Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Եղիշէ Չարենց Եւ Հանրապետութեան Հրապարակին Տէրը

$
0
0

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

1922 յունիսի 14-ին հրապարակ հանուած «Երեքի դեկլարացիա»-ն ի շարս այլոց, կը ժխտէր Վահան Տէրեանը եւ կը յայտարարէր, թէ հայ բանաստեղծութիւնը հիւանդ էր, թոքախտաւոր եւ պէտք էր զայն ազատագրել:  Տարբեր տեղ մը կը քննադատէր նացիոնալիզմը, ռոմանթիզմը, փեսիմիզմը եւ սեմպոլիզմը եւ կը ջատագովէր պրոլետարական ինտերնացիոնալիզմը: Բաւականին յանդուգն եւ նոյնքան թեթեւսոլիկ էր յայտարարութիւնը, որուն յաջորդեցին Չարենցի շարք մը փորձառական գործեր, եւ հոն ալ բարեբախտաբար վերջացաւ եւ մնաց այդքան` առանց որեւէ մնայուն հետքի: Այս ակնարկութիւնը անհրաժեշտ էր հոս` քիչ վարը աւելի շեշտակիօրէն կիզակէտելու Չարենցի անհատականութեան ու վաստակին ազգային զսպանակներն ու ստորոգելիները: Թերեւս սխալ չըլլար հաստատելը, թէ Չարենց խորհրդային շրջանի թէ՛ հայրենի ու թէ՛ սփիւռքեան իրականութեան մէջ կը մնայ ամենահայ ու ամէնէն ազգային գրողը, որուն հետ պէտք է բաղդատել Յակոբ Օշականը, Թէքէեանը եւ Կոստան Զարեանը` իրենց ազգային տարերայնութեամբ:  Չեմ կարծեր, որ աժան վերատեսութիւն մըն է եղածը, գործերը գոյութիւն ունին, եւ այն օրերուն,  երբ ազգային էութեամբ խանդավառուիլը սփիւռքի մէջ անվնաս անհրաժեշտութիւն մըն էր, Հայաստանի մէջ նոյն օրերուն Կարս երազելը գնդակահարումի կը տանէր երազող մտաւորականը կամ գրողը: Այլ խօսքով, պարզ ֆիզիքական ամուր խիզախութիւնը անհրաժեշտ էր պահելու ազգային ոգին: Այս պրիսմակէն դիտած` պարզապէս կարելի է զարմանալ բժիշկ Քեքլիկեանի այն հաստատումին, թէ Չարենց վախկոտ էր` ատենին «Նայիրի»-ի մէջ լոյս ընծայած իր վերլուծական յօդուածին մէջ: Թէ ինչո՛ւ նման եզրակացութեան մըն էր եկած յարգելի բժիշկը, յայտնի չէ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հանելուկ մնաց Օշականի ոչ արդարացի մօտեցումը Չարենցին գործի վերլուծման մէջ, մանաւանդ երբ Օշականը առիթն ունէր վերատեսութեան ենթարկելու իր արժեւորումը:  Վահան Նաւասարդեանը, սակայն, հակառակ իր հայթայթած կերպարին որպէս կեդրոնական դէմքը «Հանգուցեալ պարոնը կամ պարոն հանգուցեալը» գործին եւ հակառակ երեւութապէս գաղափարական հակադիր բեւեռի վրայ գտնուելնուն, կրցաւ այնքան մը արդարամիտ ըլլալ` կարենալ տալու համար հաղորդական դիմաքանդակը գրողին:  Այդ մենագրական յուշագրութեան մէջ Նաւասարդեանը այնքան մը Չարենց բանաստեղծը կը ներկայացնէր, որքան նաեւ իր մարդկային փխրուն խառնուածքը առանց ուզելու կը դնէր ընթերցողի քննարկութեան տակ:  Հարազատ ու անխարդախ անհատականութիւններն ու խառնուածքները զիրար գտեր ու զիրար ամբողջացուցեր էին այդ գործին մէջ: Ինչ որ Չարենց կը կարծէր հերքել «Երեքի դեկլարացիա»-ով, հետագային պիտի վերադառնար այդ բոլորին այնպիսի խօլական խոյանքով, որ զինք պիտի տանէր անխուսափելին` իմացեալ մահուամբ դէպի անմահութիւն:

***

1981 սեպտեմբեր-նոյեմբերին գրուած երկարաշունչ քերթողական զրոյց, ինքնաքննութիւն մը ունի Հրաչեայ Յովհաննիսեանը` «Չարենցի կանթեղը» վերնագրով: Հետաքրքրական է ու կարեւոր` քանի մը պատճառներով:  Կը բաղկանայ քառասուն ութնեակներէ, ունի Չարենցի` Կոմիտասին նուիրուած «REQUIEM AETERNAM»-ին կառոյցն ու կշռոյթը, եւ շատ վարպետ ձեւով հոն, ուր անհրաժեշտ է, Յովհաննիսեանը օգտագործած է Չարենցէն շարք մը յատկանշական բառեր` վրձինելու պատկեր մը, տալու պահու մը խռովքը եւ այս բոլորը հրաշալիօրէն կենդանացնելով Չարենցի կերպարը, անհատականութիւնը եւ տեղը մեր պատմութեան մէջ ու մարդոց տեղը Չարենցի կեանքին դառն ժամանակահատուածին մէջ: Յովհաննիսեանի այս կտորը կը յատկանշուի նաեւ իր յանդգնութեամբ` գրուած շրջանի մը, երբ գոնէ հայրենի բանաստեղծութիւնը կը յատկանշուէր, լաւագոյն պարագային,  միապաղաղ անհետաքրքրականութեամբ:  Յովհաննիսեանի յանդգնութիւնը զինք կը զատորոշեն նաեւ նոյն օրերուն ջուրի վրայ ծփացող Վարդգէս Պետրոսեանէն, որ սպասեց մինչեւ 1988-ը` Խորհրդային Միութեան փլուզումի սեմին, գրելու եւ հրատարակելու համար «Կրակէ շապիկը», որուն էն ինքնուրոյն հատուածը գողցուած է «Նայիրի»-ի աշխատակիցէն` Մարզպետ Մարկոսեանի մէկ յօդուածէն: Այդ սերունդներուն նկարագրին կը ծանօթանանք Յովհաննիսեանի հետեւեալ ութնեակին մէջ.

Յետոյ եկան այրեր բռունցք-խօսքով,
Եկան պատանիներ` քամի ծեծող,
Ժամանակի ժեռուտ ափին կանգնած,
ժամանակի գետից ձուկ որսալու,
 եւ նրա՛ն էր, հարկաւ, բախտը ժպտում,
Ում կարթն աւելի էր երկարաձող,
Խայծն աւելի ցոլուն ու խաբուսիկ,
Միտքն աւելի ճարպիկ ու փորձառու:

Քիչ մը վարը`

Իսկ իրական մարդը, մարդը կեանքի
Որ կարօտներ ունէր, երազ ու վիշտ,
Չքացել էր կարծես, տեղը զիջել
Կենդանական կեանքի տոտեմներին:

եւ վերջնական դատապարտումը ժամանակակիցներուն`

Կարօտ էինք մենք մի ուրիշ երգի,
Ուրիշ երգի… Բայց ոչ այդքա՜ն ուրիշ,
Ուրիշ ձայնի… Բայց ոչ այդքա՜ն վեհեր,
Որ քո երգեհոնի թաւ հնչիւնից
Հեռանում է հեռու ու թալկանում,
Եւ դառնում է բառը լոկ հանելուկ,
Եւ բոցի տեղ մուխ է ոլորուում վեր,
Եւ լռուում է յոյզի ակունքն անձուկ,
Եւ գարունն է թօշնում ու դալկանում…

Այս մէջբերումները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ եղաւ կամ ի՛նչ այլափոխութիւն տեղի ունեցաւ Չարենցի վերացումէն ետք: Քերթուածի սկիզբին բանաստեղծը երեք հարց կու տայ ինքզինքին եւ իր ուրուականացած զրուցակցին` հետեւեալ մենախօսութիւն-ափսոսանքին մէջ.

Եւ իմ նուաստ հոգում մինչեւ այսօր
Ծառս է լինում մի հարց տառապալի.
Դու ի՞նչ էիր խորհում վերջին հեւքում,
Դու ի՞նչ էիր տեսնում տենդի մէջ բարկ,
Ի՞նչ յոյս էիր դնում գալոց վրայ
Խաւարումի անդարձ ճանապարհին:

Վերջին հարցումին` «Ի՞նչ յոյս էիր դնում գալոց վրայ», դժուար է, եթէ ոչ` անկարելի,  պատասխանելը: Բանաստեղծ-մարտիրոսը ինք կրնար միայն պատասխանել, եւ սակայն իր քերթուածները գրուած ողջակիզումէն անմիջապէս առաջ կ՛արտօնեն պատասխաններ գտնել, որքան ալ անոնք կռահուած ենթադրութիւնները ըլլան:Կը թելադրեն յստակ ու ջինջ իրականութիւնը բանաստեղծին «հոգեյատակ»-ը խռովող ապրումներուն: Պատասխանը, պատասխանները լաւագոյն ձեւով բանաստեղծը կու տայ քիչ վարը ակնարկուած գործերուն մէջ:

«Գիրք Ճանապարհի»-ն եւ շարք մը անտիպներ,  որոնք լոյս տեսան 1967-էն ի վեր, մանաւանդ` «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ»-ն, »S.N. յիշատակին»-ը, «Լերան աղօթք»-ը, Բակունցի ու Իսահակեանի նուիրուած անխառն սիրոյ ու հիացումի մղկտացնող ներբողները կը հանդիսանան հայ  գրականութեան նորագոյն «Մատեան ողբերգութեան»-ը, ուր սակայն բանաստեղծը ինքզինք չի ձաղկեր, ինքզինք չի մեղադրեր, այլ տարերային խռովքով ի մի կը բերէ մեր պատմութիւնը, կը վերծանէ զայն ու պատգամի վերածած` կը վերադարձնէ իր ժողովուրդին:

«S.N. յիշատակին»-ի մէջ իր ազգային հաւատամքը, գաղափարական ըմբռնումը, իր ժողովուրդին հանդէպ սէրը, անսայթաք հաւատքը Նայիրեան սերմի անկործանելիութեան, վերջերս` գիտականօրէն ապացուցուած ծնաբանական հիմնաւորումով, կը գտնեն իրենց աստուածարեալ հրայրքը: Մեկնելով «Նայիրի երկրից» քերթուածի մուտքէն ու «Չարենց նամէ»-ի մէջ յայտնուած շարք մը կոչականներէն, օրինակ` «ես նայիրցի հսկայ մի պոէտ» կամ` «կարմիր պոէտ» կամ «բրոնզաձոյլ պոէտ» կը մղեն ոմանք թելադրելու, թէ անհատը գոռոզ էր ու ամբարտաւան եւ կամ` ինքնագով շառլաթան:  Նման թելադրութիւն ճիշդ չէ, որովհետեւ երբ կը խօսի «կարմիր պոէտ»-ի մասին, «երկաթէ երգ»-ի մասին վստահաբար ի մտի ունի հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը որ «նոր արեւ» պիտի պիտի ծագեցնէր Նիւ Եորքէն մինչեւ Փեքին:

Իր ներբողները` Թամանեանին, Մեծարենցին եւ մանաւանդ իր դիմառնութիւնը

«Մեծերից Մեծագոյնը`
Ներսէս Շնորհալին…»

եւ ուրիշներ, եթէ կը խօսին բանաստեղծին համապարփակ տեղեակութենէն ու յարգանքէն, ապա այդ բոլորը առաւել` Բակունցին նուիրուած կտորը եւ իր վերջին սքանչելի ոգումը իր մահէն 54 օր առաջ գրած ու ձօնուած Իսահակեանին.

Ա՜խ, կ՛ուզէի ես ունենալ
Գոնէ մի երգ այդքան ջերմին,
 Որ գրէի խուցիս որմին,
Եւ նա յաւէտ այնտեղ մնար…

ու անոր մէջէն` նաեւ մեր մշակոյթի բոլոր երախտաւորներուն, կը ծառայեն իբրեւ օրինակ` համեստ խոնարհութեան ու անսակարկ սիրոյ:

Չարենց մարդը, գրողը, ֆետային սկսաւ տիեզերքը ընդգրկել խանդավառ սիրով ու հաւատքով:  Հաւատքը չկորսնցուց, բայց շէն, պայծառ ու արեւի պէս տաք այդ տղան «Գիրք Ճանապարհի»-էն ետք կարելի է բնորոշել, իր իսկ պատկերով ու  կանգունով, «մեծերից մեծագոյն» Շնորհալիին սքանչելի լուսահիմն պատկերով.

Երբեմն էի Լոյս
Եւ այժմ եմ խաւար
եւ ստուեր մահու:

Բայց ատոր հետ մէկտեղ ու ատկէ անդին` «ամենահայ» այդ տառապեալը եղաւ շանթահարող լուսեղէն սիւնը հայ գրականութեան Լուսոյ Խորանին եւ 18 տարուան հեռաւորութեան մը վրայ հիմնաւորեց իր մեծ բարեկամին, ընկերոջ, եւ երէց գրչեղբօր եւ հովանաւորին` Նիկոլ Աղբալեանի հաստատումը, թէ իբրեւ արծիւ խոյացաւ Հայոց Աշխարհի վրայ ու իր վսեմական ճախրանքին, սլացքին մէջ չունեցաւ ոչ մէկ ընկերակից` մինչեւ հիմա:  Հերոսներու զինակից այս հերոս «պատանին» մնաց հերոսներու զուգակշիռ անզուգական նայիրցին: Իր եղերական առանձնութեան մէջ եղաւ հերոսացեալ վկան իր ժամանակներու ոճիրին: Անդամբան խաչքարերով նախշուած իր հարազատ երկրին մէջ, վախճանած այս բանի վարպետին, հիւսնին ու երկնառաք քերթողին վերջնական յաղթանակը եղաւ այն, որ իր այնքան սիրած նոյն, նայիրական աշխարհը ամբողջ եղաւ «կրանիտեայ» յուշակոթողը իր եւ իր ընկերներուն: Եղաւ արքայակերպ նայիրցի ամեհի քերթողն ու նայիրեան անկաշկանդ խոյանքներու ու ազատութեան պատգամախօսը, բայց` ոչ վերջինը, որովհետեւ այդ պարագային հերքած իսկ պիտի ըլլար իր պատգամը: Եղաւ ու կը մնայ իր ժողովրդի մշտարթուն ու մշտահունչ խղճի ձայնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իր ազգային գաղափարախօսութիւնը կանգուն պահող,  անոր շունչ ու կեանք տուող կազմակերպութիւնը:

***

Եւ հուսկ ապա,

Այս յօդուածին իբրեւ բնաբան մէջբերած եմ հատուած մը 1989-ին Մոնրէալի «Հորիզոն»-ին մէջ լոյս տեսած յօդուածէս:  Հարց կրնայ ըլլալ, թէ այս յօդուածին հետ ի՛նչ աղերս ունի այդ հատուածը:  Պատասխանը յստակ է` շա՛տ բան:  Այդ օրերուն Չարենց ամէն տեղ էր` ճիշդ մեր ժողովուրդի նման բացի իր հօրենական տունէն, կորսուած հայրենիքէն  ու կ՛արտացոլացնէր այդ ժողովուրդը` իր անհատնելի տառապանքով ու հազուադէպ խանդավառող գոհունակութեամբ:  Այլ խօսքով, Չարենցը մեր ժողովրդի հարազատ պատկերն է:

Շուտով, հինգ ամիսէն 1918-ի յունուարը պիտի դիմաւորենք յաջողութեան եւ քաջառողջութեան մաղթանքներով: Իսկ հինգ ամիս աւելի ետք մայիս 28-ին պիտի տօնենք մեր անդամահատուած հայրենիքի ու վերականգնուած պետականութեան հարիւրամեակը: Վստահօրէն պիտի ըլլան պատշաճ ու տպաւորիչ հանդիսութիւններ` շեշտելով այդ թուականին կարեւորութիւնը, անոր կենսատու տրոփը` ներկայ հանրապետութեան:  Չարենց կրնար մասնակցած չըլլալ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի կռիւներուն, բայց հերոսամարտերով կերտուած պետութեան ժողովրդի թշուառութենէն տեղեակ էր: Կարծէք` Աղբալեանը հեռահայեաց գիտակցութեամբ զինք նշանակեց պատասխանատու կարիքաւորներու օգնող յանձնախումբին մէջ մօտէն տեսնելու ողբերգութիւնը ժողովրդին, որովհետեւ գիտէր կանուխէն, որ Չարենցը կոչուած էր ըլլալու իր ժողովրդի ժամանակակից խղճի ձայնը, տառապանքի կոտտացողի ցաւին հառաչանքը:  Չարենց չէր կրնար, չդիմացաւ ու ձգեց այդ պատասխանատու գործը` մօտէն տեսնելէ, զգալէ ետք ժողվուրդի համայնական ողբերգութիւնը եւ այդ անօրինակ Գողգոթայի ճամբուն կողահերձ ինկած ժողովուրդը:

Կրնայ ոեւէ անհատ որեւէ կապ չտեսնել Չարենցին ու այս հարիւրամեակին միջեւ, կրնան թերեւս ալ ճիշդ ըլլալ, մարդիկ արդէն իսկ սկսած են այժմէն վիճիլ, թէ Երեւանի ո՛ր մէկ հրապարակին պէտք է զետեղել, ո՞ւր է այդ հրապարակը եւ որո՞ւ է Հանրապետութեան հրապարակը`անհատի՞ն որ ամբողջ եօթանասուն տարի մնաց հոն եւ որ մեր ժողովրւրդի վերջին մնացորդացն ու մեր երկիրը յարմար նկատեց թուրքին նուիրել որպէսզի անոնք վերջնական անէացումի` ծնաջնջումի ենթարկեն մեր ժողովուրդը: Այլ խօսքով, ոճրամիտ պատեհապաշտին, Լենինի՞ն: Այժմ մարդիկ դժուարութիւն կ՛ունենա՞ն որոշելու, թէ այն անձը, ներկայ հանրապետութեան ու հայ ժողովրդի գոյատեւումը հաստատող ու հիմնող անհատը յարմա՞ր է այդ պատուին, թէ՞ տարբեր տեղ մը, տարբեր խաչմերուկի մը վրայ պէտք է զետեղել,  որովհետեւ աւելի կարեւոր մէկը արժանի կը նկատուի այդ պատուին:

Ո՞վ է այդ… փրկիչը:  Այդ ե՞րբ պատահեցաւ, որ հայոց նոր պետականութեան նախաշաւիղ տեսանողն ու ամենափառ նախահայրը ժամանակակից եւ մեր օրերու հանրապետութեան` ինչպէ՛ս կրնայ կասկած ու տատամսում յառաջացնել մեր օրերու իր կորիւններուն մէջ: Չե՞ն անդրադառնար անոնք, որ այդ հրապարակը կը պատկանի` իրենց հաւատքի հզօրութեամբ ու անսասանութեամբ կռանած ցեղասպանուած ու հայրենազրկուած ժողովուրդը հրազինող

Արամին` մեր օրերու Տարօնի անմահացած սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեանին,

կը պատկանի Գէորգ Ե. հայրապետին, նորօրեայ Ներսէս Մեծ Հայրապետի երկնառաք բազուկներու հովանիին տակ հայցելով տէրունական պահպանումը իր զինուորեալ ժողովուրդին,

եւ վերջապէս անոնց`

Չարենցի հասակակից, անպարտելի աշխարհազօրներու  շարքերը աշխարհազօր հայոց բանակին,

եւ դեռ

Տատամսի՞լ իրաւութեանը, հարազատութեանն ու նահատակումի բաղաղիչ իրաւութեանը անոնց: Բայց ատենն է ամէն կասկած ու վերապահութիւն մէկդի շպրտել` թօթափելու ու մաքրուելու անոնց արատաւոր հետեւանքներէն ու տալ համայն ժողովրդի անվերապահ գնահատականը անոնց,  որոնք իրենց արիւնով նուաճեցին այդ իրաւունքը:

Արդ Չարենցի կապը այս բոլորին, հարիւրամեակին հետ, շատ պարզ է, ու կապը արհեստական չէ, այլ այնքա՛ն բնական, այնքա՛ն օրկանական ու այնքա՛ն իրաւ:  Չարենց եղաւ այդ հանրապետութեան ամէնէն հարազատ ու ջահավառ քերթողը:  Սիրեց իր երկիրը ու այդ սիրոյ տաղաւարին վրայ կոթողեց իր վաստակը:  Շատ լաւ տեղեակ էր ու գիտէր, թէ ա՛յդ էր մնացեր` վերջին կայանը, վերջին հողաշերտը երբեմնի Նայիրի Աշխարհէն եւ Չարենցն էր այդ երկրի ամէնէն հարազատ ու ամէնէն տաք, արեւի պէս այրող ու արեւի պէս լուսաւոր բնութագրողը նոր Հայաստանին` իր «արեւահամ բառով», իր «նայիրեան աղջիկներու հեզաճկուն պար»-ով, «Նարեկացու, Քուչակի լուսապսակ ճակատ»-ով, »Արարատի պէս ճերմակ գագաթ»-ով ու  «Փառքի ճամբայ Մասիս սար»-ով որուն ճիշդ դիմացը իր յուշակոթողն է որ կարենայ ամէն օր վայելել այդ «լուսապսակ», սպիտակափառ կատարն ու համազգային «փառքի ճամբան», որ անցնելով Հանրապետութեան հրապարակէն` կ՛երկարի մինչեւ Մասիս սարը` որպէսզի կրկին վերադառնայ ան` Մասիս սարը, Նայիրի Երկիրը սրբազան, նորօրեայ նայիրցիներու անտեղիտալի պայքարով:

Չարենցի աճիւնները յուշակոթողին մէջ չեն, տարտղնուած են հայրենական արգաւանդ դաշտերու մէջ, որպէսզի օր մը ծնին նոր նարեկացիներ, նոր քուչակներ ու նոր գուսաններ, որպէսզի երկիրը շքեղացնեն, որպէսզի իր պետական այրերը ըլլան այնքան խրոխտ ու յախուռն եւ հաստատակամ, որ չամչնան իրենց հերոսներէն ու զլանան անոնց` պատիւը, որ իրենցն է իրենց ծնունդէն իսկ, եւ բոլորիս պարտքն է մեր յաղթարշաւի ջահավառութիւնը ջահալուցող մեր անկրկնելիօրէն անփոխարինելի արժանաւոր ջահակիրներուն տալ արժանին ու տալ պատիւ ամնացորդ սիրով ու առանց վերապահումներու եւ անստերիւր ու իմացեալ անտեղիտալի համոզումով:

smargossian@sbcglobal.net

Լոս Անճելըս, 21 յուլիս 2017
(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 


Հայու Ինքնութեան Եւ Ինքնահասկացողութեան Նուիրուած Խորհրդաժողովէն Ետք. Ինքնութեան Եւ Ինքնահասկացողութեան Վերդարձէս Ետք

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Արդէն տասը օրեր անցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ԱՐԱՄ Ա.ի հրաւիրած հայու ինքնութեան եւ ինքնահասկացողութեան նուիրուած խորհրդաժողովէն:

Խորհրդաժողովը աւարտած է: Հարցին տագնապը կը մնայ: Հարկ է այդ հարցով տագնապիլ, կրաւորական չըլլալ, եթէ պատմութեան բեմին վրայ պիտի մնանք` որպէս ինքնուրոյն ազգ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Այդ օրերուն «Ազդակ» օրաթերթի մէջ կարդացի Յովէլ Շնորհօքեանի ինծի ուղղած «բաց նամակ»-ը: Շատ ալ չհասկցայ, թէ ինչո՛ւ ինծի ուղղուած էր այդ նամակը: Կը խնդրեմ, որ սիրելի Յովէլը այս քանի մէջ էջերը իր նամակին պատասխան համարէ:

Ըստ սովորութեան, գիրքերուս եւ թուղթերուս մտերմութեան մէջ էի: Թուրք հեղինակի մը` Քեմալ Եալչընի հայերէնի թարգմանուած գիրքը կը կարդայի, հրատարակուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ, «Մելիտինեցի» մրցանակով: Գիրք, որ պէտք է տարածուի թուրքերուն եւ այլ ժողովուրդներուն մէջ` Ֆրանսա, Գերմանիա, Ամերիկաներ, արաբական աշխարհ: Այս արդէն այլ հարց է:

Դիպուածով մեքենագրուած էջ մը յայտնուեցաւ սեղանիս տակնուվրայութեան մէջ: Տարիներ առաջ գիրքէ մը արտագրուած էջ մը: Հեղինակը` Ժոզեֆ Քեսել, գիրքը` «Սիրոյ եւ կրակի երկիր» (Terre d’amour et de feu): Չեմ գիտեր, թէ գիրքը անգլերէնի թարգմանուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Հայերէնի չէ թարգմանուած:

Խորհրդաժողովի լուսաբանութիւններուն եւ հարցականներուն պատասխանը կարծէք գտայ այդ էջին մէջ: Երբեմն տողեր կը յիշէի: Խորհրդաժողովին յիշեցուցի անկէ քանի մը դիպուկ տող: Այժմ կ’ուզեմ հատուածը ամբողջութեամբ թարգմանել, որպէսզի արծարծուած խնդիրներուն քաղաքական եւ մշակութային խորքին մասին յստակ կարծիք կազմենք` միաժամանակ հասկնալով, որ ինքնութեան կորուստի տագնապ ունեցած են ուրիշ ժողովուրդներ ալ: Ոմանք պարտուած են եւ անհետացած:

Շատեր պիտի խորհին, որ ըսուածները կրկնութիւններ են, մեր ներկայի կացութեան չեն համապատասխաներ, հայկական սփիւռք(ներ)ը նոր դիմագիծեր ունին, եւ անհրաժեշտ է հայկական ընկերութիւններու հոլովոյթին հետ քայլ պահել: Ներկայի մեր բազմերես պատշաճեցումները բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը փոխե՞ն նաեւ արմատները: Սօս Սարգսեանի «Չորուկ ճիւղեր»-ը կը շփոթուի՞ն հասարակաց կոճղին հետ: Կամ առանց արմատներու հաւատարմութեան մի՞թէ «չորուկ ճիւղեր» չենք դառնար:

Մէջբերում Մը, Որ Հայու Խօսք Չէ

Ի՞նչ կ’ըսէ Ժոզեֆ Քեսել.

«Ժողովուրդ մը կրնայ ապրիլ, եւ կամ աւելի ճիշդ` գոյատեւել, առանց իր կողմէ ընտրուած կառավարութեան, առանց իր ծոցէն ծնունդ առած հաստատութիւններու, նոյնիսկ` հողի մը, որ իրեն պատկանի: Բայց եթէ ան չունի լեզու մը, որ իրեն յատուկ ըլլայ, ան մեռած ժողովուրդ մըն է:

«Լեզուն ամենախոր, ամենատարրական հանճարն է ցեղի մը: Ան է որ կը կազմաւորէ իմացութիւնը եւ զայն կը հոսեցնէ միեւնոյն քուրային մէջ: Ան է, որ գոյն եւ մասնայատուկ երանգ կու տայ զգայնութիւններու: Անիկա միակ կապն է, որ կ՛ըլլայ անխարդախ, եւ ան է նաեւ գերագոյն ապաստանը պարտուած ազգի մը պաշտպանութեան:

«Բոլոր ճնշուած ժողովուրդները ատիկա հասկցած են աղօտ կերպով, եւ աւելի յստակութեամբ` յաղթական ժողովուրդները, որոնք իրենց յաղթանակը կատարեալ համարած են միայն իրենց նոր հպատակներուն մոռցնելէ ետք այն լեզուն, զոր անոնք կը խօսէին նուաճումէն առաջ: Այդպէս ալ ռուսերը փորձած էին Լեհաստանի եւ գերմանացիները Ալզաս Լորենի մէջ: Եւ իրենց ձախողութիւնը այս մարզին մէջ կանխատեսել կու տար աւելի ծանրակշիռ պարտութիւն մը:

Կը յիշեմ, որ Իրլանտայի մէջ, թագին դէմ մղուած պայքարի հերոսական օրերուն, ՇԻՆ ՖԷՅՆի առաջնորդները կ’ըսէին. «Կաէլիքը անգլիացիները աւելի լաւ պիտի արտաքսէ մեր երկրէն, քան` մեր հրացանները»:

«Կաէլիք»-ը` իրլանտացիներու ազգային լեզուն:

ՇԻՆ ՖԷՅՆը իրլապտացիներու մարտական-յեղափոխական կազմակերպութիւնն էր:

Պիտի ըսե՞նք, առանց դարձդարձիկ մարդորսական եւ ինքնարդարացման ճապկումի, ԿԱԷԼԻՔի փոխարէն` ՀԱՅԵՐԷՆԸ` ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ:

ՇԻՆ ՖԷՅՆԻ օրինակով, մեր ալ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐը պիտի ըսե՞ն, որ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱՔՍԷ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՂ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՅՈՑ ԵՐԿՐԷՆ, ՔԱՆ ԱՄԷՆ ԿԱՐԳԻ ԵՆԹԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԵՆԹԱԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍԱԿԱՆ ՃԱՌԵՐԸ (logomachies):

Այս մէջբերումը կը խտացնէ ամբողջական ազգային քաղաքականութիւն մը, եթէ իրատեսութիւն եւ քաջութիւն ունենանք տողերը եւ բառերը բանալու մեր կացութեան վրայ: Եթէ ըսած ըլլայի, որ այս տողերը գրած է հայ յեղափոխական մը կամ հաւատաւոր հայ մտաւորական մը, ոչ ոք պիտի կասկածէր: Թէեւ ոմանք կրնային քմծիծաղով դիմաւորել ըսուածը:

Հայ ղեկավարը, աշխարհական թէ կրօնական, մտաւորական, լրագրող եւ գրող, ուսուցիչ եւ աշխատաւոր, դրամատէր եւ թոշակառու, հայր եւ մայր, մանաւանդ երիտասարդ, կրնա՞ն, պիտի ուզե՞ն այս էջին ոչ մակերեսային ընթերցումը կատարել` փակագիծի մէջ դնելով իրենց կացութենէն մեկնող ինքնարդարացման գիտոսիկութիւնները (sophismes):

Մեծ իմաստասէր Էմմանուէլ Քանթ կ’ըսէր. «Գործէ՛ այնպէս, որ քու վերաբերումդ դառնայ տիեզերական օրէնք»: Փորձենք հետեւիլ մէջբերուած էջին մէջ զարգացող միտքին, որ ո՛չ աշխարհագրական, ո՛չ ալ ազգի մը կամ երկրի մը յատուկ սահմաններ ունի:

Մէջբերումին Իմաստները Բանանք
Մեր Իրականութեան Վրայ

Ի՞նչ կ’ըսէ, կամ ինչե՞ր կ’ըսէ արտագրուած մէջբերումը:

Ա.- Ժողովուրդ մը եթէ չունի լեզու մը, որ իրեն յատուկ ըլլայ, ան մեռած ժողովուրդ մըն է:

Այս ճշմարտութիւնը հասկցած էին մեր բանաստեղծները, որոնք, ինչպէս` բոլոր ժողովուրդներու պարագային, ներիմացական հզօր ըմբռնումով բանաձեւած են իրենց միտքը: Բայց ո՞վ կը լսէ զանոնք, երբ կը գինովնանք նիւթապաշտութեամբ, պատեհապաշտութեամբ, ցուցադրականով, անմիջականով: Կարծէք` բանաստեղծները միայն մանկապարտէզի հանդէսներուն համար են, եւ ոչ յիշուած բեմ զարդարող եւ պատկեր ցուցադրող «առաջնորդ»-ներուն: Գիտցողներուն համար կրկնութիւն են Խաչատուր Աբովեանի, Մուշեղ Իշխանի կամ Պարոյր Սեւակի տեսիլք ունեցող խօսքերը, իսկ անտեսիլք գործնապաշտներուն համար անոնք «պարապ վախտի խաղալիք» են:

Ժողովրդական պարզ խօսքով, Խաչատուր Աբովեան (19-րդ դար) ըսած էր, որ` «եթէ լեզուն չըլլի մարդ ինչի՞ նման կ’ըլլի»: Արմատներէն հեռացումը կը սկսի լեզուէն հեռացումով: Ունի՞նք բաւարար առաքինութիւն` ըսելու, որ լեզուէն կտրուելէ ետք, ի՞նչ կը մնայ հայէն: Մուշեղ Իշխանի պարզ խօսքը այնքա՜ն խորաթափանց է. «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն / ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»: Լեզուն երբ կորսուի, կը կորսուի նոյն տան անդամ ըլլալու զգացողութիւնը, հարազատութիւնը, ժամանակ մըն ալ կը տեւէ «ծագման» յիշողութիւնը` մոլորակի այլազանութիւններուն մէջ: Այնքա՜ն կը սիրենք Պարոյր Սեւակի անունը յիշել` առանց յիշելու անոր ներիմացական  (intuition, ինտուիցիա) հզօր խօսքը. «Ժողովուրդները գոյատեւում են ո՛չ միայն իրենց հողով, այլեւ` իրենց լեզուով. երբեմն` աւելի իրենց լեզուով, քան` նոյնիսկ իրենց հողով»: Սերունդներուն յարդի բոցի նմանող կարգախօս կրկնելու դատարկ մշակոյթ տալու փոխարէն` այս «իմացում»-ը եթէ տանք, եթէ տայինք, մեր ներկան աւելի պայծառ կ’ըլլար: Իսկ օտարաբարբառ դարձող սերունդները, թերթերը, հեղինակները եւ «առաջնորդները» եթէ լսէին ներհուն Նիկոլ Աղբալեանը, նուազ «համաշխարհային ազգ» ըլլալու պարտուածի յաւակնութիւնը կ’ունենայինք: Ան կ’ըսէ. «Ազգ եւ գրականութիւն մեռնում են այն ժամանակ, երբ դադրում են իրենց լեզուն խօսել եւ այդ  լեզուով ու գրաւոր արտայայտել իրենց ներաշխարհը»: Այսինքն մեր սնապարծութիւնը եւ գործնապաշտութիւնը կը փոխարինէինք հարազատի հպարտութեամբ: Պիտի կարենա՞նք որդեգրել մեռած ժողովուրդ չըլլալու քաղաքականութիւն:

Բ.- Արդարեւ, լեզուն «հանճարն է ցեղի մը», ոգին, տարբերութիւնները կը կազմաւորէ «նոյն քուրային մէջ»: Մանաւանդ, «ան է նաեւ գերագոյն ապաստանը պարտուած ազգի մը պաշտպանութեան»: Կրկին կարդա՛լ մէջբերումը: Պատշաճեցումները, այսինքն հրաժարումները կը սկսին լեզուով, երբ տիրող ուժը կամ շրջապատը իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Որքա՜ն իմաստուն է մէջբերումի տողը: Դիմադրական շարժումը կը սկսի լեզուով, ան «գերագոյն ապաստանն է պարտուած ժողովուրդի մը պաշտպանութեան»` սպասելով վերականգնումը կամ անոր կազմակերպումը:

Գ.- Կարծէք` կը մոռնանք, որ այս կամ այն ձեւով, թէեւ կուշտ, բայց «ճնշուած ժողովուրդ ենք», եթէ չառաջնորդուինք ինքնախաբէութեամբ, որ դարձած է կեանքի ոճ, բանաձեւուած` որպէս լաւ ապրելու իրաւունք: Թերեւս աղօտ կերպով կ’անդրադառնանք, որ որպէս ազգ եւ ազգի հատուած` ապագայ չունինք, եթէ ուրիշներ յաջողին մոռցնել մեր լեզուն, եւ կամ` յաջորդական պատշաճեցումներով մենք մոռնանք զայն: Խօսքը յստակ է. «… յաղթանակը կատարեալ համարած են միայն իրենց նոր հպատակներուն մոռցնելէ ետք այն լեզուն, զոր անոնք կը խօսէին նուաճումէն առաջ»: Վիգէն Խեչումեան (20-րդ դարու հայ գրող) կը նկարագէ հայ գերին, որուն լեզուն կտրած էին թշնամիները, որպէսզի իր լեզուն չխօսի, Լենինէն մինչեւ Պրեժնեւ ըսուած էր, որ ամէն խորհրդային քաղաքացի պէտք է սորվի ռուս մեծ լեզուն` ի հարկէ ստեղծելու համար սովետամարդը (homo sovieticus), այսինքն քանդուի ազգային ինքնութիւնը: Համաշխարհայնացումը ժամանակակից ճնշումն է` պարտադրուած, միամտութեամբ կամ շահախնդրութեամբ ընտրուած եւ ընդունուած, որ կ’իրականացնէ տիրողներու յաղթանակը, «միատարածք մարդը» (l’homme unidimensionnel) ստեղծելու ձգտող: Եթէ զանգուածային  դիմադրական շարժում չյաջողինք ստեղծել հրացաններէն աւելի զօրաւոր լեզուի պաշտպանութեան հարցով, ասդին-անդին նուաճած մեր դիրքերը, աչքի խտիղ պատճառող մեր շէնքերը, Ցեղասպանութեան ճանաչումներու հրավառութիւնները կը դառնան փուչիկ: Փուճ:

Հայերէնը` Պարտութեան Եւ  Վերականգնումի
Անկամուրջ Բաժանարար Գիծ

Սփիւռքներու մէջ ազգային իրա՛ւ քաղաքականութիւնը, այսօր եւ վաղը, հայերէնի վերականգնումն է, մեր տուներուն մէջ, նորահաս սերունդի շրթներուն, խօսուող եւ գրուող, որակով, իր քերականութեամբ, ուղղագրութեամբ եւ շարահիւսութեամբ, ոչ մօտաւոր հայերէն մը: Երբ կրնանք աշխարհի բոլոր լեզուները սորվիլ, հպարտանալ, որ տեղացիէն աւելի լաւ գիտենք իր լեզուն, մէկ հատիկ պատճառ պէտք է տալ հայերէնի լքումը արդարացնելու համար: Ինչպէ՞ս հայը հասած է հայերէնը չսորվելու կամ զայն անկարեւոր համարելու պարտութեան կարմիր գիծը, ուրկէ անդին գիտենք, որ կայ այլասերումը:

Համացանցի վրայ անգլերէն գրուած յայտարարութիւն մը կարդացի Ամերիկայի մէջ գումարուելիք հայու ինքնութեան հարցով կայանալիք ժողովի մը մասին: Եթէ Ժոզեֆ Քեսելէն արտագրած մէջբերումս ազնիւ երիտասարդ մը թարգմանէր եւ կարդար այդ հանդիպման, յանուն Մեսրոպին` երախտապարտ կ’ըլլայի:

Ժամանակաւորը, անհատականը, պատահականը, պարտադրուածը եւ անգիտութիւնը պէտք չէ շփոթել էականի եւ վաւերականութեան հետ: Այդպէս պէտք է մօտենալ հիմնահարցերուն, ո՛ւր որ ալ գտնուինք, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, առանց աւաղելով ինքնարդարացումներ փնտռելու:

Ճապկումներու դէմ ըսուած իմաստուն խօսքեր կան: Յաճախ կը յիշեմ մամիկ մը, որ կ’ըսէր, թէ ամէն անգամ որ ուղտը ծունկը գետին դնէ, հոն քարվանասարայ չի շինուիր:

Հայերէնի լքումը արդարացնելու համար «քարվանսարայներ» շինողներ բանակ են, ինչ որ սովորական դարձած է ինքնարդարացումներու համար` շահակցութիւներու բերումով եւ մարդորսական շատախօսութիւններով:

Մէջբերումը հարկ է կարդալ իմաստասէր Հուսերլի ըսածին պէս` «մերկ եւ միամիտ հոգիով»… Եթէ այդ քաջութիւնը ունինք:

Առաքինութիւն` հոգիի ուժ, որ պէտք է տոկալու եւ տեւելու համար:

Ո՞վ, որո՞նք եւ գիտակցութիւնը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի վերածեն գործի:

24 յուլիս 2017, Նուազի-լը-Կրան

Տեսակէտ. «Դէպի Երկիր» Կարգախօսին Հիմքերը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Շատերուս ծանօթ է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ համայն հայութեան ուղղուած «Դէպի երկիր» կոչը, որ Դաշնակցութեան ծրագիրին մէջ բնութագրուեցաւ հետեւեալ տողով. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ դատի լուծման. ամբողջական հայութեամբ` ամբողջական հայրենիքի կերտումին»:

«Դէպի երկիր» կարգախօսը հասարակ երազային նպատակ մը չէ, այլ, ընդհակառա՛կն, անիկա տրամաբանական գաղափար մըն է, որ կը բխի հայ ազգային-ազատագրական շարժումի եւ համայն հայութեան վեհ իղձերէն:

Հոգեբանականօրէն, իւրաքանչիւր հայրենազուրկ ազգ (մանաւանդ եթէ անոր հայրենիքը կը գտնուի ամբողջատիրական ուժի գրաւման ներքեւ) նպատակ կ՛ունենայ անկախ պետականութիւն մը կերտել` ազգային-ազատագրական պայքար մղելով:

ՀՅԴ-ն իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւն` միշտ ալ կարիքը զգացած է օգտուելու այլ ընկերվարական կուսակցութիւններու մղած ազգային- ազատագրական պայքարներէն եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, որդեգրած է անոնց քաղաքականութիւնները:

Ընկերվարութիւնը իբրեւ ընկերային-տնտեսական համակարգ լաւագոյն այլընտրանքն է դրամատիրութեան, կայսերապաշտութեան, ամբողջատիրութեան եւ գաղութատիրութեան:

Ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութիւնը անբաժանելի մաս կը կազմէ ազգային- ազատագրական շարժումներուն, եւ այդ պատճառով է, որ 20-րդ դարու ընթացքին բազմաթիւ ազգային-ազատագրական շարժումներ որդեգրած են ընկերվարութիւնը` իբրեւ պաշտօնական գաղափարախօսութիւն եւ ծաւալուն պայքար մղած են ընկերային ու տնտեսական ճնշումներուն դէմ:

Այստեղ կ՛արժէ անդրադառնալ «ընկերվարական սիոնականութեան», որ մեր կարծիքով, լաւագոյն օրինակը հանդիսացած է հայրենադարձութեան գաղափարին:

Հազարաւոր տարիներ հրեայ ժողովուրդը հայրենազուրկ մնաց` ցրուած աշխարհի չորս ծագերուն.19-րդ դարուն, հակասեմականութեան աճումէն ետք, հրեաները զգացին, որ պէտք է իրենց համար ստեղծեն անկախ պետութիւն մը, ուր ազատագրուած ըլլան բոլոր կաշկանդումներէն. ահա այսպիսով ծնաւ սիոնականութիւնը:

Հրէական ընկերվարական տարրը ունեցաւ իր յատուկ ուղին հայրենադարձութեան մէջ. նշեալ տարրը մերժեց դասական սիոնականներու ազատական տնտեսական գործելակերպը, որուն հիմնական սկզբունքներէն մէկն էր ներդրումներ կատարել Պաղեստինի մէջ: Ներդրումներուն փոխարէն` ընկերվարականները առաջարկեցին կազմակերպել քաղաքի բանուորութիւնը` արհեստակցական միութիւններու մէջ, իսկ գիւղացիները` համագործակցական միութիւններու մէջ: Անոնք նոյնիսկ դէմ կեցան հողերու անհատական սեփականատիրութեան եւ ձգտեցան համայնացնել զանոնք:

Այս նպատակով ալ 1913-ին հիմնուեցաւ «Հաշոմեր հացայիր» (եբրայերէնով կը նշանակէ` «Երիտասարդ պահակ») կազմակերպութիւնը: Այս կազմակերպութիւնը երիտասարդական միութիւն մըն էր, որուն նպատակն էր դաստիարակել երիտասարդութիւնը ընկերվարական համամարդկային արժէքներու հիման վրայ եւ կերտել ընկերվարական հասարակութիւնը մարդ անհատի կեանքին մէջ:

1920-ական թուականներէն սկսեալ «Հաշոմեր հացայիր»-ը Պաղեստինի մէջ սկսաւ գիւղեր կառուցել Եւրոպայէն գաղթած հրեաներուն համար: Այդ գիւղերուն ընկերային-տնտեսական համակարգը ընկերվարական էր: Հոն բոլոր հողերը համայնացուած էին, հրեաներն ու արաբները հաւասար էին օրէնքի ու պարտականութեան առջեւ, իսկ բնակարանը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնն ու ջուրը ապահովուած էին բոլորին անխտիր:

Ժամանակի ընթացքին ընկերվարական գիւղերու գաղափարը կրկնապատիկ յաջողութիւն արձանագրեց, գաղթողներուն թիւը աւելցաւ, եւ գրեթէ բոլորն ալ բարեկեցիկ կեանք կ՛ապրէին:

Այսօր Հայաստանն ու Արցախը կրնան օգտուիլ հրէական օրինակէն` առողջ եւ ազդու  հայրենադարձական քաղաքականութիւն յառաջ մղելու իմաստով: Անոնք միայն կարիքը ունին որդեգրելու այնպիսի ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան վրայ, ուր բոլոր հայրենադարձները (առանց դասակարգային խտրականութեան) բարեկեցիկ կեանք կ՛ապրին` իրենց համար ապահովելով կեանքի ամէնէն պարզ ծառայութիւններն ու կարիքները:

Ինչպէս պատմութիւնը կ՛ապացուցէ, միայն ընկերային արդար կարգերու միջոցով է, որ համայն հայութիւնը պիտի քաջալերուի վերադառնալու իր հայրենիքը եւ հոն արժանապատիւ կեանք մը ապրելու:

Ընկերվարական հիմքերը միայն այժմէական չեն. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին ալ իրերայաջորդ չորս կառավարութիւնները որդեգրեցին ընկերվարական քաղաքականութիւններ, եւ ապագային ալ, երբ իրականանայ միացեալ Հայաստանի նպատակը, պիտի գործադրուի ընկերվարութիւնը` վերաբնակեցնելով տարագիր հայութիւնը իր պապենական հողերուն վրայ:

Ծանօթ.- Այս յօդուածը բնաւ չի քաջալերեր սիոնական անմարդկային ոճիրները եւ բնաւ կողմնակալութիւն չ՛արտայայտեր Իսրայէլի անարդար գոյացութեան օգտին, այլ միայն կը պարզաբանէ գաղափարները այն կազմակերպութեան, որ արդէն 1948-ին մերժեց Իսրայէլի պետութեան հիմնումը եւ առաջարկեց «Մէկ պետութիւն` երկու ազգերու համար» գաղափարը:

 

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը` Առաջին Հորիզոնականին Վրայ

$
0
0

Դէպի հայրենիք գործուղումներու արտակարգ եռուզեռ կը ցուցաբերէ Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը: Անկախ զբօսաշրջային խումբերու  յաջորդական մեկնումներէն, Երեւանը այս եղանակին վերածուած է սփիւռքահայութեան եւ այս պարագային լիբանանահայութեան, լիբանանահայ երիտասարդութեան ժամադրավայրի: Վերջին ժամանակաշրջանին կայացման ընթացքի մէջ եղող այս միտումները, կը թուի, որ այս տարի յստակ ընդգծում ստացած են:

Այս միտումները ունին անշուշտ իրենց շարժառիթները` բանակումներ, համահայկական խաղեր, փառատօներ եւ տարբեր ձեւաչափերով ներգրաւումներ: Այսուհանդերձ սկսած են գործնական տեսք ունենալ դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն քայլեր առնելու թէ՛ միութենական եւ թէ՛ անհատական մօտեցումները:

Իրադրութիւնները այս ուղղութեամբ փոխկապակցուած տրամաբանական շղթայի հիւսուածքի հիման վրայ կ՛ընթանան, երբ մեկնումի օրինակներն ու պահանջարկները կը շատնան, կը բազմապատկուին ուղիղ թռիչքներու թիւերը եւ անշուշտ փոխադարձաբար, երբ թռիչքներ կ՛իրականանան գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ` առիթ ստեղծելով յաճախ մեկնելու: Եւ Պէյրութը տարածաշրջանային մակարդակի վրայ կը յայտնուի Արաբական Ծոցի երկիրներու շարքին, թէկուզ եղանակային, այսուհանդերձ ամէնօրեայ դէպի Երեւան թռիչքներ իրականացնելու առումով:

Կարեւոր տարբերութեամբ մը սակայն: Ծոցի երկիրներու պարագային օդային եռուզեռի ներգրաւուածները մէկ կողմէ կանգառ-տարբեր ուղղութիւններ մեկնողներ են, միւս կողմէ տուրքազերծ, շուկայի աշխուժ մասնակիցներ: Մինչդեռ Պէյրութը այս առումով յատկանշուած է համահայկական գործուղման, բանակումային մասնակիցներու աննախընթաց թիւերով նաեւ, եւ պէտք է ընդունիլ այս պարագային, որ անկախ այլապէս ողջունելի զբօսաշրջութենէն եւ գործարարութենէն, այստեղ կ՛ընդգծուի գաղափարական բովանդակութիւնը, որ մասնակի հայրենադարձութիւն հասկացողութեան հետ կամրջուած է: Լիբանանն է այն միջավայրը, որմէ Երեւան ուսանելու համար հիմնադրամներու ճշդած չափաբաժինները շուտով կ՛ամբողջանան, եւ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի այլ օժանդակող ծրագիրներու դիմելու` Երեւան մեկնելու եւ այնտեղ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար:

Հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ ունենալ այնպիսի վիճակագրութեան արդիւնքներ, որոնք կը խօսին լիբանանահայերու կողմէ գնուած բնակարաններու-հողատարածքներու, անշարժ գոյքերու եւ կատարուած ներդրումային ծրագիրներու թիւերուն մասին:

Հաւանաբար եզրակացութիւնները ընդգծեն, որ ա՛յս մարզերուն մէջ եւս լիբանանահայութիւնը պիտի գրաւէ առաջին հորիզոնականները:

Լիբանանահայութեան այս տեղաշարժը եթէ մէկ կողմէ արդիւնք չէ շուկայական եւ կանգառային դրդապատճառներու, հետեւանք չէ նաեւ ճգնաժամային իրավիճակներու բերումով արձանագրուած հոսքերուն: Ահա թէ ինչու խօսքը գաղափարական բովանդակութեան կը վերաբերի որոշակի առումով:

Վերլուծական այս փորձի ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է ընկալել ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու սեփական բանակավայր ունենալու իրականութիւնը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հայրենիքին մէջ տարեկան բանակում կազմակերպելու փաստը,   ՀՅԴ ԶՈՄ-ի իրերայաջորդ «Անուշ հայրենիք» գործուղումները, «Արցախ ֆոնտ»-ի շրջանակներուն մէջ հայ աշակերտութեան ճանաչողական այցելութիւնները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինի տասնամեակներու վրայ երկարող հայրենաշինական ներդրումները, ԱՌԻ-ի բնակեցման ծրագիրները, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի ծրագիրին մէջ լիբանանահայ երիտասարդներու եւ պատանիներու ներգրաւուածութեան քանակը, «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան իրերայաջորդ ծրագիրներուն մէջ հետզհետէ աճող լիբանանահայ երիտասարդներու թիւերը եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու լիբանանահայ պատուիրակութեան երեւոյթը եւ տակաւին շատ նմանօրինակ փաստեր:

Հայրենաճանաչութեան եւ մասնակի հայրենադարձութեան քայլերը հաւաքական եւ անհատական մակարդակներու վրայ թափով կ՛ընթանան:

Լիբանանահայութիւնը առաջին հորիզոնականին վրայ է:

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Աշխուժ Աշխատանք Կը Նախատեսէ Արցախի Ճանաչման Ուղղութեամբ

$
0
0

«Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ կայացած ասուլիսին ընթացքին Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը նշեց, որ կը նախատեսեն ընդլայնել Արցախի շուրջ համախմբուած միջազգային գործիչներու թիւը, աւեցնելով, որ Ֆրանսայի հայ համայնքը աշխուժ աշխատանք կը նախատեսէ Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ:

«Ինչպէս գիտէք, Ալֆորվիլ քաղաքը ստորագրեց համաձայնագիր` Արցախի Բերձոր համայնքի հետ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ֆրանսական քաղաքը կը ճանչնայ Բերձորը իբրեւ հայկական քաղաք: Ասիկա շատ կարեւոր իմաստ ունի: Պէտք է այնպէս ընել, որ նման օրինակներ շատ ըլլան: Երբ ունենանք Ֆրանսայի 20-25 քաղաք, որ համագործակցութեան համաձայնագիրներ կնքած են Արցախի քաղաքներու հետ, ապա կրնանք ըսել, որ մեր գործին մէջ յառաջխաղացք արձանագրած ենք: Ասիկա կրնայ օգնել, որ Արցախը ճանչցուի իբրեւ անկախ հանրապետութիւն», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Ըստ անոր, ցարդ լուրջ աշխատանք տարուած է, եւ անիկա պիտի շարունակուի, որ Ֆրանսայի մէջ Արցախը ունենայ քաղաքական զօրակցութիւն: Պիտի շարունակեն համախմբել ազդեցիկ քաղաքական գործիչներ` կառավարութեան անդամներ, նախագահ եւ պատգամաւորներ` այդ գործը յառաջ տանելու համար:

«Ես լուրջ կապեր ունիմ դիւանագիտական քաղաքական ու կառավարական շրջանակին մէջ եւ կրնամ ըսել, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը չեն կրնար ֆրանսացիները խաբել: Ֆրանսացիները շատ լաւ գիտեն, թէ ի՛նչ կը կատարուի Թուրքիոյ մէջ, գիտեն, թէ ի՛նչ է Ալիեւի վարչակարգը, որ ժողովրդականութիւն չի վայելեր Ֆրանսայի մէջ: Բոլորն ալ գիտեն, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ կապերը շատ հեռու չեն կրնար երթալ: Մենք պէտք է այս իրավիճակը օգտագործենք դէպի մեր յաջողութիւնները: Այս հարցին մէջ Էրտողանն ու Ալիեւը մեզի բաւական կ՛օգնեն», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Մ. Փափազեան նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի մէջ լաւատեղեակ են ղարաբաղեան խնդիրէն: Իրենք գիտեն, որ Ազրպէյճանը չ՛ուզեր խաղաղութիւն հաստատել, գիտեն, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ զէնքով խնդիրը լուծել:

«Հեռու չէ այն օրը, երբ որոշում պիտի տրուի` արցախեան հարցին առնչուած: 1994-էն ի վեր այսպիսի վիճակ անընդունելի է ժողովուրդներուն համար», աւելցուց Փափազեան:

Տեսակէտ. Հայրենադարձութիւն

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հրեայ նախկին երեսփոխան Ալեքսանտր Ցինկերը իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ անցնող տասնամեակներուն Իսրայէլի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան շնորհիւ` հայրենադարձութիւնը եղած է հրեաներուն գլխաւոր օրակարգերէն մէկը:

Կրթական, տնտեսական, մարտական, ռազմավարական բոլոր ճգնաժամերուն ալ հայրենադարձութեան եւ հրէական սփիւռքի օրակարգը չէ կորսնցուցած իր առաջնահերթութիւնը:

Այսօր փաստօրէն ոչ թէ Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ աշխարհի վրայ միակ պետութիւնն է, որ, իր սփիւռքով զօրաւոր ըլլալով հանդերձ, միեւնոյն ժամանակ կը վարէ հայրենադարձութեան կազմակերպուած քաղաքականութիւն:

Այս մտածումները բաւական խանգարեցին միտքս եւ սկսայ մտածել, որ արդեօք Հայաստանն ալ, սփիւռքի նախարարութեան կողքին, հայրենադարձութեան նախարարութի՞ւն ալ պէտք է ստեղծէ, որպէսզի իւրաքանչիւր երկրէն տարեկան որոշ թիւով հայրենադարձներ ապահովենք:

Պայման չէ, որ Հայաստանը պատերազմի շրջաններէն ապաստան փնտռող հայերուն տունը ըլլայ:

Ընդհակառակը, Հայաստանը պէտք է ներգրաւէ բոլոր մակարդակներու վրայ գտնուող հայեր:

Մշակոյթի եւ առեւտրական մարզերու մէջ հաստատուած հայորդիներ իրենց հայրենադարձութեամբ նոր թափ պիտի տան հայրենիքին:

Հայրենադարձութիւնը դժուար ըլլալով հանդերձ, պէտք է աշխատանք տարուի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որպէսզի արտագաղթի ալիքին դէմ ալ հակազդէ որոշ չափով: Փաստօրէն հայրենակեդրոն Հայաստանը բոլորին հաւաքող ուժը պէտք է ըլլայ: Այս մէկը գործով պէտք է ապացուցուի:

Մանաւանդ` բոլորին մասնակցութեամբ: Սփիւռքահայը միայն ամառնային այցելու զբօսաշրջիկի կարգավիճակ պէտք չէ ունենայ, ընդհակառակը տարուան բոլոր ամիսները հոն ներկայ պէտք է ըլլայ եւ իր մասնակցութիւնը բերէ զանազան բնագաւառներուն մէջ:

Հայրենադարձութիւնը միայն զգացական, լոզունգներով, փառատօներով, խորհրդաժողովներով եւ շքանշաններով չ՛ըլլար:

Հայրենադարձութեան համար կարիք կայ մանիֆեսթի մը, որուն խորագիրը «Հայաստանը բոլորին հայրենիքն է» եզրին ամբողջական իմաստը ունենայ:

Հայրենադարձութիւնը ծրագրաւորում կ՛ուզէ, որպէսզի արդիւնք տայ:

Հայրենադարձութիւնը ժողովրդավար, բարգաւաճ եւ պայծառ Հայաստանի ապագան է:

Հայրենադարձութիւնը սփիւռք-Հայաստան 6-րդ խորհրդաժողովի գլխաւոր օրակարգերէն մէկը պէտք է ըլլայ:

 

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Հարաւային Կովկասը` Թեհրանէն Դիտուած

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Պատմութեան մէջ Հարաւային Կովկասը միշտ ալ եղած է մեծ կայսրութիւններու ռազմադաշտը: Շրջանը վերջին 200 տարիներուն դարձաւ Ռուսիոյ, Օսմանեան կայսրութեան (Թուրքիոյ) եւ Իրանի հակամարտութիւններուն կեդրոնը: Անիկա ո՛չ միայն նշանաւոր է իր քարիւղի հանքերով, այլ նաեւ ունի ռազմավարական նշանակութիւն, որովհետեւ կը միացնէ Միջին եւ Փոքր Ասիաները: 1828-ին վերջ գտաւ ռուս-պարսկական պատերազմը, եւ Թուրքմենչայի դաշնագիրով շրջանը անցաւ ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ: Համաշխարհային Ա. պատերազմին Օսմանեան կայստութիւնը փորձեց ամէն ջանք ի գործ դնել` ճամբայ բանալու դէպի Պաքու եւ այդտեղէն ալ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ թրքաբնակ շրջանները: 1918-ին, երբ Ազրպէյճան իր անկախութիւնը հռչակեց, Պարսկաստանը չճանչցաւ զայն, իսկ 1919-ի Փարիզի վեհաժողովին պարսկական պատուիրակութիւնը պահանջեց Ազրպէյճանի կցումը Պարսկաստանին: Շատ քիչ բան գիտենք այդ ժամանակաշրջանի հայ-պարսկական յարաբերութիւններուն եւ այս հարցին գծով Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումին մասին: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ արցախեան տագնապի բռնկումէն անմիջապէս ետք, սկզբնական շրջանին Իրանի դիրքորոշումը հայամէտ չէր: Սկզբնական այդ շրջանին Իրան զինամթերք հայթայթեց Ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական եւ իրանեան երկու բանակները հիմնեցին պաշտպանութեան միացեալ կեդրոն: Այս քայլը ունէր իր կրօնական բնոյթը եւ միաժամանակ թելադրուած էր իրանեան ներքին ապահովական խնդիրով:

Իրան կը հաւատար, որ Ազրպէյճանի միջոցով կարելի պիտի դառնար իր շիիական յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը տարածել Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ իսլամական նորաստեղծ հանրապետութիւններուն մէջ, սակայն, միւս կողմէ, մտահոգ էր, որ Իրանի մէջ ապրող շուրջ 15 միլիոն ազրպէյճանցիները կրնան ներքին ապստամբութեան դիմել, այդ պատճառով ալ իրանեան վարչակարգը ազրպէյճանամէտ քաղաքականութիւն կը վարէր:

Սակայն այս քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, երբ թրքամէտ Ապուլֆազ Էլչիպէյ Ազրպէյճանի նախագահ դարձաւ: Ապուլֆազ Էլչիպէյ, համաթուրանական գաղափարներով տարուած, կոչ ուղղեց Իրանի ազրպէյճանցիներուն` օգնութեան հասնելու Ազրպէյճանի Հանրապետութեան իրենց եղբայրներուն եւ ստեղծելու «Միացեալ Ազրպէյճան» մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ «Հարաւային Ազրպէյճանը» (հիւսիսային Իրան): Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը ազգայնամոլական Գորշ գայլեր շարժումին միջոցով կը փորձէր հրահրել համաթուրանական ազգայնականութիւնը հիւսիսային Իրանի մէջ: Հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան իր «Ղարաբաղեան օրագրութիւն» խորագիրով գիրքին մէջ կը նշէ, որ 1992-ի ապրիլին Թեհրանի մէջ ուսանողական մեծ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ, ցոյցին մասնակիցները կը բացագանչէին` «Հայկական ֆաշականութիւնը` դո՛ւրս», «Բռնատէրը` դո՛ւրս»: Ցուցարարները քոքթէյլ մոլոթով նետեցին դեսպանատան վրայ, եւ ոստիկանութիւնը հազիւ կրցաւ իրավիճակը իր վերահսկողութեան տակ առնել: Թամազ Փափուաշվիլի իր «Ազրպէյճան-Իրան յարաբերութիւնները» խորագրեալ յօդուածին մէջ (22 փետրուար 2017) կը նշէ, որ Թաւրիզի մէջ ազրպէյճանցիները հակահայ թռուցիկներ կը բաժնէին, եւ իրանեան ոստիկանութիւնը տարածուած էր հայկական թաղերը, որպէսզի պաշտպանէ շրջանը որեւէ յարձակումէ: Այս դէպքերէն ետք Իրանի քաղաքականութիւնը աստիճանաբար փոխուեցաւ հայ-ազրպէյճանական տագնապին գծով:

«Թշնամիիս Թշնամին Բարեկամս Է»

Իրանի համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր ռազմավարական կեդրոն է շրջանին մէջ` հակառակ քաջ գիտակցելուն, որ վտանգաւոր քայլ կ՛առնէ քրիստոնեայ Հայաստանին մօտենալով, նաեւ` գիտնալով հանդերձ, որ իր սահմաններուն մէջ 15 միլիոն ազրպէյճանցի կը բնակի: Թեհրան Երեւանի հետ սերտ յարաբերութիւն մշակելով` ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ հակառակ անոր որ կրօնական վարչակարգ ունի, սակայն կը հաւատայ երկխօսութեան եւ բարեկամական կապեր կ’ուզէ հաստատել քրիստոնեայ Արեւմուտքին հետ. փաստը  Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր յարաբերութիւններն են: Իսկ Երեւանի համար Իրան ճամբան է դէպի Արեւելքի շուկաները: Երբ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շրջափակումի ենթարկեցին Հայաստանը, Երեւան կրցաւ շունչ առնել Իրանի ճամբով: Ազրպէյճան սկսաւ երբեմն Թուրքիոյ, երբեմն ալ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ մօտենալ Իսրայէլին, իսկ Իսրայէլի համար ասիկա հսկայ առիթ մըն էր` Իրանի սահմանին մօտ զինուորական խարիսխ մը ունենալու: Ազրպէյճան, որուն բնակչութեան 70 առ հարիւրը կը պատկանի իսլամական շիի համայնքին, սակայն աշխարհիկ պետութիւն մըն է, կարեւոր դեր կը խաղայ Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան մէջ` շրջանին մէջ իրանեան թափանցումը արգելակելու իմաստով: Ազրպէյճանի համար ալ Իսրայէլը ունի ռազմավարական կարեւորութիւն: Ազրպէյճանի շնորհիւ Իսրայէլ դարձաւ Ռուսիոյ զինուորական մրցակիցը սպառազինութիւններու վաճառքին մէջ, Ազրպէյճան կը ձգտի Ռուսիոյ նկատմամբ իր զինուորական կախեալութիւնը նուազեցնել եւ ռուսական զէնքերը փոխարինել իսրայէլեան զէնքերով: Ըստ Ռահիմ Ռահիմովի «Հայաստան-Իրան ընդդէմ Ազրպէյճան-Իսրայէլի. ո՞ւր է Ռուսիան» խորագրեալ յօդուածին (30 յունուար 2017), Ազրպէյճան իր զէնքերուն 85 առ հարիւրը կը գնէ Ռուսիայէն: Ռուսիա մտահոգ է, որ Իսրայէլի օգնութեամբ Ազրպէյճան խախտէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը Կովկասի մէջ: Այստեղ Ռուսիոյ եւ Իրանի շահերը իրարու կը համընկնին շրջանին մէջ իսրայէլեան ներթափանցումը չէզոքացնելու իմաստով: Սակայն ասիկա կատարելու համար Ռուսիա Ազրպէյճանին սպառազինութեան իր մատակարարումին քանակը աւելի բարձրացուց, եւ ասիկա դժբախտաբար կը կատարուի Հայաստանի հաշուոյն: Վերջերս իսրայէլացի բարձրաստիճան նախարարներու Հայաստան այցելութիւնը եւ անոնց այն յայտարարութիւնը, որ Իսրայէլ նաեւ պատրաստ է զէնք մատակարարելու Հայաստանին, աւելի եւս կը խորացնէ ռուսական մտահոգութիւնը  շրջանին մէջ:

Ազրպէյճանի համար նաեւ կարեւոր է Իսրայէլի հետ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունենալը, որպէսզի Ամերիկայի հրէական լոպին օգտագործէ հակահայ նպատակներով` կասեցնելու համար Արցախի ի նպաստ Հայ դատի աշխատանքները Քոնկրեսին մէջ: Զարմանալի չէ այս իմաստով, որ վերջերս կը կարդանք Միացեալ Նահանգներու մէջ հրեայ լրագրողներու կողմէ գրուած հակահայկական բնոյթի յօդուածներ: Իսրայէլ-Ազրպէյճան համագործակցութիւնը իր պտուղները տուաւ, երբ 2012-ին Ազրպէյճան ստորագրեց 1,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ սպառազինութեան վաճառքի համաձայնագիր մը, որուն մէջ կային նաեւ հակաօդային հրթիռներ եւ առանց օդաչուի օդանաւեր գնելու վերաբերեալ կէտ:

Դեկտեմբեր 2016-ին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այցելեց Ազրպէյճան եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: 6 ժամ տեւած այս հանդիպման ընթացքին կազի, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ զինուորական մարզերուն վերաբերող համաձայնութիւններ ստորագրուեցան: Ըստ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրին, Իսրայէլ զէնք եւ ապահովական սարքաւորումներ պիտի տրամադրէր Ազրպէյճանին: Իսրայէլի համար այս համաձայնութիւնը կը բխի «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» կարգախօսէն: Անշուշտ Իրան այս բոլորին զգուշութեամբ կը հետեւի, եւ հեռու չէ այն օրը, երբ Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 1997-ի նման դիւանագիտական բախում մը պատահի Կասպից ծովուն շուրջ: Յիշեցնենք այստեղ, որ երբ 2012-ին լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով, Թեհրան մեղադրեց Ազրպէյճանը այն ամբաստանութեամբ, որ Իսրայէլին տրամադրած է զինուորական օդակայան մը` հարուածելու համար Իրանի հիւլէական կայանները, իսկ 2014-ին իրանական սահմանային ուժերը վար առին իսրայէլեան առանց օդաչուի լրտեսական օդանաւ մը, որ օդը բարձրացած էր Ազրպէյճանի տարածքներէն: 2012-ին Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուեցան 22 կասկածելի անձեր, որոնք ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, կը պատկանէին իրանեան Յեղափոխութեան պահակագունդին եւ ամբաստանուած էին Պաքուի մէջ ամերիկեան  եւ իսրայէլեան թիրախներ հարուածելու յանցանքով:

Սակայն այս բոլորէն Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ:

Բաժնէ Եւ Իշխէ

Կայսերապաշտ Անգլիա այս նշանաբանը ստեղծողներէն մէկն էր: Եթէ թշնամիիդ չես կրնար ռազմականօրէն յաղթել, ապա փորձէ ներքին պառակտումներ յառաջացնել անոր երկրին մէջ: Կը յիշեմ, որ երբ 2015 թուականին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին ճաշասեղանի շուրջ կը խօսէինք յաջորդ խորհրդաժողովի վայրին մասին (անիկա տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ), ժողովակիցներէն մէկը ըսաւ` «Չեմ կրնար, Ազրպէյճանի մէջ ընտանիք ունիմ», ապա ինծի նայեցաւ եւ ժպտելով ըսաւ` «Բայց լեզգի եմ»: Ժողովէն ետք երկխօսութեան մտայ անոր հետ, եւ հետաքրքրական էր, որ արցախեան ազատագրական պայքարի ժամանակ լեզգիներն ալ, ոգեւորուած, նոյնպէս ունեցած են իրենց ազատագրական պայքարը: Լեզգիներուն հայրենիքը Լեզգիստանն է, որ կը գտնուի Ազրպէյճան-Ռուսիա սահմանին մօտ, անոնք ունին իրենց «Լեզգիներու ազգային շարժում» կազմակերպութիւնը, որ կը կոչուի «Սատվալ»: 1992-ին անոնց ղեկավարները ձերբակալուեցան եւ աքսորուեցան: Ազրպէյճանական աղբիւրները կը պնդեն, որ Հայաստանի գաղտնի սպասարկութիւնը այս շարժումի հիմնադրութեան եւ կազմակերպումին մէջ հիմնական դեր ունեցած է: Լեզգիները իրենք զիրենք կը սեպեն բնիկ կովկասցիներ (կովկասեան ալպանացի), ժամանակին եղած են քրիստոնեայ, ապա հաւատափոխ դարձած եւ իսլամութիւնը ընդունած են:

Նոյնպէս ազգային-ազատագրական պայքար կար նաեւ Ազրպէյճան-Իրան սահմանին վրայ, ուր 1993-ին հռչակուեցաւ Թալիշ-Մուղան հանրապետութիւնը, որ հազիւ 2 ամիս գոյատեւեց: Թալիշները շատ աւելի ազգայնական են, քան` լեզգիները, եւ մինչեւ օրս Եւրոպայի տարածքին ունին փոքր գաղութներ ու իրենց դատը կը հետապնդեն: Անոնք արցախեան ազատագրական պայքարը միշտ օրինակելի կը տեսնեն, եւ անոնց ղեկավարները կը վկայակոչեն այս կէտը:

Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանի բնակչութեան 70 առ հարիւրը շիի դաւանանքին կը պատկանի, սակայն պետութիւնը հալածանքի կ՛ենթարկէ շիի կրօնաւորները եւ մտահոգ է իրանական ազդեցութենէն: 2015-ին ազրպէյճանցի ոստիկանները ձերբակալեցին եւ բանտարկեցին շիի կրօնաւոր Թալեհ Պաղիր-Զատէն, որ ուսանած է Իրանի մէջ, եւ հակառակ իր երիտասարդ ըլլալուն` շատերուն համար մեծ ազդեցութիւն ունի եւ ղեկավարած է Նարտարանի հակակառավարական ցոյցերը: Նարտարան գիւղը, որ կը գտնուի Պաքուի մօտ, կը նկատուի շիի կրօնամոլներուն կեդրոնը, ուր հազարաւոր շիիներ ամէն տարի կ՛ոգեկոչեն Քարպալայի ողբերգութիւնը:

Ազրպէյճան նաեւ մտահոգ է Իրանի Մշակութային կեդրոնէն, որ կը պատկանի իրանեան դեսպանատան եւ անոր անդամները դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունին: Կեդրոնը հսկայական աշխատանք կը տանի տարածելու իրանական մշակոյթը եւ կրօնական ազդեցութիւնը Ազրպէյճանի մէջ: Այս բոլորին դիմաց Ազրպէյճան կը քաջալերէ սալաֆական շարժումը, որուն կեդրոնը Պաքուի մէջ գտնուող Ապու Պաքր մզկիթն է: Վերջերս բազմաթիւ սիւննի ազրպէյճանցիներ անդամակցած էին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին, ազրպէյճանցի սալաֆականներու ղեկավարն է Կամեթ Սուլէյմանովը, որ ուսանած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Իրան նաեւ մտահոգ է Պաքուի մէջ վերջինիս գործունէութենէն:

2013-ին Իրանի ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան կոմիտէի փոխնախագահ Մանսուր Հաքիքաթփուր յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը պէտք չէ մոռնայ, որ Ազրպէյճանի մէջ կան 17 շրջաններ, ներառեալ` Պաքուն, որոնք կը պատկանին Իրանին: Այս յայտարարութիւնը եկաւ իբրեւ արձագանգ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած «Հարաւային Ազրպէյճանի ազգային-ազատագրական շարժման» նուիրուած վեհաժողովին, որ հովանաւորուած էր Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ:

Եզրափակում

Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի համար կարելի չէ Ազրպէյճանին ռազմականօրէն յաղթել, նաեւ Իրանի համար կարելի չէ Ազրպէյճանի մէջ որեւէ անջատողական շարժում քաջալերել, որովհետեւ կրնայ վտանգուիլ Իրանի ներքին կայունութիւնը, սակայն Իրան Հայաստանի միջոցով կրնայ ասիկա իրագործել: Այստեղ հայկական սփիւռքն ալ իր դերը պէտք է ունենայ` գործակցելով լեզգի եւ թալիշ ազատագրական շարժումներուն հետ: Հայաստանի համար ռազմավարական գործօն է Ազրպէյճանի մէջ ունենալ դաշնակիցներ, եւ մինչ Իրան կրօնական եւ մշակութային թափանցում կ՛ունենայ Ազրպէյճանի մէջ, Ալիեւի վարչակարգը կրնայ դժուար փուլի առջեւ յայտնուիլ: Այսօր Հայ դատը չի սահմանափակուիր միայն հայկական իրավիճակով: Շրջանին մէջ դաշնակիցներու կարիքը ունինք: Անշուշտ ռուսական դիրքորոշումը կարեւոր է այս հարցին մէջ, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր է: Ռազմավարական օրէնք է` «պաշտպանուելու ամէնէն լաւ ձեւը յարձակողական ըլլալն է»:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Ազգայնականութենէն Անդին. Գործուն Հայրենասիրութեան Դերը Պետականութեան 100-ամեակի Նախօրէին

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ եւ ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Այս յօդուածին անգլերէն բնագիրը լոյս տեսած է «Արմինիըն ուիքլի»-ի մէջ: Այս յօդուածը հայոց պետականութեան 100-ամեակին  նուիրուած շարքին առաջին յօդուածն է:

Անցաւ մայիս 28 մը եւս,  եւ հայերը նշեցին  Հանրապետութեան տօնը` այն օրը, երբ Հայաստանը դարձաւ հանրապետութիւն եւ ստեղծուեցաւ 1918 թ. ժամանակակից հայկական պետութեան նմուշ` 1375 թ. հայոց պետականութեան կորուստէն ի վեր:

Այս տարի լրացաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակը: Հակառակ մեր բազմադարեայ պատմութեան մէջ փոքրիկ անկիւնադարձ մը ըլլալուն` ան կարեւոր հանգրուան է քննադատական անդրադարձի համար: Այդ մէկը միաժամանակ փորձ մըն էր ստեղծելու ֆիզիքական հայկական պետականութիւն եւ հաստատելու այն ժամանակուան համար հնարաւոր լաւագոյն կառավարութիւնը:

Այն ժամանակէն ի վեր, ինչպէս եւ` 2017-ին, Հայաստանը պատմական խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջոցով անցում կատարեց նոր  սահմանադրութեամբ ամրագրուած խորհրդարանական ժողովրդավարութեան: Թէեւ ընտրութիւնները ժամանակ առ ժամանակ կը պղտորէին քուէներու գնման եւ միջամտութեան  դէպքերով, քուէարկութեան խախտումներու եւ կեղծիքներու վերացման նպատակով ներդրուած թեքնիք լուծումներն ու ընթացակարգերը կարծես թէ բարելաւած են ընտրական չափանիշները, մինչ Հայաստանը կը շարունակէր կաղալ յետխորհրդային անցումային շրջանին:

Մինչ սփիւռքահայ համայնքներուն մեծ մասը զբաղած էր «Խոստում»  ժապաւէնի քարոզարշաւով, Երեւանի մէջ ապրիլին տեղի ունեցաւ աննախադէպ համաժողով, որ կ’անդրադառնար վերջին ժամանակներուն Հայաստանի քաղաքական բառապաշարին մէջ նոր թափ ստացած քաղաքական տեսլականին. խօսքը «Ազգ–բանակ»-ի մասին է (A Nation in Arms/Das Volk In Waffen).

Այս առումով կարծես գոյութիւն ունի սխալ ուղղորդուած զայրոյթ, մեծ խառնաշփոթ եւ  որոշակի անտարբերութիւն,  մինչ ան անցում կը կատարէ Ցեղասպանութեան յաջորդ դար եւ կանգնած է հաստատուն ու կայուն պետականութեան մարտահրաւէրներու առաջ:

Յօդուածին մէջ հեղինակներուն նպատակն է անդրադառնալ 21-րդ դարուն հայկական քաղաքական մտքի որոշ առանցքային հարցերուն. ի՞նչ նշանակութիւն ունի մայիսի 28-ը հայերուն համար` Հայաստանի վերանկախացումէն 26 տարի ետք: Արդեօ՞ք արդի հայկական ինքնութեան հիմքին մէջ առկայ է ազգայնականութեան մէջ մատնանշուող դարաւոր թուրք-ազրպէյճանական գոյաբանական սպառնալիքը:

Արդեօ՞ք Հայաստանը ձախող պետութիւն է, կամ արդեօ՞ք ան աւելի խորքային խնդիրներ ունի օրակարգի վրայ, ինչպիսին է «յետխորհրդայինէն» «հայկական պետութիւն» դառնալու անցումային պայքարը, մինչ հայերը կը դիմակայեն պետականութեան մարտահրաւէրները:

Երկու հեղինակներն ալ մեծցած են լիբանանահայ համայնքին մէջ, ուր մայիս 28-ն միշտ սիրուած տօն էր, քանի որ յոյսի եւ վերածնունդի զգացողութիւն կը ներշնչէր:

Պէյրութի Համազգայինի Փալանճեան ճեմարանին մէջ (ուր յաճախած են այս յօդուածին հեղինակները) պատրաստուած են հայ հասարակական գործիչներու եւ մտաւորականներու սերունդներ, որոնցմէ է դոկտոր Վարդան Գրիգորեանը («Քառնեկ»-ի հիմնադրամի նախագահ): Նախկին տնօրէններ Լեւոն Շանթի (Ա. հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ) եւ Սիմոն Վրացեանի (Ա. հանրապետութեան վերջին վարչապետը) արձանները սփիւռքահայ սերունդներու համար յոյսի մշտական յիշեցում էին:

Յոյսի զգացումը, որուն կրցաւ հասնիլ հանրապետութեան հիմնադիր սերունդը , կը հակադրուի այսօուան իրականութեան: Սփիւռքի մէջ շատերուն համար անկեղծօրէն պղտոր է հայութեան`պետականութեան շուրջ նկրտումներու ապագան: 1860-ականներէն ի վեր հայութեան առ պետութիւն եւ առ պետականութիւն ճանապարհը պատուած է փուշերով` Ցեղասպանութիւն, խորհրդայնացում, 1930-ականներու պոլշեւիկեան բռնաճնշումներ, Բ. Համաշխարհայինպատերազմի հսկայական կորուստներ եւ վերջին շրջանին` շրջափակում ու պատերազմ Ազրպէյճանի դէմ:

Սակայն հայկական հանրապետութեան համար իրավիճակը աւելի վատթարացաւ 1991 թ. ի վեր. Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդը հեռացաւ հայրենիքէն` հիմնականօրէն պետական տնտեսութեան ապաարդիւնաբերականացման եւ գործազրկութեան մակարդակի բարձրացման պատճառով: Միւս կողմէն` սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ հայկական ինքնութիւնը կարծես յայտնուած է ձուլման վտանգին առաջ, իսկ ոմանք ալ կը ձգտին դէպի երբեմնի հարազատ էթնոկրօնական ինքնութիւնն ու համայնքները: Այս երեւոյթ մըն է, որ այսօրուան դրութեամբ նորթափ առած է արհեստագիտութիւններու եւ համաշխարհայնացման շնորհիւ` համայնքները վերածելով տարատեսակ ենթամշակոյթներու եւ հեռացնելով յետցեղասպանութեան սերունդի հայոց «հաւաքական գործակալութենէն»:

Այնպէս կը թուի, որ մարդկութիւնն ու համաշխարհայնացումը հայերուն աւելի շատ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն կը տրամադրեն, քան ինքը` նորաստեղծ ազգապետութիւնը, եւ համաշխարհայնացած հայերը կարծես աւելի շատ կը հակին տեղական հայկական էթնիկ պարտաւորութիւններու, քան բազմաբնոյթ սփիւռքեան զբաղմունքներու: Տեղաբնիկները սփիւռքահայերէն կը տարբերին անով, որ անոնց տեսլականները «բազմաբնոյթ» չեն, եւ իրենց բազմաբնոյթ ինքնութիւնը չեն կապեր այլուր ապրող հայերու, ինչպէս նաեւ` հայրենիքի հետ երեւակայական յարաբերութիւններու:

Բացի այդ, հայերը կարծես ժխտականօրէն կը յարին դէպի «անհատական գործակալութեան» տիրոյթ, քանի որ շատերը ի վիճակի են աւելի շատ վայրերու մէջ համաշխարհայնացած աշխատիլ: Բայց արդեօ՞ք մարդկութիւնը չափազանց շատ ու բազմազան է, որպէսզի իմաստալից հաղորդակցում ապահովէ փոքրաթիւ հայ ազգի անդամներուն համար: Արդեօ՞ք տեղական, էթնոկրօնական համայնքները բաւարար են անդրազգային ազատականութեան եւ բազմամշակութային ճնշումներուն հակազդելու համար: Արդեօ՞ք որեւէ քաղաքական կապուածութիւն չունեցող «թուղթով հայերը» (Հայաստանի մէջ կամ դուրս) բաւարար են` ապահովելու ազգային պետութեան հետագայ զարգացումը պետականութեան 100 տարիներէն ետք: Թէեւ դժուար է պատկերացնել կատարեալ հասարակութիւն, բայց մենք կը համարենք, որ Հանրապետութեան օրուան առթիւ նպատակայարմար կ’ըլլայ առաջ քաշել հայ հասարակութեան վերաբերող առանցքային հարցեր:

Գաղափարախօսական տեսանկիւնէն, հայեացք նետելով վերջին քառորդ դարու հայ ազգայնականութեան վրայ կարելի է ըսել, որ անիկա ինքնին անբաւարար է ազգ-պետութիւն գաղափարախօսութեան հիմնական նպատակներու ստեղծման համար: Հայ ազգայնականութիւնը հիմնականօրէն չկրցաւ`

1.- Ստեղծել կայուն ազգային տնտեսութիւն,

2.- Ստեղծել պատշաճ կառավարում, որ միաւորէ Հայաստանի համայնքներն ու մարզերը Երեւանէն եւ սփիւռք(ներ)էն դուրս,

3.- Ստեղծել նուազագոյն ազգային քաղաքական մշակոյթ (համընդհանուր արժեհամակարգ եւ հայկական աշխարհայեացքներու համակարգ) եւ նոյնականացում ամբողջ ազգի, ինչպէս նաեւ` սփիւռք(ներ)ին համար,

4.- Ամենակարեւորը` մեր կարծիքով չէ յաջողած ստեղծել արդիւնաւէտ կառավարում, որ ականջալուր ըլլար քաղաքացիներուն կարիքներուն: Կառավարում, որ միւս երկիրներէն սորվէր մշակել քաղաքականութիւն եւ իր երկարաժամկէտ ծրագրաւորման ու կատարման մէջ օգտագործէ տուեալներ եւ բեմագրութիւններ:

Մինչ նոր ինքնութիւններ նկարագրելու կամ առաջ քաշելու համար կը կիրարկուին հայ «անդրազգ», իսկ այժմ նաեւ «կլոպալ հայ» (ի դէմս Ռուբէն Վարդանեանի` ի շարս այլոց) հասկացողութիւնները, իրականութեան մէջ կարծես չկայ հիմնարար հաւաքական, ազգային ինքնութիւն, որ կրնայ «հաւաքական գործակալութեան» աղբիւր հանդիսանալ ճգնաժամերու պարագային կամ` ծառայել որպէս ազգային տեսլական:

Մեր կարծիքով, յետանկախութեան համախմբման միակ իրական կոչը եղաւ 2016 թ. ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը զգաց կարճաժամկէտ, ծանօթ գոյութենական վտանգ: Հայերու համաշխարհայնացումը այսօր կրնայ պահանջել նոր սկզբունքներու վերակառուցում` հայրենիքի մէջ եւ անդին ազգի «լաւագոյնն ու պայծառագոյնը» ոգեւորելու համար: Ան կրնայ պահանջել, որ բազմաբնոյթ ինքնութիւնները կապակցուին իրենց բնակավայրին ու հայրենիքին` համատեղելով անդրսահմանային, միջսահմանային մշակոյթը, քաղաքականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը` ընդգրկելով հայերու աւելի ստուար հատուած, քան` Հայաստանի շարունակաբար նուազող երկու միլիոն քաղաքացիները (որոնց 35%-ը դեռեւս յետխորհրդային աղքատութեան թակարդին մէջն է), կամ` սփիւռքի ենթամշակոյթներու որեւէ փոքրիկ էթնոկրօնական համայնքը:

Հեղինակները կը հաւատան, որ գոյութիւն ունեցող գաղափարական ունայնութեան այլընտրանք կրնայ հանդիսանալ հայ սահմանադրական հայրենասիրութեան քաղաքացիական ձեւերու աստիճանական զարգացումը` որպէս ազգ-պետութեան եւ անոր սփիւռքներու արժեհամակարգ: Ի՞նչ կը նշանակէ հայրենասիրութիւն:

Ըստ Ռոն Փոլի (Միացեալ Նահանգներ ամբոխավարական գաղափարախօս), «Հայրենասէրը այն անհատն է, որ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ պատրաստ է կանգնելու իր իսկ իշխանութեան դէմ, երբ վերջինս սխալ է»: Հայ ինքնութեան պարագային հայրենիքի հետ կապը պէտք է ի յայտ գայ ոչ միայն արտաքին սպառնալիքներու առկայութեան պարագային, այլեւ պէտք է առաջնորդուի ընդհանուր խորքային ընկերային արժէքներով, որոնք կրնան արդիւնաւէտ եւ ներառական աշխատանքի համար աւելի համակողմանի հարթակ ապահովել: Մենք զայն կը կոչենք «Հայկական արժեհամակարգ»:

Մենք այս յօդուածով կը պնդենք, որ 21-րդ դարու արագ փոփոխուող իրողութիւններու պայմաններուն մէջ հայկական քաղաքական միտքը ընդհանուր առմամբ պէտք է վերափոխուի`դառնալով «հայկական արժեհամակարգի» պաշտպանը: Քաղաքագէտ Իրինա Ղափլանեանը այս մէկը կ’անուանէր «Իմաստի ստեղծում», որ կրնայ նաեւ նշանակել ձեւակերպել, թէ ինչի՛ն կը յանգեցնեն ազգակերտման զարգացման նոր գործընթացներն ու կառոյցները` չափանշային ընկալումէն անդին: Եթէ հայ ազգը որպէս առաջնային քաղաքական միջոց` կը պատրաստուի անցեալին ձգել իր յետխորհրդային ինքնութիւնը, որպէսզի պահպանէ անդրազգի առաջընթացը, ապա հայ քաղաքական միտքը առնուազն պէտք է աւելի լաւ ձեւակերպումներ առաջարկէ «իմաստալից հայկական արժէքներ եւ ճակատագրի զգացում» հասկացողութիւններու համար:

Մենք կը կարծենք, որ այդ արժէքները պէտք է պարունակեն շատ աւելին, քան այն, ինչը որ կ’անտեսուի արդի հայ ազգայնականութեան մէջ. այդ արժէքները պէտք է դուրս գան զուտ ազգային աւանդոյթներէն եւ ծիսակրօնական կանոններու սահմաններէն (այո՛, մեր եկեղեցին ծիսական է եւ ոչ միշտ` հոգեւոր) եւ անդրադառնան Հայաստանի քաղաքացիներու եւս փիւռքահայերու վրայ ազդեցութիւն ունեցող համապատասխան տնտեսական ու ընկերային քաղաքականութիւններուն, ինչպէս վարուեցան այլ փոքր ազգ-պետութիւնները` սկանտինաւեան երկիրները, Սինկափուրը եւ նոյնիսկ Տուպայը:

Այսօրուան ամբոխավարական ազատական ազգայնական օրակարգէն դուրս մնացեր են հայ հասարակութեան ընկերային եւ կառուցուածքային հիմնահարցերը: Անոնք կը ներառեն քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ հետապնդումները, հայ կիներու խնդիրները եւ, ամենակարեւորը, ֆինանսական անհաւասարութիւնն ու աղքատներու հիմնախնդիրը:

Այսօրուան Հայաստանի միւս խնդիրը, որ կը մտահոգէ հեղինակները, Հայաստանի վերնախաւի (որոնցմէ նաեւ` ինքնաբաւ սփիւռքահայերու) յաճախ տխրահռչակ լիիրաւութեան զգացումն է, որ Հայաստանը կը դիտարկէ որպէս անձնական կտաւ ու փորձադաշտ: Հասարակական կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ` կրթութենէն մինչեւ մշակոյթ եւ գործարար ոլորտ, հետզհետէ աւելի յաճախ ականատես կ’ըլլանք «ոչ ներառական էլիտար եւ յաճախ բացառական միտումներու»: Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ կարծես վերնախաւը սեփական համակարգը պարտադրեր է հասարակութեան` ունեւորներու եւ չունեւորներու միջեւ: Ունեւորները իրենք զիրենք լիազօրուած կը համարեն` վերահսկելու քաղաքականութիւնը, գործարարութիւնը, երկրի կառավարումը, ինչպէս նաեւ` ապագայի Հայաստանը ձեւաւորելու / կազմաւորելու փորձերը: Իսկ միւսները պարտաւոր են ծառայելու բանակին, քաջալերողի դեր խաղալու, հանդէս գալու որպէս օգնականներ / բանուորներ կամ ըլլալ ծայրայեղ աղքատ: Հեղինակներուն այստեղ աւելի քիչ կը մտահոգեն տնտեսական հաւասարութեան յարաբերական տարբերութիւնները, քան` անոնց հետ կապուած արդարացիութիւնը, արդիւնաւէտութիւնն ու հնարաւորութիւնները:

1918 թ. Ա. հանրապետութիւնը, կարճ ժամանակ կառավարուելով այն ժամանակ «կեդրոնական ձախ կուսակցութիւն» Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կողմէ` իր ժամանակին մէկ կուսակցութեան կամ հասարակական դասի մենաշնորհ չէր: Կարելի է պնդել, որ այն, ըստ էութեան, շատ առումներով առաջադէմ ամրոց էր. այն տուած է դիւանագիտութեան նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին կին դեսպանը` Տիանա Աբգարը: Մենք չենք սկսիր մեկնաբանել այսօր Հայաստանի մէջ կիներու իրաւունքները, քանզի վերջերս լրատուամիջոցներուն մէջ շատ բան լուսաբանուած է: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ կարծես միասնաբար յետընթաց ապրած ենք:

Գործնականօրէն հեղինակները կը կարծեն, որ հայոց յաջորդ գաղափարական պատերազմը պիտի չծաւալի ազգայնական դաշտի վրայ կամ նոյնիսկ հայերու սրտերուն ու մտքերուն մէջ: Այդ կռիւ կ’ըլլայ կոշտ փաստերու դէմ, որ պատասխաններ կու տայ այնպիսի հարցերու, ինչպիսիք են`արդեօ՞ք Հայաստանի տնտեսութիւնը կրնայ աճ ապահովել, եւ արդեօ՞ք աղքատացած քաղաքացիները հնարաւորութիւն կ’ունենան չքաւորութենէն դուրս գալու իրենց արժանիքներունշնորհիւ: Քաղաքացիները կը գնահատեն, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ է աշխատանքի եւ դրամագլուխի բաշխումը Հայաստանի մէջ, եւ արդեօք խաղի կանոնները բաւական կայո՞ւն են, որպէսզի աճ ու աւելի բարեկեցիկ ապագայ ապահովեն իրենց սերունդներուն համար: Հակառակ պարագային անոնք կ’արտագաղթեն: Այս առիթ է հայ քաղաքական մտքին համար, որպէսզի աւելի զարգացնէ անհրաժեշտ ծառայութիւնները, ինչպիսին կրթական համակարգն է` այն բախտի քմահաճոյքին ձգելու փոխարէն: Օրինակ, Երեւանէն դուրս մարզերուն մէջ ծնած երիտասարդները այսօր աշխատաշուկայ մուտք կը գործեն աւելի քիչ պատրաստուածութեամբ, քան` Երեւանի վերնախաւի զաւակները:

1990 թ. Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը, որ կը ներառէր 12 դրոյթներ եւ հետագային ու մինչեւ օրս կը ծառայէ որպէս Հայաստանի սահմանադրութեան «զարգացման հիմք», կարծես չ’արտացոլացներ «հայոց արժեհամակարգը»: Ազգային պետութենէն դուրս այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ կարծես շատ սփիւռքեան հայկական կառոյցներ, ինչպէս եկեղեցին եւ այլք, համընթաց չեն ներկայ ժամանակին հետ եւ ի վիճակի չեն պահպանելու «համայնքի ոգին» ու ընդհանուր կապերն ազգի` որպէս ամբողջութեան եւ հայրենիքի միջեւ:

Նման միջավայրի մը մէջ նեղ հայ ազգայնական քաղաքական գաղափարախօսութիւնը, որ բացառապէս հիմնուած է ինքնիշխանութեան ու ինքնավարութեան ձգտող սակաւաթիւ ազգի էթնոկրօնական ինքնութեան վրայ, հետզհետէ աւելի անարդիւնաւէտ կը դառնայ 21-րդ դարու բարդ եռուզեռին մէջ: Յետ պաղպատերազմեան դարաշրջանին հայերը կ’երազէին «նոր աշխարհակարգ», որով ժողովրդավարութեան եւ աշխատանքային բարոյականութեան տարածումը ինքնաբերաբար կը յանգեցնէր ազատ, անկախ եւ բարգաւաճ Հայաստանի: Այդ երազանքը, ըստ երեւոյթին, աւարտեր է, եւ եթէ հայերը կը ցանկան դիմագրաւել պետականութեան մարտահրաւէրները, ապա անոնց առջեւ կը բացուի խիստ անհրաժեշտ զարգացման երկար ու ձիգ ճանապարհ:

2017 թ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս անցում կատարեց խորհրդարանական ժողովրդավարութեան, ինչպէս` եւրոպական շատ մը երկիրներ: Այնուամենայնիւ, հայաստանեան կեանքի քաղաքական պատկերը (ձախ-աջ առանցքի երկայնքով) տակաւին հեռու է լիարժէք ըլլալէ եւ դեռ զարգացման տեղ ունի: Այսպէս, հակառակ կառավարութեան կազմին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայութեան` վերջին 25 տարիներուն կուսակցութեան ձախակողմեան գաղափարախօսութիւնը Հայաստանի մէջ գրեթէ չի զգացուիր: ՀՅԴ-ի կողմէն ընկերային արդարութեան կոչերը իրենց արտացոլումը չեն գտած ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութեան վերաբաշխիչ գործողութիւններուն մէջ: Ըստ վերջերս Ֆրետրիխ Էպըրտ հիմնադրամին (Friedrich-Ebert-Stiftung) կողմէ հրատարակուած հետազօտութեան, հայ երիտասարդութեան մեծ մասը ինքզինք հաստատաբար կը տեսնէ քաղաքական պատկերի ընկերվարական կողմին մէջ: Նմանապէս, այլ առանցքային հարցեր, ինչպիսիք են ֆեմինիստական եւ կանաչ շարժումները, հայկական ձախակողմեան քաղաքական դաշտին մէջ տակաւին չեն գտած իրենց տեղը:

Մինչ աշխարհասփիւռ հայութիւնը յառաջիկայ տարի կը պատրաստուի տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը, սովորական դարձած տօնական ձեռնարկներէն ու արձաններ վեր խոյացնելու արարողութիւններէն անդին` դեռ շատ ընելիքներ կան, որպէսզի անիկա համահունչ դառնայ 1918 թ. Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերու ոգիին: Ինչպէս` Արամ Մանուկեանը, որ լայնօրէն ճանչցուած է որպէս Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, «մարդոցմէ վհատ դարբնեց բանակ», այնպէս ալ այսօրուան Հայաստանի մարտահրաւէրները կը պահանջեն նմանատիպ քաղաքական կամք եւ հնարամիտ ուղեղներ:

Յօդուածը կը փափաքէինք աւարտել երջանկայիշատակ ընկեր Ալեն Եկիկեանի պլոքէն մէջբերմամբ. «Տարիներ առաջ Ա. Համաշխարհային պատերազմի քաոսի եւ Ցեղասպանութեան խառնաշփոթի պայմաններուն մէջ փոքրաթիւ, բայց տոկուն ժողովուրդ, ուժ գտնելու համար յենելով իր անցեալին, ոտքի ելաւ Սարդարապատի մատոյցներուն` յանուն իր ազատութեան վերջին անգամ մարտնչելու համար: Վտանգուած էր իր գոյատեւումը»:

Այսօր, գրեթէ մէկ դար անց, խաղասեղանին դրուած է հայոց պետութեան գոյատեւման հարցը: Այս անգամ վերջինիս ապահովութիւնը վտանգուած է ոչ միայն թուրք-ազրպէյճանական առանցքով (եւ` ռուսական աշխարհաքաղաքականութեամբ), այլ հայկական քաղաքական արժէքներու զտման եւ հայկական ինքնութիւնն ու պետութիւնը իրարու կապող հայկական աշխարհայեացքի բացակայութեան պատճառով, մինչ մենք կը շարունակենք դիմակայել պետականութեան մարտահրաւէրները: Այս միտումները ի չիք դարձնելու համար հայոց կեանքին մէջ առնուազն բարոյական վերածնունդ է անհրաժեշտ: Եթէ հաւաքական պետութիւնը իսկապէս որեւէ նշանակութիւն ունի, ապա հայերը պէտք է զարգացնեն սթաթիւս քուոյի հանդէպ արդարացի դժգոհութեան կեցուածք:

Երկու հարիւր հազար տարի առաջ Ափրիկէի մէջ յառաջացաւ մարդը եւ գաղթի ու զարգացման միջոցով տարածուեցաւ դէպի հայկական լեռնաշխարհ ու անդին: Ինչպէս կը վկայեն կլոպալ գաղթականութեան եւ յարմարուողականութեան տուեալները, այդ զարգացումը տակաւին անընդմէջ կը գործէ: Ներկայիս մէկ օրուան մէջ մեր ուղեղ մուտք գործող տեղեկատուութեան քանակը կը գերազանցէ 19-րդ դարու եւ 20-րդ դարասկիզբի միջին վիճակագրական հայու ստացած տեղեկատուութեան մակարդակը: Ամենայն հաւանականութեամբ, պետականութեան ոլորտին մէջ առաջընթացի ուղին պահանջելու է, որ հայերը դրսեւորեն յստակ, տարբերակուած դիրքորոշում, որպէսզի իրենց ազգային պետութիւնը առաւելութիւն ստանայ ներդրումներու, գործարարութեան ու զբօսաշրջութեան ներգրաւման, ինչպէս նաեւ իր արտահանման շուկաներու ձեւաւորման առումով: Ամենակարեւորը` այդ մէկը հայերէն կը պահանջէ աւելի յստակ ձեւակերպել «հայոց երազանքի» սկզբունքները, որպէսզի հայ ինքնութիւնը «իմաստալից հաղորդակցում» ապահովէ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած ազգ-պետութեան համակարգին մէջ` շատ այլ ընտրանքներու գոյութեան պարագաներուն: Մասնաւորապէս, ընդամէնը 26 միլիոն բնակչութիւն ունեցող սկանտինաւեան երկիրները հաւաքական «արժեհամակարգի» վառ օրինակեն, որոնք կը զարգանան եւ կը յարմարեցուին ժամանակակից կեանքին: Շատերը, որոնք կը նախընտրեն այնտեղ բնակութիւն հաստատել, մասամբ այդ մէկը կ’ընեն «սկանտինաւեան երազանքի»-ն նկատմամբ ունեցած համակրանքին պատճառով:

Ազատական կամ ամբոխավարական հայկական ազգայնականութիւնը պարզապէս չի կրնար ըլլալ Հայաստանի պետականութեան մարտահրաւէրներուն պատասխանը: Հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ աւելի խորամուխ ըլլալու այս մտաւոր ճգնաժամին մէջ, քանի դեռ հայ էթնո-ազգային ինքնութիւնը կը շարունակէ յարմարիլ ու զարգանալ: «Մեր հայրենիքը»` 1918 թ. Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային օրհներգը, վերստին ընդունուեցաւ որպէս 1991 թ. նորանկախ պետութեան օրհներգ: Ներկայիս Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ այն գործնականօրէն քաղաքացիական կրթութեան տարր է: Որպէսզի օրհներգը իմաստալից հաղորդակցում ապահովէ հայոց անդրազգի գալիք սերունդներուն, անիկա պէտք է շարունակէ հայրենասիրութեան զգացում եւ նուիրում արթնցնել ոչ միայն Հայկական Բարձրաւանդակի աշխարհագրութեան ու հինաւուրց մշակոյթի, այլեւ աւելի դէպի ժամանակակից ու արդիւնաւէտ հայ հասարակութեան նորքաղաքացիական շատ մը արժէքներու նկատմամբ:

 

 

 


4 Օ­գոս­տոս 1918. ­­Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րա­տի վեր­ջին դիւ­ցազ­նա­կան հե­րո­սու­թիւ­նը

$
0
0

Օ­գոս­տո­սի այս օ­րը, 99 տա­րի ա­ռաջ, ­­Պա­քո­ւի հա­յու­թիւ­նը կե­նաց-մա­հու կռիւ կը մղէր Անդր­կով­կաս ար­շա­ւած թրքա­կան զօր­քե­րու եւ ա­նոնց զի­նակ­ցած տե­ղաբ­նակ մու­սա­ւա­թա­կան թա­թար­նե­րուն դէմ։

Թէեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը մօ­տե­ցած էր իր ա­ւար­տին, բայց ­­Պա­քո­ւի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու հա­մար կա­տա­ղի ու վեր­ջին պայ­քար մը ծա­ւա­լած էր մէկ կող­մէ թուրք-գեր­ման զի­նա­կից­նե­րուն, իսկ միւս կող­մէ՝ ռուս-անգ­լիա­ցի դաշ­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ։

1917ի ­­Հոկ­տեմ­բե­րին պոլ­շե­ւիկ­նե­րու իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լով եւ ռու­սա­կան զօր­քին ուղ­ղո­ւած ­­Լե­նի­նի տուն-դար­ձի կո­չով՝ ռու­սեւթր­քա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի ամ­բողջ եր­կայն­քին թափ ա­ռած էր ռու­սա­կան զօր­քին կազ­մա­լու­ծու­մը. ա­մէ­նուր ռուս զօր­քի դա­սալ­քու­թիւն ու նա­հանջ էր՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով, որ ­­Հայ ­­Կա­մա­ւո­րա­կան ­­Գուն­դերն ու ռու­սա­կան բա­նա­կի հայ սպա­ներն ու զի­նո­ւոր­նե­րը ա­ռան­ձին մնան թրքա­կան զօր­քե­րուն եւ ա­նոնց միա­ցած թուրք-թա­թար զի­նեալ­նե­րուն դէմ, Նա­խի­ջե­ւա­նէն մին­չեւ ­­Պա­քու։

Փետ­րո­ւար 1918էն սկսեալ, ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի կազ­մա­լու­ծու­մէն օգ­տո­ւե­լով՝ ­­Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօ­րա­բա­նա­կը ա­մէն գնով կ­’ար­շա­ւէր դէ­պի Պա­քու, գեր­ման իր զի­նա­կի­ցին նաւ­թով ա­պա­հո­վե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան պատ­րո­ւա­կով՝ բայց խո­րա­պէս ­­Հա­մաթր­քու­թեան (­­Փան-­­Թուր­քիզմ) ե­րա­զը ի­րա­կա­նաց­նե­լու գի­նո­վու­թեամբ։

Իսկ ­­Պա­քո­ւի մէջ մու­սա­ւա­թա­կան թա­թար­նե­րը, ի­րենց թուրք «եղ­բայր­ներ»ուն դի­մա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով, ոտ­քի հա­նած էին ի­րենց ցե­ղա­կից ու կրօ­նա­կից բնակ­չու­թիւ­նը՝ զայն զի­նե­լով եւ յատ­կա­պէս հա­յե­րու դէմ գրգռե­լով։

Հա­կա­դար­ձա­բար՝ ռազ­մա­վա­րա­կան ան­նա­խա­դէպ զի­նակ­ցու­թիւն մը կնքո­ւած էր Պա­քո­ւի հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մի­ջեւ։ Ազ­գա­յին ­­Խոր­հուր­դը՝ Դաշ­նակ­ցու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ ռուս սո­ցիա­լիստ-յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն մաս կազ­մող հայ գոր­ծիչ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ, միա­ցեալ ճա­կատ կազ­մած էր հայ-ռուս-թուրք պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ, ո­րոնց ղե­կա­վարն էր Ս­տե­փան ­­Շա­հու­մեան։
Ա­հա այդ­պէ՛ս, ռու­սա­կան բա­նա­կի եւ կար­միր ջո­կա­տա­յին­նե­րու հետ միա­սին, կռո­ւի դաշտ ի­ջան դաշ­նակ­ցա­կան խում­բե­րը։ Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւն՝ ռու­սա­կան բա­նա­կի գնդա­պետ Ա­ւե­տի­սեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ հայ­դու­կա­պետ ­­Հա­մա­զաս­պի փոխ-հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։

Ա­ռան­ձին անդ­րա­դար­ձի ար­ժա­նի է «­­Պա­քո­ւի ­­Կո­մու­նա»յի եւ ընդ­հան­րա­պէս 1918ի Պա­քո­ւի հա­յու­թեան հե­րո­սա­մար­տին պատ­մու­թիւ­նը՝ իր դրա­կան նո­ւա­ճում­նե­րով եւ ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նով։ ­­Բայց ան­մի­ջա­պէս ընդգ­ծու­մի ար­ժա­նի է, որ ա­միս­նե­րու հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թե­նէ ետք, ­­Լե­նի­նեան կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց ու գեր­ման-թուրք ճա­կա­տի մի­ջեւ կնքո­ւած գաղտ­նի թէ բա­ցա­յայտ հա­մա­ձայ­նու­թեանց հե­տե­ւան­քով՝ ­­Պա­քուն ի վեր­ջոյ լքո­ւե­ցաւ իր բախ­տին։ ­­Շա­հու­մեա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր կու­սա­կից­նե­րով, ռազ­մամ­թեր­քով եւ պե­տա­կան գան­ձով բարձ­րա­ցաւ նա­ւե­րը եւ փոր­ձեց, փա­խուստ տա­լով, սե­փա­կան գլու­խը ա­զա­տել, հա­կա­ռակ ա­նոր որ անգ­լիա­կան զօր­քը ար­դէն ­­Պարս­կաս­տան կը գտնո­ւէր եւ ի վի­ճա­կի էր օգ­նու­թեան հաս­նե­լու ­­Նու­րի փա­շա­յի զօր­քե­րուն եւ մու­սա­ւա­թա­կան զի­նեալ­նե­րուն կող­մէ պա­շա­րո­ւած ­­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան։

Յու­լիս 30ին ­­Շա­հու­մեան եւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը փա­խուս­տի դի­մե­ցին եւ ­­Պա­քո­ւի Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դը՝ ­­Ռոս­տո­մի ու Աբ­րա­համ ­­Գիւլ­խան­դա­նեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օր­հա­սա­կան կռի­ւը մղե­լու պատ­մա­կան ո­րո­շու­մը տո­ւաւ։ Ան­շուշտ հա­յոց դի­մադ­րա­կա­նու­թեան օգ­նեց նաեւ ­­Պարս­կաս­տա­նէն ստա­ցո­ւած անգ­լիա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նե­լու խոս­տու­մը բե­րող ռա­տիօ-հե­ռա­գի­րը։

Բայց ա­ռանց այդ յոյ­սին ալ, հա­յու­թիւ­նը տար­բեր ելք չու­նէր։

Թուր­քը կու գար ամ­բող­ջաց­նե­լու իր սկսած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը եւ հա­յը իր սե­փա­կան բա­զու­կով պի­տի պաշտ­պա­նո­ւէր…
Ա­հա՛ այդ օր­հա­սա­կան պա­հուն ­­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան՝ գնդա­պետ Ա­ւե­տի­սեա­նի եւ Հա­մա­զաս­պի տա­սը հա­զար­նոց հայ­կա­կան զօր­քին օգ­նու­թեան հա­սան, ­­Ռոս­տո­մի պա­հան­ջին ըն­դա­ռա­ջե­լով, դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի հե­րո­սա­կան ու­ղի նո­ւա­ճած Սե­պուհն ու ­­Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րա­տը ի­րենց խում­բե­րով։

Յու­լիս 31էն մին­չեւ Օ­գոս­տոս 5 ա­հեղ կռիւ­ներ մղուե­ցան ­­Պա­քո­ւի մէջ ­­Նու­րի փա­շա­յի ա­ւե­լի քան 20 հա­զար զի­նո­ւոր եւ հա­զա­րա­ւոր մու­սա­ւա­թա­կան զի­նեալ հա­շո­ւող զօր­քի խուժ­ման դէմ։

Ռազ­մա­կան-զի­նա­կան ա­ռու­մով գե­րակշ­ռու­թիւ­նը թրքա­կան կող­մին կը պատ­կա­նէր, անգ­լիա­կան զօր­քը կ­’ու­շա­նար, բայց ­­Պա­քո­ւի պա­շա­րո­ւած հա­յու­թիւնն ու հայ­կա­կան զօր­քը ան­տե­ղի­տա­լիօ­րէն շա­րու­նա­կե­ցին պայ­քա­րը…

4 Օ­գոս­տո­սին, երբ թրքա­կան զօր­քե­րը ու­ժեղ յար­ձա­կո­ղա­կա­նով մը վեր­ջին ու մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծը կը փոր­ձէին հասց­նել հայ­կա­կան ու­ժե­րուն, դիւ­ցազ­նա­կան խո­յանք­նե­րու ան­զու­գա­կան հե­րո­սը՝ ­­Մու­րատ կա­ցու­թիւն փրկեց, իր ու­ժե­րով ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բլուր մը գրա­ւե­լով եւ թրքա­կան ու­ժե­րը եր­կու­քի բաժ­նե­լով, զա­նոնք ընդ­հա­նուր խու­ճա­պի մատ­նե­լով եւ փա­խուս­տի մղե­լով։

Յաղ­թա­կան այդ ճա­կա­տա­մար­տին կեր­տիչն ու նա­հա­տա­կը ե­ղաւ, միա­ժա­մա­նակ, Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րատ, որ ­­Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն, ­­Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին եւ Սե­բաս­տիոյ մէջ ընդ հուր եւ ընդ ա­րիւն եր­կար ճամ­բայ կտրե­լէ ետք՝ առ­յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը ­­Պա­քո­ւի մէջ։

Ա­ռաս­պե­լա­կան տի­պար է ­­Մու­րատ (Խ­րի­մեան ազ­գա­նու­նով)՝ քաջ ու յան­դուգն ֆե­տա­յի, դիւ­ցազ­նա­կան հե­րոս։ Ծ­նած է ­­Սե­բաս­տիոյ ­­Կով­տուն գիւ­ղը, 1874ին, հայ բո­շա­յա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ։

Ինչ­պէս հայ բո­շա­յա­կան ծա­գում ու­նե­ցող ­­Կոմսն (­­Վա­հան ­­Փա­փա­զեան) ու գրող Վր­թա­նէս ­­Փա­փա­զեա­նը, ­­Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րատ եւս ամ­բող­ջա­կան հա­յու իր կեր­պա­րը ստեղ­ծեց եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­ւեր­ժա­կան հե­րոս­նե­րու փա­ղան­գին մէջ ար­ժա­նա­ւոր դիրք գրա­ւեց։

Իր գիւ­ղի տէր-թո­դի­կեան դպրո­ցին մէջ ­­Մու­րատ եր­կար չդի­մա­ցաւ։ Իր ըմ­բոստ ու ա­զա­տու­թիւ­նը սի­րող նկա­րագ­րով՝ հա­զիւ պա­տա­նի, հե­ռա­ցաւ դպրո­ցա­կան կեան­քէն ու խաշ­նա­րա­ծու­թեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ։ ­­Լեռ­նե­րու սի­րա­հար եւ վար­պետ որ­սորդ ­­Մու­րա­տի կեան­քը կտրուկ փո­խո­ւե­ցաւ, երբ հո­վիւ ե­ղած ա­տեն պա­տա­հա­կան թուր­քեր յար­ձա­կե­ցան վրան՝ զինք սպան­նե­լու եւ հօ­տը գող­նա­լու հա­մար։ ­­Մու­րատ սպան­նեց յար­ձա­կող թուր­քե­րէն մէ­կը եւ միւս­նե­րուն փա­խուս­տի մատ­նեց։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը չկրցաւ ­­Մու­րա­տին ձեր­բա­կա­լել, բայց փո­խա­րէ­նը՝ հօ­րը բան­տար­կեց եւ ­­Մու­րատ ստի­պո­ւե­ցաւ յանձ­նո­ւիլ, որ­պէս­զի փրկէ հօ­րը։
Մու­րատ բան­տար­կո­ւե­ցաւ, բայց կարճ՝ քա­նի մը ա­միս տե­ւեց բան­տար­կու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան­չա­փա­հաս էր։ Ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, բայց հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ ­­Սե­բաս­տիա­յէն։ Ան­ցաւ ­­Պո­լիս, ուր ­­Պո­մոն­թիի գոր­ծա­րա­նին մէջ բեռ­նակ­րու­թիւն ը­րաւ եւ ե­րե­կո­նե­րը դպրոց յա­ճա­խեց՝ տար­րա­կան ուս­ման եւ գրա­գի­տու­թեան տի­րա­նա­լու հա­մար։

Նոյն շրջա­նին ան­դա­մակ­ցե­ցաւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան, ո­րուն կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած Ա­չը­քեան պատ­րիար­քին դէմ ցոյ­ցին մաս­նակ­ցած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով՝ ­­Մու­րատ դար­ձեալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ։ Այս ան­գամ եւ­րո­պա­կան մի­ջամ­տու­թեանց շնոր­հիւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­­Պո­լի­սէն իր ըն­կեր­նե­րով։ Ան­ցաւ Ե­գիպ­տոս ու Յու­նաս­տան։ ­­Բայց ար­դէն չէր կրնար Երկ­րէն հե­ռու մնալ։ Գ­նաց ­­Թիֆ­լիս, ուր նո­րա­կազմ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի մի կը խմբէր գա­ղա­փա­րա­պաշտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ ­­Դէ­պի Եր­կիր խում­բեր կազ­մե­լով։ ­­Մու­րատ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­­Կարս՝ հոն­կէ Եր­կիր անց­նե­լու հա­մար։

1903ին ի­րա­կա­նա­ցաւ ­­Մու­րա­տի տա­րի­նե­րու ե­րա­զը, երբ ­­Թոր­գո­մի ա­ռա­ջին խում­բին հետ, իբ­րեւ պարզ զի­նո­ւոր, մտաւ եր­կիր։
Մուշ եւ ­­Սա­սուն, Հ­րայր Դ­ժոխ­քի եւ ­­Գէորգ ­­Չա­ւու­շի կող­քին, ­­Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րատ ոչ միայն կրա­կէ մկրտու­թիւն ստա­ցաւ, այ­լեւ՝ իր բնա­տուր ֆի­զի­քա­կան ու­ժով, մար­տի­կի խի­զա­խու­թեամբ եւ դիւ­ցազ­նա­կան նկա­րագ­րով ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը։ ­­Կար­գո­ւե­ցաւ խմբա­պետ եւ 1904ի գար­նան, երբ ­­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մը կ­’ո­րո­շո­ւէր, ­­Մու­րա­տի ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­­Բայց ­­Մու­րատ կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժեց եւ պնդեց, որ Անդ­րա­նիկն է այդ պաշ­տօ­նին ար­ժա­նա­ւոր տէ­րը։ Եւ այ­սօր ար­դէն պատ­մա­կան դար­ձած է այդ առ­թիւ ­­Մու­րա­տի ար­տա­սա­նած խօս­քը, թէ՝ «Անդ­րա­նիկն է այդ ա­ռաջ­նոր­դը եւ ե­թէ ան­գամ նա մե­ռած լի­նի, իր դիա­կը մեր դրօ­շա­կին հետ պէտք է տա­րո­ւի մեր առ­ջե­ւէն.- դէ­պի կռիւ ու ա­զա­տու­թիւն»։

Մու­րա­տի ա­նո­ւան շուրջ ա­ռաս­պել­ներ շատ հիւ­սո­ւե­ցան ­­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան շրջա­նին՝ իր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ ­­Յատ­կա­պէս հռչակ ստա­ցաւ ­­Մու­րա­տի հե­րո­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ 1904ի ամ­րան, ­­Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տէն եւ Աղ­թա­մար կղզի հա­ւա­քո­ւած ֆե­տա­յի­նե­րու նշա­նա­ւոր ժո­ղո­վէն ետք, երբ թրքա­կան զօր­քե­րու պա­շար­ման շղթան ճեղ­քեց, թրքա­կան նաւ մը գրա­ւեց եւ ի­րեն հե­տե­ւող ժո­ղո­վուրդն ու ֆե­տա­յի­նե­րը ա­պա­հով ­­Պարս­կաս­տան հաս­ցուց։ Այդ ա­ռի­թով, Ս. ­­Թա­դէի վան­քի պա­տե­րուն, ֆե­տա­յի­նե­րու յա­տուկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն ձգե­լու սո­վո­րու­թեամբ, ­­Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րատ իր կար­գին փո­րագ­րեց հե­տե­ւեա­լը.

-«Ան­ցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կ­’ա­ւելց­նեմ նաեւ ընդ ա­րիւն եւ նո­րէն կ­’եր­թանք դէ­պի հուր եւ ա­րիւն»։
Այդ­պէ՛ս հու­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­­Մու­րա­տի ողջ կեան­քը։

1905ի հայ-թա­թա­րա­կան կռիւ­նե­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­­Նի­կոլ ­­Դու­մա­նի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ մղո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան պայ­քա­րին յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ ­­Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րատ։ ­­Յատ­կա­պէս Զան­գե­զու­րի եւ ­­Նա­խի­ջե­ւա­նի ճա­կատ­նե­րուն վրայ դիւ­ցազ­նա­կան մար­տեր ղե­կա­վա­րեց, դար­ձաւ ­­Ղա­փա­նի հա­յու­թեան պա­հա­պան բա­զու­կը։
1906ին վե­րա­դար­ձաւ ­­Սա­սուն, մաս­նակ­ցե­ցաւ 1907ի հե­րո­սա­կան կռիւ­նե­րուն։ Եւ երբ ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տին, Անդ­րա­նի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Սաս­նոյ դիւ­ցա­զուն­նե­րը դուրս ե­կան ար­ծո­ւե­բոյ­նէն, ­­Մու­րատ իր կար­գին ան­ցաւ ար­տա­սահ­ման եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­­Վիեն­նա­յի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. ­­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­­Ժո­ղո­վին։

Վճ­ռո­րոշ ե­ղաւ ­­Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րա­տի ներդ­րու­մը ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին միաս­նու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռում­նե­րով ամ­րապն­դող այդ ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­նե­րու կամ­քը ներ­կա­յաց­նե­լով։
Ընդ­հա­նուր ­­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին եւ ժո­ղո­վի իսկ ո­րո­շու­մով, ­­Մու­րատ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Պարս­կաս­տան՝ իր պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար Սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րու կող­քին ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։
1908ին, հռչա­կո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ­­Մու­րատ եր­կար ժա­մա­նա­կի հա­մար վե­րա­դար­ձաւ ­­Սե­բաս­տիա։ Բ­նաւ չհա­ւա­տաց ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ տեն­դա­գին շա­րու­նա­կեց ժո­ղո­վուր­դի զին­ման եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծը։ 1910ին, իր ըն­կեր­նե­րու եւ շրջա­պա­տի ճնշման տակ, ա­մուս­նա­ցաւ՝ ­­Դա­նիէլ ­­Վա­րու­ժա­նի կնքա­հայ­րու­թեամբ, որ ­­Մու­րա­տի պաշ­տող­նե­րէն էր եւ ա­նոր նո­ւի­րած է իր լա­ւա­գոյն քեր­թո­ւած­նե­րէն մէ­կը։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին, երբ Իթ­թի­հա­տա­կան ոճ­րա­պե­տու­թիւ­նը ձեռ­նար­կեց հա­յե­րու զի­նո­ւո­րագ­րու­մին, ­­Մու­րատ ըմ­բոս­տա­ցող­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ՝ իր զի­նակց­նե­րով քա­շո­ւե­լով լեռ­նե­րը, որ­պէս­զի ապս­տամբ հա­յե­րու պատ­րո­ւակ չտայ թուր­քե­րուն։ ­­Լեռ­նե­րու վրայ ­­Մու­րատ դար­ձաւ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու պա­հա­պան հրեշ­տա­կը՝ թուրք եւ քիւրտ աս­պա­տա­կող­նե­րու դէմ։ Եւ երբ թրքա­կան ճնշու­մը սաստ­կա­ցաւ եւ տա­րագ­րու­թիւնն ու ջար­դե­րը հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցան, ­­Մու­րատ ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն ո­դի­սա­կա­նը։ ­­Հա­րիւ­րա­ւոր գաղ­թա­կան ժո­ղո­վուր­դի եւ զի­նեալ ե­րի­տա­սար­դու­թեաան գլուխն ան­ցած՝ ­­Մու­րատ դժո­ւա­րին ճամ­բոր­դու­թիւն մը կա­տա­րեց, թուր­քե­րու կող­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած ա­ռա­գաս­տա­նա­ւով, դէ­պի ­­Պա­թում. Մու­րա­տի ո­դի­սա­կա­նին պատ­մա­կա­նը եւ ար­ժե­ւո­րու­մը այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն ու ա­ռաս­պե­լա­կան շուն­չով կա­տա­րած է ­­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։
Կով­կաս հաս­նե­լով՝ ­­Մու­րատ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­­Կա­մա­ւո­րա­կան շարժ­ման։ Ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ, հե­րո­սա­կան իր խո­յանք­նե­րով, միշտ կա­ցու­թիւն­ներ փրկեց։ Եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան մտնող ռու­սա­կան զօր­քե­րուն ու հայ կա­մա­ւոր­նե­րուն հետ՝ Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րատ եւ ­­Կայ­ծակ Ա­ռա­քել պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ փրկա­րար գործ կա­տա­րե­ցին, երբ ­­Հայ­կա­կան ­­Բարձ­րա­ւան­դա­կի տա­րած­քին ցի­րու­ցան ե­ղած եւ քրտա­կան ցե­ղա­խում­բեր ին­կած հայ բե­կոր­նե­րու ազ­գա­հա­ւա­քին ձեռ­նար­կե­ցին։ «­­Մէկ հայ, մէկ ոս­կի» կար­գա­խօ­սով՝ ա­նոնք ­­Կով­կա­սէն նո­ւի­րա­հա­ւաք կա­տա­րե­ցին եւ հայ բե­կոր­նե­րը… «գնե­ցին» քիւր­տե­րէն։
Ռու­սա­կան զօր­քի նա­հան­ջէն եւ, այ­նու­հե­տեւ, լե­նի­նեան տխրահռ­չակ «տուն-դարձ»ի կո­չէն ետք, ­­Մու­րատ եւ ­­Սե­պուհ, ո­րոնք ­­Սաս­նոյ կռիւ­նե­րու օ­րե­րէն ան­բա­ժան դար­ձած եւ եղ­բայ­րա­ցած էին, փու­թա­ցին հոն, ուր հա­յու­թեան վտանգ կը սպառ­նար։
Այդ ճամ­բով ալ ա­նոնք՝ ­­Սե­պուհ եւ ­­Մու­րատ եր­կու­քով, 1918ին, յայտ­նո­ւե­ցան ­­Պա­քու, մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լով ի­րենց եր­բեմ­նի ըն­կե­րոջ, ­­Հա­մա­զաս­պի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ կռո­ւող հայ քա­ջոր­դի­նե­րու շար­քե­րուն մէջ։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը դա­սա­ւո­րած էր այն­պէս, որ ­­Պա­քո­ւի հա­յոց հե­րո­սա­մար­տը դառ­նայ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դիւ­ցազ­նա­կան այս հե­րո­սին՝ ա­ռաս­պե­լա­տիպ Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րա­տին վեր­ջին խո­յան­քին ժա­մադ­րա­վայ­րը։ 4 Օ­գոս­տոս 1918ին նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ ­­Մու­րատ՝ պատ­րաս­տե­լով յա­ջորդ օ­րո­ւան, 5 Օ­գոս­տոս 1918ի ­­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կը ­­Նու­րի փա­շա­յի թրքա­կան զօր­քե­րուն դէմ։

Այդ­պէ՛ս, հե­րո­սի փառ­քով՝ հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի մեր հո­ղին ինք­նա­տիպ ծնունդ այս դիւ­ցազ­նը, ո­րուն յի­շա­տա­կին Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան տա­րի­ներ ետք պի­տի վկա­յէր՝
«Ես չեմ յի­շում մեր յե­ղա­փո­խա­կան մար­տիկ­նե­րից մէ­կին, որ այն­քան խո­րունկ ու ամ­բող­ջա­կան տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղած լի­նի վրաս, որ­քան ­­Սե­բաս­տա­ցի ­­Մու­րա­տը։

«Այս վայր­կեա­նիս իսկ, երբ գրում եմ այս տո­ղե­րը, ­­Մու­րա­տը աչ­քիս առ­ջեւն է՝ իր բրոն­զէ, ձու­լա­ծոյ կազ­մո­ւած­քով, իր խո­րը, ան­հան­գիստ, կրակ աչ­քե­րով, այդ թաւ ու թանձր յօն­քե­րով, առ­նա­կան պա­րա­նո­ցի վրայ մի զար­մա­նա­լի գլուխ, որ հա­մակ ուժ էր եւ շի­տա­կու­թիւն։ ­­Խիտ ու շատ սեւ մա­զե­րը, որ սկսում էին ճակ­տի կէ­սից ցցւում վեր՝ գար­նան բոյ­սե­րի թա­փով, նրան տա­լիս էին ա­ռիւ­ծի տեսք։ Իր բա­զուկ­նե­րը խոր­տա­կիչ էին. նա սի­րում էր զսպել ա­մե­նա­կա­տա­ղի ձին. ­­Մու­րա­տի հե­ծած ե­րի­վա­րը ու­րիշ ոչ ոք կա­րող էր սան­ձա­հա­րել։ Իր քա­լո­ւած­քը հաս­տա­տուն էր ու աշ­խոյժ. երբ նա քայ­լում էր, թւում էր թէ մի աշ­խարհ է շարժ­ւում։

«Եւ ի՜նչ հմա­յիչ, ի՜նչ խո­հուն էր ­­Մու­րա­տի զրոյ­ցը. ան­փա­ռա­սէր խառ­նո­ւածք, բարդ միտք, յստակ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն — ­­Մու­րատ կա­րող էր վէ­ճի նստել ա­մէն մի հրա­պա­րա­կա­խօ­սի, ա­մէն մի հա­սա­րա­կա­գէ­տի, գրա­գէ­տի հետ՝ միշտ ա­ւելց­նե­լով մի ա­նոյշ ժպի­տով, թէ «դէ՛, մենք ժո­ղովր­դի մարդ ենք, ան­գէտ, ռա­միկ ենք, ա­ւե­լի- պա­կաս կը նե­րէք»…
«Ա­հա՛ ­­Մու­րա­տը…»։

Ն.

«Դիւրին Աշխատանք Չկայ, Դիւրինը Անօթի, Անգործ Նստիլն Է» Գրիշա Բալասանեան

$
0
0

ԳՐԻՇԱ ԲԱԼԱՍԱՆԵԱՆ

Կանուխ առաւօտեան կ՛երթանք Արարատի մարզի Քաղցրաշէն համայնք: Գիւղացին դաշտին մէջ կ՛աշխատի մինչեւ արեւին շիկանալը: Պէտք էր հասնէինք գիւղացիին հետ զրուցելու իր իսկ հողամասին մէջ: Վարորդը կը նկատէ, որ պարտէզին մէջ մարդիկ կ’աշխատին: Կը քալենք անոնց ուղղութեամբ: Քանի մը տղամարդ դոյլերով դեղձ կը տեղափոխէին եւ կը լեցնէին ծառերէն մէկուն տակ փռուած սաւանին վրայ, իսկ երիտասարդ կին մը դեղձերը կը զատէր ու կը դասաւորէր սնտուկներու մէջ:

Բոլորը կը խօսէին, կը կատակէին, իսկ դեղձ դասաւորող կինը լուռ իր գործը կ՛ընէր: Մօտեցայ անոր եւ հարցուցի, թէ ինչո՛ւ չի մասնակցիր ընդհանուր խօսակցութեան: Ան հազիւ լսելի ձայնով պատասխանեց. «Ես աշխատող եմ»:

Լուսինէ Յարութիւնեանը 31 տարեկան է: Ծնած եւ մեծցած է Երեւանի մէջ, բայց քանի մը տարի առաջ մօր եւ ընտանիքի անդամներուն հետ տեղափոխուած ու բնակութիւն հաստատած է Քաղցրաշէն գիւղին մէջ: Կը բնակին այդ հողատարածքին վրայ տեղադրուած տնակին մէջ, սակայն տարիներու ընթացքին կամաց-կամաց տուն կառուցած են եւ յառաջիկային այլեւս քարէ պատերով տան մէջ պիտի ապրին:

Ամուսինին մահէն ետք Լուսինէն պէտք էր խնամէր իր դուստրը` 6 տարեկան Մարինան, հետեւաբար որոշած է աշխատիլ գիւղին մէջ: Ան պատմեց, որ սկզբնական շրջանին իրեն համար շատ դժուար եղած է, քանի որ հողին ու գիւղատնտեսութեան հետ երբեք կապ չէ ունեցած: Աստիճանաբար ընտելացած է գիւղի կեանքին եւ այսօր արդէն դարձած է անոնցմէ մէկը:

Բերքի շրջանին Լուսինէն գիւղին մէջ բանւորութեամբ կը զբաղի: Գարնան սկիզբը օրական վարձատրութեամբ խաղողի ողկոյզները լարերուն կը կախէ, իսկ երբ բերքի եղանակը կու գայ, գիւղացիներու այգիներուն պտուղները կը դասաւորէ ու կը տեղադրէ սնտուկներու մէջ`այդ աշխատանքին համար օրական 5000 դրամ վարձատրութեամբ:

Ան պատմեց նաեւ, որ ծիրանի բերքահաւաքին ընթացքին «Սպայկա» ընկերութեան համար օրական վարձատրութեամբ բերքի դասաւորման աշխատանքը կը կատարէ: Իսկ ներկայիս անհատներու համար կ՛աշխատի եւ գոհ է:

«Իւրաքանչիւր անձ կը ձգտի լաւ պայմաններով աշխատիլ: Օրինակ` խանութի մէջ զով պայմաններով աշխատիլը նոյնը չէ, ինչ որ արեւին տակ: Վստահաբար, մարդիկ կը ձգտին հանգիստ աշխատանքի: Բայց գիւղի պայմաններուն մէջ, այս է աշխատանքը, պէտք է աշխատինք», կ՛ըսէ Լուսինէն ու արագ-արագ դեղձերը կը տեղադրէ տուփերուն մէջ, որպէսզի հասցնեն շուկայ:

Ան համաձայն չէ այն կարծիքին, թէ հողին հետ ամէն մարդ չի կրնար աշխատիլ: Կ՛ըսէ, որ նախ գիւղատնտեսութիւնը պէտք է սիրել, բարեխիղճ գտնուիլ աշխատանքին ընթացքին, եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ:

«Գիւղին մէջ, եթէ չաշխատիս, չես կրնար ապրիլ: Ես հաճոյք կը ստանամ այս աշխատանքէն: Նախ` ամէն օր ես իմ աշխատանքիս կ՛երթամ, գումար կը վաստակիմ, ետքը օրս կ՛անցընեմ, մարդոց հետ կապ կը հաստատեմ: Աւելի գիտելիքներ կը ստանամ գիւղատնտեսութեան մասին` բերք աճեցնելու առնչութեամբ: Օրինակ` մենք ալ լոլիկ եւ դեղձ ունինք, կը հետեւիմ, թէ ուրիշները ինչպէս կը մշակեն, որպէսզի ես ալ նոյն ձեւով մշակեմ», կ՛ըսէ Լուսինէն:

Ան շատ արագ կ՛աշխատի: Մանրամասնօրէն կ՛ուսումնասիրէ, որպէսզի վնասուած դեղձ չդնէ տուփերուն մէջ: Լուսինէ կ’ըսէ, որ թէեւ աշխատանքը օրական վարձատրութեամբ է, սակայն իր խիղճը չի տանիր «գլուխ պահել»: Ան կը նշէ, թէ գիւղացին առտուընէ մինչեւ ուշ գիշեր կ՛աշխատի հողամասին մէջ, կը չարչարուի, որպէսզի բերքին արդիւնքը քաղէ, հետեւաբար ինք չի կրնար իր վատ աշխատանքովը գիւղացիին աշխատանքը ջուրը նետել:

Պահ մը լռութիւն տիրեց: Փոքրիկ Մարինան տուփերուն վրայ նստած` իբր թէ թերթ կը կարդար եւ աչքին ծայրով կը նայէր ու կը ժպտէր: Ըստ երեւոյթին, կը սիրէ նկարուիլ: Յատուկ դիրքով կը նստէր, երբ կը զգար, որ զինք կը նկարեմ:

Լուսինէն լռութիւնը խախտելով` ըսաւ, որ որոշ անձերու դժգոհութիւնը հողին հանդէպ ձեւական բնոյթ կը կրէ, քանի որ հակառակ պարագային հեկտարներով հող ինչո՛ւ պիտի մշակէին: Սակայն վատը այն է, որ վաճառքի ընթացքին ապրանքին գինը կը նուազի, եւ գիւղացիին աշխատանքը չի գնահատուիր, իսկ մնացեալ ամէն ինչը լաւ է:

Անոր կը բաւարարէ օրական 5000 դրամ աշխատավարձը: Դժգոհ չէ, քանի որ այդ գումարով կրնայ ընտանիքին օգտակար դառնալ եւ երեխային կարիքները հոգալ: Լուսինէն չի հասկնար այն մարդիկը, որոնք պարապ կը նստին տունը եւ կ’ըսեն, թէ աշխատանք չկայ:

«Այսօր աշխատանք չունենալը ամօթ է, իսկ ես աշխատելէն չեմ նեղանար: Թող դաշտի մէջ, արեւին տակ աշխատիմ, բայց իմ օրապահիկս ունենամ: Որեւէ աշխատանք ամօթ չէ, ամօթը այն է, երբ որեւէ բանի կարիք կ՛ունենաս եւ դրացիէն կախեալ կ՛ըլլաս», կ՛ըսէ Լուսինէն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ձմրան ինչո՞վ կը զբաղի,ան նշեց, որ կը հանգստանայ: Կը փափաքի օրական թէկուզ 1000 դրամով աշխատիլ, բայց ձմրան աշխատանք չկայ:

«Դիւրին աշխատանք չկայ, դիւրինը անօթի, անգործ նստիլն է», եզրափակեց Լուսինէն:

«Հետք»

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Եգիպտացի Քանդակագործը Ըսած Է. «Արցախի Մէջ Ես Ինծի Ապահով Կը Զգամ»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»-ի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 1 յուլիսէն սկսեալ Շուշիի մէջ սկիզբ առած էր «Յակոբ Գիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային սիմփոզիումը:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանը նշած է, որ «Յակոբ Գիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային սիմփոզիումին Հնդկաստանէն, Եգիպտոսէն, Սերպիայէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն մասնակցած է 10 քանդակագործ:

«Մասնակցողները Ասկերան շրջանի Սզնեք գիւղէն բերուած մարամարացած կրաքարերու վրայ տարբեր քանդակներ կը կերտեն, իսկ զանոնք աւարտելէ ետք պիտի տեղադրեն Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին կից գտնուող «Քանդակներու պուրակ»-ին մէջ», նշած է Գասպարեանը:

Թանգարանի տնօրէնին համաձայն, մասնակցողները շատ դժուարութեամբ կը կտրուին իրենց աշխատանքէն: Կան նաեւ արուեստագէտներ, որոնք երկրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցին սիմփոզիումին:

«Այս սիմփոզիումին առանձնայատկութիւնը այն է, որ մէկ անգամ այցելելով Արցախ եւ մասնակցելով այս ձեռնարկին` յաջորդ տարիներուն իրենք անպայման մասնակցութեան դիմումներ կը ներկայացնեն. անոնք անշուշտ շատ կարեւոր են: Անցնող 4 սիմփոզիումներուն ընթացքին քանդակագործներ ունեցան Պելճիքայէն, Պիելոռուսիայէն, Խրուաթիայէն, Շուէտէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ճափոնէն, Չինաստանէն, Լեհաստանէն, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ այլ երկիրներէ: Միայն Իտալիայէն մասնակցած են 19 աշխարհահռչակ վարպետ քանդակագործներ», աւելցուցած է Գասպարեանը:

Սերպիացի քանդակագործը մեզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Արցախ:

«Շատ գեղեցիկ երկիր է Արցախը, այստեղի ժողովուրդը շատ բարի եւ հիւրասէր է: Ես զարմացած եմ, որ այսպիսի փոքր քաղաք մը` Շուշին, ունի նման մշակութային կեդրոններ, որոնք բաւական լաւ հարթակ են` աշխարհի զանազան մշակութային գործիչները համախմբելու եւ միաւորելու համար: Պատմութեան գիրք կը քանդակեմ, անիկա պիտի ներկայացնէ գիտութեան եւ մշակութային շերտերը, ըսեմ նաեւ, որ ստեղծագործելու ընթացքին ներշնչանք ստացայ հայկական մշակոյթէն»:

Իր կարգին, եգիպտացի քանդակագործը խօսած է իր տպաւորութիւններուն մասին. ան նշած է, որ ինք շատ ուրախ է այսպիսի գեղեցիկ նախաձեռնութեան մը մասնակցելուն համար եւ բաւական տպաւորուած է Արցախով եւ արցախցիներով:

«Դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ այսպիսի հիանալի երկիր ունիք: Ես որոշած եմ պատրաստել իւրայատուկ քանդակ-ճեպանկար մը եւ անիկա սիրով պիտի նուիրեմ ձեզի` ձեր հրաշք երկրին: Գտնուած եմ նաեւ Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Այստեղի ժողովուրդը ուրախ եւ խաղաղ է: Ես  ինծի այստեղ ապահով կը զգամ», խոստովանած է եգիպտացի քանդակագործը:

Իսկ հնդիկ քանդակագործը ըսած է, որ ինք առաջին անգամ Արցախ եկած է 2014 թուականին:

«Այստեղ բարի եւ կամեցող մարդիկ կ՛ապրին. Արցախի մէջ ոգի կայ: Ես Արցախի մէջ արդէն ընկերներ ալ ունեցած եմ: Զարմանալին այն է, որ ես արցախցիներուն եւ հնդիկներուն միջեւ նմանութիւններ կը նկատեմ.նոյնիսկ կան բառեր, որոնք իրարու շատ կը նմանին: Ես շատ սիրած եմ ձեր ճաշատեսակները. անոնք բազմազան են եւ համեղ», նշած է հնդիկ քանդակագործը:

Իսկ մեզի հանդիպած միւս հնդիկ քանդակագործը, որ առաջին անգամ կը գտնուի Արցախ, իր տպաւորութիւններուն մասին այսպէս արտայայտուած է. «Հիասքանչ բնութիւն ունիք: Ես շրջապտոյտ մը կատարեցի Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ եւ այնպիսի տպաւորութիւն ստացայ, թէ կարծես Եւրոպա կը գտնուիմ: Արցախի մասին լսածս տեսածիս չի համապատասխաներ: Իրականութեան մէջ այստեղ մարդիկ կ՛ապրին, կը ստեղծագործեն եւ կ՛արարեն, ամէն կողմ կեանք կը յորդի: Արցախը երկիր մըն է, ուր զբօսաշրջիկները կրնան շատ ապահով ու անվտանգ զգալ եւ լիարժէքօրէն հանգստանալ»:

Սիմփոզիումի մասնակցողները չի հետաքրքրեր այն փաստը, որ իրենց անունները կրնան Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին մաս կազմել: Անոնց կարծիքով, մշակոյթը կրնայ օգնել զանազան ազգերու մերձեցման:

20 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Յակոբ Գիւրճեան» քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային սիմփոզիումին փակման արարողութիւնը:

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հայ Ընտանիք…»

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Քանի մը օր է, որ այս երկու բառերը զիս կը չարչարեն… «Հայ ընտանի՞ք…» այնքան պարզ եկրու բառեր, որոնք իրենց պարզութեան մէջ այնքա՛ն խորիմաստ են ու հայուն համար այնքա՛ն ճակատագրական:

Նախորդ յօդուածի մը մէջ զայրոյթս յայտնած էի մեր մանուկները օտար անուններով կոչելու գաղափարին դէմ… բայց հիմա, որ այս երկու բառերը կառչած են ու զիս հանգիստ չեն ձգեր, կ՛ըսեմ` այո՛, հարցը կը սկսի «հայ ընտանիք»-էն…

Ընտանիքը ընկերութեան մը հիմնաքարն է, այսինքն առանց ընտանիքի` ընկերութիւն գոյութիւն չունի:

Պահ մը մտածենք, որ եթէ մարդիկ ապրէին միայն իբրեւ անհատներ, այդ պարագային քաոս մը յառաջ պիտի գար, Բաբելոն մը, ուր ոչ մէկ պատկանելիութեան զգացում գոյութիւն պիտի ունենար… Իսկական խառնարան մը:

Իսկ մենք` հայերս, երկրագունդի վրայ հաւանաբար միակ ազգն ենք, որ կը գիտակցինք կամ պէտք է գիտակցինք «ընտանիք» կառոյցի կարեւորութեան, «Հայ ընտանիք», ազգային առողջ մեր կեանքը զարգացնելու եւ յաւիտենականացնելու համար:

Նախորդ շաբաթ «Ազդակ»-ին մէջ երբ կը կարդայի «Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ»-ին ծանօթագրութիւնը, հաւատացէ՛ք, հպարտութեան զգացում մը ողողեց հոգիս ու պատիւ` Կեդրոնական կոմիտէին եւ կայտառութիւն` Երեսփոխանական գրասենեակին` այս կոչը իրականացնելու եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման սատարելուն համար:

Այս օրերուն, երբ նիւթն է, որ կ՛արտօնէ կամ կ՛արգելակէ զոյգերու ընտանիք կազմելու ընթացքը, ահա մեր ղեկավարութիւնը, գիտակից իր պարտականութեան, նիւթական իր շօշափելի մասնակցութիւնը բերելով` կու գայ խոչընդոտներ  վերացնելու եւ հայ ընտանիքին կազմութեան ճամբան հարթելու:

Ասոր կը հետեւին շարք մը այլ քայլեր, բոլորը կոչուած հայ ընտանիքին կեանքի թաւալումին զօրակցնելու եւ ուժ տալու:

Շուտով պիտի անդրադառնամ հետեւողական միւս քայլերուն ու դարձեալ շնորհաւորելու Կեդրոնական կոմիտէն` իր յանդուգն ու գործնական ծրագիրներուն համար, որոնք ունին մէկ նպատակակէտ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ:

 

Գերագոյն Զոհողութիւն

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ

Բացէ՛ք հայկական կամ օտար որեւէ օրաթերթ կամ պարբերաթերթ եւ հոն պիտի տեսնէք մահազդներու  շարք մը, որ կը գուժէ այս կամ այն մարդուն մահը` ցաւ պատճառելով թէ՛ մահացեալի պարագաներուն եւ թէ՛ անոր բարեկամներուն: Մահը որքան ցաւալի է, նոյնքա՛ն ալ` սոսկալի, որովհետեւ ան վախճանն է անցաւոր կեանքի: Ան կու գայ մեզ բաժնելու հերթով եւ երբեմն ալ առանց հերթի` մեր սիրելիներէն… Ինչ որ շատ տխուր երեւոյթ մըն է: Ի՞նչ կարելի է ընել անոր առաջքը առնելու համար… Ոչի՛նչ. Ճենկիզ Խանն անգամ, իր ամբողջ հզօրութեամբ, անճարակ մնաց անոր դիմաց: Ա՛ն է, որ կ՛ընտրէ մեզ ընդհանրապէս` այլեւայլ միջոցներ պատրուակելով, ինչպէս` ծերութիւն, արկած, հիւանդութիւն, վհատութիւն, բնական աղէտ եւ պատերազմ: Այլ խօսքով, մահացողը անկարող կը զգայ անոր դէմ ինքզինք պաշտպանելու… Ան կ՛առնէ ու կը տանի մարդը` առանց անոր կամքին կամ առանց անոր կարծիքը առնելու:

Միւս կողմէ, սակայն, կայ ուրի՛շ տեսակ մահ մը, որ անզօր է զինք յանդգնօրէն ընկալել ուզող անձին դէմ: Այս անգամ մահն ինքն է, որ կ՛ընկրկի ու տեղի կու տայ, որովհետեւ այն մղիչ ուժը, որ կը խթանէ պայքարը` մահուան դէմ, ուրիշ բան չէ` եթէ ոչ` հայրենիքի հանդէպ տածուած սէրը… եւ եթէ հայրենիքը ոտքի կոխան եղած է, այդ մղիչ ուժը աւելի եւս կը զօրանայ` ծնունդ տալով անձնազոհութեան, որուն յառաջխաղացքը ո՛չ մէկ խոչընդոտ կրնայ կասեցնել: Ա՛յս եղած է պարագան` Հայկ Նահապետին, Քաջն Վարդանին, մեր ջան ֆետայիներուն, Սարդարապատի հերոսներուն եւ, ի վերջոյ, Լիզպոնի հինգին` Սիմոնին, Վաչէին, Արային, Սեդրակին ու Սարգիսին:

Այս վերջինները Հայկական յեղափոխական բանակին պատկանող մարտիկներ էին, նորահաս երիտասարդներ` կեանքով լեցուն, գունագեղ երազներով ուժանակուած, սիրով զեղուն, պարկեշտ, խոստմնալից, մեծահոգի ու բարի: Անոնք ընդվզեցան անիրաւ ու անտարբեր աշխարհին դէմ` ծառանալով թուրքին անհանդուրժելի ուրացումին դէմ, եւ ընտրեցին հայ ֆետայիներու բռնած ուղին` անձնազոհութիւն, որ աշխարհը սթափի իր զազրելի թմբիրէն, եւ թուրքը հասկնայ, որ հայը արթուն կը հսկէ եւ, եթէ հարկաւորուի, նո՛յնիսկ կրնայ դիմել անարդար աշխարհին համար անհասկանալի միջոցներու` վերադարձնելու համար հայապատկան մեր հողերը. թէ` մեր նախնիներու արեան կանչը այնքա՛ն ուժեղ է, որ մեր Տիրոջ` Քրիստոսի նման մե՛նք ալ կրնանք արհամարհել մահը, որպէսզի յարութիւն առնէ հայ ազգը, եւ ազատագրուին մեր համայն հողերը, որ տակաւին կը տնքան թուրքի լուծին տակ:

Այս բոլորը կարելի է ձեռք բերել Լիզպոնի հինգին նման հերոսներու միջոցով: Անոնք գիտակցաբար նետուեցան մահուան գիրկը ու… անմահացան Քրիստոսի նման:

Անոնք հինգ բերդեր են անառիկ…

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Օգոստոս Ա. –Բանակումէն Ետք

$
0
0

Օգոստոս ամիսը կը յատկանշուի միութիւններու տեղական եւ համահայկական մակարդակներու վրայ կազմակերպած տարեկան խայտաբղէտ բանակումներով` սկաուտական, պատանեկան, երիտասարդական, ուսանողական եւ այլն:

Բանակումին դերը անփոխարինելի է, որովհետեւ դաստիարակչական ծրագիրներու գործադրութեան, հաւաքական աշխատանքի, խմբային զրոյցներու եւ ընկերային առողջ մթնոլորտի ստեղծման կարեւորագոյն միջավայրն է բանակումը:

Միութիւններու տարեկան գործունէութեան ամէնէն կարեւոր աշխատանքն է բանակումը, որովհետեւ  մասնակիցները 10 օր շարունակ նոյն յարկին տակ ապրելով` ընկերային կեանքի նոր փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն, առօրեայ զրոյցներուն, ազգային եւ ընկերային հարցերու արծարծումին ընդմէջէն  կ՛ունենան վերլուծող միտք, կը տոգորուին հայրենասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ ու հաւաքական աշխատանքին ճամբով յանձնառու, ինքնավստահ ու նախաձեռնող կը դառնան:

Դաստիարակչական ծրագիրին կողքին, բանակումի ընկերային կեանքը կը նպաստէ զանազան միջավայրերէ եկող երիտասարդներու մերձեցման: Անոնք բանակումի 10 օրերուն ընթացքին ամենափոքր աշխատանքներուն մէջ անգամ գործակցելով, անկաշկանդ զրուցելով, վիճելով,  փորձառութիւններ փոխանակելով` հաւաքական ուժի կը վերածուին: Երիտասարդական գիտակից ոյժի մը, որ հետագային նոր թափով ու եռանդով կրնայ ծառայել ազգային կեանքին:

Միութիւններէն ակնկալուածը, սակայն, բանակումէն ետքի աշխատանքն է նաեւ:  Այո՛, բանակումէն ետք, երբ ձեւաւորուած է ատաղձը, յառաջացած է ոգեւորութիւնը, եռանդն ու գործելու բարձր տրամադրութիւնը:

Պահ մը խորհինք, թէ բանակումի մասնակցող երիտասարդութեան այդ հսկայ ու մաքրամաքուր բանակը որքա՜ն արդիւնաւէտ, որքա՜ն հզօր ուժի կրնայ վերածուիլ, երբ որ հոգատարութեան արժանանայ, գործուղուի իր իսկ նախասիրած մարզին մէջ մասնագիտանալու, զարգանալով ու իր կուտակած ուժը ծառայեցնելով ազգին, հայկական կեանքին ու բանակումի խանդավառութիւնը ի սպառ չփարատի բանակումէն քանի մը շաբաթ ետք:

Պահ մը խորհինք, թէ բանակումի, մանաւանդ համահայկական բանակումի մասնակցող երիտասարդները իրենց հաստատած ընկերային կապերը ամրացնելով, այդ կապերը յարաբերութեան եւ գործակցութեան վերածելով` որքա՛ն արդիւնաւէտ կրնան դարձնել մեր երիտասարդութեան ներուժը հայկական կեանքէն ներս` հայրենիքի մէջ, թէ սփիւռքի:

Այդ ատաղձի օգտագործման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը երիտասարդական միութիւններու հեռանկարային ծրագիրներուն մաս պիտի կազմէ անպայման: Որպէսզի կարենանք ստեղծել երիտասարդ մարդուժի այնպիսի ցանց մը, որ ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ ալ յայտնուած ըլլանք,  ունենանք մեր դժուարութիւնները յաղթահարելու, աւելի՛ն, ոստում կատարելու պատրաստակամ երիտասարդութիւն, որ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուած ըլլայ, գիտակցի մեր ազգային շահերուն եւ փութայ հոն, ո՛ւր որ անհրաժեշտ է® սփիւռքէն Արցախ, Հայաստան կամ այլուր` իր ծառայութիւնը մատուցելու, իր նպաստը բերելու:

«Գ.»

 

Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ո՞վ Կրնար Գրել Տարօնի Պատմութիւնը…

Տարօնի աշխարհի լիակատար ու գիտական պատմութիւնը ո՞վ կրնար գրել ու ինչպէ՞ս պիտի գրէր:

Հարցում մըն էր ասիկա, որ դեռ 30-ական թուականներուն կը պտտկէր մտքերու մէջ ու օրակարգի նիւթ դարձեր էր Տարօն-Տուրուբերանի հայր. միութեան Կեդրոնական վարչութեան համար:

Արդարեւ, Տարօնի պատմութիւնը այնքա՜ն ընդարձակ էր ու ծաւալուն, դարերու վրայ տարածուած, որ անոր գրառումը կը պահանջէր մեծ հմտութիւն ու երկարատեւ տքնանք:

Միութիւնը այս վիթխարի աշխատանքը գլուխ հանելու պարտականութիւնը ուզեց յանձնել նշանաւոր պատմաբան, բանասէր եւ բիւզանդագէտ փրոֆ. Նիկողայոս Ադոնցին (1871-1942), որ այդ շրջանին կ՛ապրէր Պրիւքսէլ եւ դասախօս էր տեղւոյն համալսարանին մէջ: Ադոնց թէեւ տարօնցի չէր (ան Սիւնիքի Բռնակոթ գիւղի զաւակ էր), սակայն խորապէս քաջածանօթ էր Հայաստանի հին ու միջնադարեան պատմութեան ու վստահաբար կրնար յաջողութեամբ պսակել իրեն վստահուած գործը:

Բայց ան խուսափեցաւ նմանօրինակ պարտաւորութիւն մը ստանձնելէ` դիտել տալով, որ Տարօնի պատմութիւնը գրեթէ նոյն հայոց պատմութիւնն է, որ արդէն գրուած է` իր բազմաթիւ երեսակներով: Ըստ Ադոնցի, միայն վերջին մէկ-մէկուկէս դարու պատմութիւնն է, որ պէտք էր գրել, ու ատոր համար ալ ինք կ՛առաջարկէր Կարօ Սասունիին անունը:

Այդպէ՛ս ալ եղաւ: Կարօ Սասունի (1889-1977), որ բնիկ սասունցի էր, իր երիտասարդութեան տարիներուն մասնակցեր էր մեր ազգային կեանքի փոթորկոտ իրադարձութիւններուն ու լաւապէս գիտակ էր Տարօնի մօտիկ անցեալի պատմութեան, դէմքերուն ու դէպքերուն, ձեռնարկեց «Տարօնի պատմագիրք»-ին պատրաստութեան: Այս դժուարին գործին մէջ ան իրեն օժանդակ ունեցաւ բժ. Արմենակ Ալիխանեանն ու Սմբատ Շահնազարեանը (Ամերիկայէն), որոնք ստանձնեցին ծրագրեալ հատորին կարգ մը գլուխներուն գրառումը:

Հատորին նախաբանին մէջ Կ. Սասունի կը յայտնէր, որ այս գործին ձեռնամուխ ըլլալէ առաջ հարց ծագած էր, թէ ուրկէ՛ պէտք է սկսիլ եւ ո՞ւր վերջացնել այս պատմութիւնը: Եթէ պիտի գրուէր Տարօնի հնադարեան պատմութիւնը ու ատոր մէջ պիտի ընդգրկուէր Մամիկոնեան տան քաջակորով ներկայացուցիչներուն դիւզազնական անհամար սխրանքները, ապա ատիկա պիտի կարօտէր բազմաթիւ հատորներու, որովհետեւ պէտք էր պեղել բովանդակ հայ հին մատենագրութիւնը: Առկայ պայմաններուն մէջ անհասանելի ու վիթխարի գործ էր ատիկա:

Ուստի, նպատակայարմար տեսնուած էր, որ գրի առնուի լոկ Տարօնի ժամանակակից պատմութիւնը, այսինքն լուսարձակ բացուի վերջին 200 տարիներու իրադարձութիւններուն վրայ` սկսելով 1750-ական թուականներէն, համապարփակ ներկայացնելով Զարթօնքի շրջանն ու ֆետայական շարժումները, հուսկ` հասնելով մինչեւ Տարօնի հայաթափումն ու շիջումը` 1915-ին:

Կ. Սասունի այս պատմագրութեան վրայ աշխատեցաւ մօտ երկուքուկէս տարի: Ու երբ 1957 մարտին լոյսին եկաւ գործը Պէյրութի «Սեւան» տպարանէն, տեսնուեցաւ, որ անիկա իր այս «մասնակի» բնոյթով իսկ 1250 էջանի ծանրածանր հատոր մըն էր…

Ա՛լ հրապարակի վրայ էր այնքան բաղձացուած «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի»-ն:

Հոս անտեղի չէ փակագիծ մը բանալ. անձնապէս «բարձի գիրք» դարձուցեր էի այս հատորը իմ պատանեկութեան տարիներուն` 70-ականներու վերջերը: Հօրենական մեծ հայրս, որ բնիկ սասունցի էր` Սեմալ գիւղէն, մեծապէս կ՛ախորժէր իր մանկութեան դրուագները ինծի պատմելէ, շարունակ կը խօսէր Գէորգ  Չաւուշին, Իսօ Կորիւնին, Կոտոյի Հաճիին, Չոլոյին, Մօրուք Կարոյին կամ Ս. Կարապետի վանահայր Վարդան վարդապետի ու այլոց մասին, զորս ճանչցեր էր անձամբ: Ականջ կու տայի իրեն անձանձրոյթ, աճող հետաքրքրութեամբ: Ու երբ կը վերադառնայի իմ «բարձի գիրք»-ին, մեծ հայրիկիս պատմածներուն արձագանգը հո՛ն կը գտնէի հարազատօրէն…

Բայց կը թուի, թէ այս գործն ալ չյաջողեցաւ գոհացնել բոլոր ճաշակներն ու մտայնութիւնները:

Արդարեւ, Կ. Սասունիի պատմագրքին լոյս ընծայումէն հազիւ քանի մը տարի անց` 1962-ին, Գահիրէի մէջ հրապարակ հանուեցաւ նոյնաբնոյթ ուրիշ յուշամատեան մը, այս անգամ` «Հարազատ պատմութիւն Տարօնոյ» խօսուն վերնագրով:

675 էջանի այս պատմագիրքը հրատարակուած էր Եգիպտոսի Հայ ազգային հիմնադրամին (ՌԱԿ-ի շրջանակ) կողմէ ու իբրեւ խմբագիր ունէր ամերիկաբնակ մշեցի հրապարակագիր մը` Աղան Տարօնեցին (Ենկոյեան):

Աղան Տարօնեցին դժգոհ էր Տարօնի պատմութեան առկայ գրառումներէն, զորս «միակողմանի» կը նկատէր: Արդէն, քանի մը տարի յետոյ, 1966-ին, Պէյրութի «Տօնիկեան» հրատարակչատունէն ան լոյս պիտի ընծայէր «Պատասխանատուները Տարօնի եղեռնին» խորագրեալ իր սեփական քննական ուսումնասիրութիւնը, ուր մերկացումներ կը կատարուէին, եւ որ բաւական աղմուկ պիտի բարձրացնէր:

Գահիրէ տպուած պատմագրքին համար իր ստորագրած նախաբանին մէջ Աղան Տարօնեցի, թէեւ` առանց անուն տալու, կ՛երեւի թէ կ՛ակնարկէր Կարօ Սասունիի պատմագրքին, երբ կը գրէր, որ Տարօնի պատմութիւնը շարունակ կը ներկայացուէր «խեղաթիւրուած ձեւով եւ այլանդակուած տարազով», եւ թէ` «հայ ժողովուրդին պարտադրուեր են ուռուցիկ, մեծխօսիկ, ունայնաբան առասպելապատումներ»… Ըստ իրեն, Տարօնի ժամանակակից դէպքերուն հարազատ ու ճշմարտապատում ցոլացումն էր, բացառաբար, զօր. Սմբատի «Յուշեր»-ու գիրքը, որ առանձին հատորով հրատարակուած էր Փարիզ, 1936-ին:

«Հարազատ պատմութիւն Տարօնոյ»-ն կը պարփակէր մշեցի երկու եղբայրներու` Սարգիս եւ Միսաք Բդէեաններու յուշագրութիւնները` Տարօնի անցուդարձներուն մասին: Մշեցի այս եղբայրները իրենց յուշերը գրի առած էին 20-ական թուականներուն: Իրականութեան մէջ շահեկան էր անոնց պատումը: Սարգիս Բդէեան գրի առած էր Տարօնի Զարթօնքի շրջանի պատմութիւնը` սկսեալ Խրիմեան Հայրիկի առաջնորդութեան օրերէն, հասնելով մինչեւ 1894: Իսկ Միսաք շարունակած էր դէպքերը նկարագրել 1894-էն մինչեւ Մեծ եղեռնի համատարած կոտորածներն ու Տարօնի վերջնական աւերումը:

Տարօնցիք շահաւո՞ր եղած էին մէկ պատմագրքի փոխարէն երկու պատմագիրք ունենալով: Հաւանաբար:

Ասիկա վերջակէտ մը չէր սակայն: Երկու տարի անց, 1964-ին, Անթիլիասի տպարանէն լոյս պիտի տեսնէր ամերիկաբնակ տարօնցի մտաւորական Եղիշէ Յ. Մելիքեանի «Հարք-Խնուս» 600 էջանի պատմագիրքը, որ նմանապէս կ՛առնչուէր Տարօնի աշխարհին: Բայց այստեղ առանձնաբար լուսարձակ կը բացուէր լոկ Տարօնի հիւսիսային գաւառին` Խնուսին վրայ, որ պատմական Հարք գաւառն էր:

***

Կարօ Սասունիի պատմագրքին հրատարակութեան թուականէն ասդին` անցեր է ճիշդ վաթսուն տարի: 2013-ին անիկա վերատպութեան ալ արժանացաւ Անթիլիաս, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաստատած մատենաշարի մը ծիրին մէջ:

Սահող-գացող տասնամեակները, սակայն, մեզի չբերին նոր պատմաբաններ, որոնք ատակ կամ յանձնառու ըլլային ձեռնարկելու Տարօնի աշխարհի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ պատմութեան գրառումին: Թերեւս, առ այսօր, հին հարցումը կը պահէ իր ուժը. ուրկէ՞ սկսիլ եւ ո՞ւր վերջացնել այս պատմութիւնը…

Եթէ հեռաւոր ու բախտաւոր օր մը մէկը ձեռնամուխ ըլլայ Տարօնի պատմութեան նորովի գրառումին, պիտի թելադրէի, որ անպայման նկատի ունենար սասունցի գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի (1914-1986) այն «Ուրուագիծ»-ը, որ ան իբրեւ նախագիծ Տարօնի պատմութեան` պատրաստեր  ու հրատարակեր էր 1952-ին (նախքան Կ. Սասունիի պատմագրքին պատրաստութիւնը), «Տարօնի Արծիւ» պարբերաթերթին ամենավերջին թիւին մէջ:

Սիմոնեանի այս ուրուագիծը գրի առնուեր է այն տարիներուն, երբ ան կը պաշտօնավարէր Անթիլիասի մէջ` իբրեւ դպրեվանքի ուսուցիչ եւ «Հասկ»-ի խմբագիր (1946-55): Ակնբախ է, որ ի՛ր ալ սրտին խօսող քաղցր աշխատանք էր Տարօնի պատմագրութիւնը, քանի որ, ինչպէս կը խոստովանի ինք` «Տարօնի պատմութիւնը գրելու երազէն տարիներէ ի վեր այցուած ենք, բայց մեր պայմանները միշտ փշրած են ու պիտի փշրեն այդ շատ սիրելի, այլ ծանր իրագործելի երազը»:

Սիմոնեանի «Ուրուագիծ»-ը 13 էջ է ու հետաքրքրական ուղեցոյց մը կը նկատուի մէկէ աւելի պատճառներով:

Սիմոնեան ամէն բանէ առաջ նկատել կու տայ, որ Տարօնի պատմութիւնը պէտք է ընդգրկէ բովանդակ Տուրուբերան նահանգի ամբողջ պատմութիւնը: Այսպիսի պատմութիւն մը շատ մեծ նպաստ մը բերած պիտի ըլլայ Արեւմտեան Հայաստանի պատմութեան, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը սովորաբար վերածուած է միայն Արեւելեան Հայաստանի պատմութեան, քանի որ 387 թուականի Հայաստանի բաժանումէն ետք հայութեան քաղաքական ու հոգեւոր կեդրոնները շարունակ մնացեր էին մեր երկրին արեւելեան (պարսկական) բաժնին մէջ: Արեւմտեան նահանգները (յունահպատակ), ի շարս որոնց` Տարօնը, անտեսուեր են ու ստորադասուեր: Այս անարդար մօտեցումը հարկ է սրբագրել ու Տուրուբերանին տալ իր պատմական արժեւորումը` որպէս Մեծ Հայքի կեդրոնական երեք նահանգներէն մին, Այրարատի ու Վասպուրականի կողքին:

Սիմոնեան կը զգուշացնէ, որ Տարօնի պատմութիւնը «դիւրին եւ հապճեպ գրուած» գործ մը չըլլայ: Կը ցանկայ, որ անիկա գէթ նմանի Արշակ Ալպոյաճեանի «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ» 3000 էջանի գործին` իբրեւ որակ եւ գիտական աշխատանք, բայց ըլլայ աւելի՛ պատկառելի ծաւալով` 5000 էջով:

Այս գործին համար Սիմոնեան անհրաժեշտ կը նկատէ, որ պեղուի ամբողջ հայ մատենագրութիւնը` Ե. դարէն մինչեւ մեր օրերը: Պէտք է խուզարկել նաեւ հայ ձեռագիրներու յիշատակարանները, խղճամիտ կերպով աչքէ անցընել հայագիր թէ օտարագիր ամէն ճանապարհորդագրութիւն եւ տեղագրութիւն, մանաւանդ մաղէ անցընել բոլոր այն տպուած ուսումնասիրութիւնները, որոնց մէջ Տարօնի մասին ակնարկներ կամ հատուածներ կան (օրինակ` Վիեննայի Մխիթարեանց «Ազգային մատենադարան»-ի 160 հատորները): Պէտք չէ զանց ընել նաեւ հայ մամուլի հաւաքածոները, մանաւանդ` ԺԹ. դարու լրագիրները, ուր առատ նիւթերու կարելի է հանդիպիլ: Ասոնց կողքին, չմոռնալ օտար լեզուով հայագիտական գիրքերն ու յօդուածներն ալ:

Միայն այսպիսի լրջութեամբ ու պատկառանքով է, որ կարելի է գրել Տարօնի պատմութիւնը: «Ահի՜ւ եւ երկիւղիւ, վասնզի,– կը գրէ Սիմոնեան,- Տարօնի պատմութեան մէջ կան ո՛չ միայն Մեսրոպ Մաշտոցներ, Մամիկոնեաններ, բիւզանդական շքեղ գահը նուաճողներ, Սասունցի Դաւիթներ եւ այլն, այլեւ` անոնց պատուանդաններուն աստիճանները ձեւացնող բազմաթիւ անհատներ ու երեւոյթներ, որոնց ամբողջական մատուցումը կը պահանջէ բազմահմտութիւն, սէր, նուիրում եւ ոգեւորութիւն, որոնք անհրաժեշտ յատկութիւնները պէտք է որ ըլլան անոր, որ պիտի նախաձեռնէ Տարօնի պատմութեան»:

Իր ուրուագիծին վերջին բաժնով Սիմոնեան կ՛առաջարկէ գլուխներ ու ենթագլուխներ, որոնցմով պէտք է հիւսուի ու մարմին ստանայ Տարօնի ծրագրեալ պատմագիրքը:

Իր տուած ցանկերն ու վերնագիրերը, ի դէպ, կրնան շշմեցնել ընթերցողը, կրնան թերեւս ի սկզբանէ յուսալքել բանասէրները` անոնց մտահորիզոնին դիմաց ուրուագծելով լեռնակուտակ ու զոհաբերական անընդմէջ աշխատանքի մը սարսափը… Սիմոնեան կը շեշտէ արդէն.«Մեր նպատակն է առաջացնե՛լ այդ պատկառանքը Տարօնի պատմութիւնը գրելու գործին հանդէպ, որպէսզի պատահական ոեւէ անձ չյանդգնի Տարօնի պատմութիւնը գրելու եւ Տարօնի շքեղութիւնը նուաճելու փոխարէն` անկէ ուրուային գիծեր միայն չներկայացնէ նոր սերունդին»:

(Շար. 3)


Տեսակէտ. Էրտողանի Վարչակարգը Չե՞րթար Դէպի Վերջին Ահեղ Դատաստան

$
0
0

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Էրտողանի` 15 տարիներ առաջ խոստացած «Չափաւորական իսլամի դեմոկրատիա»-ն, խոստումին յաջորդած առաջին իսկ հնգամեակի վերջին, արդէն հասած էր իր մտադրած վախճանական փուլին` միապետութեան, ոչ թէ` դեմոկրատիայի… քանի որ ան ըսած էր իր մտերիմներուն, որպէս կանխազգուշացում, թէ` «Դեմոկրատիայի շոգեկառքին ճամբորդներէն իւրաքանչիւրը որոշած կ՛ըլլայ վար իջնել շոգեկառքէն` իր մտադրած կայանին, եւ միայն քիչերն են, որ կը շարունակեն մնալ մինչեւ վերջին կայարանը դեմոկրատիային…»:

Անշուշտ դեմոկրատիան` որպէս վարչակարգ, ընկերային ու տնտեսաքաղաքական հիմքեր ունի, ոչ կրօնական` իսլամական, քրիստոնէական կամ այլ: Այլ խօսքով, դեմոկրատիան կրնայ ըլլալ` դրամատիրական, ընկերվարական կամ համայնատիրական` որպէս աշխարհական համակարգ:

Սակայն կրօնի մը դաւանած աստուածաբանութիւնը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ դրամատիրութեան դրոյթներուն կամ ընկերվարութեան դրոյթներուն: Դրամատիրութեան նպաստաւոր աստուածաբանութիւնը կրօնի մը էսթապլիշմենթին դպրական (schollastique) ու պահպանողական հին աստուածաբանութիւնն է: Իսկ ընկերվարութեան նպաստաւոր աստուածաբանութիւնը` կրօնի էսթապլիշմենթին դէմ պայքարող, կրօնի բարենորոգումին համար պայքարող յեղափոխական` ազատագրութեան աստուածաբանութիւնն է:

Քրիստոնեայ եկեղեցիի էսթապլիշմենթին դէմ եւ անոր բարենորոգումին համար պայքարող առաջին յեղափոխական շարժումը հայոց Թոնտրական շարժումն էր, որ արեան մէջ ճզմուեցաւ, եւ միայն 3-4 դարեր վերջ յայտնուեցաւ Եւրոպայի Վերածնունդի  դարաշրջանին, եւ որոշ երկիրներու մէջ յաջողութիւններ ունեցաւ որպէս բարենորոգչական շարժում, որ Reformation կոչուեցաւ` վերջ դնելով Վատիկանի միահեծան իշխանութեան, ծնունդ տալով ազգային եկեղեցիներու, ինչպէս` Լուտերական եւ Անկլիքան եկեղեցիները, որոնք սակայն քաղաքական ազատագրութեան չկրցան միացնել նաեւ ընկերային ազատագրութիւնը, զոր իրականացուցին Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ  յեղափոխական կարտինալներն ու աստուածաբանները` 20-րդ դարու 60-ականներուն, հրաժարելով Վատիկանի միջնադարեան, պահպանողական, դպրական աստուածաբանութենէն եւ հիմքերը դրին` ազատագրութեան աստուածաբանութեան, որուն հետեւորդներէն` Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի առաջնորդ Խորխէ Մարիօ արք. Պերկոլիոն երեք տարիներ առաջ ընտրուեցաւ Վատիկանի քահանայապետ, ընտրելով Ֆրանչիսկոս պատուանունը… եւ անյապաղ սկսաւ բարենորոգել Վատիկանը:

Սակայն իսլամի էսթապլիշմենթը շարունակեց մնալ նոյն հինը, պահպանողականն ու դպրականը, զուրկ` ազատագրութեան իսլամական աստուածաբանութենէ, քանի որ իսլամ «թոնտրակեցիները»` Քարամիթական շարժումին, նոյնպէս արեան մէջ ճզմուեցան իսլամի էսթապլիշմենթին կողմէ: Ուրեմն, այսօր Էրտողան կը խօսի հին իսլամի անունով, որ ներհակ է դեմոկրատային.. եւ «չափաւորական իսլամ»-ի քարոզչութիւնը անհեթեթութիւն մըն է… Էրտողան ոչ միայն չի փորձեր նոր իսլամի մը կերպար ստեղծել, ընդհակառա՛կը, վերականգնեց արիւնարբու սուլթանի կերպարը, որուն զոհերն են այսօրուան տասնեակ հազարներով բանտարկեալները:

Իր իշխանութեան առաջին հնգամեակին միայն (2002-2007) Էրտողան` Եւրոմիութեան անդամ ընդունուելու, եւրոպականանալու հմայիլով ու անձնական անժխտելի քարիզմայով, նաեւ` «չափաւորական իսլամ»-ի փուճ քարոզչութեամբ, յաջողեցաւ երկրի փաստական, այսպէս կոչուած, խորքային իշխանութիւնը` բանակը համոզել` քաշուելու քաղաքական դաշտէն ու վերադառնալու զօրանոցներ եւ այս յաջողութեամբ ալ շահիլ` երկրի բոլոր դեմոկրատական ուժերու նախընտրութիւնը դէպի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութիւնը, բանակի իշխանութեան փոխարէն, մինչեւ անգամ շահեցաւ վստահութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններուն, ոչ միայն արտօնելով քիւրտերուն` խօսիլ, գրել ու հրատարակել իրենց մայրենի` քրտերէն լեզուով, այլեւ բանակցութիւններ սկսելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ` իբր թէ խաղաղ լուծումի մը յանգելու հեռանկարով: Եւ` պահ մը, Ապտիւլլա Էօճալանն անգամ հաւատաց Էրտողանի «չափաւորական իսլամի դեմոկրատականութեան», քանի որ ան անկախութեան անջատողական ծրագիրէն աւելի` կը հետապնդէր ամբողջ Թուրքիոյ դեմոկրատականացումին նպատակը, որուն մէջ երկրի բոլոր ազգութիւններն ու կրօնական համայնքները պիտի հասնէին իրենց ազատութեան եւ ազգային իրաւունքներուն` համաձայն մարքսեան յեղափոխական դրոյթներուն, որոնց կը հետեւին Մեքսիքայի զափաթիսթականները` Մարքոսի առաջնորդութեամբ, եւ որոնց կը հետեւէր նահատակ Հրանդ Տինք… եւ որոնց այսօր եւս կը հետեւի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութիւնը (Ժողովուրդներու դեմոկրատիայի կուսակցութիւն)` Սալահէտտին Տեմիրթաշի առաջնորդութեամբ:

Թուրքիոյ մէջ այսպիսի հանգուցալուծումին կը հաւատան բոլոր մարքսական ուժերը, քանի որ այսօր Թուրքիոյ մէջ իրենք են առաջնորդող ուժը Թուրքիոյ դեմոկրատականացումի պայքարին: Սակայն սուլթան Էրտողան ստախօս մը դուրս եկաւ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ստախօսներ էին օսմանեան «յեղափոխութեան երիտթուրք սիոնափանթուրք առաջնորդները` Էնվերը, Թալէաթն ու Ճաւիտը…: Եւ, եղերականօրէն, երիտթուրքերու այս պետական յեղաշրջումին` ոչ յեղափոխութեան, հաւատաց Դաշնակցութիւնը` անհասկնալի եւ անարդարանալի շատ երկար «պահեր», այսինքն` մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու տարագրութիւնը… հիւանդագին  պատրանասիրութեամբ մը, չարաչար խաբուելով` սիոնափանթուրք երիտթուրքերու քարոզչութեան ստայօդ ուլունքներէն` «ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրակցութիւն»:

Սուլթան Էրտողան` դեմոկրատիայի կեղծ դիմակ հագին, իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ապահովեց մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ` չարաշահելով ոչ միայն իր դաշնակիցներուն, Ֆեթհիւլլա Կիւլենի, Ապտիւլլա Կիւլի եւ Ահմեթ Տաւութօղլուի աջակցութիւնը իրերայաջորդ ընտրութիւններուն, այլեւ` դեմոկրատական միւս ուժերուն, ներառեալ` քիւրտերուն աջակցութիւնը: Եւ երբ արդէն յաջողած էր քեմալական բանակը մեկուսացնել զօրանոցներէն ներս եւ «մաքրագործել» զայն քեմալականներէն… եւ հասած էր իր սպասած կայանին, վար իջաւ իր խոստացած «դեմոկրատիայի շոգեկառքէն», եւ սկսաւ քայլ առ քայլ երկրի ամբողջ իշխանութիւնը կեդրոնացնել իր սեփական ափերուն մէջ` մի առ մի հեռացնելով իշխանութենէն ոչ միայն իր երէկի դաշնակիցները` Ֆեթհիւլլա Կիւլենը, Ապտիւլլա Կիւլը եւ իր տեսաբանը` Ահմեթ Տաւութօղլուն, այլեւ`… Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, եւ վերսկսաւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ իր պատերազմին ու Ֆեթհիւլլա Կիւլենի եւ ալեւիներու դէմ իր հալածանքին: Եւ երբ անդրադարձաւ, որ իր դէմ թշնամացուցած այս ուժերը արհամարհելի ուժեր չէին (քիւրտերը` 20 միլիոն, ալեւիները` 20 միլիոն եւ Ֆեթհիւլլա Կիւլենը` շատ լաւ կազմակերպուած շարժում մըն է, որուն ղեկավարը հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ շարժումը լաւապէս թափանցած է ոչ միայն պետութեան վարչամեքենայէն, այլեւ հանրային կեանքէն ներս` իր դպրոցներու ցանցով եւ հասարակական բարեսիրական ու մշակութային կազմակերպութիւններով): Էրտողան բեմադրեց վիժած պետական յեղաշրջումի խեղկատակութիւնը իր դէմ, ամբաստանեց իր բոլոր հակառակորդները, ներառեալ` ամերիկեան Սի.Այ.Էյ. յեղաշրջումի ետին կանգնած ըլլալու մեղքով, եւ տասնեակ հազարներ ձերբակալեց ու բանտարկեց: Ասիկա` ներքին ճակատի վրայ: Արտաքին` շրջանային եւ միջազգային հարթակներու վրայ, Էրտողան կը խարխափի քաղաքական զիկ-զակներու եւ մարտավարական հակասական դիմափոխութիւններու Բաբելոնի մը մէջ, եւ ցարդ չէ յաջողած շահիլ վստահութիւնը` ո՛չ Եւրոպայի, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու, ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ Իրանի, ո՛չ Եգիպտոսի, ո՛չ Սէուտական Արաբիոյ եւ ո՛չ ալ Իսրայէլի, որ իր բնական, աւանդական դաշնակիցն էր: Ընդհակառա՛կը, ան փաստօրէն շահած է այս ամէնուն վերապահութիւնն ու հիասթափութիւնը իրմէ, եւ աւելին ըլլալով` Սուրիոյ եւ Իրաքի անդառնալի թշնամութիւնը… Էրտողանի միակ անզօր բարեկամներն են հիմա` Իսլամ եղբայրներն ու Քաթարը, որոնք այսօր մեկուսացուած են  տարածաշրջանին մէջ` Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ:

Շրջադարձային այս օրերուն, երբ երէկի միաբեւեռ աշխարհի համակարգը կը նահանջէ բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մակընթացութեան առջեւ, եւ Արեւմուտքը կը թեւակոխէ իր մայրամուտի փուլը, եւ երբ Հենրի Քիսինճըրն անգամ «The National Interest» թերթի 4 փետրուար 2016 թուակիր համարին տուած զրոյցին մէջ կը խոստովանի, որ` «Զարթնող բազմաբեւեռ աշխարհակարգի աշխարհին մէջ Ռուսիա կենսունակ դեր մը կը խաղայ որեւէ հարցի լուծումին մէջ, միջազգային հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար…», Էրտողանի գորշգայլային խորամանկութիւնը անբաւարար է յաղթահարելու Փութինի աղուէսագիտութեան… մանաւանդ երբ Տոնալտ Թրամփ, ի հեճուկս Էրտողանի, ոչ միան կ՛օգնէ քիւրտերուն, այլեւ դէմ կը կանգնի Քաթարի մէջ թրքական ռազմախարիսխին եւ հոն 5-6 հազարնոց թրքական զօրամասի մը տեղակայումին: Երբ Անկելա Մերքել ապահարզան յայտարարած է Էրտողանէն, եւ ճանաչում տուած` Հայոց ցեղասպանութեան… եւ կը մերձենայ Փութինի Ռուսիոյ` «Հիւսիսային հոսք թիւ 2»-ի կազմուղին գծով, որ գործել պիտի սկսի 2019 թուականին, եւ արդէն` 2012 թուականին սկսած է գործել «Հիւսիսային հոսք թիւ 1»-ը… ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներու հին` պարաքօպամայական քաղաքականութեան, որ կը ջանար ամէն գնով արգիլել Գերմանիա-Ռուսիա ամէն մերձեցումի փորձ: (Այս մասին կը վկայէ Շիքակոյի STRATFOR վերլուծումի կեդրոնի հիմնադիրը` Ճորճ Ֆրիտման, որ 2015 թուի յունիս 15-ին, յայտարարած է հետեւեալը, «Միացեալ Նահանգնեու համար հիմնական եղած է եւ կը մնայ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ մերձեցումի ամէն փորձի խափանումը: Աւելի՛ն. հարկ է վարել այնպիսի քաղաքականութիւն, որ անոնց շահերը միշտ հակադրուին իրարու: Եւ` մասնաւորաբար խանգարել այդ երկուքին միջեւ այն համագործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի «Հիւսիսային հոսք թիւ 1» եւ «Հիւսիսային հոսք թիւ 2» կազմուղիներու ծրագիրներուն շուրջ` օգտագործելով Ռուսիոյ հումքային պաշարները եւ Գերմանիոյ արհեստագիտական կարողութիւնները»):

Վերջապէս, նաեւ չեն պակսիր տուեալներ` եզրակացնելու, թէ Տոնալտ Թրամփ համոզուած է Քիսինճըրի դիտարկումին ճշմարտութեան եւ արդէն նախագահական ընտրապայքարի օրերէն` գաղտնի համագործակցութիւնը սկսած է Փութինի հետ… Այսինքն Էրտողան այլեւս չի կրնար չարաշահել Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա նախկին հակամարտութիւնը` ոչ միայն Թրամփի, այլեւ` Փութինի մօտ: Հակամարտութիւն, որ չարաշահելով` Թուրքիա ունեցաւ ՕԹԱՆ-ի 5-րդ զօրաւորագոյն բանակը աշխարհի:

Ընդհակառակը, այսօր Էրտողան փետրաթափուած իր երէկի դաշնակիցներէն` ինքն է, որ ստիպուած է զիջումներ ընելու Թուրքիոյ պատմական թշնամի Ռուսիոյ առջեւ, որ ներկայ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ամէնէն աշխուժ բեւեռն է: Եւ` ինչ որ մեր ժողովուրդին ազգային շահերուն տեսակէտէն մասնաւոր կարեւորութիւն ունի, Ռուսիա այսօր զինուորական աւելի մեծ կշիռ ունեցող ներկայութիւն է մեր տարածաշրջանին մէջ, քան ինչ որ էր Սան Սթեֆանոյի  դաշնագրի օրերուն, եւ միւս կողմէ` թրքապաշտպան եւ, հետեւաբար, հակահայ Մեծն Բրիտանիան ալ այդ հին օրերու Բրիտանիան չէ այսօր, եւ վերջին ընտրութիւններուն Պահպանողական կուսակցութիւնը նահանջ արձանագրեց, եւ Մարկրեթ Թաչըրի յաջորդ Թերեզա Մէյ տկարացաւ` աշխատաւորական Ճերեմի Քորինի առջեւ:

Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ այս աննախադէպ շրջադարձային զարգացումները կ՛աւետեն Էրտողանի միապետութեան եւ փանթուրքական վարչակարգին «վերջին ահեղ դատաստան»-ի օրերուն մօտալուտ ըլլալը: Սակայն այստեղ եւս կը ցցուի նոյն ցաւատանջ ու կիզիչ հարցումը.

Հայութիւնը, որ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի արդեօ՞ք նախապատրաստուած է օգտելու համար այս ոսկի առիթէն… երբ Արեւելահայաստանը կը շարունակէ տառապիլ  ապազգային օլիկարխներու լուծին տակ, եւ տարագիր արեւմտահայութիւնը տակաւին չէ ստեղծած իր կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցը` տարագիր արեւմտահայութեան համասփիւռքեան քոնկրեսը (ՏԱՀՔ, եւ Համահայութիւնը տակաւին ամբողջութեամբ չէ կլանուած համահայկականութեան շունչով եւ իմաստութեամբ, քաղաքական չափահասութեամբ ու պետական մտածելակերպով:

Գերմանիա-Ռուսիա եւ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց մերձեցումի այս շրջադարձը` բազմաբեւեռացող ներկայի աշխարհակարգին մէջ, շատ հաւանաբար վերատեսութեան պիտի ենթարկէ ոչ միայն միջազգային ու եւրասիական, այլեւ` միջինարեւելեան շարք մը անլոյծ կամ առկախ մնացած հարցեր, հակամարտութիւններ ու ծաւալապաշտական ծրագիրներ, կամ` հին դաշնագիրներու բարեփոխութեան, կամ` վերջապէս գործադրութեան հարցեր, որոնց կարգին` անկատար մնացած Սեւրի դաշնագիրը, նախագահ Վու. Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը, նորօսմանական ու փանթուրքական ծրագիրները, որոնք բնականօրէն կ՛ընդգրկեն Քիւրտիստանի եւ Արեւմտահայաստանի անկախութեանց դատերը, վերջիվերջոյ` տեսնելու համար Էրտողանի իշխանութեան ու նորօսմանական, փանթուրքական Թուրքիոյ պետութեան «վերջին ահեղ դատաստան»-ը: Կը վերյիշեցնենք. Թրամփ-Փութին մերձեցումին ստեղծած միջազգային նոր հաւասարակշռութեան մը պայմաններուն մէջ, երբ հնարաւոր դարձած է Արեւմուտք-Արեւելքի միջեւ համակարգումի փոխադարձ համաձայնութեամբ լուծումներու քաղաքականութիւնը: Եւ` երկու կողմերն ալ ունին նոյնանման հասարակարգեր` դրամատիրական, Թուրքիա այսօր զրկուած է այսուհետեւ երկու դասակարգային հակառակորդ մեծերու միջեւ «կռուախնձոր» եղած ըլլալու հանգամանքը չարաշահելու հնարաւորութենէն եւ դարձած է արդէն տարանջատումի ենթակայ պետութիւն մը… երբ Գերմանիա ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնն ու տարագրութիւնը` լռելեայն ճանչցած է Արեւմտահայաստանի անկախութեան իրաւունքը, եթէ Միացեալ Նահանգները օգնելով քիւրտերուն ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցին դէմ, լռելեայն ճանչցած է Քիւրտիստանի անկախութեան իրաւունքը, եւ երբ Ռուսիա ոչ միայն դաշնակիցն է Արեւելահայաստանի, այլեւ կը ծրագրէ վերատեսութիւնը պահանջելու նախկին ռուս-թրքական համաձայնագիրներուն, եւ արդէն տէրն է Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրի յօդ. 16-րդին եւ «Թուրքահայաստանի մասին» դեկրետին, եւ` շահակիցը Միացեալ Նահանգներու հետ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի եւ Սեւրի դաշնագրի յօդ. 89-րդի եւ 90-րդի գործադրութեան, լռելեայն ճանչցած է Արեւմտահայաստանի անկախութիւնը դար մը առաջ: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս երեք մեծերը` Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ ու Ռուսիա առնուազն դէմ չեն Թուրքիոյ տարանջատումին… մանաւանդ որ Գերմանիան, որ կը համագործակցի Ռուսիոյ հետ եւ այլեւս կարիքը չունի Թուրքիոյ հետ զինակցելու Ռուսիոյ դէմ… եւ թողլքած է Թուրքիան, իսկ Միացեալ Նահանգները` իր քաղաքականութեամբ, Գերմանիոյ հետ միասին ժամանակավրէպ կը գտնեն Ռուսիոյ դէմ փանթուրքական ծաւալապաշտպան ծրագիրը, եւ Թուրքիան կը նկատեն տարանջատելի եւ Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ ինկող երկիր…

Անհաւատալի թուացող եւ այսօր իրականութիւն դարձած այս շրջադարձէն կարենալ օգտուելու համար մեր ուսերուն դրուած են երկու հրամայական առաջադրանքներ.

Առաջինը` Արեւելահայաստանը ազատագրել ապազգային համակարգի լուծէն եւ հոն` հաստատել ժողովրդահայրենասիրական համակարգ, որուն այրերը սիրեն հայ ժողովուրդն ու անոր հայրենիքը` հետեւելով Ֆրանչիսկոս պապի պատգամին, եւ ստեղծեն բարեկեցիկ ու օրինապահ երկիր, ուրկէ հայը չուզէ հեռանալ, այս անգամ ալ` հետեւելով Պերճ Զէյթունցեանի պարզ, վճիտ ու կտրուկ պատգամին:

Երկրորդը` անյապաղ ձեռնարկել տարագիր արեւմտահայութեան համասփիւռքահայ քոնկրեսի կազմակերպումին, որպէսզի պահանջատէրի լսելի եւ ընդունելի հանգամանքով եւ միջազգային հանրային իրաւունքի նորմերուն համաձայն պահանջենք Արեւմտահայաստանի անկախութիւնը:

21 յունիս 2017

Ազգային Մտորումներ

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Երեւան հասնելուս առաջին օրն էր։ Ըստ սովորութեանս՝ առտու կանուխ հանդիպեցայ մեր տան դիմացի նպարատունը՝ թարմ հաց առնելու: Ինչպէս միշտ, Նարինէն մօտեցաւ, իր քաղցրաբարոյ ժպիտով «բարի վերադարձ» ըսաւ եւ իր օգնութիւնը առաջարկեց:

Շնորհակալութիւն յայտնելով, ես ալ իմ կարգիս՝ անկեղծ հետաքրքրութեամբ հարցուցի իր որպիսութիւնը եւ ակնարկելով իր մշտական ժպտուն եւ հաճելի անհատականութեան՝ ըսի. «Նարինէ՛ ջան, ուրախ եմ, որ միշտ բարձր տրամադրութեան մէջ է որ կը տեսնեմ քեզ». մելամաղձոտ եւ անսովոր ձայնով մը «շնորհակալ եմ» պատասխանեց։

Մեր կարճ զրոյցը վերջացաւ Նարինէին հետեւեալ նախադասութեամբ. «Էլ ուզում եմ դուրս գալ էս երկրից. եօթը տարի է, որ սա եմ անում, ուսումս ստիպուած բաց եմ թողել, սովորել եմ դաժան ու ծանր կեանքի պայմանները տանել, բայց էլ չեմ դիմանում, էլ յոյս չունեմ, որ ինչ-որ բան փոխուելու է. ուզում եմ դուրս գալ, էլ մարդ չի մնացել այս երկրում։ Ուզում եմ դուրս գալ ԻՄ երկրից…»։

Կը կասկածիմ, թէ իրողութեան ծանօթ ոեւէ հայ անհատ հակակարծիք պիտի ըլլայ, թէ որքան ծանրակշիռ եւ լուրջ է մեր երկրի իրավիճակը, եւ թէ որքան մտահոգիչ եւ աղիտալի կրնան ըլլալ անոր արդիւնքները: Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանէն ԱՐՏԱԳԱՂԹԻՆ:

Ան, որ ծանօթ է Հայաստանի իրադարձութիւններուն եւ կը հետեւի հայկական մամուլին ու լրատուական յօդուածներուն, կամ ճամբորդած է Հայաստան եւ այցելած Երեւանի անմիջական սահմաններէն դուրս գտնուող որեւէ վայր, իրազեկ եւ լաւատեղեակ պէտք է ըլլայ արտագաղթի իրականութեան եւ անոր հետեւանքներուն: Ճանապարհներուն վրայ անհամար են «Վաճառւում է»ի վահանակները. գիւղերուն եւ արուարձաններուն մէջ նշմարելի է ամայութիւնն ու բնակիչներու սակաւութիւնը. բազմաթիւ դպրոցներու մէջ աշակերտութեան թիւը 20-25էն նուազ է. երկրէն տղամարդոց թիւի նուազումը նկատելի եւ մտատանջող է.  եւ այլն,  եւ այլն…

Ըստ Հայաստանի լրատուական յօդուածներուն մէջ ներկայացուած թիւերուն՝ 1992ին Հայաստանի բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 3,625,000 էր: Այդ թուականէն մինչեւ 2016 թուական, Հայաստանէն գաղթած են մօտաւորապէս 1,113,000 քաղաքացիներ. թիւ մը, որ անակասկա՛ծ շատ նշանակելի է եւ մտահոգիչ: Հակառակ նոյն տարեշրջանին երկրի բնակչութեան ունեցած աճին եւ որոշ չափով տեղի ունեցած ներգաղթին, երկրի բնակչութիւնը նշմարելիօրէն նուազած է այսօր եւ կը շարունակէ նուազիլ արտագաղթին պատճառաւ:

Իսկ եթէ կասկածով է որ կը մօտենանք հայրենի մամուլին ներկայացուցած թիւերուն, տեղին է յիշել, թէ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ, «Արփա» հիմնարկի 25րդ տարեդարձին նուիրուած գիտական համագումարին, Ամերիկայի հանրահռչակ համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող եւ միջազգային համբաւ ունեցող փրոֆեսէօրներ իրենց ելոյթներով եկած էին հաստատելու եւ մատնանշելու Հայաստանի տնտեսական աճի ամենամեծ եւ ամենամտահոգիչ մարտահրաւէրներէն մէկը՝ արտագաղթի պատճառաւ մարդուժի եւ գործառուներու նշմարելի պակասը:

Կրնայ ըլլալ, որ այս թիւերուն շուրջ համաձայն չըլլանք. սակայն եկէք չվիճաբանինք անոնց ճշգրտութեան համար եւ հեռու մնանք «գնդասեղին գլխուն վրայ քանի՞ հրեշտակ կրնայ կայնիլ»ի հոգեբանութենէն. եկէք կեդրոնանանք արտագաղթի իրողութեան եւ անոր ահաւոր հետեւանքներուն վրայ: Եթէ հայ ժողովուրդը 20րդ դարու սկիզբը տեսաւ «կարմիր ջարդ», եւ նոյն դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մինչեւ օրս անիկա Սփիւռքի մէջ կը դիմագրաւէ «սպիտակ ջարդ»ի վտանգը, ապա 21րդ դարու սկիզբէն ետք սկսած է դիմագրաւելու տարբեր տեսակի ջարդ մը, որ կը կոչուի «արտագաղթ»: Ես զայն պիտի կոչեմ «ՍԵՒ ՋԱՐԴ»:

Արտագաղթը 21րդ դարու ամենածանր եւ մտահոգիչ իրողութիւնն է, զոր կը դիմագրաւեն մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը: Կը գիտակցիմ, թէ կարելի չէ այս իրողութեան ու անոր լուրջ հետեւանքներուն անդրադառնալ քանի մը տողով, սակայն նոյնպէս կը գիտակցիմ, որ այս ահաւոր վտանգին առաջքը առնելը եթէ ոչ մեր բոլորին, այլ նուազագոյնը՝ Հայաստանով եւ հայութեան ապագայով տագնապողներուն համար ամէնօրեայ մտահոգութիւն պէտք է դառնայ:

Անվիճելի իրականութիւն է, եւ հարիւրամեակէ մը աւելի տարիներու կեանք ունեցող մեր Սփիւռքը վկա՛ն է այդ իրականութեան, որ հայը կրնայ գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ հայրենի հողին վրայ, մայրենի լեզուով եւ ի՛ր ազգային մշակոյթով: Ուստի, արտագաղթը ոչ միայն կ՛ամայացնէ մեր երկիրը, այլ նաեւ կ՛ապահովէ գաղթողներուն վախճանը:

Տեղին է անդրադառնալ, թէ որո՛նք են պատասխանատուները եւ դատապարտելիները մեր դիմագրաւած այս աղէտին: Անկասկած եւ արդարացիօրէն, մեր բոլորին պատասխանը պիտի ըլլայ՝ հայրենի իշխանութիւններն ու կառավարութիւնները: Տեղին է նաեւ հարցնել, թէ ի՛նչ քայլեր առած են անոնք կասեցնելու կամ առաջքը առնելու համար ահաւոր արտագաղթին: «Աւելի բարգաւաճ Երեւան» կարգախօսո՞վ է որ այդ աղէտին առաջքը պիտի առնուի: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Երեւանի սահմաններէն դուրս գտնուող տարածքներուն: Ի՞նչ են այն  տնտեսական շօշափելի աճ եւ զարգացում ապահովող ծրագիրները, որոնք յոյս եւ ապրուստ պիտի ապահովեն մեր ժողովուրդին եւ ոչ թէ  միայն «ընտրեալ» խաւին: Ի՞նչ է պատճառը, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, յուսահատ՝ իր հայեացքը ուղղած է հայրենիքէն դուրս. ինչո՞ւ  Հայաստանի մէջ ամէն քայլափոխի «Վաճառւում է» պաստառներու պիտի հանդիպինք. ինչո՞ւ ամայի են արուարձաններն ու գիւղերը: Եւ այսպիսով, կրնանք շատ ուրիշ «ինչու»ներ ցուցակագրել…

Թէեւ աւելի նուազ, սակայն ոչ աննշան դեր եւ պատասխանատւութիւն ունին նաեւ մեր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները. տեղին է մեղադրել զանոնք իրենց որոշ չափով կրաւորական եւ ոչ պահանջատէր կեցուածքին համար: Ինչո՞ւ աւելի խիստ եւ պահանջատէր կեցուածք չեն ցուցաբերեր մեր իշխանութիւններուն եւ կառավարութիւններուն՝ ժողովուրդին հանդէպ իրենց ունեցած անտարբեր եւ անհոգ կեցուածքին համար. ինչո՞ւ յաճախակի չեն աղաղակեր անոնց ահազանգային կոչերը՝ զգուշացնելու եւ գիտակցութեան բերելու մեր ժողովուրդը արտագաղթի հետեւանքներէն: Սփիւռքի մէջ հարիւր եւ աւելի տարիներ փորձառութիւն ունեցող մեր կազմակերպութիւնները միթէ կարողութիւնը չունի՞ն Սփիւռքի հսկայական մարդուժն ու կարողութիւնը կազմակերպելու եւ ի գործ դնելու՝ իրագործելու այնպիսի ծրագիրներ, որոնք յոյս եւ հաւատք կրնան ներշնչել հազարաւոր Նարինէներուն, որպէսզի անոնք չմտածեն երկրէն հեռանալու մասին:

Նոյն ժամանակ, պէտք է ընդունիլ եւ հաստատել, թէ կան փոքրաթիւ, սակայն շօշափելի եւ նշանակալից նախաձեռնութիւններ, որոնք օրինակելի են եւ նախանձելի: Օրինակ՝ ճարտարագիտական բազմաթիւ ծրագիրներ եւ ներդրումներ, բժշկական հիւանդատեղիներ եւ  հետազօտութեան կեդրոններ, կրթական եւ դաստիարակչական հիմնարկներ: Ասոնք օրինակելի իրագործումներ են, որոնք յոյս եւ կորով կը ներշնչեն մեր ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս նոր սերունդին:

Սիրելի ընթերցող, այս գրութեան նպատակը միայն ու միայն իշխանութիւններուն եւ ղեկավարներուն անտարբերութեան մասին անդրադառնալը չէ, ո՛չ ալ զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու թերացումները մատնանշելը: Թող այս գրութիւնը  կանչ մը ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ գիտակցութիւնը արթնցնելու արտագաղթի լրջութեան հանդէպ: Ժամանակն է, որ ընդունինք, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ընելիք ունի՝ առաջքը առնելու եւ կասեցնելու «սեւ ջարդ»ը: Մենք հաշուետո՛ւ պիտի ըլլանք մեր ապագայ սերունդներուն։ Կամայ թէ ակամայ, այսօրուան կերտուած պատմութեան դերակատարները մե՛նք ենք՝ ըլլանք Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ: Ապագայ սերունդները մեզմէ է որ հաշուեյարդար պիտի պահանջեն ներկայիս պատահածներուն համար, եւ մենք պիտի չկարենանք պատասխաններ ունենալ եւ խուսափիլ դատապարտուելէ:

Սիրելի հայրենակիցներ, եկէք ընդունինք, որ բաւարար չէ՛ պարզապէս խօսիլ աղէտին մասին. բաւարար չէ՛ միայն ըսել, թէ «հայրենիքը կամաց-կամաց պարպուելու վրայ է», բաւարար չէ՛ իշխանութիւններն ու կազմակերպութիւնները քննադատել, բաւարար չէ՛ հայրենիքը հեռուէն երգելով սիրել, բաւարար չէ՛ Հայաստան երթալ վայելելու եւ ըմբոշխնելու համար միայն: Եկէք չմոռնանք, որ հայրենիքի պահպանումն ու հզօրացումը մեր բոլորին պարտականութիւնն է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նքն է, որ գիտէ իր կարելիութեան սահմանները, ի՛նքն է, որ գիտէ ինչպիսի միջոցներով է որ կրնայ օգտակար ըլլալ իր ազգի բարգաւաճման. անհատապէս եւ հաւաքաբար պէտք է յանձնառու ըլլանք կասեցնելու արտագաղթի աղէտը:

Եւ վերջապէս, եկէք չբաւարարուինք խաւարը անիծելով: Այլ մեր կարգին, գէթ մէկ մոմով, այդ խաւարը լուսաւորելու աշխատանքին նուիրուինք:

Ի զուր չէ ըսուած՝ «ԱԶԳԵՐԸ ՉԵՆ ՄԵՌՆԻՐ, ԱՅԼ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆ Կ՛ԸԼԼԱՆ»: Եկէք խուսափի՛նք անձնասպանութենէն:

Ակնարկ. Անգարան` Նեղ Անկիւններու Առջեւ

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան մեծ դեր ունի սուրիական տագնապի լուծման հարցին մէջ, անպայման Անգարայի դերակատարութիւնը տագնապի հանգուցալուծման մէջ դրականօրէն չ՛երանգաւորեր:

Նախ պարզ այն պատճառով, որ յայտարարութիւնը ունի երկրորդ բաժին, որ կ՛ակնարկէ թուրք-ամերիկեան այսօրուան լարուած յարաբերութիւններուն: Ընդգծուած լարուածութեան պատճառներուն մասին չի խօսիր Թիլըրսըն:

Քաղաքագիտական յատուկ հմտութեան անհրաժեշտութիւնը չի զգացուիր ենթադրելու համար, թէ ի՛նչն է բուն պատճառը ակնարկուած լարուածութեան:

Մանաւանդ որ պաշտօնական Անգարային խօսափող նկատուող «Անատոլու»-ն  չէր ուշանար դրդապատճառի բացայայտում կատարելու իր պարտականութեան մէջ:

Թրքական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէր, որ Միացեալ Նահանգներու պատկանող 100 բեռնատարներ Իրաքէն անցած են Սուրիա, հասնելու համար քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Հասաքէ եւ ապա Ռաքքայի հիւսիսը:

Հիմա, երկրորդական նշանակութիւն ունի Անգարայի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան հերքումը: Գործընթացը այս պարագային երկկողմանի է: Մէկ կողմէ քրտական զինեալ խմբաւորումներուն հասած ամերիկեան օժանդակութիւնն է, միւս կողմէ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ չէզոքացման գործողութիւններուն թափ տալը: Այս երկրորդ ուղղութիւնը կը թուի, որ տակաւին սահմանափակ ծիրի մէջ կ՛ընթանայ եւ գէթ այս փուլին ՏԱՀԵՇ-ի արմատախլման չի միտիր:

Պատերազմական գործողութիւններու ռուս-ամերիկեան ամբողջական համաձայնութիւնն է, որ կրնայ կրօնական ահաբեկչութեան արմատախլման միտող ռազմական համակարգուած քայլերու դիմել, ինչ որ տակաւին տեսանելի չէ, մանաւանդ նկատի ունենալով այլ ճակատի վրայ առարկայացող Միացեալ Նահանգներու ճշդած հակառուս պատժամիջոցներու խստացումը, Մոսկուայի հետ տակաւին մերձեցում ապրող Անգարան չի յաջողիր կիրարկել քրտական գործօնի չէզոքացման ուղղութեամբ իր պատրաստած ռազմական ծրագիրները: Անգարան տեղի կու տայ նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմաններուն վրայ դիրքեր գրաւած ահաբեկչական խմբաւորումներու մաքրագործման պատերազմին: Չմոռնանք, որ մաքրագործուող խմբաւորումին վերաբերեալ միջազգային մամուլը յաճախ ակնարկած էր Թուրքիայէն սնած, ֆինանսաւորուած ըլլալու իրողութեան:

Ժապհաթ Նուսրայի շահարկման գործօնը կորսնցուցած Անգարան սուրիական տարածքներուն վրայ կը թուի շատ բան զիջած ըլլալ Մոսկուային: Փոխարէնը, չէ յաջողած ստանալ քրտական զինեալ երեւոյթներու զարգացումը կանխարգիլելու երաշխիքներ: Ընդհակառակն` Ուաշինկթըն, թէեւ հերքելով, այսուհանդերձ կը շարունակէ օժանդակել Սուրիոյ քիւրտերուն:

Հիմա ինչպէ՞ս պէտք է ընկալել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ` Թուրքիան կարեւոր դեր ունի սուրիական տագնապի հանգուցալուծման մէջ:

Եթէ զինուորաքաղաքական այս իրադրութիւններու տրամաբանութիւնը նկատի ունենանք, Թուրքիայէն կ՛ակնկալուի հանգիստ հետեւիլ քրտական զինեալ ուժերու տեղաշարժերուն եւ անոնց հասանելի օժանդակութիւններուն, եւ երբ անհրաժեշտ պահը գայ, աշխուժօրէն մասնակցիլ հակաահաբեկչական գործողութիւններուն:

Անգարան յայտնուած է նեղ անկիւններու առջեւ: Առկախուած է նաեւ իր կողմէ առաջադրուած սուրիական տարածքներու վրայ անվտանգութեան գօտիներ յառաջացնելու յանկերգը:

«Ա.»

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշատակներ

$
0
0

ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ

Սպասեցի օրեր շարունակ
Վերադարձիդ, բայց` ապարդիւն:

Այս գիշեր բոլոր`
Հետդ եմ սիրելիս,
Եւ  կը փորձեմ մէկտեղել
Պատառ-պատառ
Յիշատակներն մեր անցեալին:

Յիշատակները մեր,
Որոնք մերթընդմերթ
Շրթներուս վրայ
Անյայտ ժպիտ կ՛ուրուագծեն:

Կը յիշեմ առաջին հանդիպումը մեր
Ի՜նչ ժպիտներ, խօսքեր ու խօսքեր,
Ի՜նչ երդումներ, ի՜նչ խոստումներ
Մաղթեցինք ըլլալ մէկտեղ…
Ամէն ինչ գեղեցիկ ու վարդագոյն:
Բայց սիրելի՛ս,
Լաւը ընդմիշտ չէ երբեք:

Հիմա աչքերս են տեսքիդ
Ամէն անձի մէջ կը տեսնեմ
Պատառ մը քեզմէ…

2010

Լեռնալիբանանի Սովը. Ձեղնաջահը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հազուագիւտ պատմուածք մը` 1914-1918 տարիներուն լիբանանցիները սովամահ ընելու օսմանեան թուրքերու ծրագիրէն: Ինը գիրքերու հեղինակ, Ամերիկա ծնած, լիբանանեան ծագումով Կրեկորի Օրֆալէա 1984-ին գրած է զայն, եւ լոյս տեսած է «Իմեճինինկ Ամերիքա» պատմուածքներու հաւաքածոյին մէջ` անգլերէն եւ ութ անգամ վերհրատարակուած է(1): Թարգմանաբար կը ներկայացնեմ պատմուածքը` կրճատելով սովին հետ կապ չունեցող մանրավէպին բեմական-գրական նկարագրութիւնները *:

Սովահար լիբանանցիներ (1)

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան 26 մայիս 1916-ին նամակ մը գրած է Մէյրի Հասքելին (1869-1953, ամերիկացի միսիոնարուհի (2)), ուր կ՛ըսէ. «Լեռնալիբանանի սովը ծրագրուած ու գործադրուած է թրքական կառավարութեան կողմէ: Արդէն 80 հազար մարդ սովամահ դարձած է, եւ իւրաքանչիւր օր հազարաւոր մարդիկ սովամահ կը դառնան: Նոյն արարքը գործադրուեցաւ քրիստոնեայ հայերուն դէմ, եւ նմանատիպը այժմ կը կիրարկուի Լեռնալիբանանի քրիստոնեաներուն դէմ» (3): Սովին պատճառով շուրջ 200 հազար մարդ սովամահ դարձան, եւ 400 հազար մարդ` աղէտահար:

Պատմուածքը կը սկսի Ամերիկայի Փասատինա քաղաքին մէջ` նկարագրելով երիտասարդ տարիքին Լիբանանէն Ամերիկա գաղթած, այժմ կալուածատէր, լեցուն կազմով, կայտառ ծերունի Մուխլիսին եւ կնոջ Ուարտէյին, անոր քրոջը` Մաթիլին տունը կատարած այցելութիւնով, ուր ներկայ էր քրոջ երիտասարդ թոռնիկը: Մուխլիս այսպիսի ընտանեկան առիթներուն իր թենոր ձայնով լիբանանեան երգեր կ՛երգէր` մինչեւ կռնակին թուրքին մտրակին սպիները կրող իր մօր մահը:

Երբ ան ժուժկալ կը գտնուի քրոջը յարատեւող հիւրասիրութեան դիմաց, այնտեղ գտնուող քրոջ թոռնիկը իր մեծ քեռիին կը հարցնէ, թէ իսկապէս բնաւ չ՛ա՞նօթենար. «Տղա՛՛յ, բնաւ տեսա՞ծ ես մէկը, որ նարինջի կեղեւ կ՛ուտէ»:

«Ես ալ կերած եմ, բաւական համով է»:

«Ո՛չ, ո՛չ, ըսել կ՛ուզեմ` նեխած նարինջի կեղեւ, ցեխոտ ու թրիքի մէջ խառնուած: Կերա՞ծ ես անկէ: Քեզի պատմութիւն մը պիտի պատմեմ: Քեզի պիտի պատմեմ անօթութեան մասին, շնորհազրկութեան մասին:

Ես տան երիցագոյնն էի, երբ կ՛ապրէինք Լիբանանի լեռներուն մէջ: Երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսաւ, տակաւին պատանի էի: Անոնք 1914-ին շրջափակեցին Պէյրութի նաւահանգիստը: Գերմանացիները դաշնակից էին այն թուրքերուն հետ, որոնք կը տիրէին բոլոր արաբներուն վրայ: Ժամանակի ընթացքին գերմանացիները դարձան մեր տէրը, երբ մենք բոլորս կարելինիս կ՛ընէինք խուսափելու համար թուրքերէն: Դաշնակիցները շրջափակեցին Պէյրութի նաւահանգիստը, որուն պատճառով չորս տարի Լեռնալիբանանի մէջ ուտելիք չկար:

Մարդկային վայրագութեան դաժան ժամանակներ էին: Մարդիկ անօթի էին, եւ անօթութիւնը սկիզբն է անգթութեան: Թուրքերը չէին հանդուրժեր որեւէ կասկածելի արարք: Եթէ մարդիկ մերժէին գործակցիլ իրենց հետ, վրէժնին կ՛առնէին մանուկներէն: Ականատես եղայ թուրք զինուորի մը կողմէ մանուկի մը ոտքերէն բռնելով` երկուքի կիսելուն, եւ մէկ մասը Պիքֆայայի մօտ մեր Մհէյթի (Մհէյտսի) գիւղին ակին մէջ շպրտելուն: Աղբիւրը ցամքած էր, սակայն նոյնիսկ պատերազմէն ետք, երբ փոքրիկին մնացորդը չքացած էր, ոեւէ մէկը այդ աղբիւրէն չէր խմեր:

Ուտելիքը այնքան հազուագիւտ էր, որ մարդիկ ձիու թրիքը լուալով` յարդի մնացորդը կ՛ուտէին: Օրերով անօթի ու ծարաւ մնալը սովորական դարձած էր: Նահր Իպրահիմ եւ Պարտաունի գետերը դիակներով լեցուած էին, ու ջուրը` վարակուած: Թուրքերը եւ գերմանացիները դաւաճաններուն գետը կը նետէին… վերջը` կար ձեղնաջահը. պիտի պատմեմ տղա՛յ, պիտի պատմեմ: Գիտէի՞ր, որ «Լիբանան» կը նշանակէ «ձիւն», կը նշանակէ «մածունի նման ճերմակ» քանի որ լեռները ձիւնով ծածկուած են: Ձմեռը շատ ցուրտ կ՛ըլլար, եւ տունէն դուրս չէինք ելլեր: Առանց ուտելիքի աւելի կը մսէինք»:

«Ճաշարաններ չկայի՞ն», կը յանդգնի հարցնել զարմիկը:

«Ճաշարա՞ն… տխմա՛ր ես, տղայ, ներողամիտ եղիր: Առաջին տարին որեւէ ճաշարան, որ կար, քանդուեցաւ, եւ շուկաները կողոպտուեցան թուրք զինուորներուն կողմէ: Մենք մեզի ուտելիք պէտք էր ճարէինք: Չորս տարի, իւրաքանչիւր օր ուտելիք գտնելու պայքար էր»:

Մաթիլ կը միջամտէ` «Հացի կողինձ մը այնքան հազուագիւտ էր, որ սուրբ հաղորդութեան համազօր էր: Մայրս օրերով լերան միւս կողմը կ՛երթար` ուտելիք ճարելու, վաճառելով մեր ունեցուածքը: Մեկնելէն առաջ ան հացի շերտ մը տալով կ՛ըսէր. «Մաթի՛լ, Մուխլի՛ս, Մըլհե՛մ, խնայողութեամբ կերէք, ամէն օր այս հացէն կտոր մը չորսի կը բաժնէք, երեքը ձեզի եւ չորրորդը կը կիսէք մանուկներուն համար: Փոքրիկ Մըլհեմը եւ Լէյլան ամբողջ օրը կու լային, աւելի կ՛ուզէին, շատ փոքր էին եւ չէին հասկնար, եւ մանկիկը, վա՜յ…Հացը բարձիս տակ կը պահէի եւ այդ գիշեր…»:

Մուխլիս կը շարունակէ «Ձեղնաջահը կը յիշե՞ս… Ձիւնին մէջ ճամբայ ելայ: Մայրս մեր ունեցած վերջին լումաները ինծի տալով` պատուիրեց երթալ ձիւնածածկ լեռներու ետին գտնուող դաշտավայրին մէջ գիւղ մը` հաց եւ կաթ բերելու: Մօրս չափ զօրաւոր չէի, բայց ուժեղ էի ու ճամբայ ելայ: Բայց ուղեւորութեանս առաջին օրն իսկ աւազակ մը վրաս կրակեց: Անմիջապէս ժայռի մը ետեւ պահուըտեցայ, սակայն աւազակը գտաւ զիս, դրամներս ու բաճկոնս առաւ ու հեռացաւ… ուրախ էի, որ չսպաննեց զիս: Ի՞նչ պիտի ընէի, պարապ ձեռքով տուն պիտի չվերադառնայի: Շարունակեցի ճամբաս, մինչեւ որ հասայ վանք մը: Մտածեցի, որ վանականները հաց եւ կաթ կու տան, բայց անոնք հոն չէին»:

Մաթիլ կը միջամտէ. «Անոնք սպաննուա՞ծ էին»:

«Մաթի՛լ, հաճի՛ս: Անոնք հոն չէին, թերեւս Յունաստան գացած էին, անոնք յոյն վարդապետներ էին: Այնտեղ մարդ չկար: Եկեղեցւոյ դուռը հովին հետ կը շարժէր: Ներսը մոմերը մարած էին, ու սառած, բոլոր նստարանները սառով պատուած էին: Դուրսին նման ձմեռ էր ներսը: Ու վերեւ` կար հսկայ բիւրեղեայ ձեղնաջահը… Հսկայ ձեղնաջահ մը, կեանքիս մէջ անկէ մեծը չեմ տեսած: Անոր զուտ ոսկիէ ճրագակալները տարածուած էին այս բազմոցին լայնքով, եւ ներդրուած աչքերուդ մեծութեամբ կարկեհաններով` ռուպի, զարմի՛կ:

Այդ պահուն յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս փոքր տարիքիս հօրս հետ եկած ենք այստեղ պաշտամունքի. ձեղնաջահը ինծի համար պաշտամունքի համազօր առարկայ էր, կը դիտէի զայն, եւ անոր բիւրեղէն ցոլացող պսպղուն լոյսերը ինծի կ՛ըսէին. «Ա՛յս է քու Աստուածդ, Մուխլի՛ս, այստեղ` Լեռնալիբանանի մէջ»: Երազներուս մէջ կը տեսնէի զայն: Բնաւ չէի մտածած ձեռնելու զայն: Ձեղնաջահը բարձրադիր էր, գոնէ` 5 մեթր գլխուս վերեւ: Օգնէ՛ ինծի Ամենակարո՛ղ Տէր, ես անօթի էի, մայրս անօթի էր ինչպէս նաեւ` եղբայրներս եւ քոյրերս, իսկ Ամերիկա գտնուող հօրմէս, երկու տարի է, որեւէ լուր չենք ստացած:

Աստուծոյ եւ մարդկութեան հանդէպ սրբապղծութիւն գործեցի այնտեղ: Պատերուն վրայի խճանկարները տեղ-տեղ թափած էին, մագլցելով անոնց վրայէն` հասայ առաստաղի գօտեփայտին` գերանին, ուշադրութեամբ ոտքս դնելով թափած սալիկներուն պատճառած եզերքներուն վրայ, եւ նստելով սառուցապատ գօտեփայտին վրայ` սահեցայ դէպի եկեղեցիին միջավայրը` հասնելով ձեղնաջահին:

Ձեղնաջահը առաստաղին ամրացուած էր երկաթէ երկար գամերով: Զգուշութեամբ ձեռքերս մտցուցի տերեւի նման բիւրեղներուն մէջէն` կառչելու համար ոսկեայ թեւերուն: Իսկոյն, կապիկի նման կախուեցայ ձեղնաջահէն` օրօրուելով ու ցնցելով, փորձելով պոկել զայն գամերէն: Երկար ժամանակ գամերը ամուր մնացին, կարծես թէ, Աստուած բռնած էր զայն առաստաղին մէջէն եւ ինծի կ՛ըսէր «Ո՛չ Մուխլիս ձեղնաջահը ի՛մս է եւ դուն պիտի չառնես զայն այս եկեղեցիէն, դուն չնչին մահկանացու մըն ես, արժանի` դժոխքին մէջ նեխելու»: Վերջապէս լսեցի գամերուն թուլացումը, ծեփին փոշիները իջան երեսիս վրայ, ու վերջին տատանումով ձեղնաջահը անջատուեցաւ, ու ինկանք գետին յետոյքիս վրայ, այդ պատճառով այժմ դանդաղ կը քալեմ:

Ձեղնաջահը կաթի պիտի վերածուէր, պիտի փրկէր զիս եւ ընտանիքս, ոսկրաբեկումը ոչի՛նչ էր: Ես տոկուն երիտասարդ էի, ոչ թէ ձեզի նման փափուկ, իսկ ձեղնաջահը չվնասուեցաւ: Ոտքի ելայ եւ զգացի, որ կրծոսկրս ճաթած էր: Ձեղնաջահը փոխադրեցի եկեղեցւոյ մուտքը, ոեւէ մէկը չկար, եւ ոեւէ մէկը կատարածիս ականատես չեղաւ»:

«Աստուած վերջապէս թողո՞ւց», քմծիծաղով կ՛ըսէ զարմիկը:

«Աստուած բնա՛ւ չի թողուր: Ես պոկեցի զայն Իր ձեռքերէն: Բայց չէի կրնար ձեղնաջահը շալկել, շատ ծանր էր: Նախասրահին մէջ փոքր կարպետ մը կար, որուն վրայ դրի ձեղնաջահը եւ իր շղթայով կապեցի ոսկեայ ճիւղերուն շուրջը եւ քաշկռտեցի այս կոյտը դուրս` ձիւնին վրայ: Յաջորդող երեք օրերուն ետեւէս քաշեցի ձեղնաջահը` ձիւնածածկ լեռներուն վրայով հասնելու համար Պեքաայի դաշտին մէջ գտնուող գիւղը: Առաջին երեկոյեան արդէն ուժասպառ եղայ: Պառկեցայ ձիւնին վրայ` մայրիի ծառի մը կրթնած, ուշադիր` չվնասելու ձեղնաջահը: Այնքան յոգնած էի, որ իսկոյն քնացայ»:

«Երազեցի՞ր», կը հարցնէ զարմիկը:

«Չեմ յիշեր: Ո՛չ, ես չեմ երազեր, երազելը փափուկ օրերուն կը պատահի: Մթութեան մէջ լզուելու զգացումէն արթնցայ: Զգացի ջերմ շնչառութիւն երեսիս մօտ եւ նստայ: Վեց կանաչորակ աչքեր կային մթութեան մէջ: Արիւնս սառեցաւ: Գայլեր էին: Արագ մը կանգնեցայ եւ ձեղնաջահը բռնելով` աջ-ձախ ճօճեցի, բիւրեղներուն իրար զարնուելուն սուր աղմուկը, անտառին լռութեան մէջ, խրտչեցուց գայլերը, որոնք ոռնալով ցրուեցան անտառին մէջ:

Սարսափահար, այնքան արագ կը շնչէի, որ կարծես սիրտս մարմնէս դուրս պիտի գար: Այնքա՛ն արթուն էի, որ աչքերս երբեք այդքան մեծ չէին բացուած, եւ որոշեցի քաշկռտել ձեղնաջահը մութին մէջ: Շուրջս նայելով` աճապարեցի քալել մինչեւ արշալոյս, ապա հանգստացայ ժայռի մը քով` մէկ թեւս կարթելով ձեղնաջահին: Արշալոյսին շողերը, պսպղուն բիւրեղներուն ցոլքը ձիւնին վրայ, իսկ կարկեհաններուն փայլքը կը նմանէին փայլատակող արիւնի: Քիչ մը հանգչեցայ, աչքերս գոցելով-բանալով` փորձեցի չքնանալ, երբե՛ք նորէն:

Երկրորդ օրը ընտանիքի մը հանդիպեցայ` մայր, աղջիկ եւ երկու մանկիկներ, որոնք դժուարութեամբ կը քալէին ձիւնին վրայէն, մայրը հարցուց, թէ կաթ ունէի՞. ըսի, որ այս ձեղնաջահին փոխարէն` կաթ պիտի առնեմ: Ան գլուխը շարժեց եւ ճակատս համբուրեց: Աղջկան աչքերուն շուրջը կապոյտցած էր, բարակ գիշերանոց մը հագած, վրայէն ալ` բուրդէ վերնաշապիկ, ոտքին մատները կ՛երեւէին մաշած կօշիկին մէջէն: Ըսին, թէ Զահլէ կ՛երթային: Զարմանքով ըսի, որ Զահլէի մէջ ուտելիք չէր մնացած, քանի որ մայրս գացած էր հոն եւ գնած` վերջին բուռ մը ալիւրը: Հարցուցին, թէ ո՛ր գիւղէն էի, եւ ըսի իրենց: Ըսին, որ կը փորձեն հոն երթալ: Մայրը պահ մը սեւեռեց վրաս իր կապոյտցած շրջանակով աչքերով: Մանկիկ մը ունէր կապոյտցած շուրթերով, իսկ միւսը արագօրէն կը ճզճզար, կը հեւար քրոջ գիրկը:

Ու ես շարունակեցի երկար ճամբաս` ձիւնով ծածկուած կօշիկներով ու տաբատով: Այդ գիշեր քնացայ ձեղնաջահին մէջ, գալարուելով թեւերուն, որպէսզի եթէ գայլեր գային, կարծէին, թէ ես ձեղնաջահին մաս կը կազմէի: Ծրագիրս յաջողեցաւ, եւ այդ գիշեր գայլերը նեղութիւն չպատճառեցին:

Երրորդ օրը սկսայ լեռնէն վար իջնել: Հեռուէն տեսայ Պեքաայի ժանգի գոյնով դաշտերը եւ ուրախութենէս սկսայ բարձրաձայն խնդալ: Բայց աճապարանքիս պատճառով կարպետէն թել մը ձիւնէն դուրս ցցուած ճիւղի մը անցնելով` ձեղնաջահը բռնուածքէս ու կարպետէն դուրս սպրդեցաւ եւ սկսաւ դէպի վար սահիլ արեւէն սառած ձիւնակոյտին վրայէն: Իսկոյն նետուեցայ գահավէժն ի վար, ձեղնաջահին ետեւէն, բայց ծայրը հասնելէս առաջ ձեղնաջահը ինկաւ վար, շուրջ վեց մեթր: Բոլոր ձայնովս աղաղակեցի եւ խենթ շան մը նման սկսայ գլտորուիլ ձիւնէ թումբն ի վար, եւ երեսիս վրայ ինկայ ձեղնաջահին առջեւ:

Բարեբախտաբար ան ինկած էր չսառած ձիւնի վրայ: Դանդաղօրէն քաշեցի զայն դէպի ինծի: Ոսկեայ թեւերէն մէկը ծռած էր, եւ հինգ-վեց բիւրեղ` փշրուած, սակայն ընդհանուր առմամբ, վնասուած չէր: Կարպետը, որ վերը մնացած էր, բերի եւ ձեղնաջահը վրան դնելով` կապեցի զայն վիրաւոր մարդու նման, եւ դանդաղօրէն ճամբաս շարունակեցի: Այլեւս ինքզինքիս թոյլ չտուի աւելորդ խանդավառութիւն` Պեքաային մօտենալուս պատճառով: Այդ դէպքին պատճառով ցարդ ինքզինքիս բնաւ չեմ արտօներ անտեղի խանդավառութիւն: Այդ օրը, կէսօրէ ետք, մօտ ժամը չորսին, հասայ մօրս նկարագրած փոքր գիւղը: Գիւղացիները առողջ էին: Անոնք տակաւին արտերը կը մշակէին` արտադրելով եգիպտացորեն, ցորեն եւ ոսպ, իսկ դէպի Դամասկոս ճամբան բաց էր:

Բնակիչները երբ տեսան խլեակս, որ կը քաշկռտէր ձեղնաջահը, չոր ու փոշոտ ճամբուն վրայէն, շուրջս հաւաքուեցան ու սկսան տեսակաւոր հարցումներ հարցնել: Շատ յոգնած, հարցումներուն պատասխանելով, ըսի. «Շուտով կովու ագարակ մը տարէք զիս»: Խնդրանքս կատարեցին եւ առաջնորդեցին զիս ագարակապանի մը քով:

Նայէ, ըսի, ես լեռներէն եկած եմ, ուր շատ ցուրտ է, եւ ուտելիք չկայ, իսկ ընտանիքս սովամահ ըլլալու եզրին է: Այս ձեղնաջահը կու տամ քեզի` կաթի եւ որեւէ ուտելիքի փոխարէն, զոր կրնամ շալկել: Ագարակապանը քննեց ձեղնաջահը օգնականի մը հետ եւ ըսաւ, թէ վնասուած է, ու շատ արժէք չունի: Աստուած անիծէ՛ իր հոգին, մե՛ր ժողովուրդին: Անոնք կը փորձեն սակարկել, ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան: Կրնաս ոտքերդ կտրուած եւ գետինը պառկած վիճակ ունենալ ու աչքերուդ մէջ փոշի կը թափեն, նարտի մէջ կը խարդախեն ու տակաւի՛ն կը խաբեն: Կը խնդրեմ, պարո՛ն, ան ոսկիէ, բիւրեղէ եւ կարկեհանով շինուած է, ըսի: «Ուրկէ՞ բերիր զայն» հարցուց, ըսի լեռէն բերի, գլխու շարժումով հաւանութիւն տուաւ եւ չուզեց այլ հարցում հարցնել:

«Վստահ չեմ», ըսաւ ագարակապանը, եւ այդ պահուն էր որ անոր կինը միջամտեց, Աստուած հոգին լուսաւորէ, ու ապտակեց ամուսնոյն, որ մէկդի հրելով կինը` ըսաւ. «Երկու տիկ կաթ եւ ծրար մը հաց, կրնա՞ս կրել այս բոլորը»: Այո՛, այո՛, ըսի, կրնամ կրել այնքան ուտելիք, որ կու տաք ինծի: Ան երկու գառնուկի տիկ կաթ տուաւ, եւ բարձրացուց հացի ծրարը կռնակիս: Ամուսինէն գաղտագողի` կինը երկու տոպրակ արմաւ եւ չորցուած ծիրան աւելցուց եւ գլուխս համբուրեց:

Այդ գիշեր գիւղին մէջ մնացի, լաւ մը կերակրեցին զիս, եւ հաճելի էր խորունկ ու անհոգ քունը: Առաւօտուն ճամբայ ելայ դէպի լեռները` բարձրանալով տաքուկ միջավայրէն դէպի ցուրտ, վերադառնալով ձիւնին վրայով մութ անտառին մէջէն: Հաստատ քայլերով յառաջացայ, թէեւ կռնակս ու կոնքս կը ցաւէին: Քանի մը օրէն հասայ Մըհէյտսի, եւ սկսայ վազել ձիւներուն մէջէն դէպի քարաշէն մեր փոքր տունը: Մայրս պատուհանէն տեսնելով զիս` վազելով եկաւ ու խռպոտ ձայնով պոռաց. «Մուխլի՛ս, վա՜յ Մուխլիս վերադարձա՛ր»:

Մայրս գրկեց զիս, եա՜ ռապպի՛, զօրաւոր էր ան, եւ շալկեց զիս մինչեւ տուն` առանց իսկ նկատելու շալակիս վրայի կաթն ու պաշարը: Երբ կաթը տեսաւ, խլեց զայն շալակէս եւ քիչ-քիչ տուաւ Մաթիլին, եղբօրս` Մըլհեմին եւ մանուկ Լէյլային: Բայց կար կաթնկեր Ուատիհը… Մայրս խելացնոր կերպով տիկին ծայրը փոքր փայտէ մսուրին մէջ պառկած մանկիկին բերանը դնելով` սկսաւ քամել, ան շարունակեց քամել կաթը աչքերը լայն բացած, անշնչացած մանուկին բերնին, մինչեւ որ կաթը սկսաւ կաթկթիլ բերնէն դուրս, մինչեւ գետին…

Մամա՛, պոռացի, մի՛ շարունակեր, կաթը մի՛ վատներ… սակայն ան շարունակեց, մինչեւ որ տիկը խլեցի ձեռքերէն: Ան սեղմեց մանկիկին պաղած այտերը եւ ապա սկսաւ ճանկռտել քովի պատը, այո՛, եղունգներով ճանկռտել: Պահ մը ետք մսուրը լաթով մը ծածկեց»:

Մուխլիս գետին կը նայի, ապա` առաստաղին, ու հառաչելով կ՛ըսէ. «Բնաւ չճանչցայ զինք»: Ա՜խ ըսելով` ան դանդաղօրէն ոտքի կ՛ելլէ` «Երթանք, Ուարտէ»:

«Ո՛չ, ո՛չ»,- կ՛ըսէ Մաթիլ` վերացումէն սթափելով: – «Պէտք է մնաք` ընթրելու»:

«Չե՛նք կրնար: Պէտք է երթամ վարձք հաւաքելու»:

Սակայն Մաթիլի պնդումին տեղի տալով` կը մտնեն ճաշարան: Նստած ճաշարանի ձեղնաջահին տակ` լռութեամբ կը ճաշեն:

Մեկնելնէն ետք, «Լսեցի՞ր` ինչերէ անցանք»,- լալագին կ՛ըսէ Մաթիլ համբուրելով թոռնիկը: –  «Անկէ շատ աւելին կար…», ու հեկեկալով` կը բանայ հսկայ հորիզոնական սառցարանը, ըսելով. «Աւելի հացի պէտք ունինք, աւելի հաց»:

* Ծանօթ.- Պատմուածքը` Մուխլիսին բերնով, գաղթականի տկար, ու երբեմն թերի խօսակցական անգլերէնով ներկայացուած է, անոր համար կը նկատենք ընդհանրապէս կարճ նախադասութիւններ, փորձեցի միջին եզրով մը թարգմանել` օգտագործելով «Նայիրի» կայքէջի բառարանները (4):

14 Յուլիս 2017

————————–

(1) ‘The Chandelier”, “Imagining America”, Stories From The Promised Land, Edited by Wesley Brown & Amy Ling, Persea Books, New York, 8-th printing, 1991, Story by Gregory Orfalea. 1984. Էջ 325-334:

(2) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Mary_Haskell )

(3) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Great_Famine_of_Mount_Lebanon )

(4) ( http://www.nayiri.com/dictionaries.jsp?l=hy_LB )

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live