Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Էրտողանի Գերմանիա Այցելութիւնը Բնաւ Ողջունելի Չէ

$
0
0

Ա. Ա.

Գերմանիոյ մէջ քաղաքական բուռն բանավէճի նիւթի վերածուած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը Պերլին հրաւիրելու Գերմանիոյ իշխանութիւններուն որոշումին դէմ, որ ըստ ընդդիմութեան, անտեղի եւ անյարմար որոշում մըն է, որովհետեւ Էրտողանի նման բռնատէր մը ոչ մէկ պարագայի Գերմանիա պէտք է այցելէ:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Գերմանիա հաւանական այցելութեան դէմ սուր բանավէճը պայթեցաւ անցեալ շաբաթ, երբ գերմանական մամուլը հաղորդեց, որ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըրը Էրտողանը պաշտօնապէս Գերմանիա հրաւիրած է: Թէեւ այցելութեան թուականը ճշդուած չէ, բայց եւ այնպէս երկու կողմերը արդէն իսկ քննարկումներ կը կատարեն` այցելութեան թուականը ճշդելու համար:Յստակ չէ նաեւ այցելութեան բնոյթը, եթէ անիկա պիտի ըլլայ աշխատանքային կամ պարզապէս արարողակարգային այցելութիւն մը:

Գերմանական ընդդիմութիւնը, սակայն, կտրականապէս դէմ է Թուրքիոյ նախագահին Գերմանիա այցելութեան:Կանաչներու կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Չեմ Օզտեմիրը յայտարարեց, որ Էրտողան ժողովրդավար երկրի մը նախագահը չէ, յայտարարելով, որ ան Թուրքիան վերածած է Թուրքմենիստանի կամ Ազրպէյճանի նման բռնապետութեան մը:

Ծայրայեղ աջակողմեան Գերմանական այլընտրանք կուսակցութիւնը, որ այժմ երեսփոխաններու աթոռներու թիւով երրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը ունի խորհրդարանին մէջ, կոչ ըրաւ` ջնջելու Էրտողանին ուղղուած հրաւէրը, նշելով, որ Պերլինի իշխանութիւնները պէտք չէ արտօնեն Էրտողանին, որ քաղաքական ցուցադրութիւններ կազմակերպէ Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ:

Ընդդիմութեան այս բաւական կարծր կեցուածքներուն հակադարձելով` արտաքին գործոց նախարար Հէյկօ Մաաս յայտարարեց, որ ճիշդ չէ չբանակցիլ խնդրայարոյց դաշնակիցներու հետ, իսկ Անկելա Մերքելի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ էլմար Պրոքը նկատել տուաւ, որ եթէ Գերմանիոյ իշխանութիւնները միայն ժողովրդավար ղեկավարներու հետ բանակցին, ապա շուտով Գերմանիա առանձինն կը մնայ միջազգային ասպարէզին մէջ:

Ամենայնդէպս, եթէ էրտողանի այցելութիւնը իրականանայ, անիկա պիտի ըլլայ առաջինը` 2014-էն ի վեր:

Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունին լուրջ տարակարծութիւններ` Պունտըսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն մինչեւ Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այն մեղադրանքները, թէ Գերմանիոյ իշխանութիւնները կ՛աջակցին ահաբեկիչներու եւ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձ կատարած կիւլենականներուն:

Քաղաքական մեկնաբաններու համաձայն, Թուրքիա առանցքային նշանակութիւն ունի Եւրոպայի համար, յատկապէս` միջինարեւելեան երկիրներէ խոյս տուած գաղթականներու ընդունման հարցով, որուն լուծումը Անկելա Մերքելի կառավարութեան համար բաւական լուրջ մարտահրաւէր մըն է:

Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ քաղաքական սուր տարակարծութիւններու նիւթ է նաեւ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու եւ Էրտողանի ընդդիմադիրներուն նկատմամբ կիրարկուող պետական քաղաքականութիւնը, որուն արձագանգները նաեւ լսելի եղան Գերմանիոյ տարածքին, երբ թրքական ծայրայեղական խմբաւորում մը` «Օսմանէն Գերմանիա» աւազակախումբը, գերմանական ոստիկանութեան կողմէ հալածանքի ենթարկուեցաւ, եւ երեւան եկան յստակ կապեր, որոնք գոյութիւն ունին աւազակախումբին ղեկավարներուն եւ Էրտողանի վարչակարգին միջեւ:

«Օսմանէն Գերմանիա» կազմակերպութիւնը, որ աւելի քան երեք հազար հինգ հարիւր անդամ ունի, երեւութապէս կռփամարտիկներու մարզումներ կազմակերպող միութիւն մըն է, որ կը հետապնդէ մարզական նպատակներ: Սակայն խորքին մէջ, ինչպէս գերմանական գաղտնի սպասարկութիւններուն հետախուզութիւնները ցոյց կու տան, այս կազմակերպութիւնը Գերմանիոյ տարածքին կը զբաղի պոռնիկներու գործունէութեան ղեկավարմամբ, թմրեցուցիչներու եւ զէնքերու մաքսանենգութեամբ: Իսկ ամէնէն յատկանշականը այն է, որ միութեան անդամներ կը հետեւին Էրտողանի հրահանգներուն` անոր ընդդիմադիրները հալածելու եւ պատժելու համար: Այս ծիրին մէջ Գերմանիոյ Հանրային պատկերասփիւռի «Ֆրոնթըլ 21» յայտագրին աշխատակիցները կատարեցին բաւական ուշագրաւ բացայայտումներ, որոնք երեւան հանեցին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներէն` Մեթին Քուլունքի կապերը այս աւազակախումբին ղեկավարութեան հետ: Գերմանական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ հեռաձայնային գաղտնալսումները բացայայտեցին, որ Քուլունքը աւազակախումբին ղեկավարներուն թելադրած է հալածել եւ սարսափի մատնել Գերմանիա ապրող քիւրտեր, որոնք կը պայքարին քրտական դատին համար:

Այս ցնցիչ բացայայտումները տակաւին թարմ են Գերմանիոյ ընդդիմութեան յիշողութեան մէջ, որ իրաւացիօրէն կը մերժէ Էրտողանի այցելութիւնը:

 


Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սարգիս Արարատեան

Սարգիս Արարատեան, ծանօթ նաեւ` Շահնազարեան անունով, յայտնի հասարակական գործիչ եւ քիմիագէտ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Նուխի (Կովկաս), 1 հոկտեմբեր 1884-ին կամ 1886-ին, իր նախնական ուսումը ստացած է նախ տեղւոյն hայոց ծխական վարժարանը, ապա ռուսական քաղաքային դպրոցը. իր քննութիւնը տուած է սպայից վարժարան մտնելու համար Թիֆլիսի պետական ուսումնարանին մէջ ու ապա` Ներսիսեան վարժարանին մէջ տուած է աւարտականի քննութիւն: Անցած է Ժընեւ եւ աւարտելով բնական գիտութեանց համալսարանը` վկայուած է իբրեւ գիտութեանց դոկտոր` մասնագիտութիւն ունենալով քիմիագիտութիւնը:

Պաշտօնավարած է նաւթային ընկերութեանց մէջ իբրեւ տնօրէն եւ նաւթի արդիւնաբերական ընկերութեանց խորհուրդի կողմէ նշանակուած է ներկայացուցիչ` իբրեւ քիմիագէտ, պետական թեքնիք ընկերութեան մէջ:

1903-ին յարած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան եւ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ընթացքին անդամակցած է Նուխիի շրջանի բողոք կազմակերպող յանձնախումբին, հայ-թաթարական կռիւներու ատեն նոյն շրջանին մէջ կազմակերպուած ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ ստանձնած է ղեկավարի դեր:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին մասնակցած է կամաւորական շարժման ղեկավարութեան` նախ իբրեւ Կեդր. յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Քեռիի բանակին ու Վան արշաւող Արարատեան բանակին մէջ` սպայակոյտի անդամ: Նշուած բանակին հետ մտած է Վան: Վանի նահանջէն ետք ռուս կառավարութեան կողմէ իբրեւ մասնագէտ` հրաւիրուած է Պաքուի ռազմաարդիւնաբերական կոմիտէին բացած պատերազմական քիմիական արտադրութեանց գործարանի փոխտնօրէն եւ քիմիական բաժնի տնօրէն: Այս գործարանը Անդրկովկասի մէջ առաջինն էր:

1917-ին ռուսական յեղափոխութեան ընթացքին եւ անկէ ետք ունեցած է ամենալայն աշխուժ գործունէութիւնը հայ զանգուածներու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպութեան գործին մէջ` Պաքուի շրջանը: Պաքուի հերոսամարտին մէջ Ռոստոմի եւ Աբրահամ Գիւլխանդանեանի հետ ղեկավարած է ինքնապաշտպանութեան շարժումը:

Պաքուի ճակատագրական օրերուն, իբրեւ Պաքուի Ազգ. խորհուրդի անդամ, վարած է անգլիական բանակը Պաքու հրաւիրելու գործը եւ Պարսկաստան երթալով` յաջողած է զօրքը Պաքու բերել 3 օգոստոս 1918-ին, որուն շնորհիւ Պաքուն կրցաւ իր ինքնապաշտպանութիւնը շարունակել մինչեւ 15 սեպտեմբեր:

Եղած է լիազօր ներկայացուցիչ Պաքուի Ազգ. խորհուրդին` Թեհրանի մէջ, պարսիկ կառավարութեան եւ դաշնակից կառավարութեանց դեսպանատանց մօտ: Իսկ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ 1919-ին նշանակուած է Պարսկաստանի առաջին հայ դեսպանը, բայց մերժելով` վերադարձած է Հայաստան:

Հայաստանի մէջ յաջողաբար ստանձնած է ելեւմտական, առեւտրաարդիւնաբերական, պարենաւորման եւ վերջին ճակատագրական շրջանին ներքին գործերու նախարարութիւնները:

1919-ին Երեւանի մէջ կը մասնակցի ՀՅԴ կուսակցութեան Թ. Ընդհանուր ժողովին, կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ:

5 օգոստոս 1919-ին մինչեւ 5 մայիս 1920 եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմտական նախարար` Ալեքսանդր Խատիսեանի ղեկավարութեամբ: 5 մայիս 1920-ին նշանակուած է պարենաւորման, հասարակական օգնութեան նախարար` Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեան օրով, մնացած է այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 23-24 նոյեմբեր 1920: 1920  սեպտեմբերէն մինչեւ նոյեմբերը եղած է ներքին գործերու նախարար:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը յաջողի Թիֆլիսի ճամբով անցնիլ Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն, ապա կրկին Պոլիս եւ անկէ 1922-ին` Պուքրեշ, ուր կը զբաղի իր մասնագիտութեամբ:

Արարատեան հանրային գործերու մէջ մասնակցած է ազգային համագումարներու եւ աչքի ինկող ազգային եւ կուսակցական բոլոր ձեռնարկներուն: Ռումանիոյ մէջ զանազան բեմերէ կատարած է բազմաթիւ բանախօսութիւններ` հասարակական ու քաղաքական նիւթերու մասին:

Գրական մարզի մէջ Արարատեան աշխատակցած է «Ազատամարտ»-ի, «Հորիզոն»-ի, խմբագրած է Թաւրիզի «Առաւօտ»-ը, Եւրոպայի Հայ ուսանողական միութեան օրկան «Ուսանող» պարբերականը, Պաքուի «Արեւ»-ը: Աշխատակցած է նաեւ արտասահմանեան զանազան պարբերաթերթներու:

Սարգիս Արարատեան կը մահանայ 1943-ին, Պուքրեշ:

Զօր. Քրիստափոր Արարատեան

Քրիստափոր Արարատեան, ականաւոր ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի գնդապետ, հայկական բանակի զօրավար-հազարապետ, մասնակցած է Սարդարապատի, Էջմիածինի եւ Բաշ Ապարանի կռիւներուն, Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ հայկական զօրաբանակի հրետանային զօրագունդի հրամանատար էր: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երկրորդ ռազմական նախարար, անկուսակցական:

Ծնած է 18 յունիս 1876-ին, Թիֆլիսի նահանգի Մցխեթ քաղաքը: Աւարտած է Թիֆլիսի զինուորական վարժարանը` ենթասպայի կոչումով, Փեթերսպուրկի Միխայլովեան հրետանային ուսումնարանը աւարտած է 12 օգոստոս 1896-ին, նաեւ` Մ. Ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիային կից բարձրագոյն հրամատարական կազմի կատարելագործման դասընթացները:

Այստեղ ան ճանչցուած է լաւագոյն երեք ուսանողներէն մէկը: Աւարտական արարողութեան ժամանակ եղած է հեծելազօրային վաշտի հրամանատար:

Ընտրելով Կովկասեան հրետանիի զօրագունդը, 27 յուլիս 1899-ին կը ստանայ պորուչիկի կոչում:

1902-ին կը նշանակուի Կովկասեան երկրորդ զօրաբանակի հրետանային զօրագունդի հրամանատարի գլխաւոր օգնական: 25 օգոստոս 1902-ին կը ստանայ զօրագլուխի կոչում: Հետագայ տարիներուն քանի մը անգամ փոխած է ծառայութեան վայրը Կովկասեան հրետանային զօրագունդի շրջանակներուն` հիմնականին մէջ զբաղեցնելով ուսումնական խմբակի ղեկավարի կամ ռազմական դատարանի անդամի պաշտօններ:

1903 մարտին կը ստանայ Ս. Ստանիսլաւի 3-րդ կարգի մետալ` սուրով ու ժապաւէնով: 1 օգոստոս 1904-ին կը տեղափոխուի Սիպիրսք քաղաք` զբաղեցնելով այնտեղ զօրագունդի ուսումնական մասի ղեկավարի պաշտօնը, զուգահեռաբար զբաղեցնելով ռազմական դատարանի անդամի պաշտօն:

Ռուս-ճափոնական պատերազմը սկսելէն ետք կը խնդրէ տեղափոխել զինք առաջին գիծ, ուր հնարաւորութիւն կը ստանայ լիարժէքօրէն կիրարկել հրաձգային իր բոլոր գիտելիքները: 19 ապրիլ 1905-ին կը գործուղուի Հարպին` Գ. Մանչուրեան բանակի առաջին գիծի հրետանային զօրագունդ:

23 յունուար 1907-ին կը ստանայ աւագ սպայի կոչում, իսկ 10 մայիսին` զօրագլուխի կոչում: 30 յունուարէն 17 փետրուար զբաղեցուցած է զօրագունդի հրամանատարի պաշտօնակատարի պաշտօնը: 1 յունիս 1912-էն 18 օգոստոս զբաղեցուցած է զօրագունդի հրամանատարի պաշտօնակատարի պաշտօնը: 31 օգոստոս 1914-ին կը ստանայ փոխգնդապետի կոչում:

28 յունիս 1914-էն 28 յուլիս ուսանած է Ցարսկոյէ Սելոյի սպայական հրետանային դպրոցին մէջ, որ կ՛աւարտէ ժամանակէն շուտ ու կը մեկնի ռազմաճակատ: Այստեղ յաջորդ 5 ամիսներուն ընթացքին անոր շնորհուած են քանի մը մետալներ ու շքանշաններ: 9 սեպտեմբեր 1915-ին նշանակուած է զօրամիաւորումի հրամանատարի պաշտօնակատար: 24 սեպտեմբերին եւ անկէ ետք Արարատեանին կրկին շնորհուած են մետալներ` «Խիզախութեան համար»:

13 հոկտեմբեր 1916-ին զինք կը տեղափոխեն ռումանական ռազմաճակատ: Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնէն ետք գիտակցելով, որ թրքական զօրքը կ՛օգտուի իրավիճակէն ու մուտք կը գործէ Հայաստան, Արարատեանը կը տեղափոխուի Կովկաս:

5 դեկտեմբեր 1917-ին նոր ռուսական իշխանութեան ու Օսմանեան կայսրութեան միջեւ կը ստորագրուի Երզնկայի զինադադարը: Թիֆլիսի հայկական Ազգային խորհուրդը փորձեր կը ձեռնարկէ ստեղծելու ազգային բանակ: Այդ միաւորումը թրքական բանակի դէմ կը մարտնչի մինչեւ 1918-ի սկիզբը` հետագային դառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին հիմքը: Հրամանատար կը նշանակուի զօր. Թովմաս Նազարբեկեանը, որ 5 յունուար 1918-ին Արարատեանը կը նշանակէ  հրետանային զօրագունդի երկրորդ զօրամիաւորումի հրամանատար: Այդ գունդը 4 մարտին անուանափոխուեցաւ հրաձգային հրետանային երկրորդ զօրագունդ: 5 ապրիլին զօրագունդը դարձաւ Երեւանի զօրաբանակի մաս, որուն հրամանատարն էր Մովսէս Սիլիկեանը: Արարատեանը կը դառնայ Երեւանի զօրաբանակի հրետանիի հրամանատար:

Սարդարապատի (մայիսի 21-29), Ղարաքիլիսայի (մայիսի 24-28) ու Բաշ Ապարանի  (մայիսի 21-24) ճակատամարտերուն հայկական բանակը կը յաջողի կասեցնել թրքական յառաջխաղացումը: Սարդարապատի յաղթանակը կարելի դարձուցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Ճակատամարտի ժամանակ Արարատեանը եղած է Սարդարապատի մէջ հրետանիի հրամանատարը, իսկ անոր ղեկավարած ստորաբաժանումը գերի վերցուցած է զինուորներու ամբողջ մէկ վաշտ` կազմուած թուրք ու գերմանացի զինուորներէ: Մօտենալով գերի ինկած վաշտին իր նժոյգով` Արարատեանը լսած է վաշտի հրամանատարին զեկոյցը կազմի մասին ու հրամայած` շրջուիլ ու կրակել թուրքերու ուղղութեամբ: Վաշտը միացած է հայկական ստորաբաժանումներուն:

7 հոկտեմբեր 1918-ին կը նշանակուի հայ-թրքական յանձնաժողովի անդամ, որուն նպատակն էր սահմանագծել հայ-թրքական համատեղ սահմանը. պայման մը, որ մատնանշուած էր 4 յունիսի Պաթումի պայմանագրով: Կը մեկնի Թուրքիա, ուր կը ստանայ թրքական մետալ` ի յիշատակ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Խալիլ փաշայի թրքական ռազմական ղեկավարութեան այցելութեան: Վերադառնալով Հայաստան` կը նշանակուի հայկական հրետանային զօրագունդի հրամանատար: Դեկտեմբերին իր ստորաբաժանումներով կը մասնակցի հայ-վրացական պատերազմին: 1919 յունուարին Արարատեանը կը վերադառնայ Թիֆլիսէն, ուր կը մասնակցէր հայ-վրաց-բրիտանական բանակցութիւններուն:

1919-ին սկիզբը Հայաստանի տարբեր ծայրերու մէջ կը բռնկին շարք մը ապստամբութիւններ` կովկասեան թուրքերով (ազրպէյճանցիներով) բնակեցուած շրջաններուն մէջ, ու այդ պայմաններուն մէջ վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին կը հրաժարի իր պարտականութիւններէն: Վարչապետ կը նշանակուի Ալեքսանդր Խատիսեանը: Ռազմական նախարար Յովհաննէս Հախվերդեանը նոյնպէս լքեց կառավարութիւնը: 27 մարտին տակաւին չկազմաւորուած կառավարութեան կազմին մէջ Արարատեանը կը ստանայ զօրավար-հազարապետի կոչում ու կը նշանակուի Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական նախարար:

Նշանակուելով նախարար` Արարատեանը նախկին նախարար Յովհաննէս Հախվերդեանը հրաւիրած է որպէս խորհրդական, իսկ իր նախկին հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը` որպէս օգնական:

7 յունիսին Դիլիջան գործուղման ընթացքին Արարատեանին ինքնաշարժը կողաշրջուած է, ու նախարարը տեղափոխուած է հիւանդանոց կրծքավանդակի լուրջ վնասուածքով ու երիկամային արիւնահոսութիւն ախտորոշմամբ, ուր ան բուժման ենթարկուած է մինչեւ 25 յունիս:

3 ապրիլ 1920-ին Արարատեանը հրաժարած է նախարարի պարտականութիւններէն` ստանձնելով ռազմական նախարարութեան հրաձգային ուժերու տեսուչի պաշտօնը: 22 մայիսէն Արարատեանը զբաղեցուցած է Երեւանի պաշտպանութեան գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնը: Մինչեւ Կարսի գրաւումը թրքական զօրքերու կողմէ` ան զբաղեցուցած է տարբեր զօրամիաւորումներու հրետանիի հրամանատարի պաշտօնը: Արարատեանը գործուղած են Կարս` որպէս ռազմական հրամանատար, իսկ Սիլիկեանը` Պայազիտ: 30 հոկտեմբեր 1920-ին Արարատեանը գերի կ՛իյնայ թրքական բանակի ձեռքը: Բանտին մէջ գտնուած ժամանակ անոր քանի մը անգամ այցելած է զօրավար Քեազիմ Քարապեքիրը, որ առաջարկած է Արարատեանին` դասաւանդել ռուսական հրետանիի արուեստը թրքական ռազմական համալսարանին մէջ, սակայն ամէն անգամ մերժուած է:

Ալեքսանդր Միասնիկեանի միջնորդութեամբ, 1921-ի վերջը վերադարձած է Հայաստան` ըստ որոշ տեղեկութիւններու 1922-ին, զբաղեցնելով Հայկական ՍՍՀ հրետանիի հրամանատարի պաշտօնը:

1923-1925 թուականներուն` հայկական հրաձգային զօրամիաւորումի հրամանատարի տեղակալ, ապա ղեկավարած է ԵՊՀ եւ ՀԳԻ ռազմագիտական ամպիոնները:

Քրիստափոր Արարատեանը Հայկական ՍՍՀ ներքին գործերու կոմիսարին կողմէ 2 սեպտեմբեր 1937-ին, ուշ երեկոյեան, այլ սպաներու հետ միասին կը ձերբակալուի: Երեք ամիս բանտարկութենէ ետք, 10 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին Արարատեանը, զօրավարներ Տմիթրի Միրիմանովն ու Մովսէս Սիլիկեանը, գնդապետներ Աղասի Վարոսեանը, Ստեփան Օհանէսեանը, Յակոբ Մկրտչեանն ու Յարութիւն Յակոբեանը կը տեղափոխեն Նորքի ձոր (ներկայիս կենդանաբանական այգիի տարածք) ու կը գնդակահարեն, որպէս «ազգի թշնամիներու»:

Երկար տարիներէ ի վեր Ք. Արարատեանին կինը` Նինա Էյուպովան ծրարներ կը յանձնէր Պետական անվտանգութեան կոմիտէ իր ամուսինին տալու համար, չիմանալով, որ ամուսինը շատոնց արդէն սպաննուած է: 19 մարտ 1955-ին հարազատներուն յանձնեցին Արարատեանի մահուան վկայականը, ուր նշուած էր, որ իբր թէ ան մահացած է 16 փետրուար 1943-ին սրտի կաթուածէ: Յաջորդ տարի, 18 յուլիս 1956-ին, Հայկական ՍՍՀ Գերագոյն դատարանը չեղեալ կը համարէ Արարատեանին դէմ 16 նոյեմբեր 1937-ին որոշումը, որուն շնորհիւ յայտնի դարձած է անոր մահուան իրական թուականը:

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց` Պարոյր Սեւակի Գերեզմանին

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Վանաշէն (նախկին Թայթան) գիւղ, Արարատի մարզ, հարազատ հօրեղբoրս տունը իջեւանեցայ, երբ  հայրենիքի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք այցելութեան գացի Հայաստան: Փափաքիս ընդառաջ երթալով` անհամբեր սպասեցի տնեցիներուն կողմէ կազմակերպուած վաղամեռ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի գերեզման այցելութեան:

Երկու տասնեակ տարիներ առաջ Զանգակատուն (նախկին Չանախչի) իր հայրենի գիւղէն մօտ ութ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արարատի շրջանէն դէպի Երեւան ճամբուն վրայ, որպէս թէ ինքնաշարժի անհեթեթ արկածով մը մահացած եւ իր տան պարտէզին մէջ թաղուած էր Պ. Սեւակը:

Անհատի պաշտամունքէն ետք հասարակութեան մտայնութեան մէջ լուրջ տեղաշարժեր կատարուած էին նաեւ մեր հայրենիքի մէջ, մարդիկ սկսած էին մտածել բաներու մասին, որոնք երբեք իրենց միտքերէն չէին անցած: Առ այդ, Պ. Սեւակ լեզուն դարձաւ մարդոց հոգեբանութեան մէջ տեղի ունեցած այդ խուլ խլրտումին` զայն վերածելով չափածոյ խօսքի: Ան բացաւ քերթողութեան դռները կեանքի նոր հովերուն առջեւ, որով մեր բանաստեղծութիւնը մօտեցուց կենդանի իրականութեան ափերուն:

Ճիշդ մեկնաբանուած է, որ` «Սեւակի խօսքն ունի որոշակի հասցէ եւ ուղղուածութիւն: Այն բանաստեղծի ուղղակի հակազդեցութիւնն է իր եւ իր ազգի ապրած մի ժամանակաշրջանի դէմ, իւրօրինակ մի պոռթկում` իր հոգուն ամէն օր ծանրացող կաղապարների դէմ: Այստեղի՛ց է գալիս սեւակեան չափածոյի կի՛րքը, շիկացած տարե՛րքը, որ կարծես պիտի պայթեցնի այլասացական ձեւի պայմանականութիւնը, պիտի ճեղքի այլախօսութեան թափանցիկ դարձած քողը»: Եւ որ Սեւակը գրեթէ միայնակ էր իր այս խիզախ կեցուածքին մէջ… Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր, ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ, կը պնդեն, որ տաղանդաւոր բանաստեղծը  պատահական արկածի զոհ չէր:

Ես ու հարազատներս այս եւ նման խորհրդածութիւններ ունեցանք ճամբան մինչեւ բանաստեղծին հայրենի տունը: Հոս, յուշակոթողին դիմաց, որ հուժկու ժայռաքար մըն է տան պարտէզին մէջ, վրան փորագրուած` տարաբախտ բանաստեղծին եւ իրեն հետ նոյն արկածով մահացած տիկնոջ անունները, հօրղբօրս աղջնակը արտասանեց.

Մե՛ր հողի վրայ,
Մե՛ր երկնքի տակ
Մենք դարձել էինք օտարի գաղութ:
Նոյնիսկ մեր հօրը երկրպագելու
Եւ կամ թէ որդուն պագելու համար
Այլ արքունիքից պիտի խնդրէինք մենք թոյլատուութիւն …
Եւ այս ամէնի՛ց, այսքանի՛ց յետոյ
Իրաւունք չկար մինչեւ իսկ… լալու:

 

 

 

 

(Ան) ազատութեան Օր

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

110 տարի առաջ, նոր սահմանադրութեան գործադրման շնորհիւ վերացաւ նաեւ Թուրքիոյ գրաւոր մամուլին մէջ տխուր հռչակ վայելող գրաքննութիւնը: Կայսրութեան շրջանակները, ինչպէս` բոլոր նորութիւնները, մեծ վերապահութիւն ցուցաբերած էին նաեւ թերթերու` որպէս զանգուածային լրատուամիջոց հրատարակութեան: Այդ մասին ալ երկրին մէջ նախափորձը կատարեցին ազգային փոքրամասնութիւնները: Նախքան թրքերէնով թերթի մը հրատարակութիւնը արդէն հայ կամ յոյն խմբագիրներ սկսած էին իրենց մայրենի լեզուներով թերթեր հրատարակել:

Երկար վարանումներէ ետք նման թոյլտուութիւն շնորհուեցաւ նաեւ թրքերէն թերթ հրատարակելու համար: Իսկոյն գործադրուեցաւ շատ ծանր գրաքննութիւն մը: Խմբագիրներ պարտաւոր էին յաջորդ օր լոյս տեսնելիք թերթին գրութիւնները ղրկելու պալատի գրաքննիչ մարմինին եւ միայն անոնց թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք տպել թերթը: Յաճախակի երեւոյթ էր վերջին պահուն դրուած արգելքներու պատճառով թերթի էջերուն վրայ հանդիպիլ պարապ սիւնակներու: Նոյնիսկ կը պատահէին օրեր, երբ ամբողջ էջ մը պարապ լոյս կը տեսնէր:

Գրաքննութեան միջոցով իշխանաւորները համոզուած էին, որ պահած կ՛ըլլան երկրին անվտանգութիւնը: Իրականութեան մէջ անոնց հոգը ոչ թէ երկրին անվտանգութիւնն էր, այլ` իրենց հսկած պետութեան անսասանութիւնը:

1908-ին գրաքննութեան վերացումը երկրին մէջ աւանդաբար կը յիշուի որպէս «Մամուլի ազատութեան օր», բայց, ի՜նչ մեղք, որ անցնող 110 տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ մէջ մամուլը երբեք ազատ չէ եղած: Յաճախակի երեւոյթ է յօդուածագիրներու կամ լրագրողներու իրենց մեկնաբանութիւններուն եւ լրատուութիւններուն պատճառով հարցաքննութիւնը, դատապարտութիւնը, բանտարկութիւնը, նաեւ, սպանութիւնը: Այս մերկ իրողութեան դիմաց արդէն բաւական հակասական էր Մամլոյ ազատութեան օր տօնելը:

Իրողութիւններու ուրացումը եւ ժխտումը դարձեալ աւանդութիւն մըն է մեր երկրին մէջ: Այդ իսկ պատճառաւ ալ աշխարհի երեսին ամենաշատ լրագրողներ բանտարկած երկրի նախագահը անփութօրէն կրնայ ճառել ազատ մամուլին մասին: Բայց անդին կայ «Լրագրողներ առանց սահմանի» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կանոնաւոր կերպով կը հետեւի աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ լրագրութեան ասպարէզին գործելու պայմաններուն: Այդ կազմակերպութեան վերջին հրապարակումներուն համաձայն, Թուրքիա մամուլի վրայ ամենածանր ճնշումներ գործադրող երկիրներու շարքին է:

Նախորդ չորեքշաբթի հրատարակուած տեղեկագիրը Թուրքիան կը համարէ «Լրագրողներու համար աշխարհի մեծագոյն բանտը»: Մանաւանդ կ՛ակնարկէ երկու տարի առաջ ձեռնարկուած անյաջող զինուորական յեղաշրջումին եւ կ՛ըսէ, որ բազմաթիւ լրագրողներ այդ դէպքէն ետք ձերբակալուեցան, եւ տակաւին նոր կը սկսի իրենց դէմ դատավարութեան գործընթացը: Թէեւ «Լրագրողներ առանց սահման»-ի կազմակերպութեան տեղեկագիրը դիտել կու տայ, թէ լրագրողներու դէմ թշնամութիւնը միայն Թուրքիոյ յատուկ երեւոյթ մը չէ եւ չէ սահմանափակուած Իրան, Թուրքիա կամ Եգիպտոսի նման բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիրներով:

Կազմակերպութեան մատնանշած ուրիշ մէկ խնդիրն ալ լրագրողները իբրեւ ահաբեկիչներ ներկայացնելն է: Այս մասին օրինակ կը տրուի Ամերիկայի նախագահ Թրամփը, որ լրագրողները մեղադրած էր` «ժողովուրդի թշնամիներ» կոչելով: Արդարեւ, Ամերիկան ալ Թրամփի նախագահութեան առաջին տարուան մէջ արդէն երկու աստիճանով նահանջած է մամլոյ ազատութեան ցանկին վրայ: Իսկ Թուրքիա 180 երկիրներու մէջ կը գրաւէր 157-րդ տեղը:

«Ակօս»

pakrates@yahoo.com

 

 

Սլաքներ. Կոտրել Կացինի Նման Կոթեր…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի պատկերասփիւռի մէկ կայանի լրատուական յայտագիրէն` 1 օգոստոսին ի միջի այլոց հաղորդուեցաւ հետեւեալը. Հայաստանի բնակչութեան այժմու թիւը շուրջ 2,9 միլիոն է: Մանրամասնութիւններ` վերջին շրջանին, քաղաքներէ հեռացած են շուրջ 6 հազար բնակիչ, գիւղերէ` աւելի քան 3 հազար:

Նոյն օրը, «Ազդակ»-ի «50 տարի առաջ» սիւնակին մէջ կար Հայաստանէն լուրերու շարան մը, որոնցմէ մէկը կ՛ըսէր. 1968-ի յուլիսի վերջերուն, Հայաստանի բնակչութեան թիւը 2 միլիոն 340 հազար էր:

Մեկնաբանութիւն կ՛ուզէ՞ք…

***

31 յուլիսին, ՀԱՔ-ի մէկ ներկայացուցիչը` Զոյա Թադեւոսեան, մամլոյ ասուլիսի մը պահուն յայտարարած է, որ հայերս Արցախի մէջ Ազրպէյճանէն հող գրաւած ենք, եթէ կ՛ուզենք, որ Արցախի հարցը լուծում գտնէ, այդ հողերը պէտք է վերադարձնենք: Առարկողի մը` ան խրատած է «պատմութիւն սորվիլ»` շեշտելով, որ ինք պարզապէս կը յիշեցնէ եռանախագահներուն պաշտօնական տեսակէտը:

Արցախի պաշտօնական հակադարձութիւնը ծանօթ է. Թադեւոսեանը արդարօրէն որակուեցաւ դաւաճան, իսկ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց, որ ՀԱՔ-ի ներկայացուցիչին դէմ դատական հարց պիտի յարուցէ:

Ազրպէյճանին հող վերադարձնելու եւ այդ ճամբով խաղաղութեան հասնելու «տեսութիւնը» նորութիւն չէ: 90-ականներուն կար աւելին. Հայաստանի հարաւէն հողեր տալ Ազրպէյճանին` Արցախէն որոշ բաժիններ ունենալու փոխարէն: Առաջին դրօշակիրներէն էր Լեւոն Տէր Պետրոսեան: Արցախի մէջ «գրաւեալ հողեր» Ազրպէյճանին վերադարձնելու չնաշխարհիկ տեսակէտ մը արտայայտեց նաեւ նախորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, հազիւ տարի մը առաջ…

Արձանագրենք գոնէ երկու կէտ. նախ` եթէ պատմութիւն սորվելու Զոյայի մը թելադրանքը ընդունինք, պէտք է սկսինք այն օրերէն, երբ Ստալին կոչուած բռնատէրը բոլորիս ծանօթ հաշիւներով Արցախն ու Նախիջեւանը յանձնեց Ազրպէյճանին: Սա ճշմարտութիւն մըն է արեւու տակ, որ թզենիի տերեւ մը իսկ չունի շուքի պատառիկ մը ունենալու համար: Յետոյ, մեր` հայութեան ամբողջ պայքարը միշտ ալ չէ՞ ուղղուած միջազգային կամայականութեանց դէմ, հաշիւներու, որոնց այսօրուան դրօշակիրները կը կոչուին… «համանախագահներ»:

… Ժամանակն է, որ Հայաստանի մէջ որդեգրուի օրէնք մը, եւ որքան կարելի է` շուտ, որ ծանրագոյն պատիժներուն արժանացնէ պատմական ճշմարտութեանց ու մեր իրաւունքներուն մասին կասկած յարուցող նմանօրինակ արտայայտութիւններու հեղինակները: Չի բաւեր ուրախանալ, որ Ֆրանսա կամ այլ երկիրներ պատիժի արժանի քրէական յանցանք կը նկատեն Ցեղասպանութեան ժխտումը:

Պէտք է իմաստութիւնը ունենալ նման ստրկամիտներու բեմ չտալու, եւ սա ո՛չ մէկ ձեւով կ՛ոտնակոխէ խօսքի ազատութեան սկզբունքը: Նման վարձկաններու մասին երկար խօսիլն ալ չ՛արժեր: Աւելի՛ն: Պէտք է կոտրենք մեր կացինին այս տեսակի կոթերը…

1 օգոստոս 2018

Նրա Նուիրեալ Երկիրը Վասպուրականն Էր

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ես առաջին անգամն է էի տեսնում մի այսպիսի սիրելի անձնաւորութիւն: Նա այն աբեղաներից էր, որի բերանում Յիսուսի, Մովսէսի եւ Պօղոսի անունների հետ ստէպ յիշւում էին իր ազգի նահապետների անունները, ոչ միայն հասարակ խօսակցութեան մէջ, այլեւ սուրբ տաճարի բեմից: Նա չէր խօսում բիբլիական Պաղեստինի եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ի երանութիւնների մասին, նրա նուիրեալ երկիրը Վասպուրականն էր…

Րաֆֆի

Ափսո՜ս… Մեր պատանութեան օրերու ընթերցումներէն շատ քիչ բան կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Այդ է կարգը. սորվելու համար պէտք է մոռնալ: Այսպէս, Րաֆֆիի «ԿԱՅԾԵՐ»-էն, «ԽԵՆԹ»-էն, «ԴԱՒԻԹ ԲԷԿ»-էն տպաւորութիններ միայն կը պահենք: Աւելի կը յիշենք «ՈՍԿԻ ԱՔԱՂԱՂԸ», քանի որ անոր բեմականացման ներկայ եղած ենք:

Ափսո՜ս նաեւ անոր համար, որ նորահաս սերունդը, Հայաստան սեւ սփիւռքներ, Րաֆֆիի գիրքերը կարդալու ո՛չ ժամանակ կը գտնէ, ո՛չ ալ ցանկութիւն ունի: Չեն կարդար նոյնիսկ անոնք, որոնք, ինչպէս կ՛ըսուի, լեզուական արգելք չունին:Իսկ ինչպէս այդ կ՛ըլլար անցեալին, մեր թերթերը ազգաշունչ գրականութիւնը որպէս թերթօն չեն հրատարակեր: Նման էջ հրատարակելը ժամանակավրէպ է, կը հետաքրքրէ հին սերունդը, նորերը ունին այլ հետաքրքրութիւններ, զորս պէտք է բաւարարել վասն մարդորսութեան. մարզիկներ, դերասանուհիներ եւ անոնց ծաւալներու շնորհները:

Հայրենի գրող Ալիս Յովհաննիսեանը տպաւորիչ ուսումնասիրութիւն մը լոյս ընծայած է` «ՐԱՖՖԻԻ ՈՏՆԱՀԵՏՔԵՐՈՎ» (2017), որուն անդրադարձայ: Գիրքին ընթերցումը եւ հոն գտնուող մէջբերումները խանդավառ եւ երազապաշտ օրերու անցեալ մը կենդանացուցին: Դաստիարակչական, նոյնիսկ երբ արդէն հեռուէն կը նայինք մեր պատանութեան եւ երիտասարդութեան:

Ալիս Յովհաննիսեան, Րաֆֆիի գրականութեան մերօրեայ ըմբռնումով ընթերցումը կատարելով` հայելի կը բռնէ մեր առջեւ, ըլլանք շարքային հայ, կրօնական թէ քաղաքական այր:

Այս էջերով պիտի խօսիմ րաֆֆիական ազգային խոր մէկ իմաստութեան մասին` զայն բանալով մեր բազմաբղէտ տեսութիւններուն եւ խոտորումներուն վրայ, որուն առջեւ կանգ առի, երբ կը կարդայի գիրքը: «Գրախօսական»-ը արդէն ղրկեցի մամուլին: Պէտք է ափսոսալ, որ Րաֆֆին մեր ժամանակակիցը չէ, որպէսզի ազգային էականը մոռցող ամէն կարգի «լաւ ապրելու իրաւունք»-ի բախտախնդիրները եւ փերեզակները դիմակազերծ ընէր:

Իտէալիզմը, հոգին եւ ոգին, կը մնան եթերին մէջ անհասցէ տեղ մը, եթէ կոշտ իրականութիւնը անգիտանանք: ԺԷ. դարու մեծ իմաստասէր Պլեզ Փասքալ ըսած էր, որ` «մարդը ո՛չ հրեշտակ է. ո՛չ անասուն, երբ կ՛ուզէ հրեշտակ դառնալ, կը դառնայ անասուն»: Րաֆֆիի նկարագրած եկեղեցականը իրաւ կամ կեղծ հրեշտակային վիճակի մէջ յամեցող չէր: Հայ եկեղեցական էր, որ գիտէր, թէ իր ժողովուրդը կանգնած էր լուրջ խնդիրներու առջեւ: Ինչպէս այսօր ալ կանգնած է:

Կ՛ըսէ. «Ես առաջին անգամն էի տեսնում մի այսպիսի սիրելի անձնաւորութիւն: Նա այն աբեղաներից էր, որի բերանում Յիսուսի, Մովսէսի եւ Պօղոսի անունների հետ ստէպ յիշւում էին իր ազգի նահապետների անունները, ոչ միայն` հասարակ խօսակցութեան մէջ, այլեւ` սուրբ տաճարի բեմից: Նա չէր խօսում բիբլիական Պաղեստինի եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ի երանութիւնների մասին, նրա նուիրեալ երկիրը Վասպուրականն էր…» (ընդգծ. Յ.Պ.):

Մի՞թէ հարկ է յիշեցնել, որ Րաֆֆի կը խօսի Հայոց Հայրիկ Խրիմեանի մասին:

Րաֆֆիի այս պարբերութիւնը կարդացի Ալիս Յովհաննիսեանի գիրքին մէջ: Գրուածին չափ եւ աւելի կարեւոր է անոր թելադրութիւնը մեր անմիջական ներկային համար, ոչ միայն` անցեալի: Րաֆֆիի պատկերացուցած Խրիմեանը, անկախ ամէն կարգի կրօնական ըմբռնումներէ եւ այսօրուան տեսական կամ նեղմիտ շահադիտական վերաբերումներէ, մտածել տուաւ.այսօր ո՞ւր է հայուն նուիրեալ երկիրը, ինչպէ՞ս կը ներկայանան կամ ինչո՞վ փոխարինուած են Յիսուս, Մովսէս, Պօղոս, Պաղեստին եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ը:

Ո՞ւր է այսօր հայուն նուիրեալ երկիրը: Հայը երկիր ունի՞, կ՛ուզէ՞ ունենալ, երբ կը հնչեն «համաշխարհային ազգ ենք»-ի նման խօսքեր: Ազգ ըլլալու պարտքը եւ իրաւունքը ի՞նչ է ի վերջոյ: Համաշխարհային ազգին երկիրը մոլորակն է, թերեւս վաղն ալ` հեռաւոր աստղ մը կամ աստղեր: Ոչ իսկ: Մի՞թէ հայուն երկիրը մոլորակը կամ աստղերը անգամ չէ, այլ` համաշխարհայնացման թեւին տակ ծուարած քաղքենիացումը, ինչպէս կ՛ըսուի` լաւ ապրելու իրաւունք. ապահովութիւն, շքեղ բնակարան, լողաւազան եւ դրամատան մէջ դիզուող գումարներ, անապատի մէջ գտնուող խաղատուներու երջանկութիւն:

Բոլոր անոնք, որոնք  Եհովա, Յիսուս, Մովսէս եւ Պօղոս անունները, եւ այդպէս բաներ կը հոլովեն եւ հոն կանգ կ՛առնեն, ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ կը ծառայեն: Կը կարծե՞ն ծառայել հայուն, իրենց համար բան մը կը նշանակէ՞ հայուն նուիրեալ երկիրը, ազատագրուածը, անկախը եւ բռնագրաւուածը: Մեր ժողովուրդի բնական ողջախոհութամբ, Րաֆֆիի նկարագրած Խրիմեանը ինչո՞ւ չենք հակադրեր ասդին-անդին սողսկող աղանդներուն, այլասերող տեսութիւններուն եւ վարդապետութիւններուն, դատարկ քարոզներուն:

Ինչո՞ւ այսօր Րաֆֆիի կանգունով չենք չափեր հայ եկեղեցականները, որոնց շարքին սպրդած են «խաչագող»-ներ, որոնք հակառակ իրենց քրիստոնէական ուսման` հետամուտ են պերճանքի, անձնական հարստացման: Հայաստանի պարագային, յաճախ խօսուեցաւ փտածութիւն-կոռուպցիայի մասին: Ինչո՞ւ հայ եկեղեցականներու հարստութեան եւ ինչքին մասին մասնագիտական հաշուեքննութիւն չի կատարուիր, audit, աուտիդ: Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ հայ եկեղեցականը մեծագումար հարստութիւն կ՛ունենայ եւ ինչո՞ւ կ՛ուզէ ունենալ, ինչպէ՞ս դիզուած կ՛ըլլայ եկեղեցականին թողած նիւթական ժառանգութիւնը իր ընտանիքի անդամներուն, կամ իր անձնական քսակէն եղած մեծագումար նուիրատուութիւնը: Ինչո՞ւ եկեղեցականը մեծ ոստաններու մէջ կալուածներու տէր պիտի ըլլայ, պաշտօնէ դադրելէ ետք պիտի չվերադառնայ իր վանքը… Ինչո՞ւ քաղքենիի սնափառութեամբ պերճ ինքնաշարժներով հակաքրիստոնէական ոգիով պիտի փքուին անոնք: Բարոյական-ժողովրդային դատ եթէ չկայ, դատարան չկայ, դատաստա՞ն ալ չկայ…

Րաֆֆիի նկարագրած աբեղան միայն եկեղեցականը չէ, ան է նաեւ հանրային գործիչը` թաղականէն մինչեւ մեծամեծ ժողովները, անոնց բեմերը զբաղեցնող նախագահները, որոնք կը գինովնան աւուր պատշաճի բարձրագոչ խօսքերով, երբեմն ալ նախագահութիւնները կը վերածեն հասութաբեր կալուածի, նոյնիսկ` ժառանգական-ընտանեկան: Րաֆֆիի քանդակած աբեղան գիրքերէ փոխ առնուած եւ անգիր եղած տեսութիւններու թութակը չէ, իզմի եւ իսդի: Ան ազգի աբեղան է, որ գիտէ թէ ո՛ւր է նուիրեալ երկիրը:

Աշտարակի իր տունը վաճառող հայ մօր հոգին բթացած է: Վաճառքէն գոյացած գումարով պիտի մեկնի հոն, որ իրեն համար ոչ մէկ ձեւով նուիրեալ երկիր է, ուր պիտի գտնէ հին եւ նոր Յիսուսներ, Մովսէսներ, Պօղոսներ, բայց ոչ` Հայկ նահապետ եւ Արամ, ոչ` Մուշեղ Մամիկոնեան եւ Լեւոն Մեծագործ, ոչ` Դաւիթ բէկ, ո`չ Նիկոլ Դուման, ոչ` Չարենց եւ ոչ` Բակունց, ոչ` Արամ Խաչատուրեան եւ ոչ` Մարտիրոս Սարեան…

Ազգը, հանրային կարծիք, մամուլ, դատարաններ, հաշուետուութեան պիտի կանչե՞ն այն եկեղեցականները, նոյնիսկ` յետմահու, պարզելու համար, թէ իրենց ստացած ռոճիկին բաղդատած` ինչպէ՞ս կրցած են եւ կրնան հարստութիւն դիզել` անգօսնելով իրենց ծառայութեան ուխտը: Ազգը audit-աուտիդ ընելու քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ: Ինչո՞ւ, հասարակ մահկանացուի եւ մեղաւորի պէս կալուածներ պիտի ունենայ եկեղեցականը:

Ինչպէս կարգ մը երկիրներու մէջ պետական մարդիկ իշխանութեան գլուխ գալէ առաջ կը յայտարարեն իրենց ունեցուածքը, իրենց իշխանութեան աւարտին ալ կ՛ընեն նման յայտարարութիւն, հայ եկեղեցականներէն ալ պէտք է պահանջուի ընել նոյնը` վասն եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ եկեղեցականի անբասիր կեանքի:

Մեր ներազգային կեանքի զանազան բնոյթի մրցակցութիւնները եւ սխալ հասկցուած յարգանքը արգելք պէտք չէ ըլլան audit-աուտիդի:

Այն ատեն կը մնան Րաֆֆիի նկարագրած աբեղաները, որոնք ճամբացոյց կ՛ըլլան գտնելու հայուն նուիրեալ հայրենիքը, հասնելու հոն եւ իրենց հետ տանելու իրենց հօտը…

Ֆրանսացի մեծ գրող եւ իր դարը դրոշմած Վոլթեր կ՛ըսէր, որ` «լաւ քահանայ մը նախախնամութիւն է իր գիւղին համար»…

«Նա չէր խօսում բիբլիական Պաղեստինի եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ի երանութիւնների մասին, նրա նուիրեալ երկիրը Վասպուրականն էր…»:

Վոլթերի նշած նախախնամութիւնը… Դար մը ետք հօտը կը մնայ երախտագէտ… Րաֆֆիի աբեղային:

Խրիմեաններու, նոյնիսկ երբ անոնք միայն աբեղայ են, կամ` աբեղայի պէս:

28 յուլիս 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

«Հին»-էն Ու «Նոր»-էն Վեր Մէկ Հայաստան Կայ

$
0
0

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

Բարի՛ լոյս, հա՛յ, հայրենի՛ք, Հայաստա՛ն,
Բարի՛ լոյս, Արարատեա՛ն աշխարհ,
Բարի՛ լոյս, Աստուա՛ծ, Արարա՛տ:

Երեք տարի առաջ, այսօր, ես առի կեանքիս մեծագոյն քայլը: «Գլխէս մեծ» քայլ, եւ այդ ալ` ի՜նչ քայլ, քայլ դէպի տուն:

Ինձ կանչող չեղաւ, ո՛չ հարազատ, ո՛չ ալ` ծանօթ ունէի, որ ինծի «արի տուն» ըսէին. այն, ինչ որ ունէի մինչեւ այդ օրը, գրեթէ ոչինչ էր, բացի` ծանօթներէ, լաւ ընկերներէ եւ ընտանիքէ. բոլորին կարծես «բարեւս տուի, անցայ, գնացի», կամ աւելի ճիշդ` եկայ… եւ անկեղծօրէն ըսեմ, որ զիս ետ քաշող զգացում մը չեղաւ, չգտայ մէջս:

Երեք տարուան մէջ բաւական մարդ դիմաւորեցի, ուրախ էին, բոլորս ուրախ էինք… նոյնքան մարդ ճանապարհեցի, շատեր ուրախ էին, որ տուն պիտի դառնան, շատեր տխուր էին, որ հայրենիքը պիտի լքեն, իսկ ես բարեբախտաբար միշտ ուրախ էի, որ գացողներուն մէջ չեմ:

Շատ բաներ, զորս չունէի մինչեւ Հայաստան գալս, ունեցայ, գտայ այստեղ` «օտարութեան» մէջ, շատ բաներ ալ կորսնցուցի: Ես ճակատս բաց, քիչ մըն ալ քիթս բարձր եկայ Հայաստան: Հպարտ էի, որ ստիպուած չէի եկած, ուրախ էի, որ իմ ընտրութիւնն էր, լաւ-գէշ իմ ուզածս էր, որ տեղի պիտի ունենար. հիմա ալ ուրախ եմ, քիչ մըն ալ ճակատս աւելի բաց է, որ քիթս գետին չեկաւ, ոչ ալ ամպերուն հասաւ: Այստեղ գտայ այն, ինչ որ դասական սփիւռքի բոլոր սերունդներու ծնողներն ու նախնիները կորսնցուցած էին տարբեր թուականներու` հայրենիք, հող, ազգ: Այն, ինչ կար ծննդավայրիս մէջ, հող ու հայրենիք չէր. նոյնիսկ ազգ չէր, այլ ազգէն ֆիզիքապէս բաժնուած, ինչպէս Սարգիս Զէյթլեան կ՛ըսէ` «մայր ցամաքէն բաժնուած կտոր» մըն էր, որ օր մը, ուզենք թէ չուզենք, «սառոյցէ կտորի մը պէս արեւուն տակ պիտի հալի»: Չգտայ այստեղ նոյն ընկեր Սարգիսի «մայր մեղուի շուրջ» ըլլալու եւ աշխատելու գաղափարը. անկեղծօրէն ըսեմ, որ չզարմացայ, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին մեզմէ անբաժան մեր «ազգային» ամէնէն վատ սովորութեան` ապերախտութեան իբրեւ հետեւանք, մենք «մայրը լացուցինք» այն բոլոր մեղուներուն, որոնք օր մը «մայր մեղու» պիտի դառնային, եւ մենք իրենց շուրջը պիտի հաւաքուէինք փեթա՛կ դառնալու համար:

Այսպէս, երեք տարի շարունակեցի չզարմանալ շատ մը բաներու, որոնց վրայ հիմնուած էր մեր բոլորիս մանկական ու պատանեկան հայրենասիրութիւնը եւ Հայաստանի ընկալումը. եւ ի վերջոյ, կորսնցուցի հետքը այն բոլոր կարծես երկնային ամպերու մէջ ձեւաւորուած հայկական ու ազգային երազներուս. վերացաւ մէջս ձեւաւորուած զգացական Հայաստանը, դառնալով առարկայական Հայաստան` բայց այնպիսի «առարկայ», որ ճիշդ է, որ ո՛չ առաջինն ես, ո՛չ ալ վերջինը զայն ունեցող, բայց` ան միշտ նոր է, միշտ թանկ է, եւ անընդհատ, որքան ալ տաս ու նուիրես իրեն, այդքան ու աւելի պիտի բարձրանայ քեզմէ, այդքան եւ աւելի պիտի պահանջէ քեզմէ: Սփիւռքահայու յատուկ հոգեւոր «հարստութիւն» մը կորսնցուցի այստեղ հաստատուելով` ձգտում, «յաւերժ» փնտռտուք… Զգացում մը, որ անդադար կը յուշէ պատկանելիութեան մը մասին (եթէ ունիս զգացում), կը յուշէ, որ հայրենիք մը ունիս, պէտք է քուկդ ըլլայ, պէտք է բաժնես զայն, տե՛ղդ ունենաս այդտեղ: Այդ բարձրեալին ձգտելու կախարդական զգացումը (կը կրկնեմ` եթէ ունիս) հարստութի՛ւն է իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար, եւ այդ ես կորսնցուցի, եւ այդ կորուստը կը զգաս, որովհետեւ ապրելակերպէդ ու ներաշխարհէդ բան մը անպայման կը փոխուի Հայաստան հաստատուելով:

Ըրի այնպէս, որ երբեք «սփիւռքահայ»-ու տեղ չդնեն զիս, գոնէ` իմ ներկայութեանս, ուրիշ աչքով չնային. միշտ մտածեցի եւ տակաւին կը մտածեմ, որ ես ոչ մէկ բան ունիմ տեղացիներէն աւելի, ոչ ալ պակաս, իր կարգին: Ոչ մէկ անգամ մտածեցի եւ այսօր եւս չեմ մտածեր «հայաստանցի» դառնալու մասին, հակառակ անոր որ վստահ եմ, որ «հայաստանցի»-ն որպէս որակաւորում` դժբախտաբար քանի մը տեսակ կ՛օգտագործուի, որոնց մէկ մասը կը ծառայէ որպէս ոչ լաւ պիտակաւորում: Ճիշդ է` շատ մը սովորութիւններ ու ապրելակերպի լաւ երեւոյթներ գիտակցաբար եւ շատ անգամ անգիտակցաբար դարձուցած եմ, կամ դարձած են նաեւ իմս, բայց վստահ եմ` որքան ալ իմ ներսի «հայաստանցին» մեծնայ, աւելի ներսը, տեղ մը, մէկ փոքրիկ անկիւն մը, սփիւռքահայու հպարտութիւնը երբեք պիտի չկորսնցնէ իր վեհութիւնն ու դերակատարութիւնը: Այո՛, վեհութիւն է այս դարուս պահե՛լ սփիւռքահայու կերպարը ու իր հպարտութիւնը հայրենիքի մէջ, երբ մարդիկ գլուխ կը գովեն ու կը փորձեն իրենց «հայաստանցիութիւն»-ը, «հայրենասիրութիւն»-ն ու «հայութիւն»-ը ուրիշներուն ծախել օտար ափերու վրայ:

Ես աւելի մէկ բան ունիմ` այն ալ պատասխանատուութիւնն է, չյուսահատելու մարտահրաւէրին ընդառաջ երթալն է եւ զօրաւոր կամքի առկայութեան հարցով այլընտրանք չունենալը: Երեք տարի ըրի այնպէս, որ խուսափիմ մարդոցմէ, որոնք փորձեցին զիս ներկայացնել որպէս «հայրենադարձ երիտասարդի օրինակ». ես սորված էի կենդանի մարդիկը չդարձնել օրինակ, որովհետեւ մարդը միշտ սխալական է, եւ նոյն սկզբունքով միշտ օրինակ վերցուցի պատմութեան էջերէն «մաքուր» անցած մարդոցմէ: Ինձմէ ի՞նչ օրինակ. հազարաւոր օրինակներ կան, իրե՛նք թող ծառայեն որպէս այդպիսին. ես տակաւին օդն ու հողը փոխած, յոգնած ու չարմատաւորուած բոյսի մը նման եմ, շատ ջրես, կը խեղդուիմ, չջրես, «կը մեռնիմ»:

Երեք տարի ատելութիւն տածեցի ու տակաւին կը տածեմ այն բոլոր անձերուն հանդէպ, որոնք, չեմ գիտեր ինչպիսի՛ «հայրենասիրութեան» իբրեւ արդիւնք, տարիներով Հայաստանի վարքն ու բարքը ոտնակոխ ըրին Հայաստանի պուտ մը ջուրին ծարաւ իսկական հայրենասէրներու առջեւ` իրենց ձախողութիւնն ու ձախաւերութիւնը ուրիշին վիզերուն փաթթել փորձելով:

Ատելութիւն տածեցի այն բոլոր անձերուն հանդէպ, որոնք բեմերու վրայէն ու բարձրախօսերու կամ տեսախցիկներու դիմաց նստած` հայրենիք, Հայաստան ու «քելէ, լաօ, էրթանք մըր էրկիր» քարոզեցին, բայց հայրենիք փոխադրել մտածողին «գործ չունիս» ըսին… Յամենայ դէպս ինծի հետ այդպէս բան չպատահեցաւ, թերեւս` ճիշդ մարդոց դիմելուս պատճառով: Երեք տարի այդ նոյն մարդիկ թեւ ու թիկունք կանգնեցան եւ այնպէս ըրին, որ քիթս երբեք չբարձրանայ եւ ամպերուն չհասնի` ուրիշներուն նման տգէտ քարոզներ կարդալով:

Այս ալ ըսեմ, որ երեք տարուան մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն տեսայ Հայաստանի մէջ: Հայաստանը նոյն Հայաստանն է, որ կար եւ այսօր իսկ կայ, վաղուան լինելութեան հարցը մեր ու գալիք սերունդի ձեռքերուն մէջն է: Ո՛չ հին Հայաստանը առանձնապէս բան փսփսաց ականջիս, որ եթերային ու վերացական այս «նոր Հայաստան»-ի մէջ կորսնցուցի, ո՛չ ալ «նոր Հայաստանը» այնպէս ըրաւ կամ պիտի ընէ, որ «հին» Հայաստանին հանդէպ ինչ-որ բան փոխուի… Ես այդ մէկ Հայաստանին համար եկած էի այստեղ ու այնպէս կ՛ապրիմ, որ այստեղ մէկ մնայ ան ու չբաժնուի վերացական ու իրական Հայաստաններու միջեւ: Ատելութիւնս կը կիսեմ այսօր այն բոլորին հանդէպ, որոնք իրենց հոգեկան ու գիտակցական անգործութեան պատճառով չկրցան հաստատուիլ «հին» Հայաստանի մէջ, այսօր անոնք են, որ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու մխիթարանք կը փնտռեն նոր Հայաստանի մը հասկացողութիւնը ստեղծելով, մինչդեռ այն, ինչ պիտի գայ ուրիշներուն փնտռած «նոր» Հայաստանին մէջ, շատ աւելի վատը պիտի ըլլայ այն բոլորին համար, որոնք բարձր ազգային մղումներով ու հայրենասիրութեամբ խեղդուող հասարակութեամբ Հայաստան կը սպասեն տեսնել:

Այս վերջին տողերը քաղաքական նպատակներ երբեք չեն հետապնդեր, այլ այն է միայն, որ Հայաստանը մէկ Հայաստան է` իր որպէս պետութիւն կայացած ու չկայացած բոլոր միջոցներով ու լծակներով. «Հայաստանի համար մեռնող» բոլոր հայրենասէրները խաղաղ պայմաններուն միշտ պէտք է յիշեն, որ պետութիւնը այս օրերուն չի կայանար մեր մահով… Հայաստանը կշտացած է իր գոյութիւնը միայն հոգեկան մխիթարանք ընկալող «ֆետայիներէն»: Հայաստանը այսօր Հայաստանի համար ու Հայաստանի մէջ ապրողներու պէտք ունի, անկախ իր «հին» ու «նոր» կարգավիճակէն: Մահուան գնով բան մը ընելը այդ նոյն բանին համար ապրելով է, որ կը սկսի…

28 յուլիս 2018
Կեդրոն, Երեւան

Յուշատետր. «Պատճառ»-ներ Եւ «Արդիւնք»-ներ` Քով Քովի

$
0
0

Ռ.Հ.

Յաճախ առիթներ ունեցած եմ մտածելու, որ կեանքի մէջ «պատճառ»-ի ու «արդիւնք»-ի փոխյարաբերութիւնները մեր մօտ կրնան ճամբայ բանալ սխալ համոզումներու: Մենք յաճախ պատճառը կը շփոթենք արդիւնքին հետ, կամ, ընդհակառակը, արդիւնքը կը շփոթենք պատճառին հետ: Որը միւսին պատճառը կամ արդիւնքն է, յստակ չենք գիտեր: Կամ յստակօրէն սխալ գիտենք:

Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա:

Պարտաւոր եմ օրինակներ տալ անձնական կեանքէս:

Երէկ առաւօտ բարեկամ մը այցելութեանս եկաւ: Երբ գրասենեակէս ներս մտաւ, բոլորին նման, ան ալ շունչ շունչի եկած էր` մագլցած ըլլալով այն երկու սանդուխները, որոնք իմ ամէնօրեայ երկու սանդուխներս են: Փուլ եկաւ բազկաթոռին մէջ ու ժպտելով ըսաւ.

– Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ առողջ կը մնաք: Ամէն օր այս երկու սանդուխները մագլցիլը առողջ կը պահէ ձեզ:

Բացատրեցի, որ ես ալ ամէն օր ճիշդ իրեն նման շնչահատ մնալ սկսած եմ այդ երկու սանդուխները մագլցելու ընթացքին: Ասիկա այնքան ալ անսովոր բան մը չէր:

Բարեկամիս մեկնումէն ետք, սակայն այդ նախադասութիւնը գամուեցաւ մտքիս մէջ:

«Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ առողջ կը մնաք», ըսած էր ան:

Եւ ես ինծի հարցուցի.

– Մարդ երկու սանդուխ մագլցելո՞ւն համար է, որ առողջ կը մնայ, թէ ոչ առողջ ըլլալուն համար է որ կը մագլցի երկու սանդուխ:

Ահաւասիկ հոս էր մտածումի թնճուկը, հոս էր այն բանալին, որով կրնային փնտռել պատճառ-արդիւնք յարաբերութեան բուն խորհուրդը: Այս երկու հաստատումներէն ո՞րը ճիշդ էր. մենք ո՞ր մէկուն պիտի հաւատայինք, ո՞ր մէկուն առաջնահերթութիւն պիտի տայինք: Երկուքը իրարու այնքան մօտիկ էին, բայց որքան հակադիր իմաստներ ունէին իրարու հետ: Եւ որքան սխալ համոզումներու կրնայինք յանգիլ, եթէ մէկուն տեղ միւսը ընդունէինք որպէս ճշմարտութիւն:

Անմիջապէս օրինակները բազմացուցի մտքիս մէջ:

Օրինակ, հարցուցի.

Սա նիհար մարդը, որ ամէն առտու կը վազէ մարզանքի նպատակով, ամէն օր վազելո՞ւն համար է, որ նիհար կը մնայ, թէ ոչ նիհար ըլլալուն համար է, որ կը յաջողի վազել:

Սա մարդը որ շարունակ ֆրանսերէն գիրքեր կը կարդայ ու շատ լաւ ֆրանսերէն գիտէ, ֆրանսերէն շատ գիրք կարդալո՞ւն համար է, որ զարգացուցած է իր ֆրանսերէնը, թէ ոչ ֆրանսերէնը արդէն շատ զարգացուցած ըլլալուն համար է, որ շատ գիրք կը կարդայ:

Ես, որ ամառը կը սիրեմ յաճախ ծով մտնել ու կը հաւատամ, որ ծովը կ՛օգնէ, որ ես զիս լաւ զգամ, ծով մտնելուս համար է, որ ես զիս լաւ կը զգամ, թէ ոչ ես զիս լաւ զգալուս համար է, որ կը սիրեմ ծով մտնել:

Դժուար է պատասխանել այս հարցումներուն: Կը վախնամ, որ մենք յաճախ զմեզ կը խաբենք պատճառներն ու արդիւնքները իրարու ետեւէ շարելու ընթացքին: Կը վախնամ, որ մենք շոգեկառքին վակոնները վայրաշարժին առջեւ կը կապենք` փոխանակ վայրաշարժին ետին կապելու: Այդ նիհար մարդը, որ կը կարծէ, թէ նիհար կը մնայ ամէն օր վազելու շնորհիւ, թերեւս չի գիտեր, որ ամէն օր կը վազէ պարզապէս նիհար եղած ըլլալուն համար: Այս նիհար մարդու պարագային, վայրաշարժը վազելու սովորութի՞ւնն է, թէ իր նիհարութիւնը: Ֆրանսերէն շատ կարդացող եւ ֆրանսերէնը լաւ գիտցող մարդուն պարագային ալ, վայրաշարժը մարդուն լաւ ֆրանսերէն գիտնա՞լն է, թէ՞ ֆրանսերէն շատ գիրք կարդալը: Ո՞րն է, որ կը քաշէ ու կը տանի միւսը: Դիւրին չէ պատասխանել այս հարցումներուն: Կամ` դիւրին է խաբուիլ այս հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին:

Իմ մարզասէր բարեկամներէս մէկը տարիներ առաջ շատ աշխատեցաւ, որպէսզի ես ալ իրեն նման ամէն օր մարզանք ընեմ: Ինք թէ՛ ծանրաբարձ էր, թէ՛ վազող էր, եւ ամէն օր կը խօսէր մարմնամարզի  բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն մասին: Մէկ կողմէ մարմնամարզի գովքը կը հիւսէր, մէկ կողմէ ալ զիս կը մեղադրէր մարմնամարզի նկատմամբ իմ ցուցաբերած անտեսումին պատճառաւ: Իսկ ես միշտ կը հաւատայի, որ ես աւելի առողջ մարզանք ըրած կ՛ըլլայի ամէն օր իմ երկու սանդուխները մագլցելով, քան թէ` այն մարմնամարզիկը, որ քանի մը երկվայրկեանի մէջ հազար մեթր կը վազէր` թոքերը բզիկ-բզիկ ընելով, կամ` այն մարդիկը, որ չեմ գիտեր քանի հարիւր քիլօ ծանրութիւն կը վերցնէր իր երակները պայթեցնելու գնով:

Մեր վերի թաղերուն մէկէն ամէն օր նիհար, շատ նիհար մարդ մը կ՛իջնէ ինքնաշարժով, ինքնաշարժը մեր դիմացը կը թողու, դուրս կ՛ելլէ ու կը սկսի վազել ծովեզերքն ի վեր: Կէս ժամ վերջ կը վերադառնայ յոգնած, քրտնած, հեւիհեւ, լեզուն դուրս ինկած: Ոտքի վրայ կենալու վիճակ չունի: Բայց ունի երջանիկ մարդու դէմք: Երջանիկ է, որովհետեւ կը հաւատայ, որ այդ առտու բան մը շահեցուց իր առողջութեան: Իսկ ես կը խնդամ: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ մարզանքը չէ, որ մարդը առողջ կը պահէ, այլ առողջ մարդն է, որ մարզանք կ՛ընէ եւ մարզանքը կ՛ապրեցնէ:

 


Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում, Որքա՞ն Իրական Է

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Առաջին հայեացքից, հնարաւոր է, որ հարցը հռետորական է հնչում: Բայց, թէկուզ եւ այդպէս, այնուամենայնիւ, կարծում եմ, որ այն խիստ այժմէական ու հրատապ է: Բարձր մակարդակի այդ հանդիպումն այս տարուայ աշնա՞նը կը կայանայ, թէ՞ աւելի շուտ կամ ուշ, եւ  կամ, թէ մէկ այլ ձեւաչափով, ասենք` երկու երկրների նախագահների  մասնակցութեամբ` Սարգսեան-ալիեւ մակարդակով, կարծում եմ` էական չէ: Այն պէտք է անպայման կայանայ: Քանզի այլընտրանքը նոր արիւնահեղ պատերազմն է, որ ահա ամիսներ շարունակ, յատկապէս` յուլիսին, անընդհատ ահազանգում էր ինչպէս փոխադարձ սպառնալիքներով յագեցած ռազմաշունչ հռետորաբանութեամբ, նոյնպէս եւ` զէնքերի երկուստեք ուժգնացող շաչիւնով: Երկու կողմերում էլ եռանդով նախապատրաստական աշխատանքներ են տարւում տարաբնոյթ ու լայնածաւալ զօրավարժութիւնների տեսքով. մերթ ազրպէյճանական զինուժը` Արցախի մատոյցներում, հակառակորդ ուժերի շփման գծի հարեւանութեամբ  ու Նախիջեւան-հայաստան սահմանագծի մերձակայքում, այսպիսով իսկ սպառնալի հասկացնելով, որ այս անգամ մարտական գործողութիւնները մտադիր է վարել համաժամանակ երկու ճակատով, մերթ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերը` մարտական դիրքերի տարբեր հատուածներում կամ հրամանատարա-սպայակոյտային վարժանքների տեսքով:

«Մենք Հայաստանը կը վերածենք անմարդաբնակ տարածքի», յոխորտում է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը:

«Մենք չենք բացառում Մինկեչաուրի ջրամբարը որպէս թիրախ օգտագործելու խնդիրը: Անհրաժեշտութեան դէպքում Պաշտպանութեան բանակը հնարաւորութիւն ունի կաթուածահար անել Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը, սակայն դրա առիթն առայժմ չենք  տեսնում», յայտարարում է Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը:

Արդեօք իրատեսական եւ իրագործելի՞ են այդ փոխադարձ սպառնալիքները: Հնարաւոր է` այո: Հնարաւոր է եւ` ոչ: Յամենայն դէպս, ինչպէս ժողովրդական առածն է ասում, կռուի ժամանակ գաթայ չեն բաժանում: Ամէն ինչ կախուած է հակամարտ կողմերի պատրաստութեան մակարդակից: Ազրպէյճանն ասում է, որ ինքը լիովին պատրաստ է նոր պատերազմի, իր զինուած ուժերը յագեցած են արդիական զինատեսակներով: Ստեփանակերտն ու Երեւանը, իրենց հերթին, յայտարարում են, որ առկայ է սպառազինութեան որոշակի հաւասարակշռութիւն: Վերստին դիմենք Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի խօսքին: Մեր յարձակողական հնարաւորութիւնները, ասում է նա,  գրեթէ նոյնն են, ինչ Ազրպէյճանինը:

Միւս կողմից` պարզից էլ պարզ է, որ աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր տեղի ունեցող բանակցային գործընթացը, որ իրականացւում է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի հովանու ներքոյ, այդպէս էլ ոչ մի յայտարարի չի բերել ոչ հակամարտ կողմերին եւ ոչ էլ շահագրգիռ միջազգային հանրութեանը: Այն յոյսերը, որ կապւում էին Հայաստանում եւ Ազրպէյճանում վերջին համապետական ընտրութիւններից յետոյ դրանք շարունակելու հեռանկարի  հետ, իրականում ի դերեւ ելան Հայաստանում ապրիլ-մայիսին տեղի ունեցած յեղափոխութեան արդիւնքում: Հայաստանի նոր ղեկավարը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, այդ պաշտօնին նշանակուելու յաջորդ օրը իսկ պաշտօնական այցով առաջին անգամ ժամանելով Ստեփանակերտ` յայտարարեց, որ ինքը մտադիր չէ Ալիեւի հետ երբեւէ կայանալիք հանդիպմանը քննարկել ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը, այսինքն` հանդէս գալ Արցախի անունից: Քանզի, ասել է նա, Արցախը պէտք է լիարժէք մասնակցի բանակցային գործընթացին եւ տրամաբանական ու բնական է, որ հարցի շուրջ անմիջականօրէն բանակցի ոչ այլ ոք, քան հակամարտութեան երկրորդ հիմնական կողմը` Ստեփանակերտը: Իր հերթին` Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարում է,որ ինքը Նիկոլ Փաշինեանին չի ընդունում որպէս Հայաստանի առաջին դէմքի, քանզի նա, իր իսկ խօսքով ասած, «իշխանութեան է եկել փողոցային անկարգութիւնների հրահրմամբ»: Ինչ վերաբերում է բանակցային գործընթացի ձեւաչափի առաջարկուող փոփոխութեանը, այսինքն` բանակցութիւնների սեղանի շուրջ պաշտօնական Ստեփանակերտի անմիջական ներկայութեան վերականգնմանը, ապա Պաքուն կտրականապէս մերժում է նման մօտեցումը` հակամարտութիւնը` համարելով միջպետական, բացառապէս` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:

Միեւնոյն ժամանակ, Երեւանում տակաւին լրիւ յստակեցուած չէ, թէ Հայաստանից յատկապէս ո՞վ պէտք է մասնակցի բանակցութիւններին` Հայաստանում խորհրդարանական կառավարման պայմաններում,  նոր սահմանադրութեամբ բարձրագոյն իշխանութեան լիազօրութիւններով օժտուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՞, թէ՞, այսպէս ասած, «անգլիական թագուհու» գործառոյթներով սահմանափակուած նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Ինչպէս յայտնի է, նախագահ Սարգսեանը սկզբունքօրէն դէմ է բանակցող կողմի իր ենթադրուող առաքելութիւնից` պնդելով, որ ինքը կարող է բաւարարուել սոսկ խորհրդատուի դերակատարութեամբ, իսկ վարչապետը, ինչպէս նշեցինք, ի սկզբանէ յայտարարել  է բանակցային գործընթացին Արցախի ուղղակի, անմիջական մասնակցութեան առաջնահերթութիւնը: Անշուշտ, այդպէս ասելով` վարչապետ Փաշինեանը հիմք է ընդունում այն բացայայտ ճշմարտութիւնը, որ Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան մէջ է գտնւում միայն ու միայն Արցախը, այլ ոչ թէ` Հայաստանը: Ինչ վերաբերում է Արցախի շուրջ տասնամեակներ շարունակ տիրող ռազմաքաղաքական իրադրութեանը, ապա Հայաստանը հանդէս է գալիս Արցախի Հանրապետութեան ու նրա ժողովրդի անվտանգութեան ապահովման երաշխաւորի, այլ ոչ` հակամարտութեան իրական կողմի դերում: Այլ կերպ ասած, խնդիրը վերաբերում է բանակցային սեղանի շուրջ Արցախի` որպէս հակամարտութեան հիմնական կողմերից մէկի, անմիջական ներկայութեան վերականգնմանը: Մի խնդիր, ինչի մասին բացի Երեւանից ու Ստեփանակերտից,  քանիցս բարձրաձայնել են նաեւ միջազգային միջնորդութեան դեսպանները` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահները: Վերջիններս, մանաւանդ, առաւել յաճախակի` վերջին տարիներին, քանիցս պնդել են, որ որոշակի փուլում Ստեփանակերտն անպայման կը միանայ բանակցութիւններին, միեւնոյն ժամանակ, առիթից առիթ, չմոռանալով մեզ յիշեցնել կամ խէթել, որ բանակցային ձեւաչափի խեղաթիւրման մէջ, ի լրումն Ազրպէյճանի ջանքերի, զգալի է նաեւ Հայաստանի նախկին ղեկավարների մեղքը, առանձնապէս` սկսած 90-ականների կէսերից:

Բայց, ինչպէս ասում են, գնացքն արդէն մեկնել է եւ, թւում է, հազիւ թէ դատարկ կառամատոյցում ձեռք թափ տալով կարողանանք կանգնեցնել նրա ընթացքը: Ազրպէյճանը, ինչպէս նշեցի, կտրականապէս դէմ է Ստեփանակերտի ուղղակի մասնակցութեանը բանակցային գործընթացին, ինչին միջազգային միջնորդները ստիպուած են, հնարաւոր է, ատամները կրճտացնելով, համակերպուել: Թէկուզեւ, ինչու՞ չէ, կարող են կիրառել պարտադրման գործօնը: Բայց չեն անում: Չեն անում, որովհետեւ համանախագահ երկրներից իւրաքանչիւրն իր առանձնակի ռազմավարական շահերն ունի Ազրպէյճանում, որոնց վրայով հազիւ թէ նրանք երբեւէ նպատակայարմար համարեն ցատկել:

Ուրեմն ի՞նչ: Մնում է մենք` հայերս, հաշտուե՞նք իրողութեան հետ: Ի հարկէ` ո՛չ: Ի վերջոյ, ինչքան էլ որ խոր լինի ջրհորը, այնուամենայնիւ, խմբովի լինի, թէ միայնակ, մենք եւ առաջին հերթին մենք պէտք է նրա միջից հանենք այն քարը,  որ խոր փոսի մէջ  է նետուել նաեւ մեր անմիջական մեղքով: Այսինքն, քանի որ այլոց հետ յոյս կապելու հնար չունենք, ուստի մենք ինքներս պիտի վերականգնենք իրական արդարութիւնը` Արցախի, որպէս Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան մէջ գտնուող կողմի, ապօրինաբար խլուած ու կարծես թէ մոռացութեան մատնուած կարգավիճակը: Ինչպէս յայտնի է, այդ մասին յստակ ու անբեկանելի ամրագրուած է 1995թ. մարտի 31-ին ԵԱՀԿ-ի Աւագ պաշտօնատար անձանց ընդունած որոշման մէջ, որտեղ Լեռնային Ղարաբաղն առաջին անգամ յիշատակուել է որպէս հակամարտութեան առանձին կողմ: Յիշեցման կարգով նշեմ, որ միջազգային այդ կանոնն ամրագրուել էր ի կատարումն 1994թ. դեկտեմբերի 5-6-ը Պուտափեշտում  կայացած ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւնների բարձրագոյն հաւաքի` գաւաթնաժողովի որոշումների, մասնաւորապէս, «Լեռնային Ղարաբաղի  հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան աշխուժացման» մասին փաստաթղթի:

Ի լրումն ասուածի` նաեւ վերյիշենք  ղարաբաղեան կարգաւորման հարցում բաւական քաջատեղեակ եւ իրատես դիւանագէտի`  Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի նախկին լիազօր ներկայացուցիչ եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի 1992-1996թթ. ռուսաստանեան համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրովի խօսքն իր վերջին հարցազրոյցներից մէկում: Անդրադառնալով հակամարտութեան եռակողմ ձեւաչափի խնդրին`, նա հեգնել է. «Երբ Պաքուին պէտք էր լինում, առաջինն էր դիմում Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ շփում հաստատելու քայլին, զանգում ու գրում էր նրան: Աւելի՛ն. հրադադարն էլ արդէն ստորագրել էր 1994թ. մայիսի 9-ին միայն Լեռնային Ղարաբաղի հետ, ընդ որում` նախքան այն, երբ Երեւանը համաձայնութիւն տուեց դնելու նաեւ իր ստորագրութիւնը: Այդ ի՞նչ կարգավիճակով էր նա գործ ունենում Ստեփանակերտի հետ, եթէ ոչ` որպէս հակամարտութեան կողմի: Չգիտեմ` յայտնի՞ է դա Ազրպէյճանի ներկայիս ղեկավարութեանը, թէ՞ բոլորը` իր իսկ փորձագէտները, պատմաբանները, արխիւի աշխատակիցները, ամէն ինչ թաքցրել են իրենից»:

Կարող է հարց ծագել` շուրջ քառորդ դար առաջ ԵԱՀԿ-ի ընդունած միջազգային այդ բանաձեւումի վերհանումը, արդեօք, վեր չէ՞ մեր ուժերից: Մանաւանդ երբ նոյն այդ հեղինակաւոր կառոյցը կարծես թէ մտադիր չէ հաստատուն տէր կանգնել իր իսկ սկզբունքային որոշմանը: Առաւել եւս` այդ խնդրում Ազրպէյճանի կոշտ ու կամակոր դիմակայութեան պայմաններում: Կարծում եմ, որ ոչ: Առաւել եւս, որ առկայ է միջազգային միջնորդների համաձայնութիւնը, որպէսզի նետուած քարը հանուի ջրհորից, ի հարկէ, առաջին հերթին` մեր` հայերիս  ջանքերով: Մանաւանդ որ համանախագահների համար նոյնպէս առաւել քան յստակ է, որ բանակցային գործընթացին առանց Արցախի էական մասնակցութեան առաջացած տեղապտոյտը երկար պիտի շարունակուի, իսկ շարունակուելու պարագան յղի է հնարաւոր ցնցումներով` տեղական բնոյթի կամ լայնածաւալ մարտական գործողութիւններով, միով բանիւ` պատերազմի նոր փուլով, որն այս անգամ, հաշուի առնելով հակամարտ կողմերի սպառազինութեան աստիճանը, անշէջ հրդեհի դեր կարող է կատարել ոչ միայն հակամարտութեան գօտում, այլեւ` ողջ Հարաւային Կովկասում, անգամ` նրա սահմաններից դուրս: Իսկ միջազգային հանրութիւնը, առաջին հերթին` աշխարհի գերտէրութիւնները, այդ թւում, մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի  համանախագահ երկրները, մերձաւորարեւելեան ճգնաժամին զուգահեռ ու, մանաւանդ, նրա անմիջական հարեւանութեամբ, հազիւ թէ նոր պատերազմի ականատես կամ մասնակից լինելու անհրաժեշտութիւն ունենան:

Ուստի, նոյնպէս կարծում եմ` մեր իսկ ուժերով խնդրի լուծումը հնարաւոր է լիարժէք կազմակերպել,  ինչի համար նախ եւ առաջ «Հայաստանում պէտք է ապահովուի հանրային իրօք համերաշխ եւ հանդուրժողական մթնոլորտ» (Վահէ Յովհաննիսեան, «Այլընտրանքային նախագծեր» խումբ): Համամիտ եմ փորձագէտի հետ, այո՛, նաեւ` Արցախում: Քանզի, ինչպէս իրաւացիօրէն նշում է նա, «Արցախում ներքին անկայունութիւնն ուղղակի ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան առաջ ճանապարհի բացում է նշանակում»:

Եւ ապա պէտք է օգտագործել Հայաստանի եւ Արցախի դիւանագիտական, միջխորհրդարանական եւ այլ կապերի  բոլոր հնարաւորութիւնները, ինչը, ցաւով պէտք է արձանագրել, եթէ ինչ որ չափով արւում էլ է, ապա, մեղմ ասած, ամենեւին բաւարար չէ: Անշուշտ, պէտք է ուժեղացուի լոպինկային աշխատանքն արտերկրի պետական կառավարման մամիններում, հանրային ու միազգային կառոյցներում, ինչին պէտք է բոլորանուէր լծուէն հայկական սփիւռքի բոլոր կառոյցները` կուսակցական, եկեղեցական եւ այլ մարմինները:  Անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ համագործակցութեան կապեր հաստատել մանաւանդ առանցքային  երկրների տեղեկատուական-վերլուծական կենդրոնների հետ, յաճախակի հրաւիրել նրանց ներկայացուցիչներին Հայաստան եւ, առանձնապէս, Արցախ, կազմակերպել թեմաթիք կլոր սեղաններ ու խորհրդաժողովներ, հրատարակել ու տարածել այլ լեզուներով գրականութիւն, կազմակերպել մշակութային միջոցառումներ բարեկամ երկրներում:

Հնարաւոր է` արտառոց հնչի, եթէ ասեմ, որ անգամ հայկական սփիւռքի կառոյցների հետ հարկ եղած խորութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ սերտ համագործակցութիւն չենք կարողանում ապահովել: Մանաւանդ` Արցախում: Երեւի թէ մատների վրայ կարելի է հաշուել վերջին երկու տասնամեակում սփիւռքից Արցախ ժամանած համոյթներին, էլ ինչ մնաց` Արցախից Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներ մեկնած երաժշտական խմբերին: Չեմ էլ խօսում արցախցի նկարիչների ու քանդակագործների աշխատանքների  արտասահմանեան կամ սփիւռքեան ցուցադրանքների մասին: Ըստ երեւոյթին, մենք մոռանում կամ անուշադրութեան ենք մատնում այն կարեւոր հանգամանքը, որ միջազգային չճանաչուածութեան պայմաններում մշակութային արժէքները կարող են լաւագոյնս դիւանագիտութիւն իրականացնել արտերկրում: Իսկ որ Արցախն ունի օտարազգի հանրութեանը ներկայանալի մշակութային արժէքներ` կասկածից վեր է:

Բայց վերադառնամ խօսքիս բուն նիւթին` բանակցային գործընթացին: Ի վերջոյ, Հայաստանից ո՞վ պիտի. առաջիկայ աշնանը, թէ երբ, հանդիպում ունենայ Ազրպէյճանի նախագահի հետ: Եթէ ոչ` գործող վարչապետը, ով տակաւին տատանւում է` գնա՞լ, թէ՞ չգնալ, կամ նախագահը, ապա ո՞վ: Գուցէ դեռեւս ազատութեան մէջ գտնուող առաջին կամ երրորդ նախագահներից մեկնումէկը՞, քանզի երկրորդը ներկայումս կալանքի տակ է, եւ յայտնի էլ չէ, թէ մինչեւ աշուն ազատ կ՛արձակուի՞: Բայց այդ դէպքում, կարող էք ասել,  էթիքեթը,  կը փոխուի, ինչն անընդունելի  է միջազգային յարաբերութիւնների փորձում, եւ Ալիեւը, բնականաբար,  հազիւ թէ համաձայնի նման ձեւաչափի: Լաւագոյն դէպքում, կարելի է ենթադրել, նա երեւի թէ «գագաթնաժողովի» ուղարկի Ազրպէյճանի նախկին նախագահներից առ այսօր ողջ եւ առողջ մնացած միակ քաղաքական գործչին` առաջին նախագահ Այազ Մութալիպովին` տխրահռչակ «Օղակ» գործողութեան հեղինակին, ով տասնամեակներ տեւած վտարանդիութիւնից յետոյ վերջապէս իրաւունք է ստացել տուն վերադառնալ ու ներկայումս կենսաթոշակառուի իր անվրդով հանգիստն է վայելում Պաքւում: Եւ իրականում կը ստացուի այն, ինչին վերջին տարիներս շարունակաբար ձգտում է պաշտօնական Պաքուն` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խնդրում ամէն ինչ սկսել զրոյական նիշից:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

«Պէտք Է Լիարժէքօրէ՛ն Վերականգնել Գիրք Կարդալու Մշակոյթը» (Ս. Մահսէրէճեանի «Պահուած Գանձերու Երկիրը» Վիպակին Առիթով)

$
0
0

Գ. Հ.

«Հայ գիր» հրատարակչատունը յունիսի վերջերուն լոյս ընծայեց յատկապէս հայ պատանիներու եւ աշակերտներու «հասցէագրուած» վիպակ մը` «Պահուած գանձերու երկիրը» խորագիրով. հեղինակն է հայ մամուլի բազմամեայ աշխատակիցներէն` Սարգիս Մահսէրէճեանը, որուն գրիչէն նախապէս ալ լոյս աշխարհ եկած է պատանիներու համար գրքոյկներու շարք մը:

Դպրոցական պատանիներու տարիքին յարմարութեամբ, 84 փոքրադիր էջերու վրայ տարածուող գրքոյկը լոյս տեսած է Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, կը բաղկանայ եօթը գլուխներէ, ունի գունաւոր պատկերներ: Հեղինակը զայն ձօնած է «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ժառանգորդներուն»…

Պատանիի մը օրագրութեան վրայ հիմնուած պատմութիւն մըն է «Պահուած գանձերու երկիրը». կը նկարագրէ արկածախնդրական ճամբորդութեան մը դէպքերը, որոնք սկիզբ կ՛առնեն օրագրող հերոսին կողմէ Հայաստանի մէջ պահուած գանձերու վայրերը ցոյց տուող դարաւոր քարտէսի մը յայտնագործումով: Այլ խօսքով, գանձերու երկիրը նոյնինքն Հայաստանն է: Օգտուելով ամառնային արձակուրդէն` հերոսն ու ընտանիքի անդամները կ՛ուղեւորուին Հայաստան, մեծ հարստութեան մը տիրանալու յոյսով: Ճամբորդութիւնը կը տեւէ նուազ քան ամիս մը, արկածախնդրական դէպքեր ու անձկութիւն պատճառող վիճակներ կը յաջորդեն իրարու, երբեմն յուսահատութիւն կամ յուսախաբութիւն պատճառելով ընտանիքին, որուն ուղեկից կը դառնայ հայաստանաբնակ բարեկամ ընտանիք մը: Երբ ուղեւորութիւնը կը հասնի աւարտին, արկածախնդիրները ձեռք կը բերեն այնպիսի՛ հարստութիւն մը, որուն մասին ո՛չ մտածած էին, ո՛չ ալ կրնային նախատեսութիւն կատարել ուղեւորութիւնը սկսելու պահուն: Իսկ թէ ի՛նչ է այդ հարստութիւնը, ձգենք, որ ընթերցողը ի՛նք ծանօթանայ անոր` կարդալով հատորը եւ մաղթելով, որ իրեն ալ բաժին մը ելլէ գանձերէն…

Այժմէական, կարելի է ըսել նաեւ` անժամանցելի բովանդակութիւն ունի գրքոյկը: «Արկածախնդրական պատմութիւն մըն է, սակայն ընթերցողը պէտք չէ սպասէ, որ անոր էջերուն հանդիպի թռչող գերմարդկային արարածներու, հրէշներու կամ զանոնք արիւնալի կռիւներու մէջ կտոր-կտոր ընող, գերարդիական զէնքերով ու գերբնական կարողութիւններով օժտուած հերոսներու, կ՛ըսէ հեղինակը` Ս. Մահսէրէճեան: Ընթերցողը դուրս պիտի չգայ մեր ապրած իրական աշխարհէն, հոգ չէ թէ պահ մը պիտի տարուի` մտածելով, որ նման արկածախնդրութիւն, ըստ էութեան երեւակայական է, սակայն երբ հասնի հատորի աւարտին, վստահաբար պիտի ձայնակցի հերոսին, որ գտնուած գանձը իսկապէ՛ս որ անչափելի հարստութիւն է, պիտի զգայ, որ պատմութիւնն ու անոր միտք բանին շա՛տ աւելի շօշափելի են, քան` կեանքի պարզ իրականութիւնները կամ նիւթական գանձերը…»:

«Ինչպէս մեր նախորդ հրատարակութիւնները, այս գրքոյկն ալ պատրաստուած է ակնահաճոյ եւ ընթերցողին ամէն ձեւով մատչելի ըլլալու մօտեցումով` պատանի աշակերտներուն հաճելի ընթերցում ընծայելու նպատակով, ինչպէս որ է այս ամփոփ պատմութիւնը», կը բացատրէ «Հայ գիր»-ի հիմնադիրներէն Յովիկ Մահսէրէճեանը, որ կատարած է հատորին գեղարուեստական ձեւաւորումն ու հրատարակութեան պատրաստութիւնը: Ան կը յիշէ եւ կը յիշեցնէ, որ «Հայ գիր»-ը ծնունդ առաւ շուրջ 20 տարի առաջ, իսկ «Պահուած գանձերու երկիրը» մատենաշարին 17-րդ թիւն է (ցանկը արձանագրուած է հատորի վերջին էջին): «Մեր մատենաշարը ունի տարիքային երեք բաժանումներ,- կը շարունակէ Ս. Մահսէրէճեան, մանուկներու, կրտսեր եւ երէց պատանիներու մակարդակներով: Լոյս ընծայած ենք հեղինակային գործեր, ինչպէս նաեւ` մեր անմահ գրողներու գործերուն պարզացուած ու պատանեկան տարիքի համար վերամշակուած տարբերակները. շարքին մաս կը կազմեն, մեծերէն`  Աբովեան, Րաֆֆի, Աղայեան, Դեմիրճեան, վերամշակուած` թէ՛ ծաւալով եւ թէ՛ լեզուի պարզացումով: Այս ընելով` մեր նպատակը եղած է ու կը մնայ հայ պատանին ու աշակերտը հաղորդ պահել մեր անմահներու գործերուն եւ անոնց մէջ արթնցնել մայր գործերը եւս կարդալու ազնիւ տենդը, երբ հասնին զանոնք ըմբոշխնելու տարիքին: Մանկավարժական դիտանկիւնէ, տեսակ մը յառաջատուական դրօշարշաւ` ընթերցումի աշխարհին մէջ…»:

Ս. Մահսէրէճեանը նաեւ կը յիշէ, որ երբ մատենաշարը ծնունդ առաւ 1997-98 տարիներուն, աշակերտն ու պատանին աւելի՛ հակամէտ էին ընթերցումի մէջ ներգրաւուելու, քան ինչ որ է վիճակը այսօր: «Կը նկատէք, չէ՞, վերջին տարիներուն մեր մանուկներն ու պատանիները, տարուելով նոր օրերու ալիքներէն, ընդհանրապէս գերի դարձած են արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն, բջիջային հեռաձայնին ու անոր տարբերակներուն միջոցով զիրենք մօտակային ու հեռակային կապող հնարքներուն` Դիմատետրին ու այլ կամուրջներու: Նման գերութենէ զերծ չեն երիտասարդներ ու աւելի երէցներ: Անվիճելիօրէն, բարիքներ ըլլալու կողքին, արդի արհեստագիտութեան պտուղները ընդհանուր պատկերին մէջ լուսանցքայնացուցած են կեանքի շատ մը օգտակար երեսները, որոնց շարքին` գիրք, թերթ կարդալու սովորութիւնը, իսկ ընթերցանութեան պահպանման պաշտպանները մատնուած են հոսանքին դէմ նաւարկելու կացութեան»:

«Պէտք չէ հրաժարիլ ընթերցումէ, աւելի՛ն, պէտք է մանուկին ու պատանիին, երիտասարդին մէջ լիարժէ՛քօրէն վերականգնել գիրք կարդալու ՄՇԱԿՈՅԹը», կ՛աւելցնէ Ս. Մահսէրէճեան, նկատել տալով, որ հետզհետէ աւելի ուժեղ կերպով կը հնչեն «գիրքի, ընթերցումի դարը անցած է»-ի նման մտածումներ, համապատկերին մէջ փոքրամասնութեան մատնելով գիրքի-ընթերցումի արժէքը գնահատող ուսուցիչներն ու ծնողները: «Լսատեսողական միջոցները տասնամեակներէ ի վեր տարօրինակ մրցակցութեան մը մէջ դրուած են «դասական» նկատուող ընթերցանութեան հետ, մինչդեռ ամէն մէկը իր յատուկ եւ օգտակար տեղն ունի մեր կեանքին մէջ, զանոնք պէտք է ընդունիլ իբրեւ զիրար ամբողջացնող, եւ ո՛չ թէ զիրար չէզոքացնող գործօններ:

Ձայնասփիւռը չմեռաւ պատկերասփիւռին տիրապետութեան պատճառով, գիրքն ալ պէտք չէ զոհը երթայ արդի արհեստագիտութեան ժամանակակից բարիքներուն: Ընթերցումը անփոխարինելի դեր ունի գիտելիքի իւրացման, պատմութեան, մշակոյթի տարբեր երեսներու ծանօթացման իմաստով, անկախ, թէ մեր աչքերը ուրկէ՛ կ՛որսան ընթերցելի նիւթերը: Գիրքը ամէնէն շօշափելի եւ մատչելի կամուրջն է: Մանուկին ու պատանիին մէջ պէտք է զարգացնել մանաւանդ իր ժամանակը հաճելիին եւ օգտակարին միջեւ հաւասարակշռուած ձեւով բաժնելու կարողութիւն: Մեր մայր հայրենիքին մէջ ընթերցումի ու գիրքի տարածման մշակոյթը քաջալերանք կը գտնէ ամէն մակարդակի վրայ` պետութիւն, դպրոցներ, ընտանիքներ… Մեր այս հատորն ու նախընթաց հրատարակութիւնները ճամբայ ելած են այս ուղիին տարածման, ժողովրդականացման նպատակով: «Պահուած գանձերու երկիրը», տակաւին, ունի հինէն եկող, բայց չհինցող թելադրանք մը: Վստահ ենք, որ ծնողներ, դաստիարակներ եւ անոնց ճամբով` պատանիներ ու աշակերտներ հաղորդակից ու բաժնեկից պիտի ըլլան այս տեսլականին, եւ «Պահուած գանձերու երկիրը» ու նմանօրինակ հատորներ պիտի հիւրընկալեն գիրքի մշակոյթը վերարժեւորելու մօտեցումով», կ՛եզրափակէ Ս. Մահսէրէճեան:

Հատորը, սկսելու համար, կրնայ ըլլալ հաճելի նուէր մը` ամրան արձակուրդը վայելող մեր պատանիներուն, իսկ ուսումնական յառաջիկայ տարեշրջաններուն` դասագիրքի կողքին օգտակար ընթերցումի նիւթ: Հատորէն օրինակներ ունենալու համար կարելի է դիմել «Հայ գիրի»-ին, ել-նամակի Hovani@yahoo.com հասցէով: Հատորը կը վաճառուի նաեւ Կլենտէյլի հայկական գրատուներուն մէջ:

 

 

Սամուէլ Պոյաճեանի Յիշատակին

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ահա քառասուն օրեր անցան, եւ եղբայր Սամուէլ Պոյաճեանը կը բացակայի մեր կեանքէն: Ահաւասիկ մեր վերջին յարգանքը կ՛արտայայտենք Այնճար գիւղի արժանաւոր զաւակներէն` ուսուցիչ, դաստիարակ եւ ՀՄԸՄ-ական եղբայր Սամուէլ Պոյաճեանին:

Եղբայր Սամուէլ Պոյաճեան ծնած է Մուսա Լերան Խտրպէկ գիւղը, 1935-ին, Նշան եւ Ովսաննա Պոյաճեաններու որպէս երկրորդ զաւակը: Ան ծնունդ առած է ազգասէր, եկեղեցասէր եւ հայրենանուէր ընտանիքի մէջ: Այդ ոգին կենդանի մնաց իր մէջ ամբողջ կեանքի ընթացքին:

1939-ին իր հայրեակիցներուն հետ տեղափոխուած է Այնճար եւ ճաշակած` բոլոր այն տառապանքները, որոնք վիճակուած էին գաղթական մուսալեռցիներուն:

Այնճարի մէջ կը յաճախէ Ազգ. Յառաջ վարժարան, զոր յաջողութեամբ աւարտելէ ետք կը մեկնի Վենետիկի Մխիթարեան վարժարան, ուր աչքի կը զարնէ իր ուշիմութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ:

Վենետիկի մէջ ուսումը աւարտելէ ետք կը դառնայ Լիբանան եւ մուտք կը գործէ ուսուցչական ասպարէզ` դասաւանդելով հայագիտական նիւթեր: Նոյն ատեն կը հետեւի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասընթացքներուն, զոր կ՛աւարտէ փայլուն արդիւնքներով` ստանալով համապատասխան վկայական:

1964-ին կ՛ամուսնանայ Մարօ Պոյաճեանին հետ` կազմելով հայկական ամուր ընտանիք եւ բախտաւորուելով երեք զաւակներով` Վիգէն, Հրայր եւ Վազգէն:

Եղբ. Սամուէլ Պոյաճեանը ամբողջ կեանք մը նուիրած է ուսուցչութեան` դասաւանդելով Մեսրոպեան, Սեն Կրեկուար եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ:

Եղած է սիրուած ուսուցիչ, ազգասէր, հայրենանուէր: Ան յատուկ սէր ունեցած է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին հանդէպ, ուր ծառայած է ամբողջ կեանքի ընթացքին, Ժտէյտիի եւ Այնճարի մասնաճիւղերուն մէջ:

Չկայ ՀՄԸՄ-ական մը, որ չճանչնայ եւ չյարգէ եղբ. Սամուէլը:

Համոզումով եւ բծախնդրութեամբ կատարած է իր բոլոր աշխատանքները` ոգի դնելով գործին մէջ:

ՀՄԸՄ-ը իր մեծ ընտանիքն էր, որուն հաւատաւոր անդամը մնաց, նոյնիսկ երբ առողջական պատճառներով դադրեցաւ գործօն անդամ ըլլալէ:

Եղբ. Սամուէլին օրինակը խօսուն է եւ կենդանի` բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն համար:

Վերջապէս, սերունդներ դաստիրակած եւ կրթած ուսուցիչ էր եղբ. Սամուէլը: Ուսուցիչ` նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն համար, որոնք յարգանքով կը նայէին իրենց ՀՄԸՄ-ական եղբօր:

Յանուն ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին, վարչութեան, սկաուտական խորհուրդին եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին` մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք եղբ. Սամուէլի ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր ծանօթներուն:

Յարգա՛նք եղբ. Սամուէլ Պոյաճեանի յիշատակին: Վարձքդ կատար, եղբ Սամուէլ: Կը խոնարհինք քու շիրիմիդ:

 

 

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Կտրուկ Շրջադարձային Վարքագիծը

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու նախագահին մօտ հռետորաբանական  վերիվայրումներն ու կտրուկ շրջադարձները հետեւողական վարքագիծի բնոյթ կրած են: Այնքան մը, որ ոճի աննախընթաց սաստկացումը, հասցէական վերագրումները, հետեւողներուն մօտ սկսած են տարակուսանքներ ստեղծել յայտարարուածի եւ անոր համապատասխան առնուելիք քայլերու բացակայութիւնը կանխատեսելով:

Փիոնկեանկ-Ուաշինկթըն արձանագրուած փոխմեղադրական մագլցողականութիւնը պահ մը աշխարհը համոզեց, որ հիւլէական պատերազմի մեկնարկը սարերու ետին չէ: Կտրուկ շրջադարձը Ուաշինկթընի կողմէ, աւելի ճիշդը` նախագահ Թրամփի ոճային եւ բովանդակային փոփոխութեամբ յատկանշուած յանկարծակի յայտարարութիւնը ո՛չ միայն մերձեցման, այլ նաեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ու դէպի համագործակցութեան դաշտ հեռանկարի ուրուագիծեր ցոյց տուաւ Հիւսիսային Քորէա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու նոր էջին վրայ:

Բոլորովին տարբեր չէր նաեւ Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւններու պատկերը. թէեւ այստեղ հիւլէական պատերազմի մեկնարկի նախադրեալներ չկային, այսուհանդերձ պաղ պատերազմը յիշեցնող նախօրեակի մէջ գտնուելու մթնոլորտի տարածումն էր յատկապէս Ուաշինկթընի, ապա նաեւ Մոսկուայի կողմէ: Պատժամիջոցներ, կոչեր,  դիւանագիտական անձնակազմերու տուն կանչեր, նախագահական ընտրութիւններուն ազդած ըլլալու ամբաստանութիւններ, որոնք գրեթէ դիւանագիտական կապերու ամբողջական խզումի հասնելու տպաւորութիւն կը ստեղծէին:

Եթէ ոչ կտրուկ, այս պարագային դանդաղ շրջադարձ արձանագրելու երեւոյթ պարզուեցաւ նաեւ այս հարթութեան վրայ: Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումի նախօրեակին, ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք հռետորաբանութիւնը բոլորովին ուրիշ ոճ եւ բովանդակութիւն ունէր: Կ՛երեւային Ուաշինկթըն-Մոսկուա մերձեցման եւ որոշ տեղեր համագործակցութեան ընդհանուր եզրեր: Այդ եզրերէն գլխաւորը կարելի էր դիտարկել Սուրիոյ մէջ ռազմաքաղաքական ծրագիրներու իրականացման համար փոխադարձ որոշակի հասկացողութեան յանգիլը:

Այս ընդհանուր վարքագիծէն կը թուի, որ անմասն չէ մնացած նաեւ Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերութիւններու ընթացքը: Դարձեալ հիւլէական ընդհանուր համաձայնագիրէն քաշուելու քայլ, ապա ճնշում` համաձայնագիրը ստորագրած պետութիւններուն հետեւելու իր օրինակին, եւ նոր պատժամիջոցներու ձեռնարկման գործողութիւններ: Եւ ահա շրջադարձ կատարելու նախաքայլը` նախագահ Թրամփի Թեհրանի մասին կատարած վերջին յայտարարութիւնը: «Ունիմ այն զգացումը, թէ իրանցի ղեկավարները մօտ օրէն պիտի խօսին Ուաշինկթընի հետ»:

Անկախ անկէ, որ մօտ օրէնը անորոշ ժամկէտ է եւ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ եզրերու շուրջ պիտի ձեռնարկուի երկխօսութիւնը, Թրամփ շրջադարձի նախապատրաստական հող կը հերկէ այս յայտարարութեամբ:

Հիմնական այս երեք ուղղութիւններուն վրայ կատարուած հռետորաբանական շրջադարձները կ՛ուղենշեն Ուաշինկթընի կամ աւելի մասնակի բնութագրումով թրամփեան ելեւէջային վարքագիծը:

Հիմա, նկատենք չորրորդ ուղղութիւնը: Այժմ ամերիկեան պատժամիջոցներ սկսած են որդեգրուիլ Անգարայի նկատմամբ: Երկար ատենէ ի վեր յայտարարողական մակարդակի վրայ կատարուած եւ կատարուող պարանաձգումնային իրավիճակէն ետք Ուաշինկթըն այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ գործնական փուլ կը թեւակոխեն Անգարայի նկատմամբ կատարուած մեղադրանքները:

Խնդիրը անշուշտ կը վերաբերի ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընի ձերբակալութեան արարքին մէջ երկու նախարարներու ունեցած դերակատարութեան: Մինչ, պաշտօնական Անգարան կը յայտարարէր համաչափ հակազդեցութեամբ հանդէս գալ: Նախընթաց այլ արարներ մագլցողական լարուածութիւն յառաջացուցած էին Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն մէջ. բազմիցս դեսպաններ ետ կանչուած էին եւ ոչ շատ ուշ վերադարձած իրենց պաշտօնին` զանազան փուլերու:

Անկախ անկէ, որ փոխպատժամիջոցային քայլերու ձեռնարկումը ըստ էութեան կրնայ վերաբերիլ Պրանսըն Կիւլենի դիմաց  փոխանակման գործողութիւն ապահովելու առաջադրանքին, այդուհանդերձ տարբեր պատճառներ համոզել կու տան, որ մագլցողականութեան առաստաղի բարձրացումը սահմանափակ է. Թրամփ յանկարծ կրնայ յիշել Անգարայի ռազմավարական կարեւոր դաշնակից ըլլալու հանգամանքն ու այդ հանգամանքի պատմական կարգավիճակը: Յատկանշական է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին միաժամանակեայ յայտարարութիւնը` «ամերիկեան սպառնալիքներու պատժամիջոցները Թուրքիոյ վրայ ազդեցութիւն պիտի չունենան». քիչ ետք ըսելու համար, որ ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած են այն միացեալ քայլերը, որոնք կարելի է որդեգրել Իտլիպի մէջ: Այս չի

նշանակեր, որ Իտլիպի համար ամէն ինչ համաձայնեցուած է, բայց թէ միասին քննարկելիք եւ ընելիք ունին, ատիկա պարզ է:

Թրամփի ոճային եւ բովանդակային սաստկացումները, սպառնալիքները կը շարունակեն արձանագրել կտրուկ, արագ շրջադարձներ: Փիոնկեանկը, Թեհրանն ու Մոսկուան այդ կը վկայեն. կը թուի նաեւ, որ այս առումով շարքը կը համալրէ նաեւ Անգարան:

«Ա.»

Սեբաստացի Մուրատ (Խրիմեան, 1874-1918). ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման դիւ­ցազ­նա­կան ֆե­տա­յին

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 4-ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք հե­րո­սա­կան նա­հա­տա­կու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­րի ծնունդ­նե­րէն ան­մահն Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի։

Մու­րատ զո­հո­ւե­ցաւ թրքա­կան զօր­քի ար­շա­ւան­քին դէմ ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան մղած ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ա­հեղ կռո­ւի ըն­թաց­քին, ճիշդ այն պա­հուն, երբ հե­րո­սա­բար կրցած էր ճեղ­քել թշնա­մի բա­նա­կին պա­շար­ման օ­ղա­կը եւ յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­վել հայ­կա­կան զօր­քին։

Ար­դա­րեւ, 4 Օ­գոս­տոս 1918-ին, դար մը ա­ռաջ, Պա­քո­ւի հա­յու­թիւ­նը կե­նաց-մա­հու կռիւ կը մղէր թրքա­կան զօր­քե­րու եւ ա­նոնց զի­նա­կից մու­սա­ւա­թա­կան թա­թար­նե­րուն դէմ։

Թէեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը մօ­տե­ցած էր իր ա­ւար­տին, բայց ­Պա­քո­ւի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու հա­մար կա­տա­ղի ու վեր­ջին պայ­քար մը կը մղո­ւէր մէկ կող­մէ թուրք-գեր­ման զի­նա­կից­նե­րուն, իսկ միւս կող­մէ ռուս-անգ­լիա­ցի դաշ­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ։

1917ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին պոլ­շե­ւիկ­նե­րու իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լով եւ ռու­սա­կան զօր­քին ուղ­ղո­ւած ­Լե­նի­նի տուն-դար­ձի կո­չով՝ ռու­սեւթր­քա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի ամ­բողջ եր­կայն­քին ծայր ա­ռած էր կազ­մա­լու­ծու­մը. ա­մէ­նուր կը պար­զո­ւէին ռուս զօր­քի դա­սալ­քու­թիւնն ու նա­հան­ջը՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով, որ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դերն ու ռու­սա­կան բա­նա­կի հայ սպա­ներն ու զի­նո­ւոր­նե­րը ա­ռան­ձին մնան թրքա­կան զօր­քե­րուն եւ ա­նոնց միա­ցած թուրք-թա­թար զի­նեալ­նե­րուն դէմ, նա­խի­ջե­ւա­նէն մին­չեւ Պա­քու։

Փետ­րո­ւար 1918-էն սկսեալ, ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի կազ­մա­լու­ծու­մէն օգ­տո­ւե­լով՝ ­Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօ­րա­բա­նա­կը կ­’ար­շա­ւէր դէ­պի ­Պա­քու, գեր­ման իր զի­նա­կի­ցին նաւ­թով ա­պա­հո­վե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան պատ­րո­ւա­կով հա­մաթրքու­թեան ե­րա­զը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ ­Պա­քուի մու­սա­ւա­թա­կան­նե­րը, ի­րենց թուրք «եղ­բայր­ներ»ուն դի­մա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով, ոտ­քի հա­նած էին թուրք-թա­թար բնակ­չու­թիւ­նը՝ զի­նե­լով եւ յատ­կա­պէս հա­յե­րու դէմ գրգռե­լով։

Հա­կա­դար­ձա­բար՝ ռազ­մա­վա­րա­կան ան­նա­խա­դէպ զի­նակ­ցու­թիւն կնքո­ւած էր ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մի­ջեւ։ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ ռուս սո­ցիա­լիստ-յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն մաս կազ­մող հայ գոր­ծիչ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ, միա­ցեալ ճա­կատ կազ­մած էր հայ-ռուս-թուրք պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ, ո­րոնց ղե­կա­վարն էր Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեան։ ­Ռու­սա­կան բա­նա­կի եւ կար­միր ջո­կա­տա­յին­նե­րու հետ կռո­ւի դաշտ կ­’իջ­նէին դաշ­նակ­ցա­կան խում­բե­րու հայ­դու­կա­պետ­նե­րը։ ­Կը ստեղ­ծո­ւէր ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւն՝ ռու­սա­կան բա­նա­կի գնդա­պետ Ա­ւե­տի­սեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ հայ­դու­կա­պետ ­Հա­մա­զաս­պի փոխ-հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։

Ա­ռան­ձին անդ­րա­դար­ձի ար­ժա­նի է ­Պա­քո­ւի ­Կո­մու­նա­յի եւ ընդ­հան­րա­պէս 1918-ի ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան հե­րո­սա­մար­տին պատ­մու­թիւ­նը՝ իր դրա­կան նո­ւա­ճում­նե­րով եւ ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նով։ ­Բայց ան­մի­ջա­պէս ընդգ­ծու­մի ար­ժա­նի է, որ ա­միս­նե­րու հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թե­նէ ետք, ­Լե­նի­նեան կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց ու գեր­ման-թուրք ճա­կա­տի մի­ջեւ կնքո­ւած գաղտ­նի թէ բա­ցա­յայտ հա­մա­ձայ­նու­թեանց հե­տե­ւան­քով՝ ­Պա­քուն լքո­ւե­ցաւ իր բախ­տին, ­Շա­հու­մեա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր կու­սա­կից­նե­րով, ռազ­մամ­թեր­քով եւ պե­տա­կան գան­ձով բարձ­րա­ցաւ նա­ւե­րը եւ փոր­ձեց, փա­խուստ տա­լով, սե­փա­կան գլու­խը ա­զա­տել, հա­կա­ռակ ա­նոր որ անգ­լիա­կան զօր­քը ար­դէն ­Պարս­կաս­տան կը գտնո­ւէր եւ ի վի­ճա­կի էր օգ­նու­թեան հաս­նե­լու ­Նու­րի փա­շա­յի զօր­քե­րուն եւ մու­սա­ւա­թա­կան զի­նեալ­նե­րուն կող­մէ պա­շա­րո­ւած ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան։

Յու­լիս 30-ին ­Շա­հու­մեան եւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը փա­խուս­տի դի­մե­ցին եւ ­Պա­քո­ւի Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դը՝ ­Ռոս­տո­մի ու Աբ­րա­համ ­Գիւլ­խան­դա­նեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օր­հա­սա­կան կռի­ւը մղե­լու պատ­մա­կան ո­րո­շու­մը տո­ւաւ։ Ան­շուշտ հա­յոց դի­մադ­րա­կա­նու­թեան օգ­նեց նաեւ ­Պարս­կաս­տա­նէն ստա­ցո­ւած անգ­լիա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նե­լու խոս­տու­մը բե­րող ռա­տիօ-հե­ռա­գի­րը։ ­Բայց ա­ռանց այդ յոյ­սին ալ, հա­յու­թիւ­նը տար­բեր ելք չու­նէր։ ­Թուր­քը կու գար ամ­բող­ջաց­նե­լու իր սկսած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը եւ հա­յը իր սե­փա­կան բա­զու­կով պի­տի պաշտ­պա­նո­ւէր…

Ա­հա՛ այդ օր­հա­սա­կան պա­հուն ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան՝ գնդա­պետ Ա­ւե­տի­սեա­նի եւ Հա­մա­զաս­պի տա­սը հա­զար­նոց հայ­կա­կան զօր­քին օգ­նու­թեան հա­սան, ­Ռոս­տո­մի պա­հան­ջին ըն­դա­ռա­ջե­լով, դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի հե­րո­սա­կան ու­ղի նո­ւա­ճած Սե­պուհն ու ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տը ի­րենց խում­բե­րով։

Եւ ­Յու­լիս 31-էն մին­չեւ Օ­գոս­տոս 5 ա­հեղ կռիւ­ներ մղո­ւե­ցան ­Պա­քո­ւի մէջ՝ ­Նու­րի փա­շա­յի ա­ւե­լի քան 20 հա­զար զի­նո­ւոր եւ հա­զա­րա­ւոր մու­սա­ւա­թա­կան զի­նեալ հա­շո­ւող զօր­քի խուժ­ման դէմ։ ­Ռազ­մա­կան գե­րակշ­ռու­թիւ­նը թրքա­կան կող­մին կը պատ­կա­նէր, անգ­լիա­կան զօր­քը կ­’ու­շա­նար, բայց ­Պա­քո­ւի պա­շա­րո­ւած հա­յու­թիւնն ու հայ­կա­կան զօր­քը ան­տե­ղի­տա­լիօ­րէն կը պայ­քա­րէին…

Եւ 4 Օ­գոս­տո­սին, երբ թրքա­կան զօր­քե­րը ու­ժեղ յար­ձա­կո­ղա­կա­նով մը վեր­ջին եւ մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծը կը փոր­ձէին հասց­նել հայ­կա­կան ու­ժե­րուն, դիւ­ցազ­նա­կան խո­յանք­նե­րու ան­զու­գա­կան հե­րո­սը՝ ­Մու­րատ կա­ցու­թիւն փրկեց, իր ու­ժե­րով ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բլուր մը գրա­ւե­լով եւ թրքա­կան ու­ժե­րը եր­կու­քի բաժ­նե­լով, ընդ­հա­նուր խու­ճա­պի մատ­նե­լով եւ զա­նոնք փա­խուս­տի մղե­լով։
Յաղ­թա­կան այդ ճա­կա­տա­մար­տին կեր­տիչն ու նա­հա­տա­կը ե­ղաւ, միա­ժա­մա­նակ, Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ, որ ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն, ­Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին եւ Սե­բաս­տիոյ մէջ ընդ հուր եւ ընդ ա­րիւն եր­կար ճամ­բայ կտրե­լէ ետք՝ առ­յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը ­Պա­քո­ւի մէջ։

Ա­ռաս­պե­լա­կան տի­պար էր ­Մու­րատ՝ քաջ ու յան­դուգն ֆե­տա­յի, դիւ­ցազ­նա­կան հե­րոս։ Ծ­նած էր ­Սե­բաս­տիոյ ­Կով­տուն գիւ­ղը, 1874-ին, հայ բո­շա­յա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ։ Ինչ­պէս հայ բո­շա­յա­կան ծա­գում ու­նե­ցող ­Կոմսն (­Վա­հան ­Փա­փա­զեան) ու գրող Վրթա­նէս Փա­փա­զեա­նը, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ եւս ամ­բող­ջա­կան հա­յու իր կեր­պա­րը ստեղ­ծեց եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­ւեր­ժա­կան հե­րոս­նե­րու փա­ղան­գին մէջ ար­ժա­նա­ւոր դիրք գրա­ւեց։
Իր գիւ­ղի ­Թէո­դի­կեան դպրո­ցին մէջ եր­կար չդի­մա­ցաւ։ Իր ըմ­բոստ ու ա­զա­տու­թիւ­նը սի­րող նկա­րագ­րով՝ հա­զիւ պա­տա­նի, հե­ռա­ցաւ դպրո­ցա­կան կեան­քէն ու խաշ­նա­րա­ծու­թեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ։ ­Լեռ­նե­րու սի­րա­հար եւ վար­պետ որ­սորդ ­Մու­րա­տի կեան­քը կտրուկ փո­խո­ւե­ցաւ, երբ հո­վիւ ե­ղած ա­տեն պա­տա­հա­կան թուր­քեր յար­ձա­կե­ցան վրան՝ զինք սպան­նե­լու եւ հօ­տը գող­նա­լու հա­մար։ ­Մու­րատ սպան­նեց յար­ձա­կող թուր­քե­րէն մէ­կը եւ միւս­նե­րուն փա­խուս­տի մատ­նեց։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը չկրցաւ ­Մու­րա­տին ձեր­բա­կա­լել, բայց փո­խա­րէ­նը՝ հօ­րը բան­տար­կեց եւ ­Մու­րատ ստի­պո­ւե­ցաւ յանձ­նո­ւիլ, որ­պէս­զի փրկէ հօ­րը։ ­Բան­տար­կո­ւե­ցաւ, բայց կարճ՝ քա­նի մը ա­միս տե­ւեց բան­տար­կու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան­չա­փա­հաս էր։ Ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, բայց հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ ­Սե­բաս­տիա­յէն։ Ան­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ­Պո­մոն­թիի գոր­ծա­րա­նին մէջ բեռ­նակ­րու­թիւն ը­րաւ եւ ե­րե­կո­նե­րը դպրոց յա­ճա­խեց՝ տար­րա­կան ուս­ման եւ գրա­գի­տու­թեան տի­րա­նա­լու հա­մար։

Նոյն շրջա­նին ան­դա­մակ­ցե­ցաւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան, ո­րուն կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած Ա­չը­քեան պատ­րիար­քին դէմ ցոյ­ցին մաս­նակ­ցած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով ­Մու­րատ դար­ձեալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ։ Այս ան­գամ եւ­րո­պա­կան մի­ջամ­տու­թեանց շնոր­հիւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լի­սէն իր ըն­կեր­նե­րով։ Ան­ցաւ Ե­գիպ­տոս ու Յու­նաս­տան։ ­Բայց ար­դէն չէր կրնար Երկ­րէն հե­ռու մնալ։ Գ­նաց ­Թիֆ­լիս, ուր նո­րա­կազմ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի մի կը խմբէր գա­ղա­փա­րա­պաշտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ ­Դէ­պի Եր­կիր խում­բեր կազ­մե­լով։ ­Մու­րատ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Կարս՝ հոն­կէ Եր­կիր անց­նե­լու հա­մար։
1903-ին ի­րա­կա­նա­ցաւ ­Մու­րա­տի տա­րի­նե­րու ե­րա­զը, երբ ­Թոր­գո­մի ա­ռա­ջին խում­բին հետ, իբ­րեւ պարզ զի­նո­ւոր, մտաւ եր­կիր։

Մուշ եւ ­Սա­սուն, Հ­րայր Դ­ժոխ­քի եւ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի կող­քին, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ ոչ միայն կրա­կէ մկրտու­թիւն ստա­ցաւ, այ­լեւ՝ իր բնա­տուր ֆի­զի­քա­կան ու­ժով, մար­տի­կի խի­զա­խու­թեամբ եւ դիւ­ցազ­նա­կան նկա­րագ­րով ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը։ ­Կար­գո­ւե­ցաւ խմբա­պետ եւ 1904-ի գար­նան, երբ ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մը կ­’ո­րո­շո­ւէր, ­Մու­րա­տի ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Բայց ­Մու­րատ կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժեց եւ պնդեց, որ Անդ­րա­նիկն է այդ պաշ­տօ­նին ար­ժա­նա­ւոր տէ­րը։ Եւ այ­սօր ար­դէն պատ­մա­կան դար­ձած է այդ առ­թիւ ­Մու­րա­տի ար­տա­սա­նած խօս­քը, թէ՝ «Անդ­րա­նիկն է այդ ա­ռաջ­նոր­դը եւ ե­թէ ան­գամ նա մե­ռած լի­նի, իր դիա­կը մեր դրօ­շա­կին հետ պէտք է տա­րո­ւի մեր առ­ջե­ւէն.- դէ­պի կռիւ ու ա­զա­տու­թիւն»։

Մու­րա­տի ա­նո­ւան շուրջ ա­ռաս­պել­ներ շատ հիւ­սո­ւե­ցան ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան շրջա­նին՝ իր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ ­Յատ­կա­պէս հռչակ ստա­ցաւ ­Մու­րա­տի հե­րո­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ 1904-ի ամ­րան, ­Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տէն եւ Աղ­թա­մար կղզի հա­ւա­քո­ւած ֆե­տա­յի­նե­րու նշա­նա­ւոր ժո­ղո­վէն ետք, երբ թրքա­կան զօր­քե­րու պա­շար­ման շղթան ճեղ­քեց, թրքա­կան նաւ մը գրա­ւեց եւ ի­րեն հե­տե­ւող ժո­ղո­վուրդն ու ֆե­տա­յի­նե­րը ա­պա­հով ­Պարս­կաս­տան հաս­ցուց։ Այդ ա­ռի­թով, Ս. ­Թա­դէի վան­քի պա­տե­րուն, ֆե­տա­յի­նե­րու յա­տուկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն ձգե­լու սո­վո­րու­թեամբ, ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ իր կար­գին փո­րագ­րեց հե­տե­ւեա­լը.

-«Ան­ցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կ­’ա­ւելց­նեմ նաեւ ընդ ա­րիւն եւ նո­րէն կ­’եր­թանք դէ­պի հուր եւ ա­րիւն»։

Այդ­պէ՛ս հու­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Մու­րա­տի ողջ կեան­քը։

1905-ի հայ-թա­թա­րա­կան կռիւ­նե­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ մղո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան պայ­քա­րին յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ։ ­Յատ­կա­պէս Զան­գե­զու­րի եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի ճա­կատ­նե­րուն վրայ դիւ­ցազ­նա­կան մար­տեր ղե­կա­վա­րեց, դար­ձաւ ­Ղա­փա­նի հա­յու­թեան պա­հա­պան բա­զու­կը։

1906-ին վե­րա­դար­ձաւ ­Սա­սուն, մաս­նակ­ցե­ցաւ 1907ի հե­րո­սա­կան կռիւ­նե­րուն։ Եւ երբ ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տին, Անդ­րա­նի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Սաս­նոյ դիւ­ցա­զուն­նե­րը դուրս ե­կան ար­ծո­ւե­բոյ­նէն, ­Մու­րատ իր կար­գին ան­ցաւ ար­տա­սահ­ման եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Վիեն­նա­յի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։ Վճ­ռո­րոշ ե­ղաւ ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի ներդ­րու­մը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին միաս­նու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռում­նե­րով ամ­րապն­դող այդ ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­նե­րու կամ­քը ներ­կա­յաց­նե­լով։

Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին եւ ժո­ղո­վի իսկ ո­րո­շու­մով, ­Մու­րատ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Պարս­կաս­տան՝ իր պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար Սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րու կող­քին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։ 1908-ին, հռչա­կո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ­Մու­րատ եր­կար ժա­մա­նա­կի հա­մար վե­րա­դար­ձաւ ­Սե­բաս­տիա։ Բ­նաւ չհա­ւա­տաց Սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ տեն­դա­գին շա­րու­նա­կեց ժո­ղո­վուր­դի զին­ման եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծը։ 1910-ին, իր ըն­կեր­նե­րու եւ շրջա­պա­տի ճնշման տակ, ա­մուս­նա­ցաւ՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի կնքա­հայ­րու­թեամբ, որ ­Մու­րա­տի պաշ­տող­նե­րէն էր եւ ա­նոր նո­ւի­րած է իր լա­ւա­գոյն քեր­թո­ւած­նե­րէն մէ­կը՝ «Բեգաս»ը։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին, երբ Իթ­թի­հա­տա­կան ոճ­րա­պե­տու­թիւ­նը ձեռ­նար­կեց հա­յե­րու զի­նո­ւո­րագ­րու­մին, ­Մու­րատ ըմ­բոս­տա­ցող­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ՝ իր զի­նակց­նե­րով քա­շո­ւե­լով լեռ­նե­րը, որ­պէս­զի ապս­տամբ հա­յե­րու պատ­րո­ւակ չտայ թուր­քե­րուն։

Լեռ­նե­րու վրայ ­Մու­րատ դար­ձաւ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու պա­հա­պան հրեշ­տա­կը՝ թուրք եւ քիւրտ աս­պա­տա­կող­նե­րու դէմ։ Եւ երբ թրքա­կան ճնշու­մը սաստ­կա­ցաւ եւ տա­րագ­րու­թիւնն ու ջար­դե­րը հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցան, ­Մու­րատ ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն ո­դի­սա­կա­նը։ ­Հա­րիւ­րա­ւոր գաղ­թա­կան ժո­ղո­վուր­դի եւ զի­նեալ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գլուխն ան­ցած՝ ­Մու­րատ դժո­ւա­րին ճամ­բոր­դու­թիւն մը կա­տա­րեց, թուր­քե­րու կող­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած ա­ռա­գաս­տա­նա­ւով, դէ­պի ­Պա­թում. ­Մու­րա­տի ո­դի­սա­կա­նին պատ­մա­կա­նը եւ ար­ժե­ւո­րու­մը այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն ու ա­ռաս­պե­լա­կան շուն­չով կա­տա­րած է ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։

Կով­կաս հաս­նե­լով՝ ­Մու­րատ ամ­բող­ջա­պէս նուի­րո­ւե­ցաւ ­Կա­մա­ւո­րա­կան շարժ­ման։ Ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ, հե­րո­սա­կան իր խո­յանք­նե­րով, միշտ կա­ցու­թիւն­ներ փրկեց։ Եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան մտնող ռու­սա­կան զօր­քե­րուն ու հայ կա­մա­ւոր­նե­րուն հետ՝ Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րատ եւ ­Կայ­ծակ Ա­ռա­քել պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ փրկա­րար գործ կա­տա­րե­ցին, երբ ­Հայ­կա­կան ­Բարձ­րա­ւան­դա­կի տա­րած­քին ցի­րու­ցան ե­ղած եւ քրտա­կան ցե­ղա­խում­բեր ին­կած հայ բե­կոր­նե­րու ազ­գա­հա­ւա­քին ձեռ­նար­կե­ցին։ «­Մէկ հայ, մէկ ոս­կի» կար­գա­խօս­քով՝ ա­նոնք ­Կով­կա­սէն նո­ւի­րա­հա­ւաք կա­տա­րե­ցին եւ հայ բե­կոր­նե­րը… «գնե­ցին» քիւր­տե­րէն։
Ռու­սա­կան զօր­քի նա­հան­ջէն եւ, այ­նու­հե­տեւ, լե­նի­նեան տխրահռ­չակ «տուն-դարձ»ի կո­չէն ետք, ­Մու­րատ եւ ­Սե­պուհ, ո­րոնք ­Սաս­նոյ կռիւ­նե­րու օ­րե­րէն ան­բա­ժան դար­ձած եւ եղ­բայ­րա­ցած էին, փու­թա­ցին հոն, ուր հա­յու­թեան վտանգ կը սպառ­նար։

Այդ ճամ­բով ալ ա­նոնք՝ ­Սե­պուհ եւ ­Մու­րատ եր­կու­քով, 1918-ին, յայտ­նո­ւե­ցան ­Պա­քու՝ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լով ի­րենց եր­բեմ­նի ըն­կե­րոջ, ­Հա­մա­զաս­պի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ կռո­ւող հայ քա­ջոր­դի­նե­րու շար­քե­րուն մէջ։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը դա­սա­ւո­րած էր այն­պէս, որ ­Պա­քո­ւի հա­յոց հե­րո­սա­մար­տը դառ­նայ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դիւ­ցազ­նա­կան այս հե­րո­սին՝ ա­ռաս­պե­լա­տիպ Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տին վեր­ջին խո­յան­քին ժա­մադ­րա­վայ­րը։

4 Օ­գոս­տոս 1918-ին նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ ­Մու­րատ՝ պատ­րաս­տե­լով յա­ջորդ օ­րո­ւան, 5 Օ­գոս­տոս 1918-ի ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կը ­Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօր­քե­րուն դէմ։

Եւ հե­րո­սի փառ­քով հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի մեր հո­ղին ինք­նա­տիպ ծնունդ այս դիւ­ցազ­նը, ո­րուն յի­շա­տա­կին Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան տա­րի­ներ ետք պի­տի վկա­յէր՝ «Ի՜նչ խո­հուն էր ­Մու­րատ.. ան­փա­ռա­սէր խառ­նո­ւածք, բարդ միտք, յստակ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն՝ Մու­րատ կա­րող էր վէ­ճի նստել ա­մէն մի հրա­պա­րա­կա­խօ­սի, ա­մէն մի հա­սա­րա­կա­գէ­տի, գրա­գէ­տի հետ՝ միշտ ա­ւելց­նե­լով մի ա­նոյշ ժպի­տով, թէ «դէ՜, մենք ժո­ղովր­դի մարդ ենք, ան­գէտ, ռա­միկ ենք, ա­ւե­լի- պա­կաս կը նե­րէք»…

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Օգոստոս Ա.- Հաւաքական Պատասխանատուութիւն

$
0
0

Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն հետեւելով` ականատեսը կ՛ըլլանք ժողովրդավարութեան, արդարութեան համար մղուող պայքարին, երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը ըստ կարելւոյն անկախ դարձնելու, կախեալ դրութենէ դուրս բերելու նկրտումներուն ու այս բոլորին մէջ ազգային մեր շահերը պաշտպանելու նախանձախնդրութեամբ շարժող կողմերու յստակ ուղեգիծին, անխոհեմ վարքագիծով հանդէս եկող անհատներուն կարգի հրաւիրելու եւ այդ ընթացքը սրբագրել տալու առողջ երեւոյթին:

Արմատական փոփոխութիւնները պայքարելով, պոռթկալով ու ազգային շահերը պահպանելու համար մեր ժողովուրդը ողջմիտ պահելու կոչերով կ՛իրականանան, այլ ելք չկայ: Այս բոլորին մէջ, սակայն, էականը հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցումն է: Պայքարողը նաեւ հաւաքականութիւնը կ՛առաջնորդէ, ուստի կոչուած է յանդուգն ըլլալու եւ տէրը դառնալու հաւաքականութեան ձեռք բերած յաղթանակներուն:

Տարակարծիք ըլլալը, բնականաբար, նոյնքան կարեւոր է: Տարակարծութենէն կրնայ ծնիլ այն միջինը, որ առաւելագոյն նպաստը կը բերէ մեր երկրին ու ժողովուրդին:

Այս բոլորին մէջ, սակայն, ազգային շահերու գիտակցութիւնը կորսնցնելը, մեր պատմութեամբ, մեր ժողովուրդին թափած արեան սրբութեամբ առաջնորդուելու գիտակցութիւնը կորսնցնելը ամենամեծ վտանգը կրնայ հանդիսանալ, եթէ քաղաքական թէ լրատուական դաշտին մէջ արտայայտուողները հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ չառաջնորդուին: Անոնք պատասխանատու են իրենց արտասանած իւրաքանչիւր բառին համար, որովհետեւ հանրութիւնը կը հետեւի ու կարելիութիւն ունի զանազանելու սեւն ու սպիտակը:

«Արցախի ազատագրուած տարածքները Արցախի տարածքները չեն, անոնք գրաւեալ տարածքներ են, անոնք հայկական հողեր չեն, եւ այդ հողերը պէտք է վերադարձուին» խօսքերով հանդէս եկողները պահ մը կը մոռնան, որ Արցախի սահմաններուն հսկող մեր զինուորները իրենց կեանքին գնով կը պաշտպանեն ձեռք բերուած յաղթանակը, իրենց կեանքին գնով կը հաստատեն խաղաղութիւնը, կը պարտադրեն արդարութիւնը: Կը մոռնան, որ Արցախի շահերը կը պաշտպանէ համայն հայութիւնը` իր բոլոր լծակներով: Ինչպէ՞ս կարելի է ուրեմն այսքան ստորագնահատել ձեռք բերուած յաղթանակը ու հակառակորդին տեսակէտը իւրացնել: Պատահա՞ծ է երբեք, որ պարտուող կողմը իր տեսակէտը պարտադրէ յաղթող կողմին: Ինչո՞ւ ուրեմն պարտուողական հոգեբանութիւնը բոյն դրած է այսպիսիներու ներաշխարհին մէջ:

Գէթ պէտք է յարգել մեր նահատակները, մեր սահմանները անառիկ պահող ուժերը ու չվտանգել բանակցութիւններուն ընթացքը, չնսեմացնել հայկական կողմին դիրքերն ու պահանջները անպատասխանատու խօսքերով:

Հաւաքական պատասխանատուութեամբ առաջնորդուելու գիտակցութիւնն է էականը: Հաւաքական շահերու պահպանումը, վերջապէս, վեր պէտք է դասել ամէն տեսակի նեղ շահերէ ու հանրային կարծիքը շեղելու ձախող փորձերէ:

«Գ.»

 

Ո՞վ Է Դաշնակցականը

$
0
0

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ

Թուում է, թէ հարցն ունի յստակ եւ պարզ պատասխան. դաշնակցականը հայրենասէր հայն է, ով պատրաստ է ծառայել հայութեանն ու հայրենիքին, եւ եթէ յարկ լինի նաեւ կեանքը զոհաբերել յանուն նրանց: Այնուհետեւ: Դաշնակցականը այն հայն է, ով ձգտում է արդարութեան հայ հաւաքականութեան եւ անհատ հայ մարդու համար եւ պատրաստ է պայքարելու իր ազգակիցների

քաղաքական-քաղաքացիական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ իրաւունքների համար: Ընդհանուր ձեւակերպմամբ կարծես թէ այսքանը:

Եւ իրաւ էլ, յաճախ, կուսակցութեան շարքերն անցնելու համար անհատներ են երաշխաւորւում այն հիմնաւորմամբ, որ տուեալ անձը հայրենասէր է, ազնիւ է, անհանդուրժող է ամէն տեսակի անարդար երեւոյթների հանդէպ:

Բայց արդեօ՞ք ընդհանրականօրէն բնորոշուած այս որակները բաւարար են դաշնակցական լինելու համար:

Եթէ այդպէս լինէր, ապա բոլոր նրանք, ովքեր հայրենասէր են եւ արդարամիտ, պէտք էր գտնուէին Դաշնակցութեան շարքերում, ինչն ի հարկէ այդպէս չէ: Ակնառու օրինակը այսօրուայ հայ երիտասարդութիւնն է, որը փաստել է հայրենասիրութիւնը Արցախի ու Հայաստանի սահմաններում, ինչպէս եւ ժողովրդի իրաւունքների համար պայքարել է` վերջին տարիների հայաստանեան հասարակական յուզումների գլխաւոր դերակատարը դառնալով: Սակայն այդ երիտասարդութեան ոչ մեծաքանակ մէկ հատուածն է համախմբուած ՀՅԴ դրօշի ներքոյ:

Մէկ այլ պարագայում, պատահել է, որ նման մարդիկ եկել են կուսակցութիւն, սակայն կարճ ժամանակ անց իրենց խորթ են զգացել այս միջավայրում: Ուրեմն բոլոր լաւ հայերը չեն, որ մտածողութեամբ, խառնուածքով կամ արժեհամակարգով համապատասխանում են դաշնակցականի կերպարին: Միւս կողմից` աշխարհում շատ լաւ գաղափարներ կան, որոնք անպայմանօրէն մաս չեն կազմում Դաշնակցութեան գաղափարա-բարոյական արժեհամակարգին:

Դաշնակցութիւնն ունի արժէքային իր ուրոյն համակարգը, եւ լինել դաշնակցական` նշանակում է ընդունել ու ապրել գաղափարաբարոյական այդ արժէքներով: Առանց վերջիններս համեմատութեան մէջ դնելու այլ գաղափարների հետ:

Շատ կարեւոր է յաջորդ հաստատումը. դաշնակցականը երդւում է ձեռքը դնելով ամբողջական ծրագրի եւ ոչ թէ նրա մէկ բաժնի վրայ, հետեւաբար նրա համար ընդունելի ու գործադրելի պէտք է լինեն ծրագրային բոլոր դրոյթներն ու պահանջները: Միւս կողմից նա չի կարող միաժամանակ դաւանել եւ յարել այնպիսի արժէքների, որոնք խորթ են դաշնակցական մտածողութեանը:

Չմոռանանք, որ որպէս կուսակցական ընտանիքին մաս կազմելու պայման` դաշնակցականը երդւում է նաեւ կանոնագրի վրայ` պարտաւորուելով ընդունել եւ գործադրել նրանում ամրագրուած պահանջները: Իրաւաբանութեան ոլորտում «Յանցաւոր գործունէութիւն» հասկացողութեան կողքին գոյութիւն ունի նաեւ «Յանցաւոր անգործութիւնէ» եզրը: Մեր կանոնագիրը հեռու է իրաւական օրէնսգրքերից, բայց նրանում նոյնպէս` հակակարգապահական գործողութիւնների կողքին, հակակարգապահական է նկատւում նաեւ անգործութիւնը: Այսինքն պարզապէս ծրագրում ու կանոնագրում շարադրուածն ընդունելը դեռ բաւարար չէ, անհրաժեշտ է նաեւ մասնակցել ծրագրային եւ կանոնագրային պահանջների գործադրմանը, եթէ անգամ ինչ-որ բանի հետ համաձայն չես:

Դաշնակցութիւնը ընկերվարական, յեղափոխական կուսակցութիւն է, բայց գոյութիւն ունեն, օրինակ, կոմունիստական ընկերվարութիւնը կամ դասակարգային յեղափոխութիւնները, որոնք որքան էլ անուանապէս նման լինեն, էութեամբ միանգամայն տարբեր են եւ անյարիր, եթէ չասենք` արմատապէս հակասող, Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեանը: Պատահական պէտք չէ համարել, այլ` շատ տրամաբանական, որ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ ՀՅԴ-ից պոկուած եւ համայնավարներին միացած շատ նախկիններ դարձան ամենամոլի հակադաշնակցականներ: Ուրեմն դաշնակցականը դաշնակցական է իր գաղափարախօսութեան շրջանակում` հարազատ կուսակցութեան պայքարի մէջ եւ ոչ թէ` ցանկացած պայքարի ալիքների վրայ, եթէ անգամ այդ ալեկոծութիւնը բարձրացել է ամենամարդասիրական կարգախօսերով:

Այստեղից հետեւում է նաեւ, որ դաշնակցականի կուսակցական ընտրութիւնը գիտակցուած ընտրութիւն է: Մեր պատմութեան օրինակները փաստում են, որ անգամ հակաթուրք պայքարի գործնական կոչերը եւ կոչ անողները կարող են անյարիր լինել Դաշնակցութեանը եւ անգամ` հակառակ նրան, եթէ այլ գաղափարախօսութիւնների ու նպատակների ծնունդ են:

Արդեօ՞ք այս մտքերը շատ կաղապարուած եւ հակաժողովրդավարական չեն, երբ այլեւս 21-րդ դարում ենք ապրում եւ ամէնուր մարդիկ ու հաւաքականութիւնները ձգտում են ընդլայնել ազատութիւնների եւ իրաւունքների սահմանները:

Համոզուած եմ, որ ո՛չ: Ի վերջոյ ոչ ոք ոչ մէկին պարտադրաբար դաշնակցական չի դարձնում: Որոշակի գաղափարների եւ նպատակների, որոշակի կազմակերպական սկզբունքների համաձայն կուսակցութեանը ծառայելու ընտրութիւնը կատարում է իւրաքանչիւր ոք` բազում այլընտրանքների պայմաններում: Ինչպէս եւ անհատը, ցանկացած պահի, կարող է գնալ այլ տեղ, եթէ եզրակացնի, որ սխալ ընտրութիւն է կատարել: Նոյն կերպ նա կարող է միանալ այլ պայքարների եւ շարժումների, բայց նախ` կապերը խզելով Դաշնակցութեան հետ:

Դաշնակցականը, այո՛, յեղափոխական-արմատական փոփոխութիւնների ձգտող, ըմբոստ խառնուածքի տէր հայն է, բայց նա Դաշնակցութեանն է միանում ոչ թէ ըստ իր պատկերացումների ազատօրէն գործելու, կուսակցութեանը ուղղորդելու կամ այն փոխելու համար, այլ ընդունելով ծրագիրն ու գործելակերպը` ինքը փոխուելով կամ գաղափարականօրէն բիւրեղանալով եւ ծառայելով այս կուսակցութեան դաւանանքին եւ նպատակներին` մեծամասնութեան կամքով ուղենշուած գործին: Դաշնակցականը գաղափարականացած եւ քաղաքականացած հայն է, ով համոզում ունի, որ հայ ժողովրդի պատմական ու դէպի դրանց տանող երազանքների լուծման լաւագոյն միջոցը Դաշնակցութիւնն է: Եթէ այդ համոզումով չէ նրա գալը Դաշնակցութիւն, ապա հարց է ծագում, թէ ինչի՞ համար է եկել: Դաշնակցականի եւ Դաշնակցութեան միջեւ հակասութիւններ կարող են ծագել մարտավարական խնդիրներում, բայց դրանց լուծումը մեծամասնութեան վճիռն է: Հակասութիւն չի կարող ստեղծուել Դաշնակցութեան ռազմավարական սկզբունքների եւ դաշնակցական մեծամասնութեան վճիռների միջեւ: Իսկ եթէ այդպիսի հակասութիւնը ուռճանում է անհատ դաշնակցականի մտքում, նրա առջեւ մնում է երկու ճանապարհ` ընդունել մեծամասնութեան դիրքորոշումը եւ ջանքեր գործադրել դրանց իրականացման համար կամ` հեռանալ:

Որոշակի գաղափարա-բարոյական պատկերացումներով եւ ըմբռնումներով Դաշնակցութիւն եկողը դառնում է կուսակցութեան ծրագրի տէրը եւ հոգեւոր բաւարարութիւն է ստանում իր պէս մտածող հայորդիների հետ ազգային ընդհանուր գործին ծառայելու հնարաւորութեան համար: Դաշնակցական հաւատամքով զինուած դաշնակցականը լինում է գաղափարապէս կայուն եւ ուժեղ:

Դաշնակցութեան գաղափարն ու ծրագիրը դառնում են նրա հոգեկերտուածքի մասը, դաշնակցական ակումբն ու միջավայրը դառնում են նրա տունն ու ընտանիքը, ուր նա ձգտում է պատասխաններ եւ լուծումներ գտնել իրեն յուզող գաղափարաքաղաքական բոլոր հարցերի համար: Դրսում լուծումներ փնտռողը մեքենաբար դուրս է դնում իրեն դաշնակցութիւնից, եթէ անգամ իր արարքը փորձում է հիմնաւորել ամենահայրենասիրական եւ մարդասիրական գաղափարներով: Ի վերջոյ ամենալաւ կուսակցական անհատը կարող է ասել` դաշնակցակա՞ն է ինքը, թէ՞ ոչ: Եթէ ի հարկէ անկեղծ է ինքն իր խղճի եւ կուսակցական ծրագիր-կանոնագրի առաջ: Դաշնակցականութիւնը ներքին համոզում է, ապրելակերպ, մի բան, որը ոչ ոք չի կարող խլել քեզանից, եթէ ինքդ չես հեռացել նրանից:

 

 

 


Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ

$
0
0
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով` Գործունէութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ, 1918-1920 – Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին 1918-էն նոյեմբեր 1924, հիմնականին մէջ ՀՄԸՄ-ական գործիչներու կողմէ առաւելաբար Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած տասնեակ հազարաւոր որբերէն եւ երիտասարդներէն`  կայտառ եւ առողջ, կարգապահ եւ չարքաշ, ինքնավստահ, հայրենասէր ու բարոյական բարձր արժանիքի տէր քաղաքացիներ պատրաստել եղած է` մարմնակրթանքի եւ սկաուտութեան միջոցով, կրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր առաքելութիւնը` հազարաւոր որբերէն կայտառ եւ առողջ, կարգապահ եւ չարքաշ, ինքնավստահ, հայրենասէր ու բարոյական բարձր արժանիքի տէր քաղաքացիներ պատրաստել էր:

Հազիւ երկու տարուան այս գործունէութիւնը, պաշտօնապէս մի՛այն երկու եւ կէս ամիս` 15 օգոստոսէն 5 նոյեմբեր 1920, աւարտին հասաւ Հայաստանի խորհրդայնացումին պատճառով (2 դեկտեմբեր 1920), կարելիութիւն չընձեռեց միութենական, հաստատութենական, կառուցային աշխատանք տանիլ, հիմնելու համար ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղեր, վարչութիւններ, ակումբներ եւ այլն:

Պէտք է նշել, որ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող միութեան յատուկ արխիւ, ժողովական ատենագրութիւններ, տեղեկագիրներ մեր տրամադրութեան տակ չեն գտնուիր (հաւանական է, որ անոնք կը գտնուին Պոլսոյ պատրիարքութեան արխիւներուն մէջ): Նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արխիւէն եւ ժամանակաշրջանի հայաստանեան մամուլէն կարելի չեղաւ օգտուիլ: Կցկտուր այս տեղեկութիւններուն կարեւոր բաժինը ՀՄԸՄ-ի «Հայ Սկաուտ» պաշտօնաթերթէն եւ առաքելութեան անդամներուն նամակներէն ու յուշագրութիւններէն քաղուած է, որ ժամանակագրական կարգով կը ներկայացուի:

ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը կարելի է բաժնել երեք ժամանակաշրջանի:

Ա. Շրջան` 1914-1919

ՀՄԸՄ-ականներ Աջին` Եզնիկ Քաջունի եւ Բենիամին Սապունճեան

ՀՄԸՄ-ի եւ անոր բաղադրիչ` նախորդող պոլսահայ ակումբներու անդամներ` մարզիկ, մարզիչ եւ սկաուտ` Վահան Չերազ, Եզնիկ Քաջունի եւ եղբայրը` Եղիշէ (որ զօրավար Անդրանիկի քարտուղարը եղած է (10)), Գրիգոր Մերճանոֆ, Ճորճ Մարտիկեան, Բենիամին Սապունճեան եւ ուրիշներ, իբրեւ կամաւոր գունդերու մարտիկներ, կամ` գաղթականներու խնամատարներ, 1914-էն սկսեալ տարբեր ժամանակներու արդէն ծառայած են Հայաստանի մէջ, որ կարելի է նկատել ՀՄԸՄ-ի ոչ պաշտօնական գործունէութեան սկիզբը Հայաստանի մէջ:

Վազգէն Անդրէասեան կը գրէ. «Եզնիկ Քաջունին երկու տարի առաջ (1918-ին) արդէն Հայաստան մեկնած էր սկաուտական խումբեր կազմելու համար» (1): Բախտիկեան կը գրէ. «Սկիւտարի առաջին սկաուտներէն Ճորճ Մարտիկեան պատանի տարիքին, իբրեւ կամաւոր մարտիկ կ՛ուղղուի Կարս, ուր կը կազմակերպէ սկաուտական խումբեր` մինչեւ Կարսի անկումը», (4) սակայն Տիգրան Խոյեան եւ Վահան Չերազ բնաւ չեն նշեր զայն եւ փոխարէնը` կը նշեն Կարսի մէջ Աղասի անունով Պոլիսէն եկած սկաուտի մը մասին, որ ինքնագլուխ սկաուտական խումբեր կազմակերպած եւ նոյնիսկ «Հայ Արի» անունով թերթիկ հրատարակած է (17): Խոյեան մտադիր էր Կարս երթալ եւ կարգաւորել այս գործունէութիւնը, սակայն առիթը չ՛ունենար, քանի որ թրքական-քեմալական եւ ռուս-պոլշեւիկ դաւադիր համաձայնութեամբ, թրքական բանակը կրկին կը գրաւէ Կարսը 30 հոկտեմբեր 1920-ին:

Հռիփսիմեան օրիորդաց վարժարանը` միաժամանակ Հայաստանի Խնամատարութեան եւ Աշխատանքի նախարարութիւն` 1918-1920 Ամիրեան փողոց

1919-1920 դպրոցական տարեշրջանին արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան լուսաւորութեան (կրթութեան) նախարարութիւնը ուսումնական ծրագրին մէջ կարեւոր բաժին յատկացուցած էր մարմնակրթութեան եւ կարիքը ունէր մասնագէտներու:

«Երբ Նիկոլ Աղբալեան կը ստանձնէ կրթութեան նախարարութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կար միա՛յն 133 (տարրական) դպրոց, 383 ուսուցիչ եւ 11 հազար 133 աշակերտ: Աղբալեանի օրօք, առանց հաշուելու Զանգեզուրի եւ Լոռիի շրջանները, տարրական դպրոցներուն թիւը հասաւ 456-ի, ուսուցիչներուն, 1047-ի եւ աշակերտներունը` 41 հազար 188-ի: 1918-1919-ին կային` 6 միջնակարգ դպրոց, 177 ուսուցիչ, 3 հազար 137 աշակերտ: 1919-1920-ին` 20 միջնակարգ, 305 ուսուցիչ, 5 հազար 102 աշակերտ, մէկ համալսարան, 8 դասախօս եւ 200 ուսանող: 272 տոկոս աշակերտներու թիւի աճ, 244 տոկոս` դպրոցներու եւ 190 տոկոս` ուսուցիչներու: Իսկ սկաուտները հովանաւորւում եւ մեծ ծաւալ են ստանում», կը գրէ Ռուբէն Տէր Մինասեան (18):

Հայաստանի մէջ մարզական կեանքը սկսած էր 1919-ին` նախաձեռնութեամբ ամերիկեան որբանոցի մը տնօրէն Նշան Յովհաննէսեանին: Այս շարժումը կը տարածուի 15 որբանոցներու մէջ, եւ ընդհանուր տեսուչ կը նշանակուի մանկավարժ-հոգեբան Տիգրան Մարգարեանը, իսկ մարմնամարզի ընդհանուր դաստիարակ` մարզիչ Սարգիս Սամուէլեանը (1):

Որբեր սկաուտական բարեւը կը սորվին

ՀՄԸՄ-ի անդամ Եզնիկ Քաջունին` որբանոցներու մէջ մարզանքի ուսուցիչ, նաեւ Երեւանի մէջ Արեւմտահայ առաջին համագումարին պատգամաւոր էր` 2-11 մայիս 1917, որ պիտի զբաղէր հայ գաղթականներու հարցերով, կ՛ընտրուի վերստուգիչ յանձնախումբի անդամ (2): Զօրավար Անդրանիկ այս համագումարին հանդիսաւոր բացումը կը կատարէ, իսկ Արամ Մանուկեան` բացման խօսքը, որ խորունկ ազդեցութիւն կ՛ունենայ բոլորին վրայ:

Բ. Շրջան` 1919-1920

Ահա Եզնիկ Քաջունիի Երեւանէն առաջին նամակ-կապը` ՀՄԸՄ-ի հետ (յապաւուած).

«Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան -Կոստանդնուպոլիս

Բոլորովին անակնկալ մը, Պոլիսէն, ընկերներէն մէկը, իմ հասցէիս ղրկած էր «Հայ Սկաուտ»-ի առաջին թիւը:

… Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի միւս բոլոր կեդրոնները, պիտի աշխատինք տարածելու այդ (սկաուտական) նոր գաղափարը գործով, եւ վստահ ենք` իրապէս պիտի ունենայ մեր հոգիներուն վրայ մոգական գաւազանի ազդեցութիւնը:

Կրթութեան նախարարութիւնը անսահման խոստումներ ունի, եւ կարելի է ըսել, որ արդէն գործի սկսած ենք:

Անպայման կը թղթակցիմ ձեր թերթին` ջանալով ձեզի հաղորդել, օրը օրին, ամէն մանրամասնութիւն եւ նոյնիսկ լուսանկարներ:

Սիրով`
Եզնիկ Քաջունի, Երեւան, 15 նոյեմբեր 1919» (4), (7):

Բոկոտն որբերու սկաուտական գաւազանով մարզանք Ծաղկաձորի մէջ

ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ» իր 1 դեկտեմբեր 1919-ի թիւով կը գրէ.

«Անկեղծ հրճուանքով կը տեղեկանանք, որ Երեւանի մէջ արդէն կազմուեր է հայ արիներու (սկաուտ) առաջին խումբը, եւ վարչապետ (Ալեքսանտր) Խատիսեանին առաջարկուած է գլուխը կանգնիլ անոր: Նոյնպէս սկաուտապետ Հ. Նազարեան կոչ կ՛ուղղէ ամբողջ Հայաստանի պատանեկութեան` գալու հաւաքուիլ դրօշին տակ, կազմելու սկաուտական խումբերը: Այս առթիւ փափաք կը յայտնուի ՀՄԸՄ-ի հետ յարաբերութեան մէջ մտնել» (6):

Քաջունիի նամակէն ետք Երեւանէն Կոստանդնուպոլիս կը վերադառնայ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Գրիգոր Մերճանոֆի (հայկական «Նեմեսիս»-ի` Շահան Նաթալիի գործակիցներէն), որ Հայաստանի մէջ սկաուտական ու մարզական կեանքին վերաբերեալ, նաեւ Թիֆլիսի մէջ լուսաւորութեան նախարար (10 օգոստոս 1919-էն 5 մայիս 1920) Նիկոլ Աղբալեանին (1873-1947) հետ տեսակցելէ ետք, անոր պահանջներուն շուրջ, կը զեկուցէ հետեւեալը. (կը ներկայացնեմ, լեզուական սրբագրութիւնով եւ կարգ մը մանրամասնութիւններ կրճատելով):

«Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութիւնը ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է նաեւ մարմնակրթական եւ սկաուտական շարժումը: Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան 20 հազար (այլ աղբիւրներ աւելի ստոյգ` 40 հազար) երկսեռ որբեր, որոնց 6 հազարը` 4 հազար աղջիկ, 2 հազար մանչ Երեւանի մէջ են: Անոնք մարզանքի կը հետեւին` ուսուցիչ ունենալով ՀՄԸՄ-ական, Գում-Գաբուի «Տորք» ակումբէն Եզնիկ Քաջունին եւ չեխ (ըստ Սիմոն Վրացեանի եւ Եզնիկ Քաջունիի` հունգարացի) մը, որուն այս նպատակով հրաւիրած է կառավարութիւնը… Հսկայական աշխատանք կայ, որ պէտք ունի ՄԱՐԴՈՒ եւ` անձնուէր մարդու:

«Սկաուտներ կան, սակայն, մերիններուն նման ամէն դիւրութիւն չունին, բոպիկ ոտքով մարզանք եւ պտոյտներ կ՛ընեն, նոյնիսկ` աղջիկները: Նախարարութիւնը ընդարձակ մարզարաններ յատկացուցած է անոնց: Ամերիկեան որբախնամն ալ իր որբանոցներուն մէջ բաւական ուժ կու տայ մարզանքին:

«Սակայն կառավարութիւնը կ՛ուզէ հաստատուն եւ կանոնաւոր հիմերու վրայ դնել շարժումը, որուն համար մէկ միլիոն ռուբլիի պիւտճէ մը կը պահանջէ խորհրդարանէն եւ յոյս ունի, որ խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ այս գումարը: Թիֆլիսի մէջ տեսակցութիւն ունեցայ կրթութեան նախարար պարոն Նիկոլ Աղբալեանին հետ, որ Կոստանդնուպոլսոյ ՀՄԸՄ-ի աջակցութիւնը կ՛ուզէ` Հայաստանի մէջ նաեւ տարածելու մեր նոյն շարժումը: Երեւան վերադարձին նամակով պիտի խնդրէ կեդրոնական վարչութենէն, որ շուէտական մարզանքի մասնագէտ ուսուցիչ մը ղրկենք Հայաստան,` տեղւոյն վրայ գտնուող մի քանի ուսուցիչներուն հետ կազմակերպելու համար այս կենսական գործը:

… «Պէտք է պատրաստ ըլլանք նախարարական կոչին եւ կարելին, նոյնիսկ քիչ մըն ալ անկարելին կատարենք, պէտք եղած մարդուժը պատրաստենք ղրկելու համար հոն, ուր գործ կայ եւ գործիչի կարիք կայ» (4), (8):

Շուտով, 2 Յունուար 1920-ին կը յաջորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին պաշտօնական այս նամակը ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ»-ին.

«ՀՀ Մինիստրութիւն (նախարարութիւն) Հանրային Կրթութեան Եւ Արուեստի

Թիւ 38
2 յունուար 1920
Երեւան

«Հայ Սկաուտ» թերթի պատուարժան խմբագրութեան,

Հանրային կրթութեան եւ արուեստի պ. մինիստրը (նախարար Նիկոլ Աղբալեան), որի սրտին շատ մօտ է մարմնակրթութեան գործը, յանձնարարել է ինձ յայտնել ՀՄԸՄիութեան իր մեծ գոհունակութիւնը Կ. Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող սկաուտական շարժման առիթով: Յաջողութիւն ցանկանալով ձեր ազգօգուտ ձեռնարկութեանը` պ. կրթութեան մինիստրը խնդրում է ձեր պատուական թերթից տաս օրինակ ուղարկել հ. կրթութեան մինիստրութեան անունով, բաժանորդագինը կ՛ուղարկուի:

Իմ կողմից եւս ի բոլոր սրտէ ցանկանում եմ ծաւալումը Ձեր սքանչելի գործին, որը գալու է ամրացնելու մեր մատաղ անկախութիւնը` բարձրացնելով մեր ազգի ֆիզիքական ու բարոյական կորովը:

Երեւանի մատաղահաս սկաուտներն եւս յղում են իրենց եղբայրական սիրոյ ողջոյնը իրենց պոլսեցի եղբայրակիցներին, եւ յոյս են յայտնում, որ մօտ է ապագան, երբ Մայր Միացեալ Հայաստանի գրկում ձեռք կը տան իրենց եղբայրակիցներին:

Եթէ նեղութիւն չէք համարի, խնդրում եմ բարեհաճեցէք ուղարկելու ինձ «Հայ Սկաուտին Օրինագիրը» նաեւ հաղորդեցէք ինձ սկաուտի զգեստի արժէքը:

Հանրային կրթութեան եւ արուեստի մինիստրութեան
բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ
բժիշկ Վ. Արծրունի» (4), (9):

15 Յուլիս 2018
Պատրաստուած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի գիտաժողովին
Շար. 1

———————————–

  1. «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի», Վազգէն Անդրէասեան, Պէյրութ, 1977, տպարան «Սեւան», էջ:
  2. «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Արեւմտահայոց գործերը» գլուխ, էջ 30:
  3. Նոյնը «Շինարարական վերելք» գլուխ էջ 367:
  4. «Յուշամատեան ՀՄԸՄ-ի 1918-1958», Ներսէս աբղ. Բախտիկեան, Պէյրութ, 1958, տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, էջ 73-85:
  5. ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Հայ Սկաուտ», թիւ 3, Կոստանդնուպոլիս, 1 Դեկտեմբեր 1919, էջ 33:
  6. Նոյնը, էջ 41
  7. Նոյնը, թիւ 5, 1 Յունուար 1920, էջ 72
  8. Նոյնը, էջ 75:
  9. Նոյնը, թիւ 9, 1 Մարտ 1920, էջ 137` կողքի էջ:
  10. Նոյնը, թիւ 6, 16 Յունուար 1920, էջ 85:
  11. Նոյնը, թիւ 16, 16 Յունիս 1920, էջ 249` կողքի էջ
  12. Նոյնը, թիւ 19-20, Օգոստոս 1920, էջ 289-290:
  13. Նոյնը, թիւ 19-20, Օգոստոս 1920, էջ 304-305:
  14. Նոյնը, թիւ 11, 1 Ապրիլ 1920, էջ 169:
  15. Նոյնը, թիւ 23-24, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1920, էջ 356-357
  16. «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» Ալեքսանտր Խատիսեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1968, տպարան Համազգային, էջ 139, 227-228:
  17. «Նահատակ ցեղի անմահներ», Տիգրան Քահանայ Խոյեան, տպարան «Ալթափրէս», Պէյրութ:
  18. «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները», Ռուբէն Տէր Մինասեան, 7-րդ հատոր, Բ. Հրատարակութիւն, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1979, Պէյրութ, էջ 283-288:
  19. https://vahanishkhanyan.wordpress.com/2014/06/10/cheraz/
  20. «Կեանքի Ուղիներով. Դէպքեր, Դէմքեր, Ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. Հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007:

 

 

Ռուսաստանը Եւ Մենք…

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ռուսաստանի վերաբերմամբ պատմականօրէն գոյութիւն ունեցած են (եւ ունի՛ն) երկու հակադիր կարծրատիպային (stereotypical) մտայնութիւններ` հայ քաղաքական կեանքի ֆոլքլորին մէջ:

Առաջինը, որ կ՛ըսէ, թէ կարելի չէ որեւէ ձեւով Ռուսաստանին հակադրուիլ կամ նոյնիսկ հակաճառել անոր… քանի որ անկէ կախուած է մեր գոյութիւնը այբէն մինչեւ ֆէ: Ռուբէն Տէր Մինասեան (Ռուբէն Դարբինեանի վկայութեամբ) համոզուած էր, որ մեր ժողովուրդը չէ «սորված» կռուիլ ռուսին դէմ: Սորված է կռուիլ թուրքի՛ն դէմ… Ուշագրա՛ւ դիտարկում:

Երկրորդը, որ կ՛ըսէ, թէ կարելի է ամէնէն փողոցային արտայայտութիւններով անուանարկել Ռուսաստանն ու ռուսը` միաժամանակ ապաւինելով հայ-ռուսական համագործակցութեան խարիսխին` հնարաւոր դարձնելու համար մեր պետականութեան լինելիութիւնը:

Այս երկու մտայնութիւնները կը թուին խորապէս արմատացած ըլլալ` անհնարին դարձնելով որեւէ առարկայական քննարկում: Անշուշտ կայ նաեւ վերջին կարծրատիպը, որով դուռը վերջնականօրէն կը փակուի մեր առջեւ, քանի որ մենք` սփիւռքէն խօսողներս, մեր կաշիին վրայ չենք զգացած «ռուս»-ին ներկայութիւնը:

Ըստ իս, կարեւոր է, որ այս հարցը դրուի համակողմանի քննարկման, քանի որ մենք բոլորով պարտական ենք մեր երկրի ապագային համար: Նժարին վրայ մեր բոլորին զաւակներն են, որոնք վաղը պիտի դիմագրաւեն «ռուս»-ին ներկայութիւնը, երբ մենք այլեւս չկանք:

Ես համոզուած եմ, որ երկու մտայնութիւններն ալ դարբնուած են պատմական դառն փորձառութիւններու բովին մէջ, զորս ոչ ոք իրաւունք ունի ստորագնահատելու: Բայց նաեւ թող ներուի ինծի ըսել, որ երկուքն ալ կը բխին քաղաքական անգրագիտութենէ, զոր ազգովին յաղթահարելու խնդիր ունինք մենք այսօր: Աւելի՛ն. անոնք կը բխին ինքնավստահութեան պակասէ եւ խուճապային հոգեբանութենէ, որոնք միշտ ալ եղած են վատ յուշարարներ:

Մենք պէտք ունինք երրորդ մտայնութեան, որ այսուհետեւ պէտք է հիմ հանդիսանայ մեր քաղաքական վարքագծին: Ներկայի երկուքը կը մատնեն այն վախը, թէ մենք ի վիճակի չենք կառավարելու (manage) այս շատ կենսական յարաբերութիւնը: Իրականութիւնը այն է, որ այս յարաբերութիւնը կառավարելի է (եւ կառավարուա՛ծ), քանի որ ոչ մէկ մեծապետութիւն, եւ յատկապէս` Ռուսաստա՛նը,- չէ այն անսասանելի ճիւաղը, զոր կը կառուցենք մեր մտքերուն մէջ: Ռուսաստան եւս կ՛ապրի իր ռազմավարական կարիքներով, տկարութիւններով եւ վախերով: Եւ այս ոլորտը նաեւ մեր քաղաքական գործադաշտն է, ուր մենք պիտի կարենանք գործել ամէնէն փայլուն հանճարով եւ հեռահաս ռազմավարական գործընկերոջ նախատեսութեանբ… եւ` առանց անհարկի հակազդեցութիւններու: Այս գործադաշտէն փախուստ չկա՛յ: Ան մեր «տուն»-ն է եւ մեր «խոհանոց»-ը: Եւ մենք վերջապէս  անվերապահօրէն պիտի յարինք այն վարդապետութեան, որ ոչինչ, բացաձակապէս ոչի՛նչ, դուրս կը գտնուի մեր կարելիութեան սահմաններէն:

Եզրափակենք քաուպոյներու բանաստեղծին հրաշալի իմաստութեամբ` Well, son, there ain՛t nothing we can՛t do and damn little we won՛t try! Այո՛, որդի, չկայ բան, որ մենք չկարենանք ընել եւ շատ քիչ բան, որ փորձելու չենք…

Օգոստոս 1, 2018
Ուաշինկթըն

 

Անձի Պաշտամունքը Ազրպէյճանի Մէջ. Կուռքի Վերածուած Նախկին Նախագահ Հայտար Ալիեւ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի երկրպագութիւնը այնքան չափազանցուած է, որ ամերիկացի պլոկըր Անտրէաս Մոզըրը Պաքու եւ Գանձակ կատարած իր այցելութեան ատեն ամէն տեղ բախած է «մեծ առաջնորդ»-ի յուշարձաններուն եւ շէնքերուն: Մոզըրը իր պլոկին մէջ գրած է երգիծական զեկոյց մը, որմէ հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն` զուար-ճութեան համար:

Մոզըր իր հեգնական յօդուածը սկսած է հետեւեալ կերպով. «Նախքան Ազրպէյճան երթալը, ես ալ, ձեզի պէս, չէի գիտեր Հայտար Ալիեւի մասին: Բայց յետոյ, երկրորդ օրը, արդէն ձանձրացած էի իրմէ…: Անկախ այն բանէն, ուզէք, թէ ոչ, Հայտար Ալիեւ ձեր ընկերակիցը կ՛ըլլայ եւ մնայուն ուղեկիցը` Ազրպէյճանի մէջ: Երբ կը թռչիք Պաքու, դուք կը ժամանէք Հայտար Ալիեւի օդակայանը: Երբ գնացքով կու գաք, դուք կը ճամբորդէք Հայտար Ալիեւի ճեպընթացով, կ՛իջնէք Հայտար Ալիեւի կայարանը, կը քալէք Հայտար Ալիեւի պողոտայով` դէպի Հայտար Ալիեւի հրապարակ, կ՛անցնիք Հայտար Ալիեւի հիմնարկներու, Հայտար Ալիեւի դպրոցներու եւ Հայտար Ալիեւի համալսարաններու քովէն: Եթէ կ՛ուզէք հանգստանալ Հայտար Ալիեւէն եւ այդ պատճառով կը նախընտրէք ինքնաշարժով ճամբորդել Ազրպէյճանի տարածքին, նոյնն է, դուք բոլոր խաչմերուկներուն, բոլոր շրջադարձերուն, բոլոր շրջանցիկ ճամբաներուն վրայ կը տեսնէք նախկին նախագահին լուսանկարները»:

Մոզըր իր ճամբորդութիւնը սկսած է` այցելելով զբօսայգի, բնականաբար Հայտար Ալիեւի անունով, որ «աւելի մեծ էր, քան որոշ անկախ երկիրներ… Երբ կ՛անցնիս աշխարհի ամէնէն լայն փողոցը (12 գիծերով), տասը վայրկեան երթէ ետք կը հասնիս կանգառ. ինքնաշարժի կանգառի` Ողիմպիական մարզադաշտի դիմացինին նման: Անիկա այդքան մեծ նախագծուած է, որ Ազրպէյճանի բոլոր ինքնաշարժները կրնան նոյն ժամանակ այնտեղ կանգ առնել: Սակայն անիկա դատարկ է: Քաղաքի հրապարակները նոյնպէս չափազանց մեծ չափերու էին, սակայն հոս հիւսիսքորէական մակարդակի վեհութեան մոլուցք կը տիրէր… Անմիջապէս որ անցնիք յաղթանակի կամարը (այնքան մեծ, ինչպիսին Փարիզի մէջ է, եւ կասկածները փարատելու համար ըսեմ` զարդարուած Հայտար Ալիեւի անունով), որ իրական մուտքն է, պէտք է մօտաւորապէս 2 քիլոմեթր եւս քալէք` մինչեւ Հայտար Ալիեւի թանգարան հասնիլը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մարդիկ ստիպուած էին քալել թագաւորական պալատի երկար սրահով` նախքան թագաւորին հետ հանդիպիլը»:

Կտրելով զբօսայգին եւ անցնելով աղբահաւաքներու եւ քերողներու` «մաքրող մոլագարներու» ամբողջ բանակի մը մէջէն` Մոզըրը յայտնուած է «մեծ առաջնորդ»-ի չափազանց մեծ արձանին քով, որուն վրայ ոսկեայ տառերով փորագրուած է անոր անունը, եւ որ տեղադրուած է Հայտար Ալիեւի թանգարանին դիմաց:

«Թանգարանը երեք յարկանի է, ապակիէ գմբէթով, պատրաստուած` մեծ քանակութեամբ մարմարէ եւ ոսկիէ ու սպիտակ կաշիէ բազկաթոռներով: Բռնապետին բնորոշ անճաշակութիւն: Եթէ դուք երբեք այցելած էք Քազաֆիներուն, Հիւսէյններուն կամ Թրամփներուն, ուրեմն ծանօթ էք ատոր: Ես միակ այցելուն եմ, եւ այդ փաստը այնքան զարմացուցած է գրասեղանին նստած մարդը, որ անջատեց իր «Եութուպ»-ի տեսահոլովակը, ցատկեց տեղէն եւ սկսաւ հետեւիլ իմ ամէն մէկ քայլիս, 4-5 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ ամէն անգամ երբ կը նայէի իրեն, ան կը նայէր իր հեռախօսին: Միայն երկուքս էինք ամբողջ շէնքին մէջ», կը պատմէ Մոզըրը:

Թէեւ Հայտար Ալիեւի թանգարանի հսկայական շէնքը շատ տպաւորիչ է, սակայն հոն ոչինչ կայ` բացառութեամբ «մեծ առաջնորդի» մասին որոշ քարոզչութենէն: «Թանգարանը միայն Հայտար Ալիեւի կեանքին մասին պատմող տասնեակ ցուցադրութիւններ ունի` հարիւրաւոր լուսանկարներով: Կան քանի մը գիրքեր` անոր մասին եւ անոր կողմէ գրուած, որոնք պաշտպանուած են ապակիներով: Երկու մեթր լայնութեամբ հեռատեսիլի պաստառները պատրաստ են ցուցադրելու անոր կենսագրական լուսանկարները…», կ՛ըսէ Մոզըրը` աւելցնելով նաեւ, որ տպաւորուած էր Հայտար Ալիեւի լուսանկարներու մեծ հաւաքածոյով. «Հայտար Ալիեւ դաշտի մէջ հողագործներու հետ, Հայտար Ալիեւ զինուորներու հետ, Հայտար Ալիեւ` երեխաներու հետ, Հայտար Ալիեւ` իբրեւ հնագէտ, Հայտար Ալիեւ` ձմերուկով, Հայտար Ալիեւ` բազմամարդ շուկային մէջ», կը նկարագրէ Մոզըրը:

Մոզըր կը ներկայացնէ Հայտար Ալիեւի կենսագրականը` վկայակոչելով մրցանակակիր լեհ լրագրող Ռիչըրտ Քափուսինսքին, որ գրած է. «Սկիզբը Հայտար Ալիեւ «Քա.Կէ.Պէ.»ի ղեկավարն էր Ազրպէյճանի մէջ, իսկ եօթանասունականներուն` հանրապետութեան Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարը: Ան եղած է հետեւորդը Պրեժնեւի, որ զինք նշանակած էր ԽՍՀՄ-ի փոխվարչապետ: 1987-ին Կորպաչով զայն հեռացուց այդ պաշտօնէն: Հայտար Ալիեւ մաս կը կազմէր Պրեժնեւի շրջապատին. խումբի մը, որ աչքի կը զարնէր խորունկ կաշառակերութեամբ, ամէն տեսակի շքեղութեան նախապատուութեամբ եւ համընդհանուր այլասերածութեամբ: Անոնք կը բացայայտէին իրենց կաշառակերութիւնը մեծ յանդգնութեամբ` առանց ամչնալու»:

«Լեհ լրագրողին նկարագրութիւնը կրնայ ըլլալ թանգարանի, իրականութեան մէջ ամբողջ այգիին կամ, արդարեւ, ամբողջ երկրին կարգախօսը: Ոեւէ մէկուն համար, որ համայնավարութեան ժամանակ արդէն յայտնի էր իր բացայայտ կաշառակերութեամբ, անկախ Ազրպէյճանը իր նաւթահանքերով պէտք էր ըլլար անոր երազանքներուն գագաթնակէտը: Այսպիսով, զարմանալի չէ Ալիեւներու ամբողջ ընտանիքին հանդիպիլ Փանամայի փաստաթուղթերուն մէջ (ստուերային գաղտնի հաշիւներու մէջ)», կը նշէ Մոզըրը:

Իր երգիծական յօդուածը Մոզըրը կ՛աւարտէ` յիշելով Հայտար Ալիեւի այլ զբօսայգիներ` Պոտկորիսայի, Մոնթէնեկրոյի, Թիֆլիսի, Պոլսի, Անգարայի, Պուտափեշտի եւ Քիեւի մէջ` աւելցնելով, որ «շուտով կրնայ ըլլալ նաեւ ձեր հայրենի քաղաքին մէջ: Ասոր համար դուք պարզապէս պէտք է խօսիք ձեր քաղաքային խորհուրդին հետ, իսկ Ազրպէյճան կը վճարէ ամէն բանի համար»:

Իր վերջին նախադասութեան մէջ Մոզըրը Ազրպէյճանը կոչած է. «Տարօրինակ երկիր: Բայց գոնէ ես այլեւս ստիպուած չեմ ըլլար այցելելու Հիւսիսային Քորէա»:

Մոզըրի յօդուածէն բացի` Ուիքիփետիան ունի ամբողջ բաժին մը` «Հայտար Ալիեւի անձի պաշտամունքը» վերնագիրով. անոր մէջ գրուած է. «Ազրպէյճանի մէջ իւրաքանչիւր մեծ ու փոքր քաղաք ունի փողոց Հայտար Ալիեւի անունով, ներառեալ` մայրաքաղաք Պաքուի կեդրոնական պողոտաներէն մէկը: Պաշտօնական տեղեկութեան համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ կան Հայտար Ալիեւի 60 թանգարաններ եւ կեդրոններ»:

Աւելի՛ն,. աշխարհի տասնեակէ աւելի երկիրներու մէջ կան Հայտար Ալիեւի արձանները: Այնուամենայնիւ, Ազրպէյճան Մեքսիքայի մայրաքաղաքին մէջ խայտառակուեցաւ, երբ անոր խելամիտ քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց հեռացնել Հայտար Ալիեւի յուշարձանը քաղաքի գլխաւոր պողոտային մէջ գտնուող զբօսայգիէն, որ վերանորոգուած էր Ազրպէյճանի միջոցներով: «Իրաւապաշտպանները դէմ էին արձանին եւ կը մատնանշէին Հայտար Ալիեւի իշխանութեան բռնակալական բնոյթը», հաղորդած էր BBC News-ը:

Իմ խորհուրդը Հայտար Ալիեւի ազրպէյճանցի երկրպագուներուն` աւելի շատ մտահոգուեցէք ոչ թէ մահացած Հայտար Ալիեւի, այլ ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճակատագիրով, որովհետեւ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կրնայ շուտով տարածուիլ Ազրպէյճանի մէջ եւ կրնայ աւելի շատ արիւնոտ ըլլալ, քան` թաւշեայ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիան Ա՛լ Աւելի Կախեալ Կը Դառնայ Ռուսիայէն…Իսկ Հայաստա՞նը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումով տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատուեցան Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Ապտուլհամիտ Կուլիի եւ Սուլէյման Սոյլուի դէմ` ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը ազատ արձակել մերժելու պատճառով («Սի. Էն. Էն.», 1 օգոստոս 2018): Իսկ միւս կողմէ, Թուրքիա Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց յանձնել Անգարային ընդդիմադիր իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որպէսզի անոր դիմաց ազատ արձակէ ամերիկացի հոգեւորականը: Բան մը, որ մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն: Թուրքիա տեսնելով, որ Արեւմուտքին հետ իր լծակները կը նուազին, իր աչքերը դարձեալ ուղղեց դէպի Արեւելք:

Էրտողան ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներէն (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ) պահանջեց, որ նկատի առնեն Թուրքիոյ անդամակցութիւնը իրենց կազմակերպութեան («Առ. Թի.», 31 յուլիս 2018): Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը (30 յուլիս 2018) Էրտողանին մօտիկ աղբիւրէ մը քաղելով իր տեղեկութիւնը` կը հաստատէ, որ ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրները գոհունակութեամբ ընդունած են Թուրքիոյ նախագահին առաջարկը: Ռուսական մշակութային հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէն Եւկենի Պեխրեւսքի «Առ. Թի.»-ին յայտնած է, որ Էրտողան յուսախաբ եղած է Եւրոպական Միութենէն ու Միացեալ Նահանգներէն եւ այդ պատճառով ալ կը փորձէ բազմաշառաւիղ արտաքին քաղաքականութիւն մը վարել:

Անցեալ շաբաթ Ռուսիա Հայաստանի կառավարութեան 200 միլիոն տոլարնոց վարկ մը տուաւ, որպէսզի հայկական կողմը նորագոյն զինամթերքով եւ հակաօդային հրթիռներով սպառազինէ հայկական բանակը: Անշուշտ ասիկա նոր բան մը չէ, Ռուսիա եւ Հայաստան ռազմավարական դաշնակիցներ են, Ռուսիա ունի մօտ 5000 հոգինոց զօրք մը, որ տեղակայուած է Արմաւիրի, Արտաշատի, Մեղրիի եւ Զուարթնոց օդակայանին մէջ, ինչպէս նաեւ` Գիւմրիի 102-րդ ռազմակայանը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ միակ ռուսական ռազմական խարիսխն է: Ռուսական սահմանապահ ուժերը գրեթէ ամբողջութեամբ իրենց հսկողութեան տակ առած են ներկայ հայ-թրքական սահմանը, ինչպէս նաեւ` Իրան-Հայաստան սահմանին մեծ մասը:  Հայաստան նաեւ անդամ է Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, անոր տնտեսութիւնը եւ անվտանգութիւնը բաւական կախեալ են Ռուսիայէն:

Ըստ Մոսկուայի պետական համալսարանի դասախօս եւ թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու մասնագէտ Քարիմ Հասսի, վերջին 20 տարիներուն ռուսական ռազմական օժանդակութիւնը Հայաստանին անցած է 720 միլիոն տոլարը: Ան նաեւ յայտնեց, որ ռուսական այս օժանդակութիւնները պէտք չէ ժխտական ազդեցութիւն ունենան Անգարայի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւններուն վրայ: Սակայն ռուսական անյայտ զինուորական աղբիւր մը «Ալ Մոնիթոր»-ին (31 յուլիս 2018) ըսաւ, որ Սոմալիի, Քաթարի, Սուտանի եւ մանաւանդ Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայաններ կառուցելու ծրագիրները խիստ մտահոգութիւն յառաջացուցած են Մոսկուայի մէջ, եւ այս պատճարով Ռուսիա իր ռազմական օժանդակութիւնը տրամադրեց Հայաստանին: Շատ հաւանաբար նաեւ Ռուսիա մինչեւ օրս զուսպ եւ համբերութեամբ մը հետեւի Երեւանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` մտահոգուելով, որ յանկարծ իրեն հանդէպ վստահութիւնը կը կորսուի Երեւանի նոր իշխանութիւններուն կողմէ: Եթէ Հայաստանը կորսուի, ապա Հարաւային Կովկասը նաեւ պիտի կորսուի Ռուսիոյ համար:

Միւս կողմէ` «Պիլկեսամ» հետազօտական կեդրոնի ներկայացուցիչ Էլնոր Իսմայէլ «Ալ Մոնիթոր»-ի (31 յուլիս 2018) հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանին տրամադրուած ռազմական օժանդակութիւնները երբեք չեն ազդեր թուրք-ռուսական յարաբերութեանց վրայ: Ըստ անոր, այսօր Ռուսիան ա՛լ աւելի կարիք ունի Թուքիոյ, որպէսզի քաղաքական միջոցներով լուծէ Սուրիոյ հարցը, սակայն Իտլիպի իրադարձութիւնները կրնան խանգարել այս «ռազմավարական յարաբերութիւնները»: Սուրիական աղբիւրներ «Մաստար» (30 յուլիս 2018) կայքին յայտնեցին, որ սուրիական բանակը համաձայնած է քրտական ջոկատներուն հետ յարձակելու Իտլիպի վրայ, բան մը, որ ահազանգի մատնած էր Անգարայի կողմնակից իսլամամէտ զինեալ խմբաւորումները այդ շրջանին մէջ: Սուրիական կողմին համաձայն, մօտ օրէն հաւանաբար բռնկի Ժըսըր Շուղուրի ճակատը, որուն նպատակն է ապահով դարձնել հիւսիսային Լաթաքիան եւ Իտլիպի շրջակայքը: Սակայն վերլուծաբանը կը հաւատայ, որ Ռուսիա չի կրնար խաթարել իր յարաբերութիւնը Թուրքիոյ հետ, եւ Թուրքիան, որ Արեւմուտքին կողմէ մերժուած է, իսկ Միացեալ Նահանգներու կողմէ` պատժամիջոցներու սպառնալիքին տակ, կարիքը ունի Ռուսիոյ, որ ազատէ զինք իր քաղաքական կղզիացումէն: Անգարա նաեւ կարիքը ունի Ռուսիոյ դերակատարութեան, որպէսզի Աֆրինը պահէ իր հակակշիռին տակ, մինչեւ որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ քրտական հարցը Թուրքիոյ ի նպաստ լուծումի մի յանգի:

Հետեւաբար նախագահ Էրտողան ամէն ջանք պիտի թափէ, որ երկրին տնտեսութիւնը կայունացնէ, եւ անոր աչքերը ուղղուած են դէպի ՊՐԻՔՍ:

Սակայն ռուս-թրքական մերձեցումը մտահոգիչ է Հայաստանի համար, եւ ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Կուկունեանի արշաւանքի դասերը: Աւելի՛ն. վերջերս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի անընդունելի յայտարարութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատական հարցով, թէ` «… վերջին օրերու իրադարձութիւններուն ընթացքը յստակ խախտում է այն դրական միտումին եւ կը հակասէ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան կատարած անցեալի յայտարարութիւններուն», եւ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ոչ համահունչ պատասխանը, որ` Ռուսիա պէտք չէ միջամուխ ըլլայ Հայաստանի ներքին հարցերուն, որոշ ճեղք մը կը յառաջացնեն երկու դաշնակիցներուն միջեւ, եւ այս ճեղքէն կրնայ օգտուիլ ոչ միայն Թուրքիան, այլ նաեւ` Ազրպէյճանը:

Վստահաբար ես այն դիրքին մէջ չեմ, որ Հայաստանի նոր իշխանութեան խրատ տամ, սակայն հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրելը եւ մասնաւորապէս վերջին 100-ամեակէն դասեր քաղելը կարեւոր է: Դասեր, որոնց չենք ուզեր միշտ անդրադառնալ: Անոնք կը ցաւցնեն մեզ: Այսօր Հայաստան պէտք ունի ճկուն դիւանագիտութեան, սակայն` հաշուելով ամէն մէկ քայլ. ետդարձ չկայ: Ինչպէս Էտուարտ Հիթ կ՛ըսէ` «Դիւանագէտը այն անձն է, որ կը մտածէ երկու անգամ` նախքան լեզուն շարժելը»:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

 

Ուխտի Ճանապարհներ. Յակոբ Պարոնեանի Անյայտ Գերեզմանը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Այլեւս յուսաբեկ` պանդոկ կը վերադառնամ:

Վերջին փորձով կրկին Օրթագիւղի հայոց գերեզմանատունը գացած էի մեր գրականութեան հանճարեղ երգիծագրին` Յակոբ Պարոնեանին գերեզմանը յայտնաբերելու:

Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ ինծի պարզած էին, որ այս գերեզմանատունը գոյութիւն ունեցած է ԺԷ. դարու երկրորդ կէսէն, եւ հիմա գրեթէ անյայտ են նոյնիսկ անցեալ դարուն հոն թաղուածներուն շիրիմները:

Հասցէն` Dereboyu, Ustu, գրպանս, երկու անգամ անօգուտ շրջեցայ` փորձելով հողակոյտերուն մէջ զինքը յայտնաբերող նշան մը գտնել:

Պանդոկի սենեակիս մէջ այդ օր խոր մտածումներու մէջ թաղուեցայ: Արդեօք «Պաղտասար աղբար»-ն ու «Աբիսողոմ աղա»-ն, «Ազգային ջոջեր»-ն ու «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ը, կամ «Հոսհոսի ձեռատետր»-ի եւ «Քաղաքավարութեան վնասներ»-ու հերոսներն ու բարքերը յաւերժացուցած մեր երգիծական հանճարը մարմնաւորող մեծութեան հանդէպ մենք այսքա՞ն ապերախտ գտնուած ենք: Նոյնիսկ տապանաքար մը չէ կանգնեցուած անոր շիրիմին վրայ, եւ շուտով մոռցուած է գերեզմանին ճշգրիտ վայրն ալ…

Կարդացած էի, որ ան արժանացած էր ազգային յուղարկաւորութեան` հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ, ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի եւ ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ: Դամբանականը կարդացած էր Նարպէյ արքեպիսկոպոսը, որ «Ազգային ջոջեր»-ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր: Մարմինը ամփոփուած էր Օրթագիւղի գերեզմանատունը` «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»:

Կարդացած էի նաեւ յայտնի գրող Վահրամ Մավեանին կոչը հայ մամուլի մէջ, որ դիտել կու տար, թէ ինչպէ՛ս տասնեակ տարիներ անցած են, եւ սերունդներ ամբողջ եկած ու անցած են` առանց հողակոյտին վրայ տապանաքար մը դնելու մասին մտածելու: Իրապէս անըմբռնելի է անտէր ու կորսուած ձգել Յ. Պարոնեանին հողակոյտը:

Աւա՜ղ, մեծ ցաւով ընդունեցի այս անտեսումը, հակառակ անոր որ պատանեկութենէս յափշտակուած էի իր ստեղծագործութիւնները կարդալով կամ անոնց բեմադրութիւններուն ներկայ ըլլալով:

 

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>
<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596344.js" async> </script>