Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13581

Խմբագրական. Խորհրդարանական Համակարգ` Նաեւ Առաջին Հանրապետութեան Շրջանին (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)

$
0
0

mount-ararat-18-09-2015

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով բնականաբար թէ՛ տարաբնոյթ թեմաներու, թէ՛ այլազան ոլորտներու եւ թէ՛ բազմաթիւ երեւոյթներու մասին ըսելիք ունենալու հարկադրանքին առջեւ կը գտնէ ինքզինք հայ մամուլի որեւէ ներկայացուցիչ:

Տարաոլորտ երեւոյթներու մասին անշուշտ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին խօսելու, բարձրաձայնելու, քննարկելու եւ հրապարակային առաջարկներ ներկայացնելու: Փորձը` ամէնէն հրատապ թեմաներուն վրայ կեդրոնանալու, կ՛առաջնորդէ հետեւեալ մտածումներուն.-

Ներհայաստանեան քաղաքական եւ որոշակիօրէն նաեւ հասարակական դաշտերը կլանուած են այսօր Սահմանադրութեան բարեփոխումներու օրինագիծի քննարկումներով: Կը նկատուի, որ այս հիմնախնդիրին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մթնոլորտը քաղաքական որոշ շրջանակներու համար կը յատկանշուի իշխանութիւններու մնալու կամ մեկնելու ճակատագրորոշ պահ ստեղծելու մօտեցումով: Այս պատճառով է նաեւ, որ երբեմն առանց քննարկումներու, առանց բարեփոխուող յօդուածներուն յղում կատարելու, յաճախ շրջանցելով իրաւադրոյթները եւ խուսափելով փաստարկներուն դիմաց հիմնաւորուած հակափաստարկներ ներկայացնելէ, ՈՉ-ականները զուտ իշխանութիւններու վերարտադրողականութեան կամ իշխանափոխութիւն իրականացնելու պահի ստեղծման հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կ՛ուզեն դիտարկել եւ քննարկել խորքին մէջ ըստ էութեան համակարգային փոփոխութիւն ապահովող նոր սահմանադրութեան հարցը:

Եւ որովհետեւ խորհուրդը կը վերաբերի անկախութեան, ուրեմն նաեւ` ինքնիշխանութեան, փորձենք կեդրոնանալ սահմանադրութեան այն իրաւադրոյթին վրայ, որ վերպետական կազմակերպութեան հետ անդամակցութեան համար որեւէ համաձայնագիրի կնքում կը պայմանաւորէ հանրաքուէով: ՈՉ-ի շարժման հետեւորդները այս դրոյթին մէջ արագօրէն տեսան տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող միտում եւ առ այդ հիմնովին մերժելի դարձուցին բարեփոխումի նման կէտ: Այս տրամաբանութիւնը համոզուած էր եւ կը փորձէր համոզել, որ նոր սահմանադրութիւնը այսպիսով դուռ կը բանայ անկախ հանրապետութենէն դէպի որեւէ քաղաքական նոր միաւորի ներընդգրկում, կամ տուեալ երկրի կցման հնարաւորութիւն:

Բարեփոխումը սակայն, գիշերային դիւանագիտութեան կանխարգիլման սահմանադրական արգելք կը բերէ: Այլ խօսքով, նոյն ընդդիմադիր շրջանակներուն կողմէ բուռն քննադատուած Եւրոպական Միութեան հետ բանակցիլ եւ մէկ օրուան մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու ընթացակարգը կը կասեցուի այս ձեւով: Բարեփոխուած սահմանադրութեան ընդունումով, նախ անշուշտ ըստ էութեան արարողակարգային գործառոյթներ ստանձնող նախագահը լիազօրութիւն չ՛ունենար նման որոշում կայացնելու, երկրորդ` որեւէ Ազգային ժողով եւ որեւէ կառավարութիւն չի կրնար, թէկուզ հաւաքական եղանակով, ինքնուրոյն որոշել նման միջազգային կազմակերպութիւններու անդամակցիլ: Այս տեսակ որոշումներու տէրը ժողովուրդն է, որ իր կամքը կ՛արտայայտէ ուղղակի, հանրաքուէով:

Ուրեմն, նման յօդուած առաւել եւս կը հաստատէ ինքնիշխանութիւնը, ինքնորոշումը, եւ Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը: Այստեղ տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայացումը նոյնիսկ տեսականօրէն գրեթէ անտեսանելի է:

Թերեւս ոչ անպայման անմիջականօրէն  քաղաքական, այնուամենայնիւ գաղափարական խորհուրդ մը հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ նաեւ կիսանախագահականէն խորհրդարանական համակարգի անցումին մէջ: Շուտով, համայն հայութիւնը պիտի նախապատրաստուի նշելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Իսկ Առաջին Հանրապետութիւնը խորհրդարանական էր, վարչապետին վստահուած լիազօրութիւններով, առանց նախագահի պաշտօնին:

Մեզմէ շուրջ հարիւր տարի առաջ ստեղծուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը նոյնպէս ժողովրդավար բնոյթ ունէր: Կարելի է յիշել ինչպէս 80 երեսփոխան ունեցող խորհրդարանին մէջ ընդամէնը 8 աթոռ ունեցող ընդդիմութիւնը լրջօրէն կը ճնշէր ոչ միայն խորհրդարանի, այլեւ կառավարութեան վրայ: Եւ այս երեւոյթը պայմանաւորուած էր կառավարող ուժին իսկ նախաձեռնութեամբ կառավարման վարչապետական համակարգի որդեգրմամբ: Երեւոյթը մէկ անգամ եւս կը փաստէր, որ պետութեան մէջ ներքաղաքական ու ներհասարակական մթնոլորտը պետք է պայմանաւորուած ըլլայ ոչ թէ իշխանութեան բարեացակամութեամբ, այլ գոյութիւն ունեցող համակարգի առանձնայատկութեամբ:

Այսօրուան հանրապետութիւնը իրաւաժառանգորդն է Առաջին Հանրապետութեան: Նաեւ` կառավարման համակարգով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13581

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>