Ճիշդ է, որ քառօրեայ պատերազմական գործողութիւնները դադրած են, սակայն զինուորական գործողութիւններու առաջին օրէն իսկ սկսած տեղեկատուական, քարոզչական, քաղաքական եւ դիւանագիտական պատերազմները կը շարունակուին մինչեւ այսօր:
Նոյնիսկ զինադադարի հաստատումէն ետք, Ազրպէյճան մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ գնդակոծել եւ հրետակոծել հայկական դիրքերը:
Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական վերջին գործողութիւնները անկասկած որ աննախադէպ էին: Աննախադէպ էին հետեւեալ առումներով.
1.- Ազրպէյճանի հետ սահմանը ունի մօտաւորապէս 200 քիլոմեթր երկարութիւն, սակայն վերջին յարձակումը իրականացուեցաւ հիմնականօրէն երկու ուղղութիւններով: Առաջին ճակատը հիւսիսարեւելեան ճակատն էր` Թալիշ-Մատաղիս-Մարտակերտ ուղղութեամբ: Երկրորդ ճակատը հարաւարեւելեան ճակատն էր` Ճապրայիլ-Մարտունի ուղղութեամբ:
Եւ ընդամէնը այս 2 ուղղութիւններով Ազրպէյճան օգտագործած է 2 զօրամիաւորում` իւրաքանչիւրը բաղկացած մօտաւորապէս 3000 զինուորէ: Այս զօրամիաւորումները համալրուած էին նաեւ յատուկ ջոկատայիններով, լեռնահրետանային գումարտակներով եւ հզօրացուած` հրասայլային գումարտակներով:
2.- Ըստ զինուորական մասնագէտներու, ազրպէյճանական յարձակումը նորութիւն էր մարտավարական եւ ռազմագիտական իմաստներով: Սակայն, այդ մարտավարութիւնը ազերիները չկրցան հմտօրէն իրականացնել եւ պումերանկի ազդեցութեամբ գործողութիւնը առաջին իսկ փուլէն ձախողութեան մատնուեցաւ:
Պատկերացուցէք, որ յարձակման առաջին իսկ վայրկեաններէն ազրպէյճանական կողմը ունեցած էր մեծ թիւով մարդկային կորուստներ: Չմոռնանք ըսելու, որ նախայարձակները յատուկ ջոկատայիններն էին, հետեւաբար զոհերուն մեծամասնութիւնը հմուտ սպաներ էին:
Մարդկային կորուստներուն հետ մէկտեղ ազրպէյճանական կողմը ունեցաւ զրահամեքենաներու մեծաթիւ կորուստ: Զինադադարի հաստատումէն առաջ իսկ յստակ էր, որ Ազրպէյճան կորսնցուցած էր 24 արդիական հրասայլեր, 2 ուղղաթիռ, մեծ թիւով անօդաչու սարքեր եւ ռազմական այլ մեքենաներ:
3.- Ազրպէյճանական այս յարձակումը աննախադէպ էր նաեւ այն առումով, որ Ազրպէյճան օգտագործեց գերարդիական սպառազինութիւն: Նորագոյն «Թի-90» հրասայլերու, իսրայէլեան արտադրութեան «Քամիքազ» անօդաչու սարքերու կողքին, Ազրպէյճան գործի դրաւ նաեւ «ՍՄԵՐՉ» եւ ԹՕՍ-1 հրթիռային համակարգեր:
Հիմա ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ կարելի եղաւ դիմակայել այս բոլորը:
Հիմնական երեք գործօններով.
1.- Մարտական Ոգի
Մարտական ոգիի ամենավառ ապացոյցը այն է, որ ոչ մէկ դիրքի կամ յենակէտի վրայ նահանջ արձանագրուած է: Դիրքի վրայ գտնուող իւրաքանչիւր սպայ եւ զինուոր պայքարած են մինչեւ վերջին շունչ եւ արեան կաթիլ:
Պայքարելու այս ոգիով պայմանաւորուած է այն, որ դիրքերու մէջ զոհուած մեր մարտիկներէն 18-ը անյայտ կորած կը համարուէին: Մինչեւ վերջին շունչը եւ արեան կաթիլը պայքարելէ ետք զոհուած էին, եւ ազերիները նահանջի ժամանակ իրենց հետ տարած էին անոնց դիակները:
2.- Մարտական Հմտութիւն
Հակառակ այն իրողութեան, որ յարձակման պահուն դիրքերու վրայ հիմնականօրէն կը գտնուէին ժամկէտային զինծառայողներ, սակայն սպայական կազմի հմուտ ցուցմունքներու հետեւելով` այդ ժամկէտային զինծառայողները այնպիսի հերոսութիւններ գործած են, որ պատմութիւնը անպայման կը յիշատակէ ապագային:
3.- Իրավիճակի Ճշգրիտ Գնահատումը
Եւ Պատասխան Գործողութիւններ
Անակնկալ յարձակումը շփոթի վիճակ չէր ստեղծած: Իրավիճակը ճիշդ ձեւով գնահատելէ ետք, հայկական ուժերը ազրպէյճանական յարձակման յաջորդ օրն իսկ նախաձեռնութիւնը վերցուցին իրենց ձեռքը եւ անցան հակայարձակման` վերատիրանալով գրաւուած բոլոր դիրքերուն եւ յենակէտերուն:
Այստեղ արդէն թշնամին շփոթի մատնուած էր: Անկանոն նահանջը պատճառ դարձաւ, որ անոնք անգամ մը եւս մեծաթիւ զոհեր տան:
Քանի խօսեցանք զոհերու մասին, յայտնենք, որ քառօրեայ այս պատերազմի աւարտին եւ անկէ ետք շարունակուած գնդակոծութիւններու եւ հրետակոծութիւններու պատճառով հայկական կողմը ունեցաւ 92 զոհ, որոնցմէ 4-ը քաղաքայիններ էին:
Այստեղ կանգ պէտք է առնենք ազերիներու գործած թուրքավարի բարբարոսութիւններուն վրայ:
Յարձակման առաջին րոպէներէն իսկ հրետակոծութիւնը հասաւ սահմանագիծէն քիլոմեթրեր հեռու գտնուող բնակավայրեր: Հրթիռակոծման ենթարկուեցան Մարտունի եւ Մարտակերտ քաղաքները: Մարտունիի մէջ հրթիռակոծուեցաւ նոյնիսկ դպրոցը, ուր 12 տարեկան պատանի մը զոհուեցաւ, որուն եղբայրն ու մէկ ընկերը ծանրօրէն վիրաւորուեցան:
Մտնելով Թալիշ գիւղ` ազերիները չխնայեցին նոյնիսկ 90-ն անց ծերերը: Սպաննելով 3 ծերունիներ` կտրեցին նաեւ անոնց ականջները:
Դաժանօրէն սպաննուած եզիտի զինծառայողը գլխատեցին եւ գլուխը տարին իրենց հետ:
Իսկ ընդամէնը քանի մը օր առաջ դիակներու փոխանակումէն ի յայտ եկաւ, որ եւս 3 զինծառայողներ գլխատուած էին, իսկ բազմաթիւ ուրիշներու մարմնի զանազան հատուածներ կտրուած էին:
Մարտական այս գործողութիւններուն հետ համատեղ Ազրպէյճան սկսաւ նաեւ տեղեկատուական եւ քարոզչական պատերազմ մղել: Ապատեղեկատուութիւնը, եւ ստայօդ լուրերը սկսան տարածուիլ միջազգային լրատուամիջոցներու եւ համացանցի ընկերային կայքէջերու միջոցով: Այս բոլորին դիմաց հայկական կողմը որդեգրեց բաց քաղաքականութիւն:
Արցախ հասած հայ թէ օտար լրագրողներուն համար հասանելի էր ամէն ինչ: Հայ թէ օտար լրագրողները ոչ մէկ դժուարութեան հանդիպեցան եւ ազատօրէն լրատուութիւն կատարեցին թէ՛ ռազմաճակատէն եւ թէ՛ թիկունքէն:
Հայկական կողմը թաքցնելիք որեւէ բան չունէր: Ընդհակառա՛կը, պէտք էր ցոյց տալ, որ հայրենիքի պաշտպանները պատուով կատարած էին իրենց պարտականութիւնը եւ անառիկ պահած էին սահմանը:
Մենք հողային տարածքի կորուստ չունեցանք:
Փա՛ռք եւ պատի՛ւ հայ զինուորին:
Կրնայ ըլլալ, որ շատ փայլուն ներկայացուցի ամէն ինչ: Սակայն այս չի նշանակեր, որ մենք դասեր չունինք քաղելու:
Ճակատամարտը աւարտած է, բայց պատերազմը կը շարունակուի:
Առաջնահերթութիւն է հայկական բանակի սպառազինութեան արդիականացումը, որպէսզի թոյլ չտանք, որ Ազրպէյճանի օգտագործած գերարդիական սպառազինութեան եւ հայկական համեմատաբար համեստ սպառազինութեան միջեւ եղած վիհը անգամ մը եւս լեցուի հայ զինուորի թափած արիւնով:
Անհրաժեշտ է խնամքով նեցուկ կանգնիլ զոհուած մարտիկներու կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Իսկ ռազմական գետնի վրայ մեր արձանագրած յաջողութիւնները պէտք է փոխանցուին քաղաքական հարթակ, եւ յաղթանակներ արձանագրուին նաեւ դիւանագիտական ճակատի վրայ:
Ապրիլեան պատերազմի առիթով յառաջացած ազգային միասնակամութիւնը պէտք է պահպանել ամէն գնով:
Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը բոլոր ժամանակներէն աւելի գործնական դրսեւորումներու կարիքը ունի:
Պէտք է վստահ ըլլալ, որ հայկական զինեալ ուժերու կողքին, ժողովրդային-համազգային բանակը անպայման կ՛ամրագրէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը: