Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 13205 articles
Browse latest View live

Պաղտատցի Սերոբի Յիշատակին

$
0
0

1976-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, յանկարծ ակումբ կը մտնէ յաղթանդամ երիտասարդ մը, որ հազիւ կրցած էր խոյս տալ արեւմտեան շրջանէն դէպի Պուրճ Համուտ:

Ընկեր Սերոբը Պաղտատէն եկած` առանձին երիտասարդ մըն էր: Հարազատ չունէր Լիբանանի մէջ: Սարդարապատ ակումբը եղաւ իր տունը, իսկ ընկերները` իր հարազատները: Ան շատ արագ կրցաւ ընտելանալ մեր ակումբի մթնոլորտին ու դաշնակցական ոգիով ստանձնեց պարտականութիւններ եւ խիզախօրէն մասնակցեցաւ ինքնապաշտպանութեան գործին: Ժողովուրդի առօրեային մէջ դարձաւ Պաղտատցի Սերոբ:

Աւելի ուշ մուտք գործեց ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը: Սարդարապատ կոմիտէութեան մաս կազմելով` եղաւ հաւատարիմ ու պարտաճանաչ ընկեր, գործակցելով կոմիտէի բոլոր կազմերուն եւ պատասխանատուներուն հետ` իր ներկայութիւնը փաստելով կազմակերպական ու ժողովական կեանքին մէջ, մանաւանդ` իր ծամծմուող հայերէնով. միշտ սխալները մատնանշելով եւ աւելի՛ն պահանջելով կոմիտէութենէն:

Մեր սիրելի ընկեր Սերոբը աշխատեցաւ միշտ շրջանը պահել հայ եւ դէմ դնել յոռի երեւոյթներուն ու մնաց Սարդարապատի անկեղծ զինուորը մինչեւ վերջ: Պէտք է յիշել նաեւ, որ ան տագնապեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն եւ ուրախացաւ իւրաքանչիւր լաւ լուրը լսելով. մինչեւ իսկ կ՛ըսէր, որ ինք պատրաստ է սահման երթալ եւ զոհուիլ հայրենի հողին վրայ` մեր ժողովուրդը պաշտպանելով:

Ընկե՛ր Սերոբ, ճիշդ է, որ չզոհուեցար այդ ճամբուն վրայ, բայց դուն մնացիր դաշնակցականը` զոհելով ամէն բան եւ անխտիր աշխատելով բոլոր պայմաններու մէջ:

Այսօր հրաժեշտի այս պահուն քեզի կ՛ըսենք երթաս բարով` միանալու Սարդարապատի բոլոր ընկերներուն այն մեծ փաղանգին, որոնց հետ գործակցեցար տարիներ շարունակ:

Պիտի մնաս մեր սրտերուն մէջ, դաշնակցակա՛ն ընկեր Սերոբ, իսկ մեր ժողովուրդին եւ համակիրներուն համար` Պաղտատցի Սերոբ:

Վա՛րձքդ կատար, ընկե՛ր:

Խունկ ու մոմ շիրիմիդ:

ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ ԿՈՄԻՏԷ


Դասական Երաժշտութեան Սիրահար «Խենթ»-երու Կրկնակի Յաղթանակը (Sinfonietta Beirut-ի Ելոյթին Առիթով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այն սիրահարներուն, որոնց ստորեւ պիտի անդրադառնանք, խորքին մէջ կայացած ու վաստակաւոր արուեստագէտներ են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծանօթ է հանրութեան իր երաժշտական գործիքին մասնագիտութեամբ: Աւելի՛ն. անոնք իրենց ուսերուն ունին տարիներու փորձառութիւն եւ մասնակցութիւն բերած են տարբեր համերգներու:

Յատկանշականը այն է սակայն, որ անոնց ի մի բերողը եւ մէկ երդիքի տակ միաւորողը սէրն ու ծառայութիւնն է: Անխառն սէր` հանդէպ դասական երաժշտութեան եւ գիտակից ծառայութիւն` երաժշտասէր հասարակութեան:

Այս խմբակը, թիւով 15 հոգի, ամբողջութեամբ ապաւինելով իր ներուժին, քանի մը տարի է, առանց նիւթական ակնկալութեան եւ նուիրումով Պէյրութի զանազան շրջաններու մէջ կը կազմակերպէ դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգներ`  պարզապէս հաւատարիմ մնալով իր յանձնառութեան եւ կոչումին:

Պատեհ է ըսել, որ խմբակին մաս կը կազմեն տարբեր տարիքի հայ ու տեղացի արուեստագէտներ: Խմբակի կազմութեան մտայղացումը, մղումն ու քաջալերանքը կը պատկանի արուեստագէտ ամոլի մը, յանձինս Հրաչ եւ Իզապէլ Իսահակեաններու, որոնք հայ թէ տեղացի հանրութեան ծանօթ են իբրեւ ֆլիւթի եւ դաշնամուրի վարպետներ:

Հարկ է լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը, որ վերոնշեալ սիրոյ, ծառայութեան եւ մղումին առընթեր կայ, գոյութիւն ունի յանձնառութիւն մը, որ այս պարագային կը մարմնաւորուի մշակութանուէր հայորդի Արփի Մանկասարեանի մէջ, որ, սատար կանգնելով այս «խենթ»-երուն, անոնց տրամադրեց համապատասխան վայր` «Պատկեր» կեդրոնը, ուր հերթաբար իրենց փորձերն ու համերգները կրնան ընել:

Եւ հոսկէ մեր ծանօթութիւնը այս խմբակին, որուն ներկայութիւնը բարեբեր ազդեցութիւն ունեցաւ երաժշտասէր հասարակութեան համար:

Փաստօրէն, «Պատկեր» կեդրոնին ու այլ վայրերու մէջ իւրաքանչիւր համերգի արդէն զգալի կ՛ըլլար հայ թէ օտար արուեստասէրներու ներկայութիւնը, որոնք կու գային վայելելու դասական երաժշտութեան բարձրորակ կատարումներ:

Նման հոգեպարար ու հմայիչ համերգ մըն էր այս խմբակին վերջին ներկայացումը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 5 յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Ժըմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ:

Պէտք է ըսել, որ եկեղեցւոյ խորանէն հնչած երաժշտութիւնը ձեւով մը ինքնին պատարագ մըն էր` դասական երաժշտութեամբ յագեցած, որովհետեւ Պախի, Կրէկի, Վիվալտիի, Սիմառոզի, Փիազզոլայի, Պրահըմսի, Մոնթիի կողքին ներկայ էր նաեւ Մակար Եկմալեան:

Իրօք, հայ թէ օտար երաժշտասէր հասարակութեան ներկայութեան հնչեցին աշխարհահռչակ երաժիշտներու ստեղծագործական գոհարները, որոնք մեծապէս գնահատուեցան եւ ծափահարութեան արժանացան:

Յայտագիրը իր պատկառելի բովանդակութեամբ, ըստ էութեան, պերճախօս վկայութիւն մըն էր մատուցուած երաժշտական պատարագին: Փաստօրէն, Էտ. Կրէկի Anitra՛s Dance from Peer Gynt Suite No. 1, Պախի Brandenburg concerto No. 3 (1st mov.) եւ Concerto for 2 violins in D minor, BWV (1st mov.), Սիմառոզայի Concerto a due Flauti Traverse (1st mov.), Վիվալտիի L՛Estro Armonico – Concerto Op. 3, No. 8 a due violin (1st mov.), Փիազզոլայի Tango Café 1930 para Cello y Orquestra, Պրահըմսի Hungarian Dance No. 5, եւ այլ հսկաներու ստեղծագործութիւնները պարզապէս քաղցր ու ջերմ զգացողութեամբ համակեցին հանդիսատեսն ու ամբողջ եկեղեցին:

Արդար է նշել, որ արուեստագէտները Յովհաննէս Գարախանեան, Քամիլ Մուչա, Գարունիկ Ղազարեան, Խաժակ Խաչատուրեան, Ռիմա Սաապ (ջութակ), Ուիսամ Ապտընուր եւ Ժոզէֆ Սըմաան (վիոլա), Մունիր Մահմալաթ, Թաթիանա Քամալ եւ Քլոտ Մըտաուար Սֆէյր (չելլօ), Լոռի Պիլալեան եւ Հրաչ Իսահակեան (ֆլիւթ թրավերս), Յակոբ Քելուկեան (տուտուկ), Մարիա Տանտուք (սոփրանօ), Իզապէլ Իսահակեան (դաշնամուր եւ խմբավար) եւ ուրիշներ իրենց կատարողական լուրջ արուեստով եւ հմտութեամբ առինքնեցին ներկայ հասարակութիւնը:

Համերգին տուտուկահար Յակոբ Քելուկեան եզակի եւ դիւթիչ ելոյթ մը ունեցաւ` հանրութեան մատուցելով Մակար Եկմալեանի «Ամէն, հայր սուրբ» շարականը, որ աստուածահաճոյ մեղեդիութեամբ զարդարեց եկեղեցւոյ կամարներն ու ներկաներու հոգեկան աշխարհը:

Մատուցուած համերգի աւարտին, երբ երաժշտասէր հանրութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէր արուեստագէտներուն, անոնց դէմքին վրայ նկատելի էր կրկնակի յաղթանակի զգացողութիւնը, որովհետեւ ամիսներու տքնաջան աշխատանքը արդէն իր լրումին հասած էր, եւ կրցած էին նուաճել ներկայ հանրութեան սրտերը:

Իսկ ամէնէն տպաւորիչ արտայայտութիւնը ունեցաւ նուիրեալ ու հայաշունչ արուեստագէտ Հրաչ Իսահակեան, երբ ըսաւ. «Ապրի՛ն բոլորը, բացառիկ ներկայացում էր»: Ան նաեւ աւելցուց, որ «այս համերգը մեր յուսահատութեան յաղթանակն էր»: Այլ խօսքով, ան ուզեց ըսել, որ այս երկիրը ա՛լ դադրած է մշակոյթի երկիր ըլլալէ, որովհետեւ ո՛չ պետական եւ ո՛չ ալ անհատական մակարդակի վրայ չկայ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն: Յայտնապէս, համերգը ամբողջութեամբ անհատական ճիգի ու նուիրումի շնորհիւ կեանքի կոչուած էր, ինչպէս միշտ:

Հրաչին խօսքերը կը բխէին անոր տառապած սրտէն: Ան հաւատացողն է, որ եթէ երբեք այս խմբակը ունենայ ազնուասիրտ բարերարներու օժանդակութիւնը, ապա, հանրութեան կարելի է ներկայացնել դասական երաժշտութեան թաքուն ու բացայայտ այնպիսի գոհարներ, որոնց մատուցմամբ Լիբանանի երկնակամարը կը պայծառանայ, ու առհասարակ կը բիւրեղանայ մարդոց ներաշխարհը:

Այո՛, պատիւ Sinfonietta Beirut-ի բոլոր անդամներուն, որոնք սիրայօժար եւ առանց նիւթականի ակնկալութեան իրենց լաւագոյնը կը մատուցեն` յանուն երաժշտական արուեստի տարածման եւ սերունդներու դաստիարակութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ, անոնք «խենթ»-եր են:

8 յուլիս 2019    

 

Նախագահ Թրամփ Կը Պատրաստուի Վնասել Միացեալ Նահանգներու Շահերուն` Պարզապէս Էրտողանը Գոհացնելու Համար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ լուրջ սխալ մը գործելու եզրին է` վտանգի ենթարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի այլ անդամներու ապահովութիւնը, եթէ որոշէ պատժամիջոցներ չկիրարկել Թուրքիոյ դէմ` ռուսական Ս-400 հրթիռները ձեռք բերելուն համար. հրթիռներ, որոնք անհամատեղելի են ՕԹԱՆ-ի զինական համակարգին հետ եւ կը բացայայտեն ամերիկեան օդուժի նորագոյն Էֆ-35 հալածիչներու գործողութեան գաղտնիքները:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը երեք բանաձեւ ընդունած է նախազգուշացնելով Թուրքիան` չգնել ռուսական հիթիռները, նաեւ սպառնացած է Թուրքիոյ` արգիլել Էֆ-35 հալածիչներու վաճառքը: Աւելի՛ն. արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգներ խիստ պատժամիջոցներ կը կիրարկեն Թուրքիոյ դէմ` ռուսական հրթիռներու ձեռքբերման համար: Թրամփ, ըլլալով անվճռական մարդ եւ սէր տածելով բռնապետներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ բռնակալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ, իր ամէնէն գլխաւոր խորհրդականներն ու Քոնկրեսի մեծամասնութիւնը անտեսելու եզրին է` թոյլ տալով Թուրքիոյ, որ խախտէ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու մասին օրէնքը:

29 յունիս 2019-ին, երբ G-20-ի երկիրներու ղեկավարները հաւաքուեցան Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ, Էրտողան վերջին հնարաւորութիւն մը ունէր համոզելու Թրամփը, որ չպատժէ Թուրքիան հրթիռներու ձեռքբերման համար:

Ստորեւ հատուածներ` Թրամփի խիստ մտահոգիչ յայտարարութիւններէն, զորս ան կատարած է Էրտողանի հետ տեսակցութեան ընթացքին, լրագրողներու ներկայութեամբ:

Նախագահ Թրամփ. «… Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ընկերոջս հետ, մարդու մը հետ, որուն հետ շատ մտերիմ եղած եմ բազմաթիւ առումներով, ան շատ լաւ աշխատանք կ՛ընէ, Թուրքիոյ նախագահն է: Եւ մեր հանդիպումը հիմնականին մէջ կապուած է առեւտուրի հետ: Մենք հետզհետէ աւելի շատ գործարք կ՛ընենք եւ կ՛ակնկալենք, որ կարելի կ՛ըլլայ քառապատկել այս գործարքին ծաւալները Թուրքիոյ հետ: Մենք կը կարծենք, որ ասիկա հոյակապ կ՛ըլլայ: Անոնք (թուրքերը) հմուտ վարպետներ են եւ հոյակապ արտադրանք ունին: Եւ մենք կը բացայայտենք այդ: Մենք նաեւ ռազմական արտադրանքի առեւտուր կ՛ընենք, անոնք բաւական շատ կը  գնեն մեր ռազմական սարքաւորումներէն: Եւ ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ձեզի հետ, պարո՛ն նախագահ»:

Այնուհետեւ, մատնացոյց ընելով սենեակին մէջ գտնուող Էրտողանի շքախումբը, Թրամփ ըսաւ. «Նայեցէք այս մարդոց, որքան լաւ են անոնք: Նայեցէք անոնց: Այնքան դիւրին է անոնց հետ բանակցիլ: Նայեցէք անոնց: Հիմնական դերասաններ: Հոլիվուտեան շրջանակներուն մէջ անոնց պէս մարդիկ չեն պատրաստուիր»:

Էրտողան պատասխանեց. «Պարո՛ն նախագահ, նախ կ՛ուզեմ յայտնել, որ մեզի համար շատ կարեւոր է միասին ըլլալը Օսաքայի վեհաժողովին: Եւ մենք այժմ նպատակ ունինք հասնելու 75 միլիառ տոլարնոց առեւտուրի մակարդակի: Շատ քայլեր կան, զորս մենք պէտք է առնենք պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, բայց աւելի կարեւորը այն է, որ մենք ունինք ռազմավարական գործընկերութիւն: Իսկ ռազմավարական գործընկերութիւնը նաեւ մեզ կը խրախուսէ, որ համերաշխութիւն ստեղծենք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, եւ ես լիովին համոզուած եմ, որ մեր համերաշխութիւնը կը շարունակուի ռազմավարական գործընկերութեան շրջանակներու մէջ»:

Այս ներածական ելոյթներէն ետք Թրամփ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

Լրագրող. «Պարո՛ն նախագահ, ի՞նչ պիտի ընէք Ս-400-ներու հետ: Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կիրարկելու կը պատրաստուի՞ն, եթէ Թուրքիա ձեռք բերէ զանոնք»:

Թրամփ. «Դե՛հ, մենք կը քննարկենք ատիկա: Բարդ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք, քանի որ նախագահին թոյլ չէ տրուած գնել «Փեթրիոթ» հրթիռներ: Հետեւաբար, երբ ան գնած է միւսները` Ս-200-ներ կամ 400-ներ, երբ ան գնած է զանոնք, ուրեմն  ուզած է գնել, սակայն Օպամայի վարչակազմը թոյլ չէ տուած գնելու, մինչեւ որ ան գործարք կնքած է ուրիշ հրթիռներ ձեռք ձգելու համար: Այսպիսով, ան կը գնէ ուրիշ հրթիռ, իսկ յետոյ անոնք յանկարծ կ՛ըսեն իրեն` «Հիմա դուք կրնաք գնել մեր հրթիռը»: Դուն չես կրնար նման բան ընել: Սա լաւ բան չէ, լաւ չէ»:

Լրագրող. «Արդեօք սա կը նշանակէ՞, որ կարելի է, այնպէս որ, կրնաք…»:

Թրամփ. «Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Այդ խնդիր է, ատոր մասին հարց չկայ: Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Բայց անոր արգիլուած էր գնել, մինչեւ որ ըսաւ, որ ուրիշ բան կը գնէ: Իսկ յետոյ, երբ ան ուրիշ բան գնէ, բոլորը կ՛ըսեն` «Լա՛ւ, դուք կրնաք ատիկա գնել: Չէք կրնար ասանկ գործ ընել: Թուրքիա եղած է մեր ընկերը, եւ անոնք ըրած են, մենք միասին մեծ բաներ ըրած ենք: Մենք առեւտրական մեծ գործընկերներ ենք: Մենք աւելի մեծնալու կը պատրաստուինք: Կը կարծեմ, որ 75 միլիառը քիչ է: Կը կարծեմ, որ անիկա շուտով կ՛ըլլայ աւելի քան 100 միլիառ տոլար: Դուք չէք կրնար մարդոց հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս որ Օպամայի վարչակազմը կ՛ուզէր ընել…»:

Լրագրող. «Միացեալ Նահանգներ արդեօք պատժամիջոցներ կը կիրարկե՞ն Թուրքիոյ դէմ` Ս-400 ունենալուն համար»:

Թրամփ. «Մենք կը հետեւինք ատոր: Բայց ատիկա երկիմաստ, ատիկա երկկողմանի փողոց է: Անոնք չեն ծախած նախագահին, անոր թոյլ չեն տուած գնել հրթիռը, զոր ան ուզած է գնել, որ «Փեթրիոթ»-ն էր: Իսկ յետոյ, երբ ան գնեց ուրիշէն,  ըսաւ. «Հիմա մե՛նք ձեզի կը ծախենք «Փեթրիոթը»: Այնպէս որ, ես պէտք է ձեզի ըսեմ` ան ՕԹԱՆ-ի անդամ է, անոր հետ ես ընկերացած եմ: Պէտք է արդարացի վերաբերիք մարդոց հետ: Դուք կը հասկնաք ատիկա: Դուք պէտք է արդարացի վերաբերիք մարդոց հետ: Եւ ես չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի վարուեցան: Չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի վարուեցան»:

Լրագրող. «Գնդակը ձեր դաշտն է, պարո՛ն նախագահ: Դուք կ՛ընէ՞ք: Դո՛ւք էք որոշում կայացնողը: Պատժամիջոցներ կը կիրարկէ՞ք»:

Թրամփ. «Լա՛ւ, կը տեսնուինք պանդոկը, ժամը 3:30-ին…»:

Լրագրող. «Պարո՛ն նախագահ, դուք կը պատրաստուի՞ք Թուրքիա երթալու յուլիսին: Դուք յուլիսին պիտի երթա՞ք Թուրքիա, պարո՛ն նախագահ: Ե՞րբ պիտի երթաք Թուրքիա»:

Թրամփ. «Առիթով մը կ՛երթամ Թուրքիա: Զիս հրաւիրած են, եւ ես կ՛երթամ Թուրքիա, այո՛»:

Լրագրող. «Ա՞յս տարի, պարո՛ն նախագահ: Ա՞յս տարի կ՛երթաք Թուրքիա: Յուլիսի՞ն կ՛երթաք»:

Թրամփ. «Մենք թուական չենք ճշդած»:

Ապշեցուցիչ է, որ Թրամփ կողմնակից է թուրք ղեկավարին` ընդդէմ նախկին նախագահ Օպամայի, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ իր երկրի ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաներուն: Երկրորդ` սուտ է այն, որ նախագահ Օպամա մերժած է Թուրքիոյ ծախել ամերիկեան «Փեթրիոթ» հրթիռները: Թուրքիան չէ ընդունած վաճառքի պայմանները:

Ինչպէս որ իր որոշումներէն շատերուն պարագային, Թրամփ կարծես թէ իր անձնական շահերը, քանի մը միլիոն տոլարի եկամուտ` Պոլսոյ մէջ Թրամփի երկու շէնքերուն վրայ իր անունը ունենալու համար, վեր կը դասէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն: Հապա ինչո՞ւ ան բազմիցս կը գովաբանէր բռնապետ եւ մարդու իրաւունքներու գլխաւոր ոտնահարող Էրտողանը:

Այս յօդուածը գրելու պահուն ռուսական հրթիռները արդէն ճամբայ ելած էին դէպի Թուրքիա: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ Թրամփին վերջնական որոշումը պատժամիջոցներու վերաբերեալ: Արդեօք ան վտանգի կ՛ենթարկէ՞ ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը` պարզապէս Էրտողանը գոհացնելու համար: Եթէ ան այդպէս վարուի, յոյսով եմ, որ ոչ մէկ ամերիկահայ կամ ուրիշ ոչ ոք կը քուէարկէ յօգուտ Թրամփի, 2020 թուականին…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Յովսէփ Նալպանտեանի 22-րդ Հատորը` «Յուշարձան Մայրերուն»

$
0
0

ՄԱՐԻԱՄ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ

Դարձեալ, հայրենի եզերքի ու իր պապերի արեան կանչով, Հայաստանում է հալէպահայ, ամերիկաբնակ գրող, գրականագէտ-մատենագէտ, թարգմանիչ, հրապարակագիր-խմբագիր, բարերար, Հայաստանի եւ Արցախի գրողների միութիւնների անդամ, ազգային-հասարակական գործիչ Յովսէփ Նալպանտեանը:

Այս թուարկումները, պատկերացրէք, բացարձակ իրականութիւն են: Եւ, ի հարկէ, ազգանուէր գործ անելու համար կարեւոր չէ, թէ մարդը որտեղ է ապրում:

Ապրել Ամերիկայում եւ լինել ու մնալ այդքան հայ, երեւի քչերին է յաջողւում: Յովսէփի իւրաքանչիւր այցելութիւն մայր երկիր վերածւում է հայ գրքի եւ գրատպութեան մի իւրօրինակ տօնի: Իւրաքանչիւր այցելութիւնից յետոյ երեւի շատերն են հարց տալիս իրենք իրենց` իսկ դու ի՞նչ ես արել հայ գրքի, մայրենի լեզուի տարածման գործում:

Նա, որ իր անձը նուիրել է մեր լեզուի եւ գրականութեան տարածմանը, արդէն գիտեն եւ համոզուել են շա՜տ շատերը: Եթէ Ամերիկայում անվերջ գրում է եւ աշխատում, պեղում ու հաւաքում վաղուց մոռցուած կամ չմոռցուած հեղինակների գործեր, ողջ էութեամբ, կարծես ի վերուստ յանձնարարութիւն ստացած, անցնում է հերթական ու հերթական նոր գրքի ստեղծման սուրբ գործին:

Վերջերս անծանօթներից մէկը, առաջին անգամ համացանցի միջոցով ծանօթանալով նրա գրական գործունէութեանը, կարդում է, որ միայն 19 տարուայ ընթացքում Յ. Նալպանտեանը գրել, խմբագրել, կազմել եւ հրատարակել է 22 գիրք (7581 էջ): Վերջինս, հաստատ համոզուած լինելով, որ համակարգչային սխալ է, այնուամենայնիւ, հարցնում է պրն. Նալպանտեանին.

– Երեւի 2 պէտք էր գրէիք, սխալմամբ 22 էք գրել, այնպէս չէ՞:

Բայց երբ լսում է ճիշդ պատասխանը, չի կարողանում թաքցնել իր զարմանքը: Դէ՛, զարմանում է անծանօթը, իսկ ծանօթները այլեւս չեն զարմանում:

Գուցէ շատերին անհաւանական թուայ ասածս, բայց Յ. Նալպանտեանը հայ գիրն ու գրականութիւնը տարածելու համար ներդրել եւ ներդնում է իր ողջ կարողութիւնը:

Նրան ճանաչողները գիտեն, որ դատարկաձեռն երբեք չի գալիս Հայաստան: Այս անգամ Յովսէփ Նալպանտեանի նուէրը մեր  հանրութեանը  «Յուշարձան  մայրերուն» գիրքն է (Երեւան, ապրիլ 2019, 350 հեղինակ, 543 էջ): Գիրք, որը մի իւրօրինակ ձօն է բոլոր մայրերին: Ի դէպ, երջանիկ զուգադիպութեամբ, այս օրերին հեղինակի մայրը` Անայիս Պարսումեան-Նալպանտեանը նշում է իր ծննդեան 90 ամեակը: Այս գիրքը, ըստ հեղինակի մատենաշարի, 42-րդն է: «Յուշարձան մայրերուն»-ը, ի դէմս Անայիս մայրիկի, բոլոր հայ մայրերի մասին է, ձօն է ու մայրերգութիւն…

Եւ պարզւում է` պատահական չէ, որ Յովսէփն այդքան նուիրուած է հայ գրականութեանն ու հայ գրքի տպագրութեանը, լեզուի պաշտամունքին: Այդ սէրը նրան անցել է մօրից, մի կնոջից, որն, ապրելով Հայաստանից հեռու` օտար ափերում, իր զաւակներին սեփական արեան կանչով ու մայրական դաստիարակութեամբ հայ է պահել, հայ դաստիարակել ու ներշնչել սէր` հայ գիր ու գրականութեան հանդէպ: Հայրը նոյնպէս կեանքի 49 տարին Հալէպում նուիրուել է տպագրական գործին, նաեւ ազգային գործիչ է եղել: Իսկ մայրը` տիկին Անայիսը, ողջ կեանքում զբաղուել է հայապահպանութեան ազգանուէր գործով: Նրա ջանքերով բազմաթիւ որբեր անվճար կրթութիւն են ստացել հայկական դպրոցում, կրթուել ու դաստիարակուել հայի ոգով: Այսօր էլ Յ. Նալպանտեանի ականջին շարունակ հնչում է մօր խօսքը, որը նա մանկութեան օրերին է լսել. «Այսօր ալ կրցանք քանի մը երեխայ փրկել, մեր դպրոցը պիտի յաճախեն անվճար»: Պարզ է դառնում, որ ոչ մի պատահական բան չի լինում կեանքում: Այն, ինչ անում է Յովսէփը, այդ ամէնի ծիլերը ջրել ու արեւին են տուել նրա ծնողները: Մօր սրտի խօսքը, ծնողների փափաքն է այսօր իրագործում Յ. Նալպանտեանը:

Գրքի մեծ մասը չափածոյ ստեղծագործութիւններ են, իսկ միւս մասը` արձակ:

Արձակ ստեղծագործութիւնների բաժնում զետեղուած է նաեւ հեղինակի արձակ խօսքը Անայիս մայրիկի մասին եւ վերնագրուած է հէնց մօր խօսքով` «Վնաս չունի, տղա՛ս»: Վերնագիրն արդէն ամէն բան ասում է ու խօսում մօր եւ նրա տուած դաստիարակութեան մասին: Ստեղծագործութեան շարունակութիւնն կարդալիս պարզ է դառնում, որ ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, սէրը հայերէնի հանդէպ` մօր կաթի հետ է անցել Յովսէփ Նալպանտեանին…

Միայն վերջին այցելութեան ժամանակ,  ընդամէնը 20 օրուայ ընթացքում, մայր Հայաստանում եւ Արցախում անցել է աւելի քան 1300 քիլոմեթր տարածք, այցելել եւ ելոյթներ է ունեցել 7 դպրոցներում եւ չորս տարբեր համալսարաններում: Հասել է Արցախի սահմանամերձ Մատաղիս գիւղ, այցելել գիւղի զոհուած ազատամարտիկների ընտանիքներին, աջակցել նրանց, զրուցել հայ մամիկների հետ եւ իր որդիական ջերմութիւնը փոխանցել բոլորին:

Հասել է մինչեւ Ահնիձոր, եղել է Հրանդ Մաթէոսեանի տանը եւ նրա անունը կրող դպրոցում: Եղել է Վանաձորում, ապրել է Լեռնապատ գիւղում եւ Գիւմրիում:

Հանդիպել է քաղաքական եւ հասարակական գործիչների հետ: Երեք հեռուստաելոյթ եւ երկու ռատիոելոյթ է ունեցել (Ստեփանակերտում եւ Երեւանում): Իր նոր հատորի համար կազմակերպել է երեք շնորհահանդէս, մասնակցել է իր մատենաշարով հրատարակուած երեք այլ գրքերի շնորհահանդէսներին: Շուրջ երեք հարիւր գիրք է նուիրել իր տարբեր հատորներից:

Ահա այսպիսին է օտար ափերում ծնուած, օտար ափերում բնակուող, բայց ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ու ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ համար ապրող իւրայատուկ ՀԱՅԸ:

Երեւան, 15 մայիս 2019

 

Մարդկայնացնել Քաղաքականութիւնը Գրող Եւ Քաղաքականութիւն Օտա՞ր Են Իրարու

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այն հարցումը, զոր ես յաճախ ուղղած եմ ես ինծի, հետեւեալն է. ուրեմն, իմ մէջ կան երկու անձեր, ինչպէս կ’ըսէ սաղմոսը, մին կը ձգտի դէպի Աստուած, ըսել կ’ուզեմ` բանաստեղծութիւն, եւ ուրիշ մը, որ կը յաղթուի սատանայական փորձութենէն, ըսել կ’ուզեմ` քաղաքական գործունէութենէն, եւ կամ` կրնա՞նք պաշտպանել այն տեսակէտը, որ բանաստեղծութիւն եւ քաղաքականութիւն, ըսենք, հաշտելի են:

ԺՈՐԺ ՓՈՄՓԻՏՈՒ*
Ֆրանսայի վարչապետ եւ նախագահ
Poésie et politique, causerie

Ժամանակակից ընկերութեան մէջ, եւ մասնաւորաբար` հայկական, կարծէք` գրողին, բանաստեղծին, ընդհանրապէս արուեստներուն եւ քաղաքականութեան միջեւ խրամատ ստեղծուած է: Ամէնուրեք քաղաքականութիւնը սեփականացուած է իրաւաբաններու, տնտեսագէտներու, դրամատէրերու, դիւանակալներու եւ երբեմն ալ զինուորականներու կողմէ: Անցեալին միշտ այդպէս չէր կացութիւնը: Մարկոս Աւրելիոս Հռոմի կայսրը իմաստասէր էր, Վիքթոր Հիւկօ խորհրդարանի անդամ էր եւ ընդդիմադիր` Լուի-Նափոլէոն Պոնափարթի: Զտարիւն բանաստեղծներ, ինչպէս` Արթիւր Ռեմպօ, Լամարթին, Ալֆրետ տը Միւսէ, Ափոլիներ, դիրքորոշուած են քաղաքական կեանքի մէջ, խօսած եւ գրած:

Հայկական իրականութիւնը եւս այդպէս եղած է, ուսուցիչներ եւ գրողներ քաղաքականութեամբ զբաղած են, խօսած եւ գրած. Աւետիս Ահարոնեան եւ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գրիգոր Զոհրապ եւ Ռուբէն Զարդարեան, եւ ուրիշներ: Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, թէ քաղաքականութեան մէջ մարդկայնութեան (հիւմանիզմ) կորուստը մեր օրերուն մտաւորականութեան բացակայութեան հետեւանք չէ՞: Եւ ինչո՞ւ իշխանութեան դռները փակ պիտի ըլլան բանաստեղծին, գրողին, արուեստագէտին, մտաւորականին առջեւ:

Երբեմն մեր խոզակէն դուրս գալով` պէտք է լսենք, թէ ի՛նչ կը մտածեն եւ ինչպէ՛ս կը դատեն ուրիշներ, մանաւանդ` մեր ժամանակակիցները, որոնց համար չենք կրնար ըսել «հինցած» են, «դասական» են, «իրապաշտ» չեն: Ժամանակակից հեռատեսիլի լրագրող Ֆրետերիք Սէյզ  (France Culture) ուշագրաւ խօսք մը ունի: Կ’ըսէ. «Քաղաքականութիւնը, առանց բանաստեղծութեան, կոյտ մըն է թուանշաններու, գիծերու եւ չափերու»: Այսինքն` անհոգի գործունէութիւն, որմէ կը բացակայի, տարբեր արտայայտութիւններով, երազներով եւ ցանկութիւններով մարդը:

ԺԹ. դարու բանաստեղծ Ալֆրետ տը Միւսէ կ’ըսէ.

«Քաղաքականութիւն, աւա՜ղ, մեր խեղճութիւնը ահա:
Լաւագոյն թշնամիներս կը թելադրեն այդ ընել:
Այս իրիկուն ըլլալ կարմիր, վաղը սպիտակ, օ՜ ոչ»:

Թատրոն, որ կանգ չ’առներ: Այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր: Մեծերու, փոքրերու աշխարհներուն մէջ:

Առանց մեծ բառերու` տրուած է քաղաքականութեան մերկ պատկերը:

Ի վերջոյ պէտք է մտածել նաեւ, որ քաղաքական կեանքի նոր ձեւաւորումները նախ արտայայտուած են գրականութեան մէջ. Ժան-Ժաք Ռուսօ, Վոլթեր եւ Քոնտորսէ, առանց մոռնալու Րաֆֆին եւ իր յայտնատեսական վէպերը: Եւ` բազում ուրիշներ: Հարկ է նաեւ խօսիլ այն մասին, որ քաղաքական ճառը բառերով եւ խօսքով կը դրսեւորուի կարենալ հասնելու համար մարդոց, աւելի պարզ` անոնց, որոնք կրողն են քաղաքականութեան եւ քաղաքական անձին իշխանութիւն յանձնող մարդիկը:

Ֆրանսայի նախագահ եղած Ժորժ Փոմփիտուի զրոյցներէն մին կը կրէ «Poésie et Politique» խորագիրը` «Բանաստեղծութիւն եւ քաղաքականութիւն», որ եթէ թարգմանուի հայերէնի, ինչո՞ւ ոչ` նաեւ այլ լեզուներու, քաղաքական գործին տարբեր որակ կու տայ, իսկ գրողը, բանաստեղծը, մտաւորականը կը ներքաշէ հանրային աշխատանքի մէջ: Կ’ունենանք զէնքէն եւ դրամէն տարբեր արժէքներ, արժեւորումներ: Ժորժ Փոմփիտու կը փորձէ սահմանել բանաստեղծի եւ քաղաքական մարդու մարզերը, զանոնք առաջնորդող դրդապատճառները, նաեւ` հասկնալ, թէ ի՛նչ եղած են անցեալին անոնց յարաբերութիւնները: Աւելի ճիշդ` ինչպէ՞ս վերաբերած են բանաստեղծները քաղաքականութեան: Ան կը յայտնէ այն միտքը, որ բանաստեղծութիւնը երազ է, իտէալ, քաղաքականութիւնը` իրապաշտութիւն: Բանաստեղծները չեն յաջողած քաղաքական կեանքի մէջ, դարձած են ընդդիմադիր, «ինչ որ ձախողութեան նշան է քաղաքական կեանքի մէջ»: Կամ` այն միտքը, որ քաղաքական մարդուն համար կեանքը անցընել ընդդիմութեան մէջ` պիտի ըլլար այնպէս, որ բանաստեղծը դատապարտուէր կարդալու եւ դատելու ուրիշներու տողերը:

Նոյնը չէ առարկան բանաստեղծին եւ քաղաքական գործիչին: Մին բառերու հետ աշխատող արուեստ է, միւսը կը չմշկէ իրադարձութիւններու վրայ եւ կը գործածէ մարդիկը:

Ժորժ Փոմփիտու կը յիշէ օրինակները քաղաքական դէմքերու խօսքերուն, որոնց մէջ կը փայլատակէ տպաւորող բանաստեղծական արտայայտութիւնը, եւ կը յիշէ Ուինսթըն Չըրչիլի խօսքը` ուղղուած անգլիացիներուն. «Ձեզի ոչինչ ունիմ առաջարկելիք` բացի արիւնէ եւ աշխատանքէ, արցունքէ եւ քրտինքէ»: Կը յիշեցնէ, որ բանաստեղծական արտայայտութիւն, դիւցազնավէպը քաղաքական է իր հերոսներով եւ առաջնորդներով, այդ սեռը փորձած են բազմաթիւ գրողներ: Կրկին կարդալ «Սասունցի Դաւիթ»-ը, Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը», կամ «Հարճը»: Ի հարկէ, բանաստեղծին «քաղաքական խօսքը» ամբոխավարութիւն չէ, այլ` հարազատ զգացում եւ տեսիլք: Այդպէս է Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ»-ը, կամ` Եղիշէ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած»-ը, «Գիրք Ճանապարհի»-ին եւ լսել… «Հդահյուն»-ը…

Ճիշդ է` անհատ ենք, յաճախ նաեւ` անհատապաշտ: Բայց ինչպէս կ’ըսեն ընկերաբանները, մարդը էապէս «ընկերային կենդանի» է: Այս պատճառով ալ բանաստեղծը երբեմն կ’ապաստանի իր ներաշխարհին մէջ, զգացումներ, յոյսեր, բեկումներ, բայց նաեւ կը բացուի իտէալներու վրայ, որոնք կը վերաբերին իրեն եւ իր նմաններուն: Ժորժ Փոմփիտու այս վերաբերումով կը բացատրէ 20-րդ դարուն ծաւալած «յանձնառու գրականութիւնը» (Ժան-Փոլ Սարթր, Ալպեր Քամիւ եւ ուրիշներ):

Այս յանձնառու գրականութիւնը իր արմատները ունի բոլոր ժողովուրդներու պարագային` Հոմերոսէն մինչեւ մեր օրերը, նաեւ` այլ քաղաքակրթութիւններու մէջ, երբ գրականութիւն եւ բանաստեղծութիւն կ’երգեն հերոսները, Խորենացիի «Վահագնի ծնունդ»-էն մինչեւ «Սասունցի Դաւիթ»-ը, Աւետիս Ահարոնեանի «Վազրիկը», կամ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը»:

Այսօր փաստը այն է, որ ինչպէս ըսի, քաղաքականութիւնը իւրացուած է իրաւաբաններու, դրամատէրերու, տնտեսագէտներու, դիւանակալներու (ափարաթչիքներու), խպնիլ չգիտցող փառասէրներու եւ հնարամիտներու (քոմպինացիա) կողմէ: Արդիւնքը այն է, որ մարդկութիւնը, ժողովուրդներ եւ երկիրներ կը շարունակեն ապրիլ տնտեսական տագնապներու, անհասկացողութիւններու, պատերազմներու մէջ, քաղաքական ղեկավարութիւնները նորի անուան տակ կը շարունակեն հինը կրկնել` չարաշահումներ եւ մահեր:

Վիքթոր Հիւկոյի մը, Նիկոլ Աղբալեանի մը եւ անոնց նմաններու, այսինքն հոգեւոր եւ թռիչք ունեցող մարդոց բացակայութիւնը պատճառ է հաւանօրէն, որ քաղաքականութիւնը չի յաջողիր ըլլալ իսկական հանրային ծառայութիւն` մարդոց բերելու համար արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն:

Նկատի ունենալով, որ իշխանաւորներու դասական պատկերը յաջողութիւն եւ բարիք չի բերեր, ինչո՞ւ չփորձել «բանաստեղծութեամբ» յատկանշուող ընդհանուր ոգեկանութիւնը բերել քաղաքականութեան մէջ: Այս` բոլոր ժողովուրդներու պարագային:

Բայց նաեւ` մեր, մեր «փոքր ածու»-ին համար:

Այսինքն` մասնագէտներու, ափարաթչիքներու, դրամատէրերու, ընտանեպաշտական (nռpotisme) եւ նոմենքլաթուրային իշխանութիւններուն նոր եւ մարդկային որակ հաղորդել, «Սասունցի Դաւիթ»-ը կամ Րաֆֆիի «Խենթ»-ը բերել մեր կեանքին մէջ, ամէնուրեք, հոն, ուր կը հաւատանք, որ պէտք է տոկանք, տեւենք, ըլլանք ինքնութիւն ունեցող հայրենատէր շարունակութիւն` մարդկայնացնելով քաղաքականութիւնը ոչ միայն ճառով, փողով, թմբուկով եւ հրավառութիւններով…

Այս է անքան սիրուած եւ ճառ զարդարող ապագայակերտ իսկական մարտահրաւէրը…

8 նոյեմբեր 2018, Նուազի-լը-Կրան

* Ժորժ Փոմփիտու (1911-1974) մեծ մտաւորական էր, կարեւոր պաշտօններ վարած էր եւ եղաւ Ֆրանսայի վարչապետ ու նախագահ (1969-1974):

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան Ծածկանուններու Բառարան»-ի Պատառիկներ

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Պատմութեան ընթացքին եւ կեանքի զարգացման զուգընթաց, բառարան հասկացողութիւնը եւս, աստիճանաբար աւելի ընդարձակ իմաստ ու բովանդակութիւն ստացաւ: Բառարանը, սոսկ բառի բացատրական կամ թարգմանական սահմանափակումէն դուրս գալով, տարածուեցաւ տարբեր յատկանիշներու վրայ, եւ ստեղծուեցան զանազան բնագաւառներու յատուկ մասնագիտական բառարաններ` հասնելով նոյնիսկ հանրագիտարանային բառարաններու:

Բառարանագիտութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն կենսագրական բառարանները: Անոնց նախահայրը կարելի է համարել ֆրանսական «Լարուս» հրատարակութիւնները, որոնք աստիճանաբար ընդարձակուեցան ու կատարելագործուեցան:

Հայ բառարանագիտութեան մէջ կենսագրական տեսակի մեծագոյն նուաճումներէն են Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»-ը, Գառնիկ Ստեփանեանի կազմած եռահատոր «Կենսագրական բառարան»-ը: Ճիշդ է, որ այս բառարանները լիարժէք են, բայց բառարանագիտութիւնը եւ մասնաւորաբար կենսագրական բառարանի տեսակը կը թելադրէ աստիճանական զարգացում, նորացում, որպէսզի բառարանը միշտ հասնի զարգացման նոր շրջաններու` լրացնելով ներկայ եւ կենդանի բառայօդուածներով ու անուններով:

Կենսագրական բառարանները գիտական արժէքներ են, եւ աւելի կը զգացուի անոնց պահանջը` սկսած առօրեայ գործունէութենէն մինչեւ գիտական ուսումնասիրութիւններու ժամանակ` մտաւորական, գիտական աշխատող, ուսուցիչ թէ ուսանող, կամ պարզ ընթերցող, ամէնօրեայ իր աշխատանքին մէջ կարիք ունի ստուգելու, ճշդելու եւ իմանալու այս կամ այն գրողի, գործիչի մասին: Բայց երբեմն եւ շատ յաճախ դժուարութիւններու կը հանդիպինք անցեալին կամ թէկուզեւ ներկայիս, որեւէ ծածկանունի հանդիպելով:

Պէտք է նշել, որ լոյս տեսած են զանազան ծածկանուններու բառարաններ կամ կատարուած են այլ աշխատութիւններ, այս առնչութեամբ կարելի է նշել Գարեգին Լեւոնեանի շուրջ 3000 ծածկանուններու «Բառարան հայ ծածկանունների» երկեր, Երեւան, 1963: Կազմուած է նաեւ «Մշակ»-ի (Գ. Արծրունի) աշխատակիցներու ծածկանուններու բառարանը: Հրանդ Պետրոսեանի «Հայերէնագիտական բառարան»-ը, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1987: Ինչպէս նաեւ Խիկար Բարսեղեանի, Բախտիար Յովակիմեանի, Ներսէս Գասապեանի, Հայկ Պարիկեանի եւ ուրիշներու աշխատութիւնները:

Հայ բառարանային գրականութեան մէջ, սակայն,  գոյութիւն չունի ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամներու կրած ծածկանուններու կամ զանազան ծածկանուններու բառարան, որ կարողանայ բաւարարել ընթերցող ուսումնասիրողին բոլոր պահանջները: Թէեւ յեղափոխական գրականութեան կամ կարգ մը հրատարակուած գիրքերու վերջին բաժիններուն մէջ, յատկապէս` անձնանուններու ցանկերու շարքին, տեղ տրուած են ծածկանուններու եւ անոնց կողքին իսկական անուն-ազգանունի բացատրութիւններ:

Այս պատճառով ընթացք առած է մեր «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատութիւնը, որ նպատակ ունի մտաւորականին, գիտական աշխատակիցին, ընթերցողին ու մանաւանդ նորահաս սերունդի դիմագրաւած դժուարութիւնները` պարզաբանելու իւրաքանչիւր ծածկանունի ետին թաքնուած դաշնակցականի իսկական անունը: Ուստի ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին` նպատակ ունենալով դիւրացնել փնտռտուքի գործընթացը` պատրաստելով ծածկանուններու տարբեր բնագաւառներու ցանկ մը, կամրջելու անցեալն ու ներկան:

Այստեղ, առաջին հերթին, լուսարձակի տակ կ՛առնենք, ծածկանուն, կեղծանուն կամ ծածկագրութիւն եւ գաղտնագրութիւն բառերու հոլովոյթը ընդհանրապէս:

Անձնանուններու մէջ ուրոյն շերտ կը կազմեն կեղծանունները` ծածկանունները, մականունները, ազգանունները: Կեղծանունը կամ ծածկանունը հնարուած անձնանուն է, որ այս կամ այն հանգամանքով պայմանաւորուած` փոխարինուած է անձի կամ դադրած անունին (բուն` հիմնական անունին զուգահեռ կամ լիակատար փոխարինումով): Այսպիսի անուանումներու յաճախ կը դիմեն գրողները, արուեստի բնագաւառի գործիչները, ծածուկ գործունէութիւն նախաձեռնող անձեր:

Անձնանուններու կամ ազգանուններու ծածկանուններ կամ կեղծանունները կը բաժնուին հետեւեալ բնագաւառներու մէջ.

Գրական կեղծանուններ
Գեղարուեստական կեղծանուններ
Հաւաքական կեղծանուններ
Քաղաքական կեղծանուններ
Յեղափոխական կեղծանուններ
Կուսակցական կեղծանուններ

Յատկապէս վերջին երեք բնագաւառներու անձնաւորութիւններէն շատեր երբեմն իրենք ընտրած են ծածկանունը, կեղծանունը, ստորագրութիւնը կամ անունը իրենց իսկ անունի փոխարէն: Անոնք ծածկանունի դիմած են զանազան նկատառումներով` խուսափելու համար գրաքննչական հետապնդումներէ, ընդգծելու համար հեղինակի անհատականութիւնը կամ վաստակը, ազատուելու համար ոչ բարեհունչ ազգանունէն:

Վերը նշուած բոլոր բնագաւառներու մէջ ներառուած անձնաւորութիւններու կարգ մը ծածկանուններ թէեւ կրնան ուրիշներու կողմէ յօրինուած ու նշանակուած ըլլալ, սակայն մեծ բաժինը բնականաբար եղած է, որ անձնաւորութիւններ իրենք ընտրած են իրենց ծածկանուններն ու կեղծանունները:

Գրողներու կեղծանունները յաճախ կը կոչեն նաեւ գրական անուն (յուն.` ψευδώνυμος, լատ.` pseudցnymos – «սխալ անուն», ψεύδος «փսեուդոս» – «այլ» եւ ὄνομα «օնոմա» – «անուն») կ՛օգտագործուի մարդու կողմէ անոր հասարակական գործունէութեան (յատկապէս արուեստի բնագաւառին մէջ) մէջ` իրական անունին փոխարէն: Իրական անունին տակ կը հասկնան այդ անունը, որ մարդը ստացած է իր ծննդեան ժամանակ եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է, գրական անունին առկայութեան պարագային կը կոչուի աւտոնիմ (յունարէնէ):

Արեւելեան մշակոյթի մէջ (օրինակ` ճափոնականի եւ չինականի մէջ) գրական անուան ընդունումը ընկերային կարգավիճակի փոփոխման հետ միաժամանակ ինչ-որ ժամանակաշրջանի պարտադիր եղած է:

Գրական անունին նպատակներէն կարելի է դասել շատ երկար անունը աւելի կարճով փոխարինելու ձգտումը, աւելի հնչեղ անուն ստանալու նպատակը, մարդու ազգութիւնը գաղտնի պահելու ցանկութիւնը եւ այլն:

Հայ գրողներէն կարելի է նշել` Րաֆֆի (իսկական անունը` Յակոբ Մելիք Յակոբեան), Մուրացան (Գրիգոր Տէր Յովհաննէսեան), Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան), Նար Դոս (Միքայէլ Յովհաննէսեան), Պերճ Պռօշեան (Յովհաննէս Տէր Առաքելեան), Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան), Պարոյր Սեւակ (Ղազարեան): Ինչպէս նկատելի է, ծածկանունը կարելի է փոխարինել բուն անունին ամբողջութեամբ կամ միայն ազգանունին: Կան նաեւ խմբային ծածկանուններ, ինչպէս` Գամառ-Քաթիպա, որ կազմուած է երեք գրական գործիչներու (Գէորգ Քանանեանի, Մնացական Թիմուրեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի) անուններու սկզբնամասերով (որոշ փոփոխութեամբ): Մականունը անձին տրուած է իբրեւ լրացուցիչ, յաւելեալ անուն` անոր անհատականութեան բնորոշ որեւէ յատկանիշ, աչքի զարնող գիծ նկատի ունենալով. շատ տարածուած է բարբառներու մէջ, ժողովրդախօսակցական լեզուի մէջ եւ ունի խիստ ընդգծուած արտայայտչականութիւն: Այսպէս, որոշակի իրադրութեան մէջ, խօսակցական բնագաւառի մէջ գլուխի մազերը թափած, ճաղատ մարդուն (անոր բացակայութեամբ) Քաչալ անունով կը կոչեն: Ժողովրդախօսակցական լեզուի մէջ այսպիսի անուանումները կը կոչուին փուտանուն (փոտանուն), փոթ անուն: Յաճախ ասոնք հիմք դարձած են ազգանուններու կազմութեան, օրինակ` Ձուակերեան, Աճառեան եւ այլն:

Եղած է նաեւ, որ գրական, գեղարուեստական ու հաւաքական կեղծանուններու կողքին, յեղափոխական, ռազմական, քաղաքական եւ կուսակցական բազմաթիւ գործիչներու ծածկանուններ եւս դարձած են իսկական անուն, ինչպէս` Արամ Մանուկեան, Վարանդեան…

Անձնանուններու տրուած ծածկանուններուն կամ կեղծանուններուն կը յաջորդէ ծածկագրութիւն կամ գաղտնագրութիւնը (համեմատել ծածկագիր, գաղտնագիր. գրութեան համակարգը կամ համակարգի առանձին տեսակներն ու տարրերը նշելու համար. վերջին նշանակութեամբ առաւել յոգնակի ձեւերը` ծածկագրեր, գաղտնագրեր): Խնդիրն է գրածը հասկնալի դարձնել միայն այն մարդոց, որոնք գիտեն վերծանման բանալին:

Ծածկագրութիւն, գրութեան եղանակ` գրութեան ինքնատիպ համակարգ, որուն մէջ տառերը (կամ թիւերը, կէտերը եւ այլ պայմանական նշաններ) կ՛արժեւորուին ոչ ուղղակի նշանակութիւններով եւ յաճախ պայմանական նշաններու այլեւայլ համակցումներով այս կամ այն միտքը կը հաղորդեն: Ծածկագրութիւնը վերծանելու, ըմբռնելու բանալին (սկզբունքը) սովորաբար յայտնի կ՛ըլլայ սահմանափակ թիւով մարդոց:

Գաղտնագիրը կամ գրիփթոկրամման (Cryptogram: յունարէն κρυπτός- գաղտնի եւ γράμμα- գիր բառերէն) նոյնպէս գրութեան ձեւ է, որ նպատակ ունի գրուածը հասկնալի դարձնել միայն որոշակի անձնաւորութիւններու:

Գաղտնագիրը օգտագործուած է հին եւ միջին դարերէն` քաղաքական, ռազմական, առեւտրական, արհեստակցական եւ այլ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար: Առաջին գաղտնագրերէն մէկը գաւազանագիրն է (յուն. σκυτάλη- գաւազան), որ օգտագործած են հին Սպարտայի մէջ` հիմնականին մէջ՝ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ: Ան պարզագոյն փոխարինագիր է: Մագաղաթի ժապաւէնը կը փաթթէին որոշակի հաստութեան ձողի վրայ եւ երկարութեամբ կը գրէին: Յետոյ գրուածը կարդալու համար հարկաւոր էր ժապաւէնը փաթթել նոյն հաստութեան ձողի վրայ:

Հին Հայաստանի գաղտնագրերու մասին կարելի է ըսել, որ հայկական գաղտնագրերու մաս մը կը պարունակէ քաղաքական տեղեկութիւններ, ծածկագրեր, միւսը` յիշատակարաններ, ուր գրիչները տեղեկութիւններ կը հաղորդեն իրենց մասին: Անոնք կը բաժնուին քանի մը խումբերու`

Սիւնակէտագիր
Կէտագիր
Օղակէտագիր
Գաւազանագիր
Փոխարինագիր
Եղբայրագիր
Աղաւնագիր
Գումարագիր
Թուանշագիր եւ այլն:

Ծածկագրութեան բազմաթիւ եղանակներ յայտնի են հին ժամանակներէ (յիշատակելի են Հերոդոտոսը եւ Պլուտարքոսը): Ծածկագրութիւնը օգտագործուած է ռազմական, դիւանագիտական, անօրինական քաղաքական, կրօնա-աղանդաւորական եւ այլ նպատակներով: Հայերը որոշ տեսակներ գործածած են 12-րդ) դարէն:

Հայ միջնադարեան գրչութեան մէջ քաղաքական, ռազմական, առեւտրանիւթական, կրօնաաղանդաւորական, արհեստագործական եւ այլ բնոյթի տեղեկութիւններ հաղորդելու համար գրիչները երբեմն դիմած են գրութեան այս համակարգին: Յիշատակարաններու մէջ անոնք ծածկագրութեամբ տեղեկութիւններ ձգած են նաեւ իրենց մասին: Հայ ծածկագրութիւնը կը ներկայանայ շարք մը տարբերակներով (տարատեսակներով). որոշ տարբերակներ գործածուած են տակաւին 12-րդ դարէն:

(Շար. 1)

Տեսակէտ. Ի՞նչ Կը Մտածեն Երեւանի Թաքսիի Վարորդները

$
0
0

ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆ

Իւրաքանչիւր տարի երբ Հայաստան կ՛երթայի,  հաճոյքներէս մէկը ոտքով երթեւեկելն էր Երեւանի լայն մայթերով:

Այս տարի տարբեր ստացուեց:

Անակնկալ հիւանդութեան մը պատճառով պարտաւորուեցայ երթեւեկել թաքսիով: Բժիշկէ բժիշկ, տարրալուծարանէ հիւանդանոց, Երեւանի այլեւս խցանուած երթեւեկիս մէջ ակամայ վարորդին կը հարցնէի. «Ինչպէ՞ս է իրավիճակը», «գո՞հ էք թաւշեայ յեղափոխութենէն»: Երբեմն պատասխանը կ՛ըլլար կարճ-կտրուկ, բայց աւելի յաճախ` երկար-բարակ, անուններով եւ օրինակներով, ու եթէ ժամանակը ներէր, կը հասնէր մինչեւ «քաղաքական վերլուծումներու» սահմանները:

Երկու շաբթուան ընթացքին 16 անգամ թաքսի նստայ. երրորդէն ետք մտածեցի` արժէ ա՛յս «հարցում-պատասխան խաղը» վերածել հարցախոյզի (ճիշդ է` շատ սահմանափակ հարցախոյզ մը, բայց, այնուամենայնիւ, ստացուած տպաւորութիւնը կ՛ունենար որոշ հիմնաւորում) ու գրի առի:

Թէ ի՛նչ կը մտածէ Երեւանի թաքսիի վարորդը (չմոռնալ` Երեւանի վարորդը միայն արհեստավարժ վարորդը չէ, այլ, պայմաններու բերմամբ, կու գայ այլազան մարզերէ, ասպարէզներէ ու յաճախ ունի բարձրագոյն ուսում) ներկայ իրավիճակի ու յեղափոխութեան մասին` կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով.

1.- Վերապահ – 2 հոգի

Հալա մի բան չտեսանք…

2.- Դրական-պահպանողական – 6 հոգի

Պիտի որ լաւ լինի… ժամանակ պէտք է տալ, 30 տարի թալանեցին, կ՛ուզէք, որ մէկ տարուան մէջ ամէն ինչ տզուի՞… մի 5 տարուց ուրիշ Հայաստան կը լինի…

3.- Շատ դրական – 8 հոգի

Բա՜, չէ՞ք տեսնում ժողովուրդի երեսը, մարդիկ ժպտում են… տունէն ուրախ դուրս կու գամ, ուրախ կը վերադառնամ, թէկուզ եւ փող չաշխատեմ… վերջապէս ես իմ հայրենիքիս մէջ կը զգամ, նոյն իրաւունքներով, ինչպէս ետեւի սեւ ապակիներով նորագոյն «Պի.Էմ.»-ի վարորդը… ան ալ չի համարձակիր օրէնքը խախտելով` առջեւս անցնի. չեմ թողնի. առաջ ձէնս չէի հանի. կը մտածէի` արդեօք ո՞ր օլիկարքի լակոտն ա… ալ արտագաղթելու մասին չեմ մտածեր… արտասահմանում մեզ յարգում են, ես էլ հպարտ եմ զգում, դա լաւ բան է, չէ՞… ես ձեզի բան մը պատմեմ եւ դուք եզրակացուցէք. կու գամ Մասիս շրջանի գիւղերէն, բոլոր շրջանին մէջ մէկ սուփըրմարքեթ կայ եւ մէկ կազալցակայան, որոնք կը պատկանէին… -ին (կու տայ անունը բոլորիս ծանօթ քաղաքական դէմքերէն մէկուն), ուրիշ ոեւէ մէկը իրաւունք չունէր սուփըրմարքեթ կամ կազալցակայան ունենալու: Եթէ համարձակէր, յաջորդ օրը կը փակէին: Այսօր եթէ ուզեմ, կրնամ թէ՛ սուփըրմարքեթ, թէ՛ կազալցակայան բանալ, ուրիշ հարց, որ նիւթականս չի ներեր, բայց այն զգացումը, որ դռները փակ չեն իմ դիմաց ու կարող եմ երազել այդ մասին, արդէն բաւարար է. օր մըն ալ հաւանաբար երազներս կ՛իրականանան…

Այսպէս էր քաղած տեղեկութիւններս ժողովուրդի մէկ փոքր հատուածէն… դուք եզրակացուցէք:

 

Ես Քեզ Ծնել Եմ, Ես Էլ Քեզ Կը Սպաննեմ

$
0
0

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ

Պապին էլի անհանգիստ է: Չգիտեմ` նրան կա՛մ ինչ-որ մոծակ է կծել, կա՛մ վատ կանխազգացումներ ունի, որ կարճ ժամանակ անց պատասխան տալու հերթն իրեն է հասնելու: Մենք աւելի հաւանական ենք համարում երկրորդ տարբերակը, քանզի օրերս այդ մասին էր խօսում նաեւ ՀԱՔ-ի խօսնակ Արման Մուսինեանը, որ հիւրընկալուել էր Նուէր Մնացականեանի «Հոծ գիծ» հաղորդաշարին` 1in.am-ի եթերում: Ասում էր` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականից յետոյ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները, իբր, եկել, ամէն ինչ ստուգել են իրենց մօտ ու ոչինչ չեն գտել: «Ես չեմ ասում, որ մեր ժամանակ կաշառակերութիւն չի եղել առանձին պաշտօնեաների կողմից, բայց, որ ողջ համակարգը թաղուած լինէր կաշառակերութեան մէջ, այդպիսի բան չի յայտնաբերուել» մօտաւորապէս այսպիսի բան ասաց Մուսինեանն ու «մուֆթա տեղը» ք…-ը գցեց ՀԱՔ-ին էլ, պապիին էլ:

Մինչ այս չնաշխարհիկ թեմայով մեր զրոյցը շարունակելը, կ՛ուզենայի մի հարց պարզել` ինչո՞ւ էր «Նուէր Մնացականեանի մօտ» հաղորդումը վարում Հայաստանի վերջին 20-ամեակի իշխանութիւններից «վառուած» մի աղջիկ, որը ո՛չ հարց տալու եւ ո՛չ էլ պատասխանը լսելու շնորհք ունէր: Էլ չեմ խօսում այն մասին, որ նրա «թոյն» հարցերն, ասես, Արման Մուսինեանն էր իր հետ բերել ՀԱՔ գրասենեակից: Դատէք ինքներդ: Հիւրին չբարեւած` աղջիկը հարցնում է. «Պարո՛ն Մուսինեան, մենք յայտնուել ենք մի իրավիճակում, որտեղ արմատական ընդդիմութեան դերն ստանձնել են այն արտախորհրդարանական ուժերը, որոնցից որոշները վերջին 20 տարիներին, կարելի է ասել, Հայաստանի Հանրապետութիւնը դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով հասցրել են անդունդի եզրին: Խօսքը մասնաւորապէս ՀՀԿ-ի եւ Դաշնակցութեան մասին է: Ռոպերթ Քոչարեանն էլ, որ նախապէս յայտարարում էր, որ կուսակցական համակարգը պէտք է կազմաքանդել, այսօր յայտարարում է, որ պէտք է միաւորել այս ուժերին: Այս բեւեռն, ըստ ձեզ, ներուժ ունի՞, թէ՞ ոչ»: Մուսինեանին ի՞նչ էր մնում ասելու, եթէ ոչ յայտարարել` ի՞նչ էք ասում, ի՞նչ ներուժ, ինչ բան, նրանք այսօր այնքան վատ համբաւ ունեն հասարակութեան «մօտ», որ` էլ չասելու:

Հէնց այստեղ ես հասկացայ, որ պապին մի բանից անհանգիստ է: Այլապէս, ինչո՞ւ պէտք է Արման Մուսինեանն ասէր, թէ այն ուժերը, որոնք ծրագրեր կը կառուցեն Ռոպերթ Քոչարեանի հետ, դատապարտուած են կործանման: Ինչպիսի անամօթութիւն: Բայց որ արդէն ասել է, հարց է առաջանում` տեսնես քանի՞ քաղաքական ուժ կայ այսօր Հայաստանում, որ ժամանակին համագործակցել է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ եւ չի կործանուել: Պարզւում է` բոլորն են կործանուել, բացառութեամբ այն ուժերի, որոնք կա՛մ հակադրուել են ՀՀՇ-ական գեղի ակումբին, կա՛մ ճիշդ պահին փախել այնտեղից: Պարո՛ն Մուսինեան, գոնէ մէկ-երկու ուժ, որ պապին էր ստեղծել, պահէիք պատմութեան համար: Դա էլ չէք արել, ախր:

Բայց վերադառնանք մեր չնաշխարհիկ պատմութեանը, որ սկսուեց Արման Մուսինեանի անզգուշ յայտարարութիւնից, թէ, իբր, Ռոպերթ Քոչարեանի կառավարութիւնից եկել, իրենց ստուգել են եւ մէկ-երկու կաշառակերութեան դէպքից բացի` ոչ մի կեղտ չեն գտել: Եա՛ա՛ա՛… Այսինքն պապին մաքո՞ւր է: Եթէ դա հէնց այդպէս է, ապա Ռոպերթ Քոչարեանն այսօր պէտք է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աստուած հռչակուէր: Բայց դա տեղի չի ունեցել: Ուրեմն, իսկապէս, այդ ինչպէ՞ս են ստուգել, որ համատարած թալանը, ժողովրդի կրած տանջանքը, փախեփախի աստիճանի հասած արտագաղթը, օրը ցերեկով կատարուած հարիւրաւոր սպանութիւնները, իբր Ազրպէյճանում կորած ամբողջական գնացքները, շան մսի գնով իւրայիններին սեփականաշնորհած շէնքերը, ընդդիմութեան դէմ իրականացուած բռի գործողութիւնները, թերթերի արգելումը, դրամատներից խեղճուկրակ քաղաքացիների վերջին խնայողութիւնների յափշտակումները եւ այլն, եւ այլն, չեն տեսել: Ու տեսէք, թէ դրանից ի՛նչ է ստացւում: Մուսինեանը, փաստօրէն, մեզ նորանոր հիմքեր է տալիս Քոչարեանից դժգոհելու: Պարո՛ն Քոչարեան, ինչո՞ւ այդ ամէնը ջրի երես չէք հանել, ինչո՞ւ քաղաքական գնահատական չէք տուել Տէր Պետրոսեանի հիմնադրած աւազակապետութեանը, ինչո՞ւ բանտ չէք նստեցրել Հայաստանի առաջին նախագահին, որ նա այսօր իր խօսնակի բերանով լկտիաբար չյայտարարէր, թէ ինքը մաս-մաքուր է:

Վարչապետի աթոռին յայտնուած Նիկոլ Փաշինեանի անյաջողութիւնների պատճառներից մէկն էլ, ըստ Մուսինեանի, նախկիններին քննելու գործում ցուցաբերած դանդաղկոտութիւնն է: Նա շտապեցնում է Փաշինեանին` պէտք է արագացնել այդ գործընթացը: Ես այս հարցը մի փոքր այլ կերպ կը դնէի: Ըստ իս, Փաշինեանի մեծագոյն սխալը նախկինների քննութիւնը ոչ ճիշդ տեղից սկսելն էր: Ի վերջոյ, նրա համար շատ աւելի դիւրին էր առաջինը պատռել հէնց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դիմակը, քանզի նոյն դպրոցի ներկայացուցիչն է նաեւ ինքը եւ քաջատեղեակ է բոլոր այն այլանդակութիւններին, որոնք կատարուել են ՀՀՇ-ի տխրահռչակ իշխանութեան տարիներին: Մուսինեանն այսօր հաթաթա է տալիս Հայաստանի նոր իշխանութիւններին` եթէ տեսնենք, որ սխալ ճանապարհով են գնում, կը սկսենք կոշտ քննադատել: Իսկ ո՞րն է ճիշդ ճանապարհը: Ըստ ՀԱՔ խօսնակի, ճիշդ ճանապարհը շառուփորձանքն ամէն գնով Լեւոն Տէր Պետրոսեանից հեռացնելն է: Կը ստացուի՞… Չգիտեմ: Չեմ կարող նաեւ միանշանակ պնդել, որ Տէր Պետրոսեանին կը ձերբակալի հէնց Նիկոլ Փաշինեանը, բայց մի բան հաստատ է, որ Նիկոլ Փաշինեանը, ի հարկէ` ոչ առանց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դրդման, սկիզբ է դրել միանգամայն նոր քաղաքական աւանդոյթի` քաղաքական հաշուարկներով բռնել ու դատել նախկիններին: Հիմա արդէն ամէն ինչ կախուած է այն բանից, թէ ինչպէ՛ս կը վարուեն յաջորդ իշխանութիւնները: Հասկանալի է, չէ՞, որ Փաշինեանի իշխանութիւնն էլ մի գեղեցիկ օր դառնալու է նախկին:

 

 


12 Յուլիս 1921. Լեռնահայաստանի Անկումը Եւ Գարեգին Նժդեհի Պարսկաստան Անցումը

$
0
0

Ն. ՊէՐՊԷՐԵԱՆ

1921ի յուլիս 12-ին Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ ու անկախ վերջին տարածքն ու միջնաբերդը` Լեռնահայաստանը եւս ինկաւ Կարմիր բանակի տիրապետութեան տակ:

Հայոց պատմութեան տխուր պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 12 յուլիս 1921-ը, որովհետեւ 97 տարի առաջ հայ ժողովուրդը իր ազատութեան եւ անկախութեան վերջին արծուեբոյնը եւս զիջեցաւ Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան:

Շատ բան գրուած է պատմական Հայաստանի Գողթան գաւառի եւ Սիւնեաց աշխարհի` Ազատն Լեռնահայաստանի փառահեղ հերոսամարտին մասին: Գրուած է ինչպէս օրին, Լեռնահայաստանի անկումին հետեւած տարիներուն` 1920-ականներուն, նոյնպէս եւ վերջին քսանամեակին, երբ յատկապէս Զանգեզուրի անպարտելի արծիւին` Գարեգին Նժդեհի մերօրեայ վերարժեւորման խորապատկերին վրայ, նորովի գնահատականը տրուեցաւ Հայաստանի հարաւային դարպասի հայացման եւ ազատագրութեան ունեցած փրկարար դերին` հայոց նորագոյն պետականութեան արմատաւորման մեծ գործին մէջ:

28 մայիս 1918-ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնն ու նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրցան դիմանալ արտաքին ճնշումներուն եւ հարուածներուն դէմ յատկապէս Լեռնահայաստանի ազատագրումին շնորհիւ, որուն ձեռնարկեց վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութիւնը 1919-ի աշնան, երբ Զանգեզուր ուղարկեց Գարեգին Նժդեհը` իբրեւ ընդհանուր հրամանատարը հայկական բանակի այն զօրամասերուն, որոնք կենաց-մահու կռիւ կը մղէին Հայաստանի հարաւարեւելեան սահմաններուն վրայ, թրքական եւ ազերիական կանոնաւոր բանակի եւ զինեալ խուժանի ասպատակումներուն դէմ:

Ապաւինած հայրենի լեռներուն ու իր ազատատենչ ոգիի զօրութեան` Սիւնիքի հայութիւնը, հայկական բանակի մարտունակութեամբ եւ Նժդեհի ղեկավարութեամբ, քաջաբար կռուեցաւ նախայարձակ թշնամիին դէմ եւ յաղթանակով պսակեց անհաւասար ուժերով մղուած իր դիւցազնամարտը:

Այդ ծանր օրերուն թուրքն ու ազերին, ձեռք-ձեռքի տուած, կը փորձէին գրաւել Ղարաբաղն ու ամբողջ Լեռնահայաստանը` հարաւէն եւս պաշարելու եւ խեղդելու համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Համաթրքական սպառնալիքին վրայ գումարուած էր նաեւ հիւսիսի կարմիր վտանգը. 11-րդ Կարմիր բանակը շարժման մէջ դրուած էր` Անդրկովկասն ու ցարական կայսրութեան երբեմնի հարաւային սահմանները Ռուսաստանին վերադարձնելու եւ պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ դնելու առաքելութեամբ:

Բացայայտուած էր Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի անկախութիւնը կործանելու մեծ դաւադրութիւնը: Օրհասական պայքարի մէջ էր ողջ հայ ժողովուրդը եւ ճակատագրական այդ մաքառումը ծնունդ տուաւ իր հերոսին` անզուգական Նժդեհին:

Իր զինուորական հմտութեամբ, կազմակերպչական տաղանդով եւ ոգեշունչ հռետորութեամբ, Նժդեհ յաջողեցաւ ստեղծել «ժողովրդական կուռ բանակ մը, որ պատրաստ էր իր հրամանատարի ձեռքի մէկ շարժումին անսալով` կրակի մէջն անգամ նետուելու» (Աւօ, «Նժդեհ», էջ 210): Նժդեհ յղացաւ եւ իրագործեց Դաւիթբէկեան ուխտեր ստեղծելու եւ անոնց միջոցով համաժողովրդական կռիւը յառաջ մղելու ծրագիրը: Համաժողովրդական այդ ուժն էր, որ 1920-ի ապրիլէն եւ Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն սկսեալ ոչ միայն հերոսաբար դիմադրեց քեմալական եւ պոլշեւիկեան միացեալ գրոհներուն` զանոնք ետ շպրտելով, այլեւ կրցաւ հիմնովին հայացնել ամբողջ Լեռնահայաստանը:

1920-ի օգոստոս 25-ին Կապանի Կաւարտ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ Նժդեհի զինուորները ուխտեցին Դաւիթ բէկի անունով` «Հաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատար Նժդեհին եւ կռուել մինչեւ վերջին շունչը» («Արնոտ գիրք», Գորիս, 1921թ., էջ 33-34):

Այսպէ՛ս ծնունդ առին Դաւիթբէկեան ուխտերը, որոնց նշանաբանն էր` «Յանուն հայրենիքի` դաւիթբէկաբար»:

Եւ երբ դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեղի տուաւ խորհրդայնացման ճնշումին առջեւ, Լեռնահայաստանը հռչակեց իր անկախութիւնը եւ մերժեց ընդունիլ խորհրդային իշխանութիւնը: Աւելի՛ն. Նժդեհի առաջնորդութեամբ, հայկական ուժերը պարտութեան դառնութիւնը ճաշակել տուին Դենիկինի, Կոլչակի ու Վրանգելի բանակները ջարդած եւ «անպարտելի» հռչակուած 11-րդ Կարմիր բանակի հեծելազօրքի պետ Կուրոչկինին:

Ազատ ու անկախ Լեռնահայաստանը ներշնչման աղբիւր եւ քաջալեր ուժ հանդիսացաւ 18 փետրուար 1921-ի համաժողովրդական ապստամբութեան, որուն կողմէ իշխանութեան կոչուած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն, Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ, մինչեւ ապրիլ կրցաւ դիմադրել Կարմիր բանակի վերադարձին` ապաւինելով Զանգեզուրի յաղթական մարտերուն:

Բայց աշխարհաքաղաքական մեծ խորապատկերով` այլեւս վճռուած էր անխուսափելի խորհրդայնացումը Հայաստանի: Ապրիլ 1921-էն սկսեալ, Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ստիպուեցաւ նահանջել Երեւանէն եւ Արարատեան դաշտէն դէպի Զանգեզուր` հոնկէ անցնելու համար Ատրպատական, Պարսկաստան:

Այդ օրերուն, 12 հազար գաղթականութեան (որուն 4 հազարը` զօրք) նահանջի պայմաններուն մէջ, Սիւնիքը շարունակեց իր յաղթական կռիւները եւ հռչակեց Լեռնահայաստանի Հանրապետութիւնը` սպարապետ Նժդեհի վարչապետութեամբ:

Յունիսի 1-ին, Զանգեզուր անցած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնահայաստանը յայտարարուեցաւ Հայաստան` Սիմոն Վրացեանին նշանակելով վարչապետ (Նժդեհը մնաց իբրեւ սպարապետ): Բայց Վրաստանն ու Հայաստանը փաստօրէն ինկած էին պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ: Պարէնն ու հացահատիկը սպառած էին, եւ Լեռնահայաստանի վարչական ու զինուորական ղեկավար մարմինները դժուարութիւն ունէին պաշտպանելու Զանգեզուրի հայութիւնը: Այդ պայմաններուն մէջ, հաշուի առնելով, որ Հայաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը իր 1921 յունիսի հռչակագրով Սիւնիքը պաշտօնապէս կցած էր մայր երկրին` յուլիսին Լեռնահայաստանը իր կարգին տեղի տուաւ խորհրդայնացման առջեւ:

12 յուլիս 1921-ին, հեռանալով Զանգեզուրէն, Նժդեհ իր հրաժեշտէն առաջ վստահեցուց Լեռնահայաստանի հայութեան, որ ինք ընդմիշտ չի հեռանար եւ պիտի՛ վերադառնայ, եթէ Երեւանի փոխարէն` Պաքուն դառնայ Սիւնիքի տէրը: Այդ իմաստով, յաղթական սպարապետը Խորհրդային Հայաստանի Յեղկոմին ուղղեց յատուկ պատգամ մը, որ կ’աւարտէր հետեւեալ սաստող տողերով.

«Դուք գիտէք, որ ցանկութեան դէպքում ես միշտ էլ հնարաւորութիւն կ’ունենամ մի քանի տասնեակ զինուորներով վերագրաւելու Լեռնահայաստանը: Որպէսզի այս երկրի աշխատաւոր գիւղացիութիւնը ստիպուած չլինի մէկ էլ ինձ օգնութեան կանչելու, աշխատէք բաւարարել հայ գիւղացիութեան եւ նրա մտաւորականութեան արդար պահանջը» (Վ. Գէորգեան, «Լեռնահայաստանի հերոսամարտը», էջ 160):

97 տարուան հեռաւորութենէն, այսօր, դիւրին է հարցականի տակ առնել 12 յուլիս 1921-ի պատմական քայլին նպատակայարմարութիւնը: Մանաւանդ վերջին 25-ամեակին ուռճացաւ թիւը այն պատմաբաններուն եւ գաղափարախօսներուն, որոնք յապաղած իմաստութեամբ սուր քննադատութեանց եւ դատապարտանքի թիրախ դարձուցին Լեռնահայաստանը Կարմիր բանակին յանձնելու այդ քայլը: Խորհրդային սպառած արեւելումին նորօրեայ արձագանգը բերելով` ոմանք կը փորձեն փաստարկել, թէ ի սկզբանէ սխալ քայլ էր Կարմիր բանակին դէմ զէնք բարձրացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը, «դաշնակների աւանտուրիզմ» կը հռչակեն ազատ ու անկախ Սիւնիքի ստեղծումը եւ Նժդեհը կը նկատեն գլխաւոր պատասխանատուն… եղբայրասպան արիւնահեղութեան: Իսկ ուրիշներ, Դաշնակցութեան դէմ ինչ-ինչ հաշիւներով վարկաբեկման արշաւ մղելով, կը փորձեն ապացուցել, որ Նժդեհ իր ազատ կամքով չյանձնեց Լեռնահայաստանը, այլ պարզապէս ստիպուեցաւ գործադրել օրուան ՀՅԴ ղեկավարութեան անձնատուութեան որոշումը:

Այսինքն, երբ ատենի Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական նախարար Ռուբէնի հրահանգով եւ հայկական բանակի զօրամասով Նժդեհ կ’ուղարկուէր Զանգեզուր եւ յաղթականօրէն յառաջ կը մղէր Լեռնահայաստանի հայացման ու ազատագրման պայքարը, այդ բոլորին մէջ բացառաբար Նժդեհի անհատական պատասխանատուութիւնը պէտք է շեշտել: Իսկ հայացուած ու ազատագրուած Լեռնահայաստանի յանձնումը պէտք է վերագրել բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց պարտուողական քաղաքականութեան…

Կ’անցնին այս օրերն ալ, եւ վստահաբար կու գան հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամբողջական արժեւորման նուիրուած գաղափարախօսները, որոնք յուլիս 12-ի պատմական քայլը կ’արժեւորեն իր իսկութեամբ` թրքականին համեմատած խորհրդային լուծը իբրեւ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու հայ ազգային քաղաքականութեան դառն ու դաժան պարտաւորութիւնը:

Պատմական այսօրինակ ուսանելի պահ մը կը խորհրդանշէ 12 յուլիս 1921-ը:

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Չկասեցնել Բողոքը

$
0
0

Պոնի միջազգային խաղաղութեան աջակցութեան կեդրոնի (BICC) գիտաշխատող դոկտ. Մաքս Մուչլերի համաձայն, «Եւրոպական երկիրներու օրէնքներուն մեծ մասը կը խօսի մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին, սակայն եւրոպական եւ ամերիկեան զէնքերու լարուած տարածքներ արտահանումը կը շարունակուի առանց այդ օրէնքներուն նկատմամբ որեւէ յարգանքի ցուցաբերման»:

Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը չորեքշաբթի, 10 յուլիսին Փարիզի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպած էր բողոքելու համար ֆրանսազրպէյճանական տնտեսական համագործակցութեան շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի` Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելու որոշումին դէմ: Հայ երիտասարդները դիտել կու տային, որ այդ զէնքերը կ՛օգտագործուին մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն սպանութեան համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս կու գար յայտարարութեամբ մը` յայտնելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն վստահեցուցած է, թէ ֆրանսական զէնքերը պիտի չօգտագործուին հայ ժողովուրդին դէմ: Բողոքող երիտասարդները, սակայն, շեշտած են, որ Մաքրոնի այս հաստատումը հիմք չունի, հետեւաբար անհրաժեշտ է խօսիլ փաստացի տուեալներով:

«Մեզ կը մտահոգէ այն իրողութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Ֆրանսան արցախեան հակամարտութեան կողմերուն զէնքի վաճառքը բացառած ըլլալով մէկտեղ` զէնք կը մատակարարէ Ազրպէյճանին: Այս որոշումին դէմ պէտք է բողոքենք», ըսած է շարժումի կազմակերպիչներէն Պերճ Քերթեշեանը:

Իսկ թէ ինչպիսի՞ արդիւնք պիտի տայ բողոքի այս շարժումը, կախեալ է շարժումի մասնակիցներուն աշխուժութենէն եւ շարժումին մէջ յաւելեալ կողմերու ներգրաւումէն:

Բողոքը արդարացի է, անոնց միանալու են մարդասիրական, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, քաղաքական գործիչներ` անգամ մը եւս պարզելով պատկերը քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, թէ յետ-պատերազմեան շրջանին Պաքուի կողմէ օգտագործուած զէնքերով նահատակուած բոլոր անմեղ քաղաքացիներուն, սահմանը պաշտպանող ու ազրպէյճանական կողմի դիպուկահարներուն զոհը դարձած այն հարիւրաւոր անմեղներուն, որոնք պարզապէս իրենց հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքը կը պաշտպանէին: Բողոքը արդարացի է, յատկապէս` այն պատճառով, որ Ֆրանսան մատակարարուած զէնքի օգտագործումը վերահսկելու մեքանիզմները չունի:

Քաղաքական բեմին վրայ բողոքի նման ալիքներ բարձրացած ու արդիւնաւորուած են նախապէս:

Եմէնի պատերազմի տարիներուն, օրինակ, մարդասիրական կազմակերպութիւններու, խորհրդարանականներու եւ քաղաքական գործիչներու բանեցուցած ճնշումին հիման վրայ, Գերմանիան սահմանափակեց իր արտածած զէնքերու օգտագործումը Եմէնի մէջ. այդուհանդերձ, մարդկային իրաւանց եւրոպական կազմակերպութիւններ առաւել մեծ ճնշումներ բանեցուցին գերմանական «Ռէյնմեթըլ» զինուորական եւ ինքնապաշտպանական ճարտարագիտական սարքեր արտածող ընկերութեան վրայ` դադրեցնելու Սէուտական Արաբիա կատարած իր զինուորական արտածումները, հակառակ պարագային ընկերութիւնը պատասխանատու համարելով Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ յարձակումներուն պատճառով արձանագրուող մարդկային զոհերու աճին:

Օրին, հակառակ ֆրանսական կողմին այն պնդումներուն, թէ զէնքերու օգտագործումը վերահսկելի է Ֆրանսայի կողմէ, ոչ կառավարական, մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետեւողական ճնշումները Մաքրոնը ստիպեցին խորհրդարանական հետաքննութիւն սկսելու զէնքերու վաճառման օրինականութեան գծով:

Նոյն ամիսներուն, նման ճնշումներու պատճառով, Գերմանիոյ Անվտանգութեան խորհուրդը որոշում կայացուց դադրեցնելու Եմէնի պատերազմին մասնակից կողմերուն Գերմանիոյ կողմէ զինամթերքի մատակարարումը, նոյնը կատարեց Նորվեկիան: Այս բոլորը տեղի ունեցան ժողովրդային եւ խորհրդարանական ճնշումներու շնորհիւ:

Հայկական կողմին քարոզչական լծակները նուազ ազդեցիկ չեն այս առումով: Այս բոլորը, սակայն, կը թելադրեն գործակցութիւնը պետական եւ սփիւռքեան կառոյցներու, քաղաքական գործիչներու:

Քաղաքական ճնշումները կրնան կասեցնել պետութիւններու տնտեսական համարուող գործակցութեան այն ոլորտները, որոնք կրնան ծառայել լարուած տարածաշրջաններու հարցերու բարդացումին եւ մարդկային զոհերու բազմապատկումին:

«Գ.»

Հայկական «Ադամեան» Ապրանքանիշի Պատկերասփիւռները Առաջին Խմբաքանակն Արդէն Պատրաստ Է

$
0
0

Հայկական «Ադամեան» ապրանքանիշի պատկերասփիւռներու առաջին խմբաքանակն արդէն պատրաստ է, այն քանի մը օրերու ընթացքին կը ներկայանայ սպառողներուն: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին Արմաւիրի մարզի Մերձաւան գիւղին մէջ գտնուող գործարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ  «Ինթերնեշընլ մանուֆաքչրինկ կրուփ» ընկերութեան տնօրէն Ռամի Ճուտին:

«Այժմ օրական կը հաւաքենք մօտ 100-150 հատ պատկերասփիւռներ: Մօտ օրերս ատոնք կրնաք գտնել Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին մէջ գործող մեծ մասնագիտացուած խանութ սրահներու մէջ», ըսաւ Ռամի Ճուտին:

Ընկերութեան տնօրէնը նշեց, որ թէեւ գործարանին բացումը տեղի  ունեցած էր 2018 դեկտեմբեր 5-ին, սակայն իրենք արտադրութիւնը կրցած են սկսիլ միայն մայիսին, քանի որ կը սպասէին կառավարութեան կողմէ ներմուծման մաքսային արտօնութեան տրամադրման:

«Մենք կը սպասէինք կառավարութեան կողմէ մաքսային արտօնութեան տրամադրման, որովհետեւ այն գինը, որ մենք խոստացած էինք վաճառքի համար, չէինք կրնար սահմանել, եթէ նաեւ մաքսային տուրք վճարէինք: Արտօնութիւնը կառավարութիւնը մեզի տրամադրեց ապրիլին», նշեց տնօրէնը:

«Ինթերնեշընլ մանուֆաքչրինկ կրուփ» ՓԲԸ-ի հնգամեայ ներդրումային ծրագիրը բաղկացած է 3 փուլէ: Այժմ գործարանին մէջ պատկերասփիւռներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ սարքաւորումները կը ներկրուին, որմէ ետք ատոնք կը հաւաքուին Հայաստանի մէջ: Մէկ ու կէս ամիս անց ընկերութիւնը կը ծրագրէ գործարկել նաեւ երկրորդ հոսքը, որուն շնորհիւ կը սահմանուի 2000 օդորակիչ (AC) եւ 3000 պատկերասփիւռ: Երկրորդ հոսքի գործարկման շնորհիւ ընկերութեան մէջ կը ստեղծուի եւս 30 աշխատատեղ: Հայկական արտադրութեան լուացքի մեքենաները, սառնարանները եւ օդորակիչները սպառողին կը ներկայանան «ԱՅՈ» (AIO) ապրանքանիշի ներքոյ:

«Ծրագիրի առաջին փուլը պիտի տեւէ 2 տարի: Երկրորդ փուլին մէջ կենցաղային սարքաւորումներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ մօտ 20% բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու արտադրութիւնն ու վերջնական կենցաղային սարքաւորումներու հաւաքումը պիտի իրականացուի այստեղ, 80% բաղկացուցիչ մասերը պիտի ներմուծուին: Այս փուլէն սկսած` կենցաղային սարքաւորումներու ծրագրային ապահովման բոլոր աշխատանքները նոյնպէս կ’իրականացուին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Փուլի տեւողութիւնը եւս 2 տարի է: Երրորդ փուլին մէջ կենցաղային սարքաւորումներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ մօտ 60% բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու արտադրութիւնն ու վերջնական կենցաղային սարքաւորումներու հաւաքումն արդէն կ’իրականացուի Հայաստանի մէջ, իսկ բաղկացուցիչ մասերու 40%-ը կը ներմուծուի: Այս փուլի տեւողութիւնը 1 տարի է», ըսաւ Ճուտին:

«Ինթերնեշընլ մանուֆաքչրինկ կրուփ» ՓԲԸ hասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Քնարիկ Առաքէլեան մեզի հետ զրոյցին նշեց, որ ընկերութիւնը կը պատրաստուի նաեւ արտահանել հայկական կենցաղային սարքերը, սակայն այդ հարցով կ՛ակնկալեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աջակցութիւնը:

«Մենք այժմ աշխուժ բանակցութիւններ կը վարենք արտադրանքը դէպի ԵԱՏՄ երկիրներ, մասնաւորապէս` Ռուսիա արտահանելու ուղղութեամբ, եւ այս գործընթացին կ՛ակնկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աջակցութիւնը», ըսաւ Առաքէլեան:

Գործարանին մէջ այժմ ստեղծուած է 13 աշխատատեղ` միջին 200 հազար դրամ աշխատավարձով: Գործարանի ամբողջական գործարկման պարագային կը ստեղծուի 60-70 աշխատատեղ` 200,000 դրամ միջին աշխատավարձով եւ տարեկան կ’արտադրուի 126 հազար միաւոր կենցաղային սարքաւորում: Մինչեւ օրս սահմանուած է 190 պատկերասփիւռ: Առաջին խմբաքանակին կը նախատեսուի 1200 պատկերասփիւռ:

«Ինթերնեշընլ մանուֆաքչրինկ կրուփ» ընկերութիւնը հայ-լիբանանեան-սուրիական համատեղ ներդրումային ծրագիր է:

 

Ակնարկ. Արցախի Ի Նպաստ Յաղթանակ Մը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տունը հինգշաբթի, 11 յուլիսին որդեգրեց բանաձեւ մը, որ ամերիկեան կառավարութեան կ՛արգիլէ Ազրպէյճանին ծախել այնպիսի զէնքներ, որոնք կրնան գործածուիլ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերու դէմ: Ազրպէյճանի այս սպառնալիքին եւ անոր յաճախակի գործադրութեան պատճառով, Արցախի մայրաքաղաքին օդակայանը անդամալոյծ կը մնայ տասնամեակներէ ի վեր:

Բանաձեւը ժողովին ներկայացուցեցաւ Պրետ Շըրմընի կողմէ. անոր պատրաստութեան մասնակից էին Ճեքի Սփիր, Ֆրենք Փալոն եւ Էտըմ Շիֆ. բանաձեւը որդեգրուեցաւ 195-ի դէմ 234 ձայնով:

Սա ամէն բանէ առաջ կարեւոր յաղթանակ է ի նպաստ Արցախին, ապա նաեւ` Հայ դատի յանձնախումբին, որուն ներկայացուցիչը ողջունեց բանաձեւին որդեգրումը, իսկ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս որոշումը նկատեց Արցախի անկապտելի իրաւունքին ճանաչումը:

Սա նաեւ յուշարար մըն է, որ հայկական կողմին քաղաքական աշխատանքները միշտ ապարդիւն չեն մնար. նաեւ պէտք է անդրադառնանք, որ ձեռնածալ չմնալով` կրնանք այս ու նմանօրինակ յաղթանակներ ապահովել, մանաւանդ եթէ կարենանք մեր ճիգերն ու կարողութիւնները մէկտեղել…

***

Քուէարկութեան արդիւնքին կողքին, կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել քանի մը այլ իրականութիւններ, մանրամասնութիւններ:

Ա.- Բանաձեւը որդեգրուեցաւ խորհրդարանի երկու խմբաւորումներէն` դեմոկրատ եւ հանրապետական ներկայացուցիչներէ գոյացած մեծամասնութեան մը քուէներով. 225 դեմոկրատ, 9 հանրապետական թեր քուէարկեցին բանաձեւին, դէմ քուէարկեցին 187 հանրապետական, 7 դեմոկրատ եւ մէկ անկախ ներկայացուցիչ: Պատկերը առանձին մեկնաբանութեան արժանի է:

Բ.- Ուշագրաւ էր բանաձեւին` Պրետ Շըրմընի պաշտպանողականը. ան յայտարարեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք չէ զէնք տրամադրէ Ազրպէյճանին, որ կը սպառնայ այդ զէնքները գործածել Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերու դէմ, ու յիշեցուց, որ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ նման ոճրային արարքներու զոհ գացած են բազմաթիւ օդանաւեր` պատճառելով մարդկային մեծ կորուստներ, ի շարս որոնց` ամերիկեան խորհրդարանի անդամ մը: Շըրմըն մէկէ աւելի առիթներով շեշտեց, որ Արցախը անկախ հանրապետութիւն է, որ նախապէս կը կոչուէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, թէ` անիկա Ստալինի մէկ կամայականութեան եւ ի շահ խորհրդայիններուն` շնորհուած էր Ազրպէյճանին, մինչդեռ արդէն անկախ հանրապետութիւն է տասնամեակներէ ի վեր ու կը դիմակալէ ազերիական սպառնալիքներ, կարելի չէ ընդունիլ, որ նման սպառնալիքներու իրականացումը ըլլան ամերիկեան զէնքերով: (Չենք ուզեր հաւատալ, որ Շըրմըն պիտի ընդունէր, որ Ազրպէյճան ռուսական, իսրայէլեան կամ այլ տեղէ ձեռք բերուած զէքներով իրագործէր սպառնալիքը…): Ան միայն մէկ դուռ բաց ձգեց` ըսելով, որ զէնքերու յանձնումը կրնայ պատահիլ այն պարագային, երբ նախագահը երաշխաւորէ, որ անոնք պիտի չծառայեն Պաքուի ծանօթ սպառնալիքներուն իրականացման:

Գ.- Շըրմընին հակաճառեց միայն հանրապետական Ռանըլտ Ռայթը, որ հանդէս եկաւ «դաշնակից Ազրպէյճան»-ի զէնք յանձնելու պաշտպանողականով. իր տեսակէտը հիմնաւորելու համար ան հաւաստեց, որ Ազրպէյճան ահաբեկչութեան պայքարի մէջ դաշնակից մըն է, ամերիկեան ուժերու կողքին է Աֆղանիստանի մէջ, կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու հակադրուող Իրանին ու Ռուսիոյ միջեւ, իսկ Ուքրանիոյ ու Վրաստանի մէջ ռուսական միջամտութիւնները ծանօթ են: Աւելի՛ն. ան Արցախի հողերը որակեց «հայերու կողմէ գրաւուած տարածք», նկատելով, որ զէնքի յանձնումէն ետ կենալով` Միացեալ Նահանգներ այսուհետեւ պիտի դադրին այս տագնապին «չէզոք միջնորդ» մը ըլլալէ, պատճառ պիտի ըլլան «դաշնակից Ազրպէյճան»-ի զինական կարողութեանց նահանջին: Ռայթ յայտնապէս յիշողութեան կորուստէ կը տառապի, որովհետեւ որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ Ազրպէյճանի աղաղակող սպառնալիքներուն ու արարքներուն: Փաստօրէն Ազրպէյճանի քաղաքային օդանաւորդութեան մէկ բարձրաստիճան պատասխանատուն 2011-ի մարտին առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան զգուշացման հրաւէր ուղղած է օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան, սպառնալով, որ Ստեփանակերտի օդակայնը գործածող օդանաւեր «ֆիզիքապէս քանդումի պիտի ենթարկուին»…

Կարելի է երկար մեկնաբանել ու մէկ առ մէկ քանդել այսպիսի պաշտպանողականի մը հիմքերը, ներկայացուցած առարկութիւնները, սակայն ոեւէ հայու, նաեւ շրջանի ծանօթ իրադարձութեանց հետեւողին համար անամպ երկինքէն շողացող արեւուն չափ յստակ է, որ նման պաշտապանողականի մը ետին Ազրպէյճանի քարիւղին բոյրը, անոր եկամուտէն գոյացած գումարները ամերիկեան զէնքի ճարտարարուեստի գանձանակներ հոսեցնելու «բարի նպատակը» եւ սնամէջ ռազմավարական հաշիւները ինչպիսի՛ բաժին կրնան ունենալ, անկախ անկէ, որ այս շրջանին մէջ եւ այլուր ամերիկեան անհեռատես ու անհեռանկար վարքագիծը ինչպիսի՛ աղէտներու դուռ բացած է մարդկութեան համար:

Գ.- Քուէարկութեան արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ եթէ ժողովին մեծամասնութիւնը այս պարագային արդարութեան կողքին կանգնած է, կան նաեւ նման ընթացքի դէմ կանգնողներ: Թէ ի՛նչ հաշիւներով` չենք ուզեր մանրամասնել ու մեկնաբանել. հոս ալ արեւուն լոյսը յստակ է: Այսուամենայնիւ, դէմ քուէարկողներու ստուար թիւը նոր մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ Արցախի դատին ի նպաստ գործողները` սկսելով Հայ դատէն ու հասնելով մինչեւ Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները. կ՛արժէ միայն յիշեցնել, որ այսօր, ամերիկեան 49 նահանգներ որդեգրած են Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ի հեճուկս դաշնակցային գործադիրին, հոն եւս բանալով մարտահրաւէրի նոր դուռ մը, որ ճանաչումէն ետք կայ նաեւ արդար հատուցման պայքարի ուղին…

***

Ներկայացուցիչներու տան կողմէ այս բանաձեւին որդեգրումը, յաղթանակ մը ըլլալով հանդերձ, վախճանական լուծում չէ. նման բանաձեւեր վաղը կրնան իրենց դէմ գտնել մինչեւ իսկ նախագահական միջամտութիւն, որովհետեւ յայտնի է, որ Սպիտակ տան պետը շրջապատող նախարարներ ու խորհրդականներ մաս կը կազմեն զէնքերու վաճառքի ջատագովներու եւ պատերազմներ հրահրողներու նուագախումբին: Եթէ միայն նկատի ունենանք մեզի համար ռազմավարական իմաստով մեծ նշանակութիւն ունեցող Իրանի պարագան, առանց անտեսելու Վրաստանի նորագոյն զարգացումները, արդէն կարելի է պարզ աչքերով տեսնել, թէ հայկական դիւանագիտութիւնն ու Հայաստան-Արցախ պաշտպանութիւնը ինչպիսի՛ մարտահրաւէրներու դիմաց կը դնեն մեզ, եւ որքան կեղծ կը հնչեն դուրսէն կատարուած այն «ներշնչումները», թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է նախապատուութիւն տան մարդասիրական նախաձեռնութիւններու եւ ընդարձակեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ սիրոյ ու բարեկամութեան ենթահողը: Սխալ չհասկցուինք. Հայաստանի անկախացումէն տասնամեակներ առաջ, 60-ականներուն, բայց մանաւանդ` անկախացումէն ասդին, ո՛վ որ ալ եղած է Երեւանի ղեկին պատասխանատուն, ան իր դիմաց գտած է նոյն` նախայարձակ ու թշնամի Ազրպէյճանը, որուն ձեռքը մի՛շտ ամուր բռնած է նոյնքան թշնամի Թուրքիոյ ձեռքը: Օղակը կարելի է ընդարձակել…

Անգլիացիք ունին լաւ խօսք մը` «Զէնքիդ վառօդը մի՛շտ չոր պահէ»: Մենք ալ ձայնակցած ենք այլ նշանաւոր խօսքերու` կը նախընտրենք ձիթենիի ճիւղը բարձր պահել, սակայն չենք ուզեր վար դնել զէնքը, ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿԻ ԶԷՆՔ, այնքան ատեն որ հակառակորդը չէ որդեգրած խաղաղութեան անդառնալի ուղին:

11 յուլիս 2019

Գնահատենք Աշխատանքը

$
0
0

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Հայ դատի յանձնախումբերու պատասխանատուները այս օրերուն արդարօրէն պէտք է տեսնեն ամերիկահայութեան զօրակցութեան դրսեւորումներ` նիւթական յաւելեալ աջակցութեան կամ հրապարակային խրախուսանքի այլ ձեւերով:

Աշխատանքը, անշուշտ, պայմանաւորուած չէ գնահատականի ակնկալիքներով: Գործին հաւատացող Հայ դատի նուիրեալները, մեր թաղերէն սկսեալ մինչեւ Ուաշինկթըն, կ՛աշխատին, կը պայքարին` յանուն Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան շահերու պաշտպանութեան: Կը պայքարին` իրենց տրամադրուած նիւթական հնարաւորութիւններու անբաւարարութիւնը յաւելեալ անձնական զոհաբերութիւններով յաղթահարելով: Կը պայքարին` վստահելով, որ իրենց աշխատանքին արդիւնաւորումը պիտի գնահատուի յաւելեալ հնարաւորութիւններու հոսքով` դէպի նոր ծրագիրներ:

Արդա՞ր է այդ ակնկալութիւնը: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այս անգամ չսպասենք, որ պատկան մարմինները, Հայ դատի պատասխանատուները, գործավարները իրե՛նք դիմեն ու մեզի յուշեն, որ նուիրատուութիւն կատարելով` զօրակցութիւն ցուցաբերենք իրենց: Պարզ հաշուով, ահագին ճիգ ու ժամանակ պէտք է խնայել տան պատասխանատուներուն եւ գործավարներուն` մեր կողմէ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով, որոնց շնորհիւ ընդհանուր գործն է, որ պիտի շահի, Հայաստանն ու Արցախն է, որ պիտի շահին:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ արձանագրուած երկու յաղթանակները մեր երիտասարդ գործիչներուն համար ոգեւորող իրադարձութիւններ եղան եւ, նոր գործիչներ ներգրաւելու ազդակներ:

Եկէ՛ք, առանց գերագնահատելու, բայց նաեւ` առանց թերագնահատելու այս իրագործումները, ձեռք-ձեռքի տուած` աշխատինք եւ աւելի մեծ մարտահրաւէրներ յաջողութեամբ պսակելու նախապայմաններ ստեղծենք ու այդպիսով ցարդ անհաւանական նկատուող ձեռքբերումներ ապահովենք Ուաշինկթնի մէջ, ամերիկեան քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ մեր ներկայութիւնը շօշափելիօրէն ընդլայնենք:

Վարձքերնիդ կատա՛ր, Հայ դատի տղաներ ու աղջիկներ: Մենք ձեր կողքին ենք:

 

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Ապրուստի Պայմանները 1918-1920 Տարիներուն Բ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ռուբէն Տէր Մինասեան 1882-1951, ՀՅԴ անդամ, ռազմական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, 1920-ին ռազմական նախարար, յուշագրող եւ հեղինակ` կը գրէ` (արեւմտահայերէնի վերածուած խառն հատուածներ (1)). «… Անկախութեան հաստատումէն ետք տնտեսական նախարարութիւնը կը գտնուէր փորձուած ձեռքերու մէջ: Կարճիկեանը (Խաչատուր*)` թէ՛ իբրեւ իրաւաբան եւ թէ՛ իբրեւ Անդրկովկասի տնտեսական նախարար, բաւական հմտութիւն ձեռք բերած էր եւ գործերը դրած` տեսական եւ գործնական լաւ հիմքի վրայ: Սակայն ո՛վ ալ ըլլար նախարարը, անհնար պիտի ըլլար իրագործել մտածուածը: Երկիրը աւերակ, սահմանափակուած, 1 միլիոն 2 հարիւր հազար բնակչութեան կէսէն աւելին անգործ, գաղթական, որբ եւ սովահար. ո՛չ աշխատելու հող, ո՛չ հանք, ո՛չ ճանապարհ, ո՛չ ապահովութիւն, չորս կողմէն թշնամիներով շրջապատուած:

Ռուբէն Տէր Մինասեան                                                                                                      Արշակ Ջամալեան

«Ո՞ր առեւտրականը եւ նախաձեռնողը պիտի յանդգնէր գործ մը ընելու` երկիրը շէնցնելու: Պետութեան գանձը սահմանափակուած էր Թիֆլիս տպուած քանի մը միլիոն ռուբլիով, իսկ առեւտուրը` քանի մը չարչիներով, որոնք լեռներու վրայով Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ապրանք կը փոխանակէին: Ոչինչով եւ ոչինչէն գործ պէտք էր ստեղծել:

«… (Նիկոլ*) Աղբալեանը մեր տունը կ՛ապրէր. առտու մը թէյ կը խմէինք չամիչով ու կտոր մը չոր հացով: Յանկարծ պատշգամէն սուր ճիչ մը կը լսուի. վախցած` դուրս կը վազեմ: Ճաղէն կտրուած չուան մը կախուած է, իսկ տակը մարդ մը փռուած, երիտասարդ գաղթական մը, որ փորձած է ինքզինք կախել պատահական պատշգամէ մը: Աննան` կինս, տեսնելով մարդուն խռխռալը, դանակով կը կտրէ պարանը` ազատելով զայն, ապա վախէն ուշաթափ կ՛ըլլայ: Ներս կը բերենք ցնցոտիներու մէջ կորսուած թշուառականը, որ հազիւ կը խօսի, աչքը սեղանի հացին կ՛ուղղէ: Հացը կու տանք, սակայն ուտելու կարողութիւն չունի, աչքով կ՛ուտէ. չուտելէն կոկորդը չէր բաներ: Ագահութեամբ գաւաթ մը թէյ կը խմէ, եւ երբ դրացին կաթ կը բերէ, կը խմէ եւ անոր սարսափելի դէմքը մարդու գոյն կը ստանայ:

«Ան կը պատմէ. «Օրեր շարունակ անօթի էի եւ ճարս կտրուեցաւ, ըսի մեռնիմ…»:

«Դէպքը վրաս կ՛ազդէ. փողոց կ՛ելլեմ. Խանդարի (շուկայի) տակը սոսկալի է, մարդիկ օր-ցերեկով սովահար կը մեռնին, ոմանք նուաղած ձայներ կը հանեն, ոմանք ճպոտի նման` ձեռքերը քեզի կ՛ուղղեն, ոմանց բաց ուռած փորերը վեր ցցուած, իսկ աչքերը անփայլ գերեզմանի նման քեզի կը նային: Աւելի սարսափելի են երեխաները. ցեխերուն մէջ տիղմ կը հաւաքեն եւ ի՛նչ որ կայ, կեղտոտ ձեռքերով կեղտը կ՛ուտեն. ոմանք կու լան, ոմանք անտարբեր, իբրեւ ոսկորէ շինուած արձաններ` քեզ կը դիտեն: Սարսափ, որ կարելի չէ պատմել կամ գրել: (Ռուբէն*) Քաջբերունին եւ (Վահան*) Խորէնին ինծի կը միանան. Խորէնին տաքցած` ամբողջ աշխարհին կը հայհոյէր, իսկ Քաջբերունին կը տրտնջար: Կը բարձրանանք մինչեւ Աղստաֆեան (Աբովեան*), ամէն տեղ նոյն տեսարանն է: Կին մը ուժասպառ ինկած է, շարժելու անկարող, իսկ քանի մը քայլ անդին ինկած է անոր փոքրիկը, որ ճիգ կը թափէ, սակայն չի կրնար իր մայրիկին մօտենալ…»:

Սակայն շուտով Ճարտար ու աշխատասէր` անկոտրում հայը կրցաւ շրջել կեանքի ու ապրուստի պայմանները: … «Ասոր կողքին, սակայն, ստեղծագործ աշխատանքի ալ կը ձեռնարկուի չճանչցուած ու աննշան համարուած մարդոց միջոցով, մեծ-մեծ ձեռնարկներու հիմը կը դրուի: Իբրեւ օրինակ` հոս յիշեմ հարիւրէն մէկը. Մուշէն Հայաստան ապաստանած էր սովորական ուսուցիչ մը` Կռնչոյեանը. ան, նախ անձնապէս, քանի մը գաղթականներ իր շուրջը հաւաքած, կը ձեռնարկէ երկու նահապետական ջուլհականոց կազմելու, քանի մը գաղթականի հետ ալ` կօշկակարանոց, նմանապէս` Խորէնը:

Մի քանի ամիսէն 29 վայրերու մէջ հարիւրաւոր ջուլհականոցներ կ՛աշխատէին` մօտ 3000 ընտանիք պահելով եւ զօրքին ու որբին հագուստ հայթայթելով: Կաշին` չարուխի (տրեխ) փոխարէն, նախ կը դառնայ սօլ եւ ապա կօշիկ, եւ այդպիսով, գաղթականներու հոծ բազմութիւն մը ապրուստ կը ճարէ: Չենք սխալիր, եթէ Կռնչոյաններուն եւ Խորէններուն համարենք աշխատանքի հիմնադիրները 1918-էն, թէեւ անոնք ո՛չ դրամատէր էին, ո՛չ ալ պաշտօն ունէին, այլ միայն ցանկութիւն եւ հնարամտութիւն` ժողովուրդը փրկելու: Այգեգործութեան, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ասպարէզներուն մէջ նոյն մրջնային աշխատանքը կը կատարուէր, որ վերջերս հասած ամերիկեան ալիւրին եւ նպաստին հետ միասին ազատեց ժողովուրդը եւ հարիւր հազարաւոր որբերն ու այրիները ստոյգ մահէն:

«1919-ին (սակայն*) նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած էին. երկիրը ընդարձակուած էր, տաճկական թնդանօթները սահմանին միւս կողմը փոխադրուած էին, ժողովուրդը նուիրուած էր երկրագործութեան եւ վստահութիւն կար Հայաստանի կայունութեան վրայ: Առեւտուրը եւ արդիւնաբերութիւնը զարգացաւ եւ տնտեսութեան հիմք դրուեցաւ:

«Այս բոլորը տեղի ունեցան ո՛չ միայն կառավարիչներու եւ օրէնքներու կանոնաւորութեան շնորհիւ, այլ` երկրի մեծնալուն, ուժեղանալուն եւ ներքին ապահովութեան հաստատումով: Եթէ, օրինակ, խմիչքներու արտածումի յաւելումը պիտի վերագրենք տնտեսութեան նախարարութեան ջանքերուն եւ Շուստովի (այժմու «Արարատ»*) գինեգործարանի պետականացումին, նոյնը չէ պարագան այլ ապրանքներու մասին: Այսպէս, 1920-ի գարնան ամսական 9300 փութ (շուրջ 152 թոն) խոտի արտածումը իրականացած է` շնորհիւ 1919-ի վերջերը Կարսի Զարիշատ շրջանին վրայ (զինուորական*) ճնշումէն ետք: Աղի արտածումը աւելցած է` Կաղզուանի ճանապարհներուն եւ շրջանին վրայ մեր զինուորական ուժին շնորհիւ, նմանապէս` Կարսի շրջանի կաշեղէնի արտադրութիւնը: Իսկ պղինձի արտածումը դադրեցաւ զինուորական ձախողութեան պատճառով, քանի որ կտրուեցաւ Ղափան-Սիսեան, Նախիջեւան-Երեւան բանուկ ճամբան:

Խաչատուր Կարճիկեան                                                         Ոռոգումի առու

«Այսպէս թէ այնպէս, տնտեսական-առեւտրական-արդիւնաբերական ճիւղը օրէ օր կը զարգանար. օրինակ` առաջ ծխախոտի գործարան չկար, այժմ 5 հատ կայ. կը բացուէին յախճապակիի եւ այլ գործարաններ: … Թերութիւնը չէր բխեր տնտեսական նախարարութենէն, այլ` կառավարութեան թուլութիւնէն, մասնաւորապէս` զինուորական եւ ներքին գործերու: Փաստօրէն արտածումի թիւերը ցոյց կու տան, որ (թրքաբնակ*) Կաղզուանի եւ Զարիշատի ազատագրումին շնորհիւ` արտածումը մեծ չափով աւելցած է: Այսպէս, երբ 1919 մարտ-ապրիլը բաղդատենք 1920-ի յունուար-փետրուարին հետ, կը տեսնենք ապրանքի արտածումի կշիռքով 12  անգամ յաւելում եւ արժէքով 30 անգամ` 3 միլիոն 87 հազար 380 ռուբլի:

«Բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար տնտեսութիւնը բաւարար չափով զարգացնել, երբ Հայաստանի մէջ կային բազմաթիւ (թրքաբնակ*) Զարիշատներ, Կաղզուանի ճանապարհներ, որոնք փակ էին դրամի եւ առեւտուրի առջեւ: Երեւանի քիթին տակ էր (7 քմ արեւելք*) հարուստ (բերրի*) Զանգիպասարը (այժմ Մասիս*), ուր կը հոտէին միրգն ու սեխը, բրինձն ու բամպակը, սակայն հոն ո՛չ թէ առեւտուրը, այլ ոստիկանն ու զինուորը չէին կրնար մտնել: Սուրմալուն իր բրինձով, բամպակով, աղով ու հացով անհասանելի էր, նոյնպէս միւս շրջանները` Վեդիպասարը, Պասարգեչարը, Աղպապան, Դարալագեազը, Շարուրն ու Նախիջեւանը, նո՛յնիսկ` Զանգեզուրը եւ Արտահանը: Հայաստանի (տարածութեան*) երեք չորրորդը ո՛չ տուրք կու տար, ո՛չ ալ առեւտուր կ՛ընէր, թշնամի՛ էր:

«… Երբ Նիկոլին (Աղբալեան*) հետ պատէն կախուած քարտէսը կը դիտէինք` թուրքը կապոյտ, հայը կարմիր, կը տեսնէինք, որ անկախ Հայաստանի մէջ կապոյտը բռնած էր 75 տոկոսը եւ կարմիրը մի՛այն 25 տոկոսը: Կապոյտին բնակչութիւնը քիչ էր, բայց բռնած էր ամենալաւ վայրերը, հոն գտնուող կարմիրները ոչնչացուցած, քշած էր. անոնց  շտեմարանները լեցուն էին, հացը կը փտէր, միսը, կարագն ու պանիրը կը հոտէին. թաթարը չէր գիտեր` ինչպէ՛ս սպառել իր հացն ու բարիքը, իսկ հայը` երկրին տէրը, սոված կը չարչարուէր: Կը մտածէի` պէտք էր կապոյտը ջնջել` կարմիրը տարածելով…

«… Գիւղատնտեսական եւ պետական գոյքերու նախարարութիւնը, որ բաժնուած էր երկրագործական, անտառային, ջրային, վիճակագրական, անասնաբուծական եւ պետական գոյքերու բաժիններու, ծրագիրի հիման վրայ կանոնաւոր կերպով կ՛աշխատէր: Այսպէս, օրինակ, Երեւանի մէջ կար երկրագործական գործիքներու կեդրոնական պահեստ` իր գաւառական բաժանմունքներով, ուրկէ գիւղացին մատչելի գիներով կը ստանար գութան, հնձող մեքենայ, մանգաղ, գերանդի, ծծումբ, արջասպ եւ այլն: 13 մասնագէտներու ղեկավարութեամբ ձեռնարկուած էր ընդհանուր վիճակագրութեան:

«Ալեքսանդրապոլի մէջ հիմնուեցաւ մկնդեղի գործարան եւ կայաններ մուկերու դէմ պայքարելու համար: Օդերեւութաբանական կայանները` վերանորոգուեցան, եւ նորերը շինուեցան: Կազմակերպուած էին շրջանային գիւղատնտեսական եւ անտառային վարչութիւններ, ու մասնագէտ գիւղատնտեսներ եւ անտառաբաններ նշանակուեցան` իբրեւ շրջուն տեսուչներ:

«Արտասահմանէն մեքենական արօրներ, հնձելու մեքենաներ, կալսելու եւ այլ գործիքներ, 500 փութ (8150 քկ*) սերմեր բերուեցան, որոնք աժան գիներով ծախուեցան գիւղացիներուն:

«Սեւանայ լիճին մօտ հիմնուեցաւ ձկնաբուծական գիտական կայան: Հրատարակուեցան հողային, անտառային օրէնքներ` հիմք ունենալով հողերու պետականացումի եւ համայնացումի սկզբունքները:

«Կազմակերպուեցան հողային կոմիտէներ, որոնք Նոր Պայազիտի, Կոտայքի, Ծաղկաձորի եւ Էջմիածինի շրջաններուն մէջ պետականացուցին կալուածատիրական, վանքապատկան եւ լքեալ հողերը եւ ձեռնարկեցին հողաբաժանումի: Կարսի մէջ պետական օրինակելի կաթնատնտեսութիւն հիմնուեցաւ: Մեղուաբուծութիւնը քաջալերուեցաւ` նպաստ բաժնելով:

«Նոյնպէս, այգեգործութիւնը քաջալերելու համար 15 միլիոն ռուբլի նպաստ բաշխուեցաւ, իսկ բամպակի մշակութեան համար` 20 միլիոն ռուբլի: Հայաստանի մէջ կային 280 համագործակցականներ` 111 հազար 957 անդամներով, եւ` աշխատաւորական ընկերութիւններ, որոնց շուրջ 100-ին տրամադրուած էր հող եւ սերմ` հաւաքական երկրագործութիւնը խրախուսելու համար:

«Սոխումի շրջանէն տրապիզոնցի հմուտ ծխախոտ արդիւնաբերողներ Հայաստան կանչուեցան` ազնուացնելու ծխախոտը: Արտահանէն եւ Կարսէն կովեր ու եզներ գնուեցան, որոնք տրուեցան չքաւոր գաղթականներուն` նպաստաւոր պայմաններով: Ցանքի ժամանակ գիւղացիներուն 322.660 փութ (5 միլիոն 260 հազար քկ*) զանազան տեսակի սերմ տրուեցաւ: 1500 դեսեատին (16 միլիոն 350 հազար քառ. մ.*) բամպակ եւ 61 դեսեատին (670 հազար քառ. մ.*) ծխախոտ ցանուեցաւ պետութեան միջոցով, որ երկրին երեք ամսուան պաշարը կ՛ապահովէր:

«… 1920-ին, երբ (Սիմոն*) Վրացեանը ստանձնեց նախարարութիւնը, աւելի արագ եւ լայն չափով շարունակուեցան աշխատանքները: 70-է աւելի ոռոգումի առուներ կը նորոգուին Սուրմալուի, Զանգիպազարի, Սարդարապատի եւ Երեւանի մէջ, որոնք հարիւրաւոր գիւղերու ջուր կը մատակարարէին: 70 մասնագէտներ ծրագիր մշակեցին 200 հազար դեսիատին (2180 քառ. քմ*) հող ջրարբի (լաւ ոռոգուած*) վերածելու եւ 255 հազար ձիու ուժ (190 միլիոն ուաթ*) ջրելեկտրակայաններ շինելու Սեւանի, Քասախի, Ապարանի, Գեառնիի եւ Արփա գետերուն վրայ, որուն համար 4 միլիոն ռուբլի յատկացուած էր, կը կոչուէր Զաւալիշինի ծրագիր, որ սակայն Հայաստանի անկումին պատճառով չգործադրուեցաւ:

«… Հայաստանի հանքային հարստութիւնները ուսումնասիրելու համար մասնագէտներ` Տէր Միքայէլեանէ, Տէր Դաւիթեանէ, Կարապետեանէ, Թոշեանէ եւ ուրիշներէ մարմին մը կազմուեցաւ, որ ծրագրեց եւ մաս մը գործադրեց: Ուսումնասիրուեցան Սեւանայ լիճի, Ծաղկաձորի, Կոտայքի, Շիրակի, Ապարանի եւ Նոր Պայազիտի շրջանները: «Սկսան մշակել Քանաքի ածխահանքերը, իսկ Կաղզուանի աղի արդիւնաբերութիւնը ամսական 1500 փութէն (25 հազար քկ*) բարձրացաւ 70 հազար փութի (1 միլիոն 141 հազար քկ, 467 անգամ աւելի*):  «Հանքածուխի ձեռք բերելը մեզ ազատեց Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի գերութենէն, իսկ Շարուրի մէջ սկսած արծաթի եւ արճիճի հանքերուն օգտագործումը, ինչպէս նաեւ` պղինձի արտադրութիւնը Լոռիի եւ Զանգեզուրի, բոլորովին մեր տնտեսական վիճակը բարւոք դրութեան պիտի հասցնէր, սակայն Հայաստանը իր ստեղծագործութեան նախօրեակին տապալեցաւ»:

9 յունիս 2019
Շար. 2

(1) «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ռուբէն (Տէր Մինասեան) 7-րդ հատոր, 1979, Բ. Հրատարակութիւն, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, Պէյրութ, գլուխ Ը. Էջ 294-312:

Երէկ Գանձասարն Էր…. Այսօր` Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին

$
0
0

Ա. Ա.

Արցախի Գանձասարի վանքն էր վերջերս ազրպէյճանական ապատեղեկատուական կատաղի արշաւին թիրախը, որ հայկական չէ, այլ խլուած է աղուանական եկեղեցիէն: Սուրբ Էջմիածնի ենթակայութեան տակ գտնուող Աղուանից կաթողիկոսութեան անուանումը շահագործելով` ազրպէյճանցիները նոյնիսկ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէին` հաշուի առնելու «հայերու վարած բռնակցման եւ խեղաթիւրման քաղաքականութեան հետեւանքները»:

Գանձասարի վանական համալիրին ուղղուած` Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ֆուատ Ախունթովի յերիւրած վարկածին յաջորդեց Վասպուրականի Գագիկ Արծրունի թագաւորին բնակավայրերէն մին հանդիսացած` Վանի Աղթամար կղզիին վրայ կառուցուած Սուրբ Խաչ գողտրիկ եկեղեցին, որ հայկական միջնադարեան ճարտարապետական գլուխ գործոց մըն է: Այս անգամ Ազրպէյճանական Սփիւռքի միջազգային կեդրոնի ղեկավար Իսմայիլ Աղայեւը, ազրպէյճանական դրօշ մը պարզած, մտաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցի եւ յայտարարեց, որ եկեղեցին հայկական չէ, այլ… քրիստոնեայ թուրքերու պատկանող եկեղեցի մը, որուն իսկական պատկանելիութեան մասին շուտով ընթացք պիտի առնեն ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ:

Աղայեւ չափազանց տարօրինակ վարկած մըն ալ շրջանառութեան դրաւ: Ըստ այս ազրպէյճանցիին, որուն ղեկավարած կեդրոնը հայատեացութեան վառ օրինակ մըն է, քանի մը տարի առաջ միայն, քանի մը հայեր, գաղտագողի մուտք գործած են Սուրբ Խաչ եկեղեցի եւ պատերուն վրայ հայկական գրութիւններ գրելով` սկսած են յայտարարել, որ եկեղեցին հայկական է:

911-էն մինչեւ 925 կառուցուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին գործն է Մանուէլ ճարտարապետին, որ յղացած է ճարտարապետական նախագիծը, ապա հսկած է եկեղեցւոյ կառուցման, եւ ի վերջոյ 925-ին Արծրունիներու օրրան Վասպուրականի սրտին գտնուող Աղթամար կղզիին վրայ Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերածուած է այն վկայարանին, որ դարեր շարունակ մենաւոր մը իբրեւ` վկայեց ու յուշեց Վանի եւ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատկանելիութիւնը` յաճախ անտեսուելով, խաչագողներու կողմէ թալանուելով, մառանի եւ շտեմարանի վերածուելով: Եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հակահայ քաղաքականութեան թոյնէն եւ ատելութենէն անմասն չմնաց Սուրբ Խաչ եկեղեցին, որուն բացումը, այս անգամ` իբրեւ թանգարան, տեղի ունեցաւ 29 մարտ 2007-ին, եւ միայն երեք տարի ետք է, որ թրքական իշխանութիւնները արտօնեցին տարին անգամ մը` Սուրբ Խաչվերացի տօնին առիթով, Սուրբ պատարագ մատուցել եկեղեցւոյ մէջ:

Սուրբ Խաչ եկեղեցին անտէր ու անտիրական խաչագողներու եւ վանտալներու յարձակումներուն թիրախ մնաց 1915-էն ետք: Ասոր վկայութիւնը կու տայ թուրք գրող Եաշար Քեմալը, որ 1951-ին Աղթամար այցելութեան ընթացքին ականատես եղաւ Սուրբ Խաչի ահաւոր վիճակին եւ իր կապերն ու հեղինակութիւնը գործածելով` ջանաց կասեցնել եկեղեցւոյ քանդումը:

1116-էն մինչեւ 1895 Աղթամար կղզին Աղթամարի կաթողիկոսութեան նստավայրն էր, եւ Խաչատուր Գ. կաթողիկոս վերջին գահակալն է Աղթամարի կաթողիկոսութեան: Անոր վախճանումէն ետք` 1895-ին, կաթողիկոսութիւնը վերացաւ: Մինչ այդ եկեղեցին, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, շարունակ թիրախը դարձաւ վանտալներու յարձակումներուն: Արտաքին որմնանկարներուն մեծ մասը քանդուեցան, Ստեփանոս կաթողիկոսին խաչքարը, որ քանդակուած է 1340-ին, ծանրօրէն վնասուեցաւ, ինչպէս նաեւ` այլ խաչքար մը, որ 1444-ին քանդակուած է, ջարդուփշուր ըլլալով` մնաց միայն պատուանդանը. իսկ տասնիներորդ դարու դամբարանի մը խաչքարը, որ կանգնեցուած է Խաչատուր Մոկացիի գերեզմանին վրայ, քարերու կտորներու վերածուած է: Այս երեք խաչքարերուն ամբողջական լուսանկարները գոյութիւն ունին, եւ որոնք առնուած են 1911-ին եւ 1914-ին: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել, որ 1950-ական թուականներուն Աղթամար կղզին թրքական բանակին ռազմափորձերուն վայրերէն մին էր:

Անշուշտ քաղաքական նկատառումներով էր, որ թրքական իշխանութիւնները երկարատեւ քննարկումներէ ետք` արտօնեցին Սուրբ Խաչի վերանորոգութիւնը եւ ապա բազում դժուարութիւններէ ետք` գմբէթին վրայ խաչին տեղադրումը: Սակայն ընդգծելին այն է,որ ահա ազրպէյճանական նկրտումները հասած են Սուրբ Խաչ, եւ Աղայեւը թարգմանն է այն քաղաքականութեան, որ կը ծրագրուի Պաքուի մէջ, ոչ թէ փակ դռներու ետին, այլ` հրապարակաւ, որպէսզի հայկական ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը սրբուի Հարաւային Կովկասէն: Եւ այս հակահայ մաղձին լաւան սկսած է հոսիլ դէպի Արեւմտեան Հայաստան` ազրպէյճանական քարիւղատարներուն եւ կազատարներուն միջոցով դէպի Եւրոպա մղուող վառելանիւթերուն զուգահեռ:

 

 


Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ժառանգորդներն Ու Գահաժառանգները

$
0
0

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէկ մասնիկն է ԵՈՒՆԵՍՔՕ -ն, հեռու` քաղաքականութենէ, հաւանաբար տէ ժիւրէ միայն, սակայն ո՛չ` տէ ֆաքթօ, որուն բնագաւառներն են մշակոյթը, կրթութիւնն ու գիտութիւնը:

Բնականաբար, ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գործելով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հետզհետէ աւելի աշխուժացած է եւ կը գործէ բազմաթիւ ենթաբաժանումներով:

Վտանգի տակ գտնուող լեզուներէն մինչեւ հեռաւոր արահետներու մէջ կորսուած գիւղ մը կամ հնութիւն մը, իւրայատուկ պարի, եղանակի կշռոյթ մը կամ նոյնիսկ տոհմիկ ճաշի տեսակ մը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին կողմէ յատուկ ուսումնասիրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ կը հանդիսանայ:

Այս բոլորին լոյսին տակ հետզհետէ աւելի կը գործէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Իսկ շատ աւելի հետաքրքրական է Ազրպէյճանի բեղուն գործունէութիւնը այս կառոյցին մէջ: Արդարեւ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ քանի մը տարիէ ի վեր «Միջմշակութային երկխօսութիւն» անունով համաժողովներ կը կազմակերպէ:

Յունիս 30-էն յուլիս 10, ԵՈՒՆԵՍՔՕ -ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43-րդ նստաշրջանէն շաբաթներ առաջ իսկ, Ազրպէյճանի մայրաքաղաքը հիւրընկալած էր երկօրեայ «Միջմշակութային երկխօսութիւն» անուան տակ համաժողովը` մայիս 2-3, նիւթ ունենալով «Խտրականութեան, անհաւասարութեան եւ բռնի հակամարտութիւններու քննարկում»-ը:

Մշակոյթը հեռու է քաղաքականութենէն եւ երկխօսութեան բեմահարթակ մըն է, ուր կարելի է անուղղակիօրէն յարաբերութիւններ եւ սերտ  կապեր ստեղծել: Հայորդիին համար զարմանալի է Ազրպէյճանի ներդրումն ու գործօն դերակատարութիւնը այսպիսի բնագաւառներու մէջ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք արցախեան հիմնահարցէն, Պաքուի եւ Սումկայթի փոկրոմներէն անկախ, Նախիջեւանի խաչքարերուն սրբապղծումը, փճացումն ու հիմնայատակ քանդումը եւ ՆԱԹՕ-ի մէկ  մասնագիտական ժողովին մասնակցող անմեղ Գուրգէն Մարգարեանի կացինահար գլխատումը… ազգային հերոս հռչակուած Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ:

Յատկապէս Նախիջեւանի խաչքարերու հարցին առիթով կարելի է փոթորիկ ստեղծել եւ այդ ալ` Պաքուի մէջ, այդ համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43-րդ  նստաշրջանին:  Սակայն, դժբախտաբար, Հայաստան բացակայ էր այս ժողովին: Բացակայութիւն մը, որ աւելի դիւրացուց Պաքուի գործը` իր երկրին մէջ կատարուելիք այս հաւաքին դասաւորումներ եւ ի նպաստ իրեն բանաձեւեր որդեգրելու եւ որոշումներ տալու, որոնց կարգին երկու պատմական վայրեր գրանցուեցան համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Գրեթէ տարի մը առաջ Պահրէյնի մէջ նախանցեալ նստաշրջանին Պաքու քարոզչական աշխատանք տարած էր եւ մշակոյթի նախարար Ապուլֆազ Կարայեւ ստանձնած էր այս տարուան գիտաժողովը Պաքուի մէջ կազմակերպելու պարտականութիւն:

Այսպէս, տարի մը շարունակ  Ազրպէյճան գործի լծուեցաւ  այս հաւաքը կազմակերպելու: Բեմահարթակ մը, որուն եթէ Հայաստան մասնակցէր, բնականաբար եռագոյն դրօշը պիտի ծածանէր, եւ դեռ աւելի՛ն, ամպիոնէն գէթ կարելի էր ցուցադրել խաչքարերը քանդող բրիչներն ու մուրճերը… ամենայն հմտութեամբ ալ ցուցադրելով նաեւ նենգամիտ եւ բարբարոս Սաֆարովի  կացինը:

Դժբախտաբար Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը կը մնայ կիսաթափուր եւ անդամալոյծ վիճակի մէջ: Եթէ այսպէս շարունակուի անտարբերութիւնը, անգործութիւնն ու մանաւանդ անլրջութիւնը, քոչարի-էն ետք բազմաթիւ այլ կառոյցներ ու գործեր կրնան գրանցուիլ իբրեւ ազրպէյճանական մշակութային ժառանգութիւն, սկսելով տուտուկէն` ծիրանափողէն:

Ստացուած Գիրքեր. Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920) (Հեղինակ Գուրգէն Վարդանեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն 2019-ին լոյս տեսաւ Գուրգէն Վարդանեանի «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)» գիրքը, բաղկացած` 268 էջերէ: Խմբագիր` Շահան Գանտահարեան, հրատարակութիւն` «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչատան հիմնադրամ»-ի, թիւ 13:

Գիրքը բաժնուած է երկու գլուխներու, կրթական համակարգը եւ մշակութային կեանքը:

Վարդանեան կ՛ըսէ, որ 1918 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը նոր շրջան բացաւ հայ դպրոցի պատմութեան մէջ: Ծանր ու դժուարին պայմաններու մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը քայլեր ձեռնարկեց դպրոցական գործի վերականգնման ուղղութեամբ:

Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան կազմին մէջ կրթական նախարարի պաշտօնը ստանձնեց Նիկոլ Աղբալեան: Ան արգասաբեր գործունէութիւն ծաւալեց կրթական գործի հետագայ կազմակերպման եւ զարգացման համար:

Եկեղեցական-ծիսական դպրոցները պետականացուեցան եւ ռուսական` նախկին պետական դպրոցներուն հետ յանձնուեցան տեղական իշխանութեան մարմիններուն` ինքնավարութիւններուն:

Աղբալեան կազմեց «տարրական կրթութեան կանոնադրութեան մասին» օրինագիծը, նոր կանոնադրութիւնը խորհրդարանին վերապահեց դպրոցներու կանոններու, ծրագիրներու եւ նախահաշիւներու հաստատումը: Խորհրդարանը դպրոցներու գերագոյն վերահսկիչն էր, իսկ կրթական նախարարը գործադիր ղեկավարը:

Քայլեր ձեռնարկուեցան անվճար եւ պարտադիր ուսուցման, ինչպէս նաեւ աշխատանքային դպրոցներու ստեղծման եւ աշակերտներու հանրակրթական դաստիարակութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ: Կազմակերպուեցան մանկավարժական դասընթացքներ: Հիմնուեցաւ «ուսուցչական ուսումնարանը»:

Հայ մանկավարժները կարեւոր դեր ստանձնեցին հանրապետութեան հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ:

Երեւանի պետական համալսարանի հիմնադրման մասին որոշումը 1918 մայիսին պատմական կարեւոր փաստաթուղթն է: 31 յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ բացուեցաւ համալսարանը, որ յաջորդ կիսամեակին տեղափոխուեցաւ Երեւան:

Հանրապետութեան չափահաս բնակչութեան կրթական մակարդակը բարձրացնելու նպատակով գաւառային ինքնավարութիւններուն կողմէ կազմակերպուեցան ժողովրդական համալսարաններ, գրաճանաչութեան եւ գրագիտական դասընթացքներ: Հայերէնը ճանչուեցաւ իբրեւ պետական լեզու: Պետական լեզուն չիմացող պաշտօնեաներու համար սկսան գործել հայերէն լեզուի դասընթացքներ:

Ազգային մշակոյթի զարգացման նպատակով խորհրդարանը եւ նախարարարց խորհուրդը քայլեր ձեռարկեցին: Սկսան գործել գրադարան-ընթերցարաններ: Հիմնուեցաւ ազգային պետական գրադարանը:

Ազգային պետական թանգարանի ստեղծման մէջ հայրենանուէր դեր կատարեց հայ ազգագրական ընկերութիւնը, նուիրելով իր թանկարժէք հաւաքածոները:

Պատմական յուշարձաններու պահպանութեան նպատակով հիմնուեցաւ հնութիւններու պահպանութեան կոմիտէ: Կազմակերպուեցաւ գիտական արշաւախումբ, եւ մեծ աշխատանք տարուեցան պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու ուսումնասիրման. գիտական տեղեկագիրներու կազմակերպման եւ հնադարաններու ստեղծման ուղղութեամբ:

Հանրապետութեան տարածքին կը հրատարակուէին պետական մարմինները, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ տարբեր գերատեսչութիւններ: Կազմակերպուեցաւ գիտահրատարակչական գործը:

Գրական կեանքի կազմակերպման նպատակով ստեղծուեցաւ հայ գրական ընկերութիւնը, որ մեծ աշխատանք տարաւ գրական կեանքի աշխուժացման, գրողներու համախմբման եւ երիտասարդ տաղանդաւոր գրողները հասարակութեան ներկայացնելու համար: Վաստակաշատ գրողներուն նիւթական օգնութիւն տրամադրուեցաւ:

Հայ արուեստը հայրենիք բերելու եւ զայն զարգացնելու նպատակով կազմակերպուեցան արտերկրի ստեղծագործական խումբերու այցելութիւններ եւ հիւրախաղեր:

Այսպիսով, գիրքը կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան երկուքուկէս տարիներու ընթացքին հայրենիքի մէջ հայ մշակոյթի հաստատուն քայլերով հիմնաւորման ուղղութեամբ: Ազգային պետականութեան զարթօնքի պայմաններուն մէջ մշակոյթը վերածնունդ ապրեցաւ:

 

 

Անդրադարձ. Դուրս Մղման Փոխարէն Սիրաշահում

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները միշտ հետապնդած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը տապալելը կամ առնուազն «բարեփոխելը»: Վերջինիս պարագային անոնց թիրախը եղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան համեմատաբար տկար օղակը` Ֆրանսան:

Պաքու շարունակ ջանք թափած է Ֆրանսան փոխարինելու այլ երկրով մը` նախընտրաբար Թուրքիայով կամ առնուազն Եւրոպական Միութեամբ: Առաջինը արցախեան գոյապայքարի առաջին օրէն իր խորհրդատուներով, կամաւորներով եւ մասնայատուկ ուժերով, ինչպէս նաեւ 1993-էն ի վեր Հայաստանի դէմ հաստատած պաշարումով ուղղակի մասնակիցն է այդ տագնապին, եւ բնականաբար հակամարտող կողմ մը չի կրնար միջնորդ ըլլալ: Չարիքի առանցքին երկու թեւերէն մէկը եղողը չի կրնար եռանախագահութեան մաս կազմել: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան, ապա Ֆրանսան Գերմանիոյ կողքին այդ միութեան հիմնադիր գլխաւոր պետութիւններէն մէկն է եւ իբրեւ այդպիսին կը ներկայացնէ նաեւ այդ անդրազգային կառոյցը:

Տարիներու վրայ երկարող իրերայաջորդ ձախողութիւններէ ետք, Պաքու կը թուի այժմ համոզուած ըլլալ իր երկարատեւ երազի անյուսութեան եւ փոխած իր մարտավարութիւնը. եռանախագահութենէն դուրս մղելու փոխարէն սիրաշահիլ Ֆրանսան:

Այս մասին կը վկայեն Ազրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ օդուժի, ռազմական եւ ծովային կիրարկման տեղեկատուական համակարգեր արտադրող «Թալես Կրուփ» արդիւնաբերական խումբի միացեալ գործարան մը հիմնելու հաւանականութեան, ֆրանսական այդ ընկերութեան Ազրպէյճանին վերահսկողութեան եւ ձայնատեղաստուգումի (radiolocalisation) տարբեր տեսակի սարքերու մատակարարման լուրերը:

Սիրաշահման քաղաքականութիւնը իր առաջին պտուղը տուաւ. ֆրանսական դատարանի մը միջոցով, քաղաքական ու տնտեսական նկատառումներով ջնջուեցան ֆրանսական եւ արցախեան քաղաքներու միջեւ կնքուած բարեկամութեան ու ապակեդրոնացուած համագործակցութեան մասին հռչակագիրները: Պաքու ատիկա նկատեց իր դիւանագիտութեան «ազդեցիկ յաղթանակը»: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Խալաֆ Խալաֆով յայտնեց, որ Պաքու Փարիզէն կը սպասէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերու աշխուժացում: «Տագնապը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ», աւելցուց ան` յստակացնելով Ազրպէյճանի` Ֆրանսայէն սպասած «աշխուժացում»-ին նշանակութիւնը:

Բայց եւ այնպէս, հակառակ Պաքուի «ազդեցիկ յաղթանակ»-ի շեփորումին ու սպասումներուն, ազրպէյճանական այս մարտավարութեան յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ` նկատի ունենալով մասնաւորաբար եռանախագահներէն Ռուսիոյ օրինակը, որ Ֆրանսայէն շատ աւելի հին ու ընդարձակ քաղաքական եւ տնտեսական կապեր ունի Ազրպէյճանի հետ, սակայն առայժմ` ոչ ազրպէյճանամէտ կեցուածք:

 

 

 

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

$
0
0

Հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Նարեկ Աւագ քհնյ. Հեճինեանի, Հայկական երեսփոխանաան պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն մանկապարտէզի հանդէսին, ապա 2018-2019 տարեշրջանի նկարներուն ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց շրջանաւարտներուն հանդիսաւոր մուտքը սրահ:

ԺԱ. դասարանին կողմէ  Ռուբէն Խաչատուրեան ողջերթի ուղերձով անդրադարձաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ իրենց ապրած յիշատակելի օրերուն, ապա յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեց անոնց: Այնուհետեւ յայտագիրը ընթացաւ շրջանաւարտներուն հրաժեշտի խօսքերուն եւ գեղարուեստական բաժինի համադրական ներկայացումով: Մնաս բարովի իրենց խօսքերէն կարդացին` Կալի Միսիրեան, Նարօտ Մերտխանեան, Լէա Խաչատուրեան, Լեւոն Գալայճեան, Վանայ Պաքալեան եւ Նարեկ Մեսրոպեան: Կայէլ Գրիգորեան քանոնով, Նարեկ Մեսրոպեան կիթառով եւ Կարօ Գրիգորեան դաշնամուրով նուագեցին կոմիտասեան երգերու շարք մը, ապա Շարլ Ազնաւուրի «Լա պոէմը»` Վագօ Հաշէօլեան սրինգով եւ Կարօ Գրիգորեան դաշնամուրով: Նուագներուն յաջորդեց Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն վրացական պարը, որմէ ետք աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն «Ղօղանջ թաղման եւ յարութեան»:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար: Կալի Միսիրեան եւ Լէա Խաչատուրեան արժանացան աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակներուն:Աւարտական դասարաններու գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացաւ Կալի Միսիրեան: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն` Պեթի Փաչանեան, իսկ գիտական բաժինէն` Կալի Միսիրեան: Գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները ստացան գրական բաժինէն` Վանայ Պաքալեան եւ Մարի-Քրիսթել Աճեմեան, գիտական բաժինէն` Նարեկ Մեսրոպեան եւ Նարօտ Մերտխանեան: «Ջահակիր»-ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակին արժանացան Մարի-Քրիսթել Աճեմեան եւ Նարօտ Մերտխանեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացան Կալի Միսիրեան եւ Նարօտ Մերտխանեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Վառակ-Նարեկ Մանուկեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պեքերեճեան» մրցանակին արժանացաւ Լոռի Մխճեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակը ստացաւ Ժուլիանա Թրթռեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Հրակ Թորոսեան եւ Էնճըլա Պուժիքեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր ու խանդավառ աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Հրանդ Գալեմքերեան:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք  Փաուլա Եղիայեան արտասանեց տնօրէնութեան խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այս տարի համայն հայութիւնը կը նշէ Կոմիտաս վարդապետին, Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին եւ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ հայ կրթութեան ջահակիր Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթին ծննդեան 150-ամեակը` նշելով, որ կոմիտասեան «Կաքաւիկ»-ի եւ «Կռունկ»-ի երաժշտութեամբ հասակ առած, Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր»-ով սնած եւ Շանթի մանկավարժական սկզբունքներով դաստիարակուած Ճեմարանաւարտներու մեծ ընտանիքին այսօր կը միանան 30 նոր շրջանաւարտներ:

«Երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, որոնք, թէեւ այսօր ֆիզիքապէս կը բաժնուին իրենց դպրոցէն, սակայն վստահ ենք, որ իրենց հոգիներուն մէջ պիտի պահեն Ճեմարանի յատուկ հայաբոյր ու մտերմիկ մթնոլորտը, պիտի առաջնորդուին Ճեմարանական ոգիով եւ ամուր կառչած պիտի մնան այն բոլոր սկզբունքներուն, որոնց հիման վրայ կազմաւորուեցան ու ծաղկեցան»: Ապա ան  ներկայացուց փակուող տարեշրջանին Ճեմարանի դպրոցական եւ արտադպրոցական աշխատանքները, աշակերտներուն իրագործումներն ու արձանագրած յաջողութիւնները, որոնց կարգին` յաջողութիւնը պըրըվէի պետական քննութիւններուն ներկայացած 25 աշակերտներէն 24-ին, որոնցմէ 9-ը արժանացած են յիշատակութիւններու, իսկ աւարտական դասարանի Ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 30 աշակերտներուն ամբողջական յաջողութիւնն ու 30-էն 20-ին յիշատակութիւններու ստանալը:  Իր խօսքին մէջ ան յատուկ տեղ տուաւ այս տարեշրջանին սկիզբը ծնունդ առած  «Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին, որ այսօր կ՛ընդունի 3 ամսականէն 3 տարեկան 74 երեխաներ, որոնք կը վայելեն իրենց դաստիարակներուն գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը:

Փաուլա Եղիայեան նաեւ անդրադարձաւ Ճեմարանի դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներու: «2019-2020 տարեշրջանին Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները պիտի սկսին հետեւելու Ֆրանսական պաքալորէայի վերանայուած նոր ծրագիրին, որ իր այլազանութեամբ ու նորութիւններով վստահաբար նորանոր յաջողութիւններ պիտի ընծայէ մեր աշակերտներուն: Ինչ կը վերաբերի մեզ բոլորս յուզող լիբանանեան իրականութեան տնտեսական այս դժուար պայմաններուն, մենք յաճախ կը գտնուինք նիւթական նեղ կացութիւններու առջեւ: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք նախ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, եւ ապա` Ճեմարանի ծնողներուն ու բարեկամներուն, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ մեր կողքին են, որովհետեւ բոլորս կը հաւատանք, որ 89 տարիներ առաջ հիմնուած այս կրթօճախը տակաւին շատ հայ երիտասարդներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ իր ուսերուն», ըսաւ տնօրէնը` շեշտելով, որ Ճեմարանը սոսկ դպրոցական հաստատութիւն մը չէ եղած. «Թէեւ այսօր չկան հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալներ Շանթն ու Աղբալեանը, սակայն կայ անոնց տեսլականը, կայ անոնց սկսած սրբազան գործը, կայ սերունդներ կերտող դարբնոցը, կայ 89 տարեկան, բայց երիտասարդ ու նոր նուաճումներու վճռական տրամադրութեամբ ոգեւորուած կանգուն Ճեմարանը, որ նոյն վճռակամութեամբ կը պատրաստուի 2019-2020 տարեշրջանին դիմաւորելու իր հիմնադրութեան 90-ամեակը: Կայ, կը գոյատեւէ ու կը բարգաւաճի Ճեմարանը` շնորհիւ հայ դպրոցին հաւատացող ու վստահող մեր ծնողներուն, ինչպէս նաեւ` շնորհիւ մեր աշակերտներուն ուղեկցող ու անոնց կազմաւորման համար շունչ ու եռանդ սպառող նուիրեալ ուսուցիչներուն. ձեր վարձքը կատար Ճեմարանի անձնակազմի անդամներ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ ներդրումը ունի ճեմարանի յաջողութիւններուն մէջ», եզրափակեց ան:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն, շնորհաւորեց անոնց յաջողութիւնը, ծնողներուն եւ դաստիարակներուն կողմէ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան ու համբերութեան անդրադարձաւ եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, մի՛շտ եղէք լայնախոհ, ինքնավստահ, շրջահայեաց ու պարկեշտ, մի՛շտ մնացէք ազնիւ, անկեղծ, յարգալիր ու արդարամիտ, սորվեցէ՛ք լեզուներ, զա՛րկ տուէք ձեր գիտելիքներուն ու կարողութիւններուն եւ ձգտեցէ՛ք միշտ լաւագոյնին` ձեր ընտրած մասնագիտութիւններուն ու ասպարէզներուն մէջ, բայց մանաւանդ եղէ՛ք տէրն ու պաշտպանը`հայոց լեզուին, գրականութեան ու պատմութեան, հայ մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, հայ դպրոցին ու Դատին- Խօսեցէ՛ք հայերէն, գրեցէ՛ք հայերէն եւ կազմեցէ՛ք հայ ընտանիքներ, եւ վերջապէս, եղէ՛ք «Մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարանի» հպարտ շրջանաւարտներ ու մանաւա՛նդ հպարտ հայեր: Բարի՛ երթ ու կանաչ ճանապարհ ձեր բոլորին»:

Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին:

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.

Գրական ճիւղէն` Աճեմեան Մարի-Քրիսթել, Պաքալեան Վանայ, Տէյիրմենճեան Սելին, Խաշոլեան Կալի, Քիւրքճեան Նարէ, Փաչանեան Պեթի, Զաքարեան Մեղրի, Չաթալեան Սեւակ, Գալեմքերեան Հրանդ, Թորոսեան Հրակ:

Գիտական ճիւղէն` Յակոբեան Փաթիլ, Աթթարեան Ռիթա, Պուժիքեան Էնճըլա, Տէր Խաչատուրեան Գալին, Խաչատուրեան Լէա, Մերտխանեան Նարօտ, Միսիրեան Կալի, Աւետիս Արի, Տեքերմենճեան Անթոնի, Գալայճեան Լեւոն, Գալեմքերեան Վարանդ, Գաբրիէլեան Աբրահամ-Անթոնի, Գարաճեան Երուանդ, Հաշէօլեան Վարդգէս-Վարագ, Գրիգորեան Կարօ, Մեսրոպեան Նարեկ, Միքայէլեան Սիմոն, Թաշճեան Կարօտ, Չաքրեան Վարագ-Կայծ, Եափուճեան Աւետիս:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Լոյս Տեսաւ «Վէմ»-ի 2019-ի 2-րդ Թիւը

$
0
0

Լոյս  տեսած է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2019 թուականի 2-րդ  թիւը` 350 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ:

Խմբագրականին մէջ փորձ կատարուած է համակողմանի քննութեան ենթարկել  վերջին մէկ տարուան ընթացքին հայ քաղաքական մտքի  համար կրկին առաջնահերթ դարձած Հայաստանի քաղաքական արեւելումներու հարցը, որուն ռազմավարական տեսանկիւններու բացայայտումը թոյլ կու տայ լուսարձակի տակ առնել այս լուրջ խնդիրի ներքաղաքական շահարկումներու ողջ պարզունակութիւնը:

«Վէմ» հանդէսը 2019 թուականի 2-րդ թիւով կը սկսի  2019 մայիս 24-ին ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած` «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան 1919 մայիսի 28-ի աքթը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» գիտաժողովի նիւթերու հրապարակումը: Որոնց շարքին  առաջինը Արարատ Մ. Յակոբեանի «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան աքթը: Ընդունման 100-ամեակի առթիւ» ուսումնասիրութիւնն է, որուն ընդարձակ տարբերակը շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ առանձին գրքոյկով: Այդ գիտաժողովին կարդացուած միւս զեկոյցները կը հրապարակուին «Վէմ»-ի յաջորդ թիւով:

Հանդէսի 2019 թուականի 2-րդ թիւը հարուստ է երիտասարդ ու խոստմնալից ուսումնասիրողներու  թարմ ու հետաքրքրական հրապարակումներով, որոնցմէ կարելի է մատնանշել Էդիտա Գ. Գզոյեանի իրականացուցած` Մատակասկարում հայկական գաղութ ստեղծելու`  1925-1926 թուականներուն ծրագրի և 1940-ական թուականներուն հիթլերեան Գերմանիոյ կողմէ հրէական հարցի «լուծման» համար նախատեսուած` «Մատակասկարեան նախագծի» համեմատական քննութիւնը:

Երիտասարդ գիտնականներ Նարեկ Ա. Մկրտչեանի եւ Գէորգ Ա. Ճաղարեանի ջանքերով գիտական շրջանառութեան մէջ դրուած է  Ազրպէյճանի մէջ 1980-ականներու վերջերը-1990-ականներու սկիզբը տեղի ունեցած հայկական ջարդերու դատապարտման նուիրուած արժէքաւոր փաստաթուղթ մը, որ 1990 յուլիս 27-ին «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի էջերուն մէջ հրապարակած են  մարդասիրական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ համաշխարհային հռչակ ունեցող գիտնականներ Հանս-Գէորգ Կատամերը, Եուրկեն Հապերմասը, Ժաք Տերիտան, Ժան-Ֆրանսուա Լիոթարը, Էմանուէլ Լեւինասը եւ ուրիշներ: Հետագային այս գիտնականներէն բազմաթիւ յղումներ կատարուած են մեր հարեւան Ազրպէյճանի մէջ` մոռնալով 1990-ին «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ լոյս տեսած` «Բաց նամակ առ միջազգային հանրութեան կարծիքը  Խորհրդային Միութիւնում հակահայկական ջարդի վերաբերեալ» փաստաթուղթի մասին: Հայ ժողովուրդին ուղղուած աջակցութեան այս աննախադէպ քայլը անուշադրութեան մատնուած է նաեւ մեր քարոզչութեան ու դիւանագիտութեան կողմէ:

Ուշագրաւ է նաեւ մէկ այլ երիտասարդ  գիտնականի` Նարինէ  Մ. Նուշերվանեանի ուսումնասիրութիւնը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին ծնունդ առած` «հայրենիքի տուրքի» մասին, որ ըլլալով մինչ այդ արեւմտահայ  իրականութեան մէջ տարածում գտած`  «ազգային տուրք» հասկացողութեան  նորացուած եւ պետականութեան պայմաններուն յարմարեցուած տարբերակը` խիստ արդիական է նաեւ մեր օրերուն:

«Վէմ»-ի 2019 թուականի 2-րդ թիւին մէջ տեղ գտած են նաեւ հանդէսի ընթերցողներուն արդէն քաջածանօթ աւագ սերունդի գիտնականներու ուսումնասիրութիւններն ու հրապարակումները:

Խմբագրական «Վէմ»-ի

Մեր հին ադաթից ընկել ենք, զըրկուել,
Նորն էլ չըգիտենք թէ ինչ է եկել (1):

Յովհաննէս Թումանեան

Հայկական Արեւելումի Վերածնունդը*

Հայոց քաղաքական կողմնորոշումների (արեւելումների) մասին մեր հին պատկերացումները վերջին մէկ տարուայ ընթացքում բախուել են Հայաստանի նոր իրողութիւններին, եւ չկարողանալով բացատրել դրանց իմաստն ու բովանդակութիւնը` լիովին կորցրել են երկրի ներսում ու նրա շուրջը տեղի ունեցող տեղաշարժերն ըմբռնելու ու բացատրելու ճանաչողական գործառոյթները:

Այս տխուր փաստը հանրային մակարդակի վրայ դրսեւորւում է մեզանում գրեթէ ամէն օր արտաբերուող` թումանեանական «Հառաչանքի» խօսքերի միջոցով, իսկ փորձագիտական շրջանակներում ընդունել է հետեւեալ երկանդամ գլուխկոտրուկի տեսքը.

  1. 2018-ի գարնանը տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութիւնից» յետոյ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները փոխել են մեր երկրի արտաքին քաղաքական կողմնորոշումը, բայց որդեգրելով դաւադիր կեցուածքներ` յամառօրէն զգուշանում են արտայայտուել այդ մասին` շարունակելով սիրաշահել մեր աւանդական գործընկեր Ռուսաստանի ղեկավարութեանը:
  2. Անցած մէկ տարուայ ընթացքում մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզում տեղի ունեցած տարօրինակ փոխակերպումները Հայաստանի քաղաքական կողմնորոշման փոփոխութեան արտայայտութիւնը չեն, այլ սոսկ նոր իշխանութիւնների անփորձութեան ու արհեստավարժութեան բացակայութեան հետեւանքը:

Սրանից ստացւում է, որ մենք գործ ունենք կա՜մ յանցաւոր դաւադրութեան, կա՜մ էլ անուղղելի տգիտութեան հետ, որն արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզում ոչ պակաս վտանգաւոր է, քան առաջինը: Մինչդեռ ուշադիր քննելով այս երկանդամ գլուխկոտրուկը` դժուար չէ նկատել, որ նրանում առկայ հաստատական ու ժխտական հարցադրումները կտրուելով դիտարկման բուն առարկայից` Հայաստանից, վերածուել են հիմնային սխալի (2):

Իսկ առարկայական իրողութիւնն այն է, որ 2018-ին Հայաստանում տեղի ունեցած իշխանափոխութեան արդիւնքում ո՜չ մեր երկրի արտաքին քաղաքականութիւնն է լուրջ փոփոխութիւններ կրել եւ ո՜չ էլ այն սպասարկող արհեստավարժ դիւանագիտական կորպուսը: Փոփոխութիւնը տեղի է ունեցել նրան ուղղութիւն տուող քաղաքական ընտրանու ձեւաւորման աշխատակարգերի եւ գործելակերպի մէջ: Առ այդ` Հայաստանի իշխանութեան առաջին դէմքերի կողմից` 1991 թուականից յետոյ էլ Մոսկուայի հետ համաձայնեցուող` ժառանգորդի նշանակման իրողութեանը 2018-ին փոխարինել է ժողովրդի կողմից սեփական իշխանութեան ձեւաւորման փաստը: Այսինքն` որքան էլ տարօրինակ է` «Հանրապետական» կոչուող կուսակցութեան իշխանութեան տապալումը յանգեցրել է ազգի գերիշխանութեան սկզբունքը մարմնաւորող հանրապետական վարչակարգի հաստատմանը:

Երկրի քաղաքականութիւնը ձեւաւորող խորքային սուբյեկտի փոփոխութեան արդիւնքում մեզանում սկիզբ է առել արտաքին աշխարհում սեփական շահերի փնտռտուքի մի երկարատեւ ու ցաւագին գործընթաց: Ուստի այսուհետեւ ամէն պատեհ կամ անպատեհ առիթով հայկական կողմնորոշման մասին խօսելու փոխարէն` պարտաւոր ենք որոշակիացնել ու յստակեցնել այդ խիստ տարողունակ հասկացութիւնը: Պատճառն այն է, որ ժամանակին մեզանում այն ձեւակերպուել է երջանկայիշատակ Սարգիս Զեյթլեանի կողմից` որպէս «Սառը պատերազմին» բնորոշ «կամ-կա՜մ»-ի՜ հանդէպ հայկական հակազդեցութիւն` «ո՜չ Արեւելք, ո՜չ Արեւմուտք» բանաձեւի տեսքով: Սկզբում հանդէս գալով որպէս Հայաստանի ու հայութեան արտաքին քաղաքական արեւելումների դաշնակցական ընկալում` այն վերջին տասնամեակներում դարձել է հանրապետութեան գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերի հաւատամքը: Բայց քանի որ «Սառը պատերազմի» դարաշրջանը վաղուց է աւարտուել, այս սկզբունքօրէն ճիշդ բանաձեւի նախկին հիմնատարրերն անցած տարիներին փոխել են իրենց ներքին բաղադրութիւնն ու փոխադարձ յարաբերութիւնների բնոյթը:

Որովհետեւ եթէ հայոց քաղաքական կողմնորոշումները բնութագրելու համար 1990-ականների սկզբներին, մեծ վերապահումներով հանդերձ, դեռ հնարաւոր էր «Արեւմուտք» եւ «Ռուսաստան» եզրոյթների միջոցով ինչ-որ կերպ բնորոշել մի կողմից` «Սառը պատերազմում» յաղթանակ արձանագրած աշխարհաքաղաքական բեւեռը, իսկ միւս կողմից` նրա հետ յարաբերութիւնների ճշգրտմամբ զբաղուող նախկին ԽՍՀՄ-ի իրաւաժառանգորդին` Ռուսաստանի Դաշնութեանը, ապա այսօր այդ հասկացութիւնները սկզբունքօրէն նոր բովանդակութիւն եւ իմաստ են ստացել:

Համաշխարհայնացման պայմաններում վերջին երեսնամեակում Արեւմուտքը հանդէս է եկել ոչ միայն որպէս ուժի բեւեռ, այլեւ ամբողջական արժեհամակարգ, եւ արեւմտամէտութիւնը` որպէս արժէքային կողմնորոշում, կլանել է գրեթէ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհը, քանզի նրան հակադրուող մէկ այլ ձեւաւորուած արժեհամակարգ կլոպալ մակարդակում փաստօրէն գոյութիւն չունի: Իսկ քաղաքական առումով արեւմտեան կողմնորոշումը մեզանում արդէն սկսել է տարամիտուել նուազագոյնը երկու` անգլօ-սաքսոնական կամ` ատլանտեան եւ մայրցամաքային-եւրոպական արեւելումների:

Իր բովանդակութիւնից փաստօրէն զրկուել է նաեւ Արեւելքի` որպէս ուժի բեւեռի խորհրդային ընկալման մեխանիկական շարունակութիւնը դիտուող` «ռուսական կողմնորոշում» հասկացութիւնը: Որեւէ մէկի համար այլեւս գաղտնիք չէ, որ վերջին երկու տասնամեակների ընթացքում Արեւմուտքին հակադրուելու համար Ռուսաստանի քաղաքական ղեկավարութեան որդեգրած Եւրասիականութեան դոկտրինը իր խորքային` հոգեւոր-մշակութային բովանդակութեամբ խորապէս հակառուսական բնոյթ ունի (3): Նրա հիմքում ընկած բազային արժէքներից առաջինի` եւրոպականութեան լիակատար անտեսումը ժամանակի ընթացքում այն վերածել է Ճինկիզ խանի կայսրութիւնը վերակերպաւորած` միջնադարեան Մոսկովիայի տեսլականի, ինչն ասիականութեան ամենաբարբարոսական տարատեսակներից էր: Եւ երբ այսօր Ռուսաստանն ինքն է յայտնուել իր արեւելաքրիստոնէական քաղաքակրթութեան արմատներին վերադառնալու հրամայականի առջեւ, իրարից վաղուց տարանջատուած ու նախկին բովանդակութիւնից զրկուած «Ռուսաստան» եւ «ռուսական կողմնորոշում» հասկացութիւնները մեզ համար փաստօրէն միայն անվտանգային իմաստ ու նշանակութիւն են ձեռք բերել: Արժէքային առումով ռուսական կողմնորոշումն այսօր գոյութիւն ունի սոսկ աւանդական սլաւոնաֆիլութեան գաղափարը ձեւախեղած Դուգինեան համադրոյթին հակադրուող` առաջադէմ ռուս մտաւորականութեան որոշակի շերտերում, որի ներկայացուցիչները եւս հիմնականում միտուած են դէպի Արեւմուտք:

Միանգամայն հասկանալի է, որ կլոպալ հարթութիւնում նման բացայայտ անհաւասարակշռութեան առկայութեան փաստը չէր կարող իր ազդեցութիւնը չգործել նաեւ մեր երկրի ներքաղաքական իրողութիւնների վրայ: Որովհետեւ Հայաստանում չկայ ու չի կարող լինել մի քաղաքական ուժ, որն ի վիճակի լինի իրեն ու իր համակիրներին ստիպել երկրպագելու անծայրածիր տափաստանների քոչուորներին ու դրանց ռուս վերաբնակիչներին սոսկ ժամանակաւորապէս միաւորած` «Եւրասիական արժէքները»: Ուստի անցած տասնամեակներում Հայաստանը չէր կարող ներքնապէս չեւրոպականանալ` անկախ նրանից, թէ իրեն շրջապատող անվտանգային միջավայրը նրան թելադրում է Ռուսաստանի` որպէս պետութեան պաշտպանական վահանը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Եւ այս բացայայտ անհաւասարակշռութիւնը ռազմավարական առումով անխուսափելի էր դարձրել Ռուսաստանի հետ իր խորհրդային պորտալարը պահպանած Հայաստանի իշխանութեան փոփոխութիւնը, որը տեղի ունեցաւ ճիշդ այն պահին, երբ այդ իշխանութիւնն այլեւս անզօր էր դիմադրելու իր առջեւ դրուած` Արցախի ազատագրուած տարածքների յանձնումով Ազրպէյճանին եւս Եւրասիական Միութեան մէջ ներառելու ակնյայտ պարտադրանքին: Այդ մեծապետական ծրագրին դիմակայելու համար Հայաստանի նախորդ իշխանութիւնների գործադրած բոլոր տեսանելի եւ անտեսանելի հնարքների սպառման գործընթացն էր ինչպէս 2016-ի ապրիլեան տարօրինակ պատերազմի, այնպէս էլ դրան յաջորդած ներքաղաքական զարգացումների եւ իշխանափոխութան խորքային պատճառը[1]: Այսինքն` երբ Ռուսաստանը` որպէս պետութեան մեզ համար մի պահ կորցրեց անգամ իր վերջին` անվտանգային գործառոյթը, Հայաստանում նրանից երես թեքեցին նոյնիսկ նրա ամենահաւատարիմ զինուորները` աչք փակելով իրենց իսկ տապալմանը տանող ներքաղաքական զարգացումների առջեւ:

Անցած գարնանը տեղի ունեցած իշխանափոխութեան առայժմ միակ շօշափելի ձեռքբերումը Հայաստանի միջազգային սուբիեկտայնութեան ամրագրումն է, ինչի արդիւնքում մնալով նախորդ դաշինքների ու դրանցից բխող ռազմավարական պարտաւորութիւնների շրջագծում, մեր երկիրը թօթափել է կողմնորոշումային քաղաքականութեան բեռը: Սա առաջ է բերել որոշակի դիսկոմֆորտ` աւանդական դաշնակիցների հետ շփումներում, բայց չի յանգեցրել նրանց լուրջ հակազդեցութեանը:

Աւելի՛ն. Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորող խորքային սուբիեկտի փոփոխութիւնը լուրջ խոչընդոտ է դարձել Ղարաբաղի հարցում նրան միակողմանի լուծումներ թելադրելու ճանապարհին: Որովհետեւ հայ ժողովուրդն արդէն պատմութեան գիրկն է նետել արտաքին զիջումների դիմաց երկիրը կառավարելու իրաւունք ստանալու` նախկինների գործելակերպը: Եւ եթէ Ռուսաստանում աւելի մեծ թուով հայերի առկայութան մասին պնդումով նախկինում Մոսկուան վիճարկում էր Երեւանի իշխանութիւնների` հայ ժողովրդին ներկայացնելու իրաւունքը, այժմ գործ ունի ենթակայից` գործընկերոջ վերածուած դաշնակցի հետ: Ուստի նոր պայմաններում նրա համար Հայաստանին պատժելը հաւասարազօր է հայ ժողովրդին պատժելուն` դրանից բխող բոլոր հետեւանքներով:

Բայց ամենահետաքրքրականն այն է, որ երբեմն բարկացածի տեսք ընդունելով հանդերձ, պաշտօնական Մոսկուան իրականում մտածում է ոչ թէ մեզ պատժելու, այլ սիրաշահելու մասին: Որովհետեւ ո՜չ առանց իր քօղարկուած մասնակցութեան` ողջ յետխորհրդային տարածքում սկիզբ է առել հին ու նոր էլիտաների մի անհաշտ դիմակայութիւն, որը տանում է դէպի նոր հանգուցալուծում: Աւարտւում է 1990-ականների սկզբներին կոմկուսին փոխարինած խորհրդային ուժային կառոյցների ղեկավարների «յետխորհրդային եղբայրութեան» դարաշրջանը: Անցած տասնամեակներում հիմնականում բնական հարստութիւնների թալանով զբաղուած այդ կեղծ-պետականամէտներից սկսել են երես թեքել անգամ նրանց ժողովուրդները` «տարոսը» թողնելով ռուսներին:

Յետխորհրդային տարածքում սկիզբ առած յեղաբեկումները վկայում են նրանում կապիտալի նախնական կուտակման գործընթացի աւարտի մասին, ինչը ինքնակազմակերպման քաղաքական համակարգերի փոփոխութեան սուր պահանջ է առաջացրել: Կուտակուած դրամագլուխը չի կարող օրինականացուել` «յետխորհրդային եղբայրութեան» փտածութեան հենքի վրայ: Նրան անհրաժեշտ են համաշխարհային շուկայում օրինականութիւն ապահովող քաղաքական կառոյցներ: Ուստի, մեր աչքի առջեւ փլուզւում են ոչ միայն խորհրդային-կայսերական իտէալի, այլեւ` նրա յետխորհրդային կարօտախտի տնտեսաքաղաքական հիմքերը: Նման պայմաններում մեր երկրում դեռեւս դրանց կարօտով տառապողների հնացած հագուկապը օտարների գումակում Փարիզ մտած, բայց այնտեղ էլ սեփական ժողովրդի ծաղրուծանակին արժանացած` Պուրպոններին զարդարող փետուրներն է յիշեցնում: Ու թէեւ «յետյեղափոխական Հայաստանում» պոտենցիալ Պուրպոնների պակաս չկայ եւ անգամ` աւելցուկ է նկատւում, բայց ողջ խնդիրը նրանում է, որ կայսերական վրէժխնդրութեան խորհրդանիշի վերածուած 11-րդ Կարմիր բանակի գումակում տեղաւորուելու նրանց թաքուն երազանքն այլեւս առարկայական հիմքեր չունի:

Պատճառն ակնյայտ է. Ռուսաստանն` ինքը նոյնպէս կանգնած է նոյն պահանջմունքի` նորացման հրամայականի առջեւ, ուստի «փոքրիկ-չարաճճի» Հայաստանին պատժելը Մոսկուայի համար խնդրի լուծում չէ, այլ` նոր փակուղի: Երբ Ռուսաստանի արտաքին դիմադրողականութեան ամրապնդման ու երկրի ներսում առկայ համակարգի պահպանման առաջադրանքները սկսել են հեռանալ իրարից, նրա «խորքային պետութեան» համար ակնյայտ է դարձել, որ ռազմավարական լուծումը միակն է` որպէս քրիստոնեայ եւ ուղղափառ երկիր դառնալ Եւրոպայի շարունակութիւնն ու պատուարը` Նոր Բիւզանդիան, որը վաղ թէ ուշ անպայման լեզու կը գտնի իր սլաւոն եւ ուղղափառ հարեւանների հետ: Նման պայմաններում «փոքրիկ-չարաճճի» Հայաստանի կապանքների թուլացումն ու նրան համաքրիստոնէական ու համաեւրոպական ընդհանուր շահերի տարածաշրջանային սպասարկուի դերակատարութեան տրամադրումը վաղօրօք հաշուարկուած ու միանգամայն գիտակցուած քայլ է թւում:

Ամենեւին էլ չտառապելով «դաւադրութիւնների տեսութեամբ»` ոչ առանց հիմքի հակուած ենք պնդելու, որ ինչպէս ԽՍՀՄ-ի փլուզման դարաշրջանում, այնպէս էլ անցած մէկ տարուայ ընթացքում Հայաստանը վերածուել է Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններում Ռուսաստանի համար նախընտրելի քաղաքակրթական բնորդի (մոտելի) փորձարկման հարթակի: Ուստի, մեզանում ծաւալուող քաղաքական բեմականացումների մակերեւոյթին յայտնուած «սորոսեան տիպի» խայտաբղէտ դերակատարների առկայութիւնն ամենեւին էլ չի կարող քօղարկել այդ աւելի խորքային` քաղաքակրթական բնոյթ ունեցող գործընթացի սկզբնաւորումը, որի իրական նպատակները նոր են միայն բացայայտւում: Նրա բարեյաջող ընթացքն արդէն տեսանելի ապագայում մեծ շահաբաժիններ է խոստանում մեր երկրին, որն իր աւանդական` «քաղաքակրթական թթխմորի» դերը խաղալու պարագայում կարող է ընդմիշտ հրաժեշտ տալ դեռեւս 19-րդ դարում հայոց քաղաքական արեւելումների բարդ թնճուկի խորքում ձեւաւորուած եւ շուրջ մէկ հարիւրամեակ Հայկական հարցը փակուղի մտցրած Արեւմուտք-ռուսաստան անլուծելի հակադրութեանը (կոլիզիային):

Այլեւս անհնար է չնկատել 2018-ին Հայաստանում տեղի ունեցած իշխանափոխութեան խորքային կապը` շրջափուլերի (ցիկլերի) տեսքով դրսեւորուող` Ռուսաստանի արեւմտականացման պատմական անհրաժեշտութեան հասունացման նոր հանգրուանի հետ: Ուստի, Ռուսաստանի արժէքային կողմնորոշման գործընթացի սկզբնաւորման փաստը մեզ աստիճանաբար սկսել է ապահովել ոչ միայն մարտավարական զօրաշարժերի նոր հնարաւորութիւններով, այլեւ ընդհանուր շահերի նորացուած ընկալման վրայ հիմնուած` աշխարհայեացքային նոր մեկնակէտով: Քաղաքակրթական նոր տարածքում ուրուագծուող այդ ընդհանուր շահերն են միայն, որ մեզ թոյլ են տալիս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզում նորովի իմաստաւորել հայկական կողմնորոշման գաղափարը: Քանզի նման պայմաններում «Սառը պատերազմի» դարաշրջանին բնորոշ «կամ-կա՜մ»-ի պարտադրանքին մեր սեփական հակազդեցութիւնը` «ո՜չ Արեւելք, ո՜չ Արեւմուտք» բանաձեւը, շրջւում ու վերածւում է «ե՛ւ Արեւելք, ե՛ւ Արեւմուտք» սկզբունքի` շեշտակի կերպով ընդլանելով Հայաստանի արտաքին գործընկերների շրջանակը:

Պատճառն ակնյայտ է. ժամանակին հայկական կողմնորոշման գաղափարի առանցքում առկայ համայնքային-փակ կեցութեանը բնորոշ` պաշտպանական գործառոյթը պետականութեան առկայութեան պայմաններում արդէն իսկ փոխակերպուել է հայկական քաղաքակրթութեանն ի սկզբանէ բնորոշ` համադրական գործառոյթի: Ուստի սեփական հողի վրայ այդ համադրութեան ու սինթեզի իրականացման առաջադրանքը կարող է ներդաշնակօրէն տեղաւորուել այն նոր քաղաքակրթական տարածքում, որն ուրուագծւում է Ռուսաստանի արեւմտականացման պատմական անհրաժեշտութեան համաթեքստում: Դրանով պետականօրէն կազմակերպուած հայկական քաղաքակրթութիւնը ներդաշնակ երկխօսութեան հնարաւորութիւն է ստանում Միացեալ Նահանգներում` իր սարոյեանների ու արշիլկորքիների, Եւրոպայում` ազնաւուրների ու միշելլեկրանների, Ռուսաստանում` այվազովսկիների ու վախթանգովների ձեւաւորած մշակութային ընդհանուր հենքի վրայ: Բայց այդ ամէնը մեզ չի զրկում նաեւ Չինաստանի, իսլամական աշխարհի ու մանաւանդ` Իրանի հետ աւանդական կապերի խորացման հնարաւորութիւնից:

Ներկայումս կլոպալ մակարդակի վրայ աննկատ կերպով թափ հաւաքող` քաղաքակրթական նոր տարածքի ձեւաւորման անկասելի ընթացքը` մի կողմից եւ մեր հարեւան Թուրքիայի` քաղաքակրթութիւնների կամուրջի վերածուելու փորձերի ձախողման ակնյայտ իրողութիւնը` միւս կողմից, մեր առջեւ ուրուագծում են ոչ միայն Ղարաբաղի հարցի արդարացի լուծման, այլեւ դէպի Արարատ դիմաշրջուելու եւ Հայկական հարցը վերաբացելու յուսատու ուղիները:

———–

* Ընդունուել է տպագրութեան 1.06.2019:

(1).- Թումանեան Հ., Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 3., Եր., «ՀՍՍՌ ԳԱ հրատ» 1989, էջ 74:

(2).- Հիմնային սխալ– error fundamentalis – արտաքուստ` միանգամայն ճիշդ դատողութիւն, որը կառուցուած է սխալ հիմքի վրայ, ուստի վերջնաարդիւնքում անպայման վերածւում է սխալի:

(3).- Աւելի մանրամասն տե՜ս «Եւրասիականութեան մեր ընկալումը», «Վէմ» 2016, N 3 (55), էջ 3-8:

(4).- Աւելի մանրամասն տե՜ս «Եռաչափ գործընթացի վտանգաւոր յետագիծը», «Վէմ», 2018, N 2 (62), էջ 3-9:

 

Բովանդակութիւն «Վէմ»-ի

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ    

ՀԻՄՆԱՔԱՐԵՐ
Գէորգ Գ. Յակոբեան
ԴԵՄՈԿՐԱՏԻԱՅԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Որոշ հիմնախնդիրներ եւ դրանց հնարաւոր լուծումները

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Արարատ Մ. Յակոբեան
ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՔԹԸ
Ընդունման 100-ամեակի առթիւ       

ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Աստղիկ Վ. Սողոյեան
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԻ «ԱՂԱՍՈՒ ԽԱՂԸ» ՔՆԱՐԱՊԱՏՄՈՂԱԿԱՆ ՊՈԷՄԻ ԵՐԿԽՕՍԱՅԻՆ ԲՆՈՅԹԸ  

Սուրէն Դ. Դանիէլեան
ԴԷՊԻ «ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ» ՕՇԱԿԱՆ
Մատենագիտութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ     

ԼԵԶՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Վարդան Զ. Պետրոսեան
ՀՊԱԿԱՆ ԲԱՂԱՁԱՅՆՆԵՐԻ ՀՆԴԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ
Վարկածային վերականգնման փորձ  

Դաւիթ Ս. Գիւրջինեան
ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ԵՒ ՍՓՌՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Հայերէնի «արաբական երկրների հայ»  բառաիմաստային խումբը        

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Նանէ Ս. Մովսիսեան
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԻՄԱՍՏԱՒՈՐՄԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայոց ինքնութեան լուսաւորական յարացոյցում    

ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Արսէն Է. Յարութիւնեան
ՍԻՍԻԱՆԻ Ն. ԱԴՈՆՑԻ ԱՆՈՒԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳԻՐ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ   

ՄՇԱԿՈՅԹ
Արման Ա. Մակարեան
«ԹԱՏՐՈՆ. ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԱՆԿԱՆՑ» ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆՈՒՄ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՆԿԱՐՆԵՐԻ ԳԵՆԴԵՐԱՅԻՆ ՀԵՆՔԸ      

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
Էդիտա Գ. Գզոյեան
ՄԱՏԱԿԱՍԿԱՐՈՒՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ 1925-1926 ԹԹ. ԾՐԱԳԻՐԸ
Եւ հրէական հարցի լուծման 1940-ական թթ. «Մատակասկարեան նախագիծը».  համեմատական քննութիւն            

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Արտակ Ս. Սարգսեան
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԱՐՔԱՅ ԹՈՒԿՈՒԼԹԻ-ՆԻՆՈՒՐՏԱ I-ի (Ք.Ա.1243-1207 ԹԹ.) ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ ԿՈՒՏԻ, ՇՈՒԲԱՐԻ ԵՒ ՆԱՅԻՐԻ    

ԳԻՏԱԳՈՐԾՆԱԿԱՆ
Նարեկ Ա. Մկրտչեան
Գէորգ Ա. Ճաղարեան
ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԻ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Ազրպէյճանում 1980-ականների վերջերին- 1990-ականների սկզբներին տեղի ունեցած հայկական ջարդերին 

ԼՐԱՏՈՒ
Մարիետա Ա. Թելունց
ՀԱՄԱՏԵՂ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
«Միացեալ Հայաստանի անկախութեան 1919 թ. մայիսի 28-ի աքթը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» թեմայով      

ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրէն Ս. ԱբրահամեանՀենրիկ Էդոյեան, լոյսը ձախ կողմից       

ԱՐԽԻՒ
Ռուբեն Օ. Սահակեան
ԹՈՎՄԱՍ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊ ՅՈՒՇԵՐԸ
Ռազմական գործողութիւնները Կովկասեան ճակատում 1914 թ. յուլիսից մինչեւ 1916 թ.  ապրիլի 26-ը
Տետր 2: 1915 թ. յունուարի 1-ից մինչեւ 1915 թ. մայիսի 12-ը      

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
Նարինէ Մ. Նուշերուանեան
«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏՈՒՐՔԻ» ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԾԱԳՈՒՄԸ
Եւ նրա գործադրման փորձերը Առաջին Հանրապետութեան շրջանում        

 

 

 

Viewing all 13205 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>