած է Ամովս 5.21-ի մէջ. «Բայց իրաւունքը թող ջուրի պէս վազէ, եւ արդարութիւնը` զօրաւոր գետի պէս», ինչպէս նաեւ տաճարի սեղանները շրջելու Քրիստոսի արարքը եւ Աստուածաշունչին մէջ արդարութեան ունեցած առանցքային տեղը:

Թրամփի նպատակը, սակայն, ո՛չ աստուածաբանական հաստատում մը կամ պատգամ մը յղելն էր, ո՛չ ալ այդպիսի նիւթի մը շուրջ քննարկումներու առիթ ստեղծելը: Աստուածաշունչի կողքին ճիշդ կողմը շփոթող անձ մը, բնականաբար այդպիսի բան մը կատարելու կարողութիւնը չունի: Թրամփը կրօնական խորհրդանիշ մը օգտագործեց, սակայն իր նպատակը կրօնական չէ, այլ` քաղաքական: Ան այդ արարքով, իր նեղութեան ժամուն, զԱստուած չէ որ կը կանչէ, այլ պարզապէս աւետարանական ծայրայեղ պահպանողական շրջանակները, որոնցմէ Ֆրանքլին Կրահամ փութաց օգնութեան, եւ 2 յունիսին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, թէ նախագահը հրկիզուած եկեղեցի այցելելով յղեց հետեւեալ պատգամը. «Աստուած եւ անոր խօսքը մեր ազգին միակ յոյսն են»:

Քենթըրպըրիի նախկին արքեպիսկոպոս Ռոուըն Ուիլիըմզ դիպուկ կերպով նշեց, որ նախագահը Աստուածաշունչը իր անձնական շահին համար օգտագործած է, եւ այդ մէկը նկատեց «կռապաշտութեան արարք», հարցը բիւզանդական վէճերու, անտեղի մտային մարզանքներու եւ վերացական աշխարհէն վերադարձնելով իր գործնական ու իսկական տեղը` քաղաքական դաշտ:

 

 

Խօսք Առ. Հիմնահարցերէն՝ Էական Մը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Այո՛, ետեւ մնացած բան մը կայ մեր կեանքին մէջ,
եւ այդ՝ հայերէնի տարրական իմացութիւնն է,
որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը նուազի, կը կաղայ,
ետեւ կը մնայ ու կը հեռանայ մեզմէ»:

 Տք. Արմենակ Եղիայեան

Այս լայն-բարակ տողերովս կ’ուզեմ արտայայտել այն տագնապը, որ ներկայիս մտքիս մէջ դարձեալ պար բռնած է: Նախ ըսեմ, որ, թէեւ այս օրերուն կեանք ըսուածն ալ արդէն սկսած է անհաւասար հոսիլ եւ միաժամանակ կորսնցնել իր շրջագիծը, բայց միւս կողմէ պատմութիւնն ալ, իր ընթացքը առանց դադարի շարունակելով, ամէն օր նոր մը կը հիւսէ: Մերկ են մարդոց մտքերը եւ չեն վարժուած նման ցնցումի ու անդիմադրելի հարուածի: Որովհետեւ, յիշեցնեմ, որ ամիսներէ ի վեր, «շնորհիւ» «Քորոնա» ժահրին, աշխարհը փոխուած է ու բոլորովին նոր անծանօթ հունի մը մէջ մտած: Անդին, նոյնիսկ արեւն ալ չունի նախկին իր հմայքը: Մարդիկ՝ տուներուն մէջ կամաւոր ամփոփուած, ինքնամեկուսացած,  իրենց համար զիրար միաւորող միակ անմիջական կամուրջը դարձուցած են հեռախօսը, հեռատեսիլն ու համակարգիչը: Զանազան արժէքներ սկսած են կորսուիլ: Մէկ խօսքով, տեսակ մը անժամանակ քաոս:

Մեկնելով այս իրավիճակէն, մարդոց օրերը, իրենց երկար ու կարճ ժամերով, ա՜լ յոգնած են, եւ իր կարգին կեանքն այլափոխուելով, անոնց տարբեր ցնցոտիներ հագցուցած: Ու մեր բոլորին աչքին առջեւ փլած կամ փլիլ սկսած է սքանչելի մեր աշխարհը: Իրապէս մեր այս գեղեցիկ եւ կապոյտ երկրագունդը կարծես դժբախտութեան հետ դաշինք կնքած ըլլայ:

Նման շատ մը լուրջ եւ նոյնիսկ վախազդու մտածումներ զիս տեսակ մը սարսափի կը մատնեն: Բնական է, չէ՞: Կը զգամ, թէ ապրելու համար ապրիլ ցանկալը ա՛լ բաւական չէ, որովհետեւ բոլորս ալ մտահոգութեան ծունկերուն վրայ ինկած ենք:

Արդ, իբրեւ երկար տարիներու կրթական մշակ-ուսուցիչ, ծուռ ու շիտակ այս մտածումներուս հետ հաւատքս ալ զիս շատ հեռուները սկսած է տանիլ:

Այլ խօսքով, բոլորին նման ես ալ սկսած եմ հարց տալ, թէ այս ընթացքով մենք ո՞ւր պիտի հասնինք: Տուն, ընտանիք, զաւակ, թոռնիկ: Անդին նաեւ ի՞նչ պիտի ըլլան մեր ընկերային եւ տակաւին՝ գաղութային կառոյցները: Դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, միութիւն, հայ կեդրոն:

Եկուր եւ որոնէ կեանքի այս նոր խորհուրդը:

Բայց անկեղծօրէն, ամէնէն մտահոգիչներէն են հայ դպրոցն ու հազարաւոր մեր նոր սերունդ-աշակերտներու իրավիճակը:

Մեր մեծերէն լսած ենք, որ մենք երազ ունեցող ազգ ենք, եւ մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է, ջուրին ու բնութեան նման եւ նոյնիսկ մեր ճակատագիրը՝ մեր պատմութիւնը: Եւ պատիւ մեզի՝ տոկացած ենք: Սակայն այս «տոկալը» առանց ոգիի եւ ապրելու կամքին անկարելի է ունենալ: Ու ներկայ այս յուսահատ վիճակին մէջ՝ ոգի՞…: Բայց ինչպէ՞ս գտնել այդ ոգին: Ինչպէ՞ս զայն ունենալ եւ ցանկալ: Ուստի կը կածեմ նախապայման է շուտով կատարել մեր ներկայ կեանքի վերագնահատումը, որպէսզի ծրագրենք նոր ժամանակներու հայութիւնը:

Եւ որովհետեւ այս օրերուն դպրոցները փակ են, յանկարծ առցանց տարբերակը կու գայ շրջանցելու իր հասկացողութիւնը: Ահա քեզի ժամանակի ու միջավայրի պայմաններու նոր միջոցառում: Տեսակ մը՝ փրկութիւն: Միջոց՝ ուսումնական իրավիճակը շարունակ եւ արթուն պահելու:

-Ի՜նչ լաւ լուծում,- կ’ըսենք առաջին իսկ հերթին,- տուն «մնացող», ինքնամեկուսացուած հա՛յ աշակերտը կապել հա՛յ գիրքին, հա՛յ գիրին, հայերէն դասին ու դասագիրքին, գիտութեան եւ ինչու չէ նաեւ՝ իր մայրենիին:

Շատերուն համար նոյնիսկ քաջ ու կայտառ, եւ, եթէ կ’ուզէք, լուսաւոր կէտ մըն է ալ այս միջոցառումը, որպէսզի հայ մատղաշ եւ պատանիի ուղեղը անտէր հայելի չդառնայ: Եթէ կ’ուզէք, մեր այս «նոր» կեանքը թեւաւորող նոր միջոց: Վերջ ի վերջոյ՝ ապրիլ եւ ապրեցնել: Վերաշինել եւ ինչու չէ նաեւ վերապատրաստել աշակերտին մտքի տունը, կառոյցը, արթուն պահելով անոր հայու ոգին, որպէսզի չկորսնցնէ գիտակցութիւնն ու ինքնութիւնը, մինչեւ այս «փոթորիկին» հանդարտիլը:

Ուրեմն հայ աշակերտին յատուկ առցանց հրամցուելիք ծրագիրը, առաջին իսկ հերթին պարզ ուսում ջամբելու կողքին, պէտք է ըլլայ  հայօրէն ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու գաղտնիքի բանալին ալ:

Եւ որովհետեւ մեր համրանքի փրկութիւնը առնչուած է մեր լեզուին, ուստի էական է, որ լրջօրէն ու պատշաճ մտածումով պատրաստուած այս ծրագիրը ըլլայ պարզ եւ մաքուր, շիտակ եւ ճիշդ մեր մայրենիով: Այսպէս՝ վարժութիւններու եւ լեզուին հետ կապուած զանազան գիտելիքներու եւ «բանալիներու» կողքին հարկ է ժամանցային, ոչ ձանրձրացուցիչ ու հաճելի գիտելիքներուն մէջէն ուղղութիւններ ցոյց տուող ուղեցոյցով մը մօտենալ:

Այս բոլորը կրնանք իրականացնել, անշուշտ, եթէ ունենանք առողջ եւ երկար տարիներու համար ծրագրուած ռազմավարութիւն, որպէսզի վերջը զղջում չունենանք, որովհետեւ անհրաժեշտ է տունը նստած հայ աշակերտին դրական մօտենալ, առանձին չձգել, ոգեւորել: Թէեւ նոյն այդ աշակերտը, առցանցի նման նոր միջոցով  սեւով ճերմակ իր համակարգիչի պաստառին վրայ պիտի չհանդիպի իր դասատուիին կամ ուսուցիչին տաք շունչին, անոր փայլուն խօսքերուն, անոր ոգեւորող միտքերուն, պիտի չապրի հայ դպրոցին տաքուկ մթնոլորտը, բայց եւ այնպէս վերջապէս, դրական որդեգրում մը ըլլալէ չի դադրիր ասիկա: Բայց. ինչպէ՞ս կորովը բարձր պահել հայու ոգիին: Անկասկած մտային աշխատանքները ձեւով մը պիտի կարենան պահել լեզուն եւ գիտակցութիւնը, բայց անհրաժեշտ է մանաւանդ պահել ենթակային ազգային ինքնագիտակցութիւնը, որպէսզի ան մնայ ուխտապահ մարդոց հաւաքականութեան մէկ մասնիկը:

Ուրեմն, հայ ինքնութեան պահպանումի ի խնդիր պայման է ներշնչել սէրն ու հայերէնի գործածութեան վարժութիւնը, այդ ըլլայ գրաւոր կամ բերանացի, հարազատօրէն եւ հասկնալի, առանց բարդութեան փոխանցումի, որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի:

Բոլորս ալ, մեծով-պզտիկով, չենք ուզեր հաց-պանիր հայերէնով, ինչպէս ժամանակին սովոր էր ըսել, գոհանալ: Չենք ուզեր, որ հայերէնը հինցած հագուստի նմանի: Այսինքն՝ հոսանքին դէմ ընթանալ՝ որպէսզի պղպջակ չդառնանք, բոլորս ալ, որպէսզի մէկ թեւով «չթռչինք»:

Գիտենք, որ ժամանակը բոլորիս համար ալ քմահաճ է: Անողոք եւ անզիջող:

Բայց եւ այնպէս կարեւորն ու էականը նման մտածումները իրենց խորքով բանալն է: Թող տան մէջ հայերէն գիրքն ու լրագիրը ապրին, հայ ծնողքը իր մեծ դերն ու կողմնորոշումը ունի նման ծրագրի իրականացման աշխատանքներուն մէջ:

Մօտէն հետեւելով՝ թելադրել, քաջալերել, գուրգուրալ, գնահատել:

Ազգային գոյատեւման համար լեզուն նախապայման է. միշտ շեշտած ենք: Հայ լեզուն մեր ազգային ինքնութիւնը կը կազմէ: Պահենք հայ լեզուն: Մնանք արթուն զանգուած: Այս մէկը մեր գոյապայքարին մաս կը կազմէ, մեր  ռազմավարութեան: Նոր իրականութիւն մըն է, որ կը սաւառնի կեանքի հորիզոնին վրայ, յաճախ կը վախնամ մտածելէ:

Ինչպէ՞ս պահել կեանքի ջերմութեան աստիճանը: Ահա կենսականը: Մեր կեանքը նախապէս կը տրոփէր մեր սրտով: Չմոռնանք, որ կեանքը, իբրեւ հաւաքական ապրում, մեզի համար ազգային է:

Ուստի պայման է, մեր կեանքի գոյութեան պայքարը մղել առնական թափով, որովհետեւ ստիպուած ենք սերունդներու մասին առաւել լուրջ մտածել, միեւնոյն ժամանակ սէր ու հաւատք եւ գուրգուրանք տածելով հանդէպ ազգային արժէքներու:

Ճիշդ է, որ հայոց լեզուի ուսուցումը, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, դժուարացած է եւ հետզհետէ կը դժուարանայ: Նորութիւն մը չէ: Նաեւ ըսեմ, որ նոր սերունդը, քիչ ծանօթ է հայոց լեզուին, ինչպէս անոր լեզուական, նոյնպէս եւ բառագիտական յատկութիւններուն: Պատճառը՝ օտար լեզուի ներկայութիւնն է դպրոցին, ընտանեկան յարկին ու մանաւանդ շրջակայքին մէջ:

Միւս կողմէ, սակայն, առանց չափազանցելու կրնանք հաստատել, որ աշխարհի գեղեցիկ եւ լիակատար լեզուներէն մէկն է մեր հայերէնը։ Ան արդէն իսկ առանձնապէս գրականութեան ոճի յարմար ու նաեւ ամէն տեսակ թարգմանութիւններու, ինչպէս նաեւ  նոր բառեր կերտելու կարելիութեամբ օժտուած լեզու մըն է:

Այսպէս, սկսելով այբուբենէն, որ լեզուի մը կատարելութեան ազդակներէն առաջինն է, մեր այբուբենը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, իր կազմութեամբ եւ նշանակելի կերտուածքով առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ մնացեալներու համեմատ։

Իր բոլոր առաւելութիւններուն որոշ չափով ծանօթանալէ ետք, կրնանք համեստօրէն եւ հպարտութեամբ մեր մայրենին դասել հարուստ, կատարեալ լեզուներու կարգին։

Այս խրախուսիչ իրողութիւնը կը պարտադրէ մեզի ջանք ու կորով չխնայել՝ փոխանցելու համար մեծասքանչը յաջորդ մեր սերունդներուն՝ փորձառու եւ կարող մասնագէտներու յարատեւ աշխատանքով։

Ժողովուրդի մը գոյատեւման որոշիչ դերը կը կատարէ այդ ժողովուրդի լեզուն։ Կրկնած ենք շարունակ:

Լեզուն ո՛չ միայն տարբեր անձնաւորութիւններու միջեւ կենսունակ կապակցութեան կը ծառայէ, այլ նաեւ կարեւոր ազդակ մը կը ներկայացնէ ազգի ինքնութեան կառուցման։

Անկեղծօրէն կը կարծեմ, թէ մեր բոլոր ձախողութիւններու գլխաւոր պատճառը այն է, որ մեր շրջապատն ու մթնոլորտը նիւթապաշտ դարձուցած ենք։ Սկսած ենք ամէն «բան» նիւթով չափել, ձեւել եւ գնահատել։ Մեզ կլանած են ախտեր։ Չենք անդրադառնար, որ կեղծիքն ու կեղծաւորութիւնը մեր գիտակցութիւնը կը վրդովեցնեն։ Պատրանք մը ստեղծուած է։ Կարծես հոսանքէ մը տարուած ենք եւ տակաւին կը շարունակենք տարուիլ, բայց չենք անդրադառնար, որ կը տուժէ նոր սերունդի հայ միտքն ալ եւ իր կարգին իր հարազատ ազդեցութիւնը կը ձգէ մեր գիրին ու գրականութեան եւ ընդհանրապէս մեր մշակոյթին վրայ։
Անպայման պէտք է ականջի օղ ընել, թէ մշակոյթ ըսուածը առարկայ չէ…։ Չե՛ս կրնար շուկայ երթալով հայ մշակոյթ գնել։ Չե՛ս կրնար զայն փոխանցել, եթէ անոր ոգին մաս չի կազմեր հայ հողին, հայ գիրին, հայ կեանքին, ջուրին եւ պատմութեան։
Ամէն առիթով խօսած եւ արտայայտուած եմ, որ պէտք է շրջանի հայ միտքերը համախմբել։ Խանդավառ մթնոլորտ ստեղծել։ Տրամադրուիլ։ Ներշնչել եւ մտերմանալ։ Գուրգուրալ եւ հաղորդակից դառնալ։ Այլ խօսքով՝ նման հարցերով մտահոգ մարդիկը համախմբել։ Մէկ յարկի տակ քով-քովի բերելով համադրել անոնց բառերն ու ծրագիրները, տեսութիւններն ու մատնանշումները, որպէսզի բարգաւաճ եւ առողջ հաւատք ստեղծուի գաղութին մէջ եւ, անոր ազգային գիտակցութեան շեփորումի կողքին, հայեցի իմացութիւնն ալ նորոգուի։
Կը կարծեմ։ Ու միշտ կը կարծեմ, թէ դրական ալիք ստեղծող համախմբումի մը կարիքը կայ։ Ուրեմն՝ պէտք է ենթահող պատրաստել։ Հին վէճերէն հեռանալ, եւ այս մէկը՝ սկսելով մշակութային միութիւններէն հասնելով մինչեւ հայկական վարժարանները։

Պարզապէս ցանկութիւն է պէտք։ Կարծես մեր մօտ ցանկութիւնը ձեռքերը ծալլած յոյսի շուքին տակ նստած կը մտածէ։ Կարծես կը սպասէ, որ ստեղծուի ժամանակը։ Բայց չենք գիտեր, չենք անդրադառնար, որ ժամանակը հիմա՛ է, որպէսզի մեր ունեցած հաւատքը իր հոգեկան կայքը հաստատէ բոլորին հոգիներուն մէջ։ Այս ձեւով է, որ նոր շունչ կրնանք տալ ազգային մեր ոգիին։ Ժամանակը մեզի շատ բաներ կը թելադրէ, եթէ անշուշտ մեր ականջները լայն բացած ենք նոյն այդ ժամանակէն հասնող արձագանգը լսելու: Սա իրականութեան մուրճով զարնուած պղինձի պէս կը հնչէ:

Կը հաւատամ, որ մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչեր են այս տողերը, որոնք յիշեցման կողքին պարտաւորութիւններ կը դնեն իւրաքանչիւրիս վրայ՝ իբրեւ մտահոգ ազգայիններ, իբրեւ կրթական մշակներ:

Արդ, եթէ լուծում մը կ՚ուզենք կամ կը փնտռենք, նախ եւ ամէնէն առաջ պարտինք դուրս գալ այս մեր ներկայի մակերեսէն։ Խօսքէն գործի անցնիլ: Նման գիտակցութեան մը պակասը հեգնանքի կը վերածէ մեր մթնոլորտը։
Բոլորին նման ես ալ կ’ուզեմ տեսնել նոր հայը, եթէ գտնենք, հաւատացէ՛ք, մեր երազին յաղթած կ’ըլլանք:

Մնացեալը դուք գիտէ՛ք:

 

 

 

 

«Դրօշակ»-ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վավերագիր

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Վեցերորդ Ժամանակաշրջանի Սկիզբ

9 տարիներու զգալի բացակայութենէ յետոյ վերստին կը հրատարակուի ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ «Դրօշակ»ը: 2020 թուականի յունուարին առաջին թիւը (1635րդ) արդէն հասանելի է ընթերցողներուն:
Կեանքի 74րդ տարին բոլորող պաշտօնաթերթը կը հրատարակուի ելեկտրոնային տարբերակով, ամսաթերթի պարբերականութեամբ:

Իբրեւ պաշտօնաթերթի հիմնադիր, զուտ իրաւաբանական տեսանկիւնէ եւ ՀՀ օրէնքներուն համաձայն, նշուած է «ՀՅԴ պատմութեան թանգարան-հիմնադրամի» անունը: Ելեկտրոնային ամսաթերթի խմբագիրը նորանկախ Հայաստանի գաղափարական ուղղուածութեան մամուլի երախտաւորներէն, ՀՅԴ Բիւրոյի մամուլի դիւանի ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահպազեանն է: Կայ խմբագրական խորհուրդ, սակայն անդամներուն անունները չեն նշուած:

Ելեկտրոնային անդրանիկ համարին մէջ առանձնացուած են շարք մը բաժիններ՝ «Հարցազրոյց» (ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ), «Սոցիալական», «Դաշնակցական բեմ», «Հայրենի եզերք», «Տարածաշրջանային», «Սփիւռք», «Երիտասարդական», «Պատմութեան լուսարձակ», «Դէմքեր եւ դէպքեր», որոնց մէջ ներառուած են ՀՅԴ դերակատարութեան ու ընելիքներուն, գաղափարախօսական, ՀՀ ընկերային-տնտեսական հարցերուն, Արցախին, Ջաւախքին, Այսրկովկասեան, Մերձաւոր եւ Միջինարեւելեան եռացող հիմնահարցերուն, Սփիւռքին, Արեւմտահայաստանին եւ համազգային նշանակութեան այլեւայլ խնդիրներուն առնչուող շարք մը ծանրակշիռ եւ գիտահանրամատչելի աշխատանքներ:

Խմբագիր Արտաշէս Շահպազեան, «Խմբագրականի փոխարէն» ենթագլուխի տակ «Առաջնորդող» վերնագրով կը գրէ հետեւեալը. ««Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը» վերսկսում է «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի հրատարակութիւնը: «Դրօշակ»ի կենսագրութիւնը ձուլուած է ծնող կուսակցութեան անցած ճանապարհին այնքան, որ այս երկուսից մէկին անդրադառնալիս յաճախ յիշում ես միւսին: Սխալուած չենք լինի պատկերաւոր ներկայացնելով, որ «Դրօշակ»ը եղել է կուսակցութեան մաքառումի ու հերոսացման ուղին արտացոլող հայելին»:

Այնուհետեւ կը շարունակէ՝ ըսելով. «Խօսքի առատութեան մեր ժամանակներում «Դրօշակ»ը կրկին հրապարակ է իջնում որոշակի բաց տեղ զբաղեցնելու համար»:

Առաջնորդող յօդուածը իր աւարտին կը հասնի. ««Դրօշակ»ը, իր ջուրը խմելով սեփական ակունքներից եւ այլոց փորձառութիւնը նկատի ունենալով, կը ջանայ յստակեցնել խնդիրներն ու փնտռել դրանց պատասխանները:

Թերեւս առայժմ այսքանը, որպէսզի յաւակնութիւնները մեզանից առաջ չընկնեն: Թող որ մեր գործը խօսի մեր փոխարէն»:
«Դրօշակ»ի այս ժամանակաշրջանի առաջին թիւէն արդէն կը շեշտուի, որ խմբագիրն ու խմբագրական խորհուրդը տեղ տուած են համակուսակցական եւ համահայկական մտաւորականութեան: Այդ պատճառով հոն գրութիւններ ունին տարբեր շրջաններու դաշնակցական մամուլի խմբագիրներ եւ գրողներ:

Արդարեւ, 1891էն 2020ի միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին «Դրօշակ»ի հաւաքածոն կը ներկայացնէ ինքնաբերաբար կուսակցութեան պատմութիւնը: Դաշնակցականներ իրե՛նք կը պատգամեն:

Դաշնակցութիւնը ինքզի՛նք կը պատմագրէ, եւ ընթերցողը պատմական տուեալներու թէ աննման հերոսներու մտածողութեան հաղորդ կը դառնայ ազգային անկորնչելի ժառանգութեան մը սեփականատիրոջ զգացումով:

«Դրօշակ» շուրջ 130ամեայ երթով լուսարձակի տակ առած է տարբեր տեսակի նիւթեր` Դաշնակցութեան գերագոյն ժողովներուն եւ անոնց յարակից գործունէութեան վերաբերող պատկառելի թիւով լրագրութիւններ, Ընդհանուր ժողովներու հաղորդագրութիւններ, կուսակցական շրջաններու տեղեկութիւններ, Շրջանային թէ Ռայոնական ժողովներու տեղեկանքներ, դիւանական այլազան թուղթեր, Ընդհանուր ժողովներու եւ Բիւրոներու կարեւոր որոշումներ, զանազան նամակներ, նուիրատուութիւններ եւ այլն:

Այլուր ուշագրաւ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Նախիջեւանի եւ հայկական գաղթավայրերու ներքին կեանքի մասին, Հայ դատի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ զանազան շրջաններու կառոյցներուն մասին, անշուշտ, միշտ հարստացած տեղւոյն հայ կեանքի գլխաւոր երեւոյթներուն օգտակար արժեւորումներով: Հոն լայնօրէն լուսաբանուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներքին կեանքն ու արտաքին քաղաքականութիւնը, լուսարձակի տակ առնուած են անոնց հակահայ քարոզչութիւնը, խեղաթիւրումներն ու ապատեղեկատուութիւնը:

«Դրօշակ»ի նիւթերը մերթ ընդ մերթ մեզի կը ներկայանան իբրեւ տեսակ մը աշխարհագրութեան եւ հայոց պատմութեան դասեր՝ յեղափոխական դէմքերու կենսագրականներ, մարտական-յեղափոխական հերոսապատումներ, որոնք իրենց հետ կ’առնեն կը տանին ընթերցողը դէպի հայրենի գիւղեր, գաւառներ կամ հայաշխարհի սփիւռքեան ոստաններ, եւ այնտեղ այդ բարբառուն վկայարաններուն եւ անոնց հերոսներուն հետ ընթերցողը կ’ունենայ հոգեխռով եւ դաստիարակիչ զրոյցներ, որոնք մարդուս մէջ կ’արթնցնեն ազգային հպարտութեան զգացում, նահատակութեամբ հայրենիք կերտելու, Դատ պաշտպանելու եւ վճռակամութեամբ գաղափարաբանութեան մը վեհութիւնը ապրելու պատրաստակամութիւն:

Տակաւին, առանց մոռնալու, թանկարժէք նշխարներու ձեւով, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ռոստոմի, Յոնան Դաւթեանի, Արմէն Գարոյի, Դժոխք Հրայրի, Պետոյի եւ առաջին սերունդի այլ դաշնակցականներու յօդուածներու ու թղթակցութիւններու բաժինը, ուր յափշտակութեամբ կը կարդացուին անոնց գրութիւնները:

Յաջորդական թիւերուն մէջ՝ ընդհանուր մեծ վերնագրի տակ, որքան ալ կուսակցութեան պատմութիւնն է, որ կը վաւերագրուի, բայց խորքին մէջ Հայոց պատմութիւնն է, որ կը ներկայացուի մե՛րթ աշխարհագրութեամբ, մե՛րթ յաջորդական դրուագներով ու դէպքերով, եւ անոնց ընդմէջէն հերոսներու, նոյնքան՝ տեղանուններու եւ անձնանուններու, այլ ժամանակաշրջանի մէջ կը հանդիպինք գիտական լուրջ աշխատանքներու:

«Դրօշակ»ի ամբողջութիւնը մեծարժէք է իր պարունակութեամբ եւ բովանդակութեամբ: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին հայկական յեղափոխութեան շունչը զգալ, մօտէ՛ն քննել հարցերու մօտեցման եղանակը, մղիչ ապրումներն ու մտածումները անոնց, որոնք նոր կերպարանք տուին հայոց պատմութեան:

Ուսումնասիրական այս համեստ աշխատութեան մէջ «Դրօշակ»ի մասին, որպէս վերջաբան, կ’արժէ հիմնաւորել քանի մը կէտեր.

  1. Իւրաքանչիւր վերահրատարակութեան ժամանակաշրջան կարելի է ճշդորոշել հետեւեալ ուղղուածութեամբ.
    Առաջին ժամանակաշրջանը. «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ կ’արտացոլայ հարազատ հողի վրայ ըլլալու եւ յեղափոխութեամբ ազատագրական զինեալ պայքարի զարթօնքի ժամանակաշրջան կերտելու հզօր գործօնի հանգամանքը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած հայդուկային կռիւներու դաշտէն պատերազմական լրագրութիւն կատարելու իրողութիւնը:

Երկրորդ ժամանակաշրջանը. Դաշնակցութեան Օրուան յիշատակման սկիզբ, Հայաստանը խորհրդայնացուած, ՀՅ Դաշնակցութիւնը Երկրէն տարագրուած, Դաշնակցութիւնը համայնավարութեան թիրախ դառնալուն առնչուած նիւթերու արծարծում, անշուշտ, կուսակցական կեանքին ու գաղափարաբանական նիւթերուն զուգահեռ:

Երրորդ ժամանակաշրջանը. Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի կազմաւորուածութիւնը, Հայ դատի՝ նոր փուլ մտնելը եւ անոր առնչուող 1975-1985 տարիներու զինեալ պայքարի ժամանակաշրջանը, ազգային մշակոյթի եւ լեզուի կարեւորութիւնը սփիւռքեան պայմաններու մէջ, Խորհրդային Միութեան թշնամանքի եւ այլախոհական շարժումներն են, որ լուսարձակի տակ կ’առնուին:

Չորրորդ ժամանակաշրջանը. Խորհրդային Միութեան փլուզում, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում, Արցախի ազատագրական պայքար, Հայոց համազգային շարժման (ՀՀՇ) վերաբերմունքը ՀՅԴի հանդէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան իշխանութիւններու կողմէ (ՀՀՇ)` հանրապետութեան տարածքին Դաշնակցութեան գործունէութեան կասեցումն ու դաշնակցականներու հետապնդումն ու բանտարկութիւնը, Ատրպէյճանի եւ յատկապէս Թուրքիոյ ճնշումով միջազգային ընտանիքի կողմէ կիզակէտ հանդիսացող ԼՂՀ հիմնախնդիրը, Հայ դատի գործընթացի վերադասաւորում:

Հինգերորդ ժամանակաշրջանը. թէեւ քանի մը տարի անցած է միայն, սակայն «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ կ’արտացոլան գաղափարաբանութեան, ընկերվարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն գործելաոճը, Հայաստանի նախագահութեան թեկնածու դաշնակցականներու հիմնաւորումները: Միւս կողմէ՝ նոր փուլի մը սկիզբ` տեղեկատուական պատերազմ, պատմական ու քաղաքական խեղաթիւրումներ եւ ապատեղեկատուութեան տարածման շուրջ գիտական յօդուածներ, եւ տակաւին կը շարունակուի այս ժամանակաշրջանը` իր հետ բերելով բնականաբար նոր ուղղութիւններ:

  1. «Դրօշակ»ի հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնը սկիզբէն ի վեր եղած է ու կը մնայ հայ ժողովրդին եւ դաշնակցական շարքերուն կուսակցութեան գաղափարական եւ սկզբունքային տեսական նիւթեր հայթայթել, որուն ճամբով կը փորձուի ընդհանրապէս բարձրացնել հայ ժողովուրդին քաղաքական գիտակցութեան մակարդակը:
  2. ՀՅ Դաշնակցութեան ոչ պարբերական հրատարակութիւններու շարքը ծնունդ առած է յեղափոխական-ընկերվարական հրատարակութիւններու «Դրօշակ» մատենաշարով, որուն առաջին գրքոյկը` «Ապստամբական ոգի», լոյս տեսած է 1894ին: Այնուհետեւ յաջորդաբար հրատարակուած են հարիւրաւոր գիրքեր, անոնց մէջ նաեւ` օտար լեզուով:
  3. «Դրօշակ»ի մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւններէն շատերը հետագային հրատարակուած են առանձին հատորներով (ոչ «Դրօշակ» մատենաշարի անունով):
  4. Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան մօտաւոր կերպով համապատասխանած է համաշխարհային, ազգային եւ կուսակցական տարաբնոյթ վերիվայրումներու եւ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջաններուն:

«Դրօշակ» տարիներու ընթացքին, թէեւ գոյատեւած է կարգ մը ընդհատումներով, վերանուանումներով, խմբագիրներու եւ խմբագրակազմերու փոփոխութիւններով, տեսքով, ձեւաչափով, սակայն մի՛շտ ալ յատկանշուած է գաղափարականութեամբ եւ սկզբունքայնութեան անկոտրում կեցուածքով: Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի եւ մարտահրաւէրի համար անկասկած յայտնուած են զայն դիմագրաւելու ատակ մարդիկ: Բարեբախտաբար, պարբերականը բոլոր առումներով պահպանած է իր ինքնութիւնը եւ միշտ նորոգուելով` բերած է նոր շունչ եւ աւիւն` մի՛շտ անշեղ խորքով, ուղղած ու ցուցմունքներ տուած է այն մարտահրաւէրներու շուրջ, որոնք ցցուած են հայ ժողովուրդին դիմաց: Այստեղ կը շեշտադրուի, որ դաշնակցական պաշտօնաթերթի ըմբռնումն ու ուղղուածութիւնը իր իսկ հանգամանքէն բխող պարտաւորութիւններու դիմաց կը դնեն զինք:

«Դրօշակ»ի մօտաւորապէս 130ամեայ ճանապարհորդութիւնը դիւրին չէ եղած երբեք. զինեալ ազատագրական պայքար, հերոսամարտեր, Հայոց ցեղասպանութիւն, գաղթ, շրջանային տագնապներ, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտում, ազգային վերիվայրումներ, ազգային ինքնութեան պահպանութեան մարտահրաւէրներ, Արցախի Հանրապետութեան կերտում, տնտեսական թէ մարդուժի դժուարութիւններ եւ այլն: Այդ բոլորը մաս կազմած են պաշտօնաթերթին տարեգրութեան. «Դրօշակ» անցած է այդ բոլորին բովէն եւ, բնականաբար, ազդուած այդ բոլորէն:

Միւս կողմէ, կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալու հանգամանքը չէ խանգարած, որ «Դրօշակ»ը դառնայ նաեւ հասարակական լայն զանգուածներու կողմէ փնտռուած եւ համակրանք վայելող թերթ մը: Անոր ազգային ուղղութիւնը եղած է առողջ, ազգային բոլոր տեսակի հիմնահարցերը ներկայացուցած, գաղափարական եւ քաղաքական սնունդ սերմանած է, ինչպէս նաեւ կուսակցական մամուլին շուրջ գաղափարա-քաղաքական բեմահարթակը հանդիսանալով՝ իրազեկ դարձուցած է բոլոր այն հայորդիները, որոնք մտահոգուած են ազգին Դատով:

«Դրօշակ»ին շուրջ համախմբուած իւրաքանչիւր կուսակցական շարքային կամ անհատ համակիր իր գաղափարապաշտութեամբ թէ տեսլականով, միտքով թէ գրիչով, աշխատակցութեամբ թէ քսակով կերտած է այս թերթին հարուստ պատմութիւնը:
Ինչպէս որ 1891-2020 թուականներուն «Դրօշակ»ի դէմ ցցուող ամէն տեսակի մարտահրաւէրները յաղթահարուած են, այսօր եւս դիմագրաւելու հաստատակամութիւնը շեշտուած է կրկնակիօրէն: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է կարելին եւ անկարելին ընել՝ թերթը ժամանակակից տեղեկատուական նոր արհեստագիտութեան եւ համացանցային դարու պահանջներուն պատշաճեցնելու համար:

Այսօր արհեստագիտութեան ժամանակն է: Նոր ժամանակներուն յարմարելու համար խիստ կարեւոր է օգտագործել ընձեռուած բոլոր կարելիութիւնները:

Օգտուելով արհեստագիտութեան բարիքներէն՝ «Դրօշակ» 130ամեակի սեմին իր ելեկտրոնային տարբերակով ու կայքով մուտք կը գործէ հայկական կեդրոններ, հայորդիի տուն թէ գրասենեակ՝ հայ ազգային, գաղափարական, քաղաքական, ազատագրական պայքարի միտքն ու լուրը հասցնելու անոնց:

Պէտք է գուրգուրալ «Դրօշակ»ին վրայ, բեմահարթակներու վրայ զայն յիշատակելը բաւարար չէ, այլ մտաւորական եւ նիւթաբարոյական գերզօրակցութիւնը, ամուր պահպանելը, որպէսզի մնայ միշտ իր բարձունքին վրայ, որուն արժանի է: Պէտք է ընթերցողի լայն զանգուած պատրաստել ու տարածել նաեւ:

Միւս կողմէ, մեծ նուիրագործում է գաղափարապաշտ մտաւորական փաղանգի մէկտեղումն ու անոր նուիրական ծառայութիւնը, որպէսզի նոյն այդ շրջանակը նոյն յանձնառու ոգիով շարունակէ ապահովել թերթին յաղթական ընթացքը, անոր ուղեգիծը եւ ազգանուէր առաքելութիւնը: Այս տեսիլքով եւ վճռակամութեամբ է, որ անհրաժեշտ է միասին քալել դէպի աւելի եւս փայլուն ապագայ:

Գաղափարական միտքի արծարծումն ու զարգացումը կը համարուի գլխաւորը, որ պէտք է արտացոլայ «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ: Ան կը դաստիարակէ մեզ եւ ուրեմն կը մնա՛յ, կը գոյատեւէ նոյնքան ուժական, նոյնքան կենդանի, քանի ան կը ներկայացնէ շատ պարզ, շատ էական եւ յաւերժական իմաստասիրութիւնը հայկական յեղափոխութեան:

Այստեղ, «Դրօշակ»ի վեցերորդ ժամանակաշրջանի առաջին թիւին լոյսընծայման առիթով եւ հիմնադրութեան 130ամեակի սեմին կանգնած, պարտաւոր ենք գնահատելու նախ բոլոր խմբագիրներն ու խմբագրական կազմերը անխտիր, քանի որ այս յաջողութեան իսկական բանալին անոնք են, ապա` այն բոլոր նուիրեալները, որոնք գաղափարի սիրոյն ծաւալեցին գաղափարական միտքը եւ իրենց գրիչը շարժեցին դժուարին պայմաններու մէջ:

Վերջապէս, «Դրօշակ»ը ՀՅԴ գաղափարաբանութեան դրօշակն է, որ միշտ պէտք է ծածանի մամուլի ընտանիքին մէջ եւ տարբեր բեմահարթակներու վրայ, եւ կարելի չէ վար առնել, կանգ առնել կամ անգամ մը եւս դադրիլ, ինչ ալ ըլլան անոր պայմանները, քանի որ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ն ալ կը համարուի կուսակցութեան խորհրդանիշներէն մէկը:

«Դրօշակ»ի լոյսընծայումը խիստ կարեւոր ու հպարտալի երեւոյթ է: Արդար է մեր ուրախութիւնը, եւ տեղին է մեր հպարտութիւնը: Քանի որ «Դրօշակ»ը իր 130 տարիներու ընթացքին եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան վաւերագիրը՝ գրաւոր յուշարձանը:

«Դրօշակ», թիվ 6 (1640), հունիս, 2020 թ.

Աղէտը Ամուր Թակում Է Մեր Դռները

$
0
0

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ
Alikonline-
ի պատասխանատուխմբագիր

Հայաստանը աղէտի ճարակ է դարձել։ Համավարակը վխտում է ամենուր։

Երկիրը ապոկալիպսի վտանգի շեմին է կանգնած, գործող իշխանութիւնների եւ անձամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ նմանը չունեցող անտաղանդ ղեկավարման, անհասկանալի, անհամաչափ եւ անարդիւնաւէտ գործողութիւնների պատճառով։

Հայաստանն այսօր ունի առողջապահական լրջագույն խնդիր։ Արտակարգ պայմաններում, որում յայտնւել է Հայաստանը, ենթադրում է համաճարակային յստակ եւ խիստ կառավարում՝ համապատասխան ռազմավարութեամբ եւ մարտավարութեամբ, ինչն անկարող են իրականացնել գործող կառավարութիւնը եւ վարչապետը, իսկ սա մահացու վտանգ է երկրի համար։

Այն ճակատագրական սխալները, որոնք թոյլ տւեցին ՀՀ իշխանութիւնները համաճարակի դէմ պայքարում, երկիրը կանգնեցրել է անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրի դէմ-յանդիման։ Մարդիկ հազարներով հիւանդանում են, մեռնում տասնեակներով, եւ դրա վերջը չի երեւում։

Արտակարգ իրավիճակները արտակարգ լուծումներ են պահանջում։ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ն նախօրէին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ անդրադարձել է արտակարգ քայլեր ձեռնարկելու օրակարգային պահանջին եւ անհրաժեշտութեանը. Հրաւիրել ԱԺ արտահերթ նիստ, համաչափ եւ համարժէք գնահատական տալ ստեղծւած իրավիճակին, պատասխանատւութեան կանչել ձախողած բոլոր պաշտօնեաներին, այդ թւում՝ վարչապետին, գտնել ճգնաժամից դուրս գալու արդիւնաւէտ լուծումներ։

Ներկայ պայմաններում, լուծումը եւ ելքը միակն է. Համախմբւել նոր՝ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ձեւաւորման գաղափարի շուրջ։ Կառավարութիւն, որը կը կարողանայ Հայաստանը դուրս բերել այս փակուղային վիճակից։

Նոր կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ քայլեր ձեռնարկի համաճարակի մեկուսացման ուղղութեամբ, լծւի տարբեր նշանակության եւ տրամաչափի սոցիալ-տնտեսական կուտակւած բազմաբնոյթ խնդիրների կարգաւորմանը, երկրում իրավիճակի լիցքաթափմանը եւ նորմալ աշխատանքային մթնոլորտի ձեւաւորմանը։

Սա է ներկայ անելանելի թւացող կացութիւնից միակ փրկօղակը։ Այլապէս կորուստները կը դառնան անվերադարձ եւ ճակատագրական։ Այն, ինչ որ կատարւում է այսօր, աղէտ է, որն օրեցօր աւելի ծանր հետեւանքների է բերելու ոչ միայն Հայաստանի, այլ, նաեւ, Արցախի եւ ողջ հայութեան համար։

Աղէտը Ամուր Թակում Է Մեր Դռները

$
0
0

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Կենդանիներու, բնութեան եւ բնավայրերու բարոյական եւ իրաւական կարգավիճակի չափն ու բնոյթը մարտահրաւէր է, որ պէտք է ընդունիլ։

Բնապահպանական բարոյագիտութիւնը էթիկայի այն ճիւղն է, որ կ’ուսումնասիրէ ոչ միայն մարդու եւ շրջակայ միջավայրի միջեւ կապը, այլ նաեւ թէ ինչ դեր ունի բարոյագիտութիւնը այս գործին մէջ: Բնապահպանական բարոյագիտութեան մէկնակէտը այն է, որ մարդը մաս է մէկ հասարակութեան, ուր կը ներառուին այլ ապրող էակներ՝ բուսական եւ կենդանական աշխարհը իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որոնք ոչ միայն մեր մոլորակի, այլեւ մարդու կեանքի անփոխարինելի մաս կը համարուին: Այսպէս, բարոյագիտութիւնը կը պահանջէ, որ իւրաքանչիւր մարդ, որ կ’առնչուի բնութեան հետ, պէտք է յարգէ եւ առաջնորդուի բարոյագիտութեան օրէնքերով:

Բնապահպանական փիլիսոփայութեան այս մօտեցումը կ’ընդլայնէ բարոյագիտութեան աւանդական սահմանները՝ մարդկայինի հետ ներառելով ոչ մարդկային աշխարհը: Ուրեմն բնապահպանական բարոյագիտութիւնը կիրառական փիլիսոփայութեան մէկ մասն է, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ ոչ միայն բնապահպանական արժէքներու հայեցակարգային հիմքերը, այլ նաեւ աւելի շօշափելի-գործնական ուրիշ խնդիրներ՝ կապուած հասարակութեան վերաբերմունքի ու անոր հետեւող գործողութիւններուն կենսաբազմազանութեան պահպանման եւ բնապահպանական համակարգերու պաշտպանութեան քաղաքականութեան հետ:

Ան նաեւ մեծ ազդեցութիւն ունի մեր կեանքին մօտէն առնչուող այլ բնագաւառներու, ինչպէս, օրինակ, բնապահպանական օրենսդրութեան, բնապահպանական հասարակագիտութեան, էկօ-տնտեսագիտութեան, էկօ-աշխարհագրութեան եւ նոյնիսկ էկօ-աստուածաբանութեան վրայ։ Բնապահպանական բարոյագիտութիւնը փաստօրէն չի կրնար անբաժան մնալ քաղաքական կեանքէն եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ծրագրէն, յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար, որ իր պատմութեան ողջ ընթացքին միշտ եղած է հայութիւնը եւ մարդկութիւնը յուզող խնդիրները սահմանելու առաջատարի դերին մէջ։

Համաշխարհային տաքացում, կլիմայի փոփոխութիւն, անտառահատում, օդի աղտոտում, աղմուկ, բնական աղբիւրներու վատնում ու քայքայում, կենսաբազմազանութեան ոչնչացման սպառնալիք՝ ասոնք քանի մը օրինակներ են այն հարցերէն, որոնցմէ կը տառապեն մեր մոլորակը եւ իհարկէ անմիջական մեր միջավայրը, մեր հայրենիքը։ Քաղաքական կուսակցութիւն մը, որ կը փայփայէ իր երկրի ոչ միայն ներկան, այլ նաեւ ապագան, իրաւունք չունի անտեսելու, հեռու մնալու այս բարդ խնդիրներէն։ Հասարակական կարծիքը միասնաբար ձեւաւորելու, նախաձեռնելու, ակնկալելի բարդութիւնները դիմագրաւելու եւ լուծումներ փնտռելու դժուար գործը քաղաքական անյետաձգելի պարտաւորութիւն է, որուն պէտք է լծուիլ անյապաղ։

Այս համաթեքսթին մէջ կ’ուզեմ քննարկման բերել բնապահպանական բարոյագիտութեան խնդիրը։ Կը կարծեմ, որ առաջին հերթին բոլորս պէտք է ընդունինք, որ բնապահպանական բարոյագիտութեան առանցքը մարդոց եւ Երկիր մոլորակին միջեւ յարաբերութիւններն են։ Երկրորդ՝ մենք պիտի սահմանենք եւ հաստատենք, թէ որոնք են այդ յարաբերութիւնները կանոնաւորող օրէնքները:

Բնապահպանական բարոյագիտութեան դիմելով՝ մենք կ’ապահովենք որ բնապահպանութեան քննարկումը «էլիթիսթ» չըլլայ, այլ իր գործընթացի բովին մէջ ներառնէ ժողովրդային մասնակցութիւն, որ ես ու դուն՝ իբրեւ անհատներ, իւրաքանչիւրս կատարենք մեզի ինկած բաժինը՝ շրջակայ միջավայրը անվտանգ եւ պաշտպանուած պահելու համար: Մարդիկ պիտի հասկնան, որ ամէն անգամ, երբ ծառ կը կտրենք, հանք կը շահագործենք, ջուրի պաշարները անխնայ կը վատնենք, մենք կ’օգտագործենք բնական եւ համայնական մեր ռեսուրսները, որոնք ամէն օր աւելի ու աւելի կը նօսրանան եւ անգտանելի կը դառնան: Անհրաժեշտ է, որ ես ու դուն անհատապէս եւ հաւաքաբար կատարենք մեզի բաժին ինկած գործի մասը՝ շրջակայ միջավայրը պաշտպանելու եւ վտանգէ զերծ պահելու համար:

Սակայն իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ սա այդքան ալ դիւրին գործ չէ, որքան ալ իբրեւ անհատներ պատրաստ ըլլանք մի քանի պարզ եւ հեշտ փոփոխութիւններ կատարելու մեր կեանքէն ներս: Հարցը «հոլիստիկ» լուծումներու կը կարօտի։ Այստեղ կազմակերպուած ծրագրելն ու գործելը միայն սկիզբն է։

Աշխարհի բնակչութեան աննախընթաց արագ աճի բերմամբ բազմապատիկ աճած է բնական պաշարներու սպառումը: Այդ պաշարներու արագընթաց իւրացումն ու վատնումը կը ջլատէ եւ զերոյականցնէ մեր մոլորակի ունակութիւնը` մատուցելու այն ծառայութիւնները, որոնք մարդկութեան պէտք են: Ռեսուրսներու սպառումը կը շարունակուի աննախընթաց արագութեամբ, իսկ պաշարներու բնական համալրումը կ’ընթանայ դանդաղ:

Բնապահպանական բարոյագիտութեան բնորդը (մօտելը) պիտի հիմնուած ըլլայ գիտական ​​եւ հասարակական արժէքներու փոխըմբռնման վրայ. անիկա ի մի պիտի բերէ մէկ կողմէ գիտութիւնը, միւս կողմէ՝ մարդկային արժէքները, բարոյական սկզբունքները եւ որոշումներու կայացման գործընթացը: Իսկ բարոյագիտութեան առարկայացումն ու գործնականացումը հեշտ եւ արագ ըլլալիք բան չէ։ Մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ բարոյա-արժէքային նոր համակարգ մշակելը մէկ օրուան գործ չէ։ Բնապահպանական արդարութեան հասնելու համար մեր առջեւ ունինք երկարաժամկէտ աշխատանք։

Այս մէկը կարեւոր է նշելը, քանի որ շրջակայ բնապահպանական բարոյագիտութեան թեման միանշանակ չ’ընդունուիր եւ նոյնիսկ հակադիր ուժերու միջեւ բախումներ կը յառաջացնէ: Բնապահպանական բարոյագիտութեան շուրջ կան տեսական եւ գործնական բնոյթի վէճեր։ Կան մարդիկ, որոնք կը հաւատան, որ բոյսերու եւ կենդանիներու՝ բնական աշխարհին հետ մեր յարաբերութիւններուն նոր սահմանում տալով կ’անտեսուին աւանդական բարոյագիտական նորմերը:

Որո՞նք են այն սկզբունքները, որոնք պէտք է մեզ առաջնորդեն շրջակայ միջավայրի հարցերուն մէջ։ Ինչո՞ւ կարեւոր է կենսաբանական համայնքը՝ կենդանական բնաշխարհը եւ բնավայրերը, մարդկային յարգանքի արժանի երեւոյթներու շարքին ներառելը։ Փիլիսոփայական բնոյթ կրող այս հարցերուն պատասխան տալու առաջին փորձերէն մէկը կը պատկանի Ալտօ Լէոփոլտին (Aldo Leopold), որ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ փիլիսոփայ չէր, այլ անտառատնտեսութեան եւ հողերու կառավարման մեծ փրոֆեսոր: 1949ին գրուած իր «The Land Ethic» («Հողին բարոյականը») յայտնի ակնարկին մէջ ան կը բանաձեւէ մօտաւորապէս հետեւեալ սկզբունքը. «Ճիշտ է այն, որ կը ձգտի պահպանելու կենսական համայնքի ամբողջականութիւնը, կայունութիւնը եւ գեղեցկութիւնը: Սխալ է այն, որ կը ձգտի հակառակին կամ այլ բանի»: Այս սկզբունքով ան հարցականի տակ կ’առնէր 19րդ դարէն եկող պահպանողական այն հաւատամքը, ըստ որուն՝ բնութիւնը պէտք է պահպանել միայն տնտեսական եւ գործնական շահերէ մեկնած։ Կրնայ զաւեշտալի թուիլ, բայց այս համեստ մարդն իր հարցադրումով արժէքի վերածեց թռչուններու ու ծղրիթներու երգը, անտառներու եւ ծաղիկներու գեղեցկութիւնը` իբրեւ բնութեան արգասիք։ Ան նաեւ ուշադրութեան կիզակէտին բերաւ բնութեան մէջ իրերու փոխկապակցման կարեւորութիւնը, մատնանշեց եւ պաշտպանեց «հոլիստիկ» մօտեցումը, որ այսօր կայ բնապահպանական բարոյագիտութեան մէջ: Ան կը պնդէր, որ բնապահպանական բարոյագիտութիւնը պէտք է կեդրոնանայ համակարգերու վրայ եւ ոչ թէ առանձին ​​իրերու: Բնութենէն մեր կախուածութիւնը հնարաւոր է հասկնալ միայն այն ատեն, երբ ունինք կեանքի փոխկապակցուածութեան խոր եւ համապարփակ գիտակցութիւն։

Լէոփոլտի ժամանակէն ի վեր անցած են 70 տարիներ։ Այսօր բնապահպանական փիլիսոփայութեան դաշտն ընդլայնուած է, եւ իհարկէ կան նոր տեսակէտներ, թէ բնութեան հետ ինչպիսին պէտք է ըլլայ մեր յարաբերութիւնը, որոնք են մետաֆիզիքական եւ բարոյական այն սկզբունքները, որոնք կը ձեւաւորեն մեր մտածողութիւնը:
Կ’ուզեմ այստեղ առանձնացնել բնապահպանութեան փիլիսոփայութեան առնչուող երեք խնդիրներ, որոնք մինչեւ այսօր կը յամենան, եւ մենք՝ որպէս անհատներ ու հաւաքականութիւն, որպէս քաղաքական էակներ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, պարտաւոր ենք կեցուածք որդեգրելու:

ԱՌԱՋԻՆԸ բնութեան նկատմամբ մեր մարդակեդրոն տեսակէտի յաղթահարման խնդիրն է։ Այսինքն՝ այն մօտեցումը, որ բնութիւնը միայն մարդկային շահերուն ծառայելու համար է, ժամանակավրէպ է։ Այս տեսակէտը կը շրջանցէ այն միտքը, որ բնութիւնը ինքնին ներյատուկ արժէք է:

ԵՐԿՐՈՐԴ՝ ինչպէ՞ս բնորոշել մարդու տեղը բնութեան մէջ. արդեօք մենք մեզ պէ՞տք է դասենք հաւասար բնութեան այլ էակներու հետ, առանց յատուկ արտօնութիւններու կամ յաւելեալ իրաւունքներու. մի՞թէ ճիշդ է աւելի բարձր դերակատարութիւն վերապահել մեզի բնութեան ձեւաւորման եւ կառավարման մէջ:

ԵՐՐՈՐԴ՝ ի՞նչ հիմունքներով մենք պէտք է բարոյական եւ իրաւական կարգավիճակ տանք կենդանիներուն, բոլոր օրկանիզմներուն եւ բնավայրերուն:

Այս թեմաներէն իւրաքանչիւրը լայն քննարկման առարկայ է բնապահպանական փիլիսոփայութեան մէջ, եւ ցարդ միաձայնութիւն չկայ պատասխանին շուրջ։ Սակայն պէտք չէ զարմանալ: Խնդիրները բարդ են։ Հայկական համաթեքսթի մէջ մնալով՝ օրինակները շատ են։ Բոլորս ամէնօրեայ մեր կեանքին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի տարաբնոյթ վէճեր կան բնապահպանական քաղաքականութեան առնչութեամբ՝ սկսած հանքերէն՝ բանա՞լ, թէ՞ չբանալ, Սեւանի ջրապաշարներու օգտագործումը կանոնաւորե՞լ, թէ՞ ոչ, թափառող շուները հաւաքել-սպանե՞լ, թէ՞ պաշտպանել, վայրի կենդանիները պաշտպանե՞լ, թէ՞ որսալ, բազմակենսականութեան պահպանման հետամուտ ըլլա՞լ, թէ՞ անտեսել, կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը հակադրե՞լ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, թէ՞ ոչ, որսորդութիւն թոյլատրե՞լ, թէ՞ արգիլել, ձուկ բուծանե՞լ Արարատեան դաշտին մէջ, թէ՞ ոչ, թոյլ տա՞լ տարածքներու անապատացումը, թէ՞ պահպանել եւ աքթիւ պաշտպանել անտառները, միս ուտե՞լ, թէ՞ ոչ, ջուրը «կազիֆիկացնել» եւ վաճառե՞լ, թէ՞ ոչ… Նման հարցադրումներու թիւը շատ է:

Կարելի՞ է յաղթահարել մարդակեդրոն մեր աշխարհընկալումը։

Պատկերացուցէք պահ մը, որ ահաւոր աղէտի մը հետեւանքով բնութեան մեծ մասը աւերուած է, մարդկութիւնը՝ վերացած, եւ դուն կամ ես Հայաստանի մէջ ապրող վերջին մարդն ենք: Ենթադրենք նաեւ, որ ես կամ դուն հնարաւորութիւն ունինք առյաւէտ ոչնչացնելու բնութեան մնացած՝ վերապրած մասը: Դուք գիտէք, որ բնութեան կորուստէն այլեւս ուրիշ ոչ ոք կրնայ տուժել, քանի որ այլեւս մարդ չէ մնացած: Ի՞նչ կ’ըսէ մեր ներգիտակցութիւնը։ Կ’ենթադրեմ եւ կը յուսամ, որ պատասխանը անվիճելի է, որ ճիշդ չէ ոչնչացնել բնաշխարհը, նոյնիսկ երբ մարդ արարածը դադրի գոյութիւն ունենալէ, որ մենք պէտք է յարգենք բնութիւնը, քանի որ ճիշդը այդ է, չկեդրոնանանք միայն բնութեան օգտակարութեան երեւոյթին վրայ: Մէկ խօսքով՝ մեր պատասխանով մենք կրնանք յաղթահարել մեր մարդակեդրոնութիւնը՝ բնութեան տալով յատուկ ներարժէք։

Իրաւացի հարցադրումներ։ Ի՞նչ նկատի ունինք երբ կ’ըսենք «ներարժէք», եւ արդեօք այսպիսի հայեցակարգի անհրաժեշտութիւն կա՞յ մեր կեանքին մէջ: Հնարաւո՞ր է, որ բան մը արժէք ունի առանց դուրսէն, իմա՛ մարդու կողմէ գնահատման առարկայ դառնալու: Բնապահպանները կը պնդեն, որ բարոյագիտութիւնը կը պահանջէ, որ մենք յարգենք բնութիւնը նոյնիսկ այն պարագային, երբ ան մարդկային օգուտ չունի: Թէ՛ կենդանիները, թէ՛ կենսաբանական համակարգերը եւ թէ՛ բնական վայրերը (խօսքը բնակելի վայրի մասին չէ) ունեն իրենց ներարժէքը, եւ հետեւաբար մարդը բարոյական պարտաւորութիւններ ունի անոնց նկատմամբ:

Բնութիւնը, ճիշդ է, մարդոց կը տրամադրէ ռեսուրսներու հարուստ բազմազանութիւն, ճիշդ է, որ մենք որպէս մարդ գոյատեւելու համար կ’օգտուինք անոր բարիքներէն։ Ճիշտ է նաեւ, որ բնութիւնը հաճոյք կը շնորհէ մեզի. բնութիւնը միայն գործիքային չէ: Օրինակ անտառներու պարագային ինչո՞ւ պէտք է պահպանել անտառային բնութիւնը: Ոմանք կը մատնանշեն անտառներու բազմաթիւ արժէքաւոր բուժական յատկութիւնները կամ այն ​​փաստը, որ անոնք կը պաշտպանեն մոլորակը ածխածինէն։ Սակայն կան նաեւ ուրիշներ, որոնք անտառները կը պաշտպանեն պարզապէս, որովհետեւ անտառները ունին իրենց ուրոյն բնարժէքը։ Այս տարբերութիւնը կարեւոր է: Բայց երկու տեսակէտներն ալ մարդածին-մարդակեդրոն են, քանի որ մարդկային արժէքներն են, որ կ’որոշեն, թէ ինչն է արժեւորելի բնութեան մէջ, եւ ինչը՝ ոչ:

Այս պատճառով որոշ փիլիսոփաներ կ’առանձնացնեն նեղ մարդակեդրոնութիւնը աւելի լայնէն. լայն մարդակեդրոնութիւնը իր հետ կը բերէ բնութեան արժէքներու մի ամբողջ տեսականի: Սա կարեւոր է քաղաքականութեան մէջ գործնական իմաստով. եթէ գործնապաշտ բնապահպաններ ենք, ապա ինչպէ՞ս որոշում կայացնենք, բնապահպանական ի՞նչ նպատակներ կը կորսնցնենք կամ կը շահինք բնութեան ներարժէքի վրայ հիմնուած փիլիսոփայական տեսութիւն ընդունելով, կամ հակառակը՝ ի՞նչ կը շահինք ու կը կորսնցնենք, երբ կ’ապաւինինք տեսութեան մը, որ մարդակեդրոն է, հիմնուած է միայն մարդու արժէքային համակարգին վրայ:

Մարդուն տեղը բնութեան մէջ

Կրօններու մեծ մասին համաձայն՝ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով, եւ Աստուած ինք մարդը տեղադրած է բնութեան մէջ։ Աստուած մարդուն իրաւունք տուած է օգտագործելու բոյսերը, կենդանիները եւ բնական ամէն ինչ՝ մեր սեփական կարիքները բավարարելու համար: Բնութեան ընկալման այս մօտեցման ուղղակի արդիւնքը մարդուն ամբարտաւան վերաբերմունքն է դէպի բնութիւնը։ Այդ ամբարտաւանութիւնը ամէն օր աւելի կը մեծնայ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան (թեքնոլոճի) զարգացման զուգահեռ:

Իհարկէ, կարելի է բանավիճիլ կրօնի եւ բնութեան յարաբերութեան շուրջ։ Այստեղ արդէն հրամայական է վերատեսութեան ենթարկել այն նախադրեալները, որոնք մարդուն կու տան բնութեան հետ որպէս գերադաս վարուելու ազատութիւն։
Բնապահպաններու խումբ մը կայ, որ անհրաժեշտ կը համարէ հարցականի տակ առնել մարդու գերակայութեան ուսմունքը, քանի որ բնապահպանական բազմաթիւ խնդիրներ արդիւնք են այլ կենդանի էակներու նկատմամբ մարդու ցուցաբերած ամբարտաւանութեան եւ արհամարհանքին: Մարդը կենսաբանական միջավայրի փոքր մասն է միայն եւ ոչ թէ բնութենէն վեր կամ դուրս:

Բոլոր օրկանիզմներն ունին իրենց իրաւունքները։ Կայ նոյնիսկ փորձ՝ ուրուագծելու բարոյական այն սկզբունքները, որոնք կարող են առաջնորդել մեզ կանխարգիլելու մեր եւ բնութեան միջեւ բախումը: Մենք մնայուն հակասութիւններու մէջ ենք, օրինակ՝ սպորտի համար որսն ու ձկնորսութիւնը սխալ են, բայց դպրոց, գրադարան կամ օդակայան կառուցելու համար կենդանիներէն տարածք վերցնելը արդարացուած է, քանի որ այս գործողութիւնները կը ծառայեն որոշ մարդոց շահերուն կամ մեծ թիւով մարդոց կարիքներուն։ Մարդը միշտ կը գտնէ կենսաբանական իրաւունքներու այլ տարածքներ խուժելու ինքնարդարացումներ: Այս հակասութիւնները կը հաստատեն մարդու եւ բնութեան միջեւ հաւասարութիւն դնելու շուրջ առկայ լարուածութիւնը։ Մենք մեր գործողութիւններուն մէջ կ’առաջնորդուինք այնպիսի չափանիշներով, որոնք կը հակադրուին կենսաբանական այլ արարածներու գոյութեան եւ գոյատեւումի խնդրին։ Ուրեմն հակասութենէն կը յառաջանայ հետեւեալ հարցը.կա՞ն, եւ եթէ այո, որո՞նք են բնութեան այլ տարածութիւն «ներխուժելու», այսպէս ըսած, պատշաճ սահմանները: Բնութիւնը ինք պատասխան չունի: Պատասխանելը մեր պարտականութիւնն է։

Մարդը բնութեան մէջ տեղաւորելու եւ միաժամանակ զայն յատուկ իրաւունքներով օժտելու հետեւանքով ստեղծուած լարուածութեան այլ օրինակ մըն է կենսաբազմազանութեան (biodiversity) պահպանման խնդիրը։ Այն պնդումը, որ պէտք է պահպանենք բնութեան բոլոր տեսակները (species), միանշանակ չ’ընդունուիր մարդոց կողմէ: Կը հակաճառեն, որ ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար վերացեր են բնութեան բազմաթիւ տեսակներ, եւ թերեւս որոշ տեսակներ չեն կրնար գոյատեւել այլ տեսակներու կողքին: Աւելին, օրինակ, մարդը կը գոյատեւէ այն պատճառով, որ ան ստիպուած է պաշտպանելու իր բնակելի տարածքը: Սա մեզ (մարդ արարածը) կը դնէ բնութիւնը տնտեսող «մենեճըրի» դերին մէջ, եւ մենք կը դադրինք միայն կենսաբանական արարածներ ըլլալէ: Բայց եթէ մարդը պատասխանատուութիւն կը կրէ տեսակներու գոյատեւման համար, ապա կրկին մենք մեզի կու տանք առանձնայատուկ դեր բնութեան մէջ, բան մը, որ կը հակասէ կենսակեդրոն ու բնակեդրոն հաւասարութեան սկզբունքին:

Մէկ խօսքով՝ ինչպէ՞ս պէտք է բնութագրենք մեր տեղը բնութեան մէջ: Պատասխանը կը շարունակէ մնալ մարտահրաւէր:

Բարոյական եւ իրաւական կարգավիճակի սահմանումը

Կայ շատ հին հարցադրում մը՝ արդեօք ճի՞շդ է եւ անհրաժեշտ կենդանիները ներառել բարոյական դաշտ՝ թեթեւցնելու կամ վերացնելու համար անոնց տառապանքն ու շահագործումը։ Քանի անգամներ մենք մեզի հարց չենք տուած՝ «Սիւզա՛ն, կենդանիները ցաւ կը զգա՞ն»: Կատու, շուն պահողները, նոյնինք գիւղացին, ինչպէս նաեւ կենդանիներու բարեկեցութեան եւ կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժումները գիտեն, որ պատասխանը այո է։ Եթէ այո, ուրեմն անոնք արժանի են յարգանքի եւ բարոյական ուշադրութեան:

Թէեւ կենդանիներու բարեկեցութեան եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժումները միշտ չէ, որ կը բաժնեն բնապահպաններու բոլոր նպատակները, սակայն կայ ընդհանրական առաջադրութիւն մը, որ ունի փիլիսոփայական հիմք՝ մոլորակի բոլոր օրկանիզմներուն եւ բնական վայրերուն տալ բարոյական կարգավիճակ:

Յաջորդ հարցադրումը՝ բնական վայրերը, ծովը, լիճը, անտառը, անապատը, սարերը, պէ՞տք է ունենան բարոյական եւ օրինական իրաւունք՝ ոչ պատշաճ օգտագործման առաջքը առնելու համար: Վայրերը հաճոյք կամ ցաւ չեն զգար, հետեւաբար սխա՞լ է լեռը շահագործելը, փորելը, քանդելը կամ հնագոյն ծառերը արմատախիլ ընելը: Կարճ՝ պատրա՞ստ ենք բնական վայրերուն եւ ապրող բոլոր օրկանիզմներուն տալու բարոյական կարգավիճակ:

Ընդունինք, որ մեր բարոյական աւանդոյթները պատշաճ կերպով չեն վերաբերիր բնութեան վայրերու եւ կենդանիներու բարոյական պահանջներուն:

«Յարգենք կեանքը» կրնայ դառնալ մեր լոզունգը: Բարոյական եւ իրաւական գնահատման այս քայլը կրնայ ոմանց համար խնդրայարոյց ըլլալ, քանի որ ան կրնայ բախիլ, օրինակ, մեր հաւատքին, որ նաեւ վերատեսութեան պէտք է ենթարկել։
Մենք չենք կրնար շարունակել ապրիլ այնպէս, որ մենք իշխանաւոր ենք, իսկ կենսաբանական միւս արարածները՝ մեր ստրուկները։ Փաստը քորոնավիրուսի համաճարակն է, որ մարտահրաւէր նետեց բոլորին՝ ե՛ւ անհատներուն, ե՛ւ հասարակութիւններուն։ Իհարկէ, քննարկման մէջ կը մտնեն նաեւ այլ նկատառումներ, ինչպիսին են կենսոլորտային հաւասարակշռութիւնը, կենսաբանական համակարգերու կարեւորութիւնը եւ այլն: Ինչպէ՞ս լուծել հասարակութեան զարգանալու խնդիրները, ինչպէ՞ս դիմակայել այն մարդկանց, որոնք կ’ուզեն բնավայրերը օգտագործել տնտեսական նպատակներու համար, ինչպէ՞ս վերաբերիլ անոնց, որոնք հետամուտ են բնութեան գեղագիտական​​ արժէքներու պահպանման եւ այլն։

Եթէ բնութեան մասին խօսքը միայն յուզական կամ գեղագիտական էր, ապա այսօր խօսքը բնապահպանման բարոյական կարգավիճակի մասին է, եւ հարցը փոխադրուած է իրաւական դաշտ։

Ինչքանո՞վ այս խնդիրները կը յուզեն հայ քաղաքական միտքն ու գործի կը մղեն քաղաքական դաշտը. առայժմ պատասխանը խրախուսիչ չէ։ Հայ մարդու յուզական աշխարհահայեացքին մէջ բնութիւնը կարեւոր է, վկայ մեր գրականութիւնը Սեւանի, Վանի, Արարատի մասին։ Սակայն այստեղ հարցը կը վերաբերի պատասխանատուութեան։ Եթէ բնութեան հետ մեր հանդիպումը յուզականէն անդին չանցնի դէպի բարոյական եւ իրաւական դաշտ, ապա բնապահպանական խնդիրները պիտի մնան մեր ապագայի գերագոյն եւ ամէնէն ցաւոտ կէտը։ Հարցի անյապաղ քննարկումը հրամայական է ՀՅԴին համար։ Բնապահպանման գործը փոքր խմբաւորումներու մենաշնորհը չի կրնար ըլլալ, պարտաւոր ենք զայն իւրացնել, ընդհանրացնել, ընդհանուրին սեփականութիւնը դարձնել։ Գործը թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական ուժերուն զինուորագրումը կը պահանջէ։

Մէկ խօսքով՝ կենդանիներու, բնութեան եւ բնավայրերու բարոյական եւ իրաւական կարգավիճակի չափն ու բնոյթը մարտահրաւէր է, որ պէտք է ընդունիլ:

«Դրօշակ», թիվ 6 (1640), հունիս, 2020 թ.


Անթիլիասէն Սփռուող Անսասան Հաւատք Եւ Խիզախ Յոյս

$
0
0

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Վերջին ամիսները մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքերուն մէջ տարօրինակութիւններով լեցուն շրջան մը եղաւ: Ստեղծուած ահազանգային եւ մտահոգիչ կացութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրաւ արտասովոր կեանք մը ապրելու պարտադրանքին եւ ստիպեց, որ արմատական փոփոխութիւններ կատարենք մեր առօրեային, աշխատելաձեւին, նիստ ու կացին, ընկերային յարաբերութիւններուն եւ նոյնիսկ մեր հաւատքի կիրարկման հարազատ ձեւին մէջ: Եւ հետզհետէ, կարծես «վարժուեցանք» կացութեան եւ այդ բռնազբօսիկ «վարժութեան» փորձեցինք տալ բանական հիմնաւորումներ, որպէսզի կարենանք կարելի եղածին չափ առողջ հոգեվիճակով մը ընդունիլ անընդունելի՛ն, բա՛րդը, երբեմն նոյնիսկ սարսափեցնողը:

Յարութեան տօնին, յուզմունքով եւ քիչ մըն ալ մելամաղձոտութեամբ հետեւեցանք Անթիլիասէն սփռուող հայրապետական պատարագին եւ բաժնեցինք վեհափառ հօր արցունքները` աղօթելով եւ յուսալով, որ յառաջիկայի արարողութիւնները կատարուին հաւատացեալներու ֆիզիքական ներկայութեան եւ անոնց գործօն մասնակցութեամբ:

Եւ այսպէս, կիրակի, 7 յունիս 2020-ին, մեր եկեղեցիները վերաբացին իրենց ֆիզիքական դռները` զգուշաւորական բոլոր նախապայմանները ամբողջացնելով եւ մեր աղօթքներու իրականացման շօշափելի ապացոյցը ընծայելով մեր բոլորին:

Հաւատացեալներու ներկայութեամբ նոյնիսկ, պատկերը նոյնքան յուզիչ էր Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Թէեւ ֆիզիքական կաշկանդումները ակներեւ էին, բայց դիմակները, չափազանց զգուշութիւնը, հեռաւորութիւնները, ծէսին մէջ կատարուած կարգ մը փոփոխութիւնները, այլ խօսքով` ընդհանուր լարուած մթնոլորտը երբեք պատճառ չհանդիսացան, որ ներկաները չըմբոշխնեն հոգեպարար եւ անկեղծ աղօթքները, պատարագիչին հնչեղ ձայնը, դպիրներու ջինջ երգեցողութիւնը եւ վեհափառ հայրապետին թելադրական եւ գօտեպնդող պատգամը: Անսասան հաւատք եւ խիզախ յոյս ներշնչող խօսքերը, զորս ամենայն հոգածութեամբ եւ առարկայական մօտեցումով արտասանեց վեհափառ հայրապետը, խթանեցին իւրաքանչիւրս եւ անդրանցան բոլոր խոչընդոտները, ժամանակաւոր կաշկանդումներն ու մտահոգութիւնները: Իր պատգամով եւ անոր ընդմէջէն, վեհափառ հայրապետը մեր մտահորիզոններուն դիմաց պարզեց քրիստոնէական հաւատքի ամրութիւնն ու երկնային ճշմարտութիւններու անժամանցելիութիւնը: Այսպէս, եկեղեցին մեզի ներկայացաւ իր ծառայութեամբ եւ գործնական դերակատարութեամբ, ամրապնդուեցաւ մեր հաւատքը, վերակենդանացաւ մեր յոյսը եւ փարատեցաւ ապագայի հանդէպ մեր ունեցած անձկութիւնը:

Անթիլիասը անգամ մը եւս սփռեց անխորտակելի հաւատք  եւ անմեռ յոյս, բացաւ յոյսի եւ լոյսի դռները եւ եկաւ կրկին անգամ հաստատելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այն աշխարհն է, որ մեզի կու տայ արե՛ւ, ինքնութեան հարազատ ճանաչողութիւն եւ կեանքի իմաստաւորումի առանցք:

Անթիլիասի մայրավանքի գոց թէ բաց դռները այն մեկնակէտն են եւ ապահով ճանապարհը, ուր ձմեռները կը փախչին, ծառերը տերեւներ կը հագնին եւ քաղցրիկ օրերը կը վերադառնան:

Եւ այս բոլորին համար` փա՛ռք Աստուծոյ:

 

Ամփոփ Տպաւորութիւններ 90-ամեակի Մը Սեմին

$
0
0

Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Տարիները կ’անցնին, տասնամեակները կը կուտակուին մեր ետին. դէմքեր, դէպքեր, պահեր կը ջնջուին կամ կ’աղօտին: Բայց ուրիշներ` կը մնան վառ, նոյնիսկ կը դառնան աւելի կենդանի:

Տասնամեակ մը կեանքէս` Ճեմարանի աշակերտութեան եւ անմիջապէս հետեւող գրեթէ պատանի ուսուցիչի առաջին տարիներս, կը կազմեն ինծի համար այդպիսի թանկագին պահեստ մը, որուն յաճախ կ’այցելեմ, խոր հաճոյքով:

Այդ տասնամեակի երկրորդ կէսէն է, միջնակարգի ութերորդէն սկսած` մանաւանդ լսարանական տարիներէն, որ ունիմ ջերմ յիշատակներ, նախորդող` նախակրթարանի քիչ մը մշուշոտ դասարաններէն ետք, երեւի անոնցմով քիչ-քիչ նախապատրաստուած:

Հարուստ տպաւորութիւններու ստեղծման առաջին, անմիջական ազդակը անշուշտ մեր ուսուցիչներն էին – Կարօ Սասունի, Եոլանտ Աճեմեան, Գրիգոր Շահինեան,  Մուշեղ Իշխան, Հրաչ Տասնապետեան: Եւ ի հարկէ` տնօրէն Սիմոն Վրացեան, որ ստուերային, բայց ազդեցիկ իր ներկայութեամբ, Ճեմարանի բարձր պատշգամէն մինչեւ սրահին աջի` խորքի իր տեսչարանը, կը հովանաւորէր մեզ: Ուսուցիչներէն` Կարօ Սասունիի մօտ հերոսական անցեալի մը պատկառելի, բայց ջերմագին շուքը, Մ. Իշխանի մեղմութիւնը, տիկին Աճեմեանի շեշտուած անհատականութիւնն ու անսահման կորովը, Գրիգոր Շահինեանի այնքան թելադրական ատակութիւնը մեթոտիկ աշխատանքի – այս բոլորը կը համակէին մեզ անզգալի, բայց ապահով ամբարումով: Տնօրէն պր. Վրացեանի կողքին, հոգեղէն ներկայութեամբ` նոյնքա՛ն համակող էին հիմնադիրներ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կերպարները: Եթէ անձնապէս բախտը ունեցեր եմ Սիմոն Վրացեանի հետ մօտէն շփուելու, ամառնային արձակուրդներու ամիսներուն` իր հարուստ «Կեանքի ուղիներով» շարքի խմբագրման մէջ ամէնօրեայ գործակցութեամբ իրեն հետ,- Շանթի եւ Աղբալեանի պարագային, իրենց գործին հետ շփումն է, թերեւս քիչ մը կանխահասօրէն, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է ներաշխարհիս վրայ:

Բայց այս բոլորի կողքին ու աւելի առաջ, արտադասարանային գործունէութիւնն էր, որ մեզ կը բեւեռէր, կը լիցքաւորէր մշակոյթի հանդէպ. հայերէն ու հայ մշակոյթ` ընդելուզուած դէպի ընդհանրական մշակոյթ անկաշկանդ ձգտումի մը հետ: Գիրի, գրականութեան, գրաւոր մշակոյթի ձգտում, ուր արդէն, դեռ ուրուագծային ձեւով` կը ջանայինք միաձուլել բեւեռները. միասնաբար առաջ տանիլ հայեցին ու ընդհանրականը: Ճիգ, որուն մէջ մեզի դաշնակից ունէինք մեր ուսուցիչները – անո՛նք յատկապէս, որոնք չէին հակադրեր այդ երկու բեւեռները…

Եւ մշակոյթի այս ձգտումը, թէեւ խարխափուն, կը գտնէր իր գործնական դրսեւորումը լսարանական մեր աշխատանքներուն մէջ – աշխատանքի խմբակներու, բայց եւ մանաւանդ «Ջահակիր»-ի: Հիմա ժպիտով կը յիշեմ, ներողամտութեամբ, բայց դեռ խանդավառ, այն հսկայ լրջութիւնը, որով «Ջահակիր» խմբագրեր ենք քանի մը տարի շարունակ: Հետագային ալ, իբր խորհրդատու ուսուցիչ կապ պիտի պահէի լսարանական թերթին հետ, բայց իբր աշակերտ-խմբագիրներ մեր տարած աշխատանքը, ինծի ինչպէս գործակից քանի մը ընկերներու համար, պիտի դառնար անփոխարինելի փորձառութիւն մշակոյթով թաթախումի, խմբական եւ անհատական միանգամայն: Պիտի դառնար կեանքի ոճ: Փորձառութիւն, ուր նոյնպէս պիտի օգտուէի՛նք ուսուցիչներու թելադրանքներէն եւ ուղղորդումէն, թէեւ երբեմն զանոնք անտեսելու, զանցելու պայմանով – ծնող մեր անհատականութիւններու շեշտումին համար այլապէս օգտակար զանցումով մը…

Այս բոլորը կը մնային անբաժանելի մասերը մեր Ճեմարանին, կ’ըլլային անով, իրենք կը կազմէին, կը կայացնէին զայն: Եւ այս բոլորի քաշողութեամբ է, որ աւելի ետք` կեանքի եւ մշակութային գործունէութեան սեփական ոլորտ ստեղծելով հանդերձ` մեզմէ իւրաքանչիւրը պարբերաբար պիտի գար, վերադառնար` շնչելու հարազատութեան այդ մթնոլորտը: Որ սերունդէ սերունդ անցումով եւ ինքնանորոգումով, ու հակառակ իրադրութիւններու բերած վերիվայրումներուն, կը մնայ մշակութային առողջ մթնոլորտ, հայեցի, բայց «օտար հովերէ» չվախցող, զանոնք դրականօրէն դիմագրաւող մթնոլորտ:

Եւ դարձեալ ատոր համար է, որ տարուէ տարի անխափան այցերովս, իմ կարգիս գոհունակութեամբ հաստատեր եմ եւ կը հաստատեմ ինքնանորոգումի ատակութիւնը մեր մայր հաստատութեան, որ այսօր, ի հեճուկս ամենատեսակ դժուարութիւններու, պարտինք պահել անսասան` պահպանելով իր ուրոյն նկարագիրը  –  միանգամայն աւանդական եւ նորարարական:

 

 

Ակնարկ. Լիբանանը Դէպի Նոր Ճամբաբաժան

$
0
0

Ակնկալելի էր, որ արտակարգ դրութենէն դէպի կեանքի բնականոն հուն վերադարձին համընթաց վերստին աշխուժանային բողոքի գործողութիւնները: Համակողմանիօրէն կայ գիտակցութիւն, որ Լիբանանի պարագային ի տարբերութիւն աշխարհը հարուածած պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համատարած իրավիճակներուն, խնդիրը ըստ էութեան այլ բնոյթ ունի եւ ժահրին ստեղծած տագնապէն շատ աւելի առաջ ձեւ ու մարմին ստացած էր արդէն:

Պսակաձեւ ժահրի յաղթահարման համար յայտարարուած միջոցները պարզապէս կը յետաձգէին այն, ինչ որ ընկերային եւ քաղաքացիական բնոյթի գործողութիւններով սկսաւ եւ շատ արագ անցում կատարեց դէպի քաղաքական հարթութիւն:

Խորքին մէջ սակայն ընկերային-քաղաքացիականը արդիւնք էր արտաքին առումով զուտ քաղաքական դրդապատճառներով սկսած ելեւմտական եւ տնտեսական պաշարումին: Ապաշնորհ կառավարման պատճառով ենթահողը ձեւաւորուած էր. կը մնար երկիրը ենթարկել պաշարումի, որպէսզի ժողովրդային պոռթկումը սկսէր:

Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած իրավիճակը պարզապէս կանգառային կարգավիճակ ունէր (թայմ աութ): Կառավարութեան հրաժարական, սեղմ եւ ապակուսակցական կառավարութեան կազմութիւն, եւ ապա ապահամայնքայնացումի բարձրաձայնում` արդէն կը խօսին համակարգային փոփոխութիւններու մասին: Փուլ առ փուլ  ցուցարարները պահանջներ կը վերափոխէին: Վերջին շրջանին արդէն խաղաղ ցոյցերը կը վերածուէին քաղաքացիական անհնազանդութեան վայրագ դրսեւորումներու:

Հիմա արձանագրուածը կարծէք այս բոլորին խառնուրդն է: Քաղաքացիականն ու ընկերայինը իբրեւ անհրաժեշտ մղիչ գործօն առկայ են, սակայն քաղաքական առաջադրանքները կը ձեւաւորուին լիբանանեան քաղաքական բեմին հրամցնելով նոր օրակարգեր:

Բաժանարար գիծի ուրուականը ինքզինք զգալի կը դարձնէ Պէյրութի փողոցներուն վրայ ցոյց-հակացոյցի առաջնորդող մթնոլորտով: Աւելի հեռուէն դիտարկելով, կը կատարուի այն, ինչ որ տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ բեւեռացումներով ճամբարներ կը յառաջացնէ արեւմտեանի եւ իրանեանի կամ ամերիկեանի եւ ռուսականի, հետզհետէ նաեւ ամերիկեանի ու չինականի միջեւ:

Հըզպալլայի զէնքի խնդիրի հանրայնացումի միտումները համարձակախօսութեամբ նոր օրակարգ փողոց բերելու նպատակը կը հետապնդեն: Այստեղ կ՛օգտագործուի արդէն դաւանանքային առումով ներիսլամական լարուածութիւնը` լիբանանեան մանրապատկեր ստեղծելով տարածաշրջանը յատկանշող սիւննի-շիի հակամարտութեան համապատկերին: Առընթեր` աշխարհի տարածքին Միացեալ Նահանգներու դէմ ծայր առած բողոքի գործողութիւնները կը հասնին Պէյրութ, իւրաքանչիւր կազմակերպելի հանրահաւաքի կամ ցոյցի (թէկուզ այս պահու դրութեամբ չեղեալ յայտարարուած) ետին այլեւս տեսանելի դարձնելով այս կամ այն պետութեան ձեռագիրը, ներշնչանքը կամ թելադրանքը:

Ցոյցերու տեսքով քաղաքական փրոքսի պատերազմի մասին է խօսքը, ուր Լիբանան  անգամ մը եւս կը դառնայ բախումնային կէտ, գերպետական պարանաձգութիւններու խաղահրապարակ:

Մինչ, լիբանանեան թղթոսկիի անկումը, այդ պատճառով սրընթաց սղաճը, արտարժոյթի տագնապը եւ այդ պատճառով արտաքին աշխարհին հետ առեւտուր կատարելու հետզհետէ ճնշիչ սահմանափակումները կը յուշեն, որ Լիբանանի պարագային խնդիրը չ՛աւարտիր պսակաձեւ ժահրի չէզոքացումով: Հաւանաբար լուծումնային առումով անորոշ եւ չյուսադրող նոր ճգնաժամ մը կը սկսի, որ ֆինանսական կամ տնտեսական եւ հետեւաբար ընկերային երես ունի, սակայն ըստ էութեան քաղաքական է ամէնէն սուր բնոյթով:

Թելադրուող օրակարգերու, ցոյց-հակացոյցերու, կատարուած յայտարարութիւններու, փոխադարձ մեղադրանքներու բնոյթն ու տարողութիւնները  կը յուշեն, որ Լիբանանը փուլ առ փուլ անցում կը կատարէ ներքաշուելով մեծ ծրագիրի մը մէջ, որ աշխարհաքաղաքական է. որ վերահսկելի քաոսի տեսութեամբ բաժանարար գիծերով եւ ներքաղաքացիական բախումներով կը յատկանշուի, որուն աւարտը կը մնայ անորոշ:

Կը թուի, որ համաշխարհային մակարդակով տնտեսական պատերազմի մէջ բեւեռները պիտի ըլլան Ուաշինկթընն ու Փեքինը: Այս բեւեռացումին ընդառաջ Ուաշինկթընը փորձ կը կատարէ իր պայմաններով Թեհրանի հետ մերձեցում կատարելու` կոտրելու համար Փեքին-Թեհրան-Ռուսիա առանցքը: Առ այժմ արդիւնք չեն տար այս փորձերը: Լիբանանը յայտնապէս կը դիտարկուի եւ կ՛ընկալուի այս առանցքին միջինարեւելեան արբանեակներէն մէկը, որուն նկատմամբ կը կիրարկուի պաշարման քաղաքականութիւն: Մինչեւ հիմա հնչող քաղաքացիական կարգախօսները ընկերային թէ քաղաքացիական բովանդակութեամբ արդարացի ըլլալով հանդերձ այս ճամբաբաժանին հասցնող ուղիներ էին: Երէկուան ցոյցերը ճանապարհային ցուցանակ էին, թէ երկիրը կ՛առաջնորդուի այդ ճամբաբաժանին:

«Ա.»

 

 

 

Կորոնայով Կամ Առանց Կորոնայի …

$
0
0

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Ալիք» Օրաթերթի Գլխաւոր
Խմբագիր

Անշուշտ, կորոնայի դէմ համաշխարհային պատերազմի ծանրակշիռ բեռը համաչափօրէն կրում է իր ուսերին թրամփեան ԱՄՆ-ն:

Տւեալ դէպքում նոյնիսկ շատ առումներով ապաշնորհ ու «կովբոյ» հռչակւած կրտսեր Ջորջ Բուշ պրեզիդենտի մօտ դժւար թէ միտք յղանար յայտարարելու, որ պատերազմի ժամանակ իշխանութեանը ընդդիմանալը դաւաճանութիւն է…: Աւելին՝ Ջորջ Բուշ կրտսերին յաջորդած ու կրկին՝ շատ առումներով աւելի խելամիտ պրեզիդենտ Օբաման, կորոնավիրուսի դէմ պայքարի հէնց կիզակէտային պահերին թիրախ է դարձրել թրամփեան անյաջողակ ու պոպուլիզմով տառապող վարչախմբի ամէն կարգի ապիկարութիւնները եւ դրանց գագաթնակէտը հանդիսացող սեւամորթ Ֆլոյդի դաժան սպանութիւնը, մասնակցելով այդ ուղղութեամբ հրապարակ իջած հազարաւոր ցուցարարների բողոքի երթին: Իսկ այս բողոքին միացել են հարեւան Կանադան, ինչպէս եւ՝ Եւրոպայի մայրաքաղաքները եւ այլք…

Ահաւասիկ.-

….Իր պաշտօնավարման երկրորդ հնգամեան չաւարտած ՀՀ հրաժարեալ նախագահ Լ.Տ. Պետրոսեանի մօտ, սակայն, օրերս միտք յղացաւ բառացիօրէն յայտարարելու հետեւեալը.- «Կորոնավիրուսը պատերազմ է յայտարարել Հայաստանին: Պատերազմը վարելու բեռն ընկած է իշխանութեան ուսերին. ով պայքարում է իշխանութեան դէմ, կամայ, թէ ակամայ դաւաճանում է ազգին…»:

….Ամերիկան ո՞ւր, Հայաստանն ո՞ւր. Ճիշտ է՝ երկու երկրների միջեւ տնտեսական կարողութիւնների, աշխարհագրական, ազգաբնակչութեան տարածւածութեան եւ համակարգային առումներով հսկայական տարբերութիւններ կան, բայց եւ այնպէս մարդկային, թէ հոգե-մտաւոր ինչու չէ նաեւ հասարակա -քաղաքական երեւութային կողմերը խիստ համեմատելի են:
Այո, Հայաստանում «Ֆլոյդի» նման նախադէպ չունենք (Փառք Աստծոյ), բայց ունենք ազգի գերխնդիր՝ Արցախեան պահանջատիրութիւն, որից դոյզն իսկ նահանջելը ոչ միայն քննադատութեան, այլեւ ու մանաւանդ տրամաբանօրէն ազգի ցասմանն ու զայրոյթին է տեղիք տալու՝ կորոնայով կամ առանց կորոնայի…

Այլապէս քննադատելու շատ ու շատ պատճառներ ու առիթներ են առկայ Հայաստանեան ներկայիս վարչախմբի սոցիալ-տնտեսական եւ ներքին թէ՛ արտաքին քաղաքական գործունէութեան ոլորտներում…:

Հայաստան – ՀՅԴ – Սփիւռք (Դաշնակցութիւնը ՀՀ Կառավարութեան Մասնակից)

$
0
0

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հայ-թրքական փրոթոքոլներու նախնական ստորագրութեան պատճառով կառավարութենէն իր հրաժարումէն ետք Դաշնակցութիւնը դեր ունեցաւ ընդդիմադիր ուժերու համախմբումի մը՝ քառեակի (ԲՀԿ, Ժառանգութիւն, ՀԱԿ եւ ՀՅԴ) կազմաւորման մէջ:

Գաղափարական ու քաղաքական նպատակներու հասարակաց գետին չունեցող այս կուսակցութիւններու համախմբումի անդամները, բնական է, իրարու կապուած էին համեմատաբար դիւրաբեկ թելերով. անոնք պարտաւոր էին իրենց որոշումներուն յանգել միաձայնութեամբ, ինչ որ կը սահմանափակէր անոնց գործունէութեան դաշտը:

Դաշնակցութեան համար Հայաստանի քաղաքական կեանքի արդիականացումն ու անոր` ներկայ ժամանակներու մէջ տեղադրումը կը մնար կուսակցութեան տակաւին չիրականացած գլխաւոր ծրագիրներէն մէկը: Հանրապետութեան վերանկախացման առաջին օրերէն արդէն Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէր խորհրդարանական վարչակարգի որդեգրումը` իբրեւ ժողովրդավարութիւնը կարելի դարձնող եւ զարգացած երկիրներու մէջ գործող լաւագոյն օրինակը, սակայն ընդդիմադիր քառեակի գործընկերները խանդավառ չէին այդպիսի հեռանկարով:

Ահա այս հարցով է, որ իշխանութեան ղեկին գտնուող ՀՀԿի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ Դաշնակցութեան կապերը վերստին սերտացան, մանաւանդ որ հայ-թրքական համաձայնագրերու ճակատագիրը արդէն կնքուած կը թուէր ըլլալ. յստակ դարձած էր արդէն, որ թրքական կողմն ալ խանդավառ չէր անոնց գործնականացման՝ ազրպէյճանական կողմի ճնշումներուն գոհացում տալով: Հետապնդուող սահմանադրական այս փոփոխութեան առնչութեամբ, անշուշտ, միտքերուն մէջ կար այն կասկածը, որ նախագահը անձնապէս շահագրգռուած կրնար ըլլալ այդպիսի փոփոխութեամբ մը, որովհետեւ իր համար դուռը կը բացուէր այս անգամ իբրեւ վարչապետ իշխանութիւնը իր ձեռքին մէջ պահելու:

Մտահոգութիւնները կարեւոր չափով փարատեցան, երբ նախագահը հրապարակաւ յայտարարեց, թէ ինք հետաքրքրուած չէ վարչապետի պաշտօնով:

Այսպէս, Դաշնակցութիւնը կառավարութեան նստարաններէն գրեթէ ութնամեայ բացակայութենէ մը ետք վերստանձնեց իր ատենին կամաւոր ու հիմնաւոր կերպով թողած կառավարական պատասխանատուութիւնները: Կառավարական ընթացիկ գործերը տարուեցան, սահմանադրութիւնը պատրաստուեցաւ, ան հանրաքուէով ընդունուեցաւ, նախագահ Սերժ Սարգսեան իր նախագահական պաշտօնի աւարտէն անմիջապէս առաջ Ազգային ժողովէն յետ կանչեց հայ-թրքական փրոթոքոլները եւ վերջապէս, մոռնալով ատենին իր տուած խոստումը, ընդունեց ՀՀ վարչապետ դառնալու` իր կուսակցութենէն եկած առաջարկը:

Շարունակութիւնը բոլորին յայտնի է: Շրջանաւարտ նախագահի իշխանական նոր գերագոյն պաշտօնի՝ վարչապետի պաշտօնի ստանձնումը պատճառ դարձաւ երկու նախագահական լման շրջաններու ընթացքին քաղաքական դժգոհ շրջանակներու գործօն զարթնումին, որ վայելեց նաեւ ժողովրդային իրաւամբ յուսախաբ ստուար զանգուածի մը համակրանքը, զօրավիգն ու մասնակցութիւնը:

Այստեղ միջանկեալ թող ըսուի, որ Դաշնակցութեան գործունէութեան այս հանգրուանի աւարտէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ իրադարձութիւն մը, որուն հարկ եղած կարեւորութիւնը չտրուեցաւ ատենին, որովհետեւ մարդիկ աւելի կեդրոնացան ձեւական մանրամասնութիւններուն, քան խորքային իմաստին վրայ: Ատիկա ցեղասպանութեան յաջորդած հայկական պետութեան հիմնադրութիւնը խորհրդանշող, այդ օրերու կենաց-մահու պայքարի փաստացի առաջնորդ Արամ Մանուկեանի արձանի բարձրացումն էր հանրապետութեան կառավարական կեդրոնական հրապարակի անմիջական հարեւանութեամբ:

Այսպէս, հայկական պետականութեան վերածնունդէն դար մը ետք երկու զուգահեռ փողոցներու միջեւ գտնուող պուրակի երկու ծայրերը այսօր կան մէկ կողմէն՝ Լեռնահայաստանի ազատարար Գարեգին Նժդեհի արձանը, միւս կողմէն՝ մայրաքաղաք Երեւանի փրկարար եւ հանրապետութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի արձանը: Մարդոց յիշողութեան մէջ տեղ գրաւած են, անշուշտ, այդ օրերուն դեռ նորընծայ իշխանութիւններու մասնակից կարգ մը տարրերու ճիգերը՝ անհիմն պատրուակներով խափանելու Ա. Մանուկեանի արդէն պատրաստ արձանի տեղադրումը. խափանման փորձերը ձախողութեան մատնուեցան: Զոյգ արձանները, այսօր իրենց ներկայութեամբ ամէն օր տեւաբար ընդգծելով հանրապետութեան հիմնադրութեան օրերու ոգին, անոր արթուն պահակն են միաժամանակ:

Դուրսէն դիտողը կը նկատէ, անշուշտ, որ Խորհրդային Միութեան ինքնահաշուեյարդարէն միայն 27 տարիներ ետք ազատ մթնոլորտի մէջ կառուցուեցաւ հանրապետութեան անցեալն ու ներկան իրարու զօդող այն սկզբնական ամուր յենակէտը, որ երաշխիքն է հայ ժողովուրդի, հասարակութեան եւ ազգի` իբրեւ ուրոյն ու ամբողջական միաւոր զարգանալու եւ յարատեւելու կամքի առարկայական իրականացման:

Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրումով սկսած ընթացքը պէտք է իր ծրագրուած շարունակութիւնը ունենայ: Համահայկական հասարակութիւն կազմաւորող այս գործադաշտը դժբախտաբար յատկանշուած է գլխաւորաբար իր արտասովոր դանդաղութեամբ:

Դաշնակցութեան, թերեւս միաժամանակ նաեւ այլ ուժերու ճիգերով տեղին միջնորդութիւններով յեղափոխութիւնը մտցուեցաւ սահմանադրական անարիւն հունի մէջ: Մագոգային խորհրդակցութիւններով առաջքը առնուեցաւ աննախատեսելի հետեւանքներով պատրաստուող փողոցային բախումներուն:

Վարչապետ Սերժ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր պաշտօնէն հրաժարելու: Շարժման ձերբակալուած առաջնորդը ազատ արձակուեցաւ: Հանրապետութեան հրապարակ հաւաքուած ցուցարարներուն հարցնելով՝ անոնց ղեկավար, դուխագլխարկ կրող Նիկոլ Փաշինեան ստացաւ իր ակնկալած պատասխանը. ինք պիտի դառնար ՀՀ վարչապետը՝ կամօքն հրապարակը հաւաքուած ժողովուրդին:

Սերժ Սարգսեան յայտարարեց պետական մարդու վայել հրաժարական մը` ընդունելով «իր սխալը», առանց մանրամասնելու այս խոստովանութեան իմաստը: Յայտարարութիւնը կը պարունակէր նաեւ որոշ առեղծուածային եզրեր, որոնց բացատրութիւնը, կ’երեւի, պիտի տրուի ապագային:

Լաւ սերտուած սահմանադրական բեմադրութեամբ ցուցարարներու աչքին ատելի խորհրդարանը վարչապետ ընտրեց օրուան անդիմադրելի հերոս Նիկոլ Փաշինեանը, որ արդէն համաձայնած էր յաջորդ մէկ տարուան ընթացքին արտահերթ պատգամաւորական ընտրութիւններ կազմակերպելու պայմանին՝ փոփոխութեան ենթարկելէ ետք գործող ընտրական օրէնքը:
Նորընտիր վարչապետը դիմեց Դաշնակցութեան՝ կառավարութեան մաս կազմելու առաջարկով:

Դաշնակցութիւնն ընդունեց առաջարկը` իր զարմանքը յայտնելով հանդերձ. անոր վստահուեցան տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները: Ամիսներ շարունակ կառավարական աշխատանքի լրատուութիւնը կը վերաբերէր այս երկու նախարարութիւններուն, մնացեալները զբաղած էին յեղափոխութեան յաջողութեան կենացներով եւ ընդհանրապէս տարուած էին յաղթանակի խանդավառ քարոզչութեամբ:

Ինչպէս պարագան եղած էր անցեալին, ամէն անգամ, երբ Դաշնակցութիւնը մաս կազմած էր կառավարութեան, այս անգամ եւս որոշ շրջանակներու կողմէ ան մեղադրուեցաւ պատեհապաշտութեամբ, ամբաստանուեցաւ քանի մը նախարարութիւն ունենալու համար իր իսկ սկզբունքներուն հակադրուելու անհեթեթ զրպարտանքով:

Փակագիծ մը բանալով` ըսենք, որ նորանկախ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ Դաշնակցութիւնը երբեք, բառին ամբողջական իմաստով, կառավարական ամբողջական պատասխանատուութիւն չէ կրած: Յաճախ ալ, կառավարութեան մաս կազմելուն հակառակ, հրապարակային կերպով քննադատած է կառավարութեան այս կամ այն որոշումը` արժանանալով կառավարական գործընկերներու ափսոսանքին ու բարկութեան, միւս կողմէն՝ ընդդիմութեան դիտողութիւններուն, որոնք կեղծիք կը համարէին Դաշնակցութեան կատարած քննադատութիւնները, սակայն վերջիվերջոյ մարդիկ վարժուեցան Դաշնակցութեան այդ վարքագծին: Այս գործելաձեւը փոխուեցաւ միայն նախագահ Ս. Սարգսեանի պաշտօնավարութեան վերջին հանգրուանին, երբ կուսակցական մարմինները դադրեցուցին առօրեայ քննադատութեան ոճը, սակայն միայն ոճը: Արդարեւ, կառավարութեան գործունէութիւնը կուսակցական մարմիններու կողմէ սկսաւ քննարկուիլ եռամսեայ դրութեամբ, իսկ եզրակացութիւնները կը ներկայացուէին հանրութեան յատուկ յայտարարութեամբ: Իր մասնակցութեամբ կազմուած բոլոր կառավարութիւններուն մէջ Դաշնակցութիւնը պահած է իր ինքնուրոյնութիւնը եւ որոշումի անկախութիւնը. այս հարցով երբեք անյաղթահարելի խնդիրներ չունեցաւ իր կառավարական գործընկերներուն հետ:

Նոյնը չեղաւ Ն. Փաշինեանի ղեկավարութեամբ կազմուած դահլիճին պարագային:
Ժողովրդավարութեան ու ժողովուրդի անունով իշխանութեան հասած վարչախումբը իր գործունէութեան առաջին իսկ օրերուն ցոյց տուաւ այլ կարծիքներու հանդէպ իր անհանդուրժողականութիւնը: Առաջին բախումին պատճառ դարձաւ դաշնակցական տնտեսական նախարարի՝ հանգստեան թոշակներու առնչութեամբ արտայայտած մէկ տեսակէտը:

Խանդավառուած 2018ի սեպտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն իր համար բացառիկ դրական արդիւնքէն` անկանխատեսելի վարչապետը սկսաւ պահանջել պատգամաւորական արտահերթ ընտրութիւններու յառաջաձգումը, բան մը, որ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար ընդունիլ, որովհետեւ ժամանակի մթնոլորտին մէջ անոնց արդիւնքը դիւրաւ կանխատեսելի էր:

Ընտրեալ վարչապետը կրկին դիմեց խափանարարական միջոցներու. ցուցարարները շրջափակեցին խորհրդարանի շէնքը` արգելք հանդիսանալով պատգամաւորներու մուտքին, որոնք կանչուած էին խորհրդարանի անխափան գործունէութիւնը ապահովող օրէնքի մը խորհրդակցութեան եւ ընդունման համար: Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը յայտարարեց իր ներկայացուցիչներու հրաժարականը կառավարութենէն:

Քանի մը վայրկեան ետք թատերաբեմի դեր կատարող ցոյցի հարթակին վրայ վարչապետը ոտքի վրայ ստորագրեց դաշնակցական նախարարներու դահլիճի անդամակցութենէն դադրեցման հրամանագիրը:

Առաջին անգամը չէր, որ Դաշնակցութիւնը բոլորովին ինքնակամ կը հրաժարէր կառավարութենէն, ինչ որ գոնէ պարկեշտ մեկնաբաններու աչքին կը հաստատէ, թէ կուսակցութեան համար նախարարական աթոռները ինքնին նպատակ չեն, այլ տաժանակիր շինարար աշխատանքի առիթ ընծայող միջոցներ: Այլ՝ իմ ականջի՛ս ալ հասած տեսակէտներ կը պատկանին կասկածելի աղբիւրներէ հոսող եւ մեր իրականութեան մթնոլորտը թունաւորող բամբասանքային ոլորտին, որուն համար, ընկերային ցանցերուն վրայ մանաւանդ, ժամանակ յատկացնողները դժբախտաբար բազմացած են:

Սփիւռքը առհասարակ դրական վերաբերում ունեցաւ ՀՀէն ներս կատարուած փոփոխութիւններուն հանդէպ: Ասիկա զարմանալի չէ, որովհետեւ անկախութենէն ի վեր շեփորահար քարոզչութիւն տարուած էր երկրէն ներս մերկ աչքով տեսանելի որոշ երեւոյթներու դէմ` փտածութիւն, կիներու իրաւունքներու հարց, ներընտանեկան բռնութիւն եւ այլն: Շատերու նպատակը, վստահաբար, այդ յոռի երեւոյթները առողջ քննադատութեամբ օր մը սրբագրուած տեսնելն էր, սակայն լրատուական միջոցներու սովորութիւնն է ամէն ինչ խոշորացոյցով դիտելով ողբերգական ծայրայեղ ու չափազանցուած վիճակ մը վկայելը, որ միայն մասնակիօրէն կը ներկայացնէ իրականութիւնը, նաեւ ընթերցողներուն ընկալումը առհասարակ նկատի չ’ունենար աշխարհագրութեամբ պայմանաւորուած բարքերու յաճախ խորունկ տարբերութիւնները: Այս ձեւով վիճակ բարելաւելու սկզբնական դրական նպատակին համար տարուած աշխատանքը կու տայ ճիշդ հակառակ արդիւնքը: Բացառելու չէ նաեւ այն, որ կարգ մը շրջանակներ ի սկզբանէ հետապնդած ըլլան աշխարհաքաղաքական նպատակներ` շահագործելով ժողովրդային ըմբռնելի դժգոհութիւնը:

Յամենայնդէպս, ներկայ հանգրուանին օրէ օր ու շաբաթէ շաբաթ հիասթափութեան աստիճանը կը բարձրանայ, դժգոհներու թիւը կ’աւելնայ: Այսպէս, 2018ի հոկտեմբեր 2ին վարչապետին՝ խորհրդարանը շրջափակելու կոչին ընդառաջեցին տասնեակ հազարաւորներ, իսկ շուրջ եօթ ամիս ետք դատարանները փակելու անոր կոչին՝ միայն իշխանամէտ պատգամաւորներ, պետական պաշտօնեաներ, փոքրաթիւ համակիրներ:

Ժամանակի ընթացքին հիասթափութեան ալիքը հասաւ մինչեւ Սփիւռքի ամենէն հեռաւոր անկիւնները:

«Դրօշակ», թիվ 6 (1640), հունիս, 2020 թ.

Տեսակէտ. Կոչ՝ Ծրագրուած Հայրենաշինութեան՝ Պետականաշինութեան

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերջերս թեր ու դէմ՝ մերթ ծայրայեղ, մերթ ահազանգող, մերթ խելամիտ կարծիքներ կը շրջին Հայաստանի քաղաքական՝ ներքին եւ արտաքին, առողջապահական, արդարադատութեան, պարէնաւորման ինքնաբաւութեան, ոխակալ մոլուցքի, տնտեսական, միջավայրի, ազգային հարստութեան յափշտակման՝ գողութեան, ապրուստի մակարդակի, աղքատութեան եւ գրեթէ բոլոր բնագաւառներու վերաբերող, սակայն, մէկ բան շատ յստակ է, որ նշեալ բոլո՛ր հարցերը գրեթէ ճգնաժամային վիճակի հասած են եւ շտապ լուծումի կը կարօտին: Դժբախտաբար, նոյնքանյստա՛կ է, որ գործնական ու տրամաբանական ճամբու քարտէսներ գոյութիւն  չունին յաղթահարելու համար վերոնշեալ տագնապները:

«Միասնութիւն» լոզունգը լաւ բան է, թէեւ, գիտակցաբար, կամ՝ ոչ, երկու տարի է անոր հակառա՛կ ուղղութեամբ դրսեւորումի ականատես եղանք («սեւի եւ ճերմակի»), սակայն «Միասնութիւն»-ը առանձինն այս տագնապներուն լուծում չի բերեր, եթէ երկիրը այս բոլոր ճգնաժամերէն քայլ առ քայլ դուրս բերելու՝ յաղթահարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին, չեն պատրաստուած: Այստեղ նպատակը այս կամ այն քաղաքական հոսանքը քննադատել չէ, ո՛չ ալ այս համավարակի օրերուն կողէն դաշունահարել, ինչպէս ոմանք կը կարծեն: Կը յիշէ՞ք համավարակի սկզբնական օրերուն հանրաքուէի քարոզարշաւներ տեղի կ՛ունենային առանց դիմակներ օգտագործելու…:

ԱՐԴԵՕՔ Ե՞ՐԲ Է ՅԱՐՄԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՅՍ ԳՐԵԹԷ ՏՂԱՅԱԿԱՆ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐԷՆ ԴԷՊԻ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՊԵՏԱԿԱՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅՐԵՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ: ԲՈԼՈՐՍ ՊԷՏՔ Է ԶԳԱՍՏԱՆԱՆՔ ԱՅԼԵՒՍ:

Անմիջապէս պէտք է կազմուի ճգնաժամային ազգային խորհուրդ՝ հաւանաբար Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ,  մասնակցութեամբ՝ հայրենիքէն եւ սփիւռքէն մասնագէտներու, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ ճանապարհային քարտէս մը պատրաստել, երկիրը բոլոր վերոնշեալ տագնապներէն քայլ-առ-քայլ դուրս բերելու: Առողջապահութեան կողքին, գործնական երկրորդ շտապ բնագաւառը, պարէնաւորման անվտանգութիւնը՝ ինքնաբաւութիւնը պէտք է ըլլայ՝ ջուրի պաշարներու լաւագոյնս տնտեսում, հողագործութիւն, անասնաբուծութիւն եւ յարակից ճարտարարուեստներ, արտադրութիւններ, որպէս զի այժմու 30 տոկոսէն 100 տոկոսի բարձրանայ սնունդի կարիքի ներքին արտադրութիւնը եւ ինչու չէ աւելին՝ արտածելու համար:

Սպասելով որեւէ ձեւի ճգնաժամային ազգային խորհուրդի մը կազմութեան եւ ճանապարհային քարտէսի մը պատրաստութեան եւ գործադրութեան:

8 յունիս 2020

Վերամուտի Ակնկալութիւններ

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հակառակ կրթական անբարենպաստ տարեշրջանի մը թեւակոխման, հակառակ տնտեսական եւ ճգնաժամի պայմաններուն բերումով մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու բազմապատկման, հակառակ կրթական ինչպիսի տարեշրջանի մը սպասումին եւ նորութիւններուն, կարելի է ըսել, որ 2020-2021 կրթական տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները թիւի աճ պիտի արձանագրեն:

Բնականաբար պիտի զարմանաք ակնկալութիւններուն գծով:

Սակայն վստահ եմ, որ գալիք կրթական տարեշրջանին դպրոցներուն մէջ աշակերտութեան թիւի աճ պիտի արձանագրուի:

Թիւի մասին է խօսքս, ասիկա չի նշանակեր, թէ տնտեսական հարցերը պիտի լուծուին:

Թիւ: Այսինքն, ինչպէս որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն տնտեսական, ապահովական, ընկերային եւ այլ նկատառումներով ամէն մարդ սկսաւ հայկական վարժարանները ապահով օճախ համարել եւ հայկական վարժարանը նախընտրեց ֆիզիքական ապահովութեան համար` մէկ կողմ դնելով ցուցամոլական եւ քաղքենի ձգտումները, այսօր ալ նոյնը պիտի ըլլայ: Արդարեւ, Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական արտակարգ պայմանները, սղաճը, դրամի արժեզրկումը, դրամատնային տագնապը եւ անորոշութիւնը օտար վարժարաններ յաճախող մեծ թիւով հայ աշակերտներ «պիտի ստիպեն», որ ուզեն կամ չնախընտրեն հայկական վարժարան վերադառնալ` իբրեւ աւելի հոգատար, հասկցող, մտահոգութիւնները բաժնող, դժուարութիւնները ստանձնող միջավայր` մանաւանդ շարունակականութիւնը ապահովելու համար:

Ինչպէս «Քորոնա»-ի ճգնաժամային օրերուն աւելի քան 6800 ընտանիքներ դիմեցին ուտեստեղէնի նպաստի համար, այնպիսի ընտանիքներ, որոնք իսկապէս կարիքը ունին այսօր, թէեւ վեց ամիս առաջ անոնք բարեկեցիկ կեանք մը ունէին, սակայն այսօր օրուան հաց ապահովելու խնդիր ունին, նոյնպէս ալ կայ օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտներու մեծ թիւ մը, որ անտէր է եւ արդէն տրամադրուած է վերադառնալ հայկական վարժարաններ: Նոյն ձեւով ալ մեծ թիւով ուսանողներ Էլ. Էյ. Եու.,  Էն. Տի. Եու., Է. Եու. Պի. յաճախելու փոխարէն վերադարձած են Հայկազեան համալսարան:

Այս բոլորէն անկախ, կայ կարեւոր կէտ մը, որ մեր դպրոցները ինչպէս կանգուն պիտի պահենք: Միջազգային եւ համաշխարհային այս ճգնաժամին մէջ, ըստ երեւոյթին, իւրաքանչիւրը իր գլխուն ճարը պիտի գտնէ:

Հո՛ս է, որ հաւաքական, անկեղծ, թափանցիկ եւ ձեռք ձեռքի գործակցութեամբ միայն կրնանք թիրախաւորել եւ դիմագրաւել դժուարութիւնները:

Մարտահրաւէրը շատ բարդ եւ ճակատագրական է:

Լարուած, հեռանկարային եւ կազմակերպ աշխատանք կ՛ենթադրէ, որպէսզի անցընենք այս փուլը: Այսօր ուշ չենք: Ճի՛շդ է, տակաւին տագնապի սկիզբն ենք, սակայն անմիջական կարիքները հոգալու կողքին մեր կառոյցները կանգուն պահելու հրամայականին դէմ յանդիման ենք բոլորս:

Եզրակացնելու համար կը կրկնեմ, որ 2020-2021 կրթական տարեշրջանին մեր վարժարաններու հայ աշակերտներու թիւը զգալի աճ պիտի արձանագրէ: Դրական ըլլալով հանդերձ, ասիկա նաեւ յանձնառութեան կրկնապատկում կը նշանակէ: Անգամ մը եւս մեր գաղութի ուսերուն դրուած պիտի ըլլայ կրթական համակարգի նիւթական ծանր բեռը: Փաստօրէն, տնտեսական այս պայմաններուն մէջ, ո՛չ հասութաբեր ձեռնարկ կրնանք կազմակերպել,  ո՛չ դրամահաւաք, ո՛չ ալ կրնանք ծնողներէն ամբողջական կրթաթոշակ ակնկալել:

Սակայն մէկ բան յստակ է, որ վարժարաններու դռները բաց պիտի մնան ընդունելու բոլորը: Այս անգամ` նոր ռազմավարութեամբ եւ նոր մօտեցումներով:

Կրթական հաստատութիւնները պահելու եւ շարունակելու քաղաքականութեան մշակման պէտք է սկսիլ, իսկ արժեւորումները ու ծրագիրները պէտք է ըլլան իրապաշտ:

 

 

 


Տանձը

$
0
0

ՆԵՐՍԵՀ ԼԻՊԱՐԵԱՆ

Երկրորդականի Բ. Կամ Գ. տարին էր, ճիշդ չեմ յիշեր:

Այդ օրերուն հայկականութիւնը եւ հայկական արժէքները շատ մեծ տեղ կը գրաւէին մեր հոգիներուն մէջ (հիմա ալ բան չէ պակսած դեռ): ԼԵՄ-ական, ՀՄԸՄ-ի սկաուտ, Համազգայինի պարախումբ… Փաստօրէն ամէն տեղ արձանագրուած էինք:

Եւ այդ սէրը հայութեան նկատմամբ մեր մէջ արթնցնողները եւ սերմանողները, բոլոր ուսուցիչ -ուսուցչուհիներուն կողքին, մասնաւորաբար մեր հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներն էին. յիշելու համար` պարոնայք Գէորգ Գանտահարեան, Երուանդ Փամպուքեան, Եփրեմ Քէշիշեան, Գրիգոր Շահինեան: Տնօրէնը` պարոն Հրաչ Տասնապետեանն ալ իր շուքով եւ կուսակցական պաշտօնով մեծ դեր ունէր, թէեւ հազիւ երկու պահ դասաւանդած էր մեզի:

Սակայն այս բոլորին կողքին կային կարգ մը նիւթեր, որոնք այդքան ալ հաճելի չէին մեզմէ շատերու, կամ նուազագոյնը` ինծի համար. օրինակ` Հայաստանի աշխարհագրութիւն: Հետաքրքրական էր, բայց դասագիրքին մէջ կային բաժիններ, որոնք ոչ մէկ բան կ՛ըսէին: Այդ օրերուն Հայաստանը Խորհրդային հանրապետութիւն էր: Մեր երազը եւ նպատակը Հայաստանը ազատագրել էր: Աշխարհագրութիւն: Մեզի ի՞նչ: Կլիմայ – մլիմայ, բերք- մերք… Ո՜ւֆ…

Այդ տարեշրջանին Հայաստանի աշխարհագրութեան մեր դասատուն  պրն. Եփրեմն էր: Արտաքնապէս հանդարտ երեւոյթով պրն. Եփրեմը իսկութեան մէջ այդքան ալ հանդարտ չէր, մանաւանդ երբ մեզի պէս «հայասէր», բայց Հայաստանի աշխարհագրութեամբ չհետաքրքրուող աշակերտներու հետ գործ ունենար:

Մենք` դասարանին ետեւի շարքը նստող աշակերտներս, այդ պահերուն դասարանին մէջ միայն մարմնով ներկայ կ՛ըլլայինք:

Մինչ այդ, պէտք է նաեւ ըսել, որ պրն. Եփրեմը երբեք «0» նիշ չէր դներ: Յոռեգոյն պարագային. «4 ա՛ռ, տեղդ գնա՛: Դդում գլո՛ւխ»,- կ՛ըսէր:

Հիմա դառնանք բուն պատահարին:

Դասապահերէն մէկուն ընթացքին նկատեցինք, որ աշխարհագրութեան գիրքին մէջ գրուած էր, թէ «Հայաստան հարուստ է տանձի արտադրութեամբ»: Պրն. Եփրեմը ըսած կ՛ըլլայ, որ «այդ մէկը տպագրական սխալ է: Պէտք է սրբագրել: Հայաստան հարուստ է ծիրանի եւ ընկոյզի արտադրութեամբ»: Ես, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, այս բացատրութիւնը չեմ լսած…

Յաջորդ դասապահը չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի օր մըն էր եւ` առաջին պահը:

Ես առաւօտները դպրոց կու գայի հօրս ինքնաշարժով: Երբեմն խճողումի պատճառով, ինծի պէս նաեւ քանի մը հոգի, առաջին դասապահէն քիչ մը կ՛ուշանայինք, եւ ստիպուած դասարան պէտք է բարձրանայինք յատուկ արտօնութեամբ պրն. Յովհաննէսէն, որ, իր կարգին, մեր ծնողները, ի բացակայութեան, կը յանդիմանէր իրենց անճշդապահութեան համար:

Այդ պահը այդ ուշացումի օրերէն մէկուն զուգադիպեցաւ:

Պրն. Եփրեմը սովորութիւն ունէր ամէն դասապահի առաջին 15 վայրկեանը յատկացնել աշակերտներու հարցաքննութեան, ստուգելու համար, թէ որքանով սորված էին կամ հետեւած դասարանին մէջ տրուած բացատրութեան:

Ուրեմն այսպէս  քանի մը աշակերտ կը հարցաքննէ: Հարցումը հետեւեալն էր. «Հայաստան ի՞նչ բերքով հարուստ է»:

Գիրքին մէջ «տանձ» գրուած է:

Առաջին քանի մը հոգին, բոլորն ալ` «տանձով, պարո՛ն» կ՛ըսեն եւ պարոնէն նոյն պատասխանը կ՛առնեն. «Դդում գլուխ: Տանձո՞վ: Անցեալ պահուն դասարանը չէի՞ր դուն: Ես ի՞նչ ըսի: Դդում» (իր սիրած բառն էր աս): Վերջին հարցաքննուող անձին տուած` «տանձով, պարո՛ն» պատասխանէն կատղած, ըսած կ՛ըլլայ, որ (մինչ այդ, ես այս ամբողջ անցուդարձէն տեղեակ չեմ,  չէ՞ որ ուշացած էի խճողումին պատճառով…) «Մէկ հոգի ալ տանձ թող ըսէ, 4 պիտի դնեմ իրեն»…

… Եւ ես` դասագիրքերը ձեռքիս, մտայ դասարան:

– Լիպարեան, տղա՛ս, դո՛ւն ըսէ: Հայաստան ի՞նչ բերքով հարուստ է:

Ես ալ` շատ ինքնավստահ, է՛հ գիրքին մէջ անանկ գրուած է…

– Տանձով, պարո՛ն:

– Տանձո՞վ: Տանձո՞վ: Դդում գլո՛ւխ: 4 ա՛ռ, տեղդ անցի՛ր…

Առտու կանուխ հարուածը զօրաւոր էր: 4: Ինչ որ փորձեցի, ինչպէս որ փորձեցի համոզել – «պարոն – մարոն», «հաճիս-մաճիս», չքալեց: 4-ը առի եւ վիզս ծռած անցայ տեղս:

Արդեօք այս պատահարին պատճառո՞վ է, որ տանձ չեմ սիրեր: Չեմ գիտեր: Թերեւս:

Աստուած հոգին լուսաւորէ պրն. Եփրեմին: Իր խօսքերով, երբ կարեւոր բան մը բացատրէր մեզի, կ՛ըսէր. «Այս մէկը ձեր ականջին օղ ըրէք»: Այսինքն, երբեք չմոռնաք: Միշտ ձեր ուղեղին մէջ թող ըլլայ:

Անցած են տարիներ: Բայց «տանձ»-ին պատմութիւնը եւ «4»-ը չեմ մոռցած: «Հայաստանը տանձով հարուստ չէ՛»:

Ականջիս օղ ըրած եմ, պարո՛ն Եփրեմ:

Մոնրէալ, Քանատա
3 յունիս 2020

 

Յոյս Ներարկենք Լիբանանահայութեան

$
0
0

«Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր ընկերներուն համար» (Յովհաննէս 15.13)

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Անցնող կիսադարուն պատերազմներու եւ ներքաղաքական առճակատումներու դաժան բովէն անցած Լիբանանը այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի մարդասիրական ահաւոր ճգնաժամի։ Երկրի տնտեսական համակարգը կաթուածահար է, համավարակը անդամալուծած է երկիրը, ժողովուրդը աղքատութեան անդունդի եզրին է։

Օրըստօրէ յաւելում կրող հազարաւոր գործազուրկ զանգուածներով եւ աղքատութեան դռները թակող քաղաքացիներով Լիբանանը սնանկացման եզրին է։
Երկրի ընկերային զարգացման անհամաչափութեան խորացումը, 2 միլիոն սուրիացի եւ պաղեստինցի կարիքաւոր գաղթականներու ծանր բեռը եւ սննդամթերքի ծայրայեղ գնաճը կրնան յանգեցնել պարէնային անապահովութեան ճգնաժամի եւ համատարած թերսնուցման։

Լիբանանի տնտեսութեան նախարարի խոստովանութամբ, մինչեւ տարեվերջ բնակչութեան 60 տոկոսը, ամենայն հաւանականութեամբ, կրնայ թեւակոխել աղքատութեան շեմը։

Բնակչութեան եկամուտներու կտրուկ անկումը աննախադէպ սղաճն ու չքաւորութեան չափանիշային աճը խոցելի դարձուցած են երկրի ընկերային ողջ համակարգը։

Մէկ խօսքով՝ լիբանանցի քաղաքացին առողջապահական եւ ընկերային ամէնէն տարրական կարիքներու բաւարարման հնարաւորութիւններէն զուրկ է այսօր: Տնտեսական եւ ընկերային ներկայ իրավիճակի անկանխատեսելիութիւնը ևս բացասացական իր ներգործութիւնը կ՚՚ունենայ ժողովուրդի կենսամակարդակի գահավէժ անկումին։

Վերոնշեալ տագնապի ոլորապտոյտէն անմասն չեն նաեւ Լիբանանի մեր քոյրերն ու եղբայրները։ Այսօր լիբանանահայ համայնքին մէջ գոյութիւն ունի անապահով խաւ, որուն կարիքներուն միշտ հասած են հայ բարեսիրական ու ազգային համապատասխան կազմակերպութիւններն ու կառոյցները։ Ներկայ դրութեամբ վերոյիշեալ կազմակերպութիւններու մատակարարման աղբիւրներն ու միջոցները սպառելու եզրին են։

Վտանգուած է լիբանանահայ ընտանիքը։ Ճգնաժամի մէջ են համայնքի բարօրութեան վերահսկող բարեսիրական կառոյցները։

Ճիշդ է, որ համաշխարհային համավարակի առթած տնտեսական տագնապի ճիրաններուն մէջ սեղմուած են Արեւմտեան Սփիւռքի գաղութները եւս, սակայն պահն է, որ ողջախոհութեամբ մեր հայեացքները սեւեռենք աւելի աննպաստ կացութեան մէջ գտնուող հայրենակիցներուն օգնելու նպատակին։

Առաջին հերթին, Արեւմտեան աշխարհի Սփիւռքի լիբանանահայերը պէտք է անսան օգնութեան կանչին։ Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի կամ Աւստրալիոյ մէջ ապրող բոլոր լիբանանահայերու յիշողութեան մէջ պայծառ են այն եղբայրական մարդասիրական դրուագները, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, Պուրճ Համուտի հայութիւնը ձեռք կ՚երկարէր Անթիլիասին կամ փոխադարձաբար։ Ինչպէս Այնճարի հայութիւնը իր դռները լայն բանալով իր գրկին մէջ կ՚առնէր պատերազմի պատճառով տուժած բազմահազար անպատսպար հայրենակիցներ, եւ թէ ինչպէ՛ս ամբողջ համայնքը ինքնատիրութիւն կը կատարէր՝ տէր կանգնելով իր եղբօր եւ քրոջ։ Այդ եղբայրասիրութիւնը իր արգասիքը պէտք է ունենայ նաեւ այսօր։ Պարտական ենք մանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորած նահատակ տղոց պահակագունդին։

Ժամն է ողջախոհութեամբ պահուան կշռադատումը կատարելու եւ մեր խիղճերը լուսաւորելու։ Պահն է անդրադառնալու, որ մեր իրավիճակէն աւելի վատթար կացութեան մէջ գտնուողներուն մռայլ օրը պայծառացնելու ժամանակն է։ Անկեալ ընկերոջ օգնելը՝ մարդկային վսեմ առաքինութիւն է։

Եղբայրութեան եւ ընկերութեան մասին հայ գրականութեան ռահվիրայ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի տողերը ինքնաբացատրական են.

Եսեղբայրդ՝ տուայտանքով քո հոգու,
Եսընկերդ՝ սրտիդ զարկով բաբախող,
Հարազատդ փարուած կրծքիդ սրախող,
Մի վառ յոյսով խոր վէրքերդ եմ ամոքում:

Իւրաքանչիւրս բոյլ մը յուշ ունի Լիբանանէն։ Իւրաքանչիւրս տակաւին սրտամօտ հարազատ, ընկեր ու բարեկամ ունի հոն։ Պահն է, որ մեր սրտերէն յոյսի ճառագայթներ ներարկենք Մայրիներու երկրի մեր հարազատներուն։

Օրեր առաջ, Քանատայի մէջ կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը, որ իր առաքելութիւնը դարձուցած է՝ սատար հանդիսանալ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48

Բոլորիս սրտին խորը անթեղուած է քրիստոնէաշունչ, մարդկային հոգին արարող կատարելատիպ այն իտէալը, որ կը կոչուի՝ օգնել…

Պահն է, որ անմնացորդ, անշահախնդիր եւ անանձնական նուիրումով միանանք լիբանանահայութեան օժանդակութեան առաքելութեան։

Մասնակցի՛նք այս նուիրահաւաքին։

Հասնի՛նք լիբանանահայութեան:

Յոյսի ճառագայթ ներարկենք լիբանանահայութեան։

 

Ճեմարանի 90-ամեակ. Շոքոլան

$
0
0

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Շոքոլա մը կայ, որ շատ կը սիրեմ. «Թրէյտըր Ճո’զ»-ի կանաչ պահարանի մէջ պահուըտած, մութ գոյնի (72 առ հարիւր քաքաօ) շոքոլան է. հազիւ բերանս դնեմ` մանկութեանս Զատիկի շոքոլայէ հաւկիթները կը պայթին  լեզուիս վրայ, իրենց հետ բերելով գարնանային ի՛նչ-ի՛նչ բոյրեր, Պէյրութի օդին թեթեւութիւնն ու թափանցիկութիւնը, նապաստակներու եւ կակաչներու նկարներով զարդարուած սելոֆանէ թուղթերուն եւ բազմատեսակ ժապաւէններուն գոյները: Շոքոլան կը դնեմ բերնիս մէջ եւ ահա` Պէյրութ եմ, Սուրբ Նշան եկեղեցիին մէջ, հօրս կողքին. ան գիտէ բոլոր շարականները եւ բարձրաձայն կը մասնակցի երգեցողութեան, իսկ ես, թէեւ ամչնալով` կը  կանգնիմ քովը, իր միջոցով հաղորդուելու հայ եկեղեցւոյ խորհուրդով:  Դուրսը` բակին մէջ կը հանդիպիմ դասընկեր-դասընկերուհիներուս: Գրեթէ բոլորը հոն են. ինչո՞ւ չըլլան` Սուրբ Նշանը «ֆաշխա մըն է» մեր դպրոցէն` Ճեմարանէն: Զատիկ է. արձակուրդ ենք, բայց Պէյրութը այնքա՛ն փոքր քաղաք է եւ մեր տուները այնքա՛ն մօտ են իրարու, որ եկեղեցին, ակումբը եւ նոյնիսկ ծովը շարունակութիւնն են դպրոցին:

Երգ մը կայ` շա՛տ կը սիրեմ: «Մարուն 5»-ի «Յիշատակներ»-ը: Երբ երգիչին անուշ ձայնը եւ բառերը տարածուին ինքնաշարժիս սահմաններէն ներս, անպայմա՛ն կը սուզուիմ յիշատակներուս մէջ եւ անոնք` ռուսական բազմաչափ պուպրիկներու պէս, իւրաքանչիւր տուփիկը միւսին ետեւէն` կը բացուին, իրենց մէջէն խուժել տալով շերտաւոր անցեալի պատառիկներ:

Ճեմարանի բակն ենք. Աղբալեանի եւ Շանթի կիսանդրիներուն շուրջ կը վազվզենք, տակաւին անգիտակից` իրենց մեծութեան ու արժէքին: Ահա Լորենցն է. կը հրէ զիս ու կը փախչի. բուռիս մէջ ահագին հող` կը փորձեմ հասնիլ ետեւէն ու կը յաջողիմ… ձեռքիս աւազը սփռել մազերուն ու աչքերուն մէջ: Լորենցը տուն կը վազէ բարկացած: Անկէ ետք երկու շաբաթ չի խօսիր հետս. քէն ենք: Ճեմարանի պարտէզին բարտիներն ու բազմերանգ կանաչութիւնը յետնամասն են մանկական այդ կռիւին եւ այսօր ինծի կը թուի, թէ խաղն ու կանաչութիւնը շարժապատկերի մը մէկ աղուոր տեսարանը կը լուսարձակեն անցեալի պաստառին վրայ:

Ահա չարաճճի Արսէնը. հայոց պատմութեան պահն է. պրն. Փամպուքեան լուրջ-լուրջ կը խօսի հռոմէացի պետական դէմք եւ փիլիսոփայ Կիկերոնի մասին, իսկ մեր Արսէնը` պատանիի յատուկ զուարթախոհութեամբ` «պիպերո՛ն» կը բացագանչէ. հազիւ սկսած ենք խնդալու, երբ կը հասնի ուսուցիչին հակահարուածը` «պիպերոնը բերանդ դի՛ր». այս անգամ կը «մարինք» խնդալէն եւ այն օրէն ի վեր Կիկերոնն ու պիպերոնը իրենց առթած խնդուքով կը հետեւին մեզի…

Ահա Կարոն: Ամէն առտու կը շարուինք Ճեմարանի բակին մէջ եւ «Առաւօտ լուսոյ» կ’երգենք: Կարոն ծուռ-ծուռ կը նայի ինծի. իրեն համար քաղաքի շփացած աղջիկ եմ, մինչ ինք ամէն առտու Պուրճ Համուտէն կը հասնի եւ ընկերային անարդարութիւններու մաղձը նայուածքին մէջ ամփոփած` վրաս կը թափէ… կարծես թէ ես ըլլամ յանցաւորը, կամ` քաղաքն ու Պուրճ Համուտը իրարմէ բաժնողը…

Այս տուփիկէն դուրս կ’ելլեն հինգ անուշիկ աղջիկներ. հինգն ալ` խօսք մէկ ըրած` իրենց մամաներուն հիւսած կամ հիւսել տուած երկար եւ գեղեցիկ վերարկուները հագած` գրատախտակին առջեւն են. անոնք կը հետեւին նորոյթին եւ մեզի պէս տգէտներուն համար նորաձեւութեան ամսաթերթի դեր կը խաղան: Պրն. Մուշեղ, իրեն յատուկ թեթեւ քմծիծաղով եւ մատը ճաղատ գլխուն տանելով` կ’ըսէ. «Այս անուշիկ հարսնցուներէն ո՞ր մէկը պիտի պատմէ Զարթօնքի շրջանին նորութիւններուն մասին…»:

Տիկին Շողերը կը ցատկէ այլ տուփիկէ մը. իր խիստ դէմքէն անբաժան ակնոցները աչքերուն` կը զննէ մեր` աղջիկներուս փէշերուն երկայնքը. ծունկերուն կը հասնի՞ն, թէ՞ անոնցմէ վեր են: Իսկ մենք կը փորձենք մեր փէշերը կարելի եղածին չափ վար քաշել, որպէսզի չըլլայ թէ տուն ղրկուինք…Ա՜խ , տիկի՛ն Շողեր, հիմա ի՛նչ պիտի ըսէիք, եթէ տեսնէիք աշխարհի չորս ծագերու աշակերտներուն հագուածքը, կեցուածքը, խօսուածքը…մենք հրեշտակներ էինք Ճեմարանի ընդարձակ սրահներուն մէջ թեւածող…

Ահա հայերէնի լաւագո՛յն ուսուցիչներէս` պրն. Բատոյեանը: Լուրջ, բայց տաքուկ. խիստ, բայց քաջալեր. ի՛նք սիրցնել տուած է  հայերէնը ինծի. ի՛նք ծանօթացուցած է Համաստեղի Չալոն ու Միջոն մեզի: Տուփիկին մէջ ծուարած են բոլոր ուղղագրութիւններն ու շարադրութիւնները. բոլոր գրաւորները` Ճեմարանի սովորական առօրեան ետ բերող: Հոն է պրն. Զէյթլեանը, որ ինծի սորվեցուցած է «Գէորգ»-ը ճի՛շդ գրել: Ինչպէ՞ս ինքզինքիս թոյլ տուած էի «Գեւորգ Չաւուշ»-ը եչով եւ յիւնով ներկայացնել…ուսուցիչիս մէկ նկատողութիւնը կեանքիս դասը տուած էր. ամէն անգամ որ Գէորգ գրեմ` զինք կը յիշեմ….

Իսկ հիմա մօրս դիմացն եմ ու գոց կը սորվիմ Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը: Կաղանդի հանդէսին պէտք է արտասանեմ զայն միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան դիմաց: Մայրս համբերութեամբ ու ժպիտով մտիկ կ’ընէ. երբեմն խորհուրդ կու տայ:  Հարիւր անգամ արտասանելէ ետք անկողին կ’երթամ:  Յաջորդ օրը հանդէսն է: Տնօրէնութեան գրասենեակին դիմացի մարմարեայ սալայատակով սրահն ենք. խուռներամ բազմութիւն մը կայ դիմացս. վերի կարգերու տղաք ու աղջիկներ կը սպասեն, որ սկսիմ:  Եւ կը սկսիմ. «Եկեղեցին հայկական ծննդավա՛յրն է հոգւոյս…» ու կը կենամ` սահմռկած. մէկ անգամէն բոլոր տողերը անհետացած են մտքէս. չեմ գիտեր ի՛նչ կու գայ ետքը… անգամ մըն ալ կը կրկնեմ. «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս», եւ  երբ կրկին սրբուած տախտակին դիմաց կը գտնեմ ինքզինքս, արագավազ եղնիկի պէս դէպի ձախիս դուռը վազելով, զայն կը բանամ ու հեծկլտալով կը սլանամ ճերմակ աստիճաններէն վար: Պրն. Բանեան կը հասնի ետեւէս եւ հայրական ու մայրական մխիթարական բոլո՜ր խօսքերով ու միջոցներով կը փորձէ թեթեւցնել ցաւս: Ի՛նք, որ հինգ կամ վեց տարուան ծնողական սէր տեսած էր միայն, ինչպէ՞ս  կրցած էր այդ օրը որբուկի իր տառապած սրտէն այդքա՜ն գուրգուրանք ցուցաբերել իր աշակերտուհիին…

Շոքոլան կը հալի, կը տարածուի բերնիս մէջ եւ ուղեղիս բջիջներուն պատգամներ ղրկել կը շարունակէ: Կը շնչեմ դպրոցի խոհանոցին նարինջի կեղեւի եւ պանիր-հացի ու վարունգի խառնուրդ հոտը: Կրկին կը համտեսեմ պրն. Տիգրանէն գնած սուսիս համը: Շաբաթականս քսանհինգ դահեկան էր այդ օրերուն, եւ երկուշաբթի առտու Թամարին հետ կը վազէի պրն. Տիգրանէն սուս գնելու: Ի՜նչ երջանկութիւն… յետոյ կ’երթայինք Ճեմարանի աստիճաններուն մօտ եւ կաւիճով գիծեր քաշելէ ետք` քար-քար կը խաղայինք: Մի՛շտ Թամարը կը յաղթէր:  Շարժապատկերի այս տեսարանը պիտի կարենա՞յ փոխանցել  հանապազօրեայ պարտութեան հետ համակերպումս: Հեռուներէն կը հասնին ձայներու արձագանգներ.  «հիմա ի՞նչ ունինք». «թուաբանութիւն». «ծամօն կ’ուզե՞ս». «պրն. Յովհաննէսը ետեւդ է. ցած ձայնով խօսէ՛». «պատրա՞ստ ես գրաւորիդ». «անշո՛ւշտ ո՛չ. ձգէ՛ սորվիմ»: Ճեմարանի բակին մէջ աղջիկ-տղայ կը քալէին. ոմանք` գիրքերը բաց, գլուխները հակած անոնց վրայ, կը քալէին, մինչեւ որ…փա՛ֆ` զարնուէին ուրիշ կարդացողի մը եւ խնդալով հեռանային…

Ձայնե՜ր, ձայնե՜ր… հեռուներէն ծովափ հասնող ալիքներու խշշոց ձայներ. ձայներ ` մարած, բայց մի՛շտ ներկայ:  «Այտահոյի գետնախնձորները շագանակի համ ունին» կ’ըսէր տիկին Քիւրքճեանը. «աշխատա՛նք. աշխատա՛նք եւ աշխատա՛նք» կը կրկնէր օրիորդ Երամեանը: Ուսուցիչները հաւաքուեր են ուսուցչարանի տուփերուն մէջ.  Ո՞ր տուփը բանամ այսօր: Պրն. Շահինեանի՞նը. պէտք ալ չունիմ բանալու. ան բաց է մի՛շտ. հայաստանահայ արձակագիրները պրն. Շահինեա՛նը ծանօթացուցած է մեզի. Նշան Փալանճեան Ճեմարանի գրասեղաններուն ետեւ նստած` Գէորգ Արշակեանի «Սեւ եւ սպիտակ կարապներ»-ը, Զօրայր Խալափեանի «Որտե՞ղ էիր, մարդ Աստծոյ»-ն կամ Եդուարդ Աւագեանի «Մենք ապրում ենք Կոնդում»-ը կարդացած ենք շնորհի՛ւ  իր լայնամտութեան եւ խորունկ գիտելիքներուն: Իսկ Յարութիւն Քիւրքճեանը դուռը բացած է Նիկողոս Սարաֆեանի գանձարանին: Եթէ ինք չըլլար, ինչպէ՞ս ծանօթացած պիտի ըլլայինք «Տեղատուութիւն ու Մակընթացութիւն» հատորին կամ` «Միջերկրական»-ին: Ուսուցիչներն են, որ կը կերտեն աշակերտին միտքն ու կը զարգացնեն անոր գրական ճաշակը եւ քննական մտածողութիւնը: Որքա՜ն բախտաւոր եղած ենք հոյակա՛պ ուսուցիչներու հոյլ մը ունենալով  Ճեմարանի յարկին տակ:

«Մարուն 5»-ը կ’երգէ հին ժամանակներէ եւ ընկերներէ. կ’ըսէ, թէ ամէն մարդ կենացը պէտք է խմէ ապրո՛ղ մարդոց, որոնք մեր շուրջն են ու մեր առօրեան ապրելի կը դարձնեն, բայց նաեւ այն ընկերներուն ու մարդոց, որոնք մաս կազմած են մեր կեանքին եւ սիրելի դարձուցած են զայն ու հիմա չկան:

Հին ժամանակներուն մաս կը կազմեն ո՛չ միայն այլ եզր անցած հարազատներս եւ ուսուցիչներս, բայց նաեւ սիրելի դասընկեր-դասընկերուհիներ, որոնք կեանքի ի՛նչ անհեթեթ տնօրինութեամբ մեզ շա՛տ կանուխ ձգած են եւ անցած` միւս կողմ:

Պարտէզիս մէջ հսկայ ծառ մը կայ. այնքա՛ն բարձր է, կարծես երկնքէն սահած է պարտէզ: Ես այդ ծառն ալ շա՛տ կը սիրեմ.  երբ արեւոտ օրերուն դուրսը նստիմ ու երկա՜ր դիտեմ  զեփիւռէն սրսփացող տերեւները , ինծի այնպէս կը թուի, թէ բոլո՛ր սիրելիներս հոն են. տերեւներով կազմուած տարածութեան մը վրայ նստած` կը զրուցեն, թէ՛ իրարու հետ, թէ՛ ինծի: Հոն են ծնողքս եւ այլ հարազատներ եւ ընկերներ` բոլորն ալ Ճեմարանաւարտ. հոն են Աղբալեանն ու Շանթը, պրն. Մուշեղն ու պրն. Բանեանը. պրն. Վրացեանն ու պրն. Տասնապետեանը. հոն են տիկին Եոլանտն ու պրն. Շահինեանը. պրն. Բատոյեանն ու տիկին Քիւրքճեանը եւ դեռ շա՜տ ուրիշներ: Կը նային վերէն. կը ժպտին ինծի ու կ’ըսեն.

Շոքոլադ բոլորի՛ն բաժնէ՛ եւ բոլորէն խնդրէ՛, որ պահեն Ճեմարանը եւ գուրգուրան անոր վրայ.

Որպէսզի շարունակուի անժամանակ եւ անհատնում շարժապատկերը յիշատակ- դրուագներու,

Որպէսզի հաստա՛տ մնայ հայ լեզու եւ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ հայու ինքնութիւն փոխանցող մեր ամրո՛ցը:

 

Ծանօթ.-  Նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը` www.djemaran.edu.lb/donate

Նորէն Հ.Յ.Դ-ն Է Մեղաւոր

$
0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Երբեք անսպասելի չէր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հերթական ճիգը` իր հոգեհարազատ քաղաքական գործիչ Նիկոլ Փաշինեանին զօրակցութիւն յայտնելու, վերստին հրապարակաւ հանդէս գալու եւ ամէն գնով պաշտպանելու ներկայ վարչակազմին ձախողած ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը, մանաւանդ անվիճելի դարձած համաճարակին դէմ պայքարի առումով ներկայ իշխանութիւններու անլրջութիւնը, ճակատագրական սխալները, անորոշութիւնները, արտակարգ դրութեան, հակաճգնաժամային ծրագիրներու եւ սահմանափակումներու քաղաքականութեան ձախողութիւնները, որոնք երկիրը կը մատնեն համազգային ողբերգութեան եւ համատարած աղէտի։

Վստահ չենք, թէ Նիկոլ Փաշինեան իր անձնական վարկանիշի եւ հեղինակութեան անկման այս փուլին պիտի փափաքէր ունենալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նման ձախողած եւ ապազգային գիծեր դրսեւորած քաղաքական գործիչի մը զօրակցութիւնը։ Քաղաքական գործիչ մը, որ իր իշխանութեան օրերուն ամբողջ Հայաստանը խաւարի մատնեց, ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն սերմանեց, ինչպէս Հայաստանի մէջ, նոյնպէս ալ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեանց ոլորտին մէջ։ Քաղաքական գործիչ մը, որ արցախեան ազատագրական պայքարի փառահեղ ռազմաճակատին վրայ արձանագրուած յաղթանակները դիւանագիտական սեղաններուն վրայ պարտութեան պիտի վերածէր իր ապազգային եւ պարտուողական կեցուածքներուն պատճառով, եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան ողջամիտ քաղաքացիները զինք քաղաքական դաշտէն դուրս չշպրտէին։ Քաղաքական գործիչ մը, որ ըստ էութեան կը մերժէր 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վերածել եւ նոյնիսկ կը յայտարարէր, որ «Հայաստան հողային պահանջներ չունի Թուրքիայէն» եւ այլն…

Ինչպէս նաեւ երբեք անսպասելի չէր քաղաքական այն ջղաձգութիւնը, որ ստեղծուեցաւ, երբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 1 յունիսին՝ ի տես համաճարակէն վարակուածներու եւ մահացողներու բարձր թիւին, յայտարարեց, որ կը պահանջէ Ազգային ժողովի յատուկ նիստ եւ իշխանութիւնները հաշուետուութեան կանչել. յանկարծ ականատեսը դարձանք քաղաքական անհեթեթ յարձակումներու շղթայազերծման՝ քաղաքական պատուէր կատարող որոշ շրջանակներու, նախապէս այս կամ այն կուսակցութեան պատկանող՝ երբեմն բարձրագոյն դիրքեր զբաղեցուցած, իսկ ներկայիս՝ չես գիտեր ինչո՛ւ, կուրօրէն Նիկոլ Փաշինեանի գովքը հիւսող անձնաւորութիւններու, «Իմ քայլ»-ականներու, ընկերային ցանցերու օգտատէրերու, սորոսականներու կողմէ ‎ֆ‎ինանսաւորուող հասարակական գործիչներու կողմէ, որոնք սկսան ըսել, թէ Հայաստանը համաճարակին դէմ պատերազմի մէջ է, պէտք չէ քննադատել Փաշինեանը եւ այլն…Հետեւաբար, այս պատերազմը բոլոր հայերուն պատերազմն է եւ պէտք է համախմբուինք յաղթահարելու համար ճգնաժամը։ ԼՐԻՒ  ՀԱՄԱՁԱՅՆ։

Սակայն խնդիրը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեան ի՛նք ընդհանրապէս վանողական հանդիսացաւ, ան փաստօրէն խնդիրներ ունեցաւ եւ ունի քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ՝ մենատիրական իր ոճին բերումով եւ հաւանաբար ինքնասիրութեան բարդոյթէն տառապելուն համար. ի՛նքն էր, որ անարձագանգ ձգեց համագործակցութեան եւ համաճարակին դէմ պայքարի առումով համախմբուածութեան բազմաթիւ առաջարկները, յատկապէս՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին կողմէ ներկայացուած

Վերջապէս, այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի մէջ համաճարակէն վարակուածներուն թիւը ցարդ կը գերազանցէ 13.500-ը, իսկ մահացողներու 217 դէպքեր կան։

Ի վերջոյ, կարծես սթափեցան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ նոր հասկցան, որ համաճարակի դէմ պատերազմին մէջ է Հայաստանը, իսկ նախորդ երեք ամիսներուն անոնց վարած ապաշնորհ, անլուրջ եւ ապիկար քաղաքականութեան, արտակարգ դրութեան, սահմանափակումներու եւ հակաճգնաժամային ձախողած ծրագիրներուն պատճառով ահռելի համատարած աղէտի սեմին կը գտնուինք ազգովին, եւ բնականաբար այս կացութեան թիւ մէկ պատասխանատուն ո՛չ ես եմ, ո՛չ ալ դուն, այլ՝ ըստ էութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է։

Վերոյիշեալ օգտատէրերէն մէկը նոյնիսկ ակնարկելով ՀՅ Դաշնակցութեան վերջին Ընդհանուր ժողովին, զայն վերլուծելով եւ մեկնաբանելով կ՛եզրակացնէր, որ Դաշնակցութիւնը երկու տարի առաջ որոշած էր արդէն այս իշխանութիւնները տուն ղրկել՝ խնդրոյ առարկայ դարձնելով համաճարակին դէմ պայքարի առումով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի համագործակցութեան առաջադրանքները։ Միթէ՞ կարելի է այսքան խեղաթիւրել իրականութիւնները։

Արդարեւ, ինչո՞ւ են այս ամբողջ քաղաքական ջղաձգութիւնը եւ բոլոր յարձակումները, հակառակ այն իրողութեան, որ բազմիցս ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը եւ ուրիշներ շեշտեցին, որ հայրենիքի ապրած օրհասական այս օրերուն մենք երբեք իշխանութեան կռիւ չէ որ կը մղենք, այլ՝ ինչպէս բոլոր ժողովրդավար երկիրներուն մէջ, մասնայատուկ օրակարգերով, ինչպիսիք են առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական օրակարգերը, պատասխանատուութեան կանչել վարչապետը եւ տուեալ հարցերուն հետ կապուած իւրաքանչիւր ոլորտի պատասխանատուները։ Բա՛ւ է ալ ամբոխավարական շունչով փորձէք նենգափոխել իրականութիւնները,  ապատեղեկատուական քարոզարշաւով փորձէք նախապաշարել քաղաքացիները։

Իրապէս, ինչո՞ւ են այս ամբողջ քաղաքական ջղաձգութիւնը եւ բոլոր յարձակումները, որովհետեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 1 յունիսին յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ճգնաժամային կացութեան լոյսին տակ ՀՅԴ-ն կը պահանջէ Ազգային Ժողովի յատուկ նի՞ստ. կը մէջբերենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ, որպէսզի տեսնենք, թէ ի՛նչ կայ տուեալ յայտարարութեան մէջ «անտրամաբանական» եւ «անբնական».

«Երկիրը կանգնած է դժուարին մարտահրաւէրների առջեւ, համավարակը, տնտեսական խորացող ճգնաժամը, ահագնացող ընկերային հիմնախնդիրները լրջագոյն սպառնալիք են պետութեան ու ժողովրդի, ներքին ու արտաքին անվտանգութեան համար: Կառավարութեան քայլերը կա՛մ անարդիւնաւէտ են, կա՛մ ուշացած, իսկ յաճախ` նաեւ սխալ: Բոլոր ուղղութիւններով առկայ է ճգնաժամ: Այս ընթացքը կարող է յանգեցնել համընդհանուր աղէտի ու անդառնալի կորուստների:

Իբրեւ առաջնային մանդատ ունեցող քաղաքական մարմին` Ազգային ժողովն անմիջական պատասխանատուութիւն է կրում երկրում ստեղծուած վիճակի համար, ուստի պէտք է այս ծանր պահին զերծ մնայ անօգուտ, ժամանակավրէպ օրակարգերից եւ զբաղուի երկրի համար թիւ մէկ հարցով:

Հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, փաստելով կառավարութեան ձախողումն ու անկարողութիւնը` պահանջում ենք մինչեւ ներկայիս արտակարգ դրութեան ժամկէտի աւարտը գումարել Ազգային ժողովի յատուկ նիստ` հետեւեալ օրակարգով`

  1. Քննարկել եւ ամբողջական գնահատական տալ առկայ իրավիճակին:
  2. Սկսած թիւ մէկ պատասխանատու վարչապետից` պատասխանատուութեան կանչել ձախողած բոլոր պաշտօնատար անձանց:
  3. Գտնել ճգնաժամից դուրս գալու լուծումներ, որոնք արագ եւ արդիւնաւէտ ձեւով կը կասեցնեն համավարակի տարածումը եւ կը կանգնեցնեն տնտեսութեան փլուզումը:

Երկրի եւ ժողովրդի շահը վեր է ամէն ինչից: Պահի լրջութիւնը պարտադրում է բոլոր ջանքերը նպատակաուղղել աղէտի կանխմանը:

Իշխանութեանը եւս մէկ անգամ կոչ ենք անում սթափուել եւ առաջնորդուել համազգային շահերով:

Դուք էք իրավիճակի հետագայ վատթարացման միակ մեղաւորն ու պատասխանատուն` բոլոր հնարաւոր հետեւանքներով»:

Արդարեւ, ՀՅ Դաշնացութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ համաճարակի առաջին իսկ օրէն Նիկոլ Փաշինեանը անլուրջ վերաբերուեցաւ եւ ինք յայտարարեց, որ «Քորոնա»-ն ում շունն է»։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ մինչեւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը Հայաստանի մէջ Նիկոլ Փաշինեան զբաղած էր վրէժխնդրութեամբ եւ մինչեւ ապրիլի սկիզբը տակաւին Սահմանադրական դատարանի հանրաքուէի բազմամարդ հաւաքներ կը կազմակերպէր։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ Նիկոլ Փաշինեան չարձագանգեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի՝ 23 մարտի հակաճգնաժամային կառավարման վերաբերեալ ներկայացուցած առաջարկներուն, արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ միջոցառումներու առումով առաջարկներու փաթեթին, ինչպէս նաեւ 18 մայիսի յայտարարութիւններուն, գնահատականին եւ համավարակին հակազդելու գործողութիւններուն։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ ներկայ վարչակազմը փաստօրէն չկրցաւ կանխատեսել համաճարակին ահաւորութիւնն ու վտանգին տարողութիւնը եւ մանաւանդ չկրցաւ համապատասխան գործիքակազմով նախապատրաստուիլ։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը նորէ՞ն «մեղաւոր» է, որ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ վերջերս տակաւին զբաղած էր երկրորդական եւ երրորդական հարցերով, պալատական խնդիրներով, ներխմբակային հաշիւներով, քոնվենցիաներով, 110 միլիոն տոլարը գերազանցող պարգեւավճարումներով, Ռոպերթ Քոչարեանով, Հրայր Թովմասեանով եւ «հիները աս‎ֆ‎ալտին փռելով»։

Լրջացէ՛ք ալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններ։

ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութիւնը, անդորրութիւնն ու տնտեսական բարգաւաճումը եւ զոյգ հանրապետութեանց քաղաքացիներու առողջութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ բարօրութիւնը ամէն ինչէ վեր են։

10 յունիս

 

 

 

 

Սլաք. Իսկ Մտայնութի՞ւնը…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ոստիկաններու բռնամիջոցին զոհ գացած Ճորճ Ֆլոյտի անունը վերածուեցաւ խորհրդանիշի: Թէեւ անոր կեանքի անախորժ պատահարներուն տոպրակը պեղողներ եղան` յիշեցնելով, որ ան նաեւ բանտ նստած մարդ էր, սակայն, սպանութեան պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, ան վերածուեցաւ հերոսի, անոր մահուան դէպքին մէջ խտացան ոստիկանական նմանօրինակ բրտութիւններու զոհ գացողներու անուններն ու պատմութիւնները, եւ պայթեցուցին ցեղային խտրականութեան դէմ բողոքի «կորիզային ռումբ» մը, որուն շողավարակ ազդեցութիւնը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ:

Դէպքին ամենայետին մանրամասնութիւնները, զինք սպաննող ոստիկաններուն ճակատագիրը եւ նման արարքներ զսպելու համատարած պահանջը ծանօթ է, ծանօթ են նաեւ դէպքին ստեղծած` կողոպուտներու եւ անարդարանալի արարքներուն պատկերները, որոնք անընդունելի էին, բնականաբար` նոյնինքն ցուցարարներուն կողմէ: Ֆլոյտի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 9 յունիսին: Նախընթաց աւելի քան 10 օրերուն  արդարութեան, ցեղային խտրականութեան ջնջումի եւ մարդկայնութեան վերականգնումի պահանջներով, պետական ու քաղաքական դէմքեր, մարզիկներ ու այլազան ասպարէզներու ծառայողներ գտան արտայայտուելու բազմաթիւ ձեւեր:

Պատահեցաւ նաեւ անխուսափելին: Հարցը վերածուեցաւ… ընտրապայքարի եւ քաղաքական շահարկումի նիւթի: Ամերիկեան քաղաքական բեմն իսկ այս իմաստով արտասովոր ցնցումներ ապրեցաւ, նախագահ Թրամփի կուսակիցներ հրապարակ եկան` զայն ուղղակի ու անուղղակի կերպով քննադատող յայտարարութիւններով: Դեմոկրատներուն ամէնէն աչքառու քայլը եղաւ, յուղարկաւորութեան նախօրեակին, խորհրդարան ներկայացնել օրինագիծ մը, որ ըստ ամենայնի կը նպատակադրէ սանձել օրէնքը ոտնակոխող ոստիկաններու խժդժութիւնները:

Օրինագիծին մանրամասնութիւնները կարեւոր են, սակայն երկրորդական, որովհետեւ փաստօրէն, օրէնքներ բարեփոխելը բարի նպատակով կ՛ըլլայ, սակայն ո՞վ պիտի բարեփոխէ մտայնութիւննե՛րը, որովհետեւ Ապրահամ Լինքըլնէն ասդին` օրէնքի բարեփոխումներով հսկայական գրադարաններ լեցուած են, օրէնքը յաճախ մնացած է դարակին մէջ, գործնական աշխարհը շարունակած է քալել հին մտայնութեան ճամբով: Այս հարցումին արդար պատասխան մը գտնե՛լն է իսկական մարտահրաւէր, սխրա՛նքը:  Այլ խօսքով, վաղը, երբ այս «հեղեղը» մարի, մարդկութիւնն ու մասնաւորաբար ամերիկացիք պիտի ունենա՞ն նոր Ֆլոյտներ…

9 յունիս 2020

 

Viewing all 13366 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>