Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Որքա՜ն Կ՛ափսոսանք Եւ Կը Ցաւինք

0
0

«Հայելիները ցոլացնելէ առաջ պէտք է աւելի մտածեն»
Ժան Քոքթօ (ֆրանսացի վիպագիր, 1889-1963)

Քաղաքական մանիփուլացիայի՞, թէ՞ անհանդուրժողութեան, անհեթեթութեան կամ ստրկամտութեան, սադրանքի եւ մութ հաշիւներու արդիւնք:

Ըստ երեւոյթին, մարդիկ սկսած են առեւտուրի վերածել «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ն ու անոր պարզած պատկերը: Այս մասին հաստատում մը կատարեց վերջերս այդ շարժման ետին կանգնող եւ լայն ժողովրդավարութիւն վայելող վարչապետ Փաշինեանը` շեշտելով, որ պէտք է գործել թափանցիկ կերպով եւ յատկապէս գերիշխող դիրքի չարաշահում չկատարել:

Վերջին տասնեակ մը օրերու պատահածները, սկսելով նախկին Հայաստանի նախագահի հարցաքննութենէն ու ապա ձերբակալութենէն, բաւական մելան հոսեցուցին` դուռ բանալով բազմաթիւ հարցադրումներու եւ վերլուծումներու:

Սակայն ՀԱՔ-ի ներկայացուցիչ Զոյա Թադեւոսեանին մէկ արտայայտութիւնը, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, թէ մենք Արցախի մէջ Ազրպէյճանէն հողեր գրաւած ենք, եւ հիմնահարցի լուծման համար այդ հողերը պարզապէս պէտք է Պաքուի վերադարձուին…

«Հայելի» ակումբին մէջ կատարուած այս անհիմն եւ անհեթեթ արտայայտութիւնը ռումբի նման տարածուեցաւ եւ ցայսօր ծանր հրետանիով պատասխանի կը սպասէ:

Սխալին յաջորդեց այլ սխալ մը, կամ աւելի ճիշդ` Թադեւոսեան իր ստեղծած փոսը աւելի փորեց, երբ ներողութիւն (այլ լուծում չունէր կատարելիք) խնդրող յայտարարութեան մէջ մեկնաբանութիւններ կատարեց, որ փորձած է նախկին ղեկավարներու` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի  «Աղտամը հայրենիքս չէ», կամ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի արցախեան տարածքները «բռնագրաւուած» անուանելու արտայայտութիւններն ու հաստատումները մէջբերել:

Դեռ առանց քաշուելու կամ պահուըտելու` Թադեւոսեան նշած է, որ աւելի խորութեամբ ծանօթացած է պատմական փաստերուն: Պատմական փաստեր, ուր յստակօրէն կ՛երեւի, որ ի՜նչ-ինչ հաշիւներու արդիւնք` Ստալին «առուծախ»-ի վերածած է այդ սուրբ հողերը, եւ այդ ալ` «վաճառելով» ազերիներուն:

Վստահաբար, թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք, Հայաստանի մէջ այսպիսի ահաւոր սխալ արտայայտութիւններ կատարելու եւ պայթուցիկ իրավիճակ ստեղծելու համար քաղաքական որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս քաղաքական խոչընդոտներուն վերացումը ո՛չ թէ ներառող համակարգ կը հաստատեն, այլ նաեւ բամբասանքի եւ ընկերային-հասարակական միջավայրը թունաւորող վատառողջ պայմաններ կը ստեղծեն:

Կրկին մէջբերելով վարչապետ Փաշինեանի վերջին օրերու արտայայտութիւնները` տեղին է նշել, որ` «Ժամանակ առ ժամանակ պէտք է իրավիճակը դիտարկումի ենթարկուի»… եւ նոյնիսկ դատի կանչուին Թադեւոսեանի նման ձաբռտուքներ եւ յերիւրածոյ խեղաթիւրումներ ցեխարձակող անհանդուրժելի տիպարներ: «Հայելի» ակումբին մէջ պատահած ու անոր յաջորդող իրադարձութիւնները կը ցոլացնեն, թէ որքա՜ն անհանդուրժողութիւն գոյութիւն ունի, որուն համար ալ խոր վիշտով կ՛ափսոսանք եւ կը ցաւինք:


«Ազատութեան» Եւ Գասպարիի Անհաւատալի Արկածները Երեւանում

0
0

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ

Ինքնաբուխ գործիչ Վարդգէս Գասպարիի երէկուայ արարքը, որի ժամանակ նա փորձում էր Ռուսաստանի Դաշնութեան պետական դրօշը եւ Ռոպերթ Քոչարեանի նկարը փակցնել ՀՀԿ եւ ՀՅԴ գրասենեակների մուտքին, հազիւ թէ ոեւէ խելացի մարդ համարի քաղաքական քայլ կամ արարք: Գասպարին միանշանակ առաջադրանք էր կատարում, իսկ թէ ո՞ւմ առաջադրանքը, կը փորձենք հասկանալ ստորեւ:

Բայց նախ մէկ-երկու խօսք` այդ գործչի ոչ քաղաքական եւ, ոչ համարժէք պահուածքի մասին: Գասպարին չի պատկերացնում իր արարքի հետեւանքները: Քաղաքական կողմը դեռ դնենք մի կողմ: Նա վիրաւորական արտայայտութիւններ է տեղում աշխատանքի վայրում իր ծառայութիւնն իրականացնող անվտանգութեան աշխատակցի հասցէին, ինչն, անշուշտ, քրէօրէն հետապնդելի է, եթէ ուրիշ բան չասենք: Ես իսկապէս զարմացած եմ այդ աշխատակցի համբերութիւնից, որ մինչեւ վերջ «կապը կտրած» Գասպարիին դիմում էր «յարգելիս», «քաղաքացի» բառերով: Մինչդեռ նա կարող էր տեղում արձանագրութիւն կազմել եւ Գասպարիի ձեռուոտը կապել ու յանձնել իրաւապահ մարմիններին` որպէս կուսակցական գրասենեակի վրայ յարձակում իրականացրած անձի: Նոյն անընդունելի արարքը Գասպարին իրականացրեց նաեւ ՀՅԴ կենտրոնի մօտ եւ, դարձեալ, այս անգամ կենտրոնի հերթապահ երիտասարդների զուսպ եւ վճռական գործողութիւնների շնորհիւ, ձեռնունայն, առանց հերթական սադրանքի հեռացաւ: Հիմա հարց եմ տալիս Գասպարի խաղացնողներին` դուք պատկերացնո՞ւմ էք, թէ ի՛նչ կանեն այդ մարդուն, եթէ նա համարձակուի ռուսական 102-րդ զօրամասի կազմում իր երկրի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին «տականք» անուանել, եթէ նա համարձակուի տականք անուանել Արցախում ռուսական հրասայլերով, հրանօթներով, ինքնաթիռներով ու միւս զէնքերով իր հողը պաշտպանող հայ հրասայլորդին, հրետանաւորին, օդաչուին, հետեւակայինին: Վստահեցնում եմ` Գասպարիից ընդամէնը խոնաւ հետք կը մնայ: Իրավիճակը շատ տարբեր չէ, երբ Գասպարիի միջոցով այդպիսի արարք են իրականացնում ազգային կուսակցութիւնների գրասենեակների մօտ` յանիրաւի մեղադրելով այդ քաղաքական ուժերին` Ռուսաստանին ծառայելու մէջ:

Այս ողջ պատմութեան մէջ խիստ կասկածելի է նաեւ իր տաղաւարներում Գասպարիի հետ երկար ու ձիգ հարցազրոյցներ անող «Ազատութիւն» ռատիոկայանի պահուածքը, որի նկարիչն ու լրագրողն այս անգամ կուսակցական գրասենեակներ տանող ճանապարհին կրնկակոխ հետեւում էին Գասպարիին եւ արձանագրում նրա ամէն մի քայլը, ամէն մի շարժումն ու խօսքը: Իմ 40-ամեայ լրագրողական կենսագրութիւնից, յիշում եմ, մէկ էլ Արտաշէս Գեղամեանն էր սեփական լրագրող ու նկարիչ քարշ տալիս հետը, որպէսզի ԱԺ-ում իր ճեպազրոյցները նկարահանէին: Ընդդիմադիր Գեղամեանին (այն ժամանակ նա թունդ ընդդիմադիր էր) մենք հասկանում էինք, նա ԶԼՄ-ներին մեղադրում էր իր խօսքը բովանդակութիւնից կտրելու, իր յայտարարութիւնները գլխիվայր ներկայացնելու մէջ: Հիմա ես ուզում եմ հասկանալ` ի՞նչ էր մտածում «Ազատութիւն»-ը, երբ հպարտ մենութեան մէջ այդպէս տրուել էր Գասպարիի խեղկատակութեան լուսաբանմանը: Ես իրաւունք ունե՞մ հարցնելու «Ազատութեան» գործընկերներիս` դուք զանգուածային լրատուամիջո՞ց էք, թէ՞ Գասպարիի յոյսին մնացած այն նոյն հիմնարկի գործակալ, որ փորձում է բառիս բուն իմաստով նսեմացնել մեր տարածաշրջանում ամենաազդեցիկ, մեզ հետ անվտանգութեան նոյն համակարգում ընդգրկուած երկրներից մէկին: Այս հարցը մի՛ ընդունէք որպէս լրատուամիջոցին լռեցնելու փորձ: Ինքս էլ լրագրող եմ, այն էլ` այնպիսի լրագրող, որ տեսել է իր թերթի փակումն ու խմբագրատան աւերումն այն մարդկանց ձեռքով, որոնց դուք ազատութեան ռահվիրաներ էք հռչակել: Պարզապէս վախեցէք գնահատականից, որ քաղաքական ուժերը կարող են տալ Գասպարիի հետ ձեր այս համատեղ ձեռնարկին եւ պոյքոթել ձեզ որպէս լրատուամիջոցի: Սրա նախադէպը կարող էք տեսնել Միացեալ Նահանգներում, աւելի ստոյգ, այդ երկրի նախագահի կողմից կազմուած «ֆէյք» լրատուամիջոցների ցանկում:

Ինչո՞ւ էր Գասպարին հետը պտտեցնում նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկարը: Այս հարցը, թերեւս, ճիշդ կը լինի տալ արարքի բուն կազմակերպիչներին, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` «Ազատութեանը», որպէս քաղաքականապէս հասուն լրատուամիջոցի: Գուցէ իսկապէ՞ս փորձ է արւում Քոչարեանին իրաւական հարթութիւնից տեղափոխել քաղաքական հարթութիւն, որպէսզի Լաւրովը մի յայտարարութիւն էլ Քոչարեանի մասով անի: Ռուսական կողմի քաղաքագէտներն արդէն իսկ իրենց ասելիքն ասել էին Քոչարեանի կալանաւորման կապակցութեամբ` նշելով, որ Քոչարեանը գործող նախագահ չէ, եւ դա, ըստ էութեան, Հայաստանի ներքին գործն է: Հիմա, ի՞նչ է, ուզում էք, որ Լաւրովը ուղղի՞ նրանց «սխալը»: Նպատակը ո՞րն է:

Եթէ արտաքին մարտահրաւէրների բերումով իրավիճակն այսքան լարուած չլինէր, կարելի կը լինէր, թերեւս, Գասպարիի «արարքը» համարել նախընտրական շրջանին բնորոշ մի ծիծաղելի եւ ճղճիմ փորձ` մրցակից կուսակցութիւնների վարկանիշին հարուածելու համար: Այդ դէպքում սա շատ լաւ առիթ կը լինէր ընդդիմադիր գործիչ Գասպարեանին խորհուրդ տալու` իր պահանջները իշխող քաղաքական ուժին ու Հայաստանի կառավարութեանը ներկայացնել, քանզի Լաւրովին նրանք են «զայրացրել»` կալանաւորելով, ապա գրաւի դիմաց ազատ արձակելով ՀԱՊԿ-ում ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթոլթենպերկի գործընկերոջը` Խաչատուրովին, որ ի լրումն իր բոլոր կոչումների ու պաշտօնների` նաեւ ազգութեամբ հայ է: Եւ, իսկապէս, ո՞րն է Դաշնակցութեան եւ ՀՀԿ-ի մեղքն այս հարցում, երբ մեր ՀՔԾ-ն, ինչպէս` յայտնի մուլտֆիլմի թեւատը, նախ մի բան անում է, յետոյ հարցնում ծնողներին` կարելի՞ է:

Շատ կը ցանկանայինք լսել նաեւ ընտրական գործընթացի աշխուժ մասնակից ՔՊ-ի եւ նրա դաշնակից ուժերի գնահատականը տեղի ունեցածին: Քաղաքապետի հմայիչ թեկնածու ունէք, վարչապետն էլ, քարոզարշաւը չսկսուած, ձեզ համար հանրահաւաք է կազմակերպում, էլ ի՞նչ ունէք մտահոգուելու: Ասել Գալուստ Սահակեանը` յաղթել պրծել էք: Եւ ուրեմն` դուխով: Գասպարիներին էլ դուրս գրէք, նրանց ժամանակներն անցել են, իսկ դուք էլ մի՛ մոռացէք, որ իշխանութիւն էք:

Իսկ վերջում մի այսպիսի հարց` Վարդգէս Գասպարիի խաղացանկում Միացեալ Նահանգներ եւ ԵՄ դրօշներով ներկայացումներ լինելո՞ւ են, արդեօք…

 

 

Տեսակէտ. Հայեացք Մը` Ֆրանսական Աշխարհիկութեան Վրայ

0
0

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր, 21-րդ դարու ընթացքին, երբ բազմաթիւ զարգացած պետութիւններ ունին աշխարհիկ սահմանադրութիւններ, որոնք անջատած են պետական համակարգը կրօնէն, իսկ որոշ պետութիւններ ալ գիտակցելով, որ կրօնի մխրճումը քաղաքական կեանքին մէջ պիտի ստեղծէ բաժանում հասարակութեան մէջ, արգիլած են կրօնական հաստատութիւններու միջամտութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ եւ` հակառակը (քաղաքական գործիչներու ելոյթները` կրօնական հաստատութիւններուն մէջ):

Հայաստանը, որ այսօր կը թեւակոխէ զարգացման ուղին եւ կը նշէ պետականութեան վերականգնման 100-ամեակը, պէտք է նաեւ ժառանգէ Ա. Հանրապետութիւնը յատկանշած աշխարհիկ դիմագիծը:

Հայաստանը, իբրեւ անկախ հանրապետութիւն մը, որուն անկախութեան վերականգնումէն անցած է 27 տարի, կարիք ունի ուսումնասիրելու աշխարհիկութեան յաջող փորձերը եւ, ըստ կարելւոյն, հայկականացնէ զանոնք: Աշխարհիկութեան ամէնէն յաջող փորձերէն կրնանք նկատել Ֆրանսայի փորձը, մանաւանդ որ անիկա դարձաւ նաեւ աշխարհիկութեան հայրենիքը:

Բայց` ինչո՞ւ Ֆրանսան:

Ֆրանսան, որ ներկայիս ծանօթ է իր լայնամտութեամբ, ազատամտութեամբ ու քաղաքացիական լայն ազատութիւններով, ծաւալուն հակամարտութիւն ունեցած է պատմութեան ընթացքին: Հակամարտութիւն մը, որ կ՛ընդգրկէր` ձախը ընդդէմ աջին, յեղափոխականը ընդդէմ յետադիմականին եւ յառաջդիմականը ընդդէմ պահպանողականին:

Յիշեալ հակամարտութեանց մեկնակէտի թուականը հանդիսացաւ 1789-ը, երբ պայթեցաւ Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութիւնը` զինուելով Ժան-Ժաք Ռուսոյի, Շարլ Լուի Մոնթեսքիոյի,Վոլթերի եւ Տենի Տիտրոյի գաղափարներով:

Ֆրանսական յեղափոխութիւնը վերջ դրաւ առանձնաշնորհեալութեան (ներառեալ` կղերականութեան առանձնաշնորհումներուն: Կղերականները այն ժամանակ մաս կը կազմէին համակարգին, քանի որ հողերուն 6 առ հարիւրը եկեղեցւոյ սեփականատիրութիւն էր, եւ վերջինս այդ հողերէն կը ստանար մուտք, իսկ պետութեան տնտեսութիւնը այն ժամանակ կը գտնուէր ընկրկումի մէջ), եւ յեղափոխական մարմինները յաջողեցան որդեգրել այնպիսի որոշումներ, որոնք ֆրանսական համակարգը աշխարհիկի վերածեցին, ինչ որ կը գոյատեւէ մինչեւ օրս: Այդ ժամանակ որդեգրուած հիմնական սկզբունքներն էին` խղճի ազատութիւն, եկեղեցական տուրքի ջնջում եւ պետականացում բոլոր այն գոյքերուն, որոնցմէ եկեղեցին եկամուտ կը ստանար: Հետագային աշխարհիկութիւնը զարգացաւ 1882-ին Ժիւլ Ֆերիի վարչապետութեան ընթացքին, երբ ան կրթութիւնը դարձուց ձրի եւ աշխարհիկ, աւելի՛ն, ան ստեղծեց աշխարհիկ ուսուցչական եւ կրթական մարմիններ` այսպիսով հիմքը դնելով ներկայ Ֆրանսական կրթական համակարգին:

Կ՛արժէ աւելի կեդրոնանալ 1905-ին (յեղափոխութեան ժամանակ աշխարհիկ էր Ֆրանսան, սակայն 1801-ին Նափոլէոնը վերահաստատեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարգավիճակը` իբրեւ պետական կրօն) Ֆրանսական խորհրդարանին որդեգրած «Եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժանման» օրինագիծին վրայ: Մանաւանդ` այն կէտերը, որոնք կ՛արգիլեն կրօնի միջամտութիւնը քաղաքականութեան մէջ եւ` հակառակը: Օրինագիծին 26-րդ յօդուածը կը նշէ. «Արգիլուած են քաղաքական հաւաքները այն հաստատութիւններուն մէջ, ուր կը կատարուին աղօթքներ»: Այսպիսով, եկեղեցիներուն եւ վանքերուն մէջ ոեւէ մէկը, ըլլայ քաղաքական գործիչ թէ կղերական, իրաւունք չունէր միջամտելու քաղաքական հարցերու, եւ ասիկա հաստատուած է ըստ սահմանադրութեան: Օրինագիծին 29-րդ եւ 35-րդ յօդուածները  կղերականութիւնը ուղղակիօրէն պատասխանատու կը նկատեն այս գծով սահմանադրութեան որեւէ կէտի խախտման: Սահմանադրութեան առաջին յօդուածը կը նշէր, որ` «քահանաները պատասխանատուութեան առջեւ կը գտնուին հնազանդելու այս հսկողութիւններուն», իսկ երկրորդը կը հաստատէր «քրէական պատիժներ կղերականներուն` հրահրիչ յայտարարութիւններու համար»: Այսպիսով, պետութիւնը (սահմանադրութեամբ) նաեւ կը ստանձնէր դիտորդի դեր` հսկելու համար կղերականներուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն հեռու մնալը քաղաքական կեանքէն, իսկ միւս կողմէ ալ քաղաքական գործիչներուն կ՛արգիլէր օգտագործել կրօնը` իբրեւ քաղաքական գործիք եւ կը քրէականացնէր բոլոր անպատասխանատուութիւնները:

Անշուշտ պիտի գտնուին անհատներ, որոնք սահմանադրական այս կանոնները պիտի նկատեն «բռնատիրական», «կրօնական ազատութիւններ խանգարող» եւ այլն: Նոյն այդ անհատները կ՛անտեսեն սահմանադրութեան մէջ գտնուող կրօնական ազատութեան իրաւունքը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր անհատի իրաւունք կը տրուի ազատօրէն մասնակցելու կրօնական արարողութիւններուն եւ ազատօրէն արտայայտելու իր կրօնական համոզումները:

Կրօնական հաստատութիւնները անջատելով պետութենէն` պետութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն հաւասարօրէն իրաւունք տուած կ՛ըլլայ կրօնական ազատութեան: Բարեբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկն է այն պետութիւններէն, որոնք իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ ունին այն կէտը, որ կը բաժնէ պետական համակարգը կրօնական հաստատութիւններէն:

Ներկայիս, երբ որոշ ուղղուածութիւն կայ օգտագործելու կրօնը քաղաքական շահերու համար, կարիքը կայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ աւելցուի յօդուած մը, որ կ՛արգիլէ կղերականութեան միջամտել քաղաքականութեան մէջ եւ միւս կողմէ ալ կ՛արգիլէ քաղաքական գործիչներուն` օգտագործել կրօնը:

 

 

Կանգ Առնելու Ժամանակը

0
0

ՎԱՐԴԱՆ Զ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ոմանք վերջին շրջանում Հայաստանում տեղի ունեցողը որակում են իբրեւ արդարադատութեան իրագործում, իսկ ուրիշների կարծիքով էլ, ընդհակառակը, գործւում են նոր սխալներ: Մենք հասել ենք մի տեղ, երբ այլեւս էական չէ, թէ ո՛ր տեսակէտի կրողներն են մեծամասնութիւն կազմում, որովհետեւ հարցը այլեւս տեղափոխուել է լուծումների այլ հարթակ:

Կալանաւորուել է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռ. Քոչարեանը: Կ՛ասեն` յետոյ ի՞նչ: Օրէնքի առջեւ բոլորը հաւասար են: Չեմ ժխտում` հաւասար են:

Մինչեւ Ռ. Քոչարեանին կալանաւորելը, ընդհանուր առմամբ, պայքար էր տարւում փտածութեան դէմ կամ գոնէ այդպէս էր ընկալւում նոր իշխանութիւնների ծաւալած ձերբարշաւը: Բնական է, որ փտածութեան դէմ տարուող իրական պայքարը միայն ողջունելի է, որովհետեւ գաղտնիք չէ, որ փտածութիւնը մեր երկրում (ըստ էութեան` առհասարակ յետխորհրդային տարածքի երկրներում) հասել էր ահռելի չափերի: Պետականութեան համար վտանգ ներկայացնող չափերի: Հետեւաբար, փտածութեան դէմ պայքարը, որը «թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան» առաջնորդների հրապարակային հիմնական խոստումներից է, ինչ խօսք, անհրաժեշտութիւն է, եւ դժուար թէ ոեւէ մէկը յանդգնի դրան դէմ խօսել, եթէ նոյնիսկ այն հակառակ է իր անձնական շահերին: Բայց այս մէկն այլ բան է: Կալանաւորուել է երկրի նախկին նախագահներից մէկը եւ կալանաւորուել է չափազանց լուրջ` երկրի «սահմանադրական կարգը» տապալելու մեղադրանքով: Այն կարգը, որի երաշխաւորը լինել նա երդուել էր Հայաստանի նախագահի պաշտօնը ստանձնելիս: Ռ. Քոչարեանը անկախ Հայաստանի առաջին ղեկավարն է, որին «սահմանադրական կարգը» տապալելու ծանրագոյն մեղադրանք է ներկայացւում եւ կալանաւորւում է: Ի հարկէ, համաշխարհային պատմութեան մէջ երկրի ղեկավարի նկատմամբ դատավարական գործընթաց սկսելու նախադէպեր եղել են, բայց Հայաստանում նա կը լինի առաջին ղեկավարը, որը կարող է դատապարտուել այդպիսի մեղադրանքով, եթէ, ի հարկէ, մեղադրանքն ապացուցուի: Հասկանալի է` ժողովրդի մի մեծ հատուած դժգոհ է եղել բոլոր նախագահներից` Լ. Տէր Պետրոսեանից, Ռ. Քոչարեանից, Ս. Սարգսեանից, քանի որ նախագահական համակարգ ունեցող երկրներում պարզ քաղաքացու գիտակցութեան մէջ իշխանութիւնը նոյնանում է նախագահի կերպարի հետ: Եւ ահա, Հայաստանի անկախ պետականութեան վերջին քսան տարուայ ընթացքում (սկսած 1996-ից) առաջին անգամ հնարաւորութիւն է ստեղծուել, որ ժողովրդի դժգոհ մասն իրեն բաւարարուած զգայ: Ինձ կը հարցնեն` իսկ գոհ մաս կա՞յ: Նկատի ունենալով ապրիլին տեղի ունեցածը` այս հարցին պատասխանելը դժուար է: Բայց մի բան պարզ է` դժգոհութեան չափերը եւ բնոյթը տարբեր են լինում: Բոլորը նոյն կերպ չեն արձագանգում իրավիճակին եւ պատրաստ չեն նոյն գինը վճարելու իրենց դժգոհութեանը յագուրդ տալու համար, որովհետեւ նոյնը չեն հասարակութեան մէջ առկայ արժեհամակարգերը:

Ռ. Քոչարեանի կալանաւորումը ոմանք (օր.` ՀՀՇ-ական կամ Հայ ազգային քոնկրեսի վերնախաւը, որ գրեթէ նոյն բանն է) հրճուանքով դիմաւորելու պատճառ ունեն, որովհետեւ նաեւ Ռ. Քոչարեանի ջանքերով են իշխանութիւնը կորցրել 1998-ին եւ չեն կարողացել ետ բերել յաջորդող քսան տարիների ընթացքում: Ի հարկէ կարելի է հասկանալ Հայաստանի շարքային քաղաքացուն, որը նոյնպէս մեղաւորներ է փնտռում նշուած ժամանակահատուածում իր կրած դժուարութիւնների, ինչու չէ` նաեւ զրկանքների համար: Վերջապէս, կարելի է հասկանալ նաեւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներին եւ յատկապէս Հայաստանից արտագաղթածներին, որոնցից շատերը իրենց արտագաղթելը հիմնաւորում են Հայաստանում տիրող անազատ մթնոլորտով: Այժմ կարծես թէ մթնոլորտը ազատ է, տեսնենք, թէ նրանցից քանիսը ետ կը վերադառնան: Եւ բնական է, որ այդ բոլոր դժգոհութիւնների թիրախը նախկին իշխանութիւններն էին, որոնցից ես նոյնպէս գոհ չեմ եղել:

Այլ հարց է, թէ հնչող դժգոհութիւնների ո՛ր մասն է առարկայական: Տուեալ դէպքում` որն է Ռ. Քոչարեանի` իբրեւ 1998-2008 թթ. Հայաստանի նախագահի մեղքի չափաբաժինը այդ տարիներին Հայաստանի քաղաքացու կրած դժուարութիւնների համար: Եւ արդեօ՞ք մէկ ուրիշի ղեկավարման դէպքում վիճակը կարող էր աւելի լաւ լինել: Ոչ ոք չի կարող ժխտել, որ Հայաստանում տնտեսական առումով ամէնից լաւ վիճակը եղել է հէնց Ռ. Քոչարեանի պաշտօնավարման տարիներին:

Սակայն Ռ. Քոչարեանին այլ մեղադրանք է ներկայացուել` «սահմանադրական կարգի» տապալում, որի ընթացքում զոհուել է Հայաստանի տասը քաղաքացի: Այլ կերպ ասած` Ռ. Քոչարեանը համարւում է «մարտիմէկեան» դէպքերի գլխաւոր պատասխանատուն: Սակայն Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան կողմից այդ առնչութեամբ տարածուած տեղեկատուութեան մէջ «սահմանադրական կարգի տապալման» ոչ մի հիմնաւորում չի բերւում: Հետեւաբար, գոնէ այդ տեսքով այն մերկապարանոց յայտարարութեան տպաւորութիւն է թողնում: Վերջին երեք ամիսների ընթացքում ելեկտրոնային կայքերում պարբերաբար տեղադրւում են «մարտիմէկեան» դէպքերը ինչպէս իշխանամէտ (նախորդ), այնպէս էլ ընդդիմադիր (դարձեալ նախորդ) դիրքերից լուսաբանող տեսանիւթեր: Այդ տեսանիւթերի համադրումից ստացուող տպաւորութիւնը միանշանակ չէ: Հետեւաբար, գոնէ ինձ համար միանշանակ չէ նաեւ, որ Ռ. Քոչարեանը կամ օրուայ իշխանութիւնը տասը զոհերի միակ պատասխանատուն է: Ռ. Քոչարեանը պատասխանատու կարող է դիտուել որպէս գործող ղեկավար, որի պաշտօնավարման ընթացքում զոհուել են ցուցարարներ` Հայաստանի քաղաքացիներ: Սակայն նշուած տեսանիւթերից իմ ստացած տպաւորութեամբ զոհուածների ճակատագրի համար ոչ պակաս պատասխանատուութիւն է կրում նաեւ օրուայ քաղաքական ընդդիմութիւնը` իր առաջնորդի գլխաւորութեամբ, որը հասարակութիւնը պատնէշի վերածեց բառիս ուղղակի ու փոխաբերական իմաստներով եւ իր համակիրներին մղեց պետական մեքենայի հետ կոշտ հակադրութեան: Ովքեր 1996-ի նախագահական ընտրութիւններում եղել են ընդդիմութեան ճամբարում, կը յիշեն, որ այն օրերին նոյնպէս եղել է կոշտ ուժի դրսեւորում (ընդդիմութեան ընտրազանգուածի ներխուժումը Ազգային ժողովի շէնք), բայց չեղան զոհեր, չնայած որ Աժ-ի տարածքում եղան կրակոցներ: Մեզ կ՛ասեն` որովհետեւ այն օրերի իշխանութիւնները չկրակեցին ժողովրդի վրայ: Իսկ ես կ՛աւելացնեմ` ոչ միայն: Որովհետեւ ընդդիմութեան օրակարգում չկար ուժային հակադարձման բեմագրութիւն, իսկ տեղի ունեցածը տարերային բնոյթ ունէր` չնայած հետագայում շրջանառուող տարաբնոյթ խօսակցութիւններին: 1996-ի ընդդիմութեան առաջնորդների մի մասին դատապարտեցին տարբեր ժամկէտներով ազատազրկման, սակայն կալանավայրից դուրս գալուց յետոյ նրանցից ոչ ոք չմտածեց վրէժխնդրութեան մասին, որովհետեւ հասկանում էին, որ չի կարելի երկիրը ներքաշել անձնական պարզաբանումների (ռազբորկաների) յորձանուտը: Որովհետեւ նրանք մեր նոր պետականութեան ակունքներում կանգնած մարդիկ էին եւ պետական շահը վեր էին դասում անձնականից:

Ակնյայտ է, որ Ռ. Քոչարեանին ներկայացուած մեղադրանքն ունի քաղաքական (թերեւս` նաեւ ենթակայական) շարժառիթներ: Հետեւաբար պէտք չէ միամիտ լինել եւ մտածել, թէ նրա կալանաւորումը հայրենի «անկախ» դատական իշխանութիւնների նախաձեռնութեան դրսեւորումն է, ինչպէս որ փորձում են մատուցել բարձրաստիճան պետական այրերը: Մեր դատական իշխանութիւններն իրական անկախութիւնից դեռեւս այնքան հեռու են, որքան, մեծ բանաստեղծի խօսքերով ասած, «մինչեւ մարդը` իր ճամբան»: Իսկ դա նշանակում է, որ մեր իսկ ձեռքերով մեր իսկ երկիրը մղում ենք ներքաղաքական ալեկոծումների յորձանուտը, որից, համոզուած եմ, կարող է շահած դուրս գալ միայն օտարը, միայն մեր թշնամին, որը միշտ սպասում է ջրի պղտորուելուն: Պետական շահը մասնաւոր շահին ստորադասելու փորձերը մեծ հաշուով դատապարտուած են, բայց կարճ ժամանակի մէջ դրանք կարող են աւերիչ ազդեցութիւն ունենալ: Դա է վկայում պատմութիւնը` ինչպէս մեր, այնպէս էլ այլ ժողովուրդների: Քաղաքական վիպապաշտութիւնը չշփոթենք ազգային վիպապաշտութեան հետ: Առանց ազգային վիպապաշտութեան` չի կարող լինել ազգային ազատագրական պայքար: Հետեւաբար չի կարող ձեւաւորուել նաեւ ազգային գաղափարախօսութիւն:

Մ. Նալբանդեանը, Ռ. Պատկանեանը, Րաֆֆին, Գ. Արծրունին, Ք. Միքայէլեանը, Ս. Զաւարեանը եւ էլի ուրիշներ 19-20-րդ դարերի հայ ազգային վիպապաշտութեան վառ ներկայացուցիչներն էին, առանց որոնց երազած արժէքների` դժուար է պատկերացնել մեր ազգային պայքարը յանուն ազատ հայրենիքի: Քաղաքականութեան մէջ պիտի գերակայի գործնապաշտութիւնը: Քաղաքական վիպապաշտութիւնը (եթէ մի պահ ընդունենք, որ տեղի ունեցողը նաեւ քաղաքական վիպապաշտութեան տարրեր է պարունակում) դատապարտուած է, որովհետեւ քաղաքական վիպապաշտութիւնը տոնքիշոթութիւն է: Քանի որ «թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդները օտարների պատմութեանը աւելի լաւ են տիրապետում, քան` սեփական ժողովրդի պատմութեանը, օրինակներ բերենք օտարների քաղաքական պատմութիւնից: Այսպէս, Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան (1789 թ.) առաջնորդներից Մաքսիմիլան Ռոպեսփիերը, որն իր փոխհամաձայնութեան չգնալու վարքագծի համար ստացել էր Անկաշառ մականունը, զոհ գնաց նոյն կիյոթինին, որի տակ թռչում էին ուրիշների գլուխները Ֆրանսայի Մեծ ժողովում նրա արտասանած իւրաքանչիւր ճառից յետոյ: Ուինսթըն Չըրչիլը, որը եղել է Մեծն Բրիտանիայի ամէնից ազդեցիկ վարչապետներից մէկը, Բ. Աշխարհամարտից յետոյ Փոցտամի խորհրդաժողովում (1945 թ.) աշխարհի վերաբաժանման վճռորոշ պահին ստիպուած եղաւ լքել խորհրդաժողովը, որովհետեւ նրա կուսակցութիւնը պարտուել էր խորհրդարանական ընտրութիւններում:

Պատերազմում յաղթող կողմի կուսակցութիւնը պատերազմից անմիջապէս յետոյ պարտութիւն էր կրել ներքաղաքական կեանքում: Արդա՞ր էր բրիտանացիների վերաբերմունքը Չըրչիլի կառավարութեան նկատմամբ, թէ՞ ոչ, դժուար է ասել, բայց մի բան պարզ է. ժողովրդին չեն դատում, ժողովուրդն է դատում: Իսկ ժողովուրդը չափանիշներ չունի: Մէկ օրինակ էլ` մեր ոչ հեռաւոր անցեալից. 1920 թ. դեկտեմբերի 2-ի պայմանագրով Հայաստանում իշխանութիւնը պոլշեւիկներին յանձնելուց յետոյ, ըստ Ս. Վրացեանի, ժողովուրդը առանձնապէս ծանր չտարաւ անկախութեան կորուստը: Աւելի՛ն. ծանր չտարաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան ներկայացուցիչների ձերբակալութիւնները: Գործիչներ, որոնք մեծ ծառայութիւն ունէին նոյն ժողովրդին ցեղասպան թուրքից պաշտպանելու, նրան հայրենիք պարգեւելու, նրա մշակոյթի եւ գրականութեան զարգացման գործում: Այլ կերպ ասած` գործիչներ, որոնցից շատերը հայ ժողովրդի երախտաւորներից են (Յ. Քաջազնունի, Հ. Օհանջանեան, Ն. Աղբալեան, Լ. Շանթ, խմբապետ Համազասպ եւ ուրիշներ): Ժողովուրդը ծանր չտարաւ, որովհետեւ եկողը ռուսն էր, թէկուզեւ` պոլշեւիկ ռուսը, որը իրեն խոստանում էր ֆիզիքական եւ նիւթական ապահովութիւն: Բայց երբ նոր իշխանութիւնները չկատարեցին իրենց խոստումները, նոյն ժողովուրդն ըմբոստացաւ նրա դէմ եւ տապալեց պոլշեւիկեան վարչակարգը (1921 թ. Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութիւնը): Կարծում ենք` այսքանն էլ բաւարար է, որպէսզի «օրինականութեան ամէնից բարձր աստիճան ունեցող» նորօրեայ իշխանութիւնները որոշ իրատեսական եզրակացութիւններ անեն:

Արդարադատութիւնը չի կարող ընտրովի լինել, իսկ այսօր այն ընտրովի է: Մեր երկրում անարդարութիւնը 1998-ից չի սկսւում, այլ երկու տարի աւելի վաղ` 1996-ից: 1998-ին տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը 1996-ի տրամաբանական զարգացումն էր, որովհետեւ ղարաբաղեան հիմնահարցով իշխանութեան եկած քաղաքական ուժը փորձում էր ամէն գնով թօթափել այդ «բեռը»: Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցում նա այսօր էլ չի վերանայել իր պատկերացումները, իսկ «թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդները, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան կուսակցութեան» հոգեզաւակներն են եւ առնուազն ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման առումով դեռեւս վստահութիւն չեն ներշնչում:

Խիստ վիճայարոյց էին նաեւ 1996-ի նախագահական ընտրութիւնների արդիւնքները: Աւելի՛ն` 1995-ի խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքները:

Ուրեմն, եթէ իսկապէս արդարադատութիւն իրականացնելու ցանկութիւն կայ, եկէք` մի քիչ էլ ետ գնանք եւ սկսենք 1995-ից: Եկէք` տեսնենք, թէ մեր պետականութեան նաւը ո՛ւր կը տանի այսօրինակ պարզաբանումների ճանապարհը:

Իրատես քաղաքական եւ պետական գործիչը պիտի զգայ ոչ միայն գործելու ժամանակը (պիտի խոստովանել` նորերը դա զգացին), այլեւ` կանգ առնելու ժամանակը (սա առայժմ չի նկատւում): Կարծում եմ` կանգ առնելու ժամանակն է: Այսօր ժողովրդի անունից խօսելը ապագայում չի ազատի պատասխանատուութիւնից: Նո՛յն ժողովրդի առջեւ պատասխանատուութիւնից: Յիշէ՛ք, ժամանակն է ամէնից մեծ դատաւորը:

02/08/2018 թ.

Ակնարկ. Չբաւականանանք Էշն Ու Փալանը Ծեծելով

0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շատեր վկայած են, որ Հայաստանը հրաշալի երկիր է: Այս օրերուն կը պատահին դէպքեր, որոնք շեշտը կը դնեն բառին առաջին արմատին վրայ, կը փաստեն, որ մեր հայրենիքը ՀՐԱՇՔի՛ երկիր է:

Նորագոյն հրաշքը պատահեցաւ երկու օրուան մէջ. ՀԱՔ-ի մէկ անդամը` Զոյա Թադեւոսեան, նախ ամենայն ինքնավստահութեամբ խօսեցաւ Ազրպէյճանէն հայերուս «գրաւած հողերը» վերադարձնելու հրամայականին մասին, քննադատողներէն հակառակին փաստը պահանջեց, երկու օր ետք, ո՜վ հրաշք, խոստովանեցաւ, որ սխալեր է եւ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրեց կոպիտ սխալին համար, թէեւ անգամ մը եւս ինքնարդարացումի փորձ կատարեց` հաւաստելով, որ ինք միայն համանախագահներուն դիրքորոշումը կ՛արտայայտէր, սակայն չարամիտ սեղանակիցներն ու լրագրողները զինք անընդհատ խանգարած են: Տակաւին, ան ինքնարդարացումի այլ փորձեր ալ ըրաւ` ըսելով, որ ինք ձեւով մը ձայնակցած էր պետական նախկին առաջատար մարդոց նոյնիմաստ տեսակէտներուն ու միջազգային բանակցութեանց սեղաններուն դրուած բանաձեւերուն:

Մեղաւո՞ր ենք, եթէ կասկածինք եւ ըսենք, որ մեղայականը ստորագրողը մամլոյ ասուլիսին ժապաւէնը անգամ մը եւս չէ դիտած զղջումնագիրէն առաջ:

(Ի դէպ, սխալած ըլլալու մասին խոստովանանքը սկսած է նորաձեւութեան վերածուիլ հայրենի քաղաքական բեմին վրայ. կը յիշէք, չէ՞, Սերժ Սարգսեանն ալ, Նիկոլ Փաշինեանին հետ իր պատկերասփռուած կարճատեւ տեսակցութենէն 24 ժամ ետք խոստովանեցաւ, որ ինք սխալեր էր: Երանի թէ այս մշակոյթը տարածուի քիչ մը ամէն տեղ…):

Եթէ սխալը խոստովանիլը առաջին հրաշքն էր, ակնդիր եղանք նաեւ երկրորդ ու շատ աւելի մեծ հրաշքի մը: Զոյա Թադեւոսեանը յայտնեց, որ այս օրերուն աւելի խորութեամբ ծանօթացեր է պատմական փաստերուն, իմացեր է, որ խնդրոյ առարկայ հողերը պատմականօրէն հայկական են, անոնց ազատագրման համար ահագին արիւն թափեր ենք, եւ յանկարծ անցաւ… յարձակողականի եւ վճռեց. արիւնով ազատագրեալ հողերը բանակցութեան սեղանին դնողները պէտք է ծանրագոյն պատիժին ենթարկուին:

Լա՞լ, թէ՞ խնդալ: Զոյա խանումը երեք օր առաջ չէ՞ր գիտեր, թէ ինչի՞ մասին կը խօսէին ինք ու սեղանակիցները: Յետոյ, ինչպէ՞ս պատահեր է, որ մինչեւ հիմա չգիտցածը երկու օրուան մէջ ա՛յդքան խորաթափանց կերպով ուսումնասիրեր է ու ահա կը միանայ արդարութիւն հետապնդողներու բանակին:

Եթէ հաւատանք արագ հոգեփոխութեան ու քանի մը օրուան մէջ իմաստնանալու այս կնոջ հաւաստիքներուն, մեր միտքին մէջ նախ կը ծագի հետեւեալ հարցումը. ՀԱՔ-ի այս անդամը (շա՜տ ու շա՛տ ուրիշներու պէս) մինչեւ երէկ լուսնի վրա՞յ կը գտնուէր, թէ՞ զինք պէտք է կոչենք «Փոքրիկ իշխանուհի»` հետեւողութեամբ աշխարհահռչակ մանկագիր Անթուան Տը Սենթ Էկզուփերիի «Փոքրիկ իշխան»-ին, որ այլ մոլորակներ շրջապտոյտի ելած էր, եւ ահա յանկարծ, առանց անկարգելի կ՛իջնէ Երեւանի քաղաքական բեմ: Ծիծաղելի երեսն ալ հոն է, որ չքմեղանքը կը յիշեցնէ այն անեկդոտը, ուր թագաւորը իր ծաղրածուէն կը պահանջէ գործել շատ մեծ յանցանք մը, յետոյ տայ չքմեղանքի այնպիսի բացատրութիւն մը, որ աւելի մեծ յանցանք ըլլայ (ընթերցողս հաւանաբար լաւ ծանօթ է անեկդոտին եւ գիտէ, թէ ինչո՛ւ կարելի չէ մանրամասնութիւնները հոս պատմել):

 

***

 

Մեր նպատակը Զոյա Թադեւոսեանը ծիծաղի ու քաշքշուքի առարկայ դարձնել չէ, մանաւանդ որ մասամբ քաւեց իր յանցանքը, քաջութիւնը ունեցաւ սխալած ըլլալը խոստովանելու:

Եթէ լրջանանք, կ՛անդրադառնանք, որ հարցը շա՛տ աւելի խորունկ է եւ անցեալին ալ յաճախ քննարկուած է, նման արտայայտութիւն ունեցողներ ենթակայ դարձած են արդար քննադատութիւններու, բանաւոր ռմբակոծումներու: Եւ սակայն, մեր հայրենիքին մէջ, նաեւ` քիչ մըն ալ դուրսերը, տակաւին կան մտածողներ, որ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանին զիջումներ ընելով` Հայաստան, Արցախ եւ ընդհանրապէս հայերս կրնանք խաղաղ ապրելու երաշխիքներ ձեռք բերել: Մէկ խօսքով, չեն գիտեր անողոք պատմութիւնը կամ կը փորձեն ուրիշ կողմ նայիլ…

Հազարերո՛րդ անգամ ըլլալով կրկնենք, որ մենք Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն ԱՌՆԵԼԻՔ ՀՈ՛Ղ եւ հազար ու մէկ իրաւո՛ւնք ունինք, հարիւրամեայ պարտամուրհակնե՛ր ունինք մեր ձեռքին, տալիք բան չունի՛նք: Եթէ այս ճշմարտութիւնը` պատմութենէն եկող եւ արիւնով արձանագրուած ճշմարտութիւնը տակաւին տեղ չէ գտած մեր վերնախաւի կարգ մը իմաստակներուն ուղեղին ու քաղաքական մտածողութեան մէջ, պէտք է լրջօրէն մտահոգուինք եւ արտաքին ճակատին վրայ մեր Դատն ու իրաւունքները հետապնդելու չափ` նմաններուն քարոզենք այս իրականութիւնը, յիշեցնենք, որ երթան, լաւ ուսումնասիրեն մեր գոնէ վերջին 100 տարիներու պատմութիւնը, Արցախի ազատամարտն ու ցարդ շարունակուող պաշտպանական ճակատումները, աչքերը բանան, տեսնեն եւ խոստովանին, որ պատմութիւնը «կեղծ քաթակորիա» չէ: Զոյաներուն նման մեր պատմութեան ու աշխարհագրութեան ծանօթ չեղողները կը կանգնին անխուսափելի հրամայականի առջեւ: Իսկ պատմական ճշմարտութեանց իրազեկ դարձողն ու համոզուողը նաեւ պէտք է անդրադառնայ, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ բանակցելու հայութեան նորովի պատրաստակամութիւնն ալ նորութիւն չէ, անիկա անցեալին յաճախ փորձուած է, մինչեւ իսկ «փրոթոգոլներու քաղաքականութիւն» մը ճամբայ ելած է մօտաւորապէս տասը տարի առաջ, այդ ընթացքին սնանկութեան փաստ ալ մեր գրպանին մէջ ունինք արդէն, հիմա դարձեալ մեր աչքերը բացած ենք, պէտք է նաեւ ուղեղնե՛րը բանանք, որ Անգարայի ու Պաքուի երէկի ու այսօրուան վարիչները բոլորովին տարբեր տրամաբանութիւն ունին, անոնց միտքէն չէ ելած ուժի գործածութիւնը, վկայ` Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ ամէնօրեայ ոտնձգութիւնները, անվերջ սպառնալիքները, որոնք միայն լրատուական պատուհաններուն չեն պատկանիր, ամէն ճիգ կ՛ընեն մոռացութեան մատնելու եւ քողարկելու իրենց ոճրային ու անիրաւ վարմունքը. անոնց բանաւոր արտայայտութիւններն ալ, սպառազինումներու զուգահեռ, կը մատնեն այն դիտաւորութիւնը, որ Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց դրացնութենէն դուրս նետելու եւ մեր ԲՈԼՈՐ ՀՈՂԵՐՈՒՆ տիրանալու քաղաքականութիւնը մշտարթուն է:

Եթէ բանակցութեան սեղան նստող մեր պաշտօնական ներկայացուցիչները անկեղծօրէն ըսեն մեր ժողովուրդին, որ մեզմէ վեր ուժեր ամէն ձեւով մեզի կ՛ուզեն պարտադրել, որ Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն առնելիք չունին, մեր ժողովուրդն ալ կը հասկնայ, որ  աւելի՛ ուժեղ կերպով պէտք է կանգնի անոնց կողքին` յայտարարելու, որ մեր իրաւունքներէն զիջելու տրամադիր չենք, չի մատնուիր զիջողական-անզիջողի երկընտրանքին դիմաց կանգնելու վիճակին: Այդպէս չեն ըներ ու պատճառ կ՛ըլլան անիմաստ երկփեղկումներու, անտեղի ու վնասակար տարակարծութիւններու: Մինչդեռ մեր ազգային եւ հողային իրաւունքներուն, անվճար մնացած պարտամուրհակներուն նկատմամբ հայութիւնը չի կրնար երկու տեսակէտ ունենալ: Մեր պահանջատիրութեան մէջ միաձայն են հայութեան բոլոր հատուածները` Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը: Ցեղասպանութենէն ետք, Սարդարապատի մէջ թէ Արցախի, այս պահանջատիրութիւնը ամրագրած ենք արիւնով ու թանկագին զոհերով:

Ուրեմն, պէտք է վերջ դնենք մենք մեզի հետ «տուն-տուն խաղալու» մանկամիտ մօտեցումին եւ մեր դիւանագիտութիւնն ու քաղաքական կապերը վարենք այնպիսի հասունութեամբ ու տարածքով, որ ո՛չ միայն կարողանանք հակակշռել Պաքու-Անգարա դաւադիր սադրանքները, այլեւ անոնց ու համախոհներուն երեսին զարնենք ճշմարտութիւնը, զանոնք կանգնեցնենք արդարութեան պատին դիմաց, ապա յառաջ շարժինք մեր հողային եւ ազգային, պատմական իրաւունքներուն տիրացման ճամբուն վրայ:

Պարզ բառերով` մեր այս տողերուն նպատակը իշուն փալանը ծեծել չէ, այլ էշն ալ ծեծելէ ետք, մեր իրաւունքներուն կառքը յառաջ մղելն է: Չմոռնանք նաեւ արաբական այն առածը, որ կ՛ըսէ` «Կրկնելով` էշն ալ կը սորվի…»:

4 օգոստոս 2018

 

Ակնարկ. Հաւասարակշռումի Եւ Ընտրութիւններու Արդիւնքի Համատեղումը

0
0

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք ամիս անց` տակաւին անորոշ կը մնայ կառավարութեան կազմութեան ճակատագիրը: Մագոգային հանդիպումներ, յայտարարութիւններ, առաջադրանքներ, համալիբանանեան մօտեցումի ընդգծումներ, այսուհանդերձ տեղապտոյտի մէջ գտնուող ապարդիւն եռուզեռ, որ չի յաջողիր կազմութեան մեկնարկի համար փակուղիէն ելքի ճանապարհը հարթել:

Հանգոյցը առաւելաբար ներլիբանանեան առումով կեդրոնացած կը թուի նախ եւ առաջ ներքրիստոնէական եւ ապա ներտիւրզիական անհամաձայնութիւններու, յատկապէս իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի վերապահելի չափաբաժիններու ճշդումի առեւտուրով յատկանշուած:

Տեսականօրէն խնդիրը կեդրոնացած է հաւասարակշռուած կառավարութեան ու խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ նախարարական չափաբաժիններու ճշդումի երկուութեան վրայ:

Տրուած ըլլալով, որ այս երկրին մէջ քաղաքագիտական ժողովրդավարութեան համապատասխան չեն ընթանար խորհրդարանական ընտրութիւն-կառավարութեան կազմութիւն գործընթացները, հետեւաբար ամէն ինչ քաղաքական առեւտուրի հիման վրայ կայացած համաձայնութիւններով կը ճշդուի: Այլ խօսքով, ընթացիկ հասկացողութեամբ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնութիւն ապահոված ուժը կը կազմէ կառավարութիւն. եթէ չունի կայուն մեծամասնութիւն, կը դիմէ այլ ուժերու` համաձայնական կառավարութիւն կազմելու համար. այդ բոլորին համար նախատեսուած է սահմանադրական ժամկէտ. կառավարութիւնը վստահութիւն քուէ քանի մը առիթով չստանալու պարագային, խորհրդարանը կը լուծարուի եւ տեղի կ՛ունենան արտահերթ ընտրութիւններ:

Այստեղ, որովհետեւ ամէն ինչ համայնքային դրութեան վրայ կառուցուած է եւ հետեւաբար  չափաբաժիններու վրայ ամէն որոշում, ճշդում, կազմութիւն հաշուարկուած` բնականաբար չի գործեր զուտ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ կառավարութիւն կազմելու քաղաքագիտական օրինաչափութիւնը: Այդ սկզբունքը այստեղ միակողմանիօրէն գործադրելը կրնայ խախտել հաւասարակշռութիւնը եւ տեղի տալ միջհամայնքային կամ այս պարագային ներքրիստոնէական անհամաձայնութեան:

Թուաբանական ժողովրդավարութիւնը այլապէս կրնայ համահարթեցնել ամբողջ խորհրդարանը. հետեւաբար քրիստոնեայ այս կամ այն ուժը թուաբանական տրամաբանութեամբ եթէ որոշ կարճաժամկէտ փուլի համար կ՛առաջադրէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն բազմապատկուած երեսփոխաններու համապատասխան չափաբաժին վերցնել, երկարաժամկէտ դրուածքով անհրաժեշտ է, որ գիտակցի, որ նման մօտեցումը կրնայ չբխիլ համաքրիստոնէական շահերէ եւ հաւասարակշռութիւնը կրնայ խախտիլ ի հեճուկս արդէն իսկ նօսրացող քրիստոնեայ համայնքներուն:

Միջհամայնքային քաղաքական համագոյակցական դրութիւնը եթէ զուտ քաղաքական առումով կը բխի Լիբանանի բոլոր համայնքներուն շահերէն, ապա իրաւունքներ պահելու եւ չափաբաժինային հիմունքով երեսփոխան, նախարար եւ պետական պաշտօններ  ունենալու առումով նաեւ` հետզհետէ թուաբանօրէն փոքրամասնութեան վերածուող քրիստոնեայ համայնքներու:

Քաղաքական արուեստի բարձրագոյն գիտակցութիւն կը պահանջէ Լիբանանի նման երկրի մը մէջ նկատի ունենալ թէ՛ միջհամայնքային հաւասարակշռուածութեան առաջադրանքը եւ թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւններու ապահովուած արդիւնքները` կառավարութիւն կազմելու ընթացքին գտնելու համար գործնական միջին բանաձեւը:

Այս բոլորը անշուշտ տակաւին եթէ համոզուած ենք, որ կառավարութեան կազմութիւնը արտալիբանանեան կեդրոններէն ներշնչանքներով կամ արգելակումներուվ չէ, որ կը կայանայ:

Տարածաշրջանային գործընթացները, յանկարծակի մերձեցումներն ու տարածաշրջանային համաձայնութիւնները կրնան կոճակի սեղմումներով կտրուկ արդիւնքներ արձանագրել լիբանանեան հրապարակին վրայ եւ ականատես դարձնել, թէ ինչպէ՛ս անվերջանալի ձգձգումներու հեղինակները հապճէպօրէն կրնան լուծել հաւասարակշռումի եւ ընտրական արդիւնքներու կամ նախարարութեան տեսակի ստանձնման համար այս կամ այն կողմէն առաջադրուող պայմանականութեան հարցերը:

Անորոշութիւնը կրնայ յանկարծ փակուղիէն ելքեր ցոյց տալ եւ վերագոյացնել համալիբանանեան որոշումի գործադրութիւնը. այս պարագային` կառավարութեան կազմութիւնը:

«Ա.»

Բաց Նամակի Պէս. Այս Տարի Օգոստոս 10-ին Աւետիս Ահարոնեանի Մինուճար Շիրիմին Ծաղիկ Պիտի Չտանիմ

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յանցաւորի զգացումով: Յանցաւոր` ես, մենք, հոլովուած «համաշխարհային ազգ»…

Օգոստոսին, Ֆրանսան, եւ մասնաւորաբար Փարիզը, արձակուրդի տենդով վարակուած կ՛ըլլան: Օգոստոսին յաճախ Փարիզ կը մնամ: Այս տարի Հայաստան պիտի գտնուիմ եւ ինքզինքս ու Աւետիս Ահարոնեանը (1866-1949) պիտի զրկեմ մեր միշտ ներկայ անդենականի հետ զրոյցէ:

Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ բազմամբոխ Փարիզէն, աշխարհի չորս կողմերէն եւ Հայաստանէն եկող հայ զբօսաշրջիկներէն գէթ մէկ հոգի վարդ մը առած` ՓԵր Լաշեզի գերեզմանատունը կ՛երթայ, յիշելու եւ յիշեցնելու համար, որ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Ա. հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահը չէ մոռցուած:

Կրնա՞մ յուշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը ինք պարտք պէտք է համարէ յիշել եւ Աւետիս Ահարոնեանի շիրիմին ծաղկեփունջ մը տանիլ` մեր ժողովուրդին եւ աշխարհին յիշեցնելով, որ շարունակութիւն ենք: Բիզնես-էն եւ տուրիզմ-էն առաջ եւ վերջ:

Եթէ միջոց ունենայի, եւ եթէ հնարաւոր ըլլար, հարցախոյզ մը կը կազմակերպէի գիտնալու համար, թէ գէթ օգոստոս 10-ին Փարիզ գտնուող հայերէն քանի՛ հոգի պիտի յիշեն, կը յիշեն, որ այդ օրը 98-րդ տարեդարձն է Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստան հայրենիքի տարածքներու միջազգային ճանաչման: Հայրենիքը հողով կ՛ըլլայ:

Այդ դաշնագրով Հայաստան կը դադրէր սոսկ աշխարհագրական բացատրութիւն մը ըլլալէ:

Առանց սեփական ժողովուրդի պատմութեան գիտակցութեան եւ անոր իրաւունքներու որպէս սեփականութիւն ճանաչման` ազգ չի պահուիր, ժամանակ մըն ալ կը տեւեն հիւրընկալ երկիրներու հաճոյք պատճառող ծագումով հայերու համայնքներ, հիւրեր, մինչեւ որ մոռնան, որ հիւր են: Մոռացումները գումարուելով` կ՛ըլլան անհետացում, եւ երբեմն ասդին-անդին փայլող խօսքի մարզանքները եւ ճամարտակումները չեն կրնար ընել այնպէս, որ, օրինակ, հրաշիւք իմն` Անիի աւերակները դառնան վաճառաշահ եւ բնակուած հայու քաղաք:

Օգոստոսի սպասուած արձակուրդը կարելի չէ խանգարել (՜ ՜ ՜), Էյֆելի աշտարակին վարը եւ վերը լուսանկարուելու հայ զբօսաշրջիկներու երջանկութիւնը, կամ իրենք զիրենք կրկնող դաշտահանդէսները տեղ չունին ո՛չ 10 օգոստոսին ստորագրուած դաշնագրին եւ ո՛չ ալ վաթսուն տարի առաջ աշխարհէն հեռացած, ազգին ծառայած մարդուն հետ, որ նաեւ գրող էր: Անոր յիշատակին համար արձակուրդ չի խանգարուիր:

Թէեւ կը սիրենք խօսիլ «Ուիլսընեան սահմաններ»-ու մասին: Այդ «սահմաններ»-ը Սեւրի միջազգային յանձնառութեամբ ընդունուած դաշնագրին արդիւնք էին: Ամերիկայի նախագահը պիտի գործադրէր դաշնագրի որոշումը` գծելով սահմանները: Պիտի գործադրէր, նոր որոշում պիտի չկայացուէր: Բայց նոյնինքն Ամերիկան չհետեւեցաւ իր նախագահի յանձնառութեան:

Երբեմն պէտք է յիշել եւ յիշեցնել: Կոշտութեա՛մբ:

Ազգի իրաւունքի ճանաչման տեսանկիւնէ` աւելի կարեւոր չէ՞ միթէ միջազգային դաշնագիրը, որ կարծէք կը մոռցուի, քան` բարոյական մխիթարութեան սահմաններուն վրայ թափառող Ցեղասպանութեան ճանաչումները:

Սեւրի դաշնագրով Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող բազմաթիւ երկիրներ անջատուեցան եւ անկախացան: Հակառակ միջազգային յանձնառութեան` հայկական բռնագրաւուած տարածքները չվերադարձուեցան Հայաստանի: Մեծերը տէր չկանգնեցան իրենց խօսքին եւ ստորագրութեան:

Պարզ խօսելով` դաշնագիրը ստորագրած երկիրները չյարգեցին իրենց յանձնառութիւնը: Այդպէս է միջազգային քաղաքականութիւնը եւ անոր բարոյականը:

Հայաստան եւ սփիւռքներու քաղաքական նախաձեռնութիւնները, ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան եւ հայկական ինչքի վերադարձին, մասնակի երեւոյթներ են` բաղդատած Հայաստանի ամբողջացման, որ երազ-ցանկութիւն չէ, ան միջազգային որոշում է, ստորագրուած` նաեւ Թուրքիոյ կողմէ:

Սկսելու համար, մենք պէտք է յիշենք եւ սեփականացնենք մեր պատմութիւնը, որպէսզի ազգը հասնի գիտակից յանձնառութեան: Աւետիս Ահարոնեանի շիրիմը երբ կը դադրի խորհրդանիշ ըլլալէ, կը մոռցուի, անոր հետ հնհնուքներու ձեղնայարկը կը նետուի իրաւունքի գիտակցութիւնը, եւ անկարելի կ՛ըլլայ կանգուն պահել տոկալու եւ տեւելու կամքը, այսինքն` հայրենատիրութիւնը:

Մեծերու շիրիմները խնամքով կը պահուին, կ՛ըլլան յուշարձան, ուխտատեղի: Այդ կը տեսնէք, երբ կը թափառիք թանգարանի նմանող Փեր Լաշեզ գերեզմանատան մէջ: Եթէ օր մը Աւետիս Ահարոնեանի դամբանի յուշաքարը եւ տապանաքարը վերցուին ամբարիշտներու կողմէ, ինչպէ՞ս պիտի իմանանք, ո՞վ տիրութիւն պիտի ընէ:

Հաւաքականութիւնները խորհրդանիշներու պէտք ունին իրենք զիրենք ճանչնալու համար: Միացեալ Հայաստանի խորհրդանիշ է Սեւրի դաշնագիրը, որուն տակ ստորագրած են  երէկի եւ այսօրուան հզօրները, որոնցմէ չենք պահանջեր յարգել իրենց ստորագրութիւնը, որ` յարգեն իրենք զիրենք:

Բայց, ի հարկէ, նախ պէտք է յիշենք եւ ապրեցնենք խորհրդանիշը: Սկսելու համար` տէր ըլլալով Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Հայաստանի պետութեան պատուիրակութեան նախագահի շիրիմին, որպէսզի ան չըլլայ սոսկ քար: Քար` քար սրտերու պէս:

Անդրանիկ հանրապետութեան 100-ամեակ տօնախմբեցինք:

Օտարութեան մէջ քար յիշատակ դարձած քաղաքական գործիչին եւ հայու ցաւի երգիչին դամբանը այցելու չունի:

Ժլատ ենք: Նոյնիսկ ծաղիկ մը եւ խունկի գուլայ մը չենք տանիր ըսելու համար, որ երախտաւորները չեն մոռցուիր:

Ինչպէ՞ս կարելի է տեւել, երբ երախտաւորներէն կը խորթանանք:

6 օգոստոս 2018, Նուազի-լը-Կրան

Անդրադարձ. Նպատա՞կ, Թէ՞ Հետեւանք

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

7 օգոստոսին Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ըստ «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»-ին, լուծելու համար Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի կալանաւորման հարցով ստեղծուած լարուածութիւնը: Սակայն պատուիրակութեան մէջ Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներու կողքին ելեւմուտքի նախարարութենէն ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը կու գայ վկայելու, որ նշեալ պատուիրակութիւնը պիտի փորձէ նաեւ այլ խնդիրներ լուծել:

Հարցը այն է, որ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները խիստ նեղ կացութեան մատնած են Թուրքիան, որ իր քարիւղի սպառումին շուրջ կէսը կ՛ապահովէ Իրանէն, եւ վերջինիս հետ անոր առեւտուրի ծաւալը 2017-ի տուեալներով 10,7 միլիառ տոլար է: Թուրքիոյ քարիւղի եւ բնական կազի երկրորդ աղբիւրը Ռուսիան է, որուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները արդէն դժուարութեան մատնած էր թրքական տնտեսութիւնը:

Ամերիկեան պատժամիջոցները ճնշումի տակ կ՛առնեն թրքական տնտեսութիւնը: Անոնք նախ եւ առաջ կը սպառնան վառելանիւթի գիներու բարձրացում յառաջացնել: Թրքական լիրան արդէն սկսած է տոլարին դիմաց մրցանշային արժեզրկումի ենթարկուիլ: Միեւնոյն ժամանակ, շրջանառութեան մէջ դրուած են թրքական տնտեսութեան վերաբերեալ բացասական տեղեկութիւններ, ինչպէս Ոսկիի միջազգային խորհուրդի այն յայտարարութիւնը, թէ թրքական կեդրոնական դրամատան մօտ Թուրքիոյ ոսկիի պահեստը Անգարայի յայտարարածէն 39,3 առ հարիւրով փոքր է, ինչպէս նաեւ Սքանտինաւիոյ մեծագոյն դրամատուներէն «Նորտէա»-ի վարչական խորհուրդի նախագահ Թետ Ռոլսթի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամը վերահսկողութենէ դուրս կու գայ:

Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները թէեւ խորհրդանշական էին, սակայն ներդրողներու եւ ընդհանրապէս տնտեսական շուկայի դիւրազգացութեան պատճառով շուտով ժխտական արձագանգ ստացան թրքական տնտեսութեան ոլորտին մէջ:

Այս բոլորը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան վրայ: Էրտողանի շնորհիւ մեծ շահեր ապահոված վերնախաւին ու շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ լայն հասարակութեան մօտ դժգոհութիւն պիտի յառաջանայ, եւ բնականաբար պիտի ազդէ Էրտողանի ժողովրդականութեան վրայ, ինչ որ իշխանափոխութեան առաջին քայլն է: Իրողութիւն մը, որ կը յառաջացնէ հետեւեալ հարցումը. արդեօք թրքական տնտեսութեան քայքայումը նպատա՞կ է, թէ՞ հետեւանք: Թերեւս հաւասարապէս երկուքը:

Անգարան առաջին օրէն իսկ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն պիտի չհետեւի, սակայն Թրամփ այժմ կը յայտարարէ. «Իրանի հետ առեւտուր կատարող ոեւէ մէկը  մեզի հետ առեւտուր պիտի չկատարէ»: Ստեղծուած կացութիւնը կը յուշէ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ունենայ ողբերգական աւարտ մը, եթէ անշուշտ Թրամփ, ըստ իր սովորութեան, շրջադարձ մը չկատարէ:

 

 


Դիմաւորենք Տուտուկահար Հայկ Սարիգույումճեանը Համմանայի Մէջ

0
0

ԱՐՓԻ Մ.

Կիրակի, 12 օգոստոս 2018-ին, ժամը 6:30-ին  «Համմանա արթիստ հաուս»-ը կը հիւրընկալէ հանրածանօթ տուտուկահար Հայկ Սարիգույումճեանը:

Միայն տարի մը առաջ հիմնուած այս արուեստի տունը, որ ուղղակիօրէն կը վայելէ Համմանայի քաղաքապետութեան ու քաղաքապետին հոգածութիւնն ու բարերարութիւնը, գիւղին վերադարձուց մշակութային բարձրորակ ճաշակով զով գիշերներու ճոխութիւնը:

Անցնող ամիսներուն այդ սիրուն տան դիմաց բացուած բակը կեանքի եկաւ արժանթինեան, պրազիլական, լիբանանեան եւ այլ մշակոյթներու երաժշտական ելոյթներով:

«Քոլլեքթիֆ քահրապա» խմբակը, իբրեւ այս տան գործադիր յանձնախումբը, մշակութային զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպէ եւ կապ կը հաստատէ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ մշակութային տուներու եւ յատկապէս վերելք արձանագրող արուեստագէտներու հետ` անոնց բարձրորակ եւ մատչելի ելոյթները հրամցնելով արուեստասէրներուն:

Այս առիթով, Փարիզի «Թէաթր տը վիլ»-ի գործակցութեամբ, կիրակի բեմին վրայ մեր դիմաց պիտի գտնենք Հայկ Սարիգույումճեանը իր շնորհալի մատներով եւ տուտուկով:

Երիտասարդ երաժիշտը ծնած է 1985-ին եւ սկսած է նուագել 13 տարեկան հասակին` աշակերտելով Հայաստանի լաւագոյն վարպետներուն: Սորվելով անոնց բարձր արուեստը` ան խորապէս թափանցած է հայ աւանդական երաժշտութեան ձեւաւորման մէջ` իւրացնելով անոր ամէնէն նուրբ երանգները:

2004-էն սկսեալ աշխատած է զանազան երաժշտական ծրագիրներու մէջ, ինչպէս` «Մեճլիս»-ը, ուր միաձուլած է հայկական արդի եւ ճազ երաժշտութիւնները:

2009-էն ետք ձեռնարկած է երաժշտական շրջապտոյտի մը Եորտի Սաւալի (սպանացի խմբավար եւ ջութակահար) եւ «Հեսփիրիըն 21» խումբին հետ:

Ան իր տուտուկով պիտի հրամցնէ մեղեդիներ` արուեստասէր հանրութեան պարգեւելով վերացումի քաղցր վայրկեաններ:

Այս առիթով «Պատկեր» արուեստի եւ մշակութի հայ տունը պիտի դիւրացնէ փափաքողներուն ելոյթին ներկայութիւնը: Կ’արժէ կիրակի երեկոյեան այս վայելքը ապրիլ Համմանա գիւղին գիրկը, որուն ճոխ անցեալի էջերուն մէջ հայ ժողովուրդին հետ ունեցած, բայց չգրուած պատմութիւնները կրնան գրուիլ յիշող ու պատմող բերաններուն կողմէ:

 

 

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Իշխան Յովսէփ Արղութեան

Իշխան Յովսէփ Արղութեան. ազգային ազատագրական շարժման, ռազմական եւ պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Յեղափոխական ծածկանունով` Տաշօ եւ Երուանդ, սակայն յայտնի է նաեւ Իշխան կամ Խանասորի Իշխան մականուններով:

Ծնած է 1863-ին, Լոռիի Սանահին գիւղը: Արղութեան իշխանական տոհմէն: 1879-ին անցած է Թիֆլիս, ուր կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1884-ին: Ուսուցչական աշխատանք տարած է Ջալալօղլիի եւ Թիֆլիսի հայկական դպրոցներուն մէջ: 1889-ին անցած է Արեւմտեան Հայաստան, ուր յեղափոխական աշխատանքներ կատարած է` համագործակցելով յեղափոխական անուանի գործիչներու հետ:

1890-ին անցած է Տրապիզոն, սակայն մատնութեամբ ձերբակալուած, յանձնուած է ցարական իշխանութիւններուն եւ աքսորուած` Քիշնեւ:

1895-ի գարնան աքսորէն վերադառնալով` անցած է Թաւրիզ, ուր հսկած ու կարգաւորած է ՀՅԴ զինագործարանի աշխատանքները, կազմակերպած եւ ղեկավարած է Արեւմտեան Հայաստան զինամթերքի տեղափոխման գործը, զինատար խումբով անձամբ հասած է Վան:

1897-ին մասնակցած է Խանասորի արշաւանքին` իբրեւ փոխհրամանատար: Այնուհետեւ պարսկական իշխանութիւնները ձերբակալած են զինք ու որպէս ռուսահպատակի` յանձնած են ռուսական կառավարութեան: Բանտարկուած է Թիֆլիսի Մետեխի բանտին մէջ, ապա աքսորուած` Վոլոկտա, ուր մնացած է մինչեւ 1903:

1905-1906 թուականներուն կազմակերպած է հայերու ինքնապաշտպանութիւնը թաթար ջարդարարներուն դէմ:

1909-ին, երբ ցարական իշխանութիւնները խիստ հալածանք սկսած են Դաշնակցութեան դէմ եւ զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկած դաշնակցական թէ համակիր գործիչներն ու մտաւորականները, Իշխան Արղութեան եւս առաջին ձերբակալուողներէն եւ բանտարկուողներէն եղած է: Նախ Մետեխի, ապա Ռոստովի ու Նովոչերկասկի բանտային դաժան պայմաններուն ենթարկուած է: Դրամական երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուած է, այնուհետեւ Իշխան վերստին ձերբակալուած է ու բանտարկուած` մինչեւ 1912, Դաշնակցութեան դատին աւարտը, որմէ ետք ազատ ձգուած է:

1916-1917 թուականներուն մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին. ան կովկասեան ռազմաճակատին վրայ եղած է հայկական կամաւորական նախ 4-րդ ու 5-րդ գունդերուն, ապա 7-րդ գունդին հրամանատարը:

1917 եւ 1918 տարիներուն քաղաքական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է. արեւելահայոց ազգային համագումարին նախագահ ընտրուած է, ապա Վիրահայոց ազգային խորհուրդին մաս կազմած է, մայիսեան հերոսական ճակատամարտերուն մասնակցած է:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, 1919-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ու փոխնախագահ ընտրուած է:

1919-ին Երեւանի մէջ մասնակցած է ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին, եւ իրեն վիճակուած է ժողովին նախագահութիւնը վարելու պատասխանատուութիւնը:

1920-1921 թուականներուն Իշխան Յովսէփ Արղութեան նշանակուած է Թեհրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան: Մեծ հմտութեամբ վարած է դիւանագիտական այդ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար ծայր աստիճան զգայուն այդ ժամանակաշրջանին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1922-ին հաստատուած է Փարիզ, ուր 3 տարի արդէն առողջական վատ եւ քայքայուած վիճակ ունեցած է:

Իշխան Յովսէփ Արղութեան մահացած է 15 հոկտեմբեր 1925-ին, Փարիզ:

Մուշեղ Աւետիսեան

Մուշեղ Աւետիսեան. հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1887-ին, Սասնոյ Խեանք գաւառի Արսըրք գիւղը, ուրկէ քանի մը տարի ետք ընտանեօք կը փոխադրուին Տիգրանակերտ: Ան փոքր տարիքին ականատես եղած է Սասունի գոյամարտին, ծիլ առած ու սնանած է արիւնալի հերոսութեան ժամանակաշրջանին եւ մահը արհամարհող անվեհեր մարտիկներու կողքին: Սասնոյ երկրորդ եւ երրորդ ապստամբութիւններու շրջանին, 1904-ին եւ 1907-ին, Մուշեղ արդէն անդամագրուած է Դաշնակցութեան եւ աշխուժ մասնակից եղած է ֆետայական կռիւներուն: Ուսումը կը ստանայ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ. 1905-1907 դաժան տարիներուն ան իր վանքի տարազով լաւագոյն եւ ամէնէն վստահելի սուրհանդակը կը հանդիսանար: Աւելի ուշ կը գործակցի Ռուբէնի, Սիմոն Զաւարեանի հետ` Սասունի զանազան գաւառներուն մէջ: Դաշնակցութեան գաղափարները կը տարածէ իբրեւ գործիչ եւ կազմակերպող: 1913-ի աշնան Ռուբէն կը վերադառնայ Մուշ` Սասունցի Մուշեղը ունենալով իբրեւ աջ բազուկ. անոնք միասնաբար կը լծուին ինքնապաշտպանութեան գործին: Մասնակից կը դառնայ Սասնոյ ապստամբութեան` վարելով Տալւորիկի եւ Խեանքի ուժերը: Սասունի կրած պարտութենէն ետք Վ. Փափազեանի եւ Ռուբէնի հետ կ՛անցնի Կովկաս, ապա աշխատանք կը տանի Էրզրումի, Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ:

1917-ին ռուսական զօրքերու նահանջէն եւ Արեւմտահայաստանի պարպումէն ու մազապուրծ հայութեան Արեւելահայաստան գաղթէն ետք, սասունցի մարտիկներու իր ձիաւոր գունդին գլուխը կանգնած` խմբապետ Մուշեղ վճռորոշ մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտներուն:

1918 ապրիլին, երբ Տարօնի զինուած ժողովուրդը Մասիսի բարձունքներէն վար կ՛իջնէր դէպի Արարատեան դաշտ, արդէն ցեղապետական բանակ մըն էր, որ բարձրացաւ դէպի Արագածի լանջերը, որոնք միայն այլազգի թշնամիներով բնակուած էին:

Խմբապետ Մուշեղ պատմական նշանակութեամբ մեծ գործ կապեց իր անունին, 2-3 օրուան կռիւներուն շնորհիւ` Արագածը մաքրուեցաւ եւ քառասուն գիւղեր հայ տեղաշարժուող ժողովուրդով բնակուեցան: Խմբապետ Մուշեղի շնորհիւ` Թալինի ամբողջ շրջանը թաթարներէն կը մաքրագործուի եւ կը հայացուի` Սասունէն ու Մուշէն գաղթած հայութեամբ բնակեցնելով:

1918-ին մայիսեան Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն մասնակցելէ ետք կ՛անցնի Զանգեզուր` լծուելով անոր հայացման աշխատանքին:

Խմբապետ Մուշեղ Հայաստանի պետական կեանքին մէջ միշտ մնաց զինուորական: Նշանակուեցաւ սահմանապահ ոստիկանութեան հրամանատար: 1921-ին մասնակից դարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան, ան եղաւ առաջինը, որ Չեկան գրաւեց եւ հինգ հարիւր բանտարկեալ ազատ արձակեց: Հայաստանի մէջ խորհրդային լուծի ամբողջական հաստատումէն ետք, Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ու ապստամբ ժողովուրդին հետ, խմբապետ Մուշեղ իր կարգին  ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը: Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա` Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր մահացաւ 19 մարտ 1956-ին. անոր մարմինը կ՛ամփոփուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Արտաշէս Բաբալեան

Արտաշէս Բաբալեան. բժիշկ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, հրատարակիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 17 նոյեմբեր 1886-ին, Արցախի Շուշի քաղաքը: Ուսանած է Շուշիի ռուսական ռէալական դպրոցին մէջ: Պատանեկան տարիքէն մասնակցած է ՀՅԴ աշակերտական խումբերուն: Երիտասարդ տարիքին անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան Շուշիի կոմիտէին, ապա` Ղարաբաղի Կեդրոնական կոմիտէին: Հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ճակատին վրայ: 1906-1907 թուականներուն Պաքուի մէջ գործակատար աշխատած է վառելանիւթային արդիւնաբերական ընկերութեան մը մէջ: 1907-1912 թուականներուն ուսանած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ եւ` բժշկութեան դոկտորի աստիճան ստացած: Ժընեւի մէջ եւս շարունակած է կուսակցական եռանդուն գործունէութիւն, եղած է «Ուսանող» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ եւ աշխատակցած` ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ին: 1912-ին վերադարձած է Շուշի, ապա մեկնած` Ս. Փեթերսպուրկ եւ Օպուխովի հիւանդանոցին մէջ բժիշկ աշխատած է: Միաժամանակ պատրաստուած է պետական քննութեան`  Ռուսիոյ մէջ բժշկութեամբ զբաղելու թոյլտուութիւն ստանալու համար: 1913 օգոստոսին, որպէս ՀՅԴ Ռուսաստանի ուսանողական միութիւններու խորհուրդէն ընտրուած պատուիրակ, մասնակցած է Կարնոյ մէջ գումարուած ՀՅԴ Է. Ընդհանուր ժողովին:

1915-ին, երբ կ՛ընթանար Ա. Համաշխարհային պատերազմը, լքելով Խարկովը` մտած է Վարդան Մեհրապեանի (Խանասորի Վարդան) հրամանատարութեան տակ գործող հայ կամաւորական գունդի մէջ, եղած է անոր բժշկապետը եւ գունդին հետ միասին հասած է Վան: 7 մայիս 1915-ին, Վանը ազատագրելէ ետք այդտեղ հիւանդանոցներ կազմակերպած է: Համագործակցած է Վանի ժամանակաւոր կառավարութեան հետ եւ նշանակուած` ժամանակաւոր կառավարութեան առողջապահութեան բաժնի պետ ու քաղաքապետութեան անդամ: Վանի նահանջի օրերուն, անոր ջանքերու շնորհիւ, հիւանդանոցներու մէջ բուժուող վիրաւոր եւ հիւանդ հայ զինուորները Իգտիր տեղափոխուած են: Այս տարհանումը յաջողութեամբ կազմակերպելու եւ իրագործելու համար պարգեւատրուած է ռուսական կառավարութեան «Գէորգիեւեան խաչ» շքանշանով եւ մետալով: Կարճ ժամանակ Էջմիածնի մէջ զբաղած է գաղթականներու խնամատարութեան գործով:

1916-ին ուղարկուած է Վան, ուր վերադարձած գաղթականներու խնամատարութիւնը կազմակերպելու գործով զբաղած է: Այնուհետեւ մեկնած է Թիֆլիս, երբ սկսած է ռուսական բանակին նահանջը կովկասեան ռազմաճակատէն: 1917-1920 թուականներուն Թիֆլիսի մէջ հրատարակած է «Աշխատաւոր» օրաթերթը: 1917-ին Թիֆլիսի մէջ ընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ, «Համառուսական քաղաքներու միութիւն» կազմակերպութեան մէջ կարեւոր պարտականութիւններ կատարած է: Անդրկովկասի սէյմի կազմաւորումէն ետք մասնակցած է ընտրապայքարին` որպէս Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անդամ:

1918-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է երկու անգամ: 1918-ին գացած է Կոստանդնուպոլիս` միանալու Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խորհրդական:

1919 սեպտեմբերին մասնակցած է Երեւանի մէջ ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: 31 հոկտեմբեր 1919-էն մինչեւ 5 մայիս 1920 եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի, ապա հանրային խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարար, 5 մայիսէն 30 հոկտեմբեր եղած է այդ գերատեսչութեան նախարարի պաշտօնակատար: 1920 մայիսին Ղարաքիլիսայի մէջ մասնակցած է պոլշեւիկեան ապստամբութեան ճնշումին: 1920 սեպտեմբերին սկսած թուրք-հայկական պատերազմին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով, Սիմոն Վրացեանի հետ ուղարկուած է Կարս-Սարիղամիշի ռազմաճակատ` կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչի իրաւունքներով: 30 հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի անկումի ժամանակ թուրքերու ձեռքը գերի ինկած է: 1920-1921 թուականներուն արգելափակուած է Կարսի, ապա Կարնոյ բանտերուն մէջ: 1921 հոկտեմբերին, գերութենէ ազատելէ ետք անցած է Թաւրիզ, քանի որ Հայաստանը արդէն խորհրդայնացուած էր:

1931 եւ 1939 թուականներուն բժիշկը ծանր ողբերգութիւններ ապրած է` կորսնցնելով զաւակները` Ռենոն եւ Վիգէնը: Իր ծանր վիշտը փարատելու համար ամբողջութեամբ նուիրուած է հանրային եւ կուսակցական գործերուն: 1943 սեպտեմբերին խորհրդային զօրքերու Իրան մուտքէն ետք ձերբակալուած է խորհրդայիններու կողմէ: 1943-1945 թուականներուն անցուցած է բանտին մէջ: 4 յունիս 1945-ին ազատած է բանտէն: 1945-ին եւ հետագայ տարիներուն ընտրուած է Թեհրանի գործակալական ժողովի անդամ, ապա` Եկեղեցական վարչութեան ատենապետ, ապա Թեհրանի թեմի Պատգամաւորական ժողովի անդամ եւ Թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, ապա` նախագահ: Այնուհետեւ Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ ընտրուած է: Մասնակցած է ՀՅԴ ԺԵ. եւ ԺԶ. Ընդհանուր ժողովներուն: 1959-ին Գահիրէի մէջ հրատարակած է «Յուշերի գիրք»-ը:

Արտաշէս Բաբալեանը մահացած է 1 օգոստոս 1959-ին, Թեհրանի մէջ, սրտի հիւանդութենէ:

(Շար. 5)

Կէս Արդարութիւնը` Արդարութիւն Չէ…

0
0

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ

Բոլորս էլ ընդունում ենք հաստատուած մի ճշմարտութիւն, որ բնութեան մէջ իշխող բնազդն է պահպանում մարդկային եւ կենդանական աշխարհը, որով եւ ուղորդւում է կեանքը: Այդ բնազդով են նրանք պահպանում իրենց ընտանիքը, իրենց երկիրը, բոյնը, իրենց սահմանները: Ազգերը, ժողովուրդները հիմնականում այդ ներքին անբացատրելի բնազդով են կապւում իրենց հողին, կեանքերը զոհելով իսկ փորձում են պահպանել այն: Կենդանական աշխարհում այդ բնազդը չունեցողներին չգիտեմ ինչպէս են անուանում, սակայն ժողովուրդների մէջ այդ բնազդից զուրկ մարդկանց անուանում են դաւաճաններ:

Մեր պատմութեան վերլուծումը ինձ յանգեցնում է մի տխուր փաստի, այն է, որ մեր պատմութեան առաջընթացը խաթարել են այդ դաւաճանները եւ զարմանալիօրէն մինչեւ այսօր դեռ շարունակում են խաթարել:

Ոչ շատ առաջ` մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակում, մենք կորցրեցինք Կարսը, Արտահանը այդ դաւաճանութեան երեսից, երբ իր հողը պաշտպանող մի ամբողջ զինուորական ուժ հրաժարուեց կռուել: Մի՞թէ նրանց մէջ կաթուածահարուել, չքացել էր սովորական ներքին բնազդը` հողը, ընտանիքը, ժողովրդին պահպանելու բնազդը:

Նրանց հետեւեցին ստալինեան դաւաճանները, որ  զրպարտանքների յօրինումով մասնակից դարձան ազգի երեւելիների ոչնչացումին:

Այսօր նրանց հասցրած անդառնալի վնասների համար վճարում ենք մենք` նրանց սերունդները, եւ դեռ անյայտ է, թէ մեզնից յետոյ քանի՛ սերունդներ են շարունակելու վճարել: Իսկ ամենացաւալին այն է, որ այդ դաւաճանութիւնը դեռ շարունակւում է մինչ այսօր` նորանոր վնասներ հասցնելով ապրող եւ եկող սերունդներին:

Ի՞նչն է այն հիմնական պատճառը, որ մարդիկ կորցնում են բնութեան կողմից իրենց տրուած բնազդը, կամ, եթէ չեն կորցնում, ապա հեշտօրէն վաճառում են այն, մէկ այլ, իրենց համար աւելի կարեւոր նկատուող շօշափելի խայծով: Բնականաբար այդպիսիները չեն մտածում, աւելի ճիշդ` իրենց հոգն էլ չէ, իրենց գործած աւերի հետեւանքների մասին մի ամբողջ ժողովրդի եւ երկրի ճակատագրի վրայ:

Մինչ մենք ազգովին դեռ ոգեւորուած ենք մեր երկրի վերջին խաղաղ յեղափոխութեան յաղթանակով եւ դրանից բխող երկրում կատարուող նորանոր փոփոխութիւններով` օրէնքների սրբագրմամբ ու հաստատումով, զեղծարարութեան (ժամանակն է կոռուպցիան թարգմանենք հայերէնի) դէմ ազդու պայքարով, տնտեսութեան բարելաւման ծրագրերով, մեր մէջ դեռ շարունակում են ապրել դաւաճանները, որոշները բացայայտւում են, իսկ որոշները` աւելի հաստատուն հիմքեր են գրաւում:

Այսօր ինձ համար ամենատխուր փաստը ոչ թէ արդէն բացայայտուած դաւաճաններից` Մանուէլների, նրա նմանների, Արցախում կռուող զինուորների սակաւ զինամթերքից, նրանց առօրեայ գործածութիւնից, սնունդից գողացուած, կամ ժողովրդի սեփականութեան ահաւոր իւրացման իրականութեան բացայայտումն է, եւ կամ` Քոչարեանի ձերբակալութիւնը, այլ այն, որ այս ամէնը տեղի է ունեցել, աւելի ճիշդ` այդ բոլորի հիմքը դրուել է, օրինականացուել է մեր անկախութեան սկզբնական տարիներին:

Ոչ մէկիս գաղտնիք չէ, որ մենք մեր անկախ պետականութիւնը հիմնեցինք բոլոր բնագաւառներում դաւաճանութեան սկզբունքը որդեգրելով, ամենալայն առումով: Չէ՞ որ դաւաճանութիւնը իր մէջ պարփակում է նաեւ տուեալ ժողովրդին պատկանող ազգային հարստութիւնների իւրացում, չարաշահում, ոչնչացում:

Մեր ժողովուրդը զայրացած է Քոչարեանի, Մանուէլների եւ նրա նմանների արարքով, բայց ոչ մէկը մտահոգուած չէ մեր ազգային տնտեսական հարստութիւնները օրէնքով օտարներին վաճառած մեր առաջին պետական իշխանութեան զեղծարարութիւններով, որն աւելի մեծ յանցանք է: Առանց ժողովրդին հարցնելու, սերունդներին պատկանող սեփականութիւնը խլել նրանցից, անձնական շահ դարձնել:

Ամբողջ ժողովուրդը ցնծութեան մէջ է, որ վերջապէս երկրի երկրորդ նախագահը պատժւում է: Իսկ հարց տալի՞ս ենք, թէ այդ երկրորդ նախագահը ի՞նչ հիմքերի վրայ կերտեց իր իշխանութիւնը: Մի՞թէ այն կերտուեց օրինապահ, ազգային, ժողովրդավարական վարչաձեւի վրայ, եւ նա յեղաշրջեց այն: Եթէ մոռացել էք, յիշեցնեմ, որ այն դարձաւ շարունակութիւնը ԼՏՊ-ի արդէն ստեղծած ու օրէնք դարձրած միահեծան, խարդախ, դաւաճան, զեղծարարութեան ու ապականութեան կարծրացած իշխանութեան: Շարունակութիւնը դարձաւ Սիրադեղեանի (որը անհետացել է ոչ միայն Հայաստանից, այլ` երկիր մոլորակից) բոլորիդ յայտնի այն յայտարարութեան, որ` «Հարիւր հոգի կը սպաննուի եւ հարցը դրանով կ՛աւարտուի: Հարիւր հոգին ի՞նչ է»:  Քոչարեանի եւ իր հետեւորդի իշխանութիւնը ընդամէնը շարունակութիւնն էր մի իշխանութեան, որի պարագլուխը իր աճպարարութեամբ, սուտ խոստումներով, ժողովրդի համար անյայտ ուժերի կողմից իշխանութեան տիրանալով` երկիրը մխրճեց սովի, տառապանքի, անօրինութեան, կողոպուտի ու սպանութիւնների մէջ:

Հաւանաբար ժամանակն է մեր ժողովրդի յիշողութիւնը թարմացնել լեւոնեան նուաստացուցիչ Արցախի պատերազմը պատճառաբանելով ցուրտ ու մութ, անջուր տարիներ ժողովրդին պարտադրելը, երբ շրջակայ անտառներն ու կանգուն ծառերը վառելափայտ դարձան ժողովրդին` ձմրան սառնամանիքից տաքանալու համար: Յիշեցնել` մէկ գիշերուայ մէջ դրամի անկման եւ միլիոնաւոր ժողովրդի դրամները սեփականացրած իշխանութեան գործելակերպի մասին:

Յիշեցնել ժողովրդային հարիւրամեայ ՀՅԴ-ի ամօթալի վտարումը հայրենի երկրից: Յիշեցնել` ի տես աշխարհի, Ցեղասպանութիւնից յետոյ երկրորդ անգամ անկախացած Հայաստանի առաջնորդի ծաղկեպսակով խոնարհումը հայութեան վերջին գերեզմանափորի` Աթաթուրքի շիրիմին:

Յիշեցնել, թէ ինչպէ՛ս պաշտօնաթող արեց երկրի արտաքին գործերի նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեանին միայն այն բանի համար, որ նա իր ելոյթում Թուրքիային մեղադրում էր Հայոց ցեղասպանութեան մէջ, դրանով ժողովրդի յիշողութեան միջից ու հոգուց փորձելով ջնջել ազգային ինքնագիտակցութիւնը:

Յիշեցնել 1996-ին հրասայլերով ու զինուորներով նրա շրջափակումը խաղաղ ցուցարարներին:

Յիշեցնել` կաշառելով ժողովրդին, մինչեւ անգամ զինուորներին, երկրորդ անգամ անօրէն յաղթանակով իշխանութեան տիրանալը:

Յիշեցնել` սեփական անկախացած երկրից զանգուածային արտագաղթը:

Յիշեցնել` աշխարհով մէկ ցուցադրուած նրա զայրոյթը Շուշիի ազատագրման լուրը լսելիս:

Յիշեցնել` նրա լռութիւնը Պաքուի եւ Սումկայիթի հայութեան զանգուածային ջարդերին: Դեռ աւելի՛ն, ժողովրդին տրամադրեց թուրքի կոտորածից մազապուրծ փախած, Հայաստանում ապաստանածների դէմ` թշնամութիւն հրահրելով ժողովրդի մէջ: Յիշեցնել` յաղթանակող Արցախում պատերազմը կէս ճանապարհին դադարեցնելու նրա հրամանը` ամօթալի բանակցութիւնների պարտադրանքով շղթայելով այն եւ մինչեւ օրս նրա ճակատագիրը հսկելու իրաւունքը իր ձեռքում պահելու նրա մոլեգին աշխատանքը:

Յիշեցնել` նրա լռութիւնը հայրենի սահմանների ստալինեան կեղծ բաժանումները վերականգնելու նոյնիսկ փորձ չանելու, կամ Արցախը հայրենի հողին չմիացնելու համար ստայօդ ահաբեկումներով տարած աշխատանքը:

Յիշեցնել` նրա անսահման ոգեւորութիւնը հայ-թուրքական ամօթալի արձանագրութիւնների ժամանակ:

Երբեմն չեմ կարողանում համատեղել մեր ազգային դիմագծի այն վայրիվերումը, որ մի կողմից ոչ շատ առաջ Արամ, Անդրանիկ, Դրօ, Նժդեհ,  հարիւրաւոր այլ ազգային նուիրեալներ ունենալ, Արցախի հարիւրաւոր նորօրեայ հերոսներ, որոնց համար հայրենի հողի աննշան թիզն անգամ իրենց կեանքից վեր են դասել, իսկ միւս կողմից` Աթաթուրքի գերեզմանի առջեւ խոնարհուած երկրի ղեկավարին ընդունել առանց բողոքի ցոյցերի, առանց ընդդիմանալու նրա այդ քայլին, առանց բացատրութիւն պահանջելու թէ ի՛նչ իրաւունքով է նա կոտորուած ժողովրդի կողմից յարգանք մատուցում, ծաղկեպսակ դնում այդ մեծագոյն հայասպանի շիրիմին: Չէ՞ որ նա ոչ թէ Գերմանիոյ, կամ Ֆրանսայի նախագահն էր, այլ` Ցեղասպանութիւնից փրկուածների երկրի:

Ինչի՞ց, ումի՞ց էր վախենում ժողովուրդը, որ լուռ կուլ տուեց այդ դաւաճանութիւնը: Չէ՞ որ այդ նոյն ժողովուրդն էր, որ առաջինը փշրեց խորհրդային իրեն պարտադրուած գերութեան շղթան: Բայց անհասկանալիօրէն նոյն ժողովուրդը լռութեամբ ընդունեց ԼՏՊ-ի բոլոր անօրինութիւնները, ընդունեց, որ այդ անօրինութիւնները օրէնք դառնալով` հիմք դառնան մեր անկախ պետականութեան եւ քայքայեն երկիրը ամբողջովին: Աւելի՛ն. երբեք չդատապարտեց եւ մինչեւ այսօր չի դատապարտում առաջին նախագահի ազգակործան գործունէութիւնը, այլ հակառակը, ամէն ինչ մոռացած ժողովուրդը նոյնիսկ կրկին հրապարակ իջաւ 2008-ին նրան ընտրելու` մինչեւ իսկ զոհեր տալով:

Այսօր նրան դարձրել են ազգային լուրջ հարցերի խորհրդատու, ում մօտ են շտապում իշխող ղեկավարները, երբ հարցը Արցախի կամ երկրի անվտանգութեանն է վերաբերւում:

Մեր ղեկավարները ԼՏՊ-ին այցելելը դարձրել են Մեքքա գնալու հանդիսութիւն, որն ինձ յիշեցնում է նաեւ հեքիաթի դերվիշներին: Յիշո՞ւմ էք` նրանք միշտ ճամբաբաժնում նստած խորհուրդ ու ուղղութիւն են տուել անցորդներին, միայն այն տարբերութեամբ, որ այդ դերվիշները  փորձառութեամբ բնածին իմաստուններ են եղել, միշտ աղքատ, երբեք դաւաճան եւ միշտ օրինապահ:

Վստահ եմ` չէք մոռացել, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերին մեր երկրի երրորդ նախագահը շուտափոյթ տեսակցութիւն ունեցաւ նախկին առաջին նախագահի հետ:  Այդ ի՞նչ  հիմնական խորհուրդ, ցուցմունք է փոխանցում նա Արցախի հարցում, որ նոյնիսկ մեր նորօրեայ վարչապետն էլ առաջին հանդիպումը ունեցաւ իր նախկին ընկերոջ հետ` կարեւոր տեղեկութիւն ստանալու Արցախի մասին: Այս փաստը գալիս է հաստատելու, որ նախկին նախագահը ոչ միայն ազդեցութիւն ունի, այլ ղեկավարում է երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս` Արցախի հարցը, եւ նրա թելադրանքով են լուծուելու այդ հարցերը:

Վստահ եմ` շատերդ էք դիտել նրա վերջին հարցազրոյցը Արցախի ճակատագրի վերաբերեալ, ուր ժողովրդին ահաբեկելու իր հին երգն էր երգում, որ` եթէ մեր տարածքները չյանձնենք, ազգը կործանուելու է, Իրաքի ճակատագրի հետ համեմատելով Արցախի վերջաբանը: Եւ ինչո՞ւ է նա համեմատում Իրաքի ճակատագրի հետ, երբ համեմատական եզրեր չկան, բայց չի համեմատում Պաղեստինի ճակատագրի հետ, որը յանձման դէպքում մեր ճակատագիրն է դառնալու:

Իր  «մտահոգ յորդորը» նա  աւարտում է ասելով` «Տղայ էք, մի՛ տուէք, բան չունեմ ասելու»: Միայն այս մէկ նախադասութեան համար նրան պէտք է ժողովրդի դատին յանձնել, երբ ամէն օր ժողովուրդը որդիներ ու ամուսիններ, քոյրեր ու եղբայրներ է դեռ կորցնում այդ սրբազան հողակտորի պաշտպանութեան համար:

Մեր նորօրեայ վարչապետը բազմիցս յիշեցնում է ժողովրդի դերը հայրենի առաջընթացի գործում, որ` ժողովուրդը չի կարող ձեռնպահ սպասել իշխանութեան տուածին, ինքն էլ մասնակից է դառնալու` ստեղծելու, պահելու, օգտագործելու եւ նուիրուելու: Ուրեմն ինչպէ՞ս ենք լռում այսպիսի բացայայտ դաւաճանութիւն քարոզող յայտարարութիւնների հանդէպ, յատկապէս` այս օրերին, երբ ամէն վայրկեան պատերազմի սպառնալիքի տակ է մեր Արցախը, երբ մեր զինուորները իրենց երիտասարդ արիւնը առանց սակարկելու զոհում են այդ նուիրական տարածքներին: Այն էլ հանդուրժում ենք այսօր, երբ ասում ենք, որ ժողովուրդն է երկրի տէրը, երբ ժողովուրդին առաջնորդում է երկրի վարչապետը:

Ողջ համացանցը հեղեղուած է 2008-ի մարտի 1-ի հնարաւոր բացայայտումներով: Այդ տեսագրութիւններից մէկի մէջ, որը սկսւում է յաջորդ օրը` մարտ 2-ի ԼՏՊ-ի ամէն կերպ իրեն էլ զոհ ներկայացնող հեռուստատեսային հարցազրոյցում, մէջբերւում է նախորդ օրուայ առաւօտեան ոստիկանութեան բռնութեան տեսարաններից, ուր հրապարակի այդ քաոսային ծեծկռտուք խուճապի մէջ յանկարծ տեսնում ենք ԼՏՊ-ն` նստարանի վրայ հանգիստ նստած, տաք շալով փաթաթուած ծխում է: Յետոյ ինքը այդ տեսարանը մեկնաբանում է հետեւեալ կերպ, որ ոստիկանները իրեն հրամայել են հեռանալ, իսկ ինքը մնացել է, մինչեւ որ ոստիկանապետը իր մեքենայով նրան հասցրել է իր առանձնատունը:

Ժողովրդին իր գահակալութեան համար ոտքի հանած ղեկավարը, հանգիստ, տաք փաթաթուած նստած է, երբ խելայեղ իրարանցում է իր շուրջ, եւ հոգն անգամ չէ, որ երկու քայլ այն կողմ ժողովուրդն է պատիժ կրում:  Մի՞թէ անմեղ ղեկավարը այդպէս կը վարուէր: Թող գնար, մէկ-երկու ոստիկանի ձեռք բռնէր, մի քանի հարուած էլ ինքն ստանար, որի համար լիարժէք արժանի էր, այդ դէպքում իրաւունք կ՛ունենար այլոց մեղադրելու: Կամ` յաջորդ օրերին այցելե՞լ է հիւանդանոց, կամ` զոհուածների ընտանիքներին, չէ՞ որ նրանք իր դաւաճանութեան զոհերը դարձան: Գուցէ այդ պահին նա մոռացել էր իր կարգախօսը` «Պայքա՛ր, պայքար մինչեւ վերջ», որը ժողովուրդը բառացիօրէն ընդունեց, այնինչ դա նշանակում էր` մինչեւ վերջ պայքարել հայրենիքը կործանելու համար:

Ի տարբերութիւն նրան` մի քանի ամիս առաջ մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս մեր նոր վարչապետը իր մարմնով նետուեց փշալարերի վրայ` ապահով ճանապարհ բանալով ցոյցի ելած ժողովրդին:

Այս օրերին, մէկ ամբողջ ժողովուրդ, մոլեգնած, կուտակուած ոխակալութեամբ, ուզում է դատել երկրորդ նախագահ Ռ. Քոչարեանին: Ես յիշում եմ մի դրուագ 2002-ին, որի մասին գրել եմ այդ օրերի իմ յօդուածներից մէկում եւ կրկին մէջբերում եմ: Հրապարակում երկու 10-12 ամեայ տղաներ իմ առջեւից ծխելով քայլում էին, մօտեցայ, կանգնեցրեցի եւ խիստ ձայնով պատուիրեցի, որ անմիջապէս ծխախոտը վայր նետեն, որ` դա վնասակար է, իրենք պէտք է  առողջ մնան ու մեծանան, քանզի իրենք են այս երկրի տէրը: Նրանք քմծիծաղով միաբերան ինձ լռեցրին` ասելով, որ երկրի տէրը Քոչարեանն է: Այս տխուր դրուագը յաճախ է արթնանում իմ մէջ, որովհետեւ նոյնիսկ երեխաների մէջ սպաննել էին երկրի տէրը լինելու գիտակցութիւնը: Ատելութիւնը երկրի նախագահ Քոչարեանի հանդէպ այնքան բուռն էր, որ շփոթում էին հողի, երկրի զգացումի հետ: Եւ այսօր ականատես ենք, որ նրա գահակալումից 10 տարի յետոյ էլ նոյն ատելութիւնը շարունակւում է:

Կէս արդարութիւնը արդարութիւն չէ, պէտք է ամբողջական արդարութիւն: Իսկ այդ ամբողջականը պարտադրում է ոչ թէ պոչից սկսել, այլ` գլխից, քանի որ գլուխն է հոտած: Ինչո՞ւ երկիրը կործման հասցրած ԼՏՊ-ն անպատիժ է մնալու: Ի՞նչ է, գերհզօր պետութիւննե՞րն են նրան անձեռնմխելիութեան մանտաթ շնորհել:

Տարիներ շարունակ քննադատել եմ մեր իշխանութիւններին, սակայն ժողովուրդը անտարբերութեան է մատնել:

Ճիշդ է` մենք ապրում ենք մեր կեանքը, բայց այսօրուայ ստեղծածն ենք յանձնում սերունդներին եւ պատասխանատու ենք մեր ամէն քայլի, որոշման համար, յատկապէս երբ այն վերաբերւում է երկրին ու նրա ապագային: Ահա թէ ինչո՛ւ եթէ այսօր հպարտանում ենք, որ խաղաղ յեղափոխութիւնից յետոյ պատասխանատուութեան են ենթարկւում բոլոր նրանք, ովքեր քայքայել են երկիրը,  ապա պարտաւոր ենք սկսելու գլխաւորից` նրանից, ով սխալ հիմքերի վրայ ստեղծեց երկրորդ անկախութիւնը: Այսինքն առաջին նախագահից` ԼՏՊ-ից, եւ դատելու ենք երեք իրերյաջորդներին եւ նրանց զինակիցներին, քանի որ նրա երկու հետեւորդները` Քոչարեանն ու Սարգսեանը, ոչ միայն չփոխեցին Լեւոնի հիմնադրած անօրինութիւնները, այլ աւելի խորացրին` քայքայելով երկիրը եւ ժողովրդին:

Մինչ օրս մեր երկրի իշխանութիւններին եւ նրանց սպասարկողներին թւում է, որ երկիրը իրենց սեփականութիւնն է, ինչպէս ուզեն, այդպէս կը վարուեն: Եւ դրա հիմնական պատճառը ժողովրդի լռութիւնն էր, քանզի մի մասի համար ձեռնտու էր այդ կողոպուտը, որից ինքն էլ անմասն չէր, միւս կէսն էլ զեղծարարութեամբ էր իր գլուխը պահում, չէ՞ որ առաջին նախագահի կարգախօսին էին հետեւում` գնացէք, ինչպէս ուզում էք, ձեր գլուխը պահէք: 

Յեղափոխութիւնը միայն զեղծարարութիւնները յայտնաբերելն ու դատելը չէ:

Եթէ ընդունում ենք, որ իրապէս յեղափոխութիւն ենք արել, ուրեմն անխտիր պատասխանատուութեան ենք ենթարկելու բոլորին` չխնայելով նաեւ ազդու մանտաթ ունեցողներին:

Երկար ժամանակ է` իշխանութիւնները լրջօրէն քննում ու փնտռում են, թէ ի՛նչ մեծութեան դղեակ տրամադրեն իր հրաժարականը խաղաղ կերպով տուած երրորդ նախագահ Ս. Սարգսեանին, քանի որ նախորդ երկու նախագահներին տրամադրել են բաւարար մեծութեան եւ կողոպտիչներին վայել դղեակներ: Ուզում եմ հասկանալ` այդ ո՞ր երկրի օրէնքում է գրուած, որ նախկին նախագահներին տրամադրուող ապագայ դղեակների համար ժողովուրդն է վճարելու: Արդեօք սա հայկական շռայլութիւն չէ՞: Որտե՞ղ է լսուած, որ ժողովրդի ու երկրի դրամներով միլիառատէր դարձած, ժողովրդին կողոպտած իշխողներին դեռ ժողովուրդը վճարի: Մի կողմից դատում են նրանց կողոպուտի համար, միւս կողմից` ժողովրդի դրամն են շահագործում նրանց կարիքները բաւարարելու համար: Ինչո՞ւ է այս մասին լռում ժողովուրդը: Չէ՞ որ, ըստ վարչապետի, ժողովուրդը արդէն ասելիք ունի բոլոր հարցերում:

Յեղափոխութիւնը նաեւ միայն երկրի ներքին օրէնքների վերանայումն ու փոփոխութիւնները չեն, այլ, մեր պարագայում, հիմնականում Արցախի ճակատագրին վերաբերող փոփոխութիւններն են, քանզի այն մեր գոյատեւման հիմնական բանալին է:

2016-ին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմում հող ենք կորցրել, ես կ՛ասէի` յանձնել ենք թշնամուն, քանի որ դրա  մասին ո՛չ պարզաբանում եղաւ, ո՛չ մէկ բացատրութիւն պահանջուեց, ո՛չ մէկը պատասխանատուութեան ենթարկուեց, ո՛չ մէկը պատժուեց, մինչեւ իսկ պաշտպանութեան նախարարը չհարցաքննուեց: Բոլորը կանգ առան զինամթերքի պակասի եւ զօրավարների անփութութեան վրայ. մէկը իբրեւ թանկարժէք քոնեաք է ըմբոշխնելիս եղել, միւսը կարծեմ` պիլիար խաղալիս, եւ այլն, եւ դրանով ծածկուեց, մոռացուեց այդ շատ կարեւոր, ես կ՛ասէի` առուծախը: Իսկ աւելի ուշ գործող նախագահ Ս. Սարգսեանը յայտարարեց, որ մեծ բան չէ, ընդամէնը 800 հեկտար Է: Ուրեմն դրա համար էր նախագահը շտապում Արցախի գերեզմանափոր Լեւոնի մօտ, որ նրանից արդարանալու պատրուակներ ստանայ: Գուցէ այսպէս, ոչ մեծ բան համարուող Արցախի հողակտորները աստիճանաբար յանձնուելու են` ըստ ԼՏՊ-ի նախկին պայմանաւորուածութեան, եւ ինչպէս միշտ` յուսադրելու, որ Արցախի ժողովուրդն է վճռելու իր ճակատագիրը` քաջ գիտենալով, որ ժողովուրդների վճիռը հաշուի առնող ոչ մէկ միջազգային վերին ատեան գոյութիւն ունի:

Մենք չենք կարող արդարութիւն հիմնել երկրի ապահովութեանը վերաբերող հրատապ հարցերը անորոշութեան մատնելով` կենտրոնանալ միայն կատարուած աւազակութեան, զեղծարարութեան, սպանութիւնների բացայայտման ու նրանց պատժելու վրայ: Կրկնում եմ` կէս արդարութիւնը դեռ արդարութիւն չէ:

Մեր հետագայ ողջ լինելիութիւնը, ողջ Հայաստանի գոյութիւնը Արցախի հարցից է կախուած, եւ եթէ մենք այսօր էլ չպահանջենք ստալինեան ամբարտաւան փոփոխութիւնների վերջնական ճշդում, երբեք այլեւս առիթ չենք ունենալու:  Մեր յեղափոխութեան փաստը մեզ պարտադրում է այդ ճշդումը իր վերջնակէտին հասցնել:

 

30 յուլիս 2018թ.

Սան Ֆրանսիսքօ

Սեւրի Դաշնագիրն Ու Մենք (10 Օգոստոս 1920)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ժամանակակից պատմութեան նոր մէկ դարձակէտին, Մեծ պատերազմի զինադադարի յիշատակելի օրերուն, երբ աշխարհի նոր քարտէսը կը գծուէր եւ ազգերու ճակատագիրը կը վճռուէր, օրուան քաղաքական պատասխանատու վարիչները Սեւրի 88-րդ եւ 89-րդ յօդուածներով պաշտօնապէս ու հանդիսաւորապէս ճանչցան հայ բազմաչարչար ազգի արդար իրաւունքը` ունենալու անկախ ու միացեալ Հայաստան:

ՀՐԱՆԴ ՍԱՄՈՒԷԼ
«Օրուան խօսքեր»

Գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ յայտնենք, թէ Սեւրի դաշնագիրը միջազգային այն միակ փաստաթուղթն է, որ կը պահէ իր քաղաքական նշանակութիւնը, ո՛չ միայն մեզի` հայերուս, այլեւ` միջազգային ընտանիքին համար, որովհետեւ անիկա ծնունդ էր այնպիսի բարդ իրավիճակի մը, երբ արդէն աշխարհ ծանօթացած էր Սայքս-Փիքօ (16 մայիս 1916) տխրահռչակ համաձայնագիրին, որ ունէր ծաւալապաշտական միտումներ, խորք եւ ապագայ պատերազմներ հրահրող ներքին տրամաբանութիւն:

Այլ խօսքով` զազրութեամբ յագեցած թուրքին եւ գերմանացիին պարտութիւնը ձեւով մը այլ ախորժակներու առիթ կու տար, բաժանարար սահմաններ ստեղծելու եւ հրէշային ծրագիրներ հետապնդելու:

Եւ ահա, ստեղծուած նման կացութիւններու թոհուբոհին մէջ, հայութիւնը կը յաջողէր ձեռք ձգել փաստաթուղթ մը, միջազգայնօրէն վաւերացուած` օրուան ազդեցիկ պետութեանց կողմէ, եւ անով հիմք կը դրուէր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի, 10 օգոստոս 1920-ին կը ստորագրէր Սեւրի դաշնագիրը` հետագայ սերունդներու նուիրելով հայոց մեծագոյն երազանքը: Այլ հարց, որ տուեալ երազանքը կեանքի չկոչուեցաւ, մնաց սպիտակ թուղթին գերին, մեծապետական խօլ հաշիւներու կամքին ենթակայ, քաղաքական թէ պատերազմական արհաւիրքներու լուսանցքին:

Ճիշդ է, որ Սեւրի դաշնագիրէն 118 տարի ետք չկայ Մեծ պատերազմի արհաւիրքը, բայց կան խայտաբղէտ ու համայնակուլ պատերազմներ ամէնուրեք` Միջին Արեւելք, Հիւսիսային Ափրիկէ, Կեդրոնական ու եւրոպական Ասիա եւ այլն:

Չկան երբեմնի գերմանական, ցարական, օսմանական եւ աւստրօհունգարական կայսրութիւնները, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին գաղութարարի հնաբոյր ազդեցութիւն ու բազում լծակներ, մեծապետական վայրագ ու շահամոլ քաղաքականութիւն, երկիրներ բնաջինջ ընելու բացայայտ միջամտութիւն, բիրտ ուժի գործածութիւն, զինուորական ուխտի թէ թաքուն համաձայնութիւններու գործադրութիւն եւ այլն:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ յետ Առաջին պատերազմին կը գծուէր նոր աշխարհակարգ, կը ձեւաւորուէր պետութիւններու նոր քարտէսը, եւ լոյսին կու գային քաղաքական կեանքի նորովի հարթակներ, այդուամենայնիւ, Հայկական հարցն էր, որ կը շարունակէր մերթ ընդ մերթ ինքզինք պարտադրել, ազգային գիտակցական որակի, կարելիութիւններու եւ օրուան պայմաններու լոյսին տակ:

Այդուհանդերձ, 118 տարի է գոյութիւն ունին, կան այնպիսի պատմավաւերագրական արձանագրութիւններ, որոնք պահած են ու տակաւին կը պահեն իրենց քաղաքական կշիռը, իմաստը, ներհուն խորհուրդն ու անժամանցելի հնչեղութիւնը:

Ի դէպ, հարց կրնայ տրուիլ, գէթ հայութեան պարագային, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունեցած են երբեմնի Սան Սթեֆանոյի թէ Պերլինի վեհաժողովներու ընթացքին կարմիրով արձանագրուած բարեկարգումներու խոստումները, հայկական գաւառներու մէջ սպանդի թէ կողոպուտի կասեցման` թուրքին դէմ հաստատուած միջազգային սպառնալիքները եւ մասամբ նորին:

Այլ խօսքով` կրնայ առարկուիլ, թէ նմանօրինակ համաձայնագիրներ, ինչպիսի՛ մակարդակ ու յանձնառութիւն նուաճած ըլլային կամ ըլլան, փոքր ազգերու համար անոնք ոչ մէկ նշանակութիւն պէտք է ունենան, այնքան ատեն որ անոնք իրենց սեփական կեանքին, ազգային արժանապատուութեան ու ճակատագրին տէրը չեն:

Ճշմարիտ հաստատում ու միանգամայն դաստիարակիչ:

Այդուամենայնիւ, ատենի (1918-1920) հայ քաղաքական միտքը, իր պետական ու ազգային  ներկայացուցչական հանգամանքով` որոշակիօրէն կը տանէր յաղթանակ մը, այն առումով որ հայութիւնը` շնորհիւ իր մայիսեան ահեղ ճակատամարտերուն եւ ազգային ազատագրական պայքարին, վերջապէս կը յաջողէր իր տեղն ու դերը ունենալ միջազգային ամպիոններու վրայ, պահանջել ու ամրագրել այն մեծ երազանքը` Արեւմտահայաստանի ու Արեւելահայաստանի միաւորումը, ծնունդը:

Փաստօրէն, 22 նոյեմբեր 1920-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով կ՛ամրագրուէր հայոց դարաւոր երազանքը, առիթ կը տրուէր միջազգային ընտանիքին աշխատելու այդ ուղղութեամբ, վերահաստատելու արդարութիւնը յանուն ազգերու ինքնիշխան ապրելու իրաւունքի եւ բռնագրաւուած հայրենի հողի վերատիրացման:

Արդ, տասնամեակներ շարունակ հայ քաղաքական միտքը իր դրսեւորումներով եւ տարաբնոյթ աշխատանքներով կրցաւ ներշնչել իրերայաջորդ սերունդներ, վառ պահելու հաւաքական յիշողութիւնն ու պահանջատիրական ոգին, երթը, քաջ գիտնալով, որ պիտի գան ժամանակներ, բարենպաստ ու ազգաշահ, երբ հայութիւնը իր պետականութեամբ եւ յանձնառութեամբ պիտի վերստանձնէ այն պարտաւորութիւնը, որ իրեն փոխանցուած է ժառանգաբար, եւ յամառօրէն լծուի Սեւրի դաշնագրի նախ` վերարծարծումին, ապա` ստոյգ պահանջին:

Յայտնապէս, մենք կ՛ապրինք այդ օրերը: Հայաստան վերանկախացած է, հայութիւնը մղած է իր նորօրեայ ազատագրական պայքարը, Արցախ աշխարհը հայացած է ու վերադարձած իր ժողովուրդին: Եւ այս բոլորը` անսահման զոհողութիւններու եւ արեան գնով:  Իրօք, այս առումով` հայութիւնը անդարձօրէն բռնած է պետականութեան կայացման եւ ինքնահաստատման ճանապարհը, կ՛ուղղուի դէպի դարաւոր երազանքի կենսագործում եւ առաւել հզօրացում:

Սակայն, ո՞վ ենք «մենք», որուն ակնարկուեցաւ: Մենք, արդեօք ազգային արժէքներով  լիացած հայութի՞ւնն ենք, որ միասնակամ է իր ազգային պահանջատիրական երթին մէջ, ունի քաղաքական յստակ տեսլական, կ՛աշխատի բարելաւել իր ընկերային, տնտեսական ու ազգագրական պատկերը, կը հաւատայ իր սեփական բազուկին` բանակին:

Այո՛, ո՞վ ենք մենք. երկրի իրերայաջորդ նախագահներ, Ազգային ժողովի անդամներ, նախարարներ, պետական ու դիւանագիտական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք 25 տարի է ստանձնած են պետութեան ղեկը, արդեօք, զե՞րծ ենք փտածութենէ, քրէական յանցանքէ, կաշառակերութենէ, ապազգային վարքագիծերէ, շահամոլ կեցուածքներէ եւ այլն:

Մենք, հայրենի հողին թէ սփիւռքի տարածքին ապրող կուսակցութիւններու, միութիւններու թէ հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, համայնքներ, հայութիւն, արդեօք, հաւատացա՞ծ ենք, թէ հայ ազգի ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է, հայրենիքը կը դիմագրաւէ բազմատեսակ դժուարութիւններ, մարտահրաւէրներ, ցաւ ու տառապանք:

Մենք գիտակի՞ց ենք, թէ սփիւռքահայութիւնը օրըստօրէ կ՛այլասերի` կորսնցնելով իր ազգային դիմագիծն ու առանձնայատկութիւնը: Կ՛ըմբռնե՞նք, թէ հայրենի հողին վրայ ապրող հայութեան 70 առ հարիւր համեմատութիւնը կ՛ապրի աղքատութեան մէջ, կը մտածե՞նք արտագաղթի ահաւորութեան մասին եւ այլն, եւ այլն:

Արդեօք «մենք»-ին մաս կը կազմե՞ն այն պետական այրերն ու կիները, որոնք, այսպէս ըսած, զարկ տալով իրենց քաղաքական մտքի «հասունութեան» կը վիրաւորեն ազգային արժանապատուութիւնը, կ՛անարգեն նուիրական արժէքները, կը մսխեն արեամբ շահուած վաստակը, ազատագրուած հողն անգամ թշնամիին յանձնել կ՛ուզեն ու մասամբ նորին:

Անկեղծ ըսած, ընթերցողը կրնայ հարց տալ, թէ հայ կեանքի մէջ առկայ բազում թերութիւններն ու խաղքութիւնները, արձանագրուած տխուր երեւոյթներ ի՞նչ կապ ունին Սեւրի դաշնագիրին հետ:

Մեր պատասխանն ու համոզումը այն է, որ Սեւրի երազանքը իրականութիւն կը դառնայ այն ատեն, երբ հայութիւնը ունի հզօր պետականութիւն, ազգային շունչով հասակ առած սերունդներ, քաղաքական մտածողութեամբ յագեցած պետական այրեր, ինքնիշխան ու ազատ ապրելու համար կեանք նուիրաբերող գործիչներ, մարտունակ եւ զարգացած բանակ, միջազգային հարթակներու վրայ իրաւատէրի կեցուածք ցոյց տուող դիւանագէտներ, անվախ ու վճռակամ ժողովուրդ, համաշխարհային ամպիոններու վրայ ինքզինք պարտադրող հայ ստեղծագործներ:

Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն, պատրաստ ըլլալ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու թէ պատերազմական ցնցումներու ատեն` օգտուելու ստեղծուած վիճակներէ եւ ապահովելու ազգային շահերը:

Փաստօրէն, մերօրեայ ժամանակներն ու մեծապետական հաշիւներ կը յուշեն, ցոյց կու տան, թէ աշխարհաքաղաքական նոր համակարգեր կը ձեւաւորուին, քարտէսներ կը պատրաստուին, պետութիւններ կրնան փուլ գալ, կու գան, երկիրներու սահմաններ կը ձեւափոխուին, փոխուեցան, տկար ազգեր կրնան զոհ դառնալ խօլ պատերազմներու:

Այս անգամ ալ, թող պատմութեան կրկնութիւնը ի նպաստ հայութեան ըլլայ, պէտք է ըլլայ, ազգովին պատրաստուինք այդ օրուան:

 

 

 

Անդրադարձ. Հարկադիր Եւ Անախորժ Ընտրանքը

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Պաղտատ դէմ է Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն, սակայն հարկադրուած է զանոնք կատարել: Իրաքի իշխանութիւնները, հակառակ երկրին Իրանի հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն, երկրի քաղաքական կեանքին մէջ շիիներու առաջնակարգ դերակատարութեան, Իրանի հետ 10 միլիառ տոլարի ապրանքաշրջանառութեան, դադրեցուցին Իրանի ելեւմտական հաստատութիւններուն հետ դրամատնային փոխանցումները:

Բազմաթիւ երկիրներ պիտի ստիպուին հետեւիլ Իրաքի օրինակին, իմա` ընտրել չարեաց փոքրագոյնը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` «Իրանի հետ առեւտուր կատարող ոեւէ մէկը մեզի հետ առեւտուր պիտի չկատարէ» յայտարարութիւնը կը բացառէ խուսանաւումի կարելիութիւնը եւ երկիրները կը դնէ յստակ ընտրանքի մը առջեւ: Անոնք, որոնք Իրանը կ՛ընտրեն, կ՛ենթարկուին պատժական տնօրինումներու: Իրաքի պարագային Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը Իրաքի կեդրոնական դրամատան նամակ մը յղելով սպառնացած էր սառեցնել հաշիւները եւ սեւ ցուցակի վրայ առնել իրաքեան այն դրամատուները, որոնք կը գործակցին իրանեան դրամատուներու հետ:

Միւս կողմէ, ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով դրամանիշի եւ սակարանի անկում կրող երկիրներ Իրանը, Ռուսիան եւ Թուրքիան պիտի փորձեն գործակցութեան ճամբով կարելիութեան սահմաններուն մէջ նուազեցնել ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառած վնասը: Իրանի նախագահի վարչախումբի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի 9 օգոստոսին Անգարա այցելելով Իրանի նախագահէն նամակ մը յանձնեց Թուրքիոյ` Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները խզել մերժող նախագահին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին 13-14 օգոստոսին պիտի այցելէ Թուրքիա, ուր իր թուրք գործընկերոջ հետ պիտի քննարկէ միջազգային օրակարգին ու երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր, որոնց շարքին` բնականաբար ամերիկեան պատժամիջոցներուն դէմ պայքարի հարցը: Կը մնայ տեսնել, եթէ Չինաստանն ու այլ երկիրներ եւս անոնց պիտի միանա՞ն ու հակաամերիկեան ճակատ մը պիտի կազմե՞ն, եւ այդ պարագային ի՞նչ պիտի ըլլայ թուրք-ամերիկեան եւ Թուրքիա-ՕԹԱՆ յարաբերութիւններու ճակատագիրը:

4 նոյեմբերին Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու երկրորդ թղթածրարի հաստատման ժամկէտին մօտեցումով բազմաթիւ երկիրներ Իրաքի նման պիտի գտնուին անախորժ ընտրանք մը կատարելու հարկադրանքին տակ: Ստեղծուած է կացութիւն մը, ուր բոլոր ընտրանքներն ալ վատ են ու հետեւանքներով յագեցած: Իրաքի նման երկիրներն ու անոնց քաղաքացիները ունին գին մը (կամ գիներ) վճարելիք: Անխուսափելի գինը վճարել ու վերապրիլ, ահա այն մարտահրաւէրը, որուն դիմաց կանգնած են անոնք:

 

 

Հայաստան-Թուրքիա սահմանագծի անվաւերականութիւնը (Սեւրի Դաշնագրի Հեղինակութիւնը)

0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սեւրի դաշնագիրը քաղաքական եւ դիւանագիտական ուրոյն հեղինակութիւն պարտադրող այն հիմնական միջազգային համաձայնագիրն է, որ հետեւողականօրէն կը հաստատէ ու կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այժմու սահմանագծին անվաւեր հանգամանքը։ 98 տարիներ առաջ, 1920 Օգոստոս 10ին ստորագրուած այս դաշնագիրը միջազգային միակ պայմանագիրն է, որ կը բացորոշէ ցարդ չգործադրուած վաւերական սահմանագծումը երկու երկիրներու միջեւ։

Հակառակ այն իրողութեան, որ Սեւրի դաշնագիրը տակաւին կը մնայ անվաւեր ստորագիր պետութիւններուն կողմէ, Հայաստանի վերաբերող անոր տրամադրութիւնները կը շարունակեն մնալ ուղեցոյց Հայաստան-Թուրքիա վերջնական սահմանագծումին։ Դաշնագրի նոյնինքն անվաւեր մնալու հանգամանքը ինքնըստինքեան կը հանդիսանայ փաստը երկու երկիրներու միջեւ վերջնական սահմանագծումի անլոյծ մնացող իրողութեան։

Իր թիւ 88էն թիւ 93 յաջորդական յօդուածներով, Սեւրը ամրագրեց արդէն իսկ իբրեւ անկախ պետութիւն գոյութիւն ունեցող Հայաստանի մը պատմական եւ իրաւական հիմունքներով կազմութիւնը եւ ճանաչումը։ Որդեգրելով Դաշնակից Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդի Հայաստանի սահմաններուն առնչուող որոշումը, դաշնագիրը Հայաստանի սահմաններու վերջնական ճշդումը յանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեան։ Դաշնագրի ստորագրութենէն երեք ամիս ետք, նախագահ Ուիլսըն իր իրաւարար վճիռը որոշեց եւ յայտարարեց Նոյեմբեր 22, 1920ին։

Հակառակ այն իրողութեան որ Սեւրի դաշնագիրը չվաւերացուեցաւ ստորագիր պետութիւններու կողմէ, Ուիլսընի իրաւարար վճիռը կը մնայ ի զօրու եւ գործադրելի՝ ըստ միջազգային օրէնքի եւ հաստատուած միջազգային ուխտերու։ Սեւրով հաստատուած այս վճիռը վերջնականապէս կը գծէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանները, որոնք որեւէ ձեւով չեն ներկայացուած ներկայիս գոյութիւն ունեցող սահմանագիծով։

Ուիլսընի իրաւարար վճիռը, հետեւելով Թուրքիոյ իսկ համաձայնութիւնը վայելող Դաշնակից Ուժերու որոշումին եւ Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեանց, Օսմանեան կայսրութեան հայապատկան հողատարածքներու մեծ մասը (ինչպէս Էրզրումի, Պիթլիսի, Տրապիզոնի եւ Վանի նահանգները) կցեց ու միացուց Հայաստանի Հանրապետութեան։ Այսպիսով, շուրջ 50 հազար քառակուսի քիլոմեթր հաշուող հայկական հանրապետութեան կը միացուէր Արեւմտեան Հայաստանէն103 հազար քառակուսի քիլոմեթր հողատարածք՝ Հայաստանը վերածելով153 հազար քառակուսի քիլոմեթր երկրի։

Դժբախտաբար, քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական գերակշիռ գործօններ արգելակեցին Սեւրի դաշնագրի վաւերացումը ստորագիր պետութիւններուն կողմէ։ Այս պայմաններու տակ, չգործադրուեցան Ուիլսընի իրաւարար վճիռի սահմանագծումները։ Ինչպէս նաեւ իր կարգին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ արդէն իսկ ներքնապէս եւ արտաքնապէս մաշումի ու քայքայումի կ՚ենթարկուէր պոլշեւիկ Ռուսաստանի եւ Քեմալական ուժերու զինակցային դաւադրութեան, քաղաքական ու զինուորական կարողականութիւնը չունէր պաշտպանելու Սեւրով տրամադրուած Ուիլսոնեան իրաւարարութեան սահմանուած իր իրաւունքները։

Արդ, 1920 Դեկտեմբեր 2էն ի վեր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագիծը կը մնայ անվաւեր։ Քաջ գիտակցելով Հայաստանի հողատարածքին ամբողջականութիւնը պարտադրող Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեանց եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի ներկայացուցած վտանգներուն, Թուրքիա փորձեց միջազգային օրէնքի հիման վրայ ընդունուած այս կրկնակ որոշումները շրջանցել՝ Հայաստանին պարտադրելով զանոնք փոխարինելու միտող պայմանագրերով։

Այս ուղղութեամբ թրքական առաջին փորձը հանդիսացաւ 1920 Դեկտեմբեր 3ի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, որ Թուրքիա պարտադրեց Հայաստանի Հանրապետութեան։ Թրքական սալի եւ պոլշեւիկեան մուրճի միջեւ բռնուած մեր անկախ պետութիւնը ստիպողաբար ենթարկուեցաւ պարտադրանքին։ Այս դաշնագրով կը պարտադրուէր Հայաստանին իրաւականօրէն հրաժարիլ Սեւրի դաշնագրէն։ Հայաստանի հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ նախկին վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի գլխաւորութեամբ դիտմամբ երկարաձգեց բանակցութիւնները մինչեւ Դեկտեմբեր 3ի լուսցող ժամերը։ Երբ ստորագրուեցաւ դաշնագիրը, արդէն իսկ օր մը առաջ, Դեկտեմբեր 2ի կէսօրէ ետք ժամը 5ին Հայաստանի պետական լիազօրութիւնները ստանձնած էր պոլշեւիկեան յեղկոմը։ Իր կարգին, Քեմալ Աթաթուրքի ներկայացուցիչները իրաւասու չէին Օսմանեան պետութեան անունով դաշնագիր ստորագրելու։

Թրքական կողմը շարունակեց Սեւրի եւ Ուիլսոնեան վճիռի շրջանցման ու Հայաստանի հետ սահմանագծի վերջնականացման նոր սադրանքները։ Այսպէս, 1921ին Կարսի մէջ ստորագրուեցաւ դաշնագիր մը՝ Խորհրդային Հայաստանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ հաստատելու համար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ներկայ սահմանագիծը։ Կարսի դաշնագիրը, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրին հետեւողութեամբ, զուրկ էր իրաւական հիմունքներէ եւ վաւերականութենէ, որովհետեւ Խորհրդային Հայաստանի կողմէ ստորագիր իշխանութիւնը Մոսկուան էր, իսկ թրքական կողմէն Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչը, որ չէր լիազօրուած պաշտօնական Օսմանեան կառավարութեան կողմէ։

Ներկայ սահմանագծի վերջնական ճանաչման համար, ներկայիս Թուրքիա իրաւական ապաւէն կը փնտռէ Յուլիս 24, 1923ին ստորագրուած Լօզանի դաշնագրին մէջ՝ զայն նկատելով Սեւրը փոխարինող նոր համաձայնագիր։ Սակայն, միջազգային օրէնքով Լօզանը չփոխարինեց եւ չէր կրնար փոխարինել Սեւրը։ Այս երկու դաշնագրերը առաջին հերթին իրարու հետ չեն առնչուիր, որովհետեւ կ՚ընդգրկեն իրարմէ տարբեր նիւթեր։ Երկրորդ, անոնց ստորագիր պետութիւնները նոյնը չեն եւ նոյն նպատակները չունին։

Աւելին, Լօզանի դաշնագիրը կը հաստատէ Սեւրի դաշնագրով ճշդուած այն սահմանագիծը, որուն գործադրութիւնը տակաւին կ՚ուշանայ։ Լօզանի դաշնագրի 16րդ յօդուածի հիմամբ Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման: Յստակօրէն, Սեւրի դաշնագրով Ուիլսոնեան իրաւարարութեան վճիռին հիմամբ ճշդուած Հայաստանի հողատարածքի սահմանները մաս չէին կազմեր Լօզանի քննարկումներուն։

Այսօր, Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծը վաւերական չէ եւ տակաւին կը սպասէ իր վերջնական այն լուծումին, որ տրամադրուած է Սեւրի դաշնագրով ու Ուիլսոնեան իրաւարարութեամբ։

Որքան ալ իրաւական ճշմարտութիւն ըլլայ Սեւրի անվաւեր հանգամանքը, ան կը շարունակէ պահել իր բարոյական եւ քաղաքական հեղինակութիւնը շնորհիւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին։ Այս վճիռը գործադրելի է՝ ըստ միջազգային օրէնքի եւ պայմանագրերու։ Զայն գործադրելու համար անհրաժեշտ են դիւանագիտական հետեւողական աշխատանք եւ քաղաքական կամք։

Հայաստանի դիւանագիտութեան եւ հայկական Սփիւռքի պարտականութիւնն է այդ քաղաքական կամքը ցուցաբերելու եւ հետեւողական աշխատանքը իրականացնելու ծանր գործը։

Լոս Անճելըս
Օգոստոս 9, 2018

10 Օգոստոս 1920. Սեւրի Դաշնագրին այժմէական արժէքն ու նշանակութիւնը

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

10 Օգոստոսին, 1920ին, հայ ժողովուրդը յաղթահասակ կանգնեցաւ միջազգային բեմահարթակի վրայ՝ անկախ հայրենիքի եւ ազատ պետականութեան տէր ազգի իրաւական կարգավիճակով նոր դարաշրջան իր մուտքը նուիրագործելով։

Օգոստոս ամսու 10րդ օրը, 98 տարի առաջ, հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ Սեւրի Դաշնագիրը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը։

Սեւրի Դաշնագիրը նաեւ եղաւ այն միակ միջազգային փաստաթուղթը, ուր Օրէնքի եւ Իրաւունքի տիեզերական հիմունքով՝ առաջին քայլը նետուեցաւ մանրամասնօրէն ճշդելու եւ քարտէսագրելու համար հայեւթրքական միջ¬պետական սահմանագծումը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ։

Փարիզի կեդրոնէն 9,9 քիլոմեթր հարաւ¬արեւմուտք գտնուող արուարձանային Սեւր քաղաքը, որ պատմութեան ծանօթ է իբրեւ ֆրանսական փորսըլէնային (ճենապակի) արտադրութեանց կեդրոն եւ Կշռումի ու Չափման Միջազգային Գրասենեակի նստավայր, 10 Օգոստոս 1920ին իր անունով դրոշմեց նաեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին կնքուած Խաղաղութեան Դաշնագիրը։

Սեւրի Դաշնագիրը մէկն էր Առաջին Աշխարհամարտին աւարտը իրաւականօրէն հաստատագրող այն դաշնագիրներէն, որոնք պատերազմի յաղթական Դաշնակից Ուժերուն կողմէ պարտադրուեցան պարտեալ Կեդրոնի Ուժերուն՝ Գերմանիոյ, Աւստրօ¬Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան։

Սեւրի Դաշնագիրը հանդիսացաւ պարտեալ Օսմանեան Կայսրութեան եւ յաղթական Դաշնակիցներուն միջեւ կնքուած խաղաղութեան ու հաշտութեան պայմանագիրը։

Դաշնագրի ստորագրութեան պաշտօնական ու հանդիսաշուք արարողութիւնը կատարուեցաւ Սեւրի աշխարհահռչակ Փորսըլէնի
Գործարանի ցուցասրահներէն մէկուն մէջ։

Ֆրանսա նախագահեց արարողութեան։

Դաշնագիրը պատրաստուեցաւ երեք լեզուներով՝ ֆրանսերէն (առաջնային), անգլերէն ու իտալերէն եւ ստորագրուեցաւ, լատինական այբուբենի կարգով, Հայաստանի, Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հիճազի (արաբական թագաւորութիւն), Իտալիոյ, Ճափոնի, Լեհաստանի, Փորթուկալի, Ռումանիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան, Եուկոսլաւիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ։

Աւետիս Ահարոնեան

Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Սեւրի Դաշնագիրը ստորագրեց Հ.Հ. Պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեան։ Իսկ Օսմանեան Կայսրութեան անունով Դաշնագիրը ստորագրեցին թրքական պատուիրակութեան չորս անդամները՝ Ռիզա Թեւֆիք, Մեծ Վեզիր Տամաթ Ֆերիտ փաշա, դեսպան Հատի փաշա եւ կրթութեան նախարար Րեշիտ Հալիս, որոնք լիազօրուած էին սուլթան Մեհմետ 6րդի կողմէ։

Քաղաքական եւ իրաւական բարդ ու անօրինակ ճակատագիր մը վերապահուեցաւ Սեւրի Դաշնագրին։ Միջազգային Դաշնագիրներու պատմութեան մէջ եղաւ մէկը այն եզակի իրաւական փաստաթուղթերէն, որոնք ո՛չ վերջնականապէս վաւերացուած կամ լիարժէք կիրարկուած են, ոչ ալ ամբողջապէս չեղեալ կամ ջնջուած յայտարարուած են։

Սեւրի Դաշնագրով փաստօրէն անդամահատուեցաւ Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ յաղթական Դաշնակիցները իրենց միջեւ բաժնեցին պատերազմական… աւարը։

Միջին Արեւելքի, կայսրութեան արեւմտեան բաժնի, Պալքաններու եւ հիւսիսային Ափրիկէի տարածքին՝ Ֆրանսա, Անգլիա եւ Իտալիա, ինչպէս նաեւ կրտսեր դաշնակիցի դիրքէն Յունաստան, իրենց հոգատարութիւնը հաստատեցին օսմանեան լուծէն ազատագրուած տարածքներու, երկիրներու եւ ժողովուրդներու վրայ։

Այդ առումով եւ իր համապատասխան յօդուածներով ու բաժիններով՝ Սեւրի Դաշնագիրը փաստօրէն ոչ միայն վաւերացման կարիք չունեցաւ, այլեւ՝ անմիջապէս ի գործ դրուեցաւ… բան մըն ալ աւելիով։

Նոյնը կարելի չէ ըսել, դժբախտաբար, Հայաստանի առընչուող բաժնին կամ յօդուածներուն վերաբերեալ։

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած թրքական պատուիրակութիւնը

Յաղթական Դաշնակիցները այնքան բուռն մրցակցութեան եւ տարակարծութեանց մէջ էին‘ Օսմանեան Կայսրութեան աւարը իրենց միջեւ բաժնուելու հարցով, որ 1918ի աշնան Առաջին Աշխարհամարտի իրողական աւարտէն ետք շուրջ երկու տարի պէտք եղաւ, որպէսզի 1920ի Օգոստոս 10ին ի վերջոյ պաշտօնապէս ստորագրուի Սեւրի Դաշնագիրը՝ իրաւական նուիրագործումը կատարելու համար Դաշնակիցներու միջեւ գոյացած համաձայնութեանց։

Դաշնակիցներու այդ ներքին մրցակցութենէն առաւելագոյն չափով օգտուեցաւ թրքական ազգայնականութիւնը՝ Մուսթաֆա Քեմալի ղեկավարութեամբ, որ խորհրդային նորահաստատ իշխանութեանց հետ առանձին, երկկողմանի համաձայնութիւններ կնքեց, բացայայտ թէ գաղտնի, որպէսզի կարենայ ոչ միայն մերժել Սեւրի Դաշնագիրը, այլեւ՝ 1920ի Հոկտեմբերին ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկել Հայաստանի ուղղութեամբ։

Քեմալական շարժման դիրքերուն ամրապնդումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տկարացումը (Լենին¬Քեմալ մեղսակից ճնշման տակ) պատճառ դարձան, որ քաղաքական խամաճիկի վերածուած սուլթան Մեհմետ 6րդի կառավարութիւնը նոյնիսկ խորհրդարան չյղէ Սեւրի դաշնագիրը առ ի վաւերացում։

Այսօրինակ զարգացումներու յորձանուտին մէջ Սեւրի Դաշնագիրը պարզապէս… «մոռցուեցաւ»։

Ո՛չ վաւերացուեցաւ, ոչ ալ անվաւեր հռչակուեցաւ, այլ ենթարկուեցաւ ուժի եւ ուժեղի տրամաբանութեան՝ իր որոշ մասերով ու յօդուածներով գործադրուելով, իսկ այլ յօդուածներով քաղաքական շրջանառութենէ դուրս մղուելով։

Այդ առումով ալ Դաշնակիցները նոր դաշնագիր մը պատրաստեցին՝ Առաջին Աշխարհամարտի արեւելեան ճակատի պատերազմական դրութեան պաշտօնապէս վերջ տալու նպատակով։ Այդ նոր դաշնագիրը եղաւ 1923ի Յուլիս 24ին ստորագրուած Լօզանի Դաշնագիրը, որ սակայն կնքուեցաւ ոչ թէ Օսմանեան Կայսրութեան կառավարութեան, այլ՝ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին հետ, որ Քեմալի ազգայնական շարժման ինքնակոչ իրաւական անուանումն էր։

(Հանրապետական Թուրքիան այդ օրերուն դեռ գոյութիւն չունէր իբրեւ իրաւական անձնաւորութիւն։ Իբրեւ այդպիսին պիտի հռչակուէր 1923ի Հոկտեմբերի 29ին միայն)։

Բայց ինչպէս որ հազարամեակներով պատահած ու կրկնուած է, իրաւունքն ու օրէնքը միշտ ալ խոնարհած են սուրին եւ ուժեղին առջեւ՝ այս վերջիններու պահանջներուն եւ կամքին հետ քայլ պահելու անթաքոյց ճիգով ու… գիւտարարութեամբ։

Նոյնը պատահեցաւ Քեմալի հետ կնքուած Լօզանի Դաշնագրին պարագային, ուր Սեւրի Դաշնագիրը իրաւականօրէն չեղեալ յայտարարելու կամ փոխարինելու հարկադրանքը շրջանցելով՝ յաղթական Դաշնակիցները յառաջ մղեցին Քեմալի Թուրքիան սիրաշահելու եւ զայն խորհրդային ճամբարէն հեռացնելու, ետ բերելու եւ Եւրոպային մօտեցնելու… քաղաքականութիւնը։
Բայց միաժամանակ այդ շրջանցման գինը եղաւ Քեմալական Թուրքիոյ ճանաչումը՝ իբրեւ Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդը, ինչ որ բնականաբար կը նշանակէ նաեւ ժառանգումը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ թրքական պետութեան բոլոր պարտաւորութեանց։

Լօզանի Դաշնագրով խորհրդանշուող Եւրոպայի ամօթալի ուրացումն ու խոստմնադրուժ վարքագիծը, անկասկա՛ծ, արժանի են առանձին կեդրոնացումով քննարկումի։ Բայց անմիջապէս հոս, Սեւրի Դաշնագրին նուիրուած այս անդրադարձի եզրափակման համար, կ՛արժէ կարեւորութեամբ ընդգծել ու շեշտել, որ պարզապէս մոռացութեան մատնելով Սեւրի Դաշնագիրը՝ Լօզանի Դաշնագրին ստորադիր կողմերը փաստօրէն պատմութեան առջեւ բաց պահեցին Սեւրի Դաշնագրին… վերակենդանացման հնարաւորութիւնը։

Ինչպէս որ սուրի եւ ուժի ճնշման տակ ատենի մեծապետական աշխարհը յղացաւ Լօզանի Դաշնագիրը, նոյն ձեւով ալ եւ համապատասխան զարգացումներու ճնշման տակ՝ մեծապետական աշխարհը կրնայ դրուիլ նաեւ նոր «Սեւրի Դաշնագիր» մը պատրաստելու եւ որդեգրելու ստիպողութեան տակ։

Փաստօրէն Սեւրի Դաշնագրէն զատ չկայ հայեւթրքական միջ¬պետական յարաբերութիւններու եւ սահմաններու կարգաւորման միջազգային այլ դաշնագիր մը, որուն տակ կþերեւի ստորագրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան։

Հայ ժողովուրդէն առաջ եւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր ուժերէն անդին յատկապէս թրքական պետութիւնն է, որ առաւելագոյն մտահոգութեամբ կը գիտակցի այս իրողութեան։

Այդ պատճառով ալ թրքական պետութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի խորհրդային ճնշման տակ կնքուած 23 Հոկտեմբեր 1921ի Կարսի Դաշնագրին նմանողութեամբ՝ միջազգային նոր դաշնագիր մը կնքելու անձնատուութեան մղէ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Ի վերջոյ Թուրքիա ամէնէն աւելի կþանդրադառնայ, որ Սեւրի Դաշնագիրը – մոռցուած ըլլայ թէ անվաւեր մնացած – իր գլխուն կախուած է դամոկլեան սուրի պէս՝ Ուիլսընեան սահմանագծումով Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը իրաւականօրէն ամրագրելով։

Եւ Իսմէթ Ինէօնիւ կոչուի թէ Րէճափ Էրտօղան՝ թրքական պետութեան ղեկին կանգնած քաղաքական որեւէ պատասխանատու կը գիտակցի, որ ի վերջոյ կրնայ հաշուետուութեան կանչուիլ, եթէ չկարենայ – միջազգային նոր դաշնագրի մը կնքումով – Հայաստանն ու հայութիւնը զրկել Սեւրի Պարտամուրհակէն։

Այո՛, թէեւ Սեւրի Դաշնագիրը չվաւերացուեցաւ, բայց նաեւ՝ Հայաստանի վերաբերեալ իր յօդուածներով՝ չփոխարինուեցաւ որեւէ այլ դաշնագրով։ Կարսի Դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ միջազգային իրաւականութիւն։ Իսկ Լօզանի Դաշնագիրը պարզապէս ուրացաւ, որ մեծապետական աշխարհը – միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի առումով – պարտք է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։

10 Օգոստոսին, 94 տարի առաջ, Հայաստանն ու հայութիւնը տիրացան – Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի համազգային մեր տեսլականը նուիրագործող – միջազգային Օրէնքի եւ Իրաւունքի անժամանցելի յաղթաթուղթին։

Մեր սերունդներուն կը մնայ մոռացման եւ ուրացման փոշիներէն հանել ու վերստին կեանքի կոչել Սեւրի Դաշնագիրը։

Մանաւանդ՝ բոլոր ուժերով թումբ կանգնիլ Սեւրի Պարտամուրհակը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքէն խլելու թուրք պետական մերօրեայ սադրանքներուն։


Խմբագրական. Իրաւապայմանագրային Բարձրակէտը Կեանքի Կոչելու Համար (Սեւրի Դաշնագիրին 98-ամեակին Առիթով)

0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումները առիթ էին եւ առիթ են վեր առնելու հանրապետութեան կարճատեւ ժամանակաշրջանին իրագործուած պատմաքաղաքական կարեւորագոյն իրադարձութիւնները եւ այժմէական կարգով զանոնք լուսարձակի տակ բերելու: Տարին դեռ յոբելենական է եւ կայ մօտեցում, որ ընթացիկ երկուքուկէս տարուան ընթացքին այս նշումները նոյն հայեցակարգային դիտանկիւնէն պիտի շարունակեն արծարծել ճակատագրորոշ խնդիրները:

Այս շրջագիծին մէջ առաջին հորիզոնականին վրայ կը դիրքաւորուի Սեւրի համաձայնագիրը, որ հայկական կողմին համար ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ անկէ բխած Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի հիման վրայ Արեւմտահայաստանի սահմանագծումը. աւելի մասնակի բացատրութեամբ` մեր տարածքային պահանջատիրութեան համար միջազգայնօրէն ամրագրուած տարածքները:

Սեւրն ու իրաւարար վճիռը հետզհետէ հասարակական հնչեղութենէ փուլ առ փուլ անցում կը կատարէին դէպի պետական-պաշտօնական յայտարարողական դաշտ` ի վերջոյ ամրագրուելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրին այն բաժինին մէջ, ուր կ՛արժեւորուէր 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի

22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան

հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ:

Հռչակագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի համար աշխատանքային ուղենշային կարեւորութիւն ունեցող փաստաթուղթ է, որ այս պարագային կը կազմէ հատուցման թղթածրարի կարեւորագոյն բաժնինին հիմքը:

Տարբեր գիտաժողովներու ընթացքին իրաւարար վճիռին ներկայացուցած իրաւական այժմէականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած է զուտ իրաւագիտական մօտեցումներով: Եթէ մէկ կողմէ Սեւրէն բխած  եւ իրաւարար բնոյթ ունեցած ըլլալը կը մեկնաբանուի անբեկանելիութեամբ, հետեւաբար նաեւ անժամկէտ իր ուժը պահած ըլլալու վարկածով, միւս կողմէ կը պնդուի, որ Սեւրէն բխած ըլլալը կ՛ենթադրէ նաեւ Սեւրի վաւերացում, ինչ որ չէ կայացած, ուստիվճիռը կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր վաւերականութիւնը: Իրաւական վէճերուն մաս կը կազմէ նաեւ այսօրուան Ուաշինկթընի ունեցած յանձնառութիւնը օրուան գործող նախագահին ստանձնած իրաւարարութեան արդիւնքի գործադրելիութիւնը ապահովելու, երբ իբրեւ հակափաստարկ կը նշուի, որ քոնկրեսը քուէարկութեամբ չէ հաստատած երկրի նախագահին առած քայլը եւ հետեւաբար նախագահը անձնական կարգավիճակով կատարած է իրաւարարութիւնը եւ ոչ թէ իր նախագահական լիազօրութիւններու իրաւակարգէն մեկնած:

Նման վէճեր  տարբեր գիտաժողովներու ընթացքին տեղի կ՛ունենան եւ տակաւին տեղի պիտի ունենան: Անոնք իրենց կարեւորութիւնը ունենալով հանդերձ իրենց բացարձակութենէն դուրս կու գան, եթէ համոզուած ըլլանք, որ չկայ զուտ իրաւականութիւն նման առաջադրանքներու կամ պայմանագիրներու առարկայացման ընթացքին: Իրաւաքաղաքական բառակապակցութիւնը քաղաքականօրէն շատ գործնական բացատրութիւն կու տայ նման իրավիճակներու: Քաղաքականօրէն բարենպաստ կամ աննպաստ պայմաններու մէջ է, որ իրաւապայմանագրային ոլորտը կ՛աշխատի կամ կը սառի:

Քաղաքական պայմաններու կտրուկ փոփոխութիւնները տեղի կու տան նոր պայմանագիրներու ստորագրութեան, որոնք կրնան անմիջապէս կեանքի կոչուիլ: Կամ կեանքի կոչուիլ նոյնիսկ պայմանագիրներու բացակայութեան:

Հռչակագիրին մէջ Սեւրն ու իրաւարար վճիռը այժմէականացնելը  բնականաբար իր քաղաքական տրամաբանութիւնը ունին: Սեւրն ու Ուիլսընը կրնան յիշուիլ հայկական գործօնէն անկախ, եթէ օրինակ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու լարուած իրավիճակը մագլցողականութիւն արձանագրէ:

Թրքական մամուլը, Քլինթընի Անգարա կատարած այցելութեան օրերուն իբրեւ լրատուական արտահոսք կը ներկայացնէր այն, որ բանակցութիւններու լարուած մէկ պահուն ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարը իր թուրք գործընկերներուն յիշեցուցած էր, որ Միացեալ Նահանգները դէպի ծով ելքով պարտական է հայերուն: Օրին հրապարակուած այս տեղեկութիւնը պաշտօնական բնոյթ չունէր, սակայն այդպէս ալ չհերքուեցաւ արտահոսած լրատուութիւնը:

Նոյն օրերուն ամերիկեան պետական գերատեսչութիւններու համապատասխան վերլուծական բաժանմունքները ընթացիկ քսանամեակին վերաբերող կանխատեսումնային վերլուծաբանական գրականութեան մէջ ակնարկ կ՛ընէին Թուրքիոյ մասնատման` նկատի ունենալով Քիւրտիստանի ստեղծումը: Չմոռնանք, որ Սեւրով սահմանագծուած էր նաեւ Քիւրտիստանը:

Այնուհետեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու սկզբունքներ առաջադրելով ամերիկեան քոնկրեսը բանաձեւեր կ՛որդեգրէր կրօնական փոքրամասնութիւններու կալուածներու հատուցման եւ կրօնական արարողութիւններ կատարելու ազատութեան ապահովման պահանջներով:

Ամերիկեան այս դրսեւորումները կապուած էին եւ կապուած են Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջներուն հետ:

Այժմ, պատժամիջոցներու փոխադարձ կիրարկման փուլի մէջ կը գտնուին երկու երկիրները: Չէ բացառուած, որ իրադարձութիւններու զարգացման պարագային գոնէ յայտարարողական մակարդակի վրայ վերստին յիշուին` ամերիկացիներուն խոստումը հայերուն դէպի ծով ելք տրամադրելու, Թուրքիոյ մասնատման կանխատեսումները կամ կրօնական կալուածներու հատուցման անհրաժեշտութիւնը:

Իրաւական հատուցման մեր մօտեցումներուն մէջ հայութիւնը հասած է Սեւրի եւ իրաւարար վճիռի բարձրակէտին: Համընթաց չեն եղած քաղաքական պայմանները: Այդ բարձրակէտի իրաւական այժմէականութիւնը պէտք է շարունակել շեշտել, մինչեւ որ քաղաքական պայմանները նպաստաւոր ենթահող ձեւաւորեն իրաւապայմանագրային բաժինը կեանքի կոչելու համար:

Սփիւռքահայ Երիտասարդներու Սթարթափ Ծրագիր

0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ «Հայաստանի գիտութեան եւ տեխնոլոգիաների հիմնադրամ»-ին (FAST) հետ կը կազմակերպէ «ՆերՈւժ» ծրագիրը, որուն իրականացման կ՛աջակցին նաեւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամը, Դիլիջանի միջազգային դպրոցը (UWC), «Impact Hub Yerevan» ընկերութիւնը եւ Հայ-ռուսական համալսարանը:

  • Ի՞նչ է «ՆերՈւժ»-ը

«ՆերՈւժ» ծրագիրը նախատեսուած է սփիւռքի մէջ ապրող այն հայ երիտասարդներուն համար, որոնք կը փափաքին իրենց սթարթափ գաղափարներն ու ծրագիրները իրականացնել Հայաստանի մէջ:

  • Մասնակցութիւն

Այս ծրագիրին մասնակցելու համար կրնան դիմել այն անձերը, որոնք`

– 18-35 տարեկան են
– հայ են եւ մնայուն կերպով կը բնակին Հայաստանի սահմաններէն դուրս կամ Հայաստան տեղափոխուած են
– սթարթափի հիմնադիրը կամ հիմնադիրներէն առնուազն մէկը ազգութեամբ հայ է, Հայաստանի կամ Արցախի մէջ սթարթափ հիմնելու եւ բնակութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւն ունի
– սթարթափ ծրագիրի ոլորտը կը համապատասխանէ հետեւեալ թիրախային ոլորտներուն եւ անկէ բխող ենթաոլորտներուն`

– գիւղատնտեսութիւն
– զբօսաշրջութիւն
– նորարարական արհեստագիտութիւն:

  • Անկէ ետք

– Ծրագիրներու գնահատման յանձնախումբին կողմէ պիտի ընտրուին մինչեւ հարիւր լաւագոյն աշխատանքները, որոնք կը համապատասխանեն ծրագիրի կայքին վրայ նշուած չափանիշներուն:

– Ծրագիրին մասնակիցները պիտի ծանօթանան Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ գործող գործարար միջավայրին:

– Լաւագոյն թեկնածուներու ընտրութենէն ետք իւրաքանչիւր խումբէ երկու մասնակից 16-21 դեկտեմբերին պիտի հրաւիրուի Դիլիջանի միջազգային դպրոց (UWC)` սթարթափ ծրագիրին մասնակցելու նպատակով:

– Սթարթափ ծրագիրը պիտի եզրափակուի «փիթչինկ»-ի փուլով, որուն ընթացքին յաղթող նկատուած մինչեւ 10 լաւագոյն խումբ պիտի արժանանայ Նորարարութեան դրամաշնորհներու եւ էքոհամակարգի պարգեւներուն, որոնք անոնց պիտի տրուին Հայաստան կամ Արցախ տեղափոխուելէ ետք:

  • Նորարարութեան դրամաշնորհներն ու էքոհամակարգի պարգեւները կը ներառեն`

– Իւրաքանչիւր յաղթող խումբ Հայաստան կամ Արցախ բնակութիւն հաստատելէ ետք պիտի ստանայ դրամաշնորհ` 15 միլիոն դրամի չափով:

– Նորարարութեան դրամաշնորհներու յաղթողներուն պիտի տրուին նաեւ էքոհամակարգի պարգեւներ, որոնք կը ներառեն հետեւեալները`

– իրաւական եւ հարկային անվճար խորհրդատուութիւն, անդամակցութիւն «FAST» սթարթափ-սթիւտիոյին` չորս ամիս շարունակ ամբողջական «քոուչինկ»-ի ծրագիրներէն եւ աշխատանքային տարածքէն օգտուելու կարելիութեամբ:

– «Impat Hub Yerevan» ընկերութեան մէջ ութ ամսուան փորձառնութեան կարելիութիւն, ուր յաղթող խումբերուն պիտի տրամադրուին աշխատանքային մասնագիտացած տարածքներ եւ միջոցներ, ինչպէս նաեւ պիտի կայանան խորհրդատուական դասընթացքներ` համապատասխան մասնագէտներու կողմէ:

– գործընկեր կազմակերպութիւններու կողմէ մնայուն աջակցութեան ցուցաբերում:

  • Ինչո՞ւ Հայաստան

– Հայրենիք վերադառնալու եւ ապրելու կարելիութիւն
– Սփիւռքէն Հայաստան եկած հայերուն համար  գործարարութեամբ զբաղելու իւրայատուկ կարելիութիւն
-Հայաստանի կառավարութենէն հզօր աջակցութիւն ստանալու կարելիութիւն
– Հայաստան տեղափոխուելու, վերաբնակելու եւ հաստատուելու առումով աջակցութիւն
– Հայաստանի մէջ աշխատավայրերու ստեղծման կարելիութիւն
– Երկրին մէջ սթարթափ-էքոհամակարգերու զարգացման աջակցութիւն:

  • Այսպիսով`

Եթէ դուք ունիք սթարթափ եւ սփիւռքի ներկայացուցիչ էք, ապա մի՛ կորսնցնէք այս առիթը եւ ներկայացուցէն «ՆերՈւժ» ծրագիրին մասնակցելու դիմում` մինչեւ 13 սեպտեմբեր 2018: Դիմումներու ներկայացման գծով աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու համար դիտեցէ՛ք տեսանիւթը եւ այցելեցէ՛ք ծրագիրին պաշտօնական կայքէջը` www.neruzh.am յղումով:

 

Թուրքիա Կը Ճնշէ Ոչ Մահմետական Առաջնորդներուն Վրայ, Որպէսզի Պնդեն, Թէ Իրենք Ճնշումի Ենթարկուած Չեն

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջին յօդուածներէս մէկուն մէջ գրած էի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական ազատութիւններու նուիրուած տարեկան զեկոյցին մասին, ուր նշուած էր, որ` «Թուրքիոյ մէջ բոլոր կրօնական խումբերը, բացի սիւննի մահմետականներէ, կը տառապին խտրականութենէ եւ հալածանքներէ… Կրօնական փոքրամասնութիւնները կ՛ըսեն, որ կը շարունակեն դժուարութիւններ կրել հանրային դպրոցներու մէջ` պարտադիր [իսլամական] կրօնի դասերէ ազատ կացուցուելու, պաշտամունքի վայրերու գործածման կամ բացման, ինչպէս նաեւ հողի ու սեփականութեան վէճերու լուծման հարցով: Պետութիւնը սահմանափակած է կրօնական փոքրամասնութեան խումբերու ջանքերը իրենց հոգեւորականներու պատրաստման գծով…»:

Զեկոյցի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց զայն` կրօնական իրաւունքներու փաստագրուած խախտումները կոչելով «որոշ անհիմն պահանջներու կրկնութիւն»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ջանաց  աւելի խիստ ձեւով հերքել արտաքին գործոց նախարարութեան մեղադրանքները` ընդդէմ Թուրքիոյ, թէեւ ան սովորաբար կ՛անտեսէ Թուրքիոյ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւնները, նոյնիսկ ամերիկացիները, ինչպէս` պատուելի Էնտրու Պրանսընի մարդկային իրաւունքներու աղաղակող խախտումներու մասին բոլոր բողոքները: Էրտողան անմիջապէս հրամայեց իր օգնականներուն` միացեալ յայտարարութիւն պատրաստել Թուրքիոյ բոլոր ոչ մահմետական առաջնորդներու ստորագրութեամբ` պնդելով, որ իրենց կրօնական իրաւունքները չեն խախտուիր: Քանի որ այդ ոչ մահմետական առաջնորդները պատանդներ են Թուրքիոյ մէջ, անոնց ոչինչ կը մնար ընելու` բացի ստորագրելէ այդ դիմումը, որ անոնց համար պատրաստած էր թրքական կառավարութիւնը:

Թէեւ մեզի համար դիւրին է քննադատել այս ազգային փոքրամասնութիւններու առաջնորդները` իրենց հանդէպ կիրարկուող ճնշումները թաքցնելու յանցանքով, սակայն պէտք է հաշուի առնել այն հանգամանքը, որ անոնք կ՛ապրին դաժան վարչակարգի տակ, որ առանց վարանելու` կրնայ ձերբակալել եւ խոշտանգել ոչ միայն կրօնական առաջնորդները, այլեւ` անոնց համայնքներուն անդամները: Մենք պէտք է նոյնիսկ գոհ ըլլանք, որ նախագահ Էրտողան, հակառակ իր բռնապետական բնաւորութեան, ցուցաբերած է բացառիկ նրբազգացութիւն` իր երկրին դէմ եղած մեղադրանքներուն նկատմամբ եւ գնահատած է ոչ մահմետական առաջնորդներու ստորագրած միացեալ յայտարարութիւնը` մտածելով, որ այդ մէկը կ՛օգնէ Թուրքիոյ լաւ երեւնալուն` միջազգային հանրութեան աչքին:

Նախագահ Էրտողանի հրամանով Թուրքիոյ մէջ ոչ մահմետական 18 փոքրամասնութիւններու խումբերու ներկայացուցիչները 31 յուլիս 2018-ին հնազանդօրէն ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն` պնդելով, որ իրենց իրաւունքները չեն ոտնահարուիր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:

Յայտարարութեան մէջ խաբէութեամբ նշուած է. «Որպէս դարեր շարունակ այս երկրին մէջ ապրող ամէնէն հին համայնքներու տարբեր կրօններու եւ հաւատքի խումբերու կրօնական ներկայացուցիչներ եւ հիմնադրամներու տնօրէններ` մենք ազատ կ՛ապրինք մեր հաւատքով եւ ազատօրէն կը դաւանինք` համաձայն մեր աւանդոյթներուն: Բռնաճնշումներու մասին պնդումներ կամ ենթադրութիւններ պարունակող յայտարարութիւնները լիովին կեղծ են: Անցեալին մեր ունեցած շարք մը խնդիրներն ու հետապնդումները ժամանակի ընթացքին գտած են իրենց լուծումը: Մենք մնայուն կերպով կապի մէջ ենք մեր պետական հաստատութիւններուն հետ, որոնք կը պատասխանեն մեր բարձրացուցած հարցերուն` բարի մտադրութիւններով եւ զանոնք լուծելու ցանկութեամբ: Մենք գիտակցաբար հանդէս կու գանք այս միացեալ յայտարարութեամբ` մեկնելով հանրային կարծիքի ճիշդ իրազեկման պատասխանատուութենէն»:

Ստորագրողներու շարքին էին` յունական ուղղափառ պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա., Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Թուրքիոյ գլխաւոր ռապպի Իսհաք Հալեւա, ասորական հնագոյն համայնքի փոխանորդ Մոր Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չեթին, Թուրքիոյ հայ կաթողիկէներու հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն արք. Զեքիեան, խալտեան համայնքի փոխանորդ Ֆրանսուա Եաքան, Թուրքիոյ ասորական կաթողիկէ գլխաւոր փոխանորդ պատրիարք քորեպիսկոպոս Օրհան Չանլի, Կետիկ փաշա հայկական բողոքական եկեղեցւոյ եւ դաւանանքի հիմնադրամի հոգեւոր նախագահ պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, RUMVADER-ի նախագահ Անթոն Փարիզեանոս, VADIP եւ Yedikule Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու, Թուրքիոյ հրէական հասարակութեան եւ Թուրքիոյ գլխաւոր ռապպիութեան հիմնադրամի նախագահ Իսհաք Իպրամզատէ, Պէյօղլու ասորական Կոյս Մարիամ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Սայիտ Սուսի, Սուրբ Յակոբ հայկական կաթողիկէ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պեռնար Սարիպէյ, Պոլսոյ ասորական կաթողիկէ հիմնադրամի նախագահ Զեքի Պազաթեմիր, խալտեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Թէոման Օնտեր, պուլկարական ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Վասիլ Լիազ, վրացական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Փոլ Զազացա եւ թրքական Haskoy Karaite հրէական հիմնադրամի նախագահ Միշա Օրմէ: Այս ոչ մահմետական 18 առաջնորդներուն միացեալ յայտարարութիւնը լայնօրէն տարածուեցաւ Թուրքիոյ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու թերթերով, թրքական բոլոր լրատուական միջոցներով եւ արտասահմանեան մամուլի մէջ:

Հետաքրքրական է, որ 1 օգոստոս 2018-ին` միացեալ յայտարարութեան ստորագրումէն մէկ օր անց, բոլոր ոչ մահմետական 18 առաջնորդները հրաւիրուեցան Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատի պաշտօնական ընդունելութիւններու սրահ եւ 4 ժամ տեւող ճաշ-հանդիպում ունեցան Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընին հետ: Նախապէս կը սպասուէր Էրտողանին մասնակցութիւնը այս հանդիպման, սակայն վերջին պահուն ան չկրցաւ ներկայ ըլլալ:

Թէեւ այս  միացեալ յայտարարութիւնը նպատակ ունէր կոծկել Թուրքիոյ մէջ ոչ մահմետական հաստատութիւններու առջեւ ծառացած  բազմաթիւ դժուարութիւնները, սակայն այս կեղծիքը շատ արագ բացայայտուեցաւ, երբ մասնակիցները հանդիպման ժամանակ Իպրահիմ Քալընին բողոքեցին` իրենց կրօնական իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն մասին:

Օրինակ, արքեպիսկոպոս Աթէշեան տեղական հայկական լրատուական միջոցին ըսաւ, որ Շիրինօղլու եւ ինք Քալընին պատմած են այն կալուածներուն մասին, որոնք վերջին տարիներուն վերադարձուած են հայ համայնքներու հիմնադրամներուն, սակայն քաղաքապետի կամ նախարարի կողմէ որոշումը չեղեալ համարուած է: Անոնք նաեւ բողոքած են պատրիարքարանի իրաւական կարգավիճակի եւ նուիրատուութիւններ ստանալու անկարողութեան մասին, որուն պատճառով պատրիարքարանը կանգնած է ֆինանսական լուրջ դժուարութիւններու առջեւ: Արք. Աթէշեան առաջարկած է` կա՛մ թրքական կառավարութիւնը թող թոյլատրէ, որ պատրիարքարանը ստանայ նուիրատուութիւններ, կա՛մ պիւտճէ յատկացնէ` անոր ծախսերը վճարելու համար: Արք. Աթէշեան նաեւ բարձրացուցած է տեղական եկեղեցական ներկայացուցիչներու կասեցուած ընտրութիւններու եւ պատրիարքական ընտրութիւններու յետաձգման հարցերը: Ընդունելութեան միւս մասնակիցները եւս բողոքած են Քալընին` իրենց զանազան դժուարութիւններուն մասին, հակասելով իրենց իսկ ստորագրած յայտարարութեան, ըստ որուն, իրենք կրօնական խնդիրներ չունին Թուրքիոյ մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ նախաճաշը տեւեց չորս ժամ…

Իր հերթին Քալընը նախագահ Էրտողանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ստորագրող կողմերուն` իրենց միացեալ յայտարարութեան համար, ակնյայտ դարձնելով, որ ատիկա Թուրքիոյ համար մեծ յաջողութիւն է:

Միակ ձայնը, որ ընդդիմացաւ ոչ մահմետական առաջնորդներու այս միացեալ յայտարարութեան` Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանինն էր, որ համարձակօրէն յայտարարեց. «Չեն ձգեր, որ մեր պատրիարքը ընտրենք, չեն ձգեր, որ հոգեւոր դպրոց բանանք, թոյլ չեն տար, որ եկեղեցւոյ հիմնադրամներու ղեկավարներ ընտրենք, եւ համայնքն ալ աղաւնիի պէս վախկոտ է»:

Պարզ է, որ միացեալ յայտարարութիւնը ստորագրուած էր ճնշման ներքոյ: Ծիծաղելի է, որ թրքական վարչակարգը ճնշում գործադրած է ազգային փոքրամասնութիւններու առաջնորդներուն վրայ, որպէսզի անոնք յայտարարեն, թէ իրենց վրայ ճնշում չէ գործադրուած: Այսպիսի բան միայն Թուրքիոյ մէջ կրնայ պատահիլ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Քաղաքական Անդրադարձ. Սինճարի Մէջ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Չորրորդ Տարելիցը Եւ Հայաստանը

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

3 օգոստոս 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները հիւսիսային Իրաքի մէջ պաշարեցին Սինճար լեռը եւ սպաննեցին, բռնաբարեցին եւ գերի բռնեցին հազարաւոր անմեղ եզիտիներ: Այդ օրը աշխարհի եզիտիներուն կողմէ կը յիշուի իբրեւ իրենց պատմութեան նորագոյն ցեղասպանութիւնը` յուսալով, որ վերջինը կ՛ըլլայ:

Եզիտիները սատանայապաշտ չեն, ինչպէս շատերը կը կարծեն, այլ կը հաւատան, որ Աստուած աշխարհը կառավարելու համար լիազօրած է 7 հրեշտակներ, որոնցմէ ամէնէն զօրաւորը «Թաուս»-ն է, ճանչցուած` իբրեւ սատանան: Եզիտիները դարերու ընթացքին պահպանեցին իրենց արժէքները եւ կրօնին գաղտնիքը` շնորհիւ ոչ խառն ամուսնութիւններու: Սակայն պատմութեան ընթացքին անոնք ականատես եղան 74 ցեղասպանութիւններու` Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններուն մէջ: Եզիտիները միշտ ալ հալածուած եղած են իրենց կրօնին համար, սակայն հակառակ այս բոլորին` անոնք միշտ ալ պահպանած են իրենց կրօնը եւ հաւատարիմ մնացած` իրենց նախահայրերու արժէքներուն:

Այստեղ կարեւոր է յիշել, որ 1915-1916 թուականներուն եզիտիները նոյնպէս ենթարկուեցան ցեղասպանութեան, մասնաւորապէս` քիւրտ աշիրեթներուն կողմէ. Վասպուրականէն, Կարինէն եւ Մուշէն հազարաւոր եզիտիներ հաստատուեցան Արմաւիրի եւ Արագածոտնի շրջաններուն մէջ, իսկ 1918-ին, Ճհանկիր աղայի ղեկավարութեամբ, զօրավար Անդրանիկի հետ ջախջախեցին թրքական բանակը Բաշ Ապարանի մէջ: Այդտեղ արիւնով կնքուեցաւ հայ-եզիտիական եղբայրութիւնը: Ներկայիս մօտ 40.000 եզիտի կը բնակի Հայաստանի մէջ, անոնք ունին իրենց մշակութային կեդրոնները եւ կրօնական վայրերը, Հայաստանի եզիտիական համայնքը ազգային-մշակութային վերազարթօնք մը կ՛ապրի: Իսկ Հայաստանի խորհրդարանը 16 յունուար 2018-ին ճանչցաւ եզիտիներու Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային ատեաններէն պահանջեց հետապնդել անոնց դատը:

Սինճարի ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով, 3 օգոստոսին  Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ, եզիտի ժողովուրդի անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ հաւաքուեցան եզիտի համայնքի եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներ: Այդ հաւաքին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին ուղերձը  ներկաներուն ուղղեց խորհրդարանի պատգամաւոր Ռոստամ Մախմուդեանը: Բաբլոյեանին ուղերձը անգամ մը եւս կը հաստատէր հայ-եզիտիական եղբայրութիւնը եւ Հայաստանի ճանաչումն ու դատապարտումը եզիտիական ցեղասպանութեան:

Հակառակ տնտեսական բոլոր դժուարութիւններուն` Հայաստան պէտք է նոր ռազմավարութիւն մը որդեգրէ եզիտիական դատին շուրջ: Միջին Արեւելքի մէջ ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութիւններու կողմէ եզիտիներու եւ ասորիներու դէմ հալածանքը դարձեալ ցոյց տուաւ, որ այս համայնքները կարիք ունին արտաքին ուժերու` պաշտպանելու իրենց շահերը: Սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ մեծ պետութիւններու աչքին առջեւ ահաւոր ոճիրներ գործուեցան: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հակառակ իր սահմանափակ արտաքին քաղաքականութեան,  դրական որոշ դերակատարութիւն ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն եւ միջազգային այլ բեմերու վրայ` վերյիշեցնելով, որ շրջանին մէջ փոքրամասնութիւններուն դէմ ոճիրները պէտք է դադրին:

Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ Հայաստանը պէտք է օգտագործէ այլ ազգերու դատը եւ հետապնդէ կայսերապաշտ քաղաքականութիւն, որ կը հետապնդէ Ռուսիոյ շահերը: Ո՛չ, Հայաստան պէտք է ունենայ զուտ ազգային արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կը բխի իր ազգային շահերէն, այսինքն ազգային փոքրամասնութիւններու ճակատ մը կազմել` դիմագրաւելու համար թրքական եւ ծայրայեղ իսլամական շարժումները: Այստեղ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հսկայ դերակատարութիւն ունի: Դժբախտաբար տակաւին այս ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր չեն առնուած պետական մակարդակով, սակայն ժամանակը պիտի փաստէ, որ եզիտիներու եւ ասորիներու ճակատագիրը կախեալ պիտի ըլլայ հայութեան եւ Հայաստանի ճակատագիրէն: Այնքան ատեն որ Հայաստան տկար վիճակի մէջ է, այս ազգերը անորոշութեան պիտի մատնուին: Իսկ հզօր Հայաստան մը միայն պիտի կարենայ անոնց դատը պաշտպանել:

2014-ին բաւական խօսուեցաւ նաեւ Արցախի ազատագրուած տարածքները եզիտի եւ ասորի գաղթականներով բնակեցնելու կարելիութեան մասին: Յիշենք, որ Արցախի ազատագրութեան համար եզիտիները տուած են զոհեր, եւ 2016-ի ապրիլեան պատերազմին առաջին նահատակը եզիտի էր:

Այս բոլորը Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հաշուի առնեն: Այո՛, ճկուն քաղաքականութիւն մը պէտք է, սակայն նաեւ պէտք է ծաւալել ռազմավարական այլ մտածողութիւն մը, որ անպայման հիմնուած չէ պետութիւններու վրայ, այլ` ազգերու եւ նոյն ճակատագիրը ունեցող ժողովուրդներու վրայ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Գուրգէն Մահարի (Աճեմեան, 1903-1969). Կրկնակի Աքսորեալ Հայուն Տաղանդաւոր Բանբերը

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Օգոստոս 1-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան 115-րդ տարեդարձը իր մեծատաղանդ զաւակներէն Գուրգէն Մահարիի, որ 66 տարուան իր կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախլումի դառն բախտին ենթարկուեցաւ` տեղահանութիւն եւ աքսոր ճաշակելով…

Մահարի անլռելի վկաներէն է հայութեան վիճակուած կրկնակի հայրենահանման ու տարագրութեան. նախ` թրքական պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի հայաթափման ոճիրին, ապա` խորհրդային Չարիքի կայսրութեան ձեռամբ 1930-ականներու երկրորդ կիսուն գործադրուած հայ մտաւորականութեան անճիտման պատճառով:

Իբրեւ այդպիսին` քսաներորդ դարու հայ գրականութեան արժէքաւոր դէմքերու փաղանգին մէջ իր ամրակուռ պատուանդանը նուաճած գրողն է Մահարի:

Տաղանդաւոր ձայնն է խորհրդահայ գրականութեան հիմնադիր սերունդին, որ դրօշակիրը դարձաւ «կարմիր արեւ»-ին` «մուրճ ու մանգաղ»-ի ներբողանքին, բայց որ դառնութեամբ ցմրուր ճաշակեց ահաւոր բաժակը նոյնինքն խորհրդային Չարիքի կայսրութեան եւ այսպէս կոչուած` «ստալինեան մաքրագործումներ»-ուն…

Մահարի կրտսեր գործակիցն ու գաղափարակիցը եղաւ Չարենցի եւ Բակունցի, որոնք իրենց արեամբ վճարեցին ծանրագոյն գինը խորհրդային «այգաբաց»-ին հաւատալու եւ զայն գովերգելու գաղափարական մանկամտութեան…

Մահարի իր կարգին հալածուեցաւ ու բռնադատուեցաւ, բայց Չեկայի բանտերուն մէջ ֆիզիքապէս չսպաննուեցաւ, այլ դատապարտուեցաւ ցմահ աքսորի…

Այդուհանդերձ, իր ապրած դառնագոյն աքսորի խոր ցաւը սրտին, Գուրգէն Մահարի իր մահուան սնարին մէջ իսկ գաղափարական իր լաւատեսութիւնը բնաւ չկորսնցուց եւ մարգարէական շունչով պատգամեց հայոց սերունդներուն.

«Այս բռնութիւնը երկար չի տեւի, ԽՍՀՄ-ը լի է բանտերով եւ ճամբարներով, այն դատապարտուած է կործանման: Չարութեան կայսրութիւնը վերջապէս կը քանդուի: Իշխանութիւնը, որը պահւում է դաւաճանների միջոցով, գոյութեան իրաւունք չունի: Կը գայ նոր դարաշրջան, եւ հայը նորից կը դառնայ իր երկրի տէրը: Ճշմարտութիւնը կը յաղթի, եւ ինձ վերջապէս կը հասկանան, բայց, ցաւօք, ես արդէն չեմ լինի»:

Մահարի կրցաւ գոյատեւել աքսորի դաժան պայմաններուն մէջ եւ, վերջապէս, Խրուշչովի օրով «անպարտ» արձակուեցաւ եւ վերադարձաւ հայ գրականութեան, որպէսզի կարենայ վկայել խորհրդային «դրախտ»-ի էութեան` հոգեբարոյական արհաւիրքին մասին:

Մահարի միշտ հաւատաց, որ` «Ամէն մէկի կեանքում պէտք է մի փոքր անձրեւային եղանակ լինի, որպէսզի յետոյ լաւ փայլատակի արեւը»: Իր ամբողջ գրականութիւնը կիզակէտ ունեցաւ այդ հաւատքն ու սպասումը: Բայց յատկապէս անձնական իր կեանքին ու իր պաշտած ժողովուրդին ու հայրենիքին չար բախտէն Մահարի ապրեցաւ ու վայելեց միայն կարճատեւ արեւոտ եղանակ, որովհետեւ շարունակ անձրեւ ու մշուշ, արիւն եւ ցաւ «տեղաց» իր ճամբու ընթացքին…

Իր սերունդին վիճակուած Մեծ աքսորէն վերապրելով` Մահարի իր յետաքսորեան ստեղծագործութիւններով հետեւողականօրէն վկայեց խորհրդային «դրախտ»-ի բո՛ւն էութեան` խորհրդային հոգեմտաւոր հեղձուցիչ Արհաւիրքին մասին:

Ինչպէս որ հետագային Մահարի պիտի վկայէր Շահան Շահնուրի ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ, աւելի քան 17 տարի սիպիրեան աքսորավայրները «ճաշակած» Մահարիին համար գաղտնիք չէր, թէ ո՛վ էր այդ` մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկուն պատասխանատուն.

«… մեծ ոճրագործ, դահիճ եւ սինլքոր վրացի Ստալինի գործերն էին, կատարողները` նրա դրածոները, Հայաստանի մէջ հայը, Ռուսաստանի մէջ ռուսը, Պիելոռուսիոյ մէջ պիելոռուսը…» («Շ. Շահնուրին», 28 յունիսի 1962 թ.):

Գուրգէն Գրիգորի Աճեմեանը ծնած էր 1903 թուականի օգոստոս 1-ին, Վան, Արեւմտահայաստանի պորտը հանդիսացող քաղաքին մէջ: Արեւմտահայու իր կազմաւորումը եւ մանկութեան ու պատանեկութեան իր յիշողութիւնները վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան անոր հետագայ կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին համար:

Վանեցիի իւրայատուկ կազմաւորումով Մահարի մշակեց թէ՛ իր ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը, թէ՛ իր գեղարուեստական գրականութիւնը: Պատահականօրէն չէր, որ Մահարիի արձակին մնայուն նուաճումները եղան իր «Մանկութիւն» (1929) եւ «Պատանեկութիւն» (1930), «Երիտասարդութեան սեմին» (1955), «Ծաղկած փշալարեր» (1950-ականներու վերջը) ու «Այրուող այգեստաններ» (1966) ինքնակենսագրական գործերը, որոնց տիրական գիծը մէկ կողմէ համով ու հոտով պատումն ու ստեղծագործական թարմ շունչն էին, իսկ միւս կողմէ` դառն եւ թունաւոր տպաւորութիւններն ու համոզումներն էին` մահարիական բուռն յուզաշխարհէն յայտնաբերուած:

Թէեւ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի բռնկումը, ինչպէս որ ինք կը վկայէ, Մահարի ապրեցաւ «քիչ թէ շատ անհոգ» մանկութիւն ու պատանեկութիւն, բայց այդ շրջանին իր ապրած թէ՛ անձնական, թէ՛ ազգային ողբերգական իրադարձութիւնները մինչեւ մահ ծանր մղձաւանջի մէջ պահեցին անոր ողջ էութիւնը: Մանաւանդ որ նախախորհրդային հայ իրականութեան ազգային-քաղաքական խմորումներուն` յատկապէս Դաշնակցութեան սերմանած ազատագրական եւ յեղափոխական արժէքներուն ու աւանդներուն հանդէպ անհաշտ հակադրութիւն մը շարունակ կրծեց Մահարիի գաղափարական էութիւնը: (Համոզուած հակադաշնակցական էր եւ միշտ մոլուցքով կը պատմէր, թէ սեփական մօրեղբօր ձեռքով հօրը սպաննել տուած էին, Վանի մէջ, Արամ Մանուկեանն ու Իշխանը)…

Նոյն այդ էապէս հակադաշնակցական բարդոյթով Մահարի անհիմն ու «ինքնասպանական» պաշտամունք մը զարգացուց այսպէս կոչուած «խորհրդային դրախտ»-ին նկատմամբ, որուն համար ծանրագոյն գին վճարեց` երկար տարիներ հայրենի հողէն ու հայ գրականութենէն զրկուած, հեռաւոր աքսորավայրերու մէջ ապրելով:

Մահարի գրչանունով անմահացած Գուրգէն Աճեմեանի գաղափարական աշխարհին անյաղթահարելի վէրքը եղաւ ու մնաց ընտանեկան ողբերգութիւն մը, որ պատահեցաւ իր մանկութեան տարիներուն: Արմենական կուսակցութեան պատկանող հայրը սպաննուեցաւ իր սեփական մօրեղբօր կողմէ, որ դաշնակցական էր: Մահարի մինչեւ մահ չկրցաւ հաշտուիլ այդ ողբերգութեան հետ եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի անցած ուղին դիտեց ու արժեւորեց թունաւոր այդ հոգեվիճակով` միջկուսակցական վէճերով ու սուր հակադրութիւններով արատաւորել փորձելով հայ ազգային գաղափարաբանութեան անկորնչելի հարստութիւնը:

Չափազանցութիւն չէ այն ընդհանրացումը, որ Գուրգէն Մահարի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը եղաւ մինչեւ մեր օրերը հայրենաբնակ հայութեան որոշ շերտերուն մէջ «վերապրող» հակակուսակցական եւ յատկապէս հակադաշնակցական գաղափարական մաղձին:

Կենսագիրները իրաւացիօրէն կը նշեն, որ Սիամանթոյով եւ Վարուժանով, Թէքէեանով ու Մեծարենցով սնանած ու գրականութեան փարած Մահարիի կեանքը հիմնովին գլխիվայր շրջուեցաւ, երբ պայթեցաւ Ա. Աշխարհամարտը: Պատանիի զարհուրած աչքերով ան հետեւեցաւ ու սեփական մորթին վրայ զգաց ահաւորութիւնը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան, եւրոպական մեծ տէրութեանց պիղատոսեան ձեռնածալութեան, դիւանագիտական կեղծիքին ու մաքիաւելական պատեհապաշտութեան: Տեսաւ մանաւանդ հերոսական խոյանքը սեփական ժողովուրդին, որ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրինակով` արեւուն տակ յաղթահասակ կանգնելու մեր ազգային արժանաւորութիւնը նուաճեց:

Բայց որովհետեւ հայութիւնը իր մեծ տոկոսով քաղաքական իր ապագան կապած էր Ռուսիոյ, այդ պատճառով ալ Վանի հերոսամարտին յաղթանակած մեր ժողովուրդը, երբ ռուսական զօրքերը յանկարծ սկսան նահանջել, բիւրաւոր գաղթականներով անցաւ Արեւելահայաստան, նաեւ` թրքական վրէժխնդրութենէն խուսափելու մտասեւեռումով:

Գուրգէն Աճեմեան մեծ գաղթի ժամանակ կորսնցուց մայրն ու հարազատները. իր սերնդակիցներուն մեծ մասին պէս, պատսպարուեցաւ որբանոցներու մէջ: Տարիներ ետք Մահարի վերագտաւ իր մայրը եւ հարազատները: Իր մանկութեան այնքան պաշտելի «տատիկ»-ը արդէն մահացած էր գաղթի ճամբուն վրայ: Թէեւ Թիֆլիս, Ալեքսանդրապոլ թէ Երեւան, որբանոցներու մէջ, նախնական կրթութեան ու կտոր մը հացի եւ պնակ մը կերակուրի հնարաւորութիւնը ունեցաւ, բայց որբի կեանքը շատ ծանր տարաւ Մահարի, խոր դառնութիւն եւ անսահման ցասում ապրեցաւ, որոնք երիտասարդութեան սեմին կանգնած հայ որբը մղեցին դէպի պոլշեւիկեան «արեւածագ»-ին ինքնախաբ պաշտամունքը: Որբանոցի տարիներուն Մահարի ծանօթացաւ Չարենցի հետ եւ ուղղակի, իբրեւ ուսուցիչի, կապուեցաւ անոր: 1922-ին լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը` «Արտամետեան գիշերներ» խորագրով: Երկրորդ հատորը բանաստեղծութեանց` «Մրգահաս» խորագրով, լոյս տեսաւ 1932-ին, «Ձօն` Եղիշէ Չարենցին» ներածական վերտառութեամբ: Աւելի ուշ, աքսորէ վերադարձին, լոյս տեսան Մահարիի բանաստեղծական միւս ժողովածուները` «Ծովի երգեր»-ը, «Հնձաններ»-ը, «Անդունդն ի վեր»-ը, «Անանձնական»-ն ու «Պոէմներ»-ը:

Բանաստեղծական իր գործերուն մէջ, մանաւանդ` սկզբնական շրջանին, մեծապէս զգալի են ոչ միայն արեւմտահայ գեղապաշտ սերունդին, այլեւ Տէրեանի ու Չարենցի ազդեցութիւնները:

Մահարիի գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-գաղափարական հետագայ ուղիի հունաւորման մէջ մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Ակսէլ Բակունցի: Մահարի մեծ խանդավառութեամբ նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց իր «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» գործերը, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան եւ մեծ հռչակի արժանացուցին զինք:

Բակունցի ներշնչումով, Մահարի իւրովի վերանայման ենթարկեց հայ ժողովուրդի մօտաւոր անցեալին վերաբերեալ իր տեսակէտները եւ սկսաւ վերարժեւորել ազգային-ազատագրական պայքարին գաղափարական աւանդները` համապատասխան թարմացման ենթարկելով իր ստեղծագործութիւնները: Մահարիի գաղափարական հասունացման այդ ուղին բաւարար հիմք նկատուեցաւ խորհրդային իշխանութեանց համար, որպէսզի նաեւ Մահարին ենթարկեն 1936-ի համատարած հալածանքին ու բռնադատութեանց: Թէեւ մահապատիժ չստացաւ, բայց մինչեւ Ստալինի մահը աքսորի դատապարտուեցաւ նաեւ Մահարի:

Աքսորի մէջ ալ ամուսնացաւ լիթվացի Անտոնինայի հետ: 1953-ին Երեւան վերադարձաւ աքսորէն` հիւծած ու քայքայուած առողջութեամբ:

Թափով վերսկսաւ ստեղծագործական աշխատանքի: 1950-ականներու վերջերուն լոյս տեսաւ իր «Ծաղկած փշալարեր» վիպակը, որ աքսորի տարիներուն կը վերաբերի: Իբրեւ «խորհրդային կուլակ»-ի խորհրդանշած մարդկային ողբերգութեան ու գաղափարական արհաւիրքին նուիրուած ցնցիչ գրականութիւն` Մահարիի այս գործը իր տեսակին մէջ միջազգային մեծ արժէք կը ներկայացնէ. այդ պատճառով ալ շուտով արժանացաւ ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութեան:

Գուրգէն Մահարիի գրական ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն իր նամակները, որոնք երկար տարիներու վրայ գրուած եւ ուղղուած են քսաներորդ դարու մեր գրականութեան մեծարժէք դէմքերուն եւ կը շօշափեն ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ ազգային մեր կեանքին հրատապ խնդիրները:

Գուրգէն Մահարի վախճանեցաւ յունիս 17-ին, 1969 թուին, Պալանգա (Լիթվա) եւ թաղուեցաւ Երեւան:

Ուշագրաւ է, որ Մահարի, այդքա՜ն բազմաչարչար կեանք ապրելով հանդերձ, խոր համոզումով տէր կանգնեցաւ իր կտրած ուղիին: Ինչպէս որ իր ինքնակենսագրականի աւարտին կ՛ընդգծէ.

«… Եթէ այս րոպէին ներս մտնէր ահեղ եւ ամենակարող Եհովան, նստէր իմ դիմաց, մի ծխախոտ վառէր եւ ասէր. «Տալիս եմ քեզ երկրորդ կեանք, գծիր քո երկրորդ կեանքի ուղին օրօրոցից մինչեւ գերեզման, ինչպէս որ ցանկաս, եւ կը կատարուի քո կամքը… ինչպէ՞ս կ՛ուզէիր ապրել: Ես նրան կը պատասխանէի, առանց վարանելու. «Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ապրեցի»:

Մեծ գրողի ծնունդը շնորհաւորող ծաղկեփունջ թող ըլլայ հետագայ քերթուածը Մահարիի գրականութենէն.

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Ծիծեռնակներն եկան աշխարհներից հեռու,
Ճամբաներով երկար, ճամբաներով անտես,
Ծիծեռնակներն եկան ճիչով եւ երգերով,
Իմ աշխարհում բացին երգի, գարնան հանդէս:

Եկան ծիծեռնակներն, թեւին տուին, իջան
Կտուրներին ծանօթ ու ծառերին,
Աւերել էր ոմանց բոյները հողմը չար,
Ոմանք էլ չգտան իրենց տները հին:

Ու թռչում են նրանք, կանչում տագնապահար,
Որոնում են յարմար նոր քիւեր ու սարքեր,
Ու կրում են սէզեր ու հիւսում են յամառ
Օթեւաններն իրենց անձեռակերտ:

Ու հնչում է նրանց երգը զուարթ, վառման,
Հիւսում են բոյները մամուռից ու երգից…
– Ծիծեռնակնե՛րն եկան, կարապետնե՛ր գարնան,
Հեռու աշխարհներից վերադարձան երկիր…

 

 

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live