Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12102 articles
Browse latest View live

Ազրպէյճանի Կողմէ Վարձատրուող Գործակալները Ինչպէ՞ս Կը Չարաշահեն Ամերիկեան Լրատուական Միջոցները

$
0
0

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջին քանի մը տարիներուն տասնեակ յօդուածներ յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Եւրոպայի թերթերուն մէջ` շռայլօրէն փառաբանելով Ազրպէյճանը եւ խստօրէն քննադատելով Հայաստանը: Այս յօդուածներուն մեծ մասը գրած են ոչ ազրպէյճանցիներ, որոնք առատօրէն կը վարձատրուին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ:

Քէյսի Միշէլ անունով ամերիկացի մը քաջութիւնը ունեցած է բացայայտելու այս կեղծիքը` «Ազրպէյճանի կողմէ ամերիկեան լրատուական միջոցներու չարաշահումը» խորագիրը կրող ծաւալուն յօդուածի մը մէջ: Ան ընդարձակ հետազօտութիւն իրականացուցած է` ազրպէյճանամէտ հեղինակներէն մէկ քանին առնչելով Ազրպէյճանի լաւ ֆինանսաւորուող լոպիիստական գործունէութեան:

Փորձելով «մաքրուիլ բռնապետի կերպարէն` Իլհամ Ալիեւի բռնակալական կառավարութիւնը ասպարէզ հանած է իրականութիւնը չարափոխող մասնագէտներ, խաբուած լրագրողներ, աւելի քան որեւէ այլ կառավարութիւն, փորձելով խախտել ամերիկեան լոպիիստական օրէնքները», գրած է Միշէլ:

Նշեալ` պատուէրով գրողներէն քանի մը հոգին կը փառաբանէ Ազրպէյճանը եւ կը մոլորեցնէ հանրութիւնը` հանդէս գալով իբրեւ երրորդ անաչառ կողմ, որ առարկայականօրէն կը գնահատէ Ազրպէյճանին մէջ տիրող իրավիճակը: Մինչդեռ, իրականութեան մէջ այս գրողները կը գտնուին ազրպէյճանական վարչակարգին կամ անոր պետական քարիւղի ընկերութեան` ՍՈՔԱՐ-ի վճարման ցուցակին մէջ: Ահա` կարգ մը յստակ օրինակներ.

Նախկին քոնկրեսական Տեն Պերթըն, որ կը վարձատրուէր Ազրպէյճանի ամերիկեան դաշինքը ղեկավարելուն համար, առնուազն երեք սիւնակ գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Ուաշինկթըն Թայմզ» եւ «Տէյլի Քոլըր» թերթերուն մէջ այն մասին, թէ ի՛նչ հրաշալի երկիր է Ազրպէյճանը` առանց սակայն բացայայտելու, որ ինք Պաքուի վճարման ցուցակին մէջ է…: Բարեբախտաբար քոնկրեսական Պերթըն հրաժարած է իր աշխատանքէն, երբ Ազրպէյճան դադրած է իրեն վճարելէ…

Այնուհետեւ Միշէլ կը յիշատակէ ազրպէյճանամէտ քարոզչութեան առաւել բեղմնաւոր քարոզիչ Ճէյսըն Քացը` Ազրպէյճանի վարձած ամերիկեան լոպիիստական ընկերութեան` «Թուլ Շետ» խումբի հիմնադիրը: Քաց յօդուածներու ամբողջ շարք մը գրած է «Հաֆինկթըն փոսթ»-ի մէջ` փառաբանելով Ազրպէյճանի «ժողովրդավարութիւնը»` պնդելով, որ այդ երկիրը «յառաջադէմ, համաշխարհային, բաց, աշխարհիկ եւ արեւմտեան կողմնորոշում ունեցող հասարակութիւն է»:

Ի պատիւ իրեն` Քաց սկիզբը այդ յօդուածներուն մէջ բացայայտօրէն կը ներկայանար իբրեւ «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան աւագ խորհրդատու»: Սակայն, կարճ ժամանակ անց, ան սկսաւ թաքցնել իր յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ: 2013-ի վերջերը, փառաբանելով Ալիեւի վարչակարգը, Քաց գրեց առնուազն ինը յօդուած, որոնցմէ չորսը` «Ռոլ Քոլ»-ի, իսկ երեքը` «Տը Հիլ»-ի համար, այդ յօդուածներէն մէկուն մէջ յիմարաբար պնդելով, թէ` «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կրնան շատ բան սորվիլ Ազրպէյճանի պէս պետութենէ մը», կը հաղորդէ Միշէլ: 2014-ի սկիզբը Քաց վիրաւորական յօդուած մը գրեց նաեւ «Նեշընըլ Ռիվիու»-ի մէջ` «Հայաստանի կառավարութիւնը հաւասարեցնելով Թալիպանին»: Նշեալ ինը  յօդուածներուն մէջ Քաց չէ յիշատակած, որ իր ընկերութիւնը` «Թուլ Շետ» խումբը, կը վարձատրուի Ազրպէյճանի կողմէ…

Միշէլ շատ բան ըրած է բացայայտելու համար Քացը` կապուելով տարբեր հրատարակութիւններու հետ եւ տեղեակ պահելով զանոնք Քացի կատարողութեամբ` յօգուտ Ազրպէյճանի իրականացուող լոպիիստական աշխատանքներուն մասին: Այս հրատարակութիւններէն շատերը հետագային ճշդումներ աւելցուցին Քացի տպագրած յօդուածներուն մէջ` ընդգծելով, որ ան սերտօրէն կապուած է Ազրպէյճանի հետ:

Օրինակ, «Նեշընըլ Ռիվիու»-ն լսելէ ետք Միշէլը, նոր նշում մը կատարած է Քացի անուան տակ` բացայայտելով, որ Քաց օտարերկրեայ պետութիւններու, «ներառեալ Ազրպէյճանի կառավարութեան» խորհրդատուն է: «Հիլ» եւս աւելցուցած է խմբագիրին նշումը` Քացի անունէն ետք բացայայտելով, որ` «վերջինիս կը վճարեն Ազրպէյճանի ռազմավարական խորհրդատուութիւն տրամադրելուն համար: Այս նշումը աւելցուած է այն բանէն ետք, երբ «Հիլ»-ի ուշադրութեան ներկայացուած է Քացի` իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ արձանագրուելուն փաստը»:

Այս յօդուածները ոչ միայն Ազրպէյճանի նկատմամբ մոլորութեան մէջ կը ձգեն ամերիկեան ընթերցողները, այլեւ ազրպէյճանական մամուլին մէջ վերատպուելէ ետք լրացուցիչ վնաս կը պատճառեն` իբրեւ ամերիկացիներու կողմէ Ազրպէյճանի ուղղուած բարձր գնահատականի վկայութիւն…

Փոխելով մարտավարութիւնը, Քացի կինը` Մելորի Մոս, 2014-ի կէսերուն սկսաւ գրել նմանատիպ հակահայկական յօդուածներ` արցախեան հակամարտութեան մասին: Յօդուածներէն մէկը ան գրեց «Քափիթըլ Ուիքլի»-ի եւ երկուքը` «Հիլ»-ի համար` հիւանդապահուհիի անուան տակ: Միշէլ բացայայտեց, որ Մելորի Մոս իր իսկ անունով արձանագրած էր BakuWoman.com կայքը, որ վերստին արձանագրուած է Ճէյսըն Քացի անունով: «Մոսի անունով արձանագրուած կազմակերպութիւնը եղած է «Թուլ Շետ» խումբը», կը հաղորդէ Միշէլ: Մելորի Մոսի սիւնակները պէտք է ներկայացուէին Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան օտարերկրեայ գործակալներու արարքին ներքոյ: Երբ Միշէլ յայտնած է «Հիլ»-ն, որ Մելորի Մոս կապուած է Ճէյսըն Քացի եւ «Թուլ Շետ» խումբին հետ, «Հիլ» յօդուածին տակ աւելցուցած է խմբագիրին նշումը. «Այս սիւնակը ներկայացուցած էր ընկերութիւն մը, որ Ազրպէյճանի ռազմավարական խորհրդատուութիւն տրամադրելուն համար կը վարձատրուի: Նշումը աւելցուած է տեղեկատուութիւնը «Հիլ»-ի ուշադրութեան ներկայացուելէ ետք»:

Վերջապէս, Միշէլ կը նշէ փրոֆեսէօր Պրենթա Շաֆըրը, որ ազրպէյճանամէտ յօդուածներ գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթերուն մէջ: Երկու պարագային ալ ան չի նշեր, որ ինք եղած է Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութեան խորհրդական: Հետագային երկու թերթերն ալ հրապարակած են խմբագիրին նշումը` բացայայտելով անոր ֆինանսական յարաբերութիւնները ՍՈՔԱՐ-ի հետ…

Կան նաեւ շատ ուրիշներ, զորս Ազրպէյճան վարձած է արեւմտեան լրատուական միջոցներուն մէջ քարոզչական նիւթեր հրապարակելու նպատակով` «Կասպեան աւազակապետութեան» օգտին, այնպէս, ինչպէս որ Միշէլ կը նկարագրէ այդ երկիրը:  Ցաւօք, մենք չենք կրնար թուարկել այդ քարոզիչները` առանց Ազրպէյճանի կողմէ անոնց վարձատրումը բացայայտող հիմնաւոր ապացոյցներու…

 

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


Կաթիլային Ներարկումներ

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հրահանգով, լոզունգով, քարոզներով կամ որոշումներով կարելի չէ հայրենադարձութիւն իրականացնել:

Վերջին քսանհինգ տարիներու մեր հաւաքական փորձառութիւնն ալ կը վկայէ, որ մեծաթիւ ու միաժամանակ հայրենադարձութեան նոյնիսկ պատրաստ չենք ազգովին, նոյնի՛սկ` պետականօրէն:

Յամենայն դէպս, ի հեճուկս տարուէ տարի թափ ստացող արտագաղթին, «Դէպի երկիր» կարգախօսը կ՛աշխատի տարբեր ձեւերով, տարբեր դրսեւորումներով, որոնք եթէ նոյնիսկ ուղղակի ներգաղթի հոսք չեն ստեղծեր, ապա անոր ենթահողը պատրաստելու կը նպաստեն:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սփիւռքեան կառոյցներու, յատկապէս` երիտասարդական միութիւններու նախաձեռնութեամբ, տարիներէ ի վեր եւ ամէն տարի աւելի՛ մեծ թիւով տղաք ու աղջիկներ Հայաստան, Արցախ ու Ջաւախք կ՛երթան` մասնակցելու այս կամ այն ծրագիրին:

Նոյնպէս ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի համահայկական կառոյցները իրենց անդամները Հայաստան տանելու տարբեր ծրագիրներ կ՛իրականացնեն:

Նոյնը կ՛ընեն բարեգործական եւ հասարակական բազմաթիւ այլ միութիւններ ու կազմակերպութիւններ:

Նոյնը կ՛ընէ նաեւ պետութիւնը` սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի տուն»-ով, համահայկական համագումարներով ու խորհրդաժողովներով:

Այս բոլորը կաթիլ առ կաթիլ ներարկումներ են Հայաստան այցելողներու հոգիներուն մէջ` անոնց յուշելով, որ աշխարհի միակ տեղը, ուր իրենք հարազատ կը զգան հողին, ջուրին ու միջավայրին հետ, Հայաստան աշխարհն է:

Այս կաթիլային ներարկումները կը հզօրանան ամէն անգամ, երբ այցելութիւնները կրկնուին: Նոր ծանօթութիւններ, նոր բացայայտումներ աւելի կ՛ամրապնդեն «նորոգ» յայտնաբերուած հայրենի հողին ընտելացումը` «Դէպի երկիր» ճանապարհը աւելի մատչելի, աւելի հարթ դարձնելով այսօր, վաղը կամ մօտիկ ապագային:

Արտագաղթի հաշիւը շարունակ կը կարդանք մամուլէն, պաշտօնական եւ անպաշտօն աղբիւրներէ: Ներգաղթի մասին պատկերացում չունինք: Որքա՛ն ալ անհամեմատ քիչ ըլլայ այդ թիւը, անոր հոգեբանական ազդեցութիւնը պէտք չէ թերագնահատել: Յատկապէս օտար ափերու վրայ ծնած երիտասարդներու ներգաղթը (կան այդպիսի պարագաներու բազմաթիւ օրինակներ) կրնայ շատերու համար ներշնչման աղբիւր դառնալ:

Հայաստանի մէջ արդար համակարգի ստեղծումը անշո՛ւշտ կրնայ աւելի արագացնել այս ամբողջ գործընթացը:

 

 

Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Տարօնի Օրացոյցները

Ինչպէս` մեր մշակութային, մարզական ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները, հայրենակցական միութիւնները եւս կը սիրեն հրատարակել պատի ամէնամեայ օրացոյցներ: Ասիկա «գոյութեան» կամ «կենդանութեան» ապացոյց մըն է ոմանց համար, ուրիշներու դիտանկիւնէն` վարկի խնդիր, այլոց ըմբռնումով` պարզապէս նիւթական եկամուտի աղբիւր:

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան մասնաճիւղերն ալ, հինէն ի վեր, միշտ հրատարակած էին պատի օրացոյցներ:

Սակայն Տարօնի օրացոյցներուն հրատարակութիւնը, իբրեւ ձեռնարկ, անկիւնադարձ մը ապրեցաւ 2003 թուականին:

Այդ տարուան համար հայրենակցականի Հալէպի վարչութիւնն առաջարկեց ինծի պատրաստել վեց էջանի պատի օրացոյց մը` «պատշաճ բովանդակութեամբ», առանց երբեք ճշդելու այդ բովանդակութեան բնոյթը: Այլ խօսքով, ամէն ինչ ձգուած պիտի ըլլար իմ սեփական ճաշակին ու հայեցողութեան:

Ինչպիսի՞ նիւթերով կրնայի լեցնել օրացոյցին վեց էջերը, որպէսզի անոնք հետաքրքրութիւն ստեղծէին, նորութիւն մը բերէին, նաեւ ունենային ՄՆԱՅՈՒՆ արժէք մը: Իբրեւ սովորական տօնացոյց մը` տարուան աւարտին աղբաման չթափուէին, այլ գուրգուրանքով պահուէին գրադարանին մէջ:

Ինքնեկ մղումով մը յարմար դատեցի օրացոյցին վեց էջերուն վրայ ոգեկոչել հայ գիրի սպասարկու ՏԱՐՕՆՑԻ վեց մտաւորականներ, իւրաքանչիւրը առանձնաբար, կենսագրական նշմարներով, լուսանկարներով եւ լրացուցիչ ծանօթագրութիւններով: Ուրեմն այդ վեց դէմքերն եղան` Կարօ Սասունի, Հայկ Ասատրեան, Եդուարդ Տարօնեան, Սահակ վրդ. Տէր Մովսէսեան, Սիմոն Սիմոնեան եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Երբ կը տպուէր օրացուցային իմ այս անդրանիկ փորձը ու գոհունակութիւն կ՛առթէր բոլորին (օրացոյցը որդեգրուած էր Լոս Անճելըսի ու Պէյրութի մասնաճիւղերուն կողմէ եւս), ես բնաւ գաղափար չունէի, թէ առնուած այս քայլը որքա՜ն հեռուները պիտի տանէր զիս…

Ձեռնարկը կրկնուեցաւ յաջորդ տարի` վեց նոր դէմքերով: Այս անգամ ի մի խմբած էի պատմիչ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնցին, աստուածաբան Պօղոս Տարօնցին, տաղերգու Մկրտիչ Նաղաշը, Պոլսէն` պատմուածագիր Արփիար Տէր Մարգարեանն ու մտաւորական տոքթ. Պաղտասար Մանուէլեանը եւ Լիբանանէն` մատենագէտ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը:

Երբ երրորդ տարուան (2005) օրացոյցն ալ հրապարակ հանուեցաւ նոյնաբնոյթ ու նոյնաձեւ բովանդակութեամբ, ա՛լ վստահ էի, որ այս աշխատանքը ինքնաբերաբար վերածուած էր հեռահաս ծրագրի մը, որ էր` տարօնցի գիրի ու մշակոյթի սպասարկուներու յուշամատեանի մը դանդաղագնաց պատրաստութիւնը:

Սկսուած կամաւոր գործը ամէն տարի շարունակուեցաւ անխափան, նոյնիսկ` Հալէպի պատերազմի թէժ ու աննպաստ մթնոլորտին մէջ, միշտ օրացոյցը զարդարելով նորանոր անուններով, որոնցմէ շատեր` բոլորովին անծանօթ:

Անուններ` ոսկեդարու փաղանգէն (Մեսրոպ Մաշտոց, Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ, Յովհան Մանդակունի կաթողիկոս), անուններ` միջին դարերէն (Եսայի Նչեցի, Ներսէս Մշեցի, Գրիգոր Տաթեւացի, Խաչատուր Տարօնցի, Թովմա Մեծոփեցի, Առաքել Բաղիշեցի), անուններ` վերջին հարիւր տարուան մեր արժէքներէն (Մշոյ Գեղամ, Ուիլիըմ Սարոյեան, Գէորգ Աճեմեան, Աբրահամ Ալիքեան), անուններ` Հայաստանէն (Խաչիկ Դաշտենց, Վաղարշակ Նորենց, Սողոմոն Տարօնցի, Մուշեղ Գալշոյեան, Վարդան Գրիգորեան, Վրէժ Իսրայէլեան) եւ այլն, եւ այլն:

Ընթացիկ 2017 թուականի օրացոյցը շարքին 15-րդն էր: Սա կը նշանակէ, որ ցարդ հաւաքուած ու խմբագրուած էր 90 դէմքի կենսագրութիւն: Պատկառելի թիւ մըն է այս, որ հակամէտ է դիւրաւ աւելնալու, քանի Տարօնի աշխարհը չպեղուած հանք մըն է, ու անոր սփռած մշակութային արժէքները որակով ու քանակով անմրցելի կը մնան` Հայաստանի միւս նահանգներուն հետ յարաբերաբար:

Աւելորդ չէ նշել, որ տասնհինգ տարիէ իվեր Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան օրացոյցներուն վրայ տողանցող երախտարժան դէմքերէն գրեթէ ո՛չ մէկը (աննշան բացառութիւններով) յիշատակուած կամ ներկայացուած է Կարօ Սասունիի  պատմագրքին մէջ:

Կենսագրութիւններուն մեծամասնութիւնը արդիւնք է բանասիրական պրպտումներու եւ անդուլ հետազօտութիւններու:

Զանոնք պատրաստելու ընթացքին անձնատուր եղած եմ երկու հակասական զգացումներու. երջանկացած եմ նոր անուններու յայտնաբերումին դիմաց, հպարտացած եմ անոնցմով, միւս կողմէ ալ խո՛րապէս տխրած ու տառապած եմ` մտածելով որ այս անուները իրենց շառաւիղներն ու արժանաւոր յաջորդները չունեցան մեր օրերուն: Աւա՜ղ…

Տարօն Եւ Տուրուբերան

Քանի որ խօսեցանք Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական Միութեան մասին, ուրեմն պատշաճ է, որ պահ մը կանգ առնենք նաեւ սա «Տարօն» եւ «Տուրուբերան» անուններուն վրայ, որոնց մասին մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը գրեթէ ոչի՛նչ գիտէ:

Սկսինք Տուրուբերանէն:

Տուրուբերանը Մեծ Հայքի (այսինքն` պատմական հին Հայաստանի) 15 նահանգներէն մէկն էր: Նաեւ` ամէնէն ընդարձակներէն մէկը, բաղկացած` 16 գաւառներէ. Խոյթ, Ասպակունիք, Տարօն, Արշամունիք, Մարդաղի, Դասնաւորք, Տուարածատափ,Դալառ, Հարք, Վարաժնունիք, Բզնունիք, Երեւարք, Աղիովիտ, Ապահունիք, Կորի եւ Խորխոռունիք: Տուրուբերանի գլխաւոր քաղաքներն էին` Մուշը, Պիթլիսը, Խլաթը, Արճէշն ու Մանազկերտը: Անիկա օրրանն էր Մամիկոնեան նախարարական հայրենասէր տոհմին:

Իսկ Տարօնը, ինչպէս տեսնուեցաւ արդէն, Տուրուբերան նահանգի վերոնշեալ 16 գաւառներէն մէկուն անունն էր պարզապէս:

Բայց այս անունը` Տարօն, դարերու ընթացքին, հետզհետէ զգեցաւ նոր բնոյթ ու աշխարհագրական աւելի լայն հասկացողութիւն: Տուրուբերան նահանգի տարածութեան խոշոր մէկ մասը սկսաւ կոչուիլ Տարօնի աշխարհ, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէր Սասունէն մինչեւ Խնուս ու Վարդօ, Մշոյ դաշտէն մինչեւ Պուլանըխ ու Մանազկերտ, Սղերդէն մինչեւ Դատուան ու Խլաթ երկարող աշխարհագրական գօտիները: Այլ խօսքով, գաւառը իր անունը տուաւ բովանդակ նահանգին:

Այստեղ, հետաքրքրական է Սասունի պարագան: Տարօն աշխարհին այս մեծ գիւղախումբը, որ Խորենացիի «Աշխարհացոյց»-ին մէջ կը կոչուի Սանասունք, մաս չէր կազմեր Տուրուբերանին, այլ կ՛իյնար անոր հարաւը գտնուող Աղձնիք նահանգին մէջ` որպէս անոր տասնմէկ գաւառներէն մին: Բայց աշխարհագրական հետագայ մերձեցումներով Սասունը շաղկապուեցաւ Տարօն աշխարհին ու դարձաւ անոր անանջատելի միաւորը, բաբախող սի՛րտը:

Տարօն աշխարհին նիւթական եւ աննիւթական հարստութիւնները անհաշուելի են:

Միշտ մտածեր եմ, թէ որքա՜ն լաւ ըրեր են մեր երէցները` իրենց հայրենակցական միութիւնը կոչելով «Տարօն-Տուրուբերան»: Զմայլելի է մանաւա՛նդ սա «Տուրուբերան» բառը, որ մեզի կը յուշէ Մեծ Հայքը ու կարծէք անզգալաբար մեր մտքերուն մէջ արթո՛ւն կ՛ուզէ պահել հին ու փառաւոր Հայաստանի մը երազը…

Նո՛յն է պարագան Վասպուրականի հայրենակցական միութեան ալ (առ այսօր գործօն` Ամերիկա ու Ֆրանսա), որ իր կարգին` կը փորձէ անմար պահել Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգին պատմական անունն ու թանկագին յիշատակը:

Հինէն եկող այս նուիրական անունները սոսկ տեղանուններ չե՛ն: Անոնք պատմութիւն են, քաղաքակրթութիւն, ժառանգութիւն, ազգային հպարտութիւն եւ դեռ շա՜տ բան:

(Շար. 4)

Լաւ Ուղեկից Ունենալու Եւ Կամ Փիլիսոփայ Դառնալու Երկընտրանքի Միջակայքում

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Հայ-ռուսական փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս յայտնի է, դարաւոր պատմութիւն ունեն:  Հայոց պատմագրութեան, հրապարակախօսութեան եւ, մանաւանդ, գեղարուեստական գրականութեան մէջ, որպէս հաստատուն ճշմարտութիւն, այն ընդունուած է բնորոշել ոչ այլ կերպ, քան` երկու ժողովուրդների անխախտ բարեկամութիւն, որ քանիցս դիմացել է պատմութեան փորձութիւններին: «Օրհնուի՛ էն սհաթը, որ ռսի օրհնած ոտը Հայոց լիս աշխարհը մտաւ ու ղզլբաշի անիծած, չար շունչը մեր երկրիցը հալածեց»: Ահա արդէն գրեթէ երկու դար է, ինչ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպից քաղուած այս արտայայտութիւնը  կարծես թէ անփոխարինելի նշանաբան է դարձած ռուս ժողովրդի, ռուսական պետութեան նկատմամբ մեր անսահման երախտագիտութեան, մեր խոր հաւատի, մեր լուսաշող սիրոյ ու յոյսի համար: Հետեւելով հայ մեծ լուսաւորչի օրինակին` մենք այսօր էլ շարունակում  ենք նոյն ռոմանթիք սիրով յարաբերուել մեր «մեծ եղբօր» հետ` աբովեանական  միամտութեամբ չտարբերակելով, նոյնականացնելով ռուս ժողովրդին եւ ռուսական պետութեանը` լինի ցարիզմի օրօք, պոլշեւիկների ժամանակ, թէ յետխորհրդային շրջանի համատարած անկախութեան յաղթարշաւի տասնամեակներում: Ընդ որում, այն աստիճան կոյր ու անվերապահ է այդ սէրը, որ մենք, նախ, չենք էլ նկատում, իսկ գուցէ եւ գիտակցաբար նկատելու չենք տալիս, որ «անխախտ բարեկամութեան» այդ ողջ ժամանակաշրջանում մշտապէս միաձայն է հնչում եղբայրական սիրոյ այդ ձօներգը, այսինքն հնչում է միայն մեր կատարմամբ, իսկ ռուսական կողմն ընդամէնը բաւականութեամբ ծպծպացնում  է շրթունքները: Այն էլ` ստեպ-ստեպ, որոշակի տեւական պարբերականութեամբ, որ ինքներս մեզ մեծահոգաբար բացատրում ենք «մեծ ախպոր մեծ-մեծ» գործերով, այսինքն` ինչպէս վայել է գերտէրութեանը, աշխարհաքաղաքական խնդիրներով նրա զբաղուածութեամբ եւ, բնականաբար, հայերիս հետ սիրային երգեցողութեամբ  զբաղուելու համար հարկ եղած ժամանակի սղութեամբ, եթէ ոչ` առհասարակ բացակայութեամբ:

Մենք չենք էլ մտածում, թէ ինչո՛ւ հայ նոր գրականութեան հիմնադրի «օրհնուին» այդպէս էլ գէթ մէկ անգամ չհնչեց ռուս մեծերի, թէկուզ հէնց Աբովեանի ժամանակակիցների շուրթերից` որպէս հայ ժողովրդի նկատմամբ փոխադարձ սիրոյ արձագանգ: Հնարաւոր է, չէ՞, ասենք` Պուշկինը օրհնէր «էն սհաթը», երբ իր հայրենակիցների եւ անձամբ իր ոտը  մտաւ «Հայոց լիս աշխարհ» եւ երջանիկ առիթն ունեցաւ շփուելու, ճանաչելու  ու նաեւ սիրելու օտար լծի տակ թէկուզ դարեր ի վեր ճնշուած, տառապած, բայց հին ու հարուստ քաղաքակրթութեան տէր եւ իր նախնեաց նման մշտապէս հպարտ հայ ժողովրդին: Է՜հ, Աստուած իր հետ, մենք, այնուամենայնիւ, շարունակում ենք սիրել ռուս ժամանակակից գրականութեան հանճարին` Ալեքսանդր Պուշկինին  ու սերունդներին աւանդած նրա ստեղծագործական գոհարները:

Ինչ որ է: Պարզապէս նշեմ, որ դարերի ընթացքում այդ «փոխադարձ եղբայրական սիրոյ» հեռանկարով յուսավառ մեր ժողովրդի երեւի թէ մէկ սերնդի չէ այն խոր հիասթափութեան ու մտահոգութեան, մեղմ ասած` մտածելու, փիլիսոփայելու տեղիք տալիս: Եւ ահա ազգովի դարեր ի վեր փիլիսոփայում ենք` այդ ինչպէ՞ս պատահեց, ինչո՞ւ, ե՞րբ էր առաջին անգամ: Թէ ե՛րբ էր առաջին անգամ` թողնենք մի կողմ: Կարծում եմ` հարկ չէ աւելորդ անգամ անդրադարձ կատարել պատմութեանը: Քաջատեղեակ ենք բոլորս էլ: Հայեացքներս յառենք ներկային: Իսկ ներկան այդպիսին է:

Նորանկախ Հայաստանը եւ Ռուսաստանը բարեկամական երկրներ են: Աւելի՛ն. ռազմավարական գրծընկերներ`  Անկախ պետութիւնների համագործակցութիւն, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն,  Եւրասիական տնտեսական միութիւն, հիմնադիր անդամների կարգավիճակով: Այլ կերպ ասած` մէկ  միասնական ընտանիքի ուխտեալ անդամներ: Թւում է, թէ դա այն հզօր ուժն է, որ անդամ երկրներից իւրաքանչիւրի գլխին «դամոկլեան սուր» կախուելու դէպքում ի վիճակի է հաւաքական բռնցքի զօրութեամբ հարուած հասցնել չարակամի գլխին` գոնէ սաստելու միտումով:

Բայց, արդեօք, այդպէ՞ս է իրականում: Պարզւում է` ամենեւին: Ահա, խնդրեմ. մեր ռազմավարական գործընկերը  շարունակաբար զինում է Ազրպէյճանին` Հայաստանի երդուեալ թշնամուն,` պարբերաբար մատակարարելով գերարդիական հարուածային զինատեսակներ: Ըստ էութեան, ազրպէյճանական բանակի յարձակողական սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերի զինապաշարը 80-90 տոկոսով համալրուած է խորհրդային-ռուսական արտադրանքով: Ազրպէյճանն այդ ամէնը մշտապէս  կիրառում է ռուս ժողովրդի դարեր ի վեր հաւատարիմ բարեկամ  հայ ժողովրդի դէմ` լինի Հայաստանում, թէ Արցախում, պատճառելով մարդկային ու նիւթական զգալի կորուստներ:  Թէ ինչո՞ւ, պարզւում է` պիզնես է, առեւտուր, առաջարկի եւ պահանջի խնդիր: Եթէ Մոսկուան չվաճառէր, Պաքուն կարող էր նոյն այդ կամ դրանց համարժէք զինատեսակները գնել մէկ այլ երկրից: Փա՛ռք Աստծոյ, նաւթատոլարներ Ազրպէյճանում դեռ կան, իսկ ռուսական զէնքը, ի վերջոյ, ափսոս է թողնել անձրեւի տակ, փչանում է: Յամենայն դէպս, այդպէս լկտիաբար  արդարանում է փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինը`  Ռուսաստանի կառավարութիւնում ռազմաարդիւնաբերական համալիրի գլխաւոր պատասխանատուն:

Այդ` բառիս բուն իմաստով անբարոյական առք ու վաճառքի հետեւանք էր հէնց անցեալ տարուայ ապրիլին, այսպէս ասած, քառօրեայ պատերազմը, որ Ազրպէյճանը սանձազերծել էր Արցախի Հանրապետութեան դէմ եւ, քանի որ Արցախի հայութեան անվտանգութեան միջազգային միակ երաշխաւորը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, հետեւապէս եւ` Հայաստանի դէմ:  Գաղտնիք չէ, որ այդ կարճատեւ պատերազմի օրերին ազրպէյճանական զինուժը կիրառում էր հիմնականում  Ռուսաստանից գնած (ստացած` միեւնոյնն է) հեռահար սպառազինութիւնը, որը Մոսկուան, հնարաւոր է, երկկողմ պայմանաւորուածութեամբ, կարծես թէ փորձարկում էր արցախեան ռազմաճակատում: Աւելի՛ն. մի շարք միջազգային վերլուծաբանների եզրայանգմամբ, Պաքուն հազիւ թէ դիմէր նման արկածախնդրութեան, եթէ նախապէս չստանար տարածաշրջանային տէրութիւնների, մասնաւորապէս` Թուրքիայի եւ, այո, Ռուսաստանի «բարին», այսինքն` թոյլտուութիւնը: Եւ եթէ Թուրքիայի առնչութեամբ դա միանգամայն սպասելի ու հասկանալի է, ապա Ռուսաստանի պարագայում ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` բարեկամի, հարազատի, եղբօր կամ, միով բանիւ ասած` ռազմավարական գործընկերոջ ուխտադրուժութիւն: Այդ եզրայանգմանը զարմանալի, իսկ գուցէ եւ օրինաչափ, տրամաբանական զուգադիպութեամբ ստացուեց այնպէս, որ խայտառակ ձախողում կրելով իր այդ լայնածաւալ արկածախնդրութեան մէջ եւ փորձելով խուսափել լիակատար պարտութեան հեռանկարից` Պաքուն ստիպուած էր դիմել ոչ թէ Անգարային, այլ` հէնց Մոսկուային, խնդրելով վերջինիս միջամտութիւնը եւ յորդորը Հայաստանին` դադարեցնելու հայկական բանակի սկիզբ առած հուժկու հակայարձակ գործողութիւնը: Մոսկուան, ի հարկէ, չյապաղեց, այսպէս ասած, «մատ թափ տալ» իր մերձաւոր բարեկամի վրայ, եւ Երեւանը ստիպուած էր զսպել զօրքերի առաջխաղացումը: Ի վերջոյ, «աւագ եղբօր» խնդրանք էր, որ ինչ-որ տեղ հաւասարազօր էր հրահանգի: Մանաւանդ  Մոսկուան, ի լրումն իր յորդորանքի, Երեւանին խոստացել էր արագացնել համարժէք ռուսական սպառազինութեան մատակարարման գործընթացը, որը, պարզւում է, «հայկական կողմի մեղքով» մի առ ժամանակ կանգ էր առել, քանի որ պարզւում է` Հայաստանի համապատասխան մարմիններն իբր թէ զլացել են  ժամանակին ներկայացնել ռուսական 200 միլիոն վարկի սահմաններում նոր զինատեսակների առքի վերաբերեալ հարկ եղած փաստաթղթերը, կամ աւելի ճիշդ` փաստաթղթերի այդ փաթեթի ուղեկից նամակը: Թւում է, թէ աննշան մանրուք է, բայց պարզւում է` ահռելի նշանակութիւն ունի Ռուսաստանի պետական կառավարման դիւանակալական խոհանոցում: Կարելի է, ի հարկէ, կատակ համարել ասուածը, եթէ այդքան տխուր, առաւել եւս` եթէ այդ աստիճան ողբերգական  չլինէին հետեւանքները: Իսկ ապրիլեան մարտերի ժամանակ, ինչպէս գիտենք, հայ խիզախ դիրքապահները մեծաւմասամբ զոհուել են հէնց ռուսական արտադրութեան հարուածային զինատեսակների  հեռահար գնդակոծութեան հետեւանքով:

Հայաստանը, ինչ խօսք, ինչպէս խոստացել էր Մոսկուան, արագացուած թափով ստացաւ հարկ եղած սպառազինութիւնը, այդ թւում, առանձնապէս, մարտավարական «Իսքանտեր» հրթիռային կայանքները, որոնց առկայութիւնը հայկական զինուժում խոր տագնապ է առաջ բերել Պաքւում: Բայց դա, իհարկէ,  չի նշանակում, թէ Մոսկուան դադարեցրել է արդիական զինատեսակների վաճառքը Պաքուին: Ինչպէս յայտնի է լրահոսից, վերջերս Ռուսաստանից ռազմական մեքենաների հերթական խմբաքանակ է հասել Ազրպէյճան: Այսինքն Մոսկուան շարունակում է զինել իր ռազմավարական գործընկերոջ` Հայաստանի թշնամուն: Այս անգամ, հետաքրքիր է, ի՞նչ պատճառաբանութեամբ: Պարզւում է, ինչպէս Քրեմլինից են պարզաբանում, նախ` հակամարտ կողմերի միջեւ զինական հաւասարակշռութիւն ստեղծելու համար: Այսինքն` որպէսզի նոր պատերազմի դէպքում  կողմերից ոչ մէկը զինական գերակշռութիւն չունենայ եւ այդ իսկ միջոցով` չյաղթի միւսին: Դարձեալ այսինքն` զէնքը երկուսիդ էլ ինչքան պէտք է, հաւասարաչափ տուել եմ, կռուէք, կոտորէք իրար, որքան կ՛ուզէք, դա ձեր խնդիրն է: Եթէ այդ մասին Քրեմլինից  չեն բարձրաձայնում, քանզի դա վայել չէ ազրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորմանը կոչուած  ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի «արդարադատ» համանախագահ պետութեանը, ապա դա էական չէ:

Կան այլ մերձիշխանական խօսափողեր, որոնք բացայայտ դրան են կոչում հակամարտ կողմերին: Անշուշտ պատահական չէին ռուսաստանցի յայտնի քաղաքական, հասարակական գործիչ, լրագրող եւ հրապարակախօս Ալեքսանտր Պրոխանովի այցը եւ մի շարք հանդիպումները Պաքւում, առանձնապէս, նրա սադրիչ յայտարարութիւնները:  «այդ խնդիրը կարող էր լուծուել 2016թ. ապրիլին, երբ ձեր զօրքերը գրոհի անցան եւ սկսեցին «վերադարձնել տարածքները», Ազրպէյճանը կարող էր «վերադարձնել» Ղարաբաղը: Բայց յետոյ նրանք կանգ առան, ինչպէս ասում են, Մոսկուայի միջամտութեան շնորհիւ: Եւ իրավիճակը մնաց չլուծուած»,- ասել է նա` յաւելելով. «Ազրպէյճանական բանակը հզօր է, այն մարտական ոգի է ձեռք բերել: Բայց խաղաղ գործընթացները շատ երկարատեւ են լինելու»: Այսինքն այդքան երկար սպասելու իմաստ չկայ: Իր հերթին` ռուսաստանցի վերլուծաբան Վեաչեսլաւ Միխայլովը, ինչպէս տեղեկանում ենք Պաքուի haqqin.az իշխանամէտ լրատուական կայքից, իր մի յօդուածում Հայաստանին կոչ է անում դիմել աւելի վճռական քայլերի, առանձնապէս`  ղարաբաղեան հակամարտութեան ռազմական կտրուածքում:

Ազրպէյճանին սպառազինութեան նոր վաճառքը հետապնդում է պարզապէս մարդասիրական նպատակ: Այո՛, հէնց այդպէս էլ ասում են Մոսկուայում: Այսինքն կարելի է այսպէս հասկանալ.  իր տողատակում դա Պաքուի նկատմամբ Մոսկուայի կողմից վերահսկողութիւն հաստատելու եւ այդպիսով իսկ ճնշում գործադրելու խնդիր է պարունակում, որի արդիւնքում Ազրպէյճանը չի համարձակուի զէնք հանել Ռուսաստանի ռազմավարական գործընկերոջ, այսինքն` Հայաստանի վրայ: Արձանագրենք` սա էլ մի հերթական լկտիութիւն է, եթէ ոչ, չխուսափեմ բնորոշումից, փողոցայինի  պահուածք:

Բայց, լա՛ւ, ո՞րն է Մոսկուայի ռազմավարական նպատակն այդ գործարքներում: Փորձագէտների տեսակէտով, տնտեսական կտրուածքում` ազրպէյճանական նաւթը տնօրինելու գայթակղութիւնն է` այդպիսով Պաքուին համաշխարհային ուժանիւթային շուկայում գոյութիւն ունեցող ու սրուող մրցապայքարում չէզոքացնելու համար: Իսկ քաղաքական կտրուածքում` Պաքուի սիրտն այդպիսով իսկ շահելու խնդիրը, որպէսզի նա նոյնպէս անդամագրուի Եւրասիական տնտեսական միութեանը, մանաւանդ որ այդ անդամակցութեանը քիչ է ասել` դէմ չեն, ընդհակառակը, այն ողջունում են այդ կառոյցի հիմնադիր անդամներից առնուազն երկուսը` Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը, որոնք իրենց հերթին ամէն կերպ յորդորում են Իլհամ Ալիեւին` քարը փէշից թափել եւ ընդհանուր տանը սեղան նստել իրենց հետ միասին: Երեւի թէ, անկախ այդ կազմակերպութեան կանոնադրական պահանջներից, նրանց համար այնքան էլ էական չէ Հայաստանի` որպէս հիմնադիր անդամի, դիրքորոշումն այդ հարցում:

Բայց, արդեօք, դա այդպե՞ս է: Արդեօք Երեւանն ի զօրո՞ւ չէ իր վճռական «ոչ»-ն ասել:  Ի վերջոյ, ամէն անգամ, երբ յայտնի է դառնում Ռուսաստանի կողմից Ազրպէյճանին զէնքի հերթական մատակարարման մասին, Հայաստանում աշխուժանում են խօսակցութիւնները, թէ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններն իրականում ոչ այլ ինչ են, եթէ ոչ` ցանկալին իրականութեան տեղ մատուցելու փորձ, որի հիմքում, սակայն, ոչ մի շօշափելի փաստարկ ընկած չէ: Անշուշտ կարելի է համաձայնել վերլուծաբանների հետ, որ ինչքան էլ ենթակայական բնոյթ կրեն նման նկատառումները, որոնք կոչուած են սրելու հակառուսական տրամադրութիւնները Հայաստանում, այնուամենայնիւ, ցանկացած դէպքում, Ռուսաստան-Ազրպէյճան ռազմական համագործակցութիւնը չի կարող ցաւոտ չընդունուել, որքան էլ այն կրի քիչ թէ շատ սահմանափակ բնոյթ:

Լա՛ւ, իսկ ի՞նչ են մտածում այդ առնչութեամբ Հայաստանի իշխանական շրջանակները: Կարծում եմ` այս առումով ուշագրաւ է Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի յայտարարութիւնը, որ նա արել է`  արձագանգելով Ռուսաստանի կողմից Պաքուին զէնքի նոր խմբաքանակի վերջին մատակարարմանը, եւ որը, իրօք, բաւական խորքային շերտեր է պարունակում, ուղերձներ` ուղղուած յատկապէս Ռուսաստանին: Փոխնախարարը, ըստ էութեան, բաւական կոշտ է արձագանգել այդ փաստին եւ ասել հետեւեալը. «ելնելով այդ իրողութիւնից` մենք պէտք է կառուցենք մեր արտաքին քաղաքականութիւնը թէ՛ ՌԴ-ի, թէ՛ այլ գործընկերների հետ»: Այլ կերպ ասած` ոչ միայն Ռուսաստան-Հայաստան, այլեւ Հայաստան-աշխարհ հետագայ յարաբերութիւնները պէտք է պայմանաւորել Ռուսաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնների բնոյթով: Այսինքն`  մի պարագայում, երբ Արեւմուտքն ամէն կերպ փորձում է իրեն մատուցել որպէս Ռուսաստանին իրական այլընտրանք Հայաստանի համար, իսկ Անդրկովկասն էլ Ռուսաստանի համար հետզհետէ սկսում է իւրատեսակ թակարդի վերածուել,  հետեւապէս Հայաստանը ճարահատեալ կարող է այլընտրանքի դիմել: Ի վերջոյ, ի՞նչ է, այնուամենայնիւ, ակնկալում Հայաստանը Ռուսաստանից:

Պարզւում է` ընդամէնը մէկ բան` ազնիւ վերաբերմունք, բաց խաղ, երկակի չափանիշներից հրաժարում ռազմավարական գործընկերութեան մէջ, դադարեցնել երկու աթոռի վրայ միաժամանակ նստելու կամ, այլ կերպ ասած, մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ բռնելու  անհեռանկար փորձերը, մի կողմից ընդունելով հայ-ռուսական միացեալ զօրք ստեղծելու մասին համաձայնագիր, միւս կողմից, սակայն, զինելով Ազրպէյճանին: Այլ կերպ ասած` եթէ Ռուսաստանն անկեղծօրէն շահագրգիռ է Հայաստանի հետ ռազմավարական դաշնակցութեան խնդրում, ուրեմն պարտաւոր է հրաժարուել Ազրպէյճանի հետ հակահայկական բնոյթ կրող ծեքծեքումներից. հակառակ պարագայում` սեփական արտաքին քաղաքականութիւնը կառուցելիս Երեւանը չի վարանի այլընտրանքային ուղիներ փնտռել` միեւնոյն ժամանակ չայրելով Ռուսաստանի հետ իր «եղբայրական-դաշնակցային» կամուրջները: Ի վերջոյ, դժուար չէ կռահել, որ  այս ողջ աշխարհաքաղաքական խաղի մէջ հիմնական տուժող կողմ դառնալու է Ռուսաստանը:

Մենք` հայերս,  մեր ազգային ճակատագիրը հիմնականում, եթէ ոչ-բացառապէս, կապել ենք ռուս ժողովրդի եւ ռուսական պետութեան հետ, բայց, աւա՜ղ, ստացուել է այնպէս, ինչպէս նեկայացուած է Սոկրատէսի յայտնի ասոյթում: Եթէ թոյլ տրուի փոքր-ինչ վերափոխել Հին Յունաստանի մեծ մտածողի բացառապէս ամուսնութեան խնդրին վերաբերող այդ ասոյթը, ապա այն կը ստանայ հետեւեալ տեսքը. «Ճամբայ ելիր (ամուսնացիր)` ինչ էլ լինի: Եթէ լաւ ուղեկից (կին) հանդիպի, կը լինես բացառութիւն, իսկ եթէ վատը`  կը դառնաս փիլիսոփայ»:

Արցախ

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Կրոնիքան

$
0
0

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

– Վերոնիքա՞:

–  Ո՛չ, Կը-րո-նի-քա,-իր անունը վանկատեց պանդոկի սենեկակիցս, որ եկած էր Պուլկարիայէն Երեւան`մասնակցելու «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի հայ ազգագրական երգի ու պարի դասընթացքին: Կրոնիքան կտրտուած ու ծանր հայերէն կը խօսէր, բայց ուշագրաւ էր իր ճիգը, որ անպայման իր միտքը հայերէնով արտայայտէ, անկարելի ըլլալու պարագային  միայն կը դիմէր անգլերէնին:

Կրոնիքային առաջին այցելութիւնն էր Երեւան: Խտացուած դասընթացքի կողքին, ամէն օր բան մը կը բացայայտէր Երեւանէն ու գիշերը սենեակ կը մտնէր խանդավառ ու մանրամասն կը պատմէր այցելած թանգարանին, վանքին, եկեղեցիին մասին: Իրեն համար ամէն ինչ գեղեցիկ էր. հմայուած էր իր շուրջը տեսած ամէն բանով` ջուրով, քարով, հացով, պտուղով, ծիրանով… ամէն ինչի մէջ ո՛չ միայն կատարեալ հաճոյք ու գեղեցկութիւն կը տեսնէր, այլ նաեւ կը յանձնէր զանոնք շուրջիններու ուշադրութեան:

– Ես Գաւաֆեան եմ, շատ փնտռած եմ այլ Գաւաֆեաններ, բայց չեմ գտած,- օր մը տխուր յարեց Կրոնիքան:

– Բայց գիտե՞ս, աւելի լաւ սկսար խօսիլ հայերէն:

– Այո՛, կը զգամ,- գոհունակութեամբ մը փայլեցան աչքերը ընկերուհիիս եւ ուրախութենէն ծափելու սկսաւ:

Գիշեր մըն ալ ներս մտաւ աշխուժ ու ըսաւ.

– Տե՛ս` ինչ գնեցի,- երկարեց ձեռքը ու ափիս մէջ դրաւ տախտակէ տուփ մը:

Ի՜նչ տեսնեմ, Այբուբենը կազմելու ձեւաւորուած տախտակներ:

– Ասով այբուբենը պիտի սորվիմ,- ուրախութեամբ բացագանչեց:

Հանդարտ օր մը ալ մայրենի լեզուի կարեւորութեան մասին նիւթ սկսաւ դառնալ երկուքիս ու Յունաստանէն ժամանած մեզի տարեկից մասնակիցի մը միջեւ. վերջինս զուարթ ձայնով մը սկսաւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան տողերը արտասանել: Սովորականին պէս ցատկեց Կրոնիքան, թուղթ ու մատիտ բերաւ ու սկսաւ գրել: Մենք` երկուքով, արտասանեցինք կտորը, իսկ Կրոնիքան արտագրեց պուլկարերէն տառերով ու ապա բարձրաձայն սկսաւ կարդալ:

Փշաքաղուեցաւ մարմինս… չէի ապրած այսքան ազդու պահ, երբ մարդ օրէ օր կառչի իր լեզուին: Շատ լսած եմ` «վերադարձ արմատներուն», «ինքնութեան փնտռտուք» արտայայտութիւնները, բայց չէր պատահած, որ տեսնեմ աչքերովս եւ ուղղակի ապրիմ այդ վիճակը:

Դասընթացքը աւարտած էր,  եւ վկայագրերու բաշխման օրն էր: Կրոնիքիան բոլորին պէս հագած էր իր հետ բերած հայկական տարազը եւ հպարտ կանգնած էր շարքի` վկայագիրը ստանալու:

Յանկարծ անունը արտասանուեցաւ, որ առաջ անցնի, որովհետեւ իրեն անակնկալ մը կը սպասէր: Ի՜նչ զարմանք, յայտարարուեցաւ, որ բացայայտուած է Կրոնիքային ինքութիւնը: Յայտարարուեցաւ, որ ան կը պատկանի ֆետայի Քեռիի սերունդին: Յուզուեցաւ Կրոնիքան եւ յուզեց ողջ դահլիճը: Ուրախութեան արցունքները ծածկեցին դէմքը, վերջապէս գտած էր զինք անորոշ պահող հարցին պատասխանը:

Նման դէպքեր նորութիւն չեն մեր կեանքին մէջ. ամէն օր կը պատահին, բայց գէթ առիթ կու տան մտածելու, որ եթէ հայեր աշխարհի մէջ տեղ մը արցունքոտ աչքերով կը բացայայտեն իրենց ինքնութիւնը, լեզուն ամէն գնով սորվելու ճիգ կ՛ընեն, ուրիշ տեղ ալ հեռու կը վանեն մայրենի քաղցրիկ լեզուն իրենց զաւակներուն բերանէն`զլանալով հայ դպրոցի շունչն ու ոգին:

 

 

Անդրադարձ. Գերմանիոյ Նոր Քաղաքականութիւնն Ու Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութեան Իրավիճակը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3 օգոստոսին Թուրքիոյ մէջ գործունէութեան 160-ամեայ փորձառութիւն ունեցող «Սիմընզ» ընկերութեան գլխաւորութեամբ խումբ մը գերմանական ընկերութիւններ ապահովեցին Թուրքիոյ մէջ հովի ուժով ելեկտրականութիւն արտադրելու նուազուրդը, իրողութիւն մը, որ թուրքգերմանական յարաբերութիւններու ներկայ լարուածութեան լոյսին տակ կրնայ ստեղծել որոշ զարմանք ու շփոթ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի վերջերս կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ կարիքը ունինք նոր ուղղութեան մը, եւ Անգարայի պաշտօնատարները պէտք է գիտակցին իրենց քաղաքականութեան հետեւանքներուն»: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Կապրիէլի յայտարարութեան ընդգծեց. «Թուրքիոյ դէմ միջոցառումներու ձեռնարկելը դարձած է անհրաժեշտ եւ անխուսափելի»:

Սակայն Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը, այդ նոյն յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ սկզբնական փուլին Պերլինի կողմէ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած քայլերու պիտի ձեռնարկուին 3 տարբեր կէտերով. ոչ ոքի խորհուրդ տալ ներդրումներ կատարել երկրի մը մէջ, ուր օրէնքը երաշխաւորուած չէ, նախազգուշացնել Թուրքիա մեկնիլ պատրաստուող Գերմանիոյ քաղաքացիները, վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ ուղղուած Եւրոպական Միութեան ֆինանսական աջակցութիւնը:

Ինչպէս կ՛երեւի` այստեղ խօսքը ներգերմանական գետնի վրայ յորդորի եւ խորհուրդի մասին է եւ ոչ թէ արգելքի. Գերմանիոյ ոեւէ քաղաքացի եւ գերմանական որեւէ ընկերութիւն ազատ են իրենց որոշումը տալու: Պերլինի նպատակը խաղող ուտել է եւ ոչ թէ պարտիզպանը ծեծել, այդ պատճառով ալ Թուրքիոյ դէմ որդեգրած է փուլ առ փուլ աստիճանաբար մագլցում արձանագրող միջոցառումներու որդեգրման քաղաքականութիւն մը` խաղող ուտելու` տագնապի դրական լուծման առաւելագոյն առիթ ընծայելու համար: Եւրոպական Միութեան մակարդակին վրայ է, որ Գերմանիա համեմատաբար աւելի վճռական ու խիստ է: «Միշտ համբերատար եղած ենք Թուրքիոյ նկատմամբ (…) Սակայն այդ համբերութիւնը արդէն կը հատի», ըսաւ գերմանական դիւանագիտութեան պետը, այլ խօսքով` այդ համբերութիւնը տակաւին չէ հատած, սակայն կրնայ սպառիլ` նկատի ունենալով, որ Պերլինի կողմէ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղուած բոլոր քայլերն ալ ի զուր կ՛անցնին, եւ Թուրքիան կառուցողական դիրքորոշումի փոխարէն օրըստօրէ աւելի յարձակողապաշտ կը դառնայ` Գերմանիոյ եւ ընդհանրապէս Եւրոպական Միութեան կողմէ համբերատարութիւնն ու աստիճանական մագլցումի գործելաոճը թիւրիմացաբար նկատելով տկարութեան ցուցանիշ մը: Այդ պատճառով ալ, Անգարայի մեծամոլ ղեկավարները կը յանդգնին իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող «Ենի Սէօզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը ճամբով յոխորտալ, թէ Թուրքիա կրնայ երեք օրուան մէջ գրաւել Եւրոպան: Սակայն թրքական կողմի «կա՛մ մեզ ինչպէս որ ենք կ՛ընդունիք Եւրոպական Միութեան մէջ, կա՛մ կը գրաւենք Եւրոպան» տողատակի պատգամը, ո՛չ միայն եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն մօտ, այլ նաեւ հասարակական կարծիքին մօտ կ՛արմատացնէ այդ երկրի` միութեան անդամակցութեան նկատմամբ բացասական վերաբերմունքը:

Թրքական կողմի կեցուածքը իբրեւ գերտէրութիւն ընկալուելու անտեղի, հիւանդագին մտայնութեան մը եւ հոգեվիճակի մը արտայայտութիւնը ըլլալուն կողքին, կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ Թուրքիա հրաժարած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն եւ ընդհանրապէս երես թեքած Արեւմուտքէն, սակայն «ապահարզանի» յայտարարութիւնը չ՛ուզեր ինք կատարել: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր 3 օգոստոսին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին կարելի չէ խօսիլ, սակայն Պրիւքսել չի կրնար «արտօնել, որ Թուրքիան մոռացութեան մատնուի»: Այլ խօսքով` եւրոպական կողմին մօտ եւս գոյութիւն ունի այդ նոյն ակնկալութիւնն ու դժկամութիւնը: Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութեան մէջ ստեղծուած է փոխադարձ ակնկալութեան եւ հասարակաց դժկամութեան իրավիճակ մը:

 

 

Բարե՛ւ, Մարդ Կա՞յ

$
0
0

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մեր բարեւները Երկիր մոլորակէն կը յղենք ձեզի. մեր երկրագունդէն դէպի տիեզերք, դէպի եզերք չունեցող անծանօթ աշխարհ, ուր նշաններ կան  կեանքի գոյութիւնը հաստատող…

Աղմուկ կը լսենք` ճառագայթներուն մէջ թաքնուած, լոյսի ելեւէջներուն միացած վերիվայրող ծովալիքներու նման աղմկող լիցքեր: Լոյսի մեղեդիացած ազդանշաններ:

Տիեզերքը իր երգը ունի, որ կարելի չէ գաղտնի պահել, նոյնիսկ` խուլ ականջներուն համար լսելի երգ կամ զգացողութիւն, թերեւս ալ եօթներորդ կամ ութերորդ զգայարանքով հասկնալի, մեր նախնիներէն  բնազդաբար մեզի փոխանցուած հեռազգայութիւն…

Մեր նմանը փնտռելու կու գանք ու մեր երկրագունդին արտացոլանքը կամ երկուորեակը գտնելու, ուր կարենանք հանգիստ ոտք կոխել ու շունչ մը քաշել, բարեւել մեր նմանակիցին, մեզմէ քիչ մը տկարին կամ ալ զօրաւորին, որ պատրաստ է յարգանքով օգնելու մեզի`  ճշմարտութիւններ բացայայտելու. հոգ չէ թէ տարբեր քաղաքակրթութիւններէ եղած  ըլլանք…

Կը լսէ՞ք  մեր ձայնը…

Ձայն տուէք, դո՛ւք, ո՛վ որ ալ ըլլաք, էք, կամ կը ձգտիք ըլլալ:

Հիմա ամէն ժամանակէ  աւելի յստակօրէն կը տեսնենք վազվզող անթիւ եւ անհամար մոլորակներ. ինն բիւրապատկուած` միլիոններու վերածուած: Մեր արդիական սարքերով կը տեսնենք միլիոնաւոր նոր ծնած մոլորակներ…

Առանձի՞ն ենք…

Թերեւս ալ մէկը կը փորձէ  գտնել մեզ, կամ, ինչո՞ւ չէ, գտնել իւրաքանչիւրս` առանձին առանձին:

14 միլիառ տարեկան  կապոյտ մեր մոլորակին  վրայէն ձեզմէ ոեւէ մէկը չանցա՞ւ: Ոչ ոք չտեսա՞ւ մեզ: Այլմոլորակայիննե՛ր, ո՞ւր էք, ձա՛յն տուէք…

Գուցէ ցնորական են մեր այս մտածումները, մենք միակն ենք, ու հպարտ ըլլալու ենք, որ յատուկ ենք եւ իւրայատուկ ձեւով ստեղծուած` բոլորէն տարբեր, բոլոր մոլորակներէն հեռու մեր փոքրիկ անկիւնին մէջ  սիրով գոյացած անհասկնալի բարի «էութեան» մը կողմէ, որ կը փորձէ իր նմանակները ունենալ: Մէկս միւսին բնաւ նման չենք, իւրաքանչիւրս յատուկ ու անկրկնելի էակներ ենք, ինչպէս իւրաքանչիւր մոլորակ իւրայատկօրէն գեղեցիկ եւ զանազանուող  միւսներէն, բայց նաեւ այնքան նման ենք իրարու մենք` մարդիկս, ինչպէս` մոլորակները իրենց արտաքինով:

Թերեւս ալ մեր մոլորակին առանձնայատկութիւնը ըլլալու է իր մէջ այս այնքան յատուկ  արարածը, մարդը կրելու պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը:

Թերեւս ալ այդ  բարի «էութիւն»-ը մեզմէ հիասթափած, մեզի նմանակից էակներ փորձած է զետեղել, իր նոր գոյացուցած այդ մէկը միւսէն աւելի գեղեցիկ գունդերուն, արժէքաւոր գնդիկէ խաղալիքներ յիշեցնող հրաշալիքներուն վրայ, որոնք անիմաստ կամ աննպատակ ըլլալէ շատ հեռու կը թուին ըլլալ:

Իսահակ Նիւթոն կը հաւատար հրաշքներուն եւ կը հաւատար, որ երկրագունդը ստեղծիչ մը ունի, որ հովանաւորն է անոր, եւ ամէն անգամ երբ  խանգարում կամ հարց յառաջանայ, ան անմիջապէս միջամուխ կ՛ըլլայ մեր այս մեծ եւ հսկայ տան նորոգութեան ու կարգաւորման համար` փոխելով հաշուարկներն ու օրէնքները  անոր. եւ  այն ատեն ալ կը պատահի հրաշքը:

Կրկին ներքին անհանգիստ ու  անինքնագոհ մեր ձայնը կը մտածէ եւ կ՛արտայայտուի. ո՞վ կը դիտէ մեզ…

Բնական է, որ մեր մոլորակն ու  տիեզերքը հետապնդողը իր տեսադաշտին կեդրոնը պահողը հսկայ մը ըլլայ, ո՛չ ֆիզիքական հասկացողութեամբ, թերեւս` իմացական եւ հոգեկան ամբողջականութեամբ վիթխարի կարողութիւն, որ հնարաւորութիւնը ունենայ  տիեզերական ահազդու հիասքանչ գոյացութիւններ հմտութեամբ կառավարելու   եւ տնօրինելու անոնց փոփոխութիւններն ու անոնց մէջ իմաստ ու նպատակ դրած ըլլայ:

Հայելապատ երկինքէն միլիառաւոր տարիներ սահած են ու պիտի սահին, հեռուներէն, մարդանման, մեզ հասկցող, մեզ նկատող ոչ մէկ աչք չունեցա՞ւ արդեօք մոլորակը մեր իւրայատուկ:

Ու հիմա կրկին մեր նամակներով, մեր մոլորակային ձայներով եւ մեղեդիով մեր պատգամը կը յղենք ձեզի, ո՛վ բնակիչներ տիեզերքի, արդէն` քանի երրորդ անգամ. կը լսէ՞ք մեզ…

Կը խնդրենք պատասխան տուէք…

Ատեն-ատեն քերծուածքներէ խանգարուած խտասալիկի խշխշոցներու նման ձայներ  կը լսուին, ու ետքը…

Ձայն բարբառոյ յանապատի…

Մեր մոլորակի բնութեան ձայնը կը ղրկենք ձեզի` կայծակնային  ամպրոպի բարկաճայթ որոտը. ծովերու ահագնացող ալիքներուն գոչիւնը, ծառերու տերեւներուն  խշշոցը…

Կեանքի առաջին կայծը կայ մեր բառերուն, մեր ձայնի ելեւէջներուն մէջ եւ մարդ արարածի` այս մոլորակի գլխաւոր դերակատարին եւ հերոսին, անոր թանկարժէք կերպարին ծիծաղը, այո՛, մեր ձայնի ամենամեծ առանձնայատկութիւնը` մեր ծիծաղը, որ այնքան թանկ է, եւ` մեր սէր խոստովանող երկու այն բառը, որ բառ ըլլալէ աւելի` զգացում է, ապրում եւ կեանքի իմաստ. արդեօք այդ մէկը հասկնալի է՞ ձեզի: Այսինքն` կեանքին իւրայատկութիւն եւ իմաստ տուող թրթիռը. եթէ այդ մէկը հասկնաք, մնացեալ բոլոր բաները այդքան ալ մեծ արժէք չեն ներկայացներ, ուրեմն թերեւս կարենանք հասկցուիլ իրարու հետ: Ճշմարտութիւնը վէճերէ չ՛ախորժիր, ան միմիայն յարգանք ու սէր կը պահանջէ:

Մարդ չկա՞յ հոն…

Մեր իմաստուն բառն ու կշիռք ունեցող խօսքը կը ղրկենք` «խաղաղութիւն ձեզի», չենք ստեր…

Լսող չկա՞յ. լսելու ականջ ունեցողը թող լսէ, թերեւս ալ լսած է եւ կը պատրաստուի պատասխանել…

Որքա՛ն դժուար է, երբ կը լսեն, բայց  չեն պատասխաներ: Անպատասխան կը  ձգեն քեզի համար ամենակարեւոր հարցումը. կարծես` կ՛արհամարհեն քեզ, թերեւս ալ կը զգուշանան պատասխանելէ, կամ` պատասխանատուութիւն վերցնելէ, կամ ալ իրօք խանգարո՞ւմ գոյութիւն ունի հեռահաղորդակցական կապերուն միջեւ: Բոլոր պարագաներն ալ յուսահատութիւն եւ ցաւ կը յառաջացնեն, նաեւ յարատեւելու կորովը կը կասեցնեն:

Թերեւս դուք այնքան մեծ էք ու ամենակարող, որ արհամարհէք մեր ձայնը, տագնապն ու թրթիռը եւ ի վերջոյ` մեր սէրն ու համագործակցութեան հրաւէրը: Մեր եւ ձեր միջեւ ոչ թէ անանց լեռներ կան, հապա` անանց անջրպետներ ու տիեզերական անչափելի տարածութիւններ, բայց կը հաւատանք, որ եթէ սէր ունենանք, այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ. եթէ սէր ունենաք, ձեզ պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ ու պիտի ճանչնանք ձեզ, ձեր յստակ ձայնը պիտի լսենք, որ բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն կ՛առաջարկէ մեզի: Ձեր յստակ ու ջինջ ձայնը, որ ալ ուրիշ բացատրութեան կարիք չըլլայ:

Եթէ սէր չունենաք, նոյնիսկ եթէ հրեշտակներու լեզուով խօսիք մեզի հետ, տարբերութիւն մը չէք ունենար պղինձէ շեփորէն, որ կը հնչէ, կամ` ծնծղաներէն, որոնք կը ղօղանջեն: Իսկ մեր գիտութիւնը ոչինչ պիտի արժէ, եթէ սէր չունենանք: Սէր ունեցողը միշտ կը հաւատայ, միշտ կը համբերէ եւ միշտ կը յուսայ:

Սէրը անվախճան է… իսկ գիտութիւնը օր մը վերջ պիտի գտնէ: Կը յուսամ, որ օր մը դէմ առ դէմ նստած` միասին հաց կը կտրենք եւ անարգել կը շրջագայինք այս անհուն ու անծիր տիեզերքով մէկ…

Ո՛վ մեծութիւն կամ աներեւոյթ բազուկ, կամ մեզ դիտող, կամ մեր վրայ ծիծաղող, ամէն պարագայի, այս խտասալիկը իբրեւ բարեկամական ձայն, իբրեւ աղերսանք կը ղրկենք ձեզի` արդէն քանի երրորդ անգամ, փոխադարձ բարեկամութեան եւ հասկացողութեան իբրեւ նշան: Պատասխանեցէք, ինչպէս կը պատասխանուին մեր անկարելի կարծուած խնդրանքներն ու կ՛իրականանան անոնք. ինչպէս մեր աղօթքներուն պատասխանները, որոնք կը հասնին մեզի զարմանալիօրէն ու հրաշք կ՛անուանենք այդ բոլորը, ինչպէս` մեր անլուծելի հարցերուն հարթուիլը երկվայրկեանի մը մէջ. պատասխանեցէ՛ք, կը խնդրենք… արդեօ՞ք հրաշքը միայն յատուկ է մեր մոլորակին:

 

Ձայն մը շատ հեռուներէն կը լսուի, որ կ՛ըսէ` այսպէս աւելի երջանիկ էք դուք` մարդիկ, մի՛ փորձէք հասկնալ անհասկնալին, կամ` զանոնք ձեր մտացածին ձեւերով փորձել ընկալել… Քանի որ եթէ հասկնաք ամէն բան, այդ օրն իսկ պիտի սկսիք նմանիլ այս բոլորը ստեղծողին եւ զարմանալու ոչինչ ու  ոչ մէկ առիթ պիտի ունենաք այլեւս…

Հալէպ
13 յուլիս 2017

«Ազդակ»-ի Մեր Օրերը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ԳՈՒՇԵԱՆ

Մանկութեան եւ պատանութեան տարիներուս «Ազդակ» բառը ինծի համար միայն մէկ իմաստ ունէր. Պէյրութի մէջ հրատարակուող հայերէն թերթ մը, որ ամէն օր պէտք էր մեր տունը մտնէր: Այդ օրերուն Հալէպ հայերէն թերթ չունէր քաղաքական հասկնալի պատճառներով: Աւելի ուշ սորվեցայ, որ նաեւ ազդակ բառը միջոցի իմաստը ունի: Բայց եւ այնպէս, «Ազդակ»-ը արդէն իր դրական «աւերը» գործած էր միտքիս ու հոգիիս մէջ:

«Ազդակ» ամէն օր թարմ հացի նման կը հասնէր գրավաճառ Զաւէն Սապունճեանի «Օմար Խայեամ» գրատունը, որ օրուան ընթացքին միայն քանի մը ժամ բաց կ՛ըլլար: Զաւէն «ոտքի վրայ» շատ գործ ունէր ընելիք: Յաճախ, անօթի որբերու նման, երեկոները գրատան դրան առջեւ սպասողներ կ՛ըլլային, որպէսզի Զաւէնը ժամանէր ու թերթը բաժնէր: Թերթը առնելուս պէս, տուն կը վազէի, որովհետեւ հայրս ու մայրս կը սպասէին` իրար ձեռքէ խլելու համար զայն: Երբ հայրս 10-15 վայրկեան աչքէ անցընէր թերթը, մայրս պիտի ըսէր` կը բաւէ, Կարապե՛տ, շա՛տ եղաւ, քիչ մըն ալ ինծի տուր: Ես արդէն չափահաս տղայ` համբերել սորված էի, որպէսզի վերջը ամէնէն երկար ժամանակը ունենամ ծայրէ ծայր կարդալու թերթը:

«Ազդակ»-ը, սակայն, միայն լուրերու համար չէր: Անիկա նաեւ տեսակ մը դասագիրք էր, ազգային ու գաղափարական ներշնչարան: Աւետարանի չափ գուրգուրանքի առարկայ էր. կարելի չէր օրեր ետք զայն թափել, կամ օգտագործել որեւէ բան փաթթելու համար. այդ մէկը սրբապղծութիւն էր: Թերթը պէտք էր պահել, հոգ չէ թէ որքան տեղ գրաւէր: «Ազդակ» անբաժանելի մասնիկը դարձած էր մեր էութեան: Անոր միջոցով ես դարձայ մոլեգին ընթերցող, որուն բարեբեր պտուղները կը քաղեմ մինչեւ այսօր: Պատահեցաւ նաեւ, որ 90-ականներու սկիզբը պատիւը ունեցայ մաս կազմելու այդ օրերու խմբագիր Սարգիս Մահսերէճեանի ճիգերով Հալէպի մէջ ստեղծուած «Ազդակ»-ի թղթակիցներու խումբին:

Տասնամեակներ անցած են արդէն այն օրերէն, երբ Միջին Արեւելքէն հեռացայ, սակայն «Ազդակ»-ի օրերը կը մնան դրոշմուած յիշողութեանս մէջ: Հիմա կը մտածեմ, թէ այս հրաշալի թերթը վստահաբար ի՜նչ զոհողութիւններով գոյատեւած է ու պիտի գոյատեւէ` իր նուիրեալ աշխատակիցներով, պաշտօնէութեամբ եւ խմբագիրներով: Կը գիտակցիմ, թէ ի՛նչ ըսել է հայկական օրաթերթ հրատարակել օտարութեան մէջ, ամէն օր օտարացման վտանգը դիմագրաւող հայութեան համար:

Առաջին հայերէն թերթը, որ բռնած եմ ու պարուրուած` անոր բոյրով, «Ազդակ»-ը եղաւ: Առաջին սէրս` հայ մամուլի դրախտէն ներս: Եւ…  ինչպէ՜ս կարելի է մոռնալ ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐԸ ու անոր … կրքոտ գրգիռը:

Լոս Անճելըս


Յայտարարութիւն

$
0
0

Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը հիմնած է «ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» հիմնադրամը` արժեւորելու հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ  գրական-գեղարուեստական երկերը:

Այս առիթով կը յայտնենք, որ կազմուած է հնգանդամ Գնահատիչ մարմին, որ ստացուած գրական նիւթերէն մասնագիտական ընտրութիւն կատարելէ ետք, եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը  պիտի հրապարակէ 2018 թուականի հոկտեմբեր 20-ին` Հայ մշակոյթի ամսուան փառաւոր հանդիսութեան օրերուն:

Հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի 2017-ին իրենց լոյս ընծայած գիրքերէն հինգական օրինակ եւ նոյնին համացանցային PDF տարբերակը մինչեւ 2018 թուականի յունուար 20-ը փոստով առաքել տիկին Սօսի Նագգաշեանին:

Հասցէ.-

Sossie Naccashian
11848 Rue Filion,
Montreal, Quebec, H4J 1T3
CANADA

E-mail: n.sossie@yahoo.ca

 

Քիչ Մը Խենթուկ

$
0
0

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ննջեցեալին Աստուծոյ կամքով ու օրհնութեամբ 93 տարի իր ընտանեկան եւ բարեկամական շրջանակին հետ ապրելէն ետք, մեր աշխարհէն հեռանալուն առթիւ արտասանած խօսքիս մէջ ակնարկեցի այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութենէն ետք Ֆրանսա ծնած ու ապրած ինծի անծանօթ այդ հայրենակիցը, Տիրոջ կամքով, մեզ` քոյր-եղբայրներս, քով-քովի բերած էր եւ մինչեւ իր յաւէտ հանգչիլը սիրով ու անխոնջ կերպով աշխատած էր օդանաւագիտութեան եւ պարտիզամշակութեան մէջ: Իր օրինակին հետեւած էր Փարիզէն եկած իր միակ հարազատը եղբօրորդին` Մանուէլը, եւ Նիս ապրող հայերէն խօսող իր ազգականը` Պետրոսը:

Արարողութենէն քիչ անց Մանուէլ Պետրոսին հետ մէկ-երկու ժամ պիտի երթայ խնամելու իր հօրեղբօր անտէր-անտիրական ձգած պարտէզը ու յետոյ Փարիզ վերադառնայ:

Անդի աշխարհ մեկնողին եւ մեր` ապրողացս վիճակին մասին բաներ մը ըսած պահուս`

– Չա՛ր ես, ինչո՞ւ զիս մինակս ձգեցիր գացիր,- ճչաց տիկին Մարքոնին,- շատ լաւ էր, բայց քիչ մը խենթուկ էր:

– Քիչ մը խենթո՞ւկ էր, ուրեմն լաւ էր,- ըսի` խորհելով, որ ներկայիս բնական նկատուելու համար մէկը պէտք է քիչ մը խենթուկ ըլլայ. ամէն մարդ պէտք է քիչ մը խենթուկ ըլլայ, չըսի` ո՛չ աւելի:

«Հայր Մեր»-ը ֆրանսերէն արտասանենք միասին», ըսի: 97 տարեկան տիկին Մարքոնին սկսաւ ու մեզմէ արագ գնաց, վերջացուց, լսեցի, որ տիկինը Քու-Քեզ ըսելու տեղ, Ձեր-Ձեզ կ՛ըսէր մեր Երկնաւոր Հօր: Ատիկա տարիքի կապեցի` կարծելով, թէ ժամանակին մարդիկ Աստուծոյ հանդէպ աւելի յարգանք ունեցած են, քան` հիմա: Երեք տարի ետք տիկին Մարքոնին մէկ դար ապրած պիտի ըլլայ, ատոր համար Աստուծոյ հանդէպ մեզմէ աւելի սէր, յարգանք, ահ ու երկիւղ ունի:

Արտասանելու ատեն ալ մեզմէ հեռացաւ, փախուստ տուաւ արեւէն եւ կառքին կռթնած`  շուքին կեցաւ:

Եղբօրորդւոյն` Մանուէլին, ազգական Պետրոսին եւ տիկին Մարքոնիին ֆրանսացի փեսային հետ արագ բան մը խմելու գացինք. հոն, տիկին Մարքոնիին մտքի արթնութեան եւ ուշիմութեան մասին ըսի, որ «Հայր Մեր»-ը արտասանելու ատեն ան մեր Երկնաւոր Հօրը Դուն-, Քու ըսելու տեղ Ձեր-Ձեզ կ՛ըսէր: Մանուէլ Պօղոսեանը ըսաւ, որ ատիկա իտալերէնի ազդեցութիւնն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տիկինը իտալական ծագում ունէր, ըսուածը տրամաբանական գտնելով հանդերձ, համացանցէն ստուգեցի, որ ֆրանսացի կաթողիկէները երեք դար, մինչեւ 1964 «Հայր Մեր»-ին ատեն Ձեր եւ Ձեզմով խօսած են, յետոյ ըրած են Դուն,- Քեզ, ոչ թէ` յարգանքի պակասի համար, այլ` հայր-զաւակ պարզ, մտերիմ եւ բնական յարաբերութեան համար… Ուստի տիկինը այն ատեն արդէն 44 տարեկան էր եւ չէր ուզած սորվածը փոխել: Եզրակացուցի, որ լեզուներուն մէջ ամէնէն դիւանագէտը անգլերէնն է, որ խօսակիցին կամ ունկնդիրին ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը չի հարցներ եւ ամէնուն, մեծին ու պզտիկին եու կ՛ըսէ. ԵՈՒ` եւ վերջ:

Տիկին Մարքոնիին փեսան մեր հայ ըլլալը գիտնալու ատեն «Ազնաւուրին պէս» ըսաւ…

Մտածեցի, որ հայերս յամենայն դէպս բախտաւոր ենք. ի՞նչ պիտի ըլլայինք, եթէ Ֆրանսայի մէջ Ազնաւուրը չըլլար. լա՛ւ որ կայ Ազնաւուրը. շէ՛ն մնայ ու հազա՛ր ապրի, առողջ ու արթուն միտք ունենայ, ձայնը դալար. վա՜յ մեզ Տէր, բայց, Մանուէլ Պօղոսեանին ըսի, որ մենք ալ մեր մականունին համար պէտք է մենք մեզ հպարտ եւ բախտաւոր զգանք, որովհետեւ մեր մականունը ըսուելուն եւ կարդացուելուն պէս` լսողը ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Էրիք Պօղոսեանին կը կապէ, մանաւանդ` սահմանը անցնելու ատեն եւ տարբեր աչքով կը նայի մեզի, նոյնիսկ եթէ ազգական կամ այդքան ալ մեծ ֆութպոլի խենթեր չենք:

Մանկուց զգացած էի, որ ֆրանսացիներն ալ մեզի պէս քիչ մը խենթուկ են: Անթիլիասի մեր ֆրանսերէնի ուսուցիչ, շարժապատկերի պարոն մըսիէօ Սինեման` ողորմած Ժան Փիեռ Կու Փելլըթանն ալ քիչ մը խենթուկ էր մեզի պէս: Ան մեր վրան աղուոր մը կը խնդար, ու երբ որ առիթը գտնէր, հատ մը կը փակցնէր մեր գլուխին: Օր մը տետրակիս եւ վիճակացոյցիս մէջ գրեր էր. «Դուք լաւ աշակերտ էք, բայց երբեմն զիս յուսախաբ կ՛ընէք»: Չէր գիտեր, որ ես զինքը յուսախաբ ընելէս առաջ ինքզինքս յուսախաբ ըրած կ՛ըլլայի… եւս առաւել մէյ մը սխալելէս ետք սխալներս կը գումարէի` սխալիս մասին մտածելով ու նեղուելով: Երաժշտութեան մէջ ալ այդպէս էի, վա՜յ որ երգած ատենս սխալ նոթ մը երգէի, անմիջապէս նորերը կ՛աւելցնէի, մանաւանդ եթէ լսողին անդրադառնալը նկատէի: Մեր մեծայարգ եւ սիրելի հոգելոյս ուսուցիչը` Գէորգ Գանտահարեանը, անդրադարձեր էր այս տկար կէտիս, մինչեւ վերջացնելս բան չէր ըսեր, որ չգումարեմ, ետքը կ՛ըսէր:

Եթէ տիկին Մարքոնին ըսաւ, որ ննջեցեալը քիչ մը խենթուկ էր, ուրեմն համակրելի եւ սիրելի մէկն էր, այլապէս տիկին Մարքոնին 97 տարեկանին պիտի չըսէր.

– Ի՛նչ չար ես, ինչո՞ւ զիս մինակս ձգեցիր, գացիր…

Տիկին Մարքոնիին աղջիկն ու փեսան ի՞նչ զգացին, երբ ան ըսաւ, որ ննջեցեաը զինք մինակ ձգած` գացած էր, Աստուած գիտէ՜:

Ճիշդ է, որ ամէնքս մենք զմեզ մինակ զգալու պահեր կ՛ունենանք ամէն օր: Ան ալ պէտք է, մանաւանդ` բան մը գրելու ատեն…

 

 

Աւստրալիայէն Հայկական Կեանքեր. «Կանք, Կը Մնանք»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ

Երեւի հայ «ըլլալու» եւ «մնալու» հրամայականը քիչ մը ամէն տեղ ինքզինք զգալի կը դարձնէ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքը բացառութիւն պիտի չկազմէ: Եթէ քաղաքին գեղեցկութիւնը կը զգլխէ ու կ՛անցնի ամէն երեւակայութիւն, կը սքանչանաս եւ երեւի քիչ մըն ալ կը «նախանձիս» այն բոլորին, որոնք կ՛ապրին այդ գեղեցկութեան մէջ, բայց այդ քաղաքին մէջ առկայ է նաեւ հայկական գեղեցկութիւնը: Եւ իմ աշխատանքային ու ասպարէզային կեանքիս եւ անոր ամբողջ միջազգային պարունակին ընդմէջէն անկարելի է, որ ազգայինը, հայկականը չփնտռեմ, չգտնեմ ու չտեսնեմ… Բայց նաեւ չհպարտանամ անոր` հայկականին գեղեցկութեամբ: Եթէ ասիկա ինքնութեան կանչ է, բայց նաեւ մշակութային հիմք մըն է, առանց որուն` պիտի պարպուի իմ եւ ոեւէ մարդու ներաշխարհը:

Սիտնի, Աւստրալիա, յունիս-յուլիս 2017: Եթէ կը մասնակցիմ միջազգային մեր կազմակերպութեան աշխատանքային մէկ համագումարին, ուր աւելի քան հարիւր երկիրներէ եկած էին մօտաւորապէս 220 ներկայացուցիչներ, բայց նաեւ մէկ-մէկ կ՛ուզեմ քակել հայկական իրականութիւնը` հանդիպելով հայուն` հեռաւոր (գէթ` ինծի համար) Աւստրալիոյ մէջ: Ոչ հայ գործակիցներս վարժուած են իմ այս սովորութեանս: «Քանի՞ հայու հանդիպեցար այս անգամ», կը հարցնեն ինծի` առանց ուշացնելու իրենց դիպուկ սրամիտ կատակը:

Հայկազուն եպս. Նաճարեանին հետ ծանօթութիւն ունիմ այն օրէն, երբ 1990-ական թուականներէն սկսեալ յաճախակիօրէն կ՛այցելէի Էջմիածին, ուր կը փորձէինք հիմը դնել աստուածաշնչային ընկերութեան մեր գրասենեակին: Հալէպ ծնած, Պէյրութ մեծցած ու տակաւին բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրած` ան իր հոգեւոր-եկեղեցական առաջնորդութեան ընդմէջէն միշտ ալ եղած է հաստատ` իր ինքնութեան եւ կոչումին: «Չեմ գիտեր` ո՛ր երկրին հետ առնչել իմ կեանքս», իրեն յատուկ կատակ-տրամադրութեամբ մը սրբազանը իր առաքելութեան կեանքին ճամբան կը ներկայացնէր: Բայց սրբազանին համար Քրիստոսի եւ Հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ամէն բանէ վեր է, եւ ան այսօր իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան մէջ` Աւստրալիոյ հայկական գաղութին համար:

Նշան Պասմաճեանը դիւանապետն է: Ծանօթութիւնս իրեն հետ կը սկսի Տուպայէն: Իր մէջ տեսած եմ հայ մարդուն տոկուն նկարագիրը, որ իր մէջ սրսկուած է Քեսապէն` իր ծննդավայրէն: «Կուսակցական պատկանելիութիւնս եւ անոր սկզբունքները դարձուցի կեանքի ձեւ», կ՛ըսէ Նշան: «Եւ քրիստոնէութիւնը ծառայութեան եւ սիրոյ սկզբունքներուն լաւագոյն վարդապետութիւնն է, իսկ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին` այդ սկզբունքներուն կիրարկման գործելադաշտը», կ՛աւելցնէ ան: Այս բոլորին համադրումով` Նշանը «երջանիկ» հայն է, որ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ կը շարունակէ իր ազգային կեանքը:

Վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաքեանի հետ եղած ենք դասընկերներ եւ գործակիցներ` Պէյրութի օրերէն, եւ ան այսօր Սիտնիի Միացեալ աւետարանական եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան մէջ է: Եթէ տեղական եկեղեցւոյ մէջ է ան, բայց հայկականը միշտ ալ ցայտուն է իր կեանքին մէջ: Վերապատուելի Եումուշաքեան մեծ աշխատանք տարաւ, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունուի Աւստրալիոյ Միացեալ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ, որ կը նկատուի երկրին երրորդ մեծագոյն եկեղեցական-կրօնական համայնքը:

Տոքթ. Յարութիւն Ճէպէճեան հոգեբուժ է: Աղեքսանդրիայէն գաղթած է Սիտնի: Ընտանեկան հարազատներ ենք, եւ անոր առաջին անգամ կը ծանօթանայի եւ կը հանդիպէի… Սիտնիի մէջ: Մեր երկուքին մեծ ծնողները Այնթապէն տեղահանուած են: Իր ընտանիքը հասած է Եգիպտոս, իսկ իմ պարագաներս` Հալէպ-Պէյրութ: Ընտանեկան-ազգականական մեր կապը պիտի հաստատուէր Աւստրալիոյ մէջ: Եւ ինչպէ՞ս չապրիլ Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը այն իմաստով, որ հայ ընտանիքներ ոչ միայն նահատակուեցան, այլ նաեւ անջատուեցան… Եւ «զրկուեցան» իրարու հետ ըլլալու եւ միասին ապրելու տեսլականէն… Բայց այս (չ)ապրուած  կեանքերուն եւ անոնց «կորսուած» ու  «կարօտի» հաղորդակցութեան օրերուն պահանջատիրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ:

Էտի Տեմիրճեան ծնած է Սիտնի: Ան տնօրէնն է Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն հայկական վարժարանին: Գեղեցիկ անտառներով շրջապատուած եւ դպրոցական շէնքի բոլոր արդիական յարմարութիւններով օժտուած այս վարժարանը հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ աւելի քան 320 աշակերտներու: Եթէ եղած է ժամանակ, որ աշակերտներուն թիւը նուազած է, բայց այսօր արդէն սկսած է կամաց-կամաց աւելնալ: «Ամէն աշխատանք եւ կարելիութիւն կը ստեղծենք, որպէսզի հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկեն», Էտին է խօսողը:

Եւ նայելով դպրոցին, արդիական շրջափակին,  կարելիութիւններուն, հանդարտ մթնոլորտին եւ կրթական մակարդակին` հարց տուի. «Ինչո՞ւ հայ ծնողները իրենց զաւակները հայկական դպրոց չղրկեն»:

Մանուկ Տեմիրճեան Պէյրութի տղան է: Ան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Ալեքսանտր դպրոցի տնօրէնն է: 41 աշակերտներով փոքր «գումարտակ»-ով մը Մանուկը կը պայքարի դպրոցը պահելու… «Մեր միութեան կեդրոնական ղեկավարութիւնը ուզեց դպրոցը փակել տնտեսական պատճառներով»,  ըսաւ Մանուկ` աւելցնելով. «Շատ զօրաւոր կերպով դէմ կեցանք»: Եւ զարմանալի չէ… Մանուկը ապրած է Լիբանանի պատերազմը եւ անոր արհաւիրքը: «Թրծուած» է կեանքի դժուար պայմաններուն դէմ պայքարելու եւ մարտնչելու ոգիով: «Վերջապէս համաձայնեցանք, որ մեր ղեկավարութիւնը տնտեսական օժանդակութիւնը պիտի կասեցնէ, եւ մենք մեր գլխուն ճարին պիտի նայինք»,  եզրափակեց Մանուկ: Իսկ «գլխուն ճարին» նայի՞լը… Մանուկ դիմած է պետական օժանդակութեան, եւ այսօր դպրոցը կը ստանայ նպաստ եւ կը շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը:

Եւ հարց պիտի տալ: Ի՞նչն է սփիւռքեան մեր հայկական իրականութեան մեծագոյն եւ կարեւոր հիմնահարցը: Եթէ «հայապահպանումն» է եւ անոր հետ` «պահանջատիրութիւնը», բայց այս սրբազան առաքելութիւնները ի՞նչ նժարի վրայ պիտի դրուին: Նիւթական պարտաւորութի՞ւնը, թէ՞ հայկական ամբողջական մշակոյթի ապահովութիւնը եւ շարունակականութիւնը: Ու տակաւին, պէտք չէ՞ մտածել չորրորդ հայ սերունդին մասին, որ կը մեծնայ… Հապա՞ հինգերորդը… հայ մատղաշ մանուկներու սերունդը: Կարելի՞ է այս սերունդներու հայ «մեծնալու» հոլովոյթը սակարկութեան դնել:

Այս իմաստով իւրաքանչիւր հայկական հանդիպում օղակ մըն էր` տեսնելու հայկական կեանքի մեծ խճանկարը Սիտնիի մէջ: Վարուժան Իսկենտերեան կու գայ Երուսաղէմէն, ան Արցախի Հանրապետութեան նախկին ներկայացուցիչն է Աւստրալիոյ մէջ: Գայլար Միքայէլեան Իրանէն է եւ` Արցախի Հանրապետութեան այժմու ներկայացուցիչը: Գօգօ Սողոմոնեանը կու գայ Եգիպտոսէն եւ ստանձնած է Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուութիւնը: Հենրիեթ Անդրէասեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչն է եւ կու գայ Իրանէն: Վիգէն Գարօղլեան Հալէպէն է եւ աշխուժ մասնակցութիւն ունի Համազգայինի մշակութային գործունէութիւններու կազմակերպումին մէջ: Սէմ Արոյեան կու գայ Հալէպէն, իսկ անոր կինը` Լիւսին, Եգիպտոսէն: Ճորճը եւ Լենան` Քեսապէն եւ Հալէպէն: Եւ այս բոլորին դիմաց անպայմանօրէն հարց կու տաս: Ինչո՞ւ հայը այսքան պէտք էր տեղափոխուէր ու տարածուէր… Ու տակաւին, ապրէր իր հողէն հեռու եւ մէկէ աւելի ոստաններու մէջ:

Բայց իւրաքանչիւր հայկական հանդիպումիս կարելի էր տեսնել նուիրուածութիւնը: Հայապահպանումին եւ հայ մշակոյթին համար նուիրական ծառայութիւնը: Ծառայութիւն մը, որ պիտի ապահովէ հայուն շարունակականութիւնը: Եւ իւրաքանչիւր հայու մէջ, որ հանդիպեցայ, կրցայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իր սրտին մէջ ճզմած ու շալկած է այս քաղցր լուծը… Ու կ՛ապրի այս քաղցր լուծը ապրեցնելու հրամայականով:

Հայկական Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն վարժարանի բակին մէջ կար արձան մը, որուն վրայ արձանագրուած էր` «Կանք, կը մնանք»:

Եւ Աւստրալիոյ իւրաքանչիւր հայկական կեանքին, որ հանդիպեցայ, եւ իր բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն ունէր մէկ նուիրական պատմութիւն:

«Կանք, կը մնանք»:

Այս ալ հայկական սփիւռքի բարդ իրավիճակին ու անոր բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն դուրս ցցուող հասարակ յայտարարն է, որ կը միացնէ մեզ բոլորս:

Եւ եթէ Ցեղասպանութենէն ետք հայը «ստիպուած» եղաւ տարածուելու աշխարհով մէկ եւ քանի մը անգամ, բայց նոյն հայը  տակաւին ունի ապրող առաքելութիւն:

Եւ այս իմաստով, եթէ հայը կը յիշէ Ցեղասպանութիւնը, քանի որ ան «կայ»: Եւ եթէ կը «պահանջէ», քանի նոյն հայը պիտի «մնայ»:

«Կանք, կը մնանք»: Սիտնի եւ տակաւին աշխարհով մէկ:

 

 

 

«Կեանքը Ինչպէս Որ Է»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Կեանքը ինչպէս որ է»

Արեւմտահայ գրականութեան վիթխարիներէն Գրիգոր Զոհրապի սոյն հատորին մէջի գրութիւնները լաւագոյնս կը բացայայտեն մեր առօրեայ կեանքը:

Շատ չի պատահիր ներկայ գտնուիլ հարազատի մը հարսանիքին եւ երկու օր ետք սգակիրներու շարքին դասուիլ եւ ներկայ գտնուիլ ուրիշ բարեկամի մը մէկ հատիկ զաւկին յուղարկաւորութեան:

«Հարսանիք եւ թաղում իրար կը գրկեն» (Սարգիս Սարգիսեան)

***

Օրը շաբաթ է: Եկեղեցին  ծաղկաստանի վերածուած է: Հրաւիրեալները բջիջային հեռաձայնները ձեռքերնին` անդադար կը նկարեն:

Հարսին հայրը իր աղջկան ճակատէն համբուրելէ ետք զայն կը յանձնէ իր ապագայ կողակիցին:

«Ուրախ լեր, Սուրբ եկեղեցի
Քանզի Քրիստոս արքան երկնից
Այսօր պսակեաց զքեզ խաչիւն իւրով»:

Պսակող քահանայ հօր օրհնութենէն ետք բոլորս կ՛ուղղուինք խրախճանքի սրահ:

Ականջներ խուլցնելու չափ աղմկոտ երաժշտութեամբ ներս կը մտնէ նորապսակ զոյգը: Երգ ու պար, կերուխում` մինչեւ առաւօտեան ժամերը:

Բարեմաղթանքներ:

«Աչքերնիդ լոյս»: «Երջանիկ ըլլան»: «Մէկ բարձի վրայ ծերանան»:

Նորապսակները երկուքն ալ հայկական վարժարանէ շրջանաւարտ են: Ներկայիս երկուքն ալ կ՛աշխատին օտար հաստատութիւններու մէջ:

Ներկաներուն մէջ նշմարելի են, մեծ թիւով հայ դասընկեր-դասընկերուհիներու կողքին, նաեւ օտար պաշտօնակիցներ:

Հայ հրաւիրեալները երեկոն կը ճոխացնեն հայկական շուրջպարերով, մինչ օտարները շլացած են հայկական եւ միջինարեւելեան ճաշերով:

Ուրախ է ամէն մարդ: Հայկական նոր ընտանիք մը կազմուեցաւ:

Երեկոն բաւական յառաջացած է, եւ ուրախ տրամադրութեամբ, իւրաքանչիւրս կ՛ուղղուինք դէպի մեր տուները:

***

Երկու օր ետք: Օրը` երկուշաբթի:

Գերեզմանատան մատրան «խորանին» կեդրոնը կը նշմարենք դագաղ մը, իսկ շուրջը` տասնեակ մը ծաղկեպսակներ:

Մութ սրճագոյն «սնտուկին» մէջ կը հանգչի անկենդան մարմինը անձի մը, որ իր կենդանութեան կեանքով լեցուն, միշտ ժպտուն, կատակասէր անձ մը եղած էր:

Ներկայ իգականներուն մեծամասնութիւնը սեւեր կամ մութ գոյնի հագուստներ հագած, ձեռքերնին բջիջային հեռաձայններու փոխարէն` մէկական թաշկինակ, իրենց արցունքոտ աչքերը կը սրբեն:

Կոմիտաս վարդապետի տխուր երաժշտութիւն մը աւելի յուզիչ կը դարձնէ պահը:

Հանգուցեալը օտար վարժարան յաճախած եւ ստացած էր համալսարանական բարձրագոյն ուսում: Պատասխանատու պաշտօն կը վարէր ամերիկեան մեծ հաստատութեան մը մէջ: Սիրուած ու յարգուած էր բոլորէն, եւ այդ պատճառով, մեծ թիւով օտարներու կը հանդիպինք գերեզմանատան մատրան մէջ:

Երկու հայ կղերականներ կը կատարեն թաղման կարգը: Աղօթքները կը կատարուին երկլեզու: «Հայր Մեր»-ին կը յաջորդէ «My Lord»-ը: Հայ կղերականներու ցաւակցական խօսքերը, հանգուցեալին համառօտ կենսագրականը կը կարդացուին հայերէնով ու անգլերէնով:

«Հոս Ամերիկա է», ինչպէս յաճախ կը կրկնուի այդ անիմաստ նախադասութիւնը, եւ օտար ներկաները գոհացնելու միտումով նոյնիսկ կարգ մը աղօթքներ անգլերէնով կը կատարուին:

Ըստ հայկական սովորութեան, դամբանականներ կ՛արտասանուին գերեզմանատան մէջ, սակայն ամերիկեան սովորութեան հետեւելով` այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ գերեզմանատան մատրան մէջ:

Խօսք առնողները բոլորը օտար են եւ կը յիշեն հաճելի, զուարճալի դրուագներ, զոր անցուցած են հանգուցեալին հետ, դպրոցական օրերէն մինչեւ իրենց աշխատավայրը: Չեն յիշեր ո՛չ մէկ տխուր դէպք: Միայն ու միայն զուարճալի դէպքեր, եւ ներկաները շատ յաճախ… բարձրաձայն կը խնդան, թէպէտեւ այդ «ուրախ» խնդուքները միայն քանի մը վայրկեան պիտի տեւեն, եւ քիչ ետք հողին պիտի յանձնուի սիրելի անձ մը:

«Ի վերին Երուսաղէմ ի բնակարանս հրեշտակաց
Ուր Ենովք եւ Եղիա, կան ծերացեալ աղաւնակերպ
Ի դրախտին Երեմակն պայծառացեալ արժանապէս»:

***

Շատ մը սովորութիւններ «ամերիկացած» են:

Նորապսակ զոյգը, եկեղեցիէն դուրս ելած ժամանակ, հրաւիրեալներէն շատեր կը ծափահարեն:

Ամերիկեան սովորութիւն է, նաեւ եկեղեցական արարողութեան աւարտին պսակող կղերականը «հրաման կու տայ», որ փեսան համբուրէ իր հարսը… եկեղեցւոյ մէջ:

You may kiss the bride:

Բարեբախտաբար այդ մէկուն տակաւին հանդիպելու «բախտը» չեմ ունեցած, սակայն ծափահարելը սկսած է ընդհանրանալ:

Կարգ մը հայկական սովորութիւններ խոտոր կը համեմատին ամերիկեան սովորութիւններու հետ:

Մեզ հայ պահողը, հայոց լեզուի կողքին, եղած են եւ պէտք է շարունակեն ըլլալ մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, որոնք դժբախտաբար սկսած են նուազիլ:

Կը դժգոհինք նուազելուն պատճառով` յուսալով, որ ամբողջովին չկորսուին:

***

«Ուրախ լեր, Սուրբ եկեղեցի»,

իսկ երկու օր ետք`

«Ի վերին Երուսաղէմ»:

Բարեմաղթանքներ:
«Աչքերնիդ լոյս»: «Երջանիկ ըլլան»: «Մէկ բարձի վրայ ծերանան»:

Ցաւակցութիւններ:
«Աստուած հոգին լուսաւորէ»: «Կեանքը մնացողներուն»:

Ծաղկեփունջեր եւ… ծաղկեպսակներ:

Հարսին հայրը իր աղջկան ճակատէն համբուրելէ ետք զայն կը յանձնէ ապագայ կողակիցին:

Հանգուցեալին ծնողքը ափ մը հող կը նետեն դագաղին վրայ ու իրենց սիրասուն, մէկ հատիկ զաւակը կը յանձնեն… հողին:

«Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» (Սիամանթօ)

Իսկ ամերիկեան սովորութիւններուն համաձայն`

«Ես խնդալով կ՛ուզեմ թաղուիլ»:

«Կեանքը ինչպէս որ է»:

Այո՛, այդպէս է կեանքը:

 

Լոս Անճելըս, 2017

 

 

Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Տարօնեաններ Եւ Դարօնեան Մը…

Հիմա որ բացատրած եղանք Տարօնը, այլեւս դիւրին է ենթադրել, թէ ինչո՛ւ հայրենահան սասունցիներն ու մշեցիները սիրած են ու կը սիրեն ՏԱՐՕՆ կոչել իրենց մանչ զաւակները:

Ասիկա իրենց կորսուած հայրենիքին նկատմամբ սիրոյ ու կապուածութեան ցուցանիշ մըն է: Նորածին երեխան երբ Տարօն անունով կը մկրտուի, կարծէք` անոր հետ միասին կը վերածնի Տարօն աշխարհը, կորսուած երկիրը, կարծէք, կը վերյառնէ գէթ մեր ապրումներուն մէջ:

Բայց Տարօնը միայն իբրեւ անուն չէ՛, որ կ՛ապրի մեր շուրջ: Ունեցած ենք եւ ունինք նաեւ «Տարօնեան» մականունը:

Եւ ճի՛շդ հոս ես պիտի ուզեմ ոգեկոչել տարօնցի երկարամեայ ուսուցիչ, գրաբարագէտ եւ արձակագիր ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՐՕՆԵԱՆԸ (1896-1967):

Այս տարի (2017) կը լրանայ հայ դպրութեան այս նուիրեալ ծառային մահուան 50-ամեակը:

Մոռցուած անուն մըն է ան ալ, շատերու նման: Նոր ու միջին սերունդները ոչինչ լսած են իր մասին: Թերեւս զինք յիշեն լոկ Պէյրութի Ս. Նշան Ազգ. վարժարանի հին շրջաններու աշակերտները, որովհետեւ Եդ. Տարօնեան 1942-57 տնօրէնի պաշտօն վարած է այնտեղ:

Տարօնեան ծնած էր Բաղէշի (Պիթլիս) Խուլթիկ գիւղը: Հետագային (1961) ան արդէն պիտի անմահացնէր իր գիւղին անունը` պատրաստելով ու հրատարակելով անոր ինքնուրոյն բարբառին նուիրուած ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը, որ յագեցած էր ազգագրական ծանօթութիւններով:

Եդուարդ Տարօնեան պատանի տարիքին Պոլիս գալով` նախ յաճախեր էր Էսայեան վարժարան, յետոյ ալ աշակերտեր էր Յովհաննէս Հինդլեանի Նոր դպրոցին` այնտեղ ուսուցիչ ունենալով Եղիշէ եպս. Դուրեանն ու Դանիէլ Վարուժանը, որոնք խմորեր էին իր մէջ գրականութեան ճաշակը եւ հին ու նոր լեզուներու հանդէպ սէրը:

Եղեռնի շրջանին անցեր էր Ժընեւ` հետեւելով «Ժան Ժաք Ռուսօ» մանկավարժական հիմնարկի դասընթացքներուն` հոնկէ վկայուելով 1919-ին: Այդ թուականէն սկսեալ, աւելի քան 35 տարի ինքզինք ամբողջովին պիտի նուիրէր ուսուցչական ասպարէզին` Պոլսէն Ժընեւ, Հալէպ եւ Պէյրութ:

Գրած է պատմուածքներ, որոնք նախ լոյս տեսած են Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրին մէջ եւ այլուր, յետոյ ալ մէկտեղուած են առանձին կողքի մը տակ («Համասփիւռ»,1959):

Մշակած է նաեւ մանկապատանեկան պատմուածքներ, որոնց մէկ մասը ամփոփած է «Մանկապատում»  վերնագրով ժողովածուի մը մէջ (1952), զոր պատկերազարդած է ծաղրանկարիչ Տիրան Աճեմեանը: Այս հատորին յառաջաբանին մէջ Տարօնեան կը խոստովանէր,  որ իր պատմուածքներուն ոճը իրական իմաստով մանկական չէ, բայց կ՛աւելցնէր.

– Հայ մայրն է, որ յանձն պիտի առնէ այս գիրքը կարդալ ու բացատրել իր ծունկերուն փարած երեխաներուն, եւ այս պատկերն ալ ուրախառիթ է: Այս ձեւով, հայ մայրը իր մանուկներուն սիրոյն,  պահ մը ի՛նքն ալ պիտի մանկանայ, եւ ինչպէս որ ամէնէն դժուարամարս սնունդը մայրական կուրծքին մէջ կը հրաշափոխուի անուշ ու արդար կաթի, այսպէս ալ այս պատմուածքներու լեզուն հայ մօր շրթունքներէն անցնելով` մտերմիկ ու դիւրըմբռնելի զրոյցի մը պէս պիտի շոյէ ականջները իր մանկիկին:

Տարօնեան հմուտ էր ֆրանսերէնի ու, առ այդ, կատարած էր թարգմանութիւններ, ինչպէս` Անտրէ Տիւմայի «Յաւերժական ներկայութիւն»-ը:

1944-ին, հրապարակագիր Մանուկ Ասլանեանի մահէն ետք, Եդ. Տարօնեան ամբողջ տարի մը ի՛նք է որ ստանձնած էր Պէյրութի «Ազդարար» շաբաթաթերթին խմբագրականները գրելու պարտականութիւնը` դրսեւորելով ազգային ու քաղաքական հարցերու խոր հմտութիւն:

Եղած է շատ պարկեշտ մտաւորական մը` ապրելով գրեթէ աննշմար:

1957-ին կաթուածահար կ՛ըլլայ ու շուտով ալ կը կորսնցնէ իր զոյգ աչքերուն լոյսը, ըստ կարգ մը հաւաստի վկայութիւններու, տարիներ առաջ գլխէն ստացած տմարդի ու վայրագ հարուածի մը պատճառով, հայանուն մարդոց ձեռամբ… Այդ վիճակով ճիշդ տասը տարի կ՛ապրի շատ տառապալից կեանք մը` անկողինին գամուած ու առանց ընտանեկան խնամքի: Կը մահանայ Ազունիէի (Լիբանան) հայոց բուժարանը, 25 հոկտեմբեր 1967-ին:

Մ. Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն»-ի անդրանիկ տպագրութեան Բ. հատորին մէջ (1956, Գահիրէ), տեղ տուած է Տարօնեանին` կենսագրականով ու սիրուն պատմուածքով մը: Անդրանիկ Ծառուկեան, որ աշակերտած է իրեն Պէյրութի Հայ Ճեմարանը, իր մահուան վաղորդայնին ոգեկոչած է զինք «Նայիրի» շաբաթաթերթին մէջ (5 նոյեմբեր 1967): Իսկ տարիներ անց, իր վաղեմի ուրիշ մէկ աշակերտը` Մեսրոպ արք. Աշճեան, Փարիզի «Յառաջ»-ին մէջ ընդարձակ յօդուածով մը (19-21 յուլիս 1996) վեր հանած է այս «մոռցուած դէմք»-ին արժանիքները` դպրոցական օրերէ յամեցող քաղցր յուշերով:

***

Եդ. Տարօնեանի կողքին, պիտի ուզէի յիշատակել նաեւ ուրիշ Տարօնեան մը` ՀՐԱՉ ՏԱՐՕՆԵԱՆԸ, որ յիսունական ու վաթսունական թուականներուն աշխուժ դէմք մը եղած է Ֆրանսահայ գրողներու ընկերակցութեան շրջանակին, ինչպէս նաեւ` ֆրանսահայ գրականութեան մէջ առհասարակ:

Հրաչ Տարօնեան ծնած էր 1917-ին Տէտէաղաճ (Թրակիա, Յունաստան), ուր «Տարօնեան» վարժարանին մէջ աշակերտած էր բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենցին: Հետագային, չորս տարի ալ պիտի յաճախէր Մխիթարեաններու Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը:

Վկայեալ ատամնաբուժ մը ըլլալու կողքին, սիրած է մասնաւորաբար թատրերգրութիւնը ու քսան տարեկանէն սկսեալ ֆրանսահայ բեմին համար հեղինակած է տասի չափ թատերախաղեր: 1961-ի վերջերը Փարիզի մէջ սկսեր է հրատարակել «Բիւրակն» անունով գրական-ազգային ամսաթերթ մը, երեք տարի շարունակաբար: Յետոյ թերթը յանձներ է այլ գործընկերներու: Մահացած է 1990-ին:

***

Ունինք նաեւ հայրենի գրականագէտ մը` ՍԵՐԳԷՅ ԴԱՐՕՆԵԱՆԸ (1925-1990):

Ինչպէս նշմարեցիք արդէն, «Տարօնեան» մականունը արեւելահայ մեր զարմիկներուն մօտ դարձեր է «Դարօնեան»…

Փրոֆ. Սերգէյ Դարօնեան Խորհրդային Հայաստանի համբաւեալ գրականագէտներէն մին էր, համալսարանի մէջ` ռուս գրականութեան ամպիոնի վարիչ: Ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ ունի բանաստեղծներ Միքայէլ Նալբանդեանի եւ Նայիրի Զարեանի մասին: Սակայն ինչ որ գրած է, ընդհանրապէս ռուսերէն է:

Ուրկէ՞ կու գար իր «Դարօնեան» մականունը: Արմատներով տարօնցի՞ մըն էր արդեօք, տեղեակ չեմ: Թէեւ ստոյգ է, որ իր ծննդավայրը հին ու նոր Հայաստաններէն հեռո՜ւ տեղ մըն է` Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքը…

***

Տարօն-Տուրուբերանի հայր. միութեան հիմնադրութեան դարադարձին առիթով, ոգեկոչելէ ետք մեր նախնիներն ու երէցները, ի՞նչ կարելի է մաղթել նորերուն, որոնք Տարօնը չեն տեսած կամ չեն ճանչցած, բայց անոր բնական ժառանգորդներն են օտար ափերու վրայ:

Երկու մաղթանք` Սասնոյ բարբառով.

– Կանա՛չ էղնի ձեր արեւ:

– Զձեր ազգի արեան վրէժ չեղնի՛ մոռնէ՜ք:

(Շար. 5 եւ վերջ)
Հալէպ

 

Լոյս Տեսած Է «Վէմ»-ի 2017 Թուականի Երկրորդ Թիւը

$
0
0

Լոյս տեսած է «Վէմ»-ի 2017 թուականի 2-րդ թիւը` սովորականէն քիչ մը աւելի ծաւալուն եւ հարուստ բովանդակութեամբ, ինչ որ պայմանաւորուած է հանդէսի այս թիւին մէջ տեղ գտած` Սասուն պատմական-աշխարհագրական մարզի նախաեղեռնեան ժողովրդագրութեան նուիրուած ուսումնասիրութեան եւ անոր կցուած քարտէսի ծաւալներով:

Հեղինակը` Գեղամ Մ. Բադալեան, տարիներու տքնաջան աշխատանքով կրցած է իրականացնել այդ լեռնային հերոսական գաւառի քանի մը հարիւր հայկական գիւղերու տեղորոշումը եւ ներկայացուցած` իւրաքանչիւրին պատմական-աշխարհագրական բնութագիրը: Այս հրապարակումով եզրափակուած է Արեւմտեան Հայաստանի երեք գլխաւոր` Վանի, Կարինի եւ Պիթլիսի վիլայէթները ընդգրկող անոր ուսումնասիրութեան տպագրութիւնը, այսինքն` հայոց պահանջատիրութեան հիմքը դարձած` Ուիլսընեան Հայաստանի նախաեղեռնեան ժողովրդագրական պատկերի վերականգնումը: Որոշ ընդմիջումէ ետք հեղինակը պիտի հրապարակէ նաեւ հայկական միւս վիլայէթներու ժողովրդագրութեան նուիրուած իր ծաւալուն գործը:

«Վէմ»-ի հերթական թիւին մէջ տեղ գտած հիմնական  ուսումնասիրութիւններէն կ՛առանձնանան Երուանդ Գրէկեանի «Քարլ Ֆրիտրիխ Լեման-Հաուպտը եւ ուրարտակապ արքայացանկը» եւ Ալպերթ Ա. Ստեփանեանի «Արեւմտեան պատմագրական կանոնը հելլենիստական Հայքում» հրապարակումները:

Իսկ ահա նորայայտ վաւերագիրներէն մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Երուանդ Գ. Փամպուքեանի կողմէ վերջերս յայտնաբերուած` Սիմոն Վրացեանի ձեռագիր գրութիւնը` Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան յայտնի պետական-կուսակցական գործիչ Սարգիս Սրապիոնեան-Լուկաշինի հետ 1930-ականներու սկիզբը Գերմանիոյ մէջ իր ունեցած գաղտնի հանդիպման եւ ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններուն մասին: Ժամանակին «Կեանքի ուղիներով»-ին մէջ Սիմոն Վրացեան ակնարկելով այդ մասին` հետագայ սերունդներուն ձգած է նման ուշագրաւ պատմական իրողութեան մանրամասնութիւնները բացայայտելու գործը, որուն սկիզբը կարելի է նկատել սոյն հրապարակումը: Հետաքրքրական է նաեւ Համաստեղի կեանքի վերջին տարիներու իւրայատուկ օրագրութիւնը դարձած` Յակոբ Խաշմանեանի հետ անոր հարուստ նամակագրութիւնը` Մարկարիթա Մ՛. Խաչատուրեանին գիտական ծանօթագրութիւններով:

«Վէմ» հանդէսի 2017 թուականի երկրորդ թիւին մէջ գրախօսուած է նաեւ այլ ուշագրաւ հրապարակում մը` ընթացիկ տարուան մէջ Մոսկուայի ընթացքին   լոյս տեսած լեհ-լիթուական ընկերվար-ժողովրդավարութեան հիմնադիրներէն Սթանիսլաւ Թրուսեւիչի (Քազիմիր Զալեւսքի)` Ռուսիոյ ազգային կուսակցութիւններու պատմութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւնը, որուն մէկ կարեւոր բաժինը նուիրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան 20-րդ դարասկզբի գործունէութեան քննութեան:

«Վէմ»-ի 2017 թուականի երկրորդ թիւը հարուստ է նաեւ այլ հետաքրքրական հրապարակումներով:

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Խմբագրական
ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐԸ

ՀԻՄՆԱՔԱՐԵՐ
Դաւիթ Ռ. Մոսինեան
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ԼԵԶՈՒ, ՓՈՐՁ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Երուանդ Հ. Գրեկեան
ՔԱՐԼ ՖՐԻՏՐԻԽ ԼԵՄԱՆ-ՀԱՈՒՊՏԸ ԵՒ ՈՒՐԱՐՏԱԿԱՆ ԱՐՔԱՅԱՑԱՆԿԸ
«Երեք Ռուսաներ»-ի խնդրի շուրջ

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Ալպերթ Ա. Ստեփանեան
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԱՏՄԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԸ ՀԵԼԼԵՆԻՍՏԱԿԱՆ ՀԱՅՔՈՒՄ
Պրագմատիկ Եւ Ողբերգական Պատմութիւնք (անգլերէն)

ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Արսէն Մ. Գլջեան
ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ ԵՒ ԱՐԻՍՏՈՏԵԼԸ

Թադէոս Վ. Տօնոյեան
ՉԱՐԵՆՑԻ «ԵՍ ԻՄ ԱՆՈՒՇ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ՏԱՂԻ ԲԱՌԸ

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Նայիրա Ժ. Մկրտչեան
«ՊԱՏՄԱԿԱՆ (ԱՆ)ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԵՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹԸ
Հայկական Տրամասային Կառուցումները Անցեալից Ներկայ

ՄՇԱԿՈՅԹ
Սարգիս Գ. Պետրոսեան (Գիւմրի)
ԸՆՁԱՌԻՒԾԸ` ՈՐՊԷՍ ԱՐՔԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Մի Հին Տեքստի Անագրամայում Եւ Մի Ժայռապատկերում

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
Սուսաննա Գ. Յովհաննիսեան
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԸ` ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏՈՒՄ

Արարատ Մ. Յակոբեան
«ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՏԵՌՈՐԻՍՏՆԵՐԻ ԳՈՐԾԸ»
Մանուկ Խուշոյեանի Սպանութեան Իրական Պատմութիւնը

ԳԻՏԱԳՈՐԾՆԱԿԱՆ
Արմէն Ց. Մարուքեան
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ
Ճանապարհային Քարտէսի Ուրուագիծ

Կարէն Հ. Խաչատրեան
ՌԱԶՄԱԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻՆ (1991-1993 ԹԹ.)

ԼՐԱՏՈՒ
Ալբերտ Ա. Խառատեան
Գէորգ Ս. Խուդինեան
ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉԸ
Ակադեմիկոս Վլադիմիր Բարխուդարեանի Յիշատակին

ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գ. Խ. – Կազիմիր Զալեւսկի ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆՈՒՄ

ԱՐԽԻՒ
Ա-Դօ
ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻՆ
Անդրանիկ Օզանեան եւ Թովմաս
Նազարբէկեան. Զուգակշիռներ
Պատրաստեցին` ՌուբԷն Հ. Գասպարեանը եւ Ռուբէն Օ. Սահակեանը

Երուանդ Գ. Փամպուքեան (Պէյրութ)
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ – ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆ – ԼՈՒԿԱՇԻՆ ԳԱՂՏՆԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մարգարիտա Մ. Խաչատրեան
ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻ ՕՐԱԳԻՐԸ
Համաստեղի Եւ Յակոբ Խաշմանեանի Նամակագրութիւնից

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
Գեղամ Մ. Բադալեան
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ
Մաս Ութերորդ: Սասուն Պատմաաշխարհագրական Մարզը Եւ Բաղէշ (Պիթլիս) քաղաքը

 

 

Խմբագրական «Վէմ»-ի. Մենք Եւ Մեր Հարեւանները

$
0
0

Բանալի բառեր – Հարաւային Կովկաս, Արմենիա, Կովկաս, միջուկ, թաղանթ, high culture, ռազմավարական մեկնակէտ, քաղաքակրթական դիմագիծ:

Հարաւային Կովկասում ու նրա շուրջն առկայ փխրուն իրողութիւնների փլուզման հեռանկարը` որպէս պատմական անհրաժեշտութիւն, յամառօրէն բախում է տարածաշրջանի դարպասները` պահանջելով հունաւորել ապագայի սաղմնաւորման ու հասունացման տարերային ընթացքը:

Որովհետեւ ցարական Ռուսաստանի կազմում Անդրկովկասի, իսկ մեզ համար Այսրկովկասի վերածուած եւ ապա «Հարաւային Կովկաս» անունը ստացած մեր տարածաշրջանի ժողովուրդների պատմական յիշողութիւնը մինչ օրս չունի ապագային միտուած որեւէ ընդհանուր տեսլական, իսկ նրանցից իւրաքանչիւրի քաղաքական ձգտումները արմատապէս հակասում են երեք հարեւան տէրութիւններից գոնէ մէկի շահերին: Հարաւային Կովկասը դարերի ընթացքում մայրցամաքային կայսրութիւնների առաջխաղացման հետեւանքով սեղմուած այն միջուկն է, որի բաղկացուցիչներից իւրաքանչիւրը խնդիրներ ունի ոչ միայն ներսի, այլեւ դրսի հետ. Հայաստանի պարագայում` Հայկական պահանջատիրութիւնը, Վրաստանի պարագայում` Հիւսիսային Կովկասի ժողովուրդների էթնոկրօնական համերաշխութիւնը Ռուսաստանի դէմ ուղղելու ցանկութիւնը, իսկ Ազրպէյճանի պարագայում` Իրանի թուրքախօս ազերիներին համաթուրանական ծրագրերի մէջ ներառելու ձգտումը:

Նման եռանդամ միջուկի եւ նրա շուրջը պատմականօրէն ձեւաւորուած նոյնպէս եռանդամ թաղանթի համաշխարհային իրողութիւններին համարկուելու հնարաւորութիւնը գտնւում է քաղաքակրթական հոգեհարազատութեան հենքի վրայ աւելի խոշոր ընդհանրութիւնների ձեւաւորման համատեքստում: Այդ պատճառով ներկայումս վճռորոշ նշանակութիւն է ձեռք բերել տարածաշրջանի քաղաքակրթական դիմագծի յստակեցման հրամայականը, ուստի նախ հարկ է պարզել, թէ պատմականօրէն ինչպիսի քաղաքակրթական տարածք է եղել Հարաւային Կովկասը:

Ակնյայտ է, որ անտիկ շրջանից մեզ հասած յունահռոմէական աղբիւրների ու դրանք ամրագրած համապատասխան քարտէսների մէջ Կովկասեան լեռնաշղթայից մինչեւ Եփրատ գետն ընկած ընդարձակ երկիրը կրել է ընդամէնը մէկ անուանում` Արմենիա: Աւելի ուշ` վրաց Բագրատունիների թագաւորութեան հզօրացման շրջանում, ձեւաւորուած վրացական աւանդոյթը հիմնուել է ներկայիս Հիւսիսային ու Հարաւային Կովկասները որպէս մէկ ամբողջութեան ընկալող «Կովկաս» հասկացութեան վրայ: Համաձայն վրաց պատմահայր Լէոնտի Մրովելիի, նրա ժողովուրդների նախահայրերը եղել են հարազատ եղբայրներ, որոնցից աւագը` Գաոսը (Հայկը), որի «նմանը ո՛չ մարմնով, ո՛չ հզօրութեամբ ու քաջութեամբ չի եղել ո՛չ ջրհեղեղից առաջ եւ ո՛չ էլ դրանից յետոյ», տարածքների կէսը պահել է իրեն, իսկ միւսները բաժանել է իր եօթ եղբայրներին` աւագութեամբ երկրորդ Քարթլոսին եւ այլոց: Ուրեմն անգամ Վրաստանի հզօրացման դարաշրջանի (11-12 դդ.) վրաց պատմական աւանդոյթը սկզբունքօրէն չի հակասում հայկականին, այլ սեփական կովկասեան պրիսմակով է դիտարկում նոյն իրողութիւնը: Միայն աւելի ուշ` ստալինեան շրջանի վրաց պատմաշինարարութիւնը եւ դրան գումարուած` նորակազմ ազրպէյճանական ժողովրդի սելճուկեան յաւակնութիւններն են աղճատել տարածաշրջանի ժողովուրդների պատմական յիշողութիւնը:

Այլ կերպ չէր էլ կարող լինել, քանզի մինչեւ 20-րդ դարի սկզբները մեր հարեւանները չէին հասցրել անգամ ձեւաւորուել որպէս միասնական ժողովուրդներ, ուստիեւ Ռուսաստանից ժամանակաւորապէս առանձնացած Հարաւային Կովկասում 1918-1920-ական թուականներին ապրում էր ընդամէնը մէկ ժողովուրդ, որի բոլոր ներկայացուցիչներն իրենց բնորոշում էին միեւնոյն էնդոէթնոնիմի ու միեւնոյն էքզոէթնոնիմի միջոցով: Հայոց ցեղասպանութեան արդիւնքում նեղլիկ Անդրկովկասում պատսպարուած հայերն էին միայն, որ ունէին սեփական ինքնութեան յստակ ընկալումը, մինչդեռ մեր զոյգ հարեւանների էթնիկ դիմագիծը դեռեւս ամբողջացման ու կայացման հանգրուանում էր:

Ուրեմն պետականօրէն ինքնակազմակերպուելու դարաշրջանում անգամ մեր հարեւանների տարածքային յաւակնութիւնները զուտ հիպոթետիկ բնոյթ ունէին, քանի որ դեռեւս պարզ չէր, թէ ովքեր են իրենք` որպէս մէկ ամբողջութիւն: Վրացիների յաւակնութիւնները հիմնւում էին նախկին վրացական թագաւորութեան սահմաններում ապրող քարթուելների շուրջը ցեղակից իմերեթցիներին, սուաններին, մեգրելներին, աբխազներին եւ հաւատակից յոյներին, հայերին եւ այլ էթնիկ խմբերին միաձուլելու նպատակադրումի վրայ: Իսկ Ազրպէյճանի պարագայում բացակայում էր անգամ էթնիկ ընդհանրութեան ընկալումը, եւ առկայ էր սոսկ իսլամական ընդհանուր հաւատի հիմքի վրայ թուրքական ու տեղաբնիկ շիա եւ սիւննի դաւանանքի մահմետական ժողովուրդներին ու ցեղերին համախմբելու եւ միասնական ազգի վերածելու ձգտումը:

Այս երկու նախագծերը իրականութիւն դարձան 1920-1930-ական թուականներին խորհրդային վարչակարգի կողմից խրախուսուած զանգուածային ձուլումների միջոցով համապատասխան ժողովրդագրական քարտէսի ու էթնիկ ինքնագիտակցութեան ձեւաւորմամբ: Դա էր պատճառը, որ 1926 թուականի խորհրդային մարդահամարով արձանագրուեց «դեմոգրաֆիա» գիտութեան պատմութեան մէջ չտեսնուած մի երեւոյթ` բարձր ծնելիութեամբ ամենեւին էլ աչքի չընկնող վրացական էթնոսի կրկնապատկումը 10 տարուայ ընթացքում` 1916 թուականի 821.720-ը`  1926 թուականին 1 միլիոն 788.186-ի վերածուելու միջոցով: Նոյն կերպ եւ գրեթէ նոյն համամասնութիւններով ստալին-բերիայական վարչակարգը 1930-ականներին ձեւաւորեց նաեւ ազրպէյճանցի ժողովրդին, որը կլանելով իր սահմաններում ապրող մահմետականների մեծ մասին` ազգակազմաւորման վերջնական փուլը մտաւ միայն 1970-ական թուականներին` Հայտար Ալիեւի իշխանութեան օրօք:

Ուստի պատահական չէ, որ հէնց ստալին-բերիայական վարչակարգն էլ հէնց 1930-ականներին կազմակերպեց վրաց ազգին ու «ազրպէյճանցի» անուամբ կնքուած ժողովրդին իրենց էթնիկ յիշողութեան հետ որեւէ կապ չունեցող` իրանական մշակութային կոթողներով «պարգեւատրելու արարողութիւնները»: Անձամբ Ստալինի ցուցումով վերջնականապէս վրացականացուեց հնդկական «Ռամայանայի» սիւժետային կրկնութիւն պարսկական «Վագրենաւորը» հերոսական ասքը, որը ժամանակին սոսկ թարգմանուել էր վրացերէնի, իսկ Ատրպատականի առասպելական հերոս Բաբեկի մասին պատումներն ու պարսիկ բանաստեղծ Նիզամիի ստեղծագործութիւնը նուիրուեցին միւս «եղբայրական ժողովրդին»: Դա հնարաւորութիւն տուեց հնդեւրոպացիների (արիացիների) հնագոյն հաւատալիքների ու միթրայական ծիսակարգի խտացում հայկական «Սասնայ ծռեր» էպոսի գաղափարական բովանդակութիւնը իջեցնել հարեւանների մշակութագողութիւնների ժամանակային սանդղակին` այն մատուցելով սոսկ իբրեւ արաբական լծի դէմ պայքարի արտայայտութիւն:

Պատճառն ակնյայտ է. հետագայում միայն «Հարաւային Կովկաս» անունը ստացած տարածաշրջանում ո՛չ անտիկ շրջանում եւ ո՛չ էլ միջնադարում հայկականից բացի` մշակոյթի քաղաքակրթական ձեւերին հասնող այլ բարձրարժէք կոթողներ չէին ստեղծուել: Նոյնն էր վիճակը նաեւ ճարտարապետութեան բնագաւառում, որտեղ միակ բացառութիւնը վրացական եկեղեցաշինութիւնն էր հայկական եւ քաղկեդոնական ոճի ընդօրինակումներով:

Սակայն քաղաքակրթական ձեւերի մէջ ամփոփուած high culture-ը` իբրեւ տուեալ տարածքը որոշակի հանրոյթին պատկանելու ապացոյց, մեր հարեւանների կողմից փաստօրէն չի ստեղծուել անգամ նոր ու նորագոյն ժամանակներում: Վրացական բարձրարժէք էթնիկ երաժշտութիւնը կամ ազրպէյճանաթուրքական մուղամը դեռեւս չեն վկայում high culture-ի գոյութեան մասին: Դրանք քաղաքակրթական բարձր ձեւերի մէջ են ամփոփուել փայլուն երաժիշտների մի ամբողջ փաղանգի կողմից, որոնց վրացական հատուածը` հայկական, իսկ ազրպէյճանական հատուածը` հիւսիսկովկասեան, իրանական ու մասամբ էլ հրէական արմատներ ունի: Ռուսականացած եւ ապա վրացիների մէջ ձուլուած Վրաստանի հայերի` Պալեան-Պալիեւ-Պալիաշվիլիի, Մարջանեան-Մարջանով-Մարջանիշվիլիի, Սարաջեան-Սարաջեւ-Սարաջիշվիլիի, Մուրադեան-Մուրադով-Մուրադելիի, ինչպէս նաեւ` ռուսականացած եւ ապա հետագայում արհեստականօրէն «ազրպէյճանականացուած» տաղստանցի Ուզէիր Հաճիպեկովի (այժմ` Հաճիպէյլի), ապշերոնեան թաթ-իրանցի Կարա Կարաեւի կամ էլ լեզգու եւ հրեայի խառնուրդ, տաղանդաւոր երգիչ Մուսլիմ Մագոմաեւի եւ բազմաթիւ այլ օտարազգիների բարձր արուեստը նոյնքան է վրացական կամ ազրպէյճանական, որքան` հայկական, իրանական, հիւսիսկովկասեան կամ հրէական:

Մեր հարեւանների համար է՛լ աւելի տխուր պատկեր է ներկայացնում նոր ու նորագոյն շրջանի նրանց «ճարտարապետութիւնը», որն աւելի շուտ ոչ թէ վրացիների կամ ազրպէյճանցիների, այլ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի ներկայ տարածքներում ապրած հայերի, ռուսների, յոյների, գերմանացիների ու հրեաների մշակութային ժառանգութիւնն է:

Նոյնպիսի փաստեր կարելի է բերել բարձր արուեստի այլ բնագաւառների մասին` հասկանալու համար մեր հարեւանների մօտ հայկական հնագոյն ու միջնադարեան քաղաքակրթութեան հանդէպ պատմականօրէն ձեւաւորուած անլիարժէքութեան բարդոյթի պատճառները: Ինտերնացիոնալիզմ քարոզող ԽՍՀՄ-ի գոյութեան պայմաններում անգամ նման երեւոյթը վրացիների ու ազրպէյճանցիների մշակութային ինքնութեան անբաժանելի մասն էր դարձել: Պարզապէս Ազրպէյճանում այն համընդհանուր (թոթալ) բնոյթ ունէր, իսկ Վրաստանում դրսեւորւում էր հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման տեսքով:

Նման իրողութիւնների առկայութեան պայմաններում տեղի ունեցած ԽՍՀՄ փլուզումը համընկաւ մեր հարեւան «փոքր կայսրութիւնների» իրականացրած ազգային փոքրամասնութիւնների զանգուածային ձուլման ու դուրսմղման քաղաքականութեան եզրափակիչ հանգրուանին, ինչը վերջիններիս «մնացորդացին» կանգնեցրեց կեանքի ու մահուան երկընտրանքի առջեւ: Արդիւնքում` ինքնորոշուելու հնարաւորութիւն ստացան աբխազները, օսերն ու Արցախի հայութիւնը, բայց Արեւմուտք-Ռուսաստան դիմակայութեան պատճառով նրանց վերապահուեց սոսկ տէ ֆաքթօ  անկախութիւն` անորոշ ժամանակով յետաձգելով վերջնական կարգավիճակի հարցը:

Այսպէս շարունակուեց մինչեւ 2008 թուականի ռուս-վրացական պատերազմը, որի արդիւնքում Աբխազիայի ու Հարաւային Օսիայի ինքնորոշման գործընթացը փոխակերպուեց Ռուսաստանի կողմից փաստացի կլանման: Ու քանի որ դրանից յետոյ Արցախը մնաց տարածաշրջանի շուրջ շարունակուող մրցակցութեան թիրախում, հէնց 2008 թուականից էլ ռուսական քաղաքականութեան մէջ առարկայացաւ այս անգամ Հայաստանը թուլացնելով` Ազրպէյճանին աստիճանաբար իր կողմը գրաւելու ռազմավարութիւնը: Դրա քողարկուած արտայայտութիւնն էր մօտ 300 հազար «հայ հայրենակիցներ» ընդունելու ձեռնարկը եւ նրանց հնարաւոր վերաբնակեցման գօտին` Արցախի ազատագրուած 5 շրջանները Ազրպէյճանին յանձնելու Քազանեան փորձը: Հայկական գործօնի այս «համաձայնեցուած թուլացման» եւ Ազրպէյճանին զինելու քաղաքականութեան բարձրակէտը 2016 թուականի ապրիլն էր, որը պէտք է ապահովէր Ռուսաստանի երկրորդ թռիչքը դէպի հարաւ` Լեռնային Ղարաբաղ եւ նրա շուրջը: Մեր զինուորականութեան ինքնաբուխ դիմադրութիւնը չէ միայն, որ կասեցրեց այդ ծրագրի իրականացումը, այլեւ Իրանի` ուղղակի ու Միացեալ Նահանգների միջնորդաւորուած հակազդեցութիւնը:

Դա է պատճառը, որ այդ պատերազմից յետոյ Ռուսաստանն այդպէս էլ չի կարողանում ընտրութիւն կատարել «հնազանդ» Հայաստանի ու «անհնազանդ» Ազրպէյճանի միջեւ, իսկ միաժամանակ երկուսին էլ վերահսկելու համար անհրաժեշտ է այնքան թուլացնել նրանց, որ չէզոքացուեն անկախ կեցութեան բոլոր հնարաւորութիւնները: Պատճառն այն է, որ խորհրդային շրջանից ժառանգութիւն մնացած մոսկովեան հնամաշ «կայսերական ճօճանակի» տատանումները բախուել են յետխորհրդային իրողութիւններին բնորոշ ընդհանուր ու տարածաշրջանային արգելապատնէշներին:

Ուստի պատահական չէ, որ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմից ընդամէնը մի քանի ամիս անց, Հայաստանին հզօր հրթիռային համալիրների տրամադրման փաստի 2016 թ. սեպտեմբեր 21-եան լուսարձակումով, Մոսկուան ժամանակաւորապէս կասեցրեց մեծ պատերազմ սանձազերծելու Ազրպէյճանի փորձերը: Արդիւնքում, փխրուն ռազմական հակակշիռների վրայ հիմնուած, հայ-ազրպէյճանական «փոխադարձ պատանդառման» յետխորհրդային համակարգը սկսեց ի յայտ բերել վերջին քառորդ դարի ընթացքում մեր տարածաշրջանում Ռուսաստանի իրականացրած ուժային քաղաքականութեան ճգնաժամը, ինչն է՛լ աւելի խորացաւ Եւրասիականութեան տոքթրինի անհեռանկարայնութեան գիտակցման եւ ներկայ 2017 թուականին հէնց իր` Ռուսաստանի քաղաքակրթական խորը փակուղում յայտնուելու փաստի լուսարձակման արդիւնքում:

Ներկայ տարեսկզբից Ռուսաստանն ինքն է քայլեր ձեռնարկում Արեւմուտքի հետ համարկման նոր ուղիներ փնտռելու ուղղութեամբ, իսկ վերջինս նրա առջեւ արդէն հասցրել է բացել իր «Համպուրկեան նաւահանգիստը»: Ուստի վաղ թէ ուշ Մոսկուան նոյնպէս պէտք է մտածի մեր երկրամասը այն ընդհանուր քաղաքակրթական տարածութեան մասը դարձնելու մասին, որին նաեւ ինքն է ձգտում: Քանզի Ռուսաստանի ներկայիս արեւմտեան թրենտը, թէեւ հարկադիր, բայց միանգամայն գիտակցուած ընտրութիւն է` Պետրոս Մեծի ժամանակներից այդ երկրին բնորոշ արեւմտականացման հերթական պարբերաշրջանի սկիզբ:

Ուրեմն ներկայ պատմական պահը ուշագրաւ ռազմավարական մեկնակէտ է մեր տարածաշրջանում ժամանակին ձեւաւորուած միակ քաղաքակրթութեան` Հայաստանի ու նրա շարունակութիւնը հանդիսացող հայկական սփիւռքի համար: Որովհետեւ, ընդհանուր արժէքային ընտրութեան վրայ հիմնուած, ընդհանուր երկխօսութեան սկզբնաւորման հեռանկարը մեր տարածաշրջանի քաղաքակրթական դիմագծի յստակեցման իր առաջին իսկ փորձերի համատեքստում ոչ միայն չի կարող շրջանցել Հայաստանը, այլեւ հէնց նրան է դիտարկելու որպէս յենման կէտ:

Պատճառն ակնյայտ է. միայն Վրաստանով հնարաւոր չէ արեւմտեան դիմագիծ հաղորդել Հարաւային Կովկասին, իսկ միայն Ազրպէյճանով` դարձնել իսլամական աշխարհի մի մասը, բայց միայն Հայաստանով է հնարաւոր այն համարկել Արեւմուտք-Ռուսաստան ընդհանուր ռազմավարական շահերի եւ աւելի հեռանկարային` քաղաքակրթական ձգտումների համատեքստում: Ուստի կասկած չունենք, որ ռուս-ամերիկեան ընդհանուր երկխօսութեան սկզբնաւորման մասին վկայող առաջին իսկ ազդանշանները լուրջ անհանգստութիւն եւ խոր տագնապ են առաջացնելու (եթէ արդէն չեն առաջացրել) մեր հարեւանների շրջանում: Վրաստանի համար դա նշանակում է Արեւմուտքի հետ երկարատեւ տնտեսաքաղաքական դիմակայութեան արդիւնքում Ռուսաստանի փլուզման մասին իր երազանքի խորտակում, իսկ Ազրպէյճանի համար` Ռուսաստանի ու Թուրքիայի ղեկավարներին նոր Լենինի ու նոր Աթաթուրքի դերերը վերապահելու խաբկանքի լուսարձակում:

Այդ պատճառով առաջիկայ ամիսների ընթացքում, մինչեւ 2018 թուականի մարտին Ռուսաստանում սպասուող նախագահական ընտրութիւնները եւ դրանց արդիւնքներով պայմանաւորուած` նրա քաղաքակրթական ընտրութեան վերջնական յստակեցումը, մեր հարեւաններն ու նրանց արտասահմանեան հովանաւորները փորձելու են «ձուկ որսալ» արդէն իսկ եռացող` «Հարաւային Կովկաս» կոչուող կաթսայում: Ու քանի որ Հայաստանն ինքը որպէս պետութիւն դեռեւս տարուբերւում է օլիգարխիկ համակարգի ապամոնթաժման եւ ազգ-բանակ գաղափարի վրայ հիմնուած` պետականութեան նոր բնորդի ձեւաւորման ցանկութեան ու հնարաւորութեան սահմանագծին, 2017-ի երկրորդ կէսին եւ 2018-ի սկզբներին մեր ֆիզիքական գոյութիւնը պաշտպանելու միջոցով ազգային ինքնութիւնը վերագտնելու առաջադրանքի լուծումը նորից յայտնուելու է 19-20 տարեկան հայ զինուորի վտիտ ուսերին…

Հազարամեակների մեր քաղաքակրթութեան, նրա անցեալի ու ներկայի բազում գանձերի, մեր յոյսերի ու երազանքների իրականացման եւ անգամ մեր լինելիութեան գրաւականը դեռեւս ռազմաքաղաքական դաշտում գտնուող դաժան մրցակցութեան մէջ յաղթելու խնդիրն է: Դա տարածաշրջանի քաղաքակրթական դիմագծի յստակեցման նախնական հանգրուանին բնորոշ` մակընթացութիւնների ու տեղատուութիւնների հակամէտ ալիքներին դիմակայելու եւ յուսատու նաւահանգիստ դուրս գալու միակ ուղին է: Տարածաշրջանի քաղաքակրթական դիմագծի յստակեցման անխուսափելիութիւնն այն թոյլ ու տարտամ լոյսի շողն է, որը մեզ այսօր աւետում է Հայաստանի նոր վերելքի իրական հնարաւորութեան առկայութեան մասին` ամրապնդելով մօտալուտ փորձութիւններին դիմակայելու մեր հաւաքական կամքը:

 


Լիբանան Շուտով Քարիւղ Եւ Կազ Արտադրող Երկի՞ր Կը Դառնայ

$
0
0

Լիբանան, ուր ի տարբերութիւն իր բազմաթիւ դրացիներուն, քարիւղի եւ բնական կազի գիները սուղ են, վերջերս կ՛աշխատի իրականացնելու իր ծրագիրը` դառնալու քարիւղ եւ բնական կազ արտադրող երկիր մը այս տասնամեակի աւարտին:

Այս ծրագիրը իրականացնելու համար լիբանանեան կառավարութիւնը կը պատրաստուի ստանձնելու քարիւղի միջազգային ընկերութիւններու կառավարման իր նոր դերը, երբ բազմաթիւ բազմազգեաններ սկսած են իրենց գումար-առաջարկութիւնները ներկայացնելու` Լիբանանի մերձափնեայ շրջաններուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի պեղումներուն մասնակցութեան արտօնագիր ձեռք բերելու աճուրդին:

Այս իմաստով, Լիբանանի ջրելեկտրականութեան նախարար Սեզար Ապի Խալիլ վերջերս կոչ ուղղեց բազմազգեաններուն` յարգելու մրցոյթին մասնակցելու սեպտեմբերի 15-ի ժամկէտը, նկատի առնելով, որ պայմանագրութիւնները պիտի ստորագրուին յառաջիկայ նոյեմբերին: Արդէն իսկ 51 ընկերութիւններ ներկայացուցած են իրենց առաջարկները:

Փաստօրէն, Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները բաժնուած են 10 մասերու (պլոքզ), որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի տրուի քանի մը ընկերութիւններէ բաղկացած միութեան, իսկ առայժմ աճուրդի դրուած են միայն հինգ պլոքներ:

Նախատեսուած մրցոյթը պէտք էր իր լրումին հասնէր 4 տարի առաջ, սակայն ձգձգուեցաւ քաղաքական պատճառներով:

Կ՛արժէ հոս փակագիծ մը բանալ եւ նայիլ, թէ Լիբանան ինչպէ ՞ս հասաւ քարիւղի եւ կազի պեղումներու այս փուլին եւ մօտիկ ապագային կրնայ մաս կազմել արտադրող երկիրներու ընտանիքին:

Մերձափնեայ Շրջանները Հարուստ Են Քարիւղով Եւ Կազով

15 տարիէ ի վեր փաստագրուած տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն, որ Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները հարուստ են քարիւղով եւ կազով: Բազմաթիւ միջազգային ընկերութիւններ արդէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են` մասնակցելու բազմամիլիոն տոլարներ պահանջող պեղումներուն:

Գիտական առաջին տուեալները քարիւղի գոյութեան մասին երեւան եկան 2002-2006 թուականներուն, երբ բրիտանական «Սփեքթրում» եւ նորվեկիական «Փի. Ճի. Էս.» ընկերութիւնները կատարեցին յաջորդական ձայնային ալիքներու օգտագործման ճամբով ուսումնասիրութիւններ` Լիբանանի ծովային սահմաններուն մէջ եւ յայտարարեցին, որ երկրաբանական բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները հարուստ են քարիւղով ու կազով:

Իսկ 2010-ին Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական հետազօտութեան գրասենեակը յայտարարեց, որ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի երկիրներուն ամբողջութիւնը, այս պարագային` ծովային տարածութիւնները, հարուստ է քարիւղով եւ կազով: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Իսրայէլի ծովատարածքին մէջ կը գտնուին 1,7 միլիառ տակառ քարիւղ եւ 122 թրիլիոն խորանարդ ոտք օգտագործելի կազ:

Գիտական այս տուեալներէն մեկնելով` Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը 2010-ին հրապարակեց ծովափնեայ քարիւղի հարստութեան վերաբերեալ թիւ 2010/23 օրինագիծը, որ կ՛առաջադրէ օրէնքներ եւ մարմիններ` վերահսկելու եւ կառավարելու այս հարստութիւնը: 2010-էն մինչեւ այսօր, սակայն, պեղումներու ժամկէտը կը սպասէ քաղաքական համախոհութեան (կամ` աւարը բաժնուելու ձեւ մը ճշդող համաձայնութեան):

Առաջին Անգամ Չէ, Որ Պեղումներ Կը Կատարուին

Առաջին անգամ չէ սակայն, որ պեղումներ կը կատարուին Լիբանանի մէջ: 1947-էն սկսեալ պեղումներ կատարուած են ցամաքի վրայ` ֆրանսացի երկրաբան Լուի Տիւպերթէի եւ լիբանանցի երկրաբան ժորժ Սապպաղի գլխաւորութեամբ, Պեքաայի Քաա, Լեռնալիբանանի Թալ-Զանուպ, հարաւի Սըհմոր, Եհմոր, Ատլուն եւ հիւսիսի Ապրին եւ Թըրպոլ շրջաններուն մէջ: Այս պեղումները հաստատած են քարիւղի գոյութիւնը Լիբանանի հողատարածքին մէջ, բայց օրին անոր արտահանման ծախսերը շատ աւելի գնահատուած են, քան` եկամուտի հաւանականութիւնը:

Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջրելեկտրականութեան նախարարութեան համաձայն եւ հիմնուած «Սփեքթրում» եւ «Փի. Ճի. Էս.» ընկերութիւններու հաշուարկումներուն վրայ, Լիբանանի ծովային տարածքի 10%-ին հետազօտութիւնը ցոյց տուած է առկայութիւնը շուրջ 30 թրիլիոն խորանարդ ոտք կազի եւ 660 միլիոն տակառ քարիւղի:

Բոլոր նախատեսութիւնները, սակայն, կը մնան նախատեսութիւն եւ թերի` մինչեւ պեղումներուն աւարտը:

Ծովափնեայ քարիւղի հարստութեան վերաբերեալ թիւ 2010/32 օրինագիծը խորհրդարանին կողմէ վաւերացուեցաւ յունուար 2011-ին: Օրինական իմաստով, այս օրինագիծը միայն կը վերաբերի ծովափնեայ պեղումներուն եւ յայտնաբերումներուն: Անիկա ունի 28 ենթաբաժանումներ, որոնք կը վերաբերին օրինագիծի գործադրութեան եղանակին:

18 ապրիլ 2013-ին ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ընտրուած են 46 միջազգային ընկերութիւններ` մասնակցելու պեղումներու մրցոյթներուն: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ անոնցմէ 12-ը պիտի ունենան գործառնական դերակատարութիւն: Այդ ընկերութիւններն են` «Անատարքօ» (ամերիկեան), «Շեւրոն» (ամերիկեան), «Էնի Ինթըրնեշընըլ» (իտալական), «Էքսոն Մոպիլ» (ամերիկեան), «ԻՆՓԷՔՍ» (ճափոնական), «Մաէրսք» (դանիական), «Փեթրոպրաս» (պրազիլական), «Փեթրոնաս» (մալեզիական), «Ռեփսոլ» (սպանական), «Շել Ի Էնտ Փ Տաչ» (հոլանտական), «Սթաթոյլ» (նորվեկիական) եւ «Թոթալ» (ֆրանսական):

Մրցոյթի ամբողջացման համար նկատի առնուած էր մէկ տարի, իսկ պեղումներու համաձայնագիրներու ստորագրութեան համար թուական ճշդուած էր փետրուար 2014-ը: Սակայն քաղաքական անհամաձայնութիւնները պատճառ դարձան մրցոյթի յետաձգման: Եթէ ամէն ինչ ընթանար ծրագրուածին համաձայն, 2018-20-ի միջեւ Լիբանան պիտի դառնար քարիւղ եւ կազ արտադրող երկիր մը:

Պայմանագիրի Մանրամասնութիւններ Տակաւին Չեն Հրապարակուած

Օտար ընկերութիւններու հետ ստորագրուելիք պայմանագիրին պատճէնը պատրաստ է, բայց անոր մանրամասնութիւնները հանրութեան սեփականութիւնը չեն դարձած տակաւին: Մասնագէտներ կ՛ըսեն, որ պեղումները ծախսալից են, եւ մրցոյթները շահած ընկերութիւնները պարտաւոր են կազմելու միութիւններ. կէտ մը, որ ճշդուած է պայմանագիրին մէջ: Նկատի ունենալով պեղումներու ծախսը` այդ ընկերութիւնները կ՛ակնկալեն ստանալ եկամուտին մէկ կարեւոր համեմատութիւնը:

Նախատեսուած իւրաքանչիւր հորի ծախսը կը գնահատուի 100 միլիոն տոլարով:

Գիտնականներու համաձայն, ոչ ոք կրնայ նախօրօք ըսել, թէ որքա՛ն կարելի պիտի ըլլայ արտահանել իւրաքանչիւր նաֆթահորէ եւ կազահորէ: Նոյնիսկ պեղումներու ընթացքին կարելի չէ ճշգրիտ թիւեր տալ: Միայն պեղումներէն ետք կարելի կ՛ըլլայ գիտնալ ճշգրիտ քանակը:

Ուսումնասիրութիւնները կու տան որոշ գաղափար մը, բայց երբե՛ք` ճշգրիտ թիւը: Սակայն, ըստ նոյն աղբիւրին, բազմազգեան ընկերութիւններ այսքա՛ն հետաքրքրութիւն ցոյց պիտի չտային, եթէ նախատեսուած քանակը շահաբեր չըլլար:

Տնտեսագէտներ աւելի պահպանողական տեսակէտ կ՛արտայայտեն եւ կ՛ըսեն, որ մեր սպասումները սահմանափակ պէտք է ըլլան: Երկրաբանական ուսումնասիրութիւններ կու տան տեսականօրէն հատուցելի մօտաւոր թիւեր: Անոնք երբե՛ք չեն կրնար ճշդել տնտեսականօրէն ստացուելիք իսկական քանակը:

Լիբանան Քարիւղ Եւ Կազ Արտադրող Երկի՞ր

Պեղումները կրնան Լիբանանը վերածել քարիւղ եւ կազ արտադրող երկրի: Այս պարագային, երկիրը կրնայ փակել իր պարտքերը, ապահովել ուժանիւթի իր կարիքները եւ ամրապնդել իր տնտեսութիւնը:

Եթէ նախատեսութիւնները ճիշդ դուրս գան, տնստեսութեան հեռանկարները պիտի ըլլան շատ փայլուն, կ՛ըսեն տնտեսագէտներ: Նախ պիտի դադրինք քարիւղ եւ կազ ներածելէ, ինչ որ պիտի պակսեցնէ պետական պիւտճէին ծախսերը, պիտի սկսինք վճարել աւելի քան 60 միլիառ տոլար գնահատուած մեր պարտքերը եւ եկամուտին մէկ մասը պիտի կարենանք գործածել երկրին վերաշինութեան եւ բարգաւաճման համար:

Բնականօրէն Լիբանան պիտի ստանայ եկամուտի իր բաժինը, բայց անիկա կախեալ է երեք տուեալներէ: Առաջին ազդակը տնտեսականօրէն արտահանուած եւ ծախու դրուած քարիւղին եւ կազին քանակն է: Երկրորդը` Լիբանան ինչպէ՞ս պիտի կարենայ մուտք գործել քարիւղ արտադրող երկիրներու արդէն իսկ բաւական բարդ շուկային մէջ: Ասիկա կ՛ենթադրէ` գիտական ծրագրում, քարիւղի եւ կազի ամբարման կեդրոններու ստեղծման յստակ քաղաքականութիւն եւ ռազմավարութիւն:

Երրորդ եւ մեր ընթերցողներու համար ամէնէն կարեւոր ազդակը քարիւղէն գոյացած եկամուտի հարցն է:

Ուժանիւթի նախարարութեան համաձայն, քարիւղէն եւ կազէն գոյացած եկամուտը պիտի բաժնուի բազմազգեան ընկերութիւններուն եւ Լիբանանի միջեւ: Լիբանանի բաժինով պիտի ստեղծուի անձեռնմխելի հիմնադրամ մը եւ պահ պիտի դրուի ապագայ սերունդներուն համար: Պարտքերը պիտի վճարուին տնտեսութեան զարգացման արդիւնքով գոյացած եկամուտէն եւ ոչ թէ` քարիւղի եկամուտէն:

Անձեռնմխելի այս հիմնադրամը, սակայն, տակաւին չէ ստեղծուած, հակառակ անոր որ 2010/23 օրինագիծը կը պարտաւորէ անոր ստեղծումը: Տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛վ պիտի հովանաւորէ այս հիմնադրամը: Այլ խօսքով, մինչեւ հիմա յստակ չէ, թէ քարիւղէն եւ կազէն գոյացած գումարը ինչպէ՞ս պիտի գործածուի…

Աղբիւրներ

Journal of Petroleum Technology
Arabian Oil & Gas

http://www.arabianoilandgas.com/article-16016-feature-story-lebanons-production-ambitions/1/print/

https://www.spe.org/en/jpt/jpt-article-detail/?art=3145

Հայկական Սփիւռքը Կարող Է Օգտակար Լինել Վրաստանին

$
0
0

ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Մի քանի ամիս առաջ վրացական մամուլում հրապարակումներ եղան այն մասին, որ հայկական սփիւռքը կարող է օգտակար լինել Վրաստանին` Եւրոմիութեան ու ՕԹԱՆ-ի հետ համարկման ճանապարհին: Ոչ մէկի համար գաղտնիք չէ, որ հայկական սփիւռքը ունի քաղաքական եւ ֆինանսական մեծ հնարաւորութիւններ` աշխարհի տարբեր երկրներում: Այն լաւ կազմակերպուած է, եւ որոշ չափով ունի հնարաւորութիւն` ազդելու տարբեր երկրներում ընդունուող որոշումների վրայ: Դա պայմանաւորուած է նրանով, որ սփիւռքում գործող հայկական կազմակերպութիւնները եւ հայ հասարակութիւնը բաւականին լաւ կազմակերպուած են եւ գրագէտ ձեւով աշխատում են իրենց պետութիւնների իշխանութիւնների եւ միջազգային ազդեցիկ կազմակերպութիւնների հետ:

Սփիւռքի հզօր հնարաւորութիւնը մինչ օրս լիովին չի օգտագործում Հայաստանի Հանրապետութիւնը, չնայած, որ այս իրավիճակում եւս սփիւռքը քաղաքական ու տնտեսական հսկայական օժանդակութիւն է իրականացնում Հայաստանի համար:

Ինչ վերաբերւում է Վրաստանին, ապա հարկ է նշել, որ հայկական սփիւռքը նախ եւ առաջ Վրաստանին կարող է օգնել Եւրոպայի եւ ՕԹԱՆ-ի լիարժէք անդամ դառնալու ճանապարհին, ինչպէս նաեւ` մեծ ներդրումներ իրականացնել Վրաստանի տնտեսութեան մէջ:

Այստեղ ակնյայտ մեծ է Վրաստանի շահը, սակայն այդ դէպքում ո՞րն է հայկական սփիւռքի շահը: Նախ անհրաժեշտ է հասկանալ սփիւռքի գործօնի դերը հայոց պետականութեան կայացման գործում: Սփիւռքը զարգացած ու ժողովրդավարական տարբեր երկրներում լուրջ աշխատանք տանելով` պայքարել է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման համար: Արդիւնքները երեւում են անզէն աչքով: Հայոց ցեղասպանութիւնը  ճանաչել եւ դատապարտել են տասնեակ ժողովրդավարական երկրներ, իսկ Արցախի հարցում միջազգային հանրութիւնը ունի հաւասարակշռուած մօտեցում: Դրանից բացի` Միացեալ Նահանգներ պետական պիւտճէից ամէն տարի ուղիղ ֆինանսական օժանդակութիւն է տալիս Արցախին: Նոյն ժամանակ Միացեալ Նահանգների մի քանի նահանգներ ճանաչել են Արցախի անկախութիւնը եւ ԼՂՀ-ն վաղուց մշտական ներկայացուցչութիւն ունի Միացեալ Նահանգների մէջ:

Հարկ է նշել, որ միջազգային հանրութիւնը ուղիղ հակառակ դիրքորոշում ունի Վրաստանի գրաւուած տարածքների նկատմամբ` համարելով դրանք Վրաստանի անխախտելի մաս: Նոյն Միացեալ Նահանգներն ոչ մի օժանդակութիւն չեն ցուցաբերի այն երկրներին, որոնք աջակցելու են Աբխազիայի եւ Հարաւային Օսեթիայի ինքնահռչակ հանրապետութիւններին:

Այժմ մի փոքր` սփիւռքի նպատակների մասին: Հայկական սփիւռքի հիմնական նպատակը եղել է վերականգնել պատմական արդարութիւնը եւ վերադարձնել պատմական հայրենիքի սահմանները հայ ժողովրդին: Դրա կարեւորագոյն պայմանն է հզօր ու անվտանգ Հայաստան ունենալը: Իսկ հզօր ու անվտանգ Հայաստան ունենալ կարելի է միայն պաշտպանուած սահմաններով:

Վրաստանի թուրքացումը եւ Հայաստանին սահմանակից Սամցխէ-Ջաւախքի հայաթափումը ուղղակի վտանգ են ներկայացնում ՀՀ անվտանգութեանը ու ինքնիշխանութեանը: Վրաստանը Հայաստանի համար միակ ելքն է դէպի քրիստոնեայ երկրներ եւ այս շրջանում թուրքերի աշխուժութիւնը ուղղակի վտանգ է ներկայացնում Հայաստանի ու հայկական սփիւռքի ազգային շահերին: Դա սպառնալիք է նաեւ Վրաստանի ազգային շահերին: Եւ այս առումով, հիանալի համագործակցութեան առիթ կայ հայկական սփիւռքի հետ, որը գիտակցելով այդ ամէնը` ոչ մի կերպ չի ցանկանում, որ Վրաստանը հայաթափուի եւ յայտնուի թուրքական ազդեցութեան ներքոյ:

Անգամ հսկայական Եւրոպան խուսափում է թուրքական ներհոսքից` համարելով դա ազգային անվտանգութեան խնդիր: Էլ ինչ խօսք կարող է լինել Թուրքիայի ու Ազրպէյճանի արանքում մի փոքրիկ քրիստոնեայ Վրաստանի մասին, որին թուրքացնելը տեւելու է ընդամէնը մի քանի տասնամեակ:

Այս իրականութիւնից ելնելով` ի՞նչ դրական դերակատարութիւն է կարող ունենալ հայկական սփիւռքը: Նախ հնարաւոր է, որ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչները, տեսնելով լաւ պայմաններ եւ շահագրգռուածութիւն, ցանկանան ներդրումներ անել Վրաստանում եւ մասնաւորապէս Ջաւախքում: Դա կը թուլացնի թուրքական ազդեցութիւնը Ջաւախքում եւ կը նպաստի հայապահպանութեանը: Ջաւախահայութիւնը Վրաստանի յատուկ ծառայութիւնների համար այլեւս չի դիտարկուի որպէս ռուսական ազդեցութեան գործօն, որը իրականում թիւրիմացութիւն է, այլ կամաց-կամաց կ՛ընկալուի որպէս թուրքերին հակակշիռ գործօն եւ հնարաւոր կապ` հայկական սփիւռքի լոպիստական կազմակերպութիւնների հետ, որոնք մեծ ներդրում կարող են ունենալ Վրաստանի եւրո-ատլանտեան համարկման գործում: Դրանով իսկ սփիւռքը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծի ապագայում Հայաստանի եւրո-համարկման համար, եթէ դրա կարիքը յանկարծ հասունանայ:

Բաւականին վերջերս Ախալցխա այցելեցին Միացեալ Նահանգների Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքային խորհրդի անդամ Զարեհ Սինանեանը, Ուաշինկթընի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Դաւիթ Գրիգորեանը, զօրավար Արշալոյս Փայտեանը, քաղաքագէտ Ռուբէն Մեհրաբեանը եւ մի խումբ համշէնահայեր: Այս փոքրիկ հաւաքը Ախալցխայում, որը բաւականին լուրջ քաղաքական ուղերձ էր Վրաստանի իշխանութիւններին, կազմակերպել էր արցախեան ազատամարտիկ, ծնունդով ախալցխացի Էդուարդ Էնֆիաջեանը, որը ներկայումս ապրում է Միացեալ Նահանգներում եւ իր ընկերների հետ միասին ամէն կերպ փորձում է օգտակար լինել մեր հայրենակիցներին: Նրա կողմից Ախալցխա կազմակերպած այցելութեան նպատակը այն էր, որ Վրաստանի իշխանութիւնները տեսնեն, որ հայկական սփիւռքը անտարբեր չէ Սամցխէ-Ջաւախքում բնակուող հայերի ճակատագրով: Պատահական չէ, որ Զարեհ Սինանեանը հէնց քաղաքապետարանում Կլենտէյլի քաղաքային խորհրդի անունից պատուոգրեր յանձնեց Ախալցխայի մի շարք քաղաքական ու հասարակական գործիչների:

Միացեալ Նահանգներից Ախալցխա այցելած պատուիրակութեան մէջ, ինչպէս նշեցինք, ներկայ էր նաեւ «Փոլիսի Ֆորում Արմինիա» կենտրոնի ղեկավար Դաւիթ Գրիգորեանը, ով Ուաշինկթընում աշխատում է Միջազգային արժոյթի հիմնադրամում: Եւ նման հայեր դեռ ինչքա՜ն կան, որոնք աշխատում են տարբեր միջազգային խոշոր կազմակերպութիւններում ու պատրաստ են այցելել Ջաւախք եւ իրանց խորհուրդներով ու հեղինակութեամբ դրական ազդեցութիւն ունենալ Վրաստանի ներքին ու արտաքին կապերի ամրապնդման համար:

Տարբեր երկրներից հայերի վերոնշեալ այցելութիւնը Ախալցխա կարծես համահայկական խորհրդաժողովի նման մի փորձ լինէր, որը իր մէջ հաւաքեց հայերի` սփիւռքից, Համշէնից, Ջաւախքից ու ՀՀ-ից: Անկասկած յուլիսի 2-4 տեւած հանդիպումը չի եզրափակուելու այդքանով: Դրա արձագանգի մասին մենք դեռ կ՛իմանանք ամիսներ անց Միացեալ Նահանգներից, Համշէնից, Հայաստանից ու Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսից: Տուեալ հրաշալի միջոցառման շնորհիւ` մէկ անգամ եւս լաւ հնարաւորութիւն է առաջացել հզօր կապեր ձեւաւորել սփիւռքի եւ Ջաւախքի միջեւ: Դրանից բացի` հնարաւորութիւն կայ տնտեսական ու մշակութային կապեր ձեւաւորելու համշէնահայութեան եւ ախալցխահայութեան միջեւ: Այս հանդիպումների ընթացքում նոր որակի բարձրացան նաեւ կապերը հայ հասարակութեան ներկայացուցիչների եւ տեղական իշխանութեան ազդեցիկ անհատների միջեւ:

Նման կապերի ամրապնդման ու զարգացման համար այս տեսակի միջոցառումները Ախալցխայում պէտք է մշտական, ամէնամեայ բնոյթ ստանան, եւ ամէն տարի արդէն եղածների ուղեկցութեամբ Ջաւախք այցելեն հայկական սփիւռքի նորանոր դէմքեր, որոնք միայն իրենց այցելութեամբ արդէն կարող են դրական միջավայր ձեւաւորել Վրաստանում ջաւախահայութեան համար եւ նպաստել հայ-վրացական յարաբերութիւնների զարգացմանը:

Անկասկած նման կապերի հնարաւորութիւնից պէտք է օգտուեն նաեւ Վրաստանի իշխանութիւնները: Օրինակ, եթէ ցանկութիւն լինի, հնարաւոր է նման կապերի շնորհիւ Միացեալ Նահանգների Կլենտէյլ քաղաքը եւ Ախալցխան քոյր քաղաքներ դառնան, ինչից անկասկած շահելու են ինչպէս Վրաստանի իշխանութիւնները, այնպէս էլ` Ախալցխայի հայերը: Կամ այն քոնկրեսականներն ու ծերակուտականները, որոնք հայկական սփիւռքի ուղեկցութեամբ այցելում են Արցախ, հնարաւոր է այցելեն նաեւ Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջան: Եթէ նման մակարդակի այցելութիւնները մեր սփիւռքահայերի օգնութեամբ իրօք իրականութիւն դառնան, ապա կարելի է ենթադրել, որ Ջաւախքում լուծում կը գտնեն բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց մասին երկար տարիներ ապարդիւն բարձրաձայնում է ջաւախահայութիւնը:

Ջաւախքը կամուրջ պէտք է դառնայ ոչ միայն Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ, այլ նաեւ` հզօր քաղաքական հնարաւորութիւններ ունեցող մեր հայկական սփիւռքի միջեւ:

ՍԱՄՑԽԷ-ՋԱՒԱԽՔ ՄԵԴԻԱ
ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ԿԵՆՏՐՈՆ

 

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները –Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Երբ կը կարդանք կամ կը լսենք Սեւրի դաշնագիրին` նախագահ Ուիլսընի պատրաստած Հայաստանի քարտէսին մասին, ոմանց մօտ հաւանաբար այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ  Ամերիկայի 1913-1921 թուականներու 28-րդ նախագահը` Վուտրօ Ուիլսըն (1856-1924), Համաշխարհային Ա. պատերազմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք «զբաղումի համար» նստած ու Հայաստանի ապագայի քարտէսը գծած է… Այս թիւրըմբռնումին եւ ընդհանրապէս Սեւրի դաշնագիրին մասին որոշ շրջանակներու կողմէ  թերագնահատումին հաւանական պատճառներէն են`

Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող, ուստի, ամերիկեան պետական օրէնքի վերածուած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը ճշդող քարտէսը (1):

1.- Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ» արտայայտութեան յաճախակի վերյիշումը, իբր թէ բացարձակ եւ վախճանական ըմբռնում ու յուսահատական վիճակ:

2.- Յաճախ սխալ կերպով եւ առանց հիմնաւորումի արտայայտուած կարծիքները, թէ Լոզանի դաշնագիրը փոխարինեց Սեւրի դաշնագիրը, ինչ որ բնաւ իրականութեան չի համապատասխաներ:

3.- Խորհրդային ժամանակաշրջանի առաջին օրէն իսկ` հայադաւ վարքագիծը, որ ոչ միայն չպահանջեց Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած հայապատկան հողերը, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողերէն Արցախը եւ Նախիջեւանը նուիրեց նորաստեղծ, երկու տարուան կեանք ունեցող Ազրպէյճանին, Ախալքալաքը` Վրաստանին, եւ Արեւմտեան Հայաստանի Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու նահանգները, Արարատ լեռով ու Անի քաղաքով, պարտուա՛ծ Թուրքիոյ:

4.- Այս նիւթին կապակցութեամբ ընդհանրապէս ոչ մասնագիտական եւ մակերեսային մօտեցումը:

Սեւրի դաշնագիրը ի զօրու է տակաւին, գէթ` իր հայկական հողային պահանջատիրութեան պարագային. տես` «Սեւրի դաշնագիրը եւ «Հայաստանի հովանաւորութիւնը», ուր նաեւ կը պարզուի, իբրեւ անջատ առաջադրանք, ամերիկեան կողմին հիմնաւորումը, թէ ինչո՛ւ Ամերիկան չստանձնեց Հայաստանի հոգատարութիւնը (1): Փաստօրէն, 29 յունուար 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը ներառած է Սեւրի դաշնագիրը` հետեւեալ հատուածով. «… Ինչպէս նաեւ` 1920 օգոստոս 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 նոյեմբեր 22-ի` Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ» (2):

                                      «Քինկ-Քրէյն» առաքելութիւնը                                                  Ճէյմս Ճ. Հարպորտ

Սեւրի դաշնագիրին Ամերիկայի նախապատրաստական աշխատանքները.

1919-ին նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն Մերձաւոր Արեւելք ուղարկեց երկու հետախուզական առաքելութիւններ` տեղեկութիւններ հաւաքելու, յետհամաշխարհային Ա. պատերազմի` տարածաշրջանին ապագային մասին դիրքորոշուելու համար: Առաջինը` 1919 յունիսին, դիւանագիտական` «Թուրքիոյ հոգատարութեան (mandate) 1919-ի միջդաշնակցային առաքելութիւն», որ հետագային ճանչցուեցաւ պատուիրակութեան ամերիկացի համանախագահներուն անունով` «Քինկ-Քրէյն (Հենրի Չըրչիլ Քինկ եւ Չարլըս Քրէյն) առաքելութիւն», նպատակ ունենալով քննել նախկին Օսմանեան կայսրութեան ոչ թրքական տարածաշրջաններու ժողովուրդներուն, արաբական աշխարհ եւ Անատոլիա, ինքնորոշման ապագայի տրամադրութիւնները:

Առաքելութեան նստավայրը Կոստանդնուպոլիսն էր, եւ անոնք տեսակցութիւններ ունեցան (ոչ թրքական) համայնքներու պատասխանատուներուն եւ օսմանեան կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Դաշնակից երկիրներու պատուիրակները հրաժարեցան առաքելութեան մասնակցելէ, որպէսզի պարտաւորուած չըլլան գործադրելու առաքելութեան եզրակացութիւնը` անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունենալով ապագայի իր յատուկ ծրագիրը: Առաքելութիւնը իր տեղեկագիրը ներկայացուց Փարիզի մէջ, 28 օգոստոս 1919-ին, որ զանազան պատճառներով չհրապարակուեցաւ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1922: Հիմնական պատճառը Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի գաղութատիրական ծրագիրներն էին, որոնք արդէն դրսեւորուած էին 28 յունիս 1919-ի Փարիզի (Վերսայ) վեհաժողովին: Այս երկիրները նպատակ չունէին ճանչնալու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, որուն բացասական հետեւանքներուն ցարդ ականատես ենք տարածաշրջանին մէջ:

Տեղեկագիրին հայկական բաժինով «առաքելութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց ստեղծելու հայկական պետութիւն` մերժելով այն տեսակէտը, որ Թուրքիան պիտի յարգէր հայ բնակչութեան իրաւունքները` նկատի առնելով պատերազմի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան նախադէպին փաստը` պատճառը» (3):

 Հարպորտ Էջմիածինի մէջ                                                 Էջմիածինի հայ որբեր կը դիմաւորեն Հարպորտը

1919 օգոստոսին նախագահ Ուիլսըն ուղարկեց 50 անդամ հաշուող, որոնց մէջ` առ նուազն երկու ամերիկահայ բարձրաստիճան զինուորականներ, երկրորդ առաքելութիւն մը` «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն դէպի Հայաստան», գլխաւորութեամբ հազարապետ-զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտի (1866-1947): Հետագային ճանչցուելով իբրեւ «Հարպորտ առաքելութիւն»` անոր նպատակն էր ուղղուիլ Անատոլիոյ կեդրոնը, ապա Հայաստան` հետազօտելու եւ տեղեկագիր պատրաստելու քաղաքական, զինուորական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական եւ այլ նկատառումներու, որոնք կը ներառեն ապագայի ամերիկեան հաւանական շահերը եւ պատասխանատուութիւնները տարածաշրջանին մէջ (4), (5), (6), (7):

Թարգմանաբար կը ներկայացնեմ «Հարպորտ առաքելութեան» պատրաստած հաստափոր տեղեկագիրին 43 էջ յաւելուածին եզրակացութիւն գլուխը:

«Եզրակացութիւն (8)(8)

Մնայուն կերպով առաքելութիւնը ի մտի ունէր կատարելիք հետազօտութեան բարոյական ազդեցութիւնը` իր այցելած շրջանին մէջ: Ամիսներէ ի վեր, Ֆրանսայէն մեկնելէ առաջ, խիստ ահազանգային տեղեկագիրներ ստացած էինք Անդրկովկասէն, մասնաւորապէս` թրքական բանակին կողմէ կազմակերպուած մօտալուտ յարձակումներու մասին, թուրք-ռուսական նախկին միջազգային սահմանին երկայնքին: Թուրքիոյ մէջ առաքելութեան ուղեւորութիւնը այս տեղեկագրերուն հիման վրայ ծրագրուած էր` նպատակ ունենալով ստուգել իրականութիւնը եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ զսպիչ ազդեցութիւն կիրարկել:

Գրեթէ Սեւ ծովէն մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը կատարուած ստուգումները չարդարացուցին այդ տեղեկագիրները: Թրքական բանակը զանգուածային կերպով չէ կուտակուած սահմանի երկայնքին. անոնց կառոյցը քայքայուած է, եւ երկիրը զարհուրելի կերպով դատարկուած է քաղաքային թէ զինուորական բնակչութենէ: Իւրաքանչիւր գլխաւոր աւանէ որ անցանք, առաքելութեան պատասխանատուն հանդիպում ունեցաւ թուրք պաշտօնատարներուն հետ: Հարցուփորձ կատարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքին մասին, եւ միշտ անոնց հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ»:

Այստեղ պէտք է մատնանշել, որ առօրեայ տեղեկագիրներուն մէջ նշուած են թրքական բանակին եւ քրտական միաւորներու կողմէ առաքելութեան վրայ կատարուած յարձակումներ եւ առեւանգումներ, որոնք բարւոք լուծում ստացած են, սակայն` պատճառելով առաքելութեան շարքին վիրաւորներ:

«Ամերիկայի շահագրգռութիւնը իր միսիոնարներուն եւ բնիկ քրիստոնեաներուն մասին յստակօրէն շեշտուեցաւ: Հայերուն տեղահանութիւնը եւ ջարդերն ու վերապրողներուն վերադարձը արծարծուեցաւ իւրաքանչիւր հանդիպումին, ինչպէս նաեւ` այլ հարցեր, համոզելով թուրք պաշտօնատարները, որ իրենց երկիրը աշխարհի դատավարութեան ենթարկուած է: Առաքելութեան այցելութիւնը նկատելի բարոյական ազդեցութիւն ունեցաւ` երաշխաւորելու քրիստոնեաներուն կեանքի ու կալուածի ապահովութիւնը, մինչեւ խաղաղութեան խորհրդաժողովին տալիք գործադիր որոշումը:

Կրկին կը մատնանշենք, որ եթէ Ամերիկան ընդունի հոգատարութիւնը այն տարածաշրջաններուն, զորս այցելեցինք, անկասկած ան պիտի մղուի միջազգային պարտականութեան ուժեղ գիտակցութեամբ, եւ միաձայն փափաքովը, գոնէ այդպէս արտայայտած` իրեն գործակից Ազգերու դաշնակցութեան:

Առանց նախապէս ապահովելու նախապայմաններուն հաւաստիքը` ընդունիլ այս դժուարին պարտականութիւնը, ստոյգ ձախողութեան պիտի առաջնորդէ: Միացեալ Նահանգները պէտք է ճշդեն իրենց նախապայմանները` նախքան հարցին նախնական քննարկումը, անշո՛ւշտ նախապէս եւ ոչ թէ` ընդունելէ ետք, քանի որ կան բազմաթիւ զիրար հակասող շահագրգռութիւններ, որ ոեւէ ամերիկացի կրնայ պատկերացնել երկրին պատշաճ կառավարման: Միջազգային բարդութիւններու դէմ բոլոր հնարաւոր նախազգուշացումները պէտք է նախօրօք ընդունուին: Մեր կարծիքով, պէտք է յատուկ երաշխիքներ ապահովել Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հետ պաշտօնական համաձայնութիւններով եւ յստակ վաւերացում Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ` Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի նկատմամբ անոնց դիրքորոշումները յարգելու երաշխաւորագիրներով:

Մասնայատուկ կերպով կարեւոր է հետեւեալը.

– Թրքական կայսրութեան արտաքին յարաբերութիւններու բացարձակ վերահսկողութիւն. ոչ մէկ դեսպան, պատուիրակ, նախարար կամ դիւանագիտական գործակալ պէտք չէ Թուրքիոյ մէջ հաւատարմագրուի, իսկ Թուրքիան, նոյնպէս, արտասահմանի մէջ ոչ մէկ ներկայացուցիչ ունենայ:

– Զիջումներ, որոնք կը վերաբերին բացառիկ առանձնաշնորհումներու, ենթակայ են վերանայման, եթէ յայտնուի, որ կը հակասեն պետութեան (Ամերիկայի) գերագոյն շահերուն:

– Զիջումներ, որոնք անբաղձալի են հոգատար կողմին համար, եւ որոնց վրայ աշխատանք չէ կատարուած` ջնջել: Հարկ եղած պարագային` տէրերուն հատուցում կատարել:

– Վերացնել դրութիւնը, որով յատուկ եկամուտներ յատուկ նպատակի կը ծառայեն: Բոլոր եկամուտները պէտք է վերահսկուին պետական գանձատան (կեդրոնական դրամատուն) կողմէ, եւ բոլոր պարտատէրերը միայն գանձատունը նկատեն իբրեւ վճարման աղբիւր:

– Պէտք է դադրի Թուրքիոյ ելեւմտական մեքենային վրայ օտարերկրեայ հակակշիռը, իմա` կազմալուծել օսմանեան պետական պարտքի խնամակալական խորհուրդը, վերապահելով իրաւունքը, կարգ մը անհատ անդամներ իբրեւ խորհրդատու պահելու, նկատի առնելով անոնց ունակութիւնը օսմանեան տնտեսութեան:

– Կայսրութեան բոլոր արտաքին պարտաւորութիւնները պէտք է մէկտեղուին եւ հատուցուին:

– Կայսրութենէն անկախացած երկիրները, օրինակ` Սուրիա, Իրաք, պէտք է դրամական տրամաբանական բաժին ստանան` արտաքին պարտաւորութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւոր փոխհատուցում վճարելու պարտականութեան համար:

– Պատշաճ ծանուցումով Թուրքիոյ հետ գոյութիւն ունեցող առեւտրական պայմանագիրները չեղեալ յայտարարել:

– Բոլոր օտար կառավարութիւնները եւ զօրքերը հոգատարութեան տարածքներէն դուրս պէտք է գան հոգատարութեան ճշդած ժամանակացոյցով:

– Այս պայմաններուն հաւանութիւնը կրնայ դիւրաւ չիրականանալ: Շատ մը ազգեր ներկայիս ունին որոշ ելեւմտական հակակշիռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ անոնք դիւրութեամբ պիտի չհրաժարին այդ մենաշնորհներէն:

– Առարկութեան կարիք չկայ, թէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական քաղաքականութիւնը չի կրնար կառավարուիլ օտար մայրաքաղաքներէ: Պարտքերու վերատնտեսումը` դրամագլուխի հաւանական նուազեցումով, բողոքի ալիք պիտի բարձրացնէ, սակայն պէտք է պարտադրել, թէ ոչ ամերիկեան խնամակալութիւն մը կրնայ խայտառակուիլ եւ վարկաբեկուիլ:

– Առաքելութիւնը չէ զգացած, թէ իրմէ կ՛ակնկալուի առաջարկ ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հոգատարութիւն ընդունելու վերաբերեալ: Ուրեմն պարզապէս կը ներկայացնէ ամփոփում մը` թեր ու դէմ տեսակէտներու  արդիւնք տեղեկութիւններու` վեց շաբաթ մնայուն կապ հաստատելով շրջանի ժողովուրդներուն հետ»:

7 օգոստոս 2017
(Շար. 1)

———————

(1) (http://www.aztagdaily.com/archives/315557)
(2) (http://www.president.am/hy/press-release/item/2015/01/29/President-Serzh-Sargsyan-visit-Tsitsernakaberd-Genocide/)
(3) (https://en.wikipedia.org/wiki/King%E2%80%93Crane_Commission)
(4) (https://en.wikipedia.org/wiki/Harbord_Commission)
(5) (https://www.youtube.com/watch?v=SW2juvDHayc) Տեսանիւթ
(6) (https://www.youtube.com/watch?v=Z5m6fx2bFq8)  Տեսանիւթ
(7) (http://www.fundamentalarmenology.am/Article/9/164/THE-HARBORD-MISSION-REPORTS-ON-ARMENIA,-1919-IN-THE-U.S.-DEPARTMENT-OF-STATE-ARCHIVES-(a-video).html) Տեսանիւթ
(8) (http://armenianhouse.org/harbord/conditions-near-east.htm) https://en.wikipedia.org/wiki/James_Harbord

Սեւրի Դաշնագրի Տեղն Ու Դերը Հայոց Յեղափոխական Արդի Մտածողութեան Մէջ (20 Օգոստոս 1920)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Քաղաքական մտածողութենէ թելադրուած, հաւանաբար, ճիշդ պիտի ըլլար յօդուածը խորագրել սապէս. այսօր ինչպիսի՞ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կամ ի՞նչ մակարդակի տեղ կը գրաւէ Սեւրի դաշնագիրը աշխարհաքաղաքական մերօրեայ դասաւորումներու հարթակին վրայ:

Իսկ ինչո՞ւ նման հարցադրում. պարզապէս գիտնալու, թէ արդեօք անիկա գերպետութեանց առաջնահերթութիւններու շարքի՞ն է, որոշումներ կայացնող հզօր երկիրներու կիզակէտի՞ն, անոնց մտասեւեռումին առարկա՞ն է, թէ՞ ընդհանրապէս զայն կարելի է շահագործել ստեղծուած տարբեր իրավիճակներու արանքին:

Դժբախտաբար գաղութարար պետութիւններու պատեհապաշտ, աճպարար եւ շահամոլ քաղաքական եւ զինուորական վարքագիծերուն վկան է եղած հայութիւնը աւելի քան 100 տարի է:

Ահա թէ ինչո՛ւ չենք շեշտադրեր վերեւ յիշուած հարցադրումներուն տարողութիւնը, որովհետեւ հայոց պետականութիւնն ու քաղաքական միտքը ցարդ հեռու է նման ոլորտներու մէջ ազդեցիկ եւ կողմնորոշիչ դերակատարութիւն ունենալէ, միջազգային մակարդակի վրայ ուժեղ կշիռ բանեցնել` եւ ի հարկին համապատասխան կացութիւններ ստեղծելէ, այլ խօսքով` Սեւրի դաշնագիրը իրականացնելէ:

Սա դառն իրականութիւն է` մեր հոգիները կճրտող եւ մտքերը տառապեցնող:

Միւս կողմէ, սակայն, առանց դոյզն երկմտանքի կրնանք եւ մեր արդար իրաւունքն է հարցադրել, թէ Սեւրի դաշնագրի ամբողջական ընկալումը հայոց յեղափոխական արդի մտածողութեան պաստառին վրա՞յ է, այսինքն` հայութիւնը իր պետական համակարգով ի վիճակի՞ է իրականացնել սեւրեան երազանքը:

Սա արդէն ներազգային կեանքի մտածական տարածք է, որուն մասին հարկ է ունենալ պատկերացում եւ ցոյց տալ քաղաքական մտքի հասունութիւն:

Արդ, երբ կ՛ակնարկուի հայոց յեղափոխական մտածողութեան, ըսել կ՛ուզուի, որ նման հաւաքական մտքի աստիճանաչափ ունի եզակի դրոշմ, խարսխուած է հայոց  պատմութեան ակունքներուն, ընդելուզուած` ազգային առանձնայատկութիւններու մէյ-մէկ արժանիքին հետ եւ վաստկած` փառքը իրերայաջորդ սերունդներու:

Իրօք, յեղափոխական մտածողութիւնը ինքնին կամրջում մըն է` անցեալէն եկող ու դէպի ապագայ սլացող: Անով կարելի է ներկայի կեանքը հունաւորել եւ հետագայի աշխատանքները ոգեղինացնել:

Այլ խօսքով` անիկա ըմբոստացումի, պայքարի, պահանջատէր կեցուածքի եւ յեղափոխաշունչ ոգիի ամէնէն իրական արտայայտութիւնն է: Յայտնապէս նման մտածողութեամբ ազգեր կ՛ապրին, կը ստեղծագործեն, կը վերանորոգուին եւ կը գոյատեւեն:

Յեղափոխական մտածողութիւն հասկացութիւնը չ՛ենթադրեր անպայման զէնքի ու պատերազմի հրաւէրներ, այլ ատոնց հետ միատեղ ու հաւասարաչափ անիկա յառաջադէմ եւ ուժեղ ըլլալու պատգամն է, պետական ամրակայուած համակարգի ու քաղաքական մտքի ամենաբարձր չափորոշիչներով աշխատանք կատարելու գիտութիւնն է, նաեւ` ազգային խոր գիտակցութիւնը:

Հաւանաբար չափազանցուած ու եթերային թուին վերոնշեալ ընդգծումները  բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛առաջնորդուին, այսպէս ասած, իրապաշտական յղացքներով, այսինքն` պահպանողական ապրելակերպի ուղեկցութեամբ:

Ի դէպ, նման պարտուողական վարքագիծ ծանօթ իրականութիւն է բոլորիս  համար: Հեռաւոր թէ մօտիկ անցեալի հայոց պատմութիւնը կը յուշէ ըստ ամենայնի:

Յայտնենք, որ յեղափոխական բառեզրին եւ անոր ցոյց տուած իմաստին հարկ է առնչել նաեւ տրամաբանութիւն եւ տրամադրութիւն հասկացութիւնները, որպէսզի մեր կարգին գերին չդառնանք ամբոխավար ասոյթներու, աժան վերագրումներու եւ անմիջական յուզումներու:

Փաստօրէն, հայոց պետական-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, գաղափարական թէ այլ բնագաւառներու կողքին, այս օրերուն ինչո՛ւ կ՛ուզենք շեշտը դնել հայոց յեղափոխական արդի մտածողութեան վրայ, բայց մանաւանդ` ինչպիսի՞ պետական համակարգի պատկերացումներ կ՛ուզենք ունենալ, երբ կը խօսինք այնքան էական եւ պատմակշիռ եղելոյթներու մասին:

10 օգոստոս – 22 նոյեմբեր 1920:

Իրերայաջորդ զոյգ թուականներ, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին հայութեան եւ անոր հողային իրաւունքներու ձեռքբերման:

Այսպէս ասած, զիրար ամբողջացնող զոյգ իրադարձութիւններ, որոնք միջազգայնօրէն ճշդեցին ու ամրագրեցին հայ պետականութեան ճակատագիրը` Արեւմտահայաստանի ազատագրումը, հայութեան բնօրրան վերադարձն ու միացեալ Հայաստանի ծնունդը:

Օրին, անկախ Հայաստանի պատուիրակութեան ու անոր ներկայացուցիչին` Աւետիս Ահարոնեանի գրիչով նուիրականացած սեւրեան իրագործումը, թէեւ մնաց սպիտակ թուղթի գերին, այդուհանդերձ` Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով սկիզբ կը դրուէր միջազգայնօրէն ընդունուած եւ վաւերացուած փաստաթուղթի մը, որ կ՛ընդգրկէ  պատմական եւ իրաւական անփոխարինելի արժեչափեր:

Արժեչափեր, որոնց հիմքը մարդկային իրաւունքներու պահպանումն է, ժողովուրդներու ազատատենչ եւ ինքնիշխան ապրելու ձգտումը, պետականութեան ամրակայումն ու հայրենի հողին պաշտպանութիւնը:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ ատենի հզօր պետական եւ իրաւական համակարգերու կողմէ, երբ աւելի քան տասը ազդեցիկ պետութիւններ (Ֆրանսա, Անգլիա, Իտալիա, Յունաստան, Պելճիքա, Ճափոն, Լեհաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն), ներառեալ` դաշնագիրի առնչակից երկիրներ Հայաստան եւ Օսմանեան կայսրութիւն, անոնք առանձնապէս ընդունեցին Հայաստան աշխարհի քաղաքական եւ իրաւական գոյութիւնն ու հայութեան հողային իրաւունքի անժամանցելիութիւնը:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ միջազգային դաշնագիրներ, ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն ոչ մէկ նշանակութիւն կրնան ունենալ, եթէ երբեք անոնց ետին չկանգնին հզօր կռուաններ, ինչպէս` ուժեղ պետական համակարգ, դիւանագիտական փորձառութիւն եւ տնտեսական  հզօր կարելիութիւններ:

Օրին Սեւրի դաշնագիրը զոհ գնաց գերպետութիւններու խօլ եւ խենեշ մրցակցութեան պատճառով ստեղծուած թշնամական կեցուածքներու, թուրքի խորամանկ եւ աղուէսային վարքագիծին, ինչպէս նաեւ` հայ իրականութեան մէջ առկայ քաղաքական ներհակ կողմնորոշումներու:

Այլ հարց, որ հայ քաղաքական միտքը ցոյց կու տար որոշակի ճկունութիւն, կ՛աշխատէր քանի մը ուղղութեամբ, այդուամենայնիւ, անզօր Հայաստան մը չէր կրնար ինքզինք պարտադրել եւ ապահովել Սեւրի յաջողութիւնը:

Ժողովուրդներու պատմութեան վերջին 100-ամեակը կ՛ընդգրկէ քանի մը իրադարձութիւն, որ պատճառ դարձաւ աշխարհաքաղաքական խոր ցնցումներու եւ քարտէսագրական արշաւներու: Սայքս Փիքոյի (16 մայիս 1916) ծաւալապաշտ եւ գաղութարար քաղաքական վարքագիծը արդէն ցուցանիշ էր հետագայ տարիներու եւ տասնամեակներու պատահելիք պատերազմական ուղղութիւններուն:

Օրուան միջազգային համայնքը իբրեւ թէ Սեւրի դաշնագիրով եւ Լոզանի (24 յուլիս 1923) վեհաժողովով փորձ կը կատարէր սանձելու միջազգային քաղաքական լիրբ ախորժակները եւ յոյս ներշնչել փոքր ժողովուրդներու, այդուամենայնիւ, ատոնք մնացին լոկ բարբաջանքներ եւ պատրանքներ:

Այսօր, երբ աշխարհաքաղաքական թէ քարտէսագրական խօլ արշաւներու եւ մահասփիւռ պատերազմներու թատերաբեմ է դարձած երկրագունդի գրեթէ մէկ երրորդ տարածքը,  երբ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի թէ եւրոպական Ասիոյ հսկայական հողամասերու վրայ ահաւոր պատերազմներ կը մղուին, երբ Սուրիան զոհ է դարձեր հաւատադրժող խաժամուժի եւ մարդակեր վոհմակներու քմայքին, երբ արաբ-իսրայէլեան, քիւրտ-թրքական թէ միջարաբական պատերազմները, այսպէս ասած, «կ՛աւետեն» նոր Միջին Արեւելքի մը ծնունդը, նոր աշխարհակարգի մը հորիզոնին վրայ երեւումը, ապա, հայութիւնը աւելի քան երբեք պարտաւոր է մէկդի թողուլ ներքին տարակարծութիւնները, զիրար չհանդուրժելու բարդոյթը եւ քաղաքական սին հաշիւները, եւ անյապաղ լծուելու համազգային ու համահայկական մասշտապի աշխատանքներու:

Արդ, ի՞նչ կ՛արժէ բարձրագոյն ամպիոններէ անգամ ճառել Սեւրի դաշնագրի իրաւական թէ քաղաքական արժէքին մասին, երբ զայն իրականացնելու երկար ճանապարհին հայ պետական աւագանին թէ քաղաքական միտքը քայլ առ քայլ այդ ուղղութեամբ չ՛ընթանար: Երբ դիւանագիտական ուժեղ եւ անշրջանցելի համակարգի կռուաններ ստեղծելու աշխատանքները տակաւին կը յամենան:

Ի՞նչ բանի կը ծառայեն այն բոլոր պատմագիտական վերլուծութիւններն ու բարոյահոգեբանական դասերը, երբ հայ պետականութիւնը տակաւին չէ գիտակցած, որ ունի անյետաձգելի յանձնառութիւն ազգը համախմբելու, հզօր Հայաստան կերտելու, հայրենադարձութեան զուլալ շունչ ու ազնիւ  ոգի սնուցելու:

Որո՞ւ համար է պէտք սեւրեան Հայաստանի մը ծնունդը, երբ արտագաղթի յորձանուտին դէմ դնելու փոխարէն, հայ պետական համակարգը ցոյց կու տայ  խեղճութեամբ յագեցած վարքագիծ, ինքնագոհ եւ փերեզակի կեցուածք:

Արդեօք ականատես չե՞նք, թէ փոքր, բայց հզօր պետութիւններ ինչպիսի՞ միջոցներու կը դիմեն պաշտպանուելու եւ յառաջադէմ ազգ ու հայրենիք կերտելու: Ինչպիսի՞ սերունդներ պիտի դաստիարակուին, որպէսզի անոնք իրենց կարգին դառնան յանձնառու հայեր, ինքնավստահ քաղաքական գործիչներ եւ ինքնաբաւ զարգացած սերունդներ, որոնք պիտի ստանձնեն հայրենիքի առաջնորդութիւնը:

Կարելի՞ է Սեւրի երազանքը իրականացնել, երբ հայութիւնը իր զարմանազան սփիւռքներով եւ ուծացման սպառնալիքով կ՛անհանգստացնէ ամէնէն անտարբեր հայերն անգամ:

Ո՞ւր մնաց այն լոզունգախառն արտայայտութիւններու ազդեցութիւնը, հայութեան տնտեսական, քաղաքական, գիտական ներուժէն առաւելագոյնս օգտուելու յանուն միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի մը կերտումին:

Առիթով մը շեշտած ենք, թէ Սեւրի դաշնագիրը ազգային իրաւունք է միջազգային դաշնագիր ըլլալէ առաջ, եւ անոր իրականացումը, եթէ երբեք մէկ կողմէ կ՛ենթադրէ աշխարհաքաղաքական նորովի դասաւորումներ, ապա միւս կողմէ անոր ոգին վառ պահելու ամէնէն ճիշդ ճանապարհը այսօրուան Հայաստանի հզօրացումն է, զայն զերծ պահելն է համատարած փտածութենէ, ահաւոր չքաւորութենէ, մենատիրական վարքագիծերէ, ընկերային անարդարութենէ, քաղաքական խաղքութենէ, մենաշնորհեալ վիճակներէ, հայութեան ստեղծագործ ոգին անճիտելէ, աղքատ հայու ճակատագրէն հայութիւնը ձերբազատելէ, ապազգային ու վատոգի մօտեցումներէ եւ այլն, եւ այլն:

Հարկ է պատրաստուիլ, գոնէ ասկէ ետք, առաւելագոյնս օգտուելու միջազգային  մակարդակի քաղաքական ցնցումներէն եւ ձեռք բերելու գէթ նուազագոյն առաւելներ յանուն ազգային երազանքի իրականացման:

Սեւրի դաշնագիրը նաեւ այս կը յուշէ:

7 օգոստոս 2017

Յեղափոխութեան Գաղափարը Ըստ Կրամշիի

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Կրամշիի կենսագրութիւն

Անթոնիօ Կրամշի եղած է իտալացի մարքսական տեսաբան մը: Ծնած է 22 յունուար 1891-ին եւ մահացած ֆաշական չարչարանքի տակ` 27 ապրիլի 1937-ին, բանտին մէջ:

Իր մէջ ընկերվարական գաղափարները ի յայտ կու գան իր ուսանողութեան ժամանակ, երբ ան կ՛ուսանի լեզուաբանութիւն Իտալիոյ արդիւնաբերական քաղաք Թուրինի համալսարանին մէջ` 1911-ին:

Թուրինի մէջ Կրամշիի ուսանողութեան տարիներուն նոր սկսած էր ինքնաշարժներու արտադրութեան ճարտարարուեստը. «Ֆիաթ»-ի եւ «Լանսիա»-ի գործարանները կը խրախուսէին բանուորները, որոնք կ՛ապրէին նիւթական ծանր պայմաններու մէջ:

Այդ ծանր պայմաններուն պատճառով ալ Թուրինի մէջ կը մեծնայ Ընկերվարական կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը եւ կը հիմնուի արհեստակցական միութիւն` պաշտպանելու համար բանուորներուն իրաւունքները:

Ծնած ըլլալով Սարտինիա կղզիին մէջ`  ան հեռու էր ընկերվարութենէն եւ միայն կը զօրակցէր գիւղացիներու բողոքներուն` յանուն անոնց ընկերային-տնտեսական կեանքի բարելաւման: Թուրինի քաղաքային կեանքը Կրամշին կը մղէ դէպի ընկերվարութիւն: Ան հանդիպումներ կ՛ունենայ քաղաքին մէջ գտնուող ընկերվարական անհատներու հետ, աւելի մօտէն կը հետեւի ընկերվարական շրջապատին, իսկ 1913-ին վերջնականապէս կ՛անդամակցի Ընկերվարական կուսակցութեան:

Իր նիւթական ծանր պայմաններուն եւ հիւանդութեան պատճառով Կրամշին 1915-ին կիսատ կը ձգէ ուսումը եւ իր սեփական ջանքերով կը հետեւի ինքնազարգացման` պատմական եւ փիլիսոփայական նիւթերուն շուրջ:

Կիսատ ձգելով ուսումը` ան կը նետուի գործի ասպարէզ: Ան արդէն իր ուսանողութեան տարիներուն (1914-էն) դարձած էր յօդուածագիր` ընկերվարական «Ժողովուրդի կանչ» օրաթերթին մէջ եւ իր այդ յօդուածագրութեան շնորհիւ ան հանրածանօթ կ՛ըլլայ լրագրական շրջանակներուն մէջ:

1916-ին ան կը դառնայ Ընկերվարական կուսակցութեան «Յառաջ» պաշտօնաթերթի Պիեմոնտի (մարզ մը, որ կը գտնուի Իտալիոյ հիւսիս-արեւմոտքը) մասնաճիւղի փոխխմբագիրը:

Յեղափոխական գործունէութիւնն ու գաղափարները

1916-էն սկսեալ, երբ Իտալիան արդէն իսկ մտած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ, եւ ժողովրդային խաւերը դժգոհ էին ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններէն, Կրամշի այդ թէժ տարիներուն կը սկսի ներդրում կատարել աշխատաւորական շարժման դաստիարակչական աշխատանքին մէջ: Ան կը դասախօսէր Ֆրանսական յեղափոխութեան, Փարիզի կոմունայի, կիներու իրաւունքներուն եւ ընկերային ու փիլիսոփայական այլ նիւթերու մասին` Թուրինի արհեստակցական միութեան կեդրոնին մէջ:

1917-ը բողոքներու տարի մը կ՛ըլլայ իտալական աշխատաւորական շարժումին համար: Կը բարձրանան «յեղափոխութեան» ձայները, որոնք իրենց յոյսը կտրած բարեփոխական ձախող փորձերէն, կոչ կ՛ուղղեն Ընկերվարական կուսակցութեան` որդեգրելու յեղափոխական գործելակերպը` կերտելու համար ընկերվարական համակարգ մը Իտալիոյ մէջ: Կրամշին կ՛ըլլայ կուսակցութեան մէջ յեղափոխական այդ թեւի գլխաւոր դէմքերէն մէկը:

Նոյն այդ օրերուն Կրամշի կ՛ընտրուի Ընկերվարական կուսակցութեան Թուրինի շրջանային կոմիտէի անդամ եւ կը նշանակուի «Ժողովուրդի կանչ» օրաթերթի խմբագիր:

Իբրեւ յեղափոխական գործիչ` Կրամշի համակրանք կը տածէ Ռուսիոյ մէջ ծագած Հոկտեմբերեան յեղաշրջումին նկատմամբ: Ռուսիոյ համայնավարներուն պէս, Կրամշի կը հաւատար, որ ընկերվարական յեղափոխութեան մէջ առաջնորդողի դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ բանուորական խորհուրդներուն ձեռքը:

Ընկերվարական կուսակցութեան յեղափոխական թեւի անդամները (Կրամշիի գլխաւորութեամբ) 1 մայիս 1919-ին կը հիմնեն «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթը, որ դարձաւ 1919-ին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած բողոքներու գաղափարական խօսափողը:

13  սեպտեմբեր 1919-ին Կրամշի կը գրէ «Յեղափոխութեան զարգացումը» յօդուածը` «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթին մէջ: Այդ յօդուածը կը դառնայ բանուոր դասակարգի պայքարին մղիչ ուժը: Ան կը գրէր. «Միայն բանուոր դասակարգը կրնայ փրկել մարդկային հասարակութիւնը բարբարոսութենէն եւ տնտեսական փլուզումէն… Բանուոր դասակարգը այդ փրկարար աշխատանքը կը կատարէ, երբ ինքզինք կը կազմակերպէ իբրեւ գերիշխող դասակարգ` պարտադրելով իր սեփական բռնատիրութիւնը (դիկտատուրան)` քաղաքական եւ արդիւնաբերական մարզերուն մէջ»:

Վերլուծելով յեղափոխութեան առարկայական ու ենթակայական պայմանները` ան նոյն յօդուածին մէջ կ՛աւելցնէր. «Պրոլետարական յեղափոխութիւնը պարտադրուած է եւ չէ առաջարկուած: Պատերազմին պատճառով ստեղծուած պայմանները (տնտեսական պաշարներու` հաւաքականութեան եւ անհատներու նախնական կարիքներու ապահովման ծայրայեղ անբաւարարութիւնը, արտադրութեան միջոցներու եւ միջազգային առեւտուրի կեդրոնացումը փոքրամասնութեան ձեռքը, աշխարհի երկիրներու գաղութատիրական ենթակայութիւնը անկլօ-սաքսոնական դրամատիրութեան եւ ազգային գետնի վրայ քաղաքական ուժերու կեդրոնացումը փոքրամասնութեան ձեռքը) կրնան ստեղծել հետեւեալ արդիւնքները. կա՛մ ընկերային ուժի նուաճումը բանուոր դասակարգին կողմէ` իր սեփական մեթոտներով եւ գործիքներով` դադրեցնելու համար քաղաքացիական աշխարհի քանդումը եւ նոր հիմքեր դնելու, ուր կարելի կ՛ըլլայ վերականգնել օգտակար գործունէութիւնը եւ կենսական ու կենսուժային արագ մղման զարկ տալ դէպի արտադրութեան եւ ընկերային կեանքի բարձունք, կա՛մ սովահար մահ եւ աշխատաւորներու ուժաթափութիւն, կա՛մ ալ ընկերային անկում` շարունակական կոտորած, մինչեւ որ վերահաստատուի հաւասարակշռուած յարաբերութիւն մը` դրամատիրական արտադրութեան եւ սպառող զանգուածներուն միջեւ»:

1919-ին Իտալիոյ արդիւնաբերական շրջանակներուն մէջ կը հիմնուին բանուորական խորհուրդներ, որոնք կը գրաւեն գործարանները եւ կը հիմնեն բանուորական սեփական իշխանութիւններ: Այդ գաղափարները յայտնի էին Կրամշիի «Բանուորներու ժողովրդավարութիւն» յօդուածին ընդմէջէն, որ լոյս տեսած է «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթին մէջ, 21 յուլիս 1919-ին: Սոյն յօդուածին մէջ ան կը գրէ. «Աշխատաւորները պէտք է անցնին ընտրելու իրենց պատգամաւորները` ընտրելով լաւագոյնն ու գիտակիցը: Գործարանային բոլոր ուժերը, գործարաններու կոմիտէութեանց  կապուած ըլլալով, պետութեան ուժը պէտք է տրուի բանուորական եւ գիւղացիական խորհուրդներուն»:

Իտալիայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը չի քաջալերեր «յեղափոխական ընկերվարութեան» մեթոտը, եւ ատիկա պատճառ կը դառնայ յեղափոխութեան ձախողութեան: Իշխանութիւնները 1920-ին կը լուծեն խորհուրդները, իսկ յեղափոխականները կը հրաժարին Ընկերվարական կուսակցութեան անդամակցութենէն, որովհետեւ վերջինս կը մերժէ թիկունք կանգնիլ իրենց:

21 յունուար 1921-ին Կրամշին միւս յեղափոխական ընկերվարականներուն հետ կը հիմնէ Իտալիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը:

Կրամշիի մտածումները շատ տարբեր էին բազմաթիւ համայնավարներու գաղափարներէն: Ան քննադատեց Ստալինի վարած մենատիրական եւ միակուսակցական պետութեան քաղաքականութիւնները, առաւել` խորհուրդներու անտեսումը:

Կրամշի, ի հակադրութիւն միւս համայնավարներուն, կ՛ուզէր հիմնել միասնական ճակատ մը ընդդէմ ֆաշական իշխանութիւններուն` այդ ճակատին մէջ ընդգրկելով ընկերվարականներն ու արհեստակցական միութիւններու անդամները:

Կրամշիի ժառանգութիւնը կը գտնուի նախորդ դարու 70-ական թուականներու ընթացքին արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ձեւաւորուած եւրոհամայնավարութեան մէջ, որ նպատակ ունէր ժողովրդավարութեան միջոցով կերտել համայնական սեփականատիրութիւն` առանց  արեան հեղումի, ինչպէս նաեւ տարբերիլ Խորհրդային Միութեան որդեգրած համայնավարութենէն` յարմարելով եւրոպական յատուկ պայմաններուն: Կրամշիի գաղափարական ժառանգութիւնը կը գտնուի նաեւ ներկայիս Եւրոպայի մէջ ձեւաւորուած արմատական ձախ ուժերուն մէջ, որոնց քաղաքականութիւնները հիմնուած են իրենց աշխատանքներուն մէջ ընկերութեան զանազան խաւերը եւ մանաւանդ արհեստակցական միութիւնները ներառելու սկզբունքին վրայ` ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական մարզերուն մէջ, այսպէս կոչուած` grassroots democracy-ի սկզբունքով:

 

Viewing all 12102 articles
Browse latest View live