Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 13394 articles
Browse latest View live

Կը Վստահի՛ն

$
0
0

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Կարեւոր է վստահութիւնը:

Մարդկային փոխյարաբերութեան մէջ մեծ է անոր դերը: Բան մը, որ ժամանակի ընթացքին կը կերտուի ու կը զարգանայ, ճիշդ այդ պատճառով ալ, երբ «վստահութիւնը կոտրի», իրեն հետ կը կոտրի նաեւ յարաբերութիւնը` վերջ տալով ամէն բանի:

Դիւրին չէ վստահութիւն ներշնչել, դիւրին ալ չէ վստահիլ: Իսկ աւելի դժուարը այն է, երբ այդ մէկը պիտի կատարուի ժողովուրդ-կուսակցութիւն, ժողովուրդ-կազմակերպութիւն կամ միութիւն յարաբերութեան ծիրին մէջ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իրեն հետ ունենալով իր հովանաւորութիւնը վայելող ուղեկից միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, իր տարիներու գործունէութեամբ կրցած է այդ վստահութիւնը ներշնչել, իսկ ժողովուրդն ալ իր վստահութեամբ առաւել եւս ամրապնդած է ժողովուրդ-կուսակցութիւն կապը:

Կապ մը, որ 130 տարուան պատմութին ունի:

Կապ մը, որ արդիւնք է գործի եւ նուիրումի:

Կապ մը, որ միշտ առկայ է եւ միշտ աւելի կ՛ամրանայ դժուար օրերուն:

Ոմանք հաւանաբար ծաղրանքով մօտենան այս գաղափարին, ոմանք ծիծաղին, եւ ոմանք ալ ըսեն` «ժամանակին այդպէս էր, հիմա` ոչ»:

Հարց չէ, փորձեմ քանի մը օրինակ նշել: Օրինակներ ներկայէն, ոչ պատմութեան էջերէն, որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն, թէ պատմութիւնը լեցուն է օրինակներով:

Այսօր համայն մարդկութիւնը, յատկապէս լիբանանահայութիւնը կը գտնուի դժուար փուլի մը մէջ: «Քորոնա» ժահրի աւերներուն կողքին, Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապը եւ անգործութիւնը աւելի կը բարդացնեն կացութիւնը: Եւ ճի՛շդ այս օրերուն վստահութեան օրինակները կը բացայայտուին:

Սկսինք Դաշնակցութեան ակումբներէն: Վայր մը, որուն գոյութիւնը ինքնին վստահութիւն կը ներշնչէ ժողովուրդին: Առաջին վայրը, ուր բոլորը կը դիմեն, ամէն տեսակ օժանդակութեան համար, ամէն տեսակ հարցի կամ խնդիրի լուծում գտնելու: Դիմած են անցեալին, որովհետեւ կը վստահէին, կը դիմեն այսօր, որովհետեւ տակաւին կը վստահին:

Այս օրերուն ալ բաց են ակումբներու դռները, եւ հոն ներկայ են կամաւորները, որոնք կ՛օգնեն բոլորին անխտիր` զանազան օժանդակութիւններով, հաւաքական աշխատանքով:

Ակումբներու կողքին, ժողովուրդը կը վստահի ԼՕԽ-ին, ուր այսօր բազմապատկուած են օժանդակութիւնները, որովհետեւ բազմապատկուած են կարիքները, շատ են կարիքաւորները, բայց շատ են նաեւ կամաւորները, որոնք այս դժուար օրերուն` մէկ կողմ դրած անձնական հոգերը, կու գան եւ կը հոգան ժողովուրդին պէտքերը, որովհետեւ կը հաւատան այս գործին, իրենք ալ իրենց կարգին կը վստահին այս միութեան եւ այս կուսակցութեան աշխատանքին ու առաքելութեան:

Նոյն ձեւով ալ կը վստահին բոլոր անոնք, բոլոր բարերարները, որոնք այս դժուար օրերուն կ՛օժանդակեն զանազան ձեւերով, զանազան միջոցներով: Ոմանք ուտեստեղէնով, ոմանք նիւթական նուիրատուութեամբ ձեռք կ՛երկարեն կամաւորներուն, կը հանգստացնեն պատասխանատուները եւ մասնակից կը դառնան այս մեծ աշխատանքին:

Վստահութիւնը չէ՞ արդեօք, որ մղեց այդ տեղացին, որ տարիներէ ի վեր հեռու ըլլալով իր ծննդավայրէն` Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանէն, նիւթական օժանդակութիւն կատարէ հայութեան` դաշնակցական ակումբի ճամբով….

Վստահութիւնը չէ՞ արդեօք, որ այսօր սփիւռքի զանազան շրջաններ կը մղէ մասնակցելու ու նախաձեռնելու լիբանանահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն` նոյն միութիւններուն եւ նոյն կազմակերպութիւններուն ճամբով:

Վստահութիւնը չէ՞ արդեօք, որ կարելի կը դարձնէ ամիսներէ ի վեր գործող, ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ կազմուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի յաջող աշխատանքը, յատկապէս բոլորին հասնելու կարողութիւնը:

Ի վերջոյ վստահութիւնը չէ՞ արդեօք, որ քանի մը օրեր առաջ 82 երիտասարդներ մղեց մուտք գործելու Դաշնակցութեան շարքեր` երդուելով ծառայել ժողովուրդին: Անոնք մուտք գործեցին, երդում տուին, որովհետեւ կը վստահին այս կուսակցութեան եւ գործնական քայլով իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ա՛յս օրերուն, այս դժուար օրերուն:

Քանի մը օրինակ, առանց մանրամասնութիւններու, որոնք կու գան եւ կը փաստեն, որ տակաւին կա՛յ վստահութիւն այս կուսակցութեան, բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն հանդէպ:

Բան մը, որ վերջերս հարցականի տակ կ՛առնուէր ոմանց կողմէ, որոնք կը կարծեն, թէ` «այդ օրերը անցած են»…

Չէ՛, տակաւին կը վստահին: Ոմանք` գիտակցաբար, իսկ ոմանք անգիտակցաբար: Ոմանք մնայուն կերպով, իսկ ոմանք ժամանակաւոր: Ոմանք անշահախնդիր մօտեցումով, իսկ ոմանք շահեր հետապնդելով:

Բայց յստակ է, որ բոլորն ալ կը վստահին ու պիտի վստահին:

 

 

 


Կողքի՛դ Եմ, Լիբանա՛ն

$
0
0

ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ

Ճգնաժամը համաշխարհային է:

Բայց Լիբանանի ճգնաժամը դժնդակ է:

Տաժանելի է:

Դժոխային է:

Հոն միայն «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սարսափը չէ, որ ճգնաժամի մատնած է լիբանանցին:

Հոն լիբանանցիին տարիներու վաստակը մէկ օրուան մէջ կլանուեցաւ դրամատուներուն[՞] կողմէ:

Հոն լիբանանցին հացի կարօտ է, բառին ամենադաժան իմաստով:

Հոն լիբանանցին կ՛ապրի մարդու տարրական իրաւունքներու ոտնակոխման պայմաններու մէջ:

Հոն լիբանանցին երանի կու տայ պատերազմի օրերուն:

Լիբանանի ճգնաժամը նոր չէ, սակայն անոր ականջալուր չէինք կամ չէինք ուզեր ըլլալ, որովհետեւ լիբանանցին կը տոկար:

Աւելի՛ն ան ձեռք կ՛երկարէր սուրիահայ իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, երբ անոնք պատերազմի արհաւիրքէն հասած էին Լիբանան:

Ճգնաժամը կը սրէր: Լիբանանահայը կը հիւծէր:

Տակաւին կը հանգանակէր Հայաստանի եւ Արցախի համար:

Ճգնաժամը կը հասնէր ոսկորին: Լիբանանահայը կ՛արիւնէր:

Բայց աշխարհին ցոյց կու տար ինչպէս մայիս 28 կը տօնակատարեն, այդ ալ` առցանց: Կը յիշէր, կ՛արժեւորէր, յարգանք կը մատուցէր:

Լիբանանահայ գաղութը ամէնէն տագնապալի օրերուն Եռագոյնը բարձր պահած էր: Ինչպէ՞ս «Քորոնա» ժահրին ստեղծած պայմանները արգելք պիտի հանդիսանային փառաhեղօրէն նշելու հայոց պատմութեան Մեծ տօնը: «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար». եւ ադպէս առցանց տօնակատարութիւնը դասական ձեռնարկէ մը աւելի ազդեցիկ եւ բովանդակալից եղաւ:

Փառք ու պատիւ ձեզի լիբանանահայութի՛ւն, որ տնտեսական անասելի պայմաններու եւ անմարդկային կացութեան մէջ Մայիսեան փառահեղ յաղթանակը եւ Հայաստանի անկախութեան 102-րդ տարեդարձը այսպէս շքեղ, օրինակելի եւ նախանձելի ձեւով կրցաւ տօնակատարել:

Եւ կարծէք այդ եղաւ խթանը: Մայիս 28-ին, խորհրդանշականօրէն մեկնարկը տրուեցաւ Քանատայի կազմակերպած հանգանակային արշաւին: Քանատահայութիւնը միշտ ամբողջական օժանդակութիւն տրամադրած է հոն` ուրկէ հնչած է օգնութեան կանչը, ըլլայ ան հայրենիքէն կամ սփիւռքի որեւէ գաղութէ:

Թող այս անգամ մեր սրտերը բաբախեն Լիբանանի համար, որուն հետ, օրին մէկը, առնչուած եղած ենք գրէթէ բոլորս, խմած ենք անոր ջուրը, սորված ենք անոր փորձառութիւններէն:

Լիբանանին համար, որ պատրաստած է ղեկավարներ, որոնք աշխարհացրիւ հայութեան տարբեր գաղութներու ղեկավարներ են այսօր:

Լիբանանին համար, որ տակաւին կը պահպանէ հայութիւնը շնորհիւ իր կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական կառոյցներուն, որոնց գոյութիւնը յետ այսու հարցական է:

Լիբանանին համար, որպէսզի «Ազդակ»-ն ու «Վանայ Ձայն»-ը շարունակեն մտնել մեր տուները, ամէնուրեք:

Հասնի՛նք լիբանանահայութեան: Տա՛նք մեր լումաները լիբանանահայութեան համար` օրինակ առնելով Սուրիոյ հայութեան մեր օժանդակութեան փորձառութենէն: Ուղարկենք կեդրոնական մեր կառոյցին (https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48), ան լաւ գիտէ ինչպէս յատկացնել, ուր որ անկ է:

Իսկ ես® ովկիանոսին միւս կողմն եմ, բաղդատաբար` բնական կեանք մը ապրելու աւելի լաւ պայմաններու մէջ:

Բայց կողքի՛դ եմ, Լիբանա՛ն, մինչեւ վերջին շունչս:

Կողքի՛դ եմ, որովհետեւ կարօտդ զիս կ՛այրէ:

Կողքի՛դ եմ, որովհետեւ հայկական կառոյցներուդ իւրաքանչիւրին պատկերը կը տողանցէ մտապաստառիս վրայ ամէն օր:

Կողքի՛դ եմ, որովհետեւ դուն Հայաստանը սերմանեցիր մէջս ու զայն ապրեցուցիր:

Կողքի՛դ եմ, որովհետեւ իմ առաջին Հայաստանս դո՛ւն եղար:

Արամի՛ն Հայաստանը:

 

 

 

 

Անդրադարձ. Մէկ Կողմէ Ներդրումներու Քաջալերանք, Միւս Կողմէ 500 Նոր Վերելակ Ներածելո՛ւ Մրցոյթ՝ Որուն Կրնայ Արժանանալ Թրքականը…

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անի Ղազարեան «Այսօր.ամ»-ի 15 ապրիլ 2020-ի թիւին մէջ, Երեւանի Քաղաքապետարանին կողմէ 500 նոր վերելակներ հայթայթելու մրցոյթին մասին (2 ապրիլ 2020-ին յայտարարուած) հետեւեալը գրած էր. «Առհասարակ, բամբասանքներ չեմ մեկնաբաներ, իսկ մամուլի այդ հրապարակումը, պէտք է արձանագրենք, որ ուղղակի բամբասանք է՝ առանց որեւէ հիմքի, Aysor.am-ի թղթակցին հետ զրոյցին ըսաւԵրեւանի քաղաքապետի մամուլի խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը՝ անդրադառնալով տեղեկութեանը, որ Երեւանի քաղաքապետարանի յայտարարած մրցոյթին պիտի յաղթէ յայտնի օլիկարխ (սակաւապետ) ՍամուէլԱլեքսանեանին պատկանող ընկերութիւնը, որ վերելակները պիտի ներածէ Թուրքիայէն:

Երեւանի վտանգաւոր վերելակի մը փոսը                                                   եւ յօդուածին նոր վերելակներու նկարը

Բաց մրցոյթ յայտարարուած է, եւ իւրաքանչիւր անձ, առաւել եւս՝ մասնագէտները, կրնան ծանօթանալ մրցութային պայմաններուն, ձեռք բերուելիք վերելակներուն համար առաջադրուելիք պայմաններուն եւ համոզուիլ, որ այդ հրապարակումը բացարձակապէս որեւէ հիմք չունի: Նոյն կերպ, այդ հրապարակումը կարող ենք գնահատել իբրեւ լոբբինգ (ջատագովութիւն, llobbying)՝ յօգուտ ուրիշ արտադրողի:
«Քաղաքապետարանը այս կամ այն կազմակերպութեան լոբբինգով  չի զբաղուիր կամ նախապատուութիւն չի տար: Այո, կան որոշակի չափանիշեր, որոնք կը վերաբերին վերելակներուն անվտանգութեանը, արտաքին տեսքին եւ հայերէն գրութիւններուն կամ ձայնային ազդանշաններու առկայութեան:
«Որպէսզի համոզուիք, կրնանք նայիլ եւ գնահատել նախորդ մրցոյթները: Այնտեղ 20 վերելակներէն 17-ն ձեռք բերուած էր պելառուսական ընկերութիւնէն, երկուքը՝ չինական, եւ ՄԻԱՅՆ ՄԷԿԸ ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ԷՐ», – ըսաւ ան…:
«Յակոբ Կարապետեանը հաւաստիացուց, որ այս պահու դրութեամբ մրցոյթին յայտ ներկայացուցած որեւէ ընկերութիւն կամ անհատ յայտնի չէ, ինքը նման տեղեկութիւն չունի, որովհետեւ մրցոյթի ժամկէտը առայժմ սպառած չէ:
«Մրցութային յանձնաժողովը պէտք է ծանօթանայ յայտերուն եւ ըստ յայտերուն, կատարէ ընտրութիւնը՝ մրցոյթի օրէնսդրութեան համապատասխանող չափանիշներով: Մամուլի այսօրուան հրապարակման մէջ ըսուած է, որ, իբրեւ թէ, չափանիշերը այնպէս դրուած են, որ ՍամուէլԱլեքսանեանին պատկանող ընկերութիւնը կարենայ յաղթել: Բայց ես կ՛ըսեմ, որ այդ առանց որեւէ հիմքի բամբասանք է», – շեշտեց քաղաքապետի խօսնակը:
«Հարցին թէ՝ դատելով նախորդ մրցոյթի արդիւնքներէն՝ ունի՞ն դիտարկումներ, որ թրքական արտադրութեան վերելակները համեմատութեան մէջ անորակ են պելառուսականներէն, Յակոբ Կարապետեանը պատասխանեց՝ նման գնահատական չի կրնար տալ (1):

28 ապրիլ 2020-ին «Նիուզ.ամ»-ը կը գրէ «Վերելակներու մրցոյթը պիտի շահի Սամուէլ Ալեքսանեանը, անգամ գիտեմ, որ վերելակները բերուելու են Թուրքիայէն» խորագիրով Թեհմինա Վարդանեանի Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին ուղղած հարցումին մասին հետեւեալը. «Արդէն մամուլին մէջ կը նշուի, որ Սամուէլ Ալեքսանեանն է շահելու վերելակներու մրցոյթը, այսինքն իրեն խոստացուած է: Այս մասին, այսօր՝ ապրիլի 28-ին, Երեւանի աւագանիի նիստին հարց ու պատասխանի ժամանակ նշեց «Լոյս» խմբակցութեան անդամ Թեհմինա Վարդանյանը:

«Ես նոյնիսկ գիտեմ, թէ որտեղէն պիտի բերուին այդ վերելակները՝ Թուրքիայէն»,- ըսաւ ան: Ի պատասխան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը ըսաւ. «Եթէ այդքան տեղեակ էք, կը կարծեմ՝ դուք ալ այդ գործին մէջ խառնուած էք: Ես ոչ մէկ տեղեկութիւն ունիմ: Ընդհանրապէս որեւէ տենդերի (tender, մրցոյթ) հետ կապուած որեւէ տեղեկութիւն չունիմ: Պարզ, բաց մրցոյթ տեղի կ՛ունենայ, կը մասնակցին կը յաղթեն: Պողոս Պողոսեանն է, Փիլիպոս Փիլիպոսեանն է, թէ ով է, ինծի չի հետաքրքրեր: Ինծի կը հետաքրքրէ վերջնական արդիւնքը»:

«Թեհմինա Վարդանեանը պատասխանեց. «Դուք լղոզելու (փոխաբերական՝          անարգելու) նուրբ արուեստին կը տիրապետէք» (2), (3):

Պահ մը մէկդի դնելով Թուրքիոյ կողմէ հայութեան հանդէպ շարունակուող անարդարութեան նկատառումները, որոնց հանդէպ զարմանալի ու անհաւատալի անտարբերութիւն կը դրսեւորուի ընդհանրապէս Հայաստանի գործարարներուն եւ հասարակութեան կարգ մը հատուածներուն կողմէ, ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանը շրջափակող Թուրքիայէն, ուր դեսպանութիւն եւ առեւտրական կցորդ չունինք, ապրանք ներածել: Անհրաժեշտ նախապայման յօդուած պէտք է դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան բոլո՛ր տեսակի առեւտրական եւ ներդրումային մրցոյթներուն, որ՝ «ՄՐՑՈՅԹԻՆ ԿՐՆԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՄԻ՛ԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔՆԵՐ» ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ: Ուրեմն այդ պարագային, բոլոր հարցնողներուն եւ կասկածողներուն կ՛ըսէք, թէ օրէնքով արտօնուած չէ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն որեւէ տեսակ նիւթ ներածել եւ վերջ «բամբասանք»-ներուն:

Իրականութեան մէջ, Հայաստանի տնտեսական համապարփակ տեսլականի մը եւ ռազմավարութեան մը անընդունելի բացակայութեան հետեւանքներն են, որոնց դառնութեամբ ականատես կ՛ըլլանք ընդհանրապէս: Ծով չունեցող եւ շրջափակուած, մեր առաւելապէս երկրագործական երկիրը անամօթաբար, սնունդի պարէնաւորման մի՛այն 30 տոկոսով ինքնաբաւ է…Եւ այս վարչակարգը ջնջեց երկրագործութեան  նախարարութիւնը…Մինչ՝ փոքր Նետրլանտները աշխարհը կը կերակրեն (4), (5), (6):

Անհրաժեշտ պայման է, որ վերելակներու այս մրցոյթին յօդուածներուն վրայ աւելնան յօդուածներ, պարտադրելով շահող ընկերութեան՝ այս վերելակներուն սարքաւորումներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ արտադրել եւ հետագային՝ ճշդուած ժամկէտին՝ 100 տոկոս արտադրել, հարիւրաւոր աշխատատեղեր ստեղծելով, քանի որ Հայաստանի տարածքին առ նուազն 3500-է աւելի, հինը փոխարինող վերելակներու կարիքը կայ եւ 1000-է աւելի՝ նորերու (7): Պողպատի արտադրութիւն ունինք, ելեկտրոնային եւ ելեկտրական շարժակներու արտադրութիւններ ունինք ահաւասիկ իսկական ներդրումային առիթ այս մարզին մէջ ինքնաբաւ դառնալու եւ ինչու չէ նաեւ արտածելու: Փոքր Լիբանանը տասնեակէ աւելի վերելակ արտադրող եւ տեղադրող գործարաններ ունի:

29 ապրիլ 2020

——————————–

(1)  https://www.aysor.am/am/news/2020/04/15/վերելակների-մրցույթ/1684912

(2)  https://news.am/arm/news/575383.html

(3) https://youtu.be/H7HIc05Sfc4

(4)  http://www.aztagdaily.com/archives/364045

(5)  http://www.aztagdaily.com/archives/369316

(6)  http://www.aztagdaily.com/archives/370783

(7)  https://armeniasputnik.am/armenia/20200314/22382082/500-nor-verelak-erevani-hamar-qaxarany-mrcuyt-khaytarari-bayc-um-baxt-kberi.html

 

Լույս Է Տեսել ՀՅԴ Պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»-ի Վեցերորդ Համարը

$
0
0

Այս համարի հարցազրոյց խորագիրի հիւրն է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեանը: Ուշագրաւ հարցազրոյցում անդրադարձ է կատարւում մասնաւորապէս Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանում համաշխարհային համավարակի պատճառով ընկերային եւ այլ խնդիրների առջեւ յայտնուած հայրենակիցներին ՀՅԴ-ի, ուղեկից եւ քոյր կառոյցների միասնական ջանքերով ցուցաբերուող օգնութիւնների թեմային: Պատասխանելով Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնների առկայ վիճակի մասին հարցին Վիգէն Եագուպեանը ասում է. «Անկախութենէն ի վեր սփիւռքի վերաբերէալ ՀՀ իրարայաջորդ իշխանութիւններու որդեգրած հայեցակարգը ցոյց կու տայ սփիւռքին նկատմամբ լուրջ անտեղեակութիւն մը»:

Հարցազրոյցում ներկայացւում է այն իրականութիւնը, որը ձեւաւորուել է սփիւռքի հանդէպ կաղապարուած պատկերացումների եւ այդ մտայնութիւններից բխող փոխյարաբերութիւնների որակի պատճառով: Ինչպէս յուշում է համարի առաջնորդողը, «Դրօշակ»-ի հերթական հրապարակման առանցքում է բնապահպանութեան թեման: Այս թեմայով գրուած Սիւզան Խարտալեանի յօդուածը կոչւում է. «Բնապահպանական ուրոյն փիլիսոփայութեան համար» եւ անդրադառնում է մարդու բնութեան ու կենդանական աշխարհի փոխյարաբերութիւններին, մարդու իրաւունքներին եւ պարտականութիւններին բնութեան, մեզ շրջապատող աշխարհի նկատմամբ, թէ՛ իրաւական եւ թէ՛ բարոյական առումներով․ «կենդանիներու, բնութեան եւ բնավայրերու բարոյական եւ իրաւական կարգավիճակի չափն ու բնոյթը մարտահրաւէր է, որ պէտք է ընդունիլ»,- գրում է հեղինակը:

Նոյն թեմայով յաջորդ յօդուածի հեղինակը ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմնի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ բնական ռեսուրսների յանձնախումբի նախագահ Արեգ Ղարաբէգեանն է: «Հայաստանի բնապահպանական որոշ խնդիրների մասին» յօդուածում Արեգ Ղարաբեկեանը անդրադառնում է Հայաստանի մի շարք բնապահպանական հիմնահարցերին եւ ներկայացնում է այս հարցում եղած գնահատականներն ու առաջարկները:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ֆինանսների եւ էքոնոմիքայի յանձնախումբի նախագահ Արմէն Գրիգորեանը, խօսելով Հայաստանի գիւղատնտեսութեան վիճակի մասին, իր հերթին ներկայացնում է այս ոլորտի վերաբերեալ կատարուած ախտորոշումներն ու հիմնախնդիրների յաղթահարմանն ուղղուած անելիքների առաջարկները:

Պաշտօնաթերթի յունիսեան համարում անդրադարձեր կան նաեւ 102 տարի առաջուայ այս պատմական օրերի իրադարձութիւններին, Հայաստանի անկախացման տրամաթիկ ընթացքին, յունիսի 4-ին կնքուած Պաթումի հաշտութեան պայմանագիրին նախորդող ու յաջորդող գործընթացներին: Ընթերցողը այս համարում կը գտնի նաեւ հետաքրքրական այլ յօդուածներ:

«Դրօշակ»-ի համարը համացանցում կարող էք գտնել droshak.am հասցէի ներքոյ:

Ներբեռնել համարը Դրօշակ-թիւ-6-2020

Դպրոցական Տարեփակի Առիթով. Պատիւ Նաեւ Մե՛ր Հերոսներուն

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քիչ առաջ, արեւամուտին, մեր թաղի խաղաղ ու հանդարտ երեկոն պահ մը խանգարուեցաւ: Պատուհանէս դուրս՝ տեսայ, որ ինքնաշարժ մը կանգ առաւ ճիշդ մեր տան առջեւ, պատուհաններուն վրայ բաներ մը գրուած էին, իսկ պատուհանէն դուրս կը ծածանէին քանի մը գունաւոր փուչիկներ: Երկրորդ մը կանգ առաւ քիչ մը անդին, յետոյ երրորդ մը եւ, այսպէս, շուտով ինքնաշարժներու ամբողջ շարք մը կազմուեցաւ թաղին մէջ: Բոլորին ալ պատուհաններուն եւ ծածանող փուչիկներուն վրայ մէկ նախադասութիւն արձանագրուած էր. «Congratulations, Graduate – 2020»: Հետեւեցաւ եռուզեռ մը. ինքնաշարժներէն դուրս եկան երիտասարդներ, պատանիներ ու տարեցներ, շատերու ձեռքին՝ ծրարներ ու թուղթէ տոպրակներ, անդիէն՝ երէց պարմանուհի մը մօտեցաւ իւրաքանչիւր ինքնաշարժի, նախադասութիւններ փոխանակուեցան. պարմանուհին եւ իրեն ընկերացող կին մը հաւաքեցին  մայթին վրայ դրուած ծրարները, որոնք յայտնապէս նուէրներ էին, հեռուէ հեռու ողջոյններ փոխանակեցին, քանի մը ինքնաշարժէ երգ-երաժշտութիւն հնչեց: Մօտաւորապէս 10 վայրկեան ետք, առաջին ինքնաշարժը մեկնեցաւ, միւսները հետեւեցան: Թաղը վերագտաւ իր սովորական խաղաղութիւնը…

Նախորդ օրերուն, քանի մը բնակարանի առջեւ տեղադրուած էին փոքր պաստառներ: Հիմա, ընտրութեանց «եղանակ» չէ. բոլորին վրայ արձանագրուած է «Graduate 2020»: Ամէն քայլափոխի կը կարդաս աւետիսը: Ուսումնական տարեվերջ է, կան շրջանաւարտներ, Պսակաձեւ ժահրը այս տարի իր մականը տարածեց նաեւ դպրոցներու վրայ եւ շրջանաւարտները զրկուեցան աւանդական հանդէսներէն, անոնց հետեւող՝ խրախճանական հաւաքներէն:

Այս տարուան սերունդը, աշխարհի չորս ծագերուն, ինքզինք այս իմաստով անբախտ կը զգայ, որովհետեւ տարիներով երազած էր այս օրը, կը ցանկար լիարժէքօրէն տօնել ուսումնական փուլի մը ամբողջացումը: Ծնողներ ալ զրկուեցան իրենց զաւակներուն «հասակը տեսնելէ»: Չեղաւ:

Սակայն… ո՜չ. կարիքը մայրն է հնարքներու՝ կ’ըսէ առածը: Եւ պարտադրուած անհաճոյ վիճակին մէջ, շատեր, եթէ ո՛չ բոլորը գտան տօնելու այլազան ձեւեր: Քանի մը շաբաթ առաջ, լուրերու հաղորդումէ մը տեղեակ եղանք, որ Ճափոնի մէջ, դպրոց մը իւրայատուկ ձեւի մը դիմած է. շրջանաւարտներուն նկարները կրող մարդամեքենաներ, հանդիսութեան յատուկ սեւ զգեստով ու գլխարկով, ներկայացած են տնօրէնին եւ ստանձնած՝ վկայականը, իսկ աշակերտ ու ծնողք հանդիսութեան հետեւած են հեռակայ  պատկերասփռումի միջոցով: Ուրեմն,   արդի արհեստագիտութիւնն ու ահաւասիկ թաղերու մէջ իմ տեսածիս նման «հանդիպումներ» փոխարինեցին սովորականը: Կարգ մը դպրոցներ նման «հանդէսներ» կազմակերպեցին առցանց, իսկ ուրիշներ դպրոց կը հրաւիրեն աշակերտներն ու ծնողները, բակին մէջ, առանց ինքնաշարժէն իջեցնելու զանոնք, կոկոկ ձեւականութեամբ մը կը կատարեն վկայականներու եւ պարգեւներու յանձնումը:

Ու այս տղաքն ու աղջիկները պիտի յիշեն, որ իրենց շրջանաւարտութիւնը տօնակատարուեցաւ իւրայատուկ ձեւերով, ուրիշներէ աւելի՛ յիշատակելի ձեւերով, ի՜նչ փոյթ, որ… իրենց «փորը լաւապէս չկշտացաւ»:

 ***

           Մարտէն ի վեր, գիտենք, կ’ապրինք՝ կեանքը բոլորովին տարբեր ընթացք ստացած է աշխարհի տարածքին, դպրոցներն ու ուսումնական հաստատութիւններն ալ անխուսափելիօրէն կրեցին համաճարակին դաժան հետեւանքները: Հիմա, երբ ուսումնական տարին իր աւարտին կը մօտնենայ նաեւ հայկական աշխարհացրիւ կրթական օճախներուն համար եւս, կ’ուզենք պահ մը կանգ առնել ՀԱՅ ԴՊՐՈՑին հերոսական աշխատանքին առջեւ, առանց մոռնալու կամ անտեսելու, որ աշխարհի բոլոր ուսումնարաններն ու աշխատանքի տարբեր ասպարէզի մարդիկն ալ հերոսական մաքառումի մէջ են առաւել կամ նուազ դաժան վիճակներուն հետեւանքով: Օրինակի համար, քանի մը օր առաջ, շուկայէն վերադարձի ճամբուս վրայ, անցայ բժշկական ծառայութիւն տրամադրող շէնքի մը առջեւէն: Մեծկակ պաստառ մը կախուած էր մուտքին վերեւ եւ կը ծանուցէր. «Հոս հերոսներ կ’աշխատին»

Ինչո՞ւ կ’ուզենք առանձնացնել Հայ Դպրոցն ու անոր յարկին տակ աշակերտողն ու ծառայողը: Որովհետեւ՝ անոնք արժանի են յատուկ ուշադրութեան ու գնահատանքի: Աշխարհը մէկէ աւելի օրերու յարգանք մատուցեց բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, առողջապահութեան մարզին մէջ ծառայողներուն: Մարդիկ խոնարհեցան համաճարակին զոհերուն վիշատակին: Մարզական վերսկսած մրցումներու սկիզբին, յարգանքի արտայայտութիւններ կը կատարուին զոհերուն եւ ծառայողներուն: Նոր սերունդի դաստիարակութեան առաքելութեան լծուած մեր փաղանգն ալ արդար իրաւունքը ունի արժանանալու բոլորիս յարգանքին: Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքեան օճախներու՝ Հայ Դպրոցի յարկին տակ գործած են ու կը շարունակեն գործել մե՛ր հերոսները, հայ մանուկին ու պատանիին միտքն ու հոգին լուսաւորող, զարգացնող, անոնց մտային աճը սնուցանող մշակները:

Ուշադրութի՜ւն: Մեր հերոսները միայն մէկ «դասակարգ»ի չեն պատկանիր, անիկա իրականացաւ բազմաթիւ «գունդերու» ձեռքերուն միացումով: Եւ ի՛սկապէս, վերջին ամիսներուն տարուած աշխատանքը կարելի է միայն հերոսական կոչել, որովհետեւ մէկ օրէն միւսը, բոլորը հարկադրուեցան մէկդի դնել աշխատանքի ընկալեալ ձեւերը՝ դպրոց երթալ, դասարանին մէջ դաս ընել, պարտականութիւն տալ-սրբագրել եւ այլն: Մէկ օրէն միւսը, բոլորը շատ արագ կերպով ընտելացան համակարգիչներու օժանդակութեամբ հեռակայ դասաւանդութեան դրութեան, մինչդեռ ո՛չ հոգեբանական, ո՛չ ալ արհեստագիտական լայն պատրաստութիւնը ունէին անոր համար:

Հերոսներուն առաջին «դասակարգը» անշո՛ւշտ որ մեր դաստիարակ ուսուցիչներն են, որոնք ո՛չ միայն քանի մը օրուան մէջ ընտելացան նոր դրութեան, այլ աշակերտին ու ծնողներուն ալ օգնեցին, որ նոյնքան արագ վարժութիւն ձեռք բերեն եւ ընտելանան նոր կարգ ու սարքին:

Հերոսական գործ ըրին նաեւ աշակերտները, մանուկ թէ պատանի: Անոնք յաղթահարեցին տունը «բանտարկուած» մնալու այլապէս անախորժ վիճակը եւ ուշք ու միտք կեդրոնացուցին՝ լաւագոյնս օգտուելու համար դասաւանդութեան նոր դրութենէն: Հերոսներու այլ դասակարգ մը կազմեցին ծնողները, որոնք իրենց առօրեայ աշխատանքին զուգահեռ՝ արտակարգ հոգածութեամբ հետեւեցան իրենց հոգեհատորներուն ուսումնառութեան:

Հերոսական աշխատանքին մասնակից եղան տնօրէններ, ուսումնական-կրթական մարմիններ, մեր դպրոցներուն կողքին կանգնողներ: Ստեղծուած վիճակը անխուսափելիօրէն բոլորին ուսերուն բեռցուց նիւթական չնախատեսուած պարտաւորութիւններ, որոնք դիմագրաւուեցան առանց մեծ աղմուկի…: Հերոսական արշաւին մասնակից եղան, տակաւին, բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կամ հեռուէն գործ ունին Հայ Դպրոցին հետ, կը սատարեն անոր առաքելութեան:

***

          Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ վերջին քանի մը ամիսներու աշխատանքը եղաւ տաժանելի: Ուսուցիչը ստիպուած էր կրկնապատիկ ծանրաբեռնուիլ, դպրոցի բնական օրերէն շա՛տ աւելի ժամանակ ու ճիգ տրամադրել, որպէսզի հայ մանուկն ու պատանին չզրկուին ուսումնառութենէ: Անոնք ոեւէ մէկէն աւելի՛ լաւ գիտեն, թէ տարուած աշխատանքը չարդիւնաւորուեցաւ այնպէս՝ ինչպէս կ’ըլլայ ԴՊՐՈՑԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ,  դասարանին մէջ, դպրոցի մթնոլորտի՛ն մէջ: Սակայն ստեղծուած կացութեան մէջ, ո՛չ ոք խնայեց լաւագոյնը, զոհաբերումի նոր բարձունքներ նուաճեց, ծրագիրները ըստ կարելւոյն հասցուց լրումին: Հայ ուսուցիչը եղաւ յիշեալ բոլոր հերոսներուն գլխաւոր առաջնորդը, աշխատանքին հիմնական առանցքը: Ուրեմն, բոլորին չափ ու բոլորէն աւելի, ան՝ հերոսներու այս լուռ գունդը արժանի է յարգանքի ու գնահատանքի:

Եւ ո՛չ մէկ կասկած, որ մեր ուսուցիչները, ուսումնական կեանքին մէջ միւս հերոսացողներուն չափ ու անոնցմէ աւելի՛, կը ցանկան, որ այս աղէտալի կացութիւնը շուտով գտնէ բարի լուծում, որպէսզի Հայ Դպրոցն ալ, ինչպէս աշխատանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ գործողները, վերագտնեն կեանքի-ապրուստի մարդկօրէն ընդունելի եւ ընկալեալ ընթացքը:

Այս առումով ալ, ուսումնական պատասխանատուները՝ տնօրէններ եւ վերահսկող մարմիններ, կը կանգնին ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց: Աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ, դպրոցները շաբաթներէ ի վեր վերաբացած են իրենց դուռները եւ արտասովոր միջոցներ ձեռք առած են, որպէսզի մանուկներուն եւ պատանիներուն առողջութիւնը մնայ անվտանգ: Գիտութիւնն ու փորձառութիւնը անոնց թելադրած են, որ դասարաններու մէջ աւելի փոքրաթիւ աշակերտներ ընդունուին, խաղավայրերու եւ ճաշարաններու մէջ որդեգրուին նոր վիճակին հարկադրած զգուշական ձեւերը: Տակաւին, վաղը-միւս օր պիտի տեղեկագրուին ու թելադրուին այլ կանխամիջոցներ, երկիրներու եւ կրթական հաստատութեանց միջեւ տեղի պիտի ունենայ փորձառութեանց ազնիւ փոխանակում, որովհետեւ բոլորն ալ համոզուած են, որ ԴՊՐՈՑ կոչուածը՝ մեր բոլոր հերոսները իր յարկին տակ լաւագոյն արդիւնքին հասցնող մեծագոյն հերոսն է: Մեր վարժարաններն ալ, օգտուելով մեր եւ այլոց փորձառութիւններէն, վստահաբար պիտի որդեգրեն յարմարագոյն կանխամիջոցները, յուսալով, որ բժշկագիտութիւնը կարելի փոյթով լուծէ մեծագոյն հանելուկը՝ պատուաստ-դեղ հասցնէ այս ժահրին դէմ, ինչպէս որ անցեալին յաջողած է պարտութեան մատնել անդարմանելի նկատուած բազմաթիւ ախտեր, սկսելով թոքախտէն ու թիֆոյիտէն, մանկական անդամալուծութէնէն, ծաղկախտէն մինչեւ այլ մահասփիւռ վարակներ:

Մայիս  2020

Ակնարկ. «Երազ Մը Ունիմ»-էն Մինչեւ «Չեմ Կրնար Շնչել» Կամ` Աջի Եւ Ձախի Պայքարի Վերադարձը

$
0
0

Մինէափոլիսի դէպքը արագօրէն դուրս եկաւ Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն եւ յայտնուեցաւ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին: Կը թուէր, որ Մարթին Լութըր Քինկով սկսած ցեղերու իրաւահաւասարութեան շարժումը շատ ճամբայ կտրած է եւ խտրականութիւնը Սահմանադրութեամբ, օրէնքով եւ քաղաքական թէ հասարակական-ընկերային մարզերու մէջ հիմնովին չէզոքացուցած: Սպիտակ-սեւի բաժանարար գիծերը ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ վաղուց ջնջուած կը թուէին ըլլալ:

Աշխարհաքաղաքական ժամանակակից գործընթացներու հետեւանքներէն կարելի է նկատել աջակողմեան կուսակցութիւններու թեքումը դէպի ծայրայեղ աջի, ազգայնականի, չըսելու համար ցեղապաշտականի: Տարբեր դրսեւորումներ, տարբեր քաղաքական միջավայրերու մէջ կրնան ունենալ նաեւ իրենց ընտրական ազդեցութիւնները: Հասարակական մակարդակի վրայ երեւցող ծայրայեղականութիւնները վերափոխուեցան ընտրական կարգախօսներու եւ յաճախ եւրոպական քաղաքներու մէջ նման ցեղապաշտական առաջադրանքներ պաշտօնական բնոյթ ստացան եւ արդիւնաւորուեցան քուէահաւաքի առումով:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր հռետորաբանութեամբ, անհանդուրժողական ոճով, գերակայութեան տեսութիւններու յաճախակի օգտագործումով զարկ տուաւ խտրականութեան մօտեցումներուն: Հրահրումները ձեւաւորեցին որոշ ենթահող եւ հրաբուխ նախապատրաստող լաւաները ընդյատակեայ ցնցումներ սկսան յառաջացնել:

Հակախտրական երազները, որոնք դարձած էին հասարակական առաջադրանք եւ գործնական տեսք ստացած օրէնքի եւ մտայնութեան ու մշակոյթի ուղղութիւններով կանգ առին կարծէք: Ո՛չ միայն կանգ առին, այլեւ հսկայական քայլերով մեծ ետդարձներ կատարեցին:

Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը պարզապէս ժայթքեցուց հրաբուխը: Խնդիրը շատ արագ տեղափոխուեցաւ սեւի ու սպիտակի աւանդական մօտեցումին: Ամերիկեան լրատուադաշտը նպաստեց հրաբուխի բորբոքումներուն: «Սեւամորթ մարդիկ կը մեռնին Ամերիկայի մէջ» վերտառութիւնը օրերէ ի վեր չ՛իջներ ամերիկեան լրատուամիջոցներու պաստառներէն թէ լրատուական նիւթերու առաջին հորիզոնականներէն:

Քաղաքականօրէն ակնկալելի էր, որ նման միջադէպ մը ընտրութիւններու նախօրեակին լիարժէք օգտագործուէր գործող նախագահի մրցակից ուժին կողմէ: Ընտրական մրցավազքերու մէջ օրինաչափ երեւոյթ են նման քաղաքականացումները: Խնդիրը ցեղային հէնքի վրայ կատարուած արագ բեւեռացումն է, որ կը համոզէ դիպաշարին հետեւողը, թէ ո՛չ սահմանադրութիւնը, ո՛չ օրէնսդրական դաշտը, ո՛չ ալ ափրիկեան ծագումով Ամերիկայի քաղաքացիներուն զանգուածային ընդգրկումը ամերիկեան հասարակութեան թէ պետական համակարգին ի սպառ չէզոքացուցած է սեւ ու սպիտակի աւանդական հակամարտութիւնը:

Հիմա հարցը Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն ալ դուրս եկած է եւ ներգրաւած եւրոպական կարգ մը երկիրներ: Սեւերու պաշտպանութեան շարժումը կը ծաւալի ո՛չ միայն ամերիկեան նահանգներուն այլ նաեւ Ամերիկայէն դուրս եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ:

Համաշխարհային գիւղը (կլոպըլ վիլլէյճը) կը թուէր, որ իբրեւ բնակիչ ունի համաշխարհաքաղաքացիներ, որոնք բաց համակարգի մէջ կապ, յարաբերութիւն, գործընկերութիւն, ամուսնութիւն կը հաստատէին թէկուզ վիրթուալ տարածքներու վրայ: Այս մեծ ետդարձը ընդգծեց, որ Մարթին Լութըր Քինկի երազը տակաւին չէ իրականացած:

Սեւերու պաշտպանութեան շարժումը կ՛ենթարկուի անշուշտ քաղաքական վերափոխումներու: Դասակարգային շերտաւորումներ ստանալով տեղ-տեղ կը վերածուի աշխատաւոր եւ դրամատէր դասակարգի միջեւ պայքարի, այլ տեղ ընդհանուր հաշուով հանրապետական-դեմոկրատական ամերիկեան դասական պայքարին: Իսկ համաշխարհային տարողութիւն ստանալու պարագային` աջի եւ ձախի դասական հակադրութեան:

Կանուխ է հաւանաբար բանավիճային խօսոյթի վերածելը` նոր աշխարհակարգը կրնա՞յ վերափոխուած կամ դիմափոխուած ձեւով վերադարձնել դասական գաղափարաբանութեան հիման վրայ աջի եւ ձախի ուղղութիւնները: Երազը չէ կատարուած. այդ պատճառով ալ անշնչելի դարձած է ապագաղափարականացուած աշխարհը:

«Ա.»

Ազգին Նուիրուած Ընկեր Կարպիս Գույումճեանը (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

Ընկերներդ`
ՓՈԼ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ո՞վ չի ճանչնար ընկեր Կարպիս Գույումճեանը` My way-ը:

Վերջին 50 տարիներուն ան մաս կը կազմէ լիբանանահայ գաղութի առօրեային` թէ՛ Պէյրութի (յատկապէս «Սարդարապատ»-ի շրջանին), թէ՛ նաեւ Այնճարի հայութեան ապրած վերիվայրումներուն:

Ընկեր Կարպիս Գույումճեան ծնած էր 1945-ին, Պուրճ Համուտի մէջ, ուրֆացի ծնողներէ: Փոքր տարիքէն մաս կազմած էր ՀՅԴ պատանեկան միութեան, ապա անցած էր ՀՅԴ շարքերը եւ դարձած գաղտնապահ, նուիրուած ու հաւատաւոր դաշնակցական` ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան մէջ:

Ընկեր Կարպիս Գույումճեան կը դառնայ գործունեայ կուսակցական, յատկապէս մասնակցելով հայահոծ շրջաններու պաշտպանութեան` երկար տարիներ ստանձնելով պատասխանատու պարտականութիւններ:

Ամուր կառչած էր Պուրճ Համուտին եւ երբեք չլքեց իր ծննդավայրը: Բոլոր միջոցներով թիկունք կանգնեցաւ իր կոմիտէին (եւ ոչ միայն), եւ նիւթապէս ու բարոյապէս միշտ օժանդակեց ԼՕԽ-ին (յատկապէս ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին), ՀՄԸՄ-ին , ծերանոցին, կուրանոցին եւ այն հաստատութիւններուն, որոնք կարիք ունէին: Երբեք չմերժեց ոեւէ մէկուն, որ դիմեց իր օժանդակութիւնը խնդրելով:

Ընկեր Կարպիսը մեծ յարգանք եւ համարում ունէր ազգային-կուսակցական պատասխանատուներուն հանդէպ, յատկապէս` ընկեր Հրաչ Տասնապետեանին:

Միշտ պատրաստ էր օգնելու բոլոր ընկերներուն, որոնք յաճախ կը մնային իր տունը` վայելելով իր ընկերասիրութիւնը:

Յատուկ սէր ունէր հալէպահայութեան հանդէպ, միշտ օգնած էր ու ընկերակցած դէպի Հալէպ մեկնող կուսակցական գործիչներուն ու պատասխանատուներուն:

Ընկեր Կարպիս Գույումճեան 1980-ականներուն սկիզբը կառուցեց իր տունը Այնճարի մէջ եւ անբաժան մասը դարձաւ Այնճարի հայութեան` մասնակցելով Այնճարի առօրեայ կեանքին եւ օժանդակելով տարբեր միութիւններու ու կառոյցներու:

Ընկեր Կարպիս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ եւ քանի մը ընկերներով Այնճարի մուտքին հիմը դրուեցաւ «Աքուա-Սեւան» համալիրին` նպատակ ունենալով հայ ընտանիքներ Այնճար հաստատելով զարգացնել շրջանը:

Ան ամուսնացած էր Լուսին Սահակեանին հետ եւ կազմած իր հարազատ հայկական ընտանիքը` բաւարարուելով երեք զաւակներով` Թալին, Ռազմիկ եւ Շողեր:

Ընկեր Կարպիս Գույումճեան ապրեցաւ իր հարազատ ժողովուրդին մէջ, ծառայեց իր ժողովուրդին եւ կուսակցութեան առանց ակնկալութեան եւ դարձաւ բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած My way-ը:

Միշտ ապրեցաւ հայութեամբ եւ Հայաստանով, իրեն համար մշտական մտահոգութիւն էր հայրենիքը, մանաւանդ մտահոգ էր աղքատ ընտանիքներու վիճակով:

Վերջին տարիներուն դարձաւ Այնճարի մնայուն բնակիչը եւ մաս կազմեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան:

Շէն, ընկերասէր, ծառայասէր եւ նուիրուած ընկեր Կարպիսը դժբախտաբար չկայ այլեւս: Քառասուն օր առաջ ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն` սուգի մատնելով իր ընտանեկան պարագաներն ու ընկերները:

Դժուար է հաւատալ, որ ընկեր Կարպիսը չկայ այլեւս:

Սակայն իր կերպարը այնքան լուսաւոր է, որ չի մեռնիր:

Լո՛յս իջնէ հոգւոյդ, ընկե՛ր Կարպիս:

 

 

Ակնարկ. «Հայերու Փրկութեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ 1915-1923» Գիտաժողովին Առիթով

$
0
0

«Ազդակ»-ի 19 նոյեմբեր 2019 թիւին մէջ կարդացինք վերոնշեալ գիտաժողովին լրատուութիւնը, որմէ կը մէջբերեմ. «Երեւանի պետական համալսարանի հետազօտող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ցեղասպանագէտ Հիլմար Քայզերը, որուն զեկուցման թեման էր` «Բողոքականներու նպաստամատոյց գործունէութիւնը օսմանեան 4-րդ բանակի շրջանին 1915-1917 թուականներուն»:… «Հիլմար Քայզերը միակ զեկուցողն էր, որ անդրադարձաւ նաեւ ազգութեամբ թուրք այն մարդոց, որոնք դէմ եղած են ջարդերուն եւ օգնած են տեղահանուածներուն: Մասնաւորապէս ան ներկաներուն ուշադրութեանը ներկայացուց օսմանեան 4-րդ բանակի կատարած բարեսիրական գործողութիւններն ու օգնութիւնը հայերուն» (1): Իրա՞ւ…ի՞սկապէս…

Առ ի տեղեկութիւն՝ 4-րդ բանակի հրամանատարը 18 Նոյեմբեր 1914-էն սեպտեմբեր 1917, որուն յանձնուած էր Սուրիան եւ Պաղեստինը, այժմու Յորդանանը ներառեալ՝ Ահմատ Ճեմալ փաշան էր(1872–1922), որուն մասին Ուիիքիփիտիան կը գրէ.«commonly known as Jamal Basha as-Saffah or Jamal Pasha the Bloodthirsty in the Arab world, was an Ottoman military leader and one-third of the military triumvirate known as the Three Pashas (also called the “Three Dictators”) that ruled the Ottoman Empire during World War I and carried out the Armenian Genocide» (2). Թարգմանութիւնը՝ «Ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ ճանչցուած իբրեւ «Դահիճ Ճեմալ փաշա» կամ «Արիւնարբու Ճեմալ փաշա»,օսմանեան զինուորական ղեկավար մըն էր, եւ ան Օսմանեան կայսրութեան զինուորական հրամանատարութեան մէկ երրորդն էր, որ յայտնի էր իբրեւ Երեք փաշաներ (նաեւ կը կոչուի «Երեք բռնապետներ»), որոնք ղեկավարեցին Օսմանեան կայսրութիւնը Առաջին աշխարհամարտին ընթացքին եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրեցին»:

Կը զարմանամ, որ այսպիսի անձերու ամպիոն տրամադրուած է հայկական հաստատութիւններու եւ խորհրդաժողովներու մէջ: Պիտի կրկնեմ «Յորդանանի Հայերը» գիրքի ներկայացումէս Քայզերի մասին գնահատականս. «Ես վերապահութիւնս կը յայտնեմ Քայզերի այս ուսումնասիրութեան, որ կարծէք, թէ կը փորձէ մեղմացնել ցեղասպանութիւն գործադրած Ճեմալ փաշային պատասխանատուութիւնը:

«Ճեմալ փաշան օսմանեան չորրորդ բանակի հրամանատարը եւ Մեծն Սուրիոյ կառավարիչն էր, եւ շրջանի բոլոր արաբներուն իսկ որակումով ցարդ «արիւնարբու դահիճ` ժազզար, սաֆֆահ» անուանուած է: Քայզերը Ճեմալ փաշայի մասին չհիմնաւորուած երկու սխալ եզրակացութիւններու կը յանգի: Առաջինը՝ որ իբր թէ դէպի Յորդանան աքսորեալ հայերուն հանդէպ «բարեացակամ» էր, եւ երկրորդ, աւելի՛ վտանգաւորը, կ՛եզրակացնէ, որ այս պատճառով, ուրեմն, Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուած չէր…լաւ կազմակերպուած չէր կ՛ըսէ… էջ 40, 41, 46, մանաւանդ էջ 70:

«Զարմանալին այն է, որ Ճեմալ փաշային հրամանատարութեան տակ էր նաեւ ամբողջ Սուրիան, անապատները, Հալէպն ու Տէր Զօրը, ինչո՞ւ ան «բարեացակամ» չէր այնտեղ… Մա՛նաւանդ իր եզրակացութեան վերջին նախադասութիւնը (էջ 105), ուր թէեւ ցեղասպանութիւն եզրը կը գործածէ, սակայն տարօրինակօրէն կ՛ըսէ, որ Երիտասարդ թուրքերու իշխող կուսակցութիւնը ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ միատարր ցեղասպանական քաղաքականութիւն չէր որդեգրած…

«Պէտք է յիշեցնել, որ թրքական զինուորական դատարանը, այլ պատասխանատուներու կողքին, սպանդներ կազմակերպելու համար մահուան դատապարտեց նաեւ Ճեմալ փաշան, իսկ մահավճիռը գործադրեցին Ստեփան Ծաղիկեանը, Արտաշէս Գէորգեանը եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեանը 21 յուլիս 1922-ին Թիֆլիսի մէջ, «Չեկայի» շէնքին իսկ առջեւ» (3):

Այստեղ կ՛ուզեմ յիշեցնել նաեւ «չքմեղանք որոնող» այլ պարագայ մը, որուն անդրադարձած էի «Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Կարգ Մը Զինուորականներու Դերակատարութիւնը – Ա.» (4) յօդուածաշարքով 24 ապրիլ 2018-ին, որմէ կը մէջբերեմ. «Երկրորդը եւ երրորդը երկու տարօրինակ յօդուածներ են՝ հայազգի Միւրիըլ Միրաք Ուէյսպախի կողմէ գրուած, ամերիկահայ «Տը Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» անգլերէն շաբաթաթերթին մէջ: 12 յունուար 2017 թուակիր` «Լիման վոն Սանտըրզ` պատուոյ խնդիր մը», շատ երկար յօդուած` 4100 բառ (6) եւ 16 նոյեմբեր 2017 թուակիր` «Լիման վոն Սանտըրզի արժանապատիւ հռչակին վերականգնումը» (7):

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 2015-ին Գերմանիոյ նախագահին ուղերձէն, ուր Ցեղասպանութիւնը, նաեւ` Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը ընդունելէն ու Գերմանիոյ խորհրդարանին 2 յունիս 2016-ին Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն եւ Ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան Գերմանիոյ բաժինը ընդունելէն ետք`2017-ին գրուած են այս յօդուածները…

«Հեղինակը 2016-ի աշնան ամուսնոյն հետ այցելած է Գերմանիոյ Տարմսթատ քաղաքին պատմական գերեզմանոցը, ուր թաղուած է Լիման վոն Սանտըրզը: Ըստ երեւոյթին, Տարմսթատի քաղաքապետութիւնը 22 յունիս 2015-ին վերանայելէ ետք Լիմանի եւ վեց այլ զինուորականներու արժանիքները, մասնագէտներու կողմէ երեք տարուան ուսումնասիրութիւններէն ետք, որոշած են շնորհազրկել զանոնք «Պատուոյ գերեզման»-ի կարգավիճակէն: Պատճառը` «Անոնց վիճակը հիմնաւորուած էր միայն ռազմական յաջողութիւններու վրայ»: Իսկ Լիմանի պարագային կ՛աւելցնեն, որ` «Առ նուազն ան անուղղակիօրէն մասնակից էր հայերու տեղահանութեան եւ բնաջնջումին»: Այս հաստատման համար  փաստաթուղթ-ապացոյցի փոխարէն` հեղինակները կը նշեն «Բարձր պատասխանատուութեան դիրքի իր պաշտօնը` արեւելեան Թուրքիոյ մէջ»:

«Սակայն, կ՛ըսէ հեղինակը, հայերը գիտեն, կամ պէտք է գիտնան, որ ան Զմիւռնիոյ (այժմ Իզմիր) շուրջ 6-7 հազար հայերու կեանքը փրկած է իր միջամտութեան շնորհիւ (անոնց տեղահանութիւնը սկսելէն ետք եւ ապահովական նկատառումներով եւ ոչ թէ` մարդասիրական, ՅՉ) հարց տալով, որ պէտք չէ՞ գոնէ այս պատճառով վերստին պատուի արժանանայ…

«Իրականութեան մէջ այս յօդուածը եւ անոր ենթահող տրամաբանութիւնը յստակօրէն կը փաստեն Օթթօ վան Լիման Սանտըրզին պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ: Եթէ ան կրցաւ փրկել Զմիւռնիոյ հայերէն մաս մը` իբրեւ Թուրքիոյ մէջ գերման գերագոյն հրամանատարը, 1913-1919, ինչո՞ւ ան չփրկեց Թուրքիոյ ամբողջ հայ բնակչութիւնը` մէկուկէս միլիոն նահատակ հայերը…

«Երկրորդ  յօդուածը կը վերաբերի 4 նոյեմբեր 2017-ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած, հանգստեան կոչուած գերման զօրավար Էքհարտ Լիսեքի «Մարաջախտ Լիման վոն Սանտըրզ` պատուաւո՞ր զինուոր» խորագրով դասախօսութեան` իբրեւ քննարկում վերը նշուած «Պատուոյ գերեզման»-էն շնորհազրկուելու հարցին:

«Լիսեք այս հարցը քննարկող ճիշդ անձն էր», կ՛ըսէ Միրաք քանի որ ան նաեւ 2002-2005 Պոլսոյ մէջ ղեկավարած է ՕԹԱՆ-ի «Արագ միջամտութեան մարմինին», որուն ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան հազարէ աւելի նիւթեր ուսումնասիրած է եւ` թրքերէն ու այլ լեզուներ սորված: Ան չորս գիրքերու հեղինակ է, որոնցմէ` 2017-ին լոյս տեսած «Հայոց ցեղասպանութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին. գերմանացի սպաները դերակատա՞ր էին»:

«Գերմանացիներուն երկընտրանքը» ենթաբաժինին մէջ Լիսեք կ՛ըսէ, որ գերմանացի սպաները, որոնք ստանձնած էին օսմանեան բանակը մարզելու գործը, պատուիրուած էին Վիլհելմ Բ. կայսրին կողմէ` «միջամուխ չըլլալ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան»:

«Այս մէկը երկընտրանքի մղեց սպաները` կուրօրէն հնազանդի՞լ կայսրին, թէ՞ իրենց խղճին, երբ հակահայ ջարդերը սկսան: Եւ կը նշէ, օրինակ, զօրավար Ֆրետերիք Պրոնսարթ վոն Շելենտորֆը (օսմանեան բանակի սպայակոյտի պետը, որ փոխարինեց Լիմանը, որ հարցեր կ՛ունենար պատերազմի նախարար Էնվեր փաշային հետ), որ միջամուխ եղաւ` ուղղակի զօրավիգ կանգնելով տեղահանութեան: Ապա կը նշէ Լիմանին միջամտութիւնը Զմիւռնիոյ 7-8 հազար (6-7 հազա՞ր) հայերու եւ այլ վայրերու մէջ` նաեւ յոյներու փրկութեան, եւ թէ` ան մերժած է իր հայ եւ հրեայ թարգմանները գործէ արձակել (քանի որ ուրիշը չկար): Վկայակոչելով Քրիսթոֆ Տինքըլի ուսումնասիրութիւնը` կ՛ըսէ, որ Լիմանը միակ սպան էր, որ փրկեց հայեր եւ յոյներ:

«Արդեօ՞ք բոլոր հայերուն տեղահանութիւնը իրենց երկրէն «ներքին քաղաքական հարց» էր…

«Պատերազմի ոճիրները բնա՛ւ կարելի չէ արդարացնել, նոյնպէս` բոլո՛ր «Պիղատոսները», որոնք կարողութիւնը ունէին կասեցնել մարդկութեան դէմ այս ահաւոր ոճիրը, սակայն ոչինչ ըրին:

Երբ ի՛ր իսկ դատարանը Ճեմալ փաշայի պարագային մահուան դատապարտեց զինք, իսկ Լիման վոն Սանտըրզ-ի պարագային իր քաղաքապետարանը մասնագէտներու կողմէ երեք տարուան ուսումնասիրութիւններէն ետք, որոշեց շնորհազրկել զինք՝ ի՞նչ են նպատակը Հիլմար քայզերին եւ այս «չքմեղանք որոնողին», եթէ ոչ ցեղասպանութեան ժխտողականութիւն՝ մէկ-մէկ ոճրագործներ առնել եւ փորձել անոնց մէջ գտնել «մեղմացուցիչ» արարքներ:

Պէտք է զգաստանա՛լ:

20 նոյեմբեր 2019

———————

(1)  http://www.aztagdaily.com/archives/466197

(2)  https://en.wikipedia.org/wiki/Djemal_Pasha

(3)  http://www.aztagdaily.com/archives/465103

(4)  http://www.aztagdaily.com/archives/391028

 


Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը

$
0
0

 

Գնդ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆ
Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան զինուորական կցորդ

Հայ ազգի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ քաջատեղեակ է Հայկական լեռնաշխարհում Ուրարտական պետութեան, ինչպէս նաեւ Մեծ Հայքի Երուանդունիների, Արտաշէսեանների, Արշակունիների եւ Բագրատունիների թագաւորութիւնների պատմութեան ընթացքում հայ ժողովրդի պետականաշինութեան եւ մշակութային զարգացման յաջողութիւնները:

Հայկական լեռնաշխարհն ու հայ ժողովուրդն իր հազարամեակների դժուարին պատմութեան ընթացքում բազմիցս ենթարկուել են արտաքին թշնամու յարձակումներին, որոնց ընթացքում պատմական փառահեղ յաղթանակները կերտել է խիզախութեան եւ, յատկապէս, համաժողովրդական պայքարի շնորհիվ` ապահովելով Հայրենիքի ու հայ ժողովրդի ազատութիւնն եւ անկախութիւնը:

Համաշխարհային պատմական իրադարձութիւնները դասեր են տուել աշխարհի ժողովուրդներին եւ ապացուցել, որ իւրաքանչիւր ազգի անվտանգ գոյատեւման ու ազգային նպատակներին հասնելու յաջողուած գրաւականը պետութեան եւ ազգային կառոյցների համախմբուածութիւնն է:

Այդ առումով հայ ժողովրդի գոյատեւման ընթացքում միասնական պայքարի պատմական ցայտուն եւ վճռորոշ առաւել յիշարժան դրուագներից են, յատկապէս, Աւարայրի ճակատամարտն ու Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերը:

Աւարայրում հայ ժողովուրդը` որպէս առաջին քրիստոնեայ պետութեան կրող, պաշտպանելով սեփական գոյութիւնը, հաստատել են նաեւ հոգեւոր հաւատամքին նուիրական մնալու կամքը, իսկ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերում յաղթանակներով, 543 տարի առաջ Կիլիկիայի հայկական թագաւորութիւնը կորցնելուց յետոյ, նաեւ հնարաւորութիւն է ստեղծել հայ ժողովրդի նորագոյն պատմութեան շրջանում հայ ազգային պետականութեան վերածննդին` 1918թ. մայիսի 28-ին հռչակելով առաջին անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Այս հերոսամարտերը վերահաստատել են, որ ազգային արժեքների` քրիստոնէութեան ու անկախութեան համար պայքարը հայ ժողովրդի համար բարձրագոյն արժէքներ են: Այն նաեւ ապացուցել է, որ հայն` իր հայրենասիրութեամբ, ազգային գիտակցութեամբ, ազատութեան եւ անկախութեան հանդէպ տենչանքով, ունի քրիստոնէական արժէքներով պարուրուած անկոտրում կամք, իսկ յաղթանակներն առաւել հեշտ է ձեռք բերել միմիայն միասնական ու համաժողովրդական պայքարի միջոցով:

Մայիսի 28-ին Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան հիմնադրմանը նախորդած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերը վերը նշուած խօսքերի ապացոյցն է, ինչի արդիւնքում հայ ժողովուրդն արեամբ է ձեռք բերել սեփական պետականութիւն ստեղծելու եւ վերածնուելու իրաւունքը: Փոքրաթիւ ուժերի հերոսական պայքարով հայ ժողովուրդը կարողացաւ ստեղծել հայկական ազգային պետականութիւն, որի գոյութեան ընթացքում կառուցուեցին այն հիմնասիւները, որոնց շնորհիւ, անկասկած, այլեւս յարատեւելու է Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայ ազգը:

Պատմական ժամակները փոխուել են, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան, Հայ եկեղեցու եւ Սփիւռքի հանդէպ արտաքին թշնամական նկրտումներն ու մարտահրաւէրները մնացել են անփոփոխ, աւելին` դրանք ստացել են նոր դրսեւորումներ:

Աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային ներկայ զարգացումների պայմաններում հայ ազգային պայքարն ու նորօրեայ Սարդարապատի հերոսամարտերն առջեւում են դեռ: Հայ ազգի ներկայ եւ գալիք սերունդների համար կարեւոր է մեր նախնիների օրինակով ազգային խնդիրներում համազգային գաղափարներով ղեկավարուելու առաջնահերթութիւնը: Նոր յաղթանակների հասնելու համար այլեւս պահանջւում են համազգային նոր մօտեցումներ եւ համահայկական համախմբման անհրաժեշտութիւն:

Այդ առումով այսօր առաւել քան կարեւոր են համազգային զգօնութեան բարձրացումը, Հայրենիքի շուրջ համահայկական կառոյցների միասնականութիւնը:

Առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակումից անցել է աւելի քան 100 տարի, սակայն, Հայրենիքի հանդէպ ներկայիս մարտահրաւէրներին դիմագրաւելու նպատակով, Աւարայրի եւ Սարդարապատի հերոս հայորդիների ազգային նպատակների գաղափարական նուիրուածութեան օրինակն ուսանելի եւ ժամանակի պահանջ է դարձել իւրաքանչիւրիս համար:

Փառք ու պատիւ բոլոր այն հայորդիներին, որոնք հայ ժողովրդի պատմութեան ընթացքում եւ 20-րդ դարի սկզբում պատմական բարդ իրավիճակում համազգային ներուժի կենտրոնացմամբ իրենց պայքարն են մղել եւ ներդրումն ունեցել Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան հիմնադրման ու հայապահպանութեան գործում:

Օգտուելով առիթից` ՀՀ ԶՈւ անունից սրտանց շնորհաւորում եմ հայկական պետականութեան վերածննդի` Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձի կապակցութեամբ, բոլորին մաղթում խաղաղութիւն, բարօրութիւն, անկոտրում կամք եւ ազգային նպատակների իրականացում:

 

 

Ի՞նչն Է, Որ «Offline» Է, Երբ Մենք «Online» Ենք Մտորումներ` Կրթական Ոլորտին Մէջ

$
0
0

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Առցանց ուսուցումը նորութիւն չէ կրթական եւ ակադեմական մարզերուն մէջ: 20-րդ դարու ընձեռած արդիւնաւէտ կարելիութիւններէն մէկն է ան, որուն տարբեր հարթակները եւ դասաւանդումի հետաքրքրական միջոցները հետզհետէ դարձան հիմնական ու կայացած մեթոտաբանութիւն: Առցանց ուսուցումը` դասերը առաւել հաճելի եւ գրաւիչ դարձնող, պատանիին եւ երիտասարդին նախասիրած առօրեայ «լեզուն» խօսող եւ անհատական սորվելու տարբեր եղանակներ գոհացնող, բոլորին հասանելի եւ մատչելի աշխարհ մը դարձաւ. աշխարհ մը, որ հաճելի ժամանցին եւ հրապուրիչ ներկայացումներու նորօրեայ ոճը տեղափոխեց նաեւ դաստիարակութեան ոլորտ եւ շատ յաճախ առաջնորդեց աշակերտներու ուսումնական արդիւնքներու բարելաւման եւ գործօն մասնակցութեան ապահովման: Ան նաեւ օժանդակեց ուսուցիչին` հարստացնելով դասաւանդման մեթոտներու իր պաշարը եւ ամրապնդելով ուսուցողական նպատակակէտերու իրագործումը:

Աշակերտներու հետաքրքրութեան խթանիչ ուժ հանդիսանալու կողքին, առցանց ուսումը դարձաւ նաեւ դպրոցներու եւ կրթական հիմնարկներու յառաջդիմութեան չափանիշ եւ երբեմն` նորարարութեան հետեւած ըլլալու հպարտանքի աղբիւր. ծնողներ յատուկ գոհունակութեամբ ընդունեցին զայն, խանդավառուեցան անոր բարեմասնութիւններով եւ զայն նկատեցին իրենց զաւակներու որակաւոր ուսում ապահովելու երաշխիքը: Գործածութեան իր այս տարողութեան եւ ձեւաչափին մէջ առցանց ուսուցումը ունեցաւ բարերար ազդեցութիւն ընդհանրապէս, երբ մանաւանդ անոր օգտագործումը տեղադրուեցաւ որակաւոր ուսուցման ծրագիրներու մէջ, իբրեւ օժանդակ եւ ամբողջացուցիչ մեթոտ` դասաւանդման տարատեսակ եղանակներու եւ ռազմավարութիւններու կողքին:

Աշակերտակեդրոն ուսուցման գործընթացին կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը հանդիսացող առցանց մեթոտը վերջին շրջանին դարձաւ հիմնական եւ միակ ձեւը: Համաճարակի այս օրերուն դպրոցներն ու համալսարանները դիմեցին այս ձեւին, կրթական ծրագիրներու ամբողջացման համար եւ տուեալ պարտադրուած իրավիճակին մէջ, անիկա ընկալուեցաւ իբրեւ «փրկարար» ստեղծուած մերօրեայ թոհուբոհին մէջ: Այսպէս, կրթական հաստատութիւններ մանրամասն եւ հետեւողական համադրումով ջանացին կարելի եղածին չափ դասանիւթերու ծրագիրները ամբողջացնել, աշակերտ-ուսուցիչ-դպրոց կապի խզումը կանխարգիլել, աշակերտներու զարգացման նպաստող օգտակար հարթակ մը ստեղծել եւ կրթական գործի շարունակականութիւնը ապահովել: Ուսուցիչներ, բծախնդրօրէն եւ կրկնապատիկ աշխատանքով, փորձեցին առաւելագոյն չափով հասանելի եւ հասկնալի դասաւանդում կատարել, աշակերտը կարգապահ աշխատանքի մղել եւ արժեւորումները կարելիութեան սահմաններուն մէջ արդար կիրարկելի դարձնել:

Աշակերտներու տարիքային առանձնայատկութիւնները նկատի ունենալով, առցանց ուսուցումը տուեալ դասարանին եւ դասանիւթին յարմարեցնելու փորձ կատարուեցաւ` երբեմն յաջող, երբեմն թերի կերպով. ծնողներ գործակցեցան, աշակերտներ աշխատեցան, ուսուցիչներ վերադասաւորեցին եւ ձեւափոխեցին համակարգի պահանջներն ու նպատակակէտերը: Դրական եւ յուսալի մօտեցում որդեգրելով, կարելի է ըսել, թէ աշխատանքը խիստ գնահատելի էր, իսկ արդիւնքը` բաւարար:

Ուսուցանել սորվիլ գործընթացը երկկողմանի եւ երկու կողմերուն հաւասար ներդրումը ապահովելու ձգտող կազմակերպուած դրոյթ մըն է, որ կը բաղկանայ հիմնական 3 փուլերէ` ծրագրաւորում, կիրարկում, արժեւորում: Իւրաքանչիւր փուլ ունի իր պայմաններն ու յաջողութեան չափանիշները: Այսպէս, ծրագրաւորումի փուլին դժուարութիւնները յարաբերաբար մեծ չեղան. դասի նպատակակէտերը ճշդուեցան, միջոցի եւ ժամանակի պատշաճեցում կատարուեցաւ, եւ բովանդակութեան փոխանցումի ձեւը առաւելաբար կեդրոնացաւ լսողատեսողական բաղկացուցիչներու վրայ: Ապա այս բոլորին կիրարկումը ունեցաւ յատուկ ժամանակացոյց եւ ճշդուած ժամկէտ. այս բոլորը` պաստառով մը, որուն ետին կանգնող ուսուցիչը փոխանցեց դաս մը, դասեր, որոնք, հակառակ իրենց նորաձեւ բնոյթին, շատ յաճախ եղան նոյնանման, միապաղաղ եւ սահմանափակ: Աշակերտները շատ յաճախ եղան չէզոք եւ նոյնիսկ կրաւորական, իրենց պատկերն ու ձայնը երբեմն ընտրովի, մութ եւ լուռ: Արժեւորումը  երբեմն դարձաւ անշրջանցելի դժուարութիւն: Շատ յաճախ անիկա եղաւ միայն պարտաւորութիւն մը, որ անտեսեց արժեւորումը կանխող, եւ անոր պատրաստող աշակերտին իւրացման նպաստող եւ զայն ամրապնդող քայլերը: Մտահոգութիւններ արձանագրուեցան նաեւ աշակերտներու ներկայացուցած աշխատանքներու ինքնատպութեան մասին, նիշերու արդարացիութեան եւ ժամանակի ճիշդ տնօրինումին մասին: Այս բոլոր երեւոյթներուն ի տես, կարգ մը մասնագէտներ առաջարկեցին սոյն մեթոտը առցանց (online) չկոչել, այլ զայն փոխարինել հեռակայ (distance) ուսուցում եզրով, զայն հիմնաւորելով աշակերտներու ոչ ամբողջական մասնակցութեան եւ թերի ներկայութեան իրականութեամբ: Ուրիշներ կատարեցին այն հարցադրումը, թէ արդեօք տեղի ունեցածը իրաւա՞մբ online learning-է, թէ՞ online teaching միայն: Այլ խօսքով, կատարուածը ուսուցանե՞լ է միայն, թէ՞ կայ նաեւ սորվելու եւ իւրացումի ապացոյց:

Ի՛նչ անուանում ալ որ տրուի սոյն երեւոյթին, կ’արժէ պահ մը մտածել, թէ ո՞վ եւ ի՞նչը «offline» գնաց, այս «online» աշխարհին մէջ: Այս պարագային «offline» երթալը փոխաբերական իմաստով կը վերաբերի այն վատ հետեւանքներուն, զորս կրեցին շատեր եւ դաստիարակչական գործի կարգ մը էական բաժիններ.-

Ո՞վ

– Յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներ, որոնք այս պարագային առիթ չունեցան իրենց դժուարութիւններուն հետեւող եւ լուծումներ գտնող ուսուցիչներ / մասնագէտներ ունենալու իրենց կողքին:

– Յատուկ ձիրքեր ունեցող աշակերտներ, որոնք կաղապարուած այս ձեւին մէջ բաւարար չափով չկրցան յայտնաբերել եւ զարգացնել իրենց ստեղծագործական կարողութիւնները:

– Բացատրութեան երկրորդ առիթին սպասող, միջին կարողութիւններով օժտուած աշակերտներ, որոնք ստիպուած եղան յարմարիլ մատուցուածին միայն:

– Լուսանցքայնացած, ներամփոփ եւ ամչկոտ աշակերտներ, որոնք գրեթէ անհետացան այս կշռոյթին մէջ:

– Նիւթական աղբիւրներէ զուրկ, համացանցի եւ ելեկտրականութեան դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներ, որոնք անգամ մը եւս սուղ գին վճարեցին թուայնացած աշխարհին բարիքները չվայելելնուն համար:

– Զարգացումի թերի մակարդակ ունեցող ծնողներու զաւակ-աշակերտներ, որոնք թեքնիք եւ դաստիարակչական օժանդակութիւն չստացան տան մէջ:

– Ոչ գոհացուցիչ աշխատավարձ ունեցող ուսուցիչներ, որոնք յաւելեալ ծանրաբեռնուածութիւն ունեցան, առանց ըստ այնմ գնահատուելու:

Ի՞նչ

– Աշակերտներու առցանց ապահովութիւնը վտանգուեցաւ, երբ մանուկ-պատանի աշակերտներ տարբեր տեսակի առցանց վատ արարքներու զոհ գացին:

– Աշակերտներու ուշադրութիւնը եւ կեդրոնացումը նուազեցաւ, որովհետեւ կարելի չեղաւ անհատական խնամքի առարկայ դարձնել իւրաքանչիւր աշակերտ:

– Աշակերտները զգօն վիճակի մէջ պահելու ուսուցիչի դերակատարութիւնը տկարացաւ, որովհետեւ ուսուցիչը պաստառին ետեւէն լոկ խօսողի մը վերածուեցաւ` հեռու իր յարատեւօրէն աշխուժ վիճակէն:

– Ակադեմական դասանիւթերու սպառիչ քննարկումներուն եւ արտայայտուելու բազմաթիւ առիթներու ընդմէջէն զարգացող լեզուամտածողութիւնը տուժեց` իր ժխտական ազդեցութիւնը ձգելով մարդու իմացական աշխարհի կազմաւորման եւ մտածումի առողջ եւ ճշգրիտ դրսեւորման վրայ:

– Ինքնութեան / ազգային ինքնութեան կազմաւորումը խոչընդոտներու հանդիպեցաւ, որովհետեւ անիկա առողջ է միայն կրթական հաստատութեան մը ֆիզիքական եւ ընկերա-բարոյական միջավայրին մէջ եւ ոչ պաստառի մը ետին:

– Մարդկային տարրը ակամայ անտեսուեցաւ. գործօն մը, որուն առկայութեան համար այնքա՛ն կենսական է դէմ – առ -դէմ հաղորդակցութիւնը, եւ առանց որուն աշակերտին մօտ ինքնավստահ զգացողութիւն եւ ինքնուրոյն մտածողութիւն կարելի չէ երաշխաւորել:

– Միասին ապրելու ոգին, մղիչ ուժը, ժպիտները, ընկերային յարաբերութիւնները, իր նմանին օգնելու, կարեկցելու, անոր հետ վիճելու, մտածում եւ զգացում բաժնելու առիթները չքացան: Բնականօրէն աղմկարար դասարանի մը շարժունութիւնը, խօսակցութիւնները պաստառին ետին խեղդուեցան:

– Քննական միտքի ամրապնդումը մնաց թերի, որովհետեւ պարտականութիւնները մեծ մասամբ եղան չափուած-ձեւուած եւ առիթ չընծայեցին հանգամանօրէն քննարկումներ եւ վերլուծումներ կատարելու:

– Դպրոցական առօրեայի ընթացքին ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով կազմաւորուող ինքնակարգապահ մօտեցումը, արտայայտութեան առիթ չունեցաւ, որովհետեւ պաստառին պահանջած կարգապահութիւնը յաճախ մակերեսային եղաւ-թեքնիքներ եւ ժամկէտեր յարգել, պարտականութիւններ տեղադրել, տեղեկութիւններ ներբեռնել… այսպիսով, գիտակից կարգապահութիւնը կորսուեցաւ ձեւական  սահմանափակումներու մէջ:

– Ուսուցիչի ճկունութիւնը եւ դասաւանդումի ընթացքին ազատ ստեղծագործելը կաշկանդուեցան, որովհետեւ շատ յաճախ կարելի չեղաւ դասաւանդումը անմիջականօրէն կանգնեցնել, թիւրիմացութեան մը կամ թերի ըմբռնումի մը ամբողջական եւ խորքային ճշդումին համար:

– Աշակերտի փոխակերպումին, հարցերուն կամ յառաջընթացին վերաբերող ուսուցիչներու միջամտութիւնները նուազեցան, որովհետեւ այդքան ալ դիւրին չեղաւ առարկայական տուեալներ հաւաքել` հետեւողական դիտարկումներով անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալու համար:

Կրթական համակարգի եւ նպատակներու վերաքննութեան եւ վերաձեւաւորումի անհրաժեշտութիւնը առկայ էր համաճարակէն առաջ: Վերջերս ստեղծուած ոչ – բնական պայմանները չեն որ մեզ դէմ յանդիման դրին կրթական ոլորտէն ներս անյետաձգելի բարեփոխումներու հրամայականին: 21-րդ դարու սկիզբէն ի վեր մասնագէտներ կը խօսին այս մասին – կրթական նպատակներու վերատեսութիւն, աշակերտներու առաւել մասնակցութիւն, իմաստաւորուած սորվելու հմտութիւններ, կեանքի եւ մարդու բարօրութեան առնչուող գիտելիքներու ամրապնդում, ստեղծագործ եւ մտածող մարդու կայացում եւ այլն: Վերջին ամիսները սակայն, այս բոլորը վերածեցին ահազանգային, անյետաձգելի աշխատանքի մը, որուն յաջողութեամբ պսակումը կ՛ենթադրէ խոր վերլուծում, իրավիճակի առարկայական քննարկում եւ մասնագիտական հիմնաւորումներէ թելադրուած առաջարկներ:

Յառաջիկայ օրերուն մանկավարժութեան եւ մանկավարժական հոգեբանութեան մարզերուն մէջ կատարուելիք ուսումնասիրութիւնները, փորձարկումները եւ գիտական աշխատասիրութիւնները տակաւին շատ ըսելիք եւ թելադրելիք պիտի ունենան առցանց ուսուցման մասին: Տուեալներու հաւաքագրումով եւ վիճակագրական վերլուծումներով կարելի պիտի ըլլայ կատարել, գիտական հիմքերով եզրայանգումներ, որոնք անպայմանօրէն կրնան չհաստատել վերը տեղ գտած դիտարկումները կամ միտքերը: Ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները կրնան յստակօրէն վճռահատել թէ առցանց ուսուցումին դրական կողմե՞րն են աւելի ազդեցիկ, թէ՞ բացասական հետեւանքները: Սակայն բոլոր պարագաներուն, յստակ իրականութիւն մը կը յայտնուի մեր դիմաց -կրթութեան ապագան եւ կրթական հաստատութիւններու յառաջիկայ աշխատելաոճը արմատական փոփոխութիւններ պիտի կրեն, որոնց կեդրոնը պիտի յայտնուի առցանց ուսուցման առաւել տարածումը եւ հետեւողական օգտագործումը: Հետեւաբար, ի՛նչ ալ ըլլան այս ոլորտին մէջ իրենք զիրենք պարտադրող փոփոխութիւնները, պէտք է ի մտի ունենալ, թէ անոնք պէտք է ծրագրուին եւ կիրարկուին յանուն միտքերու եւ հոգիներու յարատեւօրէն «online» կարգավիճակի մը, ուր կարելի է ուսուցանել եւ սորվիլ` վերլուծական զգօնութեամբ եւ մարդկային արժանավայել կեցուածքներով:

 

 

 

Կրտսեր Ալիեւի Հերթական Յոխորտանքները Եւ Փաշինեանի Դրսեւորած Անորոշութիւնները

$
0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Ակնարկութիւնը կը վերաբերի Ազրպէյճանի նախագահին վերջերս կատարած անպատասխանատու, ռազմաշունչ եւ ռազմաքաղաքական որոշ յոխորտանքներուն:

Արդարեւ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 28 մայիսին «տեղահանուածներ» խմբակի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի վերականգնէ տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ տագնապը պէտք է վերջնականապէս լուծուի, անկէ ետք տեղահանուածները պիտի կարենան «վերադառնալ»:

Ան, շարունակելով ըսաւ. «մեր զինուորական հզօրութիւնը, տնտեսական առաւելութիւնը, միջազգային դիրքն ու յառաջատար երկիրներու աջակցութիւնը կարեւոր դեր պիտի խաղան մեր հողերու ազատագրման համար»` աւելցնելով, որ «այսօր զինուորական մեր գործօնը կը գտնուի առաջնային դիրքի վրայ»:

Նախապէս ալ բազմաթիւ այլ պետական բարձրաստիճաններու կողմէ եղած են նմանօրինակ զառանցումներ, յոխորտանքներ եւ յայտարարութիւններ, յատկապէս` Հայտար Ալիեւի 2002-ի 17 հոկտեմբերին կատարած յայտարարութիւնը, որ` «Ազրպէյճանը ամէն գնով պիտի ազատագրէ իր տարածքները, եւ մօտ օրէն Սեւանայ Լիճի ափին պիտի նախաճաշենք», եւ 2019-ի Մեհրիպան Ալիեւի կողմէ, որ հաւանաբար կրնայ երկրի յաջորդ նախագահը ըլլալ, քանզի Ազրպէյ‎ճանի մէջ իշխանութիւնները ժառանգական են, իր կարգին, օրին կը յայտարարէր, որ «Ղարաբաղի իւրաքանչիւր գիւղի, իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ պիտի ծածանի Ազրպէյճանի դրօշը»:

Արդարեւ, սոյն յայտարարութիւնները, թերեւս անլուրջ եւ ռազմական մասնաւոր հիմք չունենալով հանդերձ, հաւանաբար կը խօսին մտածողութեան մը մասին, առնուազն ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչ իշխանութիւններու մտքին մէջ տակաւին ոչ մէկ բան փոխուած է, հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի թափած «ճիգին», վերելակային քաղաքականութեան, երեք ժողովուրդները բաւարարող տարբերակի մը կարելիութեան, երկուստեք թէժ գիծի մը հաստատման քաղաքականութեան, հայկական կողմէն յղումներ չկատարելը Սէնթ Փեթերսպուրկի եւ Ժնեւի բանակցութեանց ընթացքին հայկական կողմի ձեռքբերումներուն, Լաւրովի տխրահռչակ փուլային տարբերակի յայտարարութեանց, Երեւանի թոյլ եւ փխրուն արձագանգը, իսկ եթէ ասոնց վրայ ալ գումարենք Փաշինեանի դրսեւորած անորոշութիւնները, խուսափողական եւ յարափոփոխ յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Փաշինեանի տիկնոջ կողմէ «Կանայք յանուն խաղաղութեան» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ կատարած «աշխատանքները», կ՛ունենանք այն, ինչ որ ունինք առ այսօր:

Փաստօրէն, այսօր, ի տես Արցախի հարցի կարգաւորման գծով Ազրպէյճանի իշխանութիւններու դիրքորոշման, կարելի է արձանագրել, որ անոնք անփոփոխ կը մնան իրենց քաղաքական անհեթեթութեան ու երեւակայական կեցուածքին մէջ, այսինքն` մասամբ վերադառնալ 1988-ի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզի կարգավիճակին` որոշ յաւելեալ իրաւասութիւններով: Ուղիղ անհեթեթութիւն:

Այդ իսկ պատճառով, կարելի է հաստատել, որ Ազրպէյճանը տարհամոզելու` աւելի արդար լուծումի մը յանգելու, այդ աւելորդ եւ արուեստական ճիգը, ըստ էութեան, առաւելաբար կը տկարացնէ հասարակութեան դիմադրողականութիւնը, համազգային ներուժը, կորովը եւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեանց եւ ինքնորոշման պետական քաղաքականութիւնը, նաեւ Արցախի հարցի կարգաւորման գծով առիթ կ՛ընձեռէ միջազգային հանրութեան` ճնշումներ պարտադրելու հայկական կողմին, կը տկարացնէ զոյգ Հանրապետութեանց զինուած ուժերու զգօնութիւնը շփման գիծի վրայ, սահմաններու անվտանգութիւնը հսկող զինուորներուն կորովը, կամքը ու խիզախութիւնը եւ ազգային ընդհանուր քաղաքականութիւնը:

Հոս տեղին է նշել, որ ամբողջ աշխարհը լաւ գիտէ, որ հայ ժողովուրդը, Հայաստանը եւ Արցախը միշտ խաղաղասէր եւ կառուցողական կեցուածք ցուցաբերած են, հայկական զոյգ Հանրապետութիւնները չեն, որ ռազմատենչ, ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն վարած են եւ նախայարձակ եղած են, առաւել պատերազմը կորսնցուցած են, Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդները բնաւ չեն ժխտած կամ մերժած խաղաղութեան նախապատուութիւնը եւ գաղափարը, որպէսզի յատուկ ճիգ ի գործ դրուի Փաշինեաններու եւ Յակոբեաններու կողմէ համոզելու կամ պատրաստելու զանոնք, մանաւանդ այնպիսի տխրահռչակ յայտարարութիւններով, ինչպիսին էր օրին տիկին Աննա Յակոբեանի կողմէ «Ազատութեան ձայն»-ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ` «ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին արձանագրուեցան զոհեր, որոնք «ոչինչի չօգնեցին»»:

Հայ ժողովուրդին պահանջածը ընդամէնը պատմաքաղաքական արդարութեան վերականգնումն է եւ սեփական իրաւունքներու ձեռքբերումը` ընդառաջելով եւ զօրակցելով հանդերձ խաղաղութեան եւ բանակցութեանց գործընթացին, սակայն առանց մեր ռազմաքաղաքական դիրքերը տկարացնելու, անվտանգութեան երաշխիքները կորսնցնելու եւ առանց որեւէ էական զիջումի, ուրիշ խօսքով` շրջանի կայունութիւնը, առեւտրական, տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական գործառոյթները երբեք պիտի չըլլան հայ ժողովուրդի եւ արցախահայութեան անկախութեան եւ անվտանգութեան հաշուոյն:

Ի դէպ, յարձակողապաշտ ազրպէյճանական կողմին վերջին ջղագարութիւններուն, ներթափանցման զինուորական գործողութիւններուն, յաճախակի զինադադարի խախտումներուն կապակցաբար, կ՛արժէ անգամ մը եւս յիշեցնել, որ իրենք անվերադարձօրէն կորսնցուցած են պատերազմը, որ արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան հետ սպառնալիքի լեզուով կարելի չէ խօսիլ ալ, պարզ է, որ համայն հայութեան համար չկայ փուլային, Մատրիտեան, Կազանեան եւ Լաւրովեան փլան, այլ կայ`  Արցախի անկախութեան փաստացի քաղաքական, զինուորական, պետական իրողութիւն, եւ պէտք է հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ իրենք գործ ունին, ըստ էութեան, կայացած, ուժեղ եւ ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութեան հետ եւ պէտք է աւելի խոհեմ ու իրապաշտ քաղաքականութիւն որդեգրեն, եթէ չեն ուզեր նոր ողբերգութիւններու արձանագրութիւն, նոր տարածքներու կորուստ` ի խնդիր ամբողջ շրջանի զարգացման, կայունութեան եւ անդորրութեան:

Հաւանաբար կ՛արժէ Ազրպէյճանի ռազմատենչ իշխանութիւններուն վերյիշեցնել, որ Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ Հանրապետութիւնները շրջանի ամէնէն մարտունակ եւ կազմակերպ բանակը ունեցող երկիրներէն են, օժտուած նոր զինատեսակներով, իսկ ասոր վառ ապացոյցն է քառօրեայ պատերազմին Ազրպէյ‎ճանի կրած պարտութիւնը` հակառակ գերարդիական զէնքերով օժտուած ըլլալուն եւ սոյն պատերազմին միջազգայնօրէն արգիլուած զինատեսակի գործածութեան: Այսուամենայնիւ, Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական իշխանութիւններու կրած պատմական պարտութիւններէն ետք, Արցախի ռազմաճակատներու վրայ, այսօր, հաւանաբար Ազրպէյճանի ժողովուրդը բնաւ պատրաստ չէ ինքզինք վերստին նետելու անիմաստ կրակի մը մէջ, որ բնաւ վերջ չունի:

Ազրպէյճանցի ծնողները երբեք պիտի չուզեն կորսնցնել իրենց զաւակները հողի մը համար, որ բնաւ իրենցը եղած չէ, եւ որուն իրենք շատ լաւ կը գիտակցին: Ազերի երիտասարդները արդեօք չե՞ն գիտակցիր, որ իմաստ չունի պատերազմիլ ու մահանալ արկածախնդիր այնպիսի բռնատիրական իշխանութիւններու համար, որոնք այլապէս սալոններու եւ շքեղ պալատներու մէջ նստած, սեփական ժողովուրդի արիւնը ծծելով երկրի հարստութիւնները, բնական պաշարները, նաւթը եւ կազը կը շահագործեն իրենց սեփական հաշիւներուն ու անձնական հարստութեանց եւ իշխանական դիրքերը ամրապնդելու համար:

Անոնք ամբողջ սերունդի մը ճակատագիրին հետ կը խաղան` մէկ կողմէ կիրքերը սրելով, ատելութիւն սերմանելով եւ մարդասպան Սա‎ֆարովը հերոս սարքելով, իսկ միւս կողմէ հրահրելով ազգամիջեան ու կրօնական խնդիրներ:

Այսուամենայնիւ, կրտսեր Ալիեւի 28 մայիսին կատարած ռազմաշունչ յայտարարութիւններուն տուն տուող պատճառները արդեօք պէ՞տք է միայն դիտարկել  իբրեւ պարբերաբար անհրաժեշտ ներքին սպառումի համար կատարուած  յայտարարութիւններ կամ այլապէս կրնան գոյութիւն ունենալ բազմաթիւ այլ դրդապատճառներ եւ գործօններ, միջազգային թէ ներհայաստանեան քաղաքական հանգամանքներ…

Մինչ համաշխարհային տարողութեամբ ողբերգութեան վերածուած «Քորոնա» ժահրի առկայութեան այս պայմաններուն լոյսին տակ, երբ ամբողջ աշխարհը զբաղած եւ խրած է իր սեփական ժողովուրդի առողջապահական եւ ընկերատնտեսական տագնապներուն մէջ, արդեօք Ազրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւններու խանդավառութիւնը եւ 28 մայիսի կատարած յայտարարութիւնները կապ ունի՞ն շրջանին մէջ Թուրքիոյ վարած փանթրքական ռազմաքաղաքական մօտեցումներուն հետ, ինչ կը վերաբերի Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի…

Արդեօք Ազրպէյճանի ոգեւորութեան ելակէտը միջազգային փոխյարաբերութեանց ներկայ փուլին պարզած բարդ իրականութիւննե՞րն են, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութեանց վատթարացումը, ամերիկեան պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը, Իրանի մեկուսացումը, Թուրքիոյ շրջանային դերակատարութիւնը, Միջին Արեւելքի երկիրներու տագնապալի իրավիճակները, եւ վերջապէս «յետքորոնա» ժահրի ժամանակահատուածին ստեղծուելիք նոր աշխարհի մէջ միջազգային փոխյարաբերութիւններու անորոշութիւնները եւ շրջանային թէ միջազգային ուժերու վերադասաւորման հաւանականութիւնները…

Արդեօք Ալիեւի խանդավառութեան հիմնական պատճառը պէ՞տք է փնտռել Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց ներկայի չափազանց վնասուած եւ վատթարացած իրականութեան մէջ, ի դէպ, ինչ խօսք, որ պէտք է վերականգնել այդ յարաբերութիւնները, պէտք է դադրիլ քօղարկուած քաղաքական մարտահրաւէրներ կարդալէ եւ ակամայ անփոխարինելի ռազմավարական յարաբերութիւնները փճացնելէ:

Արդեօք Ազրպէյճանի ռազմատենչ իշխանութիւններու ոգեւորութիւնը պէ՞տք է փնտռել Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու վարած Արցախեանց բանակցութեանց առումով դրսեւորուած անորոշութեան, ինքնավստահութեան պակասի եւ մանաւանդ հարցի կարգաւորման յստակ պատկերացումի բացակայութեան պայմաններու մէջ, հակառակ այն իրողութեան որ արցախահայութիւնը վճռած է իր քաղաքական ճակատագիրը եւ ամրագրած 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006 թուականի Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան ընդունման համաժողովրդական հանրաքուէներով ամրագրուած կամարտայայտութեամբ:

Արդեօք Ազրպէյճանի ռազմատենչ իշխանութիւններու ոգեւորութիւնը պէ՞տք է փնտռել Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու վարած ներհայաստանեան քաղաքական իրավիճակներուն մէջ, ներազգային պառակտուածութեան, համազգային արժէքներու ոտնահարման, անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան մթնոլորտին մէջ:

Հարցադրումներ, որոնք պէտք է մտածել տան բոլորիս, սակայն յատկապէս պրն. Փաշինեանին, որովհետեւ ինքն է թիւ մէկ պատասխանատուն, եւ անյապաղ սրբագրել տայ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու վարած ցարդ ձախողած ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը, քանի դեռ ուշ չէ:

2 յունիս 2020

 

 

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Կարգ Մը Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Զինուորականներու Եւ Անձնաւորութիւններու Դերակատարութիւնը –Զ.

$
0
0
Գերմանացի Աւետարանիչներ Եոհաննէս Էհմաննի Եւ Եոհան Սոմմըրի
Զգայացունց Վկայութիւնը Հայ Յեղափոխականներուն Մասին 1913-ին

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ռուբէն Դարբինեան 1883-1968, Ախալքալաք ծնած, ՀՅԴ անդամ եւ հիմնադիր սերունդին գործակից, բուն անունով՝ Արտաշէս Չիլինգարեան, որ 1920 յունուար 10-ին շուրջ 4 ամիս Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար եղած է, ռուսերէնի փոխարէն հայացնելով նախարարութիւնը, օրէնսգիրքերը, դատական իշխանութիւնը եւ լեզուն, նախապէս խմբագիր՝ Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին, Պաքուի «Արեւ»-ին ապա «Գործ»-ին, Երեւանի «Յառաջ»-ին եւ վերջապէս Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» օրաթերթին՝ 1 ապրիլ 1922-էն ցմահ 14 յունիս 1968:

Իր հիանալի պարզութեամբ գրած «Երկեր՝ Կեանքիս Գրքէն», 704 էջ Ա. հատորը (1), որ շատ հետաքրքրական, այդ օրերու Կովկասի, Ռուսիոյ՝ յատկապէս յեղափոխութեան օրերուն, Պոլսոյ, Գերմանիոյ, Թիֆլիսի, Պաքուի եւ նորանկախ Հայաստանի իրադարձութիւններուն, կենցաղին, ժողովուրդներուն եւ անշուշտ իր կեանքին, ճամբորդութիւններուն, ուսումնական տարիներուն, գործունէութեան եւ բազում արկածախնդրութիւններուն մասին հարուստ տեղեկութիւններէն պիտի ներկայացնեմ էջ 164-էն 168:

 

1. Ռուբէն Դարբինեան                                     2. Եոհան Լեփսիուս                                          3. Փօլ Ռոհըրպախ

Յայտնի դաշնակցական գործիչ եւ հրապարակախօս, Մոսկուայի ուսանողական օրերէն սկսեալ, իբրեւ ո՛չ  ծայրայեղ՝ հաւասարակշռուած ընկերվարական, կ՛ունենայ ծանօթութեան՝ օտար եւ հայ, լայն շրջանակ, որոնց մէջ նաեւ Վահան Տէրեանի նման մոլեռանդ հակադաշնակցական հայ պոլշեւիկներ, որոնք քանիցս մինչեւ գնդակահարութեան առաջնորդած են զայն եւ իր ընկերները, սակայն ամէն անգամ հրաշքով փրկուած: 1912 դեկտեմբերին Պոլիսէն Գերմանիա կը գործուղուի, քաղաքական հայանպաստ աշխատանք ծաւալելու, Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին կանոնաւոր թղթակցելու նաեւ, ուսումը շարունակելու համար: Ռուսական յեղափոխութեան տարիներուն՝ 1905-1917 միշտ գտնուած է վայրաք դէպքերու մակընթացութիւններու կիզակէտին մէջ եւ շրջակայքը:

Պերլին հասնելէն ետք, գերմանահայերու օգնութեամբ, յատկապէս՝ Ճէյմս Կրինֆիլտի (հետագային Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ*), որուն մայրը հայ (Հռիփսիմէ Բժշկեան*), հայրը՝ անգլիահպատակ գերմանացի, Թաւրիզի մէջ ծնած, Թեհրանի հայութեան մէջ մեծցած, որ սքանչելի հայերէն եւ գերմաներէն գիտէր ու մեծահարուստ Թումանեանցներուն աղջկան հետ ամուսնացած՝ կը յաջողի կազմել շատ կարեւոր Հայեւգերման Կոմիտէն (Deutsch-Armenische Gesellschaft, DAG*) (2):

Կոմիտէին մէջ էին երկար տարիներ իբրեւ նախագահ ծառայած՝ հայութեան իսկական բարեկամ եւ պաշտպան՝ դոկտ. Եոհան Լեփսիուսը (1858-1926) (3), դոկտ. Փօլ Ռոհըրպախը (1869 – 1956, հետագային Նացի գաղափարախօս եւ գիրքերու հեղինակ*) (4), որուն միջոցով դոկտ. Իէքը (Hieke*)՝ գերման արտաքին գործոց նախարարութեան մնայուն քարտուղարը, պատուելի Շտիրը եւ ուրիշներ, շուրջ 110 ականաւոր գերման դէմքեր, խորհրդարանի անդամներ եւ այլն:

 

4. Եոհան Սոմմըր                                                     5. Եոհաննէս Էհման

Միւս կողմէ՝ 1894-1896-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ Համիտեան ջարդերէն ետք, որուն զոհ գացին շուրջ 300 հազար հայեր, Գերմանիոյ մէջ հայասէր շարժում մը յառաջ եկած էր արդէն, որուն շնորհիւ 2 յուլիս 1896-ին կը հիմնուի Հայաստանի Օժանդակութեան Գերմանական Միութիւնը, որուն ներկայացուցիչն էր Եոհաննէս Էհման՝ Լոհման: Դարբինեան կը գրէ.

«Այդ օրերուն էր, որ օր մը Պերլինի բնակարանս այցելութեան եկաւ փրոֆեսէօր Զոմմեր՝ Եոհան Սոմմըր (Johann Wilhelm Ernst Sommer 1881-1952*) անունով մէկը (ետքը եպիսկոպոս) իր տիկնոջ հետ (5): Ինքզինքը եւ տիկինը ներկայացուց մաքուր հայերէնով եւ շարունակեց հետս խօսիլ հայերէն:

«Իմ հարցումին, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս այդքան լաւ հայերէն սորվեր էր՝ պատասխանեց, թէ Խարբերդի Գոլէճի փրոֆեսէօր եղած է քանի մը տարիներ եւ հոն ալ հայերէն սորված է:

«Որքան զարմանալի, այնքան հաճելի էր այդ տիպար գերմանացիին հայերէնը, որուն հնչումը այնքան հարազատ էր, որ եթէ զայն չտեսնէի եւ վարագոյրի մը ետեւէն միայն լսէի իր ձայնը, պիտի կարծէի, թէ խօսողը հայ մտաւորական մըն է:

«Մեր գերման բարեկամներէն իմացած էր իմ հասցէն եւ եկած մօտս, անսպասելի խնդրանքով մը: Ըսաւ.

          

6. Նստած ձախէն՝ ուսուցիչներ Մարտիրոս Պուճիգանեան, Կարապետ Մուշեղեան, Քարլ Եունկ, Եոհաննէս Էհմանն (տնօրէն), Էրնսթ Սոմմըր եւ Պետրոս Կարապետեան, ուսուցիչ պատրաստելու գերմանական դպրոց (Deutsches Lehrerseminar), Խարբերդ, 1907:            «Դոկտ Լոհմանի՝ Էհմանի (Johannes Ehmann, 1870-1950, «Հայրիկ»*) (6) հետ նոր վերադարձած ենք երկար եւ խիստ հետաքրքրական պտոյտէ մը Թրքահայաստանի գաւառներուն մէջ: Ամէն տեղ պատեհութիւն ունեցանք ծանօթանալու նաեւ ձեր յեղափոխական ընկերներուն: Թէեւ շատ ուշագրաւ եւ տպաւորիչ բազում բաներ տեսանք, բայց ամենէն աւելի խորունկ կերպով տպաւորուեցանք մա՛նաւանդ ձեր ղեկավար ընկերներէն, անոնց զմայլելի զոհաբերող ոգիէն, անոնց պարզ, նահապետական կենցաղէն, անոնց անհաւատալի այլասիրութենէն եւ ինքնամոռացումէն:

«Մեր ճամբորդութեան ընթացքին յաճախ մեզի կը թուէր, թէ ինկած ենք քրիստոնէութեան առաջին դարերու միջավայրի մը մէջ եւ մեր առջեւ կը գտնուին այդ երանելի օրերու իրական քրիստոնեաները: Արդարեւ, ոչ թէ մենք՝ քրիստոնէական միսիոնարներս ենք իրական քրիստոնեաները, այլ անոնք, թէեւ մենք քրիստոնէութիւն կը քարոզենք, բայց անոնք, յեղափոխական ըլլալով հանդերձ, կ՛ապրին քրիստոնէական կեանքով, ինչպէս կ՛ապրէին քրիստոնէութեան առաքեալները եւ սուրբերը, ինչպէս եւ պէտք է ապրին իսկական քրիստոնեաները, եթէ հաւատարիմ են քրիստոնէական կրօնի ոգիին, սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն»:

– Կրնա՞ք յիշել անունները մեր ընկերներուն, որոնցմով այդքան հիացած էք, – հարցուցի՝ ընդմիջելով դոկտ. Զոմմէրի մեզի համար այնքան  սրտապնդիչ խօսքերը:

7. Վանի Հերոսամարտի կեդրոնական կոմիտէն. ձախէն աջ՝ Տիգրան, Իշխան, Արամ, Մալխաս, Համազասպ, եւ պառկած Սարգիս Բ.

– «Այո՛: Կը յիշեմ Արամը (Մանուկեան*), Իշխանը (Վանայ՝ Նիկոլ Պօղոսեան*), Սարգիսը, Վռամեանը (Արշակ*), Տոքթ. Զաւրիեւը (Յակոբ Զաւրեան*) եւ ուրիշներ: Դոկտ. Լոհմանը եւ ես մեր ճամբորդութենէն վերադարձանք այն համոզումով, որ ՈՉ ԹԷ ՄԵՆՔ՝ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՍԻՈՆԱՐՆԵՐՍ ՊԷՏՔ Է ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԹԱՆՔ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ՁԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, ԱՅԼ ՁԵՐ՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵ՛ՐԸ ՊԷՏՔ Է ԳԱՆ ԵՒՐՈՊԱ՝ ԻՐԵՆՑ ԿԵՆԴԱՆԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ԻՐԱԿԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ: Եկած եմ այժմ ձեր մօտ՝ խնդրելու, որ յանձն առնէք մեզի հայթայթելու կենսագրականները ձեր այն անձնազոհ ընկերներուն, որոնք այսօր, ձգած իրենց շատ աւելի հանգիստ կեանքը Կովկասի մէջ, գացած են Արեւմտեան Հայաստան եւ կը գործեն հոն: Այդ կենսագրականները մենք կ՛ուզենք հրատարակել մեր միսիոնարական պարբերաթերթին մէջ: Անոնց օրինակելի կեանքէն շատ բան կրնան սորվիլ մեր ընթերցողները»:

«Դժբախտաբար, այն ատեն ես ի վիճակի չէի անձամբ կատարելու իր խնդրանքը: Տուի Ժընեւի մեր հասցէն՝ ըսելով, որ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը կրնայ գէթ չափով մը գոհացում տալ իրենց, որով՝ լաւագոյնն է «Դրօշակ»-ին դիմել:

«Շատ ուշ միայն իմացայ, որ դոկտ. Զոմմեր դիմած էր, եւ այնտեղէն ալ ղրկած էին քանի մը պզտիկ կենսագրականներ, որոնք հրատարակուեցան դոկտ. Լոհմանի միսիոնարական կազմակերպութեան պարբերաթերթին մէջ: (Իսկապէս կ՛արժէ գտնել այս պարբերաթերթերը եւ թարգմանաբար հրատարակել Յ.Չ.):

«Շաբաթներ ետք, երբ բժիշկ Զաւրիեւ Պոլսէն Պերլին եկաւ՝ ծանօթանալու համար մեր Հայեւգերման Կոմիտէի գործունէութեան եւ զեկուցում մը տալու մեզի՝ Պոլսոյ մէջ կատարուած աշխատանքներուն մասին, նկարագրեցի անոր դոկտ. Զոմմէրի այցելութիւնը: Ան շատ ուրախացաւ եւ առաջարկեց ինծի միասին երթալ Ֆրանքֆուրթ – ամ – Օտեր՝ փոխայցելութիւն մը տալու համար:

« …Յաջորդ օրն իսկ, առաւօտուն, ճամբայ ելանք գնացքով եւ շատ ջերմ ընդունելութեան արժանացանք: Դոկտ, Լոհման եւ Զոմմէր ամբողջ օր մը պահեցին մեզ իրենց մօտ եւ հիւրասիրեցին ինչով որ կրնային:

«Դոկտ. Լոհմանի միսիոնարական հաստատութիւնը (կեդրոնը) տեղաւորուած էր բաւական ընդարձակ կալուածի մը մէջ, ուր կար միսիոնարական դպրոց մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի պատանիներու եւ երիտասարդներու համար:

«Այցելեցինք հարկաւ, նաեւ դպրոցը: Ծանօթացանք այնտեղ քանի մը հայ երիտասարդներու, որոնք բերուած էին Արեւմտեան Հայաստանէն եւ կը պատրաստուէին միսիոնարական գործունէութեան համար՝ հայկական գաւառներու մէջ:

«… Դոկտ. Լոհման մեզի ցոյց տուաւ Արեւմտեան Հայաստան կատարած ճամբորդութեան ընթացքին իրենց հանած բազմաթիւ լուսանկարները, որոնք չափազանց հետաքրքրական էին: Կային նաեւ մեր գործիչ ընկերներուն նկարները, զորս դոկտ. Լոհման ցոյց տուաւ մեզի պարծանքով եւ հիացումով:

«Երկարօրէն խօսեցանք մեզ հիւրընկալող այնքան համակրելի գերման միսիոնարներուն հետ ո՛չ միայն իրենց առաքելութեան, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման մասին: Եւ հաճոյքով տեսանք, որ անոնց տեսակէտները շատ տարբեր ալ չէին մերինէն: Անոնք խոստովանեցան, որ իրենց գլխաւոր նպատակը ոչ թէ կրօնական է, այլ մշակութային: ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՆ ՄԵԶԻ ՀԵՏ, ՈՐ ԾԻԾԱՂԵԼԻ Է ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱԶԳԵՐՈՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ ՔԱՐՈԶԵԼ ԵՒ ՈՐ ՆԵՐԵԼԻ ՉԷ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱԿԱՆՆԵՐԸ ՀԵՌԱՑՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ»:

Զարմանալի է, որ ցարդ այսպիսի միսիոնարական աղանդաւոր գործունէութիւններ կը ծաւալին մեր մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք, ու անոնց արբանեակ ու ոչ կառավարական բոլոր տեսակի կազմակերպութիւնները՝ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ ապազգային, օտարոտի խորթ օրակարգով:

21 մայիս 2020

—————————–

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1) «Երկեր Կեանքիս Գրքէն», Ռուբէն Դարբինեան, Ա. Հատոր, Համազգայինի մատենաշար թիւ 306, հրատարակութեան խմբագիր Պօղոս Սնապեան, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1972, Պէյրութ, 704 էջ:

(2)  https://de.wikipedia.org/wiki/Deutsch-Armenische_Gesellschaft

(3)  https://en.wikipedia.org/wiki/Johannes_Lepsius

(4)  https://en.wikipedia.org/wiki/German%E2%80%93Armenian_Society

https://en.wikipedia.org/wiki/Paul_Rohrbach

(5)  https://en.wikipedia.org/wiki/Johann_Wilhelm_Ernst_Sommer

(6)  http://www.genocide-museum.am/eng/22.10.2017-EhmanJohannes.php

 

 

 

Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան Հետեւանքը

$
0
0

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Մարդկութիւնը անորոշութեան մատնուած է ներկայ իր կեանքը յուզող հարցերուն ու, մասնաւորաբար, իր դէմ ցցուած արդի վտանգներուն նկատմամբ: Առնուազն յուսադրիչ չեն ժամանակակից աշխարհը փոթորկող առողջապահական, ընկերաքաղաքական ու տնտեսական վերիվայրումները մեկնաբանելու ճիգերը:

Ընդունինք, որ այս ճիգերը արեւմտեան քաղաքակրթութեան արդի տրամաբանութեան հետեւող ու յատկապէս շահարկումի ու շահագործման միտումով եղած ճիգեր են ու, հետեւաբար  նաեւ, անճրկող մնացած են մարդկութիւն ըսուածին դիմաց:

Բարեբախտաբար, ուշագրաւ կարգ մը քաղաքական միտքեր կան, որոնց հիմնական առաջադրանքը եղած է 21դարու տագնապներուն ու վտանգներուն դիմաց քաղաքական մտածողութեան նոր տարածքներու որոնումը: Առաջադրանք եղած է յատկապէս այն միտքը, որ մարդկութիւնը, ի վերջոյ, կարողութիւնը կ’ունենայ վերականգնելու յետ-արդի կեանքի զարգացման քաղաքակրթութիւն մը: Քաղաքակրթութիւն մը ուր մարդ անհատը ազատագրուած ըլլայ բռնապետութիւններէ ու կաշկանդումներէ, ձերբազատուած ըլլայ գաղափարական մոլեռանդութիւններէ, քաղաքական կեղեքումներէ, ցեղասպանութիւններէ եւ զանգուածային բնաջնջումներէ:

Մեզի համար ալ, առաջադրանք է հայրենի ժողովուրդի կեանքին բարելաւման եւ զարգացման առաջնահերթութիւնը: Քաղաքական զարգացման հասկացողութիւն մըն է ասիկա, որուն մէջ կարելի կ’ըլլայ տեսնել հայ անհատին բնական իրաւունքներուն հաստատումը (բաւարար  եկամուտ, որոշելու իրաւունք, սեփականատիրութեան գիտակցութիւն), քաղաքական կեանքին անոր մասնակցութիւնը, իրաւահաւասար բաշխումը, արտադրութեան իրաւունքը եւ կարելիութիւնը, եւ այս բոլորը, որպէսզի ան դուրս գայ արեւմտեան հասկացողութեան մէջ պարփակուած պետականութեան եւ ընկերաքաղաքական ազատական կաշկանդումներէն: Ասիկա ազգային մտածողութեան տարածք մըն է, ուր հայ քաղաքական միտքը ազատագրուած կ’ըլլայ արեւմտեան ռազմաքաղաքական եւ ռազմագիտական տրամաբանութեամբ քննարկող պետականութիւն հաստատելու ճիգերէն:

Ընդունինք, որ պետութիւն ըսուածը այսօր, արեւմտեան քաղաքակրթութեան յղածքին մէջ՝ կը պարփակէ, կը կառուցէ եւ կը համակէ ներկայ հարցերուն մեկնաբանութիւնները: Նուիրապետական ու իշխանութեան դիտանկիւնէն կը ներկայացնէ այս մեկնաբանութիւնները ու թերի կը պահէ ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու ենթակառուցային, այլեւ մարդկային սովորական կեանքին հասկացողութիւնը:    Հետեւաբար, զարմանալի չի թուիր, որ պետութիւն յղածքը իր արեւմտեան ու արդի ժամանակներու հոլովոյթին մէջ կամայ կը ներկայանայ ոչ թէ իբրեւ խնդիրներ լուծող, այլ իբրեւ խնդրայարոյց ազդակ եւ մարդկային յարաբերութիւններու զարգացման խոտոր համեմատող քաղաքական դերակատար:

Ընդունինք, ի վերջոյ, որ այսպէս ըսուած Արեւմտեան Լուսաւորութեան Դարաշրջանն է, որ մեզի հասցուցած է պետական ներքին թէ արտաքին քաղաքական օրինաչափութիւններու ներկայ հասկացողութան: Նաեւ, նոյն դարաշրջանէն սկսած կեանքի բանական յառաջատուութեան, գիտական զարգացումի, ազատական յառաջդիմութեան եւ մարդկային «առողջ» յարաբերութիւններու ընթացքը մեզ հասցուցած են մինչեւ անորոշութիւններով ու անապահովութիւններով լեցուն 21րդ դար:

Հետեւաբար, զարմանալի չի թուիր, որ քննարկող քաղաքական ուշագրաւ մեկնաբանութիւնները  այսօր, անգամ մը եւս մարդկութեան ներկայ տագնապին արմատները կը գտնեն Լուսաւորութեան Դարաշրջանէն ծնունդ առած՝ այսպէս ըսուած տրամաբանական, արուեստագիտական, յառաջդիմական, ազատական եւ դրամատիրական մտածողութեան հոլովոյթներուն մէջ:

Դժուար է պատկերացնել հայ ժողովուրդի ապագայ կեանքը, ազատութիւնն ու հոգեմտաւոր եւ նիւթական զարգացման բնականոն ընթացքը՝ այսպէս ըսուած ազատական «քաղաքակիրթ» աշխարհի ստեղծած արդիականութեան նորմերուն մէջ: Եթէ ընդունինք այս իրողութիւնը իբրեւ մեկնակէտ, ապա քաղաքական մեր միտքը ընթացք կ’առնէ մտածողութեան այն տարածքներուն մէջ, ուր հայ կեանքը իր ժողովրդավար առօրեան կը գտնէ բնատուր իր ընթացքին մէջ եւ ներկայ իր ընկերաքաղաքական բարդոյթներուն լուծում կու տայ զանգուածային շարժումներու, ենթակառուցային յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ ապակեդրոնացման բացարձակ իմաստով զարգացման հասկացողութիւններուն մէջ: Ընդունինք, որ հայ կեանքը բազմատարած զարգացման հոլովոյթ մը ունի ի վերջոյ, (ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, մշակութային զարգացում, ենթակառոյց ) եւ հայրենի ժողովուրդին քաղաքականութիւնը կը կայունանայ ու կ’օրինաւորուի բազմատարած այդ առօրեային մէջ: Ընդունինք, որ վերջին երկու տարիներուն հայրենի ժողովուրդը քաղաքական իր հիմնական քայլը առաւ այդ ուղղութեամբ:

Ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու այս հասկացութիւններուն մէջ սովորական հայ կեանքի շարունակական զարգացման գաղափարախօսութիւնն է հիմնական առաջադրանքը: Այն գաղափարախօսութիւնը, որ կը դառնայ հայ քաղաքական առաջնորդ միտքը: Այս միտքին մէջ հայ ժողովուրդի ընկերաքաղաքական յարաբերութիւնները դուրս կու գան իշխանութիւն թէ դիւանագիտութիւն ըսուած սին յարաբերութիւններէն, բիրտ ոյժի փուճ  տրամաբանութենէն, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բախումի ապաքաղաքական երեւոյթէն  եւ կը տեղադրուին զանգուածային կառռյցներու (ենթակառոյցներու) եւ կեանքի ամէնօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ:

Հայ քաղաքական միտքը այսօր չի կրնար ինքզինք պայմանաւորել արդի աշխարհի ազատական-դրամատիրական ու արեւմտեան ռազմաքաղաքական տրամաբանութեամբ: Տրամաբանութիւն մը, որ իր զարգացման «բանական-գիտական» ընթացքը ճշդած է ոչ անպայման մարդկութեան հարցերը լուծելու մտահոգութեամբ, այլ այդ հարցերը բացարձակ առումով անտեսելու եւ նոյնիսկ մարդկութիւնն ու անոր արժէքները հիմնական քանդումի տանելու ուղղութեամբ:

 

Անդրադարձ. Իրերայաջորդ Երկու Հարուած Եւ Մուտք` Նոր Փուլ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` 3 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան յաղթանակի յոյսերը կը չքանան, որովհետեւ վերընտրուելու անոր ջանքերը վերջերս քանի մը ամսուան ընթացքին ստացան, իրականութեան մէջ անոր կողմէ ինքնիրեն հասցուած, իրերայաջորդ երկու լուրջ հարուածներ:

Այդ ջանքերը առաջին հարուածը ստացան, երբ երկրի ղեկավարը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի վտանգը խիստ թերագնահատելով գործեց «Քորոնան» որո՞ւն շունն է» մտայնութեամբ: Հետեւանքը` վարակուածներու եւ մահացածներու հսկայական թիւեր: Ան իր ստեղծած խայտառակ ու ցաւալի կացութենէն ուշադրութիւն շեղելու ձախող փորձով մը սկսաւ երկրին տարածքին կատարուած քննութիւններուն թիւը գովերգել եւ անհեթեթ կերպով Չինաստանը այպանել:

Հեգնական է, որ «Առաջ Ամերիկան» կարգախօսով ընտրուած նախագահը իր ինքնագոհութեամբ ու մեծամտութեամբ Միացեալ Նահանգները բազմեցուց ամբողջ աշխարհի վրայ վարակուածներու եւ մահացածներու թիւին հիմամբ երկիրներու դասաւորման առաջին դիրքին վրայ: Բայց եւ այնպէս, անոր որդին` Էրիք Թրամփ կը պնդէ, որ «Քորոնա» ժահրը «գիտակցուած ռազմավարութիւն» է, որ «կախարդական կերպով» պիտի աւարտի քաղաքականապէս ոչ նպատակայարմար դառնալէ ետք, այսինքն` 2020 թուականի նախագահական ընտրութենէն ետք:

«Անոնք (դեմոկրատականները) կը փորձեն զինք զրկել մեծագոյն հարստութենէն` այն փաստէն, որ ամերիկացիները կը սիրեն զինք», յայտարարեց Էրիք` անտեսելով այն իրողութիւնը, որ այդ «առաքելութեան» մէջ ոչ ոք կրնայ մրցիլ իր հօր հետ, եւ այդ «մեծագոյն հարստութեան» կորուստին համար մեծագոյն այպանելին ինքնին իր հայրն է:

Արդարեւ, երկրի ղեկավարին` հասարակութեան մէջ ատելութիւն սերմանող ու պառակտում յառաջացնող քառամեայ ընթացքը ի վերջոյ յանգեցաւ ծագումով ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտի` ոստիկանութեան կողմէ սպանութեան ու ամբողջ երկրի տարածքին բողոքի բուռն ցոյցերու եւ անկարգութեան` Թրամփի վերընտրուելու ջանքերուն հասցնելով երկրորդ հարուածը:

Երկրին մէջ համաճարակի եւ զանգուածային ցոյցերու պատկերը կու գան գլխագիր ձախողութեամբ խարանելու վարչակազմին ճակատը` այդ ալ գլխագիր «Ձ»¬ով:

«Որոշ ժամանակ կարելի է յիմարացնել մարդիկ, մշտապէս կարելի է յիմարացնել որոշ մարդիկ, սակայն յիմարացնել բոլորը եւ մշտապէս` անկարելի է», կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ապրահամ Լինքըլն: 2016-ին Թրամփի ընտրութեան ժամանակ այդ յիմարացուած մարդոց թիւը մեծ էր, սակայն այսօր անոնց թիւը վստահ խիստ նուազած է: Անոր նախագահ ընտրութիւնը հիմնականին մէջ  այլ երկիրներուն հանդուրժողականութեան ու հաւասարութեան մասին քարոզող երկրին մէջ կենդանի եղող ու գործող ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան հակազդեցութիւնն էր Պարաք Օպամայի` սեւամորթի մը երկրի ղեկավար ընտրութեան: Իսկ այժմ մուտք գործած ենք Թրամփի պէս անձի մը ընտրութեան հակազդելու, անոր իշխանութեան վերջալոյսի փուլ:

 

 

Մեր Բազմերես Ցաւերէն. Հայ Գիրքին Ապրած Ողբերգութեան «Քողարկուած» Մէկ Երեսը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

            «Գիրք չեն կարդար»: «Գիրք կարդալու մղողը կը պակսի»: «Գիրքը հին բան է. հիմա համացանցն է տիրապետողն ու արդիականը»: «Գիրք կարդալու ժամանակ չկայ: Դիմատետրի ճամբով շատ աւելի դիւրին է հաղորդակցիլն ու կարճ բան կարդալը»: «Գիրքը չի ծախուիր, շահաբեր չէ. արդէն հրատարկողն ալ գիտէ, եւ քանի մը հարիւր օրինակէ աւելի չի տպեր, մեծ մասն ալ… նուէր կը բաժնէ»: Այս ու նման բացատրութիւններ, ինքնարդարացումներ եւ պատճառաբանութիւններ ողողած են մեր առօրեան, կը բռնանան մեր մտածողութեան վրայ եւ իրարու վրայ գումարուելով՝ տարուէ տարի նոր նահանջներու կը մատնեն ԳԻՐՔը:

Արհամարհելի չեն գիրքին մրցակիցները՝ անցեալ տասնամեակներուն թէ ներկայիս. արհեստագիտութեան նորանոր պտուղները, անվիճելի բարիք բերելու կողքին, իրողապէս պատճառ կ’ըլլան նաեւ չարիքի:

Ակներեւ են ու անվիճելի՝ մասնաւորաբար այսօրուա՛ն բարիքները: Փաստօրէն, կարելի է գիրք, թերթ կարդալ, նաեւ պատկերասփիւռ-լուրեր (եւ այլ բաներ) դիտել ափի մէջ սեղմուող սարքերու վրայ: Այդ երեսը աչքի առջեւ ունենալով, լաւատես մը մինչեւ իսկ կրնայ ուրախ զգալ, որ դեռ… կարդացող կայ: Վաղը կարդացող պիտի մնա՞յ…:

Վերոյիշեալ զրոյցներն ու անհաճոյ զարգացումները նորութիւն չեն, սակայն եկէ՛ք, այդ բոլորը պահ մը մէկդի ձգենք (առանց անոնցմէ բխող մտահոգութենէն ձերբազատած ըլլալու), եւ կանգ առնենք այլ տխուր իրողութեան մը առջեւ, որ իր քողարկեալ բաժինը ունի Գիրքին ապրած ողբերգութեան մէջ, կը կազմէ Գիրքին հանդէպ անտարբերութեան աճին անտեսուած երեսը. երես մը՝ որուն մասին մինչեւ իսկ կրնանք մտածել՝ կ’արժէ՞ նման «մանրուքներով զբաղիլ»:

Մեր միտքը չարչարող «մանրուք»ը՝ լոյս ընծայուած գիրքերու հանդէպ հրատարակիչներու հետզհետէ աճող, ահագնացող անփոյթ ու անբարեխիղճ վերաբերմունքն է: Խօսքը կը վերաբերի գիրքերուն մէջ բառացի՛օրէն վխտացող բազմապիսի սխալներուն: Անոնց շարքին, պարզ՝ գրաշարական վրիպակները (տառերու աւելորդ կրկնութիւն, պակսող տառ, տառերու սխալ շարք, աւելորդ տառ մը եւ այլն) փոքրագոյն տեղը կը գրաւեն եւ մինչեւ իսկ կրնան ընթերցողին կողմէ… ներողամիտ հանդուրժողութեամբ դիտուիլ:

Նկատի ունինք մասնաւորաբար Արտերկրի տարբեր գաղութներու մէջ լոյս տեսնող գիրքերը, որովհետեւ մեր ուշադրութենէն չէ վրիպած, թէ այս իմաստով՝ Հայաստանի մէջ բաղդատաբար աւելի խղճամիտ եւ հոգածու վերաբերմունք կայ (սա բացարձակ ճշմարտութիւնը չէ, մանաւանդ երբ արեւմտահայ մը դասական ուղղագրութեամբ եւ արեւմտահայերէնով գիրք հրատարակէ Հայաստանի մէջ):

Գիրք հրատարակողները կը բաժնուին երկու մեծ խումբերու: Առեւտրական տպարան-հրատարակչատուներ եւ պաշտօնական, ճանչցուած հաստատութիւններ: Մեր ըսելիքին սեւեռակէտը պիտի ըլլան երկրորդ խումբին պատկանողները, որովհետեւ անձնական-«առեւտրական» հրատարակչատուները արդէն անհամեմատօրէն շատ աւելի շեղած են անցեալի նոյնպիսի հրատարակչատուներու աւանդութիւններէն, անոնց մօտ շա՛տ աւելի շեշտուած է առ-եւ-տուր-ի երեսը: Ցաւալին այն է, որ մեր որակումով՝ «պաշտօնական» դասուող հրատարակչատուն-տպարանները սկսած են… մրցումի ելլել միւսներուն հետ:

Քիչ Մը Պատմութիւն

Քանի մը տասնամեակ առաջ, այսպէս կոչուած՝ առեւտրական հրատարակչատուներն ու պաշտօնական՝ միութենական, յարգելի հաստատութեանց կապուած տպարանները առաւել կամ նուազ չափով նոյն նախանձախնդրութիւնը ունէին իրենց գործին հանդէպ, լուրջ մօտեցում ունէին: Կարծէք թէ անոնց միջեւ ազնիւ մրցակցութիւն մը կար. թէ՛ հրատարակուող գիրքերը որակ կը հետապնդէին, յաճախ կոթողական արժէք ունէին, եւ թէ նախատպագրական աշխատանքները առաւելագոյն բծախնդրութեամբ, հոգածութեամբ կը կատարուէին: Ըսել կ’ուզենք, անհատ տպարանատէրերու-հրատարակիչներու տպարաններէն ելած գիրքերը, որակական իմաստով, չէին տարբերեր հաստատութեանց կամ միութեանց կապուած հրատարակչատուներէն:

Մանրամասնենք: Անկախ լոյս ընծայուած գիրքերուն որակէն, անցեալին գուրգուրա՛նք կար հրատարակուածին ու հեղինակներուն նկատմամբ: Գրաշարները ընդհանրապէս բաւական լաւ հայերէն գիտէին (թերթերու մէջ, եղած են գրաշարներ, որոնք խմբագիրէն վրիպածը սրբագրած են ինքնաբերաբար, իսկ անոնք ընդհանրապէս ինքնուս մարդիկ էին), առհասարակ իրենց աչքին հետ՝ ուղեղով կը հետեւէին իրենց շարածին: Լաւ գրաշար մը ձեռքէ-ձեռք կը խլուէր, ասպարէզին մէջ անուն ունէր:

Այդ օրերուն ալ կային խմբագիր ու սրբագրող, վերստուգող ու վերանայող: Բծախնդիր գրողներ երբեմն հրատարակելի հատորը «վերջին սրբագրութեան» մը կ’ենթարկէին եւ… զայրոյթ կը պատճառէին գրաշարին ու հրատարակչատան պատասխանատուներուն, որովհետեւ նախապէս քանի մը սրբագրութենէ անցած գիրքի մը մէջ յետին վրիպակներ կը տեսնուէին, կամ ալ հեղինակը կ’ուզէր բարեփոխումի համար մանր հպումներ ընել:

Այս բոլորով հանդերձ, ընդունինք, որ տպագրական-հրատարակչական գործը մի՛շտ ալ ունեցած է ապերախտ երես մը. անկարելի է բոլոր սխալները «բռնել», մինչեւ իսկ եթէ մէկէ աւելի սրբագրողներ աչքէ անցուցած ըլլան շարուածը: (Քիչ մը աւելի ետ երթալով, կարելի է յիշել, որ տողերը ձեռքով՝ հատ-հատ գիրերով շարելու «դարաշրջանին», երբեմն տառ մը գլխիվայր կը դառնար, ենթամնան՝ տողադարձի գծիկը կը մոռցուէր, կամ մամուլի տակ մտնելէ ետք՝ կը կոտրուէր…): Տպագրութեան աւարտէն ետք ալ վերստուգում տեղի կ’ունենար եւ գիրքի ետեւի կողքէն ներս կը տեղադրուէր ՆԿԱՏՈՒԱԾ ՎՐԻՊԱԿՆԵՐ խորագրեալ էջ մը, թերթիկ մը: Շեշտենք ՆԿԱՏՈՒԱԾ բառը, որովհետեւ, ըսինք արդէն, սրբագրութիւնը ապերախտ գործ է, տպագրութենէն առաջ նկատուած-սրբագրուածէն անդին ալ «փախուստներ» կ’արձանագրուին: Օրաթերթ հրատարակողները (նաեւ ընթերցողները) բոլորէն աւելի՛ լաւ գիտեն սա, երբ ստիպուած են ճշդուած ժամանակամիջոցի մը մէջ մամուլին յանձել թերթը. շաբաթաթերթ կամ ամսաթերթ հրատարակողը ժամանակի պերճանքը ունի, իսկ գիրքի պարագային, արդէն ժամանակ-բռնակալէն անկախութիւնը շատ հարց կը լուծէ: Սա, յամենայնդէպս, անպարտութեան վկայագիր չի շնորհեր օրաթերթ հրատարակողին՝ խմբագիրին ու սրբագրողին: Այսօրուան թերթերուն մէջ շատ աւելի սխալներ «կը տողանցեն», քան անցեալին՝ երբ համակարգիչին շնորհած կարգ մը առաւելութիւնները կը պակսէին: (Այսօր, համակարգչային դրութիւնը երբեմն չարիք ալ կը բերէ…):

Անփութութեանց «Բիւրեղ»ը

Ներկայիս, այսինքն՝ վերջին տասնամեակներուն, պատկերը մեծ համեմատութեամբ գլխիվայր շրջուած է (բացառութիւնները չենք անտեսեր), ու հակառակ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած անբաղդատելի դիւրութիւններուն, բազմաթիւ գիրքերու մէջ աներեւակայելի սխալներ կը տեսնուին, պարզապէս… անբարեխիղճ եւ ոչ-բախնդիր վերաբերմունքի հետեւանքով: Իսկ անփութութիւնը կը նմանի բազմերես բիւրեղի:

Քանի մը խօսք՝ «առեւտրական» տպարաններու մասին. անոնք կը գործեն լուսանկարիչի տրամաբանութեամբ: Եթէ գիրք պիտի հրատարակես եւ դիմես նման տպարան մը, տպարանատէրը առհասարակ ինքզինք զերծ կը կացուցէ նախատպագրական ամէն պատասխանատուութենէ, սխալ գտնելը իր գործը չի նկատեր: Կը պահանջէ՝ որ գիրքը տողաշարուած, սրբագրուած եւ մինչեւ իսկ էջադրուած (լուսանակներն ալ տեղադրուած) ձեւով բերուի տպարան, ինք միայն մեքենական բաժինը իրագործողն է՝ տպողն ու կազմատուն ղրկողը: Այս իմաստով, անոր անպարտութիւնը ձեւով մը նուիրականացած է: Եթէ հեղինակ մը բծախնդիր է, իրեն կը մնայ խմբագիր-սրբագրող ունենալը, թէեւ այդ բոլորէն ետք ալ, սխալներ կը վխտան, ու տպարանատէր մը ինքն իրեն իրաւունք կու տայ ըսելու, որ եղածը «թեքնիք սխալ է…»: (Հոս ալ մեր ակնարկութիւնը բացառութիւններուն չ’երթար):

Պաշտօնական տպարան-հրատարակչատուներն ալ երբեմն կը նախընտրեն «պատրաստ գործ» յանձն առել՝ միայն տպելու համար, սակայն անոնք որոշ չափով կը պահպանեն հին աւանդութիւնները, այսինքն, յանձն կ’առնեն տողաշարութիւնը, էջադրումը, սրբագրութիւնն ու, եթէ հեղինակը կարիքը զգայ՝ նաեւ խմբագրումի որոշ բաժին,  սակայն տարուէ տարի աճող անփութութիւնը աչք ծակող է:

Չենք ուզեր անունով յիշատակել որեւէ հրատարակչատուն, որովհետեւ անոնք վաստակ կերտած են ու այլապէս յարգանքի արժանի, երախտաշատ գործ կ’ընեն:

Ափութութիւնը, ինչպէս ըսինք, կը նմանի բազմերես բիւրեղապակիի: Թուենք քանի մը երեսները, առանց երկարօրէն ծանրանալու բոլորին վրայ:

ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐԸ բոլորովին անպարտ չեն: Եթէ գրողը համակարգիչի վարժ չէ, պայման չէ, որ օժտուած ըլլայ գեղեցիկ ձեռագիրով, սակայն ցանկալի է, որ գրէ ընթեռնելի ձեւով: Ի վերջոյ, գրաշարները մարդ են, բախտագուշակ չեն, կամ նման չեն դեղագործներու, որոնք բժիշկներու «սղագրութիւնները» կը վերծանեն եւ ճիշդ դեղը կու տան հիւանդին (հիմա ձեռքով գրող բժիշկներն ալ հազուագիւտ են): Գրողը երբեմն չ’անդրադառնար, թէ անփոյթ գտնուած է եւ արձանագրած է լեզուական սխալներ, ունի ուղղագրական, շարադասական, քերականական, մինչեւ իսկ կէտադրական սխալներ: Քանի մը պարզ օրինակ. կը տեսնես, որ տեղ մը ապաթարց մը, ստորակէտ մը կամ, տակաւին՝ հարցման նշան մը չէ արձանագրուած, եւ ահա, տուեալ տողը կը ստանայ բոլորովին այլ իմաստ: Միեւնոյն էջին մէջ, կը տեսնես, որ երրորդ լծորդութեան հրամայականի երրորդ դէմքին հարկադրած շեշտէն ետք, յի-ն տեղ մը ջնջուած է, ինչպէս օրէնքը կը պահանջէ, ուրիշ տեղ ամուր նստած է: (Հայրը տղուն ըսաւ. «Գնա՛, պայուսակդ բեր», իսկ քանի մը տող անդին՝ «դո՛ւն ալ գնայ», կամ՝ «բարձրաձայն կարդա՛յ»): Կարելի է հանդիպիլ նաեւ սապէս «գլուխ-գործոց»ի. «Իմ տղաս ասանկ բան չընէր» (պէտք է ըլլար չ’ըներ, այսինքն՝ երկու սխալ հինգ տառնոց բառի մէջ):

Դեռ չենք խօսիր հայերէնի կէտադրութեան նրբերանգային գեղեցկութեան մասին, երբ հարցման նշան մը նախադասութեան անդամ այս կամ այն բառին վրայ դնելն իսկ՝ իմաստի յստակ փոփոխութիւն կը նշանակէ, մինչդեռ օտար լեզուներու պարագային, հարցման կամ զարմանք արտայայտող այլ կէտադրական նշաններ դատապարտուած են բազմելու նախադասութեան աւարտին: Խօսինք օրինակով մը. հետեւեալ նախադասութեան մէջ, հարցման նշանը՝ պարոյկը, փոխն ի փոխ դրէ՛ք չորս բաղկացուցիչներուն վրայ եւ զգացէ՛ք արդիւնքը. «Դուն այդ ժապաւէնը տեսար»: (Օ՜, հայերէն, ինչպէ՞ս չպաշտեմ քեզ…): Իսկ մեր գիրքերու բազմաթիւ էջերուն մէջ, հարցման նշանը չ’արձանագրուիր՝ մոռացութեան կամ անոր արժէքը չգիտնալու պատճառով, ու նախադասութիւնը կը ստանայ տարբեր իմաստ, երբեմն ալ կը դառնայ… անիմաստ: Քերականական վրէպները նո՛յնքան խոցելի կը դարձնեն հեղինակը, որ տեղ մը հայցականի տեղ կը գործածէ սեռական-տրական, կամ՝ անտեղի հոլովները կը պարեն հոս-հոն, նմանապէս՝ շարադասական կանոնները կ’անտեսուին եւ նախադասութիւն մը կը դառնայ դժուար հասկնալի…: (Արեւելահայերէնին ազդեցութիւնը՝ այլ հարց):

ԳՐԱՇԱՐը կը գտնուի երկրորդ դիրքի վրայ: (Այսօրուան գրաշարները աւելի՛ դպրոց տեսած են, քան անցեալ տասնամեակներու գրաշարները: Երկու պարագային ալ, բացառութիւնները չենք անհամարհեր): Ան իր գործը վերջացած կը նկատէ՝ իրեն տրամադրուած ձեռագիր մը ՏԵՍԱԾԻՆ ՊԷՍ գրաշարելով, յաճախ չի մտածեր գրուածին իմաստին ու խորքին թափանցելու մասին: Հեղինակին գրածն ալ սխալ կը շարէ, մտածելով, որ սրբագրողը… անգործ պէտք չէ ձգուի: Հետեւանքը կ’ըլլայ (անցեալին ալ կար ասիկա) ծիծաղելի բառերու «սպրդում»ը տողերու մէջ: Եւ ահա՝ բեմին վրայ տեղադրուած «փարաւան»ը կ’ըլլայ «կարաւան», «պատուհանը բանան»ը կ’ըլլայ «…պանան», «քահանայ»-ն՝ «լահանայ», «գրիչ գործածեմ»ը՝ «կործանեմ», «գրկեմ»ը՝ «զրկեմ», եւ այսպիսի խայտաբղէտ «կատակ»ներ:

ԽՄԲԱԳԻՐը (նաեւ սրբագրողը), որուն անունն ու տիտղոսն ալ տեղադրուած կ’ըլլայ հատորի մուտքին, կամ՝ վերջին էջերուն, կարծէք թէ ընդհանրապէս իր գործը կ’ընէ՝ խմբագիր-վերստուգող կոչումը… վարկաբեկելու տրամաբանութեամբ (այս իմաստով՝ բազմաթիւ թերթերու «վաստակաւոր» խմբագիրներ մրցակից ունին): Վերջերս կարդացինք լաւ բովանդակութեամբ հատոր մը, որ լոյս տեսած էր յարգելի հրատարակչատունէ մը, ունէր խմբագիր-սրբագրող-վերստուգող: Առաջին քանի մը տասնեակ էջերուն մէջ, հազուադէպ վրիպակներ նշմարեցինք, մտածեցինք՝ այսօրուան չափանիշներով… այսքանը բնական է. յետոյ, վրիպակները աստիճանաբար աւելցան ու դարձան խայտաբղէտ, տեսակաւոր, իսկ աւելի ուշ, կարելի էր իւրաքանչիւր էջի վրայ քանի մը հատ տեսնել (գրութիւններուն մեծ մասը թերթերու մէջ լոյս տեսած, ուրեմն, ենթադրաբար սկզբնապէս սրբագրութիւն տեսած պատումներ էին…): Խօսքը չի վերաբերիր ենթամնաներուն՝ տողադարձի գծիկներուն, որոնք երբ տողին մէջտեղը «ծագին»՝ տեսնելու համար հմուտ լեզուակէտ-սրբագրող ըլլալու պէտք չկայ, այլ պարզ աչքը բաւարար է (ընդունինք, որ այսօրուան տողաշարութիւնն ու էջադրումը երբեմն կախեալ են համակարգիչի քմահաճոյքէն: Սրբագրողը տեղին տողադարձ մը կ’ընէ, սակայն յաջորդ ընթերցումին, կը նկատէ, որ համակարգիչը իր նախընտրած ձեւով «միջամտեր է» եւ գծիկը տողին մէջտեղը փոխադրեր է, մինչեւ իսկ եթէ բառի-տառերու յաւելում-նուազում չէ կատարուած պարբերութեան մէջ): Սա հրամայական կը դարձնէ, «վերջացած գործ մը» վերջին ստուգումի ենթարկելը, իսկ անկէ անդին, մտածել «նկատուած վրիպակներ» թերթիկի մը մասին:

Իսկ ի՞նչ ըսել այն խմբագիրին ու վերստուգողին, որ կը մտածէ, թէ հեղինակի մը լեզուին միջամտելու իրաւունք չունի: Այո՛, այս տրամաբանութիւնը ճիշդ է՝ եթէ հարցը գրողին գործածած էական բառերուն, գաղափարներուն կամ լեզուամտածողութեան կը վերաբերի, սակայն խմբագիրն ու սրբագրողը Ի ՎԵՐՈՒՍՏ իրաւունքը ունին միջամտելու ուղղագրական, քերականական ու լեզուական-շարադասական այնպիսի սխալներու, որոնց անփոյթ թողուիլը վնաս կը բերէ նախ՝ հեղինակին, յետոյ՝ սրբագրող խմբագիրին, վերջապէս նաեւ՝ հրատարակչատան: (Յիշատակենք այլ անհեթեթութիւն մըն ալ. քանի մը տասնամեակ առաջ, խումբ մը «նորարար» տղաք հրապարակ եկան չնաշխարհիկ տեսութեամբ մը, ըսելով, որ պէտք չէ արհամարհել «հոգեբանական գործօն»ը. այսինքն՝ եթէ գրաշարը կամ գրողը տուեալ պահուն ներքին մղումով մը, ենթագիտակիցին կամ անգիտակիցին անսալով, տառ մը կամ բառ մը փոխարինած է ուրիշով մը, պէտք է շարուածքը այդպէս ալ ձգել, չքննադատել կամ չսրբագրել, ինչպէս որ չես քննադատեր գերիրապաշտ գեղանկարիչի մը ձեւերն ու գոյները, վրձինին վրայ կուտակուած ջրաներկին պարագայական սրսկումը՝ պաստառին վրայ, որոնք արտայայտութիւն են ներքին մղումներու, ենթագիտակիցը հոն տեղ ունի…):

Այլ «Մանրուք»ներ

Խմբագիրին-սրբագրողին գործը աւելի կը բարդանայ, երբ իրեն վստահուած գիրքը թարգմանութիւն մըն է, ու թարգմանողը լաւ չի տիրապետեր երկու լեզուներուն, ծանօթ չէ նրբերանգներուն: Թարգմանութիւն՝ չի նշանակեր բառերու մէկ լեզուէն միւսը սոսկական փոխադրում, կամ՝ ամէնէն մօտիկ թուացող բառին օգտագործումը, այլ կենսական է բնագիրին իմաստի՛ն թափանցումը եւ, եթէ պէտք է՝ օտար լեզուով գրուածը վերարտադրել ՀԱՅԵՐԷՆին թելադրած մտածողութեամբ, բառամթերքով: Սա երբեմն կը հարկադրէ մէկդի ձգել մայր լեզուին բառամթերքն ու նախադասութեան կառոյցը, եթէ անոր ուղղակի փոխադրումը պիտի վնասէ թարգմանութեան իմաստին: Թատերական գործերու թարգմանութիւնը շատ աւելի նուրբ պարագայ է, որովհետեւ հոն կը ծագի նաեւ բեմական լեզու գործածելու հրամայական, առանց իյնալու հասարակ տեղիքին գիրկը:

Կարելի է խօսիլ ախտին այլ պատճառներուն մասին եւս: Օրինակի համար, սրբագրումի եւ խմբագրումի գործը կը վստահուի՝ վճարովի կամ անվճար, անձերու՝ որոնք ատակ չեն նման աշխատանքի. լեզուին չեն տիրապետեր, անհրաժեշտ աչալրջութեամբ չեն հետեւիր գրութեան մը իմաստին, ներքին տրամաբանութեան, լեզուամտածողութեան գաղտնիքներուն քաջածանօթ չեն եւ այլն: Մինչեւ իսկ եթէ հեղինակ մը սխալ մը ըրած է, անփութութեան կամ չիմացութեան հետեւանքով, խմբագիրը (եթէ կայ, իսկ պաշտօնական հրատարակչատուները պարտաւոր են անպայման հատ մը-երկու ունենալ, ատիկա մսխում չէ) պարտաւոր է տեղին միջամտութիւնը ընելու, այդ իրաւունքը չի կրնար զլանալ մինչեւ իսկ… հեղինակը: (Տասնամեակներ առաջ, կը յիշենք, Պէյրութի «Ազդակ»ի էջերուն սուր բանավէճ մը զարգացաւ, որովհետեւ գրող մը «կրունկ»ի տեղ  «կռունկ» գրած էր, եւ սրբագրող խմբագիրը, գրութեան իմաստէն դատելով՝ տեղին սրբագրութիւն մը ըրած էր: Հեղինակը փրփրած էր, թէ ինչպէ՜ս նման միջամտութիւն ըրած էին իր գրութեան մէջ, եւ խմբագիրն ու սրբագրողը պախարակող նամակ գրած էր: Խմբագրութիւնը տեղին բացատրութիւն տուաւ, հեղինակը չհրաժարեցաւ իր սխալը պաշտպանելու իրաւունքէն. Խմբագրութիւնը ի վերջոյ քաղաքավարօրէն հասկցուց, որ ի սկզբանէ կորսուած դատ մը անկարելի է պաշտպանել…):

Եզրակացութիւն

Արդեօք այս բոլորը նշելով՝ ունի՞նք այն պատրանքը, թէ կարելի է անթերի գիրք լոյս ընծայել:

Նման երազ չունինք: Օտար լեզուով հրատարակուած գիրքերու եւ թերթերու մէջ իսկ վրիպակներ տեսանելի են, երբ արդի արհեստագիտութիւնը անհամեմատօրէն աւելի լայն օժանդակութիւն կը տրամադրէ հեղինակներուն ու ստուգողներուն (ուղղագրութեան ու քերականական կատարելագործուած սրբագրիչներ, տողադարձի «գործիք»…): Սակայն ո՛չ մէկ կասկած, որ վրիպակներն ու թերութիւնները կարելի է նուազագոյնի իջեցնել, եթէ գործը ընողը ըլլայ գիտակ, ունենայ ասպարէզին հարկադրած բծախնդութիւնն ու նախանձախնդիր ըլլայ ԳԻՐՔը իր արժէքին բարձրացնելու:

Ու… դարձեալ հարց տանք. հիմա նման բծախնդրութիւն, մաքրակրօնութիւն հետապնդելու ատե՞նն է, երբ աշխարհն ու հայութեա՛ն ալ կեանքը կլանուած է Պսակաձեւ ժահրին պատճառած համավարակի մտահոգութեանց, ապա նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներէն ծայր առած եւ աշխարհը փոթորկող ցոյցերուն ու վայրագութեանց ալիքներուն մէջ: Պատասխանը պարզ է. լրջութիւնն ու բծախնդիր աշխատանքը ժամանակ չեն ճանչնար, անժամանցելի հրամայական են այսօր եւ մի՛շտ: Համաճարակն ու խռովութիւնները ի վերջոյ անցողիկ զարգացումներ են, մինչդեռ մեր արծարծած մտահոգութիւնները շատ աւելի տարողունակ է, երկարաշունչ եւ ծաւալուն: Ուրեմն, մեր հրատարակչատուներէն կը սպասուի համապատասխան վերաբերմունք: Այսինքն՝ վերականգնել «հիներ»ուն հոգածութեան աւանդութիւնը:

 

 

 


Թուրքիա Կը Փորձէ Տիրանալ Երուսաղէմի Հայկական Կալուածներուն

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

13 Փետրուար 2020ին, «Տը Ճըուիշ Փրէս» (The Jewish Press) շաբաթաթերթին մէկ յօդուածը բացայայտեց Թուրքիոյ կառավարութեան գործունէութիւնը՝ Երուսաղէմի հայկական եւ քրիստոնէական թաղամասերուն տիրանալ փորձելուն վերաբերեալ։ Լրագրող Պարուխ Ետիտի յօդուածը կը կրէ՝ «Թուրքիա Կ՛աշխատի Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասին Տիրանալ» խորագիրը:

«Երուսաղէմի հայ բնակիչները TPS-ին (Իսրայէլի լրատուական գործակալութիւն) պատմած են թուրք պաշտօնեաներու ճիգերուն, որոնց միջոցով անոնք վերջին տարիներուն կը փորձեն զիրենք համոզել՝ ժխտել թուրքերու կողմէ դար մը առաջ իրականացած Հայոց Ողջակիզումը եւ տեղւոյն քրիստոնեաներուն պատկանող անշարժ գոյքը ձեռք բերելու այլ գործողութիւններու մասին», կը գրէ Ետիտ։

Երուսաղէմի հայ բնակիչներէն մէկը, որուն մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն է, TPS-ին ըսած է, որ թուրք կին դիւանագէտի մը հետ տեսակցելէն 40 վայրկեան ետք թրքուհին փորձած է համոզել զինք՝ կասեցնել  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ իր գործունէութիւնը ։ «Ես հասկցայ, որ ան կ՛ուզէ համոզել զիս՝ դադրեցնել հայկական կոտորածին ուղղութեամբ իմ գործունէութիւնը»։ Հայը ըսած է, որ ինք թուրք դիւանագիտուհիին անմիջապէս ցոյց տուած է դուռը. թրքուհին հասկցած է, որ հայկական համայնքը երբեք չի հրաժարիր Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարէն։ «Մենք հարիւր տարի եւս կը սպասենք, բայց չենք հրաժարիր փոխհատուցման մեր պահանջէն, այնքան ատեն որ տակաւին չենք հասած Իսրայէլի եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած վճարման նման համաձայնագիրի մը», աւելցուցած է հայ զրուցակիցը։

Երուսաղէմի մէջ անշարժ գոյքի այլ հայ սեփականատէրեր TPS-ին յայտնած են, որ թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչները իրենց առաջարկած են 3000 տոլար դրամական պարգեւներ՝ զանազան կարիքներու համար։ Սակայն հայերը մերժած են թրքական կաշառքները՝ զանոնք անուանելով «լռեցման պարգեւներ, որոնց նպատակն է՝ չդատապարտել Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1915-1917 թուականներու կոտորածներուն համար»։ Թէեւ իսրայէլացի լրագրող Ետիտ կ՛օգտագործէ «կոտորած» եզրը՝ Իսրայէլի կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութեան համաձայն, ան արագօրէն կը շեղի այդ քաղաքականութենէն՝ բացատրելով.  «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացած հայերու բնաջնջումը կանխամտածուած եւ համակարգուած ցեղասպանութիւն էր՝ իր տարածքին մէջ ապրողող հայ բնակչութեան դէմ։ Նոյնիսկ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք թուրքերը, քիւրտերը եւ արաբները շարունակեցին կոտորել հայերը մինչեւ 1923, եւ տարածուած է այն կարծիքը, որ սպաննուած է Թուրքիոյ հայերուն մօտաւորապէս կէսը՝ 1․5 միլիոն հայ»։ Թուրքերը եւ քիւրտերը իսկապէս ցեղասպանութիւն կատարած են հայ ժողովուրդին դէմ, բայց ես տեղեակ չեմ արաբներու կողմէ հայերու դէմ գործադրուած որեւէ կոտորածի մասին»:

Ետիտ կը շարունակէ իր յօդուածը՝ վկայակոչելով Երուսաղէմի մէջ հայկական կալուածներ գնելու թրքական փորձերու օրինակներ. «Թրքական ճնշումները նաեւ դրսեւորուած են հայկական կալուածներ ձեռք բերելու գործին մէջ: TPS-ին յայտնի դարձած է, որ քանի մը ամիս առաջ հայկական թաղամասի բնակիչները ցնցուած են՝ յայտնաբերելով, որ իրենց տուներէն մէկը իր իրական արժէքը երեք անգամ գերազանցող գինով ծախուած է մահմետականի մը։ Քննութեամբ պարզուած է, որ հայկական անշարժ գոյքի գնման ֆինանսաւորումը ստացուած է Թուրքիայէն։ Այս միջադէպէն ետք համայնքին կարգ մը ղեկավարները հանդիպապած են, որպէսզի քննարկեն իրադարձութիւններու շղթան եւ միջոցներու ձեռնարկեն՝ կանխելու համար համայնքի կալուածներուն արտահոսքը թուրքերուն: Հայերու շրջանակին մէջ տակաւին կայ վախի զգացում, որ թուրքերը հետզհետէ աւելի շատ կալուածներու կը տիրանան կամ կը գնեն»:

Ետիտ կը վկայակոչէ Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական կալուածներու տիրանալու թրքական այլ ծրագիր մը․ «Քրիստոնեայ առեւտրական մը, որ խնդրած է անանուն մնալ, ըսած է, որ վերջերս թուրքերը Յորդանանի վաքըֆին փոխանցած են շատ հին սեփականութեան վկայականներ, քանի մը հատը շատ մաշած, ներառեալ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի եւ հայկական ու քրիստոնէական թաղամասերու գոյքի սեփականութեան մասին փաստաթուղթեր։ Առեւտրականը, որ ցոյց տուած է քանի մը վկայականներու լուսանկարները TPS-ին, ըսած է, որ թուրքերը խնդրած են վաքըֆէն հաստատել այն փաստաթուղթերը, որոնք կ՛օգտագործուին կալուածները գնելու համար»: Հակասութիւնը այն է, որ թրքական կառավարութիւնը իր արխիւներով չի բացայայտեր մինչեւ Ցեղասպանութիւնը հայերուն պատկանող կալուածներուն վկայականները, եւ Յորդանանի վաքըֆը կ՛ուղարկէ սեփականութեան վկայականներու պատճէնները:

Ետիտ իր յօդուածին մէջ նաեւ կը գրէ հետեւեալը․ «Երուսաղէմի մէջ ընդլայնող թրքական գործունէութիւնը եւ «Իսլամ ողբայրներ»ուն տրամադրուող անոր աջակցութիւնը կ՛անհանգստացնեն Իսրայէլը։ Իսրայէլի պաշտպանական ուժերու հետախուզական բաժինը տարեկան վերջին իր զեկոյցին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիան ներկայացուցած է իբրեւ սպառնալիք»։

Այնուհետեւ Ետիտ կը նկարագրէ Իսրայէլի դժկամութիւնը՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ըսելով. «Իսրայէլի պաշտօնեաները յաճախ բարձրացուցած են Հայկական Ողջակիզման ճանաչման կարելիութիւնը՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Իսրայէլի դէմ վարուող թրքական գործունէութեան, յատկապէս՝ Թուրքիոյ մէջ «Համաս»ի ահաբեկչական գումարտակի տեղաւորման: Տարիներ շարունակ Իսրայէլ ձեռնպահ մնացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալէ՝ վախնալով, որ այսպիսի ճանաչում մը կը վնասէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն»: Ասիկա անհեթեթ փաստարկ է, որովհետեւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ արդէն իսկ վնասուած են, եւ անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը յաւելեալվնաս չի պատճառեր, ինչպէս որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ անցեալ տարուան աշնան իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը բացասական ազդեցութիւն ճունեցաւ ամերիկա-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ:

Իսրայէլացի լրագրողը ճիշդ կը նշէ, երբ կ՛ըսէ. «Թուրքիա կը վերահսկէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր հրապարակումները եւ այս մէկը կը նկատէ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան համար մեծ նշանակութիւն ունեցող հարց, ըստ որուն, թուրքերը չեն հրաժարած Երուսաղէմի մէջ հայերը համոզելու իրենց փորձէն՝ դադրեցնել իրենց ոգեկոչման ջանքերը»։

Ետիտ նաեւ հաղորդած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խրախուսէ թրքական զբօսաշրջութիւնը դէպի Երուսաղէմ՝ վճարելով Երուսաղէմի եւ Արեւմտեան Ափին մէջ մզկիթներ այցելելու ճանբորդութեան ծախսերը:

«Թրքական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնները ամէնօրեայ դրութեամբ կը գործեն Երուսաղէմի մէջ՝ օգնելով «Իսլամ եղբայրներ»ուն եւ Երուսաղէմի կրօնական գործունէութեան։ Հայկական թաղամասէն աղբիւր մը ըսած է, որ Հին քաղաքին մէջ վերջին շրջանին թուրք զբօսաշրջիկները նոյնպէս կ՛աշխատին հայերուն դէմ՝ պատռելով Ցեղասպանութեան մասին պաստառներնը եւ հրապարակումները: Հայերը դատապարտող արձանագրութիւններ տարածուած են թաղամասի պատերուն:

Աւելին, թրքական «Ժառանգութիւն» ընկերութիւնը Երուսաղէմի մէջ եռանդուն գործունէութիւն կը ծաւալէ «կրթութեան, մշակոյթի, անշարժ գոյքի եւ բարօրութեան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ կը ֆինանսաւորէ «ուղեկցող նախագիծը»` հազարաւոր մահմետական հաւատացեալներու մզկիթներ տեղափոխելու, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներու սնունդը ֆինանսաւորելու՝ Ռամատանի պահքը աւարտելու համար», կը պատմէ Ետիտ։

Նմանապէս, TIKA՝ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան թրքական համագործակցութեան եւ համակարգման գործակալութիւնը, ֆինանսաւորած է քանի մը ծրագրեր Երուսաղէմի մէջ։ Տասնեակ մզկիթներ եւ տուներ վերանորոգուած են Թուրքիոյ կողմէ։

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը պէտք է հակադրուի թրքական ջանքերուն՝ թոյլ չտալով, որ տեղւոյն հայերը իրենց գոյքը վաճառեն թուրք գնորդներու: Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը պէտք է օգնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին՝ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին հանդէպ թրքական ոտնձգութիւններու փորձերը կարենալ դիմակայելու համար։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Անդրադարձ. «Հայկական Տեղեկատուութիւն. Ներկայ Իրավիճակ Եւ Հեռանկարներ» «Ազդակ»-ի Երրորդ Առցանց Լսարանին Առիթով

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

3 յունիս 2020-ի լսարանի ընթացքին, երբ այժմու մամուլի զանազան երեւոյթներուն եւ տպագիր մամուլի ոչ յուսադրիչ ապագային մասին միտքեր կը փոխանակուէին, որոնցմէ, թէ՝ առցանց մամուլը կրնայ փոխարինել տպագիրը՝ յիշեցի «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագրական կազմի երբեմնի անդամներէն, գրող եւ ծաղրանկարիչ Ենովք Լաչինեանի «Երեք Բաժանորդներ» գրութիւնը, որ լոյս տեսած էր իր «Անկապ Էջեր» գիրքին մէջ (1): Ստորեւ 1976-ին գրած այս երեք տիպար բաժանորդներուն մասին, որ իւրաքանչիւր տպագիր թերթի տնօրէնութիւն կ՛երազէ ունենալ:

Տպագրուած մամուլի ընթերցող

«Ուոթըրթաունի (Պոսթըն՝ Միացեալ Նահանգներ) Բաբգէն Սիւնի Ակումբին դիմաց, պզտիկ յարկաբաժինի մը մէջ, միասին կ՛ապրին երեք «երիտասարդներ»:

Աւագ անդամը այս երրեակին՝ 94 տարու է, միջնակը՝ 86 եւ կրտսերը՝ 84:

Վաղժամանակեան ծնունդ ըլլալու հետեւանքները կը կրեն իրենց մարմնին վրայ: Քիչ մը յօդացաւ ունին, քիչ մը աչքի տկարութիւն, քիչ մը արեան գերճնշում եւ այլն: Բայց եւ այնպէս՝ հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին, երե՛քն ալ տակաւին առոյգ են, կայտառ եւ կենսունակ:

Երեքը իրարու ընկեր եղած են աւելի քան հինգ տասնեակ տարիներ: Առաջինը Չմշկածագցի է, երկրորդը՝ Սեւերեկցի եւ երրորդը՝ Սեբաստացի: Երեքն ալ ստիպուեցան հեռանալ իրենց դարաւոր հայրենի հողէն, եւ վտարանդի՝ տարիներ առաջ եկան այս ափերը:

Տեսած են կեանքի տաքն ու պաղը, չորն ու թացը: Երկար տարիներ աշխատած են եւ հիմա հանգստեան թոշակ կը ստանան:

Ակումբ կ՛երթան նարտ կամ թուղթ խաղալու, արտասահմանեան հայ լրագիրներ կարդալու եւ զրուցելու: Հաճելի խօսակիցներ են: Ազգանպաստ ձեռնարկներու կը մասնակցին: ՀՅԴ Կոմիտէի ժողովներու կ՛երթան: Լիուլի կը կատարեն իրենց բոլոր ազգային պարտականութիւնները: Հաւատաւոր Հայ են եւ նուիրեալ Դաշնակցական:

Հին սերունդի կաղապարէն ելած են:

Բայց այս բոլորը ի՞նչ բանով արտասովոր երեւոյթ կը ներկայացնէ: Ինչո՞ւ կը գրեմ այս տողերը՝ երեք ալեւոր Հայերու մասին:

Որովհետեւ արտասովոր երեւոյթ մըն է, որ երե՛քն ալ բաժանորդ են «Հայրենիք» օրաթերթին: Այդ պզտիկ յարկաբաժինին՝ թղթատարը շաբթուան մէջ վեց օր կը տանի երեք օրինակ «Հայրենիք»:

Երեքը միասին կ՛ապրին, եւ կրնային հաւաքաբար մէկ օրինակով բաւարարուիլ: Աչքի տկարութիւն առարկելով՝ կրնային ջնջել իրենց բաժանորդագրութիւնը: Եւ կամ ակումբի ստացած «Հայրենիք»-ը կարդալ, ինչպէս ոմանք կ՛ընեն:

Բայց ո՛չ: Իրենցմէ իւրաքանչիւրը նախանձախնդրութիւնով կը պահէ «Հայրենիք»-ի իր բաժանորդագրութիւնը: Ամէն մէկը աւելի քան կէս դար բաժանորդ եղած է «Հայրենիք»-ի, եւ պիտի շարունակէ իր բաժանորդագրութիւնը ցմահ: Ա՛յսպէս կ՛ըմբռնեն Հայու պարտաճանաչութիւնը ազգային մշակոյթի հանդէպ: Արժէ տեսնել, թէ գիտակից հայ մարդը ի՜նչպէս գիտէ գնահատել ազգին արժէքները:

Աւագ անդամը այս երրեակին, առանց ակնոցի, ամէն օր ծայրէ ծայր կը կարդայ թերթը: Միւս երկուքը, զանազան խոշորացոյցներով՝ դժուարութեամբ կը կարդան տողերը: Բայց կը կարդան: Կ՛ապրին թերթով: «Հայրենիք» իրենց հոգեկան եւ մտային սնունդն է, իրենց գաղափարական ապրումներուն օդն ու ջուրը:

Իրենց կը ցանկամ արեւշատութիւն, առողջութիւն ու բազմաթիւ տարիներ, որպէսզի շարունակեն վայելել իրենց սիրելի «Հայրենիք»-ը:

Հպարտ եմ բարեկամն ըլլալու այս երեք ծերաւուրց տիպար Հայերուն: Սակայն ի՞նչ իրաւունք ունիմ զիրենք «ծերաւուրց» կոչելու, քանի որ անոնցմէ մէկը ինձմէ շատ աւելի երկար կը քալէ, միւսին յիշողութիւնը իմինէս շատ աւելի լաւ է, իսկ երրորդը ինձմէ … շատ աւելի լաւ նարտ կը խաղայ:

Ինչո՞ւ չյիշեմ յարգանքով իրենց անունները … ընկ. Պօղոս Տէրոյեան, ընկ. Մարտիրոս Գազանճեան եւ ընկ. Հրանտ Էվլեան»:

Վերադառնալով լսարանին, դրական զարմանքով ունկնդրեցի օրուայ զեկուցաբեր՝ Հայստանի «Արմենփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեանին, որ հակառակ իրեն ենթակայ գրողներուն՝ պաշտօնեաներուն, որոնց լրատուութեան բառերուն մեծամասնութիւնը հայերէն չէ, ինք մի՛այն մէկ կամ երկու անգամ օտար բառ օգտագործեց, անկախ այն պարագաներէն, երբ ժամանակակից ծանօթ դրոյթներ նշեց: Դժբախտաբար ժամանակը բաւարար չէր, որ յարգելի զեկուցաբերին հարցնէի «Արմենփրես»-ի եւ ընդհանրապէս հայկական տեղեկատուութեան գործածած ահռելի «հայերէն» լեզուին մասին եւ ի՞նչ կը կատարուի այս անընդունելի երեւոյթը վերացնելու համար:

Մեր մամուլին կը մաղթեմ այս երեք բաժանորդներուն նման բիւրաւոր ընթերցողներ:

3 յունիս 2020

(1) «Անկապ Էջեր», Ենովք Լաչինեան, «Յառաջ» օրաթերթի մատենաշար եւ տպարան, Փարիզ, 1979, էջ 148-149:

Միարար Զօրութիւնը

$
0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
ԺԱՆ ՍՐԿ. ՍԵԼԼՈՒՄԵԱՆ

«Միաբանեալ Սուրբ Առաքեալքն միախոհ եւ միակրօն,
միաբան նստէին ի Սուրբ վերնատանն, եւ ակն ունէին
գալստեան Սուրբ Հոգւոյն»։ (Շարակնոց)

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն մէկն է Սուրբ Հոգւոյ Գալստեան տօնը։ Հոգեգալուստը, որ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Յարութենէն 50 օրեր ետք, հիմքը դրաւ Ընդհանրական Սուրբ եկեղեցւոյ, որ մինչեւ օրս կը ներգործէ ու պիտի ներգործէ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։ Հոգեգալուստով Աստուծոյ տաճար դարձան անհատներ, որոնք միասիրտ ու միահոգի սիրով ապրեցան, Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին եւ այդ խօսքին համար զոհուեցան։ Այսպիսով, եկեղեցին աճեցաւ այս աշխարհին վրայ՝ Աստուծոյ արքայութեան իրականացման համար։ Արդարեւ, պատմութեան դէպքերու սովորական գնացքէն անդին, Հոգեգալուստի դրուագը Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան դրուագին կողքին, կը կազմէ առա՛նցքը քրիստոնէական կրօնքին։

Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղինացած կեանքը՝ նախասահմանեալ եւ կարճ շրջանի մը համար, վերջ գտած էր։ Պէտք էր կեանքի նոր վարդապետութեան սկզբունքները սեփականութիւն դառնային բոլոր ազգերուն։ Արդարեւ, Քրիստոս Վերջին Ընթրիքին աշակերտներուն խոստացած էր Սուրբ Հոգին ղրկել, ըսելով՝ «Ձեզի համար լաւ է, որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յհ 16.7)։ Համբարձման պահուն եւս թելադրեց իր աշակերտներուն մնալ Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ որ Սուրբ Հոգւոյ զօրութիւնը ստանան. «Եւ ահա ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրս տուած խոստումը։ Մնացէ՛ք Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանաք» (Ղկ 24.49)։ Ուրեմն, անհրաժեշտութիւն էր Անոր ուժով նորոգուիլը, հեռաւոր ազգերու եւ ժողովուրդներու մէջ կարենալ փոխանցելու համար Քրիստոսի Վարդապետութիւնը։

Պենտէկոստէի օրն էր, երբ տեղի ունեցաւ Սուրբ Հոգիին հրեղէն լեզուի կերպարով էջքը առաքեալներուն վրայ։ Պենտէկոստէ յունարէն բառը յինունք կը նշանակէ, այսինքն՝ «Յիսուներորդ» (օր)։ Հրեաներուն մօտ նուիրական տօն մըն էր։ Հրեաները երբ Եգիպտոսէն ելան, ճիշդ 50 օրեր ետք Աստուած Սինա լերան վրայ, Մովսէս Մարգարէի ձեռքով, ժողովուրդին կը փոխանցէր Տասնաբանեայ պատուիրանները։ Առ այդ, հրեայ ժողովուրդը իբրեւ երախտագիտութիւն կը հաստատէր «Երախայրից Հնձոց» տօնը, որ կը նշանակէ, թէ Աստուծոյ պէտք է նուիրել տարուան հունձքի առաջին բերքը։ Ուրեմն, Յիսուսի Յարութենէն ճիշդ յիսուն օրեր ետք, երբ տեղի կ’ունենար Հոգեգալուստը, նոյն ատեն, հրեաները կը տօնէին Պենտէկոստէն։

Ղուկաս աւետարանիչ իր Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ Հոգեգալուստը. «Երբ Պենտէկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին։ Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։ Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.1-4)։ Ահաւասիկ Աստուածային եւ արտակարգ հրաշք մը, որ նոր սկիզբ դրաւ մարդկային կեանքին։ Ոչ մէկ ընկերային շարժում կրցաւ հզօր թափ ունենալ, որքան Հոգեգալուստով սկսած ընկերային, կրօնական ու բարոյական նոր շարժումը։ Առաքեալները երկնային զօրութեամբ զինուեցան եւ իրենց կարգին՝ Սուրբ Հոգւոյ տուչութիւնը կատարեցին բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին եւ մկրտուեցան Քրիստոսի անունով։

Աստուածաշունչին մէջ լեզուափոխութեան մասին կը հանդիպինք երկու տարբեր եւ իրարու հակապատկեր ունեցող դէպքերու։ Առաջին դէպքին կը հանդիպինք Հին Կտակարանի գիրքին մէջ, երբ մարդիկ ապստամբեցան Աստուծոյ դէմ եւ ուզեցին Բաբելոնի աշտարակը շինել՝ իրենց փրկութիւնը ապահովելու համար։ Աստուած՝ տեսնելով իրենց սխալ ընթացքը, խառնեց անոնց լեզուները, որպէսզի զիրար չհասկնան։ Այսպիսով սկիզբ առաւ մարդկային ցեղերու պատմութիւնը։ Սակայն, Հոգեգալուստի ընթացքին տարբեր լեզուներով խօսիլը Աստուածային շնորհք մըն էր։ Եթէ Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան ընթացքին Աստուած մարդկութիւնը բաժնեց՝ անոնց տարբեր լեզուներ տալով, ապա Սուրբ Հոգիի գալուստով եւ զօրութեամբ առաքեալները տարբեր լեզուներով օժտուեցան՝ մարդկութիւնը Աստուծոյ մօտեցնելու ու Անոր միացնելու նպատակով։ Ահաւասիկ շնորհք մը, որ մեզի առիթ կ’ընծայէ Աստուծոյ միանալու։ Սուրբ Հոգին ստանալով՝ Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դարձանք եւ արժանացանք այն փրկութեան, զոր Աստուած մեզի խոստացած էր տալ։

Արդ, ի՞նչն է պայմանը Սուրբ Հոգին ընդունելու համար։ Առաջին յատկանշական կէտը՝ պատմուածքի առաջին նախադասութեան մէջն է արդէն։ «Բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին» (Գրծ 2.1)։ Ասիկա հիմնական պայմաններէն մէկն էր Սուրբ Հոգին ընդունելու համար եւ գաղտնիքներէն մեծագոյնը ընկերային բոլոր յաջողութիւններուն։ «Միասնաբար մէկտեղուած» ըլլալը երազն է համայն մարդկութեան։ Դարերով այնքան իրարմէ հեռու ապրած են մարդիկ՝ ոչ միայն աշխարհագրական դիրքով, այլեւ սրտով ու զգացումներով, եւ այլեւս այդ երեւոյթը դարձած է այնքան սովորական, որ յաճախ չենք անդրադառնար անոր անբնական եւ անմարդկային երեւոյթին։ Այնքան վարժուած ենք իրարու դէմ պայքարելու եւ իրարու կասկածով նայելու, որ այլեւս «միասնաբար մէկտեղուած» ապրիլը մեզի կը թուի անկարելի երազ։ Հոգեգալուստը եկաւ օժտելու մեզ նոր հորիզոնով, նոր հեռանկարով եւ նոր մտայնութեամբ, որոնք մեզ կ’առաջնորդեն «միասնաբար մէկտեղուած» ըլլալու։

Առաքեալներուն «միասնաբար մէկտեղուած» ըլլալուն պատճառը բացայայտ էր։ Անոնք միասին ապրեցան, միասին տառապեցան, միասին երջանկացան, եւ հետեւաբար միասին ալ մէկ հոգիով լեցուեցան։ Տիրոջ ֆիզիքական բաժանումէն ետք անբեկանելի ամբողջութիւն մը կազմած էին։ Կամ ինչպէս Ղուկասի աւետարանի վերջին խօսքերը կը հաստատեն. «Ամէն օր տաճարին մէջ էին՝ գովելով ու օրհնաբանելով զԱստուած» (Ղկ 24.53)։ Ուրեմն, «միասնաբար մէկտեղուած» ըլլալու եւ մնալու համար անհրաժեշտ է միասին տառապիլ ու միասին երջանկանալ. սակայն կարեւորագոյն պայմանն է՝ միասին աղօթելը։

Արդ, Հոգեգալուստի տօնը իւրաքանչիւրիս համար առիթ կը հանդիսանայ վերանորոգուելու այն Հոգիով, զոր ընկալեցինք Մկրտութեան աւազանէն։ Որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ, կոչուած ենք սերտ ընկերակցութեամբ ապրիլ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ՝ կազմելով ամբողջական ու միաւորեալ եկեղեցի։ Եկէ՛ք Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ Քրիստոսի հարթած ճանապարհէն քալենք, որպէսզի Աստուծոյ որդի ըլալլու կոչումը ունենանք, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ պիտի ըսէր. «Աստուծոյ որդիները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ Հոգիով կ’առաջնորդուին» (Հռ 8.14)։

 

Այլապէս, Ինչպէ՞ս Պիտի Յարատեւէր Լիբանանահայ Մեր Կեանքը

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՍԻՍԼԵԱՆ

Այս տողերը կը գրենք ուշադրութեան արժանացնելու մեր բարերարներուն ու բարեկամներուն եզակի օրինակը եւ այն հսկայական զոհողութիւնները, զորս անոնք կը ստանձնեն մեր ժողովուրդին սիրով` հաւատալով, որ անպայմանօրէն գեղեցիկ ու արդիւնաւոր ապագայ մը դարձեալ պիտի յայտնուի լիբանանեան մեր միջավայրին մէջ:

Արդարեւ, կ՛ուզենք քիչ մը խօսիլ անոնց մասին, որոնք լիբանանահայ կեանքի թէ՛ լուսաւոր օրերուն,  եւ թէ փոթորկոտ պահերուն անսպասելի կերպով միշտ կը յայտնուին մեր կողքին: Խօսինք ոչ պարզապէս շնորհակալութիւն յայտնելու դիտաւորութեամբ, այլ շնորհաւորելու համար զիրենք, որովհետեւ անոնք, լիբանանահայութեան հանդէպ արտակարգ համակրանքի զգացումով, յաճախ պատասխանատու պաշտօններու վրայ գտնուողներուն չափ պատասխանատու պարտականութիւններ կը ստանձնեն, որպէսզի մեր գաղութը մնայ միշտ կանգուն ու յառաջատար դիրքի վրայ: Այդ կեցուածքն է, որ լիբանանահայ կեանքին հանդէպ մեր հաւաքականութեան հաւատքը կ՛ամրացնէ:

Մեր խօսքը կը վերաբերի մեզի ծանօթ եւ երբեմն ալ անծանօթ այն անձնաւորութիւններուն, որոնք միշտ կան ու մեր կողքին կը մնան: Երբեմն անոնք մեր մօտն են, բայց առհասարակ անոնք մեզ կը դիտեն հեռուներէն, որովհետեւ կ՛ապրին օտար աշխարհներու մէջ: Սակայն, զարմանալիօրէն, այստեղ արձակուած կոչը անոնք անմիջապէս կը լսեն եւ, առանց տատամսելու, փութով կը լծուին մեր ժողովուրդի կարիքներուն դարման գտնելու գործին: Այո՛, մինչ այստեղ շատեր կը վարանին ու չէզոք դիտողի վիճակին կը մատնուին, անոնք պատրաստակամութեամբ կ՛ընդառաջեն: Երբ այստեղ, անմիջական մեր շրջապատին մէջ, ոմանք զգուշ են եւ չեն ուզեր իրարօգնութեան գործին առնչուիլ, անոնք շարժման կ՛անցնին ու հեռուներէն լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին ճամբան կը հարթեն:

Այլապէս, ինչպէ՞ս պիտի յարատեւէր մնայուն անակնկալներու, արտասովոր տագնապներու ու տեսակաւոր աղէտներու ճգնաժամին մէջ շարունակուող լիբանանահայ մեր կեանքը:

Անցնող տարեշրջանին ծնունդ առած տնտեսական աննախնթաց ճգնաժամին հետեւանքները չմեղմացած, մռայլ ամպեր կուտակուեցան ամբողջ աշխարհի հորիզոնին վրայ, եւ դարձեալ ծանրագոյն կենցաղային պայմաններ ստեղծուեցան յատկապէս այստեղ` լիբանանեան մեր կեանքին մէջ:

Եթէ համաճարակի, անգործութեան, սղաճի, դրամի արժեզրկման ու տնտեսական անօրինակ դժուարութիւններով յատկանշուող այս օրերուն, իբրեւ յոյսի նշոյլ, հեռուէն ու մօտէն հայավայել գիտակցութեամբ մեզի երկարող եղբայրական օգնութեան ձեռքեր չյայտնուէին, ի՞նչ պայմաններով մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէր իր առօրեան եւ ի՞նչ հաւաստիքով պիտի կարենար սպասել վաղուան: Եւ ոչ միայն սպասել, այլ նաեւ` գիտակից իր ուժին ու իրեն վերապահուած պատմական դերակատարութեան, տագնապի պայմաններուն մէջ ալ մնալ առաջատար դիրքի վրայ ու շարունակել գործը` ի խնդիր հայ նկարագիրի անսասանութեան:

Վստահաբար, հայութիւնը կը մեռնի այն ատեն, երբ ամէն մարդ իր սեփական պատեանին մէջ ամփոփուելով կը կծկուի ու կը վերածուի ընկղմելու սարսափին ենթակայ փոքրիկ կղզիի մը:

Պէտք է սթափինք ու յատկապէս մեր օրերու մշուշապատ մթնոլորտին մէջ յիշենք, որ առանձին չե՛նք: Նոյնիսկ եթէ սահմանափակ են մեր ունեցած ուժերն ու կարելիութիւնները, պէտք է զգանք, որ հայաշխարհի ընդարձակ տարածութիւններուն մէջ միշտ միասին ենք եւ միահամուռ ճիգերով ալ կը շարունակենք յաղթահարել մեր դիմաց յարուցուած տեսակաւոր տագնապները: Պէտք է նաեւ յիշենք, որ մեր ժողովուրդը միշտ ալ ունեցած է ընտրեալներ, որոնք կեանքի ուրախ կամ տխուր, խաղաղ կամ տագնապալի պահերուն, քաջութեան, հաւատքի, նուիրումի եւ զոհաբերութեան գերազանց օրինակներ տուած են մեզի, որպէսզի հայ մարդն ալ անոնցմով իր կեանքը կերտէ ու առաջնորդէ:

Ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք չէ նաեւ մոռնանք, որ լինել կամ չլինելու օրհասներուն մէջ անգամ, երբե՛ք չէ քայքայուած մեր կեանքին ամրութիւնը, երբե՛ք չէ խաթարուած մեր հաւատքը ու երբե՛ք ալ աւերակի չէ վերածուած մեր ժողովուրդին կամքը: Այս օրերուն այս մասին պէտք է յաճախ եւ երկար խորհրդածենք, որպէսզի լիբանանահայութիւնը մնայ սփիւռքի ամէնէն ծանր ձգողականութիւնը ունեցող կեդրոնը` ընդունակ ամէն տեսակ աշխատանքի ու մարտահրաւէրի:

 

 

 

 

 

Տագնապի Մէջ Են Թէ՛ Ամերիկան, Թէ՛ Հայաստանը, Որ Հայրենիքս Է

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Երկուքին պարագային ալ գործ ունինք ապաշնորհ ղեկավարութեան հետ (նախագահ եւ վարչապետ): Տարբերութիւնը այն է, որ Ամերիկայի համար այս ներկայ տագնապը, ինչքան ալ ծանր ըլլայ, նախագահը ինչքան ալ ապաշնորհ ըլլայ, երկիրը գոյութենական վտանգ չի դիմագրաւեր: Անիկա ունի պետական ամուր ու կայացած կառոյցներ:

Հայաստանի պարագային տարբեր է, որովհետեւ ան թէ՛ կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր (արտաքին թշնամիներ), եւ թէ անոր պետական կառոյցները օրէ օր կը ջլատուին: Այսպէս, վարչապետի պաշտօնը վարող Ն. Փաշինեան առաջին իսկ օրէն յայտարարեց, թէ ինք «իզմերու» չի հաւատար: Այսինքն ոչ մէկ գաղափարախօսութեան կը յարի. չունի գաղափարախօսութիւն (թէեւ կը ղեկավարէ… «կուսակցութիւն» մը): 3 ամիս վերջ ալ հրապարակաւ յայտարարեց, թէ «ինչի Հայաստանում կա՞յ մի դատաւոր որ ինձ կարա ասի` չէ…»` այս ձեւով սկսելով պետութեան իրաւական հիմքերը քանդելու գործընթացին…

Երկու օր առաջ ականատես եղանք մեր երկրի քաղաքացիական օդագնացութեան կառոյցին հասցուած ծանր հարուածին` իբրեւ ապաշնորհ ղեկավարումի նորագոյն ապացոյց: Վարչապետը կը յայտարարէ, թէ ան, որ խախտում նկատէ, թող իրեն ղրկէ համապատասխան լուսանկարները (ինք անձնապէս փոխարինած է պետական կառոյցները…): Երկրի ազգային ապահովութեան սպասարկութեան կը հրահանգէ երեւան հանել թաղային խրախճանքի մը հանգամանքները (Շէնգաւիթ): Այդ սպասարկութիւնն ալ, լուռ ու մունջ, երկրի ապահովութեան սպառնացող վտանգներու չէզոքացումի խնդիրը մէկ կողմ դրած, լծուեցաւ այդ գործին…

Չեմ ուզեր խօսիլ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող համավարակը դիմագրաւելու ուղղութեամբ հայրենի իշխանութիւններուն ցուցաբերած փնթիութեան մասին: Աւելորդ է:

«Սիրոյ եւ համերաշխութեան» քարոզիչ Փաշինեան յաջողեցաւ ներքին լարուածութիւն, ատելութիւն եւ երկպառակութիւն սերմանել ու չի դադրիր իր այս վարքագիծէն:

Նոյնը կը պատահի Ամերիկայի մէջ, ուր նախագահը ոչ մէկ նախադասութիւն արտասանած է ցարդ երկրին մէջ համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ: Ընդհակառակը` կրակին վրայ իւղ թափեց տակաւին քանի մը օր առաջ, շաբաթէ մը աւելի շարունակուող բողոքի ցոյցերուն կապակցութեամբ:

Երկու օր առաջ, երբ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինքն ու իր ընտանիքը «Քորոնա» ժահրով վարակուած են, շատեր դժուարութիւն ունեցան… հաւատալու (ստախօս Միհրանի պատմութեան հետեւութեամբ…): Այսօր, Լոս Անճելըսի տեղական ձայնասփիւռի կայաններէն հարցազրոյցի հրաւիրուած էր քաղաքագէտ մը, որ գիրք մը լոյս ընծայած էր Թրամփի սուտերուն մասին ու կը պնդէր, որ իշխանութեան գալէն ասդին, Թրամփ 19 հազար չգիտեմ քանի հարիւր սուտ խօսած է եւ մոլորեցնող յայտարարութիւն կատարած է…

Երկու երկիրներու պարագային ալ, խախտած է հանրութեան ներքին համերաշխութիւնը, «ընկերային պայմանագիրը»: Ամերիկան կրնայ «վերապրիլ» այս ծանր փորձութենէն: Մեր հայրենիքը` ոչ: Մենք կը դիմագրաւենք թէ՛ արտաքին թշնամին, որ օրէ օր աւելի լկտի կը դառնայ, եւ թէ՛ համավարակի վտանգը, որ օրէ օր աւելի կը մոլեգնի:

Հետեւաբար, ուժերը համախմբելու հրամայականը դրուած է սեղանին: Հայրենի իշխանութիւնները պարտաւո՛ր են գիտակցիլ այս հրամայականին: Եթէ իրենք չեն գիտակցիր, առնուազն թող բարի ըլլան երթալու իրենց «կարօտցած» տուները:

Անկախութեան սերունդի տեսլականը իրականութեան վերածելու կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ Արցախեան շարժումով, Արցախի ազատագրումով եւ պետականութեան ստեղծումով: Եթէ Շուշիի ազատագրումը խորհրդանիշը համարենք ազրպէյճանական լուծէն Արցախի ազատագրումին, դժուար չէ եզրակացնել, որ ատիկա լուրջ եւ շօշափելի քայլ մըն է Միացեալ Հայաստան ստեղծելու ճամբուն վրայ: Փաստօրէն, Արցախի ազատագրումով հողահաւաքի գործընթացը ճամբայ ելած պէտք է համարել:

Արդարեւ, միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի իտէալը ոչ միայն գաղափարական, այլ նաեւ շեշտակիօրէն քաղաքակա՛ն արժէք է: Մեր պետութեան համար անիկա ունի ռազմավարական նշանակութիւն, եթէ, անշուշտ, Հայաստանի իշխանութիւնները քաջութիւնը ունենան զայն որդեգրելու:

Ո՞րն է, սակայն, այս իտէալին քաղաքական-ռազմավարական արժէքը:

Առաջին` Սեւրի դաշնագիրով Հայաստանի նորաստեղծ պետութիւնը օրինական ճանաչման կ՛արժանանար ազգերու միջազգային ընտանիքին կողմէ, իսկ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը իր կարգին կը յստակեցնէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծը: Իրաւարար վճիռները (բոլոր նման վճիռները) միջազգային օրէնսդրութեամբ ունին պարտադիր բնոյթ խնդրոյ առարկայ երկու (կամ աւելի) կողմերուն համար: Այն պահէն, երբ տուեալ կողմերը կը համաձայնին դիմել իրաւարար վճիռի, սկիզբէն իսկ կ՛ընդունին այդ մէկուն իրաւացիութիւնը եւ պարտաւոր են գործադրել զայն:

Երկրորդ` Արեւմուտքը (օրին` դաշնակիցները) օրինական առումով մասնակից եւ յանձնառու եղած է թէ՛ Սեւրի դաշնագիրի տրամադրութիւններուն, եւ թէ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին նկատմամբ: Այդ յանձնառութիւնը անժամանցելի է օրինականօրէն: Հայկական կողմին, Հայաստանի պետութեան համար կը մնայ զայն անժամանցելի համարել նաեւ քաղաքականօրէն, եթէ ցուցաբերուի համապատասխան կամքը: Այս կէտը կենսական է, որովհետեւ Արեւմուտքը, մասնայատուկ կերպով Եւրոպական միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները, հայ ժողովուրդին պարտական են վերոնշեալ յանձնառութեան բերումով:

Պաշտօնական Երեւանը իր արտաքին յարաբերութեանց օրակարգի սեղանին անպայմա՛ն պէտք է դնէ պարտապանութեան այս հարցը, որովհետեւ ատիկա հենքն իսկ է մեր պետականութեան լինելիութեան: Մեր կողմէ այս հարցի օրակարգի վրայ պահուիլը մեզմէ կը վանէ նաեւ այն անհարկի ճնշումները, որոնց կ՛ենթարկուի մեր երկիրը ամէն քայլափոխի` Արեւմուտքէն ըլլայ ատիկա թէ հիւսիսէն: Հայաստանով ու տարածաշրջանով շահագրգիռ ուժերը ոչ միայն «պահանջ» չեն կրնար ունենալ մեզմէ, այլեւ իրենք են, որ պիտի դրուին պարտապանի դիրքերուն: Հայաստան կարիքը ունի իր կենսական (ու արդա՛ր) տարածքին, այն տարածքին, որով կը բնութագրուի Միացեալ Հայաստանը, որպէսզի կարենայ գոյատեւել ու բարգաւաճիլ:

Երրորդ` վերանկախացած Հայաստանի պարագային Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարչակարգը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գաղափարին մէջ կը տեսնէր միայն ու միայն ատոր բարոյական բաղադրամասը, եւ նոյն այդ ճանաչումը մաս չէր կազմեր վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան: Յաջորդող երկու նախագահներու` Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի պարագային ճանաչման հարցը ոչ միայն մաս կազմեց երկրի արտաքին քաղաքականութեան, այլեւ հարստացաւ «հետեւանքներու վերացում» հասկացութեամբ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայութեան բազմամակարդակ ու արդար պահանջատիրութեան դիւանագիտական բանաձեւումը` իր բոլոր բաղադրամասերով: «Հետեւանքներու վերացում» տարազը նաեւ ամրագրուեցաւ Ցեղասպանութեան համազգային հռչակագիրով (յունուար 2015): Ն. Փաշինեանի իշխանութեան օրով ցարդ «հետեւանքներու վերացումի» գաղափարը հնչեղութիւն չէ ստացած միջազգային հարթակներու վրայ: Ոչ միայն այդ, այլեւ վերջերս նոյնիսկ փորձ կատարուեցաւ 2015-ի համահայկական հռչակագիրին մէջ ամրագրուած «Յիշում ենք եւ պահանջում» տարազը փոխարինել միայն ու միայն… «Յիշում ենք»-ով:

Այս վարքագիծը կը յանգեցնէ հայկական դիրքերու տկարացումին: Փաստօրէն, այսօր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի յուշումով Արցախի կապակցութեամբ բանակցութիւններու սեղանին դրուած է տխրահռչակ «փուլային» տարբերակը, որ էապէս անընդունելի է ՀՅ Դաշնակցութեան համար: «Փուլային» տարբերակին սեղան բերուիլը ինքնին հետեւանք է մերօրեայ պաշտօնական Երեւանի դիւանագիտական միտքին մօտ Միացեալ Հայաստանի գաղափարի բացակայութեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան համար, կը կրկնենք, Արցախի ազատագրումը Միացեալ Հայաստան կերտելու ճամբուն վրայ գոյութիւն ունեցող փուլերէն մէկն է: Մենք խնդիր ունինք առաջին հերթին տիրութիւն ընելու Սեւրով եւ նախագահ Ուիլսընի վճիռով ամրագրուած մեր իրաւունքներուն: Այս ընելով` իր տրամաբանական պարունակին մէջ զետեղած կ՛ըլլանք նաեւ ազատագրուած Արցախին տիրութիւն ընելու մեր վարքագիծը, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, Արցախի ազատագրումը մենք կը համարենք կենսական քայլ մը, փուլ մը Միացեալ Հայաստան ստեղծելու մեր ճիգերուն մէջ:

Հետեւաբար, դժուար չէ նկատել, որ Միացեալ Հայաստանի իտէալը ոչ միայն գաղափար, այլեւ ուժի անսպառ աղբիւր է մեր երկրի լինելիութեան, կենսունակութեան եւ բարգաւաճումին համար, եթէ մեր պետութիւնը ցուցաբերէ անհրաժեշտ կամքը:

Պաշտօնական Երեւանը պարտաւո՛ր է ցուցաբերել այս կամքը` ի խնդիր մեր ազգի ու պետութեան ապագային:

 

 

 

Viewing all 13394 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>