Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13427

Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.

$
0
0

Antelias-Printing-House-Releases-a-New-Book1Արամ Ա. կաթողիկոսին հրամանով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն սեպտեմբեր ամսուան մէջ լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան հատոր Բ.»-ի վերահրատարակութիւնը:

«Համապատկեր»-ին առաջին հատորը ներկայացուց արեւմտահայ մտքին ճիգը, իսկ երկրորդ հատորը կը ներկայացնէ վաւերական գրագէտները:

«Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան հատոր Բ.»-ին մէջ կան գլխաւոր երեք վիպապաշտ դէմքեր, որոնք իրենց գրականութեան շարքին դասուած մանրամասնութիւններով կերտեցին նոր մտքեր, նոր տեսիլքներ եւ կեանքի նոր ելեւէջներ:

Այդ դէմքերն են` հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան եւ Պետրոս Դուրեան:

Վիպապաշտներէն Ալիշան քիչ չափով կը պատկանի արեւմտահայ գրականութեան հարազատ յղացքին: Անոր քերթողական վաստակը դադրած է արդէն 1860-ին, թուական, ուր լիութիւն է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան եւ ուր կը կազմաւորուի Պետրոս Դուրեան: 1870-ը կը փակէ մեր վիպապաշտներէն անդրանիկ ու հարազատ բխումը:

«Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան հատոր Բ.»-ը Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի հրատարակութիւններու 80-րդ հատորն է:

Սոյն հատորին խմբագրութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երէց միաբան Վարուժան արք. Հերկելեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13427

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>