Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Առանցքին Անսասանութիւնը Միակ Երաշխիքն Է Արցախի Տագնապին Արդար Լուծման

$
0
0

Ա. Ա.

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հարաւկովկասեան շրջապտոյտէն ետք, Արցախի տագնապին վերաբերեալ կեցուածքներու, ակնկալութիւններու եւ նախատեսութիւններու սակարանը դարձեալ բաւական ուշագրաւ աշխուժացում մը կ՛ապրի` ոչ անպայման բարենպաստ մթնոլորտի մը մէջ, որ ինքնին կը յուշէ Ազրպէյճանի ռազմաշունչ հռետորաբանութեան հիմքերուն հանգչած բոլորին ծանօթ տրամաբանութեան անժամանցելիութիւնը` Պաքուի իշխանութիւններուն համար:

Արցախի տագնապին լուծման վերաբերեալ Մատրիտեան սկզբունքներուն մերժումը` Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն կողմէ, ինչ կը վերաբերի «Հող` խաղաղութեան դիմաց» առաջարկին, համահայկական ընդհանուր քաղաքականութեան մը ծիրին մէջ կը գտնուի եւ ճիշդ է, որ այդպէս ալ ընկալուի: Ասոր դիմաց` վերջին օրերուն ազրպէյճանական որոշ կեցուածքներ եւ խուսանաւումներ առաւել կ՛իմաստաւորեն Ստեփանակերտի քաղաքական ուղեգիծին ճշգրտութիւնը:

Նախ` Աղտամի շրջանէն կատարուած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը վերյիշեցում մը եղաւ Պաքուի վարած քաղաքականութեան, որ այն պարագային, երբ հայկական կողմը խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով «ազրպէյճանական տարածքներէն» չքաշէ իր ուժերը, ապա Ազրպէյճան պատրաստ է որեւէ տարբերակի: Այսինքն` պատերազմի: Աղտամի շրջանէն Ալիեւի այս յայտարարութենէն երկու օր առաջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը այցելեց սահմանագիծ` Արցախի տագնապին նկատմամբ Երեւանի իշխանութիւններուն որոշակի քաղաքականութեան մը իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, որ` արցախցիներուն եւ Արցախի Հանրապետութեան ապահովութիւնն ու կայունութիւնը մնայուն ուշադրութեան առարկայ են Հայաստանի պետութեան համար: Եւ ասիկա` այնպիսի պահու մը, երբ յստակ է, որ Ազրպէյճանի նախագահը տակաւին չէ ըմբռնած, ինչպէս բնութագրեց Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը, որ Արցախի տագնապին նկատմամբ Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն կեցուածքներուն միջեւ շատ տարբերութիւն չկայ:

Յամենայն դէպս Ստեփանակերտի եւ Պաքուի կեցուածքներուն միջեւ յստակ տարբերութեան գործընթացին վրայ կատարուած լաւատեսական այն բոլոր յայտարարութիւնները ոչինչ կը նշանակեն, որովհետեւ խնդրին էութիւնը կը կայանայ այդ տարբերութեան շեշտադրմամբ` ապագայի զարգացումներուն կապուած մտահոգութիւններու եւ պատկերացումներու մէջ: Անոնց առաջինը Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրն է, որ հիմքն է տագնապին խաղաղ լուծման ուղիներու որոնման ճիգերուն: Որեւէ այլ հիմք չի կրնար տագնապին լուծման հոլովոյթը իր ճիշդ հունին մէջ դնել, հետեւաբար պիտի բախի համայն հայութեան մերժման: Երկրորդը կը վերաբերի Երեւան- Ստեփանակերտ-սփիւռք ամբողջական համակարգման, որ կրնայ ապահովել Արցախի տագնապին բարւոք լուծում մը գտնելու ճիգերուն արդիւնաւէտութիւնը, եթէ ազգային միասնականութիւնը չխարխլի:

Այս երկու ծիրերը չափազանց կարեւոր են, որպէսզի միջազգային միջնորդութիւնը հակակշիռի տակ պահուի, որովհետեւ գաղտնիք մը չէ, որ Արցախի տագնապին լուծման միտող փորձերը կ՛առաջնորդուին ոչ թէ արդար իրաւունքի ապահովման մօտեցումներով, այլ` տնտեսաքաղաքական հաշիւներով, ծրագրերով եւ շահերով, ուր նաեւ գաղտնիք մը չեն Ազրպէյճանի առաւելները:

Անկախ քաղաքականութենէն` նաեւ հաշուի պէտք է առնուի վերջերս Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող «լաւ մարդ» երեւելու մարտավարութիւնը, որուն մէկ արտայայտութիւնն է «բոլոր գերիները բոլոր գերիներուն դիմաց» փոխանակելու Պաքուի իշխանութիւններուն քարոզչութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` միջազգային միջնորդներուն եւ ընտանիքին աչքին փոշի ցանելու փորձ մը, որ` Ազրպէյճան պատրաստ է փոխանակման, բայց գնդակը հայկական կողմի դաշտին մէջ կը գտնուի:

Հոս պէտք է արձանագրել կարեւոր կէտ մը, որ կը վերաբերի Հայաստան-Արցախ միացեալ ուղեգիծին: Թէ՛ Երեւան եւ թէ՛ Ստեփանակերտ յստակացուցին, որ ոչ մէկ պարագայի պատերազմական ոճիրներ գործած ոճրագործը կարելի է համեմատութեան մէջ դնել սովորական քաղաքացիի հետ` անոնց միջեւ փոխանակում մը առաջարկելով: Հայկական կողմին մօտ գտնուող երեք ազրպէյճանցիները` Շահպազ Կուլիեւը, Տիլհամ Ասկերովը եւ էլնուր Հիւսէյնզատէն, հետախուզական նպատակներով սահմանը հատած, ոճիրներ գործած, լրտեսութիւն կատարած զինուորներ են: Երեքին յանցանքները ապացուցուած են: Իսկ երեք հայորդիները` Արսէն Բաղդասարեանը, Կարէն Ղազարեանը եւ Զաւէն Կարապետեանը կը գտնուին թափանցման եւ պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելու ազրպէյճանական մեղադրանքներու տակ, որոնք կտրականապէս կը հերքուին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ:

Նման բաւական բարդ կացութեան մը մէջ առաւել զգօնութեան եւ խոհեմութեան կարիքը կայ, ուրեմն, մանաւանդ անոնց համար, որոնք խաղաղասիրական կեղծ օրակարգի մը խաբկանքը ապրելով` կը փորձեն ներկայացնել Ազրպէյճանը իբրեւ խաղաղութեան կողմնակից մը: Ասիկա ունի իր անկանխատեսելի ծանր հետեւանքները, որոնք ի յայտ գալէ առաջ իսկ պէտք է վնասազերծուին:

 

 


Գրողի Անկիւն. Հայը` Մեզի Ծանօթն Ու Անծանօթը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէնէն ետք սեղան բերուեցաւ օրուան հաւաքը իմաստաւորողը` եօթը փոքր, գունաւոր եւ վառուած մոմերով զարդարուած տարեդարձի կարկանդակը: Ապա օրուան «մեծարեալ»-ին` Հայկին, որուն համար այս երեկոյ ընտանեօք ուրախ եւ աղմկոտ սեղանին մը շուրջ հաւաքուած էինք, թելադրուեցաւ պապիկին` մօտս գալ, որպէսզի գիրկս նստի ու թոռնիկ ու պապիկ թէ՛ մոմերը մարէինք եւ թէ՛ միասին ալ նկարուէինք:

Հայկ հնազանդեցաւ: Արագ մը եւ մեծ ժպիտով եկաւ ու գիրկս տեղաւորուեցաւ: Ինք` ի՜նչ ուրախութիւն: Ես ալ` ի՜նչ հպարտութիւն: Եւ ահա երկուքով մեր վիզերը առաջ երկարեցինք դէպի այդ «օրհնեալ» կարկանդակը, որպէսզի մոմերը միասին փչելով` մարէինք: Ու հարազատներուն խառնիճաղանճ ու անկանոն «մէկ-երկու» համրանքին ու տարեդարձի յատուկ բարձրաձայն ու աղմկոտ երգին հետ սկսանք փչել: Ե՞ս, փչե՞լ… Ի՜նչ փչել: Վրաս գրէ՛: Բերնովս փչոցի ձայներ հանեցի, իսկ իր կողմէ քանի մը ձախող փչոցներէ ետք, վերջապէս մոմերը մարեցան: Եւ ահա դարձեալ` պոռչտուք, ծափեր, ապրիսներ: Սենեակին մէջ կրկին անգամ ամէն պահ խրախճանք դարձաւ: Մթնոլորտը իսկապէս լեցուն էր նոր կեանքով: Ապա գրպանէս նուէր պահարանս կամաց մը հանելով` Հայկին յանձնեցի եւ բարձրաձայն ըսի.

– Հա՛յկ, աղուո՛ր տղաս, «ինշալլահ» մեծնա՛ս եւ բարի հայ մանչուկ մը դառնա՛ս…

Մեծ հօր յատուկ բարի մաղթանք մըն էր կատարածս: Անմեղ եւ հարազատ, բայց կիսատ մնաց: Հայկը իր անունը լսելով` շուտով ինծի դարձած էր եւ արագ մը «յափշտակած»` պահարանս ու զարմանքով «ուաթ», ի՞նչ մը ըսելով:

Անդրադարձայ: Յայտնի էր, որ խեղճը իմ խօսքերէս բան մըն ալ չէր հասկցած: Յստակ էր նաեւ, որ տակաւին հայերէնը այդ պահուն բացակայ եւ հեռու էր իր լեզուէն ու ականջներէն: Ուստի փորձեցի այս անգամ մաղթանքս անգլերէնով ըսել:

– «Եո՛ւ, արմենիէն պո՛յ, այ հո՛փ», դո՛ւն, հայ տղեկ, յուսամ…

Այսքան: Մեղայ: Խօսքս «բերանս» ձգեց: Հազիւ այսքանը ըսած էի, ի՞նչ տեսնեմ, մեր տղան արագ մը գիրկէս վար «թռաւ», վերէն վար զիս չափեց, տուած պահարանս ինծի նետեց, դէմքը ճմռթկեց ու յուզմունքով լեցուած աչքերով մօրը գիրկը վազեց` լալագին պոռալով.

– Այ ամ նաթ արմենիէն, այ ամ Հայկ, ես արմենինիէն չեմ, ես Հայկ եմ…

Ամէն ինչ բացայայտուեցաւ: Մեր հերոսը չէր հասկցած մաղթանքին բուն իմաստը: Թերեւս ալ իրաւունք ունէր: Իր մօտ «արմենիէն»-ի եւ Հայկի միջեւ յստակ շփոթ մը ըլլալու էր: Թերեւս ալ  իրեն համար ամօթ մըն էր «արմենիէն» կոչուիլը: Ինք իր անունը շատ կը սիրէր: Ինք իր Հայկ ըլլալը միայն գիտէր: Իր հարազատ անունն էր: Հակառակ անոր որ Արարատ, եռագոյն դրօշ շատ անգամ միասին գծած, ներկած ու խօսած էինք եւ հակառակ անոր որ ամէն անգամ Երեւանէն, հայկականութիւն կամ Հայաստան բնորոշող գլխարկ-շապիկ եւ հայկական  զանազան յուշանուէրներ իրեն համար բերած էինք, սակայն այնպէս կ՛երեւէր, որ ըսած բառերուս մասին այս տղուն մտքին մէջ սխալ տպաւորութիւն մը բոյն շինած էր: Երեւոյթ մը, որուն երբեք չէինք անդրադարձած: Ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը: Մեղաւոր էի: Նոյնիսկ ինծի հետ այս մեղքին մեղսակից էին նաեւ իր ծնողները, դպրոցը, ընկերները, քաղաքը, մթնոլորտը: Բայց հիմա ատոր ատենը չէր:

Անմիջապէս տան մթնոլորտը փոխուեցաւ: Ահա քեզի` «բարի տարեդարձ»: Ես էի զայն այրողն ու մոխրացնողը: Վայրկեանին բոլորին աչքերը վրաս կեդրոնացան: Տնեցիք կարծես խօսքերնին մէկ ըրած` յանցաւորը կը փնտռէին: Եւ գտած էին: Զիս: Ու անկէ ետք, մինչեւ մեր պզտիկ պարոնին համոզուիլը, հանդարտիլը, տարեդարձի սեղանին «համը» փախած էր արդէն:

***

Իսկ հիմա, արդէն ամիսներ անցած են ինծի համար այդ ապշեցուցիչ դէպքէն: Ու ամէն անգամ երբ յիշեմ, մտքիս մէջ կը գծագրուի կորսուածի մը կանչը: Այդ ի՜նչ վիճակ էր: Աստուա՜ծ իմ: Ի՜նչ իրականութիւն: Վայրկեանին կը զգամ, որ դարձեալ հայու հոգիս պայքարի մէջ մտած է: Ամէն ինչ գլխուս մէջ խառնակ է: Խոր ցնցում մը ներսս է արդէն: Ո՞ւր մնացին բաղձանքներս, երազներս եւ յոյզերս: Դարձեալ ես ինծի հարց կու տամ անմեղօրէն: Ամէն բան խառնուած է: Գլուխս քանի մը անգամ աջ-ձախ կը շարժեմ: Ես զիս կ՛ուզեմ համոզել:

– Վա՜յ, խե՛ղճ Հայկս… վա՜յ…- կ՛ըսեմ ու կը կրկնեմ մտովի: Ցաւը կարծես մէջս լալու սկսած է,  որովհետեւ ինքնածին տառապանք մը սկսած է կրծել բոլոր մտածումներս, ու այս շուարած վիճակիս մէջ ես զիս կը հարցուփորձեմ:

– Ի՞նչ էր այս պատահածը: Ո՞վ էր սա «արմենիէնը» եւ ո՞վ` սա Հայկը: Ո՞վ ենք մենք: Ո՞վ է հայը: Ո՞ւրկէ կու գանք եւ այս օրերուն, ո՞ւր կ՛երթանք: Անկասկած, որ դուրսը, սփիւռքներու տարածքին, Հայկին նման հազարաւոր երեխաներ կան հայ տուներու, դպրոցներու, կեդրոններու մէջ: Մենք մեզ չխաբենք: Հայկս բացառութիւն մը չէր եւ չէ: Բնա՛ւ:

Բայց… այս մէկը արդարացում մըն ալ չէ:

Մէյ մը աշխարհի քարտէսը զննեցէ՛ք: Այս օրերուն ո՞ւր հայ չէք տեսներ: Հայուն ամբողջ աշխարհը ծանօթ է, վկա՛յ Ազնաւուրն ու իր յուղարկաւորութեան պետական արարողութիւնը:

Հայը ո՞ւր չէ որ: Կամայ թէ ակամայ, ան ուր որ ալ երթայ, հոն իր տունը կը շինէ: Հո՛ս երկրորդ հայրենիքս է կ՛ըսէ ու բնակարան, եկեղեցի, ակումբ, կեդրոն, մամուլ, դպրոց կը հիմնէ: Գաղութ կը կազմէ: Այս բոլորը, որպէսզի ինքզինք եւ իրեն յաջորդող սերունդը ապահով պահէ: Ու իր ուրախ եւ տխուր պահերուն միշտ իր հայրենիքը կը յիշէ, անոր կենացը կը խմէ: Կը յուզուի: Կ՛երգէ: Կը պարէ… Այսպէս իր պապենական հողէն հեռու, կը փորձէ… ինքզինք իր գիտցած ձեւով հայ պահել: Իսկ յետոյ, տարիներ ետք, դարձեալ զանազան պայմաններու բերումով, կը ծրագրէ մեկնիլ, հեռանալ իր «բոյնէն» եւ կ՛որոշէ տեղաւորուիլ նոր եւ բոլորովին այլ օտար երկինքի մը տակ` առանց մտածելու, որ պէտք է մեկնի ու հաստատուի այն հողին վրայ, որուն հայրենիք անունը կու տանք: Մէկ խօսքով` Հայաստան:

Ու այսպէս, հայուն համար ժամանակի սլաքները կը դառնան աղմուկով եւ նոյնքան ալ անաղմուկ: Եւ տակաւին պիտի շարունակուին դառնալ: Ուզենք կամ չուզենք: Ամէն տեղ կը փորձենք «նաւարկել» աշխարհի բազմազան հոսանքներու դէմ յանուն հայապահպանման:

Սփիւռքը ցուրտ է` կ՛ըսեմ: Խաբուսիկ է: Ահա՛ քեզի` մեր սփիւռքը: Ահա՛ հայ կեանք: Ահա նաեւ` ճակատագիր եւ հայոց պատմութիւն:

Արդեօ՞ք այս բոլորէն ետք մենք գիտենք, թէ մենք ո՛վ ենք: Դարձած ենք ցիր ու ցան: Կարծես վարժուած ենք այսպէս ապրելու: Ամէն տեղ ուրիշը ընդօրինակած ենք: Կարծես մեր մտքի բանալին կորսնցուցած կ՛ապրինք յաճախ: Հետզհետէ սկսած ենք մաշիլ: Սա մենք ենք եւ մենք չենք: Իբրեւ անբնական կացութեան հետեւանք` սփիւռքեան ճակատագրին մէջ ինկած ենք: Միշտ ըսած ու կրկնած եմ, որ փոխուած են ժամանակները, փոխուած են պայմանները, բայց ազգովին չենք անդրադառնար, որ ամէնէն առաջ մենք փոխուած ենք: Կիսամիջոցներով կը գոհանանք: Յաճախ եւ, ինչո՞ւ չէ, ընդհանրապէս:

Մռայլ եւ ամեհի դար մըն է, որ կ՛ապրինք: Հետաքրքրական եւ նոյնքան ալ` սարսափազդու: Ամէն առիթով բեմերէն եւ մեր մամուլի սիւնակներէն ահազանգ կը հնչեցնենք: Զաւակները կորսնցուցած մօր մը նման` յաճախ կը պոռանք, որ եթէ զգացումը չկայ, ուրեմն ոչինչ կայ:

Չի բաւեր միայն յիշել, որ հայրենի հող ունինք: Պայման է, որ ըմբռնենք եւ միաժամանակ գործադրենք, որ հայ զանգուածները կապելու բանալին մայրենի լեզուի պահպանումն է` հայու հոգիի կշռոյթին հետ միատեղ:

Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք: Բայց ո՞վ է լսողը: Ո՞վ է գործադրողը: Անոր համար մտահոգ ալ ենք: Մեզմէ շատեր հաւանաբար իրենց քունն ալ կորսնցուցած են: Որքան խորունկ, այնքան շօշափելի կերպով կը զգանք ամէն բան: Գիտենք, որ հայը չունի Արեւելքի միւս ժողովուրդներուն նման ազգային եւ կրօնական մոլեռանդութիւն: Ուրեմն…

Երկար տարիներ լաւատես եղած եմ ու այդպիսին ալ կը մնամ: Գիտեմ, որ բացառիկները կ՛ուրախացնեն ազգը: Բայց ինչպէ՞ս ընել, ինչպէ՞ս հոսանքին առաջքը առնել:

Շատեր շատ «բաներ» ամէն օր կը թելադրեն: Տեսակաւոր ու դրական դեղատոմսեր կ՛առաջարկեն… Մտահոգ միտքերը միշտ կը կրկնեն, որ պայման է շարժման մէջ դնել մեր բոլոր հնարքները: Դուրս հանել մեր մէջ բոյն դրած օտարամոլութիւնը: Վերագնահատութեան ենթարկել մեր կեանքը: Հաղորդուիլ ժառանգուած անցեալին: Նոր սերունդին ներքին աչքն ու ականջը բանալ: Բացատրել, որ աշխարհի վրայ ոչ ոք ունի կամ ունեցած է հայու հոգիին բարձրութիւնը, անոր մշակումը, զարդարումը: Շեշտել, որ հայուն երգը շարական եղած է: Զուսպ ու ոգեկան, եւ իր ձայնը` միշտ երկինք բարձրացուցած: Դարերով դիմացած է ճակատագրի ամէն տեսակի թունաւոր եւ ահարկու փոթորիկներուն: Ամէն անակնկալի ներքին ձայն մը զինք կեանքի կանչած է: Իր երգերը նուիրած է իր կեանքին, իր հողին, իր բանակին, իր բերքին, իր արեւուն, իր Արարատին, իր փողոցին եւ իր վարդագոյն մայրաքաղաքին: Ստեղծագործ իր միտքն է, որ զինք պահած է արթուն եւ զգօն: Յայտնի եւ անանուն ցաւեր շալկած, հոգեկան տառապանք հագած` միշտ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ փոխանցած է սէր, գուրգուրանք յարգանք` հանդէպ ազգային իր արժէքներուն:

Իսկ հիմա… Հայկս եւ իր նմանները պարզապէս անմեղ զոհերն են ժամանակին, մեր իսկ անհոգութեան, ինքնախաբէութեան եւ անշուշտ` շրջապատի պայմաններուն:

Բայց կը հաւատամ, որ մեր ինքնաճանաչումով,  մեր ինքնաքննադատութեամբ եւ ազգային մեր գիտակցութեամբ, իւրաքանչիւրս` մեր տուներէն սկսած, մեր մայրենի լեզուի ու հայու ոգիին ներշնչման հետ միատեղ, օր մը անպայման հայու հոգիի պայծառ արեւ մը ունենալու երջանկութիւնը պիտի ունենանք: Օր մը` անպայմա՛ն:

Եւ եթէ կամքը կայ, ուստի ի զուր չեն ջանքերը:

 

 

 

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Բեւեռացման Ընտրութիւնները

$
0
0

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը` դեմոկրատական, իսկ ծերակոյտը` հանրապետական: Երբ երկրի մը քաղաքական ամբողջ կառոյցը հիմնուած է երկկուսակցական դրութեան վրայ, դժբախտաբար ակնկալութիւնը, արդիւնքն ու ապագան կախեալ պիտի ըլլան այդ երկու հատուածներէն` կարմի՛ր թէ կապոյտ, կամ` գունաւորման աշխարհէն մուտք գործելով պայմաններուն հետ համեմատաբար համընկնող անտառի քաղաքականութիւն` փիղ թէ աւանակ:

Նոյեմբեր 6-ին պատահածը յիսուն նահանգներու մէջ քաղաքական կարմիր եւ կապոյտ գոյներով օժտուած քարտէսը երկու տարի ետ տարաւ, մինչեւ 2016:

Մտածելու, վերլուծելու, դատելու եւ ըստ այնմ շարք բռնելու եւ քուէարկելու այդ գործելաձեւը ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կամ խոր իմաստ ունի թէ՛ քուէարկողին եւ թէ՛ քուէարկուողին վրայ:

Պարզապէս բեւեռացումն է, որ հետզհետէ արմատախիլ կ՛ընէ ողջմտութիւնը, ազատութիւնը, արդարութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը:

Դեռ շատ մելան կարելի է հոսեցնել, շարունակ էջե՜ր ու էջեր մրոտել այս միջանկեալ ընտրութիւններուն մասին: Մատնանշումներ եւ հաստատումներ տեղին է կատարել` ստեղծուած իրավիճակը յաւելեալ թափանցիկութեամբ ներկայացնելու համար:

Առաջին հերթին, պէտք է անպայման նշել, որ սպասուած կապոյտ ցունամին տեղի չունեցաւ: Այսինքն դեմոկրատները չկրցան հնձել բազմաթիւ կարմիր տարածաշրջաններէ ակնկալուած քուէները:

Արձանագրուած քանի մը անակնկալներէ անկախ` կարմիրը մնաց հաստատ կարմիր, կապոյտն ալ` լազուարթ կապոյտ:

Հարաւային նահանգներն էին, որոնք դարձան բուռն կռուախնձոր, յատկապէս` հանրապետականներու սիրտը նկատուող Թեքսասի մէջ, ուր կը սպասուէր, որ դեմոկրատներու ապագայ խոստացող երիտասարդներէն Պեթօ Օ՛Ռուրք, որ կը կրէ «սպիտակամորթ Օպամա» ծածկանունը, կարենար յաղթական դուրս գալ: Սակայն ասիկա չպատահեցաւ, եւ երիտասարդ դեմոկրատականը չկրցաւ ինքզինք պարտադրել ու երկու առ հարիւր քուէներու տարբերութեամբ տեղի տուաւ:

Միւս կողմէ, սակայն, յիշատակելի են իգական սեռի թեկնածուներուն, որոնք մեծամասնութեամբ առաջադրուած էին դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ, արձանագրած յաջողութիւնները: Յիշատակելի եւ պատմական իրադարձութիւն մըն է նաեւ, որ Միշիկընէն երկու իսլամ եւ միեւնոյն ժամանակ իգական սեռի ներկայացուցիչներ առաջին անգամ ըլլալով մուտք գործեցին Ներկայացուցիչներու տուն:

Զարմանալիօրէն նախագահ Թրամփ այս արդիւնքները շռնդալից յաղթանակ նկատեց… Նմանօրինակ  արտայայտութիւններով ալ ան կատարեց իր յետընտրական մամլոյ ասուլիսն ու հարցազրոյցը, որուն ընթացքին գերյարձակունակ ոճով պատասխանեց լրագրողներուն` աւելի եւս ջղագրգռելով եւ ելեկտրականացնելով մթնոլորտը:

Նենսի Փելոսի շատ հաւանաբար վերստին Ներկայացուցիչներու տունի խօսնակի պաշտօնը ստանձնելով` մինչեւ ո՞ւր պիտի տանի Թրամփի դէմ պայքարը, սկսելով վերջինիս տուրքերու գաղտնի թղթածրարի բացայայտումէն մինչեւ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ դերակատարութիւնը:

Իսկ Սպիտակ տունին մէջ, ըստ երեւոյթին, գործէ արձակուելու ալիքը պիտի շարունակուի` այն փոքր հաւանականութեամբ սակայն, որ անոր վարձակալն ալ գործէ արձակուելու երկմտանքն ու արհաւիրքը ապրի:

Շարունակուողը պայքարը չէ, այլ յանկերգը` մերթ կարմիր եւ մերթ կապոյտ երանգներով:

 

Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնի «Հարսանիք Թիկունքում» Ներկայացումը Գօտեպնդեց Լիբանանահայ Թատերասէր Հասարակութեան Ազգային Ոգին

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Մե՛նք … – Մենք` բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան`
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՛,
Մենք` դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
Մենք` սիրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք միտքի.
Մենք` մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ
Եւ անխախտ կամքի անյա՛ղթ Արարատ… »:

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Տարագրուած հայու բեկորները աշխարհով սփռուած Հայաստանէն հեռու, բայց իր առօրեան Հայաստան դարձուցած սփիւռքը միշտ իր մտահոգութեան կիզակէտը եւ ուշադրութեան առանցքը դարձուցած է հայրենիքը: Հայաստանը լոկ անուն չէ եղած սփիւռքահայերու շուրթերուն, այլ ապրուած իրականութիւն է բառին վաւերական իմաստով: Մեր նախնիները Արեւմտեան Հայաստանի եւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մարդկային այդ ահաւոր արհաւիրքը` Ցեղասպանութիւնը ապրեցան եւ իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը զոհաբերեցին յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի, որպէսզի մենք գոյատեւենք: Տէր  Զօրի անապատներուն մէջ հայ մայրը իր զաւակին Այբուբեն սորվեցուց` քաջ գիտնալով, որ ինք եթէ չգոյատեւէ, իր զաւակները պիտի վերակենդանանան այդ մոխիրներէն:

Հայուն ճակատագիրը միշտ ալ հեզասահ ընթացք չէ ունեցած: Սփիւռքի մէջ հայը գոյատեւման պայքար մղած է իր ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը պահելու եւ մեր ազգի երեք գանձերուն` դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ ընտանիքին վրայ գուրգուրացած է, որպէսզի սերունդներ հասակ առնեն հայեցի մթնոլորտի մէջ: Հայաստանի մէջ ալ հայը ապրած է ճգնաժամային պահեր` դիմագրաւելով տարբեր տեսակի դժուարութիւններ: Ցեղասպանութենէն ետք, երբ հայու բեկորներ վերադարձան հայրենիք, կեանքի ի՜նչ մարտահրաւէրներ ապրեցան: 1918-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ ազատ ապրելու յոյս ներարկեց պայքարող հայ ժողովուրդին, երկար չտեւեց: Սակայն, հակառակ հայրենիքին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն, Հայաստանի պատգամը նոյնը կը մնայ` սիրել հայրենիքը, անոր շահերը գերադասել անհատական շահերէ եւ գիտնալ անոր արժէքը, այդ հողը, որ ի գին մեր զինուորներու եւ ժողովուրդի արեան պահուած է դարերէ ի վեր:

Ի՜նչ խորախորհուրդ զգացումով պարուրուեցաւ լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան էութիւնը, երբ պատեհ առիթը ընձեռուեցաւ դիտելու Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան հրաւէրով` Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական թատրոնի «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումը, որ իր տեսակին մէջ եզակի եւ խորիմաստ պատգամներ ուղղեց հանդիսատեսներուն: Նիւթին մասին արդէն մամուլով անդրադարձ կատարուեցաւ: Սակայն պէտք է մատնանշել, որ անիկա դիտելու վայելք ընձեռելէ բացի, հոգեկան զօրաշարժի ենթարկեց բազմահարիւր հանդիսատեսներու հոգիները: Բեմայարդարումը կ՛արտացոլացնէր այն մթնոլորտը, ուր պիտի ընդգրկուէր հանդիսատեսը վաստակաւոր արուեստագէտներու խաղարկութեան ընդմէջէն: Ներկայացումը իր հարազատութեամբ եւ այժմէականութեամբ թատրոնով ծարաւ եւ ազգային ոգիով թրծուած թատերասէր հասարակութիւնը փոխադրեց Հայաստանի աւանդական ընտանեկան մթնոլորտ, հերոսական Արցախի քառօրեայ պատերազմի ժամանակաշրջան: Հանդիսատեսները պահ մը իրենք զիրենք զգացին Հայաստանի մէջ` չկարենալով զսպել այն յորդառատ արցունքները, որոնք հոսեցան իւրաքանչիւրին աչքերէն: Թատրոնին հերոս` Արմէնին մեծ մօր դերով Կորանը (Սուսաննա Պաղտասարեան), որ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ է, կտրուկ կերպով մերժեց եւ աղբամանին մէջ թափեց իր աղջկան Մոսկուայէն բերած դեղը, որովհետեւ ան նախքան այդ դեղը բերելը հարցուցած էր իր թուրք դրացիին եւ անոր ցուցմունքով գնած էր զայն: Ինչպիսի՛ զգացում եւ կեցուածք պէտք էր որդեգրէր Կորանը, երբ իր երիտասարդ տղան` Գագիկը 1990-ի արցախեան կռիւներուն իր մատաղ կեանքը զոհաբերած էր հայրենիքը թշնամիներէն ազատագրելու նուիրական բագինին: Կորանը չէր սխալած իր զաւակները ազգային ոգիով դաստիարակելու իր նուիրական առաքելութեան մէջ, երբեմն յանդիմանելով եւ զգաստութեան հրաւիրելով զանոնք, որ հայրենի հողը սուրբ է, իսկ մեր նահատակներու արիւնը` թանկագին: Պէտք չէ անհեթեթ պատճառներով մեր նահատակներուն արիւնը պղծել` բարեկամութիւններ հաստատելով թշնամի ցեղի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ արտագաղթել հայրենիքէն հեռու` օտար ափերուն վրայ ապրուստի եւ կեանքի լաւ պայմաններ փնտռելով: Կորանը նաեւ չբացառեց, որ իրեն հետ ապրող դուստրը եւ փեսան աւելի կը սիրէ, քան արտասահման ապրող փեսան եւ աղջիկը, որովհետեւ Երեւան ապրող իր աղջիկը ընտանիքին հետ Գիւմրի եկան, որպէսզի իրենց մօր սուգի ցաւը մեղմացնեն: Ահա մարդկային զգացումի եւ ընտանեկան առողջ դաստիարակութեան լաւագոյն դրսեւորում մը:

Վերադառնալով Արմէնին (Տարօն Գրիգորեան) հարսանեկան խրախճանքին ընդհատման պատճառին, որ քառօրեայ պատերազմն էր, տեսանք մարդկային իսկական հոգեվիճակներ եւ մտածելակերպեր` ընտանիքի կարգ մը անդամներու կողմէ հարսանեկան խրախճանքը շարունակելու առումով, նաեւ Արմէնին յախուռն կեցուածքն ու որոշումը, երբ հարսանիքը կէս ձգեց եւ գնաց Արցախ ռազմաճակատ` կռուելու համար մեր ֆետայի զինուորներու կողքին, հայրենի հողը պաշտպանելու օտար սադրիչ ուժերէն եւ թշնամիներէն: Օրինակելի արարքով մը իր ընկերը` Արամը (Արսէն Սաղաթելեան),  իր աները` Ռազմիկը (Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս Յովհաննիսեան) եւ վերջերս երկար փնտռտուքէ ետք գտնուած իր նահատակ քեռիին զաւակը` Նարեկը (Գէորգ Գրիգորեան) մեկնեցան ռազմաճակատ` կռուելու թշնամիին դէմ: Բայց ափսոսանք ապրեցանք, երբ լսեցինք նոյնինքն Արմէնին աներոջ այն արտայայտութիւնը, որ մեր զինուորները զէնք չունին կռուելու համար: Քառօրեայ պատերազմը լաւ աւարտ չունեցաւ: Ազրպէյճանցիներուն յարձակման եւ ներխուժման դէմ դնելու համար քանի մը հարիւր հայ նահատակներ ինկան մարտադաշտին մէջ: Արմէնը վերադարձաւ պատերազմէն, բայց իր դէմքին վրայ շատ մեծ թախիծ կար. Իր մանկութենէն մինչեւ հասուն տարիքը իրեն ընկերակցած մտերիմ ընկերը զոհուած էր: Բայց ան յուզումնախառն խնդրեց իր կնոջմէն իր քողը վերստին դնել իր գլխուն եւ իր իսկ զինակից զինուորներուն անունով յորդորեց պարել, որովհետեւ կեանքը կը շարունակուի եւ պէտք է ապրիլ:

Հայ կնոջ կերպարին առումով բացի Կորանէն, նաեւ գնահատանքի արժանի է Արմէնին դրացին` Սանամը (Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակի դափնեկիր Անահիտ Յարութիւնեան), որ մարդկային արժէքներու եւ հայ կնոջ առաքինութիւններու լաւագոյն օրինակն էր իր բարութեամբ, հեզութեամբ, մարդասիրութեամբ, անկեղծութեամբ եւ դրացիին օգնութեան փութալու իր պատրաստակամութեամբ: Ափսոս, որ իր հոգին ալ ալեկոծուեցաւ, որովհետեւ ռազմաճակատ մեկնած իր զաւակը վերադարձաւ իբրեւ դափնեկիր նահատակ ու անշնչացած մարմին:

Դաստիարակիչ այլ պատկեր մը կայ թատրոնին մէջ, երբ Արմէնին հայրը` Աշոտը եւ մօրաքրոջ ամուսինը` Սամուէլը (Արկադի Ղարագուլեան) ազգային բանավէճ ունեցան: Աշոտը չհամոզուեցաւ իր քենեկալին` Սամուէլին Հայաստանէն արտագաղթելու բոլոր հաստատումներուն ու դրդապատճառներուն, ներկայացնելով զինք իբրեւ ազգային ոգիէ պարպուած անարժէք անձ:

Հայ պայքարող կնոջ կերպարին մարմնաւորումը կատարեցին բոլոր դերասանուհիները` Կորանը, Սանամը, Անին, Լալան, Լուսինէն, Անժելան, Ռուզանը:

«Հարսանիք թիկունքում» իրական կեանքէ առնուած գիւմրեցի նահապետական ընտանիքի մը պատմութիւնն էր, որ ազգային պատգամ փոխանցելու կողքին կը հրաւիրէ հանդիսատեսները հայ օճախները չխաթարելու այլասերիչ եւ ազգակործան երեւոյթներով, պատրաստակամ ըլլալու Հայաստանին սպառնացող որեւէ վտանգի  նոյնիսկ մեր կեանքին գնով, ամուր կառչելու հայրենի հողին եւ Հայաստանը գերադասելու ամէն բանէ վեր` քաջ գիտնալով եւ մէջբերելով բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի խօսքը, «Մենք` բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրայ, ժայռի պէս հաստատ…» պէտք է մնանք, ինչ որ մեր նախնիները ապրած են այս համոզումով եւ հաւատքով:

Կը մնայ շնորհաւորել Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան դաստիարակիչ մտայղացումը Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական թատրոնը Լիբանանի մէջ հիւրախաղերու հրաւիրելու, յատկապէս նկատի ունենալով «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումը, որ հոգեկան վերազարթօնք մը ստեղծեց լիբանանահայ թատերասէր հանրութեան մօտ:

Արժանի յարգանք եւ գնահատանք Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական թատրոնի բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեանին, արհեստավարժ դերասաններուն եւ քուլիսներու ետին բոլոր աշխատողներուն, որոնք 35-րդ անգամ ըլլալով «Հարսանիք թիկունքում»-ը բեմ բարձրացուցին` գոհացնելով արուեստասէր հասարակութեան պապակ հոգիները:

Բոլորին վարձքը կատար:

 

 

Կուսակցութիւններ Եւ Գիւղացիներ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ, 1918-1920

$
0
0

1918-1920 թուականներու Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան պատմագրութիւնը լայնօրէն զբաղած է պետականութեան կերտումի հարցերով, անոր` մեծ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններով եւ դրացի երկիրներու հետ տարածքային վէճերով: Այս խնդիրներուն կարեւորութիւնը պէտք չէ ստորագնահատել, քանի որ անոնք մաս կը կազմեն մեր ըմբռնումներուն,  Հարաւային Կովկասի (Անդրկովկաս) ազգային պետութիւններու ծագումին, ցարդ շարունակուող աշխարհաքաղաքական վէճերու արմատներուն եւ 1917-ի ռուսական յեղափոխութիւններու շրջանային ազդեցութեան վերաբերեալ: Այսուհանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ ժառանգեց անմիջական ուշադրութեան պէտք ունեցող ներքին սուր տագնապ մը` հողային հարցը, որ ցարդ յարաբերական անտեսումի ենթարկուած է: Սակայն այս տագնապին հանդէպ 1918-1920-ին գործող զանազան քաղաքական խմբաւորումներուն մօտեցումները արժէքաւոր լոյս կը սփռեն անոնց գաղափարական միտումներուն վրայ: Խնդրին կարեւորութիւնը կը մեծնայ, երբ հաշուի առնուի, որ այդ ժամանակ գիւղացիները Արեւելեան Հայաստանի բնակչութեան մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը կը կազմէին:

Այս դասախօսութեան ընթացքին տոքթ. Արա Սանճեանը նկարագրեց Անդրկովկասի մէջ հողային յարաբերութիւններու բարեկարգումի մասին քննարկումները` փետրուար 1917-էն մինչեւ մայիս 1918, ինչպէս եւ անոնց յաջորդած վէճերն ու Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնը` մայիս 1918-էն մինչեւ 1920-ի աշունը: Տոքթ. Սանճեան` Միշիկընի համալսարան-Տիրպորնի պատմութեան դասախօս, անոր Հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնն է: Այս դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, երկուշաբթի, 21 մայիս 2018-ին, կազմակերպութեամբ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի տնօրէն տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանին կողմէ եւ ատենավարութեամբ Ռաֆայէլ Կրեկորեանի:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստեղծուած էր Ա. Համաշխարհային պատերազմի ցնցումներուն առընթեր: Հետագային անկախ Հայաստանին մաս կազմած տարածքները պատերազմի ժամանակ սուր տնտեսական տագնապի ենթարկուած էին, ներառեալ` մշակուած հողի տարածութեան, երկրագործական արտադրութեան ու ընտանի անասուններու թիւի նուազումը, ինչպէս եւ` աճող ընկերային անարդարութիւնը: Պէտք չէ անտեսել նաեւ Մեծ եղեռնի վերապրողներու հսկայ թիւը, ներառեալ` հազարաւոր որբեր, որոնք հասած էին Անդրկովկաս, որ այդ ժամանակ ցարական Ռուսիոյ մաս կը կազմէր:

1917-ին Անդրկովկասի մէջ գործող կուսակցութիւնները ազատական-ժողովրդավար ու ընկերվարական գաղափարախօսութիւններու լայն շրջանակի մը կը պատկանէին: Ռուսիոյ Փետրուարեան յեղափոխութիւնը ողջունուեցաւ երկրամասին մէջ գործող բոլոր հայկական կուսակցութիւններուն կողմէ, որոնք ինքնակամ ենթարկուեցան Փեթրոկրատի մէջ նոր ժամանակաւոր կառավարութեան եւ Անդրկովկասի յատուկ կոմիտէին (Օզակոմ), որ ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ նշանակուած էր շրջանը վարելու համար, բայց` առանց օրէնսդիր իրաւասութեան: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը կայսրութեան տարածքին հողային հարցին լուծումը վերապահեց յառաջիկայ Սահմանադիր ժողովին: Մինչ այդ անիկա ստեղծեց Գլխաւոր հողային կոմիտէն` բնակչութեան կարիքներուն մասին տեղեկութիւն հաւաքելու եւ հողային վէճերու լուծումի օրէնքի մը նախագիծը պատրաստելու համար:

Անդրկովկասի կուսակցութիւնները հողային հարցի երեք տարբեր լուծում կ’առաջադրէին. քաղաքապետացում (մունիցիպալիզացիա), ազգայնացում (նացիոնալիզացիա) եւ համայնացում (սոցիալիզացիա): Քաղաքապետացումի կողմնակից սոցիալ-դեմոկրատ մենշեւիկները եւ սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեանները կը պաշտպանէին հողի ու գոյքի պետականացումը, որոնք այնուհետեւ պիտի դրուէին տեղական քաղաքապետութիւններու վարչութեան տակ: Անոնք կը կարծէին, որ գիւղական բնակչութիւնը քաղաքապետական կեդրոններէ ուղղորդուելու կարիք ունէր: Ասիկա ամէնէն ժողովրդական ընտրանքն էր անդրկովկասեան մակարդակի վրայ, բայց երբեք լիովին չգործադրուեցաւ: Սոցիալ-դեմոկրատ բոլշեւիկները ազգայնացումի ջատագով էին, այսինքն կը նախընտրէին տեղական գործերու կառավարումը կեդրոնական իշխանութեան մը կողմէ: Վերջապէս, համայնացումի կողմնակիցները, ինչպէս սոցիալիստ յեղափոխականները եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, կը ձգտէին աւելի ուժ տալու գիւղական համայնքներուն` տեղական խնդիրները վարելու, հաւատալով, որ քաղաքապետացումը եւ ուղղակի ազգայնացումը ուռճացած դիւանակալութեան մը պիտի առաջնորդէին: ՀՅԴ-ի 1907-ի ծրագիրը ընդգրկած էր հողի համայնացման սկզբունքը:

Քանի որ հողի համայնացումը նախասիրած այլընտրանքն էր հայկական ամէնէն ազդեցիկ կուսակցութեան, որ հետագային անկախ հանրապետութիւնը վարեց, տոքթ. Սանճեանը այս քաղաքականութեան անդրադարձաւ աւելի հանգամանալից կերպով: Առաջին հերթին, այդ քաղաքականութիւնը կը ջանար վերացնել հողի մասնաւոր սեփականութիւնը, արգիլել հողի վաճառքը եւ բռնագրաւել պետութեան, եկեղեցիին կամ մեծահարուստ անհատներու պատկանող հողային մեծ կալուածները եւ բռնագրաւուած հողը բաշխել գիւղացիութեան միջեւ: Այս բռնագրաւումներով ստեղծուելիք «հողային ֆոնտ»-ը պիտի կարգաւորուէր գիւղական համայնքներուն կողմէ, իսկ իւրաքանչիւր ընտանիք այնքան հող պիտի ստանար, որքան որ կրնար մշակել ինքնաբաւ կերպով: Յատուկ շեշտ կը դրուէր հողի հաւասար բաշխումին վրայ. եթէ որոշ շրջաններ հողային աւելի մեծ պաշարներ ունէին, քան` ուրիշներ, իշխանութիւնները յատուկ տուրքեր պիտի հաստատէին եւ կամ ժամանակ առ ժամանակ հողը պիտի վերաբաշխէին յատկացումներու հաւասարութիւն մը պահելու համար:

ՀՅԴ-ի եւ այլ ընկերվարական կուսակցութիւններու կողքին, 1917-ին ծնունդ առաւ նաեւ անոնց հետ տարակարծիք Հայ ժողովրդական կուսակցութիւնը: Այս կուսակցութեան ղեկավարը Միքայէլ Բաբաջանեանն էր, ու ան Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող Հայ սահմանադիր ռամկավար կուսակցութեան արեւելահայ համարժէքն էր: Ռամկավարներուն պէս, Ժողովրդական կուսակցութիւնը կողմնակից էր հողի մասնաւոր սեփականութեան եւ պետական սահմանափակ միջամտութեան տնտեսութեան մէջ: Այսուհանդերձ, անիկա որոշ զիջումներ ըրաւ Անդրկովկասի մէջ այդ օրերուն գերակշռող ընկերվարական մթնոլորտին: Ժողովրդականները հակառակ չէին պետական ու անհատական կալուածներու, ինչպէս եւ` այլ մասնաւոր մեծ հողատարածքներու բռնագրաւումին: Անոնք կառավարութեան կոչ կ’ուղղէին այս աւելորդ հողատարածքները  «արդար» եւ ո՛չ թէ շուկայական գիներով ձեռք բերելու եւ այնուհետեւ զանոնք գիւղացիներուն բաշխելու: Ինչ կը վերաբերի Հայ եկեղեցւոյ պատկանող կալուածներուն, ժողովրդականները եկեղեցիին աջակցելով` անոնց բռնագրաւումին կ’ընդդիմանային: Ժողովրդականները կ’ընդունէին այն փաստարկը, որ եկեղեցին այդ հողերու եկամուտը կրթական եւ այլ բարեսիրական նպատակներով կ’օգտագործէր:

Հողային հարցի զուտ տնտեսական երեսակէն զատ` ազգութիւններու տեղաբաշխումի խառն ըլլալու խնդիրը Անդրկովկասի տեղական իշխանութիւնները ուրիշ մարտահրաւէրի մը առջեւ կը դնէր 1917-ին: Հայկական կուսակցութիւնները կը ձգտէին հողի բաշխումը այնպիսի ձեւով գործի դնել Անդրկովկասի մէջ, որ անջատ, ազգային համասեռ ու ինքնակառավարուող շրջաններ ստեղծուէին հայերու, վրացիներու եւ թաթարներու համար: Այլ խօսքով, հողաբաշխումը նաեւ ազգայնական գաղափարախօսութեամբ տոգորուած էր: Այս մօտեցումը, սակայն, չգործնականացաւ կարգ մը շրջաններու պատմականօրէն խառն բնակչութիւն ունենալու պատճառով:

Ռուսիոյ մէջ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք Անդրկովկասի քաղաքական կուսակցութիւնները պոլշեւիկեան իշխանութիւնը մերժեցին: Ռուսիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորումը առիթ եղաւ, որ անդրկովկասեան կուսակցութիւնները Փեթրոկրատի եւ Մոսկուայի տիրապետութենէն քիչ թէ շատ անկախ գործէին եւ Օզակոմը փոխարինէին Անդրկովկասեան կոմիսարիատով, որ իբրեւ ժամանակաւոր շրջանային վարչութիւն` միայն երեք ամիս գործեց, մինչեւ` փետրուար 1918: 16 դեկտեմբեր 1917-ին ան օրէնք մը հաստատեց, որ կը կարգաւորէր բոլոր աւելորդ, սեփական հողատարածքներուն փոխանցումը նորահաստատ հողային կոմիտէներուն` քաղաքապետացումի սկզբունքի հիմամբ:

Համառուսական սահմանադիր ժողովը, որուն պատգամաւորները ընտրուեցան նոյն ժամանակամիջոցին, անդրկովկասեան կուսակցութիւններէն 36 ներկայացուցիչ ունէր (մենշեւիկներ` 11, մուսաւաթ` 10, ՀՅԴ` 9, սոցիալիստ յեղափոխականներ` 2, պոլշեւիկներ` 1 եւ այլն): Սակայն, երբ պոլշեւիկները 1918-ի սկիզբին ցրուեցին Փեթրոկրատի մէջ գումարուած Սահմանադիր ժողովը, Անդրկովկասի ներկայացուցիչները փետրուարին օրէնսդրական նոր շրջանային կառոյց մը ստեղծեցին` Սէյմ անունով: Մարտ 1918-ին Սէյմը օրէնք մը վաւերացուց, որ իրաւական շրջագիծը հայթայթեց առգրաւելու բոլոր աւելորդ, սեփական կալուածները եւ զանոնք փոխանցելու հողային ֆոնտի մը, որ պիտի կառավարուէր շրջանային, գաւառական կամ տեղական հողային կոմիտէներու կողմէ:

Այս զարգացումները տեղի ունեցան փետրուար 1918-ին սկիզբ առած օսմանեան յարձակումին հետ միաժամանակ, որ Պաքուի նաւթահորերը գրաւելու ուղղուած էր: Սէյմը Անդրկովկասի անկախութիւնը հռչակեց ապրիլին` հաստատելով անդրկովկասեան կարճատեւ դաշնակցութիւն մը: Անդրկովկասի անկախութեան հռչակումին նպատակը Օսմանեան կայսրութեան հետ սահմանագծումին ուղղակի բանակցութիւններու մէջ մտնելն էր` տարածքաշրջանի եւ ո՛չ թէ պոլշեւիկեան Ռուսիոյ հայեցակէտէն մեկնելով: Անդրկովկասի հանրապետութիւնը հազիւ ամիս մը գոյատեւեց: Օսմանեան բանակը շարունակեց իր յառաջխաղացքը, եւ Սէյմը մայիսի վերջերուն կազմալուծուեցաւ: Վրաստանը իր անկախութիւնը հռչակեց մայիս 26-ին, իսկ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` երկու օր ետք:

Սկզբնապէս միայն Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր դաշնակիցները ճանչցան անկախ Հայաստանը: Արեւմտեան պետութիւններն ու պոլշեւիկները դժկամութիւն ցուցաբերեցին ճանաչումի հարցին մէջ, որովհետեւ հանրապետութիւնը հակառակորդ ուժերու գործարքի մը կողմնակի արդիւնքը կը նկատէին:

Հանրապետութիւնը շատ լուրջ ներքին հարցեր դիմագրաւեց: ՀՅԴ իշխանութիւնը ստանձնեց անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք` նոր հանրապետութեան ամէնէն ազդեցիկ քաղաքական ուժը ըլլալով: Առաջին կառավարութիւնը գլխաւորեց վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին: Տարուան վերջաւորութեան, Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Քաջազնունի նոր համախոհական (քոալիսիոն) դահլիճ մը կազմեց` ՀՅԴ-ի եւ Հայ ժողովրդական կուսակցութեան մասնակցութեամբ: Այս կառավարութեան գործունէութեան ընթացքին Հայաստանի օրէնսդիր ժողովը որդեգրեց Ռուսական կայսրութեան մէջ արդէն գործածուած բոլոր օրէնքները, ներառեալ` անոնք, որոնք Փետրուարեան յեղափոխութեան վաղորդայնին եւ աւելի ուշ վաւերացուած էին, մինչեւ` Անդրկովկասի անկախացումը: Անոնց շարքին էին հողային հարցին հետ կապուած օրէնքներ: Փետրուարեան յեղափոխութեան իտէալներուն նուիրուած ՀՅ  դաշնակցութիւնը ռուսական եւ այնուհետեւ անդրկովկասեան այս օրէնքներու վաւերացումին ետին կը գտնուէր:

Յունիս 1919-ին համախոհական դահլիճի լուծարումէն ետք, գործադիր իշխանութիւնը կրկին անցաւ Դաշնակցութեան ձեռքը` վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի գլխաւորութեամբ: Այնուհետեւ ժողովրդականները` իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, ուղղակի դեր չունեցան հողային յարաբերութիւններու բարեկարգումի գործադրութեան մէջ: Խատիսեանի դահլիճը հսկեց հողային կոմիտէներու գործողութիւններուն: Սակայն անոնց արդիւնաւէտութեան արգելք հանդիսացան սովը, տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու ներկայութիւնը եւ տեղական իսլամ բնակիչներու կազմակերպած ապստամբութիւնները: Տարուան վերջաւորութեան դաշնակցական ղեկավարներէն Արշակ Ջամալեանը առաջարկեց հողային բարեկարգումի ծրագիրը անմիջապէս գործի դնել` Հայաստանի աշխատաւորներու պոլշեւիկներու կողմը անցնիլը եւ խորհրդային կարգերը ողջունելը կանխելու համար: 1920-ի սկիզբներուն պոլշեւիկները Հիւսիսային Կովկասը ամբողջութեամբ կը վերահսկէին եւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի հիւսիսային սահմաններուն հասած էին: Այսուհանդերձ, Ջամալեանը իր կուսակիցներու խիստ քննադատութեան արժանացաւ եւ մէկ ամիսով Բիւրոյի ժողովներէն կախակայուեցաւ:

Պոլշեւիկեան յառաջխաղացքը Հայաստանի մէջ անոնց կողմնակիցները խանդավառեց: Մայիս 1920-ին պետական հարուածի փորձ մը տեղի ունեցաւ Խատիսեանի կառավարութեան դէմ: Փորձը ձախողեցաւ, բայց ապստամբութեան պատճառով տեղի ունեցաւ հանրապետութեան երրորդ վարչապետին` Համօ Օհանջանեանի նշանակումը:

Օհանջանեանի դահլիճը շարունակեց հողի առգրաւումն ու վերաբաշխումը ժամանակաւոր հիմքի վրայ, մինչեւ որ Հայաստանի Սահմանադիր ժողովը համապարփակ հողային օրէնք մը վաւերացնէր: Նոր կառավարութիւնը նոյնպէս մղուած էր հողային յարաբերութիւններու բարեկարգումը յառաջ տանելու ցանկութեամբ, որպէսզի բնակչութեան որոշ հատուածներ տարհամոզէր պոլշեւիկներուն համակրելէ:

Սակայն սեպտեմբեր 1920-ի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ քեմալական արշաւանքը Հայաստանի վրայ: Օհանջանեանի դահլիճին կողմէ նոր ստեղծուած Հողային յատուկ մարմինները դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը, մինչ Հայաստանը կ’ենթարկուէր քեմալական յարձակումին, որ պիտի յանգէր երկրի ամբողջական խորհրդայնացումին: Պոլշեւիկեան նոր կառավարութիւնը հողը ազգայնացուց, ինչպէս անոնց ծրագիրը կը նախատեսէր: Սակայն հողի ազգայնացումի մեկնաբանութեան ու գործադրութեան պոլշեւիկեան ձեւը ընկերվարական յեղափոխականներու ծրագրէն ազդուած էր, ուստի շատ տարբեր չէր դաշնակցականներու նպատակէն:

Տոքթ. Սանճեանին կեդրոնացումը անկախ հանրապետութեան կողմէ հողային յարաբերութիւններու բարեկարգումի մօտեցումին վրայ` լոյս սփռեց ՀՅ դաշնակցութեան պատմութեան անտեսուած մէկ էջին վրայ: 1918-1920 թուականներուն դաշնակցականները տիրական ուժն էին Հայաստանի մէջ: Սակայն անոնց գործունէութիւնը աւելի կը յիշուի ազգայնական խնդիրներու եւ տարածքային վէճերու, քան ներքին քաղաքականութեան ու ընկերվարական գաղափարախօսութեան տեսանկիւնով: Մեծ եղեռնէն ետք ՀՅԴ-ի կառոյցներու աշխարհասփիւռ ցրուումով եւ կուսակցութեան Խորհրդային Հայաստանէն արտաքսումով ան գլխաւորաբար նուիրուեցաւ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանումին եւ յարաբերաբար քիչ ուշադրութիւն ընծայեց իր վաղ տարիներու ընկերային քաղաքականութեան: Տոքթ. Սանճեանի` 1918-1920 Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակի քննութիւնը արժէքաւոր բացայայտումներ կը կատարէ ՀՅԴ-ի պէս կուսակցութիւններու բնոյթին մասին, որոնք ուղղակի կապուած էին այն հողին հետ, որուն մասին կը խօսէին` ի տարբերութիւն նման կուսակցութիւններու ներկայ խօսոյթին (discourse) եւ գործունէութեան, որոնք հիմնականին սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին` այդ հողէն այսպէս կոչուած օտարուած դրութեամբ:

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ ԾՐԱԳԻՐԻ
ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԵՏ ԿԱՊԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Խմբագրական. Դիւրաբեկ Խաղաղութիւն

$
0
0

Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին 100-ամեակի միջպետական տարողունակութեան երեւոյթը բնականաբար մտածել կու տայ քաղաքական առանցքային ուղերձներ փոխանակելու կարեւոր հանգամանքներու մասին:

Այս շրջագիծին մէջ նախաձեռնող կողմը` Ֆրանսան իր նախագահին ճամբով յայտարարեց ներկայ աշխարհակարգի դիւրաբեկ խաղաղութեան վրայ յենած ըլլալու իրականութեան մասին: Իսկ երբ սպառնալիքի տակ եղած խաղաղութիւնը կը յիշուի Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի նշումին առիթով, անուղղակիօրէն կը մատնանշուին նոր լայնածաւալ պատերազմներու բռնկումի վտանգները:

Ազգայնականութեան յղացքը իբրեւ բացասական զարգացող երեւոյթ հայրենասիրական դրական հասկացողութեան հակադրելով Ֆրանսայի նախագահը սլաքները դիւանագիտականօրէն ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ Ուաշինկթընի քաղաքականութեան իրականացման համար հրապարակայնօրէն կը շարունակէ խօսիլ ազգայնական գաղափարախօսութիւն որդեգրած ըլլալուն մասին:

Քաղաքական հիմնական ուղերձը այս բոլորէն ետք Եւրոպայի վերականգնումի առաջադրանքն է` ՕԹԱՆ-ի մէջ Եւրոպայի դերակատարութեան աստիճանաչափի բարձրացման եւ ընդհանրապէս համաեւրոպական պաշտպանական անկախ համակարգ կայացնելու համոզումներու բարձրաձայնումներով:

Այս առանցքային գիծի իրականացումը հեռանկարային կ՛ըլլայ ո՛չ միայն աշխարհակարգային փոփոխութիւններու եւ դիւրաբեկ խաղաղութիւնը ամրացնելու, այլ նաեւ հայկական գործօնին յարաբերակցաբար, եթէ նկատենք, որ ռուսական կախեալութեան եւ դէպի տարածաշրջան ամերիկեան աշխուժ թափանցման քաղաքականութեան արանքին մէջ Երեւանը դէպի Եւրոպա համարկումի արտաքին քաղաքականութիւնը կը ջանայ խորացնել, այս պայմաններուն մէջ առաւելագոյնս կարենալ իրականացնելու համար փոխլրացուցիչ քաղաքականութիւնն ու բազմակողմ դիւանագիտութիւնը:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով էր, որ Եւրոպայի կայացման համար պաշտօնական Երեւանը վարչապետի պաշտօնակատարին այս առիթով ունեցած ելոյթին մէջ յիշեցուց  խաղաղութեան դիւրաբեկ իրավիճակի պատասխանատուներէն Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Ցեղասպանութիւն իրականացուցած պետութեան մասին, որուն իրականացուցածը եթէ համարժէք դատապարտանքի արժանանար, չէին կրկնուեր իրերայաջորդ միւս ցեղասպանութիւնները:

Պահը լիարժէք կ՛օգտագործուէր նաեւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ընտրովի յարգումի իրականութիւնը յիշելու` պարզ դարձնելով, որ այն ինչ որ կը զլացուի այսօր Արցախի ժողովուրդին, կը շնորհուի այլ ժողովուրդներու:

Մինչ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդը Ֆրանսայի նախագահին կը յղէր նամակ, ուր բողոք կը յայտնէր, որ խաղաղութիւնը գերադասող նման միջպետական հաւաքի մը ոգիին հակադիր է Անգարայի ներկայութիւնը, որ կը շարունակէ ժխտել Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին իր կազմակերպած տարբեր ազգաբնակչութիւններու տեղահանութիւններն ու բնաջնջումները:

Թուրքիոյ դերակատարութիւնը միայն պատմական առումով չէ անշուշտ, որ չի համընկնիր հաւաքի ոգիին, տրամադրութիւններուն եւ առաջադրանքներուն:

Ազգայնականութիւնը մերժող Եւրոպայի այն ղեկավարները, որոնք կը շեշտեն մոլորակի այսօրուան դիւրաբեկ խաղաղութեան սպառնացող վտանգները, բոլոր առումներով կը գիտակցին անշուշտ, որ խաղաղութեան դիւրաբեկման գլխաւոր պատասխանտուներէն է Անգարան, որ Եւրոպային կը սպառնայ գաղթականական ալիքներով, անոնց առընթեր դէպի Եւրոպա ահաբեկչութիւն արտահանելու իր կարողականութեամբ եւ էրտողանական ազգայնականութեան տարբեր դրսեւորումները Թուրքիայէն դէպի եւրոպական զանազան քաղաքներ տեղափոխումով:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի դասերը կը թուի, որ ցեղասպանութեան առումով աւելի ընկալուած են: Գործադրողը դատապարտուած է  եւ ցեղասպանուածը` հատուցուած:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ցեղասպանութիւններն ու ցեղային զտումները համարժէք դատապարտանքի եւ հատուցման չեն արժանացած: Իրաւաքաղաքական այդ գործողութիւնները չիրականացնելը պատճառ է նաեւ այսօրուան դիւրաբեկ խաղաղութեան:

Տոքթ. Ստեփան Եւ Շահան Եագուպեանները Կը Կատարեն Աննախընթաց Վիրաբուժութիւններ, Կը Մարզեն Տեղացի Բժիշկները

$
0
0

«Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»-ի  (Armenia Fund USA) 2018-ի բժշկական առաքելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 22-26 Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ, եւ սեպտեմբեր 27-էն հոկտեմբեր 5-ի ընթացքին` Ստեփանակերտի մէջ միասնաբար իրագործուեցաւ «Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»-ի եւ «Էտվենթիսթ հելթ»-ի կողմէ:

Ստեփանակերտի առաքելութեան ընթացքին տոքթ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեանները կատարեցին Արցախի պատմութեան մէջ աննախադէպ, ընդհանուր առմամբ 18 վիրաբուժութիւններ` կողք-կողքի աշխատելով տեղացի պաշտօնակիցներու հետ: Գործողութիւնները ընդգրկեցին ծունկի ամբողջական փոխարինման 14 վիրաբուժութիւն եւ յօդադիտային (arthroscopic) չորս վիրաբուժութիւն: Տոքթ. Ստեփան Եագուպեանը կատարեց ուսի եւ ծունկի յօդադիտային վիրաբուժութիւններ, իսկ տոքթ. Շահան Եագուպեանը կատարեց ծունկի փոխարինման գործողութիւններ: Այս բոլոր վիրաբուժութիւնները կարելի դարձան «Տի.Ճէյ.Օ. սըրճիքըլ»-ի նուիրած, ընդհանուր առմամբ $200.000 արժէքով ոսկրաբանական վերջնագոյն սարքաւորումներուն ու պիտոյքներուն շնորհիւ:

«Չափազանց գոհ ենք Արցախի մէջ մեր կատարած ոսկրաբանական անդրանիկ առաքելութեամբ», յայտնեց տոքթ. Շահան Եագուպեանը եւ շարունակեց. «Մեծ յաջողութիւն մը կը նկատենք այս, որովհետեւ կրցանք տեղւոյն հիւանդներուն տրամադրել ամբողջ շարք մը ոսկրաբանական ծառայութիւններ, ներառեալ` ծունկի փոխարինման վիրաբուժութիւններ, որոնք երբեք կարելի չէր իրականացնել Արցախի մէջ: Աւելի՛ն. մենք կրցանք գործակցիլ Ստեփանակերտի բժիշկներուն հետ եւ անոնց հետ ստեղծել ամուր յարաբերութիւն մը, որ, յուսով ենք, պիտի մեծնայ ապագային: Այդ յարաբերութիւնը արդէն իսկ կ՛ընդարձակուի այսօր, որովհետեւ սկսած ենք Արցախի մեր հիւանդներուն շարունակական խնամք հայթայթել` հեռաբժշկութեան (telemedicine) միջոցով: Շատ բարձր կը գնահատեմ աշխատանքն ու յանձնառութիւնը այն բոլոր կամաւորներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք իրականացուցին «Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»-ի եւ «Էտվենթիսթ հելթ»-ի բժշկական միացեալ առաքելութիւնը»:

Ստեփանակերտի մէջ իրականացած առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան տոքթ. Ստեփան եւ տոքթ. Շահան Եագուպեանները մեծ ջանք թափեցին հիւանդանոցի ոսկրաբանական անձնակազմի մասնագիտական գիտելիքներն ու հմտութիւնները հարստացնելու համար: Եագուպեանները իրենց տեղացի պաշտօնակիցներուն տրամադրեցին համապարփակ մարզում` թէ՛ ոսկրաբանական յառաջացած վիրաբուժութիւններու եւ թէ՛ նոր սարքաւորումներու գործածութեան իմաստներով: Այսպիսով, մինչեւ բժշկական առաքելութեան աւարտը, տոքթ. Ստեփան եւ տոքթ. Շահան Եագուպեանները Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին համար կարելի դարձուցին հաստատել միջազգային բարձրագոյն չափանիշներով ոսկրաբանական բաժանմունք մը:

Նոյեմբերեանի եւ Ստեփանակերտի մէջ այս տարի կայացած առաքելութիւնները իրագործուեցան «Էտվենթիսթ հելթ»-ի Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանէն աւելի քան 68 բժիշկներէ, հիւանդապահներէ եւ այլ արհեստավարժներէ բաղկացած կամաւոր կազմի մը կողմէ: Աշխատակազմը բժշկական բազմապիսի եւ անվճար ծառայութիւններ տրամադրեց, ներառեալ` տարրական եւ մասնագիտական խնամք, զանազան քննութիւններ եւ վիրաբուժութիւններ, Տաւուշի եւ Լոռիի մարզերէն գրեթէ 2.650 հիւանդներու, ինչպէս նաեւ, առաջին անգամն ըլլալով, Ստեփանակերտէն եւ Արցախի այլ շրջաններէն մօտ 1.040 հիւանդներու: Աւելի՛ն. Նոյեմբերեանի եւ Արցախի մէջ ձրի դեղորայք տրամադրուեցաւ աւելի քան 2.500 հիւանդներու:

2015-էն ի վեր Նոյեմբերեանի եւ Ստեփանակերտի մէջ իրականացուած առաքելութիւններուն ընդմէջէն բժշկական բազմապիսի խնամք, ներառեալ` 347 վիրաբուժութիւններ, տրամադրուած է ընդհանուր առմամբ 9440 հիւանդներու:

Ազգային Ցաւեր. Վերակացու (Սուփըրվայզըր) Յակոբը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ ժողովուրդի բեկորները ցիրուցան եղած են աշխարհի չորս ծագերուն` սկսած Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ֆրանսա, եւրոպական երկիրներ, ցարական Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներ: Ազգային այս աննախընթաց ողբերգութիւնը մղեց գաղթականացած հայ ժողովուրդը հոսանքն ի վեր թիավարելու` տէր կանգնելու համար իր ինքնութեան, լեզուին, մշակոյթին եւ կրօնին: Շատ մեծ եղաւ ազգային ղեկավարներու, կուսակցական եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու բերած նպաստը ազգի փրկութեան եւ գոյատեւման համար: Եւ սակայն Ցեղասպանութենէն ահաւասիկ հարիւր տարի ետք հայկական գաղութները սկսած են տժգունիլ, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներու (բացի Քալիֆորնիայէն), Լատին Ամերիկայի, Եւրոպայի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ, ուր հայոց լեզուն հսկայական տեղքայլի մէջ է, չըսելու համար` վտանգի տակ: Այս բոլոր գաղութներուն մէջ Լիբանանի հայ գաղութը տակաւին կը մնայ առողջ` հայոց լեզուով եւ ինքնութեամբ: Հայկական մամուլն ու մտաւորականութիւնը գրեթէ ամէն օր ահազանգ կը հնչեցնեն ամէնուրեք` մատնանշելով վտանգը, որ կը սպառնայ մեր լեզուին ու ինքնութեան: Հետագայ յօդուածը փոքրիկ նմուշ մըն է մեր վերոյիշեալ մտահոգութիւններէն:

Թորոնթոյի սահմանամերձ քաղաքներէն Փիքըրինկի Կլենանա պողոտային վրայ գտնուող շէնքերէն մէկուն մէջ բնակութիւն հաստատած էինք տարիներ առաջ: Կրտսեր տղաս` Վահէն, ուրախալի լուր մը տուած ըլլալու գոհունակութեամբ, օր մը ինծի ըսաւ, որ շէնքին վերակացուն փոխուած է, եւ թէ` հայ մը նշանակուած է անոր տեղ: Ուրախութիւնս մեծ եղաւ: Քանի մը օր ետք բախտը ունեցայ այս նոր հայ վերակացուն տեսնելու: Տեսայ զինք շէնքի մուտքին եւ շնորհաւորեցի իր պաշտօնին համար: Չխանդավառուեցաւ, երբ հայերէն խօսեցայ հետը: Տրտում կերպով պատասխանեց (անգլերէն), որ ինք չի գիտեր խօսիլ այս լեզուն: «Բայց դուն հայ չե՞ս», ըսի իրեն անգլերէնով: «Այո՛,- ըսաւ,- հայ եմ, ռուսահայ»: «Ձեր տան մէջ ի՞նչ լեզուով կը խօսէիք»: «Ռուսերէն», պատասխանեց: «Հայկական դպրոցներ չկա՞ն հոն»: «Կան, բայց` ոչ ամէն տեղ: Ծնողքս ալ հայերէն չեն գիտեր: Ռուսիոյ մէջ ամէն մարդ ռուսերէն կը խօսի: Հայերէն խօսող քիչ կայ»: «Ողբա՜մ զքեզ, հայո՛ց աշխարհ», ըսի մտովի: «Ամէն պարագայի,- ըսի,- վաղը առաւօտ մեզի եկուր, սուրճ մը խմենք իրարու հետ»: «Շատ սիրով», ըսաւ: Վերակացուին կինը, որ կը հետեւէր մեր խօսակցութեան, սպիտակամորթ ռուս կին մըն էր: Յաջորդ օր Յակոբը եկաւ, ու մենք խմեցինք սուրճը: Շատ կը ցաւէր հայերէն չգիտնալուն համար: Շատ կը խուսափէր երբեմնի Խորհրդային Միութեան մասին կարծիք տալէ: Շատ զգուշ էր եւ ուշադիր:

Քանի մը օր ետք Յակոբը ուրախ տրամադրութեամբ մը ձայներիզ մը յանձնեց ինծի` ըսելով, որ հայերէն երգեր են, եւ թէ` շատ պիտի սիրէի: Լաւ տրամադրութեամբ տուն մտայ եւ կնոջս ըսի, որ սուրճ մը պատրաստէ, որպէսզի մտիկ ընենք Յակոբին տուած հայերէն ձայներիզը: Զարմացած մտիկ կ՛ընէի այս ենթադրեալ «հայերէն ձայներիզը», որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` ամբողջութեամբ պարսկերէն երգեր: Ողբերգութիւնը հոս կրկնապատկուեցաւ: Ո՛չ հայոց լեզուին եւ ո՛չ ալ հայկական երգերու մասին գաղափար ունի այս չակերտաւոր հայը: Դժգոհած` իրեն վերադարձուցի ձայներիզը` ըսելով, որ անիկա ամբողջութեամբ պարսկերէն է: «Ի՞նչ», ըսաւ ամչնալով: Յաջորդ օր հայերէն երգերու ձայներիզ մը պատրաստեցի եւ ըսի. «Ա՛յս է հայերէն երգերու ձայներիզը»:

Օր մը Յակոբը ինձմէ խնդրեց, որ իրեն հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ սորվեցնեմ: «Շա՛տ սիրով,-  ըսի,- կը խոստանամ օգտակար ըլլալ քեզի, հայկական վարժարանէն գիրքեր ալ կը բերեմ քեզի»: Այս բոլորը կ՛ընեմ ձրիօրէն, առանց նիւթական ակնկալութեան: «Երախտապարտ պիտի մնամ քեզի յաւիտեան»:

Յաջորդ օր Յակոբը անախորժ լուր մը տուաւ ինծի` ըսելով, որ մօտակայ քաղաքներէն մէկուն մէջ գտնուող իրենց ընկերութեան շէնքերու տնօրէնութեան պաշտօն առաջարկուած է իրեն: Այսպիսով, ծրագրուած դասաւանդութիւնը ջուրը ինկաւ…

«Յակո՛բ,- ըսի,- քեզի հեռաձայնիս թիւը տամ, երբեմն հեռաձայնես ինծի»: «Էտոր կարիքը չկայ,- ըսաւ,- ես բոլորին հեռաձայններուն թիւերը ունիմ քովս»:

Տարիներ անցան, ու ես տակաւին Յակոբին հեռաձայնին կը սպասեմ…

Միհրանը

Եօթանասուն յարկաբաժիններէ բաղկացած մեր բնակած այս շէնքին մէջ զանազան երկիրներէ գաղթած, բայց Քանատայի քաղաքացիութիւն ստացած քանատացիներ էին: Շէնքի դրացիներէն կին մը մօտենալով ինծի` շէնքի մուտքին հարցուց, թէ հա՞յ եմ: «Այո՛», պատասխանեցի: «Իմ ամուսինս ալ հայ է,- ըսաւ,- Եգիպտոս մեկնեցաւ ծնողքը տեսնելու, երկու շաբաթէն կու գայ: Երբ որ գայ, քեզ տեղեակ կը պահեմ, որ զինք տեսնես»: Այս լուրը հաճելի թուեցաւ ինծի: Անցաւ ամիս մը, տակաւին որեւէ տեղեկութիւն չունէի իր ամուսինին գալուն մասին: Մեր շէնքին դիմաց գտնուող «մոլ»-ին մէջ քաֆեթերիա մը ունին, կին եւ ամուսին հոն կը գործեն: Օր մը, իրենց քաֆեթերիային առջեւէն անցած ատենս, կնոջ հարցուցի, թէ իր ամուսինը չեկա՞ւ տակաւին: «Եկա՛ւ», ըսաւ` մատնացոյց ընելով իր ամուսինը, որ անկիւնը նստած` մեզ կը դիտէր: «Ինչո՞ւ ինծի չըսիր, որ եկած է երկու շաբաթ առաջ»: «Մոռցայ», ըսաւ յանցաւորի մը պէս: Մօտեցայ Միհրանին, ծանօթացուցի իրեն հայ ըլլալս: Բարի, համեստ եւ ազնիւ երիտասարդ մըն էր Միհրանը: Կինը Եգիպտոսի ղպտիներէն էր:

Միհրան պատմեց ինծի, որ ծնողքը թրքական եաթաղանէն փրկուած են եւ մեծ տառապանքներով կրցած են գաղթել մինչեւ Եգիպտոս արհաւիրքի տարիներուն: Միհրան Եգիպտոս ծնած է:

Միհրանը ունէր 2 աղջիկ զաւակ, մէկը 8 տարեկան, իսկ միւսը` 6 տարեկան: Անընդհատ կը վազվռտէին քաֆեթերիային մէջ` դժգոհութիւն պատճառելով յաճախորդներուն: Այդ միջոցին բռնեցի մեծ աղջկան (8 տարեկան) թեւէն, շոյեցի գլուխը հայրաբար եւ ժպտերես իրեն հարցուցի, թէ անունը ի՛նչ էր: Հարցումիս ի պատասխան` յանկարծ երեսիս նայեցաւ ու ապտակի ուժգնութեամբ երեսիս պոռաց. «Ես հայ չե՛մ, ես հայ չե՛մ»: Մանուկ է, ըսի, չի գիտեր արտայայտուիլ, «Բայց, աղջի՛կս,- ըսի,- քանի որ պապադ հայ է, ուրեմն դո՛ւն ալ հայ ես»: «Ո՛չ,- ըսաւ,- ես հայ չե՛մ»… կէս ժամ ետք միեւնոյն հարցումը ըրի փոքրիկ աղջիկին, որ ուժգին պատասխանեց` ըսելով, որ ինք հայ չէ՛: Միհրանը կորաքամակ նստած` կարմրած երեսով ու աչքերով կը հետեւէր այս ողբերգութեան… Զղջացած էի այդ օր քաֆեթերիա երթալուս համար:

Իրենց հայրը` Միհրանը անզօ՞ր եղաւ արժանի դաս մը տալու իր դեռատի աղջիկներուն, որոնք երիցս ուրացած էին իրենց հայկական ինքնութիւնը:

«Գնում է հայը կնճիռը ճակտին, վէրք սրտում»,  պիտի ըսէր բանաստեղծը:

Քանատա
24.10.2018

 


Բնութիւնը Մեծ Ընկերութեանց Դրամագլուխէն Աւելի Սուղ Է

$
0
0

 

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Նոր-ազատականութեան բազմաթիւ բացասական երեւոյթներէն մէկն է կլիմայական փոփոխութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ու կը զարգանայ մեծ ընկերութիւններու ներդրումային ծրագիրներուն պատճառով, որոնք անարգանք կը ցուցաբերեն բնական միջավայրին եւ անոր անբաժանելի մասը եղող բնակչութեան նկատմամբ, ապա նաեւ պատճառ կը դառնան մահացու հիւանդութիւններու տարածման:

Ըստ նոր-ազատականներուն (որոնք կը պաշտեն ազատ-շուկայական տնտեսութեան համակարգը), ինչ որ շուկային շահ կը բերէ, լաւ է, անկախ անոր բացասական ազդեցութենէն` ընկերութեան կամ կենսոլորտին վրայ:

Անոնք (նոր-ազատականները) կը հերքեն կլիմայական փոփոխութեան փաստը. փաստ մը, որ չ՛ուզեր գիտնականներու հետազօտութիւններ կամ վերլուծումներ, այլ կը բաւէ, որ դիտենք ողողումները, անձրեւի տեղումներուն նուազումը, ջերմաստիճանի բարձրացումը եւ հիւսիսային բեւեռին վրայ սառցահալը:

Միջազգային գետնի վրայ հանքարդիւնաբերութեան աշխատանքով զբաղող մեծ ընկերութեանց դէմ դժգոհութիւնները արգելք չեն ըլլար անոնց փորձերուն, որպէսզի աւերեն  հայկական հողը:

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ուշի ուշով ընկերային ցանցերու վրայ կը հետեւէինք Ամուլսարի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն: «Լիտիան Արմենիա» ընկերութիւնը (որ կը պատկանի «Լիտիան ինթըրնեշընըլ»-ին), միշտ ալ փորձած է շահագործել Ամուլսարի բնական վայրը` ոսկիի հանքարդիւնաբերութեան նպատակով:

«Լիտիան ինթըրնեշընըլ»-ի համաշխարհայնացած շուկայական լայնածաւալութիւնը յստակ է. ընկերութեան բաժնետէրեր կամ ֆինանսական աջակիցներ են Միջազգային ֆինանսական ընկերակցութիւնը, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը եւ այլ ընկերութիւններ ու անհատներ, որոնք մաս կը կազմեն հայաստանեան դրամատնային մարզին:

Ամուլսարը ծովուն մակերեւոյթէն 2987 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող տեսարժան վայր մըն է, ուր ամէն ոք, որ կ՛երթայ, մաքուր օդ կը շնչէ: Դժբախտաբար մեծ ընկերութիւնները մարդիկը պիտի զրկեն օդ շնչելու իրաւունքէն:

Երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ Ամուլսարի գեղեցիկ բնութեան հետ, երբ սկսի հանքարդիւնաբերութիւնը: Երեւակայեցէք այդ կանաչ տարածքը, որ ամբողջութեամբ պիտի անապատանայ: Երեւակայեցէք կենսոլորտի, հողի ապականութիւնը եւ հանքային թթուի հոսումը` քիմիական աւերիչ նիւթերով: Երեւակայեցէք պահ մը, որ Արփա, Դարբ ու Որոտան գետերը աղտոտին եւ տարածքի բնական միջավայրը փճանայ:

Այս բոլորն ալ մեծ ընկերութեանց վերջին հոգն են: Անոնք միայն կը մտածեն, թէ որքա՛ն իրենց դրամագլուխը պիտի աճի` առանց մտածելու, թէ գիւղացիները ինչպիսի՛ բնութեան մէջ պիտի ապրին:

Մէկ կողմէ ալ շատ հետաքրքրական է, որ ժողովուրդին մէջ կայ հանքարդիւնաբերութեան աղէտներուն գիտակցութիւնը: Աւելի հետաքրքրական է հասարակութեան անդրադարձը Ամուլսարի նիւթին եւ անոր մերժումը` բնութեան պաշարներու օգտագործման որեւէ փորձի:

Քաջալերական է, որ բնապահպանական պայքարը` ընդդէմ մեծ ընկերութեանց շահագործման, նաեւ փոխադրուեցաւ այլ կարեւոր դաշտ մը` ընկերային ցանցեր, ուր շատեր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ամուլսարի դատին` #SaveAmulsar հեշթեկը օգտագործելով:

Զօրակցութի՛ւն հայրենի հողին վրայ բնական պաշարներու օգտագործումը մերժող գործիչներուն, որոնք ունեցան այն գիտակցութիւնը, որ բնութիւնը մեծ ընկերութեանց դրամագլուխէն աւելի սուղ է:

 

Լենա Այտընեանին Ցուցահանդէսը

$
0
0

Յ. Թ.

Լենա Այտընեանը 9 նոյեմբեր 2018-ին կատարեց իր վերջին գործերուն ցուցադրութիւնը Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:

Այս ցուցահանդէսը կը յատկանշուէր կարեւոր նորութեամբ մը` իր նկարչական ասպարէզի հոլովոյթին մէջ: Այդ նորութիւնը մարդկային դէմքերու ընդգրկումն էր իր գերիրապաշտ նկարչութեան մէջ:

Ցարդ Լենա Այտընեանը կը հետեւէր վերացապաշտ-գերիրապաշտ ուղղութեան` ստեղծելով յաջող գործեր:

Իր նախորդ ցուցահանդէսին առիթով գրած էինք, ողջունելէ ետք իր տեսլականը (vision), որ աւելի բացուի իր տեսադաշտը բնութեան երեւոյթներուն վրայ:

Արդ, Լենան փորձած է մարդկային դէմքերը միաձուլել իր համադրութիւններուն մէջ, սակայն տեղ-տեղ այդ միաձուլումը չէ տուած սպասուած արդիւնքը:

Եթէ Լենա Այտընեանը կ՛ուզէ շարունակել այս երկու տարբեր` բնութեան եւ մտացածին ձեւերու (formes) մշակումը, պէտք է աշխատի տեւապէս:

Լենա Այտընեանը սկսած է դառնալ անուն մը` լիբանանահայ նկարչութեան մէջ: Կը մաղթենք իրեն նորանոր յաջողութիւններ:

Պուրճ Համուտ
10 նոյմբեր 2018

Յ. Գ.- Ցուցադրուած յաջողագոյն գործը թիւ 12 «Untold story»-ին է դէմքի միաձուլման մէջ:

Անդրադարձ. Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Սեղանիս վրան է տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» երկրորդ գիրքը, զոր վերջերս ուղարկած էր ան ինծի: 550 էջերէ բաղկացած պատկառելի ծաւալով հատոր մը, ուր մէկտեղուած են հայկական մամուլի մէջ իրենց ատենին հրատարակուած յօդուածները,  ինչպէս  առաջին հատորի պարագային էր: Այս երկրորդը կարելի է համարել առաջինին շարունակութիւնը` իր շօշափած նիւթերու պարունակով , որով եւ անհաւանական չէ ուրեմն, որ հետագային ալ շարքը երկարի լոյսին տրուելիք նոյնատիպ նորերով:

Առաջին տպաւորութիւնը, որ ընթերցողը կ՛ունենայ, շշմեցնող աշխատունակութիւնն է հեղինակին, որուն  քանի մը տարուան ընդգրկուն յօդուածագրութեան վաստակը ոչ միայն  կը հարստացնէ մեր մամուլին բովանդակութիւնը, այլեւ  հաւատարմօրէն ընթերցողը հաղորդութեան մէջ կը դնէ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ տեղակայուած հայ բեկորներու անձկութիւններուն հետ:

Իբրեւ աստուածաշնչական քարոզչութեան լծուած չյոգնող  գործիչ` Ծոցի էմիրութիւններէն Եմէն ու Ատիս Ապապա,  ասիական երկիրներէն  Եւրոպա, Արժանթին ու Փերու եւ մինչեւ Նոր  Զելանտաներ, ամբողջ երկրագունդի շրջանը ընդգրկող իր ճամբորդական դեգերումներուն մէջ հեռաւո՜ր, նոյնիսկ անծանօթ քաղաքներ կ՛այցելէ ան,  մշտատեւ կը փնտռէ եւ անպայմա՛ն կը գտնէ-կը յայտնաբերէ  հոս-հոն ծուարած հայ բեկորներու հոյլ մը, կը ջանայ զանոնք քով-քովի բերել, հանդիպումներ կ՛ունենայ անոնց հետ, իր ապրած պահը կը պատկերէ  եւ քաղած փորձառութիւնն ու այդ մասին իր խորհրդածութիւնները յօդուածներու ճամբով  կու տայ հանրութեան: Եւ` այնպիսի հետեւողականութեամբ  ու ոգիով, որ կարծէք այդ հրապարակումները քարոզիչի  նուիրական իր պարտքը կը սեպէ:

Այս տեսակէտէն, Հրայր Ճէպէճեանին յօդուածները, ունենալով հանդերձ գործուղումներու մասին անուղղակի  զեկուցումներու երանգ, այդուհանդերձ,  անոնք  կը ճոխացնեն  գեղարուեստական  մեր գրականութեան անդաստանը` շնորհիւ իւրայատուկ իր գրիչին, գրական ոճին եւ խորքային խորհրդածութեանց:

Ան իր խորհրդածութիւններուն շրջանակին մէջ կ՛առնէ սփիւռքահայու ազգային-հաւաքական ու ընտանեկան-անհատական կեանքի տագնապները, յոյսերն ու մաքառումները, դժուարութիւններն ու նուաճումները եւ այդ բոլորին մէջ հիանալի «յամառութեամբ» մը միշտ կը տեսնէ դրականը: «Անուղղելի» լաւատեսն է Հրայր Ճէպէճեան, որուն համար լաւատեսութիւնը այլընտրանք չունի: Լաւատեսութիւն մը, որ այնքան ալ հեռու չէ իրատեսութենէ:

Դժուար է հանդիպիլ հայ մարդու, որ իրեն պէս սփիւռքեան թափառումներու մէջ հայօճախներու հետ շփուի, անոնց խարխափումներուն, ամէն մարզի տեղատուութեանց ականատես ըլլայ,  բայց եւ այնպէս գիտակցաբար անտեսէ  զառիվայր ընթացող անկումը, իր տեսողութեան կիզակէտ դարձնէ զոհաբերուող   հոյլը փոքրաթիւ մարդոց  եւ վկայէ, թէ  անոնք նուիրուած են մեծ ճիգերու` կարենալ մագլցելու համար դժուար զառիվերը, այսինքն լծուած են մեր կառոյցներու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման նուիրական աշխատանքին: Կը մերժէ տեսնել անապատին ամայութիւնը եւ կը կառչի ովասիսին…

Ամէ՜ն, ամէ՛ն  ինչ` մարդկային զգացումներ թէ անհետացած քաղաքի ու ազգի պատմութիւն անոր  մտքին մէջ ու գրիչին տակ անպայման կը կապուի, կը համեմատի ու կը յանգի հայու զգացումներուն, մեր ազգի պատմութեան ու ճակատագրին  եւ հայրենիքին: Այդ բոլորին մէջէն կ՛որոնէ հայուն հին պատմութիւնը, որ` «Այսօր նոր տարազով ու նոր նուաճումներով  իր նոր պատմութիւնը կը կերտէ»:

Հրայր Ճէպէճեանը մէկ ու միակ ճշմարտութիւն ունի`  հայութիւնը, հայրենիքը եւ հողին ուժը: Անոր յօդուածներէն, նոյնիսկ տողերուն ընդմէջէն կը պոռթկայ իր այս միակ ճշմարտութիւնը: Տեղ մը կ՛ըսէ` «Հայուն ամբողջական մշակոյթը ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն ու  գրականութիւնը», եւ տակաւին` «Ցեղասպանութիւնն է ու պահանջատիրութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը»:

Ինքնաշարժէն կը դիտէ Մակարայ վանքին աւերակները եւ հոն կը տեսնէ հայուն կեանքը, որ կը շարունակուի, որովհետեւ  թէեւ  քանդուած են  Մակարայ վանքերը, բայց հաստատ  մնացած է  անոնց աւերակներէն եկող պատգամը` հաւատքը, «որ  հին է, սակայն` ոչ հինցած, եւ որ վկայութիւնն է հայուն ապրելու վճռակամութեան: Հաւատք` ազգային, քրիստոնէական ու պահանջատիրական»…

Սրտագրա՛ւ, միաժամանակ թելադրակա՛ն է «Ամմօ Արտոյին կոլերը» վերնագրով յօդուածը (էջ 296): Ամմօ Արտոն (Արտաւազդ Մարութեան)  30-ական թուականներուն եղած է նշանաւոր ֆութպոլիստ, մանաւանդ` կոլ նշանակող:  Փնտռուած մարզիկ  է Սուրիոյ զանազան ակումբներէն ու ազգային խումբէն: Ամէն մրցախաղի կողմնակից մարզասէրները միաբերան կը կանչեն արաբերէն` «Ո՜վ  Արտօ, կոլ կ՛ուզենք» (Եա՜ Արտօ, պեթնէ կոլ): Ամմօ Արտոն յուսախաբ չէր ըներ մարզասէրները, որոնք խաղի աւարտին յաղթապանծ  ախոյեանը ուսամբարձ կը պտտցնեն թաղէ թաղ:

Հրայր Ճէպէճեանին գրիչը  միայն պիտի կարենար այդ կոլերու  իւրաքանչիւրին մէջ տեսնել հայուն վերապրումը: Կը հաստատէ, որ` «Ցեղասպանութենէն ետք Ամմօ Արտոն եւ իրեն նման շատեր դարձան մեր հերոսները, որոնք մեր հոգիներուն մէջ դրին  հայուն ապրելու հպարտութիւնը: Իւրաքանչիւր կոլ քիչ մը աւելի արմատացուց այս հպարտութիւնը: Ատիկա առանց աշխատանքի չեկաւ, այլ անպայման կար պայքարը: Եւ  հայուն շարունակականութիւնը նոյնինքն այդ պայքարին մէջ է…»:

Վստահաբար հայու հաւաքական ու անհատական կեանքի մաքառումներուն եւ անձկութիւններուն խորքը կը պեղէ եւ սփիւռքահայու ներքին խռովքը կ՛ապրի տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին այս նոր գիրքը կարդացողը:

Հեղինակին վարձքը կատար:

 

Աթէնք, 5 նոյեմբեր 2018

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանը Եւրասիական Շրջագիծին Մէջ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

14 մայիսին Ռուսիան ստանձնեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) նախագահութիւնը, եւ նոյն ամիսը կազմակերպութիւնը համաձայնագիրներ ստորագրեց Չինաստանի եւ Իրանի հետ: Այս համաձայնագիրները անկիւնադարձային էին, որովհետեւ բաւական ներքին դժգոհութիւն յառաջացած էր անդամ երկիրներուն կողմէ, որոնք կը դժգոհէին, որ կազմակերպութիւնը դարձած է ռուսական մենաշնորհութեան գործիք մը: Աւելի՛ն. վերջին ամիսներուն նոյնանման տնտեսական համաձայնագիրներ ստորագրուեցան նաեւ Վիեթնամի հետ: Հետեւաբար, արեւմտեան ճնշումները` Եւրասիական տնտեսական միութեան վրայ, զայն կը մղեն, որ ուղղուի դէպի հարաւ-արեւելք:

ԵՏՄ-ի համար դէպի Ասիա ուղղուիլը բաւական արդիւնաւէտ է, որովհետեւ ասիական շուկային մէջ եւրասիական արտադրութիւնները կրնան մրցակցիլ տեղական արտադրութիւններուն հետ, բան մը, որ գրեթէ անկարելի է Եւրոպական Միութեան մէջ: ԵՏՄ-ի եւ Չինաստանի ու այլ ասիական երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը առաջին յենարանն է Չինաստանի կողմէ նոր Մետաքսէ ճանապարհի կառուցումին համար, ինչ որ նաեւ պիտի ընդգրկէ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրները: Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է այս համագործակցութեամբ, եւ Արեւմուտքը տակաւին չկրցաւ ըմբռնել այն գաղափարը, թէ որքա՛ն ճնշում բանեցնէ Ռուսիոյ եւ ԵՏՄ-ի վրայ, անոնք ա՛լ աւելի պիտի հակին դէպի Ասիա, մասնաւորապէս` Չինաստան:

Հայաստանի մէջ ժողովրդային յեղափոխութեան ցնցումէն ետք արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ ուսումնասիրական կեդրոնները սկսան հրապարակել վերլուծումներ, ըստ որոնց,  Հայաստան պիտի լքէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Վրաստանի օրինակին հետեւելով` ուղղուի դէպի Արեւմուտք: Արդեօ՞ք պէտք է այս կեդրոններուն յիշեցնել Արեւմուտքին դերը 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմին. ո՞ւր էին Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգները… Սակայն Նիկոլ Փաշինեան յստակ պատկերացում մը ունի որոշ չափով եւ այդ պատկերացումը ան ներկայացուց նախագահ Փութինին: Փաշինեանը վերջապէս համոզուեցաւ, որ Հայաստանի միակ ելքը Եւրասիական տնտեսական միութիւնն է, սակայն ասիկա ըսել չէ, որ Երեւան պէտք է իր յարաբերութիւնը խզէ Արեւմուտքին հետ: Հայաստանի աշխարհագրութիւնը եւ անոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակը անոր կու տայ կամուրջի մը հանգամանքը: Հայաստան պէտք է դառնայ նոր Մետաքսի ճամբուն սիւներէն մէկը` դառնալով Եւրասիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կամուրջ մը` առանց շեղելու իր եւրասիամէտ արտաքին քաղաքականութենէն:

Վերջապէս, Հայաստանի համար կը մնայ հասարակութեան մէջ հիմնաւորել եւրասիականութեան անհրաժեշտութիւնը` քաղաքական եւ տնտեսական գոյատեւման համար:  Այսօր տակաւին կը տեսնենք անտարբերութիւն եւ երբեմն դիմադրութիւն` հայաստանեան կարգ մը կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց նիւթական օժանդակութիւններու եւ ծրագիրներու աղբիւրները յայտնի են: Օր ու գիշեր անոնք կը փորձեն համոզել հասարակութիւնը, որ Հայաստան պէտք է ուղղուի դէպի Արեւմուտք եւ խզէ Ռուսիոյ եւ Եւրասիոյ հետ իր յարաբերութիւնը: Միւս կողմէ` մինչեւ օրս ոչ մէկ կուսակցութիւն կամ հասարակական շարժում իր ծրագիրին մէջ որդեգրած է եւրասիականութեան գաղափարը` Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական հզօրացման համար: Հայաստան կարողութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ հսկայ դեր խաղալու թէ՛ Չինաստանի նոր Մետաքսի ճանապարհի ծրագիրներուն եւ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական կամուրջ մը դառնալու:

Yeghia.tash@gmail.com

Ով Է Դաշնակցականը. Դաշնակցականը Եւ 98 Տոկոսը

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Փաստ է, որ Խ. Միութեան փլուզումէն ետք, դրամատիրական աշխարհակարգը սկսած է գործել սանձարձակութեամբ: Այս աշխարհակարգը կը դաւանի ոչ թէ մարդկային արժէքներ` իրենց բաղադրամասերով, այլ միայն ու միայն նիւթական-դրամական արժէքային կառոյց մը` Շուկան (գլխագիր), ուր կարելի է ամէն ինչ վաճառել ու գնել:

Քիչ Մը «Շուկայական» Հաշիւ

Այս Շուկան է, որուն ուղղակի հակադրումի ճամբով կը խաչաձեւուի ու կը բախի ընկերային-տնտեսական արդար համակարգի գաղափարը` իրեն զուգընթաց ունենալով ազգային արժէքաբանութեան համակարգը` իբրեւ մտածողութիւն:

Այս Շուկան այսօր «հարստացած» է ելեւմտական դրամատիրութեան (Financial Capitalism) ազդակով, որ մէկ կողմէ կը փորձէ նոյն դրամատիրական աշխարհակարգին մէջ դասական արտադրողական բնագաւառի (գործարաններ եւ այլն) մենատիրութեան տեղը առնել, միւս կողմէ` կը փորձէ ճնշել աշխատաւորական խաւերը բոլո՛ր երկիրներէ ներս: Այս իմաստով ալ Շուկան ո՛չ ազգութիւն, ո՛չ ազգային-մշակութային առանձնայատկութիւններ, ո՛չ ալ պատմական-մշակութային իւրայատկութիւններ կը ճանչնայ: Ան կը ժխտէ հոգեմտաւոր արժէքներու գոյութիւնը եւ կը դաւանի միայն ու միայն Դրամի (դարձեալ գլխագիր) ուժն ու արժէքը: Անիկա կը ժխտէ հաւաքականութիւնը, ժողովուրդը եւ ազգը` իբրեւ մարդկային հաւաքականութեան կազմակերպ եւ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող համակարգ եւ կը ջատագովէ անհատին բարօրութիւնն ու բարգաւաճումը, այն պատրուակով, որ երբ անհատը բարգաւաճի, իր հետ կը բարգաւաճեցնէ նաեւ իր շրջապատը:

Վերջին գէթ երկուքուկէս տասնամեակներուն Շուկան իր տիրապետութիւնը սկսած է հաստատել աշխարհաքաղաքական ուժի կեդրոններուն, որոշում կայացնող կեդրոններուն վրայ (Ուաշինկթըն, Պրիւքսել-ԵՄ)` փորձելով այդ ձեւով ալ համաշխարհային քաղաքական զարգացումները ենթարկել իր կամքին, հոգ չէ, թէ իր կարգ մը որոշումները աղէտալի ըլլան միլիոնաւորներու, ըլլան անոնք Մ. Նահանգներու, ԵՄ-ի, Լատին Ամերիկայի (յիշեցէք Վենեզուելան եւ այսօր` Արժանթինը), Լիպիոյ, Իրաքի, կամ Յունաստանի մէջ:

Ուժանիւթի արտադրութեան կեդրոններու, նոյն ուժանիւթի փոխադրութեան գիծերուն վրայ ամբողջական հակակշիռ ունենալու մոլուցքն է, որ այսօր քարուքանդ ըրած է Իրաքը, Լիպիան, Աֆղանիստանը: Նոյն այդ մոլուցքին հետեւանքն է այսօր Մ. Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ դիրքորոշումը, որուն ծայրայեղական դրսեւորումները կրնան ցնցումներու ենթարկել նոյնինքն մեր հայրենիքը` Հայաստանը (երբ ըսենք Հայաստան, պէտք է հասկնանք նաեւ ներառեալ ամբողջ Արցախը):

«Շուկային Զէնքերը»

Այս ընելու համար դրամատիրական աշխարհակարգը կը տիրէ երկու կարեւոր եւ հիմնական զէնքերու.

Առաջինը ելեւմտական աշխարհի` իր իսկ կողմէ հաստատած լծակներն են: Օրինակի համար, Համաշխարհային դրամատուն (ՀԴ, World Bank), Միջազգային դրամական հիմնարկ (ՄԴՀ, International Monetary Fund), դրամական փոխանցումներու SWIFT դրութիւն: Ըլլա՛յ ՀԴ-ն, ըլլա՛յ ՄԴՀ-ն երրորդ երկիրներու իրենց փոխատուութիւնները կը կատարեն խստագոյն պայմաններով` անոնց պարտադրելով, որ սեփականաշնորհեն հանրային-պետական հաստատութիւններ, կամ ինչքեր (նաւահանգիստներ, հանքեր, ենթակառուցային դրութիւններ` ջուրի, ելեկտրականութեան եւ փոխադրութեան ցանցեր եւ այլն): Անոնք փոխառութիւն կատարող երկիրներուն կը պարտադրեն «կրճատել» ծախսերը. այսինքն` կրճատել հանրային կրթութեան եւ առողջապահութեան, անգործութեան հատուցումի, ընկերային-ծերութեան թոշակները, բարձրացնել անուղղակի տուրքերը եւ կամ` որդեգրել եկամտահարկի համահարթ, միատեսակ դրութիւն, ուր թէ՛ մեծահարուստը եւ թէ՛ պարզ աշխատաւոր-պաշտօնեան նոյն համեմատութեամբ տուրք վճարեն` ի հակադրութիւն յառաջատուական դրութեան, ուր եկամտահարկի տոկոսը կ՛աւելնայ եկամուտին համեմատ:

Այս բոլորը կը կատարուին նպաստելու համար գործատէր, դրամատէր դասակարգին, ուժեղացնելու համար զայն` ի հաշիւ, բառին ամենալայն իմաստով, աշխատաւոր խաւին:

«Անսաստողները» նախ կը զրկուին որեւէ փոխատուութենէ, ապա մինչեւ իսկ կրնան պատժամիջոցներու ենթարկուիլ: Օրինակ` «անսաստող» երկրի մը դրամատնային համակարգը կրնայ դուրս նետուիլ դրամական միջազգային երթեւեկի SWIFT համակարգէն, կամ կրնայ զրկուիլ կանխիկ գումարէ (յիշենք Յունաստանի պարագան, երբ Եւրոպական կեդր. դրամատունը կասեցուց եւրոյի հոսքը, երեք տարի առաջ):

Երկրորդը մետիան է, մամուլը, այսինքն` տպագիր, լսատեսողական (ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ) եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցները: Դրամատիրութեան ազդու զէնքերէն է մամուլը, որուն վրայ արեւը իրապէ՛ս որ մար չի մտներ ու կը գործէ օրական 24-ժամեայ դրութեամբ:

Այս մամուլն է, որ աշխարհի իւրաքանչիւր երկրի մէջ անդադար կը գովաբանէ վայրագ դրամատիրութեան «բարիքները»` գործածելով գաղտնաբառեր, ինչպէս, օրինակ, քաջալերել միա՛յն «անհատական ձեռներէցութիւնը» (ընկերվարութիւնը չի ժխտեր սեփական նախաձեռնութիւնը, այլ կը կանոնակարգէ ու կը համադրէ զայն, ի հարկին` հանրային բնագաւառին հետ. այս մասին, սակայն, քիչ անդին), սեփականաշնորհման «բարիքները», շեշտել անհատը եւ ոչ թէ հաւաքականութիւնը (ժողովուրդ, ազգ), անհատի բարգաւաճման մէջ տեսնել հաւաքականութեան բարգաւաճումը, հանրայինը լաւ չի գործեր, մինչդեռ սեփականաշնորհուածը, տեսէք, ի՜նչ արդիւնաւէտութեամբ կ՛աշխատի, «աւելորդ» ու «շռայլ» ծախսեր են անգործութեան, հանրային կրթութեան, ընկերային ապահովութեան համակարգին համար ծախսուած գումարները («ինչո՞ւ ծոյլերը վարձատրենք մեր վճարած հարկերով…»), հանրութեան խոցելի խաւերը անդադար մեղադրել եւ ամբաստանեալի աթոռին գամել իրենց այդ կարգավիճակին համար ու այլ, աղբանոցի արժանի հեքիաթներ:

Այս քարոզչական հնարքներուն դէմ պայքարելու, ներհայաստանեան առումով ընկերային ներքին համերաշխութիւն մը ստեղծելու ջատագովն է Դաշնակցութիւնը, եւ հետեւաբար նաեւ` դաշնակցական անհատը: Բայց պայքարելու եւ կացութիւնը բարեշրջելու համար նախ պէտք է…

«… Ճանաչել Զիմաստութիւն»

Համաշխարհային իրականութեան այս ամփոփ ակնարկին լոյսին տակ շատ աւելի կը դիւրանայ ըմբռնելը, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ եւ դեռ կը կատարուի հայու հայրենիքին` Հայաստանի մէջ:

Դաշնակցական մարդը, բոլորին նման, ի՛նք եւս ենթակայ է այս քարոզչութեան աւերիչ ազդեցութիւններուն` ըլլա՛յ Երեւանի, ըլլա՛յ Նիւ Եորքի, Պէյրութի կամ Եւրոպայի մէջ:

Բայց ի՞նչ կրնայ ընել ան: Պատասխանենք` շատ բան:

Ամէնէն առաջ, ան պարտաւոր է նախ ճանչնալու այս իրականութիւնները, ու ապա, ատոնց լոյսին տակ, տիրութիւն ընէ Դաշնակցութեան ծրագրային առաջնահերթութիւններուն:

Դաշնակցականը այս իրականութիւններու լոյսին տակ է, որ պիտի արժեւորէ հայրենիքին մէջ վարուող ոչ միայն ընկերային-տնտեսական, այլեւ ազգային ապահովութեան առնչուող զոյգ քաղաքականութիւնները: Արժեւորէ եւ ըստ այնմ դիրք ճշդէ: Որովհետեւ, օրինակ, երբ Հայաստանի իշխանութեան բարձրագոյն բեմէն (Սերժ Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան) հրապարակաւ մեղադրանքներ կ՛ուղղուին հանրութեան ամենախոցելի խաւին («ծոյլ» եւ այլ որակումներով), դաշնակցականը ո՛չ միայն պիտի պաշտպանէ նոյն այդ խոցելի խաւը, այլեւ պիտի աշխատի այնպիսի ծրագրով, որ նոյն այդ խոցելի խաւը դառնայ նուազ այդպիսին ու սկսի ինքնաբաւ դառնալ:

Նախորդ եւ ներկայ իշխանութիւններու նոր-ազատական մտակառոյցը, որ կ՛ականահարէ ներքին ընկերային համերաշխութեան տանող ուղիները մեր հայրենիքէն ներս, ամէնէն առաջ իր դէմ պիտի գտնէ դաշնակցական մարդուն վճռակամութիւնը:

Դաշնակցականն է, որ իր շրջապատին պիտի բացատրէ, զայն համոզէ, որ ընկերվարութիւնը բնա՛ւ չի ժխտեր սեփականատիրութիւնը եւ անհատ ձեռներէցութիւնը: Ընդհակառակը, կը քաջալերէ զայն կանոնակարգուած կերպով, որպէսզի նախ բացառուի շահագործումը, եւ ապա աշխատաւոր մարդը իրաւունքը ունենայ վայելելու իր արդար աշխատանքին վարձատրութիւնը:

Դաշնակցական մարդը իր շրջապատին պիտի բացատրէ անխնայ սեփականաշնորհումի չարիքներուն մասին, դիրք պիտի ճշդէ բոլոր տեսակի հանրապատկան ինչքերու եւ ծառայութիւններու անխնայ սեփականաշնորհման դէմ, որովհետեւ անարդար է 2 տոկոսին շահերը մնացեալ 98 տոկոսին շահերուն գերադասելը:

Արդարութեան ջատագովն է դաշնակցականը: Ու ատոր համար ալ ան քննական ակնոցով կը դիտէ մեր պետական այրերուն կողմէ միջազգային հարթակներուն վրայ արտասանած իւրաքանչիւր խօսք, ուր կը բացակայի հայութեան նկատմամբ գործուած անարդարութիւնը սրբագրուած տեսնելու վճռակամութիւնը:

Դաշնակցականն է, որ պիտի հանդիսանայ ազգային ներքին ընկերային համերաշխութեան ջատագովը: Ան ջատագովն է այնպիսի ընկերութեան մը, ուր ազգային-մշակութային իւրայատկութիւնը ոչ թէ գերիվեր կամ ստորադաս է ուրիշներէն, այլ պարզապէս իր իւրայատկութեամբ կը հարստացնէ ազգամիջեան, համամարդկային դրուածքը:

21-րդ դարուն ընկերային, տնտեսական եւ ազգամիջեան անարդարութիւններուն դէմ հաւասարապէս մարտնչող մարտիկն է դաշնակցականը:

 

«Կանչ Հրեշտակապետին» 19-րդ Թիւի Գրախօսականը

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ
փոխտեսուչ Զմմառու
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի
եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի

Մարդուն բանաւոր խօսքը զարգացնելու համար անհրաժեշտ է զարգացնել նաեւ անոր գրաւոր խօսքը, ուստի Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներուն եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներուն բանաւոր ունակութիւնները ծաղկեցնելու միտումով, նկատի առած, որ ապագային որպէս կղերականներ անոնք Տիրոջ խորանէն եւ զանազան այլ բեմերէն ելոյթներ պիտի ունենան իրենց ժողովուրդին դիմաց, տեսչութիւնը «Կանչ հրեշտակապետին» տարեգիրքը որպէս հարթակ կ՛օգտագործէ` մեծապէս կարեւոր նկատելով սաներու հոգեմտաւոր ունակութիւններուն զարգացումը:

2018-ի թիւը համակողմանի, ներդաշնակ թեմաներու ծաղկաքաղ մըն է` ձօնուած դպրեվանքի գլխաւոր բարերար Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի մահուան 225-ամեայ յոբելեանին:

Տարեգիրքին նիւթերը, քանակական եւ որակական առումներով, բովանդակալից են. ընդգրկուած թեմաները այլազան են, անոնք հինգ ընդհանուր խորագիրներու տակ տեղադրուած են:

– Առաջին բաժնին մէջ ստորգրած են Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր, Պէյրութի թեմի կաթողիկէ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան:

Խմբագրական` խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեան:
Տեսուչ հօր խօսքը` Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:
Փոխտեսուչ հօր խօսքը` Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան:
Դպրեվանքի հոգեւոր հօր խօսքը` Գէորգ արք. Խազումեան:

– Երկրորդ բաժինը յատկացուած է յոբելեաններու, որոնք այս տարի խանդավառած էին համայն հայութիւնը` հայրենիքի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի մէջ:

– Երրորդ բաժինը դպրեվանքի կիսասարկաւագներուն արձանագրած ձեռքբերումներու ներկայացումն է. անոնց համալսարանական աւարտաճառերուն ամփոփումը:

– Չորրորդ բաժինին մէջ, շաբաթական դրութեամբ, կիսասարկաւագներ` Կարօ Գլընճեանի, Վարդան (Պասել) Ճալլուֆի եւ Լեւոն (Ժիւլիան) Ստեֆանի ներկայացուցած քարոզներէն երկուքական նմուշներ ներառուած են:

– Հինգերորդ եւ վերջին բաժնին մէջ հրատարակուած են ազատ նիւթեր:

Գրաւոր խօսքի նկատմամբ տեսչութիւնը պահանջկոտ է եւ խստօրէն կը հետեւի անոր ճիշդ կիրարկման խնդրին: Ան պէտք է արտայայտէ շօշափուող թեմայի էութիւնը` առանց աւելորդութիւններու, երկրորդական մանրամասներու, անտեղի շեղումներու: Ան եթէ ըլլայ դիպուկ, ապա կը ներգործէ, կը ներշնչէ յուզականութիւն` զարգացնելով գեղեցիկի նկատմամբ մարդու ընկալման որակը: Մարդիկ կեանքի տարբեր երեւոյթները եւ արուեստի մէջ անոնց արտացոլումները կը գնահատեն որպէս գեղեցիկ կամ այլանդակ, ողբերգական կամ երգիծական, վայելչագեղ կամ կոպիտ:

Այս բոլորը կ՛օժանդակեն սաներուն աշխարհահայեացքի ձեւաւորմանը, մտահորիզոնի ընդարձակմանը, երեւակայութեան խթանմանը, եւ այս ամէնը կը նպաստեն թերթի որակի բարելաւման ու սաներու գրաւոր ունակութիւններու զարգացման, անոր ճիշդ կիրարկման պարագային, մենք կ՛ունենանք մեր դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին» հերթական որակեալ թիւը, ուր կ՛արտացոլուի ժառանգաւորաց հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ կրթական առօրեան:

 

 

Դեկտեմբերեան Ընտրութիւններն Ու Մեծ Սխալը

$
0
0

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Որ ժողովրդային շարժման արդիւնքները թելադրում էին ՀՀ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ անցկացնել, կարծէք, ոչ ոք չէր ընդդիմանում: Բայց յատկապէս ի՞նչ նպատակով եւ ինչպէ՞ս պէտք էր արտահերթ ընտրութիւններ անցկացուէին, այսօր էապէս անտեսուել է: Այս առումով, հանրային մտայնութեան մէջ մնացել է միայն հնի մերժումն ու Փաշինեանի իշխանութեան ամրապնդումը. նոր իշխանութիւնը, յանուն շուտափոյթ եւ հնարաւորինս շատ ձայների ու աթոռների, զոհեց հաւասար հնարաւորութիւնների ապահովումն ու ընտրական օրէնսգրքի բարելաւումը` վերջինի առումով խաղարկելով կիսատ-պռատ ճիգեր, որոնց իրագործումը կարող էր աւելի խաթարել ժողովրդավարութիւնն ու ընտրական համակարգը: Սա մեծագոյն սխալ էր, որ արդէն անխուսափելի ընթացքի մէջ է` պարտադրուած Փաշինեանի կողմից: Եւ այս սխալը կարող է յանգեցնել նոր քաղաքական անկայունութեան:

Վերյիշենք ոչ հեռու անցեալի խոստումներն ու ծրագրերը` հնչեցուած ամենաբարձր ամպիոններից ու, հիմնականում, ամրագրուած կառավարութեան ծրագրում:

ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնների անցկացման առաջին փաստարկն այն էր, որ ներկայիս խորհրդարանը չի արտացոլում հանրային իրական տրամադրութիւնները եւ դա խոչընդոտ է արդիւնաւէտ կառավարման եւ երկրի զարգացման համար:

Երկրորդ կարեւոր փաստարկն այն էր, որ 1991-ից յետոյ Հայաստանում ընտրութիւնները անցել են խախտումներով, ճնշումներով, կաշառքով, վարչական միջոցների օգտագործմամբ եւ այլ արատաւոր միջոցներով, ինչը խաթարել է հանրութեան վստահութիւնն ընտրութիւնների եւ իշխանութեան հանդէպ: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է վերականգնել այդ վստահութիւնը` անցկացնելով ազատ, արդար, օրինական ընտրութիւններ:

Երրորդ նպատակադրումը ընտրական օրէնսգիրքի բարելաւումն էր, որ կը նպաստէր աւելի լաւ որակի ընտրութիւնների կայացմանը: Մասնաւորապէս անձերի միջեւ պայքարը` տարածքային վարկանշային համակարգով պայմանաւորուած, պէտք էր վերացուէր` դուռ բացելով քաղաքական ուժերի եւ նրանց ծրագրերի մրցապայքարի համար:

Չորրորդ կարեւոր պայմանը քաղաքական ուժերին բաւարար ժամանակ յատկացնելն էր, որ մեղմուէր յեղափոխական զգացմունքայնութիւնը, իսկ կուսակցութիւնները պատրաստ լինէին նոր ընտրութիւններին` ունենալով հաւասար հնարաւորութիւններ:

Հինգերորդ կարեւոր քայլը սուփըրվարչապետական լիազօրութիւնների թուլացումն էր, մասնաւորապէս` ոստիկանութեանը հաշուետու դարձնելը ԱԺ-ին. սա ոստիկանութեան համար կ՛ապահովէր առաւել անաչառ դիրքորոշում եւ կը սահմանափակէր գործող վարչապետին` ընտրութիւնների ընթացքում չարաշահել լծակները:

Վերջապէս, վեցերորդ պայմանն այն էր, որ ընտրութիւնները թեքնիք իմաստով կազմակերպուէին աւելի լաւ, ցուցակները լինէին աւելի մաքուր` բացառելով կրկնաքուէարկութիւնները, բացակաների քուէարկութեան դէպքերը` բարձրացնելով գործընթացների թափանցիկութեան մակարդակը:

Եւ այս ամէնի իրագործման համար, որպէս տրամաբանական ժամկէտ, սահմանուեց մինչեւ մէկ տարին:

Երեւանի աւագանու ընտրութիւններից յետոյ վարչապետ Փաշինեանը առաջադրեց նոր մօտեցումներ, մասնաւորապէս` ԱԺ ընտրութիւնները դեկտեմբերին անցկացնելու պահանջով, բերելով 3 հիմնական փաստարկ.

  1. Երեւանի աւագանու ընտրութիւնները, ըստ վարչապետի, ցոյց տուեցին, որ ժողովուրդը պահանջում է ընտրութիւններն աւելի շուտ անցկացնել եւ ձգձգելու որեւէ լուրջ պատճառ չկայ,
  2. Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար այս ընտրութիւնների շուտափոյթ անցկացումը չափազանց կարեւոր է, քանզի ներդրողները պէտք է իրենց աւելի շուտ վստահ ու պաշտպանուած զգան,
  3. Հին «սեւ» եւ «հակայեղափոխական» ուժերը կարող են ամէն պահի դաւադրական քայլեր իրականացնել` վտանգելով «յեղափոխական» իշխանութեան գործունէութիւնը, ամրապնդելու իրենց դիրքերը:

Այսպիսով, ընտրութիւններն ու դրանց արդիւնքները պէտք է լինեն յեղափոխութեան հռչակած սիրոյ եւ համերաշխութեան հերթական արտացոլանքը:

Նկատենք, որ հանրային վստահութիւն վայելող խորհրդարանի ձեւաւորումը` արդար եւ օրինական ընտրութիւնների միջոցով, հիմնական նպատակ են: Սակայն հնարաւո՞ր է «անբացատրելի» շտապողականութեամբ իրագործել դէպի այդ նպատակ տանող քայլերը, թէ՞ կ՛ունենանք մի նոր պիւռոսեան յաղթանակ` դուռ բանալով նոր ցնցումների համար:

Ընտրութիւնների ժամկէտը արհեստականօրէն առաջ բերելը բացառեց նշուած գրեթէ բոլոր նպատակադրումների իրականացումը.

  1. Ընտրական բարեփոխումները հնարաւոր չէր լիարժէք կատարել այս ժամկէտում, հետեւաբար աւելի լաւ համակարգով չենք գնում ընտրութիւնների:
  2. Եթէ նոյնիսկ խորհրդարանն ընդունէր մասնակի ընտրական փոփոխութիւնները, ապա դրանց կիրարկումը կը լինէր անարդիւնաւէտ. քաղաքական ուժերն ու ընտրական համակարգը ուղղակի չէին կարող պատրաստ լինել այդ փոփոխութիւններին: Դա նման կը լինէր գնացքի գծերի փոփոխութեանը` գնացքի ընթացքի պայմաններում:
  3. Քաղաքական դաշտի անկայունութեան պայմաններում շուտափոյթ ընտրութիւնները կը յանգեցնեն հանրային աշխուժ մասի մասնակցութեանը` ի մերժում հին իշխանութեան, իսկ նոր իշխանութիւններից դժգոհ բնակչութիւնը էապէս կարող է մեկուսանալ` խուսափելով հրապարակայնօրէն դէմ գնալ նոր վարչակարգին:
  4. Սուփըրվարչապետական լիազօրութիւններից նոր իշխանութիւնները չեն ցանկանում հրաժարուել նախընտրական փուլում` հակասելով իրենց իսկ պահանջներին: Այդ լիազօրութիւններն անհրաժեշտ են Փաշինեանին` երկրում ամբողջական իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար:

Ստացւում է, որ այս ընտրութիւնները`

  1. Լիարժէք չեն արտացոլի հանրային իրական տրամադրութիւնները, քանզի ընթանում են ոչ թէ համերաշխութեան, այլ` մերժման մթնոլորտում:
  2. Քաղաքական ուժերը մրցապայքարին կը մասնակցեն անհաւասար պայմաններում` ժողովրդային ալիքի չմարած յորձանուտում:
  3. Նոր ձեւաւորուած իշխանութիւնը կարող է ունենալ պիւռոսեան յաղթանակ` շատ քուէներ, որոնք արագ կարող են վերածուել մեծ հիասթափութեան: Եւ կարճ ժամանակում կարող է նոր խորհրդարանն էլ չարտայայտել հանրութեան իրական տրամադրութիւնները:
  4. Ստեղծուած իրավիճակը կարող է դուռ բացել նոր մենիշխանութեան համար` հրապարակի իշխանութեան լոզունգների ներքոյ (բոլոր մենիշխանութիւնները հաստատուել են ժողովրդի անունից եւ «ժողովրդի համար»):
  5. Քաղաքական կուսակցութիւնները, իրենց ուժերը վերականգնելուց յետոյ, կարող են յայտ ներկայացնել` արտահերթ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ անցկացնելու պահանջով. նրանց հակազդեցութիւնը կարող է լինել համարժէք, իսկ հրապարակը` թեքուել նրանց կողմ:

Պատկերաւոր ասած` ժողովրդային շարժումը Հայաստանի քաղաքական դաշտին նաքաութի հասցրեց, տապալեց գետնին եւ հիմա նոր հարուածներ է հասցնում: Առարկայականօրէն, նոր հարցեր են առաջ գալիս. բացի Փաշինեանից ու նրա աջակիցներից` է՞լ ում է անհրաժեշտ, որ Հայաստանում ընտրութիւններն անցնեն այսպիսի պայմաններում: Արդեօ՞ք դրանք կապուած չեն Իրանի ու Ռուսաստանի դէմ կիրառուող պատժամիջոցների նոր ալիքի հետ: Արդեօ՞ք սա Իրանի ու Ռուսաստանի շուրջ օղակի նոր սեղմման քայլ չէ: Արդեօ՞ք Արցախի հարցի շուրջ սա նոր գործիք չէ ու ճնշում` գնալու զիջումների: Հայաստանի քաղաքական դաշտն ու պետական համակարգը ցնցումների մէջ են, Փաշինեանի բարձր հեղինակութեանն ուղիղ բացասական համեմատական են պետական համակարգի անարդիւնաւէտ աշխատանքն ու քատրային քաղաքականութիւնը: Այս ցնցումային վիճակում յանպատրաստից ընտրութիւնները որքանո՞վ կը նպաստեն երկարաժամկէտ կայունութեանը, եւ արդեօ՞ք կը ստեղծուի ներքաղաքական համերաշխութիւն, ինչպէս խոստացուել էր:

Ցաւօք, արտահերթ ԱԺ ընտրութիւններում աւելորդ շտապողականութիւնը կարող է ոչ հեռու ապագայում յանգեցնել նոր անկայունութեան, եւ սա է դեկտեմբերեան մեծ սխալը, որն արդէն ճամբայ է ընկել` դառնալով պարտադրանք բոլորիս համար:

 

 


Ասք` 800 Հազար Անբանի, 350 Հազար Ճռռացողի Եւ Վարչապետի Տուայտանքների Մասին

$
0
0
Կամ` Հակայեղափոխութեան
Նոր Առաջնորդը

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԱԼՎՐՑԵԱՆ

Եթէ մարդ չգիտենայ, թէ գործազրկութեան համար ինչքան նպաստ է ստանում մէկ ընտանիքը, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նկատմամբ կը լցուի անհուն երախտագիտութեամբ. ուրիշ այդ ո՞ր պետութիւնն է բնակչութեան գրեթէ 30 տոկոսին (ըստ վարչապետ Փաշինեանի` 800 հազար մարդ) վճարում գործազրկութեան նպաստ: Գործազրկութեան կամ, աւելի ճիշդ, աշխատել չցանկանալու պատճառն էլ շատ պարզ է` դարձեալ ըստ վարչապետի. «Ինչո՞ւ Հայաստանում շատերը չեն ուզում աշխատել. որովհետեւ, աղքատութեան նպաստ են ստանում: Մտածում են` եթէ աշխատեն, նպաստից կը զրկուեն: Իրանց կովերին մորթում են, որ աղքատութեան նպաստ ստանան, հեռուստացոյց չեն առնում, որ աղքատութեան նպաստ ստանան: 350 հազար մարդ ճռռում է, որ պահի 800 հազար մարդու»:

Պարոն Փաշինեանը մինչեւ իշխանութեան գալը ժողովրդի աղքատութեան ու գործազրկութեան համար մեղադրում էր իշխանութիւններին, որոնք թալանչիներ էին, կաշառակերնէր, փտածներ, ժողովրդին կեղեքողներ, ովքեր նոյնիսկ մատը մատին չէին տալիս գործատեղեր ստեղծելու համար, եղածներն էլ ագահ իշխանաւորների պատճառով փակւում էին եւ այլն, եւ այլն:

Ճիշդն ասած, ես, Ն. Փաշինեանի եւ նրա համախոհների քաղաքական հայեացքները չկիսելով հանդերձ, ընկերային-տնտեսական կեանքի վերաբերեալ այս գնահատականների հետ հիմնականում համաձայն էի: Սակայն պարզւում է, որ պարոն Փաշինեանն այսօր` իշխանութեան գալուց եօթ ամիս անց, այլ կարծիք ունի. այսինքն  իր վատ ապրուստի համար ժողովուրդն ինքն է մեղաւոր, այլ ոչ թէ` կառավարութիւնը, իր ղեկավարած կառավարութիւնը: Աւելի՛ն. այդ մարդիկ այնքան խելք չունեն, որ մի 18-25 հազար դրամի համար կովերն են մորթում, հեռուստացոյց չեն առնում, իրենց ու զաւակներին գիտակցաբար զրկում են, միայն թէ չզրկուեն այդ ողորմելի նպաստից:

Բայց մի՞թէ սա է Հայաստանի հպարտ քաղաքացին` ծոյլ, խաբեբայ, պորտաբոյծ, իր երեխաների նկատմամբ անհոգի ու դաժան, հայրենիքի ճակատագրի հանդէպ անտարբեր… Մինչ այս մեզանում (նաեւ` մեզ քիչ թէ շատ ճանաչող այլ ժողովուրդների մօտ) դարերով իշխում էր այն համոզմունքը, թէ հայ ժողովուրդը աշխատասէր է, քարից հաց է քամում եւ այլն: Միլիոնաւոր հայ մարդիկ, որ ակամայ ապրում են այլ երկրներում, նոյնպէս այս համոզմունքն են ունեցել եւ ունեն` ի տարբերութիւն ՀՀ վարչապետի, ով աշխատասիրութիւն տեսնում է միայն «ճռռացող» փոքրամասնութեան մէջ:

Ի՞նչ պատահեց, ինչո՞ւ է ազգընտիր վարչապետն իրեն իշխանութեան բերողներին նման որակաւորումներ տալիս:

Կարծում եմ` պատահեց հետեւեալը. նա հասկացաւ, որ իր քաղաքական խմբակով ու կառավարութեամբ չի կարողանալու երկրի ընկերային-տնտեսական կեանքում բեկում մտցնել, իր յայտարարած 800 թէ 1000 տոլարանոց աշխատավարձի հեռանկարն անգամ գնալով խամրում է, նոյնիսկ աշխատավարձերն ու թոշակները չեն բարձրանալու, ընտանիքի կեանքում զգալի լինեն (աւելի՛ն. անհաւանական չէ, որ անգամ պակասեն) եւ, ամենակարեւորը, ՉԻ ԿԱՐՈՂԱՆԱԼՈՒ ՍՏԵՂԾԵԼ ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐ:

Նախօրօք գիտէ՞ր այս մասին` չեմ կարող ասել, բայց հասկանում եմ, թէ ինչո՛ւ է հիմա խօսում: Մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնների օրուայ յստակեցումը երկրի տնտեսութեան մէջ ներդրումների բացակայութիւնը բացատրւում էր այն հանգամանքով, որ ներդրողները (օտարերկրեայ թէ հայաստանցի) անորոշութեան մէջ են, քանզի իշխանափոխութիւնն ամբողջական չէ, քանի դեռ նոր Ազգային ժողով չի ընտրուել եւ այլն: Այս ընդհանուր պարունակում ուշագրաւ է, որ վարչապետը նոյնիսկ յայտարարեց, թէ… իշխանափոխութիւն չի կատարուել:

Այժմ ակնյայտ է, որ այդ նոր ԱԺ-ն կ՛ընտրուի, բայց, ցաւօք, ներդրումներ դարձեալ չեն լինի, գործատեղեր չեն ստեղծուի, իսկ ո՞վ է մեղաւորը: Պարզ է, որ իշխանութիւնները չեն, նրանք ուղղակի չեն կարող լինել, իսկ, ա՛յ, ծոյլ ու անբան ժողովուրդը կարող է լինել…

Իսկ ի՞նչ կարող է հետեւել այս ամէնին:

Երկրում նկատելի է տնտեսական նահանջը, ապրիլին սկիզբ առած ոգեւորութիւնը գնալով տեղի է տալիս, նոր իշխանաւորներն իրենց դրսեւորում են, մեղմ ասած, որպէս անյուսալի վարչարարներ, այդ իսկ պատճառով առնէտավազքով հանրապետականից վարչապետի շրջապատում յայտնուածներն արդէն համարւում են արհեստավարժներ, որոնք էլ շուտով նորից կը գրաւեն ամբողջ իշխանութիւնը:

Մի խօսքով, կատարւում է հակայեղափոխութիւն, որի առաջնորդը նոյն ինքը` արդէն պատմութիւն դարձած յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանն է:

Իսկ մարդկանց մի զգալի զանգուած, մեծն Թումանեանի խօսքով` «Դաւին անտեղեակ, ցաւին անտարբեր», դեռ յոյսեր է փայփայում…

 

 

 

Համաշխարհային Ա. Պատերազմը Փոխեց Ճակատագիրը Միջին Արեւելքի Շատ Մը Ազգերու Եւ Ժողովուրդներու

$
0
0

ԷՏՈՒԱՐՏ ԵՐԱՆԵԱՆ

Մինչ աշխարհը կը նշէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակը, ոմանք Միջին Արեւելքի մէջ կ՛ողբան ճակատագիրը այն ազգերուն եւ ժողովուրդներուն,  որոնք պարտուած դուրս եկան տարածաշրջանի վերջնական բաժանումէն եւ Օսմանեան կայսրութեան մասնատումէն:

Հայ ազգը սգաց Համաշխարհային Ա. պատերազմին զոհ տուած իր մէկուկէս միլիոն ժողովուրդը:  Ուրիշ ժողովուրդներ ալ տանջուեցան, ինչպէս` յոյները, ասորիները, քիւրտերը, որոնք դառնութեամբ իրենց անցեալը կը յիշեն:

Երբ աւարտեցաւ պատերազմը, Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատուեցաւ` ձգելով համայնքները խորտակուած եւ կոտորուած` իրենց ցեղային զտումներով:

Օքլահոմայի համալսարանի Միջին Արեւելքի ծրագրի տնօրէն Ժոշուա Լանտիսը կ՛ըսէ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը թոյլ տուաւ, որ ցեղային համայնքները կառավարեն իրենք զիրենք:

Օսմանեան կայսրութիւնը սիւննիական գերիշխանութիւն էր, բազմակրօն եւ բազմացեղ կայսրութիւն էր: Ան ըսած է, որ տարբեր կրօններ եւ ցեղային համայնքներ հաւասար չէին, բայց հոն կար կայունութիւն, եւ անոնք յաջողեցան մնալ օսմանեան իշխանութեան սահմաններուն մէջ: Երբ այս բոլորը քանդուեցան, եւ Ֆրանսան  ու Անգլիան պարտադրեցին ազգային ինքնութիւններ եւ շրջանը բաժնեցին ազգային նահանգներու, ժողովուրդները չուզեցին ապրիլ միասին, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ քաղաքացիական պատերազմի:

«Հայերու եւ քիւրտերու նման փոքրամասնութիւններ, որոնք չեն արժանացած ազգային նահանգներու, ծանր գին վճարեցին, ինչպէս ըսած է Հայկազեան համալսարանի տնօրէն Փոլ Հայտոսթեանը «Վոյս աֆ Ամերիկա»-ին:

«Համաշխարհային Ա. պատերազմը շատ արագ փոխեց ժողովրդագրական պատկերը: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն 20 տարի ետք, երբ նայիք Փոքր Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի շատ մը տարածքներու ժողովրդագրութեան, կը տեսնէք, որ անոնք ազդուած եւ տեղափոխուած են տրամաթիքական ձեւերով, ուր չէ եղած պաշտպանութիւն եւ ոչ ալ տրամաբանութիւն` պատահածին մասին, բացի դաշինքներու եւ պատերազմներու հետեւանքներէն», ըսած է ան:

«Բայց կարգ մը փոքրամասնութիւններ, ինչպէս` Լիբանանի մարոնի քրիստոնեաները եւ Սուրիոյ ալեւիները, ձեռք բերին կարեւոր դիրք Համաշխարհային Ա. պատերազմի յաջորդող շրջանին հին աշխարհակարգի ոչնչացման ատեն», ըսաւ Լանտիսը:

Ֆրանսացիները եւ անգլիացիները վարեցին փոքրամասնութեան քաղաքականութիւն եւ պատերազմի ժամանակաշրջանին անոնք օգնեցին փոքրամասնութիւններուն` Միջին Արեւելքի մէջ իշխանութեան հասնելու համար:

Հայտոսթեանի խօսքով, հակառակ պատերազմներու հետեւանքներուն` հայերը, քիւրտերը, հրեաները եւ այլ փոքրամասնութիւններ վերակառուցեցին իրենց համայնքները եւ կրկին պայքարեցան բարգաւաճելու համար:

«Շատ մը ազգերու, հակառակ` հողերու, տուներու եւ հարիւրաւոր ու հազարաւոր մարդկային կեանքերու կորուստին, իսկ հայ ազգի պարագային` մէկուկէս միլիոն նահատակներու, ճկունութեան պատմութիւնը իրապէս շատ իւրայատուկ է: Կարեւոր չէ, թէ որոշ ազգեր ի՛նչ կրնան ընել, փոքրամասնութիւնները եւ ցեղային կամ կրօնական խումբերը գոյատեւման միջոց մը  անպայման կրնան գտնել»:

«Ա. Համաշխարհային պատերազմին հիմնական դասը,- կ՛եզրափակէ Փոլ Հայտոսթեանը,- մեծ տէրութիւններու շահերու խաչաձեւումն է. հզօր ուժերը` ընդդէմ փոքր ուժերու»: «Ի վերջոյ գինը կը վճարեն», կը պնդէ ան:

 

 

Մեծ Պետութիւնները Կը Շահարկեն Սէուտցի Լրագրողին Սպանութիւնը` Իրենց Սեփական Շահերուն Համար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Սէուտական Արաբիոյ նշանաւոր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սարսափելի սպանութիւնը, քաղաքական եւ տնտեսական նկատառումներով, կը շահարկուի որոշ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ` անտեսելով յանցագործութեան նողկալի բնոյթը: Այս աղտոտ խաղին հիմնական մասնակիցներն են` Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ:

2 հոկտեմբեր 2018-ին Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացի Ժամալ Խաշոկճի այցելած է Պոլիս գտնուող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութիւն` ամուսնալուծութեան փաստաթուղթերը վերջնական տեսքի բերելու համար, որպէսզի կարենայ ամուսնանալ իր թուրք հարսնացուին` Հատիճէ Չենկիզի հետ: Խաշոկճի, սակայն, երբեք դուրս չէ եկած հիւպատոսարանէն: Ան սպաննուած է եւ, ըստ թրքական աղբիւրներու, մասնատուած է սէուտցի քննիչներու յատուկ խումբի մը կողմէ, որ նախօրէին ուղարկուած էր Պոլիս, իսկ սպանութենէն անմիջապէս ետք խումբին անդամները վերադարձած են Սէուտական Արաբիա, երկու առանձին օդանաւերով:

Խաշոկճի, որ երկար տարիներ կարեւոր պաշտօններ վարած է սէուտական կառավարութեան մէջ, 2017-ին հեռացած էր Սէուտական Արաբիայէն եւ բնակութիւն հաստատած էր Միացեալ Նահանգներ` հիասթափուելով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մոհամետ պըն Սալմանի սանձարձակ իշխանութենէն: Խաշոկճի սկսած է քննադատական յօդուածներ գրել «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ, մինչ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները քանի մը անյաջող փորձեր ըրած էին զայն հայրենիք վերադարձնելու համար:

Սկիզբը Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, որ Խաշոկճի Պոլսոյ հիւպատոսարանէն հեռացած է իր ժամանումէն մէկ ժամ անց: Սակայն, թրքական կառավարութենէն գաղտնի տեղեկութիւններու սպրդումէն ետք, այն մասին, որ Խաշոկճիի` հիւպատոսարանէն դուրս ելլելուն մասին տեսանիւթ գոյութիւն չէ ունեցած, սէուտական իշխանութիւնները փոխեցին իրենց ըսածը` պնդելով, որ այլախոհ լրագրողը սպաննուած է հիւպատոսարանին մէջ ծագած ծեծուըռտուքի ատեն: Շաբաթ մը ետք Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները կրկին փոխեցին իրենց ըսածը` յայտարարելով, որ Խաշոկճիի սպանութիւնը պատահական չէր, այլ` կանխամտածուած: Սէուտական Արաբիա հեռացուց ապահովութեան հինգ պաշտօնեայ եւ ձերբակալեց տասնեակ ուրիշներ` յայտարարելով, որ ո՛չ թագաւոր Սալման, ո՛չ ալ գահաժառանգ արքայազնը նախապէս տեղեկութիւն ունեցած են սպանութեան ծրագիրին մասին: Սակայն հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ամբողջ երկիրը կը գտնուի գահաժառանգ արքայազնի հսկողութեան տակ, ոչ ոք կը հաւատայ, որ ան տեղեակ չէր թագաւորութեան բարձրագոյն ապահովութեան եւ հետախուզութեան պաշտօնեաներու կողմէ իրականացուած Խաշոկճիի սպանութեան մասին:

Այդ ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ մնայուն կերպով մրցապայքարի մէջ է Սէուտական Արաբիոյ հետ` իսլամական աշխարհի մէջ սիւննիներու գերիշխանութեան պատճառով, կաթիլ առ կաթիլ տեղեկութիւն կը սպրդեցնէր թրքական լրատուական միջոցներուն` Խաշոկճիի սպանութեան մասին վկայութիւններով: Սկիզբը թուրքերը կը պնդէին, որ տեղեկութիւնները ստացած են Խաշոկճիի Apple ժամացոյցէն, որ արձանագրած է իր տիրոջ դիմագրաւած խոշտանգումները, ապա` սպանութիւնը: Իսկ երբ մասնագէտները պարզաբանեցին, որ այդ ժամացոյցը նման հնարաւորութիւն չունի, պարզ դարձաւ, որ թրքական կառավարութիւնը ժամացոյցը օգտագործած էր` սէուտական հիւպատոսարանին ներսը տեղադրուած գաղտնի ձայնագրման սարքերը թաքցնելու համար:

Իմ կարծիքով, թրքական կառավարութեան կողմէ դէպի լրատուական միջոցներ սպրդող տեղեկութեանց նպատակն է պատգամ յղել սէուտական իշխանութիւններուն, որ թրքական կառավարութիւնը կրնայ հրապարակայնօրէն խայտառակ ապացոյցներ ներկայացնել Ժ. Խաշոկճիի  սպանութեան մասին, եթէ սէուտցիները մեծ փրկագին մը չվճարեն Էրտողանի լռութեան համար: Յայտնի է, որ թրքական տնտեսութիւնը խարխլուած է եւ արտաքին պարտքը փակելու համար խիստ կարիքը ունի տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու: Դրական արձագանգ չստանալով, Էրտողան նախազգուշացուց սէուտցիները` ըսելով, որ անձամբ կ՛երթայ Ազգային հեռատեսիլի կայան եւ կը բացայայտէ «մերկ ճշմարտութիւնը», այնքան ատեն որ սէուտցիները չեն բաւարարած թուրքերու պահանջները: Առաջին անգամ ըլլալով` անցեալ շաբաթ ունեցած իր ելոյթին մէջ Էրտողան հրապարակեց Խաշոկճիի սպանութեան պատմութիւնը եւ լուրջ կասկածներ յայտնեց այդ մէկը պատահական դէպք մը եղած ըլլալուն մասին: Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ նախագահը, կարծես թէ յոյսեր փայփայելով, որ սէուտցիները վերջապէս կը բաւարարեն իր դրամաշորթութեան պահանջները, չհրապարակեց գաղտնօրէն  հաւաքուած իր բոլոր ապացոյցները: Իր խօսքին մէջ Էրտողան չնշեց  Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազնին անունը, ոչ ալ ակնարկ ըրաւ թուրքերու ձեռքին մէջ գտնուող տեսաձայնային նիւթերու մասին, որոնք արձանագրած էին Խաշոկճիի ցաւալի մահը: Փոխարէնը` Էրտողան կարգ մը հարցումներ ուղղեց, որոնց պատասխանները ան հաւանաբար գիտէր, ինչպէս, օրինակ, ո՞ւր է Խաշոկճիի դիակը, եւ ո՞վ է այն թուրք աշխատակիցը, որ զայն պահած է սէուտցիներու պահանջով: Միեւնոյն ատեն, սէուտցիները շանթաժի ենթարկելու նպատակով, թրքական մամուլը անցեալ շաբաթ հրապարակեց Խաշոկճիի մասնատուած մարմինին զարհուրելի պատկերները…

Երրորդ մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն են, աւելի ճիշդ` նախագահ Թրամփ: Երբ վերջինս առաջին անգամ իմացաւ, որ Խաշոկճին սպաննած են Սէուտական Արաբիոյ Պոլսոյ հիւպատոսարանին մէջ, նախագահ Թրամփ շարունակեց շեշտել իր սեփական «մեծ ձեռքբերումը»` անցեալ տարի իր կատարած այցելութեան ընթացքին 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան ժամանակակից զէնքերու վաճառքը Սէուտական Արաբիոյ` իբր թէ «450 հազար աշխատատեղիներ ստեղծելով ամերիկացիներու համար»: Ինչպէս միշտ, ան ուռճացուց  ֆինանսական շահերը, քանի որ ինք չէ ստորագրած 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան զէնքի վաճառման պայմանագիր: Իրականութեան մէջ համաձայնութիւն կայացած է յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին 10-20 միլիառ տոլարի զէնք վաճառելու մասին: Աւելի՛ն. մէկ տարի առաջ նախագահ Թրամփ ըսած էր, որ նոյն զէնքի վաճառքը ամերիկացիներու համար կը ստեղծէ 40 հազար աշխատատեղ, այլ ոչ թէ` 450 հազար: Սակայն Խաշոկճիի սպանութենէն քանի մը օր ետք նախագահ Թրամփ այս անգամ այդ թիւը մեծցնելով` զայն հասցուցած է մինչեւ 500 հազարի: Մէկ շաբաթ ետք ան կրկին աւելցուցած է իր թիւը` «մէկ միլիոն աշխատատեղ», այնուհետեւ` «աւելի քան մէկ միլիոն աշխատատեղ»:

Անկախ անկէ, թէ քանի՛ աշխատատեղ կը ստեղծուի, եւ թէ քանի՛ միլիառ տոլար կը բերէ զէնքի վաճառքը, Թրամփ երբեք ցաւակցութիւն չյայտնեց Խաշոկճիի ընտանիքին: Թէեւ Թրամփ զգուշացուց Սէուտական Արաբիան «ծանր հետեւանքներ»-է, սակայն ան աւելի բարձր գնահատեց զէնքին արժէքը, քան` մարդկային կեանքը: Միակ ամերիկեան «պատիժը» ամերիկեան վիզաներու դադրեցումը եղաւ այն 18 սէուտցիներու համար, որոնք Պոլիս ուղարկուած էին Խաշոկճին սպաննելու նպատակով:

Ցաւօք, պետութիւններու ղեկավարներուն մեծ մասը չի մտածեր մարդոց մասին…Ասիկա սովորական երեւոյթ է: Այդ ղեկավարները կը մտածեն միայն իրենց սեփական կամ իրենց երկրի շահերուն մասին: Իրենց գործունէութեան ընթացքին ղեկավարները պատրաստ են ստելու, խաբելու եւ նոյնիսկ սպաննելու:

Խաշոկճիի թուրք հարսնցուն շատ ճիշդ վարուեցաւ` մերժելով Սպիտակ տուն այցելելու Թրամփին հրաւէրը: Ան չէր ուզեր, որ իր վիշտը շահարկուէր քաղաքական գործիչի մը կողմէ, որ մտահոգ է միայն իր սեփական շահերով, այլ ոչ թէ` խոշտանգուած զոհի ընտանիքին ցաւով ու տառապանքով:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Մարտիրոս Յարութիւնեան

Մարտիրոս Յարութիւնեան. հայ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Կրթութիւնը ստացած է Գէորգեան ճեմարանի մէջ, ապա Պերլինի համալսարանին մէջ ուսանած է տնտեսագիտութիւն: Հայրենիք վերադառնալով` աշխատած է որպէս ուսուցիչ, դասաւանդած է գերմաներէն, հայոց լեզու եւ գրականութիւն:

Մ. Յարութիւնեան երիտասարդ տարիներուն անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան, դարձած է գործօն անդամ, եղած է Եւրոպայի Հայ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչ: 1898-ին ընտրուած է Ատրպատականի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

1904-ին կը գտնուի Պերլին:

1906-ին անդամ` Կովկասեան նախագիծը պատրաստող ՀՅԴ խորհուրդի:

1918-ին, Պաքուի ջարդէն ետք, կը բանակցի արտօնութիւն ապահովելու` հայ որբանոցները Գանձակ փոխադրելու համար, նաեւ` ազատ ելք ձեռք ձգելու հայ գաղթականներուն համար դէպի Հայաստան:

Իսկ հայ-վրացական սահմանավէճին առիթով Հայաստանի կառավարութիւնը 19 դեկտեմբեր 1918-ին խորհրդարանի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Մարտիրոս Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն կ՛ուղարկէ Ղարաքիլիսա` վրացական կողմին հետ բանակցելու համար: Երբ կը հասնին Ղարաքիլիսա, կը յստականայ, որ Վրաստանի կառավարութիւնը պատուիրակութիւն չէ ուղարկած:

Մասնակցած է ՀՅԴ ընդհանուր ժողովներու` Վիեննա, Կարին եւ Երեւան:

1919-ին կ՛ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ:

1920-ին կը նշանակուի Հայաստանի կառավարութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ` Պաքուի մէջ: Կը մասնակցի հայ-ազրպէյճանական խորհրդաժողովին, ու երբ Ազրպէյճան կը խորհրդայնանայ, Մ. Յարութիւնեան եւ իր օգնականները կը բանտարկուին, թալանի կ՛ենթարկուի դիւանագիտական գրասենեակը: Ազատ արձակուելէ ետք խորհրդաժողովի բանակցութիւնները կը վերսկսին Ազրպէյճանի Յեղկոմին հետ, 1920-ին:

Մարտիրոս Յարութիւնեանը 1938-ին կը գնդակահարուի պոլշեւիկներու կողմէ, Հայաստանի մէջ:

Սամսոն Յարութիւնեան

Սամսոն Յարութիւնեան. հայ քաղաքական-պետական գործիչ, հասարակական գործիչ, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ:

Ս. Յարութիւնեանը ծնած է 1869-ին, Ղազախ գաւառի (այժմ` Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզ) Վերին Աղդան գիւղը:

Ընտրուած է Կովկասի Հայոց բարեգործական ընկերութեան նախագահ, Ազգային բիւրոյի նախագահ, Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ եւ այլն: 1914-1915 թուականներուն մասնակցած է հայ կամաւորական գունդերու ստեղծումին: 1915-1917 թուականներուն խմբագրած է Կովկասի Հայոց բարեգործական ընկերութեան օրկան «Համբաւաբեր» շաբաթաթերթը: 1917-ին մաս կազմած է Հայ ժողովրդական կուսակցութեան, 1919-ին ընտրուած է նոյն կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի փոխնախագահ:

1918-1919 թուականներուն եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք դարձած է վտարանդի:

Սամսոն Յարութիւնեանը կը մահանայ 1941-ին:

Արշակ Յովհաննիսեան

Արշակ Յովհաննիսեան. հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1883-ին, Նուխիի մօտ Չայքենդ գիւղին մէջ (Գանձակի շրջան): Ապա կ՛անցնի Թիֆլիս` որպէս գիշերօթիկ աշակերտ Ներսիսեան վարժարանի: Մոսկուայի մէջ կը հետեւի մանկավարժական դասընթացքի, իսկ Քիեւ, Ուքրանիոյ մէջ` առեւտրական ճիւղի: Կ՛աւարտէ 1904-ին եւ կը սկսի գործել կրթական ասպարէզին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ` իբրեւ կուսակցական գործօն անդամ:

Կը պաշտօնավարէ նախ Թաւրիզ, յետոյ Թեհրան: Իբրեւ ուսուցիչ` կը հրաւիրուի Երեւանի թեմական դպրոց:

Երիտասարդ տարիքէն կը յարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան:

1919-ին գարնան Երեւան կ՛երթայ եւ կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: Կ՛օժանդակէ Կեդրոնական կոմիտէի «Յառաջ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան:

Արշակ Յովհաննիսեանը կ՛ընտրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ: Ս. Վրացեանի վարչապետութեան օրով կը վարէ գիւղատնտեսական, պետական գոյքերու եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնը:

Խորհրդային իշխանութեան շրջանին Ա. Յովհաննիսեանը կը մնայ թաքնուած: Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք մաս կը կազմէ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին եւ կը վարէ զինուորական գործերու վարիչի պաշտօնը:

1924-ին կ՛անցնի Պէյրութ` իբրեւ կուսակցական գործիչ եւ խմբագիր «Փիւնիկ» թերթին:

1924-1935 թուականներուն կը զբաղի կուսակցական եւ հանրային աշխատանքներով:

1947-ին, մինչեւ իր մահը կ՛ըլլայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

Արշակ Յովհաննիսեանը կը մահանայ 1 ապրիլ 1953-ին եւ կը թաղուի Պէյրութի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Արտաշէս Յովսէփեան

Արտաշէս Յովսէփեան. ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, հայ վիպասան, գրող, հասարակական գործիչ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Յեղափոխական ծածկանունով ու հետագային նաեւ գրչանունով` Մալխաս:

Ծնած է 1877-ին, Տրապիզոն: Ուսումը ստացած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ: Ուսումը նոր աւարտած` հաստատուած է Սամսոն քաղաքը: Իր սերնդակիցներէն շատերու պէս` ինք եւս ստիպուեցաւ պանդխտութեան դիմելու: Քանի մը տարի մնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր նոր հիմնուած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»-ին կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ:

1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան կը վերադառնայ Երկիր ու իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ` կ՛ուղարկուի յաջորդաբար Ուրմիոյ շրջանը եւ Վան: Իրեն կը վստահուի Խոյի եւ Ս. Թադէի վանքի զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստաւորման գործը: Մաս կը կազմէ նաեւ Սասնոյ օգնութեան փութացող զինատար խումբերուն:

1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը հաստատուի իր ծննդավայրը` Տրապիզոն, ուր կը ձեռնարկէ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Խարիսխ» թերթի հրատարակութեան: Իսկ երբ պայթեցաւ Ա. Աշխարհամարտը, Մալխաս ամբողջապէս նետուեցաւ Տրապիզոնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ:

Այնուհետեւ, հայ կամաւորական շարժումին միանալով` Մալխաս իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի դիւցազնական ճակատամարտերուն: Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր:

1921-ին, Փետրուարեան ապստամբութեան աւարտէն ետք, Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան:

Տարագրութեան մէջ եւս, աւելի քան քառասուն տարի, Մալխաս մնաց պատնէշի վրայ: Վերջնականապէս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխուժ եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան ինչպէս կազմակերպչական, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդներու գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ:

Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին: Այդ շրջանին ամբողջացուց իր կոթողական գործը` «Զարթօնք»-ը, ինչպէս նաեւ յուշագրական երկը` «Ապրումներ» խորագրով:

Արտաշէս Յովսէփեանը կը մահանայ 4 յունուար 1962-ին, Պէյրութի մէջ:

Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց

Հայագէտ, ձեռագրագէտ, մատենագէտ, հնագէտ, պատմաբան, բանասէր, մշակութաբան, մանկավարժ: Փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտոր (1897, Լայփցիկ): Հայաստանի գիտական հիմնարկի (Վաղարշապատ) գիտնական անդամ (1921), Մոսկուայի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան կովկասեան բաժանմունքի եւ Ս. Փեթերսպուրկի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան իսկական անդամ (1902): Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Գարեգին Ա. Յովսէփեանց:

Ծնած է 17 դեկտեմբեր 1867-ին, Մաղավուզ գիւղը (այժմ` Արցախի Մարտակերտի շրջան):

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ամարասի վանքի դպրատունը եւ Շուշիի թեմական դպրոցի մէջ: 1889-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ` դառնալով Մայր աթոռի միաբանութեան անդամ: Աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը (1890), աստուածաբանութիւն եւ հնագիտութիւն ուսանած է Պերլինի, Հալլէի, Լայփցիկի համալսարաններուն մէջ (1892-1896):

1897-ին դասախօսած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ, 1898-ին` մատենադարանապետ: 1900-1901 թուականներուն` Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ, 1901-1904 թուականներուն` Երեւանի թեմական տեսուչ, 1905-1906, 1915-1917` Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ, 1907-1908, 1918-1919` «Արարատ» ամսագրի խմբագիր: 1908-1914 թուականներուն եղած է Ս. Հռիփսիմէ վանքի վանահայրը:

Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը 1918-ին մասնակցած է Սարդարապատի հերոսամարտին: Ան սովորական հոգեւորականի սահմաններէն դուրս գալով եւ ճշմարիտ  հոգեւորականի ոգիով ու հաւատքով, իբրեւ նոր Ղեւոնդ Երէց, «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մահապարտներու գունդին ու հայոց աշխարհազօրին հետ իր աւանդը բերաւ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործին: Ան իր ռազմաշունչ կոչով ու ոգեշնչող ներկայութեամբ հայ զինուորներուն, հերոսներուն ու ազգին հետ եղաւ,  ոգի, կամք, հաւատք ու կորով ներշնչեց զինուորներուն` Սարդարապատի ճակատամարտին: Քաջ հոգեւորականը Հայաստանի անկախութեան սուրբ գործին եւ յաղթանակի կերտման համար մարտի դաշտի վրայ ներկայութիւն էր ու արիւն թափելու պատրաստ:

Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը 1919-ին Երեւանի մէջ դասաւանդած է հայ արուեստի պատմութիւն եւ հնագիտութիւն, մասնակցած (Ա. Թամանեանի հետ) Հայաստանի յուշարձաններու պահպանութեան կոմիտէի ստեղծումին:

1920-ին Սիմոն Վրացեանի հետ կը գտնուի Կարս-Սարիղամիշ շրջանը. Գարեգին եպս. խաչը ձեռքին կ՛այցելէ ռազմաճակատի դիրքերը ու կը խրախուսէ զինուորները:

1925-ին` արքեպիսկոպոս: 1927-1933 թուականներուն Խրիմի եւ Նոր Նախիջեւանի, 1938-1943 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմերու առաջնորդ: 1917-ին հայրապետական լիազօր պատուիրակ` Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Կովկասի հայկական կեդրոններուն մէջ, 1934-1938 թուականներուն` սփիւռքի մէջ: Նպաստած է սփիւռքահայութիւնը մայր հայրենիքի շուրջ համախմբելու, Հայ եկեղեցւոյ միասնականութիւնը պահպանելու, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի միջեւ տարաձայնութիւնները հարթելու գործին մէջ:

Հայ հոգեւորականի տիպար Գարեգին արք. Յովսէփեանցը 1943-ին բարձրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական գահը (1943-1952): Արդարեւ, կաթողիկոսական հանգամանքը, Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ ընկղմած աշխարհը, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ դիմագրաւած տագնապը, ճի՛շդ է, ֆիզիքապէս աւելի մաշեցուցին ծերունազարդ հայրապետը, սակայն ան բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կատարեց իր հովուապետական ծառայութիւնը:

Իր հայրապետական գահակալութիւնը թէեւ ժամանակի իմաստով եղաւ կարճ, սակայն` իրագործումներով լեցուն շրջան մը: Դասախօսութիւններու ու հրատարակութիւններու ճամբով յատուկ ճիգ թափեց կաթողիկոսարանը վերածելու, իր հոգեւոր առաքելութեան կողքին, մշակութային կեդրոնի, եւ դպրեվանքը, իր բառերով, նոր օրերու Գլաձորի ու Արմաշի:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն առաջինն էր, որ ներկայ եղած եւ նախագահած է Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած ազգ-եկեղեցական ժողովին (16 յունիս 1945), ուր Գէորգ արք. Չորեքչեանը ընտրուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը ձգած է գրական, գիտական հսկայական ժառանգութիւն: Անոր աշխատութիւնները նուիրուած են հայագիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն` պատմութեան, բանասիրութեան, բանահիւսութեան, հայ գրչութեան ու մանրանկարչութեան, արուեստին, Հայ եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի երեւելի դէմքերուն, եկեղեցագիտութեան առնչուող բազմաթիւ հարցերու, հնագիտութեան, ձեռագրագիտութեան եւ այլն. անոնցմէ շատերը կոթողային արժէք կը ներկայացնեն:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը հայագէտ Ն. Մառին հետ մասնակցած է հնագիտական պեղումներու (Գառնի, Արագած, Անի), նշանակալի գործ կատարած է պատմահնագիտական եւ ճարտարապետական յուշարձաններու ուսումնասիրման բնագաւառին մէջ:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը վախճանած է 21 յունիս 1952-ին, Անթիլիաս (Պէյրութ):

(Շար. 15)

Դաշնակցութիւնը Իր Գործին Խստագոյն Քննադատն Է

$
0
0

Դիմատետրի էջիս մէջ տեղադրած «Ինչո՞ւ չի գար յեղափոխութիւնը» (http://www.aztagdaily.com/archives/415960)  յօդուածիս առիթով երէց ընկերս` Կարօ Արմենեանը կատարած է սքանչելի նկատողութիւն, որուն ճշմարտութիւնը, հարազատութիւնը եւ իմաստութիւնը թարգմանն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի գաղափարական բծախնդրութեան:

Կ’ուզեմ հրապարակաւ բաժնել ընկերոջս այս գրառումը, որ թէ՛ դաստիարակող է եւ թէ՛ յուշող` այն ծանր պատասխանատուութեան մասին, որ տեւաբար կը պատկանի Դաշնակցութեան:

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

«Կեցցե՛ս, ընկ. Սեդօ: Հարի՛ւր առ հարիւր եւ բառ առ բառ կը բաժնեմ ախտորոշումներդ: Այնուամենայնիւ Դաշնակցութիւնը, իր կարգին, պատասխանատու է երկրի ներկայ կացութեան համար: Երկրի քաղաքական բեմին վրայ պատասխանատուութիւն վերցուցած կուսակցութիւնը հպարտօրէն պիտի իր ուսերուն վերցնէ նաեւ մեղքի իր բաժինը եւ գործի անցնի:

Մենք ճիշդ ըրինք` մէկդի հրելով ձախաւեր «ընդդիմութիւն»-ը եւ մտնելով գայլերու որջը մեր փլաթֆորմի առաջադրութիւնները իրականութեան վերածելու վճռակամութեամբ` փոխանակ հեռուէն որջը քարկոծելու անմիտ եւ անպտուղ վարքագիծը որդեգրելու: Այսպէս կը գործէ յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Մենք մեծ ոստիւն մը ապահովեցինք մեր պետութեան եւ իր քաղաքացիներուն համար` առաջնորդելով սահմանադրական փոփոխութիւններու գործը եւ իրականութեան վերածելով ՀՀ սահմանադրութիւնը մաքուր եւ անբիծ համաժողովրդական հանրաքուէով: Եթէ մեր այսօրուան «տեսաբան»-ները յեղափոխութիւն կ՛ուզեն տեսնել Փաշինեանի իշխանափոխութեան մէջ, թող նախ գնահատական տան այն մեծ յեղափոխութեան` ՀՀ սահմանադրութեան, որ Դաշնակցութիւնը իրագործեց գայլերու որջին իսկ ընդմէջէն:

Մենք նաեւ այն ուժն էինք, որ մեր փլաթֆորմը հրապարակաւ պարտադրեց օրուան նախագահին եւ օրուան վարչապետին` համակարգային փոփոխութիւններու խնդրով զիրենք հրապարակաւ բերելով յանձնառութեան: Բոլորիս յայտնի քաղաքական մեքենայութիւնները վիժեցուցին Դաշնակցութեան գործը` մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման հետ կապուած: Հետագային նաեւ նոյնպիսի մեքենայութիւններով նախագահն ու իր կուսակցութիւնը փորձեցին առեւանգել սահմանադրութիւնը:

Ասոնք այն քաղաքական բացերն են, որոնց համար մենք անկեղծօրէն պիտի վերցնենք պատասխանատուութեան մեր բաժինը, որպէսզի սկսինք պատրաստել վաղուան մեր գործը: Մեր խստագոյն քննադատը պիտի ըլլանք մենք` ինքնե՛րս: Հրապարակը աղմկող գրիչները շատ հեռու են այդ մէկը կարենալ ընելէ: Յեղափոխական կուսակցութիւնը ամէն օր պիտի յեղափոխէ ինքզինք, որպէսզի յեղափոխութիւնը չըլլայ ինքնանպատակ եւ ծառայէ երկրին: Այդ կուսակցութիւնը մենք ենք եւ մեր այդ հանգանակը իրաւունք չունինք յանձնելու Փանջունիներուն»:

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live