ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին համաձայն, «Հիւսիսային Իրաքի Սինճար քաղաքի միակ հայկական եկեղեցին` Ս. Մարիամ Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցին, հիմնայատակ քանդուած է: Վերջերս եկեղեցւոյ մէջ ի յայտ եկած են տասնեակ մարդոց կմախքներ, եւ կը կարծուի, թէ այդ աճիւնները կը պատկանին այդ շրջանը ապրած եզիտիներու»: Թերթը կը յիշեցնէ, որ շրջանը անցեալ տարուան նոյեմբերին ազատագրուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութենէն, իսկ նախքան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու մուտքը այդ շրջան, հայ բնակչութիւնը հեռացած էր այդտեղէն:
Որպէս Իրաքի Հայոց Ազգային իշխանութեան նախկին փոխատենապետ եւ վերոյիշեալ շրջանին մէջ տարիէ մը աւելի պաշտօնավարած, հետեւեալ ճշգրիտ տեղեկութիւնները կ’ուզէի յիշատակել շրջանի մեր գաղթօճախին մասին:
Սինճարը կը գտնուի Մուսուլի հիւսիս արեւմտեան կողմը, 100 քիլոմեթր հեռու, եւ անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը եզիտիներ են: Մեծ եղեռնի տարին Տէր Զօրի արհաւիրքներէն մազապուրծ ազատած եւ հոս հասած բազմաթիւ հայ գաղթականներ` Արեւմտեան Հայաստանի զանազան քաղաքներէն, մեծամասնութիւնը Մերտինէն, փրկուած ու պատսպարուած են տեղացիներու կողմէ: Անիկա իրաքահայ կաթողիկէ համայնքին երկրորդ մեծ բնակավայրն էր Իրաքի մէջ, ուր անոնք հաստատուած են եւ եկեղեցի կառուցած 1930-ին, Ս. Գէորգ Նահատակ (եւ ոչ թէ Ս. Մարիամ Աստուածածին) անունով, որ կը գործէր մինչեւ 2000 թուական: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, անոնց թիւը մօտ հարիւրի կը հասնէր:

Սինճարի եկեղեցին՝ անցեալին

ու ներկայիս՝ քանդուած
Առ այդ, շատ հաւանական է, որ քանդուած եկեղեցւոյ մէջ յայտնաբերուած աճիւնները կը պատկանին Ցեղասպանութենէն փրկուած այս գաղթօճախի մեր տարագիրներուն եւ ոչ թէ տեղացի եզիտիներու:
1972-ին` որպէս պետական բժիշկ, պաշտօնավարած եմ Սինճարին պատկան Սունունի կոչուած գիւղ-կեդրոնի բուժարանին մէջ: Երբ ազգութիւնս ճանչցուեցաւ շրջանին մէջ, կարգ մը «այցելուներ» ունեցայ նախ մօտակայ, ապա հեռու գիւղերէն, զիս` «իրենց հայրենակից»-ը տեսնելու ու լսելու համար … բոլորը կորսուած հայեր, որոնք Սինճար լեռը ապաստան գտած էին արհաւիրքի օրերուն, եզիտիներուն պաշտպանութեան ապաւինելով իրենց կեանքը փրկած եւ … անոնց հոգատարութեան ընդմիշտ երախտապարտ եղած են: Ասոնցմէ մանաւանդ Խաչոն կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէր ինծի ուրբաթ օրերուն ու եզիտի «թարգմանիչիս» օգնութեամբ երկար կը պատմէր իր ու իր «ազիզներ»-ուն, ինչպէս կ’անուանէր, գլխուն եկած աղէտին մասին: Ան փոքր տարիքին հոն ապաստան գտած էր: Իր պատմածներուն համաձայն, նոյնիսկ անունը չի գիտեր, ուստի, ըստ իր յիշողութեան, գաղթի ճամբուն վրայ կորսնցուցած իրմէ մեծ եղբօր անունը, որ լսած էր, թէ Խաչօ է, իրեն վրայ առած էր` իր ինքնութիւնը յաւերժացնելու համար:
Քարտինալ Աղաջանեան այցելած է Սինճարի հօտը 1940-ի աշնան, Իրաք կատարած հովուական այցելութեան միջոցին: Ինքս ալ անձամբ այցելած եմ եկեղեցին պաշտօնավարութեանս ընթացքին ու հանդիպած հաւատացեալ հայրենակիցներու, որոնք կը խօսէին տեղացիներու քրտերէն զազա լեզուն: