Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Վաղը` Բոլո՛րս Արցախին Համար. Անկեղծութեան Եւ Ճշմարտութեան Օրն Է Վաղը

$
0
0

 

ARF_radiothon---to-print-1

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Վաղը Լիբանանի հայութեան համար անկեղծութեան արտայայտութեան օրն է:

Վաղը ճշմարտութիւնը պիտի երեւի Լիբանանի հայութեան համար:

Վաղը բոլորս անխտիր պարտաւոր ենք ԱՅՈ ըսել Արցախի պաշտպանութեան եւ նահատակ ու վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն համար կատարուելիք ռատիոթոնին:

Այս դրամահաւաքը Դաշնակցութեան ռատիոթոնը չէ:

Այս ռատիոթոնը Արցախի համար ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպած դրամահաւաքն է:

Ու պէտք է Լիբանանի հայութիւնը հաւաքաբար ԱՅՈ ըսէ այս դրամահաւաքին:

Խօսքի ժամը չէ:

Վերլուծումներու ժամանակը չէ:

Ամբաստանութեանց ժամանակը չէ:

Առաջնահերթութիւններու ճշդման, օժանդակութեանց տարբեր ձեւերու որոնման, «ո՛վ ինչ կ՛ընէ»-ի ժամանակը չէ:

Արցախի ժողովուրդը արիւն թափած է: Ու պիտի շարունակէ կռուիլ պաշտպանելու համար արեա՛մբ ձեռքբերուածը:

Ու մենք, պատերազմի ճակատէն հազարաւոր մղոններ հեռու կը յուզուինք, կը տագնապինք, կ՛ընդվզինք, բռունցք կը բարձրացնենք, կռուելու պատրաստակամութիւն կը յայտնենք եւ առիթ չենք փախցներ մեր բաժինը բերելու Արցախի, Հայաստանի եւ հայութեան պաշտպանութեան գործին:

Ու այս բոլորին լաւագոյն եւ անմիջական արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ վա՛ղը:

Ո՛չ մէկ պատրուակ ընդունելի կրնայ ըլլալ:

Ո՛չ մէկ արդարացում ընդունելի կրնայ ըլլալ:

Պատրուակ, արդարացում, անժամանակ վերլուծումներ ու անտեղի հարցադրումներ պարզապէս գործէ փախո՛ւստ են, պատասխանատուութենէ խուսափո՛ւմ են, աւելորդ շաղակրատութի՛ւն են, կեղծիք ու սո՛ւտ են:

Վաղը Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է իր խղճի ձայնին անսալու:

Ու պարտաւոր է իր լաւագո՛յնը եւ առաւելագո՛յնը տալու:

Հայ ղեկավարը, հայ մեծահարուստը, հայ եկեղեցականը, հայ մայրն ու հայրը, աշակերտը, բանուորը, ուսանողը, տատիկն ու մամիկը, հայ պաշտօնեան, հայ ուսուցիչը, ազգային կառոյցներու ծառաները, պետական թէ այլ պաշտօններու այրերը, ձեռնարկներու թէ հանդիսութիւններու ընթացքին առաջին շարքերու համար վէճ յարուցանող անհատները, գործի բացակայութենէն գանգատող երիտասարդները, ամէն առիթի ու ամէն նիւթով ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարողները, բոլո՛րը, բոլո՛րս հրաւիրուած ենք մեր գումարներով զօրակցելու Արցախին:

Զօրակցիլ լիաբուռն կերպով եւ առա՛տօրէն:

Իւրաքանչիւր անհատ իր կարելիութենէն նոյնի՛սկ աւելին տալով:

Երբ Արցախի մէջ արիւն կը հոսի, ու նահատակներ կ՛իյնան հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր, մենք չենք կրնար ձեռնածալ մնալ ու մեր բնական առօրեան շարունակել:

Տանք վաղը հպարտօրէն:

Արցախի պաշտպանութեան սրբազան գործին մասնակցելու հպարտութեա՛մբ:

Մեր նահատակներուն երազը իրականացնելու վճռակամութեա՛մբ:

Մասնակցի՛նք ռատիոթոնին առատութեա՛մբ, մենք մեզի պաշտպանելու վճռակամութեա՛մբ:

Վաղը անկեղծութեան օրն է:

Ճշմարտութեան օրն է:

Հայրենասիրութեան արտայայտութեան լաւագոյն առիթն է:

Ճակատաբա՛ց, հպարտօրէ՛ն կանգնինք հերոս Արցախին կողքին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>