Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Նահատակ Գրագէտ Ռուբէն Սեւակի Դուստրը` 102-Ամեայ Շամիրամ Սեւակ

$
0
0

Shamiram_40916

Տիգրան Եկաւեան auroraprize.com-ի վրայ կը գրէ‚ որ Շամիրամ Սեւակի Ֆրանսայի Նիս քաղաքի տան մէջ պատուոյ տեղ կը գրաւէ մանկութեան լուսանկար մը‚ որուն մէջ անոր կողքին են անոր եղբայրն ու մայրը: Սակայն այս մէկը ընտանեկան արձակուրդի մը ուրախալի պահի մը անմահացումը չէ: Խոժոռադէմ նշեալ երեք անձերը լուսանկարուած են 1915-ի աշնան, Պոլսոյ մէջ: Անոնց մայրը սեւ հագած է` իբրեւ սուգի նշան‚ անոնց հայրը յաւիտեանս հեռացած է: Մեծ դժբախտութիւն մը անդառնալի կերպով փոխած է այս ընտանիքին ճակատագիրը:

«Այս էր լուսանկարը այն անցագրին‚ որուն շնորհիւ Գերմանիոյ դեսպանին օժանդակութեամբ կարողացանք փախուստ տալ»‚ կ՛ըսէ Շամիրամ: 1915-ին ան հազիւ մէկ տարեկան էր‚ եղբայրը` Լեւոնը` 3: Անոնց մայրը` Ճենին կը փորձեր Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունէն կապ հաստատել Գերմանիա գտնուող իր աներոջ հետ: «Չէինք կրնար դուրս ելլել‚ սահմանները փակուած էին»‚ կը վերյիշէ Շամիրամ` աւելցնելով. «Պատերազմ էր եւ ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ էր: Բնաջնջումի վտանգը կը դիմագրաւէինք»:

Հայրական Ուժեղ Կերպար Մը

Շամիրամ ծնած է Պոլիս, 10 յուլիս 1914-ին: Ան չէ ճանչցած իր հայրը: Վերջինս ձերբակալուած է‚ երբ ինք երեխայ էր, եւ երբեք չէ վերադարձած: Սակայն անոր ազդեցութիւնը այսօր եւս կը զգացուի ընտանիքին եւ ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ: Ռուբէն Չիլինկիրեան կը շարունակէ հայ գրականութեան մէջ ականաւոր դէմք մը մնալ: Շամիրամ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին շարունակած է մնալ կախարդական ազդեցութեանը տակ իր հօր‚ որ բացակայ է‚ սակայն զարմանալիօրէն` ամէնուրեք: Շամիրամի սենեակը զարդարուած է իր սիրելի ծնողքին լուսանկարներով: «Անոնցմէ երբեք չեմ բաժնուիր»‚ կ՛ըսէ ան` աւելցնելով. «Տեղ մը յաւիտեանս մնացած եմ մանուկ մը»:

Վերադարձ Պոլիս

1914-ի սկիզբը‚ պատերազմի սկիզբէն առաջ Ռուբէն կ՛որոշէ վերադառնալ Պոլիս: Ճենին‚ որ Շամիրամով յղի էր, նուազ խանդավառ էր: «Հայրս չէ ուզած մտիկ ընել մօրս: Ան այս ծրագիրին դէմ էր»‚ կ՛ըսէ ան: Ռուբէն իբրեւ բժիշկ նկատառելի համբաւ շահած էր‚ սակայն կ՛երազէր վերադառնալ եւ իր ժողովուրդին ծառայել: Կ՛ուզէր հայերէն բժշկական պարբերաթերթ մը հրատարակել եւ ժամանակը յատկացնել բանաստեղծութեան ու գրական աշխատանքի:

Երբ պատերազմը սկսաւ‚ Ռուբէն Օսմանեան բանակի բժշկական բաժանմունքին մէջ սպայ մըն էր: Անոր թուրք հրամանատարները Կալիփոլիի պաշտպանութեան ընթացքին անոր քաջութիւնն ու հաւատարմութիւնը մատնանշած են: Սակայն երբ վերադարձաւ Պոլիս‚ մարդիկ անոր դուռը զարկին եւ հրամայեցին, որ դուրս գայ: Օրը 22 յունիս 1915 էր: «Հայրս ձեւով մը գիտէր‚ որ մօրս վերստին երբեք պիտի չտեսնէ»‚ կ՛ըսէ Շամիրամ` աւելցնելով. «Վերջին խօսքերը եղան. «Երբեք մի՛ մոռնար‚ որ զաւակներդ հայ են»: Հայ մտաւորականներու շարքին ձերբակալուելով` Ռուբէն վեց օր ետք աքսորուեցաւ Չանկիրի‚ ուր թուրք զինեալ աւազակի մը` հայասպան Աթապաշ Իսմայիլի դուստրը դարմանեց: Երբ անոր աղջիկը սիրահարեցաւ երիտասարդ բժիշկին` անոր հայրը Ռուբէնին կոչ ուղղեց իսլամանալու‚ աղջկան հետ ամուսնանալու եւ խաղաղութեամբ ապրելու: Ռուբէն մերժեց: 28 օգոստոս 1915 թուակիր վերջին հեռագիրին մէջ Ռուբէն իր կնոջ յայտնեց‚ որ իր բարեկամին` Դանիէլ Վարուժանին հետ զիրենք կը փոխադրեն Այաշ: Անոնք երկուքը սպաննուեցան նոյն օրը` Սափալի մօտ ճամբուն վրայ:

Jenny-Ruben_40916

Ճենիի Սեփական Պայքարը

Ռուբէնի ձերբակալութենէն ետք Ճենին դիմեց իր հօր օժանդակութեան: Ան կը յուսար‚ որ գերմանական բանակէն հանգստեան կոչուած Ֆրանց Ափփել Տոր պիտի կարողանայ գերմանական եւ օսմանական իշխանութիւններուն մօտ ազդեցութիւն բանեցնելով` իր ամուսինին ազատ արձակումը ապահովել: Հարցը հասաւ իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակին‚ սակայն ի զուր: «Մայրս հրաժարեցաւ Գերմանիոյ քաղաքացիութենէն եւ 1918-ին ստացաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը: Մեզի հետ երբեք գերմաներէն չխօսեցաւ եւ միշտ մերժեց այդ երկիր վերադառնալ: Ես կէս գերմանացի եմ‚ սակայն երբեք Գերմանիա չեմ այցելած»‚ կ՛ըսէ Շամիրամ:

Փորձ Մը Եւս

Փոքր ընտանիքը հաստատուեցաւ Փարիզի մէջ: Ճենի Աւետիս Ահարոնեանին նամակ գրելով` խնդրեց‚ որ իր զաւակներուն հայերէն կրթութիւն ստանալուն օժանդակէ: 1918-ին պատերազմը վերջացաւ եւ Ռուբէն Սեւակի ծնողքը Շամիրամն ու անոր եղբայրը հիւրընկալեցին Սիլիվրիի մէջ‚ ուր մեծ ագարակ մը ունէին: Սակայն երբ քեմալականները դաշնակից ուժերը երկրէն վտարած են, Շամիրամի մայրը իր զաւակներուն վրայ վախնալով` վերադարձած է Փարիզ:

Շամիրամ շատ մը առիթներով այցելած է Հայաստան եւ հպարտ էր տեսնելով երկրին հերոսներու անուններուն շարքին իր հօր անունը: Նոյնիսկ այսօր ան կը հաւատայ‚ թէ իր ընտանիքին պատմութիւնը պատմելը կարեւոր է: «Բան մը զիս պաշտպանեց: Զիս հոգացող կար եւ այդպիսով վկայի մը վերածուեցայ: Տակաւին կենդանի եմ‚ որովհետեւ պէտք է վկայութիւն տամ»‚ կ՛ըսէ ան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>